Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք19 էջ 7-17
  • Յունուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երեքշաբթի, յունուար 1
  • Չորեքշաբթի, յունուար 2
  • Հինգշաբթի, յունուար 3
  • Ուրբաթ, յունուար 4
  • Շաբաթ, յունուար 5
  • Կիրակի, յունուար 6
  • Երկուշաբթի, յունուար 7
  • Երեքշաբթի, յունուար 8
  • Չորեքշաբթի, յունուար 9
  • Հինգշաբթի, յունուար 10
  • Ուրբաթ, յունուար 11
  • Շաբաթ, յունուար 12
  • Կիրակի, յունուար 13
  • Երկուշաբթի, յունուար 14
  • Երեքշաբթի, յունուար 15
  • Չորեքշաբթի, յունուար 16
  • Հինգշաբթի, յունուար 17
  • Ուրբաթ, յունուար 18
  • Շաբաթ, յունուար 19
  • Կիրակի, յունուար 20
  • Երկուշաբթի, յունուար 21
  • Երեքշաբթի, յունուար 22
  • Չորեքշաբթի, յունուար 23
  • Հինգշաբթի, յունուար 24
  • Ուրբաթ, յունուար 25
  • Շաբաթ, յունուար 26
  • Կիրակի, յունուար 27
  • Երկուշաբթի, յունուար 28
  • Երեքշաբթի, յունուար 29
  • Չորեքշաբթի, յունուար 30
  • Հինգշաբթի, յունուար 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
աք19 էջ 7-17

Յունուար

Երեքշաբթի, յունուար 1

Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար (Առ. 28։5)։

Չար մարդիկը կը շարունակեն «խոտի պէս բուսնիլ», մինչ վերջին օրերը վերջ գտնելու վրայ են (Սաղ. 92։7)։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ շատեր կ’անտեսեն Աստուծոյ չափանիշները։ Այս մթնոլորտին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք «չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ» ըլլալ, բայց «մտքով՝ չափահաս» (Ա. Կոր. 14։20)։ Պատասխանը կը գտնենք այս օրուան համարին մէջ, որ կ’ըսէ. «Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան», այսինքն՝ ամէն բան որ անհրաժեշտ է, որպէսզի Եհովան հաճեցնեն։ Առակաց 2։7, 9–ն ալ մեզի կը սորվեցնէ, թէ Եհովան «ուղիղներուն համար փրկութիւն [«գործնական իմաստութիւն», ՆԱ] կը պահէ»։ Ուստի ուղիղները կրնան «արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ ամէն աղէկ ճամբայ» հասկնալ։ Նոյ, Դանիէլ եւ Յոբ ունէին այդ իմաստութիւնը (Եզեկ. 14։14)։ Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդն ալ զայն ունի։ Իսկ դո՛ւն, աստուածային իմաստութիւն ունի՞ս։ Պէտք է լաւ ճանչնաս Եհովան, որպէսզի ‘հասկնաս ամէն բան’ որ քեզի անհրաժեշտ է, զինք հաճեցնելու համար։ դ18.02 8 ¶1-3

Չորեքշաբթի, յունուար 2

Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուեցան (Գործք 19։5)։

Ո՛չ մէկը պէտք է ստիպէ իր զաւակը կամ աշակերտը որ մկրտուի, քանի որ Եհովան ո՛չ մէկս կը ստիպէ որ իրեն ծառայենք (Ա. Յովհ. 4։8)։ Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք, պէտք է անոնց օգնենք որ հասկնան, թէ որքա՛ն կարեւոր է որ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենան Աստուծոյ հետ։ Եթէ աշակերտը սրտանց կը գնահատէ ճշմարտութիւնը եւ իրապէս կ’ուզէ ընել ամէն բան որ ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք է ընեն, պիտի ուզէ մկրտուիլ (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Չկայ որոշ տարիք մը որ մէկը մկրտուի։ Մարդիկ իրարմէ տարբեր են, եւ ոմանք ուրիշներէ աւելի արագ կը յառաջդիմեն։ Մէկու մը մկրտութեան օրը շատ ուրախ օր մըն է։ Ատիկա նաեւ օր մըն է որ ան լաւ մտածէ, թէ նուիրուիլն ու մկրտուիլը ի՛նչ կը նշանակեն։ Ան պէտք է մեծ ջանք թափէ, որ ընէ բոլոր այն բաները որ ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է ընէ։ Յիսուսին աշակերտները պէտք է «միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր. 5։15. Մատ. 16։24)։ դ18.03 6-7 ¶14-17

Հինգշաբթի, յունուար 3

Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու (Եբ. 13։2)։

Պատահա՞ծ է որ ուզած ես հիւրասէր ըլլալ, բայց բան մը քեզ ետ պահած է։ Եթէ ա՛յո, ուրեմն թերեւս փախցուցած ես առիթներ, որ հաճելի ժամանակ անցընես եւ մնայուն բարեկամներ ունենաս։ Հիւրասէր ըլլալը լաւագոյն կերպերէն է որ միայնակ չզգանք։ Բայց ի՞նչ բան կը ձգէ որ մէկը հիւրասիրութիւն չցուցնէ։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ Եհովայի ծառաները շատ ընելիքներ եւ պատասխանատուութիւններ ունին։ Ոմանք կը զգան որ չունին այն ժամանակը կամ կորովը, որ ուրիշներուն հիւրասիրութիւն ցուցնեն։ Եթէ քու պարագադ ալ նոյնն է, թերեւս պէտք ըլլայ որ յայտագիրիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես, որպէսզի կարենաս ուրիշները հրաւիրել կամ անոնց հրաւէրը ընդունիլ։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ հիւրասէր ըլլանք։ Սխալ չէ հիւրասիրութեան համար ժամանակ տրամադրելը։ Ընդհակառակը, ատիկա ճիշդ բան մըն է։ Բայց ասիկա ընելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ աւելի քիչ ժամանակ տաս շատ կարեւոր չեղող բաներու։ դ18.03 16 ¶13-14

Ուրբաթ, յունուար 4

Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ (Ղուկ. 4։44)։

Ցարդ ապրած մարդոց մէջ, հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող մարդու ամենալաւ օրինակը Յիսուսն է։ Իր ամբողջ կեանքին ու ծառայութեան ընթացքին ցոյց տուաւ, որ կ’ուզէր իր Հայրը ընդօրինակել։ Ան Եհովային պէս կը մտածէր, կը զգար եւ կը վարուէր։ Ան Աստուծոյ կամքին եւ չափանիշներուն համաձայն ապրեցաւ (Յովհ. 8։29. 14։9. 15։10)։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէս կը նկարագրուի Եհովային կարեկցութիւնը Եսայի գիրքին մէջ, եւ բաղդատէ Յիսուսին զգացումներուն հետ, ինչպէս որ Մարկոս նշեց (Եսա. 63։9. Մար. 6։34)։ Մենք ալ Յիսուսին պէս պատրա՞ստ ենք օգնութեան պէտք ունեցող մարդոց կարեկցելու։ Նաեւ, իրեն պէս կը կեդրոնանա՞նք բարի լուրը քարոզելու եւ ուսուցանելու վրայ։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող մարդիկը գթասիրտ են եւ կը ջանան ուրիշներուն օգտակար ըլլալ։ դ18.02 21 ¶12

Շաբաթ, յունուար 5

Ձեր որդիները. . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը (Եփ. 6։4)։

Զաւակներ մեծցնելը դժուար ձեռնարկ մըն է, մանաւանդ ներկայ աշխարհին մէջ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Երբ անոնք ծնին, չեն գիտեր զանազանել ճիշդը սխալէն, եւ իրենց խիղճը մարզուած չ’ըլլար։ Ասոր համար, կրթութեան պէտք ունին որպէսզի զայն մարզեն (Հռով. 2։14, 15)։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը բացատրեց, որ «կրթութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը նաեւ կրնայ նշանակել՝ «պզտիկին զարգացումը»։ Երբ ծնողները իրենց պզտիկները սիրալիրօրէն կրթեն, պզտիկները ապահով կը զգան։ Անոնք կը սորվին որ ազատութիւնը սահման ունի, եւ թէ իրենց կեանքին մէջ ինչ որ ընեն՝ հետեւանք ունի, ըլլա՛յ լաւ կամ գէշ։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ ծնողները Եհովային առաջնորդութեան վստահին։ Մի՛ մոռնար որ պզտիկ մեծցնելու մեթոտները կը տարբերին մշակոյթէ մշակոյթ եւ սերունդէ սերունդ։ Բայց այն ծնողները, որոնք Աստուծոյ մտիկ կ’ընեն, պէտք չունին կռահելու որ ի՛նչ պէտք է ընեն, ոչ ալ կը վստահին այս աշխարհին իմաստութեան։ դ18.03 30 ¶8-9

Կիրակի, յունուար 6

Ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք (Փլպ. 2։12)։

Որպէս մկրտուած պատանի, փրկուիլդ քո՛ւ պատասխանատուութիւնդ է, նոյնիսկ եթէ տակաւին ծնողքիդ առաստաղին տակ կ’ապրիս։ Կարեւոր է որ ասիկա յիշես, քանի որ շատ հաւանաբար նոր զգացումներ եւ խնդիրներ ունենաս։ Պատանուհի մը ըսաւ. «Ընդհանրապէս, պզտիկ մը Եհովայի վկայ ըլլալուն չի զղջար պարզապէս քանի որ տարեդարձի կարկանդակ չկերաւ դպրոցը։ Բայց երբ քանի մը տարի անցնին եւ սեռային յարաբերութիւն ունենալու ցանկութիւնը զօրանայ, ան պէտք է լման համոզուած ըլլայ, թէ միշտ ճիշդ ընտրութիւնն է, որ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդի»։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք չափահաս տարիքին կը մկրտուին, իրենց չակնկալած կերպերով կը փորձուին։ Անոնք թերեւս ամուսնական, առողջապահական կամ գործի վերաբերեալ խնդիրներ ունենան։ Ինչ ալ ըլլայ մեր տարիքը, ամէն մէկս պիտի գտնուի պարագաներու մէջ, ուր պէտք է հաւատարիմ մնայ (Յակ. 1։12-14)։ դ17.12 24 ¶4-5

Երկուշաբթի, յունուար 7

Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք (Եփ. 4։26)։

Ներկայիս, քիչեր են որ համտեսած են այն գէշ վերաբերմունքը որ Դաւիթ համտեսեց։ Բայց Աստուծոյ այս բարեկամը չուզեց բարկութեամբ լեցուիլ։ Ան գրեց. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս» (Սաղ. 37։8)։ Ամէնէն կարեւոր պատճառը որ ‘դադարինք’ բարկութենէ այն է, թէ կ’ուզենք Եհովային նմանիլ, որ «մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի» (Սաղ. 103։10)։ Բայց բարկութենէ ‘դադարիլը’ ուրիշ գործնական օգուտներ ալ ունի։ Օրինակ, ջղայնութիւնը կը ձգէ որ մէկը արեան գերճնշում եւ շնչառութեան նեղութիւն ունենայ։ Ատիկա կրնայ վնասել լեարդին եւ շարոյրին (pancreas), ինչպէս նաեւ մարսողական խնդիրներ կը պատճառէ։ Երբ բարկանանք, ընդհանրապէս յստակօրէն չենք մտածեր։ Եւ ատեններ, մեր մէկ վայրկեանուան բարկութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ մէկը վիրաւորենք եւ երկար ժամանակ ընկճուինք։ Շատ աւելի լաւ է որ հանդարտ մնանք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է» (Առ. 14։30)։ Ուրեմն, ի՞նչ կրնանք ընել երբ մէկը մեզ վիրաւորէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութիւնը պահել մեր եղբօր հետ։ Կրնանք Սուրբ Գիրքին իմաստուն խրատը գործադրել։ դ18.01 10 ¶14-15

Երեքշաբթի, յունուար 8

Իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս (Սաղ. 16։10)։

Դաւիթ ինքն իր մասին չէր ըսեր որ բնա՛ւ պիտի չմեռնէր կամ գերեզմանին մէջ պիտի չըլլար։ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ ան ծերացաւ ու մեռաւ եւ «իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ» (Գ. Թագ. 2։1, 10)։ Ուրեմն, այս համարը որո՞ւ կ’ակնարկէ։ Յիսուսին մեռնելէն եւ յարութիւն առնելէն քանի մը շաբաթ ետք, Պետրոս առաքեալ Սաղմոս 16։10–ի մասին խօսեցաւ հազարաւոր հրեաներու եւ նորահաւատներու (Գործք 2։29-32)։ Ան ըսաւ որ Դաւիթ իրապէս մեռած ու թաղուած էր։ Մտիկ ընողները այս բանը գիտէին։ Նաեւ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ անոնցմէ մէկը չհամաձայնեցաւ, երբ Պետրոս ըսաւ որ Դաւիթ «կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար»։ Պետրոս իր ըսածը հաստատեց, մէջբերելով Դաւիթին խօսքը Սաղմոս 110։1–ին մէջ (Գործք 2։33-36)։ Անոր տուած պատճառաբանութիւնը օգնեց, որ մեծ ամբոխը համոզուի որ Յիսուս թէ՛ «Տէր» է եւ թէ «Օծեալ»։ Անոնք ընդունեցին որ Սաղմոս 16։10–ը կատարուեցաւ, երբ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առաւ։ դ17.12 10 ¶10-12

Չորեքշաբթի, յունուար 9

Ամէնքը թիւով ու կշիռքով յանձնուեցաւ ու այն ատեն բոլոր կշիռքը գրուեցաւ (Եզր. 8։34)։

Կառավարիչ մարմինը հաւատարմօրէն եւ իմաստունօրէն նուիրատուութիւնները կը գործածէ (Մատ. 24։45)։ Իր անդամները կ’աղօթեն որ լաւ որոշումներ առնեն, եւ ուշադրութեամբ կը ծրագրեն որ դրամը ինչպէս պիտի գործածուի (Ղուկ. 14։28)։ Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ դրամ հաւաքեց, որպէսզի Հրէաստանի աղքատ եղբայրներուն օգնէ։ Ան վստահ եղաւ որ դրամը տանողները ‘ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ պիտի տանէին’ (Բ. Կոր. 8։18-21)։ Ներկայիս, մեր կազմակերպութիւնը Եզրասը եւ Պօղոսը ընդօրինակելով շատ ուշադրութեամբ կը գործածէ նուիրատուութիւնները (Եզր. 8։24-33)։ Վերջին տարիներուն, շատ մը նոր ծրագիրներ եղած են։ Կազմակերպութիւնը կը նայի թէ ինչպէ՛ս կրնայ ծախսերը թեթեւցնել եւ գործը պարզացնել, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ բաներ իրագործէ ձեր տուած նուիրատուութիւններով։ դ18.01 19-20 ¶12-13

Հինգշաբթի, յունուար 10

Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ (Կող. 3։15, ՆԹ)։

Սէրն ու քաղցրութիւնը մեզի կ’օգնեն որ իրարու ներենք։ Օրինակ, եթէ վիրաւորուած կը զգանք մէկու մը ըսածէն կամ ըրածէն, կրնանք մտքերնիս բերել այն պարագաները, ուր մենք ազնիւ կերպով չվարուեցանք ուրիշներուն հետ, բայց մեզի ներեցին։ Որքա՜ն կը գնահատենք անոնց սէրն ու քաղցրութիւնը (Ժող. 7։21, 22)։ Մանաւանդ երախտապարտ ենք որ Քրիստոս քաղցրօրէն կը միացնէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները։ Բոլորս նոյն Աստուածը կը սիրենք, նոյն պատգամը կը քարոզենք եւ շատ մը համանման խնդիրներ ունինք։ Եթէ քաղցր, սիրալիր եւ ներող ըլլանք, ժողովքը աւելի միացած պիտի ըլլայ, իսկ մենք պիտի կարենանք մեր աչքը կեդրոնացած պահել մրցանակին վրայ։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ նախանձը կրնայ մեզ զրկել մրցանակէն։ Օրինակ, Կայէն նախանձեցաւ իր եղբօր՝ Աբէլին, եւ զինք մեռցուց։ Կորխ, Դաթան եւ Աբիրոն նախանձեցան Մովսէսին եւ իրեն դէմ ըմբոստացան։ Սաւուղ թագաւոր նախանձեցաւ Դաւիթին եւ փորձեց զինք մեռցնել։ դ17.11 27 ¶9-10

Ուրբաթ, յունուար 11

Աղէկ մը քննէ՛ ու հարցուփորձէ՛ (Բ. Օր. 13։14)։

Երբ երէցները դատական յանձնախումբի մը մէջ ծառայեն, պէտք է ուշադրութեամբ որոշեն, որ լուրջ մեղք գործողը իրապէս զղջացած է կամ ոչ։ Միշտ յայտնի չ’ըլլար որ մեղաւորը զղջացած է կամ ոչ։ Զղջումին մէջ պարփակուած է՝ թէ մեղաւորը իր ըրածը ինչպէ՛ս կը նկատէ, ի՛նչ կեցուածք ունի եւ ի՛նչ է իր սրտին վիճակը (Յայտ. 3։3)։ Մեղաւորը պէտք է զղջայ, որպէսզի ողորմութիւն ստանայ։ Եհովան եւ Յիսուսը կրնան սիրտերը կարդալ, բայց երէցները չեն կրնար։ Եթէ երէց ես, ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ անհատը իրապէս զղջացած է։ Առաջին, աղօթքով իմաստութիւն եւ խորատեսութիւն խնդրէ (Գ. Թագ. 3։9)։ Երկրորդ, գործածէ Աստուծոյ Խօսքը եւ հաւատարիմ ծառային կողմէ լոյս տեսած հրատարակութիւնները, որպէսզի քեզի օգնեն «աշխարհի տրտմութիւնը» զանազանելու «Աստուծոյ ուզածին պէս եղած տրտմութիւն»էն, որ անկեղծ զղջումն է (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կը նկարագրէ զղջացողները եւ չզղջացողները, եւ խոկա՛ անոնց զգացումներուն, կեցուածքին եւ վարուելակերպին վրայ։ դ17.11 17 ¶16-17

Շաբաթ, յունուար 12

[Զաւակները] պիտի ըլլան. . . ծնողներու անհնազանդ (Բ. Տիմ. 3։2)։

Ներկայիս, գիրքերը, ֆիլմերը եւ հեռատեսիլի յայտագիրները կը ցուցնեն, թէ բնական ու ընդունելի է որ զաւակները անհնազանդ ըլլան ծնողներուն։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ անհնազանդութիւնը կը տկարացնէ ընտանիքը, որ մարդկային ընկերութեան հիմնական մասն է։ Մարդիկ ասիկա շատոնց գիտեն։ Օրինակ, անցեալին՝ Յունաստանի մէջ, եթէ մէկը իր ծնողքին զարնէր, քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները կը կորսնցնէր։ Հռոմէական օրէնքին մէջ, եթէ մէկը իր հօր զարնէր, ոճրագործի մը նման կը պատժուէր։ Թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւնները եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը քաջալերեն զաւակները, որ իրենց ծնողքը պատուեն (Ել. 20։12. Եփ. 6։1-3)։ Երբ զաւակները մտածեն բոլոր այն լաւ բաներուն մասին, որ իրենց ծնողքը ըրած է իրենց համար, ասիկա պիտի օգնէ որ գնահատեն եւ հնազանդին իրենց ծնողքին, հակառակ որ իրենց շուրջինները չեն հնազանդիր։ Անոնք նաեւ պէտք է ըմբռնեն որ Աստուած՝ մեր բոլորին Հայրը, կ’ակնկալէ որ իրենց ծնողքին հնազանդին։ Երբ պատանիները լաւ բաներ խօսին իրենց ծնողքին մասին, ուրիշ պատանիներու կ’օգնեն որ իրենք ալ իրե՛նց ծնողքին դրական աչքով նային։ դ18.01 29 ¶8-9

Կիրակի, յունուար 13

Այս մարդը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ (Եսա. 32։2)։

Ներկայիս, այն քրիստոնեան որ լուրջ մեղք կը գործէ, պէտք է երէցներէն օգնութիւն խնդրէ, որպէսզի դարձեալ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենայ Եհովային հետ։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Առաջին, Եհովայի՛ն կարգադրութիւնն է, որ երէցները յանձն առնեն հարցը, երբ լուրջ մեղք մը գործուի (Յակ. 5։14-16)։ Երկրորդ, անոնք կ’օգնեն զղջացողներուն, որ դարձեալ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենան եւ մեղք գործելը սովորութիւն չդարձնեն (Գաղ. 6։1. Եբ. 12։11)։ Երրորդ, երէցները հեղինակութիւն ունին եւ մարզուած են, որ զղջացողներուն միտքն ու սիրտը հանգստացնեն եւ անոնց ցաւը թեթեւցնեն։ Եհովան երէցները կը կոչէ՝ «փոթորիկին դէմ դնող ծածկոց» (Եսա. 32։2)։ Չե՞ս համաձայնիր որ այս կարգադրութիւնը կը ցուցնէ Եհովային որքան ողորմած ըլլալը։ Աստուծոյ ծառաներէն շատեր հանգստացած են, երէցներուն հետ խօսելէ եւ անոնց օգնութիւնը ստանալէ ետք։ դ17.11 9-10 ¶8-9

Երկուշաբթի, յունուար 14

Ամէն խրատ. . . տրտմարար կ’ըլլայ (Եբ. 12։11)։

Հակառակ մեր սրտի ցաւին, պէտք չէ կապ պահենք ընտանիքի այն անդամին հետ, որ վտարուած է, ըլլա՛յ հեռաձայնով, կարճ հաղորդագրութիւններով, նամակներով, ե–նամակներով կամ ընկերային ցանցով։ Բայց բնա՛ւ յոյսդ մի՛ կտրեր։ Սէրը «ամէն բանի կը յուսայ»։ Ասոր համար, կը շարունակենք յուսալ որ անոնք որոնք Եհովան ձգած են, վերադառնան իրեն (Ա. Կոր. 13։7)։ Եթէ նշաններ տեսնես թէ ընտանիքիդ վտարուող անդամը իր կեցուածքը կը փոխէ, կրնաս իրեն համար աղօթել որ Սուրբ Գիրքէն զօրութիւն առնէ եւ ընդունի Եհովային այս հրաւէրը. «Ինծի՛ դարձիր» (Եսա. 44։22)։ Յիսուս ըսաւ որ եթէ մարդ արարած մը իրմէ աւելի սիրենք, իրեն արժանի չենք։ Բայց ան վստահ էր որ իր աշակերտները քաջութիւն պիտի ունենային որ հաւատարիմ մնային իրեն, նոյնիսկ ընտանեկան հակառակութեան դիմաց։ Ուրեմն եթէ ընտանիքդ քեզի կը հակառակի քանի որ Յիսուսին կը հետեւիս, Եհովային վստահէ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ հաւատարմօրէն դիմանալու (Եսա. 41։10, 13)։ Ուրախացիր գիտնալով որ Եհովան ու Յիսուսը ուրախ են քեզմով եւ թէ հաւատարմութիւնդ պիտի վարձատրեն։ դ17.10 16 ¶19-21

Երեքշաբթի, յունուար 15

Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը (Կող. 3։12)։

Երբ կը տեսնենք թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս կը չարչարուին հիւանդութեան եւ ծերութեան պատճառով, անոնց կը կարեկցինք։ Շատ կը փափաքինք որ այս խնդիրները վերջ գտնեն, եւ ասոր համար կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Մինչ այդ, մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ հիւանդներուն եւ ծերերուն օգնենք։ Նկատի առ թէ հեղինակ մը ի՛նչ գրեց իր ծեր մօր մասին, որ Ալցհայմըր հիւանդութիւնը ունէր։ Օր մը, կինը իր հագած հագուստը աղտոտեց։ Մինչ կը փորձէր մաքրել, զանգը զարնուեցաւ։ Եկողները երկու Վկաներ էին, որոնք կանոնաւորաբար կ’այցելէին կնոջ։ Քոյրերը հարցուցին որ արդեօք կրնա՞ն բանով մը օգտակար դառնալ։ Կինը ըսաւ. «Ըսելիքս քիչ մը ամչնալիք է, բայց ա՛յո կայ բան մը»։ Անոնք կնոջ օգնեցին որ մաքրուի։ Ետքը, անոնք իրեն գաւաթ մը թէյ ըրին եւ սկսան խօսակցիլ։ Զաւակը շատ երախտապարտ զգաց։ Ան գրեց. «Յարգանքներս այս Վկաներուն։ Անոնք իրենց քարոզածը կը գործադրեն»։ Հիւանդներուն եւ ծերերուն հանդէպ կարեկցութիւնդ քեզ կը մղէ՞, որ քու ամէն կարելիդ ընես որ իրենց նեղութիւնը թեթեւցնես (Փլպ. 2։3, 4)։ դ17.09 9 ¶5. 12 ¶14

Չորեքշաբթի, յունուար 16

Ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով (Ա. Յովհ. 3։18)։

Պէտք է պատրաստ ըլլանք որ մեր եղբայրներուն ընենք սէրէ մղուած բաներ, որոնք «գաղտուկ» են (Մատ. 6։1-4)։ Պէտք է ուրիշները պատուենք (Հռով. 12։10)։ Յիսուս Քրիստոս իր առաքեալները պատուեց, ամէնէն աննշան գործը ընելով. անոնց ոտքերը լուաց (Յովհ. 13։3-5, 12-15)։ Պէտք է շատ ջանք թափենք որ Յիսուս Քրիստոսին պէս խոնարհ ըլլանք եւ ուրիշներուն ծառայենք։ Նոյնիսկ առաքեալները Յիսուսին ըրածը լման չհասկցան, մինչեւ որ սուրբ հոգին ստացան (Յովհ. 13։7)։ Կրնանք ուրիշները պատուել, մենք մեզ բան մը չկարծելով, քանի որ աւելի ուսում առած ենք, աւելի դրամ ունինք կամ յատուկ նշանակումներ եւ առանձնաշնորհումներ ունինք (Հռով. 12։3)։ Եւ փոխանակ ուրիշներուն նախանձելու երբ կը գովուին, անոնց հետ կ’ուրախանանք, նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ պէտք էր նոյնքան գովասանք ստանայինք։ դ17.10 9 ¶9-10

Հինգշաբթի, յունուար 17

Ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ (Ա. Կոր. 9։23)։

Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր նկատած են, որ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ շատ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ իրենց քարոզած անհատներուն վրայ։ Օրինակ, եղբայր մը վերայցելեց ծեր մարդու մը, որ երկար տարիներէ ի վեր մեր պարբերաթերթերը կը կարդար։ Փոխանակ պարզապէս Դիտարան–ին վերջին թիւը տալու, եղբայրը որոշեց այդ թիւին մէջ եղող համար մը կարդալ։ Ան կարդաց Բ. Կորնթացիս 1։3, 4–ը, որ կ’ըսէ. «Գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ Տանտէրը այնքա՛ն ազդուեցաւ այս խօսքերով, որ եղբօրմէն խնդրեց որ համարը դարձեալ կարդայ։ Ետքը, մարդը ըսաւ որ ինք եւ իր կինը շատ պէտք ունին մխիթարութեան, եւ այսպիսով հետաքրքրուեցաւ Սուրբ Գիրքով։ Չե՞ս համաձայնիր որ Աստուծոյ Խօսքը շատ զօրաւոր է ծառայութեան մէջ (Գործք 19։20)։ դ17.09 26 ¶9-10

Ուրբաթ, յունուար 18

Անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ (Յոբ 2։5)։

Անկասկած, Բանսարկու Սատանային հանած հարցը ձգեց որ Աստուծոյ երկնային հաւատարիմ ծառաները ցնցուին, բարկանան եւ նեղանան։ Բայց Եհովան առանց հաշիւի չվարուեցաւ։ Իր հակազդեցութիւնը շատ տեղին էր։ Ան երկայնմտութեամբ եւ արդարութեամբ վարուած է Սատանային ըմբոստութեան հետ (Ել. 34։6. Յոբ 2։2-6)։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան թոյլ տուած է որ ժամանակ անցնի, քանի որ չ’ուզեր որ մէկը կորսուի, հապա՝ «որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Եհովային օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, որ մենք ալ պէտք չէ առանց հաշիւի խօսինք կամ վարուինք։ Ուրեմն, երբ կարեւոր որոշումի մը առջեւ ըլլաս, ժամանակդ առ որ լաւ մտածես։ Աղօթքով Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրէ, որպէսզի ճիշդ կերպով խօսիս կամ վարուիս (Սաղ. 141։3)։ Երբ մեր շապիկէն ելած ըլլանք, շատ դիւրին է որ պէտք եղածէն աւելի հակազդենք։ Մեզմէ շատեր ջղայնութեան մէջ ըսած են կամ ըրած են բաներ, որ վերջը զղջացած են (Առ. 14։29. 15։28. 19։2)։ դ17.09 4 ¶6-7

Շաբաթ, յունուար 19

[Պսակը] մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին գլուխը դի՛ր (Զաք. 6։11)։

Յեսու քահանայապետը թագը ստանալով թագաւոր եղա՞ւ։ Ո՛չ։ Ան Դաւիթ թագաւորի սերունդէն չէր, եւ այս պատճառով որակեալ չէր թագաւոր ըլլալու։ Իր թագ ստանալը մարգարէական էր, եւ կը ցուցնէր որ ապագային՝ Շառաւիղ անունով մէկը թագաւոր եւ քահանայ պիտի ըլլար յաւիտեան։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, թէ Յիսուս Քրիստոսն է Շառաւիղը (Եսա. 11։1)։ Յիսուս թէ՛ Թագաւոր է եւ թէ Քահանայապետ։ Ան հրեշտակներու բանակը կ’առաջնորդէ եւ ծանր կ’աշխատի, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս խումբ ապահով ըլլայ այս վայրագ աշխարհին մէջ (Եր. 23։5, 6)։ Շատ մօտ ատենէն, Յիսուս Քրիստոս ազգերուն պիտի յաղթէ, մինչ թիկունք կը կանգնի Աստուծոյ գերիշխանութեան եւ կը պաշտպանէ Իր ժողովուրդը (Յայտ. 17։12-14. 19։11, 14, 15)։ Բայց ատկէ առաջ, Շառաւիղը, կամ Յիսուս Քրիստոս, մեծ գործ ունի ընելիք։ դ17.10 29 ¶12-14

Կիրակի, յունուար 20

Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք (Կող. 3։9)։

Ի՞նչ կ’ընես եթէ հագուստդ աղտոտի եւ գէշ հոտ ունենայ։ Վստահաբար, մէկ վայրկեան առաջ կը հանես զայն։ Նմանապէս, եթէ Եհովային ատած սովորութիւններէն ունինք, պէտք է շուտով փոխուինք։ Պէտք է Պօղոս առաքեալի խրատին հետեւինք, որ ըսաւ. «Մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը»։ Պօղոսին նշած մեղաւոր մէկ սովորութիւնն է՝ պոռնկութիւնը (Կող. 3։5-9)։ «Պոռնկութիւն» թարգմանուած յունարէն բառին նշանակութիւնը կը պարփակէ՝ միասեռականութիւնը եւ սեռային յարաբերութիւնը երկու անհատներու միջեւ, որոնք իրարու հետ օրինապէս չեն ամուսնացած։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ, որ սեռային անբարոյութեան նկատմամբ ‘իրենց անդամները սպաննեն’, այսինքն՝ իրենց ցանկութիւնները արմատէն հանեն։ Այս նկարագրութիւնը կը ցուցնէ, թէ պէտք է շատ ջանք թափենք, որ այսպիսի սխալ ցանկութիւններ մէջտեղէն վերցնենք։ Բայց այս պայքարին մէջ կրնա՛նք յաղթել։ դ17.08 18 ¶5-6

Երկուշաբթի, յունուար 21

Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ (Միք. 7։7)։

Միքիա մարգարէն մեզի պէս դժուար պայմաններ ունէր։ Ան ապրեցաւ Աքազ չար թագաւորին օրերուն, երբ երկիրը փտածութիւնով լեցուն էր։ Ժողովուրդը չարութիւն ընելու մէջ վարպետ դարձած էր (Միք. 7։1-3)։ Միքիա մարգարէն անդրադարձաւ, որ անձամբ չէր կրնար վիճակը փոխել։ Եթէ անոր պէս հաւատք ունենանք, յօժար պիտի ըլլանք Եհովային սպասելու։ Մեր պարագան չի նմանիր այն բանտարկեալին պարագային, որ կը սպասէ մահապատիժի ենթարկուելու օրուան։ Ան ստիպուած է սպասել, եւ այս սպասումը հաճելի չէ իրեն համար։ Մեր պարագան որքա՜ն տարբեր է։ Մենք յօժար ենք Եհովային սպասելու, քանի որ գիտենք թէ ճիշդ ժամանակին պիտի կատարէ իր խոստումը, որ է՝ յաւիտենական կեանք տալ մեզի։ Ասոր համար, համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ կը տոկանք (Կող. 1։11, 12)։ Եթէ սպասենք գանգատելով ու տրտնջալով, որ Եհովան դանդաղ կը գործէ, ան մեզմով ուրախ պիտի չմնայ (Կող. 3։12)։ դ17.08 4 ¶6-7

Երեքշաբթի, յունուար 22

Տէրը կը հաստատէ խեղճերը (Սաղ. 147։6)։

Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի օգնութենէն օգտուիլ։ Պէտք է իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր ըլլայ։ Ասոր համար, պէտք է խոնարհ ու համեստ ըլլանք (Սոփ. 2։3)։ Խոնարհները Աստուծոյ կը սպասեն որ անարդարութիւնները շտկէ եւ իրենց չարչարանքին վերջ դնէ։ Եհովան այսպիսի անհատներու կը հաճի։ Անդին, Աստուած «ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ» (Սաղ. 147։6բ)։ Չենք ուզեր այս վիճակին մէջ ըլլալ, հապա կ’ուզենք որ Եհովան հաւատարիմ սէր ցուցնէ մեզի հանդէպ։ Ասոր համար, պէտք է ատենք ինչ որ ինք կ’ատէ (Սաղ. 97։10)։ Օրինակ, պէտք է սեռային անբարոյութիւնը ատենք։ Ասիկա կը նշանակէ որ պէտք է հեռու կենանք որեւէ բանէ, որ կրնայ մեզ այս սխալին առաջնորդել, մէջը ըլլալով պոռնկագրութիւնը (Սաղ. 119։37. Մատ. 5։28)։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, բայց կ’արժէ այս պայքարը տանիլ, որպէսզի Եհովային օրհնութիւնը ստանանք։ Այս պայքարին մէջ պէտք է Եհովային վստահինք, եւ ոչ թէ մեր անձին, ու շարունակենք աղօթել եւ աղաչել որ մեզի օգնէ։ դ17.07 19-20 ¶11-13

Չորեքշաբթի, յունուար 23

Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ (Առ. 19։17)։

Երբ նիւթական բաները գործածենք Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար, ասիկա կը ձգէ որ ուրիշներուն օգնենք որ ծառայեն։ Օրինակ, եթէ չենք կրնար լիաժամ ծառայել կամ ուրիշ տեղ մը ծառայել, նուիրատուութիւն ընելով ուրիշին օգնած կ’ըլլանք որ ինք ծառայէ։ Կամ ալ, մեր նուիրատուութիւնները կ’օգնեն որ հրատարակութիւններ հասնին եւ քարոզչութիւնը կատարուի աղքատ երկիրներու մէջ, ուր շատեր ճշմարտութիւնը կ’ընդունին։ Մատակասքարի, Ռուանտայի եւ Քոնկոյի պէս երկիրներու մէջ, Սուրբ Գիրքերը շատ սուղ են։ Ատեններ ատոնց գինը կ’ըլլայ անհատի մը շաբթականին կամ ամսականին չափ։ Տարիներ շարունակ եղբայրները երկու քարի միջեւ կը մնային՝ կա՛մ Սուրբ Գիրք գնել, կամ ալ ուտելիք գնել իրենց ընտանիքին։ Բայց հիմա, Եհովայի կազմակերպութիւնը Սուրբ Գիրքեր կը թարգմանէ եւ ձրիօրէն կը բաժնէ ընտանիքի ամէն մէկ անդամին եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն, քանի որ ուրիշներ նուիրատուութիւն ընելով՝ իրենց «աւելին» անոնց «պակասութիւնը» կը լեցնէ (Բ. Կոր. 8։13-15)։ դ17.07 9 ¶11

Հինգշաբթի, յունուար 24

Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ (Առ. 27։11)։

Յոբին փորձառութիւնը մեզ կրնայ մխիթարել, քանի որ կը ցուցնէ թէ երբ նեղութիւններ ունենանք, ասիկա ըսել չէ որ Եհովան մեզմէ գոհ չէ։ Հապա՝ առիթ կ’ունենանք որ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք։ Երբ հաւատարմօրէն կը տոկանք, Եհովան կ’ուրախացնենք եւ մեր յոյսը կը զօրանայ (Հռով. 5։3-5)։ Յոբին պատմութիւնը կը ցուցնէ թէ «Տէրը բազմագութ ու ողորմած է» (Յակ. 5։11)։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ պիտի վարձատրէ, երբ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք։ Ասիկա գիտնալը մեզի կ’օգնէ որ համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ տոկանք (Կող. 1։11)։ Երբ նեղութիւններ ունենանք, թերեւս դժուար կ’ըլլայ որ կեդրոնանանք Եհովային գերիշխանութեան ջատագովման վրայ։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ միշտ մենք մեզի յիշեցնենք, թէ շատ կարեւոր է որ Աստուծոյ գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք երբ նեղ պարագաներու մէջ ըլլանք։ դ17.06 25-26 ¶15-16

Ուրբաթ, յունուար 25

Զգուշացէ՛ք ագահութենէ (Ղուկ. 12։15)։

Այսօր, շատեր «հիւանդութիւն» ունին որ վերջին նորոյթին հետեւին եւ ամենանոր ելեկտրոնային սարքերը կամ ուրիշ բաներ գնեն։ Անոնց վրայ ազդած է նիւթապաշտութիւնը։ Նիւթապաշտութիւնը ապրելակերպ մըն է, ուր անձը որեւէ բանէ աւելի կարեւոր կը սեպէ ապրանքներ ունենալը եւ դրամը։ Որպէս քրիստոնեայ, ի՞նչը ամէնէն կարեւորն է կեանքիդ մէջ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Վերջին նորոյթ ինքնաշարժներուն եւ ապրանքներուն մասին մտածելու համար աւելի ժամանակ կը տրամադրե՞մ քան՝ ժողովներուն նիւթերը պատրաստելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ առօրեայ հարցերով այնքան զբաղած եմ, որ աւելի քիչ ժամանակ կը տրամադրեմ աղօթելու կամ Սուրբ Գիրքը կարդալու’։ Եթէ անդրադառնանք որ նիւթական բաները աւելի կը սիրենք քան՝ Քրիստոսը, պէտք է մտածենք Յիսուսի խօսքին մասին, որ այս օրուան համարին մէջ նշուած է։ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. . . Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք կրնար Եհովային մեր լաւագոյնը տալ, մինչ միեւնոյն ատեն կը կեդրոնանանք նիւթական բաներու վրայ (Մատ. 6։24)։ Քանի որ անկատար ենք, բոլորս պէտք է շարունակենք պայքարիլ մեր «մարմնին ցանկութիւններ»ուն դէմ, մէջը ըլլալով նիւթապաշտութիւնը (Եփ. 2։3)։ դ17.05 25-26 ¶15-16

Շաբաթ, յունուար 26

Ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ (Ա. Կոր. 9։23)։

Թէեւ անկատար ենք, բայց մեր քարոզած պատգամը կը նմանի արժէքաւոր գանձի, քանի որ կրնայ յաւիտենական կեանք տալ մեզի եւ մեզի մտիկ ընողներուն։ Պօղոս առաքեալ շատ ջանք թափեց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնէ ուրիշներուն (Հռով. 1։14, 15. Բ. Տիմ. 4։2)։ Ծառայութեան հանդէպ իր սէրը իրեն օգնեց որ շարունակէ քարոզել, հակառակ հալածանքին (Ա. Թես. 2։2)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին պէս սիրել ծառայութիւնը։ Ան ցուցուց թէ ծառայութիւնը կը սիրէր, ամէն առիթ գործածելով որ քարոզէ։ Պօղոսին եւ առաջին քրիստոնեաներուն պէս կը քարոզենք անպաշտօն կերպով, հանրային կերպով եւ տունէ տուն (Գործք 5։42. 20։20)։ Մեր պարագաներուն ներած չափով կը փորձենք մեր ծառայութիւնը աւելցնել, ինչպէս՝ օժանդակ ռահվիրայ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալով, ուրիշ լեզու մը սորվելով, մեր երկրին մէջ ուրիշ տեղ մը փոխադրուելով կամ ուրիշ երկիր մը ճամբորդելով (Գործք 16։9, 10)։ դ17.06 10-11 ¶8-9

Կիրակի, յունուար 27

Բոլոր լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան (Յայտ. 6։14)։

Այս աշխարհին մէջ եղած չարութեան մեծ մասը կազմակերպութիւններու պատճառաւ է, եւ ոչ թէ անհատներու։ Օրինակ, կրօնական կազմակերպութիւնները միլիոնաւորներ կը խաբեն։ Անոնք սուտ կը խօսին Աստուծոյ ո՛վ ըլլալուն մասին, երկրին ու մարդկութեան ապագային մասին, եւ կ’ըսեն թէ Սուրբ Գիրքը վստահելի չէ։ Փտած կառավարութիւնները պատճառ կ’ըլլան որ պատերազմներ եւ ցեղային վայրագութիւններ ըլլան։ Անոնք անարդարօրէն կը վարուին աղքատներուն եւ անպաշտպան մարդոց հետ։ Անոնք նաեւ աւելի կը հարստանան եւ կը զօրանան՝ մարդոց միջեւ զատողութիւն դնելով եւ կաշառք առնելով։ Իսկ ագահ ընկերութիւնները մթնոլորտը կ’ապականեն, երկրին հարստութիւնները կը սպառեն եւ ժողովուրդը կ’օգտագործեն, որպէսզի քանի մը անձեր հարստութիւն դիզեն, մինչ անդին միլիոնաւորներ աղքատութեան մէջ կ’ընկղմին։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ որ կառավարութիւնները եւ բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք թիկունք չեն կանգնիր Աստուծոյ Թագաւորութեան, պիտի կործանին (Եր. 25։31-33)։ դ17.04 11 ¶7-8

Երկուշաբթի, յունուար 28

Անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ (Գ. Թագ. 21։29)։

Եհովան՝ «սրտերը փորձողը», ողորմեցաւ Աքաաբին (Առ. 17։3)։ Երբ Նաբովթի ընտանիքն ու բարեկամները լսեցին, որ Աստուած Աքաաբին մահէն ետքն է որ պիտի պատժէ իր ընտանիքը, ասիկա թերեւս փորձի տակ դրաւ իրենց հաւատքը։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ անոնք խոնարհ էին, պիտի շարունակէին հաւատարմօրէն պաշտել Եհովան, վստահ ըլլալով որ անկարելի է որ անարդար ըլլայ (Բ. Օր. 32։3, 4)։ Ապագային, Նաբովթ եւ իր տղաները յարութիւն պիտի առնեն, եւ ասիկա կատարեալ արդարութիւն պիտի ըլլայ իրենց եւ իրենց ընտանիքին համար (Յոբ 14։14, 15. Յովհ. 5։28, 29)։ Ասկէ զատ, խոնարհ անձը գիտէ թէ «Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ» (Ժող. 12։14)։ Եհովան նկատի կ’առնէ իրողութիւններ որ մենք չենք գիտեր։ Այս պատճառով, խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը չկորսնցնենք։ դ17.04 24 ¶8-9

Երեքշաբթի, յունուար 29

Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ (Առ. 17։17)։

Աշխարհի գէշ վիճակներուն պատճառաւ, մեր եղբայրներէն շատեր գաղթական եղած են։ Անոնցմէ կ’ակնկալուի որ քանի մը ամսուան մէջ իրենց ոտքին վրայ կենան, եւ ասիկա կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Երեւակայէ որ անոնք միեւնոյն ատեն ի՛նչ նոր բաներ պէտք է սորվին. նոր լեզու, նոր սովորութիւններ եւ նոր օրէնքներ՝ մուրհակ եւ տուրք վճարելու, դպրոց երթալու եւ նոյնիսկ պզտիկ մեծցնելու մասին։ Կրնա՞ս համբերութեամբ եւ յարգալից կերպով օգնել այսպիսի դժուարութիւններ ունեցող եղբայրներու եւ քոյրերու (Փլպ. 2։3, 4)։ Ատեններ, իշխանութիւնները կը դժուարացնեն այս եղբայրներուն, որ տեղական ժողովքին հետ կապ պահեն։ Կարգ մը կառավարական կազմակերպութիւններ կ’ըսեն որ պիտի չօգնեն եղբայրներուն, եթէ չընդունին աշխատիլ գործ մը որուն պատճառաւ պիտի չկարենան ժողովներու երթալ։ Կարգ մը եղբայրներ վախնալով եւ անօգնական զգալով ընդունած են այսպիսի գործեր։ Ասոր համար, երբ մեր գաղթական եղբայրները հասնին, շատ կարեւոր է որ կարելի եղածին չափ շուտ այցելենք անոնց։ Երբ անոնց կարեկցինք եւ գործնական կերպով օգնենք, անոնց հաւատքը կրնայ զօրանալ (Առ. 12։25)։ դ17.05 5 ¶9-10

Չորեքշաբթի, յունուար 30

Շատերուն սէրը պիտի պաղի (Մատ. 24։12)։

Երբ Յիսուս կը բացատրէր թէ ինչպէ՛ս պիտի գիտցուէր որ աշխարհի վախճանն է, նշեց թէ «շատերուն սէրը պիտի պաղի» (Մատ. 24։3)։ Առաջին դարուն, հրեաները կ’ըսէին թէ Աստուծոյ ժողովուրդն են, բայց ձգեցին որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը պաղի։ Բայց այդ ժամանակ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը տարբեր կեցուածք ունէր։ Անոնք նախանձախնդրութեամբ ‘կը քարոզէին Յիսուս Քրիստոսը’, ինչպէս նաեւ իրենց սէրը կը ցուցնէին Աստուծոյ, քրիստոնեաներուն եւ անհաւատներուն հանդէպ (Գործք 2։44-47. 5։42)։ Սակայն կարգ մը քրիստոնեաներ ձգեցին որ իրենց սէրը պաղի։ Յիսուս Եփեսոսի մէջ ապրող առաջին դարու քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր» (Յայտ. 2։4)։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ ասոր մէկ պատճառը։ Թերեւս այդ քրիստոնեաները կ’ազդուէին իրենց շուրջի մարդոցմէ, որոնք իրենց հաճոյքին ետեւէն էին (Եփ. 2։2, 3)։ դ17.05 17 ¶1-3

Հինգշաբթի, յունուար 31

Ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը (Մատ. 5։33)։

Յեփթայէն քաջ առաջնորդ մըն էր եւ անվախ պատերազմող մը։ Աննան խոնարհ կին մըն էր եւ լաւ հոգ կը տանէր իր ամուսինին եւ տան։ Երկուքն ալ Եհովան կը պաշտէին։ Ասկէ զատ, երկուքն ալ Աստուծոյ ուխտ մը ըրած էին եւ հաւատարմօրէն կատարած էին զայն։ Անոնցմէ շատ լաւ օրինակ կրնան առնել այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք ուխտ կ’ընեն Եհովային։ Սուրբ Գիրքին մէջ, ուխտը՝ Աստուծոյ տրուած լուրջ խոստում մըն է։ Օրինակ, մէկը Եհովային կը խոստանայ բան մը ընել, նուէր մը տալ, որոշ ծառայութեան մը սկսիլ կամ որոշ բաներէ հեռու մնալ։ Ուխտը բան մըն է, որ մէկու մը սրտէն կը բխի եւ իր ուզելով կ’ընէ։ Կարելի չէ մէկը ստիպել որ ուխտ մը ընէ, բայց եթէ որոշէ ընել՝ Աստուած կ’ուզէ որ զայն յարգէ եւ կատարէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ուխտը երդումին չափ կարեւոր է։ Երդումին մէջ, անձը կը խոստանայ որոշ բան մը ընել կամ չընել (Ծն. 14։22, 23. Եբ. 6։16, 17)։ դ17.04 3 ¶1-2

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել