Փետրուար
Ուրբաթ, փետրուար 1
Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս (Ծն. 6։22)։
Նոյ գաղափար չունէր թէ տապան մը ինչպէ՛ս կը շինուի։ Ան պէտք էր Եհովային ապաւինէր եւ ընէր ճիշդ ի՛նչ որ իրեն ըսած էր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Տապանը ազատեց իր եւ իր ընտանիքին կեանքը։ Նոյ նաեւ յաջող ծնող մըն էր, քանի որ Աստուծոյ իմաստութեան վստահեցաւ։ Ան լաւ դասեր սորվեցուց իր զաւակներուն եւ լաւ օրինակ դարձաւ անոնց, ինչ որ դիւրին չէր Ջրհեղեղէն առաջ եղող այդ չար աշխարհին մէջ (Ծն. 6։5)։ Եթէ ծնող մըն ես, ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ պահանջածը ընել։ Եհովային մտիկ ըրէ։ Թոյլ տուր որ պզտիկներդ մեծցնելու մէջ քեզի օգնէ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ Սակայն նոյնիսկ երբ ծնողներ իրենց լաւագոյնը ընեն իրենց զաւակին սորվեցնելու, կրնայ ըլլալ որ զաւակը կռնակ դարձնէ Եհովային։ Բայց այն ծնողը, որ իր լաւագոյնը ըրած է, կրնայ հանգիստ խիղճ ունենալ եւ յուսալ, որ օր մը իր զաւակը վերադառնայ Եհովային։ դ18.03 30 ¶10-11
Շաբաթ, փետրուար 2
Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք (Ա. Պետ. 4։9)։
Պատահա՞ծ է որ ուզած ես հիւրասէր գտնուիլ, բայց անկարող զգացած ես։ Թերեւս ամչկոտ ես եւ հոգ կ’ընես, որ հիւրերը պիտի ձանձրանան։ Կամ թերեւս շատ դրամ չունիս եւ կը կարծես, որ բնա՛ւ չես կրնար ուրիշ եղբայրներու եւ քոյրերու չափ հիւրասիրութիւն ցուցնել։ Բայց կարեւոր չէ որ տունդ շքեղ ըլլայ, հապա կարեւոր է որ մաքուր ու կոկիկ ըլլայ, իսկ դուն՝ ընկերային ըլլաս։ Ուրեմն, սէրէ՛ մղուած հիւրասիրութիւն ցուցուր եւ մնացածը հոգ մի՛ ըներ։ Միտքդ պահէ որ միշտ լաւ արդիւնքներու կը հասնիս, երբ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցնես հիւրերուն (Փլպ. 2։4)։ Գրեթէ ամէն մարդ կը սիրէ իր փորձառութիւնները պատմել։ Ընկերային հաւաքոյթները թերեւս միակ առիթներն են, որ մէկը միւսին փորձառութիւնը լսէ։ Երէց մը կը գրէ. «Երբ ժողովքէն անհատներ հրաւիրեմ տունս, ասիկա ինծի կ’օգնէ որ զիրենք աւելի լաւ հասկնամ եւ աւելի ժամանակ ունենամ զիրենք ճանչնալու, մանաւանդ թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութեան եկան»։ Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցնելը համ կու տայ բոլոր առիթներուն։ դ18.03 17 ¶15-17
Կիրակի, փետրուար 3
Ա՛լ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ (Գործք 22։16)։
Քրիստոնեայ ծնողները կ’ուզեն իրենց զաւակներուն օգնել, որ իմաստուն որոշումներ առնեն։ Մկրտութիւնը յետաձգելը՝ առանց կարեւոր պատճառի, կրնայ Եհովային հետ զաւակին փոխյարաբերութեան վնասել (Յակ. 4։17)։ Սակայն իմաստուն ծնողները կ’ուզեն վստահ ըլլալ, որ իրենց զաւակը պատրաստ է Քրիստոսին աշակերտը ըլլալու՝ առաջ որ մկրտուի։ Կարգ մը շրջանային տեսուչներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են, որ շատեր՝ որոնք իրենց պատանեկան տարիքին վերջերն են կամ 20–ականներուն սկիզբը՝ տակաւին չեն մկրտուած, հակառակ որ ճշմարտութեան մէջ մեծցած են։ Ընդհանրապէս, անոնք ժողովի կ’երթան, ծառայութեան կ’ելլեն եւ իրենք զիրենք Եհովայի վկայ կը նկատեն։ Բայց իրենց կեանքը չեն նուիրած Եհովային եւ չեն մկրտուած։ Պատճառը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Կարգ մը պարագաներու, ծնողնե՛րը իրենց ըսած են որ մկրտութիւնը յետաձգեն։ դ18.03 8 ¶1-2
Երկուշաբթի, փետրուար 4
Իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս (Հռով. 15։5)։
Յիսուսին պէս ըլլալու համար, պէտք է սորվինք իրեն պէս մտածել, զգալ եւ վարուիլ։ Ան ամէն բանէ աւելի կ’արժեւորէր իր փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ։ Ուստի, Յիսուսին նմանելով Եհովային աւելի կը մօտենանք։ Ասոր համար շատ կարեւոր է, որ սորվինք Յիսուսին պէս մտածել։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ մէկը ընել։ Յիսուսի աշակերտները տեսան իր հրաշքները, լսեցին իր քարոզները, դիտեցին թէ ինչպէս ամէն տեսակի մարդոց հետ կը վարուէր եւ Աստուծոյ սկզբունքները կը գործադրէր (Գործք 10։39)։ Բայց մենք անձնապէս չենք կրնար զինք դիտել։ Ատոր համար Եհովան սիրալիր կերպով Աւետարանները տուաւ, որպէսզի Յիսուսին անձնաւորութիւնը կենդանի ըլլայ մեր միտքին մէջ։ Երբ կը կարդանք չորս Աւետարանները եւ ատոնց վրայ կը խոկանք, կը սորվինք Յիսուսի մտածելակերպին մասին։ Այսպիսով կրնանք ‘իր շաւիղներուն հետեւիլ’ եւ իր ‘մտքով զինուիլ’ (Ա. Պետ. 2։21. 4։1)։ դ18.02 22 ¶15-16
Երեքշաբթի, փետրուար 5
Հաւա՛տքը լսելէն է (Հռով. 10։17)։
Մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր մարդիկ Աստուծոյ մասին սորված են երեք գլխաւոր կերպերով. իր ստեղծագործութիւնը դիտելով, աստուածավախ մարդոցմէ եւ վայելելով Աստուծոյ հնազանդելուն օրհնութիւնները (Եսա. 48։18)։ Ստեղծագործութիւնը դիտելով, Նոյ կրնար թէ՛ տեսնել Աստուծոյ գոյութեան փաստերը, թէ ալ գիտնալ իր անտեսանելի յատկութիւնները, ինչպէս՝ իր «մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը» (Հռով. 1։20)։ Այսպիսով, Նոյ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունեցաւ։ Անկասկած, ան իր ազգականներէն շատ բաներ սորվեցաւ։ Օրինակի համար, իր հայրը՝ Ղամէք, հաւատք ունէր եւ Ադամին մեռնելէն առաջ ծնած էր։ Նաեւ կային Նոյին մեծ հայրը՝ Մաթուսաղան եւ իր մեծ–հօր մեծ հայրը՝ Յարեդը, որ Նոյին ծնելէն 366 տարի ետք մեռաւ (Ղուկ. 3։36, 37)։ Նոյին սորվածները իր սիրտին դպան եւ զինք մղեցին որ Աստուծոյ ծառայէ (Ծն. 6։9)։ դ18.02 9 ¶4-5
Չորեքշաբթի, փետրուար 6
Արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ (Եփ. 4։26)։
Երբ քոյր մը, եղբայր մը կամ ընտանիքի անդամ մը ըսէ կամ ընէ բան մը, որ մեզ խորապէս կը վիրաւորէ, շատ կը ցաւինք։ Եթէ չենք կրնար մոռնալ պատահածը, պիտի ձգե՞նք որ բարկութիւնը մեր մէջ մնայ տարիներով, թէ ոչ պիտի գործադրենք Սուրբ Գիրքին իմաստուն խրատը, որ շուտով հարցը լուծենք։ Որքա՛ն ուշ խօսինք դիմացինին հետ, այնքան դժուար պիտի ըլլայ խաղաղութիւն պահելը։ Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել որ խաղաղութիւնը պահես։ Առաջին, սրտանց աղօթէ Եհովային։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ եղբօր հետ շինիչ կերպով խօսելու։ Յիշէ թէ ան ալ Եհովային մէկ բարեկամն է (Սաղ. 25։14)։ Եհովան ազնուութեամբ կը վարուի իր բարեկամներուն հետ, եւ կ’ուզէ որ մենք ալ ազնուութեամբ վարուինք (Առ. 15։23. Մատ. 7։12. Կող. 4։6)։ Երկրորդ, լաւ մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես եղբօր։ Մի՛ ենթադրեր որ իր նպատակն էր քեզ վիրաւորել։ Եւ պատրաստ եղիր ընդունելու որ թերեւս դեր ունէիր հարցին մէջ։ դ18.01 10 ¶15-16
Հինգշաբթի, փետրուար 7
Ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, դո՛ւք ալ սիրեցէք զիրար (Յովհ. 13։34, ԱԾ)։
Եհովայի ծառաները շատ տարբեր են աշխարհի մարդոց մեծամասնութենէն, քանի որ անկեղծօրէն կը սիրեն ուրիշները։ Ասիկա միշտ այսպէս եղած է։ Յիսուս ըսաւ որ ուրիշները սիրելը ամենակարեւոր պատուիրանն է՝ Աստուած սիրելէն ետք (Մատ. 22։37-39)։ Ան նաեւ ըսաւ որ իրարու հանդէպ սէրը պիտի ցուցնէր, որ ճշմարիտ քրիստոնեաները որո՛նք են (Յովհ. 13։35)։ Անոնք նոյնիսկ իրենց թշնամիները պիտի սիրէին (Մատ. 5։43, 44)։ Յիսուս ցուցուց թէ մարդիկը շատ կը սիրէր։ Ան քաղաքէ քաղաք գնաց, որպէսզի Թագաւորութեան բարի լուրը տայ մարդոց։ Ան բժշկեց կոյրերը, կաղերը, բորոտները եւ խուլերը։ Մեռելներուն յարութիւն տուաւ (Ղուկ. 7։22)։ Նոյնիսկ իր կեանքը զոհեց մարդկութեան համար։ Յիսուսին ունեցած սէրը կատարեալ կերպով կը ցուցնէր իր Հօր ունեցած սէրը։ Աշխարհի չորս կողմը, Եհովայի վկաները աստուածային սէր կը ցուցնեն ուրիշներուն հանդէպ։ դ18.01 29-30 ¶11-12
Ուրբաթ, փետրուար 8
Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց (Փլպ. 4։13)։
Եթէ առաջ որ պատանի ըլլաս մկրտուեցար եւ հիմա պատանի ես, չես կրնար գիտնալ, որ ճիշդ ի՛նչ դժուարութիւններու առջեւ կրնաս ըլլալ ապագային։ Որպէսզի կարենաս որեւէ պարագայի մէջ հաւատարիմ մնալ, բնաւ մի՛ մոռնար որ Եհովային տուած խոստումդ պայմաններ չունի։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ տիեզերքի Գերիշխանին ըսած ես որ պիտի շարունակես իրեն ծառայել, նոյնիսկ եթէ ընկերներդ կամ ծնողքդ այլեւս չծառայեն իրեն (Սաղ. 27։10)։ Ամէն պարագայի, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ իրեն տուած խոստումդ յարգելու (Փլպ. 4։11, 12)։ Եհովան կ’ուզէ՛ որ իր բարեկամը ըլլաս։ Բայց ջանք պէտք է թափես, որ այս բարեկամութիւնը զօրաւոր պահես եւ կարենաս փրկուիլ։ Փիլիպպեցիս 2։12–ը նոյնիսկ կ’ըսէ. «Ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»։ Ուրեմն, պէտք է լաւ մտածես, թէ ինչպէ՛ս Եհովային մօտիկ եւ հաւատարիմ պիտի մնաս, ինչ ալ ըլլայ պարագան։ Չես կրնար չափէ դուրս ինքնավստահ ըլլալ. նոյնիսկ երկար տարիներ Աստուծոյ ծառայողներէն ոմանք հաւատարիմ չեն մնացած։ դ17.12 24 ¶4, 6-7
Շաբաթ, փետրուար 9
Ասոնց ամէնքը ես. . . յօժար կամքով ընծայ ըրի (Ա. Մն. 29։17)։
Եհովան մեզի կու տայ Թագաւորութեան մեծ գործին թիկունք կանգնելու պատիւը։ Ան մեզ կը վստահեցնէ որ եթէ ասիկա ընենք, մեզ պիտի օրհնէ (Մաղ. 3։10)։ Եհովան կը խոստանայ, թէ ա՛ն որ առատաձեռնութեամբ կու տայ, յաջողութիւն պիտի գտնէ (Առ. 11։24, 25)։ Տալը նաեւ կ’ուրախացնէ մեզ, քանի որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Առանձնաշնորհում ունինք, որ մեր խօսքերով ու գործերով սորվեցնենք մեր զաւակներուն եւ նորեկներուն, թէ ինչպէ՛ս կրնան այս գործին մէջ բաժին բերել եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելել։ Մեր ամէն ունեցածը Եհովայէն է։ Երբ մեր կարգին իրեն բան մը տանք, կը ցուցնենք որ կը սիրենք զինք եւ կը գնահատենք ամէն ինչ որ մեզի համար ըրած է։ Երբ իսրայէլացիները նուիրատուութիւններ ըրին տաճարին շինութեան համար, անոնք «մատուցուած կամաւոր ընծաներուն համար ուրախացան» (Ա. Մն. 29։9)։ Թող որ մենք ալ շարունակ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն ունենանք, Եհովային տալով ինչ որ արդէն իրմէ ստացած ենք։ դ18.01 21 ¶18-19
Կիրակի, փետրուար 10
Ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու [«ներկայութեան», ՆԱ] ատենը (Ա. Կոր. 15։23)։
Երկնային յարութիւնը տեղի պիտի ունենար Քրիստոսին «ներկայութիւն»ը սկսելէն ժամանակ մը ետք։ Այն օծեալները, որոնք մեծ նեղութեան ընթացքին երկրի վրայ են, ‘ամպերով պիտի յափշտակուին’ (Ա. Թես. 4։12-16. Մատ. 24։31)։ Անոնք ‘ամէնքն ալ պիտի փոխուին, յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը’ (Ա. Կոր. 15։51, 52)։ Ներկայիս, հաւատարիմ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը օծեալ չէ եւ ընտրուած չէ Քրիստոսին հետ իշխելու երկինքին մէջ։ Անոնք «Տէրոջը օրուան» կը սպասեն, երբ Եհովան այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Ո՛չ մէկը գիտէ թէ վերջը ե՛րբ պիտի գայ, բայց յստակ է թէ ատիկա մօտ է (Ա. Թես. 5։1-3)։ Երբ Աստուծոյ նոր աշխարհը գայ, ուրիշ տեսակի յարութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։ Մարդիկ յարութիւն առնելով դրախտային երկրի վրայ պիտի ապրին, եւ յոյս պիտի ունենան որ կատարեալ ըլլան եւ անգամ մըն ալ չմեռնին։ դ17.12 11 ¶15. 12 ¶18-19
Երկուշաբթի, փետրուար 11
Ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները (Յակ. 3։16)։
Եթէ ջանք թափենք որ իսկապէս սիրալիր եւ քաղցր ըլլանք, դիւրին–դիւրին պիտի չնախանձինք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր» (Ա. Կոր. 13։4)։ Որպէսզի նախանձը արմատ չկապէ մեր սրտին մէջ, պէտք է Եհովային աչքով նայինք հարցերուն։ Պէտք է եղբայրները եւ քոյրերը սեպենք նոյն մարմինին անդամները, որ է ժողովքը։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ վարուինք այս համարին ըսածին պէս. «Եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ» (Ա. Կոր. 12։16-18, 26)։ Այսպիսով, երբ ուրիշներ օրհնութիւններ ստանան, անոնց հետ պիտի ուրախանանք, փոխանակ նախանձելու։ Նկատի առ Սաւուղ թագաւորին տղան՝ Յովնաթանը։ Ան չնախանձեցաւ երբ իր տեղը Դաւիթ ընտրուեցաւ թագաւոր ըլլալու։ Ան նոյնիսկ քաջալերեց Դաւիթը (Ա. Թագ. 23։16-18)։ Կրնա՞նք Յովնաթանին պէս քաղցր եւ սիրալիր ըլլալ։ դ17.11 27 ¶10-11
Երեքշաբթի, փետրուար 12
Իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ (Եսա. 11։3, 4)։
Եհովան ինչո՞ւ Օրէնքը պահեց Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ան չ’ուզեր որ Օրէնքին պզտիկ մանրամասնութիւններուն կախուինք, հապա կ’ուզէ որ ըմբռնենք եւ գործադրենք ատոր «ծանր ծանր բաները», այսինքն՝ Օրէնքին ետին եղող սկզբունքները (Մատ. 23։23)։ Մովսիսական օրէնքին մէջ կայ՝ «գիտութեան ու ճշմարտութեան կերպարանքը»։ Ատիկա մեզի կը սորվեցնէ Եհովային եւ իր արդար սկզբունքներուն մասին (Հռով. 2։20)։ Օրէնքին մէջ նկարագրուած ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը երէցներուն կը սորվեցնէ, որ «արդար դատաստան» ընեն, իսկ մեր բոլորին կը սորվեցնէ, որ ‘ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ’ (Զաք. 7։9)։ Ճիշդ է որ Օրէնքին տակ չենք, բայց Եհովան չէ փոխուած։ Տակաւին արդարութիւնն ու ողորմութիւնը կարեւոր են իր աչքին։ Մեզի համար առանձնաշնորհում է այսպիսի Աստուած պաշտելը։ Թող որ իր յատկութիւնները ընդօրինակենք եւ ապահովութիւն ու պաշտպանութիւն գտնենք իր քով։ դ17.11 13-14 ¶2-3. 17 ¶18-19
Չորեքշաբթի, փետրուար 13
Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ (Առ. 3։13)։
Ամպիոնէն խօսող եղբայրները միշտ պէտք է վստահ ըլլան, որ իրենց դասախօսութեան մէջ համարները ամէնէն կարեւոր մասը կ’ըլլան (Յովհ. 7։16)։ Ասոր համար, շատ ուշադիր եղիր որ խօսելու կերպդ, եւ գործածած փորձառութիւններդ ու օրինակներդ, Սուրբ Գիրքէն աւելի ուշադրութիւն չգրաւեն։ Նաեւ յիշէ թէ պարզապէս համարներ կարդալը չի նշանակեր որ Սուրբ Գիրքէն կը սորվեցնես։ Իրականութեան մէջ, եթէ շատ համարներ կարդաս, կրնայ ըլլալ որ ատոնցմէ ո՛չ մէկը ներկաներուն մտքին մէջ մնայ։ Ասոր համար, ուշադրութեամբ զատէ կարդալիք համարներդ, եւ ժամանակ տուր որ զանոնք կարդաս, բացատրես, օրինակով մը յստակացնես եւ ցուցնես թէ ինչպէ՛ս կը կիրարկուին (Նէ. 8։8)։ Ջանա՛ հասկնալ որ նշուած կէտերը ի՛նչ կապ ունին համարներուն հետ։ Ամէնէն կարեւորը, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ կարենաս իր Խօսքին արժէքաւոր գաղափարները փոխանցել (Եզր. 7։10)։ դ17.09 26 ¶11-12
Հինգշաբթի, փետրուար 14
Ինծի դարձէ՛ք ու ես ձեզի պիտի դառնամ (Զաք. 1։3)։
Ք.Ա. 537–ն շատ ուրախ տարի մըն էր Եհովայի նուիրուած ժողովուրդին համար։ Անոնք 70 տարի գերի ըլլալէ ետք, Բաբելոնէն ազատ արձակուած էին եւ շատ խանդավառ էին, որ Երուսաղէմի մէջ տաճարը վերաշինեն եւ հոն Եհովան պաշտեն։ Ք.Ա. 536–ին, տաճարին հիմը դրուեցաւ։ Բայց 16 տարի ետք, տաճարին շինութիւնը տակաւին չէր վերջացած։ Եհովային ժողովուրդը պէտք ունէր անդրադառնալու, թէ իրեն պէտք է վերադառնան եւ իրենց անձնական շահերը առաջին տեղը չդնեն։ Ասոր համար՝ Ք.Ա. 520–ին, Եհովան Զաքարիա մարգարէն ղրկեց, որպէսզի ժողովուրդին յիշեցնէ որ Եհովան զանոնք ինչո՛ւ Բաբելոնէն ազատ արձակած էր։ Հետաքրքրական է որ Զաքարիային անունը կը նշանակէ՝ «Եհովան յիշած է»։ Ասիկա կրնար ժողովուրդին միտքը բերել, որ Եհովան տակաւին կը յիշէ զիրենք, հակառակ որ մոռցած էին իր ըրած փրկութիւնը (Զաք. 1։3, 4)։ Ան սիրալիրօրէն վստահեցուց որ իրենց պիտի օգնէր, որ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատեն։ Բայց նաեւ զգուշացում տուաւ, որ եթէ իրենց պաշտամունքը սրտանց չէ, պիտի չընդունի զայն։ դ17.10 21-22 ¶2-3
Ուրբաթ, փետրուար 15
Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած (Եփ. 4։32)։
Մտային առողջութեան մասնագէտներ կ’ըսեն, թէ գթասրտութեամբ վարուիլը աւելի լաւ կը դարձնէ առողջութիւնդ եւ ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութիւններդ։ Երբ նեղութիւն քաշողներուն օգնես, աւելի ուրախ ու դրական պիտի ըլլաս, ինչպէս նաեւ՝ աւելի քիչ միայնակ պիտի զգաս եւ միտքէդ աւելի քիչ ժխտական միտքեր պիտի անցնին։ Իսկապէս, գթասրտութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ քեզի։ Անոնք որոնք սիրով ուրիշներուն կ’օգնեն, իրենց խիղճը հանգիստ կ’ըլլայ, քանի որ կ’ընեն ինչ որ Եհովան կ’ուզէ որ ընեն։ Գթասրտութիւնը մէկու մը կ’օգնէ որ աւելի հոգատար ծնողք ըլլայ, աւելի լաւ կողակից ըլլայ եւ աւելի ընտիր բարեկամ ըլլայ։ Ասկէ զատ, անոնք որոնք ուրիշներուն հանդէպ կարեկցութեամբ կը վարուին, աւելի հաւանականութիւն կայ որ ուրիշներն ալ իրենց օգնեն երբ պէտք ունենան (Մատ. 5։7. Ղուկ. 6։38)։ Թէեւ գթասրտութիւնը օգտակար է մեզի, բայց բուն պատճառը որ գթասրտութեամբ վարուինք այն է, թէ կ’ուզենք Եհովային նմանիլ եւ իրեն փառք բերել։ Ան սիրոյ եւ կարեկցութեան Աղբիւրն է (Առ. 14։31)։ դ17.09 12 ¶16-17
Շաբաթ, փետրուար 16
Իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ ու քահանայ պիտի ըլլայ իր աթոռին վրայ (Զաք. 6։13)։
Յիսուս Թագաւոր եւ Քահանայապետ ըլլալէ զատ, նշանակում ստացաւ որ «շինէ Տէրոջը տաճարը»։ Մեր օրերուն, Յիսուսի շինարարական գործը պարփակեց՝ 1919–ին Աստուծոյ ժողովուրդը ազատել Մեծ Բաբելոնէն, եւ քրիստոնէական ժողովքը վերահաստատել։ Ան նաեւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակեց, որպէսզի գործը առաջնորդէ հոգեւոր տաճարին երկրային մասին մէջ (Մատ. 24։45)։ Յիսուս նաեւ զտած է Աստուծոյ ժողովուրդը, որպէսզի մաքուր կերպով պաշտեն Աստուած (Մաղ. 3։1-3)։ Յիսուս եւ 144,000 թագաւորներն ու քահանաները հազար տարի պիտի իշխեն։ Այդ ժամանակամիջոցին, անոնք հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնեն։ Ատկէ ետք, միայն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները մնացած պիտի ըլլան երկրին վրայ։ Վերջապէս, ճշմարիտ պաշտամունքը ամբողջովին վերահաստատուած պիտի ըլլայ։ դ17.10 29 ¶15-16
Կիրակի, փետրուար 17
Իր ապաւինած ապաստան քաղաքը. . . թող բնակի, մինչեւ որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի (Թւ. 35։25)։
Անգիտակցաբար մեռցնողը պէտք էր քայլ մը առնէր, որպէսզի ողորմութիւն ստանար. պէտք էր փախչէր ամէնէն մօտիկ ապաստանի քաղաքը (Յես. 20։4)։ Փախստականը չէր կրնար անհոգ գտնուիլ, քանի որ եթէ շուտով այդ քաղաքը չերթար եւ հոն չմնար, իր կեանքը վտանգի տակ կ’ըլլար։ Ասոր մէջ զոհողութիւն կար։ Ան պէտք էր ձգէր իր գործը, հանգստաւէտ տունը եւ ճամբորդելու ազատութիւնը, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր։ Բայց կ’արժէր այս զոհողութիւնները ընել։ Ներկայիս ալ այն անձը, որ մեղք կը գործէ ու կը զղջայ, պէտք է որոշ բաներ ընէ, որպէսզի Աստուած իրեն ներէ։ Ան պէտք է մեղք գործելու իր սովորութիւնը լման ձգէ, այսինքն՝ պէտք է հեռու մնայ ոչ միայն լուրջ մեղքերէ, հապա նաեւ աւելի պզտիկ մեղքերէ, որ մեծ սխալներու կ’առաջնորդեն։ Ուրեմն, եթէ մեր ամէն կարելին ընենք, որ այլեւս մեղք չգործենք, Եհովային ցուցուցած կ’ըլլանք, որ մեր հարցը թեթեւի չենք առներ եւ իր ողորմութիւնը չարաչար չենք օգտագործեր (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ դ17.11 10-11 ¶10-11
Երկուշաբթի, փետրուար 18
Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու (Ա. Պետ. 4։9)։
Եհովան մեզի կը պատուիրէ որ առատաձեռն ըլլանք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ (Ա. Յովհ. 3։17)։ Բայց պէտք է ասիկա լաւ շարժառիթով ընենք եւ ոչ թէ անձնասիրութեամբ։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Տունս կը հրաւիրեմ միա՞յն մտերիմ բարեկամներս, ճանչցուած անձերը կամ անոնք որոնք փոխարէնը լաւութիւն մը պիտի ընեն ինծի. թէ ոչ առատաձեռն եմ այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, որոնց լաւ չեմ ճանչնար կամ որոնք չեն կրնար փոխարէնը բան մը ընել ինծի’ (Ղուկ. 14։12-14)։ Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք եթէ եղբայր մը օգնութեան պէտք ունենայ անխոհեմ որոշում մը առնելուն պատճառով, կամ մեզի շնորհակալութիւն չյայտնէ զինք հիւրասիրելէ ետք։ Այսպիսի պարագաներու, պէտք է այս օրուան համարին խրատը գործադրենք։ Երբ ճիշդ շարժառիթով տանք ուրիշներուն, ուրախ պիտի ըլլանք (Գործք 20։35)։ դ17.10 9 ¶12
Երեքշաբթի, փետրուար 19
Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ (Ծն. 39։9)։
Որովհետեւ Յովսէփ «գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով», Պետափրէսին կինը իր աչքը անոր վրայ դրաւ եւ փորձեց զինք հրապուրել (Ծն. 39։6)։ Սակայն Յովսէփ հաստատօրէն մերժեց անոր առաջարկները։ Իսկ երբ կինը անոր հագուստներէն բռնեց, ան անմիջապէս փախաւ։ Ի՞նչ կը սորվինք Յովսէփէն։ Եթէ Աստուծոյ օրէնքը կտրելու փորձութեան առջեւ ըլլանք, պէտք է ատկէ փախչինք (Առ. 1։10)։ Ոմանք առաջ որ Եհովայի վկայ ըլլան շատակեր էին, չափազանց կը խմէին, կը ծխէին, թմրեցուցիչ կը գործածէին, անբարոյ էին կամ ուրիշ խնդիրներ ունէին։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ իրենց մկրտութենէն ետք ատեններ նոյն փորձութիւններուն առջեւ կ’ըլլան։ Եթէ ասիկա քեզի պատահի, պահ մը կեցիր ու մտածէ որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ ինչպէ՛ս պիտի ազդուի, եթէ փորձութեան տեղի տաս։ Ջանա՛ սկիզբէն երեւակայել որ ի՛նչ փորձութիւններու առջեւ կրնաս գալ, եւ որոշէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնցմէ հեռու մնալ (Սաղ. 26։4, 5. Առ. 22։3)։ Իսկ երբ փորձութեան առջեւ գտնուիս, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի իմաստութիւն ու ժուժկալութիւն տայ որ ատոր դէմ դնես։ դ17.09 4-5 ¶8-9
Չորեքշաբթի, փետրուար 20
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին (Ղուկ. 16։9)։
Կրնանք Եհովային բարեկամը ըլլալ, շատ չխառնուելով վաճառական աշխարհին եւ «ճշմարիտ» հարստութեան ետեւէ ըլլալով։ Աբրահամ այսպէս ըրաւ։ Ան Եհովային հնազանդելով ձգեց հարուստ Ուր քաղաքը եւ վրաններու մէջ ապրեցաւ, քանի որ կ’ուզէր Եհովային բարեկամը ըլլալ (Եբ. 11։8-10)։ Ան միշտ վստահեցաւ Աստուծո՛յ, եւ ոչ թէ նիւթական բաներու (Ծն. 14։22, 23)։ Յիսուս ուրիշները քաջալերեց որ այսպիսի հաւատք ունենան։ Անգամ մը, ան հարուստ երիտասարդի մը ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս» (Մատ. 19։21)։ Ան Աբրահամին հաւատքը չունէր, բայց կային ուրիշներ որոնք Աստուծոյ վստահեցան։ դ17.07 10 ¶12
Հինգշաբթի, փետրուար 21
[Եհովան] խոստացաւ որ [երկիրը Աբրահամի] տայ իբրեւ կալուածք եւ իրմէ յետոյ իր սերունդին, երբ դեռ ինք որդի չունէր (Գործք 7։5)։
Աբրահամ Եփրատ գետը կտրելէն 430 տարի ետքն էր, որ իր սերունդը դարձաւ այն ազգը, որ այդ երկրին մէջ պիտի ապրէր (Ել. 12։40-42. Գաղ. 3։17)։ Աբրահամ յօժար էր սպասելու, քանի որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունէր (Եբ. 11։8-12)։ Ան ուրախութեամբ սպասեց, հակառակ որ խոստումին լման կատարումը չտեսաւ իր կեանքին ընթացքին։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն պիտի ուրախանայ, երբ դրախտային երկրի վրայ յարութիւն առնէ։ Ան պիտի զարմանայ երբ իր եւ իր ընտանիքին պատմութեան մասին կարդայ Սուրբ Գիրքին շատ մը մասերուն մէջ։ Նաեւ երեւակայէ թէ որքա՜ն պիտի հրճուի, երբ առաջին անգամ ըլլալով հասկնայ, թէ ի՛նչ կարեւոր դեր խաղցած է Եհովայի նպատակը կատարուելուն մէջ, այսինքն՝ խոստացեալ սերունդին գալուն մէջ։ Անկասկած, ան պիտի զգայ որ այդքան սպասելը կ’արժէր։ դ17.08 6 ¶10-11
Ուրբաթ, փետրուար 22
Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. . . պղծութիւնը (Կող. 3։5)։
Սուրբ Գիրքին մէջ, «պղծութիւն» կամ անմաքրութիւն թարգմանուած բառը միայն սեռային մեղքերուն չ’ակնարկեր։ Ատիկա կրնայ ակնարկել ծխելուն կամ աղտոտ կատակներ պատմելուն (Բ. Կոր. 7։1. Եփ. 5։3, 4)։ Նաեւ կ’ակնարկէ այն անմաքուր բաներուն, որ անհատ մը առանձին կ’ընէ, ինչպէս՝ սեռային գետնի վրայ գրգռիչ գիրքեր կարդալ կամ պոռնկագրութիւն դիտել, ինչ որ կրնայ գիջութեան առաջնորդել։ Գիջութիւնն ալ անմաքուր սովորութիւն մըն է։ Անոնք որոնք սովորութիւն ունին պոռնկագրութիւն դիտելու, իրենց մէջ «անսանձ կիրք» կը զարգացնեն, որուն պատճառով կրնան սեռի մոլի դառնալ։ Մէջտեղ եկած է որ պոռնկագրութեան մոլի ըլլալը կը նմանի խմիչքի կամ թմրեցուցիչի մոլի ըլլալուն։ Ուրեմն, պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը վնասակար արդիւնքներ ունի, ինչպէս՝ շատ ամօթ զգալ, գործին մէջ արդիւնաբեր չըլլալ, տխուր ընտանեկան կեանք, ամուսնալուծում եւ անձնասպանութիւն։ դ17.08 19 ¶8-9
Շաբաթ, փետրուար 23
Անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։ Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ (Սաղ. 147։13, 14)։
Երբ իսրայէլացիները Երուսաղէմ վերադարձան, սաղմոսերգուն Եհովային մասին վերոնշեալը երգեց։ Ան ապահով զգաց երբ մտածեց, թէ Եհովան պիտի զօրացնէ քաղաքին դռները, որպէսզի Իր ժողովուրդը պաշտպանէ։ Թերեւս խնդիրներդ կը ձգեն որ մտահոգուիս, բայց Եհովան կրնայ իմաստութիւն տալ քեզի, որպէսզի ատոնց հետ գլուխ ելլես։ Սաղմոսերգուն ըսաւ որ Աստուած «իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ»։ Ան նշեց ձիւնը, եղեամը ու սառը, եւ հարցուց. «Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ»։ Ետքը, ան ըսաւ որ Եհովան «իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք» (Սաղ. 147։15-18)։ Մեր Աստուածը,– որ ամէն ինչ գիտէ, ամէն բանի կարող է եւ ձիւնին ու սառին վրայ իշխանութիւն ունի,– անկասկած կրնայ քեզի օգնել որեւէ խնդիրի հետ գլուխ ելլելու։ դ17.07 20 ¶14-15
Կիրակի, փետրուար 24
Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր (Յայտ. 4։10)։
Աստուծոյ իշխելու կերպը լաւագոյնն է եւ արժանի է որ իրեն սրտանց թիկունք կանգնինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ամէն բան ստեղծեց։ Ուստի լման իրաւունք ունի իշխելու բոլորին վրայ, ըլլա՛ն երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ։ Իսկ Սատանան բան մը չէ ստեղծած։ Ասոր համար, իրաւունք չունի տիեզերքին վրայ իշխելու։ Ան եւ առաջին մարդկային զոյգը ինքզինքնին բան մը կարծեցին, Եհովային գերիշխանութեան դէմ ըմբոստանալով (Եր. 10։23)։ Անոնց ազատ կամքը իրենց իրաւունք կու տա՞ր որ Եհովային իշխանութիւնը մերժեն։ Ո՛չ։ Ազատ կամքը մէկու մը իրաւունք կու տայ որ որոշումներ առնէ, բայց իրաւունք չի տար որ Ստեղծիչին՝ Եհովային դէմ ըմբոստանայ։ Յստակ է թէ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալը՝ ազատ կամքը սխալ կերպով գործածել է։ Որպէս մարդ, մենք պէտք ունինք Եհովային իշխանութեան եւ առաջնորդութեան։ դ17.06 27-28 ¶2-4
Երկուշաբթի, փետրուար 25
Կ’ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս (Գործք 20։24, ՆԹ)։
Եթէ կը գուրգուրանք մեր ծառայութեան վրայ, Պօղոս առաքեալին պէս պիտի ըլլանք եւ պիտի շարունակենք քարոզել նոյնիսկ երբ հալածուինք (Գործք 14։18-21)։ Օրինակ, 1930–ականներէն մինչեւ 1940–ականներուն սկիզբը, Միացեալ Նահանգներուն մէջ մեր եղբայրները շատ ծանր հալածուեցան։ Բայց շարունակեցին քարոզել։ Երբ կառավարութիւնը փորձեց իրենց ըրածը կեցնել, մեր եղբայրները դատարանին դիմեցին եւ բազմաթիւ դատեր շահեցան։ 1943–ին, եղբայր Նաթան Հ. Նոր նշեց Միացեալ Նահանգներուն բարձրագոյն ատեանին մէջ մեր շահած դատերէն մէկը, եւ ըսաւ որ տարուած յաղթանակները հրատարակիչներուն պայքարին շնորհիւ են։ Իրապէս, ծառայութեան հանդէպ մեր սէրը կրնա՛յ յաղթել հալածանքին։ Երբ ծառայութիւնը՝ Աստուծոյ կողմէ արժէքաւոր գանձ մը նկատենք, խելքերնիս միտքերնիս պիտի չըլլայ միայն ‘ժամ հաշուել’։ Փոխարէն, մեր ամէն կարելին պիտի ընենք որ լիովին ‘աւետարանին վկայ ըլլանք’ (Բ. Տիմ. 4։5)։ դ17.06 11-12 ¶11-12
Երեքշաբթի, փետրուար 26
Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ (Մատ. 22։37)։
Եհովայի հանդէպ մեր խոր սէրը մեզի կ’օգնէ որ իր պատուէրներուն հնազանդինք, տոկանք եւ չարութիւնը ատենք (Սաղ. 97։10)։ Բայց Սատանան եւ իր աշխարհը կը ջանան Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը տկարացնել եւ կործանել։ Աշխարհը սխալ կարծիք ունի սիրոյ մասին։ Մարդիկ «անձնասէր» են, փոխանակ աստուածասէր ըլլալու (Բ. Տիմ. 3։2)։ Անոնք կը կեդրոնանան ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան’ վրայ (Ա. Յովհ. 2։16)։ Պօղոս առաքեալ զգուշացում տուաւ թէ ինչ կրնայ պատահիլ, եթէ նախ մե՛ր հաճոյքը փնտռենք։ Ան ըսաւ. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է. . . Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է» (Հռով. 8։6, 7)։ Իրականութեան մէջ, անոնք որոնք իրենց կեանքը անցուցած են նիւթական բաներու կամ սեռային ցանկութիւններու ետեւէն վազելով, ի վերջոյ շատ յուսախաբ եղած են (Ա. Կոր. 6։18. Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ դ17.05 18 ¶5-6
Չորեքշաբթի, փետրուար 27
Ան որ չ’ուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ (Բ. Թես. 3։10)։
Երբ գաղթական եղբայրները իրենց երախտապարտութիւնը ցուցնեն եւ բնա՛ւ բան մը չպահանջեն, կը ձգեն որ տեղական եղբայրները ուրախութեամբ օգնեն։ Բայց կարեւոր է որ գաղթականները ի վերջոյ իրենց պէտքերուն անձամբ հոգ տանին։ Ասիկա կ’օգնէ որ իրենց ինքնայարգանքը չկորսնցնեն եւ եղբայրներուն հետ իրենց կապը լաւ ըլլայ (Բ. Թես. 3։7-9)։ Բայց անոնք ա՛նկասկած պէտք ունին գործնական օգնութեան։ Անոնք ամէնէն շատ պէտք ունին մեր ժամանակին ու հետաքրքրութեան։ Օրինակ, կրնաս անոնց ցուցնել թէ ինչպէս կրնան հանրային փոխադրամիջոցները գործածել, կամ ուտելիքներ գնել որ թէ՛ առողջապահական են եւ թէ սուղ չեն։ Նաեւ կրնաս անոնց օգնել որ գործիքներ գնեն, ինչպէս՝ կարելու մեքենայ կամ մարգախուզիչ, որպէսզի սկսին դրամ շահիլ։ Աւելի կարեւորը, կրնաս անոնց օգնել որ իրենց նոր ժողովքին մէկ մասը դառնան։ Եթէ պարագադ կը ներէ, առաջարկէ որ զանոնք ժողովի հասցնես։ Նաեւ կրնաս բացատրել թէ ինչ է լաւագոյն կերպը, որ մարդոց քարոզեն թաղամասին մէջ, եւ անոնց հետ ծառայութեան ել։ դ17.05 5 ¶11-12
Հինգշաբթի, փետրուար 28
Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք մինչեւ փրկութիւն (Ա. Պետ. 2։2)։
Շատեր այնքա՛ն կեդրոնացած են իրենց ցանկութիւններուն եւ հաճոյքին վրայ, որ դժուարութիւն կ’ունենան նիւթական բաներու նկատմամբ հաւասարակշռուած ըլլալու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնց հոգեւոր զգայարանքները մաշած են (Ա. Կոր. 2։14)։ Անոնք յստակօրէն չեն մտածեր, եւ այս պատճառով դժուար կ’ըլլայ որ ճիշդը սխալէն զանազանեն (Եբ. 5։11-14)։ Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Ոմանք երթալէն աւելի կ’ուզեն նիւթական բաներ ունենալ, եւ բնա՛ւ լման ‘չեն կշտանար’ (Ժող. 5։10)։ Բայց կայ բան մը որ կրնանք ընել այս մտածելակերպին դէմ պայքարելու համար. կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը կարդալ։ Յիսուս Եհովային Խօսքին վրայ խոկալով կրցաւ փորձութիւններուն դէմ դնել։ Մենք ալ եթէ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները գործադրենք մեր կեանքին մէջ, պիտի կարենանք նիւթապաշտութեան դէմ պայքարիլ (Մատ. 4։8-10)։ Այսպիսով, պիտի ցուցնենք Յիսուսին որ նիւթական բաներէ աւելի կը սիրենք զինք։ դ17.05 26 ¶17