Մարտ
Ուրբաթ, մարտ 1
Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Ժողովքիդ մէջ կա՞յ անձ մը, որ քեզ ջղագրգիռ կը դարձնէ։ Եթէ բան մը չընես, որ այս ժխտական զգացումներդ վերցնես, ատոնք պիտի մնան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ եթէ հիւրասէր գտնուինք, կրնանք ուրիշներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը լաւացնել, նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հետ (Առ. 25։21, 22)։ Եթէ անձ մը տունդ հրաւիրես, թերեւս կարենաս ժխտական զգացումներէդ ազատիլ եւ աւելի խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալ անոր հետ։ Թերեւս սկսիս անոր մէջ տեսնել այն լաւ յատկութիւնները, որ Եհովան տեսաւ երբ զինք ճշմարտութեան քաշեց (Յովհ. 6։44)։ Երբ սէրէ մղուած հրաւիրես մէկը, որ չ’ակնկալեր հրաւէրդ, ասիկա կրնայ դուռ բանալ որ լաւ բարեկամութիւն մը հաստատուի։ Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ սէրէ մղուած կը հրաւիրես։ Կերպերէն մէկն է՝ այս օրուան համարին խրատը գործադրել։ Կրնանք մտածել թէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ բաներու մէջ իրապէս մեզմէ աւելի լաւ են։ Թերեւս կրնանք սորվիլ իրենց հաւատքէն, համբերատարութենէն, քաջութենէն կամ ուրիշ յատկութիւններէ։ Անոնց լաւ յատկութիւններուն մասին մտածելը պիտի օգնէ, որ զիրենք աւելի սիրենք եւ սրտանց հիւրասիրենք։ դ18.03 17 ¶18-19
Շաբաթ, մարտ 2
Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի (Բ. Պետ. 3։9)։
Զաւակի մը վտարումը ամէնէն դժուար պարագաներէն է, որ կարգ մը ծնողներուն հնազանդութիւնը կը փորձէ։ Քոյր մը, որուն վտարուած աղջիկը տունը ձգեց, կը խոստովանի. «Մեր հրատարակութիւններուն մէջ կը փնտռէի, թէ ի՛նչ պատճառներ կրնայի գտնել, որպէսզի ժամանակ անցընէի աղջիկիս եւ անոր աղջկան հետ»։ Բայց իր ամուսինը ազնուութեամբ օգնեց իրեն որ տեսնէ, թէ այլեւս իրենց աղջկան պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ չէր եւ թէ պէտք էր հաւատարիմ ըլլային Եհովային։ Քանի մը տարի ետք, աղջիկը վերահաստատուեցաւ։ Մայրը կ’ըսէ. «Ան շատ կը յարգէ զիս եւ ամուսինս, քանի որ գիտէ որ Եհովային հնազանդեցանք»։ Եթէ վտարուած զաւակ մը ունիս, պիտի գործադրե՞ս այս խրատը. «Բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (Առ. 3։5, 6)։ Ուրեմն, ո՛վ ծնողք, վստահութիւն ունեցէք Եհովային կրթութեան եւ առաջնորդութեան հանդէպ, նոյնիսկ երբ իրեն հնազանդիլը ցաւ պիտի պատճառէ ձեզի։ Գործեցէք Եհովային կրթութեան համաձայն, եւ ոչ թէ ատոր դէմ։ դ18.03 31 ¶12-13
Կիրակի, մարտ 3
Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք (Մատ. 28։19)։
Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ մէկը ո՛ր տարիքին պէտք է մկրտուի։ Մատթէոս 28։19–ին մէջ «աշակերտեցէք» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ մէկու մը սորվեցնել այն նպատակով, որ Քրիստոսին աշակերտը դառնայ։ Աշակերտը անձ մըն է, որ Յիսուսին սորվեցուցածները կը սորվի ու կը հասկնայ եւ կ’ուզէ իրեն հնազանդիլ։ Ուրեմն, բոլոր ծնողներուն նպատակը պէտք է ըլլայ՝ պզտիկութենէն սորվեցնել իրենց զաւակներուն, այն նպատակով որ անոնց օգնեն մկրտուելու եւ Քրիստոսին աշակերտը դառնալու։ Անշուշտ, մանուկները որակեալ չեն մկրտուելու։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ նոյնիսկ բաղդատաբար տարիքով պզտիկները կրնան ճշմարտութիւնը հասկնալ եւ սիրել։ Օրինակ՝ Տիմոթէոսը աշակերտ մըն էր, որ իր պզտիկ տարիքին որոշեց Եհովային ծառայել։ Ան շատ զօրաւոր հաւատք ունէր (Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15)։ Երբ որակեալ եղաւ որ յատուկ նշանակումներ ստանայ ժողովքին մէջ, թերեւս իր պատանեկութեան վերջաւորութեան էր կամ 20–ական տարիքին սկիզբն էր (Գործք 16։1-3)։ դ18.03 9 ¶4-5
Երկուշաբթի, մարտ 4
Վերանորոգուեցէ՛ք. . . ձեր մտածելակերպը փոխելով (Եփ. 4։23, ՆԹ)։
Երբ սկսանք Եհովա Աստուծոյ ծառայել, կարգ մը փոփոխութիւններ ըրինք, որոնք մեր կեանքի բոլոր մարզերուն ազդեցին։ Եւ փոփոխութիւն մտցնելը չվերջացաւ երբ մկրտուեցանք։ Բոլորս անկատար ըլլալով, պէտք է շարունակենք մեր մտածելակերպը նորոգել (Փլպ. 3։12, 13)։ Ըլլանք երիտասարդ կամ տարեց, կրնանք մենք մեզի հարցնել. «Կը նկատե՞մ որ երթալով աւելի հոգեւոր անձ կ’ըլլամ։ Անձնաւորութիւնս կը նմանի՞ Քրիստոսին անձնաւորութեան։ Ժողովներուն ատեն կեցուածքս եւ վարուելակերպս ի՞նչ կը յայտնեն հոգեւորութեանս խորութեան մասին։ Զրոյցներս ի՞նչ ցոյց կու տան փափաքներուս մասին։ Սերտելու սովորութիւններս, հագուելակերպս եւ հակազդեցութիւնս՝ երբ խրատուիմ, ի՞նչ կը բացայայտեն իմ մասիս։ Ինչպէ՞ս կը հակազդեմ երբ փորձութեան մը առջեւ գտնուիմ։ Հասուն քրիստոնեայ եղա՞ծ եմ» (Եփ. 4։13)։ Այս հարցումներուն պատասխանները կ’օգնեն որ գիտնանք, թէ հոգեւորապէս որքան յառաջդիմած ենք։ դ18.02 24 ¶4-5
Երեքշաբթի, մարտ 5
Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է (Սաղ. 144։15)։
Մարդկութեան պատմութեան մէջ որեւէ ատենէ աւելի յատուկ ժամանակի մը մէջ կ’ապրինք։ Եհովան կը հաւաքէ «մեծ բազմութիւն մը. . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը մարգարէացած էր։ Անոնք աւելի քան ութ միլիոն ուրախ անհատներէ կազմուած «մեծ ազգ» մըն են, որ «իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր» (Յայտ. 7։9, 15. Եսա. 60։22)։ Բնաւ չէ պատահած որ այսքան շատ մարդիկ սիրեն Աստուած եւ մարդ արարածը։ Բայց Սուրբ Գիրքը նաեւ մարգարէացաւ որ մեր օրերուն, Աստուծմէ հեռացած մարդիկը պիտի ունենային տարբեր տեսակի սէր, որ անձնասիրութեամբ յատկանշուած է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Վերջին օրերը. . . մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր. . . աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմ. 3։1-4)։ Այս տեսակի սէրը հակառակ է Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն, եւ անձնասէր աշխարհ մը կը ստեղծէ ու կեանքը աւելի դժուար կը դարձնէ։ դ18.01 22 ¶1-2
Չորեքշաբթի, մարտ 6
Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան (Առ. 28։5)։
Ճշգրիտ գիտութիւնը ձգեց որ Նոյ հաւատք եւ իմաստութիւն ունենայ։ Ասիկա զինք պաշտպանեց մանաւանդ հոգեւոր վնասներէ։ Օրինակ, որովհետեւ կ’ուզէր Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, չընկերակցեցաւ անաստուած եւ Եհովան մերժող անհատներու։ Ան չխաբուեցաւ եւ չտպաւորուեցաւ երկիր իջած հրեշտակներուն գերմարդկային կարողութիւններով։ Անդին, անհաւատ մարդիկը թերեւս նոյնիսկ փորձեցին զիրենք պաշտել (Ծն. 6։1-4, 9)։ Նոյ նաեւ գիտէր որ Եհովան պատուիրած էր, որ մարդի՛կ պզտիկ բերեն եւ երկիրը լեցնեն (Ծն. 1։27, 28)։ Ասոր համար, երբ դեւերը կիներ առին եւ պզտիկ ունեցան, Նոյ գիտէր որ ասիկա անբնական եւ սխալ էր։ Այս իրողութիւնը աւելի յստակ դարձաւ, երբ այդ պզտիկները բոլոր միւս պզտիկներէն աւելի հսկայ եւ զօրաւոր դարձան։ Ի վերջոյ, Աստուած Նոյին ըսաւ որ ջրհեղեղ պիտի բերէր եւ բոլոր չարերը կործանէր։ Որովհետեւ Նոյ այդ զգուշացումին հաւատաց, տապանը շինեց եւ իր ընտանիքը փրկեց (Եբ. 11։7)։ դ18.02 9 ¶8
Հինգշաբթի, մարտ 7
Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ (Ա. Կոր. 15։10)։
Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ես, Եհովան պատրաստ է քեզի օգնելու որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ շտկես։ Բայց պէտք է ընդունիս այն օգնութիւնը, որ երէցներուն միջոցաւ կու տայ (Առ. 24։16. Յակ. 5։13-15)։ Ուրեմն ուշի մի՛ մնար. յաւիտենական կեանքդ ասկէ կախեալ է։ Բայց հաշուէ որ մեղքդ ներուելէն բաւական ետք տակաւին խիղճդ կը տանջէ։ Ի՞նչ պէտք է ընես։ Կային ժամանակներ, երբ Պօղոս առաքեալ կը նեղանար անցեալին իր ըրած մեղքերուն պատճառով։ Ան ըսաւ. «Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի» (Ա. Կոր. 15։9)։ Եհովան Պօղոսը ընդունեց հակառակ իր անցեալի սխալներուն, եւ ուզեց որ Պօղոս ասիկա ըմբռնէ։ Եթէ դուն ալ անկեղծօրէն զղջացած ես ըրածներուդ վրայ եւ զանոնք խոստովանած ես Եհովային,– եւ երէցներուն՝ եթէ պէտք էր,– կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի ներէ քեզի։ Ուրեմն, հաւատա՛ որ Եհովան քեզի ներած է եւ իր ներումը ընդունէ՛ (Եսա. 55։6, 7)։ դ18.01 11 ¶17-18
Ուրբաթ, մարտ 8
Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ (Յակ. 4։8)։
Եհովային բարեկամը ըլլալու համար, պէտք է իրեն թէ՛ մտիկ ընենք եւ թէ խօսինք։ Սուրբ Գիրքը սերտելը գլխաւոր կերպն է, որ Եհովային մտիկ ընենք։ Ուրեմն պէտք է կարդանք ու խոկանք՝ Աստուծոյ Խօսքին եւ սուրբգրային հրատարակութիւններուն վրայ։ Բայց Սուրբ Գիրքը սերտելը՝ դպրոցական քննութեան յաջողելու համար տեղեկութիւններ գոց սորվելուն չի նմանիր։ Հապա՝ ատիկա կը նմանի հետաքրքրական ճամբորդութեան մը, ուր Եհովային անձնաւորութեան մասին նոր–նոր կէտեր մէջտեղ կը հանես։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ մօտենաս, եւ ետքը ան ալ քեզի պիտի մօտենայ։ Եհովայի կազմակերպութիւնը բազմաթիւ գործիքներ կու տայ, որոնք կրնան քեզի օգնել սերտելու։ Օրինակ, jw.org կայքին մէջ կայ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին Study Guides, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ հաւատալիքներուդ աւելի համոզուիս (Սաղ. 119։105)։ դ17.12 24-25 ¶8-9
Շաբաթ, մարտ 9
Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ (Եսա. 11։9)։
Նկատէ թէ այս խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ, քանի որ «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի»։ Եւ քանի որ անասունները չեն կրնար Աստուծոյ մասին գիտութիւն առնել, ուրեմն այս մարգարէութիւնը կը նշէ այն փոփոխութիւնները, որ մարդիկ իրենց անձնաւորութեան մէջ կ’ընեն (Եսա. 11։6, 7)։ Մեր եղբայրներէն շատեր նախապէս գայլերու պէս վայրենի էին, բայց հիմա խաղաղասէր են։ Անոնց փորձառութիւններէն ոմանք կրնաս կարդալ Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ, որ նաեւ մատչելի է jw.org կայքին մէջ։ Նախապէս վայրագ եղող անհատներ ‘նոր մարդը իրենց վրայ հագած են, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’ (Եփ. 4։23, 24)։ Երբ մարդիկ Աստուծոյ մասին սորվին, կ’անդրադառնան որ պէտք է իր չափանիշներուն հետեւին։ Ասիկա իրենց կ’օգնէ, որ փոփոխութիւններ մտցնեն իրենց հաւատալիքներուն, կեցուածքներուն եւ վարուելակերպին մէջ։ Այսպիսի փոփոխութիւններ ընելը դիւրին չէ, բայց սուրբ հոգին պիտի օգնէ անոնց, որոնք անկեղծօրէն կ’ուզեն Աստուծոյ կամքը կատարել։ դ18.01 31 ¶15-16
Կիրակի, մարտ 10
Ամէն մէկը [պիտի վերակենդանանայ] իր կարգովը (Ա. Կոր. 15։23)։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ երկնային յարութիւն առնողները՝ «ամէն մէկը իր կարգովը» կը յարուցանուի։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ երկրային յարութիւնն ալ կազմակերպուած կերպով տեղի պիտի ունենայ։ Այս յոյսը մեր հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ Արդեօք վերջերս մահացողները Քրիստոսին հազարամեայ իշխանութեան սկի՞զբը յարութիւն պիտի առնեն եւ իրենց ծանօթները զիրենք պիտի դիմաւորեն։ Արդեօք անցեալի հաւատարիմ մարդիկը, որոնք կարող առաջնորդներ էին, աւելի կանո՞ւխ յարութիւն պիտի առնեն, որպէսզի օգնեն Աստուծոյ ժողովուրդը կազմակերպելու նոր աշխարհին մէջ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն մարդոց, որոնք բնա՛ւ չծառայեցին Եհովային։ Անոնք ե՞րբ եւ ո՞ւր յարութիւն պիտի առնեն։ Թերեւս ասոնց պէս շատ մը հարցումներ մեր միտքէն անցնին։ Բայց խօսքին բացը, պէտք կա՞յ որ հի՛մա մեր միտքին մէջ առնենք–տանք այս բաներուն մասին։ Աւելի լաւ չ’ը՞լլար որ սպասենք ու տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի ընէ այս բաները։ Մինչ այդ, պէտք է մեր հաւատքը զօրացնենք Եհովային հանդէպ, որ Յիսուսին միջոցաւ մեզի խոստացաւ որ Իր յիշողութեան մէջ եղող մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Յովհ. 5։28, 29. 11։23)։ դ17.12 12 ¶20-21
Երկուշաբթի, մարտ 11
Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։ Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։ Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն (Կող. 3։18-20)։
Այս խրատը ամբողջ ընտանիքին կ’օգնէ։ Եհովան ամուսիններուն կ’ըսէ. «Սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց»։ Սիրալիր ամուսին մը իր կինը կը պատուէ՝ անոր կարծիքը առնելով եւ գիտցնելով որ անոր ըսածներուն արժէք կու տայ (Ա. Պետ. 3։7)։ Թէեւ միշտ չէ որ կրնայ անոր ուզածը ընել, բայց եթէ անոր մտիկ ընէ, թերեւս աւելի լաւ որոշումներ առնէ (Առ. 15։22)։ Սիրալիր ամուսին մը իր կնոջմէն չի պահանջեր որ զինք յարգէ, հապա կը փորձէ շահի՛լ անոր յարգանքը։ Եթէ ամուսինը կը սիրէ իր կինը եւ զաւակները, աւելի հաւանականութիւն կայ որ իր ընտանիքը ուրախութեամբ Եհովային ծառայէ եւ կեանքի մրցանակը շահի։ դ17.11 28 ¶12. 29 ¶15
Երեքշաբթի, մարտ 12
Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով (Կող. 2։8)։
Ըստ երեւոյթին, Պօղոս առաքեալ կողոսացիներուն ուղղած իր նամակը գրեց, երբ տակաւին Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, շուրջ Ք.Ե. 60-61–ին։ Անոնց բացատրեց թէ կարեւոր է որ «հոգեւոր հանճար» ունենան, այսինքն՝ Եհովային աչքով նային հարցերուն (Կող. 1։9)։ Ան ըսաւ. «Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։4, 8)։ Նաեւ բացատրեց որ ինչո՛ւ կարգ մը տարածուած գաղափարներ սխալ են եւ ինչո՛ւ շատեր զանոնք կը սիրեն։ Օրինակ, ատոնք կրնան պատճառ դառնալ, որ անհատը ինքզինք ուրիշներէն աւելի բարձր կամ իմաստուն զգայ։ Պօղոս այս նամակը գրեց, որպէսզի եղբայրներուն օգնէ որ աշխարհային մտածելակերպ չունենան եւ հեռու մնան սխալ սովորութիւններէն (Կող. 2։16, 17, 23)։ դ17.11 20 ¶1
Չորեքշաբթի, մարտ 13
Եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ (Մատ. 18։8)։
Քրիստոնեան թերեւս ստիպուի որ ի՞նչ բաներէ վազ անցնի, որպէսզի շարունակէ Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալ։ Ան պէտք է պատրաստ ըլլայ նոյնիսկ իր սիրած բաներէն վազ անցնելու, եթէ կրնան պատճառ դառնալ որ մեղքի մէջ իյնայ (Մատ. 18։9)։ Օրինակ, եթէ ընկերներդ կը քաջալերեն որ ընես բաներ, որ Եհովան չեն ուրախացներ, պիտի դադրեցնե՞ս ընկերակցութիւնդ անոնց հետ։ Եթէ դժուարութիւն ունիս խմիչք խմելու մէջ չափաւոր ըլլալու, հեռու պիտի մնա՞ս այն պարագաներէն, ուր վտանգ կայ որ չափէ դուրս խմես։ Եթէ սեռային անբարոյ ցանկութիւններու դէմ կը պայքարիս, պիտի մերժե՞ս այն ֆիլմերը, կայքերը կամ գործունէութիւնները, որոնք կրնան անմաքուր մտածումներ ծագեցնել։ Միտքդ պահէ թէ կ’արժէ ընել որեւէ զոհողութիւն, որպէսզի Եհովային հնազանդ մնաս։ Ամէնէն գէշ բանն է որ զգաս թէ ան քեզմէ հեռացած է։ Իսկ ամէնէն աղուոր բանն է, որ իր «հաւատարիմ սէր»ը զգաս (Եսա. 54։7, 8, ՆԱ)։ դ17.11 11 ¶12
Հինգշաբթի, մարտ 14
Ասիկա բոլոր երկրի երեսին վրայ ելլող անէծքն է, քանզի ամէն գողութիւն ընող. . . պիտի կտրուի (Զաք. 5։3)։
Զաքարիա 5։4–ին մէջ նկատեցի՞ր որ «անէծքը. . . գողին տունը. . . պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա. . . պիտի սպառէ»։ Ուրեմն Եհովան կրնայ իր ժողովուրդին մէջ պատահած որեւէ սխալ արարք մէջտեղ հանել եւ զայն դատել։ Նոյնիսկ եթէ գողութիւն ընողը իր ըրածը պահէ ոստիկաններէն, գործատէրերէն, երէցներէն կամ ծնողքէն, չի կրնար Եհովայէն պահել։ Աստուած կը վստահեցնէ որ գողութիւնը մէջտեղ պիտի ելլէ, ինչ ալ ըլլայ անոր տեսակը (Եբ. 4։13)։ Իրապէս ուրախ կ’ըլլանք, երբ կ’ընկերակցինք մարդոց, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ ‘ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ վարուին’ (Եբ. 13։18, ԱԾ)։ Եհովան չի սիրեր գողութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ ատոր տեսակը։ Մեզի համար պատիւ է Եհովային բարոյական չափանիշները գիտնալ, անոնց հնազանդիլ եւ այնպէս մը ապրիլ, որ ո՛չ մէկ ձեւով անարգանք բերենք իր անուան։ Այսպէս վարուելով՝ պիտի չստանանք այն դատավճիռը, որ Եհովան կ’արձակէ իրեն չհնազանդողներուն դէմ։ դ17.10 22 ¶6-7
Ուրբաթ, մարտ 15
Ջանացէք Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել (Եփ. 4։3)։
Մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ խաղաղութիւն ունենանք մեր եղբայրներուն հետ, նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ դիմացինը սխալ հասկցած է մեզ կամ անարդարօրէն վարուած է մեզի հետ (Հռով. 12։17, 18)։ Եթէ մէկը ցաւցուցած ենք, պարզապէս պէտք է ներողութիւն խնդրենք. բայց պէտք է անկեղծ ըլլանք։ Խաղաղութիւնը շատ կարեւոր է ամուսնութեան մէջ։ Ամուսին մը ու կին մը պէտք չէ մարդոց առջեւ ձեւացնեն որ իրար կը սիրեն, մինչ երբ առանձին են՝ իրարու հետ չեն խօսիր, իրար կը վիրաւորեն կամ բռնութեամբ կը վարուին։ Նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլանք առատօրէն ներելու։ Եթէ մէկը մեզ նեղացնէ, իրեն կը ներենք եւ մեր վիրաւորուած զգացումները մէկ կողմ կը դնենք։ Մեր ներողամտութիւնը անկեղծ ըլլալու համար, պէտք չէ շարունակենք մտածել դիմացինին ըրած սխալին մասին, քանի որ սէրը «վիրաւորանքները չի հաշուեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5, ՆԱ)։ Եթէ ոխ պահենք, կրնանք վնասել թէ՛ մեր եղբօր կամ քրոջ հետ մեր փոխյարաբերութեան եւ թէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան (Մատ. 6։14, 15)։ դ17.10 10 ¶14-15
Շաբաթ, մարտ 16
Պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկեր է (Զաք. 6։15)։
Զաքարիային խօսքերը ինչպէ՞ս ազդեցին իր օրուան հրեաներուն։ Եհովան խոստացած էր որ իրենց պիտի օգնէր եւ պաշտպանէր, որպէսզի կարենային տաճարը ամբողջացնել։ Ասիկա յոյս տուաւ իրենց։ Բայց այսքան քիչ թիւով մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի կրնային վերջացնել այս մեծ գործը։ Զաքարիան անոնց կ’ըսէ բան մը, որ անոնց բոլոր վախերը եւ կասկածները կը հեռացնէ։ Աստուած կ’ըսէ որ շատեր «պիտի գան ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինեն»՝ Հեղդային, Տուբիային եւ Յեդայիային պէս հաւատարիմ տղամարդոց կողքին։ Հրեաները շուտով գործի կ’անցնին եւ շինարարութիւնը կը շարունակեն, վստահ ըլլալով որ Եհովան իրենց պիտի օգնէ, հակառակ որ պարսիկներու թագաւորը արգիլած է գործը։ Այս արգելքը լեռի մը պէս էր իրենց աչքին, բայց շատ չանցած՝ Եհովան կը հանէ զայն։ Վերջապէս, Ք.Ա. 515–ին տաճարը կը վերջանայ (Եզր. 6։22. Զաք. 4։6, 7)։ Բայց Եհովային այդ խօսքերը շատ աւելի մեծ բաներ կը նկարագրեն, որոնք մեր օրերուն կը պատահին։ դ17.10 29 ¶17
Կիրակի, մարտ 17
Քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր (Ա. Մն. 28։20)։
Սողոմոն յատուկ առանձնաշնորհում մը ստացաւ։ Եհովան զինք ընտրեց որ Երուսաղէմի տաճարին շինարարութեան վրայ վերահսկէ։ Ատիկա ‘մեծ, բարձր ու ամէն երկիրներու մէջ անուանի ու փառաւոր պէտք էր ըլլար’։ Աւելի կարեւորը, «Տէր Աստուծոյ տունը» պիտի ըլլար (Ա. Մն. 22։1, 5, 9-11)։ Դաւիթ թագաւորը վստահ էր որ Աստուած պիտի օգնէր Սողոմոնին։ Բայց Սողոմոն փորձառու չէր եւ պատանի էր։ Ան քաջութիւնը պիտի ունենա՞ր որ տաճարը շինելու նշանակումը ընդունէր։ Իր պատանի ըլլալը եւ փորձառութիւն չունենալը արգելք պիտի ըլլայի՞ն։ Յաջողելու համար, պէտք էր քաջ ըլլար եւ գործի անցնէր։ Եթէ քաջ չըլլար, վախը կրնար ձեռքերը–ոտքերը կապել ու ձգել որ չսկսի գործը, եւ ասիկա աւելի գէշ պիտի ըլլար քան՝ իր նշանակումին մէջ ձախողիլը։ Մենք Սողոմոնին պէս Եհովային օգնութեան պէտք ունինք, որ քաջ ըլլանք եւ գործը վերջացնենք։ դ17.09 28 ¶1-2. 29 ¶4-5
Երկուշաբթի, մարտ 18
Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ (Եսա. 40։8)։
Կրնա՞ս երեւակայել կեանքդ ինչպէ՛ս կ’ըլլար առանց Սուրբ Գիրքին։ Վստահելի խրատներ պիտի չունենայիր ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ։ Ճշմարտութիւնը պիտի չգիտնայիր Աստուծոյ, կեանքին կամ ապագային մասին։ Եւ ո՛չ մէկ գաղափար պիտի ունենայիր, թէ Եհովան մարդոց համար ի՛նչ ըրած է անցեալին։ Փառք Աստուծոյ որ այս ցաւալի վիճակին մէջ չենք։ Եհովան մեզի տուած է իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը, եւ խոստացած է որ ատոր պատգամը յաւիտեան պիտի մնայ։ Պետրոս առաքեալ մէջբերեց Եսայի 40։8–ը։ Այս համարը կ’ակնարկէ մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ պատգամին, բայց ընդարձակ կիրարկումով՝ Սուրբ Գիրքին (Ա. Պետ. 1։24, 25)։ Դարերու ընթացքին, անկեղծ մարդիկ շատ ջանք թափած են, որ Սուրբ Գիրքը թարգմանեն եւ զայն տարածեն, թէեւ դժուարութիւններ ունեցած են եւ ծանր հակառակութեան հանդիպած են։ Եհովան կ’ուզէ որ ամէն տեսակ մարդիկ «փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ17.09 18 ¶1-2
Երեքշաբթի, մարտ 19
Դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ (Ծն. 39։9)։
Յովսէփին պատահածը այսօր կը պատահի շատ մը քրիստոնեայ պատանիներու (Ծն. 39։7)։ Նկատի առ Քիմ անունով պատանուհի մը։ Յաճախ իր դասընկերներուն մեծամասնութիւնը հպարտանալով կը խօսէին շաբաթավերջին իրենց ունեցած սեռային փորձառութիւններուն մասին։ Քիմ պատմելիք այսպիսի պատմութիւններ չունէր։ Ան կը խոստովանի որ ուրիշներէն տարբեր ըլլալուն պատճառով ատեններ «միսմինակ» կը զգար, եւ իր դասընկերները ապուշի տեղ կը դնէին զինք, քանի որ տղու մը հետ դուրս չէր ելլեր։ Բայց իրականութեան մէջ, Քիմին կեցուածքը իմաստութիւն էր, քանի որ գիտէր թէ իր տարիքին սեռային ցանկութիւնը զօրաւոր կ’ըլլայ (Բ. Տիմ. 2։22)։ Միւս աշակերտները յաճախ իրեն կը հարցնէին, որ տակաւին կոյս է կամ ոչ։ Ասիկա իրեն առիթ կու տար որ բացատրէ, թէ ինչո՛ւ սեռային յարաբերութիւն չ’ունենար։ Մենք հպարտ ենք այն պատանիներով, որոնք որոշած են դէմ դնել անբարոյ կեանք ունենալու ճնշումին, եւ Եհովա՛ն ալ հպարտ է անոնցմով։ դ17.09 4 ¶8. 5 ¶10
Չորեքշաբթի, մարտ 20
Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս (Սաղ. 37։8)։
Շուտ ջղայնացող անհատները ընդհանրապէս վիրաւորական խօսքերով կը պարպեն իրենց ջղայնութիւնը։ Յստակ է թէ այս վարմունքը չի ձգեր որ մէկու մը ընտանեկան կեանքը ուրախ ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը զգուշացում կու տայ մեզի, որ չբարկանանք, վիրաւորական խօսքեր չըսենք եւ չպոռանք–կանչենք (Եփ. 4։31)։ Ցաւօք սրտի, այս բաները յաճախ կ’առաջնորդեն վայրագութեան։ Այս աշխարհին մէջ, վայրագութիւնը շատ մը մարդոց աչքին բնական բան մըն է, բայց ատիկա մեր Ստեղծիչը կ’անարգէ։ Մեր եղբայրներէն շատեր իրենց այս վնասակար սովորութիւնները փոխած են եւ նոր անձնաւորութիւնը հագած են (Կող. 3։8-10)։ Ստախօսութիւնն ալ հին անձնաւորութեան մաս կը կազմէ։ Օրինակ, շատեր սուտ կը խօսին, որպէսզի տուրք չվճարեն կամ իրենց սխալներուն պատասխանատուութիւնը չշալկեն։ Անդին, Եհովան ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է (Սաղ. 31։5)։ Ասոր համար, ան կ’ուզէ որ բոլոր զինք պաշտողները ‘ճշմարտութիւնը խօսին’ եւ ‘չստեն’ (Եփ. 4։25. Կող. 3։9)։ Ուրեմն, պէտք է ճիշդը ըսենք, նոյնիսկ եթէ ասիկա դժուար է կամ նեղացուցիչ է (Առ. 6։16-19)։ դ17.08 18 ¶3, 5. 20 ¶12-13, 15
Հինգշաբթի, մարտ 21
Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ (Սաղ. 147։15)։
Ներկայիս, Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Եւ «իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ», այսինքն՝ Եհովան ճի՛շդ ժամանակին եւ ճի՛շդ կերպով կ’առաջնորդէ մեզ։ Մտածէ թէ որքա՛ն կ’օգտուիս Սուրբ Գիրքէն, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւններէն, JW Հեռատեսիլի կայանէն, jw.org կայքէն, երէցներէն եւ եղբայրներէն ու քոյրերէն (Մատ. 24։45)։ Անձամբ չե՞ս շօշափած որ Եհովան ինչպէ՛ս արագօրէն ուղղութիւն կու տայ քեզի։ Սաղմոսերգուն գիտէր թէ Աստուծոյ ժողովուրդը որքա՛ն յատուկ տեղ ունէր իր աչքին։ Իսրայէլացիները միակ ազգն էին, որ ստացած էր Աստուծոյ «խօսքը» եւ «իր կանոնները ու դատաստանները» (Սաղ. 147։19, 20)։ Ներկայիս, մեզի համար մեծ պատիւ է Աստուծոյ անունը կրելը։ Երախտապարտ ենք որ Եհովան կը ճանչնանք եւ իր Խօսքով կ’առաջնորդուինք, եւ այսպիսով իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն կը վայելենք։ 147–րդ սաղմոսը գրողին պէս, շատ պատճառներ ունիս որ ‘գովես Տէրը’ եւ ուրիշներ ալ քաջալերես որ նոյնը ընեն։ դ17.07 20 ¶15-16. 21 ¶18
Ուրբաթ, մարտ 22
Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ (Բ. Տիմ. 2։4)։
Ներկայիս, Յիսուսին հետեւորդները, մէջը ըլլալով աւելի քան մէկ միլիոն լիաժամ ծառաներ, իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ Պօղոսին վերոնշեալ խրատը գործադրեն։ Անոնք ականջ չեն կախեր այս ագահ աշխարհին ծանուցումներուն, միտքերնին բերելով այս սկզբունքը. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ» (Առ. 22։7)։ Սատանան կ’ուզէ որ մեր ամբողջ ժամանակով ու կորովով գերի ըլլանք իր վաճառական աշխարհին։ Կարգ մը մարդիկ մեծ պարտքերու տակ կը մտնեն որպէսզի տուն գնեն, ինքնաշարժ գնեն, ուսում առնեն կամ նոյնիսկ մեծ հարսանիքներ ընեն։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք տարիներով պարտքի տակ մնալ։ Իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք երբ մեր կեանքը պարզացնենք, պարտքի առնելը թեթեւցնենք եւ աւելի քիչ դրամ ծախսենք։ Այսպիսով, ազատ պիտի ըլլանք Աստուծոյ ծառայելու, փոխանակ այս վաճառական աշխարհին գերին ըլլալու (Ա. Տիմ. 6։10)։ դ17.07 10 ¶13
Շաբաթ, մարտ 23
Ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ ու ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ (Սաղ. 119։128)։
Եհովան տիեզերքի Գերիշխանն է։ Ան վերջին ծայր արդար կերպով կը գործածէ իր հեղինակութիւնը։ Մեզի կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. քանզի ես ասոնց կը հաճիմ» (Եր. 9։24)։ Ան մարդկային օրէնքներու պէտք չունի, որպէսզի իրեն օգնեն որոշելու թէ ի՛նչը արդար է։ Ընդհակառակը, ի՛նքն է որ արդարութեան չափանիշը կը դնէ։ Եւ իր կատարեալ արդարութեան հիման վրայ օրէնքներ տուաւ մարդոց։ ‘Արդարութիւնը ու իրաւունքը իր աթոռին հիմն են’. ուրեմն կրնանք վստահ ըլլալ որ իր բոլոր օրէնքները, սկզբունքները եւ որոշումները արդար են (Սաղ. 89։14)։ Անդին, Սատանան չէ կրցած արդարութիւն բերել աշխարհին, հակառակ որ ամբաստանած է թէ Աստուած արդար չէ։ դ17.06 28 ¶5
Կիրակի, մարտ 24
Ո՛վ Տէր Եհովա. . . քու խօսքերդ ճշմարիտ են (Բ. Թագ. 7։28)։
Եհովան ճշմարտութեան Աստուած է (Սաղ. 31։5)։ Ան առատաձեռն Հայր մըն է եւ կ’ուզէ որ այս ճշմարտութիւնները մեզի փոխանցէ։ Մինչեւ հիմա բազմաթիւ ճշմարտութիւններ սորված ենք Աստուծոյ Խօսքէն, մեր հրատարակութիւններէն, համաժողովներէն եւ շաբաթական ժողովներէն։ Մինչ ա՛լ աւելի ճշմարտութիւններ կը հաւաքենք, ժամանակի ընթացքին կ’ունենանք «նոր ու հին» ճշմարտութիւններ պարունակող «գանձ մը», ինչպէս որ Յիսուս նկարագրեց (Մատ. 13։52)։ Եթէ ճշմարտութիւնները փնտռենք ինչպէս որ պահուած թանկագին առարկաները կը փնտռենք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ նոր ճշմարտութիւններով լեցնենք մեր «գանձ»ը (Առ. 2։4-7)։ Ինչպէ՞ս։ Պէտք է Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները կանոնաւորաբար սերտենք եւ բծախնդրութեամբ պրպտումներ ընենք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ «նոր» ճշմարտութիւններ գտնենք, այսինքն՝ ինչ որ ասկէ առաջ չէինք գիտեր (Յես. 1։8, 9. Սաղ. 1։2, 3)։ Արդարեւ, պէտք է սրտանց ջանանք աւելի ճշմարտութիւններ հաւաքել։ դ17.06 12 ¶13-14
Երկուշաբթի, մարտ 25
Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ (Եր. 29։12)։
Ամուրի երիտասարդ եղբայր մը, որ պիտի կոչենք Էտուարտօ, կը մտածէր Ա. Կորնթացիս 7։28–ին մասին, որ կ’ըսէ թէ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան»։ Ան Սթիվըն անունով ամուսնացած երէցի մը հարցուց. «Այստեղ նշուած ‘նեղութիւնը’ ի՞նչ է, եւ ատոր հետ ինչպէ՞ս գլուխ պիտի ելլեմ երբ ամուսնանամ»։ Առաջ որ Սթիվըն պատասխանէ հարցումին, Էտուարտոյէն խնդրեց որ նկատի առնէ Պօղոս առաքեալին խօսքը, թէ Եհովան ‘ամէն մխիթարութեան Աստուածն է, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ’ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Եհովան, մեր Հայրը, մեզ կը սիրէ եւ դժուարութիւններուն մէջ կը մխիթարէ։ Թերեւս անձնապէս յիշես պարագաներ, երբ Եհովան քեզի օգնած է եւ առաջնորդած է իր Խօսքին միջոցաւ։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ որ ան լաւագոյնը կը կամենայ մեզի, ինչպէս որ անցեալին կը կամենար իր ծառաներուն (Եր. 29։11)։ դ17.06 4 ¶1-2
Երեքշաբթի, մարտ 26
Տէրը կը պահէ պանդուխտները (Սաղ. 146։9)։
Մեր գաղթական եղբայրները դրամէ եւ այլ նիւթական բաներէ աւելի պէտք ունին հոգեւոր եւ զգացական օգնութեան (Մատ. 4։4)։ Երէցները կրնան անոնց լեզուով հրատարակութիւններ ապահովել եւ օգնել որ կապ պահեն եղբայրներու հետ, որոնք իրենց լեզուն կը խօսին։ Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ շատ մը գաղթականներ ստիպուած ետեւ ձգած են բոլոր այն բաները, որոնց շատ կապուած են, ինչպէս՝ իրենց ընտանիքը, շրջանակը եւ ժողովքը։ Անոնք պէտք ունին որ Եհովային սէրն ու կարեկցութիւնը զգան եղբայրներուն մէջ։ Եթէ ասիկա չզգան, անոնք թերեւս դիմեն իրենց ազգականներուն կամ հայրենակիցներուն, որոնք Եհովան չեն պաշտեր (Ա. Կոր. 15։33)։ Երբ անոնց զգալ տանք որ ժողովքին մէկ մասն են, Եհովային հետ աշխատած կ’ըլլանք որ ‘պանդուխտները պահենք’։ Թերեւս գաղթականները չկրնան իրենց երկիրը վերադառնալ այնքան ատեն որ զիրենք հալածողները տակաւին կ’իշխեն։ Նաեւ, շատեր իրենց տեսած բաներով ցնցուած ըլլալով, չեն ուզեր վերադառնալ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ իրենց տեղը ըլլայի, ինչպէ՞ս կ’ուզէի որ ուրիշները հետս վարուին’ (Մատ. 7։12)։ դ17.05 6-7 ¶15-16
Չորեքշաբթի, մարտ 27
Շատերուն սէրը պիտի պաղի (Մատ. 24։12)։
Եթէ մենք մեզի թոյլ տանք որ չափէ դուրս յուսախաբ ըլլանք, մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնայ պաղիլ։ Բոլորս ատեններ յուսախաբութիւններ կ’ունենանք Սատանային այս չար աշխարհին մէջ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Թերեւս խնդիրներ ունինք քանի որ տարիքով կը մեծնանք, մեր առողջութիւնը լաւ չէ կամ դրամական նեղութիւններ կը քաշենք։ Կամ թերեւս տխուր կը զգանք, քանի որ կարգ մը բաներ մեր ուզածին պէս չենք կրնար ընել, կամ ալ մեր յուսացածին պէս չեն ելած։ Բայց բնա՛ւ պէտք չէ ձգենք որ այսպիսի պարագաներ կամ զգացումներ մեզ համոզեն, որ Եհովան երեսի վրայ ձգած է մեզ։ Ընդհակառակը, պէտք է խոկանք այն խօսքերուն վրայ, որոնք կը ցուցնեն թէ Եհովան միշտ կը սիրէ մեզ։ Օրինակ, Սաղմոս 136։23–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Մեր նուաստութեան մէջ մեզ յիշ[եց], որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] յաւիտենական է»։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մտիկ կ’ընէ մեր «աղաչանք»ները եւ անոնց կը պատասխանէ (Սաղ. 116։1. 136։24-26)։ դ17.05 18 ¶8
Հինգշաբթի, մարտ 28
Եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները (Մատ. 6։15)։
Գաղատացիս 2։11-14–ը ցոյց կու տայ, թէ Պետրոս մարդոց հանդէպ վախ ունեցաւ (Առ. 29։25)։ Ան գիտէր թէ Եհովան ի՛նչ կը մտածէր հեթանոսներուն մասին։ Բայց ան վախցաւ որ Երուսաղէմէն եկող հրեայ քրիստոնեաները գէշ կարծիք առնեն իր մասին։ Պօղոս առաքեալ իրեն ըսաւ որ կեղծաւորութիւն կ’ընէր (Գործք 15։12)։ Պետրոս խոնարհութեամբ ընդունեց Պօղոսին խրատը։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Պետրոս իր առանձնաշնորհումները կորսնցուց։ Յետագային, ան նոյնիսկ երկու նամակներ գրեց, որոնք Սուրբ Գիրքին մէկ մասը դարձան։ Եւ ժողովքին գլուխը՝ Յիսուս, շարունակեց զինք գործածել (Եփ. 1։22)։ Այժմ, ժողովքի քոյրերուն ու եղբայրներուն առջեւ առիթ կար որ Պետրոսին ներէին՝ Յիսուսին ու իր Հօր պէս։ Յուսանք որ ո՛չ մէկը գայթակղեցաւ անկատար Պետրոսին սխալին պատճառաւ։ դ17.04 27 ¶16-18
Ուրբաթ, մարտ 29
Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ ըրաւ զանոնք (Բ. Պետ. 2։6)։
Եհովան բոլոր այդ շրջանը կործանեց, որպէսզի գէշ բաներուն վերջ դնէ. բայց այդպիսով ան նաեւ օրինակ մը ձգեց հիմակուան չար մարդոց։ Ճիշդ ինչպէս որ այդ ժամանակ Եհովան վերջ դրաւ բոլոր անբարոյ գործունէութիւններուն, ան ներկայիս ալ ատոնց վերջ պիտի դնէ, երբ այս չար աշխարհը կործանէ։ Սխալ գործունէութիւններուն տեղ ի՞նչ պիտի գայ։ Նոր աշխարհին մէջ զբաղած պիտի ըլլանք շատ մը ուրախ գործունէութիւններով։ Օրինակ՝ երկիրը դրախտի պիտի վերածենք եւ տուներ պիտի շինենք մեզի եւ մեր սիրելիներուն համար։ Նաեւ պիտի դիմաւորենք յարութիւն առած միլիոնաւոր անձեր, եւ անոնց պիտի սորվեցնենք Եհովային մասին եւ մարդոց ի նպաստ իր ըրածներուն մասին (Եսա. 65։21, 22. Գործք 24։15)։ Այդ ժամանակ, մեր կեանքը լեցուն պիտի ըլլայ այնպիսի գործունէութիւններով, որոնք մեզ պիտի ուրախացնեն եւ Եհովային փառք պիտի բերեն։ դ17.04 12 ¶11-12
Շաբաթ, մարտ 30
Իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ (Դատ. 11։31)։
Արդեօք Յեփթայէն առա՞նց մտածելու ըրաւ այս ուխտը։ Ո՛չ, քանի որ ան գիտէր թէ զինք դիմաւորող առաջին անձը կրնար իր աղջիկը ըլլալ։ Հակառակ ասոր, պարագան զգացականօրէն դժուար էր թէ՛ Յեփթայէին եւ թէ իր աղջիկին համար։ Երկուքն ալ պէտք էր զոհողութիւն ընէին։ Երբ Յեփթայէն տեսաւ իր աղջիկը, «իր լաթերը պատռեց» եւ ըսաւ որ իր սիրտը կոտրուեցաւ։ Իսկ աղջիկը ‘իր կուսութեանը վրայ լացաւ’, քանի որ Յեփթայէն տղայ չունէր եւ իր մէկ հատիկ աղջիկը այլեւս չէր կրնար ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալ։ Մէկը պիտի չըլլար որ ընտանիքին անունը եւ ժառանգը փոխանցէր։ Բայց թէ՛ Յեփթայէն եւ թէ իր աղջիկը գիտէին որ իրենց զգացումներէն աւելի կարեւոր բան մը կար։ Յեփթայէն ըսաւ. «Բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել»։ Իսկ իր աղջիկը պատասխանեց. «Բերնէդ ելածը ըրէ ինծի» (Դատ. 11։35-39)։ Յեփթայէն եւ իր աղջիկը հաւատարիմ անձեր էին, որոնք նոյնիսկ իրենց միտքին ծայրէն չէին անցըներ Աստուծոյ ըրած իրենց ուխտը կտրել, որքան ալ սուղի պայթէր իրենց (Բ. Օր. 23։21, 23. Սաղ. 15։4)։ դ17.04 4 ¶5-6
Կիրակի, մարտ 31
Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ (Միք. 7։7)։
Յովսէփ զոհ գնաց շատ գէշ անարդարութիւններու։ Նախ, երբ շուրջ 17 տարեկան էր, իր եղբայրները զինք որպէս գերի ծախեցին։ Ետքը, անոր մասին սուտ խօսուեցաւ, թէ փորձած էր իր տիրոջ կինը բռնաբարել, եւ այս պատճառով բանտ մտաւ (Ծն. 39։11-20. Սաղ. 105։17, 18)։ Այնպէս կ’երեւէր թէ Յովսէփ օրհնուելու տեղ կը պատժուէր, հակառակ որ Աստուծոյ հաւատարիմ էր։ Բայց 13 տարի ետք, ամէն բան շատ արագ փոխուեցաւ։ Ան բանտէն ելաւ եւ Եգիպտոսին երկրորդ ամէնէն բարձր դիրքին նշանակուեցաւ (Ծն. 41։14, 37-43. Գործք 7։9, 10)։ Անարդարութիւնները ձգեցի՞ն որ Յովսէփ կեանքէն գանի։ Ան զգա՞ց որ Եհովան զինք երեսի վրայ ձգած էր։ Ո՛չ։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ համբերութեամբ սպասէ։ Եհովային հանդէպ իր հաւատքը։ Ան անդրադարձաւ որ հարցերը Եհովայի ձեռքին մէջն էին։ Ասիկա յայտնի է իր խօսքերէն, որ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Թէպէտ դուք ինծի դէմ չարութիւն խորհեցաք, բայց Աստուած զայն աղէկի դարձնել խորհեցաւ. այնպէս որ այս օրուան եղածին պէս» (Ծն. 50։19, 20)։ Ի վերջոյ, Յովսէփ ըմբռնեց որ սպասելը կ’արժէր։ դ17.08 4 ¶6. 6 ¶12-13