Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք19 էջ 37-46
  • Ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 1
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 2
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 3
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 4
  • Ուրբաթ, ապրիլ 5
  • Շաբաթ, ապրիլ 6
  • Կիրակի, ապրիլ 7
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 8
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 9
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 10
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 11
  • Ուրբաթ, ապրիլ 12
  • Շաբաթ, ապրիլ 13
  • Կիրակի, ապրիլ 14
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 15
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 16
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 17
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 18
  • Յիշատակատօնին թուականը
    Արեւամուտէն ետք
    Ուրբաթ, ապրիլ 19
  • Շաբաթ, ապրիլ 20
  • Կիրակի, ապրիլ 21
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 22
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 23
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 24
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 25
  • Ուրբաթ, ապրիլ 26
  • Շաբաթ, ապրիլ 27
  • Կիրակի, ապրիլ 28
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 29
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
աք19 էջ 37-46

Ապրիլ

Երկուշաբթի, ապրիլ 1

Տղամարդիկ որպէս պարգեւներ տուաւ (Եփ. 4։8, ՆԱ)։

Ինչպէ՞ս կրնանք երէցներուն ըրածներէն օգտուիլ։ Կրնանք անոնց հաւատքը եւ լաւ օրինակը ընդօրինակել, ինչպէս նաեւ՝ հետեւիլ անոնց տուած սուրբգրային խրատներուն (Եբ. 13։7, 17)։ Միտքդ պահէ որ երէցները մեզ կը սիրեն եւ կ’ուզեն որ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ Օրինակ, եթէ նկատեն որ ժողովները կը փախցնենք կամ մեր նախանձախնդրութիւնը կը պաղի, անկասկած պիտի փորձեն շուտով մեզի օգնել։ Անոնք մեզի մտիկ պիտի ընեն եւ ետքը սիրալիր կերպով պիտի քաջալերեն ու Սուրբ Գիրքէն իմաստուն խրատներ տան։ Եհովային սէրը կը տեսնե՞ս անոնց օգնութեան մէջ։ Մի՛ մոռնար որ երէցներուն համար դիւրին չէ մեզի խրատ տալ։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս երէցներուն վրայէն այս բեռը թեթեւցնել։ Եղիր խոնարհ, շնորհակալ եւ մէկը, որուն դիւրին է մօտենալ։ Անոնց տուած օգնութեան մէջ տես Աստուծոյ սէրը։ Ասիկա պիտի օգնէ որ թէ՛ դուն օգուտներ քաղես եւ թէ անոնք ուրախութեամբ ընեն իրենց պարտականութիւնը։ դ18.03 31 ¶15-16

Երեքշաբթի, ապրիլ 2

Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ (Առ. 27։11)։

Մէկ զաւակը միւսին չի նմանիր։ Ամէն մէկը տարբեր տարիքի հասուն կը դառնայ։ Կարգ մը զաւակներ իրենց պզտիկ տարիքէն կը հասկնան ճշմարտութիւնը, իմաստուն որոշումներ կ’առնեն եւ կ’ուզեն մկրտուիլ։ Ուրիշներ թերեւս պատրաստ չեն ըլլար մկրտուելու մինչեւ որ աւելի մեծնան։ Ասոր համար, իմաստուն ծնողները իրենց զաւակները չեն ստիպեր որ մկրտուին. հապա իւրաքանչիւր զաւակին կ’օգնեն, որ շարունակէ յառաջդիմել։ Ծնողները կրնան ուրախանալ, երբ իրենց զաւակը իմաստութեամբ վարուի, ինչպէս որ այս օրուան համարը կ’ըսէ։ Սակայն անոնք միշտ պէտք է յիշեն, թէ իրենց նպատակն է որ իրենց զաւակները Քրիստոսին աշակերտը դառնան։ Այս կէտը իրենց միտքը պահելով, անոնք պէտք է իրենք իրենց հարցնեն. ‘Զաւակս բաւարար գիտութիւն ունի՞ որ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրէ ու մկրտուի’։ դ18.03 9 ¶6

Չորեքշաբթի, ապրիլ 3

Երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար (Սաղ. 15։4)։

Եթէ հրաւէր մը ընդունինք, պէտք չէ թեթեւ պատճառներու համար վազ անցնինք երթալէ։ Թերեւս մեզ հրաւիրողը պատրաստութիւններ տեսած է, եւ եթէ երթալէ վազ անցնինք, իր բոլոր ջանքերը պարապի պիտի երթան (Մատ. 5։37)։ Ոմանք իրենց տրուած հրաւէրէն վազ կ’անցնին, որպէսզի երթան ուրիշ հրաւէրի մը, որ իրենց աչքին աւելի լաւ է։ Ասիկա սէր եւ յարգանք կը ցուցնէ՞։ Պէտք է գնահատենք ամէ՛ն ինչ որ հրաւիրողը պիտի հրամցնէ մեզի (Ղուկ. 10։7)։ Իսկ եթէ իրապէ՛ս ստիպուած ենք վազ անցնելու, լաւ է որ սիրալիր ու փափկանկատ գտնուելով, կարելի եղածին չափ շուտ լուր տանք հրաւիրողին։ Նաեւ կարեւոր է որ տեղական սովորութիւնները յարգենք։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, մէկը պէտք է այցելութիւն տալէ առաջ լուր տայ, իսկ ուրիշներու մէջ՝ անակնկալօրէն այցելելը հարց մը չէ։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, կ’ակնկալուի որ հիւրերը մերժեն առաջին եւ/կամ երկրորդ հրաւէրները, իսկ ուրիշ մշակոյթներու մէջ՝ անքաղաքավարութիւն է հրաւէրը մերժելը։ Միշտ պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք, որ մեզ հրաւիրողը ուրախ զգայ մեր գալով։ դ18.03 18 ¶20-21

Հինգշաբթի, ապրիլ 4

Շարունակենք ձգտիլ հասունութեան (Եբ. 6։1, ՆԱ)։

Միտքդ պահէ որ աստուածաշնչական գիտելիքներ ունենալը բաւարար չէ հոգեւոր անձ ըլլալու համար (Գ. Թագ. 4։29, 30. 11։4-6)։ Ուստի, աստուածաշնչական գիտելիքներէ զատ ինչի՞ պէտք ունինք։ Հարկ է որ շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել (Կող. 2։6, 7)։ Կարեւոր քայլերէն մէկն է՝ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը սերտել։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ հասկնաս ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել կեանքիդ մէջ։ Եթէ արդէն ուսումնասիրած ես այդ գիրքը, կրնաս ուրիշ հրատարակութիւններ սերտել, որոնք կ’օգնեն հաւատքդ զօրացնելու (Կող. 1։23)։ Աղօթքով կը խոկա՞ս թէ ինչպէս կրնաս սորվածդ կիրարկել կեանքիդ մէջ։ Նաեւ ի մտի ունեցիր որ երբ սերտենք եւ խոկանք, մեր նպատակակէտն է՝ զարգացնել խոր փափաք, որ սրտանց հաճեցնենք Եհովան եւ իր օրէնքներուն հնազանդինք (Սաղ. 40։8. 119։97)։ Միեւնոյն ատեն, կը ջանանք մերժել այն բաները, որոնք կրնան մեր հոգեւոր աճումը կասեցնել (Տիտ. 2։11, 12)։ դ18.02 24-25 ¶7-9

Ուրբաթ, ապրիլ 5

Նոյ. . . ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ (Եբ. 11։7)։

Նոյին հաւատքը ունենալու համար, կարեւոր է որ լաւ սերտենք Աստուծոյ Խօսքը, սիրենք մեր սորվածները եւ ձգենք որ այդ գիտութիւնը մեզ ձեւաւորէ եւ առաջնորդէ (Ա. Պետ. 1։13-15)։ Հաւատքը եւ աստուածային իմաստութիւնը մեզ պիտի պաշտպանեն Սատանային խորամանկ մեթոտներէն եւ աշխարհին չար ազդեցութենէն (Բ. Կոր. 2։11)։ Շատեր կը սիրեն բռնութիւնն ու անբարոյութիւնը, եւ իրենց սխալ ցանկութիւններուն կը հետեւին (Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ Աշխարհին այս հոգին կրնայ նոյնիսկ հոգեւորապէս տկար եղողները մղել որ անտեսեն, թէ չար աշխարհին վերջը մօտ է։ Մի՛ մոռնար որ երբ Յիսուս մեր ժամանակը բաղդատեց Նոյին ժամանակին հետ, բռնութեան եւ անբարոյութեան մասին չխօսեցաւ, հապա՝ հոգեւոր անտարբերութեան վտանգներուն մասին (Մատ. 24։36-39)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ապրելակերպս կը ցուցնէ՞ որ իրապէս կը ճանչնամ Եհովան։ Հաւատքս զիս կը մղէ՞ որ Եհովային աչքին ճիշդ եղածը ընեմ եւ ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ Եհովային կամքը ընել’։ Այս հարցումներուն տուած պատասխաններդ կը ցուցնեն, որ Նոյին պէս Աստուծոյ հետ կը քալես կամ ոչ (Ծն. 6։9)։ դ18.02 9-10 ¶8-10

Շաբաթ, ապրիլ 6

Դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր (Բ. Տիմ. 3։5)։

Մենք չենք կրնար ամբողջովին հեռու մնալ գէշ յատկութիւններ ունեցող մարդոցմէ։ Թերեւս ստիպուած ենք անոնց հետ աշխատելու, դպրոց երթալու կամ ապրելու։ Բայց կրնանք անոնց մտածելակերպը չունենալ եւ անոնց պէս չվարուիլ։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Կրնանք մեր հոգեւորութիւնը զօրացնել՝ Սուրբ Գիրքը սերտելով եւ սերտօրէն ընկերակցելով անոնց, որոնք կը սիրեն Եհովան։ Նաեւ պէտք է ուզենք հոգեւորապէս օգնել ուրիշներուն։ Առիթներ օգտագործէ վկայութիւն տալու համար, եւ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ ճի՛շդ բանը ճի՛շդ ժամանակին ըսելու։ Պէտք է ուրիշներուն գիտցնենք, որ Եհովայի վկայ ենք։ Այսպիսով, մեր լաւ վարքը Եհովայի՛ն փառք պիտի բերէ, եւ ոչ թէ մեզի։ Եհովան մեզի սորվեցուցած է, որ «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ» (Տիտ. 2։11-14)։ Եթէ Աստուծոյ ուզած կերպով քալենք, ուրիշներ պիտի տեսնեն ասիկա, եւ թերեւս նոյնիսկ ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է» (Զաք. 8։23)։ դ18.01 31 ¶17-18

Կիրակի, ապրիլ 7

Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր (Բ. Տիմ. 3։2)։

Մեր անձը սիրելը սխա՞լ է։ Ո՛չ. բնական է եւ նոյնիսկ կարեւո՛ր է որ մեր անձը սիրենք։ Եհովան այսպէս ծրագրած է մեզ։ Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մար. 12։31)։ Եթէ մենք մեզ չենք սիրեր, չենք կրնար մեր ընկերը սիրել։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա» (Եփ. 5։28, 29)։ Ուրեմն պէտք է որ որոշ չափով սիրենք մեր անձը։ Բ. Տիմոթէոս 3։2–ին մէջ նշուած սէրը, մեր անձին հանդէպ չափազանց սէր է։ Անոնք որոնք չափէ դուրս կը սիրեն իրենց անձը, պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն կու տան իրենց անձին (Հռով. 12։3)։ Անոնց միակ հետաքրքրութիւնը իրենց անձն է. ուրիշը շատ կարեւորութիւն չունի։ Երբ հարց մը ծագի, ուրիշը յանցաւոր կը հանեն, փոխանակ իրենց սխալը ընդունելու։ Այսպիսի մարդիկ իսկական ուրախութիւն չունին։ դ18.01 23 ¶4-5

Երկուշաբթի, ապրիլ 8

Շնորհակա՛լ եղէք (Կող. 3։15, ԱԾ)։

Անձնական ուսումնասիրութիւնը կերպ մըն է, որ Եհովային մտիկ ընենք, իսկ աղօթքը կերպ մըն է, որ Եհովային խօսինք։ Պէտք չէ սեպենք որ աղօթքը պարզապէս սովորութիւն մըն է, կամ ալ՝ բախտ բերող բան մը։ Աղօթքը իսկական հաղորդակցութիւն է մեր Ստեղծիչին հետ։ Եհովան կ’ուզէ լսել ըսելիքներդ (Փլպ. 4։6)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ինչ հոգ ալ ունենաս՝ «հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛» (Սաղ. 55։22)։ Իրապէս կը հաւատա՞ս ասոր։ Միլիոնաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր ամենայն վստահութեամբ կրնան ըսել, որ այս խրատը օգնած է իրենց։ Ատիկա քեզի՛ ալ կրնայ օգնել։ Բայց միայն օգնութիւն խնդրելու համար չէ որ պէտք է աղօթենք։ Ատեններ այնքա՛ն տարուած կ’ըլլանք մեր խնդիրներով, որ չենք տեսներ մեր վայելած օրհնութիւնները։ Ուրեմն ասիկա փորձէ. ամէն օր մտածէ առնուազն երեք բաներու մասին, որոնց համար շնորհակալ ես, եւ ետքը Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ ատոնց համար։ դ17.12 25-26 ¶10-11

Երեքշաբթի, ապրիլ 9

Մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու (Բ. Տիմ. 3։15)։

Ամէն տարի, հազարաւոր Աստուածաշունչի աշակերտներ Եհովային կը նուիրուին ու կը մկրտուին։ Անոնցմէ շատեր պատանիներ են, որոնք ճշմարտութեան մէջ մեծցած են եւ լաւագոյն ապրելակերպը ընտրած են (Սաղ. 1։1-3)։ Եթէ ծնող մըն ես, անկասկած անհամբեր կը սպասես այն օրուան, երբ տղադ կամ աղջիկդ պիտի մկրտուի (համեմատէ՛ Գ. Յովհաննէս 4)։ Կ’ուզես որ զաւակդ գիտնայ «սուրբ գրքերը», որոնք ներկայիս ոչ միայն Եբրայերէն Գրութիւններն են, այլ նաեւ՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները։ Նոյնիսկ մանուկները կրնան Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած մարդոց եւ տեղերուն մասին սորվիլ։ Որպէսզի զաւակիդ օգնես, կրնաս գործածել Եհովայի կազմակերպութեան տուած շատ մը գիրքերը, գրքոյկները եւ վիտէօները։ Միտքդ պահէ թէ զաւակդ պէտք է Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն առնէ, որպէսզի կարենայ Եհովային հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունենալ։ դ17.12 18 ¶1. 19 ¶4

Չորեքշաբթի, ապրիլ 10

Այրը կնոջ գլուխն է (Եփ. 5։23)։

Թերեւս քոյր մըն ես եւ ամուսինդ Եհովան չի պաշտեր։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ կը զգաս որ քեզի հետ լաւ չի վարուիր։ Վիճակդ աւելի լաւ կ’ըլլա՞յ եթէ իրեն հետ վիճաբանիս։ Նոյնիսկ եթէ ուզածդ ընել տաս իրեն, վարքդ պիտի օգնէ՞ որ ան ճշմարտութեան գայ։ Հաւանաբար ո՛չ։ Բայց եթէ զինք յարգես որպէս տան գլուխը, պիտի կարենաս ընտանիքիդ օգնել որ խաղաղ ըլլայ, եւ փառք պիտի բերես Եհովային։ Թերեւս նոյնիսկ ամուսինդ ճշմարտութեան գայ լաւ վարքիդ պատճառով, եւ այսպիսով կրնաք երկուքդ շահիլ մրցանակը (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Թերեւս եղբայր մըն ես եւ կինդ Եհովան չի պաշտեր։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կը զգաս որ քեզ չի յարգեր։ Ան քեզ աւելի պիտի յարգէ՞, եթէ իր վրայ պոռաս, որպէսզի ցուցնես թէ տան գլուխը դո՛ւն ես։ Անշուշտ ո՛չ։ Աստուած քեզմէ կ’ակնկալէ, որ Յիսուսին նմանելով սիրալիր ամուսին մը ըլլաս։ Յիսուս, որ ժողովքին գլուխն է, միշտ սիրալիր ու համբերող է (Ղուկ. 9։46-48)։ Եթէ Յիսուսին նմանիս, թերեւս կինդ ժամանակի ընթացքին ճշմարտութեան գայ։ դ17.11 28-29 ¶13-14

Հինգշաբթի, ապրիլ 11

Ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է (Եբ. 3։4)։

Աշխարհային մտածելակերպ ունեցող մարդիկ կ’անտեսեն Եհովայի սկզբունքները։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք անոնցմէ ազդուիլ եւ մեր հաւատքը երթալով կրնայ տկարանալ։ Ներկայիս, մեզմէ ո՛չ մէկը պաշտպանուած է աշխարհային մտածելակերպին ազդեցութենէն. հեռատեսիլ կը դիտենք, համացանց կը գործածենք, կ’աշխատինք կամ կ’ուսանինք։ Շատ մը երկիրներու մէջ մարդիկ չեն հաւատար Աստուծոյ, ո՛չ թէ քանի որ քններ են Աստուծոյ գոյութեան հարցը, հապա՝ կը սիրեն ազատ ըլլալու եւ իրենց փափաքները կատարելու գաղափարը (Սաղ. 10։4)։ Ուրիշներ կը զգան թէ իմաստուն կ’երեւին, երբ կ’ըսեն՝ «Առանց Աստուծոյ ալ կրնամ լաւ սկզբունքներ ունենալ»։ Բայց տրամաբանակա՞ն է մտածել որ Արարիչ մը գոյութիւն չունի։ Փորձելով գիտնալ թէ կեանքը ինչպէ՛ս ծագած է, անհատը թերեւս գիտութիւնը ուսումնասիրէ. բայց կրնայ դիւրին–դիւրին շուարիլ տեղեկութիւններու շատութենէն։ Իրականութեան մէջ պատասխանը պարզ է։ Կրնա՞յ տուն մը առանց շինողի մը մէջտեղ գալ։ Անշուշտ ո՛չ։ Մէկը զայն շինած պէտք է ըլլայ։ Վստահաբար նոյնը կրնանք ըսել երկրի վրայ ապրող բաներուն մասին։ դ17.11 20-21 ¶2-4

Ուրբաթ, ապրիլ 12

Իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար (Մաղ. 3։16)։

Մտածէ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ ժողովները մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան եւ Յիսուսը կը նկատեն, թէ ո՛վ ջանք կը թափէ, որ ներկայ ըլլայ տարուան այս ամէնէն կարեւոր ժողովին։ Մենք կ’ուզենք իրենց ցուցնել, թէ Յիշատակատօնին անպայման ներկայ պիտի ըլլանք, բացի եթէ բոլորովին անկարելի է։ Երբ մեր գործերով կը ցուցնենք թէ մեր ժողովները կարեւոր են մեզի համար, Եհովան յաւելեալ պատճառ մը կ’ունենայ, որ մեր անունը պահէ իր «յիշատակի գիրք»ին մէջ, որ նաեւ կը կոչուի՝ «կեանքի գիրք»ը։ Ատոր մէջ գրուած են բոլոր անոնց անունները, որոնց Եհովան կ’ուզէ յաւիտենական կեանք տալ (Յայտ. 20։15)։ Յիշատակատօնէն առաջ եղող շաբաթներուն ընթացքին, կրնանք աւելի ժամանակ տրամադրել աղօթելու եւ ուշադրութեամբ մտածելու, թէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը որքա՛ն զօրաւոր է (Բ. Կոր. 13։5)։ դ18.01 13 ¶4-5

Շաբաթ, ապրիլ 13

Այն քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի (Յես. 20։4)։

Մէյ մը որ փախստականը ապաստանի քաղաքը մտնէր, ապահով կ’ըլլար։ Եհովան այդ քաղաքներուն նկատմամբ ըսաւ. «Անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան» (Յես. 20։2, 3)։ Եհովան չպահանջեց որ փախստականը երկրորդ անգամ ալ դատուի նոյն հարցին համար։ Նաեւ, արտօնութիւն չէր տրուեր որ «արեան վրէժխնդիրը» քաղաքը մտնէ եւ փախստականը մեռցնէ։ Ուրեմն, փախստականը պէտք չունէր վախնալու, քանի որ քաղաքին մէջ ապահով էր Եհովային պաշտպանութեան տակ։ Ան բանտի մէջ չէր։ Ան կրնար քաղաքին մէջ աշխատիլ, ուրիշներուն օգնել եւ խաղաղութեամբ Եհովային ծառայել։ Ան իրապէս կրնար ուրախ եւ իմաստալից կեանք մը ունենալ։ Ներկայիս, Աստուծոյ կարգ մը ծառաները, որոնք լուրջ մեղք մը գործած եւ զղջացած են, իրենց յանցանքին մէջ «բանտարկուած» կը զգան։ Ոմանք նոյնիսկ կը զգան որ Եհովան բնա՛ւ պիտի չմոռնայ իրենց ըրածը։ Եթէ այսպէս կը զգաս, հաճիս վստահ եղիր, որ երբ Եհովան քեզի կը ներէ՝ կէսկատար չի ներեր, հապա լման կը ներէ։ Այլեւս պէտք չունիս յանցաւոր զգալու։ դ17.11 9 ¶6. 11 ¶13-14

Կիրակի, ապրիլ 14

Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ. . . միաբանութեամբ բնակին (Սաղ. 133։1)։

Միութիւնը պահպանելու մէկ կերպն է՝ լաւ մտածել հացին եւ գինիին իմաստին մասին։ Ասիկա պէտք է ընենք Յիշատակատօնէն առաջ, եւ մանաւանդ այդ իրիկունը (Ա. Կոր. 11։23-25)։ Անխմոր հացը կը ներկայացնէ Յիսուսին զոհած կատարեալ մարմինը, իսկ կարմիր գինին կը ներկայացնէ իր արիւնը։ Պէտք է յիշենք որ Քրիստոսին փրկանքը յայտնի դարձուց Եհովային եւ Յիսուսին սէրը. Եհովան իր Որդին տուաւ մեզի համար եւ Յիսուս իր կեանքը սրտանց զոհեց մեզի համար։ Իրենց սիրոյն մասին մտածելը պէտք է մեզ մղէ զիրենք սիրելու։ Եւ Եհովային հանդէպ մեր բոլորին ունեցած սէրը կը զօրացնէ մեր միութիւնը։ դ18.01 15 ¶11

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։6-13

Երկուշաբթի, ապրիլ 15

Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք (Ա. Յովհ. 4։9)։

Եհովան մարդիկը շատ կը սիրէ։ Ան իր Որդին զոհեց որ կարենանք յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 3։16)։ Եթէ Եհովան իր խոստումները չպահէ, Սատանան իրաւունքով կ’ելլէ։ Ան կ’ըսէ թէ Եհովան ստախօս է, մարդիկը լաւ բաներէ կը զրկէ եւ անարդարօրէն կ’իշխէ։ Հակառակորդները կը ծաղրեն Եհովային խոստումները եւ կ’ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր» (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Բայց Եհովան իր խոստումները պիտի պահէ։ Հնազանդ մարդոց փրկութիւնը մաս կը կազմէ իր գերիշխանութեան ջատագովման (Եսա. 55։10, 11)։ Ասկէ զատ, Եհովային գերիշխանութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան միշտ պիտի սիրէ եւ արժեւորէ իր հաւատարիմ ծառաները (Ել. 34։6)։ դ17.06 23 ¶7

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մատթէոս 21։1-11, 14-17

Երեքշաբթի, ապրիլ 16

Աստուած. . . մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու (Ա. Յովհ. 4։10)։

Այն վայրկեանէն որ Եհովան փրկանքը խոստացաւ, ինչպէս որ արձանագրուած է Ծննդոց 3։15–ին մէջ, սեպեց որ արդէն իսկ տրուած է։ Իսկ շուրջ 4000 տարի ետք, Եհովան իր միածին Որդին զոհեց մարդկութեան համար (Յովհ. 3։16)։ Շա՜տ երախտապարտ ենք Եհովայի անձնազոհ սիրոյն համար։ Կրնա՞նք անձնազոհ սէր ցուցնել հակառակ որ անկատար ենք։ Ա՛յո, քանի որ Եհովան իր պատկերով ստեղծեց մեզ։ Աբէլ Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցուց, երբ անձնազոհութեամբ նուիրեց իր ունեցածին լաւագոյնը (Ծն. 4։3, 4)։ Նոյ անձնազոհ սէր ցուցուց երբ շարունակեց Աստուծոյ պատգամը տարիներով քարոզել, հակառակ որ մարդիկ մտիկ չըրին (Բ. Պետ. 2։5)։ Իսկ երբ Աստուած Աբրահամէն խնդրեց որ իր տղան՝ Իսահակը զոհէ, Աբրահամ ցուցուց թէ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը աւելի զօրաւոր էր քան՝ իր զգացումները (Յակ. 2։21)։ Կ’ուզենք մենք ալ այդ հաւատարիմ մարդոց պէս սէր ցուցնել, հակառակ մեր ունեցած դժուարութիւններուն։ դ17.10 7-8 ¶3-4

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 10–ի դէպքերը) Մատթէոս 21։18, 19. 21։12, 13 Յովհաննէս 12։20-50

Չորեքշաբթի, ապրիլ 17

Ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի (Եբ. 4։15)։

Քանի որ Յիսուսը ունինք որպէս Քահանայապետ, որքա՜ն վստահ պէտք է ըլլանք, որ մեր մեղքերը կրնան ներուիլ եւ թէ «ողորմութիւն [պիտի] ընդունինք ու շնորհք [պիտի] գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու» (Եբ. 4։16)։ Ուրեմն, Յիսուսի զոհին հաւատք ընծայէ։ Հաւատա՛ որ փրկանքը քեզի համար է (Գաղ. 2։20, 21)։ Հաւատա՛ որ Եհովան քու մեղքերդ պիտի ներէ փրկանքին հիման վրայ։ Հաւատա՛ որ փրկանքը քեզի կու տայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Յիսուսի զոհը՝ քեզի տրուած Եհովային նուէրն է։ Եւ մէյ մը որ Եհովան մեր մեղքը ներեց, պէտք չունինք վախնալու որ օր մը դարձեալ մէջտեղ պիտի հանէ զայն կամ մեզ պիտի պատժէ (Սաղ. 103։8-12)։ Այո, կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովան կը ներէ մեզի։ դ17.11 11-12 ¶14-17

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 11–ի դէպքերը) Մատթէոս 21։33-41. 22։15-22. 23։1-12. 24։1-3

Հինգշաբթի, ապրիլ 18

[Կ’աղաչեմ] բոլոր անոնց համար, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ (Յովհ. 17։20, 21)։

Առաջին Տէրունական ընթրիքին գիշերը, Յիսուս աղօթեց որ իր աշակերտները միացած ըլլան ճիշդ ինչպէս որ ինք ու իր Հայրը միացած են։ Եհովան անկասկած պատասխանած է իր սիրելի Որդիին այդ աղօթքին։ Յիշատակատօնը որեւէ ուրիշ ժողովէ աւելի կը փաստէ, որ Եհովայի վկաները միացած են։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, մարդոց համար տարօրինակ է որ տարբեր ցեղերէ մարդիկ կրօնական հաւաքոյթ ընեն։ Ոմանք նոյնիսկ ծուռ աչքով կը նային այս բանին։ Բայց Եհովային եւ Յիսուսին աչքին՝ այս միութիւնը հաճելի է։ Եհովայի ժողովուրդը ըլլալով, չենք զարմանար որ այս միութիւնը ունինք։ Ան մարգարէացած էր այս միութեան մասին (Եզեկ. 37։15-17. Զաք. 8։23)։ դ18.01 14 ¶7-9

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։1-5, 14-16. Ղուկաս 22։1-6

Յիշատակատօնին թուականը
Արեւամուտէն ետք
Ուրբաթ, ապրիլ 19

Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անկիւնին գլուխը եղաւ (Սաղ. 118։22)։

Այն «շինողները» որ Մեսիան անարգեցին, հրեայ առաջնորդներն էին։ Անոնք ոչ միայն իրենց կռնակը դարձուցին Յիսուսին կամ զինք չընդունեցին որպէս Քրիստոսը, հապա՝ այն աստիճան մերժեցին զինք, որ պահանջեցին որ մեռցուի (Ղուկ. 23։18-23)։ Անոնք պատասխանատու էին Յիսուսին մահուան։ Եթէ Յիսուս մերժուէր ու սպաննուէր, ինչպէ՞ս կրնար «անկիւնին գլուխը» ըլլալ։ Միայն եթէ յարութիւն առնէր։ Պետրոս առաքեալ նշեց. «Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսը. . . որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց» (Գործք 3։15. 4։5-11. Ա. Պետ. 2։5-7)։ Յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս եղաւ միակ անձը, որուն անունը «մարդոց մէջ տրուած [է], որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12. Եփ. 1։20)։ դ17.12 9-10 ¶6-9

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։17-19. Ղուկաս 22։7-13 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։20-56

Շաբաթ, ապրիլ 20

Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ (Ա. Կոր. 11։26)։

Յիսուս մօտալուտ մեծ նեղութեան մասին ըսաւ. «Պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ Անիկա [Յիսուս] իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները» (Մատ. 24։29-31)։ Յիսուս ‘իր ընտրեալները պիտի ժողվէ’, երբ երկրի վրայ մնացած բոլոր օծեալները երկինք տանի։ Ասիկա պիտի պատահի մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետք, բայց Արմագեդոն պատերազմէն առաջ։ Ետքը, Յիսուս եւ բոլոր 144,000–ը պիտի պատերազմին երկրի թագաւորներուն դէմ եւ յաղթեն (Յայտ. 17։12-14)։ Օծեալներուն ժողվուելէն առաջ տեղի ունենալիք Յիշատակատօնը վերջինը պիտի ըլլայ, քանի որ Յիսուս ‘եկած’ պիտի ըլլայ։ դ18.01 16 ¶15

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։1, 2, 27-37

Կիրակի, ապրիլ 21

Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց (Գործք 2։32)։

Յիսուս երկինքին մէջ «յաւիտեանս յաւիտենից» կ’ապրի (Յայտ. 1։5, 18. Հռով. 6։9. Կող. 1։18. Ա. Պետ. 3։18)։ Ան խոստացաւ որ իր հաւատարիմ առաքեալները իրեն հետ թագաւորեն երկինքին մէջ (Ղուկ. 22։28-30)։ Պօղոս գրեց որ «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»։ Ան նշեց որ ուրիշներ ալ յարութիւն առնելով երկինք պիտի ելլէին։ Ետքը, ան ըսաւ. «Ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու [«ներկայութեան», ՆԱ] ատենը» (Ա. Կոր. 15։20, 23)։ Քրիստոսին «ներկայութիւնը» սկսաւ 1914–ին։ Տակաւին կ’ապրինք իր «ներկայութեան» ընթացքին, եւ այս չար աշխարհին վերջը շատ մօտ է։ դ17.12 10 ¶11. 11 ¶14-16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մատթէոս 28։2-4

Երկուշաբթի, ապրիլ 22

Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ (Եսա. 51։12)։

Մեր գթասիրտ Աստուածը անձամբ կորսնցուցած է իր սրտին սիրելի անձեր, ինչպէս՝ Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ, Մովսէս եւ Դաւիթ թագաւոր (Թւ. 12։6-8. Մատ. 22։31, 32. Գործք 13։22)։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, թէ Եհովան իրապէս անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ յարութիւն պիտի տայ անոնց (Յոբ 14։14, 15)։ Այդ ժամանակ, անոնք ուրախ եւ կատարելապէս առողջ պիտի ըլլան։ Ասկէ զատ, Եհովան իր սիրելի Որդիին մահուան ցաւը ապրեցաւ։ Յիշենք որ Յիսուս Աստուծոյ «զուարճութիւնն» էր (Առ. 8։22, 30)։ Չենք կրնար երեւակայել թէ Եհովան որքա՜ն ցաւ զգաց, երբ իր Որդին չարչարուելով մահացաւ (Յովհ. 5։20. 10։17)։ Կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։ Ասոր համար, բնա՛ւ պէտք չէ քաշուինք աղօթքով մեր սիրտը բանալու Եհովային եւ մեր ցաւը արտայայտելու։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ Եհովան մեր ցաւը կը հասկնայ եւ մեզի պէտք եղած մխիթարութիւնը կու տայ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ դ17.07 13 ¶3-5

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մատթէոս 28։1, 5-15

Երեքշաբթի, ապրիլ 23

Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք (Եբ. 6։10)։

Այսօր, միլիոնաւորներ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին սրտանց թիկունք կը կանգնին իրենց «ստացուածքով», ինչ որ կը պարփակէ՝ իրենց ժամանակը, կորովը եւ նիւթական բաները (Առ. 3։9)։ Ան բնա՛ւ պիտի չմոռնայ մեր ըրած գործը եւ ցուցուցած սէրը։ Եհովայի ժողովուրդը շատ մեծ գործ մը ըրած է այս վերջին օրերուն ընթացքին, ինչ որ կը փաստէ թէ ինք կ’օրհնէ իր ժողովուրդը, իսկ Յիսուս ալ կ’առաջնորդէ զանոնք։ Ուրախ ենք որ կը պատկանինք հաստատ, ապահով եւ յաւիտենական կազմակերպութեան մը։ Ուրեմն, Եհովայի ժողովուրդին մէջ տեղդ արժեւորէ եւ ‘Տէր Աստուծոյդ ձայնը մտիկ ըրէ’ (Զաք. 6։15)։ Այսպիսով, մեր Թագաւորն ու Քահանայապետը եւ հրեշտակները պիտի պաշտպանեն քեզ։ Ամէն կարելիդ ըրէ որ թիկունք կանգնիս ճշմարիտ պաշտամունքին։ Կրնա՛ս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզ ապահով պիտի պահէ մինչեւ նոր դրութիւն եւ յաւիտեան։ դ17.10 30 ¶18-19

Չորեքշաբթի, ապրիլ 24

Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին (Ղուկ. 16։9)։

Մօտ ապագային, Սատանայի քաղաքական, կրօնական եւ վաճառական սիստեմները պիտի ձախողին։ Եզեկիէլ եւ Սոփոնիա մարգարէացան որ ոսկին եւ արծաթը, որոնք դարերէ ի վեր մեծ տեղ ունին վաճառական աշխարհին մէջ, անարժէք պիտի դառնան (Եզեկ. 7։19. Սոփ. 1։18)։ Ի՞նչ պիտի զգանք եթէ մեր կեանքին վերջը հասնինք եւ անդրադառնանք թէ ճշմարիտ հարստութիւնը զոհած ենք այս աշխարհին «անիրաւ մամոնային» համար։ Պիտի զգանք ճիշդ այդ անհատին պէս, որ իր ամբողջ կեանքը աշխատած է դրամ դիզելու համար, բայց ետքը գիտցած է թէ իր հաւաքած դրամը կեղծ է (Առ. 18։11)։ Այս աշխարհին նիւթական բաները ի վերջոյ պիտի պակսին, այսինքն՝ ձախողին եւ վերջանան։ Ասոր համար, բնա՛ւ առիթը մի՛ փախցներ որ նիւթական բաներդ գործածելով՝ երկնքին մէջ ‘բարեկամներ ընես’։ Ինչ որ կ’ընենք Եհովային եւ իր Թագաւորութեանը համար, իրապէս պիտի ուրախացնէ մեզ։ դ17.07 11 ¶16

Հինգշաբթի, ապրիլ 25

Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու իր անձը մեզի համար մատնեց (Եփ. 5։1, 2)։

Ոմանք լուրջ մեղք մը գործելէ ետք կը փորձեն զայն գաղտնի պահել, որպէսզի ամօթով չելլեն կամ ուրիշները յուսախաբ չընեն (Առ. 28։13)։ Բայց ասիկա սիրալիր չէ, քանի որ թէ՛ մեղք գործողին կը վնասէ եւ թէ ուրիշներուն։ Ինչպէ՞ս։ Կրնայ ըլլալ որ Եհովան իր սուրբ հոգին քաշէ ժողովքէն եւ ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարուի (Եփ. 4։30)։ Ուրեմն, եթէ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ, անկեղծ սէրը զինք պիտի մղէ որ երէցներուն հետ խօսի, որպէսզի իրեն պէտք եղած օգնութիւնը տան (Յակ. 5։14, 15)։ Սէրը մեծագոյն յատկութիւնն է (Ա. Կոր. 13։13)։ Ատիկա մարդոց կ’օգնէ որ գիտնան թէ որո՛նք են Յիսուսի իսկական հետեւորդները, եւ տեսնեն թէ որո՛նք իրապէս կ’ընդօրինակեն սիրոյ Աղբիւրը՝ Եհովան։ Պօղոս գրեց. «Եթէ. . . սէր չունենամ, ոչինչ եմ» (Ա. Կոր. 13։2)։ Ուրեմն, շարունակենք մեր սէրը ցուցնել ոչ միայն «խօսքով», հապա՝ «գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. Յովհ. 3։18)։ դ17.10 11 ¶17-18

Ուրբաթ, ապրիլ 26

Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց (Գործք 5։29)։

Յովսէփ քաջութեամբ վարուեցաւ, երբ փորձութեան տակ էր որ Պետափրէսի կնոջ հետ անբարոյութիւն գործէր։ Ան վստահաբար գիտէր որ եթէ անոր առաջարկը մերժէր, իր կեանքը վտանգի տակ կրնար ըլլալ։ Հակառակ ասոր, ան քաջութեամբ վարուեցաւ եւ անմիջապէս մերժեց տեղի տալ (Ծն. 39։10, 12)։ Ռախաբն ալ քաջ էր։ Երբ իսրայէլացի լրտեսները իր տունը եկան, քաջութեամբ պահեց զիրենք եւ օգնեց որ ապահովութեամբ փախչին (Յես. 2։4, 5, 9, 12-16)։ Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալները տեսած էին որ Յիսուս ինչպէ՛ս քաջութեամբ կը վարուէր։ Երբ սադուկեցիները փորձեցին զանոնք կեցնել, որ Յիսուսի մասին չսորվեցնեն, անոնք շարունակեցի՛ն սորվեցնել (Գործք 5։17, 18, 27-29)։ Յովսէփ, Ռախաբ, Յիսուս եւ առաքեալները մտքերնին դրած էին որ ճիշդը ընեն։ Անոնք քաջ էին ոչ թէ քանի որ չափէ դուրս ինքնավստահ էին, հապա քանի որ Եհովայի՛ն կը վստահէին։ Մենք ալ երբ քաջութեան պէտք ունենանք որոշ պարագաներու մէջ, պէտք է վստահինք Եհովային՝ փոխանակ մեր անձին (Բ. Տիմ. 1։7)։ դ17.09 29 ¶6-9

Շաբաթ, ապրիլ 27

Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք (Կող. 3։9)։

Չենք կրնար մե՛ր ուժով հանել հին անձնաւորութիւնը։ Ոմանք պէտք էր շատ ջանք թափէին, որպէսզի իրենց սխալ սովորութիւնները մէկ կողմ դնէին։ Աստուծոյ Խօսքին եւ իր սուրբ հոգիին ուժը անոնց օգնեց որ յաղթեն (Ղուկ. 11։13. Եբ. 4։12)։ Այդ ուժէն օգտուելու համար, պէտք է ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդանք, ատոր վրայ խոկանք եւ միշտ աղօթքով իմաստութիւն եւ զօրութիւն խնդրենք, որպէսզի կարենանք մեր սորվածը գործադրել (Յես. 1։8. Սաղ. 119։97. Ա. Թես. 5։17)։ Նաեւ ժողովին նիւթերը պատրաստելով եւ ժողովի երթալով կ’օգտուինք Աստուծոյ Խօսքէն եւ սուրբ հոգիէն (Եբ. 10։24, 25)։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք լաւ գործածել բոլոր այն միջոցները, որ Եհովային կազմակերպութիւնը կը գործածէ մեզի հոգեւոր սնունդ տալու (Ղուկ. 12։42)։ Այո, հին անձնաւորութիւնը պէտք է հանենք։ Բայց ասկէ աւելին պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովան մեզմէ ուրախ մնայ. պէտք է նոր անձնաւորութիւնը հագնինք (Կող. 3։10)։ դ17.08 21 ¶16-17

Կիրակի, ապրիլ 28

Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ (Սաղ. 13։5)։

Դաւիթ թագաւոր շատ մը անարդարութիւններու զոհ գնաց։ Թէեւ Եհովան զինք պատանի տարիքէն օծած էր որ Իսրայէլին թագաւորը ըլլայ, բայց ան շուրջ 15 տարի սպասեց, որ իր տոհմի՛ն վրայ սկսի թագաւորել (Բ. Թագ. 2։3, 4)։ Դաւիթ այդ ժամանակին մէկ մասը անցուց Սաւուղ թագաւորէն փախչելով, քանի որ ան կ’ուզէր զինք մեռցնել։ Այս պատճառով, ան փախստականի պէս ապրեցաւ՝ ատեններ օտար երկրի մը մէջ, եւ ատեններ անապատին քարայրներուն մէջ։ Ի վերջոյ, Սաւուղ պատերազմի մը մէջ մահացաւ, բայց Դաւիթ շուրջ եօթը տարի ալ սպասեց որ ամբողջ իսրայէլ ազգին վրայ թագաւոր ըլլայ (Բ. Թագ. 5։4, 5)։ Ան ինչո՞ւ յօժար էր համբերութեամբ սպասելու։ Ան գիտէր թէ Եհովան զինք կը սիրէ եւ միշտ հաւատարմութեամբ պիտի վարուի իրեն հետ։ Ան մտածեց այն ժամանակներուն մասին, երբ Եհովան իրեն օգնած էր, եւ չորս աչքով սպասեց որ Եհովան զինք փրկէ (Սաղ. 13։6)։ Իրապէս, Դաւիթ գիտէր թէ սպասելը կ’արժէր։ դ17.08 6-7 ¶14-15

Երկուշաբթի, ապրիլ 29

Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ (Գործք 10։34)։

Լեզուները ժամանակի ընթացքին կը փոխուին։ Կրնայ ըլլալ որ որոշ բառեր եւ արտայայտութիւններ սկսին լման տարբեր իմաստ ունենալ։ Նոյնն է պարագան հին լեզուներուն։ Այն եբրայերէնը եւ յունարէնը որ մարդիկ այսօր կը խօսին, շատ տարբեր են այն եբրայերէնէն եւ յունարէնէն, որոնցմով գրուեցաւ Սուրբ Գիրքը։ Ուրեմն գրեթէ ամէն անձ որ կ’ուզէ Աստուծոյ Խօսքը հասկնալ, ստիպուած է ատոր մէկ թարգմանութիւնը կարդալ, նոյնիսկ եթէ արդի եբրայերէնը կամ յունարէնը գիտէ։ Ոմանք մտածած են որ եթէ հին եբրայերէնը եւ հին յունարէնը սորվին, աւելի պիտի հասկնան Սուրբ Գիրքը։ Բայց ասիկա թերեւս իրենց երեւակայածին չափ չօգնէ իրենց։ Ուրախ ենք որ ներկայիս Սուրբ Գիրքը կամ անորմէ մասեր թարգմանուած են շուրջ 3000 լեզուներով։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ որ ‘բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ լեզուներէն’ մարդիկ առիթ ունենան որ իր Խօսքէն օգտուին (Յայտ. 14։6)։ Ասիկա քեզ աւելի չի՞ մօտեցներ մեր սիրալիր եւ անկողմնակալ Աստուծոյն։ դ17.09 19 ¶4

Երեքշաբթի, ապրիլ 30

Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է (Առ. 17։27)։

Եթէ վտարուած ազգական մը ունիս, պէտք է զգացումներդ զսպես, որպէսզի անտեղի կապի մէջ չգաս իրեն հետ։ Ասիկա դժուար է. բայց աւելի դիւրին կ’ըլլայ, երբ միտքդ պահես որ այսպիսով Եհովային պէս կը վարուիս եւ իրեն կը հնազանդիս։ Դաւիթ թագաւորին օրինակէն ալ կ’օգտուինք։ Երբ Սաւուղ եւ Սեմէի բարկացուցին զինք, Դաւիթ իր ուժը անոնց դէմ չգործածեց (Ա. Թագ. 26։9-11. Բ. Թագ. 16։5-10)։ Բայց չենք կրնար ըսել որ Դաւիթ միշտ ինքզինք կը զսպէր։ Գիտենք որ ան Բերսաբէի հետ մեղք գործեց, ինչպէս նաեւ ջղայնացաւ Նաբաղին ագահութեան պատճառով (Ա. Թագ. 25։10-13. Բ. Թագ. 11։2-4)։ Սակայն կրնանք արժէքաւոր դասեր սորվիլ Դաւիթէն։ Առաջին, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տեսուչները պէտք է մասնաւորաբար ժուժկալ ըլլան, որպէսզի իրենց հեղինակութիւնը սխալ կերպով չգործածեն։ Երկրորդ, ո՛չ մէկը պէտք է չափէ դուրս ինքնավստահ ըլլայ, կարծելով որ բնա՛ւ տեղի պիտի չտայ փորձութեան (Ա. Կոր. 10։12)։ դ17.09 5-6 ¶12-13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել