Մայիս
Չորեքշաբթի, մայիս 1
Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է (Առ. 4։13)։
Կրթութիւնը կրնայ ցաւ պատճառել, բայց Աստուծոյ կրթութիւնը մերժելուն ցաւը ա՛լ աւելի շատ է (Եբ. 12։11)։ Նկատի առ Կայէնի օրինակը։ Երբ Աստուած տեսաւ որ ան իր եղբայրը կ’ատէր եւ կ’ուզէր մեռցնել, զինք զգուշացուց. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չ’ը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես [«պիտի իշխե՞ս», ՆԱ]» (Ծն. 4։6, 7)։ Կայէն մտիկ չըրաւ եւ իր եղբայրը մեռցուց։ Ան ցաւալի հետեւանքներ կրեց մինչեւ իր կեանքին վերջը (Ծն. 4։11, 12)։ Եթէ Աստուծոյ մտիկ ընէր, ա՛յսքան ցաւեր պիտի չունենար։ Եհովան սրտանց կ’ուզէ որ չունենանք այսպիսի անտեղի ցաւեր (Եսա. 48։17, 18)։ Ուրեմն, ‘կրթութիւնը ընդունինք, որպէսզի իմաստուն ըլլանք’ (Առ. 8։33)։ դ18.03 32 ¶18-20
Հինգշաբթի, մայիս 2
Ես՝ Դանիէլս՝ գրքերէն իմացայ տարիներուն թիւը (Դան. 9։2)։
Դանիէլ ինչպէ՞ս ճանչցաւ Եհովան։ Ըստ երեւոյթին, իր ծնողքը իրեն սորվեցուցին սիրել Եհովան եւ Իր Խօսքը։ Այդ սէրը իր սրտին մէջ մնաց իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան։ Նոյնիսկ երբ ծեր էր, Սուրբ Գրութիւնները խորապէս կը սերտէր։ Դանիէլ 9։3-19–ին մէջ արձանագրուած իր անկեղծ եւ խոնարհութեամբ ըսուած աղօթքը գեղեցիկ կերպով կը ցուցնէ, որ շատ լաւ կը ճանչնար Եհովան եւ թէ Ան ինչե՜ր ըրած էր իսրայէլացիներուն համար։ Այդ աղօթքը կարդա՛ ու ատոր վրայ խոկա՛։ Հաւատարիմ հրեայի մը համար դիւրին չէր Աստուծոյ ծառայել հեթանոս Բաբելոնին մէջ։ Օրինակ, Եհովան հրեաներուն ըսաւ. «Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ» (Եր. 29։7)։ Բայց անոնց նաեւ պատուիրած էր, որ միայն զի՛նք ամբողջ սրտով պաշտեն (Ել. 34։14)։ Դանիէլ ինչպէ՞ս կրցաւ այս երկու պատուէրներուն ալ հնազանդիլ։ Աստուածային իմաստութիւնը իրեն օգնեց որ ըմբռնէ, թէ նա՛խ պէտք էր Եհովային հնազանդէր, եւ ետքը՝ մարդկային կառավարիչներուն։ Դարեր ետք, Յիսուս նոյն սկզբունքը սորվեցուց (Ղուկ. 20։25)։ դ18.02 10 ¶11-12
Ուրբաթ, մայիս 3
Մարդոց ճակատներուն վրայ նշան դիր (Եզեկ. 9։4)։
Դժուարութիւններու մէ՞ջ ես, ինչպէս՝ առողջապահական խնդիրներ, դրամական նեղութիւններ կամ հալածանք։ Ատեններ պայքար կ’ունենա՞ս ուրախութիւնդ չկորսնցնելու համար Եհովային ծառայութեան մէջ։ Եթէ ա՛յո, Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին օրինակները կրնան քեզ քաջալերել։ Անոնք անկատար էին եւ մեր ունեցած շատ մը դժուարութիւններէն անցան, նոյնիսկ ատեններ իրենց կեանքը վտանգի տակ էր։ Բայց Եհովային հաւատարիմ մնացին, եւ Իր աչքին՝ հաւատքի եւ հնազանդութեան օրինակներ էին (Եզեկ. 14։12-14)։ Եզեկիէլ այս օրուան համարին խօսքը գրեց Ք.Ա. 612–ին, Բաբելոնիայի մէջ (Եզեկ. 1։1. 8։1)։ Երուսաղէմի կործանումին ժամանակը կը մօտենար, որ տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 607–ին։ Այդ կործանումէն քիչեր փրկուեցան, քանի որ Նոյին, Դանիէլին ու Յոբին պէս հաւատարիմ եւ հնազանդ էին (Եզեկ. 9։1-5)։ Ներկայիս ալ միայն անոնք որ անոնց պէս արդար են Եհովային աչքին, պիտի փրկուին այս չար աշխարհին կործանումէն (Յայտ. 7։9, 14)։ դ18.02 3-4 ¶1-3
Շաբաթ, մայիս 4
Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ (Ժող. 12։1)։
Պատանի մը ըլլալով՝ դուն քեզի հարցուր. «Հոգեւոր գործունէութիւններուն կը մասնակցիմ, քանի որ ծնո՞ղքս այդպէս կ’ակնկալէ ինձմէ։ Աստուծոյ հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունի՞մ»։ Անշուշտ, բոլորս ալ պէտք է հոգեւոր նպատակակէտեր ունենանք, ըլլանք պատանի թէ տարեց։ Ատոնք մեզի պիտի օգնեն որ մեր հոգեւորութիւնը խորացնենք (Ժող. 12։13)։ Երբ նկատենք թէ ո՛ր մարզերուն մէջ կրնանք բարելաւուիլ, պէտք է սկսինք փոփոխութիւններ ընել։ Հոգեւոր անձ ըլլալը մահու եւ կենաց խնդիր է (Հռով. 8։6-8)։ Եհովան մեզմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր, եւ իր հոգին մեզի կ’օգնէ որ յառաջդիմենք։ Բայց մենք ալ մեր կարգին պէտք է ջանք թափենք։ Թէեւ Սուրբ Գիրքը սերտելը հետաքրքրական է, բայց պէտք չէ ակնկալենք որ ան ըլլայ պարզապէս հաճելի վէպի մը պէս։ Պէտք է ջանքեր թափենք որ մեզի օգնող հոգեւոր գոհարներ գտնենք։ դ18.02 25 ¶10-11
Կիրակի, մայիս 5
Ա՛լ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ (Գործք 22։16)։
Չէ պահանջուած որ զաւակը իւրաքանչիւր ուսուցումի մասին բոլոր մանրամասնութիւնները գիտնայ, առաջ որ նուիրուի ու մկրտուի։ Քրիստոսին իւրաքանչիւր աշակերտը պէտք է իր մկրտութենէն ետք շարունակէ սորվիլ (Կող. 1։9, 10)։ Ուրեմն, մէկը որքա՞ն գիտութիւն պէտք է ունենայ որպէսզի մկրտուի։ Առաջին դարուն ապրած ընտանիքի մը փորձառութիւնը կրնայ այժմու ծնողներուն օգնել (Գործք 16։25-33)։ Շուրջ Ք.Ե. 50–ին, երբ Պօղոս իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան մէջ էր, այցելեց Փիլիպպէ։ Մինչ հոն էր, իր եւ Շիղային մասին սուտեր խօսուեցան, եւ անոնք ձերբակալուեցան եւ բանտը նետուեցան։ Իրիկունը, զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ եւ բանտին բոլոր դռները բացուեցան։ Բանտապետը վախնալով որ բոլոր բանտարկեալները փախած են, քիչ մնաց որ ինքզինք մեռցնէր։ Բայց Պօղոս զինք կեցուց։ Ետքը, Պօղոսն ու Շիղան Յիսուսին մասին ճշմարտութիւնը սորվեցուցին բանտապետին եւ անոր ընտանիքին։ Անոնք գնահատեցին իրենց սորվածները եւ այս գնահատանքը զիրենք մղեց, որ առանց ուշանալու մկրտուին։ դ18.03 10 ¶7-8
Երկուշաբթի, մայիս 6
Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է (Սաղ. 144։15)։
Եհովան ուրախ Աստուած է եւ իր ժողովուրդն ալ ուրախ է։ Ասկէ զատ, Եհովային ծառաները ուրախ են, քանի որ կը սիրեն ուրիշին տալ, մինչդեռ անձնասէրները միայն առնելու կը նային (Գործք 20։35. Բ. Տիմ. 3։2)։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ մեր անձին հանդէպ մեր սէրը երթալէն աւելի զօրաւոր կ’ըլլայ քան՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը։ Այս իմաստուն խրատը նկատի առ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։3, 4)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Այս խրատը կը գործադրե՞մ կեանքիս մէջ։ Առիթներ կ’օգտագործե՞մ որ ուրիշներուն օգնեմ թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ դաշտի ծառայութեան մէջ’։ Միշտ դիւրին չէ մեր ժամանակէն եւ կորովէն տալ ուրիշներուն։ Ատեններ թերեւս պէտք ըլլայ, որ շատ ջանք թափենք եւ զոհողութիւններ ընենք։ Բայց չկայ բան մը որ մեզ աւելի կ’ուրախացնէ քան՝ գիտնալը որ տիեզերքի Գերիշխանը մեզի կը հաճի։ դ18.01 23 ¶6-7
Երեքշաբթի, մայիս 7
Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք (Բ. Կոր. 13։5)։
Ասիկա ընելու համար, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Իրապէս կը հաւատա՞մ որ ասիկա միակ կազմակերպութիւնն է, որ Եհովան զատած է իր կամքը կատարելու համար։ Լաւագոյնս կ’ընե՞մ որ բարի լուրը քարոզեմ եւ սորվեցնեմ ուրիշներուն։ Գործերով կը փաստե՞մ որ իրապէս կը հաւատամ, թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք եւ թէ Սատանային իշխանութեան վերջը մօտ է։ Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ ունի՞մ այն նոյն վստահութիւնը, որ ունէի երբ կեանքս նուիրեցի Եհովա Աստուծոյ’ (Մատ. 24։14. Բ. Տիմ. 3։1. Եբ. 3։14)։ Այս հարցումներուն պատասխաններուն մասին մտածելը մեզի պիտի օգնէ, որ քննենք ճիշդ ինչպիսի անձ ըլլալնիս։ Իսկ Յիշատակատօնին նախապատրաստուելու համար, կրնաս կարդալ եւ խոկալ այն յօդուածներուն վրայ, որոնք այս առիթին կարեւորութիւնը կը բացատրեն (Յովհ. 3։16. 17։3)։ Յաւիտենական կեանք ստանալու միակ կերպն է՝ Եհովան ճանչնալ եւ իր Որդիին՝ Յիսուսին հաւատալ։ Կրնաս ուսումնասիրութեան ծրագիրներ դնել, որոնք քեզի պիտի օգնեն Եհովային եւ Յիսուսին աւելի մօտենալու։ դ18.01 13 ¶5-6
Չորեքշաբթի, մայիս 8
Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ (Յովհ. 6։44)։
Երբ Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները կը կարդաս եւ երբ ժողովի կ’երթաս, քաջալերական փորձառութիւններու կը հանդիպիս, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ուրիշներուն օգնած է որ հաւատարիմ մնան։ Բայց մինչ հոգեւորապէս կը զօրանաս, կարեւոր է որ քո՛ւ կեանքիդ մէջ տեսնես Եհովային ձեռքը։ Անձնապէս ինչպէ՞ս տեսած ես թէ Եհովան բարի է։ Կայ ձեւ մը, որուն միջոցաւ ամէն քրիստոնեայ համտեսած է Եհովային բարութիւնը։ Եհովան իւրաքանչիւրս հրաւիրեց, որ իրեն եւ իր Որդիին մօտենանք։ Պատանի մը թերեւս մտածէ. ‘Եհովան իմ ծնո՛ղքս քաշեց. ես պարզապէս իրենց հետեւեցայ’։ Բայց մի՛ մոռնար որ երբ անձդ նուիրեցիր Եհովային եւ մկրտուեցար, յատուկ փոխյարաբերութիւն ունեցար իրեն հետ։ Հիմա ան իրապէս կը ճանչնայ քեզ։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ. «Եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է» (Ա. Կոր. 8։3)։ Միշտ ջանք թափէ որ արժեւորես Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ունեցած տեղդ։ դ17.12 26 ¶12-13
Հինգշաբթի, մայիս 9
Տէրը իր սիրածը կը խրատէ (Եբ. 12։6)։
Շատեր կը խորհին թէ «կրթել» բառը ըսել է՝ մէկու մը սորվեցնել։ Բայց կրթելը նաեւ ըսել է՝ սրբագրել, խրատ տալ եւ պատժել։ Այս պատճառով, ատեններ Աստուած պատժելով կը կրթէ մեզ։ Բայց ան բնա՛ւ անգթութեամբ կամ վնաս հասցնելով չի պատժեր։ Ընդհակառակը, իր պատիժը կը փաստէ, որ մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրինք (Եբ. 12։6)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ կրթութիւնը օգուտներ ունի, եւ որոշ համարներու մէջ կը տեսնենք, որ կապ ունի գիտութեան, իմաստութեան, սիրոյ եւ կեանքին հետ (Առ. 1։2-7. 4։11-13)։ Իրականութեան մէջ, «կրթել»ուն ամէնէն կարեւոր նպատակն է՝ մարզել, ճիշդ ինչպէս որ ծնողք մը կը մարզէ իր սիրելի զաւակը։ Որպէս քրիստոնեաներ, մենք մաս կը կազմենք «Աստուծոյ տան», կամ ընտանիքին (Ա. Տիմ. 3։15)։ Մեր Հայրը՝ Եհովան, իրաւունք ունի թէ՛ չափանիշներ դնելու եւ թէ մեզ կրթելու, երբ իրեն չհնազանդինք։ Ասկէ զատ, եթէ մեր ըրածները ցաւալի հետեւանքներ ունենան, Եհովային սիրալիր կրթութիւնը կրնայ մեզի յիշեցնել, թէ որքա՛ն կարեւոր է որ իրեն հնազանդինք (Գաղ. 6։7, 8)։ դ18.03 23 ¶1. 24 ¶3
Ուրբաթ, մայիս 10
Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է (Առ. 17։27)։
Թերեւս պատանի մըն ես եւ կը զգաս որ ծնողքդ քեզ չի հասկնար եւ հետդ խիստ կը վարուի։ Կրնայ ըլլալ որ այնքան նեղանաս, որ սկսիս կասկածիլ թէ Եհովային ծառայելը լաւագոյն ապրելակերպն է։ Բայց եթէ Եհովան ձգես, շատ չանցած պիտի անդրադառնաս որ ո՛չ մէկը քեզ կը սիրէ աստուածավախ ծնողքիդ եւ ժողովքիդ չափ։ Ասոր մասին մտածէ. եթէ ծնողքդ բնա՛ւ խրատ չտային քեզի, պիտի չկասկածէի՞ր որ իրապէս քեզմով հետաքրքրուած են (Եբ. 12։8)։ Բայց թերեւս կը նեղանաս անոնց կրթելու կերպէն։ Ասոր վրայ մի՛ կեդրոնանար, հապա փորձէ հասկնալ թէ անոնք ինչո՛ւ այդպէս կը վարուին։ Հանդարտ մնա՛ եւ չափէ դուրս մի՛ հակազդեր։ Նպատակակէտ դիր որ ըլլաս հասուն անձ մը, որ հանդարտութեամբ կ’ընդունի խրատը, ատկէ կը սորվի եւ շատ կարեւորութիւն չի տար դիմացինին խօսած կերպին (Առ. 1։8)։ դ17.11 29 ¶16-17
Շաբաթ, մայիս 11
Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր (Յայտ. 2։4)։
Կրնայ ըլլալ որ տեսած ես թէ կարգ մը պատանիներ կը մկրտուին, բայց յետոյ կը սկսին կասկածիլ, որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլը իրապէս լաւ է իրենց համար։ Ոմանք նոյնիսկ ձգած են ճշմարտութիւնը։ Ուրեմն, թերեւս մտահոգուիս որ զաւակդ սկսի Եհովային ծառայել, բայց յետոյ իր սէրը պաղի ճշմարտութեան հանդէպ։ Ինչպէ՞ս կրնաս անոր օգնել, որ իր սէրը զօրաւոր պահէ եւ ‘մեծնայ մինչեւ փրկութիւն’ (Ա. Պետ. 2։2)։ Կրնաս Տիմոթէոսի օրինակէն սորվիլ։ Պօղոս անոր գրեց. «Դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր [«հաստատ համոզուեցար», ՆԱ], վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը [Եբրայերէն Գրութիւնները] գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը» (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Նկատէ թէ Պօղոս կը նշէ՝ 1) սուրբ գրքերը գիտնալ, 2) սորվածներուն հաստատ համոզուիլ եւ 3) իմաստուն ըլլալ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։ դ17.12 18-19 ¶2-3
Կիրակի, մայիս 12
Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք (Եսա. 65։14)։
Շատ մը կրօնքներ դժոխքի մասին կը սորվեցնեն, տասանորդ կը հաւաքեն կամ քաղաքականութիւն կը քարոզեն։ Զարմանալի չէ որ երթալով աւելի շատ մարդիկ կը կարծեն, որ առանց կրօնքի կրնան ուրախ ապրիլ։ Անկասկած անհատը կրնայ ուրախ ըլլալ առանց սուտ կրօնքի, բայց չի կրնար իսկապէս ուրախ ըլլալ եթէ ուրախ Եհովա Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն չունի (Ա. Տիմ. 1։11)։ Եհովայի ըրած բոլոր բաները օգտակար են մարդոց համար։ Իր ծառաներն ալ ուրախ են, քանի որ կը կեդրոնանան ուրիշներուն օգնելու վրայ (Գործք 20։35)։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէս ճշմարիտ պաշտամունքը կ’օգնէ որ ընտանիքները ուրախ ըլլան։ Ճշմարիտ պաշտամունքը կը սորվեցնէ որ յարգենք եւ պատուենք մեր կողակիցը, սուրբ նկատենք ամուսնական ուխտը, հեռու մնանք շնութենէն, մեծցնենք յարգալից զաւակներ եւ ցուցնենք իրական սէր։ Ճշմարիտ պաշտամունքը կ’օգնէ որ Եհովայի ժողովուրդը խաղաղութեամբ միասնաբար գործեն ժողովքին մէջ եւ իրարու հանդէպ սէր ցուցնեն։ դ17.11 21 ¶6-7
Երկուշաբթի, մայիս 13
Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես (Հռով. 7։24)։
Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն շատեր Պօղոս առաքեալին պէս արտայայտուած են։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել, բայց ատեններ ժառանգուած մեղքին եւ անկատարութեան պատճառով կը ձախողինք եւ գէշ կը զգանք։ Կարգ մը քրիստոնեաներ, որոնք լուրջ մեղք մը գործած են, թերեւս նոյնիսկ խորհին որ Եհովան բնա՛ւ պիտի չներէ իրենց։ Բայց Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովային «յուսացողները»՝ կամ իր քով ապաստանողները, պէտք չէ ձգեն որ յանցաւոր ըլլալու զգացումները զիրենք ուտեն (Սաղ. 34։22)։ Ըսելէ ետք որ «խղճալի» մարդ է, քանի որ չի կրնար կատարեալ կերպով հնազանդիլ Եհովային, Պօղոս աւելցուց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 7։25)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Թէեւ մեղաւոր ցանկութիւններու դէմ կը պայքարէր եւ անցեալին մեղք գործած էր,– ու զղջացած էր,– բայց վստահ էր որ Եհովան իրեն կը ներէր Յիսուսի զոհին հիման վրայ։ Որովհետեւ Յիսուս փրկանքը վճարեց, կրնանք մաքուր խիղճ եւ ներքին խաղաղութիւն ունենալ (Եբ. 9։13, 14)։ Ան մեր Քահանայապետը ըլլալով՝ «բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար» (Եբ. 7։24, 25)։ դ17.11 8 ¶1-2. 12 ¶15
Երեքշաբթի, մայիս 14
Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք (Սաղ. 76։11)։
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ըրած մեր նուիրումի ուխտը կատարել։ «Ամէն օր» փորձութիւններու առջեւ կու գանք, ըլլան մեծ կամ պզտիկ։ Անոնց հետ մեր ինչպէ՛ս գլուխ ելլելը կը ցուցնէ, թէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը որքա՛ն զօրաւոր է (Սաղ. 61։8)։ Օրինակ, ի՞նչ կ’ընես եթէ գործին մէջ կամ դպրոցը մէկը սկսի քեզի հանդէպ մտերմութիւն ցուցնել։ Կը մերժե՞ս անոր յայտնած հետաքրքրութիւնը եւ կը ցուցնես որ կ’ուզես Եհովային հնազանդիլ (Առ. 23։26)։ Իսկ եթէ ընտանիքիդ մէջ միայն դուն կը պաշտես Եհովան, իրմէ կը խնդրե՞ս որ քեզի օգնէ որ շարունակես քրիստոնէավայել կերպով վարուիլ։ Ամէն օր Եհովային կ’աղօթե՞ս, իրեն շնորհակալութիւն յայտնելով իր սիրոյն եւ առաջնորդութեան համար։ Իւրաքանչիւր օր ժամանակ կը տրամադրե՞ս որ Սուրբ Գիրքը կարդաս։ Երբ Եհովային նուիրուեցանք, ձեւով մը խոստացանք որ այս բաները պիտի ընենք։ Երբ Եհովային հնազանդինք եւ մեր լաւագոյնը իրեն տանք, կը ցուցնենք որ զինք կը սիրենք եւ իրեն կը պատկանինք։ Մեր պաշտամունքը ապրելակե՛րպ է։ դ17.10 23-24 ¶11-12
Չորեքշաբթի, մայիս 15
Բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը (Սաղ. 147։1)։
Անգամ մը, հռչակաւոր երգագիր մը ըսաւ. «Բառերը կը ձգեն որ մտածումներ ունենաս։ Երաժշտութիւնը կը ձգէ որ զգացում մը զգաս։ Բայց երգը կը ձգէ որ թէ՛ մտածես եւ թէ զգաս»։ Մեր երգերուն միջոցաւ կը փառաբանենք եւ մեր սէրը կ’արտայայտենք մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային։ Անոնք կը ձգեն որ իրեն աւելի մօտենանք։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ երգելը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ մաքուր պաշտամունքին մէջ, չնայած թէ առանձին կ’երգենք կամ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։ Սակայն ի՞նչ կ’ըսես ժողովքին հետ բարձրաձայն երգելուն մասին։ Կ’ամչնա՞ս երգելու։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, տղամարդիկը կը քաշուին ուրիշներուն առջեւ երգելու։ Այս կեցուածքը կրնայ ամբողջ ժողովքին ազդել, մանաւանդ եթէ երէցները քաշուին երգելու, կամ ալ ուրիշ գործունէութիւններ ընեն մինչ ժողովքը կ’երգէ (Սաղ. 30։12)։ Երգելը Եհովայի պաշտամունքին մէկ մասն է։ Ասոր համար, վստահաբար չենք ուզեր փախցնել ժողովին այս մասը, կամ ալ մեր տեղէն ելլել երգելու ընթացքին։ դ17.11 3 ¶1-3
Հինգշաբթի, մայիս 16
Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր (Մատ. 10։34)։
Բոլորս կ’ուզենք խաղաղ կեանք մը վայելել եւ մտահոգութիւններ չունենալ։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ մեզի իր «խաղաղութիւնը» կու տայ։ Այս խաղաղութիւնը այն ներքին հանդարտութիւնն է, որ մեզ կը պաշտպանէ նեղացուցիչ մտածումներէ եւ զգացումներէ (Փլպ. 4։6, 7)։ Նաեւ «խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ», քանի որ իրեն նուիրուած ենք, եւ լաւ փոխյարաբերութիւն ունինք (Հռով. 5։1)։ Բայց տակաւին չէ եկած այդ ժամանակը, երբ Աստուած լման խաղաղութիւն պիտի ընէ երկրի վրայ։ Ներկայիս, բազմաթիւ մարդիկ կռուազան դարձած են (Բ. Տիմ. 3։1-4)։ Նաեւ պէտք է պայքարինք Սատանային եւ իր ուսուցումներուն դէմ (Բ. Կոր. 10։4, 5)։ Բայց մեր խաղաղութիւնը ամէնէն շատ վտանգի տակ կ’ըլլայ, երբ Եհովան չպաշտող ազգականները մեզի հակառակին։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք մեր հաւատալիքներուն վրայ խնդան կամ ըսեն որ ընտանիքներ կը բաժնենք։ Թերեւս նոյնիսկ ըսեն որ եթէ մեր հաւատքէն վազ չանցնինք, այլեւս ընտանիքին մէկ մասը պիտի չըլլանք։ դ17.10 12 ¶1-2
Ուրբաթ, մայիս 17
Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս (Սաղ. 119։97)։
Լեզուներուն փոխուիլը կ’ազդէ Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւններուն։ Կրնայ ըլլալ որ թարգմանութիւն մը, որ հասկնալի էր երբ նոր հրատարակուեցաւ, յետագային շատ հասկնալի չըլլայ։ Օրինակ, նկատի առ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը, որ 1611–ին հրատարակուեցաւ։ Ատիկա դարձաւ ամէնէն շատ ճանչցուած անգլերէն Աստուածաշունչերէն մէկը, եւ նոյնիսկ ազդեց անգլերէն լեզուին։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, անոր գործածած շատ մը արտայայտութիւնները անհասկնալի դարձան։ Նոյնը պատահեցաւ Սուրբ Գիրքին առաջին թարգմանութիւններէն ոմանց, որոնք ուրիշ լեզուներով էին։ Ուրախ չե՞նք որ կարգադրութիւն եղած է, որ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը թարգմանուի կարելի եղածին չափ շատ լեզուներով։ Անիկա, մասամբ կամ ամբողջութեամբ, մատչելի է աւելի քան 150 լեզուներով, այսինքն՝ մարդոց մեծամասնութիւնը կրնայ ի՛ր լեզուով այս թարգմանութիւնը կարդալ։ Ատոր հասկնալի բառերը կը ձգեն, որ Աստուծոյ պատգամը դպչի մեր սիրտին։ դ17.09 19 ¶5-6
Շաբաթ, մայիս 18
Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր (Առ. 27։11)։
Պատանիները անձամբ առնելիք կարեւոր որոշումներ ունին։ Անոնք քաջութեան պէտք ունին, որպէսզի իմաստուն որոշումներ առնեն, երբ բարեկամներ պիտի ընտրեն, երբ ժամանց պիտի զատեն, թէ ինչպէ՛ս բարոյապէս մաքուր մնան եւ ե՛րբ մկրտուին։ Անոնք քաջութեան պէտք ունին, քանի որ Սատանային կամքին հակառակ կ’աշխատին։ Անոնք պէտք է որոշեն, թէ ի՛նչ նպատակակէտեր պիտի դնեն։ Ոմանց վրայ ճնշում կ’ըլլայ, որ կեդրոնանան բարձր ուսում առնելու եւ լաւ ամսականով գործ աշխատելու վրայ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, դրամական նեղութեան պատճառով պատանիները կը զգան, որ պէտք է կեդրոնանան գործին վրայ, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքին օգտակար դառնալ։ Երբ պատանիները քաջութեամբ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն եւ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնեն, Եհովան պիտի օրհնէ զանոնք։ Ան պիտի օգնէ որ իրենց ընտանիքին պէտքերուն հոգ տանին։ Պատանի Տիմոթէոսը կեդրոնացաւ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ։ Դո՛ւն ալ կրնաս նոյնը ընել (Փլպ. 2։19-22)։ դ17.09 29-30 ¶10-12
Կիրակի, մայիս 19
Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի. . . որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես (Յես. 1։8)։
Երբ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար եւ իմաստալից կերպով ուսումնասիրենք, կրնանք աւելցնել մեր ժուժկալութիւնը կամ ինքնազսպումը։ Ինչպէ՞ս։ Անոր մէջ կան օրինակներ, որոնք կը ցուցնեն թէ մեր արարքներուն օգուտները կամ հետեւանքները ի՛նչ կրնան ըլլալ։ Եհովա Աստուած նպատակով մը գրել տուած է այդ պատմութիւնները (Հռով. 15։4)։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ զանոնք կարդանք, ուսումնասիրենք եւ ատոնց վրայ խոկանք։ Ջանա՛ ըմբռնել թէ ատոնք ինչպէ՛ս կը կիրարկուին քեզի եւ ընտանիքիդ։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ իր խրատները գործադրելու։ Եթէ նկատես որ որոշ մարզի մը մէջ ժուժկալութեան պակաս ունիս, ընդունէ՛ ասիկա։ Ետքը, Աստուծոյ աղօթէ ատոր մասին եւ ջանա՛ գիտնալ թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի ժուժկալ ըլլալ (Յակ. 1։5)։ Մեր զանազան հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ըրէ, որպէսզի գործնական խրատներ գտնես, որոնք կրնան քեզի օգնել։ դ17.09 6 ¶15-16
Երկուշաբթի, մայիս 20
Նոր մարդ եղէք (Կող. 3։10, ՆԹ)։
«Նոր մարդ»ը անձնաւորութիւն մըն է, որ «Աստուծոյ կամքին համաձայն ստեղծուած է» (Եփ. 4։24)։ Կրնա՞նք այս նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։ Այո՛, քանի որ Եհովա Աստուած իր պատկերովը ստեղծեց մեզ, եւ այս պատճառով կրնանք իր գեղեցիկ յատկութիւնները ունենալ (Ծն. 1։26, 27. Եփ. 5։1)։ Պօղոս Առաքեալ բացատրեց, որ անաչառութիւնը նոր անձնաւորութեան կարեւոր մէկ մասն է։ Ան ըսաւ. «Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ»։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ո՛չ մէկը պէտք է կարծէ որ ուրիշներէն լաւ է՝ իր ցեղին, ազգութեան կամ ընկերային դիրքին պատճառով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս Քրիստոսին իսկական հետեւորդները ‘ամէնքն ալ մէկ են’ (Կող. 3։11. Գաղ. 3։28)։ Երբ նոր անձնաւորութիւնը կը հագնինք, բոլոր մարդիկը կը յարգենք եւ կը պատուենք, ինչ ալ ըլլայ անոնց ցեղը կամ ենթահողը (Հռով. 2։11)։ դ17.08 22 ¶1. 23 ¶3-4
Երեքշաբթի, մայիս 21
Տէրը պիտի սպասէ (Եսա. 30։18)։
Եհովա Աստուած մեզմէ չէ խնդրած բան մը, որ ինք պատրաստ չէ ընելու։ Ան ոեւէ մէկէ աւելի յօժար է համբերելու (Բ. Պետ. 3։9)։ Օրինակ, Եհովա Աստուած հազարաւոր տարիներէ ի վեր համբերութեամբ ‘կը սպասէ’, որ իր անունը սրբացուի, քանի որ Բանսարկու Սատանան Եդեմի պարտէզին մէջ ըսաւ, որ Ինք անարդար է։ Երբ ասիկա տեղի ունենայ, հոյակապ օրհնութիւններ պիտի վայելեն անոնք, որոնք չորս աչքով «անոր կը սպասեն» (Եսա. 30։18)։ Յիսուս Քրիստոս ալ յօժար է համբերելու։ Թէեւ երկրի վրայ հաւատարիմ մնաց մինչեւ մահ, եւ Ք.Ե. 33–ին՝ իր զոհին արժէքը ներկայացուց Եհովային, բայց մինչեւ 1914 սպասեց որ սկսի թագաւորել (Գործք 2։33-35. Եբ. 10։12, 13)։ Ան տակաւին պէտք է սպասէ մինչեւ իր Հազարամեայ իշխանութեան վերջը, որ իր բոլոր թշնամիները կործանին (Ա. Կոր. 15։25)։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ սպասելը պիտի արժէ։ դ17.08 7 ¶16-17
Չորեքշաբթի, մայիս 22
Աստուած. . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։
«Մեր տղուն մեռնելէն ետք, գրեթէ մէկ տարի շատ խոր ցաւ զգացինք», ըսաւ Սուսին։ Եղբայր մը ըսաւ որ երբ իր կինը յանկարծ մեռաւ, «այնպիսի ֆիզիքական ցաւ մը զգաց, որ չի բացատրուիր»։ Ցաւօք սրտի, ուրիշ շատեր այս ցաւը կ’ապրին։ Ներկայիս, ժողովքին մէջ շատեր չէին ակնկալեր որ սիրելի մը կորսնցնեն Արմագեդոնէն առաջ։ Եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես կամ գիտես մէկը որ կը սգայ, թերեւս դուն քեզի հարցնես. «Սգաւոր անձը ինչպէ՞ս կրնայ մխիթարուիլ»։ Թերեւս լսած ես թէ ժամանակը ամէն վէրք կը բուժէ։ Բայց իրապէս միայն ժամանա՞կն է որ կը բուժէ կոտրած սիրտը։ Այրի մը ըսաւ. «Անդրադարձած եմ թէ աւելի ճիշդ է ըսել, թէ ինչ որ կ’ընե՛ս ժամանակին ընթացքին՝ կ’օգնէ որ բուժուիս»։ Եթէ զգացական վէրքին լաւ հոգ տարուի, ժամանակի ընթացքին կը լաւանայ, ինչպէս որ է ֆիզիքական վէրքին պարագան։ դ17.07 12-13 ¶1-3
Հինգշաբթի, մայիս 23
Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները (Սաղ. 37։4)։
Եհովան կը քաջալերէ որ ինչպիսի՞ ծրագիրներ դնես։ Ան մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ ուրախ ըլլալու համար պէտք է զինք ճանչնանք եւ հաւատարմօրէն ծառայենք իրեն (Սաղ. 128։1. Մատ. 5։3)։ Մենք շատ տարբեր ենք անասուններէն, որոնք միայն կ’ուտեն, կը խմեն եւ ձագեր կ’ունենան։ Եհովան կ’ուզէ որ կեանքդ այնպէս մը ծրագրես, որ ուրախ եւ իմաստալից ըլլայ։ Ան «սիրոյ» Աստուածն է՝ «երանելի» Աստուածը, որ «իր պատկերովը» ստեղծեց մարդը (Բ. Կոր. 13։11. Ա. Տիմ. 1։11. Ծն. 1։27)։ Ուրախ պիտի ըլլաս եթէ մեր սիրալիր Աստուծոյ նմանիս։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Այս խօսքին ճիշդ ըլլալը տեսա՞ծ ես կեանքիդ մէջ։ Ասիկա մարդկային կեանքին մէջ իրականութիւն մըն է։ Ուրեմն, Եհովան կ’ուզէ որ ուրիշներուն եւ իրեն հանդէպ ունեցած սիրոյդ հիման վրայ դնես ծրագիրներդ (Մատ. 22։36-39)։ դ17.07 23 ¶3
Ուրբաթ, մայիս 24
Տէրը. . . բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն (Սաղ. 84։11)։
Աստուած կը պատուէ ու կը յարգէ մեզ։ Ան մեզ կը հոգայ մեր անձէն աւելի։ Իր ժողովուրդով հետաքրքրուած է ոչ միայն որպէս խումբ, հապա նաեւ՝ անհատապէս։ Օրինակ, անցեալին՝ երեք դարերու ընթացքին, Եհովան դատաւորներ գործածեց իր ժողովուրդը առաջնորդելու եւ թշնամիներուն ձեռքէն ազատելու համար։ Միեւնոյն ատեն, ան հետաքրքրուած էր իւրաքանչիւր անհատով, ինչպէս՝ Հռութը, որ իսրայէլացի չէր։ Ան շատ զոհողութիւններ ըրած էր որ Եհովան պաշտէր։ Եհովան օրհնեց Հռութը, իրեն տալով ամուսին մը եւ տղայ մը։ Բայց հոս չի վերջանար։ Հռութին տղային սերունդէն եկաւ Մեսիան։ Նաեւ Հռութին կենսագրութիւնը գրուած է Աստուածաշունչի այն գիրքին մէջ, որ իր անունը կը կրէ։ Երեւակայէ թէ Հռութ որքա՜ն պիտի ազդուի երբ յարութիւն առնէ եւ այս բաները գիտնայ (Հթ. 4։13. Մատ. 1։5, 16)։ դ17.06 28-29 ¶8-9
Շաբաթ, մայիս 25
Սուրբ Հոգին. . . ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ (Յովհ. 14։26)։
1970–ին, Փիթըր անունով եղբայր մը 19 տարեկան էր եւ նոր սկսած էր Բրիտանիոյ Բեթէլին մէջ ծառայել։ Օր մը, ան դռնէ դուռ կը ծառայէր եւ հանդիպեցաւ միջին տարիքով մօրուքաւոր մարդու մը։ Փիթըր մարդուն հարցուց որ արդեօք կը փափաքէ՞ր Սուրբ Գիրքը հասկնալ։ Մարդը զարմացած ըսաւ, որ ասիկա հրեայ ռաբբիներու տուն է։ Փիթըրը փորձելու համար, ռաբբին հարցուց. «Լաւ, տղա՛ս. Դանիէլ գիրքը ո՞ր լեզուով գրուած է»։ Փիթըր պատասխանեց. «Ատոր մէկ մասը գրուած է արամերէնով»։ Փիթըր կը պատմէ. «Ռաբբին զարմացաւ որ պատասխանը գիտցայ։ Բայց ես ա՛լ աւելի զարմացայ։ Պատասխանը ինչպէ՞ս գիտցայ։ Երբ տուն երթալով ստուգեցի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի վերջին ամիսներու թիւերը, յօդուած մը գտայ որ կը բացատրէր թէ Դանիէլ գիրքը նաեւ գրուած է արամերէնով»։ Իրապէս, սուրբ հոգին կրնա՛յ մեր միտքը բերել տեղեկութիւններ, որ կարդացած ենք (Ղուկ. 12։11, 12. 21։13-15)։ դ17.06 13 ¶17
Կիրակի, մայիս 26
[Ամուսնացողները] մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան (Ա. Կոր. 7։28)։
Նոր հոգեր մէջտեղ կ’ելլեն, երբ կինը ամուսինին ըսէ. «Պզտիկ պիտի ունենանք»։ Ճիշդ է որ անոնք ուրախ կ’ըլլան, բայց միեւնոյն ատեն կը մտահոգուին, որ արդեօք յղութիւնը լաւ պիտի անցնի՞ եւ պզտիկին առողջութիւնը լաւ պիտի ըլլա՞յ։ Անոնք նաեւ գիտեն, թէ իրենց ծախսերը պիտի աւելնան։ Պզտիկը ծնելէն ետք, զոյգը պէտք կ’ունենայ ուրիշ փոփոխութիւններ ալ ընելու։ Մօր ժամանակին եւ հոգատարութեան մեծ մասը պզտիկին կ’երթայ։ Ասոր համար, թերեւս ամուսինն ու կինը չկարենան առաջուան պէս ժամանակ անցընել իրարու հետ։ Ասկէ զատ, հօր պատասխանատուութիւնները կ’աւելնան, քանի որ ընտանիքին նոր անդամին պէտքերը պէտք է ապահովէ։ Կարգ մը ամուսնացած զոյգեր ուրիշ տեսակ նեղութիւն մը ունին։ Անոնք շատ կ’ուզեն պզտիկ ունենալ, բայց չեն կրնար ունենալ։ Կինը յղի չմնալով կրնայ զգացական նեղութիւն քաշել։ դ17.06 4 ¶1. 5 ¶5-6
Երկուշաբթի, մայիս 27
Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս, մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս (Սաղ. 119։103)։
Որպէս քրիստոնեաներ, մենք ճշմարտութիւնը կը սիրենք։ Ճշմարտութիւնը կը գտնուի Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Յիսուս իր Հօր ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)։ Ուրեմն, որպէսզի Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը սիրենք, պէտք է Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն առնենք (Կող. 1։10)։ Բայց ասիկա չի բաւեր։ Նկատէ թէ 119–րդ սաղմոսը գրողը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ ինչ պէտք է ընենք (Սաղ. 119։97-100)։ Օրուան մէջ ժամանակ կը տրամադրե՞նք որ խոկանք, կամ խորապէս մտածենք, Սուրբ Գիրքին ըսածներուն վրայ։ Մինչ կը խոկանք թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք սուրբգրային ճշմարտութիւնը կիրարկել մեր կեանքին մէջ, ա՛լ աւելի պիտի սիրենք զայն։ Նաեւ, Աստուծոյ կազմակերպութեան պատրաստած հրատարակութիւնները համով ուտելիքի կը նմանին։ Երբ մեր սիրած մէկ ուտելիքը կ’ուտենք, սովորաբար չենք աճապարեր։ Նմանապէս, երբ արագ–արագ չսերտենք, պիտի կարենանք ճշմարտութեան «ախորժելի խօսքեր»ը յիշել եւ զանոնք գործածել ուրիշներուն օգնելու (Ժող. 12։10)։ դ17.05 19-20 ¶11-12
Երեքշաբթի, մայիս 28
Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է (Ա. Կոր. 14։25)։
Կ’ուզենք չարչարուող մարդոց օգնել, մէջը ըլլալով Վկայ չեղողները (Ղուկ. 10։33-37)։ Ասիկա ընելու լաւագոյն կերպն է՝ բարի լուրը քարոզել անոնց։ Երէց մը, որ բազմաթիւ գաղթականներու օգնած է, կ’ըսէ. «Կարեւոր է որ մէկ կտոր ըսենք թէ Եհովայի վկայ ենք, եւ յստակ դարձնենք որ մեր գլխաւոր նպատակն է՝ հոգեւորապէս օգնել իրենց, եւ ոչ թէ նիւթական գետնի վրայ։ Եթէ չըսենք, թերեւս կարգ մը մարդիկ մեզի հետ ընկերակցին միայն մեզմէ օգտուելու համար»։ Երբ անկեղծ սէր ցուցնենք «պանդուխտներ»ուն, լաւ արդիւնքներ մէջտեղ կու գան (Սաղ. 146։9)։ Քոյր մը պատմեց թէ Էրիթրիոյ մէջ հալածանքի պատճառով իր ընտանիքը երկրէն փախաւ։ Իր զաւակներէն չորսը ութ օր անապատին մէջ քալելէ ետք, վերջին ծայր յոգնած հասան Սուտան։ Քոյրը ըսաւ. «Այդտեղի եղբայրները այնպէս մը վարուեցան անոնց հետ՝ կարծես թէ իրենց ազգականներն են։ Անոնք տուին ուտելիք, հագուելիք ու բնակելու տեղ, եւ զիրենք տարին–բերին։ Եհովայի վկաներէն զատ ո՞վ օտարներ կ’ընդունի իր տունը պարզապէս քանի որ նոյն Աստուածը կը պաշտեն» (Յովհ. 13։35)։ դ17.05 7 ¶17, 19-20
Չորեքշաբթի, մայիս 29
Իմ առջեւս Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք (Յոբ 42։8)։
«Միթէ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. . . Ամենակարողին հաճոյք կը պատճառէ՞ եթէ արդար ըլլաս, կամ շահ մը ունի՞ եթէ քու ճամբաներդ շտկես» (Յոբ 22։1-3)։ Այսպիսի հարցումներու պատասխանը ուզա՞ծ ես առնել։ Երբ Եղիփազ թեմանացին այս խօսքը ըսաւ Յոբին, անկասկած կը կարծէր որ պատասխանը ո՛չ է։ Իր ընկերը՝ Բաղդատ սօքեցին նոյնիսկ ըսաւ, թէ անկարելի է որ մարդ արարածը արդար սեպուի Աստուծոյ աչքին (Յոբ 25։4)։ Եղիփազ եւ Բաղդատ փորձեցին Յոբին հասկցնել, թէ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելը օգուտ մը չունի Իրեն։ Անոնք ըսին թէ ցեցէն, ճճիէն եւ որդէն աւելի արժէք մը չունինք Աստուծոյ քով (Յոբ 4։19. 25։6)։ Եհովան Եղիփազին, Բաղդատին եւ Սոփարին ըսաւ որ սուտ կը խօսէին, իսկ Յոբէն գոհ մնաց եւ զինք կոչեց՝ «ծառաս» (Յոբ 42։7)։ Ուրեմն, մարդ արարածը կրնա՛յ «Աստուծոյ օգտակար ըլլալ»։ դ17.04 28 ¶1-2
Հինգշաբթի, մայիս 30
Խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան (Սաղ. 37։11)։
Այնքան երկար ատենէ կ’ապրինք գէշ վիճակներու մէջ, որ այլեւս չենք անդրադառնար որ ատոնք որքան կը ճնշեն մեզ։ Ասիկա կը նմանի շոգեկառքի կայանին կամ աղբանոցի մը մօտ ապրողներուն վիճակին։ Կայանին մօտ ապրողը, այլեւս աղմուկը չի նկատեր. իսկ աղբանոցին մօտ ապրողը, այլեւս գարշելի հոտէն չի նեղանար։ Բայց եթէ այս ժխտական բաները մէջտեղէն վերցուին, որքա՜ն հանգստութիւն կ’ըլլայ։ Բոլոր այս ճնշումներուն տեղ ի՞նչ պիտի գայ։ Նկատէ այս օրուան համարին մէջ տրուած խոստումը։ Եհովան ասիկա կը փափաքի մեր ամէն մէկուն։ Ասիկա սրտիդ չի՞ դպչիր։ Ուրեմն, ամէն կարելիդ ըրէ որ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան մօտիկ մնաս այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Գուրգուրա՛ յոյսիդ վրայ, ատոր մասին խոկա՛, թող որ ատիկա քեզի համար իրական ըլլայ եւ ուրիշներուն ալ պատմէ ատոր մասին (Ա. Տիմ. 4։15, 16. Ա. Պետ. 3։15)։ Այսպիսով, վստահ կրնաս ըլլալ որ երբ այս չար աշխարհը մէջտեղէն վերցուի, դուն ողջ պիտի մնաս եւ յաւիտեան ուրախ պիտի ըլլաս։ դ17.04 13 ¶16-17
Ուրբաթ, մայիս 31
Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք (Յակ. 3։2)։
Ասիկա ընդունիլը խօսքով դիւրին է, բայց երբ անձամբ վիրաւորուինք եղբօր մը անկատարութենէն՝ ընդունիլը դժուար կ’ըլլայ։ Այս պարագային, Եհովային պէս արդարութեամբ պիտի վարուի՞նք։ Օրինակ, ի՞նչ պիտի ընես երբ երէց մը ըսէ բան մը, որ կը յայտնէ թէ ձեւով մը նախապաշարուած է։ Կը գայթակղի՞ս երբ երէց մը առանց հաշիւի ըսէ բան մը որ քեզ կը վիրաւորէ։ Փոխանակ մտածելու որ եղբայրը այլեւս պէտք չէ երէց ըլլայ, համբերութեամբ պիտի սպասե՞ս որ ժողովքին գլուխը՝ Յիսուս, հարցը լուծէ։ Փոխանակ սխալին վրայ կեդրոնանալու, միտքդ պիտի բերե՞ս եղբօր երկար տարիներու հաւատարիմ ծառայութիւնը։ Եթէ այն եղբայրը, որ քեզի դէմ մեղք գործեց, շարունակէ ծառայել որպէս երէց, կամ նոյնիսկ յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ստանայ, իրեն համար պիտի ուրախանա՞ս։ Եթէ պատրաստ ըլլաս ներելու, Եհովային պէս արդարութեամբ վարուած կ’ըլլաս (Մատ. 6։14, 15)։ դ17.04 27 ¶18