Յունիս
Շաբաթ, յունիս 1
Աստուած սէր է (Ա. Յովհ. 4։16)։
Եհովան մեզ կը սրբագրէ, կը սորվեցնէ եւ կը մարզէ, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Ան կ’ուզէ որ իրեն մօտիկ մնանք եւ յաւիտեան ապրինք։ Կրթութիւնը ատեններ միայն խրատ տալով չ’ըլլար։ Եթէ մէկը լուրջ մեղք մը ըրած է, կրնայ ժողովքին մէջ որոշ առանձնաշնորհումներ կորսնցնել։ Նոյնիսկ երբ ասիկա պատահի, իր ստացած կրթութիւնը կը ցուցնէ, որ Աստուած զինք կը սիրէ։ Օրինակ, ատիկա կրնայ իրեն օգնել որ ըմբռնէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ աւելի ժամանակ տրամադրէ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու, խոկալու եւ աղօթելու։ Այսպէս, ան կրնայ հոգեւորապէս զօրանալ (Սաղ. 19։7)։ Ժամանակի ընթացքին, թերեւս ետ ստանայ իր կորսնցուցած առանձնաշնորհումները։ Նոյնիսկ վտարումը կը փաստէ որ Եհովան մեզ կը սիրէ, քանի որ այս կարգադրութիւնը ժողովքը կը պաշտպանէ գէշ ազդեցութիւններէ (Ա. Կոր. 5։6, 7, 11)։ Եւ քանի որ Աստուած միշտ արդար կերպով կը կրթէ, վտարումը կրնայ օգնել անհատին որ հասկնայ, թէ իր գործած մեղքը որքա՜ն լուրջ է, ինչպէս նաեւ կրնայ զինք մղել որ զղջայ (Գործք 3։19)։ դ18.03 24 ¶5-6
Կիրակի, յունիս 2
Անմի՛ջապէս մկրտուեցաւ, ինք ու բոլոր իրենները (Գործք 16։33, ԱԾ)։
Բանտապետը ծանօթ չէր Աստուծոյ Խօսքին։ Ուրեմն, որպէսզի քրիստոնեայ դառնար, պէտք էր սորվէր Սուրբ Գիրքին հիմնական ճշմարտութիւնները, հասկնար որ Եհովան ի՛նչ կը պահանջէ իր ծառաներէն եւ ուզէր հնազանդիլ Յիսուսին սորվեցուցածներուն։ Ինչ որ ան սորվեցաւ այդ կարճ ժամանակուան մէջ, զինք մղեց որ մկրտուի (Գործք 16։25-33)։ Անկասկած, ան իր մկրտութենէն ետք շարունակեց սորվիլ։ Ուրեմն, ի՞նչ կրնաս ընել երբ զաւակդ քեզի ըսէ, որ կ’ուզէ մկրտուիլ քանի որ Եհովան կը սիրէ եւ կ’ուզէ իրեն հնազանդիլ։ Կրնաս անոր թոյլ տալ որ երէցներուն հետ խօսի, որպէսզի որոշեն թէ արդեօք որակեա՞լ է մկրտուելու։ Ան մկրտութենէն ետք պիտի շարունակէ Եհովային մասին աւելին սորվիլ իր կեանքին ընթացքին, եւ նոյնիսկ յաւիտեան (Հռով. 11։33, 34)։ դ18.03 10 ¶8-9
Երկուշաբթի, յունիս 3
Իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս (Հռով. 15։5)։
Մինչ մեր հոգեւորութիւնը կը զարգացնենք, սուրբ հոգին մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ որ մեր մտածելակերպը փոխենք։ Հոգիին օգնութեամբ, աստիճանաբար կրնանք սկսիլ Քրիստոսին պէս մտածել։ Ասկէ զատ, հոգին պիտի օգնէ որ սխալ ցանկութիւններէն ձերբազատուինք եւ աստուածահաճոյ յատկութիւններ զարգացնենք։ Եթէ Քրիստոսին պէս մտածենք, ասիկա պիտի ազդէ մեր խօսելակերպին, մեր վարքին՝ ըլլայ գործատեղը կամ դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն օր մեր առած որոշումներուն։ Այդ որոշումները պիտի յայտնեն, որ կը ջանանք Քրիստոսին հետեւորդները ըլլալ։ Հոգեւոր անձեր ըլլալով, չենք ուզեր որ որեւէ բան վտանգէ մեր փոխյարաբերութիւնը երկնաւոր Հօր հետ։ Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, մեր մտածելակերպը պիտի մղէ մեզ որ անոնց դէմ դնենք։ Առաջ որ որոշում մը առնենք, պիտի խոկանք հետեւեալ հարցումներուն շուրջ. «Ո՞ր սուրբգրային սկզբունքները պիտի օգնեն որ որոշում առնեմ։ Քրիստոս այս պարագային ի՞նչ պիտի ընէր։ Ո՞ր որոշումը Եհովան պիտի հաճեցնէ»։ դ18.02 25 ¶12. 26 ¶14
Երեքշաբթի, յունիս 4
Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ (Ծն. 6։8)։
Նոյին մեծ–հօր հօր՝ Ենովքին ժամանակ, արդէն իսկ մարդիկ շատ չար դարձած էին։ Անոնք նոյնիսկ «խիստ խօսքեր» կը խօսէին Եհովային դէմ (Յդ. 14, 15)։ Վայրագութիւնը կը շատնար, իսկ Նոյին օրերուն՝ «երկիրը բռնութեամբ լեցուեցաւ» (ԱԾ)։ Չար հրեշտակներ երկիր եկան, մարդկային մարմիններ հագան, կիներ առին եւ անգութ զաւակներ ունեցան (Ծն. 6։2-4, 11, 12)։ Բայց Նոյ շատ տարբեր էր անոնցմէ։ Ան «իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց» (Ծն. 6։9)։ Այս խօսքը ի՞նչ կը յայտնէ Նոյին մասին։ Առաջին, մտածէ որ ան Ջրհեղեղէն առաջ որքա՛ն ժամանակ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեց այդ չար աշխարհին մէջ։ Ո՛չ թէ 70 կամ 80 տարի, հապա՝ գրեթէ 600 տարի (Ծն. 7։11)։ Երկրորդ, ան ժողովք մը չունէր, որ իրեն օգնէր եւ քաջալերէր, ինչպէս որ մենք այսօր ունինք։ Այնպէս կ’երեւի թէ նոյնիսկ իր եղբայրներն ու քոյրերը թիկունք չկանգնեցան իրեն։ դ18.02 4 ¶4-5
Չորեքշաբթի, յունիս 5
Մարդիկ պիտի ըլլան. . . արծաթասէր (Բ. Տիմ. 3։2)։
Արծաթասէր մարդիկը միշտ կ’ուզեն աւելի դրամ ունենալ, եւ դրամին ետեւէն վազելով կ’անցընեն իրենց կեանքը։ Ասիկա իրենց «շատ ցաւեր» կը բերէ (Ա. Տիմ. 6։9, 10. Ժող. 5։10)։ Անշուշտ, բոլորս դրամին պէտք ունինք։ Ատիկա որոշ չափով պաշտպանութիւն կու տայ (Ժող. 7։12)։ Բայց անձ մը իրապէս կրնա՞յ ուրախ ըլլալ, եթէ միայն իր գլխաւոր պէտքերը կրնայ ապահովել։ Ա՛նկասկած (Ժող. 5։12)։ Յակէեան Ագուր գրեց. «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ»։ Դիւրին է գիտնալ թէ ինչո՛ւ չուզեց շատ աղքատ ըլլալ։ Ան պատճառը տալով բացատրեց, որ չէր ուզեր գողնալու փորձութեան առջեւ ըլլալ, քանի որ գողութիւնը անարգանք կը բերէ Աստուծոյ։ Բայց ինչո՞ւ աղօթեց որ հարուստ չըլլայ։ Ան գրեց. «Որպէս զի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ ու ‘Տէրը ո՞վ է’, ըսեմ» (Առ. 30։8, 9)։ Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (Մատ. 6։24)։ դ18.01 24 ¶9-11
Հինգշաբթի, յունիս 6
Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները (Մատ. 18։35)։
Ուրիշներուն առատապէս ներելով մեր միութիւնը կը պահպանենք։ Երբ ուրիշներուն ներենք, կը ցուցնենք որ շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ կրնայ մե՛ր մեղքերը ներել Յիսուսին զոհին շնորհիւ։ Յիսուս առակ մը պատմեց, որպէսզի ցուցնէ ներելուն կարեւորութիւնը։ Հաճիս կարդա՛ Մատթէոս 18։23-34–ը եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Կը մղուի՞մ Յիսուսին սորվեցուցածը գործադրելու։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ համբերութեամբ եւ հասկացողութեամբ կը վարուի՞մ։ Պատրա՞ստ եմ զիս վիրաւորողներուն ներելու’։ Անշուշտ, կարգ մը մեղքեր աւելի լուրջ են ուրիշներէ։ Նաեւ թերեւս շատ դժուար ըլլայ որ որպէս անկատար անձեր՝ կարգ մը մեղքեր ներենք։ Բայց այս առակը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ակնկալէ մեզմէ։ Յիսուս կը յստակացնէ թէ Եհովան մեզի պիտի չներէ, եթէ մեր եղբայրներուն չներենք, երբ անկեղծօրէն զղջացած են։ Կ’արժէ այս կէտին վրայ լաւ մտածել։ Երբ ուրիշներուն ներենք ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս սորվեցուց, մեր անգին միութիւնը կը պաշտպանենք ու կը պահպանենք։ դ18.01 15 ¶12
Ուրբաթ, յունիս 7
Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի (Դան. 6։7)։
Դանիէլ որոշեց որ նոյնիսկ պիտի չտար այն տպաւորութիւնը, որ այլեւս Եհովան չէր պաշտեր, հակառակ որ ասիկա իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ։ Եհովան օրհնեց Դանիէլին քաջութիւնն ու հաւատարմութիւնը։ Ան հրաշքով մը ազատեց Դանիէլը առիւծներուն բերանէն։ Այսպիսով, Մարա–Պարսկական կայսրութեան չորս կողմը մարդիկ լսեցին Եհովային մասին (Դան. 6։25-27)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Դանիէլին հաւատքը ունենալ։ Որպէսզի զօրաւոր հաւատք ունենանք, չի բաւեր որ միայն Աստուծոյ Խօսքը կարդանք։ Պէտք է զայն ‘հասկնանք’ (Մատ. 13։23, ԱԾ)։ Կ’ուզենք գիտնալ որ Եհովա՛ն ինչ կը մտածէ հարցերուն շուրջ։ Ասոր համար, պէտք է մեր կարդացածին վրայ խոկանք։ Նաեւ շատ կարեւոր է որ կանոնաւորաբար աղօթենք, մանաւանդ երբ դժուարութիւններու առջեւ ըլլանք։ Երբ հաւատքով խնդրենք իմաստութիւն ու զօրութիւն, Եհովան զանոնք առատապէս պիտի տայ մեզի (Յակ. 1։5)։ դ18.02 10-11 ¶13-15
Շաբաթ, յունիս 8
Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է (Սաղ. 34։8)։
Մկրտուած պատանի մը ըլլալով, կրնաս Եհովայի բարութիւնը համտեսել, երբ քեզի կ’օգնէ հաւատքիդ մասին խօսելու ուրիշներուն, ըլլայ դաշտի ծառայութեան մէջ կամ դպրոցը։ Դասընկերներուդ քարոզելը կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ ո՛չ մէկ գաղափար ունիս թէ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն։ Վախնալիք կրնայ ըլլալ մանաւանդ մեծ խումբի մը խօսիլը, քան՝ մէկ հոգիի։ Ի՞նչը կրնայ օգնել քեզի։ Նախ մտածէ թէ դո՛ւն ինչու համոզուած ես հաւատալիքներուդ։ Եթէ գիտցած լեզուովդ ունիս jw.org կայքին մէջ Study Guides, զանոնք գործածէ։ Անոնք կրնան քեզի օգնել, որ մտածես հաւատալիքներուդ մասին, եւ տեսնես թէ ինչո՛ւ կը հաւատաս ատոնց եւ ինչպէ՛ս կրնաս զանոնք բացատրել ուրիշներուն։ Երբ իրապէս համոզուած եւ լաւ պատրաստուած ըլլաս, պիտի ուզե՛ս Եհովային մասին վկայել (Եր. 20։8, 9)։ դ17.12 26 ¶12, 14-15
Կիրակի, յունիս 9
Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր (Բ. Տիմ. 3։14)։
Չի բաւեր որ պզտիկներուդ սորվեցնես Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած անհատներուն եւ տեղերուն մասին։ Յիշէ թէ Տիմոթէոս նաեւ ‘հաստատ համոզուեցաւ’ (ՆԱ)։ Բնագիրին մէջ, այդ արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «վստահ ըլլալ որ բան մը ճիշդ է»։ Տիմոթէոս իր մանկութենէն գիտէր Եբրայերէն Գրութիւնները։ Յետագային, ան համոզուեցաւ որ Յիսուս Մեսիան էր։ Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկներուդ օգնել, որ Տիմոթէոսին պէս համոզուած ըլլան եւ զօրաւոր հաւատք ունենան։ Հարկ է որ համբերող ըլլաս։ Համոզումը մէկ օրէն միւսը չի գար, ոչ ալ քեզմէ կը փոխանցուի զաւակներուդ, պարզապէս քանի որ դո՛ւն համոզուած ես։ Պզտիկը պէտք է «բարին ու չարը զանազանել»ու իր կարողութիւնը գործածէ, որպէսզի համոզուի Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան (Եբ. 5։14)։ Որպէս ծնողք, դուն կարեւոր դեր մը կը խաղաս ասոր մէջ, մանաւանդ երբ պզտիկդ հարցումներ հարցնէ։ դ17.12 19 ¶3, 5-6
Երկուշաբթի, յունիս 10
Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ (Յովհ. 11։24)։
Յիսուսին մօտիկ բարեկամուհին եւ աշակերտուհին՝ Մարթան, սուգի մէջ էր։ Անոր եղբայրը՝ Ղազարոսը մահացած էր։ Բան մը կա՞ր որ կրնար զինք մխիթարել։ Այո՛, Յիսուս իրեն խոստացաւ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհ. 11։20-23)։ Մարթան վստահ էր որ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ։ Բայց ետքը, Յիսուս հրաշք մը ընելով՝ Ղազարոսը կեանքի բերաւ նոյն օրը։ Պատճառ չկայ ակնկալելու որ Յիսուս կամ իր Հայրը հի՛մա յարութիւն պիտի տայ մեր սիրելիներուն։ Բայց դուն Մարթային չափ վստա՞հ ես, որ ապագային սիրելիներդ յարութիւն պիտի առնեն։ Թերեւս կորսնցուցած ես ամուսինդ, կինդ, մայրդ, հայրդ, մեծ հայրդ, մեծ մայրդ կամ նոյնիսկ թանկագին զաւակդ։ Անհամբեր կը սպասես որ իրեն փաթթուկ ընես, եւ հետը խօսիս ու խնդաս։ Ուրախ ենք որ Մարթային պէս պատճառ ունիս ըսելու՝ «Գիտեմ որ իմ սիրելիս յարութիւն պիտի առնէ յարութեան ժամանակը»։ Սակայն լաւ կ’ըլլայ որ ամէն քրիստոնեայ մտածէ, թէ ի՛նչ պատճառներ կան որ այս համոզումը ունենանք։ դ17.12 3 ¶1-2
Երեքշաբթի, յունիս 11
Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է (Սաղ. 40։8)։
Յիսուս կը սիրէր Մովսիսական օրէնքը։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ այդ Օրէնքը իր Հօր՝ Եհովային կողմէն էր, որ իր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր Անձն է։ Այս մէկը մարգարէացուած էր, ինչպէս որ այս օրուան համարը ցոյց կու տայ։ Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով փաստեց, թէ Աստուծոյ Օրէնքը կատարեալ է, օգտակար է եւ անպայման պիտի կատարուի (Մատ. 5։17-19)։ Ուրեմն ան որքա՜ն նեղուեցաւ երբ տեսաւ, որ դպիրներն ու փարիսեցիները սխալ կերպով կը ներկայացնէին իր Հօր Օրէնքը։ Ճիշդ է որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը հնազանդէին ամէնէն պզտիկ մանրամասնութիւններուն, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ. «Անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք», բայց խնդիր մը կար։ Յիսուս աւելցուց. «Կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը» (Մատ. 23։23)։ Փարիսեցիները Օրէնքին իմաստին չէին նայեր եւ իրենք–զիրենք կը տեսնէին ուրիշներուն վրայ։ Բայց Յիսուս ըմբռնած էր Օրէնքին ոգին եւ ամէն մէկ պատուիրանին մէջ յայտնուող Աստուծոյ յատկութիւնները։ դ17.11 13 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յունիս 12
Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ (Ա. Թես. 4։3)։
Մարդիկ թերեւս ըսեն. «Ինչո՞ւ այդչափ խիստ ես։ Վայելէ՛ կեանքդ»։ Բայց Աստուածաշունչը կ’արգիլէ սեռային անբարոյութիւնը (Ա. Թես. 4։4-8)։ Եհովան իրաւասու է օրէնքներ սահմանելու, քանի որ ինք մեզ ստեղծած է։ Ան ըսած է որ միայն ամուսնացած տղամարդն ու կինը կրնան իրարու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Աստուած օրէնքներ տուած է, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Գիտէ որ եթէ իր տուած օրէնքներուն հետեւինք մեր կեանքը պիտի բարելաւուի։ Նաեւ մեր ընտանիքը սէր, յարգանք եւ ապահովութիւն պիտի վայելէ։ Եհովան պիտի պատժէ զանոնք որ իր օրէնքը կը ճանչնան բայց անոր չեն հնազանդիր (Եբ. 13։4)։ Աստուծոյ Խօսքը կը սորվեցնէ մեզի, թէ ինչպէս կրնանք հեռու մնալ սեռային անբարոյութենէ։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ ինչի կը նայինք (Մատ. 5։28, 29)։ Ուրեմն, պէտք չէ պոռնկագրութիւն դիտենք, ոչ ալ անբարոյ բառերով երգեր մտիկ ընենք (Եփ. 5։3-5)։ դ17.11 22 ¶9-10
Հինգշաբթի, յունիս 13
Բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը (Սաղ. 147։1)։
Պատմութեան ընթացքին, Եհովային հաւատարիմ ծառաները երաժշտութիւնը գործածած են, որպէսզի զինք փառաբանեն։ Հետաքրքրական է որ երբ իսրայէլացիները հաւատարմօրէն կը ծառայէին Եհովային, երգելը իրենց պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն էր։ Օրինակ, երբ Դաւիթ տաճարին ծառայութիւնը կը կազմակերպէր, 4000 ղեւտացիներ նշանակեց որ երաժշտութեամբ փառաբանեն Եհովան։ Անոնցմէ 288 հոգի «հանճարեղ» եւ վարպետ երգողներ էին (Ա. Մն. 23։5. 25։7)։ Երաժշտութիւնը եւ երգելը շատ կարեւոր տեղ ունէին տաճարին բացման օրը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Փող հնչեցնողներն ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին եւ փողերով, ծնծղաներով ու նուագարաններով ձայներնին վերցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին. . . Այն ատեն Տէրոջը տունը ամպով լեցուեցաւ»։ Ասիկա որքա՜ն հաւատք զօրացնող առիթ մը ըլլալու էր (Բ. Մն. 5։13, 14. 7։6)։ դ17.11 4 ¶4-5
Ուրբաթ, յունիս 14
Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր (Մատ. 10։34)։
Յիսուս գիտէր թէ ամէն մարդ պիտի չընդունէր իր սորվեցուցածները, եւ թէ իր աշակերտները քաջութեան պէտք պիտի ունենային, քանի որ ոմանք պիտի հակառակէին իրենց։ Յիսուսին նպատակն էր Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնել, եւ ոչ թէ ընտանիքները բաժնել (Յովհ. 18։37)։ Բայց Յիսուսին հետեւիլը միշտ դիւրին պիտի չըլլար, մանաւանդ երբ մտերիմ բարեկամներ կամ ընտանիքի անդամներ մերժէին ճշմարտութիւնը։ Իր աշակերտները զինք հաճեցնելու համար տոկացած են, երբ իրենց ընտանիքները զիրենք ծաղր ըրած են կամ նոյնիսկ մերժած են։ Բայց անոնք իրենց կորսնցուցածէն աւելի բաներ շահած են (Մար. 10։29, 30)։ Մենք կը շարունակենք մեր ազգականները սիրել, նոյնիսկ եթէ անոնք մեզի հակառակին։ Բայց պէտք է յիշենք որ Աստուծոյ եւ Յիսուսին հանդէպ մեր սէրը առաջ կու գայ (Մատ. 10։37)։ Նաեւ պէտք է ըմբռնենք որ Սատանան կրնայ մեր ընտանիքին հանդէպ մեր սէրը գործածել, որպէսզի մեզ մղէ որ Եհովային հաւատարիմ չըլլանք։ դ17.10 13 ¶3-6
Շաբաթ, յունիս 15
[Չարութիւնը] արդուին մէջ ձգեց եւ այն կապարեայ ծածկոցը այն արդուին բերանը ձգեց (Զաք. 5։8)։
Այս տեսիլքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան աչք պիտի չգոցէ իր ժողովուրդին մէջ գտնուող որեւէ չարութեան։ Եթէ ան չար բան մը տեսնէ, շուտով բան մը կ’ընէ որ զայն մէջտեղէն վերցնէ (Ա. Կոր. 5։13)։ Հրեշտակը անմիջապէս կափարիչը գոցելով՝ ասիկա ցոյց տուաւ։ Այս տեսիլքը որքա՜ն կը վստահեցնէր Զաքարիայի ժամանակակից իսրայէլացիները, թէ Եհովան իր պաշտամունքը մաքուր պիտի պահէր։ Տեսիլքը նաեւ հրեաներուն յիշեցուց, որ իրենք ալ պատասխանատուութիւն ունին իրենց պաշտամունքը մաքուր պահելու։ Չարութիւնը տեղ չունի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ եւ թոյլ պիտի չտրուի որ ներս սպրդի։ Ներկայիս, Եհովան մեզ բերած է իր մաքուր կազմակերպութեան մէջ, ուր կը զգանք իր սէրն ու պաշտպանութիւնը։ Ամէն մէկս պատասխանատուութիւն ունի որ զայն մաքուր պահէ։ Ո՛չ մէկ տեսակի չարութիւն տեղ ունի մեր հոգեւոր դրախտին մէջ։ դ17.10 24 ¶14-15. 25 ¶17-18
Կիրակի, յունիս 16
Քու օրէնքդ սիրեցի (Սաղ. 119։163)։
Սուրբ Գիրքին առաջին 39 գիրքերը իսրայէլացիներուն կողմէ գրուած են։ Անոնք առաջիններն էին որ «Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան» (Հռով. 3։1, 2)։ Այս գիրքերը գրեցին եբրայերէնով եւ արամերէնով։ Բայց Ք.Ա. երրորդ դարուն, արդէն իսկ բազմաթիւ հրեաներ չէին հասկնար եբրայերէնը։ Ինչո՞ւ։ Երբ Մեծն Աղեքսանդրը աշխարհին մեծ մասը գրաւեց, Յունական կայսրութիւնը տարածուեցաւ։ Այս պատճառով, յունարէնը հասարակաց լեզուն դարձաւ այն շրջաններուն մէջ, որուն վրայ Յունաստանը կը տիրէր, եւ բազմաթիւ մարդիկ սկսան իրենց լեզուին տեղ յունարէն խօսիլ (Դան. 8։5-7, 20, 21)։ Անոնց մէջ կային բազմաթիւ հրեաներ։ Այսպիսով, անոնց համար դժուար եղաւ Սուրբ Գիրքը եբրայերէն լեզուով հասկնալ։ Լուծումը ի՞նչ էր։ Սուրբ Գիրքը թարգմանել յունարէնի, ինչ որ ամբողջացաւ Ք.Ա. 2–րդ դարուն։ Այս թարգմանութիւնը ճանչցուեցաւ Եօթանասնից անունով։ Ըստ պատմութեան, ատիկա բոլոր Եբրայերէն Գրութիւններուն առաջին գրաւոր թարգմանութիւնն է։ դ17.09 20 ¶7-9
Երկուշաբթի, յունիս 17
Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ (Եբ. 13։5)։
Թերեւս գործատէրդ քեզմէ խնդրէ, որ գործի ժամերէդ դուրս ալ աշխատիս իրիկունները եւ շաբաթավերջերուն, այսինքն՝ այն ատենները որ դուն տրամադրած ես ընտանեկան պաշտամունքին, դաշտի ծառայութեան եւ ժողովներուն։ Քաջութեան պէտք ունիս որ գործատիրոջդ ուզածը մերժես եւ լաւ օրինակ դառնաս զաւակներուդ։ Քաջութիւն կ’ուզես նաեւ որ պզտիկներուդ օգնես հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու եւ անոնց հասնելու։ Օրինակ, կարգ մը ծնողներ կը վախնան իրենց զաւակները քաջալերելու, որ սկսին ռահվիրայութեան, ծառայեն ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, ծառայեն Բեթէլի մէջ կամ մասնակցին Թագաւորութեան սրահներ եւ համաժողովի սրահներ շինելու։ Թերեւս կը վախնան որ երբ ծերանան, իրենց զաւակը պիտի չկարենայ իրենց հոգ տանիլ։ Բայց իմաստուն ծնողները քաջութեամբ կը վարուին, եւ կը հաւատան որ Եհովան իր խոստումներուն տէրը կ’ելլէ (Սաղ. 37։25)։ Այն ծնողները, որոնք այսպիսի քաջութիւն ունին եւ կը վստահին Եհովային, իրենց պզտիկներուն ալ կ’օգնեն որ նոյնը ընեն (Ա. Թագ. 1։27, 28. Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ դ17.09 30 ¶14-15
Երեքշաբթի, յունիս 18
Հոգիին պտուղը այս է. . . ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։
Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ օգնել որ ժուժկալ ըլլան։ Ծնողները գիտեն որ պզտիկները այս յատկութիւնով չեն ծնիր։ Այս պատճառով, անոնք պէտք է իրենց օրինակով լաւ յատկութիւններ սորվեցնեն իրենց զաւակներուն (Եփ. 6։4)։ Ուրեմն, երբ տեսնես թէ զաւակներդ պէտք եղածին չափ ժուժկալ չեն, դուն քեզի հարցուր թէ արդեօք լաւ օրինակ կը դառնա՞ս այս մարզին մէջ։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ այն լաւ ազդեցութիւնը որ կրնաս ձգել անոնց վրայ, երբ կանոնաւոր ըլլաս ծառայութեան մէջ, ժողովներուն երթալու մէջ եւ ընտանեկան պաշտամունքը ընելու մէջ։ Երբ պէտք ըլլայ, մի՛ վախնար զաւակներուդ ուզածին ո՛չ ըսելու։ Եհովան Ադամին ու Եւային ըսաւ թէ ինչ կրնան ընել եւ ինչ ո՛չ։ Ասիկա կրնար իրենց օգնել որ սորվին Եհովային հեղինակութիւնը յարգել։ Նմանապէս, երբ ծնողները կրթեն իրենց զաւակները եւ լաւ օրինակ ըլլան, ասիկա կրնայ զաւակներուն ժուժկալութիւն սորվեցնել։ Եթէ զաւակներուդ օգնես որ Աստուծոյ հեղինակութիւնը սիրեն ու իր չափանիշները յարգեն, շատ արժէքաւոր բաներ ցանած կ’ըլլաս անոնց մէջ (Առ. 1։5, 7, 8)։ դ17.09 7 ¶17
Չորեքշաբթի, յունիս 19
Որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ (Ա. Կոր. 12։25)։
Այնքան ատեն որ Սատանայի աշխարհին մէջ կ’ապրինք, պիտի շարունակենք դժուարութիւններ ունենալ։ Թերեւս անգործ ենք, լուրջ հիւանդութիւն մը ունինք, կը հալածուինք, բնական աղէտ մը պատահած է, ոճիրի պատճառով մեր ստացուածքը կորսնցուցած ենք, կամ ուրիշ դժուարութիւններ ունինք։ Որպէսզի կարենանք իրարու օգնել դժուարութիւններու մէջ, պէտք է անկեղծօրէն կարեկցինք իրարու։ Գութը եւ կարեկցութիւնը մեզ պիտի մղեն որ քաղցրութեամբ վարուինք (Եփ. 4։32)։ Նոր անձնաւորութեան այս յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն, որ Աստուծոյ նմանինք եւ ուրիշները մխիթարենք (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ա՛լ աւելի քաղցրութեամբ վարուիլ ժողովքին մէջ եղող օտարներուն եւ վիճակով լաւ չեղողներուն հետ։ Պէտք է անոնց ընկերակցինք եւ օգնենք որ տեսնեն, թէ ժողովքին մէջ արժէք ունին (Ա. Կոր. 12։22)։ Նաեւ, շատ մը Վկաներ կը կարեկցին գաղթականներուն եւ կը փորձեն անոնց լեզուն սորվիլ (Ա. Կոր. 9։23)։ Ասիկա շատ մը օրհնութիւններու դուռ բացած է։ դ17.08 23-24 ¶7-9
Հինգշաբթի, յունիս 20
Տէրը իմ բաժինս է, այս պատճառով անոր պիտի յուսամ (Ող. 3։24)։
Ամէն մէկս պէտք է համբերէ եւ յօժար ըլլայ սպասելու։ Բայց ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի ասոր մէջ։ Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Յիշէ թէ համբերութիւնը կամ երկայնմտութիւնը սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Եփ. 3։16. 6։18. Ա. Թես. 5։17-19)։ Եհովային աղաչէ որ քեզի օգնէ համբերութեամբ տոկալու։ Նաեւ յիշէ որ ի՛նչը օգնեց Աբրահամին, Յովսէփին եւ Դաւիթին որ համբերութեամբ սպասեն, որ Եհովային խոստումները կատարուին. իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը Եհովային հանդէպ։ Անոնք չկեդրոնացան իրենց անձին եւ իրենց հանգստութեան վրայ։ Երբ մտածենք թէ անոնք ի՛նչ օրհնութիւններ ստացան, մենք ալ պիտի քաջալերուինք համբերութեամբ սպասելու։ Թէեւ դժուարութիւններ կ’ունենանք, մտքերնիս դրած ենք որ համբերութեամբ սպասենք։ Ճիշդ է որ ատեններ կ’ըսենք՝ «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր իմ» (Եսա. 6։11). բայց Եհովայի սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք Երեմիային պէս ըսել այս օրուան համարին խօսքը։ դ17.08 7 ¶18-20
Ուրբաթ, յունիս 21
Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ (Սաղ. 40։8)։
Անկասկած, Յիսուս իր մանկութեան շրջանին կը խաղար, ինչպէս նաեւ ուրախ–զուարթ ժամանակ կ’անցընէր։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ «ծիծաղելու ժամանակ. . . ու ցատկռտելու ժամանակ» կայ (Ժող. 3։4, ԱԾ)։ Յիսուս նաեւ Սուրբ Գրութիւնները սերտելով Աստուծոյ մօտեցաւ։ Երբ ան 12 տարեկան էր, տաճարին ուսուցիչները զարմացան հոգեւոր նիւթերու առնչութեամբ իր «իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։42, 46, 47)։ Յիսուս մեծնալէն ետքն ալ ուրախ էր։ Ինչո՞ւ։ Ան գիտէր թէ Աստուած կ’ուզէր որ ինք ‘աղքատներուն աւետարան քարոզէ եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզէ’ (Ղուկ. 4։18, 19)։ Աստուծոյ խնդրածը ընելը ուրախութիւն տուաւ Յիսուսին։ Ան հաճոյք կ’առնէր իր երկնաւոր Հօր մասին սորվեցնելէ (Ղուկ. 10։21)։ Անգամ մը, ան ճշմարիտ պաշտամունքին մասին խօսեցաւ կնոջ մը, եւ ետքը իր աշակերտներուն ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։31-34)։ Յիսուս ուրախ էր, քանի որ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հանդէպ սէր կը ցուցնէր։ Դո՛ւն ալ կրնաս նոյն ձեւով ուրախ ըլլալ։ դ17.07 23 ¶4-5
Շաբաթ, յունիս 22
Աստուծոյ խաղաղութիւնը. . . ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ (Փլպ. 4։7)։
Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր խօսքերով եւ գործերով ցուցուց թէ կարեկից էր ճիշդ իր Հօրը նման (Յովհ. 5։19)։ Եհովան Յիսուսը ղրկեց, որպէսզի մխիթարէ «կոտրած սիրտ ունեցողները» եւ «սգաւորները» (Եսա. 61։1, 2. Ղուկ. 4։17-21)։ Այս պատճառով, ան ճանչցուած էր իր խոր կարեկցութեամբ։ Ան թէ՛ կը հասկնար մարդոց չարչարանքը եւ թէ սրտանց կ’ուզէր անոնց օգնել (Եբ. 2։17)։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, թէ «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս» (Եբ. 13։8)։ Ան «կենաց Առաջնորդ» կոչուած է, քանի որ կարելի կը դարձնէ որ յաւիտեան ապրինք։ Ան նաեւ անձամբ գիտէ ինչ ըսել է վիշտ, եւ «կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ» (Գործք 3։15. Եբ. 2։10, 18)։ Յիսուս տակաւի՛ն ուրիշներուն հետ կը զգայ, անոնց ցաւը կը հասկնայ եւ «պէտք եղած ատեն» զանոնք կը մխիթարէ (Եբ. 4։15, 16)։ դ17.07 13 ¶6-7. 14 ¶10
Կիրակի, յունիս 23
Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ (Ղուկ. 12։34)։
Որքա՜ն կարեւոր է որ արժեւորենք հոգեւոր գանձերը։ Բայց պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք որ չձգենք որ Սատանան եւ իր աշխարհը տկարացնեն այս գանձերուն հանդէպ մեր սէրը։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, շահաբեր գործը կամ ճոխ կեանքը կրնայ մեզ քաշել, կամ ալ թերեւս մեր մէջ ցանկութիւն արթննայ որ նիւթական բաները ցուցադրենք։ Յովհաննէս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ թէ այս աշխարհը կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Այս պատճառով, պէտք է ջանանք պաշտպանել հոգեւոր հարստութեան հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու գնահատանքը։ Պատրաստ եղիր որ վազ անցնիս որեւէ բանէ, որ կրնայ Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ սէրդ տկարացնել։ Շարունակէ նախանձախնդրութեամբ քարոզել եւ բնաւ մի՛ կորսնցներ ծառայութեան հանդէպ սէրդ։ Ամէն ջանքդ ըրէ որ շարունակես աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ փնտռել։ Մինչ ասոնք կ’ընես, ‘գանձ մը պիտի պատրաստես երկինքը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ’ (Ղուկ. 12։33)։ դ17.06 13 ¶19-20
Երկուշաբթի, յունիս 24
Քու սրահներուդ մէջ մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է (Սաղ. 84։10)։
Եհովային իշխելու կերպը ճնշող չէ, ոչ ալ խիստ է։ Ընդհակառակը, ան որ իրեն կը հնազանդի՝ ազատութիւն ունի եւ ուրախ է (Բ. Կոր. 3։17)։ Դաւիթ Եհովային մասին ըսաւ. «Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, զօրութիւն եւ ուրախութիւն՝ անոր բնակութեանը մէջ» (Ա. Մն. 16։7, 27)։ Իսկ սաղմոսերգու Եթան գրեց. «Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն ձայնը. ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։ Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան» (Սաղ. 89։15, 16)։ Որքա՛ն աւելի խոկանք Եհովային բարութեան վրայ, այնքան աւելի պիտի համոզուինք որ իր իշխանութիւնը լաւագոյնն է։ Ան մեր Ծրագրողն ու Ստեղծիչն է, եւ գիտէ թէ ուրախ ըլլալու համար ճիշդ ինչի պէտք ունինք, եւ առատաձեռնօրէն կը գոցէ այդ պէտքը։ Ինչ որ ան մեզմէ կը խնդրէ՝ մեր օգտին համար է եւ մեզ վերջին ծայր կ’ուրախացնէ, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ զոհողութիւններ ընենք (Եսա. 48։17)։ դ17.06 29 ¶10-11
Երեքշաբթի, յունիս 25
Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ (Առ. 13։12)։
Անգլիոյ մէջ քոյր մը շատ կ’ուզէր պզտիկ ունենալ։ Երբ ան անդրադարձաւ որ այս դրութեան մէջ պիտի չկարենայ պզտիկ ունենալ, սիրտը այրեցաւ։ Ետքը, ինքը եւ իր ամուսինը որոշեցին պզտիկ մը որդեգրել։ Ան ըսաւ. «Որոշ ժամանակ մը տակաւին շատ նեղուած էի, քանի որ գիտէի թէ պզտիկ որդեգրելը հարիւր առ հարիւր պզտիկ ունենալուն պէս պիտի չըլլար»։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ կինը ‘պիտի փրկուի որդեծնութեամբ’ (Ա. Տիմ. 2։15)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ ան յաւիտենական կեանք պիտի առնէ պարզապէս քանի որ պզտիկներ ունի։ Այս համարը ի՞նչ կը նշանակէ։ Մայր մը շատ զբաղած կ’ըլլայ իր պզտիկներուն եւ տունին հոգ տանելով, եւ ասիկա կրնայ իրեն օգնել որ չբամբասէ եւ քիթը չմտցնէ ուրիշին գործին մէջ (Ա. Տիմ. 5։13)։ դ17.06 5-6 ¶6-8
Չորեքշաբթի, յունիս 26
[Աստուծոյ] ի՞նչ կու տաս, կամ անիկա քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ (Յոբ 35։7)։
Արդեօք Եղիուս ըսել կ’ուզէ՞ր որ ծառայութեան մէջ մեր թափած ջանքերը արժէք մը չունին։ Ո՛չ։ Եհովան անոր ըսածը չշտկեց ինչպէս որ միւսներուն ըրաւ։ Եղիուս ըսել կ’ուզէր որ Եհովան ո՛չ մէկ բանի պէտք ունի՝ ո՛չ մեր պաշտամունքին, ոչ ալ ուրիշ բանի մը։ Մենք չենք կրնար զինք աւելի հարուստ կամ աւելի զօրաւոր դարձնել։ Իրականութեան մէջ, որեւէ լաւ յատկութիւն, ձիրք կամ զօրութիւն որ ունինք, իրմէ կու գայ, եւ ինք կը նայի թէ զանոնք ինչպէս կը գործածենք։ Երբ հաւատարիմ սէր ցուցնենք Եհովայի ծառաներուն հանդէպ, ան կը հաշուէ թէ ինչ որ իր ծառաներուն ըրինք՝ իրեն ըրինք։ Առակաց 19։17–ն կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ Այս համարը ըսել կ’ուզէ՞ թէ Եհովան կը տեսնէ ամէն մէկ լաւութիւն որ ուրիշին կ’ընենք։ Կրնա՞նք ըսել որ Եհովան՝ տիեզերքին Ստեղծիչը, կը սեպէ թէ ինչ բարիք որ ընենք, կարծես թէ իրեն պարտք կու տանք, եւ ինք փոխարէնը օրհնութիւններ կու տայ մեզի։ Այո՛, եւ Յիսուս ասիկա հաստատեց (Ղուկ. 14։13, 14)։ դ17.04 29 ¶3-4
Հինգշաբթի, յունիս 27
Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ (Սաղ. 1։2)։
Աստուածաշունչը եւ մեր սուրբգրային հրատարակութիւնները կարդալէ զատ, կանոնաւորաբար ժողովներուն երթալը կ’օգնէ, որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը աւելի սիրենք։ Ամէն շաբաթ ժողովին ընթացքին, Դիտարան պարբերաթերթը գործածելով Սուրբ Գիրքը կ’ուսումնասիրուի։ Ասիկա գլխաւոր կերպերէն մէկն է, որով կը սորվինք։ Որպէսզի Դիտարան–ին նիւթը հասկնանք, պէտք է միշտ լաւ պատրաստենք զայն։ Օրինակ, կրնանք բոլոր նշուած համարները բանալ։ Ներկայիս, շատեր կրնան ելեկտրոնային կերպով կարդալ կամ բեռնել Դիտարան պարբերաթերթը։ Արդարեւ, jw.org կայքին մէջ եւ JW Library էփին մէջ, Դիտարան պարբերաթերթը շատ մը լեզուներով մատչելի է։ Կարգ մը ելեկտրոնային տարբերակներու մէջ, շուտով կրնանք համարները բանալ։ Եւ երբ համարները ուշադրութեամբ կարդանք ու ատոնց մասին մտածենք, Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը աւելի պիտի սիրենք։ դ17.05 20 ¶14
Ուրբաթ, յունիս 28
Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար (Հռով. 14։12)։
Մկրտութենէն ետք, կ’ուզենք շարունակել մեր նուիրումին համաձայն ապրիլ, Եհովա Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայելով։ Մէյ մը որ նուիրումի ուխտը ընենք, չենք կրնար զայն ետ քաշել։ Այն անձը, որ կը յոգնի Եհովա Աստուծոյ ծառայելէն կամ քրիստոնէական ապրելակերպը ունենալէն, չի կրնար ըսել որ արդէն օրէն իրապէս չէր նուիրուած եւ թէ իր մկրտութիւնը վաւերական չէր։ Բայց ինչ ալ ըլլայ պարագան, ան ինքզինք ներկայացուց որպէս Եհովա Աստուծոյ լման նուիրուած անձ մը։ Ուրեմն, եթէ լուրջ մեղք մը գործէ, հաշիւ պիտի տայ Եհովա Աստուծոյ եւ քրիստոնէական ժողովքին։ Բնա՛ւ չենք ուզեր ըլլալ անձ մը, որուն մասին Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։ Ընդհակառակը, կ’ուզենք որ ան մեր մասին ըսէ. «Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են» (Յայտ. 2։4, 19)։ Կ’ուզենք Եհովան ուրախացնել, մեր նուիրումի ուխտին համաձայն նախանձախնդրաբար ապրելով։ դ17.04 6 ¶12-13
Շաբաթ, յունիս 29
Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են (Բ. Օր. 32։4)։
Աբրահամ նահապետ հարցուց. «Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞» (Ծն. 18։25)։ Այս հարցումը հարցնելով, Աբրահամ ցուցուց թէ վստահ էր, որ Եհովա Աստուած լման արդարութեամբ պիտի դատէր Սոդոմն ու Գոմորը։ Աբրահամ համոզուած էր, որ Եհովա Աստուած ‘արդարը ամբարշտին հետ պիտի չմեռցնէր’։ Ան իր միտքին ծայրէն նոյնիսկ չէր անցըներ Աստուծոյ անարդար ըլլալը։ Աբրահամ վստահ էր, որ Եհովա Աստուած միշտ ճիշդը կ’ընէ, քանի որ Ինքն է որ արդարութեան չափանիշը կը դնէ։ Ուրեմն, տրամաբանական է որ Աստուած միշտ ճիշդ կերպով դատէ հարցերը, քանի որ իր չափանիշները միշտ ճիշդ են։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը իրեն մասին կ’ըսէ. «Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ» (Սաղ. 33։5)։ դ17.04 18 ¶1-2
Կիրակի, յունիս 30
Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն (Գ. Յովհ. 4)։
Ո՛վ ծնողներ, ձեր օրինակը շատ կարեւոր է, որպէսզի ձեր զաւակները անձնական փոխյարաբերութիւն ունենան Եհովային հետ եւ յաւիտեան ապրին։ Երբ ձեր զաւակները կը տեսնեն, թէ ‘առաջ կը խնդրէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը’, կը սորվին Եհովային վստահիլ իրենց առօրեայ պէտքերուն համար (Մատ. 6։33, 34)։ Ուրեմն համեստօրէն ապրեցէք։ Նիւթական բաները զոհեցէք հոգեւոր շահերու համար։ Հակառակը մի՛ ընէք։ Ջանացէք պարտքի տակ չմտնել։ Ջանք թափեցէք որ «երկինքը գանձ» ունենաք, այսինքն՝ Եհովային հաճութիւնը, եւ ոչ թէ հարստութիւն կամ «մարդոց փառքը» (Մար. 10։21, 22. Յովհ. 12։43)։ Բնա՛ւ այնքան զբաղած մի՛ ըլլաք, որ ձեր զաւակներուն ժամանակ չունենաք։ Անոնց զգալ տուէք որ իրենցմով հպարտ էք, երբ որոշեն Եհովան առաջին տեղը դնել, փոխանակ համբաւի կամ հարստութեան ետեւէ ըլլալու, իրենց շահին կամ ձեր շահին համար։ Մի՛ ունենաք այն սխալ գաղափարը, թէ զաւակները պէտք է հանգիստ կեանք մը ապահովեն իրենց ծնողքին։ Մտքերնիդ պահեցէք թէ «որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար» (Բ. Կոր. 12։14)։ դ17.05 8-9 ¶3-4