Յուլիս
Երկուշաբթի, յուլիս 1
Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ (Ա. Պետ. 5։6)։
Սեբնան Եզեկիա թագաւորի պալատին վրայ նշանակուած էր եւ մեծ հեղինակութիւն ունէր (Եսա. 22։15)։ Ցաւօք սրտի, ան հպարտացաւ եւ սկսաւ իր անձնական փառքը փնտռել (Եսա. 22։16-18)։ Ուստի Աստուած անոր նշանակումը իր ձեռքէն առաւ եւ տուաւ Եղիակիմ անունով մէկու մը (Եսա. 22։19-21)։ Ասիկա պատահեցաւ երբ ասորեստանցի Սենեքերիմ թագաւորը կը ծրագրէր յարձակիլ Երուսաղէմի վրայ։ Ժամանակ մը ետք, Սենեքերիմ Երուսաղէմ ղրկեց բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ մեծ բանակ մը, որպէսզի հրեաները վախցնէ եւ ձգէ որ Եզեկիա թագաւորը յանձնուի (Դ. Թագ. 18։17-25)։ Եզեկիան անոնց ղրկեց Եղիակիմը եւ երկու ուրիշ անձեր։ Անոնցմէ մէկը Սեբնան էր, որ այժմ «ատենադպիր», կամ քարտուղար, էր։ Ասկէ յայտնի կ’ըլլայ որ Սեբնա հաւանաբար սորված էր խոնարհ ըլլալ, եւ ինքն իր վրայ չէր մեղքնար, ոչ ալ վիրաւորուած կը զգար։ Ան յօժարութեամբ ընդունեց աւելի ցած պատասխանատուութիւն մը։ դ18.03 25 ¶7-8, 10
Երեքշաբթի, յուլիս 2
Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք (Գաղ. 5։16)։
Եթէ զգաս որ միտքդ կը կեդրոնանայ նիւթական բաներու կամ մարմնաւոր ցանկութիւններու վրայ, մի՛ յանձնուիր։ Շարունակէ հոգին խնդրել եւ Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ միտքդ պատշաճ բաներու վրայ կեդրոնացնես (Ղուկ. 11։13)։ Յիշէ Պետրոս առաքեալը, որ քանի մը անգամ չհակազդեց այնպէս, ինչպէս հոգեւոր մարդ մը պէտք է հակազդէ (Մատ. 16։22, 23. Ղուկ. 22։34, 54-62. Գաղ. 2։11-14)։ Բայց ան չյանձնուեցաւ։ Աստիճանաբար, Եհովայի օգնութեամբ, Պետրոս սորվեցաւ Քրիստոսին պէս մտածել։ Մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։ Յետագային, Պետրոս նշեց որոշ յատկութիւններ, որոնց վրայ կրնանք աշխատիլ (Բ. Պետ. 1։5-8)։ Մինչ ‘բոլոր ջանքերնիս դրած’ կը զարգացնենք այնպիսի յատկութիւններ, ինչպէս՝ ինքնազսպում, տոկունութիւն եւ եղբայրսիրութիւն, պիտի շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Ամէն օր մենք մեզի հարցնենք. «Ո՞ր յատկութեան վրայ կրնամ այսօր աշխատիլ, որպէսզի հոգեւորապէս ա՛լ աւելի զօրանամ»։ դ18.02 25-26 ¶12-13
Չորեքշաբթի, յուլիս 3
Անոր բերնին խօսքերը իմ պիտոյքէս աւելի պահեցի (Յոբ 23։12)։
Յոբ շատ լաւ կը հասկնար Աստուծոյ սկզբունքները։ Ան իրապէս կը ճանչնար Եհովան, եւ ասիկա զինք մղեց որ ճիշդ կերպով վարուի։ Օրինակ, Յոբ գիտէր թէ չէր կրնար ըսել որ Աստուած կը սիրէ, եթէ լաւ չէր վարուեր ուրիշներուն հետ (Յոբ 6։14)։ Ան ինքզինք չտեսաւ ուրիշներուն վրայ, հապա անոնց հետ վարուեցաւ որպէս իր ընտանիքին անդամները, ըլլա՛ն հարուստ թէ աղքատ։ Ան ըսաւ. «Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց» (Յոբ 31։13-22)։ Յստակ է թէ անցեալին իր ունեցած հարստութիւնն ու հեղինակութիւնը չէին ձգած որ հպարտանայ եւ ցած աչքով նայի ուրիշներուն։ Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն կայ իր եւ հիմակուան հարուստներուն ու հեղինակութիւն ունեցողներուն միջեւ։ Յոբ չէր ուզեր որ որեւէ բան, մէջը ըլլալով նիւթական բաներ, Եհովայէն աւելի կարեւոր ըլլայ իրեն համար։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի «վերը բնակող Աստուածը» ուրացած չըլլայ (Յոբ 31։24-28)։ Իր աչքին, ամուսնութիւնը սուրբ կապ մըն էր տղամարդու մը եւ կնոջ մը միջեւ։ Ան նոյնիսկ ուխտ ըրաւ իր աչքերուն հետ, որ անբարոյ կերպով չնայի կոյսի մը (Յոբ 31։1)։ դ18.02 11 ¶16. 12 ¶18-19
Հինգշաբթի, յուլիս 4
Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց (Ծն. 6։9)։
Նոյ չմտածեց որ լաւ անձ մը ըլլալը բաւարար է։ Ան նաեւ համարձակութեամբ ուրիշներուն խօսեցաւ Եհովային հանդէպ իր հաւատքին մասին։ Սուրբ Գիրքը զինք կը կոչէ «արդարութեան քարոզիչ» (Բ. Պետ. 2։5)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ գրեց, որ ան «հաւատքով. . . աշխարհս դատապարտեց» (Եբ. 11։7)։ Անկասկած մարդիկ զինք ծաղրեցին եւ փորձեցին զինք կեցնել։ Թերեւս նոյնիսկ ուզեցին վնաս հասցնել իրեն։ Բայց Նոյ «մարդոց հանդէպ վախ» չունէր (Առ. 29։25, ՆԱ)։ Ընդհակառակը, ան ունէր այն քաջութիւնը, որ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաներուն կու տայ։ Նոյ արդէն իսկ աւելի քան 500 տարի հաւատարիմ էր, երբ Եհովան իրմէ խնդրեց որ տապան մը շինէ, մարդկային եւ անասնական կեանքը փրկելու համար (Ծն. 5։32. 6։14)։ Այսպիսի մեծ տապան մը շինելը շատ դժուար երեւցած ըլլալու էր Նոյին։ Ան վստահաբար գիտէր որ մարդիկ ա՛լ աւելի զինք պիտի ծաղրէին եւ հակառակէին։ Բայց ան հաւատք ունէր եւ Եհովային հնազանդեցաւ։ «Եւ ա՛յդպէս ըրաւ Նոյ. Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրաւ» (Ծն. 6։22, ԱԾ)։ դ18.02 4 ¶4, 6-7
Ուրբաթ, յուլիս 5
Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ. . . միաբանութեամբ բնակին (Սաղ. 133։1)։
Միութիւնը պահպանելու կարեւոր կերպ մըն է՝ սէր ցուցնել Եհովային պէս, որ սիրոյ Աստուած է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Բնա՛ւ չենք ուզեր ըսել. «Թերեւս պէտք է եղբայրներուն համբերեմ, բայց պայման չէ որ անոնցմէ ախորժիմ»։ Եթէ այսպէս մտածենք, գործադրած չենք ըլլար Պօղոսին խրատը, որ ‘սիրով իրարու հանդուրժենք’ (Եփ. 4։2, ԱԾ)։ Նկատէ թէ ան պարզապէս չըսաւ՝ ‘իրարու հանդուրժենք’։ Ան ըսաւ որ պէտք է «սիրով» հանդուրժենք։ Երկուքին միջեւ տարբերութիւն մը կայ։ Մեր ժողովքներուն մէջ տարբեր տեսակի մարդիկ կան, եւ Եհովան բոլորն ալ իրեն քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Ան զանոնք սիրուելու արժանի տեսա՛ծ է, որ զիրենք քաշած է։ Ուրեմն, մենք ինչպէ՞ս կրնանք մէկու մը համար ըսել, որ արժանի չէ մեր սիրոյն։ Պէտք է սրտանց զանոնք սիրենք ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կ’ուզէ (Ա. Յովհ. 4։20, 21)։ դ18.01 16 ¶14
Շաբաթ, յուլիս 6
Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ (Ժող. 12։1)։
Կարգ մը ծնողներ կը կարծեն, թէ աւելի լաւ է որ իրենց զաւակը նա՛խ բարձրագոյն ուսում առնէ եւ լաւ գործ մը ապահովէ, եւ ե՛տքը մկրտուի։ Թերեւս այս ծնողներուն նպատակը լաւ է, բայց պէտք է իրենք իրենց հարցնեն. ‘Ասիկա պիտի օգնէ՞ զաւակիս որ իսկապէս յաջող ըլլայ։ Ասիկա համաձա՞յն է Սուրբ Գիրքին ըսածին’։ Կարեւոր է որ յիշենք թէ այս աշխարհը եւ ինչ որ ատոր մէջ է, Եհովայի կամքին եւ մտածելակերպին դէմ կը դնեն (Յակ. 4։7, 8. Ա. Յովհ. 2։15-17. 5։19)։ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենալը լաւագոյն պաշտպանութիւնն է, որ զաւակ մը կրնայ ունենալ Սատանային, իր աշխարհին եւ ատոր գէշ մտածելակերպին դէմ։ Եթէ ծնողները առաջին տեղը դնեն ուսումը եւ լաւ գործը, իրենց զաւակը կրնայ կարծել որ աշխարհին բաները աւելի կարեւոր են քան՝ Եհովային մօտիկ ըլլալը։ Ասիկա վտանգաւոր է։ Սիրալիր ծնողները իրապէս կ’ուզե՞ն որ այս աշխարհը իրենց զաւակին սորվեցնէ, թէ իսկական յաջողութիւնը ի՛նչ է։ Միտքդ պահէ թէ իսկական ուրախութիւն եւ յաջողութիւն կը գտնենք միայն եթէ Եհովան առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ (Սաղ. 1։2, 3)։ դ18.03 10 ¶10-11
Կիրակի, յուլիս 7
Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը (Մատ. 6։33)։
Շատեր տեսած են որ պարզ կեանք մը ապրելով ոչ միայն աւելի ուրախ կ’ըլլան, հապա նաեւ աւելի ժամանակ կ’ունենան որ Եհովային ծառայեն։ Ճէք իր մեծ տունը եւ գործը ծախեց, որպէսզի կարենայ իր կնոջ հետ ռահվիրայութիւն ընել։ Ան կը բացատրէ. «Տարիներ շարունակ, յուսախաբ կը վերադառնայի տուն, գործի խնդիրներուն պատճառով։ Մինչ այդ, կինս՝ որ կանոնաւոր ռահվիրայ էր, միշտ շատ ուրախ կ’ըլլար։ Ան կ’ըսէր. ‘Ամէնէն աղուոր գործատէրը ունիմ’։ Հիմա որ ես ալ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ, երկուքս կ’աշխատինք նոյն Անձին քով՝ Եհովային»։ Որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչ աչքով կը նայինք դրամին, կրնանք անկեղծօրէն նկատի առնել, թէ ի՛նչ կը պատասխանենք այս հարցումներուն. ‘Ապրելակերպս կը ցուցնէ՞ թէ կը հաւատամ ինչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ դրամին մասին։ Ինծի համար ամէնէն կարեւոր բանը դրամ շահի՞լն է։ Նիւթական բաներու աւելի՞ արժէք կու տամ քան՝ Եհովային եւ մարդոց հետ ունեցած փոխյարաբերութեանս։ Իրապէս համոզուա՞ծ եմ որ Եհովան պիտի հոգայ պէտքերս’։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ան բնա՛ւ յուսախաբ պիտի չընէ իրեն ապաւինողները։ դ18.01 25 ¶12-13
Երկուշաբթի, յուլիս 8
Ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք. . . ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք (Փլպ. 2։12)։
Անձիդ փրկութիւնը գործելը լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է։ Փրկուելու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը կարդաս եւ ատոր վրայ խոկաս, Եհովային աղօթես եւ մտածես այն օրհնութիւններուն մասին, որ անձնապէս քեզի տուած է։ Ասոնք քեզի պիտի օգնեն, որ աւելի ինքնավստահ ըլլաս որ Եհովան Բարեկամդ է։ Իսկ ասիկա պիտի ձգէ որ հաւատալիքներուդ մասին խօսիս ուրիշներուն (Սաղ. 73։28)։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (Մատ. 16։24)։ Յստակ է թէ քրիստոնեան պէտք է նուիրուի եւ մկրտուի, որպէսզի կարենայ Յիսուսին հետեւիլ։ Ասիկա միեւնոյն ատեն իրեն հետ մեծ թիւով օրհնութիւններ կը բերէ հիմա, ինչպէս նաեւ առիթ կու տայ, որ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրիս։ Ուրեմն ամէն կարելիդ ըրէ, որ անձիդ փրկութիւնը գործես։ դ17.12 27 ¶18-19
Երեքշաբթի, յուլիս 9
Ձեր վրայ հագէ՛ք. . . երկայնմտութիւնը (Կող. 3։12)։
Երբ ծնողները համբերութեամբ սորվեցնեն, ժամանակի ընթացքին՝ իրենց պզտիկները պիտի սկսին հասկնալ հաւատքին «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը» (Եփ. 3։18)։ Կրնանք անոնց սորվեցնել այնպիսի կերպով մը, որ իրենց տարիքին եւ կարողութեան յարմար է։ Անոնք որքան աւելի համոզուին իրենց սորվածին, այնքան աւելի պիտի կարենան իրենց հաւատալիքները պաշտպանել ուրիշներուն առջեւ, մէջը ըլլալով իրենց դասընկերները (Ա. Պետ. 3։15)։ Օրինակ, զաւակներդ կրնա՞ն Սուրբ Գիրքէն բացատրել, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մէկը մեռնի։ Ասոր մասին Սուրբ Գիրքին բացատրութիւնը տրամաբանական կը գտնե՞ն։ Հարկ է որ համբերող ըլլաս, որպէսզի պզտիկիդ օգնես, որ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենայ, բայց կ’արժէ թափել այս ջանքը (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Անշուշտ, քու օրինակդ ալ կարեւոր է, որպէսզի պզտիկներդ համոզուին։ Երեք աղջիկ ունեցող մայր մը՝ Սթեֆանին, կ’ըսէ. «Ես ինծի կը հարցնեմ. ‘Պզտիկներուս կ’ըսե՞մ թէ ես ինչո՛ւ համոզուած եմ, որ Եհովան գոյութիւն ունի, մեզ կը սիրէ եւ իր ճամբաները ճիշդ են’։ Եթէ ես չեմ համոզուած, չեմ կրնար ակնկալել որ պզտիկներս համոզուին»։ դ17.12 20 ¶8-10
Չորեքշաբթի, յուլիս 10
Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ (Յովհ. 11։23)։
Մարթան վստահ էր որ իր եղբայրը ապագային յարութիւն պիտի առնէր, քանի որ նոյնիսկ Յիսուսին ծառայութենէն առաջ գիտէր, թէ անցեալին յարութիւններ եղած էին։ Ան պզտիկուց ատոնց մասին սորված էր տունը եւ ժողովարանը։ Օրինակ՝ առաջին յարութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ Աստուած զօրութիւն կու տար Եղիա մարգարէին, որպէսզի հրաշքներ ընէ։ Իսրայէլի հիւսիսը՝ Սարեփթա կոչուող փիւնիկական քաղաքին մէջ, աղքատ որբեւայրի մը հիւրասիրեց մարգարէն։ Ետքը, Եհովան հրաշք մը ըրաւ։ Ան չձգեց որ կնոջ ալիւրը եւ իւղը վերջանան, որպէսզի ինք եւ իր տղան կարենան ապրիլ (Գ. Թագ. 17։8-16)։ Բայց յետագային տղան հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Եղիան կնոջ օգնութեան հասաւ։ Ան աղօթեց. «Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ»։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Աստուած Եղիային աղօթքը լսեց եւ պզտիկը ողջնցաւ։ Ասիկա առաջին յարութիւնն էր, որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուեցաւ (Գ. Թագ. 17։17-24)։ Մարթան վստահաբար գիտէր այս հիանալի պատմութիւնը։ դ17.12 3 ¶1. 4 ¶3, 5-6
Հինգշաբթի, յուլիս 11
Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային (Մատ. 6։24)։
Մարդիկ թերեւս մեզ քաջալերեն, որ աշխարհային ասպարէզի մը ետեւէ ըլլանք։ Կ’ըսեն՝ եթէ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք այդ նպատակին հասնելու, կրնանք հռչակաւոր, հեղինակաւոր եւ հարուստ ըլլալ։ Եւ քանի որ շատեր այսպէս կը կարծեն, կրնայ ըլլալ որ մենք ալ մտածենք, որ ասպարէզ ունենալը ուրախութեան գաղտնիքն է։ Ճի՞շդ է որ այն ասպարէզը, որ մեզ հեղինակաւոր ու հռչակաւոր կը դարձնէ, նաեւ մնայուն ուրախութեան կ’առաջնորդէ։ Ո՛չ։ Մտածէ ասոր մասին. Սատանան կ’ուզէր ուրիշները կառավարել եւ հռչակաւոր ըլլալ։ Ձեւով մը իր ուզածին հասաւ, բայց ուրախ չէ, բարկացած է (Մատ. 4։8, 9. Յայտ. 12։12)։ Անդին, մտածէ՝ ի՜նչ ուրախ ենք որ կ’օգնենք ուրիշներուն, որ Աստուած ճանչնան եւ ապագայի նկատմամբ հիանալի յոյս մը ձեռք ձգեն։ Աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ ասպարէզ կրնայ այդ մեծ ուրախութիւնը տալ քեզի։ Նաեւ, լաւ ասպարէզ մը ունենալու համար մարդիկ յաճախ կը մրցակցին, յարձակողական կ’ըլլան եւ իրարու կը նախանձին։ Բայց դեռ ներսիդին պարապութիւն կը զգան։ Իրենց բոլոր ջանքերը «հովի համար աշխատանք» են (Ժող. 4։4, ԱԾ, ստորանիշ)։ դ17.11 22-23 ¶11-13
Ուրբաթ, յուլիս 12
Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան (Մատ. 26։30)։
Յիսուսի օրերուն, երաժշտութիւնը շարունակեց ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ կարեւոր դեր խաղալ։ Մտածէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ մարդկային պատմութեան ամէնէն կարեւոր օրուան մէջ։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ Տէրունական ընթրիքը ընելէ ետք, բոլորը փառաբանութեան երգեր երգեցին Եհովային։ Առաջին դարու քրիստոնեաները լաւ օրինակ դարձան՝ երգերով Աստուած փառաբանելու մէջ։ Անոնք տաճար չէին երթար, հապա՝ անձնական տուներու մէջ Եհովան կը պաշտէին։ Թէեւ այդ տուները տաճարէն շատ աւելի պարզ էին, բայց քրիստոնեաները տակաւին նախանձախնդրութեամբ կ’երգէին։ Պօղոս առաքեալ իր քրիստոնեայ եղբայրներուն ըսաւ. ‘Սորվեցուցէք իրարու եւ խրատեցէք զիրար՝ սաղմոսներով, օրհներգերով ու հոգեւոր երգերով, շնորհակալութեամբ երգելով Աստուծոյ՝ ձեր սիրտերուն մէջ’ (Կող. 3։16, ԱԾ)։ Մեր երգարանին երգերը իրապէս ‘հոգեւոր երգեր են, որոնք պէտք է շնորհակալութեամբ երգուին’։ Ատոնք մաս կը կազմեն այն հոգեւոր սնունդին, որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կու տայ (Մատ. 24։45)։ դ17.11 4 ¶7-8
Շաբաթ, յուլիս 13
Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ (Թւ. 35։11)։
Եհովան այնպէս մը կարգադրեց վեց ապաստանի քաղաքներուն տեղերը, որ փախստականին համար դիւրին ըլլար հոն հասնիլը։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ, որ Յորդանան գետին երկու կողմն ալ երեք քաղաք զատեն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի փախստականը կարենար արագօրէն եւ դիւրութեամբ հասնիլ (Թւ. 35։12-14)։ Այդ վեց քաղաքներուն տանող ճամբաները միշտ լաւ վիճակի մէջ կը պահուէին (Բ. Օր. 19։3)։ Ըստ հրէական աւանդութեան, այդ ճամբաներուն վրայ նշաններ դրուած էին, որպէսզի փախստականին օգնեն այդ քաղաքները հասնելու։ Որովհետեւ Իսրայէլի մէջ ապաստանի քաղաքներ կային, պատահմամբ մարդ սպաննողը պէտք չունէր օտար երկիր մը փախչելու, ուր վտանգ կար որ սկսէր չաստուածներ պաշտել։ Ասոր մասին մտածէ. Եհովան պատուիրած էր որ դիտմամբ սպաննողները մեռցուին, բայց նաեւ շատ առիթ տուաւ որ պատահմամբ սպաննողը ստանայ ողորմութիւն, կարեկցութիւն եւ պաշտպանութիւն։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը գրեց. «Ամէն բան կարելի եղածին չափ յստակ, պարզ եւ դիւրին կը պահուէր»։ Աստուած անսիրտ դատաւոր մը չէ, որ կը ջանայ իր ծառաները պատժել, հապա՝ «մեծ է ողորմութիւնով» (Եփ. 2։4)։ դ17.11 14 ¶4-5
Կիրակի, յուլիս 14
Ինծի դարձէ՛ք ու ես ձեզի պիտի դառնամ (Զաք. 1։3)։
Թռչող տոմս մը, կողովի մէջ կին մը եւ արագիլի թեւեր ունեցող երկու կիներ օդին մէջ կը թռչին։ Ասոնք այն հետաքրքրական տեսիլքներէն են որ Զաքարիան տեսաւ (Զաք. 5։1, 7-9)։ Եհովան ինչո՞ւ այս տեսիլքները իր մարգարէին ցուցուց։ Զաքարիային վեցերորդ եւ եօթներորդ տեսիլքները լուրջ զգուշացում մըն են անոնց՝ որոնք չարութիւն կ’ընեն։ Եհովան պիտի չձգէ որ չարութիւնը շարունակուի։ Զինք պաշտողները պէտք է ատեն չարութիւնը։ Այս տեսիլքները նաեւ մեզ կը վստահեցնեն, որ եթէ ջանք թափենք որ մեր սիրալիր Հայրը հաճեցնենք, ան մեզ պիտի չանիծէ, հապա՝ պիտի պաշտպանէ ու օրհնէ։ Պարապի պիտի չերթան մեր թափած բոլոր ջանքերը, որ մաքուր մնանք՝ չարութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ։ Վստահ եղիր որ Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք յաջողիլ։ դ17.10 21 ¶1. 25 ¶19
Երկուշաբթի, յուլիս 15
Տարեց կիները թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. . . որպէսզի սորվեցնեն դեռահասակ կիներուն (Տիտ. 2։3, 4, ԱԾ)։
Ամուրի քոյրերը այժմ շատ մը առիթներ ունին, որ իրենց ծառայութիւնը աւելցնեն՝ ռահվիրայութիւն ընելով, փոխադրուելով ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, աշխատելով Տեղական ծրագրման/շինարարութեան յայտագրին հետ եւ դիմելով Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կը հրաւիրուին Գաղաադի դպրոցը։ Տարիքով աւելի մեծ քոյրերն ալ օրհնութիւն մըն են ժողովքին համար, եւ մենք զանոնք շատ կը սիրենք։ Թէեւ անոնցմէ ոմանք առաջուան չափ չեն կրնար ծառայել Աստուծոյ, բայց տակաւին կրնա՛ն քաջութեամբ վարուիլ եւ գործի անցնիլ։ Օրինակ, տարիքով աւելի մեծ քոյր մը քաջութեան պէտք ունի, երբ երէցները իրմէ խնդրեն որ երիտասարդուհի քրոջ մը խօսի պատշաճօրէն հագուելու մասին։ Անշուշտ, ան պիտի չվիրաւորէ քոյրը իր հագած հագուստներուն համար, բայց ազնուօրէն զինք պիտի քաջալերէ, որ մտածէ թէ իր ընտրութիւնները ինչպէ՛ս կրնան ազդել ուրիշներուն (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Երբ անոնք այսպէս սէր ցուցնեն, ժողովքը կրնայ զօրանալ։ դ17.09 31-32 ¶17-18
Երեքշաբթի, յուլիս 16
Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես (Առ. 2։5)։
Եղած են ժամանակներ, երբ շատ մը զօրաւոր առաջնորդներ փորձած են մարդոց արգելք ըլլալ որ Սուրբ Գիրքը կարդան։ Բայց կարգ մը աստուածավախ մարդիկ շարունակած են ջանք թափել, որ Սուրբ Գիրքը բոլորին մատչելի ըլլայ։ Անոնցմէ մէկն էր՝ 14–րդ դարու աստուածաբան Ճոն Ուիքլիֆ։ Ան վերջին ծայր համոզուած էր, որ բոլորը պէտք է կարենան Սուրբ Գիրքը կարդալ։ Բայց այդ ժամանակ, Անգլիոյ մէջ պարզ ժողովուրդը Սուրբ Գիրքին պատգամը բնա՛ւ չէին լսած իրենց լեզուով։ 1382–ին, Ճոն Ուիքլիֆ եւ ուրիշներ Սուրբ Գիրքը թարգմանեցին անգլերէնի։ Լոլարդեաններ կոչուած քարոզիչներ ուզեցին Աստուծոյ Խօսքը հասցնել պարզ մարդոց մտքին ու սրտին, եւ ասոր համար քալելով կը ճամբորդէին Անգլիոյ մէկ գիւղէն միւսը։ Անոնք մարդոց կը կարդային Ուիքլիֆին Աստուածաշունչէն եւ անկէ ձեռքով գրուած հատուածներ կը բաշխէին։ Յաջորդ դարերուն, Եւրոպայի եւ ուրիշ երկիրներու մէջ շատեր սկսան Սուրբ Գիրքը թարգմանել եւ տպել այն լեզուներով, որ բազմաթիւ մարդիկ կրնան հասկնալ։ դ17.09 20-21 ¶10-12
Չորեքշաբթի, յուլիս 17
[Ամուսնացողները] մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան (Ա. Կոր. 7։28)։
Երբ մէկը ուզէ պզտիկ ունենալ՝ բայց չունենայ, ասիկա իր կարգին «մարմնի նեղութիւն» է (Առ. 13։12)։ Սուրբ Գիրքի օրերուն, պզտիկ ունենալը շատ կարեւոր էր։ Այս պատճառով, Յակոբին կինը Ռաքէլ շատ ընկճուեցաւ, երբ տեսաւ թէ իր քոյրը պզտիկ կ’ունենայ, մինչ ինք չի կրնար ունենալ (Ծն. 30։1, 2)։ Երբ ամուսնական նեղութիւններուն մասին կը խօսինք, կայ նեղութիւն մը որ մեր մտքէն շատ չ’անցնիր. սիրելիի մը մահը։ Թէեւ շատեր չէին ակնկալած որ ասիկա իրենց պատահի, բայց պատահած է։ Քրիստոնեաները մեծ հաւատք ունին յարութեան հանդէպ, եւ ասիկա կը մխիթարէ զիրենք (Յովհ. 5։28, 29)։ Մեր սիրալիր Հայրը՝ Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ կ’օգնէ եւ կը մխիթարէ մեզ մեր նեղութիւններուն մէջ։ դ17.06 4 ¶1. 5 ¶6. 6 ¶9
Հինգշաբթի, յուլիս 18
Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար է (Ել. 34։6)։
Անգամ մը, Աստուած ինքզինք յայտնեց Մովսէսին, իր անունը եւ յատկութիւնները յայտարարելով։ Աստուած կրնար իր զօրութեան կամ իմաստութեան մասին խօսիլ, բայց նախ նշեց իր գութը եւ ողորմութիւնը, ըստ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով–ին (Ել. 34։5-7)։ Մովսէս պէտք ունէր գիտնալու որ Եհովան կռնակ պիտի կենար իրեն։ Ասոր համար, Եհովան շեշտեց այն յատկութիւնները, որոնք կը ցուցնեն որ ինք սրտանց կ’ուզէ իր ծառաներուն օգնել (Ել. 33։13)։ Թէեւ գթասրտութեան յատկութեամբ ստեղծուած ենք, բայց քանի որ անկատար ենք՝ անձնասէր ըլլալու հակումը ունինք։ Ատեններ, մեզի համար դիւրին չէ որոշել, թէ պէտք է ուրիշներո՞ւն օգնենք, թէ ոչ մեր անձին վրայ կեդրոնանանք։ Ոմանք միշտ այս պայքարին մէջ են։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ սկսիս ու շարունակես ուրիշներով հետաքրքրուիլ։ Նախ, նկատի առ թէ Եհովան եւ ուրիշներ ինչպէս գթասրտութեամբ վարուած են։ Ետքը, տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուծոյ նմանիլ եւ թէ ասիկա ի՛նչ օգուտներ ունի։ դ17.09 8 ¶1. 9 ¶3
Ուրբաթ, յուլիս 19
Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Պէտք է Եհովան պատուելու համար հագնինք նոր անձնաւորութիւնը, եւ ոչ թէ մարդոցմէ փառք ստանալու համար։ Յիշէ թէ անցեալին նոյնիսկ կատարեալ հրեշտակ մը մեղք գործեց, քանի որ հպարտութեամբ լեցուեցաւ (համեմատէ՛ Եզեկիէլ 28։17)։ Որքա՜ն աւելի դժուար է մեզի համար որ չհպարտանանք, մենք որ անկատար ենք։ Բայց կարելի է որ խոնարհութիւն հագնինք։ Ինչպէ՞ս։ Որպէսզի խոնարհ մնանք, պէտք է ամէն օր ժամանակ տրամադրենք որ Աստուծոյ Խօսքը կարդանք եւ մեր կարդացածին վրայ խոկանք (Բ. Օր. 17։18-20)։ Մասնաւորաբար պէտք է խոկանք Յիսուսին սորվեցուցածներուն եւ անոր խոնարհութեան վրայ (Մատ. 20։28)։ Ան այնքա՛ն խոնարհ էր որ իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց (Յովհ. 13։12-17)։ Նաեւ պէտք է աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք, որպէսզի մեզի օգնէ որ ուրիշներէն աւելի բարձր զգալու հակումին դէմ պայքարինք (Գաղ. 6։3, 4)։ դ17.08 25 ¶11-12
Շաբաթ, յուլիս 20
Ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ (Փլպ. 4։6, 7)։
Թերեւս եղած են ժամանակներ, երբ Աստուծմէ խնդրեցինք որ մեզի օգնէ որոշում մը առնելու, եւ ըստ մեզի՝ հետեւեցանք սուրբ հոգիին առաջնորդութեան, բայց ետքը մեր ակնկալածէն տարբեր բան մը պատահեցաւ։ Դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցանք, կամ ալ ստիպուեցանք մեծ փոփոխութիւններ ընել մեր կեանքին մէջ (Ժող. 9։11)։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ բանի մը համար չմտահոգուինք եւ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» վայելենք։ Պօղոսին խօսքը կը ցուցնէ թէ մեր մտահոգութիւններուն ճարը աղօթքն է։ Ուրեմն, երբ մտահոգ ըլլանք, պէտք է մեր մտահոգութեան մասին աղօթենք (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Լման հաւատքով աղօթէ Եհովային, վստահ ըլլալով որ քեզմով հետաքրքրուած է։ Միշտ իրեն շնորհակալութիւն յայտնէ ամէն մէկ օրհնութեան համար որ կը վայելես։ Եւ բնաւ մի՛ մոռնար որ ան «կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք» (Եփ. 3։20)։ դ17.08 9 ¶4, 6. 10 ¶10
Կիրակի, յուլիս 21
Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին (Առ. 15։22)։
Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր իրենց պատանեկութենէն սկսան ռահվիրայութիւն ընել, եւ ասոր մէջ ուրախութիւն գտան։ Եթէ պատանի ես, կրնաս անոնցմէ ոմանց հետ խօսիլ ծրագիրներուդ մասին։ Այսպիսի հոգեւոր անձեր քեզի պիտի ըսեն, որ լիաժամ ծառայութիւնը քեզի կու տայ այնպիսի կրթութիւն մը, որ լման կեանքիդ ընթացքին քեզի օգտակար կը դառնայ։ Յիսուս երկնքին մէջ այսպիսի կրթութիւն ստացաւ իր Հօրմէն։ Ետքը՝ մինչ երկրի վրայ կը քարոզէր, ան շարունակեց սորվիլ։ Օրինակ, ան տեսաւ որ բարի լուրը մարդոց սրտին հասցնելը եւ դժուարութիւններու մէջ հաւատարիմ մնալը ուրախութիւն կու տան (Եսա. 50։4. Եբ. 5։8. 12։2)։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . Սորվեցուցէք անոնց» (Մատ. 28։19, 20)։ Եթէ կը ծրագրես աշակերտել, պիտի ունենաս կեանք մը, որ շատ պիտի ուրախացնէ քեզ եւ Եհովա Աստուծոյ փառք պիտի բերէ։ Անշուշտ, ժամանակ կ’ուզես որ այս գործին մէջ վարպետ դառնաս։ դ17.07 23 ¶6-7
Երկուշաբթի, յուլիս 22
Ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ (Եսա. 66։13)։
Անկասկած, մեր կարեկից երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, գլխաւոր անձն է որ մեզ կը մխիթարէ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Սգաւորները նաեւ կրնան մխիթարուիլ քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Ա. Թես. 5։11)։ Ինչպէ՞ս կրնաս զօրացնել եւ մխիթարել «կոտրած սիրտ» ունեցողները (Առ. 17։22)։ Յիշէ թէ «լռելու ժամանակ [կայ] ու խօսելու ժամանակ» կայ (Ժող. 3։7)։ Տըլին անունով այրի մը կը բացատրէ. «Սգաւորները պէտք ունին որ իրենց մտածումները եւ զգացումները արտայայտեն։ Ասոր համար, ամէնէն կարեւոր բանը որ սգաւորի մը համար կրնաս ընել՝ առանց ընդմիջելու մտիկ ընելն է»։ Յունիա, որուն եղբայրը անձնասպան եղաւ, կ’աւելցնէ. «Թէեւ թերեւս չկրնաս իրենց ցաւը լման հասկնալ, կարեւորը այն է որ կ’ուզես հասկնալ թէ ի՛նչ կը զգան»։ Նաեւ միտքդ պահէ որ ամէն անձ տարբեր կերպով կը զգայ եւ կ’արտայայտէ իր վիշտը։ դ17.07 13 ¶3. 14 ¶11-13
Երեքշաբթի, յուլիս 23
Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ (Սաղ. 83։18)։
Ներկայ աշխարհին մէջ, բազմաթիւ մարդոց համար դրամը ամէնէն կարեւոր բանն է։ Անոնց խելքը–միտքը հարստութիւն հաւաքել է կամ կը մտահոգուին թէ իրենց ունեցածը ինչպէս չկորսնցնեն։ Ուրիշներու համար ամէնէն կարեւոր բանը՝ ընտանիքն է, առողջութիւնն է կամ ինչ որ իրենց կեանքին մէջ կ’ուզեն իրագործել։ Սակայն, այս բոլորէն շատ աւելի կարեւոր հարց մը կայ. Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովումը։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ աչքերնիս չհանենք այս կարեւոր հարցին վրայէն։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք այնքա՛ն տարուիլ մեր ամէնօրեայ կեանքով կամ մտահոգուիլ մեր խնդիրներով ու դժուարութիւններով, որ մոռնանք այս հարցին շատ կարեւոր ըլլալը։ Անդին, եթէ Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք, աւելի պիտի կարենանք գլուխ ելլել մեր առօրեայ խնդիրներուն հետ եւ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք։ դ17.06 22 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յուլիս 24
Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին (Ա. Կոր. 11։1)։
Եհովան միշտ սիրալիր կերպով կը գործածէ իր ուժը։ Ընտանիքի գլուխը եւ երէցները, որոնք Եհովային գերիշխանութիւնը կը սիրեն, կ’ուզեն իրեն նմանելով պահանջկոտ չըլլալ եւ անձնական պզտիկ ‘գերիշխանութիւն մը’ չհիմնել։ Պօղոս առաքեալ շատ ջանք թափեց որ Աստուծոյ եւ իր Որդիին նմանի։ Ան չփորձեց ուրիշները սեւերես հանել կամ ստիպել որ ճիշդը ընեն։ Ընդհակառակը, ան աղաչեց անոնց, այսինքն՝ ազնուութեամբ մղեց որ ճիշդը ընեն (Հռով. 12։1. Եփ. 4։1. Փլմ. 8-10)։ Եհովան այսպէ՛ս կը վարուի։ Ուրեմն մենք ալ այդպէս պէտք է վարուինք, եթէ կը սիրենք ու թիկունք կը կանգնինք Եհովայի գերիշխանութեան։ Նաեւ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կը կանգնինք, երբ կը համագործակցինք անոնց հետ՝ որոնց Եհովան հեղինակութիւն տուած է։ Կ’ուզենք համագործակցիլ որպէսզի Եհովային ուզած կերպով ըլլայ ամէն ինչ, նոյնիսկ եթէ լման չենք հասկնար կամ չենք համաձայնիր որոշումի մը հետ։ Աշխարհը ասանկ չի վարուիր, բայց Եհովային իշխանութեան տակ կեանքի կերպը այսպէս է (Եփ. 5։22, 23. 6։1-3. Եբ. 13։17)։ դ17.06 30 ¶14-15
Հինգշաբթի, յուլիս 25
Դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել (Ա. Թես. 4։9)։
Այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք վհատած կամ ընկճուած են, կամ ալ ուրիշ խնդիրներ ունին, պէտք ունին որ իրենցմով հետաքրքրուինք, զիրենք քաջալերենք եւ մխիթարենք, ի՛նչ ալ ըլլայ տարիքնին (Առ. 12։25. Կող. 4։11)։ Մեր խօսքերով ու գործերով կը ցուցնենք, թէ իրապէս կը սիրենք մեր հաւատքի ընտանիքէն եղողները (Գաղ. 6։10)։ Սուրբ Գիրքը ըսած է որ այս չար աշխարհին «վերջին օրեր»ուն մէջ շատեր անձնասէր եւ ագահ պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է շատ ջանք թափենք որ մեր սէրը աւելնայ Աստուծոյ հանդէպ, Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հանդէպ եւ եղբայրներուն հանդէպ։ Ճիշդ է որ թերեւս ատեններ պզտիկ անհամաձայնութիւններ ունենանք եղբայրներուն հետ, բայց ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ սէրէ մղուած՝ հարցը լուծենք կարելի եղածին չափ շուտով եւ ազնիւ կերպով (Եփ. 4։32. Կող. 3։14)։ Ուստի շարունակենք վերջին ծայր սիրել Եհովան, իր Խօսքը եւ մեր եղբայրները։ դ17.05 21 ¶17-18
Ուրբաթ, յուլիս 26
Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք (Ա. Յովհ. 1։8)։
Քրիստոնեաները կ’ակնկալեն որ անարդարութեան զոհ երթան քրիստոնէական ժողովքէն դուրս։ Բայց մեր հաւատքը կրնայ փորձուիլ, երբ ժողովքի՛ն մէջ բան մը պատահի մեզի կամ ուրիշին, որ մեր աչքին անարդար է։ Այս պարագային ի՞նչ պիտի ընես։ Ատոր պատճառաւ պիտի գայթակղի՞ս։ Քանի որ բոլորս անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք, կրնայ ըլլալ որ մէկը մեզի հետ անարդարօրէն վարուի, կամ մենք մէկու մը հետ անարդարօրէն վարուինք։ Թէեւ ասիկա քիչ կը պատահի, բայց երբ պատահի՝ հաւատարիմ քրիստոնեան չի զարմանար կամ չի գայթակղիր։ Եհովան գործնական խրատներ տուած է Սուրբ Գիրքին մէջ, որպէսզի մեզի օգնէ հաւատարիմ մնալու, երբ եղբայրներէն կամ քոյրերէն մէկը մեզի հետ անարդարօրէն վարուի (Սաղ. 55։12-14)։ դ17.04 19 ¶4-5
Շաբաթ, յուլիս 27
[Ամուսնացողները] մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան (Ա. Կոր. 7։28)։
Եթէ Եհովան չպաշտող կողակից մը ունիս, ամուսնութեանդ մէջ սովորականէն աւելի սթրես եւ մտահոգութիւն կրնաս ունենալ։ Բայց չես կրնար կողակիցէդ բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ պարզապէս քանի որ Եհովան չի պաշտեր (Ա. Կոր. 7։12-16)։ Եթէ ամուսինդ Եհովան չի պաշտեր եւ հոգեւոր բաներու մէջ առաջնորդութիւն չ’առներ, տակաւին պէտք է զինք յարգես որպէս ընտանիքիդ գլուխը։ Իսկ եթէ կինդ Եհովան չի պաշտեր, տակաւին պէտք է զինք սրտանց սիրես եւ քնքշութեամբ հոգաս (Եփ. 5։22, 23, 28, 29)։ Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կողակիցդ փորձէ սահմաններ դնել պաշտամունքիդ։ Օրինակ, քրոջ մը ամուսինը իրեն ըսաւ որ միայն որոշ օրեր ծառայութեան ելլէ։ Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ըլլաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Կողակիցիս խնդրածը ի՞նչ է. այլեւս Եհովան չպաշտե՞լ։ Եթէ ոչ, կրնա՞մ կողակիցիս խնդրածը ընել’։ Բանաւոր եւ տրամաբանական ըլլալը քեզի կ’օգնէ, որ անտեղի խնդիրներ չունենաս ամուսնութեանդ մէջ (Փլպ. 4։5, ՆԱ)։ դ17.10 13 ¶7-8
Կիրակի, յուլիս 28
Զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր (Բ. Օր. 6։7)։
Ինչպէս որ մարգարէացուած է, «ազգերուն բոլոր լեզուներէն» մարդիկ կու գան Եհովային կազմակերպութեան (Զաք. 8։23)։ Բայց եթէ զաւակներդ չեն հասկնար լեզուդ, քեզի համար դժուար կ’ըլլայ ճշմարտութիւնը սորվեցնել իրենց։ Զաւակներդ ամէնէն կարեւոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններդ են, որ կեանքիդ մէջ պիտի ունենաս, եւ եթէ անոնք «ճանչնան» Եհովան՝ յաւիտեան պիտի ապրին (Յովհ. 17։3)։ Որպէսզի զաւակներդ Եհովային ուսուցումները սորվին, պէտք է ‘անոնց վրայ խօսիս’ ամէն անգամ որ առիթ ունենաս (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Զաւակները շատ հաւանաբար տեղական լեզուն սորվին դպրոցին մէջ եւ ուրիշներէն։ Բայց անոնք ձե՛ր լեզուն կը սորվին, երբ միշտ անոնց հետ ձեր լեզուով խօսիք։ Երբ ձեր զաւակները ձեր լեզուն խօսին, իրենց համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ, որ իրենց սրտին մէջինը յայտնեն ձեզի։ Ասկէ զատ, երբ անոնք մէկէ աւելի լեզու գիտնան, իրենց մտածելու կարողութիւնը կը զօրանայ եւ կը սկսին ուրիշներուն կարծիքը աւելի հասկնալ։ դ17.05 9 ¶5-6
Երկուշաբթի, յուլիս 29
Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր. . . ու ես Յաբինի զօրագլուխը Սիսարան. . . քու ձեռքդ պիտի մատնեմ (Դատ. 4։6, 7)։
Յաբինի բանակին մէջ կային 900 երկաթէ կառքեր, բայց իսրայէլացիները յարմար զէնքեր չունէին որ պատերազմէին, ոչ ալ զրահներ ունէին որ ինքզինքնին պաշտպանէին (Դատ. 4։1-3, 13. 5։6-8)։ Բայց Եհովան վերոնշեալ խօսքը Բարակին ըսաւ։ Ետքը, Բարակ եւ իր բանակը սկսան Թանաք կոչուած տեղը պատերազմիլ թշնամիին դէմ (Դատ. 4։14-16)։ Եհովան օգնե՞ց իսրայէլացիներուն։ Այո՛։ Տեղատարափ անձրեւ իջաւ եւ ամէն տեղ ցեխ եղաւ։ Բարակ Սիսարային բանակը 24 քմ. հետապնդեց մինչեւ Արիսօթ։ Ճամբան՝ Սիսարային կառքը ցեխին մէջ կախուեցաւ, եւ ան ստիպուեցաւ կառքը ձգել եւ վազելով Սանանիմ փախչիլ, ուր Յայէլ անունով կնոջ մը վրանը մտաւ պահուըտելու համար։ Ան վերջին ծայր յոգնած ըլլալով քունի անցաւ։ Մինչ ան կը պառկէր, Յայէլ քաջաբար զինք մեռցուց, եւ այսպիսով իսրայէլացիները յաղթեցին (Դատ. 4։17-21)։ դ17.04 29-30 ¶6-8
Երեքշաբթի, յուլիս 30
Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն ունի. անիկա. . . ամբարիշտները սուրի պիտի տայ (Եր. 25։31)։
Արմագեդոնէն ետք, երկրի վրայ կազմակերպութիւն մը պիտի ըլլա՞յ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետ. 3։13)։ Հին երկինքը ու հին երկիրը՝ փտած կառավարութիւններն են եւ անոնց ձեռքին տակ եղող ժողովուրդները։ Երբ ատոնք մէջտեղէն վերցուին, ատոնց տեղ ի՞նչ պիտի գայ։ «Նոր երկինք ու նոր երկիր»։ Նոր երկինքը նոր կառավարութիւնն է, այն Թագաւորութիւնը որուն մէջ Յիսուս Քրիստոս եւ 144,000–ը պիտի իշխեն։ Նոր երկիրը կ’ակնարկէ այն մարդոց, որոնց վրայ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ։ Յիսուս եւ իր Թագաւորութիւնը կատարեալ կերպով պիտի ընդօրինակեն Եհովա Աստուած, որ կազմակերպուած Աստուած է (Ա. Կոր. 14։33)։ Ուրեմն, «նոր երկիր»ը կազմակերպուած պիտի ըլլայ։ Լաւ մարդիկ հոգ պիտի տանին ամէն բանի (Սաղ. 45։16)։ Անոնք ուղղութիւն պիտի ստանան Յիսուսէն եւ 144,000–էն։ Երեւակայէ ժամանակ մը երբ փտած կազմակերպութիւններուն տեղ պիտի ըլլայ միայն մէկ միացած կազմակերպութիւն, որ բնա՛ւ չի կրնար փտիլ։ դ17.04 11 ¶8-9
Չորեքշաբթի, յուլիս 31
Մէկ մարմին պիտի ըլլան (Ծն. 2։24)։
Ամուսնութիւնը սուրբ է։ Հարսն ու փեսան Աստուծոյ եւ ներկաներուն առջեւ կ’ընեն իրենց ուխտը։ Անոնք ընդհանրապէս կը խոստանան որ իրար պիտի սիրեն եւ յարգեն «այնքան ատեն որ երկրի վրայ միասնաբար [կ’ապրին] Աստուծոյ ամուսնական կարգադրութեան հետ ներդաշնակ»։ Ուրիշներ թերեւս ճիշդ այս բառերը չգործածեն, բայց անոնք ալ ուխտ կ’ընեն Աստուծոյ առջեւ։ Ետքը, կը յայտարարուի որ անոնք ամուսին ու կին եղան, եւ անոնց ամուսնութիւնը մինչեւ կեանքին վերջը տեւող կապ մը կը դառնայ (Ա. Կոր. 7։39)։ Յիսուս ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։ Ուրեմն, այն զոյգերը որ կ’ամուսնանան, պէտք է ըմբռնած ըլլան որ պիտի չամուսնալուծուին (Մար. 10։9)։ Անշուշտ, ճիշդ ինչպէս որ կատարեալ անձեր չկան, կատարեալ ամուսնութիւններ ալ չկան։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ամուսնացողները ատեններ «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան» (Ա. Կոր. 7։28)։ դ17.04 7 ¶14-15