Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք19 էջ 77-87
  • Օգոստոս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգոստոս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 1
  • Ուրբաթ, օգոստոս 2
  • Շաբաթ, օգոստոս 3
  • Կիրակի, օգոստոս 4
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 5
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 6
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 7
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 8
  • Ուրբաթ, օգոստոս 9
  • Շաբաթ, օգոստոս 10
  • Կիրակի, օգոստոս 11
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 12
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 13
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 14
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 15
  • Ուրբաթ, օգոստոս 16
  • Շաբաթ, օգոստոս 17
  • Կիրակի, օգոստոս 18
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 19
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 20
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 21
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 22
  • Ուրբաթ, օգոստոս 23
  • Շաբաթ, օգոստոս 24
  • Կիրակի, օգոստոս 25
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 26
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 27
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 28
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 29
  • Ուրբաթ, օգոստոս 30
  • Շաբաթ, օգոստոս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
աք19 էջ 77-87

Օգոստոս

Հինգշաբթի, օգոստոս 1

Ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես (Մատ. 26։39)։

Եթէ կ’ուզենք լաւ ուսուցիչ ըլլալ, նա՛խ պէտք է լաւ աշակերտ ըլլանք (Ա. Տիմ. 4։15, 16)։ Նմանապէս, անոնք որոնք Աստուծոյ կողմէ հեղինակութիւն ունին կրթութիւն տալու, պէտք է խոնարհ մնան եւ թոյլ տան որ Եհովան զիրենք առաջնորդէ։ Այսպիսով, անոնք ուրիշներուն յարգանքը կը շահին եւ աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ դիմացինները իրենց մարզումը կամ խրատը ընդունին։ Նկատի առնենք Յիսուսին օրինակը։ Ան միշտ հնազանդ էր իր Հօր, նոյնիսկ դժուար պարագաներուն։ Ան իրեն մտիկ ընողներուն ըսաւ, որ իր սորվեցուցածները եւ իմաստութիւնը իր Հօրմէն են (Յովհ. 5։19, 30)։ Յիսուսի խոնարհութիւնը եւ հնազանդութիւնը ձգեցին, որ կարեկից ուսուցիչ մը ըլլայ եւ մարդիկ իր ընկերակցութենէն հաճոյք առնեն (Մատ. 11։29)։ Անոր ազնիւ խօսքերը սիրտ տուին յուսահատներուն եւ տկար եղողներուն (Մատ. 12։20)։ Նոյնիսկ երբ իր համբերութիւնը փորձուեցաւ, ան ազնուութեամբ եւ սիրալիր կերպով վարուեցաւ։ Ասիկա յստակ էր, երբ իր առաքեալները սրբագրեց, քանի որ կը վիճէին թէ իրենց մէջ ո՛վ է մեծը (Մար. 9։32-36. Ղուկ. 22։24-27)։ դ18.03 26-27 ¶15-16

Ուրբաթ, օգոստոս 2

Մեզ ալ՝ այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ (Ա. Պետ. 3։21)։

Պետրոս մկրտութիւնը նմանցուց Նոյին տապան շինելուն։ Տապանը տեսանելի փաստ մըն էր, որ Նոյ սրտանց կ’ուզէր Եհովային կամքը կատարել։ Ան հաւատարմօրէն ըրաւ այն գործը, որ Եհովան տուած էր իրեն։ Նոյին հաւատքը ձգեց որ Եհովան զինք եւ իր ընտանիքը փրկէ Ջրհեղեղին ընթացքին։ Ճիշդ ինչպէս որ տապանը փաստ էր որ Նոյ հաւատք ունէր, մկրտութիւնն ալ փաստ է որ անհատը իր կեանքը Աստուծոյ նուիրած է, քանի որ Քրիստոսին կը հաւատայ։ Նոյին պէս, մկրտուողները կը հնազանդին Աստուծոյ եւ կ’ընեն իր տուած գործը։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Աստուած Նոյը փրկեց, իր հաւատարիմ մկրտուած ծառաներն ալ պիտի փրկէ, երբ այս չար աշխարհը կործանէ (Մար. 13։10. Յայտ. 7։9, 10)։ Յստակ է թէ շատ կարեւոր է որ մեր կեանքը Եհովային նուիրենք եւ մկրտուինք։ Այն անձը, որ անտեղիօրէն կը յետաձգէ մկրտուիլը, կրնայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը կորսնցնել։ դ18.03 4 ¶3-4

Շաբաթ, օգոստոս 3

Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է (Առ. 22։15)։

Ծնողներէն ոմանք թերեւս եզրակացնեն. ‘Այնքան ատեն որ զաւակս մկրտուած չէ, չի կրնար վտարուիլ’։ Այս գաղափարը ինչո՞ւ սխալ է (Յակ. 1։22)։ Անշուշտ, ծնողները չեն ուզեր որ իրենց զաւակը մկրտուի, առաջ որ պատրաստ ըլլայ իր կեանքը Եհովային նուիրելու։ Բայց սխալ է մտածել, որ զաւակը Եհովային առջեւ պատասխանատու չ’ըլլար, երբ մկրտուած չէ։ Իրականութեան մէջ, զաւակը Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու կ’ըլլայ, երբ գիտնայ թէ Եհովային աչքին ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ (Յակ. 4։17)։ Ուրեմն, փոխանակ արգելք ըլլալու որ իրենց զաւակը մկրտուի, իմաստուն ծնողները շատ ջանք կը թափեն որ իրեն լաւ օրինակ ըլլան։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակին սրտին մէջ, պզտիկութենէն ցանեն գնահատանք՝ Եհովային բարոյական բարձր չափանիշներուն հանդէպ (Ղուկ. 6։40)։ Այս գնահատա՛նքը պիտի պաշտպանէ զինք լուրջ մեղք մը գործելէ, քանի որ պիտի ուզէ Եհովային աչքին ճիշդ եղածը ընել (Եսա. 35։8)։ դ18.03 11 ¶12-13

Կիրակի, օգոստոս 4

Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց (Ծն. 6։9)։

Նոյ այդպէս շարունակեց ընել Ջրհեղեղէն ետք 350 տարի ալ (Ծն. 9։28)։ Հաւատքի եւ հնազանդութեան ի՜նչ լաւ օրինակ ձգեց։ Կրնանք Նոյին հաւատքն ու հնազանդութիւնը ընդօրինակել՝ Եհովային արդարութեան թիկունք կանգնելով, Սատանայի աշխարհին մէկ մասը չըլլալով եւ Եհովան առաջին տեղը դնելով (Մատ. 6։33. Յովհ. 15։19)։ Անշուշտ, ասիկա կը ձգէ որ աշխարհը մեզ չսիրէ։ Օրինակ, քանի որ վճռած ենք ամուսնութեան եւ սեռային յարաբերութիւններու նկատմամբ Եհովային օրէնքներուն հնազանդիլ, կարգ մը երկիրներու մէջ մարդիկ մեր մասին գէշ բաներ կը խօսին հաղորդամիջոցներու միջոցաւ (Մաղ. 3։17, 18)։ Մենք Նոյին պէս Եհովայի՛ն հանդէպ վախ ունինք, եւ ոչ թէ մարդոց հանդէպ։ Գիտենք որ միայն ի՛նք կրնայ յաւիտենական կեանք տալ մեզի (Ղուկ. 12։4, 5)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Պիտի շարունակե՞մ Եհովային աչքին ճիշդ եղածը ընել, նոյնիսկ երբ ուրիշներ ծաղրեն կամ քննադատեն զիս։ Վստա՞հ եմ որ Եհովան կրնայ նիւթապէս հոգ տանիլ ընտանիքիս, նոյնիսկ երբ դրամ շահիլը դժուար ըլլայ’։ Եթէ Նոյին պէս հաւատաս եւ հնազանդիս Եհովային, կրնաս վստահ ըլլալ որ Ան հոգ պիտի տանի քեզի (Փլպ. 4։6, 7)։ դ18.02 4 ¶4, 8. 5 ¶9-10

Երկուշաբթի, օգոստոս 5

Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր (Ա. Կոր. 2։14)։

Աշխարհը ունի տիրական կեցուածք մը, որ մարմնի ցանկութիւններուն վրայ կը կեդրոնանայ։ Պօղոս այս կեցուածքը կը նկարագրէ որպէս ‘այն ոգին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ’ (Եփ. 2։2)։ Այս ոգին կը մղէ մարդոց մեծամասնութիւնը, որ իրենց շրջապատի մարդիկը ընդօրինակեն։ Անոնք պարզապէս կ’ընեն ինչ որ իրենց ճիշդ կը թուի, անտեսելով Աստուծոյ չափանիշները։ Մարմնաւոր անձը յաճախ չափէ դուրս հետաքրքրուած է իր համբաւով ու նիւթական բաներ ձեռք ձգելով, եւ կը կարծէ որ իր իրաւունքները որեւէ բանէ աւելի կարեւոր են։ Ան նաեւ տարուած է «մարմնին գործերը» կատարելով (Գաղ. 5։19-21)։ Այսպիսի անհատներ ուրիշ բաներ ալ կ’ընեն. անհամաձայնութիւններու ատեն կողմ կը բռնեն, կը փորձեն մարդիկը բաժնել, կը քաջալերեն ըմբոստութիւնը, իրարու դէմ դատ կը բանան, չեն յարգեր գլխաւորութիւնը, եւ կ’ապրին ուտել–խմելու համար։ Մարմնաւոր անձը դիւրաւ տեղի կու տայ, երբ փորձուի սխալ բան մը ընել (Առ. 7։21, 22)։ դ18.02 19 ¶3-5

Երեքշաբթի, օգոստոս 6

Մարդիկ պիտի ըլլան. . . հեշտասէր (Բ. Տիմ. 3։2, 4)։

Սխալ չէ հաւասարակշռուած կերպով հաճոյքները վայելելը։ Եհովան չ’ուզեր որ հաճոյքներէն ամբողջովին հեռու մնանք եւ մեր անձը զրկենք։ Սուրբ Գիրքը հաւատարիմ անհատները կը քաջալերէ, ըսելով. «Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛» (Ժող. 9։7)։ Բ. Տիմոթէոս 3։4–ը կը խօսի հաճոյքները այնքա՛ն սիրելու մասին, որ Աստուծոյ հանդէպ սէր չի մնար։ Նկատէ թէ համարը կ’ըսէ որ մարդիկ պիտի ըլլային «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր», բայց ասիկա ըսել չէ որ անոնք որոշ չափով սէր պիտի ունենային Աստուծոյ հանդէպ։ Ուսումնական մը գրեց թէ այս համարը «չի նշանակեր որ անոնք նաեւ որոշ չափով կը սիրեն Աստուած։ Ատիկա կը նշանակէ որ անոնք բնա՛ւ չեն սիրեր Աստուած»։ Ասիկա շատ լուրջ զգուշացում մըն է անոնց, որոնք չափէ դուրս կը սիրեն հաճոյքները։ «Հեշտասէր» բառը կը նկարագրէ անոնք, որոնք ‘այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած կ’ըլլան’ (Ղուկ. 8։14)։ դ18.01 25-26 ¶14-15

Չորեքշաբթի, օգոստոս 7

Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ (Առ. 3։9)։

Եհովան առատաձեռն Աստուած է։ Մեր բոլոր ունեցածները իրմէ են։ Ան երկրին բոլոր արժէքաւոր բաներուն Տէրն է, եւ զանոնք կը գործածէ, որպէսզի կեանքը գոյատեւէ (Սաղ. 104։13-15. Ան. 2։8)։ Օրինակ, Եհովան 40 տարի անապատին մէջ մանանայ եւ ջուր ապահովեց իսրայէլ ազգին (Ել. 16։35. Նէ. 9։20, 21)։ Յետագային, Եհովան Եղիսէ մարգարէին կարողութիւն տուաւ, որպէսզի հաւատարիմ որբեւայրիի մը ունեցած քիչ մը իւղը շատցնէ։ Աստուծոյ տուած այս նուէրը որբեւայրիին օգնեց ոչ միայն իր պարտքերը գոցելու, հապա նաեւ բաւարար դրամ ունենալու, որ ինք ու իր տղաները ողջ մնան (Դ. Թագ. 4։1-7)։ Նաեւ Եհովային օգնութեամբ, Յիսուս հրաշքով ապահովեց ուտելիք եւ նոյնիսկ դրամ՝ պէտք եղած ատենը (Մատ. 15։35-38. 17։26)։ Եհովան իր ուզած բանը կրնայ գործածել, որպէսզի իր ստեղծագործութեան թիկունք կանգնի։ Բայց ան նաեւ իր ծառաները կը քաջալերէ, որ իրե՛նց նիւթական բաները գործածեն, որպէսզի իր կազմակերպութեան գործին թիկունք կանգնին (Ել. 36։3-7)։ դ18.01 17 ¶1-3

Հինգշաբթի, օգոստոս 8

Ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս (Գ. Թագ. 19։4)։

Անցեալին, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք զգացին թէ այլեւս չէին կրնար դիմանալ (Յոբ 7։7)։ Բայց անոնք չյանձնուեցան, հապա՝ Եհովային տուած զօրութեան վստահեցան։ Անոնք յուսախաբ չեղան, քանի որ Աստուած ‘յոգնածին ոյժ կու տայ’ (Եսա. 40։29)։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս՝ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք կը կարծեն որ իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու լաւագոյն ձեւն է՝ ‘ճշմարտութենէն դադար առնել’։ Անոնց համար, Եհովային ծառայելը բեռ մըն է, եւ ոչ թէ օրհնութիւն։ Այս պատճառով, այլեւս Սուրբ Գիրքը չեն կարդար, ժողովի չեն երթար եւ ծառայութեան չեն ելլեր։ Սատանային ուզածը ճիշդ ասիկա է։ Ան չ’ուզեր որ զօրաւոր ըլլանք, եւ շատ լաւ գիտէ որ Եհովային ծառայութեան մէջ շատ զբաղած ըլլալը կը զօրացնէ մեզ։ Ուրեմն, երբ ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն շատ յոգնած զգաս, կռնակդ մի՛ դարձներ Եհովային։ Ամէն ժամանակէ աւելի մօտեցիր իրեն, քանի որ քեզ պիտի «հաստատէ՛, զօրացնէ՛» (Ա. Պետ. 5։10. Յակ. 4։8)։ դ18.01 7-8 ¶2-3

Ուրբաթ, օգոստոս 9

Գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է (Ա. Թագ. 2։6)։

Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած երկրորդ յարութիւնը Եղիսէ մարգարէին կողմէ կատարուեցաւ։ Սունամ քաղաքին մէջ կ’ապրէր իսրայէլացի կին մը, որ զաւակ չունէր։ Որովհետեւ հիւրասիրութեամբ վարուեցաւ Եղիսէին հետ, Եհովան զինք եւ իր տարեց ամուսինը օրհնեց՝ տղայ զաւակ մը տալով։ Բայց քանի մը տարի ետք, տղան մեռաւ։ Երեւակայէ թէ մօրը սիրտը ինչպէ՛ս կտոր–կտոր եղաւ։ Իր ամուսինէն հրաման առնելով, Եղիսէին քով գնաց՝ շուրջ 30 քմ. կտրելով դէպի Կարմեղոս լեռ։ Մարգարէն իրենց առջեւէն ղրկեց իր ծառան Գէեզին, որպէսզի Սունամ երթալով տղուն յարութիւն տայ, բայց ան չկրցաւ։ Ետքը, սգացող մայրը Եղիսէին հետ հասաւ տուն (Դ. Թագ. 4։8-31)։ Եղիսէն տուն մտաւ եւ աղօթեց։ Տղան հրաշքով կեանքի եկաւ։ Երբ մայրը զինք տեսաւ, իր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր (Դ. Թագ. 4։32-37)։ Աստուած իրապէս տղան ‘վեր հանեց’ Սունամի մէջ, եւ այսպիսով փաստեց, որ կարողութիւն ունի յարութիւն տալու։ դ17.12 4-5 ¶7-8

Շաբաթ, օգոստոս 10

Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է (Առ. 22։15)։

Ուրեմն, քանի որ իմաստութիւնը յիմարութեան հակառակն է, ատիկա հասունութիւն կը ցուցնէ։ Գլխաւորաբար, մէկու մը տարիքը չէ որ զինք հոգեւորապէս հասուն կը դարձնէ, հապա՝ Եհովային հանդէպ իր վախը եւ փափաքը որ իրեն հնազանդի (Սաղ. 111։10)։ Այն պատանիները, որոնք որոշ չափով հոգեւորապէս հասուն են, ‘երերած ու ասդին անդին տարուբերուած’ չեն ըլլար, իրենց ցանկութիւններուն կամ ուրիշ պատանիներու ճնշումին պատճառով (Եփ. 4։14)։ Ընդհակառակը, անոնց «զգայարանքները» երթալով կը մարզուին, որ ‘բարին ու չարը զանազանեն’ (Եբ. 5։14)։ Անոնք իմաստուն որոշումներ կ’առնեն։ Այս իմաստութիւնը կարեւոր է, որպէսզի մէկը փրկուի (Առ. 24։14)։ Հետեւաբար պէտք է զաւակներուդ գիտցնես, թէ ինչ են չափանիշներդ։ Խօսքով ու գործով ցուցուր անոնց, որ կը փորձես Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն համաձայն ապրիլ (Հռով. 2։21-23)։ դ17.12 20-21 ¶12-13

Կիրակի, օգոստոս 11

Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ. . . ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ (Կող. 4։5, 6)։

Շատեր կը համաձայնին այն գաղափարին, թէ մարդկութիւնը կրնայ իր խնդիրները լուծել։ Ինչո՞ւ։ Եթէ իրապէս այսպէս ըլլար, պէտք պիտի չունենայինք Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ պիտի կարենայինք մեր ուզած բոլոր բաները ընել։ Թերեւս լսած ըլլաս որ ոմանք կ’ըսեն թէ պատերազմը, ոճիրը, հիւանդութիւնները եւ աղքատութիւնը երթալով կը քիչնան։ Ըստ տեղեկագրութեան մը՝ «մարդկութիւնը աւելի լաւ կը դառնայ, քանի որ մարդիկ վճռած են բարելաւել աշխարհը»։ Եթէ աշխարհային գաղափար մը լսես, որ հաւատքիդ դէմ է, փնտռտուք ըրէ որ գիտնաս թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ այդ նիւթին շուրջ, եւ զայն քննարկէ փորձառու եղբօր կամ քրոջ մը հետ։ Մտածէ թէ ինչո՛ւ մարդիկ ընդունած են այդ գաղափարը, բայց ինչու ճիշդ չէ՛ ատանկ մտածելը։ Գիտցիր թէ ինչպէ՛ս կրնաս մերժել զանիկա։ Վստահաբար կրնանք մեր անձը պաշտպանել աշխարհային մտայնութենէն, եթէ հետեւինք այս օրուան համարին մէջ Պօղոսի տուած խրատին։ դ17.11 24 ¶14, 17

Երկուշաբթի, օգոստոս 12

Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ (Ղուկ. 18։11)։

Փարիսեցիները ինչո՞ւ բնա՛ւ պէտքը չէին տեսներ ուրիշներուն ողորմելու։ Քանի որ իրենց աչքին՝ անոնք ո՛չ մէկ արժէք ունէին (Ղուկ. 18։9-14)։ Եհովայի՛ն նմանէ, եւ ոչ թէ փարիսեցիներուն։ Կարեկի՛ց եղիր (Եփ. 4։32)։ Այնպիսի անձ մը եղիր, որ ուրիշները դիւրութեամբ կրնան քեզմէ ներողութիւն խնդրել (Ղուկ. 17։3, 4)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Շուտով եւ դիւրութեամբ կը ներե՞մ ուրիշներուն, նոյնիսկ եթէ շատ անգամներ ինծի դէմ սխալ գործեն։ Սրտանց կը ջանա՞մ խաղաղութիւն ընել այն անձին հետ, որ զիս նեղացուցած է կամ վիրաւորած է’։ Որպէսզի կարենանք ներել, պէտք է խոնարհ ըլլանք։ Փարիսեցիները չէին ուզեր ներել, քանի որ իրենք–զիրենք կը տեսնէին ուրիշներուն վրայ։ Բայց մենք որպէս քրիստոնեաներ պէտք է ‘մեր անձէն լաւ սեպենք’ ուրիշները (Փլպ. 2։3)։ Ջանք պիտի թափե՞ս որ Եհովային նմանիս եւ խոնարհութեամբ վարուիս։ Եթէ խոնարհ ըլլանք, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ ուրիշները մեզմէ ներողութիւն խնդրեն եւ մենք ներենք իրենց։ Ողորմութեամբ վարուելու մէջ արագ եղիր, եւ նեղուելու մէջ՝ կամաց (Ժող. 7։8, 9)։ դ17.11 14-15 ¶6-8

Երեքշաբթի, օգոստոս 13

Բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը (Սաղ. 147։1)։

Թերեւս երգելու կ’ամչնաս, երբ ձայնդ բաղդատես ուրիշներու ձայնին հետ։ Բայց բոլորս ունինք Եհովային փառաբանութեան երգեր երգելու պատասխանատուութիւնը։ Ուրեմն, երգարանդ բարձր բռնէ, գլուխդ բարձրացուր եւ սրտանց երգէ (Եզր. 3։11)։ Այսօր, շատ մը Թագաւորութեան սրահներ ունին պաստառներ, որոնք մեր երգերուն բառերը կը ցուցնեն, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ երգելու։ Նաեւ հետաքրքրական է որ այլեւս Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցի յայտագրին մէջ կայ Թագաւորութեան երգեր երգելը։ Ասիկա կը ցուցնէ որ որքա՜ն կարեւոր է որ երէցները ժողովներուն ընթացքին երգելու մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ Ոմանք բարձրաձայն երգելու կը վախնան, քանի որ կը կարծեն որ իրենց ձայնը ուրիշներուն հաճելի պիտի չըլլայ։ Բայց պէտք է մտքերնիս պահենք որ երբ կը խօսինք՝ «շատ յանցանքներ կ’ընենք», բայց տակաւին կը շարունակենք խօսիլ (Յակ. 3։2)։ Ուրեմն, պէտք չէ ձգենք որ մեր անկատար ձայնին պատճառով փառաբանութեան երգեր չերգենք Եհովային։ դ17.11 5 ¶9-10

Չորեքշաբթի, օգոստոս 14

Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք (Զաք. 6։15)։

Երբ Զաքարիային եօթներորդ տեսիլքը կը վերջանայ, իր մտքին մէջ շատ բաներ կ’անցնին կը դառնան։ Ան վստահաբար զօրացաւ Եհովային խոստումով, որ անպարկեշտ մարդիկը պիտի պատժէր։ Բայց վիճակները չէին փոխուած։ Շատեր տակաւին գէշ եւ անպարկեշտ բաներ կ’ընէին, եւ Երուսաղէմի տաճարին վերաշինութիւնը տակաւին չէր վերջացած։ Հրեաները ինչո՞ւ այսքան արագ վազ անցած էին այն գործէն, որ Եհովան տուած էր իրենց։ Անոնք Երուսաղէմ վերադարձած էին պարզապէս որպէսզի իրենց անձնական շահե՞րը յառաջ տանին։ Եհովան գիտէր որ իր ժողովուրդը զօրութեան եւ քաջութեան պէտք ունէր։ Ան Զաքարիային վերջին տեսիլք մը ցուցուց, որպէսզի Իր ժողովուրդը վստահեցնէ որ կը սիրէ զիրենք եւ կ’արժեւորէ բոլոր այն բաները որ մինչեւ հիմա ըրած են։ Ան խոստացաւ որ զիրենք պիտի պաշտպանէ, եթէ նորէն սկսին այն գործը որ իրենց տուած էր։ Եհովան տաճարին վերաշինութեան նկատմամբ ըսաւ ինչ որ գրուած է այս օրուան համարին մէջ։ դ17.10 26 ¶1. 27 ¶5

Հինգշաբթի, օգոստոս 15

Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը (Փլպ. 2։13)։

Երբ եղբայրները պատրաստ ըլլան որպէս օգնական ծառայ կամ երէց ծառայելու, ժողովքը շատ կ’օգտուի (Ա. Տիմ. 3։1)։ Բայց ոմանք թերեւս այս քայլը առնելու մէջ երկու միտքի վրայ ըլլան։ Թերեւս եղբայր մը անցեալին սխալներ ըրած է, եւ հիմա կը զգայ որ արժանի չէ օգնական ծառայ կամ երէց ըլլալու։ Թերեւս ուրիշ եղբայր մը զգայ, որ պէտք եղած կարողութիւնները չունի այս նշանակումները կատարելու։ Եթէ այսպէս կը զգաս, Եհովան կրնայ քեզի օգնել որ քաջ ըլլաս (Փլպ. 4։13)։ Յիշէ թէ ատեն մը Մովսէս զգաց, թէ չի կրնար ընել ինչ որ Եհովան իրմէ կ’ուզէ որ ընէ (Ել. 3։11)։ Բայց Եհովային օգնութեամբ ան քաջ եղաւ եւ գործը ամբողջացուց։ Մկրտուած եղբայր մը կրնայ նոյնպէս քաջ ըլլալ, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրելով եւ ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալով։ Ան նաեւ կրնայ խոկալ Սուրբ Գիրքին այն պատմութիւններուն վրայ, ուր անհատներ քաջութեամբ վարուեցան։ Ան կրնայ խոնարհութեամբ երէցներէն խնդրել որ զինք մարզեն, ինչպէս նաեւ կրնայ պատրաստ ըլլալ ժողովքին մէջ օգնելու որեւէ բանի մէջ։ դ17.09 32 ¶19

Ուրբաթ, օգոստոս 16

Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ (Եսա. 40։8)։

Անշուշտ չենք կրնար ըսել որ Եօթանասնից–ը, Ուիքլիֆին Աստուածաշունչը, Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը, կամ որեւէ ուրիշ թարգմանութիւն Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Բայց երբ քննենք թէ այս թարգմանութիւնները ինչպէ՛ս մէջտեղ եկան, հետեւեալ իրողութիւնը յստակ կը դառնայ. Եհովային Խօսքը մնացած է, ճիշդ ինչպէս որ ինք խոստացաւ։ Ասիկա հաւատքդ չի՞ զօրացներ, որ Եհովային բոլոր մնացեալ խոստումներն ալ պիտի կատարուին (Յես. 23։14)։ Երբ մտքերնիս բերենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր Խօսքը պաշտպանած է դարերու ընթացքին, իրեն հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ մեր սէրը կ’աւելնայ։ Վերջ ի վերջոյ, ան Սուրբ Գիրքը մեզի տուաւ ու զայն պաշտպանեց, քանի որ մեզ կը սիրէ եւ մեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ (Եսա. 48։17, 18)։ Շատ տեղին է որ մենք ալ մեր կարգին Եհովան սիրենք եւ իրեն հնազանդինք (Ա. Յովհ. 4։19. 5։3)։ դ17.09 21-22 ¶13-14

Շաբաթ, օգոստոս 17

Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ (Եփ. 6։2)։

Պզտիկներդ մարզելը, որ այս պատուէրին հետեւին, կրնայ շատ աւելի դժուար ըլլալ եթէ կողակիցդ Եհովան չի պաշտեր։ Կրնաս անձամբ կողակիցդ յարգելով լաւ օրինակ դառնալ պզտիկներուդ։ Կեդրոնացիր անոր լաւ յատկութիւններուն վրայ եւ գնահատական խօսքեր ըսէ իրեն։ Կողակիցիդ մասին գէշ բաներ մի՛ ըսեր պզտիկներուդ առջեւ, հապա բացատրէ որ ամէն անձ ինք պէտք է որոշէ Եհովային ծառայել կամ ոչ։ Եթէ պզտիկներդ յարգեն կողակիցդ, իրենց լաւ օրինակը կրնայ ձգել որ ան ուզէ ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Կարգ մը ամուսիններ իրենց կինը կ’արգիլեն, որ Սուրբ Գիրքին մասին սորվեցնէ պզտիկներուն կամ ալ ժողովներու տանի զանոնք։ Հակառակ ասոր, կինը իր ամէն կարելին կ’ընէ, որ ճշմարտութիւնը սորվեցնէ պզտիկներուն (Գործք 16։1. Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Կինը կը յարգէ իր ամուսինին որոշումը, բայց կրնայ իր հաւատալիքներուն մասին խօսիլ իր պզտիկներուն երբոր առիթ ունենայ։ Այսպիսով, անոնք կը սորվին Եհովային մասին եւ կը գիտնան թէ իր աչքին ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ (Գործք 4։19, 20)։ դ17.10 14 ¶9-10

Կիրակի, օգոստոս 18

Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս (Եփ. 5։1)։

Եհովան գթասիրտ է եւ մարդ արարածը իր պատկերով ստեղծուած է։ Ուրեմն, բնական է որ մարդը գթասիրտ ու կարեկից ըլլայ եւ ուրիշներով հետաքրքրուի։ Յաճախ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք ճշմարիտ Աստուածը չեն ճանչնար, գթասիրտ կը գտնուին (Ծն. 1։27)։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան շատ մը պատմութիւններ անհատներու մասին, որոնք գթասրտութեամբ վարուեցան։ Յիշէ այն պատմութիւնը, որ երկու կիներ կը վիճէին Սողոմոնին առջեւ, թէ ո՛վ պզտիկին իսկական մայրն էր։ Երբ Սողոմոն զանոնք փորձեց, հրամայելով որ պզտիկը երկուքի բաժնեն, բուն մօր գութը շարժեցաւ։ Ան նոյնիսկ պատրաստ էր իր զաւակը միւս կնոջ տալու (Գ. Թագ. 3։23-27)։ Կամ յիշէ փարաւոնին աղջիկը, որ Մովսէսին կեանքը ազատեց։ Թէեւ ան գիտցաւ որ մանուկը եբրայեցի է եւ պէտք է մեռցուի, բայց «խղճաց անոր վրայ» եւ որոշեց զայն որդեգրել (Ել. 2։5, 6)։ դ17.09 8-9 ¶2-3

Երկուշաբթի, օգոստոս 19

Տէրը. . . երկայնամիտ կ’ըլլայ (Բ. Պետ. 3։9)։

Եհովան մեր բոլորէն կը պահանջէ որ խոնարհ ըլլանք, եւ խոնարհութիւնը շատ օգուտներ ունի (Առ. 22։4)։ Երբ խոնարհ ըլլանք, ժողովքին մէջ աւելի խաղաղութիւն ու միութիւն պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ Եհովային «շնորհք»ը պիտի վայելենք։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետ. 5։5)։ Այս աշխարհին մէջ մարդիկ ընդհանրապէս տկարի տեղ կը դնեն հեզերն ու երկայնամիտները։ Բայց ասիկա բնա՛ւ ճիշդ չէ։ Այս գեղեցիկ յատկութիւնները կու գան Եհովայէն, որ տիեզերքին մէջ ամէնէն հզօր Անձն է։ Ան հեզութեան ու երկայնմտութեան լաւագոյն տիպարն է։ Օրինակ, նկատէ թէ ան որքա՜ն երկայնամիտ գտնուեցաւ, երբ Աբրահամ եւ Ղովտ հարցումներ հարցուցին իրեն (Ծն. 18։22-33. 19։18-21)։ Նաեւ մտածէ թէ Եհովան ինչպէս աւելի քան 1500 տարի համբերեց անհնազանդ իսրայէլ ազգին (Եզեկ. 33։11)։ դ17.08 25 ¶13-14

Երեքշաբթի, օգոստոս 20

Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը. . . պիտի պահպանէ (Փլպ. 4։7)։

Աղօթեցէք եւ պիտի ստանաք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կարգ մը թարգմանիչներ «ամէն մտքէ վեր է» արտայայտութիւնը կը թարգմանեն՝ «մեր երազներէն վեր է» կամ «բոլոր մարդկային ծրագիրները կը գերազանցէ»։ Պօղոս կարծես կ’ըսէր, թէ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» մեր երեւակայածէն աւելի հոյակապ է։ Ճիշդ է որ ատեններ չենք կրնար մեր խնդիրներուն լուծումը գիտնալ, բայց Եհովան գիտէ՛ եւ կրնայ մեր չակնկալածը ընել (Բ. Պետ. 2։9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» վայելել, նոյնիսկ երբ խնդիրներ ունենանք։ Պէտք է Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահենք։ Այս փոխյարաբերութիւնը կարելի է միայն «Յիսուս Քրիստոսով», որ իր կեանքը զոհեց իբրեւ փրկանք։ Այս փրկանքն ալ Եհովային զարմանալի գործերէն մէկն է։ Փրկանքին միջոցաւ ան մեր մեղքերը կը ներէ, եւ կրնանք մաքուր խիղճ ունենալ ու իրեն մօտենալ (Յովհ. 14։6. Յակ. 4։8. Ա. Պետ. 3։21)։ դ17.08 10 ¶7. 12 ¶15

Չորեքշաբթի, օգոստոս 21

Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ, ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չ’ըլլար (Առ. 14։10)։

Ատեններ, միայն անձը գիտէ թէ զգացականօրէն որքա՛ն կը տառապի, եւ կրնայ դժուար ըլլալ որ արտայայտէ թէ ճիշդ ինչ կը զգայ ներսէն։ Նոյնիսկ եթէ անձը իր զգացածը արտայայտէ, ուրիշներուն համար միշտ դիւրին չէ հասկնալ թէ ան ճիշդ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ Յստակ է թէ թերեւս չգիտնանք թէ ինչ պէտք է ըսենք սգաւորին։ Բայց ատեններ, երբ ‘լացողներուն հետ լաս’, ամէնէն օգտակար բանը ըրած կ’ըլլաս (Հռով. 12։15)։ Եթէ քեզի համար դժուար է անձամբ մխիթարական խօսք մը ըսել մէկու մը, թերեւս աւելի դիւրին գտնես անոր ղրկել քարտ մը, ե–նամակ մը, կարճ հաղորդագրութիւն մը կամ նամակ մը։ Կրնաս պարզապէս մխիթարական համար մը մէջբերել, մեռնողին աղուոր բնաւորութիւններէն կամ յատկութիւններէն բան մը նշել, կամ ալ պատմել յիշատակներէդ մէկը։ Մեր աղօթքները կրնան օգնել մեր սգաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Կրնանք անոնց համար աղօթել, եւ նոյնիսկ իրենց հե՛տ աղօթել։ դ17.07 14-16 ¶13-16

Հինգշաբթի, օգոստոս 22

Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ (Մատ. 19։6)։

Երբ ամուսնութիւնը զոյգին ակնկալածէն աւելի դժուար ըլլայ եւ նոյնիսկ յուսախաբ ընէ, կրնան խոկալ թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ իսրայէլ ազգին հետ։ Ան ինքզինք նկարագրեց որպէս իր ժողովուրդին ամուսինը (Եսա. 54։5. 62։4)։ Ատիկա ի՜նչ դժուար «ամուսնութիւն» մըն էր։ Բայց Եհովան շուտով ձեռքերը չլուաց անոնցմէ։ Ան կրկին անգամ իրենց կը ներէր եւ իր խոստումները կը կատարէր (Սաղ. 106։43-45)։ Ի՜նչ հաւատարիմ սէր ունի Եհովան։ Այն ամուսնացած զոյգերը որ Եհովան կը սիրեն, կը փորձեն իրեն պէս վարուիլ։ Անոնք չեն փորձեր առանց աստուածաշնչական պատճառի վերջ դնել իրենց ամուսնութեան, նոյնիսկ եթէ խնդիրներ ունենան։ Անոնք կը գիտակցին թէ Եհովային քով ամուսնութեան ուխտը լուրջ է, եւ ան կ’ուզէ որ ամուսինն ու կինը իրարու հետ մնան։ Սեռային անբարոյութիւնը միակ սուրբգրային պատճառն է, որ մէկը ամուսնալուծուի եւ նորէն ամուսնանայ (Մատ. 19։5, 9)։ Երբ քրիստոնեաները իրենց ամէն կարելին կ’ընեն որ իրենց ամուսնութիւնը յաջողցնեն, Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կը կանգնին։ դ17.06 31 ¶17-18

Ուրբաթ, օգոստոս 23

Աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք (Ծն. 3։5)։

Բանսարկու Սատանան մէջտեղ հանած է այն հարցը, թէ Եհովան իշխելու իրաւունք ունի կամ ոչ։ Սատանան կ’ուզէ որ մարդիկ հաւատան, թէ Եհովային իշխանութիւնը փտած է եւ թէ մեզ կը զրկէ լաւագոյն բաներէն։ Ըստ Սատանային, մարդիկ շատ աւելի ուրախ կ’ըլլան եթէ իրենք իրենց վրայ իշխեն (Ծն. 3։1-4)։ Ան նաեւ հասկցուց որ երբ ոեւէ մէկը բաւական ճնշումի տակ ըլլայ, պիտի մերժէ Եհովային իշխանութիւնը (Յոբ 2։4, 5)։ Ասոր համար, Եհովան թոյլ կու տայ որ ժամանակ անցնի, որպէսզի բոլորին յստակ դառնայ թէ կեանքը ցաւալի է առանց իր արդար իշխանութեան։ Անշուշտ, Եհովան գիտէ թէ Սատանային պնդումները սուտ են։ Ան ինչո՞ւ թոյլ տուած է որ հարցը շարունակուի եւ Սատանան ժամանակ ունենայ որ փորձէ իր ըսածները փաստել։ Պատասխանը կապ ունի բոլոր անոնց հետ, որոնք երկինքը կամ երկրի վրայ են (Սաղ. 83։18)։ Ադամն ու Եւան մերժեցին Եհովային իշխանութիւնը, եւ այդ օրուընէ ի վեր շատեր նոյնը ըրած են։ Ասոր ետեւէն թերեւս ոմանք կարծեն թէ Սատանան ճիշդ է։ դ17.06 22-23 ¶3-4

Շաբաթ, օգոստոս 24

Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք (Մատ. 28։19)։

Աշակերտելը քեզի կը սորվեցնէ գործի լաւ սովորութիւններ, լաւ հաղորդակցիլ, եւ ինքնավստահ ու փափկանկատ ըլլալ (Առ. 21։5. Բ. Տիմ. 2։24)։ Սակայն բուն պատճառը թէ ինչո՛ւ այս գործը շատ կ’ուրախացնէ քեզ այն է, թէ կը սորվիս Սուրբ Գիրքէն փաստել թէ ինչի կը հաւատաս։ Նաեւ կը սորվիս Եհովային հետ սերտօրէն աշխատիլ (Ա. Կոր. 3։9)։ Կրնաս աշակերտելու գործին մէջ ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ թաղամասիդ մէջ քիչեր կ’ընդունին Սուրբ Գիրքը սերտել։ Աշակերտելու գործին մէջ լման ժողովքը կ’աշխատի եւ անկեղծ անհատներ կը փնտռէ։ Թէեւ թերեւս միայն մէկ եղբայր կամ մէկ քոյր գտնէ անձ մը, որ ի վերջոյ աշակերտ կը դառնայ, բայց բոլորը կրնան ուրախանալ, քանի որ բոլորը մասնակցեցան փնտռելու գործին։ Օրինակ, Պրէնտըն անունով եղբայր մը ինը տարի ծառայեց թաղամասի մը մէջ, ուր քիչեր բարի լուրը կ’ընդունին։ Ան կ’ըսէ. «Ճիշդ է որ բնա՛ւ չեմ գտած անհատ մը, որ յառաջդիմեց մինչեւ մկրտութիւն, բայց ուրիշներ գտած են։ Ուրախ եմ որ ծրագրեցի լման մասնակցիլ աշակերտելու գործին» (Ժող. 11։6)։ դ17.07 23 ¶7. 24 ¶9-10

Կիրակի, օգոստոս 25

Երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ (Ա. Թագ. 1։18)։

Աննան կ’ուզէր պզտիկ ունենալ, բայց չէր կրնար ունենալ։ Անդին, իր ամուսինին միւս կինը Փենանան շատ պզտիկներ ունէր (Ա. Թագ. 1։4-7)։ Ասկէ զատ, Փենանան այս վիճակը կ’օգտագործէր որ «ամէն տարի» Աննային վրայ խնդար։ Ասիկա շատ կը նեղացնէր եւ կը վիրաւորէր Աննան։ Ան ի՞նչ ըրաւ մխիթարուելու համար։ Եհովային աղօթեց։ Ան վստահ էր որ Եհովան իրեն տղայ մը պիտի տար, կամ ալ ուրիշ կերպով մը այդ պարապութիւնը պիտի գոցէր։ Մենք պիտի շարունակենք նեղութիւններ ունենալ այնքան ատեն որ անկատար ենք եւ կ’ապրինք Սատանային չար աշխարհին մէջ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Բայց մեր նեղութիւններուն մէջ կրնանք օգնութիւն ստանալ։ Կրնանք աղօթել Եհովային՝ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’ (Բ. Կոր. 1։3)։ Աննան իր սիրտը Եհովային բացաւ։ Երբ մենք ալ նեղութեան մէջ ըլլանք, չի բաւեր միայն Եհովային ըսենք մեր զգացումները, հապա՝ իրեն պէտք է աղաչենք, սրտանց մեր զգացումները արտայայտելով (Փլպ. 4։6, 7)։ դ17.06 6 ¶10-11

Երկուշաբթի, օգոստոս 26

Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս (Յովհ. 21։15)։

Յարուցեալ Յիսուս, գիտնալով որ իր աշակերտները ո՛չ մէկ ձուկ բռնած էին, անոնց ըսաւ. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք»։ Երբ ձգեցին, «ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել» (Յովհ. 21։1-6)։ Յիսուս նախաճաշ հրամցուց իր աշակերտներուն, եւ յետոյ Սիմոն Պետրոսին դառնալով ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը։ Ան ինչի՞ մասին կը խօսէր։ Ան գիտէր թէ Պետրոս շատ կապուած էր ձկնորսութեան։ Այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուս Պետրոսին կը հարցնէր, որ արդեօք զինք եւ իր սորվեցուցածները ձկնորսութենէն աւելի կը սիրէ՞ր։ Պետրոս պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ» (Յովհ. 21։15)։ Անշուշտ Պետրոս իր խօսքին տէրը ելաւ։ Այդ օրուընէ սկսեալ, ան քարոզչութեամբ զբաղած մնալով փաստեց Քրիստոսին հանդէպ իր սէրը, եւ կարեւոր անդամ մը դարձաւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ դ17.05 22 ¶1-2

Երեքշաբթի, օգոստոս 27

Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ (Եբ. 13։6)։

Եհովայի հանդէպ Պօղոսին վստահութիւնը օգնեց, որ իր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլէ։ Ան թոյլ չտուաւ որ դժուարութիւններուն պատճառով ընկճուի։ Ան պէտք եղած զօրութիւնը ստացաւ՝ շարունակելով ապաւինիլ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ’ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Երբ կ’աղօթենք՝ Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցինք, եւ ասիկա կը ձգէ որ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք (Սաղ. 86։3. Հռով. 12։12. Ա. Թես. 5։17)։ Երբ մեր երկնաւոր Հօր արտայայտենք մեր ամենախոր մտածումներն ու զգացումները, իրեն աւելի կը մօտենանք (Սաղ. 65։2)։ Նաեւ, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ, երբ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ժամանակի ընթացքին կ’անդրադառնանք, որ «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղ. 145։18)։ Եհովային սիրոյն եւ աջակցութեան հանդէպ մեր այս վստահութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ գլուխ ելլենք որեւէ դժուարութեան հետ որ ունենանք։ դ17.05 19 ¶9, 10

Չորեքշաբթի, օգոստոս 28

Տէրը սրտին կը նայի (Ա. Թագ. 16։7)։

Ի՞նչ կ’ընես եթէ երէցները առնեն որոշում մը, որ խելքիդ չի պառկիր կամ չես համաձայնիր ատոր հետ։ Այսպիսի պարագայի մէջ, Եհովային եւ իր կազմակերպած բաներուն հանդէպ հաւատքդ փորձի տակ կը դրուի։ Նկատի առ երկու կերպեր, որոնցմով խոնարհութիւնը կ’օգնէ քեզի այսպիսի փորձութեան մը մէջ։ Առաջին, խոնարհ ըլլալով, կ’ընդունինք թէ չենք գիտեր բոլոր իրողութիւնները։ Որքան ալ շատ բաներ գիտնանք, չենք կրնար սրտերը կարդալ Եհովային պէս։ Երբ ասիկա մտքերնիս պահենք, խոնարհութեամբ պիտի ընդունինք որ սահմանափակումներ ունինք եւ թէ պէտք է մեր մտածելակերպը ճշդենք։ Երկրորդ, եթէ անարդարութիւն մը պատահի, խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ հնազանդ ու համբերող ըլլանք եւ սպասենք որ Եհովան շտկէ հարցը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։ Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ» (Ժող. 8։12, 13)։ Խոնարհութիւնը անկասկած բոլորին հոգեւոր շահին համար լաւ է (Ա. Պետ. 5։5)։ դ17.04 25 ¶10-11

Հինգշաբթի, օգոստոս 29

Իրաւցնէ գողցուեցայ Եբրայեցիներու երկրէն եւ հոս ալ բան մը չըրի որ զիս այս գուբը նետեն (Ծն. 40։15)։

Յայտնի էր թէ Յովսէփ անարդարութեան զոհ գացած էր։ Ան նաեւ ըսաւ որ չէր ըրած այն յանցանքը, որուն համար այժմ բանտարկուած էր։ Այս պատճառով, ան մատռուակապետէն խնդրեց որ իր մասին խօսի փարաւոնին։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Զիս այս տունէն դուրս հանէ» (Ծն. 40։14)։ Յովսէփին խօսքերէն ի՞նչ յայտնի կ’ըլլայ։ Ան ձեռքը ծալած ու պարագան ընդունա՞ծ էր։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան շատ լաւ գիտէր թէ շատ մը անարդարութիւններու զոհ գացած էր։ Այս պատճառով, ան իր պարագան պատմեց մատռուակապետին, յուսալով որ ձեւով մը իրեն օգնէ։ Բայց նկատէ թէ Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ գրուած է, թէ Յովսէփ ուրիշի մը ըսաւ որ իր եղբայրներն էին որ զինք ծախեցին։ Ան նոյնիսկ փարաւոնին չըսաւ։ Երբ իր եղբայրները Եգիպտոս եկան եւ իրեն հետ հաշտուեցան, փարաւոնը նոյնիսկ զանոնք դիմաւորեց եւ հրաւիրեց որ Եգիպտոսի մէջ ապրին ու «բոլոր Եգիպտոսի բարիքը» վայելեն (Ծն. 45։16-20)։ դ17.04 20-21 ¶12-13

Ուրբաթ, օգոստոս 30

Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները (Հռով. 11։33)։

Եհովան իշխելու իրաւունք ունի, քանի որ պէտք եղած գիտութիւնն ու իմաստութիւնը ունի որ տիեզերքին հոգ տանի։ Օրինակ, ան իր Որդիին կարողութիւն տուաւ որ բժշկէ այնպիսի հիւանդութիւններ, որ բժիշկները չէին կրնար բժշկել (Մատ. 4։23, 24. Մար. 5։25-29)։ Ասոնք Եհովային համար հրաշքներ չէին. ան գիտէ թէ մարմինը ինչպէ՛ս կ’աշխատի եւ կրնայ եղած վնասները ջնջել։ Ան նաեւ կրնայ մեռնողներուն յարութիւն տալ եւ բնական աղէտները արգիլել։ Սատանային իշխանութեան տակ եղող աշխարհը չի կրնար խաղաղութիւն բերել, ըլլա՛յ որոշ երկրի մը մէջ կամ երկիրներու միջեւ։ Միայն Եհովան ունի պէտք եղած իմաստութիւնը որ համաշխարհային խաղաղութիւն բերէ (Եսա. 2։3, 4. 54։13)։ Մինչ Եհովային գիտութեան եւ իմաստութեան մասին կը սորվինք, Պօղոս առաքեալին պէս կը զգանք, երբ ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը։ դ17.06 28 ¶6-7

Շաբաթ, օգոստոս 31

Զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ (Մար. 10։9)։

Աշխարհին մէջ շատեր թեթեւի առած են ամուսնութիւնը։ Երբ անոնք խնդիրներ ունենան ամուսնութեան մէջ, կը յանձնուին եւ իրենց կողակիցը կը ձգեն։ Բայց քրիստոնեայ տղամարդն ու կինը այսպէս չեն (Ա. Կոր. 7։27)։ Անոնք գիտեն թէ ամուսնութեան ուխտը զանց ընելը հաւասար է Աստուծոյ սուտ խօսելուն, եւ Աստուած կ’ատէ ստախօսները (Ղեւ. 19։12. Առ. 6։16-19)։ Ան նաեւ կ’ատէ խաբեբայութեամբ կատարուած ամուսնալուծումը (Մաղ. 2։13-16)։ Յիսուս սորվեցուց որ ամուսնալուծման միակ պատճառն է, եթէ կողակիցներէն մէկը շնութիւն ընէ եւ անմեղ կողակիցը չուզէ ներել (Մատ. 19։9. Եբ. 13։4)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել բաժանումին մասին։ Սուրբ Գիրքը ասոր ալ յստակ պատասխան կու տայ (Ա. Կոր. 7։10, 11)։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ բաժանումին պատճառները ի՛նչ կրնան ըլլալ, բայց կան որոշ պարագաներ, ուր քրիստոնեան կը զգայ թէ անպայման պէտք է բաժնուի իր կողակիցէն, ինչպէս՝ երբ իր կեանքը կամ հոգեւորութիւնը վերջին ծայր վտանգի մէջ ըլլայ, վայրագ կամ հաւատուրաց կողակիցին պատճառով։ դ17.04 7 ¶14-16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել