Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք19 էջ 88-97
  • Սեպտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սեպտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 1
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 2
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 3
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 4
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 5
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 6
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 7
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 8
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 9
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 11
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 12
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 13
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 14
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 15
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 16
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 17
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 18
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 19
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 20
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 21
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 22
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 23
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 24
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 25
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 26
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 27
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 28
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 29
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
աք19 էջ 88-97

Սեպտեմբեր

Կիրակի, սեպտեմբեր 1

Ձեր որդիները. . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը (Եփ. 6։4)։

Ծնողներուն համար ամէնէն մեծ առանձնաշնորհումներէն մէկն է, որ իրենց զաւակին սորվեցնեն Եհովան սիրել (Սաղ. 127։3)։ Անցեալին՝ Իսրայէլի մէջ, պզտիկները իրենց ծնած վայրկեանէն նուիրուած կ’ըլլային Եհովային։ Բայց մեր զաւակներուն պարագան այդպէս չէ։ Ասկէ զատ, պզտիկները չեն կրնար իրենց ծնողներէն ժառանգել՝ Եհովային եւ ճշմարտութեան հանդէպ սէր։ Ծնողք մը պէտք է զաւակին ծնած օրէն իսկ նպատակակէտ դնէ, որ անոր օգնէ Քրիստոսին աշակերտը ըլլալու, Աստուծոյ նուիրուելու եւ մկրտուելու։ Ասկէ աւելի կարեւոր բան կա՞յ։ Մէկուն նուիրումը, մկրտութիւնը եւ հաւատարիմ ծառայութիւնն են, որոնք կարելի պիտի դարձնեն որ փրկուի մեծ նեղութեան ընթացքին (Մատ. 24։13)։ Ո՛վ ծնողներ, կը մաղթենք որ վայելէք այն ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը, որ յառաջ կու գան՝ տեսնելով ձեր զաւակները Եհովային կը նուիրուին եւ կը մկրտուին։ դ18.03 12 ¶16-17

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 2

Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ (Ա. Տիմ. 4։16)։

Իմաստութիւն է որ երէցները եւ ծնողները Քրիստոսը ընդօրինակեն, երբ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ կրթութիւն կու տան։ Այսպիսով, անոնք կը փաստեն թէ կ’ուզեն որ Աստուած եւ իր Որդին զիրենք առաջնորդեն։ Երբ Աստուծոյ կրթութիւնը կ’ընդունինք եւ Եհովային ու Յիսուսին կրթութիւն տալու կերպը կ’ընդօրինակենք, շա՜տ օրհնութիւններ կը վայելենք։ Մեր ընտանիքները ու ժողովքները խաղաղութիւն կ’ունենան, եւ ամէն անձ սիրուած, արժեւորուած եւ ապահով կը զգայ։ Ասիկա պարզապէս նմոյշ մըն է այն խաղաղութեան եւ ուրախութեան, որ ապագային պիտի ունենանք (Սաղ. 72։7)։ Չենք չափազանցեր եթէ ըսենք որ Եհովային կրթութիւնը մեզ կը պատրաստէ, որ յաւիտեան ապրինք որպէս խաղաղ եւ միացած ընտանիք՝ Եհովային հայրական հոգատարութեան տակ (Եսա. 11։9)։ Եթէ ասիկա մեր միտքը պահենք, պիտի տեսնենք որ կրթութիւնը գեղեցիկ կերպ մըն է, որ Եհովան մեզի հանդէպ իր սէրը արտայայտէ։ դ18.03 26 ¶15. 27 ¶17, 19

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 3

Կը մկրտուէին իրմէ Յորդանանի մէջ ու իրենց մեղքերը կը խոստովանէին (Մատ. 3։6)։

Մարդիկ Յովհաննէս Մկրտիչին կու գային մկրտուելու համար, որպէսզի ցուցնեն թէ զղջացած են այն մեղքերուն համար, որ Մովսիսական օրէնքին դէմ ըրած էին (Մատ. 3։1-6)։ Յովհաննէսին ըրած ամէնէն կարեւոր մկրտութիւնն էր՝ Յիսուսին մկրտութիւնը, որ Աստուծոյ կատարեալ Որդին էր։ Բայց իր մկրտութիւնը բնա՛ւ կապ չունէր զղջումի հետ (Մատ. 3։13-17)։ Ան պէտք չունէր զղջալու, քանի որ մեղք չունէր (Ա. Պետ. 2։22)։ Յիսուս մկրտուեցաւ որպէսզի ցուցնէր, թէ պատրաստ էր իր կեանքը գործածելու որ Աստուծոյ կամքը կատարէ (Եբ. 10։7)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ կը ծառայէր, իր աշակերտներն ալ ուրիշները մկրտեցին (Յովհ. 3։22. 4։1, 2)։ Անոնք մկրտուեցան, քանի որ զղջացած էին այն մեղքերուն համար, որ Մովսիսական օրէնքին դէմ ըրած էին։ Բայց Յիսուսին մահէն եւ յարութենէն ետք, մկրտութիւնը տարբեր իմաստ պիտի ունենար։ դ18.03 5 ¶6-7

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 4

Ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ (Ա. Կոր. 2։15)։

Ի՞նչ կը նշանակէ ‘հոգեւոր մարդ’ ըլլալ։ Մարմնաւոր անձին հակառակը, հոգեւոր անձը խորապէս հոգ կը տանի Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան։ Ան կը ջանայ «Աստուծոյ նմանող» ըլլալ (Եփ. 5։1)։ Ան ջանք կ’ընէ, որ սորվի Եհովայի մտածելակերպը եւ հարցերը դիտէ Եհովայի անկիւնէն։ Աստուած իրեն համար իրակա՛ն է։ Ան Եհովայի չափանիշները կը յարգէ իր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ (Սաղ. 119։33. 143։10)։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձը «մարմնին գործերը» կատարելու տեղ, կը ջանայ «հոգիին պտուղը» ցուցաբերել (Գաղ. 5։22, 23)։ «Հոգեւոր մտայնութիւն» արտայայտութիւնը աւելի յստակացնելու համար, նկատի առնենք հետեւեալ բաղդատութիւնը. հմուտ վաճառականին մասին կ’ըսեն, որ ‘գործի մարդ է’։ Նմանապէս, ան որ իրապէս հետաքրքրուած է Աստուծոյ պաշտամունքով, կը կոչուի ‘հոգեւոր մարդ’։ դ18.02 19 ¶3, 6

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 5

Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ (Դան. 10։11)։

Դանիէլ որպէս գերի կ’ապրէր Բաբելոնին մէջ, որ կռապաշտութեամբ եւ ոգեհարցութեամբ լեցուն քաղաք մըն էր։ Նաեւ, բաբելոնացիները ցած աչքով կը նայէին հրեաներուն, եւ կը ծաղրէին թէ՛ զիրենք եւ թէ իրենց Աստուածը՝ Եհովան (Սաղ. 137։1, 3)։ Ասիկա որքա՜ն վիրաւորած ըլլալու էր Դանիէլը եւ իրեն նման հաւատարիմ հրեաներ։ Ուտելիքն ու խմելիքն ալ պատճառ դարձան որ հարց ծագի, քանի որ Դանիէլ մերժեց ինքզինք պղծել «թագաւորին համեղ ճաշով» (Դան. 1։5-8, 14-17)։ Դանիէլ ուրիշ հարց մըն ալ ունէր, որ թերեւս սկիզբը շատ դժուար չէր թուեր։ Ան սովորականէն դուրս կարողութիւններ ունէր, եւ ասիկա ձգեց որ թագաւորը յատուկ առանձնաշնորհումներ տայ իրեն (Դան. 1։19, 20)։ Բայց Դանիէլ հպարտ չդարձաւ, ոչ ալ կը խորհէր որ իր կարծիքը միշտ ճիշդ է։ Ան խոնարհ ու համեստ մնաց, եւ միշտ կ’ըսէր թէ Եհովա՛ն էր, որ յաջողութիւն կու տար իրեն (Դան. 2։30)։ Պահ մը մտածէ. Դանիէլ տակաւին պատանի՛ էր, երբ Եհովան զինք արժանի տեսաւ որ Նոյին եւ Յոբին հետ մէկտեղ իր անունն ալ յիշուի որպէս արդար անձ (Եզեկ. 14։14)։ Եհովան իրապէ՛ս կը վստահէր Դանիէլին, եւ ասիկա տեղին էր. ան Եհովային հաւատարիմ եւ հնազանդ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը։ դ18.02 5 ¶11-12

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 6

Ղեւի մեծ կոչունք մը տուաւ իր տանը մէջ (Ղուկ. 5։29)։

Յիսուս հաւասարակշռուած կերպով կը նայէր հաճոյքներուն։ Ան թէ՛ «հարսանիք»ի եւ թէ «կոչունք»ի գնաց (Յովհ. 2։1-10)։ Հարսանիքին, ան հրաշքով մը ջուրը գինիի վերածեց, քանի որ գինիէն կտրուեցան։ Բայց հաճոյքը ամէնէն կարեւոր բանը չէր Յիսուսին համար։ Ան Եհովան առաջին տեղը դրաւ եւ իր ամէն կարելին ըրաւ որ ուրիշներուն օգնէ։ Ան յօժար էր ցաւալի կերպով մեռնելու ցիցին վրայ, որպէսզի մարդկութիւնը փրկէր։ Իրեն հետեւիլ ուզողներուն ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը» (Մատ. 5։11, 12)։ Եթէ իրապէս կը սիրենք Աստուած, ոչ միայն չենք ըներ այն բաները որ գիտենք թէ իրեն հաճելի չեն, հապա նաեւ՝ այն բաները որ կը կարծենք թէ իրեն հաճելի չեն (Մատ. 22։37, 38)։ դ18.01 26 ¶16-18

Շաբաթ, սեպտեմբեր 7

Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ (Առ. 29։21)։

Եհովա Աստուծոյ կու տանք, քանի որ զինք կը սիրենք ու կը գնահատենք։ Շատ կը զգացուինք երբ կը մտածենք բոլոր այն բաներուն մասին, որ Եհովա Աստուած մեզի համար ըրած է։ Դաւիթ թագաւոր նշեց թէ մեր ստացած բոլոր բաները Եհովայէն են, եւ թէ անոնցմէ է որ իրեն կու տանք (Ա. Մն. 29։11-14)։ Մեզի համար լաւ է որ առատաձեռնութեամբ տանք եւ ոչ թէ միայն ստացող ըլլանք։ Երեւակայէ պզտիկ մը, որ իր ծնողներուն տուած քիչ մը դրամէն նուէր մը կ’առնէ անոնց։ Ծնողները այդ նուէրը շա՜տ կը գնահատեն։ Կամ երեւակայէ ռահվիրայ մը, որ իր ծնողներուն հետ կ’ապրի եւ իր ծնողներուն չնչին գումար մը կու տայ, որպէսզի տան ծախսերուն օգնէ։ Թէեւ ծնողները ասիկա չեն ակնկալեր, բայց այս նուէրները կ’ընդունին, քանի որ ատոնցմով զաւակը իր գնահատանքը կը յայտնէ իրենց ըրած բոլոր բաներուն համար։ Նմանապէս, Եհովա Աստուած գիտէ թէ մեզի համար լաւ է որ մեր ստացուածքներէն տանք։ դ18.01 18 ¶4, 6

Կիրակի, սեպտեմբեր 8

Կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ (Բ. Օր. 30։19)։

Բաւարար չէ որ զաւակներուդ ըսես, թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ինչը սխալ։ Լաւ կ’ըլլայ որ անոնց օգնես տրամաբանելու այսպիսի հարցումներու շուրջ. ‘Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ կ’արգիլէ բաներ, որոնք թերեւս հաճելի կ’երեւին։ Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ Սուրբ Գիրքին չափանիշները մի՛շտ իմ բարիքիս համար են’ (Եսա. 48։17, 18)։ Եթէ զաւակդ կ’ուզէ մկրտութեան քայլը առնել, իրեն օգնէ որ լրջօրէն մտածէ մկրտութեան հետ եկող պատասխանատուութիւններուն մասին։ Զանոնք ինչպէ՞ս կը նկատէ, օգուտները ի՞նչ են, դժուարութիւնները ի՞նչ են, օգուտները ինչո՞ւ շատ աւելի են քան՝ դժուարութիւնները (Մար. 10։29, 30)։ Շատ կարեւոր է որ ան այս բաներուն մասին լաւ մտածէ ու խոկայ, առաջ որ մկրտութեան քայլը առնէ։ Այսպիսով, աւելի հաւանական պիտի ըլլայ որ ան համոզուի, թէ Սուրբ Գիրքին չափանիշները միշտ իր օգտին համար են։ դ17.12 21 ¶14-15

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 9

Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ (Եսա. 40։26)։

Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր լուրջ հիւանդութիւն ունին։ Ոմանք հոգ կը տանին իրենց տարիքոտ ազգականներուն, թէեւ անձամբ տարիքով պզտիկ չեն։ Ոմանք ալ կը տքնին, որպէսզի իրենց ընտանիքին հիմնական պէտքերը ապահովեն։ Եւ գիտենք որ շատեր ոչ թէ այս խնդիրներէն մէկը ունին, հապա քանի մը հատը։ Եթէ Եհովա Աստուած անձնապէս կը հետաքրքրուի անկենդան աստղերով, ուրեմն ի՜նչ խոր զգացումներ ունի քեզի հանդէպ,– դուն որ իրեն կը ծառայես քանի որ զինք կը սիրես, եւ ոչ թէ քանի որ ստիպուած ես (Սաղ. 19։1, 3, 14)։ Մեր սիրելի Աստուածը ամէն բան գիտէ քու մասիդ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ան ‘քու գլխուդ բոլոր մազերն ալ համրած է’ (Մատ. 10։30)։ Ան գիտէ թէ «արդարներուն օրերը» ինչպէ՛ս կ’անցնին (Սաղ. 37։18)։ Յստակ է թէ Եհովա Աստուած կը տեսնէ ունեցած բոլոր խնդիրներդ, եւ կրնայ քեզի զօրութիւն տալ, որ իւրաքանչիւրին հետ գլուխ ելլես։ դ18.01 7 ¶1. 8 ¶4

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10

Տա՛բիթա, ելիր կայնէ (Գործք 9։40)։

Այս յարութիւնը այնքան համոզիչ էր, որ Յոպպէի մէջ «շատեր Տէրոջը հաւատացին»։ Այս նոր աշակերտները կրնային բարի լուրը տալ Յիսուսին մասին եւ նաեւ ուրիշներուն ըսել, որ Եհովան կարողութիւն ունի մեռելները յարուցանելու (Գործք 9։36-42)։ Ուրիշներ ալ իրենց աչքով տեսան այլ յարութիւն մը։ Անգամ մը, Պօղոս առաքեալ ժողով մը գումարած էր «վերի սենեակ»ի մը մէջ, Տրովադայի մէջ, ներկայ Թուրքիոյ հիւսիս–արեւմուտքը։ Պօղոս մինչեւ կէս գիշեր խօսեցաւ։ Եւտիքոս անունով երիտասարդ մը պատուհանին վրայ նստած մտիկ կ’ընէր։ Ան քունի անցնելով՝ երրորդ յարկէն վար ինկաւ։ Թերեւս Ղուկաս բժիշկը առաջին անձն էր, որ Եւտիքոսին քով հասաւ եւ զինք քննեց։ Ան տեսաւ թէ երիտասարդը ո՛չ թէ վիրաւորուած ու մարած էր, հապա մեռա՛ծ էր։ Պօղոս ալ վար իջաւ, գրկեց դիակը եւ բոլորը ապշեցնող բան մը ըսաւ. «Ասոր հոգին իր մէջն է»։ Այս հրաշքը շատ ազդեց հոն ներկայ եղողներուն վրայ։ Անոնք «մեծապէս մխիթարուեցան», գիտնալով որ երիտասարդը մեռած էր բայց յարութիւն առաւ (Գործք 20։7-12)։ դ17.12 5 ¶10-11

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 11

Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը (Սաղ. 46։8)։

Արդեօք մարդկութիւնը սկսա՞ծ է իր դարաւոր խնդիրները լուծել։ Նախ, յայտնի է որ մարդկութիւնը չէ սորված վերջ դնել պատերազմներուն։ Ոճիրները, ինչպէս՝ ընտանեկան բռնութիւն, ելեկտրոնային ոճիր, ահաբեկչութիւն եւ փտածութիւն, համատարած են։ Իսկ մահացու հիւանդութիւնները երթալէն կը շատնան։ Ներկայիս, անձնասէր մարդիկ կը կառավարեն տնտեսական եւ քաղաքական դրութիւնը։ Յստակ է որ այդպիսի մարդիկ չեն կրնար վերջ դնել պատերազմներուն, ոճիրին, հիւանդութիւններուն եւ աղքատութեան. միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար։ Պատերազմներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի վերցնէ պատերազմներուն բոլոր պատճառները, ինչպէս՝ անձնասիրութիւն, փտածութիւն, հայրենասիրութիւն, սուտ կրօնքը եւ նոյնիսկ Սատանան (Սաղ. 46։9)։ Ոճիր. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն միլիոնաւորներու կը սորվեցնէ սիրել եւ վստահիլ իրարու։ Ո՛չ մէկ ուրիշ կառավարութիւն ասիկա կրնայ ընել (Եսա. 11։9)։ Հիւանդութիւններ. Եհովան իր ժողովուրդին պիտի տայ կատարեալ առողջութիւն (Եսա. 35։5, 6)։ Աղքատութիւն. Եհովան վերջ պիտի դնէ աղքատութեան, եւ իր ժողովուրդին վրայ պիտի թափէ ֆիզիքական եւ հոգեւոր օրհնութիւններ (Սաղ. 72։12, 13)։ դ17.11 24 ¶14-16

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 12

Որպէս զի. . . արեան պարտական չըլլաս (Բ. Օր. 19։10)։

Ապաստանի քաղաքներուն նպատակներէն մէկն էր, որ իսրայէլացիները անմեղ արեան պարտական չըլլան։ Եհովան կեանքը կը սիրէ եւ սպանութիւնը կ’ատէ (Առ. 6։16, 17)։ Որովհետեւ ան արդար եւ սուրբ է, թեթեւի չ’առներ նոյնիսկ պատահաբար եղած սպանութիւնը։ Դպիրներն ու փարիսեցիները Եհովային հակառակն էին։ Ո՛չ մէկ յարգանք ունէին ուրիշներուն կեանքին հանդէպ։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք» (Ղուկ. 11։52)։ Անոնք պէտք էր Աստուծոյ Խօսքը բացատրէին ժողովուրդին եւ օգնէին, որ յաւիտենական կեանքը շահին։ Բայց արգելք կ’ըլլային ժողովուրդին, որ հետեւին Յիսուսին՝ «կենաց Առաջնորդ»ին, եւ այսպիսով զիրենք կ’առաջնորդէին յաւիտենական կործանումի (Գործք 3։15)։ Անոնք հպարտ ու անձնասէր էին եւ հոգերնին չէր մարդոց կեանքը։ Ասիկա որքա՜ն անգութ ու անխիղճ բան մըն էր։ դ17.11 15 ¶9-10

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 13

Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ. . . Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ (Մար. 8։38)։

Թերեւս երբ սկսանք Եհովայի վկաներուն հետ սերտել, մեր ընտանիքին բան մը չըսինք։ Բայց երբ մեր հաւատքը սկսաւ զօրանալ, տեսանք թէ պէտք է մեր հաւատալիքներուն մասին խօսինք անոնց։ Եթէ ճշմարտութեան պատճառով խնդիրներ ունեցած ես ընտանիքիդ կամ Վկայ չեղող ազգականներուդ հետ, ջանա՛ անոնց կարեկցիլ։ Մենք շատ ուրախ ենք որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները գիտենք, բայց մեր ազգականները թերեւս համոզուած ըլլան որ խաբուած ենք կամ տարօրինակ կրօնական խումբի մը կը պատկանինք։ Եւ քանի որ տօներ չենք տօներ անոնց հետ, թերեւս կարծեն որ այլեւս զիրենք չենք սիրեր։ Նոյնիսկ կրնայ ըլլալ որ անոնք կը վախնան որ մեր մեռնելէն ետք գէշ բան մը պատահի մեզի։ Պէտք է փորձենք անոնց աչքով նայիլ հարցերուն եւ անոնց ուշի–ուշով մտիկ ընենք, որպէսզի գիտնանք թէ ճիշդ ի՛նչ բանի նկատմամբ մտահոգուած են (Առ. 20։5)։ Պօղոս առաքեալ ջանաց հասկնալ ամէն տեսակ մարդիկ, որպէսզի բարի լուրը տայ անոնց։ Եթէ մենք ալ փորձենք հասկնալ մեր ընտանիքի անդամները, ասիկա մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը սորվեցնել անոնց (Ա. Կոր. 9։19-23)։ դ17.10 15 ¶11-12

Շաբաթ, սեպտեմբեր 14

[Եհովային] սաղմոս երգեցէ՛ք (Սաղ. 33։2)։

Թերեւս կը քաշուինք երգելու, քանի որ չենք գիտեր ինչպէ՛ս երգել։ Բայց աւելի լաւ երգելու համար կրնանք կարգ մը պարզ բաներ ընել։ Եթէ սորվիս ճիշդ կերպով շունչ առնել, կրնաս աւելի զօրաւոր եւ բարձր երգել։ Ճիշդ ինչպէս որ ելեկտրականութիւնը ոյժ կու տայ լամբին, շունչ առնելը ոյժ կու տայ ձայնիդ երբ կը խօսիս կամ կ’երգես։ Պէտք է երգես նոյն ձայնի բարձրութեամբ որ կը խօսիս, կամ նոյնիսկ ա՛լ աւելի բարձր։ Սուրբ Գիրքը նոյնիսկ ատեններ Եհովայի ծառաներուն կ’ըսէ, որ ‘ուրախութեա՛մբ աղաղակեն’ երբ փառաբանութեան երգեր կ’երգեն (Սաղ. 81։1)։ Հետեւեալը փորձէ. երգարանին մէջէն զատէ ամէնէն շատ սիրած երգերէդ մէկը, եւ զօրաւոր ու ինքնավստահ ձայնով բարձրաձայն կարդա՛ ատոր բառերը։ Ետքը, նոյն բարձր ձայնով երգին մէկ հատուածին բոլոր բառերը մէկ շունչով ըսէ։ Ապա, նոյն զօրաւոր ձայնով հատուածը երգէ (Եսա. 24։14)։ Այսպիսով, ձայնդ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ երգելու ատեն, ինչ որ լաւ բան մըն է։ Ասկէ մի՛ վախնար, ոչ ալ ամչցիր։ դ17.11 5-6 ¶11-13

Կիրակի, սեպտեմբեր 15

Ոտքի ելան այն բոլոր մարդոց հետ, որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր, որպէս զի երթան Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեն (Եզր. 1։5)։

Մինչ հրեաները կը ճամբորդէին, լեցուն ժամանակ ունէին որ իրենց ապրելու նոր տեղին մասին խօսէին։ Տարիքով մեծերը իրենց պատմած էին, թէ Երուսաղէմը եւ տաճարը ժամանակին որքա՜ն գեղեցիկ էին (Եզր. 3։12)։ Եթէ անոնց հետ ըլլայիր ճամբորդութեան ընթացքին, ի՞նչ պիտի զգայիր հազիւ որ Երուսաղէմը աչքիդ զարնէր։ Կը նեղուէի՞ր երբ տեսնէիր քանդուած եւ խոտերով ծածկուած տուները։ Թերեւս Բաբելոնին հսկայ եւ զօրաւոր պարիսպներուն հետ բաղդատէիր Երուսաղէմին փլած պարիսպները, որոնց մէջ պարապութիւններ կը տեսնուէին, ուր անցեալին մեծ դուռեր եւ դիտանոցներ կային։ Բայց հրեաները յուսախաբ չեղան։ Անոնք արդէն տեսած էին որ Եհովան ինչպէ՛ս օգնած եւ պաշտպանած էր զիրենք այդ երկար ճամբորդութեան ընթացքին։ Անոնք հազիւ որ հասան, զոհասեղան մը շինեցին, ուր որ անցեալին տաճարը կը գտնուէր, եւ սկսան ամէն օր զոհեր մատուցանել (Եզր. 3։1, 2)։ դ17.10 26-27 ¶2-3

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 16

Մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած. . . քեզի հետ է (Ա. Մն. 28։20)։

Սողոմոն քաջութեան մասին շատ բաներ սորված ըլլալու էր իր հօրմէն՝ Դաւիթէն։ Ան մեծ քաջութեամբ վարուեցաւ, երբ կռուեցաւ զօրաւոր եւ վախնալիք հսկայի մը՝ Գողիաթին հետ։ Ան Աստուծոյ օգնութեամբ եւ քար մը գործածելով յաղթեց Գողիաթին (Ա. Թագ. 17։45, 49, 50)։ Կրնանք հասկնալ որ ինչո՛ւ Դաւիթ յարմար անձն էր որ Սողոմոնը քաջալերէր, որ քաջասիրտ ըլլայ եւ տաճարը շինէ։ Եհովան անոր հետ պիտի ըլլար, մինչեւ որ տաճարին շինարարութիւնը վերջանար։ Սողոմոն վստահաբար խոկաց այս խօսքին վրայ, եւ չձգեց որ իր պատանեկութիւնը եւ անփորձ ըլլալը արգելք ըլլան որ այս գործը կատարէ։ Ան մեծ քաջութեամբ վարուեցաւ, գործի անցաւ եւ Եհովային օգնութեամբ եօթուկէս տարուան մէջ լրացուց շքեղ տաճարը։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան օգնեց Սողոմոնին, մեզի ալ կրնայ օգնել որ քաջ ըլլանք եւ մեր գործը ամբողջացնենք, թէ՛ ընտանիքէն ներս եւ թէ ժողովքին մէջ (Եսա. 41։10, 13)։ Եթէ քաջութեամբ վարուինք մինչ Եհովային կը ծառայենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեզ պիտի օրհնէ հիմա եւ ապագային։ դ17.09 28 ¶3. 29 ¶4. 32 ¶20-21

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 17

Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ (Եբ. 4։12)։

Եհովայի ժողովուրդը համոզուած է որ իր խօսքը,– մարդոց տրուած իր պատգամը,– «կենդանի է ու զօրեղ»։ Մեր աչքով տեսած ենք, որ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կեանքեր կը փոխէ։ Մեր եղբայրներէն ոմանք առաջ որ Վկայ ըլլան՝ գող էին, թմրեցուցիչ կը գործածէին կամ անբարոյ էին։ Ուրիշներ հարուստ էին կամ որոշ դիրք ունէին, բայց կը զգային որ պակաս բան մը կայ իրենց կեանքին մէջ (Ժող. 2։3-11)։ Ուրախ ենք որ շատեր, որոնք անցեալին անյոյս եւ կորսուած էին, այլեւս յոյս ունին եւ կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը քալեն։ Շատ հաւանաբար այսպիսի փորձառութիւններ կարդացած ես՝ Դիտարան–ի «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ։ Նաեւ տեսած ես որ քրիստոնեաները, նոյնիսկ իրենց մկրտութենէն ետք, կը շարունակեն Սուրբ Գիրքին միջոցաւ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ դ17.09 23 ¶1

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 18

Տէրոջը անոր ողորմելովը ու հանեցին զանիկա եւ քաղաքին դուրսի դին դրին (Ծն. 19։16)։

Ղովտի այս փորձառութիւնը չի՞ ցուցներ որ Եհովան շատ լաւ գիտէ, թէ իր հաւատարիմ ծառաները ի՛նչ նեղութիւններէ կ’անցնին (Եսա. 63։7-9. Յակ. 5։11. Բ. Պետ. 2։9)։ Ան նաեւ իր ժողովուրդին սորվեցուցած է գթասիրտ ըլլալ։ Նկատի առ իր տուած այն օրէնքը, որ մէկը կրնար ուրիշին հանդերձը գրաւ առնել, որպէսզի վստահ ըլլար որ ան պարտքը պիտի վճարէր (Ել. 22։26, 27)։ Պարտք տուողը պէտք էր որ արեւը մայր մտնելէ առաջ հանդերձը վերադարձնէր անհատին, որպէսզի ան գիշերը տաք մնար։ Թերեւս կարծր սիրտ ունեցող անձ մը չվերադարձնէր հանդերձը, բայց Եհովան իր ժողովուրդին սորվեցուց որ այսպիսի անխիղճ բան մը չընեն։ Անոնք պէտք էր գթասիրտ ըլլային։ Այս օրէնքին ետին եղող սկզբունքը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Բնաւ մի՛ անտեսեր եղբայրներուն պէտքերը։ Եթէ մեր ձեռքէն կու գայ բան մը ընել իրենց նեղութիւնը թեթեւցնելու համար, ընե՛նք (Կող. 3։12. Յակ. 2։15, 16. Ա. Յովհ. 3։17)։ դ17.09 9 ¶4-5

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 19

Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն (Ղուկ. 23։34)։

Յիսուս իր Հօր աղօթեց որ զինք սպաննողներուն ներէ։ Ան ցաւերու մէջ եւ սթրեսի տակ հեզ ու երկայնամիտ գտնուելով, ի՜նչ մեծ օրինակ ձգեց (Ա. Պետ. 2։21-23)։ Պօղոս նշեց կերպ մը որ հեզութիւն եւ երկայնմտութիւն ցուցնենք, երբ ըսաւ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կող. 3։13, ՆԹ)։ Այս խրատը գործադրելը կը պահանջէ, որ հեզ եւ երկայնամիտ ըլլանք։ Եթէ ներենք ուրիշներուն, ժողովքին մէջ միշտ միութիւն պիտի ըլլայ։ Եհովան մեր ամէն մէկէն կը պահանջէ որ հեզ ու երկայնամիտ ըլլանք ուրիշներուն հանդէպ, որպէսզի կարենանք փրկուիլ (Մատ. 5։5. Յակ. 1։21)։ Այս յատկութիւնները կը ձգեն որ Եհովային փառք բերենք եւ ուրիշներուն օգնենք, որ Սուրբ Գիրքին խրատներուն հետեւին (Գաղ. 6։1. Բ. Տիմ. 2։24, 25)։ դ17.08 25-26 ¶15-17

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 20

Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել (Բ. Պետ. 2։9)։

Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք շատ մը օրինակներ, թէ Եհովան ինչպէս չակնկալուած բաներ ըրած է։ Օրինակ, երբ Եզեկիան Յուդային թագաւորն էր, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը յարձակեցաւ Յուդային վրայ եւ բոլոր քաղաքները գրաւեց, բացի Երուսաղէմէն (Դ. Թագ. 18։1-3, 13)։ Ետքը, Սենեքերիմ եկաւ որ Երուսաղէմը գրաւէ։ Իսկ Եզեկիան ի՞նչ ըրաւ։ Նախ, Եհովային աղօթեց եւ Եսայի մարգարէէն խրատ խնդրեց (Դ. Թագ. 19։5, 15-20)։ Ետքը, ան վճարեց Սենեքերիմին պահանջած տուրքը, եւ այսպիսով ցուցուց թէ լաւ դատողութիւն ունէր (Դ. Թագ. 18։14, 15)։ Ան նաեւ քաղաքը պատրաստեց երկար պաշարումի համար (Բ. Մն. 32։2-4)։ Բայց հարցը ինչպէ՞ս լուծուեցաւ։ Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց, որպէսզի Սենեքերիմի բանակէն 185,000 զինուոր մեռցնէ մէկ գիշերուան մէջ։ Իրականութեան մէջ, ասիկա նոյնիսկ Եզեկիային միտքին ծայրէն չէր անցներ (Դ. Թագ. 19։35)։ դ17.08 10 ¶7. 11 ¶12

Շաբաթ, սեպտեմբեր 21

Ազգերը աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի (Մատ. 28։19, 20)։

Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ լիաժամ ծառայութեան։ Հոգեւոր յատկութիւնները ամէն բանէ աւելի պիտի օգնեն քեզի, որ լաւագոյն կերպով ծառայես Եհովային։ Ասոր համար, կանոնաւորաբար սերտէ Աստուծոյ Խօսքը, խորապէս մտածէ ատոր վրայ եւ փորձէ պատասխանել ժողովներուն ընթացքին։ Դպրոցական տարիներուդ մէջ կրնաս ջանք թափել, որ փորձառու եւ վարպետ դառնաս բարի լուրը քարոզելուն մէջ։ Սորվէ ուրիշներով հետաքրքրուիլ՝ փափկանկատօրէն անոնց կարծիքը հարցնելով եւ անոնց ըսածը մտիկ ընելով։ Նաեւ կրնաս ժողովքին մէջ բաներ ընել, ինչպէս՝ Թագաւորութեան սրահը մաքրել եւ նորոգել։ Եհովան ուրախութեամբ կը գործածէ աշխատելու պատրաստ եղող եւ խոնարհ անհատները (Սաղ. 110։3. Գործք 6։1-3)։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը հրաւիրեց միսիոնարական գործին, քանի որ ան «եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր» (Գործք 16։1-5)։ դ17.07 23 ¶7. 26 ¶14

Կիրակի, սեպտեմբեր 22

Ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ (Եսա. 45։23)։

Իսկական խաղաղութիւն ու միութիւն չի կրնար ըլլալ՝ այնքան ատեն որ մարդոց կամ հրեշտակներուն մտքին մէջ այս հարցը կայ, թէ Եհովան իշխելու իրաւունք ունի՛ կամ ոչ։ Բայց երբ Եհովային գերիշխանութիւնը ջատագովուի, բոլորը պիտի ապրին իր հոյակապ իշխանութեան տակ յաւիտեան։ Ամբողջ տիեզերքին մէջ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ (Եփ. 1։9, 10)։ Սատանային ու մարդոց իշխանութիւնը լման պիտի ձախողի եւ մէջտեղէն վերցուի։ Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ Աստուծոյ իշխանութիւնը պիտի յաջողի։ Հաւատարիմ անհատները փաստած պիտի ըլլան որ մարդ արարածը կրնա՛յ հաւատարմօրէն թիկունք կանգնիլ Աստուծոյ իշխանութեան (Եսա. 45։24)։ Կ’ուզե՞ս այդ հաւատարիմ անհատներէն ըլլալ։ Ա՛նկասկած։ Ուրեմն պէտք է մեր աչքը պահենք այս մեծ հարցին վրայ եւ հասկնանք թէ ատիկա որքա՛ն կարեւոր է։ դ17.06 23 ¶4-5

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 23

Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է (Առ. 17։17)։

Անձէ անձ կը տարբերի թէ որքա՛ն ժամանակ կ’ուզէ որ իր այս ցաւին հետ գլուխ ելլէ։ Երբ մէկը սիրելի մը կորսնցնէ, սկիզբի քանի մը օրը իր բարեկամներէն ու ազգականներէն շատեր իր քովը կ’ըլլան։ Բայց յաջորդ ամիսներուն, անոնք իրենց սովորական կեանքին կը վերադառնան։ Ուրեմն պատրաստ եղիր այդ ժամանակ ալ իրեն օգնելու։ Պէտք է շարունակենք սգաւորները մխիթարել այնքան ատեն որ մեզի պէտք ունին (Ա. Թես. 3։7)։ Միտքդ պահէ որ սգաւոր մը կրնայ յանկարծ շատ ազդուիլ բազմաթիւ բաներու պատճառով, ինչպէս՝ տարեդարձներ, երգեր, նկարներ, գործունէութիւններ, կամ նոյնիսկ որոշ հոտ մը կամ ձայն մը, կամ ալ տարուան որոշ մէկ եղանակը։ Երբ սգաւոր մը առաջին անգամ ըլլալով առանձին կ’ընէ բան մը, ինչպէս՝ համաժողովի կամ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ, կրնայ շատ ազդուիլ։ Մի՛ մոռնար որ սգաւորները յատուկ պարագաներէ դուրս ալ պէտք ունին մխիթարուելու։ դ17.07 16 ¶17-19

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 24

Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ (Փլպ. 2։4)։

Երբ ուրիշներուն լաւ բաներ ընելով զբաղինք, յաճախ մեր խնդիրները կը մոռնանք։ Օրինակ, բազմաթիւ քոյրեր, ըլլա՛ն ամուսնացած կամ ամուրի, շատ կ’ուրախանան երբ բարի լուրը կը քարոզեն, եւ այսպիսով Եհովային հետ կ’աշխատին եւ իր կամքը կ’ընեն։ Ծառայութիւնը ոմանց համար դեղի պէս է։ Եւ երբ լաւ բաներ կ’ընենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, իրենց աւելի կը մօտենանք։ Պօղոս առաքեալ այսպէս ըրաւ։ Ան ուրիշներուն հոգ տարաւ ճիշդ «ինչպէս դայեակ մը որ իր երեխաները կը խնամէ»։ Ան նաեւ ուրիշները մխիթարեց եւ քաջալերեց «ինչպէս հայր մը իր որդիներ»ուն կ’ընէ (Ա. Թես. 2։8, 11, 12)։ Այն զաւակները, որոնք սորված են Եհովան սիրել եւ իրեն հնազանդիլ, կրնան իրենց ընտանիքի անդամները մխիթարել եւ քաջալերել։ Ինչպէ՞ս։ Իրենց ծնողքը յարգելով եւ գործնական կերպերով անոնց օգնելով։ Անոնք նաեւ կրնան հոգեւորապէս օգնել ընտանիքին։ դ17.06 7 ¶13-14. 8 ¶17

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 25

Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք (Ղուկ. 16։9)։

Միլիառաւոր մարդիկ վերջին ծայր աղքատ են, մինչ ուրիշներ այնքա՛ն դրամ ունին, որ կրնան իրենց ապագայ սերունդներուն ալ հոգ տանիլ։ Յիսուս գիտէր թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ փոխել այս աշխարհին վաճառական սիստեմը։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ «վաճառականները», որոնք կը ներկայացնեն վաճառական սիստեմը, Սատանայի աշխարհին մէկ մասն են, ճիշդ քաղաքական եւ կրօնական սիստեմներուն պէս (Յայտ. 18։3)։ Աստուծոյ ժողովուրդը կրնայ ինքզինք լման հեռու պահել քաղաքականութենէն եւ սուտ կրօնքէն։ Բայց անոնց մեծամասնութիւնը չի կրնար լման հեռու կենալ Սատանայի աշխարհին տնտեսական սիստեմէն։ Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է քննենք թէ ինչ կեցուածք ունինք աշխարհին վաճառական սիստեմին հանդէպ։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ նիւթական բաներս գործածել, որ ցուցնեմ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ եմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ աւելի քիչ խառնուիլ վաճառական աշխարհին։ Ի՞նչ փորձառութիւններ կան, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը լման կը վստահի իրեն այս դժուար պայմաններուն մէջ’։ դ17.07 7-8 ¶1-3

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 26

Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ (Ղուկ. 21։34)։

Յիսուս շատ լաւ գիտէր թէ մեր օրերուն՝ կեանքին հոգերը որքա՜ն պիտի ճնշէին մարդիկը։ Ան սերմնացանին առակին մէջ ըսաւ, որ կարգ մը մարդիկ «թագաւորութեան խօսքը» պիտի լսէին եւ սկիզբը նախանձախնդիր պիտի ըլլային։ Բայց ետքը, ‘աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը պիտի խեղդէր խօսքը’ եւ անոնք պիտի կորսնցնէին իրենց նախանձախնդրութիւնը (Մատ. 13։19-22. Մար. 4։19)։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, ամէնօրեայ հոգերը կրնան հոգեւորապէս ետեւ տանիլ մեզ։ Քարոզչութիւնը առաջին տեղը դնելով կը փաստենք, որ Քրիստոսը շատ կը սիրենք։ Ասոր համար, պէտք է ատեն–ատեն մենք մեզի հարցնենք. ‘Կեանքիս մէջ ամէնէն շատ ի՞նչ կը սիրեմ։ Ամէնէն շատ ի՞նչը ուրախութիւն կու տայ ինծի. հոգեւո՞ր բաները, թէ՞ ուրիշ բաներ’։ դ17.05 23 ¶3-4

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 27

Եթէ լեզուով բացայայտ խօսք չխօսիք, խօսուածը ի՞նչպէս պիտի հասկցուի (Ա. Կոր. 14։9)։

Երբ «պանդուխտները» կ’ապրին իրենց լեզուն խօսող Վկաներէն հեռու շրջան մը, պէտք է երթան տեղական լեզու գործածող ժողովքի մը (Սաղ. 146։9)։ Բայց եթէ իրենց մօտ կայ իրենց մայրենի լեզուն գործածող ժողովք մը, տան գլուխը պէտք է որոշէ թէ ո՛ր լեզուն գործածող ժողովքին պէտք է պատկանին՝ ընտանիքին լաւութեան համար։ Ան որոշելէ առաջ, լաւ մը պիտի մտածէ եւ աղօթէ ատոր մասին։ Ան իր կնոջ եւ զաւակներուն կարծիքն ալ պիտի առնէ (Ա. Կոր. 11։3)։ Ծնողները պէտք է նկատի առնեն թէ իրենց զաւակներուն իսկական պէտքը ի՛նչ է։ Անշուշտ, որպէսզի զաւակը ճշմարտութիւնը լաւ հասկնայ, չի բաւեր շաբաթը միայն քանի մը ժամ Սուրբ Գիրքին մասին սորվիլ ժողովներուն մէջ։ Բայց ասիկա նկատի առ. երբ զաւակները երթան իրենց լեզուն գործածող ժողովքի մը, թերեւս անոնք պարզապէս հոն գտնուելով ալ օգտուին, եւ իրենց ծնողքին ակնկալածէն աւելի սորվին։ Բայց թերեւս պարագան նոյնը չըլլայ, երբ զաւակները լման չհասկնան լեզուն (Ա. Կոր. 14։11)։ դ17.05 10 ¶10, 11

Շաբաթ, սեպտեմբեր 28

Ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք (Դատ. 5։2)։

Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Հաւատք եւ քաջութիւն ունի՞մ, որ ամէն ունեցածս գործածեմ Եհովային ծառայելու համար։ Եթէ կը մտածեմ ուրիշ քաղաք կամ երկիր փոխադրուելու մասին, որպէսզի աւելի դրամական շահ ընեմ եւ աւելի լաւ կեանք մը ունենամ, աղօթքով նկատի կ’առնե՞մ որ ասիկա ինչպէ՛ս պիտի ազդէ ընտանիքիս եւ ժողովքիս’։ Եհովան մեզ կը պատուէ, թոյլ տալով որ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք։ Սատանան Ադամ ու Եւային օրերէն ի վեր մարդիկը կը մղէ, որ Եհովային դէմ ելլելով իր կողմը դիրք բռնեն։ Բայց երբ Եհովային իշխանութեան կողմը դիրք բռնենք, շատ յստակօրէն կը ցուցնենք թէ որո՛ւն կողմն ենք։ Մեր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը մեզ կը մղեն, որ կամաւոր ըլլանք Եհովային ծառայութեան մէջ, եւ ասիկա զինք շատ կ’ուրախացնէ (Առ. 23։15, 16)։ Երբ թիկունք կանգնինք եւ հնազանդինք Եհովային, ան կրնայ ասիկա գործածել որպէսզի Սատանային անարգանքներուն պատասխան տայ (Առ. 27։11)։ Ուրեմն, կրնանք Եհովային տալ մեր հնազանդութիւնը, որ իր աչքին մեծ արժէք ունի եւ զինք շատ կ’ուրախացնէ։ դ17.04 32 ¶15-16

Կիրակի, սեպտեմբեր 29

Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես, զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ, քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։ Ըրած ուխտդ կատարէ՛ (Ժող. 5։4)։

Մովսիսական օրէնքը ըսաւ. «Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ կամ երդում ըն[է]. . . իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ» (Թւ. 30։2)։ Յետագային, Սողոմոն գրեց այս օրուան համարին խօսքերը։ Իսկ Յիսուս հաստատեց որ Աստուծոյ ուխտ ընելը լուրջ բան մըն է, երբ ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը’» (Մատ. 5։33)։ Ուրեմն, յստակ է որ Աստուծոյ խոստում տալը շատ լուրջ բան մըն է։ Մեր ուխտերը ինչ աչքով դիտելը կ’ազդէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։ Դաւիթ գրեց. «Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը, կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։ . . .Սրտով մաքուրը, որ ստութեան անձնատուր չեղաւ ու նենգութեամբ երդում չըրաւ» (Սաղ. 24։3, 4)։ դ17.04 3-4 ¶3-4

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 30

Ան լեզուովը չի զրպարտեր (Սաղ. 15։3)։

Երբ զգանք թէ ժողովքին մէջ անարդարութեան զոհ գացած ենք, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ չբամբասենք հարցին շուրջ։ Անշուշտ, շատ յարմար է որ երէցներէն օգնութիւն խնդրենք, եւ իրենց լուր տանք եթէ եղբայր մը լուրջ մեղք մը ըրած է (Ղեւ. 5։1)։ Բայց շատ մը պարագաներու, ուր լուրջ սխալ մը չէ գործուած, կրնանք հարցը լուծել առանց մէկը մտցնելու, նոյնիսկ երէցները (Մատ. 5։23, 24. 18։15)։ Թող որ հաւատարիմ ըլլանք եւ այսպիսի հարցեր լուծենք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ։ Թերեւս որոշ պարագաներու անդրադառնանք որ անարդարութիւն մը չկայ մէջտեղը։ Այս պարագային որքա՜ն կ’ուրախանանք որ եղբօր մասին ժխտական բաներ խօսելով հարցը աւելի գէշ չդարցուցինք։ Միտքդ պահէ որ ճիշդ ըլլանք կամ ոչ, հարցը աւելի լաւ պիտի չըլլայ եթէ ուրիշին մասին վիրաւորական բաներ ըսենք։ Եթէ Եհովային եւ մեր եղբայրներուն հաւատարիմ ենք, այսպիսի սխալ մը պիտի չընենք։ դ17.04 21 ¶14

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել