Հոկտեմբեր
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 1
Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր (Յակ. 1։5)։
Եհովան իմաստութեան Աղբիւրն է եւ զայն առատաձեռնօրէն կու տայ ուրիշներուն։ Իմաստութիւն ձեռք ձգելու կերպերէն մէկն է՝ Եհովային տուած կրթութիւնը ընդունիլ։ Եւ այդ իմաստութիւնը մեզ կը պաշտպանէ բարոյական եւ հոգեւոր վտանգներէ (Առ. 2։10-12)։ Այսպիսով, ‘մեր անձը Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը պահենք՝ յաւիտենական կեանքի համար’ (Յդ. 21)։ Սակայն ատեններ դժուար կ’ըլլայ կրթութիւնը ընդունիլ եւ ճիշդ աչքով նայիլ ատոր, քանի որ անկատար ենք կամ որոշ կերպով մեծցած ենք։ Բայց երբ Աստուծոյ տուած կրթութեան օգուտները վայելենք մեր կեանքին մէջ, կը սկսինք գնահատել զայն եւ տեսնել որ Աստուած որքա՛ն կը սիրէ մեզ։ Առակաց 3։11, 12–ը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր. . . վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ»։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ Եհովան մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ (Եբ. 12։5-11)։ Որովհետեւ Աստուած մեզ շատ լաւ գիտէ, իր տուած կրթութիւնը միշտ տեղին եւ պէտք եղած չափով կ’ըլլայ։ դ18.03 28 ¶1-2
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 2
Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք (Ա. Պետ. 4։9)։
Պետրոս առաքեալ վերոնշեալը գրեց Փոքր Ասիոյ եղբայրներուն, որոնք տարբեր–տարբեր տեղերէ եկած էին, եւ ‘բորբոքած նեղութենէ’ կ’անցնէին։ Բոլոր շրջաններուն մէջ, ի՞նչը քրիստոնեաներուն պիտի օգնէր, որ այդ դժուար ժամանակներուն դիմանային (Ա. Պետ. 1։1. 4։4, 7, 12)։ Նկատէ որ Պետրոս իր եղբայրներն ու քոյրերը կը քաջալերէր, որ «իրարու» հիւրասիրութիւն ցուցնէին, հակառակ որ իրար արդէն գիտէին եւ միասին ժամանակ կ’անցընէին։ Հիւրասէր ըլլալը ինչպէ՞ս պիտի օգնէր իրենց։ Ատիկա զիրենք իրարու պիտի մօտեցնէր։ Նկատի առ հետեւեալը։ Պատահա՞ծ է որ մէկու մը տունը հրաւիրուած ես։ Այդ օրուընէ մնացած աղուոր յիշատակներ չո՞ւնիս։ Իսկ պատահա՞ծ է որ դուն ժողովքէն մէկը հրաւիրած ես տունդ։ Ձեր բարեկամութիւնը աւելի չզօ՞րացաւ։ Երբ հիւրասիրութիւն ցուցնենք իրարու, ուրիշ առիթներէ աւելի՝ մօտէն պիտի ճանչնանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Պետրոսի ժամանակներուն, քրիստոնեաները պէտք ունէին աւելի իրարու մօտենալու, մինչ վիճակները աւելի գէշ կ’ըլլային։ Այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին պէտք է նոյնը ընենք (Բ. Տիմ. 3։1)։ դ18.03 14-15 ¶1-3
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 3
Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է (Մատ. 5։3, ՆԱ)։
Սուրբ Գիրքը կը գովէ հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձերը։ Հռովմայեցիս 8։6–ը ցոյց կու տայ, որ մեր կեանքը կախեալ է Եհովայի պէս մտածելէն, ըսելով. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն»։ Ուստի, կեդրոնանալով հոգեւոր բաներու վրայ, հիմա իսկ Աստուծոյ եւ մեր անձին հետ խաղաղութիւն կ’ունենանք, ինչպէս նաեւ՝ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Սակայն այսօր կ’ապրինք վտանգաւոր միջավայրի մը մէջ։ Որովհետեւ շրջապատուած ենք մարմնաւոր մտածելակերպ ունեցող մարդոցմով, պէտք է շատ ջանք թափենք որ հոգեւոր մարդ ըլլանք եւ մնանք այդպէս։ Եթէ անհատը կորսնցնէ իր հոգեւորութիւնը, բարոյական պարապութիւն կը ստեղծէ, եւ այս աշխարհի ապականած «օդ»ը կրնայ շուտով լեցնել այդ պարապութիւնը։ Յուդա ըսաւ որ մարմնաւոր անհատները կրնան նոյնիսկ Եհովայի հոգին կորսնցնել (Յդ. 18, 19)։ դ18.02 19 ¶5, 7. 20 ¶8
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 4
Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան (Բ. Տիմ. 3։13)։
Շատ մը բժիշկներ ու հիւանդապահուհիներ կ’աշխատին անհատներու շուրջ, որոնք փոխանցիկ հիւանդութիւն ունին։ Անոնք հիւանդներուն հոգ կը տանին, քանի որ կ’ուզեն օգնել։ Բայց նաեւ պէտք է ինքզինքնին պաշտպանեն, որպէսզի չփոխանցուին այն հիւանդութեամբ որ կը ջանան բուժել։ Մենք նոյնանման պարագայի մը մէջ ենք։ Մեզմէ շատեր կ’ապրին ու կ’աշխատին անհատներու հետ, որոնք ‘վարակուած են’ կեցուածքներով եւ յատկութիւններով, որոնք լման հակառակ են Աստուծոյ յատկութիւններուն։ Ասիկա կրնայ շատ դժուար ըլլալ մեզի համար։ Այս վերջին օրերուն մէջ, անոնք որոնք Աստուծմէ հեռացած են, չեն հետեւիր իր բարոյական չափանիշներուն։ Պօղոս առաքեալ անոնց յատկութիւնները նկարագրեց՝ Տիմոթէոսին ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Թէեւ թերեւս մեզի համար ահռելի են այսպիսի յատկութիւններ, բայց կրնայ ըլլալ որ ազդուինք մեր շուրջիններուն կեցուածքներէն եւ վարուելակերպէն (Առ. 13։20)։ Ուստի պէտք է մենք մեզ պաշտպանենք այս գէշ յատկութիւններէն, մինչ ուրիշներուն հոգեւորապէս կ’օգնենք։ դ18.01 27 ¶1-2
Շաբաթ, հոկտեմբեր 5
Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք (Մատ. 28։19)։
Ք.Ե. 33–ին, իր յարութենէն ետք՝ Յիսուս երեւցաւ աւելի քան 500 հոգիի, որոնց մէջ կային տղամարդիկ, կիներ եւ թերեւս նոյնիսկ պզտիկներ։ Թերեւս այս առիթին էր որ ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը (Ա. Կոր. 15։6)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ աշակերտեն։ Ո՛վ որ կ’ուզէ իր աշակերտը ըլլալ,– այսինքն իր «լուծը» առնել,– պէտք է մկրտուի (Մատ. 11։29, 30)։ Ան որ կ’ուզէ աստուածահաճոյ կերպով ծառայել, պէտք է ընդունի որ Աստուած իր կամքը կատարելու համար Յիսուսը կը գործածէ։ Միայն այն ատեն է որ այդ անձը կրնայ մկրտուիլ։ Ասիկա միակ ջուրի մկրտութիւնն է, որ Աստուծոյ քով ընդունելի է։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ փաստեր կան, որ Յիսուսին առաջին դարու աշակերտները գիտէին թէ մկրտութիւնը որքա՛ն կարեւոր է։ Անոնք անտեղի կերպով չյետաձգեցին իրենց մկրտութիւնը (Գործք 2։41. 9։18. 16։14, 15, 32, 33)։ դ18.03 5 ¶8
Կիրակի, հոկտեմբեր 6
Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ (Դան. 10։11)։
Ներկայիս, կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ անբարոյութեամբ եւ սուտ պաշտամունքով լեցուն է։ Մարդիկ ազդուած են Մեծ Բաբելոնէն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն, որ կը կոչուի՝ «դեւերու բնակավայր» (Յայտ. 18։2)։ Բայց մենք օտարներու պէս ենք այս աշխարհին մէջ։ Ուրիշներէ շատ տարբեր ըլլալով, ծաղրանքի առարկայ կը դառնանք (Մար. 13։13)։ Թող որ Դանիէլին պէս մօտենանք մեր Աստուծոյն՝ Եհովային։ Երբ խոնարհութեամբ եւ հնազանդութեամբ վստահինք իրեն, մենք ալ «ցանկալի» կամ արժէքաւոր պիտի ըլլանք իր աչքին (Ան. 2։7)։ Ծնողները կրնան կարեւոր դասեր սորվիլ Դանիէլին ծնողքէն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ Դանիէլ պզտիկ էր Յուդային մէջ, իր շուրջի մարդոց մեծամասնութիւնը շատ չար էր։ Բայց ան եղաւ մէկը որ Եհովան կը սիրէ։ Ասիկա կը ցուցնէ որ իր ծնողքը Եհովային մասին կը սորվեցնէին իրեն (Առ. 22։6)։ Նոյնիսկ Դանիէլին անունը, որ կը նշանակէ «Աստուած իմ Դատաւորս է», կը ցուցնէ թէ իր ծնողքը աստուածավախ էին։ Ուրեմն ո՛վ ծնողներ, ձեր յոյսը մի՛ կտրէք ձեր զաւակներէն, հապա՝ համբերութեամբ սորվեցուցէք անոնց (Եփ. 6։4)։ Անոնց հետ աղօթեցէք։ Անոնց համար ալ աղօթեցէք։ Ձեր լաւագոյնը ըրէք որ անոնց սորվեցնէք ճշմարտութիւնը սիրել, եւ այսպիսով Եհովան մեծապէս պիտի օրհնէ ձեզ (Սաղ. 37։5)։ դ18.02 5 ¶12. 6 ¶14-15
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 7
Ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք (Ա. Մն. 29։14)։
Տալը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը տեսաւ, թէ Եհովա Աստուծոյ երկնային ծառաները կ’ըսեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտ. 4։10բ)։ Չե՞ս համաձայնիր որ Եհովա Աստուած ամէն փառքի ու պատիւի արժանի է։ Ասոր համար կ’ուզենք մեր լաւագոյնը տալ իրեն։ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ պատուիրեց իսրայէլ ազգին, որ տարին երեք տօն տօնէ։ Այդ տօներուն իրենց ըրած պաշտամունքին մաս կը կազմէր Եհովա Աստուծոյ տալը։ Ժողովուրդը պէտք չէր ‘Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ ելլէր’ (Բ. Օր. 16։16)։ Այսօր ալ, անձնազոհ կերպով տալը մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է։ Այսպիսով, կը ցուցնենք որ Եհովայի կազմակերպութեան գործը կ’արժեւորենք եւ կը գնահատենք։ դ18.01 18 ¶4-5
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 8
Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ (Մատ. 11։28)։
Յիսուս Քրիստոս աւելցուց. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք. . . վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։29, 30)։ Յիսուսին այս խօսքը որքա՜ն ճիշդ է։ Ատեններ շատ յոգնած կը զգանք, երբ տունէն ելլելով ժողովի երթանք կամ դաշտի ծառայութեան մասնակցինք։ Բայց ինչպէ՞ս կը զգանք երբ վերադառնանք։ Թարմացած կը զգանք եւ աւելի պատրաստ կ’ըլլանք մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Իրապէս ալ Յիսուս Քրիստոսին լուծը քաղցր է։ Նկատի առ քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան կը տառապի երկարատեւ յոգնութեան համախտանիշէ, ընկճուածութենէ եւ զօրաւոր գլխացաւէ։ Այս պատճառով, ատեններ իրեն համար շատ դժուար կ’ըլլայ ժողովի երթալ։ Բայց անգամ մը, երբ ջանք թափեց որ ժողովի ներկայ ըլլայ, գրեց. «Դասախօսութիւնը յուսահատութեան մասին էր։ Տեղեկութիւնները այնքան կարեկցութեամբ ու հոգածութեամբ տրուեցան, որ արցունք իջաւ աչքերէս։ Եհովան ինծի յիշեցուց որ կարեւոր է որ ժողովներուն ներկայ ըլլամ»։ Քոյրը որքա՜ն ուրախ էր որ ժողովի գնաց։ դ18.01 8 ¶6-7
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 9
Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին (Սաղ. 73։2)։
Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ զաւակդ մկրտութեան քայլը առնելէն ետք, սկսի ճշմարտութեան մասին կասկածներ ունենալ։ Օրինակի համար, թերեւս զաւակդ սկսի աշխարհային բաներով հետաքրքրուիլ։ Կամ թերեւս ան սկսի կասկածիլ, թէ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հետեւիլը լաւագոյն ապրելակերպն է (Սաղ. 73։1, 3, 12, 13)։ Որպէս ծնող, քու հակազդած կերպդ կրնայ շատ ազդել, թէ զաւակդ պիտի շարունակէ Եհովա Աստուծոյ ծառայել կամ ոչ։ Փորձէ ասոր մասին կռիւ չընել զաւակիդ հետ, չնայած թէ տարիքով պզտիկ է կամ պատանի է։ Ընդհակառակը, վստահ եղիր որ ան գիտէ, թէ դուն զինք կը սիրես եւ կ’ուզես իրեն օգնական ըլլալ։ Միւս կողմէ, մկրտուած պատանին Եհովա Աստուծոյ լրջօրէն նուիրուած է, եւ այս նուիրումը խոստում մըն է, թէ Եհովան պիտի սիրէ եւ Իր կամքը ամէն բանէ առաջ պիտի դնէ (Մար. 12։30)։ Եհովա Աստուած թեթեւի չ’առներ այս լուրջ խոստումը, ոչ ալ մենք պէտք է թեթեւի առնենք զայն (Ժող. 5։4, 5)։ դ17.12 22 ¶16-17
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 10
Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ [եղբայրս] յարութիւն պիտի առնէ (Յովհ. 11։24)։
Մարթային պէս, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները գիտէին թէ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ։ Մտածէ թէ Եհովան ինչ խնդրեց Աբրահամէն որ ընէ Իսահակին, որուն համար տարիներ սպասած էր որ ծնի։ Եհովան ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու. . . զանիկա ողջակէզ ըրէ» (Ծն. 22։2)։ Երեւակայէ թէ Աբրահամ ի՛նչ զգաց երբ այս հրամանը լսեց։ Եհովան ըսած էր որ Աբրահամին սերունդով պիտի օրհնուէին բոլոր ազգերը (Ծն. 13։14-16. 18։18. Հռով. 4։17, 18)։ Նաեւ Եհովան ըսած էր որ սերունդը պիտի գար «Իսահակով» (Ծն. 21։12)։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս պիտի իրականանար, եթէ Աբրահամ զոհէր Իսահակը։ Աստուած Պօղոսը մղեց որ բացատրէ, թէ Աբրահամ կը հաւատար որ Աստուած կրնայ Իսահակին յարութիւն տալ (Եբ. 11։17-19)։ Աբրահամ չէր կրնար գիտնալ որ իր տղան ե՛րբ յարութիւն պիտի առնէր։ Բայց ան վստահ էր որ Եհովան յարութիւն պիտի տար Իսահակին։ դ17.12 5-6 ¶12-14
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 11
Ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն (Գործք 20։26)։
Պօղոսին պէս, մենք ալ պէտք է Եհովային աչքով նայինք կեանքին։ Եհովան կ’ուզէ որ «ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Իրեն նմանելու համար պէտք է մարդիկը սիրենք։ Ողորմութիւն ունենալը պիտի մղէ մեզ, որ աւելի նախանձախնդրութեամբ քարոզենք եւ աւելի ուրախութիւն գտնենք ատոր մէջ։ Նաեւ պէտք է կարեւոր նկատենք մեր կամ ուրիշներուն ապահովութիւնը։ Պէտք է միշտ ապահովութեամբ քշենք կամ աշխատինք, մէջը ըլլալով՝ երբ պաշտամունքի վայր մը կ’երթանք, կը շինենք կամ կը նորոգենք։ Բնա՛ւ դրամը կամ ժամանակ շահիլը աւելի կարեւոր մի՛ սեպեր քան՝ ապահովութիւնն ու առողջութիւնը։ Մեր արդար Աստուածը միշտ ճիշդը կ’ընէ, եւ մենք կ’ուզենք իրեն նմանիլ։ Մանաւանդ երէցները պէտք է ուշադիր ըլլան թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներուն ապահովութեան (Առ. 22։3)։ Եթէ երէց մը քեզի յիշեցնէ ապահովութեան որոշ օրէնքներ ու չափանիշներ, իրեն մտիկ ըրէ (Գաղ. 6։1)։ Եհովայի՛ն աչքով նայէ կեանքին, եւ ‘արեան պարտական պիտի չըլլաս’ (Բ. Օր. 19։10)։ դ17.11 16 ¶11-12
Շաբաթ, հոկտեմբեր 12
Ո՛չ մէկը ձեզ թող զրկէ ձեր մրցանակէն (Կող. 2։18, ԱԾ)։
Օծեալ քրիստոնեաները երկինքին մէջ ապրելու արժէքաւոր յոյսը ունին։ Պօղոս առաքեալ այս յոյսը կոչեց՝ «Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակը» (Փլպ. 3։14)։ Անոնք երկինքին մէջ Յիսուսին հետ պիտի իշխեն եւ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնեն (Յայտ. 20։6)։ Ասիկա ի՜նչ հիանալի յոյս մըն է։ Ուրիշ ոչխարներուն յոյսը տարբեր է։ Անոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին եւ այս յոյսով շատ ուրախ են (Բ. Պետ. 3։13)։ Պօղոս կ’ուզէր օծեալ քրիստոնեաներուն օգնել, որ հաւատարիմ մնան եւ մրցանակը շահին։ Անոնց ըսաւ. «Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք» (Կող. 3։2)։ Անոնք պէտք էր երկնքին մէջ ապրելու իրենց արժէքաւոր յոյսին վրայ կեդրոնանային (Կող. 1։4, 5)։ Եհովայի տալիք օրհնութիւններուն վրայ մտածելը կ’օգնէ իր բոլոր ծառաներուն, որ իրենց աչքը մրցանակին վրայ պահեն (Ա. Կոր. 9։24)։ դ17.11 25 ¶1-2
Կիրակի, հոկտեմբեր 13
Երգեցէ՛ք Տէրոջը (Սաղ. 96։1)։
Ուրախութեամբ երգենք Եհովային երգարանին շատ մը երգերը աղօթքի կը նմանին։ Այս երգերը քեզի կ’օգնեն որ զգացումներդ արտայայտես Եհովային։ Ուրիշ երգեր մեզ կը մղեն «սիրոյ եւ բարեգործութեան» (Եբ. 10։24)։ Մեր փափաքն է վարժուիլ մեր երգերուն եղանակներուն, ռիթմերուն եւ բառերուն։ Ասոր համար, կրնաս jw.org կայքին մէջ մտիկ ընել երգերուն ձայնագրութիւնները։ Եթէ երգելու փորձ ընես տունը, կրնաս սորվիլ ինքնավստահութեամբ եւ սրտանց երգել։ Յիշէ թէ երգելը մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է։ Ատիկա զօրաւոր կերպ մըն է որ Եհովային ցուցնենք, թէ զինք կը սիրենք եւ շնորհակալ ենք իր բոլոր ըրածներուն համար (Եսա. 12։5)։ Երբ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ երգենք, ուրիշներն ալ պիտի քաջալերուին որ ինքնավստահութեամբ երգեն։ Ժողովքին մէջ բոլորը,– ըլլան պատանի, տարեց կամ նորեկ,– կրնան այս կերպով Եհովան պաշտել։ Ուրեմն, մի՛ քաշուիր սրտանց երգելու։ դ17.11 7 ¶18-19
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 14
Օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ (Մատ. 10։16)։
Հիմակուան գաղթականներէն շատեր կու գան երկիրներէ, ուր մեր քարոզչութեան գործը ազատ չէ։ Նախանձախնդիր Վկաներու շնորհիւ, ներկայիս հազարաւոր գաղթականներ առաջին անգամ ըլլալով կը լսեն «թագաւորութեան խօսքը» (Մատ. 13։19, 23)։ Շատեր որոնք «բեռնաւորուած» են, մխիթարութիւն եւ հանգստութիւն կը գտնեն մեր ժողովներուն մէջ, եւ կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է» (Մատ. 11։28-30. Ա. Կոր. 14։25)։ Անոնք որոնք գաղթականներու կը քարոզեն, պէտք է ուշադիր եւ «խորագէտ» ըլլան (Առ. 22։3)։ Համբերութեամբ մտիկ ըրէ իրենց մտահոգութիւնները, բայց քաղաքականութեան մասին մի՛ խօսիր։ Հետեւէ մասնաճիւղին եւ տեղական հեղինակութիւններուն ուղղութիւններուն, որպէսզի վտանգի մէջ չդնես անձդ կամ ուրիշները։ Որովհետեւ գաղթականները կու գան տարբեր կրօնքներէ եւ մշակոյթներէ, գաղափար մը առ թէ անոնց զգացումներն ու տեսակէտները ինչ են եւ զանոնք յարգէ։ Օրինակ՝ կարգ մը երկիրներէ եկողները խիստ կեցուածք ունին, թէ կիները ինչ պէտք է հագուին։ Ասոր համար, երբ գաղթականներուն պիտի քարոզես, այնպէս մը հագիր որ անոնք չնեղանան։ դ17.05 7 ¶17, 18
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 15
Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով. . . ըլլայ (Կող. 4։6)։
Կրնանք Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրել, որպէսզի կարենանք հեզ եւ ազնիւ ըլլալ, երբ Վկայ չեղող ազգականներուն հետ կը խօսինք։ Պէտք չէ անոնց հետ վիճինք իրենց բոլոր սխալ հաւատալիքներուն մասին։ Եթէ անոնք ձեւով մը վիրաւորեն մեզ, կրնանք առաքեալներուն պէս վարուիլ։ Պօղոս գրեց. «Մարդիկ կը հայհոյե՞ն մեզի, մենք կ’օրհնենք։ Կը հալածե՞ն մեզ, կը համբերենք։ Կը վարկաբեկե՞ն մեզ, մենք ազնուութեամբ կը պատասխանենք» (Ա. Կոր. 4։12, 13, ՆԹ)։ Թէեւ հեզութեամբ խօսիլը կ’օգնէ, որ մեր ազգականներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք, բայց մեր լաւ վարքը ա՛լ աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն ունի (Ա. Պետ. 3։1, 2, 16)։ Ազգականներդ լաւ վարքիդ միջոցաւ թող տեսնեն, որ Եհովայի վկաները ուրախ ամուսնութիւններ ունին, իրենց պզտիկներուն լաւ հոգ կը տանին, Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին եւ իմաստալից կեանք մը ունին։ Նոյնիսկ եթէ մեր ազգականները բնաւ չընդունին ճշմարտութիւնը, կրնանք ուրախ ըլլալ գիտնալով, որ մեր լաւ վարքը Եհովան կը հաճեցնէ։ դ17.10 15 ¶13-14
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 16
Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ (Բ. Տիմ. 2։15)։
Զարմանալի չէ որ շատեր մեծ փոփոխութիւններ կ’ընեն երբ ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Առաջին դարու մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որ երկնային յոյսը ունէին, այսպիսի փոփոխութիւններ ըրին (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Երբ Պօղոս խօսեցաւ այն անձերուն մասին, որոնք պիտի չժառանգեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, աւելցուց. «Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք»։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքին եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ փոխուած էին։ Բայց ոմանք նոյնիսկ ճշմարտութիւնը գիտնալէ ետք լուրջ սխալներ ըրին, ինչ որ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութեան ազդեց։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կը նշէ օծեալ եղբայր մը որ վտարուեցաւ։ Ետքը, ան փոփոխութիւններ ըրաւ, որպէսզի կարենայ նորէն ժողովքին մէկ մասը ըլլալ (Ա. Կոր. 5։1-5. Բ. Կոր. 2։5-8)։ Որքա՜ն կը քաջալերուինք գիտնալով որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը Աստուծոյ Խօսքին զօրութեամբ բազմաթիւ փոփոխութիւններ ըրած են։ Վստահաբար կ’ուզենք անկէ լաւագոյնս օգտուիլ։ դ17.09 23-24 ¶2-3
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 17
Ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով (Ա. Յովհ. 3։18)։
Եհովան սիրոյ Աղբիւրն է, եւ սէրը իր կողմէ նուէր մըն է (Ա. Յովհ. 4։7)։ Ճիշդ սկզբունքներու վրայ հիմնուած սէրը (ա·կաբէ)՝ սիրոյ մեծագոյն տեսակն է։ Այս սիրոյն մէջ կրնայ գուրգուրանք եւ ջերմութիւն ըլլալ, բայց ատիկա միայն զգացումներ չէ։ Ատիկա կ’արտայայտուի՝ անձնազոհութեամբ բաներ ընելով ուրիշներուն օգտին համար։ Ատիկա այնպիսի սէր մըն է, որ մեզ կը մղէ լաւ բաներ ընելու ուրիշներուն համար։ Այս սէրը մեզի ուրախութիւն կու տայ եւ մեր կեանքը իմաստալից կը դարձնէ։ Եհովան մարդ արարածին հանդէպ սէր ցուցուց նոյնիսկ Ադամն ու Եւան ստեղծելէն առաջ։ Ան երկիրը այնպէս մը ըրաւ որ մարդուն յաւիտենական տունը ըլլայ, եւ ասկէ աւելին՝ որպէսզի մարդը կեանքէն հաճոյք առնէ։ Եհովան ասիկա մե՛ր օգտին համար ըրաւ, եւ ոչ թէ իր շահին համար։ Ետքը, ան մարդը ստեղծեց եւ իրեն տուաւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ դ17.10 7 ¶1-2
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 18
Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս (Յակ. 2։8)։
Յակոբոս աւելցուց. «Եթէ աչառութիւն կ’ընէք մե՛ղք կը գործէք» (Յակ. 2։9)։ Սէրը մեզ կը մղէ որ զատողութիւն չդնենք մարդոց միջեւ, իրենց ուսումին, ցեղին կամ ընկերային դիրքին պատճառով։ Չենք կրնար պարզապէս ձեւացնել որ անաչառ ենք։ Այս յատկութիւնը պէտք է մեր անձնաւորութեան իսկական մէկ մասը ըլլայ։ Սէրը նաեւ «երկայնամիտ է, քաղցր է» եւ «չի հպարտանար» (Ա. Կոր. 13։4)։ Պէտք է իրապէս երկայնամիտ, քաղցր եւ խոնարհ ըլլանք որ կարենանք շարունակել բարի լուրը քարոզել ուրիշներուն (Մատ. 28։19)։ Այս յատկութիւնները մեզի կ’օգնեն որ մեր ջուրը քալէ ժողովքին բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ջուրին հետ։ Երբ այսպիսի սէր ցուցնենք, ժողովքներուն մէջ միութիւն պիտի ըլլայ, Եհովային փառք պիտի բերենք եւ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։ Տեղին է որ Սուրբ Գիրքը նոր անձնաւորութեան նկարագրութիւնը այսպէս կը վերջացնէ. «Այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։14)։ դ17.08 26 ¶18-19
Շաբաթ, հոկտեմբեր 19
Աստուած իր ժողովուրդին. . . խնայելուն համար. . . մեծ փութով ազդարարութիւններ կը ղրկէր (Բ. Մն. 36։15)։
Մենք ալ պէտք չէ՞ կարեկցինք այն անհատներուն, որոնք տակաւին Եհովան չեն ճանչնար, բայց թերեւս զղջան եւ իր բարեկամը դառնան։ Եհովան չ’ուզեր որ մէկը կորսուի գալիք դատաստանին ընթացքին (Բ. Պետ. 3։9)։ Ուրեմն, քանի որ տակաւին ժամանակ կայ, շարունակենք իր պատգամով զգուշացնել մարդիկը, եւ օգնենք որ իր կարեկցութենէն օգտուին։ Կրնանք Յիսուսէն դաս մը սորվիլ։ Ան խղճաց մարդոց վրայ, քանի որ տեսաւ թէ «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ Ի՞նչ ըրաւ։ «Շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մատ. 9։36. Մար. 6։34)։ Ան որքա՜ն տարբեր էր փարիսեցիներէն, որոնք ո՛չ մէկ փափաք ունէին որ սովորական ու պարզ մարդոց օգնեն (Մատ. 12։9-14. 23։4. Յովհ. 7։49)։ Դուն ալ Յիսուսին պէս մեծ փափաք ունի՞ս, որ մարդոց օգնես եւ Եհովային մասին անոնց սորվեցնես։ դ17.09 9 ¶6. 10 ¶9
Կիրակի, հոկտեմբեր 20
Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել (Եսա. 43։13)։
Մինչ Յովսէփ բանտն էր, ո՛չ մէկ գաղափար ունէր որ Եգիպտոսի ամէնէն կարեւոր երկրորդ անձը պիտի դառնար եւ Եհովան զինք պիտի գործածէր, որ իր ընտանիքը սովամահութենէ ազատէ (Ծն. 40։15. 41։39-43. 50։20)։ Անկասկած, ի՛նչ որ Եհովան ըրաւ՝ Յովսէփին ակնկալածէն շա՜տ աւելի էր։ Իսկ Սառան կ’ակնկալէ՞ր որ Եհովան թոյլ տայ որ ինք յղանայ ու տղայ մը ունենայ։ Իսահակին ծնունդը Սառային միտքին ծայրէն չէր անցներ (Ծն. 21։1-3, 6, 7)։ Մենք չենք ակնկալեր որ Եհովան հրաշքով մը վերցնէ մեր բոլոր խնդիրները նոր աշխարհէն առաջ։ Ոչ ալ կը խնդրենք որ անսովոր բաներ պատահին մեր կեանքին մէջ։ Բայց գիտենք որ մեր Աստուածը՝ Եհովան այն Աստուածն է, որ անցեալին զարմանալի կերպերով օգնեց իր ծառաներուն։ Ան չէ փոխուած (Եսա. 43։10-12)։ Գիտենք թէ ան մեզի պէտք եղած ուժը պիտի տայ, որպէսզի լման կերպով կատարենք իր կամքը (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Արդարեւ, եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք, մեզի պիտի օգնէ որ գլուխ ելլենք մեր աչքին լեռ երեւցող հոգերու հետ։ դ17.08 11 ¶13-14
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 21
Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին (Առ. 16։3)։
Լիաժամ ծառայութիւնը քեզի կ’օգնէ որ հոգեւորապէս հասուն ըլլաս, մինչ կը ծառայես ուրիշ լիաժամ ծառաներու հետ։ Շատեր տեսած են թէ պատանեկութեան ժամանակ լիաժամ ծառայելը օգնած է իրենց, որ յետագային յաջող ամուսնութիւն մը ունենան։ Անոնք որոնք ամուսնութենէ առաջ ռահվիրայութիւն ըրած են, յաճախ կրցած են իրենց կողակիցին հետ շարունակել ռահվիրայութիւն ընել (Հռով. 16։3, 4)։ Ծրագրելուն մէջ սիրտդ դեր կը խաղայ։ Սաղմոս 20։4–ը Եհովային մասին կ’ըսէ. «Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ»։ Մտածէ թէ ինչ կ’ուզես ընել կեանքիդ մէջ։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ կ’ընէ մեր օրերուն եւ դուն ինչ կրնաս ընել իր գործին մէջ։ Ետքը, ծրագրէ զինք ուրախացնող բաներ ընել։ Եթէ լիովին ծառայես Եհովային եւ իրեն փառք բերես, շատ ուրախ պիտի ըլլաս։ Իրապէս ‘Տէրոջմով պիտի ուրախանաս, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները’ (Սաղ. 37։4)։ դ17.07 26 ¶15-18
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 22
Գովեցէք Տէրը. . . վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը (Սաղ. 147։1)։
Ընդհանրապէս կը գովենք այն անհատը, որ որոշ գործ մը լաւ ըրած է կամ գեղեցիկ յատկութիւն մը ցուցաբերած է։ Որքա՜ն աւելի կը մղուինք Եհովան գովելու։ Զինք կը գովենք իր մեծ զօրութեան համար, ինչպէս որ իր հոյակապ ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնենք։ Նաեւ զինք կը գովենք մեզի հանդէպ իր խոր սիրոյն համար, որուն պատճառով իր Որդին զոհեց մեզի համար։ 147–րդ սաղմոսը գրողը մղուեցաւ Եհովան գովելու։ Ան ուրիշներ ալ քաջալերեց որ իրեն հետ Աստուած գովաբանեն (Սաղ. 147։7, 12)։ Չենք գիտեր թէ ո՛վ գրեց 147–րդ սաղմոսը։ Սակայն գրողը հաւանաբար ապրեցաւ այն ժամանակ, երբ իսրայէլացիները բաբելոնական գերութենէն վերադարձան Երուսաղէմ (Սաղ. 147։2)։ Ան Եհովան փառաբանեց, քանի որ Իր ժողովուրդը անգամ մը եւս կրնային իրե՛նց երկրին մէջ պաշտել զինք։ Իսկ դուն ի՞նչ պատճառներ ունիս որ ըսես «Ալէլուիա՜», այսինքն՝ «Գովաբանեցէ՛ք Եահը» (Սաղ. 147։1. 104։35, ԱԾ, ստորանիշ)։ դ17.07 17 ¶1-3
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 23
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին (Ղուկ. 16։9)։
Յիսուս գիտէր թէ իր հետեւորդներուն մեծամասնութիւնը ապրուստ ճարելու դժուարութիւն պիտի ունենար այս անարդար աշխարհին մէջ։ Թէեւ ան չբացատրեց թէ ինչո՛ւ «անիրաւ» կոչեց դրամը, բայց Սուրբ Գիրքը կը յստակացնէ թէ վաճառականութիւնը Աստուծոյ նպատակին մաս չէր կազմեր։ Օրինակ, Եհովան Եդեմի պարտէզին մէջ պէտք եղածէն աւելի տուաւ Ադամին ու Եւային (Ծն. 2։15, 16)։ Յետագային, երբ Աստուած սուրբ հոգին տուաւ իր օծեալներուն, «անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին» (Գործք 4։32)։ Եսայի մարգարէն ըսաւ որ ժամանակ պիտի գայ, երբ բոլոր մարդիկը ձրիաբար պիտի վայելեն երկրին բերքը (Եսա. 25։6-9. 65։21, 22)։ Բայց մինչ այդ, Յիսուսին հետեւորդները պէտք պիտի ունենային որ «խելացութիւնով» վարուին։ Անոնք պէտք պիտի ունենային որ «անիրաւ մամոնայ»ով ապրուստ ճարեն, եւ միեւնոյն ատեն Աստուած հաճեցնեն (Ղուկ. 16։8)։ դ17.07 8 ¶4-6
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 24
Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ (Յոբ 1։12)։
Յոբ գիրքին մէջ, որ Աստուածաշունչին առաջին գիրքերէն է, Սատանան ըսաւ որ եթէ Յոբ շատ չարչարանք տեսնէ, հաւատարիմ պիտի չմնայ Աստուծոյ։ Սատանան նոյնիսկ Աստուծմէ՛ խնդրեց որ Յոբը տառապեցնէ։ Եհովան ասիկա չըրաւ, բայց թոյլ տուաւ որ Սատանան փորձէ Յոբը։ Շատ չանցած, Յոբ կորսնցուց իր ծառաները, իր բոլոր ունեցածը եւ իր տասը սիրելի զաւակները։ Սատանան անանկ մէկ ըրաւ, որ երեւի թէ Աստուած է բոլոր այս նեղութիւններուն պատճառը (Յոբ 1։13-19)։ Ետքը, ան Յոբին վրայ բերաւ գէշ եւ գանելի հիւանդութիւն մը (Յոբ 2։7)։ Ասիկա չի բաւեր, Յոբին կինը եւ երեք բարեկամները վիրաւորական խօսքեր ըսին իրեն (Յոբ 2։9. 3։11. 16։2)։ Սատանան իրաւունքո՞վ էր։ Ո՛չ։ Յոբ իր կռնակը չդարձուց Աստուծոյ (Յոբ 27։5)։ դ17.06 24 ¶9-10
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 25
Եթէ մէկը. . . իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է (Ա. Տիմ. 5։8)։
Եհովան տան գլուխին տուած է նիւթական գետնի վրայ ընտանիքին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ Ան ասոր մէջ շատ ջանք պէտք է թափէ։ Բայց այս օրերուն, աշխարհիկ գործը կրնայ մեծ մտահոգութիւն պատճառել։ Քանի որ գործ փնտռողները շատ են՝ բայց գործերը քիչ, մարդիկ իրարու հետ կը մրցին որ գործ գտնեն։ Շատեր կը զգան թէ պէտք է աւելի երկար աշխատին, նոյնիսկ եթէ աւելի քիչ վճարումով ըլլայ։ Գործատէրերը կը փորձեն աւելի ապրանք արտադրել՝ աւելի քիչ գործաւորներով, որուն պատճառով գործաւորները թերեւս ճնշուած զգան, չափէ դուրս յոգնին եւ նոյնիսկ հիւանդանան։ Այն գործաւորները որոնք իրենց վարպետին ուզածը ընելու պատրաստ չեն, կրնան իրենց գործը կորսնցնել։ Որպէս քրիստոնեաներ, Եհովային աւելի հաւատարիմ պէտք է ըլլանք, քան՝ մեր վարպետին (Ղուկ. 10։27)։ Աշխարհիկ գործը պարզապէս միջոց մըն է, որ մեր հիմնական պէտքերը ապահովենք եւ կարենանք ծառայել։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, գործը կրնայ մեզ հոգեւորապէս ետեւ տանիլ։ դ17.05 23 ¶5-7
Շաբաթ, հոկտեմբեր 26
Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ (Առ. 23։22)։
Երբեմն նորեկ մը թերեւս հասուն հրատարակիչէ մը խնդրէ, որ իրեն օգնէ իր զաւակներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու։ Երբ ծնողք մը մեզմէ խնդրէ որ Սուրբ Գիրքը սերտենք իր պզտիկին հետ, պէտք չէ փորձենք ծնողքին դերը առնել (Եփ. 6։1-4)։ Թերեւս ատեններ նոյնիսկ սերտենք պզտիկի մը հետ, որուն ծնողքը ճշմարտութեան մէջ չէ։ Պէտք է մտքերնիս պահենք, թէ ճիշդ է որ հոգեւորապէս կ’օգնենք պզտիկին, բայց անոր ծնողքին տեղը չենք առներ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ուսումնասիրութիւնը ընենք պզտիկին տունը՝ ծնողքին կամ ուրիշ հասուն քրիստոնեայի մը ներկայութեամբ, կամ ալ հանրային տեղ մը։ Այսպիսով, սխալ տպաւորութիւն չենք ձգեր։ Եւ թերեւս ժամանակի ընթացքին ծնողքը անձամբ սկսի պզտիկին սորվեցնել Եհովային մասին։ դ17.06 8 ¶15-16
Կիրակի, հոկտեմբեր 27
Եթէ իմաստը չգիտնամ. . . խօսողը ինծի օտարական մը պիտի ըլլայ (Ա. Կոր. 14։11)։
Եթէ զաւակները չզգան որ իրենց ծնողքին մշակոյթը իրե՛նց մշակոյթն է, թերեւս չուզեն անոնց լեզուն ե՛ւ կրօնքը սորվիլ։ Քրիստոնեայ ծնողներուն համար, իրենց զաւակներուն հոգեւոր պէտքերը աւելի կարեւոր են քան՝ իրենց նախընտրութիւնները (Ա. Կոր. 10։24)։ Սամուէլ անունով եղբայր մը կը պատմէ. «Կինս ու ես նայեցանք թէ մեր զաւակները ո՛ր լեզուով կը յառաջդիմեն ճշմարտութեան մէջ, եւ աղօթքով իմաստութիւն խնդրեցինք. . . երբ տեսանք որ անոնք շատ չեն օգտուիր մեր լեզուով եղող ժողովներէն, որոշեցինք տեղական լեզուն գործածող ժողովքին երթալ։ Կանոնաւորաբար կ’երթայինք ժողովներուն եւ ծառայութեան։ Նաեւ տեղական բարեկամներ կը հրաւիրէինք, որ մեզի հետ ճաշեն կամ պտոյտի երթան։ Բոլոր այս բաները մեր զաւակներուն օգնեցին, որ եղբայրներուն ծանօթանան եւ Եհովան ճանչնան որպէս իրենց Հայրն ու Բարեկամը, եւ ոչ թէ միայն որպէս իրենց Աստուածը։ Մեզի համար ասիկա աւելի կարեւոր էր քան՝ մեր լեզո՛ւն շատ լաւ գիտնալը»։ դ17.05 10 ¶11-13
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 28
Տէրը օրհնեցէ՛ք (Դատ. 5։2)։
Մօտ օրէն, երկիրը պիտի լեցուի այնպիսի մարդոցմով, որոնք կը նախընտրեն Եհովային իշխանութիւնը քան՝ ուրիշինը։ Կ’ուզենք որ այդ օրը մէկ վայրկեան առաջ գայ։ Կը զգանք Դեբօրային ու Բարակին պէս, որ երգեցին. «Քու բոլոր թշնամիներդ այսպէս թող կորսուին. իսկ զանիկա սիրողները իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան» (Դատ. 5։31)։ Ասիկա պիտի իրականանայ երբ Եհովան վերջ դնէ Սատանայի չար աշխարհին։ Երբ Արմագեդոն պատերազմը սկսի, մարդկային կամաւորներու պէտք պիտի չըլլայ թշնամին կործանելու համար։ Ժամանակը պիտի ըլլայ որ ‘կենանք, որպէս զի Տէրոջը մեզի ըրած փրկութիւնը տեսնենք’ (Բ. Մն. 20։17)։ Մինչ այդ, բազմաթիւ առիթներ ունինք որ քաջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ թիկունք կանգնինք Եհովային իշխանութեան։ Դեբօրան ու Բարակը իրենց յաղթանակի երգը սկսան Եհովան փառաբանելով եւ ոչ թէ մարդիկ։ Անոնք երգեցին. «Ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք» (Դատ. 5։1, 2)։ Այսօր ալ մեր կամաւոր ոգին կրնայ ուրիշը քաջալերել որ ‘Տէրը օրհնէ’։ դ17.04 32 ¶17-18
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 29
Հոս ալ բան մը չըրի որ զիս այս գուբը նետեն (Ծն. 40։15)։
Յովսէփ 13 տարի անարդարութեան զոհ գացած ատեն, բնա՛ւ կեանքէն չգանեցաւ, հակառակ որ չմոռցաւ իր քաշածները (Ծն. 45։5-8)։ Ամէնէն կարեւորը, ան չձգեց որ ուրիշներուն անկատարութիւնները եւ սխալները զինք հեռացնեն Եհովայէն։ Յովսէփին հաւատարմութիւնը իրեն առիթ տուաւ, որ տեսնէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի շտկէր անարդարութիւնները եւ օրհնէր զինք եւ իր ընտանիքը։ Մենք ալ պէտք է արժեւորենք եւ պահպանենք Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը։ Բնա՛ւ պէտք չէ ձգենք որ մեր եղբայրներուն անկատարութիւնները մեզ բաժնեն մեր Աստուծմէն, որ կը սիրենք եւ կը պաշտենք (Հռով. 8։38, 39)։ Երբ ժողովքին մէջ անարդարութեան զոհ երթանք, թող որ Յովսէփին պէս ա՛լ աւելի մօտենանք Եհովային եւ ունենանք Իր մտածելակերպը։ Երբ մեր ձեռքէն եկածը ընենք որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ լուծենք խնդիրը, պէտք է հարցը Եհովային վրայ ձգենք, վստահ ըլլալով որ իր յարմար ժամանակին եւ յարմար կերպով պիտի շտկէ զայն։ դ17.04 20 ¶12. 22 ¶15-16
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 30
Եթէ. . . քու աղախինիդ արու զաւակ մը տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ (Ա. Թագ. 1։11)։
Աննան ըրաւ ճիշդ ինչ որ Աստուծոյ ուխտած էր։ Ան Սամուէլը տարաւ Հեղի քահանայապետին, որ Սելովի խորանին մէջ կը ծառայէր, ու անոր ըսաւ. «Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ. անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ» (Ա. Թագ. 1։24-28)։ Այդ օրուընէ սկսեալ, Սամուէլ խորանին մէջ ապրեցաւ եւ «Տէրոջը առջեւ մեծցաւ» (Ա. Թագ. 2։21)։ Աննան շատ կը սիրէր իր տղան, բայց այլեւս չէր կրնար ամէն օր իրեն հետ ժամանակ անցընել։ Ան պիտի չտեսնէր անոր մեծնալը։ Երեւակայէ թէ ան որքա՜ն կ’ուզէր զինք գրկել, իրեն հետ խաղալ եւ զինք խնամել։ Բայց ան չզղջաց իր ըրած ուխտին համար, հապա պատրաստ էր իրեն համար կարեւոր եղող բաներ զոհելու, որպէսզի Աստուծոյ ըրած իր ուխտը կատարէր (Ա. Թագ. 2։1, 2. Սաղ. 61։1, 5, 8)։ դ17.04 4-5 ¶7-8
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 31
Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան (Բ. Տիմ. 3։1)։
Վերոնշեալ խօսքը ըսելէ ետք, Պօղոս առաքեալ շարունակեց հետեւեալը ըսել. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան» (Բ. Տիմ. 3։2-5, 13)։ Ասիկա մորթիդ վրայ զգացա՞ծ ես։ Այսպիսի վիճակներու ականատես եղա՞ծ ես։ Մեզմէ շատերու վնաս հասցուցած են չար մարդիկը, ինչպէս՝ անգութ ոճրագործներ, ցեղապաշտներ, եւ վայրագ անձեր, որոնք մարդու վրայ կը խնդան։ Անոնցմէ շատեր բացէ ի բաց գէշութիւններ կ’ընեն, իսկ ուրիշներ՝ դուրսէն լաւ կ’երեւին բայց իրականութեան մէջ գէշ բաներ կ’ընեն։ Նոյնիսկ եթէ այսպիսի մարդոց զոհ չենք գացած, տակաւին կ’ազդուինք անոնց ըրած վատ գործերէն։ Մեր սիրտը կը նեղուի, երբ կը լսենք թէ անոնք ինչպէս անխիղճ կերպով կը վարուին պզտիկներու հետ, ծերերու հետ եւ ուրիշ անպաշտպան անհատներու հետ։ Անոնք անասնական կամ դիւային կերպով կը վարուին (Յակ. 3։15)։ Ուրախ ենք որ Եհովա Աստուծոյ Խօսքը յոյս կու տայ մեզի։ դ17.04 10 ¶4