Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք19 էջ 108-118
  • Նոյեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նոյեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 1
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 2
  • Կիրակի, նոյեմբեր 3
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 4
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 5
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 6
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 7
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 8
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 9
  • Կիրակի, նոյեմբեր 10
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 11
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 12
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 13
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 14
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 15
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 16
  • Կիրակի, նոյեմբեր 17
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 18
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 19
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 20
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 21
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 22
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 23
  • Կիրակի, նոյեմբեր 24
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 25
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 26
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 27
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 28
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 29
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2019
աք19 էջ 108-118

Նոյեմբեր

Ուրբաթ, նոյեմբեր 1

Ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք (Տիտ. 2։12)։

Մեր անձը կրթելուն մէջ կ’իյնայ՝ մեր վարուելու եւ մտածելու կերպը զսպել։ Այս կարողութիւնը ի ծնէ չենք ունենար, հապա պէտք է զայն սորվինք ու զարգացնենք։ Երբ ծնողները իրենց պզտիկները համբերութեամբ մարզեն «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը», անոնց կ’օգնեն որ սորվին ինքզինքնին կրթել եւ իմաստուն ըլլալ (Եփ. 6։4)։ Նոյնն է պարագան այն անձերուն, որոնք կը սկսին Եհովան ճանչնալ ու իր արդար ճամբաները սորվիլ իրենց չափահաս տարիքին։ Ճիշդ է որ անոնք որոշ չափով սորված են իրենց անձը կրթել, սակայն սկիզբը հոգեւոր գետնի վրայ տակաւին հասուն չեն։ Բայց մինչ կը սորվին նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ եւ Յիսուս Քրիստոսին պէս ըլլալ, երթալէն աւելի հասուն կը դառնան (Եփ. 4։23, 24)։ Արդարեւ, ինքնակրթութիւնը մեծ դեր կը խաղայ այս յառաջդիմութեան մէջ։ դ18.03 29 ¶3-4

Շաբաթ, նոյեմբեր 2

Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք (Հռով. 12։13)։

Եհովա Աստուած եւ իր կազմակերպութիւնը մեզ կը հրաւիրեն, որ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ ըլլանք։ Կ’ուզենք որ մեր ժողովներուն եկող բոլոր անձերը հանգիստ զգան, մանաւանդ նորեկները (Հռով. 15։7)։ Անոնք ալ Եհովա Աստուծոյ հիւրերն են. ուրեմն, պէտք է հանգիստ զգալ տանք անոնց, ինչ ալ ըլլայ անոնց երեւոյթը, յարդարանքը կամ հագուածքը (Յակ. 2։1-4)։ Թագաւորութեան սրահին մէջ, եթէ նկատես որ նորեկ մը առանձին մնացած է, կրնա՞ս իրմէ խնդրել որ քովդ նստի։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ, երբ իրեն օգնես հասկնալու, թէ յայտագիրը ի՛նչ պիտի ըլլայ, եւ օգնես Սուրբ Գիրքի համարները բանալու։ Իրականութեան մէջ, ասիկա հոյակապ կերպ մըն է, որ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլանք’։ Երբ մեզի այցելեն ուրիշ ժողովքներէ դասախօսներ, շրջանային տեսուչներ եւ ատեններ՝ տեղական մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ, առիթ կ’ունենանք որ իրենց հանդէպ հիւրասէր գտնուինք (Գ. Յովհ. 5-8)։ Կրնա՞ս զանոնք հրաւիրել ճաշի կամ թեթեւ ուտելիքի տանդ մէջ։ դ18.03 15 ¶5, 7

Կիրակի, նոյեմբեր 3

Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ (Գործք 8։36)։

Նկատի առ Սօղոսին օրինակը։ Ան ծնաւ հրեայ ազգին մէջ, որ Աստուծոյ նուիրուած էր։ Թէեւ Աստուած մերժած էր զանոնք որպէս ազգ, քանի որ իրեն չհնազանդեցան, բայց Սօղոս կը հաւատար որ հրեաները տակաւին ճի՛շդ կերպով Աստուծոյ կը ծառայէին, եւ քրիստոնեաները կը հալածէր։ Սակայն օր մը, իրեն հետ անձամբ երկինքէն խօսեցաւ Յիսուս, որ յարութիւն առած էր՝ բայց Սօղոս կը կարծէր որ մեռած էր։ Սօղոս ի՞նչ ըրաւ։ Ան ընդունեց Անանիա աշակերտին օգնութիւնը եւ «ելաւ մկրտուեցաւ» (Գործք 9։17, 18. Գաղ. 1։14)։ Ան յետագային ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ։ Նկատէ թէ հազիւ որ հասկցաւ, թէ Աստուած իր կամքը կատարելու համար Յիսուսը կը գործածէ, առանց ուշանալու մկրտուեցաւ (Գործք 22։12-16)։ Ներկայիս, Աստուածաշունչի աշակերտներուն պարագան ալ նոյնն է, ըլլան տարիքով պզտիկ կամ մեծ։ դ18.03 5-6 ¶9-11

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 4

Չկրցայ խօսիլ ձեզի՝ որպէս հոգեւորներու, հապա որպէս մարմնաւորներու (Ա. Կոր. 3։1)։

Յակոբին կեանքը դիւրին չէր։ Իր հարազատ եղբայրը՝ Եսաւ, կ’ուզէր զինք մեռցնել։ Իսկ իր խարդախ աները կրկին անգամ կը փորձէր զինք շահագործել։ Բայց ‘մարմնաւոր’ մարդոցմով շրջապատուած ըլլալով հանդերձ, Յակոբ հոգեւոր մարդ էր (Ա. Կոր. 2։14-16)։ Ան հաւատք ունէր Աբրահամին տրուած խոստումին նկատմամբ, եւ լաւ հոգ տարաւ իր ընտանիքին, որ յատուկ դեր պիտի ունենար Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ (Ծն. 28։10-15)։ Յակոբ չձգեց, որ շուրջը եղող մարդոց մարմնաւոր կեցուածքը պատճառ դառնայ, որ Եհովային խոստումները մոռնայ։ Օրինակ, երբ զգաց թէ իր եղբայրը իրեն կը սպառնայ, Յակոբ Աստուծոյ ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս. . . Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ’» (Ծն. 32։6-12)։ Յստակ է որ ան կը հաւատար Եհովայի խոստումներուն եւ կը փափաքէր վարուիլ Աստուծոյ կամքին եւ նպատակին համաձայն։ դ18.02 20 ¶9-10

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 5

Կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ (Յոբ 1։8)։

Յոբ մեծ փոփոխութիւններէ անցաւ իր կեանքին մէջ։ Սկիզբը, ան «բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր» (Յոբ 1։3)։ Հարուստ, ճանչցուած եւ յարգուած էր (Յոբ 29։7-16)։ Բայց հակառակ ասոր, ան չմտածեց որ ուրիշներէն լաւ է կամ Աստուծոյ պէտք չունի։ Ասիկա գիտենք, քանի որ Եհովան զինք կոչեց «իմ ծառաս»։ Սատանան ետեւ–ետեւի յարձակեցաւ Յոբին վրայ, եւ ձգեց որ ան կարծէ թէ Աստուած է պատասխանատուն (Յոբ 1։13-21)։ Ետքը, երեք սուտ մխիթարիչներ եկան եւ Յոբին ծանր խօսքեր ըսին, ինչպէս՝ թէ ան չար անձ մըն է եւ Աստուած զինք կը պատժէ (Յոբ 2։11. 22։1, 5-10)։ Բայց Յոբ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Երբ փորձութիւնը վերջացաւ, Եհովան անոր առաջուան ունեցածին երկու անգամը տուաւ եւ իր կեանքը 140 տարի երկնցուց (Յակ. 5։11)։ Այդ ժամանակուան ընթացքին, Յոբ շարունակեց ամբողջ սրտով Աստուծոյ ծառայել։ դ18.02 6 ¶16. 7 ¶18

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 6

Մարդիկ պիտի ըլլան. . . ամբարտաւան, հպարտ. . . գոռոզ (Բ. Տիմ. 3։2, 4)։

Այդպիսի մարդիկ ամէն բանէ աւելի շատ կ’ուզեն ուրիշները հիացնել։ Ուսումնական մը հպարտ անհատներու մասին գրեց. «Անոր սրտին մէջ պզտիկ խորան մը կայ, ուր կը խոնարհի ինքն իր առջեւ»։ Ոմանք ըսած են որ հպարտութիւնը այնքան զզուելի բան մըն է, որ նոյնիսկ հպարտները չեն ախորժիր հպարտ անձերէ։ Եհովան կ’ատէ հպարտութիւնը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ նկարագրուած է որպէս «ամբարտաւան աչքեր» (Առ. 6։16, 17)։ Հպարտութիւնը չի ձգեր որ անհատը Աստուծոյ մօտենայ (Սաղ. 10։4)։ Ատիկա Սատանային յատկութիւնն է (Ա. Տիմ. 3։6)։ Ցաւօք սրտի, նոյնիսկ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք վարակուեցան հպարտութիւնով։ Օրինակ, Յուդայի Ոզիա թագաւորը տարիներով հաւատարիմ մնաց։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ յանցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ»։ Յետագային, հաւատարիմ Եզեկիա թագաւորն ալ հպարտացաւ, թէեւ ժամանակաւորապէս (Բ. Մն. 26։16. 32։25, 26)։ դ18.01 28 ¶4-5

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 7

Ձեզմէ ամէն մէկը իր քով թող դիզէ ինչ որ կրնայ (Ա. Կոր. 16։2)։

Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Եհովայի ժողովուրդը նուիրատուութիւններ տուաւ, Իր գործին թիկունք կանգնելու համար։ Ատեններ անոնք որոշ ծրագիրներու համար իրենց ունեցածէն տուին (Ել. 35։5. Դ. Թագ. 12։4, 5. Ա. Մն. 29։5-9)։ Առաջին դարուն, երբ քրիստոնեաները գիտցան որ Հրէաստանին մէջ սով կար եւ եղբայրները օգնութեան պէտք ունէին, ամէն մէկը որոշեց իր կարողութեան համեմատ եղբայրներուն օգնութիւն ղրկել (Գործք 11։27-30)։ Նուիրատուութիւնները տարբեր աղբիւրներէ եկան։ Առաջին դարուն, կարգ մը քրիստոնեաներ իրենց ունեցածները ծախեցին, ինչպէս՝ դաշտեր կամ տուներ, եւ դրամը առաքեալներուն բերին։ Առաքեալները այդ դրամները բաժնեցին պէտք ունեցողներուն (Գործք 4։34, 35)։ Ուրիշներ կանոնաւորաբար դրամ մէկ կողմ կը դնէին, որպէսզի զայն գործածէին Եհովայի գործին թիկունք կանգնելու։ Այսպիսով, թէ՛ մեծահարուստը եւ թէ շատ աղքատը կրնային բան մը տալ (Ղուկ. 21։1-4)։ դ18.01 18 ¶7. 19 ¶9

Ուրբաթ, նոյեմբեր 8

Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան (Եսա. 40։30)։

Նոյնիսկ եթէ շատ ձիրքեր ունինք, ամէն բան չենք կրնար ընել մե՛ր ուժով։ Բոլորս պէտք է ասիկա ըմբռնենք։ Թէեւ Պօղոս առաքեալ շատ մը բաներ կրնար ընել, բայց իր ամէ՛ն ուզածը չէր կրնար ընել։ Երբ իր հոգերը Աստուծոյ պատմեց, Աստուած իրեն ըսաւ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Պօղոս հասկցաւ կէտը, եւ ըսաւ. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ» (Բ. Կոր. 12։7-10)։ Ի՞նչ ըսել ուզեց։ Պօղոս անդրադարձաւ որ ամէն բան չէր կրնար ընել իր ուժով։ Ան պէտք ունէր իրմէ աւելի զօրաւոր անձի մը օգնութեան։ Աստուծոյ սուրբ հոգին կրնար Պօղոսին զօրութիւն տալ երբ տկար ըլլար։ Ասկէ աւելին, սուրբ հոգին կրնար Պօղոսին պէտք եղած զօրութիւնը տալ, որ ընէ բաներ, որոնք իր անձնական ուժովը չէր կրնար ընել։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Երբ Եհովան իր սուրբ հոգին մեզի տայ, իրապէս զօրաւոր պիտի ըլլանք։ դ18.01 9 ¶8-9

Շաբաթ, նոյեմբեր 9

Մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու (Բ. Տիմ. 3։15)։

Երբ զաւակդ կը փափաքի մկրտուիլ, կարդա՛ եւ սերտէ՛ այն նիւթերը, որ Եհովային կազմակերպութիւնը պատրաստած է ծնողներուն համար։ Ետքը, շեշտէ զաւակիդ թէ շատ լուրջ որոշում մըն է՝ Եհովային նուիրուիլն ու մկրտուիլը, բայց միեւնոյն ատեն բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ։ Որպէս ծնողք, ունիս այն կարեւոր պատասխանատուութիւնը եւ առանձնաշնորհումը, որ զաւակներդ մեծցնես «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Ասիկա ընելու համար չի բաւեր միայն զաւակներուդ սորվեցնես Սուրբ Գիրքին ըսածները, հապա նաեւ պէտք է անոնց օգնես, որ համոզուին իրենց սորվածներուն։ Անոնք այնքա՛ն զօրաւոր համոզում պէտք է ունենան, որ մղուին Եհովային նուիրուելու եւ սրտանց իրեն ծառայելու։ Կը մաղթենք որ Եհովային Խօսքը, սուրբ հոգին եւ ջանքերդ օգնեն զաւակներուդ որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու’։ դ17.12 22 ¶17, 19

Կիրակի, նոյեմբեր 10

Օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս (Դան. 12։13)։

Դանիէլ գրեթէ 100 տարեկան էր եւ իր կեանքին վերջաւորութեան կը հասնէր։ Արդեօք Դանիէլ դարձեալ պիտի ապրէ՞ր։ Անշո՛ւշտ։ Դանիէլ գիրքին վերջաւորութեան գրուած է, թէ Աստուած ի՛նչ խոստացաւ իրեն. «Դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս»։ Ծեր Դանիէլը գիտէր որ մեռելները կը հանգչին եւ թէ ‘խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ գերեզմանին մէջ’, ուր մօտ ատենէն պիտի երթար (Ժող. 9։10)։ Բայց ասանկով պիտի չվերջանար ամէն բան. Եհովան իր ապագային նկատմամբ հոյակապ խոստում մը տուաւ իրեն։ Եհովային հրեշտակը իրեն ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը։ Դանիէլ չէր գիտեր թէ ասիկա ճիշդ երբ պիտի պատահէր։ Ան հասկցաւ որ պիտի մեռնէր ու հանգչէր։ Բայց երբ լսեց այս խոստումը՝ «քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս», հասկցաւ որ յարութիւն պիտի առնէ ապագային։ Ասիկա տեղի պիտի ունենար իր մահէն երկար ժամանակ ետք՝ «օրերուն վերջը»։ դ17.12 7 ¶17-18

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 11

Մարդ մը մեռցնելու համար՝ միայն մէկ հոգիի վկայութիւնը բաւական չէ (Թւ. 35։30)։

Եհովան իսրայէլացի ծերերուն պատուիրեց, որ իր արդարութիւնը ընդօրինակեն։ Նախ, ծերերը պէտք էր բոլոր իրողութիւնները հաստատէին։ Նաեւ պէտք էր նկատի առնէին մեռցնողին շարժառիթը, կեցուածքը եւ նախկին վարքն ու բարքը, որպէսզի որոշէին թէ պէտք է ողորմին կամ ոչ։ Անոնք պէտք էր մէջտեղ հանէին, որ փախստականը ինչո՛ւ մարդ մեռցուց. զինք կ’ատէ՞ր եւ իր նպատա՞կն էր մեռցնել (Թւ. 35։20-24)։ Իսկ որպէսզի մեռցնողին յանցաւոր ըլլալը փաստուէր, պէտք էր առնուազն երկու վկաներ իրեն դէմ վկայութիւն տային։ Գիտնալէ ետք թէ ճիշդ ի՛նչ պատահած էր, ծերերը պէտք էր ոչ միայն պատահածը նկատի առնէին, այլ նաեւ փախստականին ինչպիսի անձ մը ըլլալը։ Պէտք էր խորատես ըլլային, այսինքն՝ կարենային հարցին խորը տեսնել, ոչ միայն դուրսէն երեւցածը։ Ամէնէն աւելի, անոնք սուրբ հոգիին պէտք ունէին, որպէսզի կարենային Եհովային նմանիլ. խորատեսութեամբ, ողորմութեամբ եւ արդարութեամբ վարուիլ (Ել. 34։6, 7)։ դ17.11 16 ¶13-14

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 12

Ատոնց վրայ խորհէ (Ա. Տիմ. 4։15)։

Երբ սկսանք Սուրբ Գիրքը սերտել, կարգ մը հոյակապ ճշմարտութիւններ սորվեցանք, ինչպէս՝ Եհովան մեր Ստեղծիչն է եւ նպատակ մը ունի մարդկութեան համար. Աստուած սէրէ մղուած զոհեց իր Որդին, որպէսզի ազատուինք մեղքէն ու մահէն. իր Թագաւորութիւնը պիտի վերցնէ բոլոր չարչարանքները եւ պիտի կարենանք երկրի վրայ ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ ապրիլ յաւիտեան (Յովհ. 3։16. Յայտ. 4։10բ. 21։3, 4)։ Թերեւս ատեն–ատեն որոշ մարգարէութեան մը կամ համարի մը բացատրութիւնը փոխուի։ Այսպիսի պարագաներու, կարեւոր է որ ժամանակ տրամադրենք, որ տեղեկութիւնները բծախնդրութեամբ նկատի առնենք եւ ատոնց վրայ խոկանք (Գործք 17։11)։ Չի բաւեր միայն մեծ փոփոխութիւնները լաւ հասկնանք, հապա նաեւ պէտք է հին եւ նոր հասկացողութեան միջեւ եղած պզտիկ տարբերութիւններն ալ լաւ հասկնանք։ Այսպիսով, վստահ կ’ըլլանք որ նոր ճշմարտութիւնը մեր գանձին մէկ մասը դառնայ։ դ17.06 12 ¶15-16

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 13

Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը (Կող. 3։5)։

Պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք, երբ գտնուինք պարագայի մը մէջ, որ կրնայ պատճառ դառնալ որ Եհովային բարոյական չափանիշներուն չհնազանդինք։ Օրինակ՝ իմաստութիւն է որ այն զոյգերը որ սկսած են մօտէն ճանչնալ իրար, սկիզբէն սահմաններ դնեն որոշ բաներու մէջ, ինչպէս՝ համբուրել, դպչիլ կամ երկուքը առանձին մնալ (Առ. 22։3)։ Ուրիշ բարոյապէս վտանգաւոր պարագաներ ալ կրնան պատահիլ, ինչպէս՝ երբ անհատ մը գործով ճամբորդէ կամ երբ հակառակ սեռի պատկանող անձի մը հետ կ’աշխատի (Առ. 2։10-12, 16)։ Շատ աւելի վտանգի մէջ կ’ըլլանք, երբ ընկճուած կամ միայնակ կը զգանք։ Թերեւս նոյնիսկ այնքան յուսահատ զգանք, որ եթէ մէկը մեզի հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցնէ՝ ընդունինք, չնայած թէ ով է։ Եթէ ասիկա պատահի քեզի, Եհովայէն եւ եղբայրներէն–քոյրերէն օգնութիւն խնդրէ (Սաղ. 34։18. Առ. 13։20)։ դ17.11 26 ¶4-5

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 14

Ապաստանի քաղաքները ձեզի համար որոշեցէք (Յես. 20։2)։

Իսրայէլի մէջ Եհովան լուրջի կ’առնէր բոլոր մարդասպանութիւնները։ Երբ մէկը դիտմամբ անհատ մը մեռցնէր, պէտք էր սպաննուէր՝ մեռնողին ամէնէն մօտիկ ազգականին կողմէ, որ կը կոչուէր «արեան վրէժխնդիրը» (Թւ. 35։19)։ Այսպիսով, մարդասպանը իր կեանքով կը վճարէր անմեղ անհատին կեանքին գինը։ Եթէ մարդասպանը շուտով չմեռցուէր, Աւետեաց երկիրը կրնար պղծուիլ եւ սուրբ չմնալ, քանի որ Եհովան պատուիրեց. «Ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանզի արիւնը [թափելը] կը պղծէ երկիրը» (Թւ. 35։33, 34)։ Իսկ երբ իսրայէլացի մը պատահմամբ մէկը մեռցնէր, ողորմութեամբ կը վարուէին իրեն հետ, հակառակ որ տակաւին յանցաւոր էր որ անմեղ արիւն թափեց (Ծն. 9։5)։ Ան կրնար ապաստանի վեց քաղաքներէն մէկը փախչիլ եւ հոն պաշտպանուած ըլլալ։ Ապաստանի քաղաքին մէջ պէտք էր մնար մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր (Թւ. 35։15, 28)։ դ17.11 9 ¶3-5

Ուրբաթ, նոյեմբեր 15

Անարգանքը ծածկողը խելացի է (Առ. 12։16)։

Աւստրալիայէն քոյր մը կը պատմէ. «Կեսրայրս ճշմարտութեան շատ հակառակ էր։ Առաջ որ իրեն հեռաձայնէինք, ամուսինս ու ես աղօթքով Եհովայէն կը խնդրէինք, որ մեզի օգնէ ջղայնութեամբ չպատասխանելու, երբ ան բարկութեամբ խօսի։ Կ’որոշէինք որ որքա՛ն ժամանակ պիտի խօսինք, որպէսզի առիթ չտանք երկար խօսակցութիւններու, որոնք ընդհանրապէս դուռ կը բանան տաք խօսակցութեան կրօնքի մասին»։ Ազգականներուդ հետ անհամաձայն ըլլալը կրնայ քեզի յանցաւոր զգացնել, քանի որ զիրենք կը սիրես եւ միշտ փորձած ես զիրենք ուրախ պահել։ Սակայն ջանա՛ աւելի առաջ դնել Եհովային հանդէպ հաւատարմութիւնդ քան՝ ընտանիքիդ հանդէպ սէրդ։ Ասիկա կրնայ իրենց օգնել որ տեսնեն, թէ Սուրբ Գիրքին ըսածները գործադրելը մահու կենաց հարց է։ Ամէն պարագայի, չես կրնար ուրիշները ստիպել որ ճշմարտութիւնը ընդունին։ Բայց կրնաս ապրելակերպովդ ուրիշներուն ցուցնել, որ Եհովային ըսածներուն հետեւիլը ի՛նչ օգուտներ ունի։ Մեր սիրալիր Աստուածը անոնց առիթ կու տայ, որ ընտրեն թէ իրեն պիտի ծառայեն կամ ոչ, ճիշդ ինչպէս որ մեզի ալ կու տայ այս առիթը (Եսա. 48։17, 18)։ դ17.10 15-16 ¶15-16

Շաբաթ, նոյեմբեր 16

Ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով (Ա. Յովհ. 3։18)։

Մենք միա՛յն խօսքով պէտք չէ սիրենք, հապա՝ երբ պէտք ըլլայ, գործով պէտք է ցուցնենք մեր սէրը։ Օրինակ, երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը բաւարար ուտելիք կամ հագուելիք չունենան, ազնիւ խօսքերը փոր չեն կշտացներ (Յակ. 2։15, 16)։ Նմանապէս, քանի որ կը սիրենք Եհովան եւ մեր ընկերը, ոչ միայն կ’աղօթենք որ ան «մշակներ հանէ իր հունձքին», հապա նաեւ անձամբ շատ ջանք կ’ընենք որ քարոզենք (Մատ. 9։38)։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ որ պէտք է «գործով ու ճշմարտութիւնով» սիրենք։ Ուրեմն, պէտք է մեր սէրը «առանց կեղծաւորութեան» եւ «անկեղծ» ըլլայ (Հռով. 12։9. Բ. Կոր. 6։6)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ եթէ դուրսէն բան մը կը ձեւացնենք՝ բայց ներսէն ուրիշ բան մըն ենք, ասիկա հարազատ սէր չէ եւ անարժէք է։ Կեղծաւորութեամբ սիրել ըսուած բան մը չկայ։ դ17.10 8 ¶5-6

Կիրակի, նոյեմբեր 17

Գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ. . . այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես (Յես. 1։8)։

Եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի ազդէ, պէտք է կանոնաւորաբար կարդանք զայն։ Պէտք է ջանանք ամէն օր կարդալ զայն։ Մեր մեծամասնութիւնը շատ զբաղած կեանք ունի, բայց պէտք չէ ձգենք որ բան մը,– մէջը ըլլալով մեր պատասխանատուութիւնները,– արգելք ըլլայ որ Սուրբ Գիրքը կարդանք (Եփ. 5։15, 16)։ Եհովայի ժողովուրդէն շատեր կը հնարեն կերպեր, որպէսզի Սուրբ Գիրքը կարդալու ժամանակ ունենան, ըլլայ առտուն, իրիկունը կամ օրուան ընթացքին։ Անոնք սաղմոսերգուին պէս կը զգան, որ գրեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս» (Սաղ. 119։97)։ Բայց պարզապէս Սուրբ Գիրքը կարդալը բաւարար չէ. կարեւոր է որ մեր կարդացածին վրայ խոկանք (Սաղ. 1։1-3)։ Միայն այդ ժամանակ է որ պիտի կարենանք ատոր իմաստութիւնը լաւագոյն կերպով գործադրել մեր կեանքին մէջ։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք,– ըլլայ տպուած կամ ելեկտրոնային,– մեզի համար պարզապէս թուղթ ու մելան պէտք չէ ըլլայ, հապա պէտք է մեր սրտին դպչի։ դ17.09 24 ¶4-5

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 18

Ամէնքդ. . . եղէք կարեկից (Ա. Պետ. 3։8)։

Միշտ տեղին չէ գթասրտութեամբ վարուիլ։ Օրինակ, առիթով մը Եհովան Սաւուղին ըսաւ որ բոլոր ամաղեկացիները եւ անոնց անասունները մեռցնէ։ Ան չմեռցուց Ագագը, որ ամաղեկացիներուն թագաւորը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամին էր։ Սաւուղ թերեւս կարծեց որ գթասրտութեամբ վարուեցաւ, բայց իր ըրածը անհնազանդութիւն էր։ Այս պատճառով, Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր (Ա. Թագ. 15։3, 9, 15)։ Անշուշտ Եհովան արդար Դատաւորն է։ Ան կրնայ մարդոց սիրտը կարդալ ու գիտէ թէ ե՛րբ գթասրտութիւն ցոյց տալը տեղին չէ (Ող. 2։17. Եզեկ. 5։11)։ Մօտ ատենէն, ան մէջտեղէն պիտի վերցնէ բոլոր անոնք, որոնք չեն ուզեր իրեն հնազանդիլ (Բ. Թես. 1։6-10)։ Այդ ժամանակ, ան գթասրտութեամբ պիտի չվարուի չարերուն հետ։ Ընդհակառակը, զանոնք բնաջնջելով գթասրտութեամբ վարուած պիտի ըլլայ արդարներուն հետ, որ պիտի ազատէ։ Անշուշտ, մեր գործը չէ դատել, թէ մարդիկ պէտք է ապրի՛ն կամ մեռնին։ Փոխարէնը, պէտք է հիմա մեր ամէն կարելին ընենք որ մարդոց օգնենք։ դ17.09 10-11 ¶10-12

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 19

Հոգիին պտուղը այս է. . . ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։

Ժուժկալութիւնը աստուածային յատկութիւն մըն է։ Եհովան կատարեալ ժուժկալութիւն ունի, բայց մենք կը պայքարինք որ ժուժկալ ըլլանք, քանի որ անկատար ենք։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս՝ մարդոց շատ մը խնդիրներուն պատճառը ժուժկալութեան պակասն է։ Անժուժկալ ըլլալը կրնայ պատճառ դառնալ որ մէկը կարեւոր բաները յետաձգէ, կամ շատ յաջող չըլլայ դպրոցին կամ գործին մէջ։ Նաեւ ատոր արդիւնքները կրնան ըլլալ՝ խօսքով վիրաւորել, գինովնալ, վայրագութիւն, ամուսնալուծում, անտեղի պարտք ընել, մոլութիւն, բանտարկութիւն, զգացական ցաւ, սեռային յարաբերութեամբ փոխանցուող հիւանդութիւն, անփափաքելի յղութիւն, եւ ուրիշ շատ մը բաներ (Սաղ. 34։11-14)։ Եւ երկար տարիներէ ի վեր, մարդիկ երթալէն աւելի քիչ ժուժկալ կը դառնան։ Բայց ասիկա պէտք չէ զարմացնէ մեզ, քանի որ Սուրբ Գիրքը մարգարէացած էր որ «վերջին օրեր»ուն փաստերէն մէկը պիտի ըլլար, թէ մարդիկ «անժուժկալ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1-3)։ դ17.09 3 ¶1-2

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 20

Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը. . . պիտի պահպանէ (Փլպ. 4։7)։

Երբ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կ’ունենանք, մեր սիրտն ու միտքը հանգիստ կ’ըլլան, գիտնալով որ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ որ յաջողինք (Ա. Պետ. 5։10)։ Ասիկա մեզ կը պաշտպանէ, չձգելով որ մտահոգութիւններուն կամ յուսահատութեան մէջ թաղուինք։ Մօտ ատենէն, մեծ նեղութիւնը պիտի գայ բոլոր մարդոց վրայ (Մատ. 24։21, 22)։ Չենք գիտեր թէ այդ ժամանակ ճիշդ ի՛նչ պիտի պատահի ամէն մէկուս, բայց պէտք չունինք չափէ դուրս մտահոգուելու։ Ճիշդ է որ չենք գիտեր ամէն ինչ որ Եհովան պիտի ընէ, բայց մեր Աստուծոյն ով ըլլալը գիտենք։ Անցեալի իր ըրածներէն գիտենք որ ինք միշտ իր նպատակը պիտի իրագործէ ի՛նչ ալ պատահի։ Եւ ան ատեններ ասիկա չակնկալուած կերպով կ’ընէ։ Ամէն անգամ որ Եհովան այսպէս վարուի, առիթը կ’ունենանք որ նոր կերպով զգանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ դ17.08 12 ¶16-17

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 21

Համբերո՛ղ եղէք. . . մինչեւ Տէրոջը գալուստը (Յակ. 5։7)։

«Մինչեւ ե՞րբ»։ Եսայի եւ Ամբակում հաւատարիմ մարգարէները այս հարցումը հարցուցին (Եսա. 6։11. Ամբ. 1։2)։ Իսկ երբ Յիսուս տեսաւ թէ իր շուրջի մարդիկը հաւատք չունին, նոյն հարցումը հարցուց (Մատ. 17։16)։ Ներկայիս, թերեւս մենք ալ ատեններ այս հարցումը հարցնենք։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս անարդար բան մը պատահած է մեզի։ Կամ կրնայ ըլլալ որ հիւանդ ենք կամ տարիքով կը մեծնանք։ Թերեւս սթրես կը զգանք, «չար ժամանակներ»ու մէջ ապրելով (Բ. Տիմ. 3։1)։ Կամ թերեւս մեր շուրջիններուն սխալ մտածելակերպը մեր հոգեկանը կը յոգնեցնէ։ Ինչ ալ ըլլայ մեր պարագան, շատ քաջալերական է գիտնալ, թէ անցեալին՝ Եհովային հաւատարիմ ծառաները ազատօրէն այս հարցումը հարցուցին, եւ Եհովան չմեղադրեց զանոնք։ Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ երբ այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ ըլլանք։ Յակոբոս կը պատասխանէ այս օրուան համարին մէջ։ դ17.08 3-4 ¶1-3

Ուրբաթ, նոյեմբեր 22

Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք (Ղուկ. 16։9)։

Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, որ «անիրաւ մամոնայ»ով երկինքին մէջ բարեկամներ ընեն։ Օրինակ, մեր նիւթական բաներով մեր հաւատարմութիւնը փաստելու համար, կրնանք նուիրատուութիւններ ընել համաշխարհային քարոզչութեան գործին համար, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ (Մատ. 24։14)։ Հնդկաստանի մէջ աղջնակ մը պզտիկ գանձանակ ունէր, որուն մէջ դրամ կը դնէր։ Ան նոյնիսկ խաղալիք չէր գներ, որպէսզի անոր գինը գանձանակը դնէ։ Երբ գանձանակը լեցուեցաւ, ան դրամը տուաւ որ քարոզչութեան գործին համար գործածուի։ Նաեւ Հնդկաստանի մէջ եղբայր մը, որ հնդկընկոյզի պարտէզ ունի, մեծ թիւով հնդկընկոյզներ նուիրեց մալայալամ լեզուի թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակին։ Ան մտածեց թէ փոխանակ գրասենեակը հնդկընկոյզ գնէ, ինք հնդկընկոյզը ուղղակի նուիրելով՝ դրամ տալէն աւելի օգնած պիտի ըլլայ իրենց։ Ասիկա գործնական իմաստութիւն է։ Նմանապէս, Յունաստանի մէջ եղբայրներ միշտ ձիթապտուղի իւղ, պանիր եւ ուրիշ ուտելիքներ կը նուիրեն Բեթէլի ընտանիքին։ դ17.07 8 ¶7-8

Շաբաթ, նոյեմբեր 23

Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն (Սաղ. 137։3)։

Բաբելոնի մէջ հրեաներուն սիրտը չէր ուզեր երգել։ Անոնց սիրտը կոտրած էր եւ մխիթարութեան պէտք ունէին։ Բայց Եհովան օգնեց իր ժողովուրդին, ճիշդ ինչպէս որ իր մարգարէական խօսքը ըսած էր։ Ինչպէ՞ս։ Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնին յաղթեց եւ յայտարարեց. «Երկնքի Եհովա Աստուածը. . . ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ ու թող մեկնի» (Բ. Մն. 36։23)։ Ասիկա որքա՜ն մխիթարած ըլլալու էր Բաբելոնի մէջ եղող իսրայէլացիները։ Եհովան մխիթարեց ոչ միայն իսրայէլ ազգը որպէս խումբ, այլ նաեւ ամէն մէկ անձ։ Ան նոյն բանը այսօր ալ կ’ընէ, «սրտով կոտրածները կը բժշկէ ու անոնց խոցերը կը փաթթէ» (Սաղ. 147։3)։ Եհովան ֆիզիքական կամ զգացական խնդիր ունեցողներով հետաքրքրուած է։ Սրտանց կ’ուզէ մեզ մխիթարել եւ մեր զգացական վէրքերը բուժել (Սաղ. 34։18. Եսա. 57։15)։ Ան իմաստութիւն եւ զօրութիւն կու տայ մեզի, որպէսզի կարենանք գլուխ ելլել որեւէ խնդիրի հետ (Յակ. 1։5)։ դ17.07 18 ¶4-5

Կիրակի, նոյեմբեր 24

Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ (Ղուկ. 12։34)։

Եհովան տիեզերքին ամէնէն հարուստ Անձն է (Ա. Մն. 29։11, 12)։ Սակայն ան առատաձեռն է։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ մեզի տուած է հոգեւոր գանձեր, ինչպէս՝ 1) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, 2) մեր ծառայութիւնը եւ 3) իր Խօսքին մէջ եղող թանկագին ճշմարտութիւնները։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք ատոնց արժէքը մոռնալ եւ նոյնիսկ մէկ կողմ դնել զանոնք։ Ասոր համար, պէտք է լաւ գործածենք զանոնք եւ միշտ զօրացնենք ատոնց հանդէպ մեր սէրը։ Մեզմէ շատեր իրենց կեանքը արմատէն փոխած են, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակը դառնան (Հռով. 12։2)։ Բայց պայքարը հոս չի վերջանար։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ ո՛չ մէկ բան տկարացնէ Թագաւորութեան հանդէպ մեր սէրը, մէջը ըլլալով՝ նիւթական բաներ ունենալու ցանկութիւնը եւ անբարոյ ցանկութիւնները (Առ. 4։23. Մատ. 5։27-29)։ դ17.06 9 ¶1. 10 ¶7

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 25

Գիտե՞ս (Յոբ 38։21)։

Ո՛չ մէկ տեղ նշուած է որ Աստուած Յոբին բացատրեց թէ ինչո՛ւ կը չարչարուէր։ Աստուած պէտք չունէր ինքզինք արդարացնելու։ Ան ուզեց օգնել Յոբին որ հասկնայ, թէ որքա՜ն աննշան է Աստուծոյ հետ բաղդատած, եւ տեսնէ թէ իր խնդիրներէն աւելի կարեւոր հարցեր կան (Յոբ 38։18-20)։ Ասիկա Յոբին օգնեց իր մտածելակերպը փոխելու։ Արդեօք Յոբին բոլոր քաշածներուն կողքին Աստուծոյ ըսածները խի՞ստ էին։ Ո՛չ, եւ Յոբն ալ այդպէս չզգաց։ Ան հասկցաւ եւ գնահատեց Եհովային խրատը, եւ նոյնիսկ ըսաւ. «Իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ Եհովային խրատը ճակատէն կը զարնէր, բայց միեւնոյն ատեն թարմացուցիչ էր (Յոբ 42։1-6)։ Յոբ Աստուծոյ խրատը մտիկ ըրաւ եւ ճիշդ անկիւնէ սկսաւ դիտել հարցը։ Եհովան տեսաւ թէ Յոբ փոխուած է եւ միւսներուն գիտցուց, թէ Յոբին հաւատարմութիւնը զինք կ’ուրախացնէր (Յոբ 42։7, 8)։ դ17.06 24-25 ¶11-12

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 26

Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի (Ղուկ. 10։42)։

Որպէսզի գիտնանք թէ մեր կեանքին մէջ գործը եւ հոգեւոր պատասխանատուութիւնները ամէն մէկը իր տեղը ունի՛ կամ ոչ, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ինծի համար, աշխարհիկ գործս հետաքրքրական եւ հաճելի՞ է, մինչ հոգեւոր բաները՝ պարզ կամ սովորական’։ Ասոր մասին մտածելը մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք, թէ ամէնէն շատ ի՛նչ կը սիրենք։ Յիսուս սորվեցուց թէ ի՛նչ բան պէտք է առաջին տեղը ըլլայ մեր կեանքին մէջ։ Անգամ մը, Յիսուս Մարիամին եւ անոր քրոջ Մարթային տունը այցելեց։ Մարթան մէկ կտոր սկսաւ ճաշ պատրաստել, մինչ Մարիամ Յիսուսի ոտքերուն քով նստելով իրեն մտիկ ըրաւ։ Երբ Մարթան գանգատեցաւ որ Մարիամ իրեն չէր օգներ, Յիսուս իրեն ըսաւ այս օրուան համարին խօսքերը (Ղուկ. 10։38-42)։ Այսպիսով, Յիսուս կարեւոր դաս մը սորվեցուց։ Որպէսզի աշխարհիկ բաները հոգեւոր բաներուն տեղը չառնեն եւ որպէսզի փաստենք որ կը սիրենք Քրիստոսը, պէտք է «աղէկ բաժինը» ընտրենք, այսինքն՝ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնենք։ դ17.05 24 ¶9-10

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 27

Քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ (Առ. 1։8)։

Եհովան զաւակները ճշմարտութեան մէջ մեծցնելու առանձնաշնորհումը տուած է ծնողներուն, եւ ոչ թէ մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն կամ ուրիշներուն (Առ. 31։10, 27, 28)։ Բայց այն ծնողները որոնք տեղական լեզուն չեն գիտեր, կրնայ ըլլալ որ օգնութեան պէտք ունենան։ Երբ ծնողները ուրիշէն օգնութիւն խնդրեն, իրենց հոգեւոր պատասխանատուութիւնը անտեսած չեն ըլլար, հապա՝ ասիկա կ’օգնէ որ իրենց զաւակները ‘մեծցնեն Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը’ (Եփ. 6։4)։ Օրինակ, ծնողները կրնան երէցներէն առաջարկներ խնդրել, թէ ինչպէ՛ս ընտանեկան պաշտամունքը վարեն, եւ օգնութիւն՝ իրենց զաւակներուն լաւ բարեկամներ գտնելու։ Նաեւ, անոնք ատեն–ատեն կրնան ուրիշ ընտանիքներ հրաւիրել իրենց ընտանեկան պաշտամունքին։ Ասկէ զատ, շատ մը պատանիներ լաւ կ’ազդուին հոգեւոր անձերէ, երբ անոնց հետ ծառայութեան ելլեն եւ միասին ժամանակ անցընեն (Առ. 27։17)։ դ17.05 11-12 ¶17-18

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 28

Եգիպտոս փախիր (Մատ. 2։13)։

Երբ Եհովային հրեշտակը Յովսէփին զգուշացում տուաւ, որ Հերովդէս թագաւորը կ’ուզէր Յիսուսը սպաննել, Յիսուս եւ իր ծնողքը գաղթեցին Եգիպտոս։ Անոնք հոն մնացին մինչեւ որ Հերովդէս մահացաւ (Մատ. 2։14, 19-21)։ Տարիներ ետք, Յիսուսին աշակերտները «ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ», քանի որ հալածանք կար (Գործք 8։1)։ Յիսուս գիտէր թէ իր հետեւորդներէն շատեր ստիպուած պիտի ըլլային իրենց տունը ձգել։ Ան ըսաւ. «Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք» (Մատ. 10։23)։ Այս եղած է հազարաւոր Եհովայի վկաներու պարագան։ Շատեր կորսնցուցած են իրենց սիրելիները եւ գրեթէ ամէն ինչ որ ունէին։ Ոմանք վտանգներու առջեւ կ’ըլլան, երբ կը փախչին կամ գաղթակայանի մը մէջ կ’ապրին, ուր մարդիկ խմիչք կը խմեն, բախտախաղ կը խաղան, կը գողնան եւ անբարոյ են։ Այսուհանդերձ, Վկաները դրական մնալու համար ինքզինքնին յիշեցուցին, որ մինչեւ վերջ գաղթակայանին մէջ պիտի չմնան, ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները մինչեւ վերջ անապատին մէջ չմնացին (Բ. Կոր. 4։18)։ դ17.05 3-4 ¶2-5

Ուրբաթ, նոյեմբեր 29

Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ (Սաղ. 119։165)։

Թերեւս զգաս թէ ժողովքին մէջ անարդարութեան զոհ գացիր՝ դուն կամ ուրիշ մէկը։ Ասիկա քիչ կը պատահի, բայց եթէ պատահի՝ մի՛ գայթակղիր։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ հաւատարիմ մնա՛, իրմէ օգնութիւն խնդրէ եւ իրեն վստահէ։ Միտքդ պահէ որ թերեւս անկատարութեանդ պատճառով սխալ հասկցած ես հարցը եւ բոլոր իրողութիւնները չես գիտեր։ Մի՛ բամբասեր, քանի որ եթէ բամբասես՝ հարցը աւելի գէշ պիտի ընես։ Վերջապէս, փոխանակ հարցը ձեռքդ առնելու, ամէն ջանքդ ըրէ որ հաւատարիմ մնաս եւ համբերես՝ մինչեւ որ Եհովան հարցերը շտկէ։ Այսպիսով, Եհովային հաճութիւնն ու օրհնութիւնը պիտի վայելես։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան՝ «բոլոր երկրի Դատաւորը», մի՛շտ ճիշդը պիտի ընէ, քանի որ «անոր բոլոր ճամբաները արդար են» (Ծն. 18։25. Բ. Օր. 32։4)։ դ17.04 22 ¶17

Շաբաթ, նոյեմբեր 30

Թող ամբարիշտը իր ճամբայէն. . . հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր (Եսա. 55։7)։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց՝ որոնք չեն ուզեր փոխուիլ եւ կը շարունակեն այս դրութեան թիկունք կանգնիլ մինչեւ մեծ նեղութիւնը։ Եհովան խոստացած է բոլոր չար մարդիկը մէջտեղէն վերցնել (Սաղ. 37։10)։ Չարերը կը կարծեն որ այս դատաստանէն կրնան փախչիլ։ Անոնցմէ շատեր սորված են իրենց գէշութիւնները ծածկել, եւ այս աշխարհին մէջ՝ անոնք ընդհանրապէս չեն պատժուիր (Յոբ 21։7, 9)։ Բայց Սուրբ Գիրքը մեզի կը յիշեցնէ. «[Աստուծոյ] աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն։ Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝ որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին» (Յոբ 34։21, 22)։ Մէկը չի կրնար Եհովա Աստուծմէ պահուըտիլ կամ իր վրայ խնդալ։ Աստուած ամէն տեղ կը տեսնէ, որքան ալ մութ ըլլայ. ան ամէն ինչի իրականութիւնը կը տեսնէ։ Արմագեդոնէն ետք պիտի նայինք ուր որ չար կար, բայց մէկը պիտի չգտնենք։ Անոնք յաւիտեան կործանած պիտի ըլլան (Սաղ. 37։12-15)։ դ17.04 10 ¶5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել