Դեկտեմբեր
Կիրակի, դեկտեմբեր 1
Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու (Ա. Պետ. 4։9)։
Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մարդիկ ընդհանրապէս հիւրասիրութիւն կը ցուցնէին՝ ճաշի հրաւիրելով ուրիշները (Ծն. 18։1-8. Դատ. 13։15. Ղուկ. 24։28-30)։ Ասիկա կը յայտնէր որ անոնք կ’ուզէին բարեկամանալ եւ խաղաղութիւն ունենալ իրարու հետ։ Մեր գլխաւոր հիւրերը որո՞նք պէտք է ըլլան։ Մեր ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը։ Մինչ օրերը աւելի գէշ կ’ըլլան, իրարու աւելի պէտք պիտի ունենանք։ Պէտք ունինք որ բոլորս իրարու հաւատարիմ բարեկամներ ըլլանք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունենանք։ Շրջանային տեսուչները, աստուածպետական դպրոցներու աշակերտները եւ շինարարութեան կամաւորները պէտք կ’ունենան տեղ մը մնալու։ Նաեւ բնական աղէտէ ետք, կարգ մը ընտանիքներ առանց տունի կը մնան, մինչեւ որ իրենց տունը վերաշինուի։ Պէտք չէ մտածենք որ միայն մեծ եւ հանգստաւէտ տուն ունեցողները կրնան անոնց օգնել։ Անոնք թերեւս արդէն շատ անգամներ օգնած են։ Կրնա՞ս մէկը հրաւիրել որ տունդ մնայ, նոյնիսկ եթէ պզտիկ տուն ունիս։ դ18.03 15 ¶6, 9
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 2
Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի (Առ. 24։16)։
Ի՞նչը պիտի օգնէ ինկողին որ ‘կանգնի’։ Ո՛չ թէ իր ուժը, հապա՝ սուրբ հոգին (Փլպ. 4։13)։ Սուրբ հոգիի պտուղին մէկ երեսակն է ժուժկալութիւն, որ սերտօրէն կապ ունի ինքնակրթութեան հետ։ Նաեւ կարեւոր են՝ սրտագին աղօթքը, Սուրբ Գիրքը սերտելը եւ խոկալը։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ չես սիրեր սերտել կամ քեզի համար դժուար է Սուրբ Գիրքը սերտել։ Միտքդ պահէ որ եթէ Եհովային թոյլ տաս, ան կրնայ քեզի օգնել, որ ‘փափաքիս’ իր Խօսքը սերտել (Ա. Պետ. 2։2)։ Նախ, աղօթքով իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ ինքզինքդ կրթելու, որպէսզի իր Խօսքը սերտես։ Ետքը, աղօթքներուդ համաձայն գործէ։ Թերեւս ամէն անգամ կրնաս միայն քանի մը վայրկեան տրամադրել սերտելու։ Ժամանակի ընթացքին, սերտելը աւելի դիւրին եւ հաճելի պիտի դառնայ, եւ նոյնիսկ պիտի սիրես այն հանդարտ պահերը, երբ կը խոկաս Եհովային արժէքաւոր մտածումներուն վրայ (Ա. Տիմ. 4։15)։ դ18.03 29 ¶5-6
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 3
Մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ (Ա. Պետ. 3։21)։
Առաջ որ աշակերտը մկրտուի, պէտք է ճշմարտութիւնը սորվի Աստուծոյ եւ Իր նպատակին մասին, եւ գիտնայ թէ ինչ կարգադրութիւն ըրած է որ մարդկութիւնը փրկէ (Ա. Տիմ. 2։3-6)։ Ետքը, ան պէտք է հաւատք մշակէ, ինչ որ իրեն պիտի օգնէ որ Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդի եւ այլեւս Աստուծոյ ատած բաները չընէ (Գործք 3։19)։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ Եհովան չ’ընդունիր այն անհատին նուիրումը, որ կը շարունակէ իր ատած բաները ընել (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Բայց մէկը պէտք է ուրիշ բաներ ալ ընէ։ Անոնք որոնք կ’ուզեն իրենց կեանքը Եհովային նուիրել, ժողովներուն ներկայ կ’ըլլան եւ բարի լուրը կանոնաւորաբար կը քարոզեն եւ ուրիշներուն կը սորվեցնեն (Գործք 1։8)։ Միայն այս քայլերը առնելէ ետքն է, որ աշակերտը կրնայ իր կեանքը աղօթքով Եհովային նուիրել ու մկրտուիլ։ դ18.03 6 ¶12
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 4
[Մարիամ] այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր (Ղուկ. 2։51)։
Ինչո՞ւ Եհովան ընտրեց Մարիամը, որ Յիսուսի մայրը ըլլայ։ Անկասկած քանի որ հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձ էր։ Նկատի առ թէ ինչ ըսաւ, երբ այցելեց իր ազգականներուն՝ Զաքարիային եւ Եղիսաբէթին (Ղուկ. 1։46-55)։ Մարիամին խօսքերը կը ցուցնեն, որ խոր սէր ունէր Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ եւ շատ լաւ գիտէր Եբրայերէն Գրութիւնները (Ծն. 30։13. Ա. Թագ. 2։1-10. Մաղ. 3։12)։ Ատկէ զատ, թէեւ ինք եւ Յովսէփ ամուսնացան, բայց սեռային յարաբերութիւն ունենալէ ետ կեցան մինչեւ Յիսուսին ծնունդը։ Այս մէկը կը յայտնէ, թէ երկուքն ալ աւելի հետաքրքրուած էին Եհովայի կամքով, քան իրենց անձնական ցանկութիւնները յագեցնելով (Մատ. 1։25)։ Նաեւ, Մարիամ ուշի–ուշով կը դիտէր, թէ ինչ տեղի կ’ունենար մինչ Յիսուս կը մեծնար, եւ անոր սորվեցուցածները մտիկ ըրաւ։ Բացայայտ է որ ան շատ հետաքրքրուած էր Մեսիային առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակով։ Կրնա՞նք Մարիամը ընդօրինակել եւ միշտ ջանալ Աստուծոյ կամքը առաջին տեղ դնել մեր կեանքին մէջ։ դ18.02 21 ¶11
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 5
Յոբ. . . կատարեալ եւ արդար է (Յոբ 1։8)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յոբին հաւատքն ու հնազանդութիւնը։ Ի՛նչ ալ ըլլան մեր պարագաները, թող որ միշտ Եհովան առաջին տեղը դնենք, իրեն լման վստահելով եւ ամբողջ սրտով հնազանդելով։ Իրականութեան մէջ, մենք ասիկա ընելու համար Յոբէն աւելի պատճառներ ունինք, քանի որ շատ բաներ գիտենք Սատանային եւ իր մեթոտներուն մասին (Բ. Կոր. 2։11)։ Նաեւ, Սուրբ Գիրքին միջոցաւ, մանաւանդ Յոբ գիրքին միջոցաւ, գիտենք որ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Դանիէլի մարգարէութենէն կը հասկնանք, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որուն Թագաւորը Յիսուս Քրիստոսն է (Դան. 7։13, 14)։ Եւ գիտենք որ այս Թագաւորութիւնը մօտ ատենէն վերջ պիտի դնէ բոլոր չարչարանքներուն։ Յոբին փորձառութիւնը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, որ պէտք է մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ զգանք, երբ նեղութիւններէ կ’անցնին։ Ոմանք թերեւս ատեններ Յոբին պէս անխոհեմաբար խօսին (Ժող. 7։7)։ Բայց փոխանակ զանոնք դատելու, թող որ խորատես ըլլանք եւ անոնց կարեկցինք։ Այսպիսով, մեր սիրալիր եւ կարեկցող Աստուծոյ՝ Եհովային պէս վարուած պիտի ըլլանք (Սաղ. 103։8)։ դ18.02 6 ¶16. 7 ¶19-20
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 6
Քու խոնարհութիւնդ զիս մեծցուց (Սաղ. 18։35, ՆԱ)։
Ոմանք հպարտ կը դառնան, քանի որ ունին գեղեցկութիւն, համբաւ, երաժշտական ձիրք, ֆիզիքական ոյժ կամ քանի որ ուրիշները իրենց վրայ կը հիանան։ Դաւիթ բոլոր այս բաները ունէր, բայց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խոնարհ մնաց։ Օրինակ, երբ ան Գողիաթը մեռցուց, Սաւուղ թագաւոր իրեն ըսաւ, որ կրնար իր աղջիկին հետ ամուսնանալ։ Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ. . . որ թագաւորին փեսայ ըլլամ» (Ա. Թագ. 18։18)։ Դաւիթին պէս, ներկայիս Եհովային ժողովուրդը կը ջանայ խոնարհ ըլլալ։ Շատ կը տպաւորուինք գիտնալով որ Եհովան՝ տիեզերքին մեծագոյն Անձնաւորութիւնը, «խոնարհ» է։ Լուրջի կ’առնենք այս խրատը. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» (Կող. 3։12)։ Նաեւ գիտենք թէ «սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար» (Ա. Կոր. 13։4)։ Երբ ուրիշներ տեսնեն թէ խոնարհ ենք, թերեւս ուզեն Եհովային մասին գիտնալ։ դ18.01 28 ¶6-7
Շաբաթ, դեկտեմբեր 7
Կ’աղաչէին որ. . . օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք (Բ. Կոր. 8։4)։
Ներկայիս, թերեւս պէտք ըլլայ որ որոշ ծրագիրի մը համար նուիրատուութիւն ընենք (Գործք 4։34, 35. Ա. Կոր. 16։2)։ Օրինակ, թերեւս ժողովքդ կը ծրագրէ սրահը նորոգել կամ նոր սրահ մը շինել։ Կրնանք օգնել համաժողովին ծախսերը գոցելու։ Կամ թերեւս ոմանք բնական աղէտի պատճառով մեր օգնութեան պէտք ունին։ Մեր նուիրատուութիւնները նաեւ թիկունք կը կանգնին միսիոնարներուն, մասնաւոր ռահվիրաներուն, շրջանային տեսուչներուն, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնք կը ծառայեն կեդրոնատեղիին եւ մասնաճիւղերուն մէջ։ Բոլորս կրնանք բան մը տալ, որպէսզի թիկունք կանգնինք այն գործին, որ կազմակերպութիւնը կ’ընէ այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ընդհանրապէս չի գիտցուիր որ որոնք տուած են նուիրատուութիւնները։ Երբ նուիրատուութեան տուփերուն մէջ դրամ դնենք կամ jw.org կայքին միջոցաւ նուիրատուութիւն ընենք, ուրիշին չենք գիտցներ թէ որքա՛ն տուինք։ Թերեւս զգանք որ մեր դրածը մասնաւոր արժէք մը չունի։ Բայց կազմակերպութեան ստացած նուիրատուութիւններուն մեծամասնութիւնը կու գայ բազմաթիւ պզտիկ գումարներէ, եւ ոչ թէ քանի մը մեծ գումարներէ։ դ18.01 19 ¶10-11
Կիրակի, դեկտեմբեր 8
Մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ (Ա. Պետ. 3։21)։
Ամէն քրիստոնեայ պէ՛տք է մկրտուի, որպէսզի կարենայ փրկուիլ եւ յաւիտեան ապրիլ (Մատ. 28։19, 20)։ Մկրտութիւնդ կը խորհրդանշէ նուիրումդ։ Խոստացար Եհովան սիրել եւ իր կամքը ամէն բանէ առաջ դնել։ Քու անձդ Եհովային ձեռքերուն մէջ դնելը բնա՛ւ սխալ քայլ մը չէ։ Իսկ Սատանան քու փրկութիւնովդ չէ հետաքրքրուած։ Ան ուրախ կ’ըլլայ եթէ յաւիտեան ապրելու յոյսդ կորսնցնես, իր կողմը դիրք բռնելով եւ Եհովային հակառակ կենալով։ Բայց հիմա որ կեանքդ տուած ես Եհովային, որեւէ ժամանակէ աւելի վստահութեամբ կրնաս ըսել. «Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սաղ. 118։6)։ Չկայ ասկէ աւելի մեծ առանձնաշնորհում մը, որ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնես եւ գիտնաս որ քեզմով հպարտ է։ դ17.12 23-24 ¶1-3
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 9
Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս (Սաղ. 37։8)։
Պիտի ըլլան ժամանակներ որ ուրիշին ըսածը կամ ըրածը մեզ պիտի նեղացնէ, եւ պիտի ըլլան ժամանակներ, երբ ուրիշնե՛ր մեզմէ պիտի նեղանան։ Ասիկա կրնայ դժուար փորձ մը ըլլալ, բայց միեւնոյն ատեն առիթ կու տայ, որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փաստենք։ Ինչպէ՞ս։ Սորվելով միաբանութեամբ աշխատիլ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Եհովան զանոնք կը սիրէ հակառակ իրենց անկատարութիւններուն։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Եհովան արգելք չ’ըլլար որ իր ծառաները փորձուին։ Յովսէփին կեանքը ասիկա կը փաստէ։ Երբ ան պատանի էր, իր խորթ եղբայրները իրեն նախանձելով զինք Եգիպտոս ծախեցին որպէս ստրուկ (Ծն. 37։28)։ Եհովան ամբողջ պատահածը տեսաւ եւ անկասկած ցաւեցաւ, երբ տեսաւ թէ ինչպէս վարուեցան իր բարեկամին,– իր հաւատարիմ ծառային՝ Յովսէփին,– հետ։ Բայց Եհովան չմիջամտեց։ Յետագային, երբ Յովսէփին մասին սուտ խօսուեցաւ,– թէ ան փորձած էր Պետափրէսին կինը բռնաբարել,– եւ բանտ դրուեցաւ, Եհովան նորէն չմիջամտեց։ Բայց Եհովան օր մը օրանց երեսի վրայ ձգե՞ց Յովսէփը։ Ո՛չ. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր» (Ծն. 39։21-23)։ դ18.01 9-10 ¶12-14
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 10
Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ (Ա. Կոր. 15։13)։
Ի՞նչ են հաւատքիդ գլխաւոր ուսուցումները։ Վստահաբար պիտի ըսես որ Եհովան Ստեղծիչն է ու կեանք Տուողը։ Հաւանաբար նաեւ նշես թէ կը հաւատաս Յիսուս Քրիստոսին, որ մեռաւ որպէս փրկանք։ Վստահաբար ուրախութեամբ պիտի ըսես, որ ապագային երկրի վրայ Դրախտ պիտի ըլլայ, ուր Աստուծոյ ժողովուրդը յաւիտեան պիտի ապրի։ Բայց մինչ ամէնէն սիրած հաւատալիքներդ կը թուես, արդեօք պիտի նշե՞ս յարութիւնը։ Լաւ պատճառներ ունինք որ մեր գլխաւոր հաւատալիքներուն մէջ նշենք յարութիւնը, նոյնիսկ եթէ անձնապէս յոյս ունինք որ մեծ նեղութենէն ողջ անցնինք եւ յաւիտեան ապրինք երկրի վրայ։ Յարութիւնը շա՜տ կարեւոր է։ Եթէ Յիսուս յարութիւն առած չըլլար, չէր կրնար երկինքին մէջ իշխել որպէս Թագաւոր եւ մեր քարոզչութիւնը պարապի պիտի ըլլար (Ա. Կոր. 15։12-19)։ Բայց գիտենք որ Յիսուս յարութիւն առաւ, եւ յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը զօրաւոր կը պահենք (Մար. 12։18. Գործք 4։2, 3. 17։32. 23։6-8)։ դ17.12 8 ¶1-2
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 11
Կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը (Մատ. 23։23)։
Փարիսեցիները միայն կը կեդրոնանային մեղաւորին ըրածին վրայ, եւ ոչ թէ անոր ինչպիսի անձ մը ըլլալուն վրայ։ Երբ անոնք տեսան թէ Յիսուս Մատթէոսին տունը ճաշ կ’ուտէր, իր աշակերտներուն հարցուցին. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան» (Մատ. 9։9-13)։ Արդեօք Յիսուս մեղաւորներուն սխալներուն աչք կը գոցէ՞ր։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան կ’ուզէր որ անոնք զղջան։ Ասոր վրայ շատ կը կեդրոնանար իր քարոզչութեան մէջ (Մատ. 4։17)։ Ան նկատեց թէ այս ‘մաքսաւորներէն ու մեղաւորներէն’ գոնէ մի քանին կ’ուզէին փոխուիլ։ Անոնք պարզապէս ուտելու համար չէին եկած Մատթէոսին քով, հապա՝ Յիսուսին «ետեւէն կ’երթային» կամ կը հետեւէին (Մար. 2։15)։ Ցաւօք սրտի, փարիսեցիներուն մեծամասնութիւնը Յիսուսին աչքով չէր նայեր այսպիսի անձերու։ դ17.11 13 ¶2. 16 ¶15
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 12
Սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է (Կող. 3։14)։
Բոլորս ուրախ ենք որ քրիստոնէական ժողովքին մաս կը կազմենք։ Մենք Աստուծոյ Խօսքը կը սերտենք ժողովներուն եւ սիրալիր կերպով իրարու հոգ կը տանինք։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ մեր աչքը կեդրոնացած պահենք մրցանակին վրայ։ Բայց ատեններ անհասկացողութիւններ կը պատահին ժողովքին անդամներուն միջեւ, ինչ որ խնդիրներ կը պատճառէ։ Եթէ այսպիսի խնդիրներ չլուծենք, շատ դիւրութեամբ կրնանք դժգոհիլ (Ա. Պետ. 3։8, 9)։ Պէտք չէ առիթ տանք որ դժգոհութիւնը մեզ զրկէ մրցանակէն։ Պօղոս բացատրեց թէ քրիստոնեաները ի՛նչ պէտք է ընեն. «Իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար։ Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կող. 3։12, 13, ՆԹ)։ դ17.11 27 ¶7-8
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 13
Այն քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի (Յես. 20։4)։
Եթէ իսրայէլացի մը պատահմամբ մէկը մեռցնէր, պէտք էր ապաստանի քաղաք մը վազէր, եւ քաղաքին դրան մօտ ծերերուն ‘յայտնէր’ իր պարագան։ Անոնք պէտք էր հիւրասիրութեամբ ընդունէին զինք։ Ժամանակ մը ետք, ան կը ղրկուէր այն քաղաքին ծերերուն, ուր սպանութիւնը եղած էր, որպէսզի զինք դատեն (Թւ. 35։24, 25)։ Եթէ որոշուէր որ սպանութիւնը դիտմամբ չէր, զինք կը վերադարձնէին ապաստանի քաղաքը։ Փախստականը պէտք էր խօսէր ծերերուն հետ, որպէսզի իսրայէլ ժողովուրդը մաքուր մնար եւ անգիտութեամբ սպաննողը օգտուէր Եհովայի ողորմութենէն։ Աստուածաշնչագէտ մը գրեց, որ եթէ փախչողը չերթար ծերերուն, «իր կեանքը վտանգի տակ կ’ըլլար», քանի որ չհետեւեցաւ Եհովայի տուած կարգադրութեան։ Եթէ ան չերթար ապաստանի քաղաքներէն մէկը, իր սպաննած անհատին ամէնէն մօտիկ ազգականը ազատ էր զինք մեռցնելու։ դ17.11 9 ¶6-7
Շաբաթ, դեկտեմբեր 14
Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն (Եբ. 1։14)։
Եհովան մինչեւ հիմա հրեշտակները կը գործածէ, որ իր ժողովուրդը պաշտպանէ եւ զօրացնէ (Մաղ. 3։6. Եբ. 1։7)։ Եհովայի ժողովուրդը 1919–ին Մեծ Բաբելոնի գերութենէն ազատագրուելէն ի վեր, ճշմարիտ պաշտամունքը աճած է, հակառակ որ իրենց թշնամիները զօրաւոր կերպով հակառակած են (Յայտ. 18։4)։ Բայց պէտք չունինք վախնալու որ Եհովայի կազմակերպութիւնը նորէն գերի դառնայ սուտ կրօնքին, քանի որ հրեշտակներուն պաշտպանութիւնը ունինք (Սաղ. 34։7)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ամբողջ աշխարհին մէջ Աստուծոյ ծառաները պիտի շարունակեն հոգեւորապէս բարգաւաճիլ։ Մեզի հետ ունինք Եհովային բանակը։ Մեծ նեղութեան այդ հանգրուանին, Եհովային հրեշտակները պիտի պաշտպանեն իր ժողովուրդը եւ պիտի կործանեն բոլոր անոնք, որոնք իր գերիշխանութեան կը հակառակին (Բ. Թես. 1։7, 8)։ Ատիկա շա՜տ հիանալի օր մը պիտի ըլլայ։ դ17.10 28 ¶10-11
Կիրակի, դեկտեմբեր 15
Անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք (Յդ. 20)։
Երբ ընտանիքիդ մէկ անդամը վտարուի կամ ժողովքին հետ իր ընկերակցութիւնը խզէ, կը զգաս թէ սիրտիդ դանակ մտաւ։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս ցաւին հետ գլուխ ելլել։ Կարեւոր է որ Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնաս։ Հաւատքդ զօրացուր՝ կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կարդալով, ժողովներուն նիւթերը պատրաստելով եւ ժողովի երթալով, ծառայութեան ելլելով եւ աղօթքով զօրութիւն խնդրելով որպէսզի դիմանաս (Յդ. 21)։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ զգաս որ ընելու սիրոյն կ’ընես այս բաները եւ ոչ թէ սրտանց։ Մի՛ յանձնուիր։ Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնանալը քեզի պիտի օգնէ որ ժամանակի ընթացքին զսպես մտածումներդ եւ զգացումներդ։ Ասիկա պատահեցաւ 73–րդ սաղմոսը գրողին։ Ան սխալ կարծիք կազմած էր եւ միտքը խանգարուած էր, բայց երբ Աստուած պաշտելու վայրը մտաւ՝ իր մտածելակերպը շտկեց (Սաղ. 73։16, 17)։ Հաւատարմօրէն Եհովային ծառայելը կրնայ քեզի ալ օգնել նոյն ձեւով։ դ17.10 16 ¶17, 18
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 16
Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ (Հռով. 12։9)։
Եդեմի պարտէզին մէջ, Սատանան ձեւացուց որ Եւային շահին համար կը խօսէր, բայց իր ըրածը անձնասիրութիւն էր եւ կեղծաւորութիւն էր (Ծն. 3։4, 5)։ Երբ Դաւիթ թագաւոր էր, Աքիտոփէլ անունով բարեկամ մը ունէր։ Բայց Աքիտոփէլ Դաւիթին դաւաճանեց իր անձնական շահին համար, եւ այսպիսով փաստեց որ իսկական բարեկամ մը չէր (Բ. Թագ. 15։31)։ Այսօր ալ, հաւատուրացները եւ ուրիշներ, որոնք ժողովքին մէջ բաժանումներ կը պատճառեն, «անոյշ խօսքերով ու գովեստներով» կը ձեւացնեն սիրալիր ըլլալ, բայց իրականութեան մէջ անոնք անձնասէր են (Հռով. 16։17, 18)։ Կեղծաւոր սէրը շատ ամօթալի է, քանի որ ճիշդ հակառակն է անձնազոհ սիրոյն։ Այսպիսի կեղծաւորութիւն մը կրնայ խաբել մարդիկը, բայց ո՛չ Եհովան։ Յիսուս ըսաւ որ անոնք որոնք կեղծաւորներու պէս են, շատ խստօրէն պիտի պատժուին (Մատ. 24։51)։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Իմ սէրս միշտ հարազատ եւ անկե՞ղծ է, թէ ոչ՝ անձնասէր եւ խաբուսիկ’։ դ17.10 8 ¶6-8
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 17
Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար (Հռով. 10։2)։
Երբ ծառայութեան մէջ ուղղակի Աստուծոյ Խօսքէն կարդանք, թոյլ տուած կ’ըլլանք որ Եհովան խօսի տանտէրին։ Լաւ ընտրուած համար մը շատ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ քան՝ որեւէ բան որ մենք պիտի ըսենք (Ա. Թես. 2։13)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ամէն առիթ կը գործածե՞մ որ Աստուծոյ Խօսքէն մաս մը կարդամ անոնց՝ որոնց կու տամ բարի լուրը’։ Բայց չի բաւեր որ համար մը կարդանք անոնց որ կը քարոզենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատեր չեն հասկնար Սուրբ Գիրքին ըսածներուն իմաստը։ Ասիկա էր պարագան առաջին դարուն, եւ հիմա ալ նոյնն է։ Ուրեմն, պէտք չէ կարծենք որ տանտէրը պարզապէս մեր կարդալով պիտի հասկնայ համարին իմաստը։ Կրնանք իրեն օգնել՝ համարին կարգ մը բառերը կամ արտայայտութիւնները նորէն կրկնելով եւ անոնց իմաստը բացատրելով։ Այսպիսով, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ հասնիլ մարդոց մտքին ու սրտին (Ղուկ. 24։32)։ դ17.09 25 ¶7-8
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 18
Եղէք կարեկից (Ա. Պետ. 3։8)։
Եհովան կ’ուզէ որ քրիստոնեաները գթասրտութեամբ վարուին իրենց եղբայրներուն եւ ուրիշներուն հետ (Յովհ. 13։34, 35)։ Գթասրտութիւն բառին մէկ իմաստն է՝ «միասին ցաւ քաշել»։ Գթասիրտ անձը կը փորձէ օգնել անոնց՝ որոնք նեղութեան մէջ են։ Տես թէ ո՛ր առիթներուն կրնաս ասիկա ընել։ Շատեր երբ տեսնեն մարդոց չարչարանքը աղէտէ մը ետք, կ’ուզեն անոնց կարեկցիլ։ Եհովային ժողովուրդը ճանչցուած է որ այսպիսի ժամանակներու կ’օգնէ ուրիշներուն (Ա. Պետ. 2։17)։ Օրինակ, ճափոնցի քոյր մը կ’ապրէր շրջանի մը մէջ, որ շատ վնասուեցաւ 2011–ի երկրաշարժին եւ ցունամիին պատճառով։ Ան կ’ըսէ թէ ‘շատ քաջալերուեցաւ եւ մխիթարուեցաւ’, երբ տեսաւ թէ ուրիշ երկիրներէ եւ Ճափոնի այլ շրջաններէ կամաւորներ ի՜նչ ջանքեր թափեցին որ տուներ եւ Թագաւորութեան սրահներ նորոգեն։ Ան կը գրէ. «Այս փորձառութիւնը ինծի օգնեց որ անդրադառնամ, թէ Եհովան կը հոգայ մեզ։ Հաւատակիցներս ալ իրարմով հետաքրքրուած են։ Եւ աշխարհի չորս կողմը բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր կ’աղօթեն մեզի համար»։ դ17.09 11 ¶12-13
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 19
Հոգիին պտուղը այս է. . . ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։
Ինչո՞ւ ժուժկալութեան պէտք ունինք։ Երկու կարեւոր պատճառներ կան։ Առաջին, այն անձերը որոնք իրենց զգացումները կրնան զսպել, ընդհանրապէս աւելի քիչ խնդիրներ կ’ունենան։ Անոնք զգացական գետնի վրայ աւելի կայուն են, իրենց համար աւելի դիւրին է լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալ, չջղայնանալ եւ մտահոգ կամ ընկճուած չըլլալ։ Երկրորդ, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ բարեկամները մնալ, կարեւոր է որ փորձութիւններուն դէմ դնենք եւ սխալ ցանկութիւնները զսպենք։ Ադամն ու Եւան չկրցան ասիկա ընել (Ծն. 3։6)։ Ներկայիս ալ շատ մը մարդիկ ցաւալի խնդիրներ ունին, քանի որ ժուժկալ չեն։ Չկայ անկատար մարդ մը որ կրնայ կատարեալ ժուժկալութիւն ունենալ։ Եհովան ասիկա շատ լաւ գիտէ եւ կ’ուզէ մեզի օգնել, որ մեր սխալ ցանկութիւնները զսպենք (Գ. Թագ. 8։46-50)։ դ17.09 3-4 ¶3-4
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 20
Նոր մարդ եղէք (Կող. 3։10, ՆԹ)։
Ժամանակին, Հարաւային Ափրիկէի մէջ չէր արտօնուած, որ տարբեր մորթի գոյն ունեցող Վկաները մէկ տեղ ժողվուին։ Բայց կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2011–ին, Հարաւային Ափրիկէէն եւ դրացի երկիրներէն, տարբեր ցեղերէ եղող աւելի քան 78,000 Վկաներ հաւաքուեցան Ճօհանէսպըրկի ամէնէն մեծ սթատիումին մէջ, որպէսզի հոգեւոր յայտագիր մը վայելեն։ Սթատիումին տնօրէններէն մէկը ըսաւ. «Ասոնք այս սթատիումին մէջ իմ տեսած ամէնէն քաղաքավար մարդիկն են։ Բոլորը կոկիկ հագած են։ Եւ դուք շատ լաւ մաքրած էք սթատիումը։ Բայց ամէնէն կարեւորը, դուք բառին բուն իմաստով բազմացեղ էք»։ Ուրեմն, նոյնիսկ Վկայ չեղողները կրնան յստակ կերպով տեսնել, որ մեր համաշխարհային եղբայրութիւնը յատուկ է (Ա. Պետ. 5։9)։ Ինչո՞ւ այսքան տարբեր ենք ուրիշ որեւէ կազմակերպութենէ։ Մենք շատ ջանք կը թափենք որ ‘հին մարդը մեր վրայէն հանենք’ եւ ‘նոր մարդը հագուինք’, Աստուծոյ Խօսքին եւ իր սուրբ հոգիին օգնութեամբ (Կող. 3։9)։ դ17.08 17-18 ¶2-3
Շաբաթ, դեկտեմբեր 21
Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք (Յակ. 5։8)։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ համբերութիւնը կամ երկայնմտութիւնը Աստուծոյ սուրբ հոգիէն կու գայ։ Առանց Աստուծոյ օգնութեան, անկատար մարդիկը չեն կրնար պէտք եղած չափով համբերող ըլլալ։ Համբերութիւնը Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է, եւ երբ համբերող ըլլանք՝ կը փաստենք թէ զինք կը սիրենք։ Նաեւ, համբերելով՝ կը ցուցնենք թէ ուրիշները կը սիրենք։ Երբ համբերող չըլլանք, ուրիշներուն եւ մեր միջեւ եղած սէրը կը տկարանայ (Ա. Կոր. 13։4. Գաղ. 5։22)։ Համբերող ըլլալը կապ ունի ուրիշ յատկութիւններու հետ։ Օրինակ, կապ ունի տոկալուն հետ, այսինքն՝ դժուար պայմաններուն հետ գլուխ ելլել մինչ դրական կեցուածք մը ունինք (Կող. 1։11. Յակ. 1։3, 4)։ Համբերող ըլլալը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ Եհովային հաւատարիմ մնանք՝ ի՛նչ խնդիր ալ ունենանք, եւ ուրիշներէն վրէժ չառնենք երբ մեզ նեղացնեն։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ պէտք է յօժար ըլլանք սպասելու։ Ասիկա յստակ է Յակոբոս 5։7, 8–ին մէջ։ դ17.08 4 ¶4
Կիրակի, դեկտեմբեր 22
Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ (Եսա. 41։10)։
Ո՛վ պատանիներ, հաւանաբար կը համաձայնիք թէ երբ ճամբայ պիտի ելլէք, նախ պէտք է ծրագրէք թէ ո՛ւր պիտի երթաք։ Կեանքը ճամբորդութեան կը նմանի, եւ ծրագրելու ժամանակը պատանեկութեան տարիքն է։ Անշուշտ, ծրագրելը դիւրին չէ։ Բայց քա՛ջ եղիր, նկատելով Եհովայի խօսքը այս օրուան համարին մէջ։ Ան քեզ կը քաջալերէ որ իմաստութեամբ ծրագրես ապագադ (Ժող. 12։1. Մատ. 6։20)։ Եւ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ան հոյակապ տեսարաններ, ձայներ եւ համեր ստեղծած է մեզի համար։ Նաեւ մեզի հոգ կը տանի եւ կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ է լաւագոյն ապրելակերպը։ Ասոր համար, իր խրատը մերժողներուն կ’ըսէ. «Ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք. . . Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, բայց դուք պիտի ամչնաք։ Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան» (Եսա. 65։12-14)։ Երբ մեր կեանքին մէջ իմաստուն որոշումներ առնենք, Եհովային փառք կը բերենք (Առ. 27։11)։ դ17.07 22 ¶1-2
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 23
Աստղերը. . . իրենց անուններովը կը կանչէ (Սաղ. 147։4)։
Այն Աստուածը որ գիտէ թէ ամէն մէկ աստղ ուր է, նաեւ գիտէ թէ դո՛ւն ով ես։ Ան միշտ գիտէ թէ ճիշդ ո՛ւր ես, ի՛նչ կը զգաս եւ ինչի՛ պէտք ունիս։ Եհովան ոչ միայն հետաքրքրուած է քեզմով, հապա նաեւ կը հասկնայ թէ ինչէ՛ կ’անցնիս եւ զօրութիւնը ունի որ քեզի օգնէ խնդիրներուդ մէջ (Սաղ. 147։5)։ Թերեւս զգաս որ պարագադ շատ դժուար է եւ կարողութենէդ աւելի է։ Աստուած գիտէ թէ ի՛նչ կրնաս ընել եւ ինչ ո՛չ, ու կը յիշէ թէ «մենք հող ենք» (Սաղ. 103։14)։ Մենք անկատար ենք եւ կրկին անգամ նոյն սխալները կ’ընենք։ Որքա՜ն կը զղջանք երբ մեր բերանէն փախցնենք որոշ բան մը, կամ սխալ ցանկութիւն մը արթննայ մեր մէջ կամ ալ ուրիշին ունեցածին նախանձինք։ Ճիշդ է որ Եհովան որեւէ տկարութիւն չունի, բայց լման կը հասկնայ մեր զգացումները (Եսա. 40։28)։ Անձնապէս զգացա՞ծ ես որ Եհովան իր հզօր ձեռքով քեզի օգնած է, որ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլես (Եսա. 41։10, 13)։ դ17.07 18 ¶6-8
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 24
Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ (Առ. 22։9)։
Սրի Լանքայէն եղբայր մը, որ հիմա երկրէն դուրս կ’ապրի, Սրի Լանքայի մէջ իր տունը մատչելի դարձուցած է որ ժողովներու ու համաժողովներու համար գործածուի, եւ որպէսզի լիաժամ ծառայողներ ապրին հոն։ Եղբայրը նիւթական զոհողութիւն կ’ընէ, բայց այսպիսով շատ օգտակար կը դառնայ տեղական եղբայրներուն, որոնք նիւթապէս շատ լաւ չեն։ Երկրի մը մէջ, ուր քարոզելու ազատ չենք, եղբայրները իրենց տուները մատչելի կը դարձնեն, որպէսզի գործածուին իբրեւ Թագաւորութեան սրահներ։ Ասիկա կ’օգնէ որ եղբայրները որոնք վիճակով լաւ չեն, առանց վարձքի ժողովի տեղ մը ունենան։ Քոյր մը որ միշտ դրամ կը նուիրէ Թագաւորութեան գործին համար, կ’ըսէ թէ իր առատաձեռն ըլլալը տարիներու ընթացքին զինք փոխած է։ Ան կը բացատրէ. «Կը զգամ թէ դրամական գետնի վրայ որքա՛ն առատաձեռն ըլլամ, այնքան կը մղուիմ լաւ վարուելու ուրիշներու հետ։ Աւելի առատաձեռն եղած եմ ներելու մէջ, համբերելու մէջ եւ յուսախաբութիւններն ու խրատները ընդունելու մէջ»։ դ17.07 9 ¶9-10
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 25
Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ» (Յոբ 1։12)։
Նոյնիսկ եթէ Յոբ ի վերջոյ աւելի լաւ հասկցաւ թէ ինչո՛ւ չարչարուեցաւ, թերեւս ատեն–ատեն կը մտածէր թէ ի՛նչ պէտք կար որ այսքան չարչարուէր։ Երբ իր միտքէն այսպիսի բաներ անցնէին, կրնար Աստուծոյ խրատը յիշել։ Ասիկա իրեն պիտի օգնէր որ ճիշդ անկիւնէ դիտէ հարցը եւ մխիթարուի (Սաղ. 94։19)։ Յոբին պատմութիւնը մեզի ալ կ’օգնէ որ ճիշդ անկիւնէ նայինք հարցերուն եւ մխիթարուինք։ Վերջ ի վերջոյ, Եհովան Յոբ գիրքը պահպանած է «որ սորվ[ինք], որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Ատիկա մեզի կը սորվեցնէ որ պէտք չէ մեր խնդիրներով այնքա՛ն տարուինք, որ աչքերնիս հանենք այս կարեւոր հարցին վրայէն. Եհովային գերիշխանութեան ջատագովումը։ Մենք ալ Յոբին պէս կը ցուցնենք թէ Եհովային կողմն ենք, երբ հաւատարիմ կը մնանք նոյնիսկ նեղութիւններու մէջ։ դ17.06 24 ¶9. 25 ¶13-14
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 26
Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք (Մար. 6։31)։
Յիսուս գիտէր թէ ատեններ հանգիստը պէտք է։ Օրինակ, անգամ մը երբ մեծ ջանք թափեցին որ քարոզեն, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ վերոնշեալ խօսքը։ Արդարեւ, ժամանցը մեզի կ’օգնէ որ հանգչինք եւ թարմանանք։ Բայց վտանգ կայ որ մեր կեանքը կեդրոնացած ըլլայ լաւ ժամանակ անցընելու վրայ։ Առաջին դարուն, շատեր այս կեցուածքը ունէին. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա. Կոր. 15։32)։ Այսօր ալ այս կեցուածքը սովորական դարձած է։ Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք թէ ժամանցը իր սահմաններուն մէջ կը ձգենք կամ ոչ։ Կրնանք հաշուել թէ շաբթուան մը ընթացքին որքա՛ն ժամանակ կը տրամադրենք հոգեւոր բաներու։ Նաեւ, կրնանք հաշուել այն ժամանակը որ կը տրամադրենք ժամանցին, ինչպէս՝ մարզանք, հեռատեսիլ դիտել կամ վիտէօ–խաղեր խաղալ։ Երբ երկու թիւերը իրարու հետ բաղդատենք, ի՞նչ կ’ելլէ մէջտեղ։ Արդեօք պէտք կա՞յ որ ժամանցը թեթեւցնենք (Եփ. 5։15, 16)։ դ17.05 24-25 ¶11-13
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 27
Երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ (Մատ. 13։45)։
Յիսուսի առակին մէջ, վաճառականը հոյակապ մարգարիտ մը գտաւ։ Բայց զայն գնելու համար պէտք էր իր բոլոր ունեցածը ծախէր։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ այդ մարգարիտը որքա՜ն արժէքաւոր էր իրեն համար։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը նմանի այդ թանկագին մարգարիտին։ Եթէ Թագաւորութիւնը կը սիրենք այնքան որքան այդ վաճառականը մարգարիտը սիրեց, պատրաստ կ’ըլլանք մեծ զոհողութիւններ ընելու, որպէսզի Թագաւորութեան հպատակը ըլլանք եւ այդպէս մնանք (Մար. 10։28-30)։ Օրինակ, Զաքէոս դրամ շորթելով հարստացած էր (Ղուկ. 19։1-9)։ Օր մը, երբ ան լսեց Թագաւորութեան մասին Յիսուսին քարոզածը, ըմբռնեց թէ իր լսածը շատ արժէքաւոր է եւ ուզեց լման փոխուիլ։ Ան ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։ Ան ամբողջ սրտով վերադարձուց իր շորթած դրամները եւ ագահութենէն վազ անցաւ։ դ17.06 9-10 ¶3-5
Շաբաթ, դեկտեմբեր 28
Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն (Գ. Յովհ. 4)։
Անոնք որոնք ուրիշին զաւակներուն կ’օգնեն, միշտ պէտք է զանոնք քաջալերեն որ իրենց ծնողքը յարգեն։ Անոնք դրական կերպով կը խօսին ծնողներուն մասին, եւ չեն փորձեր ծնողքին պատասխանատուութիւնը անոնց ձեռքէն առնել։ Նաեւ, օգնողները պէտք չէ ընեն բաներ, որ բարոյական գետնի վրայ մաքուր չեն երեւիր ուրիշներուն աչքին, ըլլա՛ն ժողովքի անդամներ կամ դրսեցիներ (Ա. Պետ. 2։12)։ Ծնողները միշտ պատասխանատուութիւն ունին որ ճշմարտութիւնը իրե՛նք սորվեցնեն իրենց զաւակներուն, նոյնիսկ եթէ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրեն։ Անոնք պէտք է վերահսկեն եղբայրներուն եւ քոյրերուն տուած օգնութեան վրայ։ Ո՛վ ծնողներ, աղօթքով օգնութիւն խնդրեցէք Եհովայէն, եւ ձեր լաւագոյնը ըրէք (Բ. Մն. 15։7)։ Ձեզի համար աւելի կարեւոր թող ըլլայ Եհովային հետ ձեր զաւակին բարեկամութիւնը, քան՝ ձեր անձնական շահը։ Ամէն ինչ ըրէք որ Աստուծոյ Խօսքը ձեր զաւակին սրտին հասնի։ Յոյսերնիդ մի՛ կտրէք որ օրին մէկը ձեր զաւակը Եհովային ծառան պիտի դառնայ։ դ17.05 12 ¶19-20
Կիրակի, դեկտեմբեր 29
Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ (Գ. Թագ. 21։3)։
Երկու պարապ–սարապ մարդիկ սուտ կը խօսին մարդու մը մասին, ըսելով որ ան լուրջ յանցանք մը ըրած է։ Այսպիսով, ան յանցաւոր կ’ելլէ եւ կ’որոշուի որ պէտք է մեռնի։ Արդարութիւն սիրողներուն սիրտը արիւն կու լայ, մինչ կը դիտեն այս անմեղ մարդուն եւ անոր տղաներուն սպաննուիլը։ Ասիկա երեւակայական պատմութիւն մը չէ։ Ասիկա իրապէս պատահեցաւ Եհովայի հաւատարիմ մէկ ծառային՝ Նաբովթին, որ Աքաաբ թագաւորին ժամանակ ապրեցաւ (Գ. Թագ. 21։11-13. Դ. Թագ. 9։26)։ Երբ Աքաաբ թագաւոր Նաբովթին առաջարկեց որ իր այգին գնէ, կամ ատոր տեղ՝ աւելի լաւ այգի մը տայ իրեն, Նաբովթ չընդունեց, քանի որ Եհովային օրէնքը կ’ըսէր որ իսրայէլացի մը պէտք չէ իր ընտանեկան ժառանգութիւնը մնայուն կերպով ծախէ (Ղեւ. 25։23. Թւ. 36։7)։ Յստակ է որ Նաբովթ Եհովային աչքով կը նայէր հարցերուն։ դ17.04 23 ¶1. 24 ¶4
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 30
Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես (Սաղ. 37։10)։
Չարութիւն գործող մարդոց տեղ, ինչպիսի՞ անհատներ պիտի մնան։ Եհովա Աստուած հետեւեալը կը խոստանայ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Նաեւ նոյն սաղմոսին մէջ գրուած է. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։11, 29)։ Այս համարներուն մէջ նշուած «հեզերը» եւ «արդարները» որո՞նք են։ Հեզերը անոնք են՝ որոնք խոնարհօրէն Եհովայէն կը սորվին եւ իրեն սրտանց կը հնազանդին։ Իսկ արդարները անոնք են՝ որոնք կը սիրեն Եհովային աչքին ճիշդ եղած բաները ընել։ Այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ, չարութիւն գործող մարդիկը շա՜տ աւելի են քան արդարները։ Բայց գալիք նոր աշխարհին մէջ, արդարները ոչ թէ մեծամասնութիւնը պիտի ըլլան, հապա՝ միակ ապրողները, եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածեն։ դ17.04 10-11 ¶5-6
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 31
Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա (Առ. 3։27)։
«Աստուծոյ սէրը» մեզ կը մղէ որ տառապեալ եղբայրները սիրենք (Ա. Յովհ. 3։17, 18)։ Օրինակ, երբ Հրէաստանի քրիստոնեաները ուտելիքի պէտք ունէին սովի պատճառաւ, հաւատակիցները անոնց օգնեցին (Գործք 11։28, 29)։ Նաեւ Պօղոս եւ Պետրոս քրիստոնեաները քաջալերեցին, որ հիւրասէր ըլլան (Հռով. 12։13. Ա. Պետ. 4։9)։ Եթէ ազնուութեամբ պէտք է ընդունինք այցելու եղբայրները, ուր մնաց անոնք՝ որոնց կեանքը վտանգի տակ է կամ կը հալածուին։ Վերջերս, Ուքրանիոյ արեւելքը հազարաւոր Վկաներ իրենց տուները ձգեցին պատերազմի եւ հալածանքի պատճառով։ Ոմանք իրենց կեանքը կորսնցուցին, բայց մեծամասնութիւնը գնաց ուրիշ շրջաններու մէջ եղող եղբայրներու քով, թէ՛ Ուքրանիա եւ թէ Ռուսիա։ Հոն, անոնք քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնան, քանի որ ‘աշխարհէն չեն’, եւ նախանձախնդրօրէն ‘խօսքը կը քարոզեն’ (Յովհ. 15։19. Գործք 8։4)։ դ17.05 4 ¶6-7