Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք20 էջ 7-17
  • Յունուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, յունուար 1
  • Հինգշաբթի, յունուար 2
  • Ուրբաթ, յունուար 3
  • Շաբաթ, յունուար 4
  • Կիրակի, յունուար 5
  • Երկուշաբթի, յունուար 6
  • Երեքշաբթի, յունուար 7
  • Չորեքշաբթի, յունուար 8
  • Հինգշաբթի, յունուար 9
  • Ուրբաթ, յունուար 10
  • Շաբաթ, յունուար 11
  • Կիրակի, յունուար 12
  • Երկուշաբթի, յունուար 13
  • Երեքշաբթի, յունուար 14
  • Չորեքշաբթի, յունուար 15
  • Հինգշաբթի, յունուար 16
  • Ուրբաթ, յունուար 17
  • Շաբաթ, յունուար 18
  • Կիրակի, յունուար 19
  • Երկուշաբթի, յունուար 20
  • Երեքշաբթի, յունուար 21
  • Չորեքշաբթի, յունուար 22
  • Հինգշաբթի, յունուար 23
  • Ուրբաթ, յունուար 24
  • Շաբաթ, յունուար 25
  • Կիրակի, յունուար 26
  • Երկուշաբթի, յունուար 27
  • Երեքշաբթի, յունուար 28
  • Չորեքշաբթի, յունուար 29
  • Հինգշաբթի, յունուար 30
  • Ուրբաթ, յունուար 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
աք20 էջ 7-17

Յունուար

Չորեքշաբթի, յունուար 1

Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի (Թւ. 12։3)։

Երբ Մովսէս Եգիպտոսի արքայական ընտանիքին մէկ անդամն էր, հեզ չէր։ Իրականութեան մէջ, ան այնքա՛ն դիւրագրգիռ դարձաւ, որ մեռցուց մարդ մը, որ իր կարծիքով անարդար կերպով կը վարուէր։ Մովսէս ենթադրած էր, որ Եհովան համաձայն պիտի գտնուի իր ըրածին։ Եհովան 40 տարի տրամադրեց Մովսէսին օգնելու, որ հասկնայ թէ իսրայէլացիները առաջնորդելու համար քաջ ըլլալը բաւարար չէ. պէտք է հեզ ըլլայ։ Եւ հեզ ըլլալու համար, պէտք է նաեւ խոնարհ, հնազանդ եւ մեղմ ըլլայ։ Ան այդ դասը շատ լաւ սորվեցաւ եւ հոյակապ վերակացու մը դարձաւ (Ել. 2։11, 12. Գործք 7։21-30, 36)։ Այսօր լաւ կ’ըլլայ որ ընտանիքներու գլուխները եւ երէցները Մովսէսը ընդօրինակեն։ Երբ մէկը ձեզի հետ յարգանքով չվարուի, դիւրաւ մի՛ նեղուիք։ Խոնարհութեամբ ընդունեցէք ձեր սխալները (Ժող. 7։9, 20)։ Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծելու նկատմամբ, Եհովային հնազանդելով իր ուղղութեան հետեւեցէք։ Եւ միշտ մեղմ պատասխան տուէք (Առ. 15։1)։ Ընտանիքներու գլուխները եւ երէցները, որոնք այդպէս կ’ընեն, Եհովան կը հաճեցնեն, խաղաղութիւնը կը պահեն եւ հեզ ըլլալու մէջ օրինակ կը հանդիսանան։ դ19.02 8 ¶1. 10 ¶9-10

Հինգշաբթի, յունուար 2

Յիսուս. . . խղճաց անոնց վրայ (Մար. 6։34)։

Նկատէ թէ Յիսուս ինչո՛ւ խղճաց կամ կարեկցեցաւ այդ մարդոց։ Անոնք «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին»։ Թերեւս Յիսուս տեսաւ, որ անոնցմէ ոմանք աղքատ էին եւ երկար ժամեր կ’աշխատէին, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքին ապրուստը ճարել։ Ուրիշներ թերեւս կը սգային սիրելիի մը մահուան համար։ Յիսուս շատ հաւանաբար անոնց պարագաները կը հասկնար. ի՛նք այդ խնդիրներէն ոմանք դիմագրաւած էր։ Ան ուրիշներով հետաքրքրուած էր, եւ մղուեցաւ զիրենք մխիթարելու (Եսա. 61։1, 2)։ Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Յիսուսին պէս, մենք ալ շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» են։ Անոնք խնդիրներու մէջ խեղդուած են, եւ շատ պէտք ունին որ լսեն Թագաւորութեան պատգամը (Յայտ. 14։6)։ Ուստի մեր Տէրը ընդօրինակելով, բարի լուրը կը քարոզենք, քանի որ ‘կը խղճանք աղքատին ու տնանկին’ (Սաղ. 72։13)։ Մենք մարդոց հետ կը զգանք, եւ կ’ուզենք բան մը ընել, որ անոնց օգնենք։ դ19.03 21-22 ¶6-7

Ուրբաթ, յունուար 3

Օրհնեալ ըլլայ Եհովան, որ ամէն օր կը կրէ մեր բեռը (Սաղ. 68։19, ՆԱ)։

Եհովան սիրելու շատ պատճառներ ունինք։ Ան ոչ միայն ամէն օր մեզի լաւ բաներ կու տայ, հապա նաեւ մեզի ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ իր մասին եւ իր նպատակներուն մասին (Յովհ. 8։31, 32)։ Տուած է ժողովքը, որպէսզի մեզ առաջնորդէ եւ օգնէ։ Ան հիմա կ’օգնէ որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք, իսկ ապագային նկատմամբ յոյս կու տայ, որ կատարեալ պայմաններու ներքեւ յաւիտեան պիտի ապրինք (Յայտ. 21։3, 4)։ Երբ խոկանք, թէ Եհովան որքա՜ն շատ բան ըրած է որ ցոյց տայ թէ մեզ կը սիրէ, կը մղուինք մեր կարգին զինք սիրելու։ Իսկ երբ Եհովան սիրենք, իրեն հանդէպ խոր յարգանք կը զարգացնենք, եւ չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք կը նեղացնէ։ Երբ շարունակես գիտակցիլ, թէ որքա՜ն կ’օգտուիս Եհովայի առաջնորդութենէն, զինք եւ իր չափանիշները ա՛լ աւելի պիտի սիրես։ Այն ատեն Սատանային առաջարկած ո՛չ մէկ բանը քեզ պիտի համոզէ, որ Եհովային ծառայելէ դադրիս։ Դուն քեզ երեւակայէ ասկէ հազար տարի ետք. յետադարձ ակնարկ մը նետելով, պիտի տեսնես թէ մկրտուելու որոշումդ, կեանքիդ մէջ առած լաւագոյն որոշումդ էր։ դ19.03 6 ¶14. 7 ¶19

Շաբաթ, յունուար 4

Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է (Առ. 31։10)։

Ամբողջ ընտանիքը կ’օգտուի, երբ իւրաքանչիւր անդամ գնահատանք արտայայտէ։ Կողակիցները ո՛րքան աւելի գնահատանք յայտնեն իրարու, ա՛յնքան աւելի իրարու կը մօտենան, եւ աւելի դիւրին կ’ըլլայ իրարու յանցանքները ներել։ Իր կինը արժեւորող ամուսինը ոչ միայն կը նկատէ անոր ըսած եւ ըրած լաւ բաները, հապա նաեւ «զանիկա կը գովէ» (Առ. 31։28)։ Իսկ իմաստուն կինը իր ամուսինին կը գիտցնէ, թէ յատկապէս ի՛նչ բան կ’արժեւորէ իր մէջ։ Ծնողնե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ձեր զաւակներուն սորվեցնել, որ գնահատանք արտայայտեն։ Յիշեցէք որ ձեր զաւակները պիտի ընդօրինակեն ինչ որ կ’ըսէք ու կ’ընէք։ Ուրեմն, լաւ օրինակ եղէք՝ շնորհակալութիւն յայտնելով երբ զաւակները ձեզի համար բան մը կ’ընեն։ Ասկէ զատ, անոնց սորվեցուցէք որ շնորհակալութիւն յայտնեն, երբ մարդիկ իրենց համար բաներ կ’ընեն։ Անոնց օգնեցէք որ հասկնան, թէ գնահատութիւն յայտնելը սրտէն կը բխի եւ թէ իրենց խօսքերը կրնան շատ լաւ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներուն վրայ։ դ19.02 17 ¶14-15

Կիրակի, յունուար 5

Իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ (Յոբ 27։5)։

Այս խօսքերը շատ կարեւոր են, քանի որ կը փաստեն թէ Յոբ վճռած էր ուղղամիտ մնալ, ի՛նչ ալ պատահէր։ Ան մերժեց տեղի տալ ու յանձնուիլ. մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։ Սատանան նոյն ամբաստանութիւնները կ’ընէ մեզի դէմ։ Դուն ինչպէ՞ս պարփակուած ես։ Իրականութեան մէջ, ան կ’ըսէ թէ դուն Եհովան իրապէս չես սիրեր, թէ կեանքդ ազատելու համար՝ Եհովային ծառայելէ պիտի դադրիս, եւ թէ ուղղամիտ պիտի չմնաս (Յոբ 2։4, 5. Յայտ. 12։10)։ Ասիկա գիտնալով ի՞նչ կը զգաս։ Կը վիրաւորուիս, չէ՞։ Սակայն մտածէ՛. Եհովան քեզի այնքա՛ն կը վստահի որ քեզի հոյակապ առիթ մը տուած է, թոյլ տալով Սատանային որ ուղղամտութիւնդ փորձէ։ Եհովան վստահ է որ կրնաս ուղղամիտ մնալ եւ փաստել որ Սատանան ստախօս է։ Ան կը խոստանայ այս հարցին մէջ քեզի օգնել (Եբ. 13։6)։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է տիեզերքի Գերիշխանին վստահութիւնը ունենալ։ Ուրեմն, կը տեսնե՞ս ուղղամտութիւնը ինչո՛ւ այսքան կարեւոր է։ Անիկա կը ձգէ որ Սատանային սուտերը հերքենք եւ մեր Հօր բարի անունը վեր բռնենք ու իր իշխելու կերպին թիկունք կանգնինք։ դ19.02 5 ¶9-10

Երկուշաբթի, յունուար 6

Ժամանակ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ (Յովհ. 16։2)։

Յիսուս իր առաքեալներուն տեղեկացուց, թէ ի՛նչ փորձութիւններ պիտի դիմագրաւէին։ Ետքը, քաջալերելով որ իր օրինակին հետեւին, ըսաւ որ «քաջասի՛րտ» ըլլան (Յովհ. 16։1-4ա, 33)։ Տարիներ ետք, Յիսուսի աշակերտները տակաւին կը շարունակէին իր անձնազոհ օրինակին հետեւիլ եւ քաջութիւն ցուցաբերել։ Սուղ գին վճարելով, փորձութիւններու մէջ իրարու թիկունք կանգնեցան (Եբ. 10։33, 34)։ Այսօր մենք ալ Յիսուսին պէս քաջութիւն ցոյց կու տանք։ Օրինակ, մեզմէ քաջութիւն կը պահանջէ, որ օգնենք իրենց հաւատքին համար հալածուող եղբայրներուն։ Երբեմն մեր եղբայրները անարդարօրէն կը բանտարկուին։ Այդ պարագային, պէտք է որ ամէն բան ընենք իրենց օգնելու, մէջը ըլլալով՝ իրենց համար աղօթել ու կառավարական պաշտօնեաներու եւ նոյնիսկ դատաւորներու առջեւ զիրենք պաշտպանել (Փլպ. 1։14. Եբ. 13։19)։ Քաջութիւն ցոյց տալու ուրիշ կերպ մըն է՝ շարունակել «համարձակ» քարոզել (Գործք 14։3)։ Յիսուսին պէս, վճռած ենք Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել, նոյնիսկ երբ մարդիկ մեզի հակառակին եւ հալածեն։ դ19.01 22-23 ¶8-9

Երեքշաբթի, յունուար 7

Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք (Եբ. 10։24, 25)։

Ի՞նչ բաներ կրնան քեզի օգնել, որ ժողովի ընթացքին քաջալերական պատասխաններ տաս։ Շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւր ժողովի համար նախապատրաստուիս։ Երբ առաջուընէ ծրագրես եւ ժողովի նիւթերը լաւ պատրաստես, աւելի ինքնավստահ պիտի զգաս պատասխանելու (Առ. 21։5)։ Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ պատրաստուիլ։ Նա՛խ Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրէ (Ղուկ. 11։13. Ա. Յովհ. 5։14)։ Քանի մը վայրկեան տրամադրէ դասին վրայ աչք մը նետելու։ Վերլուծէ վերնագիրը, ենթավերնագիրները, նկարները եւ ուսուցումի տուփերը։ Ետքը պարբերութիւնները մէկ առ մէկ սերտէ, եւ փորձէ բոլոր նշուած համարները կարդալ։ Տեղեկութիւններուն վրայ խոկա՛ եւ ուշադրութիւն դարձուր այն կէտերուն, որոնք կ’ուզես նշել պատասխանիդ մէջ։ Նիւթը ո՛րքան լաւ պատրաստես, ա՛յնքան աւելի պիտի օգտուիս եւ պատասխանելը աւելի դիւրին պիտի գտնես (Բ. Կոր. 9։6)։ դ19.01 9 ¶6. 11-12 ¶13-15

Չորեքշաբթի, յունուար 8

Տեսիլքը գրէ՛ (Ամբ. 2։2)։

Եհովան Ամբակումը մղեց որ իր մտահոգութիւնները գրէ, եւ ասիկա մեզի կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ. պէտք չէ վախնանք մեր հոգերն ու կասկածները Եհովային ըսելու։ Ան կ’ուզէ որ աղօթքով մեր սիրտը բանանք իր առջեւ (Սաղ. 50։15. 62։8)։ Ամբակում նախաձեռնութիւնը առաւ որ մօտենայ Եհովային՝ իր վստահելի Բարեկամին եւ Հօր։ Ճիշդ է որ ան մտահոգուեցաւ, բայց չփորձեց ինքն իրեն լուծել հարցը, հապա՝ իր զգացումներուն եւ մտահոգութիւններուն մասին աղօթեց Եհովային։ Ասիկա մեզի լաւ օրինակ մըն է։ Եհովան՝ աղօթք Լսողը, մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը ցուցնենք, իրեն աղօթելով մեր հոգերուն մասին (Սաղ. 65։2)։ Ասիկա պիտի ձգէ որ տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Իր ջերմ ողջագուրումը պիտի զգանք, երբ մեզ մխիթարէ եւ առաջնորդէ (Սաղ. 73։23, 24)։ Ան մեզի պիտի օգնէ որ մեր պարագային նկատմամբ իր մտածումները գիտնանք, ինչ ալ ըլլան մեր նեղութիւնները։ Եհովային աղօթելը իրապէս լաւագոյն կերպերէն մէկն է, որ ցուցնենք թէ իրեն կը վստահինք։ դ18.11 13 ¶2. 14 ¶5-6

Հինգշաբթի, յունուար 9

Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս (Սաղ. 16։3)։

Դաւիթ միայն իր տարեկիցներուն հետ չբարեկամացաւ։ Կրնա՞ս յիշել իր մտերիմ բարեկամներէն մէկը։ Թերեւս միտքդ բերիր Յովնաթանը։ Դաւիթին եւ Յովնաթանին բարեկամութիւնը Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած ամէնէն աղուոր բարեկամութիւններէն մէկն է։ Բայց գիտէի՞ր որ Յովնաթան Դաւիթէն շուրջ 30 տարի մեծ էր։ Անոնք ինչո՞ւ շատ լաւ բարեկամներ էին։ Անոնց բարեկամութիւնը հիմնուած էր Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքին վրայ։ Անոնք նաեւ փոխադարձ յարգանք ունէին եւ իրարու լաւ յատկութիւնները կ’արժեւորէին, ինչպէս՝ այն քաջութիւնը որ ցուցուցին, երբ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ կռուեցան (Ա. Թագ. 13։3. 14։13. 17։48-50. 18։1)։ Մենք ալ Դաւիթին եւ Յովնաթանին պէս կրնանք ուրախանալ, երբ բարեկամանանք անհատներու հետ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ իրեն հանդէպ հաւատք ունին։ Քիրա անունով քոյր մը, որ երկար տարիներ Աստուծոյ ծառայած է, կ’ըսէ. «Աշխարհի չորս կողմէն բարեկամներ ունիմ, որոնք տարբեր–տարբեր ենթահողերու եւ մշակոյթներու կը պատկանին»։ Եթէ դուն ալ շրջանակդ լայնցնես, յստակօրէն պիտի տեսնես որ Սուրբ Գիրքը եւ սուրբ հոգին ինչպէ՛ս մեզ կը միացնեն։ դ18.12 26 ¶11-13

Ուրբաթ, յունուար 10

Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ (Մատ. 19։9)։

Յիսուս նշեց «պոռնկութիւն»ը կամ սեռային անբարոյութիւնը, որ կը պարփակէ՝ շնութիւն, մարմնավաճառութիւն, չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային յարաբերութիւններ, միասեռականութիւն եւ անասնապղծութիւն։ Օրինակ՝ եթէ ամուսնացած տղամարդ մը սեռային անբարոյութիւն գործէ, իր կինը կրնայ որոշել ամուսնալուծուիլ կամ ոչ։ Նկատէ թէ Յիսուս չըսաւ որ մէկու մը կողակիցին սեռային անբարոյութիւն (բոռնէա) գործելը անպայման պէտք է ամուսնալուծման հասցնէ։ Օրինակ՝ կինը թերեւս որոշէ իր ամուսինին հետ ամուսնացած մնալ, հակառակ որ իր ամուսինը սեռային անբարոյութիւն գործեց։ Ինչո՞ւ։ Ան թերեւս տակաւին զինք կը սիրէ եւ պատրաստ է անոր ներելու եւ անոր հետ համագործակցելու, որ իրենց ամուսնութիւնը բարելաւեն։ Խօսքին բացը, եթէ ան ամուսնալուծուի եւ չվերամուսնանայ, որոշ դժուարութիւններ պիտի ունենայ։ Անոր նիւթական կամ սեռային պէտքերուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Մինակ պիտի զգա՞յ։ Զաւակները ինչպէ՞ս պիտի ազդուին (Ա. Կոր. 7։14)։ Յայտնի է թէ ամուսնալուծուած անմեղ կողակիցը լուրջ դժուարութիւններ կ’ունենայ։ դ18.12 12 ¶10-11

Շաբաթ, յունուար 11

Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք (Սաղ. 97։10)։

Եհովան անարդարութիւնը կ’ատէ (Եսա. 61։8)։ Ճիշդ է որ ան գիտէ թէ ատեններ դժուար է որ ճիշդը ընենք, քանի որ անկատար ենք, բայց մեզի կը պատուիրէ որ իրեն պէս ատենք անարդարութիւնը։ Եթէ խոկանք թէ Եհովան ինչո՛ւ գէշ բաները կ’ատէ, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ իրեն պէս հարցերուն նայինք, եւ աւելի ոյժ պիտի տայ որ գէշ բաներ չընենք։ Եթէ սորվինք չար բաները ատել, ատիկա նաեւ մեզի պիտի օգնէ որ գիտնանք թէ որոշ բաներ սխալ են, նոյնիսկ եթէ Սուրբ Գիրքը մասնաւոր բան մը չ’ըսեր ատոնց մասին։ Օրինակ, կայ անբարոյ պար մը, որ երթալէն աւելի սովորական կը դառնայ աշխարհին մէջ։ Այդ պարին ընթացքին, վճարուած պարող մը, որ ընդհանրապէս կիսամերկ կ’ըլլայ, սեռային շարժումներ կ’ընէ մինչ ուրիշի մը գիրկը նստած է։ Ոմանք կը կարծեն որ այդ պարը սխալ չէ, քանի որ սեռային յարաբերութիւն ունենալ չէ։ Բայց Եհովային կարծիքը նո՞յնն է։ Յիշէ թէ ան ամէն տեսակ չարութիւն կ’ատէ։ Ուրեմն, թող որ ինքնազսպում զարգացնենք եւ Եհովային ատած բաները ատենք, որպէսզի հեռու մնանք որեւէ բանէ որ չար է (Հռով. 12։9)։ դ18.11 25 ¶11-12

Կիրակի, յունուար 12

Արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի (Ամբ. 2։4)։

Այս խոստումը ա՛յնքան կարեւոր է, որ Պօղոս առաքեալ զայն երեք անգամ մէջբերեց իր նամակներուն մէջ (Հռով. 1։17. Գաղ. 3։11. Եբ. 10։38)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ի՛նչ դժուարութիւններ ալ ունենանք, պիտի տեսնենք Եհովայի խոստումներուն կատարումը, եթէ իրեն վստահինք։ Եհովան կ’ուզէ որ կեդրոնանանք ապագայի նկատմամբ մեր յոյսին վրայ։ Ամբակում գիրքը զօրաւոր դաս մը կը սորվեցնէ բոլորիս,– մենք որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Եհովան կը խոստանայ որ յաւիտենական կեանք պիտի տայ ոեւէ արդարի, որ իրեն կը վստահի։ Ուրեմն, շարունակենք իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնել, հակառակ մեր դժուարութիւններուն եւ հոգերուն։ Ամբակումին ուղղուած Եհովային խօսքերը մեզ կը վստահեցնեն, թէ մեզի պիտի օգնէ եւ փրկէ։ Ան քաղցրութեամբ մեզմէ կը խնդրէ, որ իրեն վստահինք եւ համբերութեամբ սպասենք իր որոշած ժամանակին, երբ իր Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Այդ ժամանակ, երկիրը պիտի լեցուի ուրախ եւ հեզ մարդոցմով, որոնք զինք կը պաշտեն (Մատ. 5։5. Եբ. 10։36-39)։ դ18.11 16 ¶15-17

Երկուշաբթի, յունուար 13

Ճշմարտութեան մէջ կը քալեն (Գ. Յովհ. 4)։

Առաջին դարուն, ոմանք որ սկիզբը ճշմարտութիւնը ընդունեցին, չշարունակեցին ատոր մէջ քալել։ Օրինակ, երբ Յիսուս հրաշքով մը կերակրեց մեծ խումբ մը, անոնք իր ետեւէն գացին Գալիլիա ծովուն միւս կողմը։ Հոն, Յիսուս բան մը ըսաւ, որ զանոնք ցնցեց. «Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար»։ Փոխանակ Յիսուսէն խնդրելու որ իր ըսածը բացատրէ, անոնք գայթակղեցան եւ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ Այսպիսով, «իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր» (Յովհ. 6։54-67)։ Ցաւօք սրտի, մեր օրերուն ալ ոմանք ճշմարտութիւնը ձգած են։ Ինչո՞ւ։ Կան անձեր որոնք գայթակղեցան, երբ պատասխանատու եղբայր մը որոշ բան մը ըսաւ կամ ըրաւ։ Ուրիշներ իրենց տրուած սուրբգրային խրատը չհաւնեցան, կամ լուրջ անհամաձայնութիւն մը ունեցան հաւատակիցի մը հետ։ դ18.11 9 ¶3-5

Երեքշաբթի, յունուար 14

Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է (Մատ. 23։10, ՆԹ)։

Երբ լման չենք հասկնար կազմակերպութեան ըրած կարգ մը փոփոխութիւններուն պատճառները, լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք թէ Քրիստոս անցեալին ինչպէ՛ս առաջնորդեց Աստուծոյ ժողովուրդը։ Ըլլա՛յ Յեսուին օրերուն կամ առաջին դարուն, Քրիստոս միշտ իմաստուն ցուցմունքներ տուած է, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս խումբ պաշտպանէ, անոնց հաւատքը զօրացնէ եւ Աստուծոյ ծառաներուն միութիւնը պահպանէ (Եբ. 13։8)։ Ներկայիս, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ճիշդ ատենին մեզի կու տայ պէտք եղած ուղղութիւնը (Մատ. 24։45)։ Երբ կ’ըմբռնենք որ Քրիստոս ինչպէ՛ս կ’առաջնորդէ մեզ, կը զգանք թէ ան որքա՜ն հետաքրքրուած է մեր հոգեւոր յառաջդիմութեամբ։ Քրիստոս նաեւ մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնացած մնանք ներկայիս կատարուող ամէնէն կարեւոր գործին վրայ,– մեր քարոզչութիւնը (Մար. 13։10)։ դ18.10 25 ¶13-16

Չորեքշաբթի, յունուար 15

Այնպէս քալեցէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք, լման խոնարհութիւնով (Եփ. 4։1, 2)։

Խոնարհութիւնը կ’օգնէ որ ինքնազսպում ունենանք, երբ մէկը մեզ ջղագրգռէ։ Ասիկա յստակ է Բ. Թագաւորաց 16։5-13–ին մէջ։ Սաւուղ թագաւորին մէկ ազգականը՝ Սեմէի, անարգեց եւ քար նետեց Դաւիթին եւ անոր ծառաներուն վրայ։ Դաւիթ համբերութեամբ տարաւ անոր անարգանքները, հակառակ որ կրնար զինք կեցնել։ Ան ինչպէ՞ս կրցաւ ինքնազսպում ունենալ։ 3–րդ սաղմոսին մակագրութիւնը կը ցուցնէ, թէ Դաւիթ զայն գրեց «իր որդիին Աբիսողոմին երեսէն փախած ժամանակը»։ Ատիկա այն ժամանակն էր, երբ Սեմէին յարձակեցաւ Դաւիթին վրայ, բայց Դաւիթ հանդարտ մնաց։ Ինչպէ՞ս։ Սաղմոս 3։4–ին մէջ Դաւիթ վստահութեամբ կ’ըսէ. «Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի ու. . . ինծի պատասխանեց»։ Մենք ալ կրնանք աղօթել, երբ մէկը մեզ ջղայնացնէ։ Եհովան իր սուրբ հոգին պիտի տայ, ինչ որ կրնայ մեզի օգնել որ տոկանք։ Կրնա՞ս աւելի ինքնազսպում ունենալ կամ աւելի ներողամիտ գտնուիլ, երբ մէկը քեզ ջղայնացնէ։ Այն վստահութիւնը ունի՞ս, որ Եհովան կը տեսնէ նեղութիւնդ եւ պիտի օգնէ ու օրհնէ քեզ։ դ18.09 6-7 ¶16-17

Հինգշաբթի, յունուար 16

Մենք Աստուծոյ գործակից ենք (Ա. Կոր. 3։9)։

Երբ կը քարոզենք, պէտք է միշտ նկատառութեամբ ու յարգանքով վարուինք, եւ այս պատճառով պէտք է լաւ ճանչնանք տեղացիները։ Մի՛ մոռնար որ երբ դռնէ դուռ կը ծառայենք, անկոչ հիւր ենք։ Ուստի շատ կարեւոր է որ մարդոց դուռը զարնենք այն ժամանակ, երբ աւելի յօժար կ’ըլլան խօսակցելու (Մատ. 7։12)։ Օրինակ, թաղամասիդ մարդիկը կը սիրե՞ն շաբաթավերջերուն աւելի երկար քնանալ։ Եթէ ա՛յո, կրնաս ծառայութիւնդ սկսիլ փողոցի քարոզչութեամբ, հանրային վկայութեամբ կամ վերայցելութիւններ ընելով անոնց, որոնք գիտես որ արթուն կ’ըլլան։ Միւս կողմէ, զանազան թաղամասերու մէջ, բազմաթիւ մարդիկ, որոնց կը հանդիպինք մեր դաշտի ծառայութեան ընթացքին, շատ զբաղած են։ Հետեւաբար, յարմար կ’ըլլայ որ իրենց հետ մեր խօսակցութիւնը կարճ պահենք, մանաւանդ սկիզբը (Ա. Կոր. 9։20-23)։ Երբ մարդիկ տեսնեն թէ կը հասկնանք որ զբաղած են, յաջորդ անգամ աւելի յօժար կ’ըլլան մեզի հետ խօսելու։ Մեր դաշտի ծառայութեան մէջ սուրբ հոգիին պտուղը ցուցաբերելով, իրապէս «Աստուծոյ գործակից»ները պիտի ըլլանք։ Եհովան թերեւս նոյնիսկ մեզ գործածէ, որ մէկը ճշմարտութեան քաշէ (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ դ18.09 32 ¶15-17

Ուրբաթ, յունուար 17

Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը (Մատ. 5։5)։

Հեզ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ անհատը երջանիկ ըլլայ։ Շատեր կոշտ, անկիրթ եւ վայրագ են։ Բայց երբ ճշմարտութիւնը կը սորվին, կը փոխուին եւ նոր անձնաւորութիւնը կը հագուին։ Անոնք այլեւս ‘գութ, ողորմութիւն, քաղցրութիւն, խոնարհութիւն, հեզութիւն, երկայնմտութիւն’ կը ցուցաբերեն (Կող. 3։9-12)։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ անոնք ուրիշներու հետ լաւ փոխյարաբերութիւններ եւ խաղաղութիւն ունենան ու երջանիկ ըլլան։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ, որ անոնք «երկիրը պիտի ժառանգեն» (Սաղ. 37։8-10, 29)։ Հեզերը ի՞նչ իմաստով «պիտի ժառանգեն երկիրը»։ Օծեալները երկիրը պիտի ժառանգեն, երբ ատոր վրայ իշխեն որպէս թագաւորներ ու քահանաներ (Յայտ. 20։6)։ Միլիոնաւոր ուրիշներ, որոնք երկնային յոյսը չունին, երկիրը պիտի ժառանգեն, երբ իրենց թոյլ տրուի որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին։ Անոնք կատարեալ պիտի ըլլան եւ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն պիտի ունենան։ դ18.09 19 ¶8-9

Շաբաթ, յունուար 18

Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ (Յակ. 1։19)։

Եհովան այս մարզին մէջ լաւագոյն օրինակն է (Ծն. 18։32. Յես. 10։14)։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Ելից 32։11-14–ի մէջ գրուած խօսակցութենէն։ Թէեւ Եհովան Մովսէսի կարծիքին պէտք չունէր, բայց անոր առիթ տուաւ որ իր զգացումները արտայայտէ։ Ո՞ր մարդ արարածը պատրաստ կ’ըլլայ երկար ժամանակ մտիկ ընելու մէկու մը, որ նախապէս սխալ կերպով մտածած էր, եւ ետքը անոր ըսածը կ’ընէ։ Սակայն Եհովան համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով իրեն կ’աղօթեն։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ Եհովան այնքա՛ն խոնարհ է, որ պատրաստ է մարդոց մտիկ ընելու, ինչպէս մտիկ ըրաւ Աբրահամին, Ռաքէլին, Մովսէսին, Յեսուին, Մանուէին, Եղիային եւ Եզեկիային, պէտք չէ՞ ես ալ ջանամ նոյնը ընել։ Կրնա՞մ աւելի պատուել բոլոր եղբայրներս, անոնց գաղափարները մտիկ ընելով եւ գործադրելով եթէ կարելիութիւն կայ։ Ժողովքիս մէջ կամ ընտանիքիս մէջ կա՞յ անդամ մը, որուն պէտք է աւելի ուշադրութիւն դարձնեմ։ Իրեն համար ի՞նչ պիտի ընեմ’ (Ծն. 30։6. Դատ. 13։9. Գ. Թագ. 17։22. Բ. Մն. 30։20)։ դ18.09 6 ¶14-15

Կիրակի, յունուար 19

Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի (Առ. 11։25)։

Դժուար է որ շարունակենք առատաձեռն ըլլալ, երբ մեր շուրջինները միայն իրենց անձին շահը կը փնտռեն։ Բայց Յիսուս ըսաւ որ ամենամեծ երկու պատուիրաններն են՝ Եհովան սիրել մեր ամբողջ սրտով, անձով, մտքով ու զօրութիւնով, եւ մեր ընկերը սիրել մեր անձին պէս (Մար. 12։28-31)։ Անոնք որոնք Եհովան կը սիրեն, զինք կ’ընդօրինակեն։ Թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուս առատաձեռն են։ Անոնք մեզ կը քաջալերեն որ առատաձեռն ըլլանք, քանի որ ասիկա իսկապէս պիտի ուրախացնէ մեզ։ Եթէ առատաձեռն ըլլանք Աստուծոյ եւ մեր ընկերին հանդէպ, Եհովային փառք պիտի բերենք եւ օգուտներ պիտի քաղենք, թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշներ։ Անկասկած լաւագոյնդ կ’ընես որ առատաձեռն ըլլաս եւ օգնես ուրիշներուն, մանաւանդ եղբայրներուն ու քոյրերուն (Գաղ. 6։10)։ Եթէ այսպէս շարունակես, մարդիկ քեզ պիտի գնահատեն ու սիրեն, եւ դուն ուրախ պիտի ըլլաս։ դ18.08 22 ¶19-20

Երկուշաբթի, յունուար 20

Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք (Յովհ. 7։24)։

Եհովային քով կարեւորութիւն չունի թէ ի՛նչ է մեր ցեղը, ազգը կամ լեզուն։ Ոեւէ մէկը որ Աստուծմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է (Գաղ. 3։26-28. Յայտ. 7։9, 10)։ Անկասկած, արդէն գիտես ասիկա։ Բայց եթէ մեծցած ես երկրի մը կամ ընտանիքի մը մէջ, ուր նախապաշարում ունենալը սովորական է, կրնայ ըլլալ որ տակաւին մէջդ նախապաշարումի հետքեր մնացած են, հակառակ որ թերեւս դուն քեզ կը սեպես որ անաչառ ես։ Նոյնիսկ Պետրոս յետագային աչառութեամբ վարուեցաւ,– ինք որ ուրիշներուն օգնած էր հասկնալու թէ Աստուած անաչառ է (Գաղ. 2։11-14)։ Ինչպէ՞ս կրնանք երեւոյթէն չդատել ուրիշները։ Որպէսզի գիտնանք թէ նախապաշարումի որեւէ զգացում ունի՛նք կամ ոչ, պէտք է մենք մեզ քննենք Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ (Սաղ. 119։105)։ Նաեւ կրնանք բարեկամի մը հարցնել, թէ արդեօք նախապաշարումի հետքեր տեսա՞ծ է մեր մէջ, նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ նախապաշարուած չենք (Գաղ. 2։11, 14)։ Թերեւս այդ զգացումները այնքա՛ն սովորական դարձած են մեզի համար, որ չենք զգար թէ նախապաշարուած ենք։ դ18.08 9 ¶5-6

Երեքշաբթի, յունուար 21

Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ (Մատ. 5։16)։

Դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշները կրնա՞ն տեսնել որ Եհովային անխախտօրէն հաւատարիմ եմ։ Հպարտութեամբ կ’ըսե՞մ ուրիշներուն որ Եհովայի վկայ եմ’։ Երեւակայէ թէ Եհովան որքա՜ն պիտի նեղուի, եթէ ամչնանք ուրիշներուն ըսելու որ իրեն կը պատկանինք,– ինք որ մեզ զատած է որպէս իր ժողովուրդը (Սաղ. 119։46. Մար. 8։38)։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը Վկաներ «աշխարհի հոգի»էն ազդուած են։ Անոնց եւ Եհովան չպաշտողներուն միջեւ շատ տարբերութիւն չկայ (Ա. Կոր. 2։12)։ «Աշխարհի հոգի»ն կը ձգէ որ մարդիկ իրենց անձնասէր ցանկութիւններուն վրայ կեդրոնանան (Եփ. 2։3)։ Օրինակ, հակառակ բոլոր խրատներուն որ ստացած ենք, ոմանք տակաւին անպատշաճ կերպով կը հագուին ու կը յարդարուին։ Անոնք փակած հագուստներ կամ բաց կը հագուին նոյնիսկ ժողովներուն համար։ Կամ ալ իրենց մազերը ծայրայեղ կերպով կը կտրեն (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Այս պատճառով, երբ անոնք մարդոց մէջ ըլլան, դժուար կ’ըլլայ գիտնալ, թէ Եհովայի վկայ են կամ ոչ (Յակ. 4։4)։ դ18.07 24 ¶11-12

Չորեքշաբթի, յունուար 22

Դուք ամէնքդ եղբայր էք (Մատ. 23։8, 9)։

Նախ, «եղբայր» ենք այն առումով որ բոլորս Ադամէն եկած ենք (Գործք 17։26)։ Նաեւ, Յիսուս բացատրեց թէ իր աշակերտները եղբայր–քոյր են, քանի որ Եհովան ընդունած են որպէս իրենց երկնաւոր Հայրը (Մատ. 12։50)։ Ասկէ զատ, անոնք բոլորն ալ հոգեւոր մեծ ընտանիքի մը անդամները դարձած են եւ սիրով ու հաւատքով միացած են։ Ուստի առաքեալները իրենց նամակներուն մէջ հաւատակիցները կը կոչէին եղբայրներ–քոյրեր (Հռով. 1։13. Ա. Պետ. 2։17. Ա. Յովհ. 3։13)։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ, որ պէտք է եղբայր–քոյրի աչքով նային իրարու, շեշտեց որ պէտք է խոնարհ ըլլան (Մատ. 23։11, 12)։ Երբեմն հպարտութիւնը պատճառ եղաւ, որ առաքեալները բաժնուած ըլլան։ Նաեւ, բազմաթիւ հրեաներ կը հաւատային որ ուրիշներէն աւելի լաւ են, քանի որ Աբրահամի սերունդէն են։ Բայց Յովհաննէս Մկրտիչ անոնց ըսաւ. «Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել» (Ղուկ. 3։8)։ դ18.06 10 ¶8-9

Հինգշաբթի, յունուար 23

Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է (Առ. 17։27)։

Երբ բանէ մը կամ մէկէ մը յուսախաբ ըլլանք, մեր լեզուն եւ ջղայնութիւնը կը զսպե՞նք (Առ. 10։19. Մատ. 5։22)։ Երբ ուրիշներ մեր ջիղերուն հետ խաղան, պէտք է ‘բարկութեան տեղի տանք’, այսինքն՝ Եհովային առիթ տանք որ իր բարկութիւնը յայտնէ (Հռով. 12։17-21)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Փոխանակ բարկանալու, Եհովան կը յարգենք, համբերութեամբ սպասելով որ մեր խնդրին համար բան մը ընէ, երբ պէտք տեսնէ։ Եթէ ջանանք վրէժ առնել՝ փոխանակ իրեն նայելու, յարգանքի պակաս ցուցուցած կ’ըլլանք իրեն։ Հաւատարմօրէն կը հետեւի՞նք Եհովային տուած ամենանոր ուղղութիւններուն։ Եթէ ա՛յո, ուրեմն պիտի չջանանք ամէն բան ընել ճիշդ ինչպէս որ նախապէս կ’ընէինք, պարզապէս քանի որ այդ կերպով ընելու վարժուած ենք։ Ընդհակառակը, շուտով պիտի հետեւինք նոր ուղղութիւններուն, որ Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ կու տայ (Եբ. 13։17)։ Միեւնոյն ատեն, ուշադիր կ’ըլլանք որ ‘գրուածէն աւելի բան մը չխորհինք’ (Ա. Կոր. 4։6)։ Այսպիսով, մեր աչքերը կեդրոնացած կը պահենք Եհովային վրայ։ դ18.07 15 ¶17-18

Ուրբաթ, յունուար 24

Շարունակենք ձգտիլ հասունութեան (Եբ. 6։1, ՆԱ)։

Օրէնքները կրնան մասնայատուկ պարագայի մը կիրարկուիլ, մինչ սկզբունքները կը կիրարկուին բազմաթիւ տարբեր պարագաներու։ Ասոր համար, որքա՛ն հասուն դառնաս, սկզբունքները այնքան աւելի կարեւոր պիտի ըլլան քեզի համար։ Օրինակ, պզտիկ մը չի հասկնար գէշ բարեկամներ ունենալուն վտանգը, եւ այս պատճառով իր ծնողքը պէտք է կանոններ դնէ, որպէսզի զինք պաշտպանէ (Ա. Կոր. 15։33)։ Բայց մինչ պզտիկը կը մեծնայ, իր մտածելու կարողութիւնը կը զարգանայ եւ ինք կարող կը դառնայ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ տրամաբանելու։ Այս սկզբունքները իրեն պիտի օգնեն, որ լաւ ընկերներ զատէ (Ա. Կոր. 13։11. 14։20)։ Որքա՛ն աւելի տրամաբանենք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ, մեր խիղճը այնքան աւելի վստահելի պիտի ըլլայ եւ աւելի յստակ պիտի հասկնանք, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք որոշ պարագայի մը մէջ։ Արդեօք Եհովան հաճեցնող որոշումներ առնելու համար պէտք եղածը ունի՞նք։ Այո՛։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան օրէնքներ եւ սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ ամբողջովին կարող եւ «ամէն բարի գործերու պատրաստուած» ըլլանք (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ դ18.06 19 ¶14. 20 ¶16-17

Շաբաթ, յունուար 25

Իմ ընկերս ո՞վ է (Ղուկ. 10։29)։

Յիսուսի պատմութիւնը ցուցուց, որ սամարացին կրնայ հրեաներուն սորվեցնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ընկերը սիրել (Ղուկ. 10։25-37)։ Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ որ քարոզեն «բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ասիկա ընելու համար, անոնք պէտք էր մէկ կողմ դնէին իրենց հպարտութիւնը եւ նախապաշարումը։ Յիսուս արդէն զիրենք պատրաստած էր այս մեծ նշանակումին համար, անոնց խօսելով օտարներուն ունեցած լաւ յատկութիւններուն մասին։ Օրինակ, ան գոված էր օտար հարիւրապետ մը իր ունեցած հոյակապ հաւատքին համար (Մատ. 8։5-10)։ Իսկ Նազարէթին մէջ, Յիսուս բացատրած էր թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնած էր օտարներուն, ինչպէս՝ Սարեփթայէն եղող փիւնիկեցի որբեւայրին եւ ասորի բորոտ Նէեմանը (Ղուկ. 4։25-27)։ Յիսուս ոչ միայն քարոզեց սամարացի կնոջ մը, հապա նաեւ երկու օր անցուց սամարական քաղաքի մը մէջ, քանի որ այդտեղի մարդիկը հետաքրքրուած էին իր պատգամով (Յովհ. 4։21-24, 40)։ դ18.06 10 ¶10-11

Կիրակի, յունուար 26

Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել (Եփ. 6։11)։

Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները նմանցուց զինուորներու։ Մենք պատերազմի մէջ ենք եւ ասիկա հոգեւոր պատերազմ է, բառացի չէ, բայց մեր թշնամիները իրական են։ Անոնք Սատանան եւ դեւերն են, որոնք վարպետ պատերազմողներ են եւ շատ փորձառութիւն ունին։ Թերեւս կարծենք որ չենք կրնար այս պատերազմը շահիլ, մանաւանդ եթէ երիտասարդ ենք։ Երիտասարդները կրնա՞ն յաղթել այսպիսի զօրաւոր թշնամիներու։ Այո՛ կրնան, եւ արդէն կը յաղթեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայէն զօրութիւն կը ստանան։ Բայց ասկէ զատ, անոնք լաւ մարզուած զինուորներու պէս՝ «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» հագած են, որպէսզի պատրաստ ըլլան կռուելու (Եփ. 6։10-12)։ Երբ Պօղոս այդ նկարագրութիւնը տուաւ, թերեւս իր միտքը ունէր հռոմայեցի զինուորներուն հագած սպառազինութիւնը (Գործք 28։16)։ դ18.05 27 ¶1-2

Երկուշաբթի, յունուար 27

Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ (Մատ. 6։9)։

Քարոզելու ամէնէն կարեւոր պատճառն է՝ Եհովային փառք բերել եւ իր անունը սրբացնել (Յովհ. 15։1, 8)։ Մենք չենք կրնար Աստուծոյ անունը աւելի սուրբ դարձնել, քանի որ արդէն բացարձակ առումով սուրբ է։ Բայց նկատի առ թէ Եսայի մարգարէն ինչ ըսաւ. «Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք [«սուրբ նկատեցէք», ՆԱ]» (Եսա. 8։13)։ Աստուծոյ անունը կը սրբացնենք՝ զայն որեւէ ուրիշ անունէ աւելի բարձր նկատելով եւ ուրիշներուն օգնելով որ հասկնան թէ ատիկա սուրբ է։ Օրինակ, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք ճշմարտութիւնը Եհովային հոյակապ յատկութիւններուն մասին եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին, անոնց կ’օգնենք որ տեսնեն թէ բոլոր այն գէշ բաները, որ Սատանան խօսած է Եհովային մասին, սուտ են (Ծն. 3։1-5)։ Աստուծոյ անունը կը սրբացնենք նաեւ երբ մարդոց կ’օգնենք, որ գիտնան թէ Եհովան արժանի է «փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու» (Յայտ. 4։10բ)։ դ18.05 18 ¶3-4

Երեքշաբթի, յունուար 28

Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն. . .  վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ (Սաղ. 92։1, 4)։

Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու գլխաւոր պատճառը այն է, որ Եհովային ցուցնենք թէ երախտապարտ ենք իր սիրոյն համար, եւ բոլոր այն բաներուն համար որ մեզի ըրած է։ Որպէս պատանի, մտածէ այն բաներուն մասին, որ Եհովան քեզի տուած է. կեանքդ, հաւատքդ, Սուրբ Գիրքը, ժողովքը եւ ապագայի նկատմամբ հիանալի յոյսդ։ Երբ հոգեւոր նպատակակէտեր դնես, կը ցուցնես որ շնորհակալ ես Աստուծմէ բոլոր այս բաներուն համար։ Իսկ երբ ջանք թափես որ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնիս, լաւ գործ մը ըրած կ’ըլլաս Եհովային համար։ Ասիկա քեզ ա՛լ աւելի պիտի մօտեցնէ իրեն։ Պօղոս առաքեալ խոստացաւ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք» (Եբ. 6։10)։ Որքան ալ տարիքով պզտիկ ըլլաս, կրնա՛ս նպատակակէտեր դնել։ Մտածէ թէ ի՛նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել, եւ ջանք թափէ որ ատոնց հասնիս (Փլպ. 1։10, 11)։ դ18.04 26 ¶5-6

Չորեքշաբթի, յունուար 29

Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ (Բ. Կոր. 3։17)։

Առաջին քրիստոնեաները կ’ապրէին Հռոմէական կայսրութեան մէջ, ուր մարդիկ շատ հպարտ էին իրենց ունեցած օրէնքներով, արդարադատական դրութեամբ եւ ազատութիւնով։ Բայց մեծաւ մասամբ ստրուկներն էին որ այդ զօրաւոր ու փառաւոր կայսրութիւնը ոտքի կը պահէին։ Ատեն մը, ատոր բնակչութեան 30 առ հարիւրը ստրուկներ էին։ Անկասկած, ստրկութեան եւ ազատութեան նիւթերը շատ կը հետաքրքրէին պարզ ժողովուրդը, մէջը ըլլալով քրիստոնեաները։ Պօղոս առաքեալ շատ անգամ ազատութեան մասին խօսեցաւ իր նամակներուն մէջ, բայց իր նպատակը չէր աշխարհին խնդիրները լուծել, ինչ որ այդ ժամանակ մարդիկ կ’ուզէին ընել։ Ընդհակառակը, Պօղոս եւ ուրիշ քրիստոնեաներ ամէն ջանք կ’ընէին, որ մարդոց սորվեցնէին Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը, եւ անոնց օգնէին հասկնալու, թէ Յիսուս Քրիստոսին զոհը որքա՜ն արժէքաւոր է։ Պօղոս քրիստոնեաներուն ուշադրութեան յանձնեց իսկական ազատութեան Աղբիւրը։ դ18.04 8 ¶1-2

Հինգշաբթի, յունուար 30

Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես (Ղուկ. 22։31, 32)։

Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս Պետրոս առաքեալին ըսաւ վերոնշեալ խօսքը։ Պետրոս քրիստոնէական ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներէն եղաւ (Գաղ. 2։9)։ Ան եղբայրները քաջալերեց իր համարձակ կեցուածքով Պէնտէկոստէին եւ ատկէ ետք։ Երկա՜ր տարիներ ծառայելէ ետք, եղբայրներուն գրեց. «Համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք» (Ա. Պետ. 5։12)։ Պետրոսին նամակները քաջալերեցին այդ ժամանակուան քրիստոնեաները, եւ մինչեւ այսօր մեզ կը քաջալերեն։ Որքա՜ն պէտք ունինք այս քաջալերութեան, մինչ կը սպասենք որ Եհովային խոստումները կատարուին (Բ. Պետ. 3։13)։ դ18.04 17 ¶12-13

Ուրբաթ, յունուար 31

Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ. . . երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ (Յակ. 1։25)։

Ամէնուրեք մարդիկ կը պահանջեն որ ազատ ըլլան իրենց ուզածը ընելու եւ իրենց ուզած կերպով ապրելու։ Անոնք կը բողոքեն, ցոյցեր եւ նոյնիսկ յեղափոխութիւններ կ’ընեն, որպէսզի ազատ ըլլան։ Բայց իրապէս կը հասնի՞ն իրենց ուզածին։ Ո՛չ. ընդհակառակը, ասիկա յաճախ չարչարանքները կը շատցնէ եւ նոյնիսկ մահ կրնայ պատճառել։ Ժողովող 8։9–ին մէջ գրուած Սողոմոնի խօսքը շատ ճիշդ է, որ կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ Այս օրուան համարին մէջ, Յակոբոս աշակերտ ըսաւ որ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի իրապէս ուրախ ու գոհ ըլլանք։ Այդ կատարեալ օրէնքը Եհովայէն կու գայ, եւ ան լաւագոյնս գիտէ թէ ինչի՛ պէտք ունինք, որպէսզի լման ուրախ եւ գոհ ըլլանք։ Ան Ադամին ու Եւային տուաւ ամէն բան որ պէտք ունէին, որպէսզի ուրախ ըլլային, մէջը ըլլալով իսկական ազատութիւնը։ դ18.04 3 ¶1-3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել