Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք20 էջ 17-26
  • Փետրուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փետրուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Շաբաթ, փետրուար 1
  • Կիրակի, փետրուար 2
  • Երկուշաբթի, փետրուար 3
  • Երեքշաբթի, փետրուար 4
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 5
  • Հինգշաբթի, փետրուար 6
  • Ուրբաթ, փետրուար 7
  • Շաբաթ, փետրուար 8
  • Կիրակի, փետրուար 9
  • Երկուշաբթի, փետրուար 10
  • Երեքշաբթի, փետրուար 11
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 12
  • Հինգշաբթի, փետրուար 13
  • Ուրբաթ, փետրուար 14
  • Շաբաթ, փետրուար 15
  • Կիրակի, փետրուար 16
  • Երկուշաբթի, փետրուար 17
  • Երեքշաբթի, փետրուար 18
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 19
  • Հինգշաբթի, փետրուար 20
  • Ուրբաթ, փետրուար 21
  • Շաբաթ, փետրուար 22
  • Կիրակի, փետրուար 23
  • Երկուշաբթի, փետրուար 24
  • Երեքշաբթի, փետրուար 25
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 26
  • Հինգշաբթի, փետրուար 27
  • Ուրբաթ, փետրուար 28
  • Շաբաթ, փետրուար 29
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
աք20 էջ 17-26

Փետրուար

Շաբաթ, փետրուար 1

Քու ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարէ՛ (Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ)։

Յիսուս ուրիշներուն հանդէպ քնքուշ զգացումներ ունէր։ Մարդիկ ասիկա կը զգային, հետեւաբար մտիկ կ’ընէին Թագաւորութեան պատգամը։ Մենք ալ մարդոց հանդէպ ո՛րքան աւելի ջերմ զգացումներ ունենանք, ա՛յնքան աւելի պիտի կարենանք իրենց օգնել, երբ կը քարոզենք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ կարեկցինք անոնց՝ որոնց կը քարոզենք։ Պէտք է մեր անձը իրենց տեղը դնենք եւ իրենց հետ վարուինք այնպէս՝ ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին (Մատ. 7։12)։ Պէտք է նկատի առնենք իւրաքանչիւր անհատի կարիքները։ Եւ ծառայութեան մէջ խօսակցութիւն սկսելու համար, պէտք չէ բոլորին հետ նոյն մեթոտը գործածենք, հապա պէտք է հաշուի առնենք իւրաքանչիւր անհատի պարագաները եւ տեսակէտները։ Փափկանկատ հարցումներ հարցնենք, անհատին եւ իր հաւատալիքներուն մասին բան մը գիտնալու համար (Առ. 20։5)։ Ուրիշներուն հարցումներ հարցնելով, կը գիտնանք թէ իրապէս ի՛նչ բաներու պէտք ունին։ Եւ մէյ մը որ գիտնանք, կրնանք անոնց մասնայատուկ պէտքերը հաշուի առնել եւ ըստ այնմ օգնել, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ (համեմատէ՛ Ա. Կորնթացիս 9։19-23)։ դ19.03 20 ¶2. 22 ¶8-9

Կիրակի, փետրուար 2

Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին (Առ. 16։3)։

Ադամն ու Եւան ցոյց տուին որ երախտապարտ չէին այն բոլոր բարիքներուն համար, որ Եհովան իրենց ի նպաստ ըրած էր։ Բոլորս առիթ ունինք ցոյց տալու, թէ անոնց պէս չենք։ Մենք երախտապարտ ենք ամէն բանի համար, որ Եհովան մեզի ի նպաստ կ’ընէ։ Մկրտուելով Եհովային ցոյց կու տանք, որ կը հաւատանք թէ ինք հեղինակութիւնը ունի մեզի համար որոշելու, թէ ի՛նչը բարի է ու ի՛նչը չար է։ Եւ կը փաստենք որ մեր Հայրը կը սիրենք ու իրեն կը վստահինք։ Մկրտուելէ ետք ունինք մարտահրաւէր մը. ամէն օր ապրիլ Եհովայի՛ն չափանիշներուն համաձայն։ Միլիոնաւորներ այդպէս կ’ընեն։ Կրնա՛ս իրենց պէս ըլլալ, եթէ շարունակես Աստուածաշունչը ա՛լ աւելի հասկնալ, եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլ եւ սիրալիր Հօրդ մասին սորվածներդ նախանձախնդրօրէն ուրիշներուն պատմել (Եբ. 10։24, 25)։ Երբ որոշումներ պիտի առնես, մտիկ ըրէ Եհովայի խրատը, որ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ կու տայ (Եսա. 30։21)։ Այսպէս, ի՛նչ որ կ’ընես պիտի յաջողի (Առ. 16։20)։ դ19.03 7 ¶17-18

Երկուշաբթի, փետրուար 3

Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ (Յակ. 1։17)։

Եհովան մեզի առատ հոգեւոր սնունդ տուած է։ Օրինակ, օգտակար խրատներ կը ստանանք մեր ժողովներուն, պարբերաթերթերուն եւ կայքերուն միջոցաւ։ Արդեօք դասախօսութիւն մը լսելէ, յօդուած մը կարդալէ կամ JW Հեռատեսիլի կայանէն յայտագիր մը դիտելէ ետք, դուն քեզի ըսա՞ծ ես. ‘Ճիշդ ասոր պէտք ունէի’։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ Եհովային (Կող. 3։15)։ Կրնանք մեր աղօթքներուն մէջ տեւական շնորհակալութիւն յայտնել, ինչպէս նաեւ մեր պաշտամունքին վայրը մաքուր ու կոկիկ պահելով։ Մենք կանոնաւորաբար կը մասնակցինք Թագաւորութեան սրահին մաքրութեան եւ նորոգման, իսկ ելեկտրոնային սարքերը աշխատցնող եղբայրները ուշադիր կ’ըլլան որ զանոնք լաւ վիճակի մէջ պահեն։ Երբ սրահին լաւ հոգ տանինք, աւելի երկար պիտի դիմանայ եւ աւելի քիչ մեծ նորոգման պէտք պիտի ունենայ։ Այդ կերպով աւելի դրամ պիտի ունենանք՝ ուրիշ սրահներ շինելու եւ նորոգելու։ դ19.02 18 ¶17-18

Երեքշաբթի, փետրուար 4

Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է (Յոբ 26։14)։

Յոբ ժամանակ տրամադրեց Եհովայի ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն մասին խոկալու (Յոբ 26։7, 8)։ Ան սքանչացաւ երբ մտածեց երկրագունդին, երկինքին, ամպերուն եւ որոտումին մասին, բայց միեւնոյն ատեն գիտակցեցաւ, թէ շատ քիչ գիտէր ստեղծագործութեան մասին։ Ան նաեւ մեծապէս արժեւորեց Եհովայի արտայայտութիւնները։ Ան ըսաւ. «Անոր բերնին խօսքերը. . . պահեցի» (Յոբ 23։12)։ Յոբ հիացաւ Եհովային վրայ եւ անոր հանդէպ յարգանքով լեցուեցաւ։ Ան իր Հայրը կը սիրէր եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել։ Այսպիսով Յոբ աւելի վճռական եղաւ ուղղամիտ մնալու։ Պէտք է Յոբին ըրածը ընենք։ Մենք ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն մասին շա՜տ աւելի գիտենք եւ ամբողջ Աստուածաշունչը ունինք։ Մեր բոլոր սորվածները կրնան օգնել որ մեր սիրտը երախտագիտութեամբ լեցուի։ Այսպէս, Եհովայի հանդէպ մեր յարգանքն ու ակնածանքը մեզ պիտի մղեն, որ զինք սիրենք ու իրեն հնազանդինք եւ խոր փափաք մշակենք մեր ուղղամտութիւնը պահելու (Յոբ 28։28)։ դ19.02 5 ¶12

Չորեքշաբթի, փետրուար 5

Չեմ վախնար, մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել (Սաղ. 118։6)։

Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, կառավարիչներ Եհովայի ժողովուրդը հալածած են։ Անոնք թերեւս ըսեն որ որոշ «ոճիրներ» գործած ենք, բայց անոնց բարկութեան բուն պատճառը այն է, որ կ’ընտրենք ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29)։ Թերեւս մեզ ծաղր ընեն, բանտարկեն կամ նոյնիսկ ծեծեն։ Սակայն Եհովայի օգնութեամբ, վրէժ պիտի չառնենք եւ հանդարտ պիտի մնանք։ Նկատի առ թէ Անանիա, Միսայէլ եւ Ազարիա, ի՜նչ լաւ օրինակ եղան մեզի։ Անոնք թագաւորին մեղմօրէն բացատրեցին, թէ ինչո՛ւ իր շինած արձանը չեն պաշտեր։ Անոնք պատրաստ էին ընդունելու ի՛նչ որ ալ Եհովան թոյլատրէր (Դան. 3։1, 8-28)։ Երբ մեր հաւատարմութիւնը փորձուի, անոնց պէս՝ խոնարհաբար Եհովային կը վստահինք, որ մեզի հոգ տանի (Սաղ. 118։7)։ Մեղմութեամբ եւ յարգալից կերպով կը պատասխանենք անոնց, որոնք մեզի դէմ ամբաստանութիւններ կ’ընեն (Ա. Պետ. 3։15)։ Եւ կը մերժենք ընել որեւէ բան, որ մեր սիրալիր Հօր հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը վտանգէ։ դ19.02 10-11 ¶11-13

Հինգշաբթի, փետրուար 6

Քաջասի՛րտ եղէք (Յովհ. 16։33)։

Կրնանք ա՛լ աւելի քաջ ըլլալ, մտածելով այն յոյսին մասին, որ Քրիստոսի զոհին շնորհիւ կարելի դարձաւ (Յովհ. 3։16. Եփ. 1։7)։ Յիշատակատօնին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին, մասնաւոր առիթ ունինք փրկանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնելու։ Այդ ժամանակամիջոցին, Յիշատակատօնին յատկացուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետեւէ՛ եւ աղօթքով խոկա՛ Յիսուսի կեանքին վերջին օրերուն պատահած դէպքերուն վրայ։ Ետքը, երբ Տէրունական ընթրիքին օրը հաւաքուինք, աւելի լաւ պիտի հասկնանք Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն իմաստը եւ խորապէս ըմբռնենք այն բացառիկ զոհը, որ ատոնք կը ներկայացնեն։ Երբ հասկնանք թէ Յիսուսը եւ Եհովան մեզի համար ի՛նչ ըրած են եւ թէ ատիկա ի՛նչ օգուտներ կը բերէ մեզի եւ մեր սիրելիներուն, մեր յոյսը կ’աւելնայ եւ կը մղուինք քաջութեամբ տոկալու մինչեւ վերջ (Եբ. 12։3)։ Մենք շա՜տ երախտապարտ ենք, որ Յիսուս կը շարունակէ խոնարհութիւն ու քաջութիւն ցուցաբերել որպէս մեր Քահանայապետը, որ մեզի բարեխօս կ’ըլլայ (Եբ. 7։24, 25)։ Մեր սրտագին գնահատութիւնը յայտնելու համար, պէտք է հաւատարմօրէն Յիսուսին մահը յիշատակենք, ինչպէս որ ինք պատուիրեց (Ղուկ. 22։19, 20)։ դ19.01 22 ¶8. 23-24 ¶10-11

Ուրբաթ, փետրուար 7

Իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր (Սաղ. 119։108)։

Եհովան մեր բոլորին տուած է զինք փառաբանելու առանձնաշնորհումը։ Ժողովներուն մէջ մեր պատասխանները մաս կը կազմեն մեր գովաբանութեան զոհին, եւ ուրիշը չի կրնար մեր տեղը այդ զոհը մատուցանել (Եբ. 13։15)։ Արդեօք Եհովան իւրաքանչիւրէն կը պահանջէ նո՞յն զոհը, կամ պատասխանը։ Ո՛չ։ Ժողովները կը նմանին ճաշի մը, որ բարեկամներուդ հետ կ’ուտես։ Սեպէ որ կարգ մը եղբայրներ քեզ ճաշի հրաւիրեցին եւ խնդրեցին որ պարզ ուտելիք մը պատրաստես։ Ինչպէ՞ս կը հակազդէիր։ Թերեւս քիչ մը ջղագրգիռ ըլլայիր, բայց լաւագոյնդ կ’ընէիր պատրաստելու համար բան մը, որ ամէն մարդ պիտի սիրէր։ Եհովան՝ մեր Հիւրընկալը, ժողովներուն մէջ բարիքներով լեցուն սեղան մը պատրաստած է (Սաղ. 23։5. Մատ. 24։45)։ Եւ կ’ուրախանայ երբ բերենք պարզ նուէր մը, բան մը որ մեր լաւագոյնն է։ Ուրեմն, լաւ պատրաստուէ եւ կարելի եղածին չափ շատ մասնակցէ։ Այսպէս, ոչ միայն Եհովայի սեղանէն սնունդ պիտի առնես, հապա նաեւ պիտի բերես նուէր մը, որ ամբողջ ժողովքը պիտի վայելէ։ դ19.01 8 ¶3. 13 ¶20

Շաբաթ, փետրուար 8

Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն (Սաղ. 16։4)։

Սուրբգրական ժամանակներուն, սեռային անբարոյութիւնը յաճախ սուտ պաշտամունքին մաս կը կազմէր (Ով. 4։13, 14)։ Շատեր սուտ պաշտամունքը կը սիրէին, քանի որ անբարոյութիւնը հաճելի էր իրենց համար։ Բայց ատիկա մնայուն ուրախութիւն չբերաւ իրենց։ Ընդհակառակը, ‘անոնց ցաւերը շատցան’, ինչպէս որ Դաւիթ ըսաւ։ Անոնք նաեւ բազմաթիւ պզտիկներու տառապանք պատճառեցին, զանոնք չաստուածներու զոհելով (Եսա. 57։5)։ Եհովան այդ անգթութիւնը կ’ատէր (Եր. 7։31)։ Ներկայիս ալ բազմաթիւ սուտ կրօնքներ կ’ընդունին սեռային անբարոյութիւնը, նոյնիսկ միասեռականութիւնը։ Բայց այդպէս կոչուած բարոյական ազատութեան հետեւանքները չեն փոխուած։ Նկատա՞ծ ես որ ատոնք մարդոց ‘ցաւերը կը շատցնեն’ (Ա. Կոր. 6։18, 19)։ Ասոր համար, ո՛վ պատանիներ, ձեր երկնաւոր Հօր մտիկ ըրէք։ Լիովին համոզուած եղէք, որ իրեն հնազանդիլը շատ լաւ է ձեզի համար։ Ձեր միտքը պահեցէք որ սխալ արարքներուն պատճառած վնասը շա՜տ աւելի է քան՝ ատոնց տուած ժամանակաւոր հաճոյքը (Գաղ. 6։8)։ դ18.12 27-28 ¶16-18

Կիրակի, փետրուար 9

Ես ալ քեզի համար այնպէս պիտի ըլլամ (Ով. 3։3)։

Եթէ քրիստոնեայի մը կողակիցը անբարոյութիւն գործէ, անմեղ քրիստոնեան որոշումի մը առջեւ կ’ըլլայ։ Յիսուս ըսաւ որ անմեղ կողակիցը վաւերական պատճառ մը կ’ունենայ որ ամուսնալուծուի, եւ ետքը ազատ կ’ըլլայ վերամուսնանալու (Մատ. 19։9)։ Միւս կողմէ, սխալ չ’ըլլար եթէ ան որոշէ իր կողակիցին ներել։ Ովսէէն ալ ետ ընդունեց Գոմերը։ Երբ Գոմեր վերադարձաւ, այլեւս չէր կրնար ուրիշ տղամարդու մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Ովսէէն որոշ ժամանակ մը Գոմերին հետ սեռային յարաբերութիւն չունեցաւ (Ով. 3։1-3)։ Սակայն, շատ հաւանաբար ան ի վերջոյ սկսաւ դարձեալ յարաբերութիւն ունենալ իր կնոջ հետ։ Ասիկա ներկայացուց Եհովային պատրաստակամութիւնը, որ իր ժողովուրդը ետ ընդունի եւ անոնց հետ իր փոխյարաբերութիւնը շարունակէ (Ով. 1։11. 3։4, 5)։ Ասիկա ներկայիս մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ ամուսնութեան մասին։ Եթէ անմեղ կողակիցը սկսի դարձեալ սեռային յարաբերութիւն ունենալ իր կողակիցին հետ, ասիկա կը ցուցնէ որ իրեն ներած է (Ա. Կոր. 7։3, 5)։ Այս պարագային, այլեւս վաւերական պատճառ մը չ’ունենար որ ամուսնալուծուի։ Ատկէ ետք, ամուսինն ու կինը որպէս զոյգ պէտք է ջանան Աստուծոյ աչքով նայիլ ամուսնութեան։ դ18.12 13 ¶13

Երկուշաբթի, փետրուար 10

Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ (Առ. 22։3)։

Երբ կը սերտենք, պէտք է մտածենք թէ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի հարցերուն, քանի որ ասիկա մեզի կրնայ օգնել, որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Այսպիսով, եթէ գտնուինք պարագայի մը մէջ, ուր պէտք է շուտով որոշում առնենք, օդէն պիտի չիյնանք։ Երբ Պետափրէսի կինը փորձեց Յովսէփը հրապուրել, ան շուտով մերժեց զինք։ Յստակ է որ ան նախապէս մտածած էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ ամուսնութիւնը (Ծն. 39։8, 9)։ Յովսէփ Պետափրէսի կնոջ ըսաւ. «Ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Եհովային տեսակէտը որդեգրած էր։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Ի՞նչ կ’ընես եթէ գործակիցդ սկսի քեզի մտերմութիւն ցուցնել, կամ եթէ մէկը բջիջային հեռաձայնով սեռի մասին երկտող մը կամ բաց նկար մը ղրկէ։ Եհովային հաւատարիմ մնալը աւելի դիւրին կ’ըլլայ, եթէ նախապէս քննած ենք թէ այսպիսի հարցերու նկատմամբ Եհովային տեսակէտը ի՛նչ է ու զայն ընդունած ենք եւ որոշած ենք թէ ի՛նչ պիտի ընենք։ դ18.11 25 ¶13-14

Երեքշաբթի, փետրուար 11

Ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ (Ամբ. 3։18)։

Կարգ մը ուսումնականներ կը կարծեն որ այս համարը կը նշանակէ. «Ես Տէրոջմով ուրախանալով պիտի ցատկռտեմ. Աստուծմով ցնծալով պիտի պարեմ»։ Ի՜նչ գեղեցիկ դաս մը կը բովանդակեն 16-19–րդ համարները։ Եհովան ոչ միայն հիանալի խոստումներ մեզի տուած է, հապա նաեւ մեզ վստահեցուցած է որ շատ մօտ ատենէն զանոնք պիտի կատարէ։ Ամբակում գիրքին կարեւոր պատգամը այն է, որ Եհովային վստահինք (Ամբ. 2։4)։ Որպէսզի շարունակենք Եհովային վստահիլ, պէտք է իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնենք։ Ուրեմն, պէտք է 1) շարունակենք աղօթել, Եհովային պատմելով մեր բոլոր մտահոգութիւններուն մասին, 2) լաւ ականջ տանք Եհովայի Խօսքին եւ որեւէ ուղղութեան, որ կը ստանանք իր կազմակերպութեան միջոցաւ, 3) հաւատարմօրէն եւ համբերութեամբ Եհովային սպասենք։ Ամբակում ասիկա ըրաւ։ Թէեւ ան շատ նեղուած էր, երբ Եհովային հետ սկսաւ խօսակցիլ, բայց վերջաւորութեան՝ քաջալերուած եւ ուրախ էր։ Թող որ Ամբակումին օրինակին հետեւինք, որպէսզի մենք ալ զգանք Եհովային հայրական ողջագուրումը։ Ասկէ աւելի մեծ մխիթարութիւն մը չենք կրնար ունենալ այս չար աշխարհին մէջ։ դ18.11 17 ¶18-19

Չորեքշաբթի, փետրուար 12

[Քրիստոս] ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ (Բ. Կոր. 5։15)։

Սա պատճառն ալ ունինք, որ հաւատանք թէ Եհովան մեզ կը սիրէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Յիսուս ալ իր անձը զոհելով փաստեց որ մեզ կը սիրէ, եւ այս սէրը մեզ կը զօրացնէ։ Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ, թէ նոյնիսկ ‘տառապանքը կամ նեղութիւնը’ չի կրնար ‘զատել մեզ Քրիստոսին սէրէն’ (Հռով. 8։35, 38, 39)։ Ատեններ, խնդիրները ֆիզիքապէս կամ զգացական գետնի վրայ կը տկարացնեն մեզ, կամ ալ կը խլեն մեր ուրախութիւնը Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Բայց երբ յիշենք որ Քրիստոս որքա՜ն կը սիրէ մեզ, տոկալու ոյժ կ’ունենանք (Բ. Կոր. 5։14)։ Յիսուսին սէրը՝ մեր մէջ փափաք կ’արթնցնէ որ ողջ մնանք եւ Եհովային ծառայենք, նոյնիսկ երբ աղէտէ անցնինք, հալածուինք, յուսախաբ ըլլանք կամ մտահոգութենէ տառապինք։ դ18.09 14 ¶8-9

Հինգշաբթի, փետրուար 13

Քու ճշմարտութեանդ մէջ [պիտի] քալեմ (Սաղ. 86։11)։

Որպէսզի ճշմարտութեան մէջ քալենք, պէտք է ընդունինք եւ հնազանդինք Եհովայի բոլոր ըսածներուն։ Պէտք է ճշմարտութիւնը առաջին տեղը դնենք եւ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն ապրինք։ Դաւիթին պէս, պէտք է վճռենք շարունակել Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ քալել։ Այլապէս, թերեւս սկսինք մեր միտքը բերել այն բաները, որոնցմէ վազ անցանք ճշմարտութեան համար, եւ նոյնիսկ ուզել ատոնցմէ ոմանց վերադառնալ։ Բայց չենք կրնար ընտրել թէ ո՛ր ճշմարտութիւնները կ’ուզենք եւ ո՛ր ճշմարտութիւնները չենք ուզեր։ Պէտք է «ամէն ճշմարտութեան» մէջ քալենք (Յովհ. 16։13)։ Ճշմարտութենէն հեռու չքշուելու համար, պէտք է մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք չափէ դուրս ժամանակ տրամադրել ժամանցին, մեր նախասիրած զբաղումներուն, համացանցին կամ հեռատեսիլին։ Թէեւ այս բաները պայման չէ որ սխալ ըլլան, բայց թերեւս սկսինք ուսումնասիրութեան ժամանակէն եւ ծառայութեան ժամանակէն առնել ատոնց համար։ դ18.11 10 ¶7-8

Ուրբաթ, փետրուար 14

Իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի (Սաղ. 131։2)։

Ատեն–ատեն, մեր կեանքին մէջ անակնկալ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, որոնք թերեւս շատ մտահոգութիւն եւ սթրես պատճառեն (Առ. 12։25)։ Երբ այդ փոփոխութիւններուն վարժուիլը դժուար ըլլայ, ինչպէ՞ս կրնանք ‘հանդարտեցնել ու հանգստացնել’ մեր անձը (Սաղ. 131։1-3)։ Մեր պարագաները որքա՛ն ալ դժուար ըլլան, կրնանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ունենալ, որ մեր միտքը կը պաշտպանէ եւ մեզ կը հանդարտեցնէ (Փլպ. 4։6, 7)։ Երբ մտահոգ եւ իրար անցած կը զգանք, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կրնայ մեզ զօրացնել, որ շարունակենք Եհովային ծառայել եւ չյանձնուինք։ Սուրբ հոգին ոչ միայն կը հանգչեցնէ մեզ, հապա նաեւ կրնայ մեր ուշադրութեան յանձնել համարներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն հոգեւոր բաները առաջին տեղը պահելու (Յովհ. 14։26, 27)։ դ18.10 27 ¶2. 28 ¶5, 8

Շաբաթ, փետրուար 15

Ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ (Զաք. 8։16)։

Ի՞նչ բան ամէնէն շատ վնասած է մարդկութեան։ Ստախօսութի՛ւնը։ Ստախօսութիւն կը նշանակէ՝ ըսել բան մը որ գիտենք թէ ճիշդ չէ, որպէսզի մէկը խաբենք։ Ո՞վ էր առաջին ստախօսը։ Սատանա՛ն։ Յիսուս Քրիստոս զինք կոչեց ‘ստութեան հայրը’ (Յովհ. 8։44)։ Ան առաջին սուտը ըսաւ հազարաւոր տարիներ առաջ, Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ադամն ու Եւան կ’ապրէին Դրախտին մէջ, որ Եհովան իրենց համար պատրաստած էր։ Աստուած իրենց ըսած էր, որ եթէ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտէին, պիտի մեռնէին։ Թէեւ Սատանան ասիկա գիտէր, բայց օձի մը միջոցաւ Եւային ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ասիկա ամէնէն առաջին սուտն էր։ Ան նաեւ ըսաւ. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծն. 2։15-17. 3։1-5)։ դ18.10 6 ¶1-2

Կիրակի, փետրուար 16

Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած (Մատ. 5։8)։

Սրտով մաքուր ըլլալու համար, պէտք է մեր մտածումներն ու ցանկութիւնները մաքուր պահենք։ Ասիկա շատ կարեւոր է, որպէսզի Եհովան մեր պաշտամունքը ընդունի (Բ. Կոր. 4։2. Ա. Տիմ. 1։5)։ Սրտով մաքուր եղողները ինչպէ՞ս «պիտի տեսնեն Աստուած», մինչ «մարդ չի կրնար [Աստուած] տեսնել ու ապրիլ» (Ել. 33։20)։ «Տեսնել» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նշանակել՝ երեւակայել, ըմբռնել կամ գիտնալ։ Ուրեմն, «Աստուած տեսնել» կը նշանակէ՝ իր ինչպիսի՛ անձնաւորութիւն ըլլալը հասկնալ եւ իր յատկութիւնները սիրել (Եփ. 1։18)։ Ասկէ զատ, Աստուած կը տեսնենք, երբ մեր կեանքին մէջ կը նկատենք թէ ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ (Յոբ 42։5)։ Նաեւ կրնանք «տեսնել» կամ կեդրոնանալ այն հոյակապ օրհնութիւններուն վրայ, որ Եհովան պիտի տայ անոնց, որոնք մաքուր կը մնան եւ հաւատարմօրէն իրեն կը ծառայեն։ դ18.09 20 ¶13, 15-16

Երկուշաբթի, փետրուար 17

Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր (Առ. 4։7)։

Երբ ընենք ինչ որ գիտենք որ ճիշդ է, իմաստուն պիտի ըլլանք եւ Եհովան պիտի օրհնէ մեզ։ Ճիշդ է որ իմաստութիւնը հիմնուած է գիտութեան վրայ, բայց ատիկա միայն ըսել չէ՝ իրողութիւնները գիտնալ ու հասկնալ։ Իմաստութիւնը կը պարփակէ մեր որոշումները։ Նոյնիսկ մրջիւնները իմաստութիւն ցոյց կու տան, իրենց ուտելիքը ամառուընէ պատրաստելով (Առ. 30։24, 25)։ Քրիստոս, որ «Աստուծոյ իմաստութիւնն է», միշտ իր Հօր հաճած բաները կ’ընէ (Ա. Կոր. 1։24. Յովհ. 8։29)։ Աստուած մեզ պիտի վարձատրէ, երբ մենք ալ իմաստութեամբ վարուինք, ընելով ինչ որ գիտենք որ ճիշդ է եւ խոնարհ մնալով (Մատ. 7։21-23)։ Ուրեմն, ժողովքին մէջ խոնարհութեամբ Եհովային ծառայէ։ Այսպիսով, պիտի օգնես որ ժողովքը ըլլայ վայր մը, ուր ուրիշներ ալ պիտի ուզեն խոնարհութեամբ Եհովային ծառայել։ Ճիշդը ընելը ժամանակ կ’առնէ եւ համբերութիւն կ’ուզէ, բայց կը ցուցնէ որ խոնարհ ենք։ Խոնարհութիւնը երջանկութեան կ’առաջնորդէ, թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան։ դ18.09 7 ¶18

Երեքշաբթի, փետրուար 18

Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ. . . փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու (Գաղ. 6։4, ՆԹ)։

Երբ Եհովան կատարեալ մարդիկ ստեղծեց, ուզեց որ անոնք իր գործակիցները ըլլան։ Թէեւ ներկայիս մարդկութիւնը անկատար է, բայց հաւատարիմ անհատներ տակաւին կրնա՛ն ամէն օր Եհովային հետ աշխատիլ։ Օրինակ, «Աստուծոյ գործակից»ները կ’ըլլանք, երբ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք եւ կ’աշակերտենք (Ա. Կոր. 3։5-9)։ Մեզի համար շատ մեծ առանձնաշնորհում է, որ ամենակարող Ստեղծիչը մեզ զատած է, որ այս շատ կարեւոր գործը ընենք։ Բայց քարոզելն ու աշակերտելը միակ գործերը չեն, որոնց մէջ Եհովային գործակիցներն ենք։ Նաեւ Աստուծոյ հետ աշխատած կ’ըլլանք, երբ կ’օգնենք մեր ընտանիքին եւ ժողովքի անդամներուն, երբ հիւրասէր կը գտնուինք, երբ աստուածպետական ծրագիրներու կը մասնակցինք եւ երբ մեր սուրբ ծառայութիւնը կ’աւելցնենք (Կող. 3։23)։ Սակայն, ինչ որ Եհովային համար կ’ընես մի՛ բաղդատեր ուրիշներուն ըրածներուն հետ։ Յիշէ թէ տարիքը, առողջութիւնը, կարողութիւնները եւ կեանքի պայմանները անձէ անձ կը տարբերին։ դ18.08 23 ¶1-2

Չորեքշաբթի, փետրուար 19

Անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ (Ամբ. 2։3)։

Եհովան Ամբակումը վստահեցուց, որ իր անկեղծ հարցումներուն պատասխանները պիտի առնէր։ Մօտ ատենէն, Ամբակում բոլոր իր մտահոգութիւններէն պիտի հանգստանար։ Աստուած կարծես թէ իրեն կ’ըսէր. «Համբերէ եւ ինծի վստահէ։ Քու աղօթքիդ պիտի պատասխանեմ, նոյնիսկ եթէ զգաս որ կ’ուշանամ»։ Եհովան իրեն յիշեցուց որ արդէն որոշած է ե՛րբ իր խոստումները պիտի կատարէ։ Ասոր համար, զինք քաջալերեց որ շարունակէ սպասել, քանի որ յուսախաբ պիտի չըլլար։ Մենք ալ պէտք է սպասենք որ Եհովան գործի անցնի։ Նաեւ պէտք է իրեն լաւ ականջ տանք։ Ասիկա պիտի ձգէ որ իրեն վստահինք եւ մտքի խաղաղութիւն ունենանք, հակառակ մեր դժուարութիւններուն։ Յիսուս մեզ քաջալերեց որ չկեդրոնանանք այն ‘ժամերուն եւ ժամանակներուն’ վրայ, որոնք Աստուած տակաւին չէ յայտնած (Գործք 1։7)։ Պէտք է վստահութիւն ունենանք որ Եհովան գիտէ թէ ե՛րբ է լաւագոյն ժամանակը որ գործի անցնի։ Ուրեմն, պէտք չէ յանձնուինք, հապա՝ պէտք է խոնարհ եւ համբերող ըլլանք եւ Աստուծոյ հաւատանք։ Եւ մինչ կը սպասենք, պէտք է մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընենք (Մար. 13։35-37. Գաղ. 6։9)։ դ18.11 16 ¶13-14

Հինգշաբթի, փետրուար 20

Աստուած ինծի ցուցուց, որ ոեւէ մարդու պիղծ կամ անմաքուր չըսեմ (Գործք 10։28)։

Պետրոս առաքեալ պզտիկութենէն սորված էր, որ հրեայ չեղողները պիղծ են։ Բայց վերջերս իրեն պատահածները ձգեցին որ տարբեր կերպով մտածէ։ Օրինակ, ան Աստուծոյ կողմէ տեսիլք մը տեսաւ (Գործք 10։9-16)։ Պետրոսին պէս, պէտք է մեր անձը ուշադրութեամբ քննենք եւ ընդունինք ուրիշին օգնութիւնը, որպէսզի տեսնենք մեր սրտին մէջ մնացած նախապաշարումի հետքերը։ Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել։ Եթէ մեր սիրտը լայն բանանք, սէրը պիտի գրաւէ նախապաշարումին տեղը (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Սովորութիւն ունի՞ս որ միայն քու ցեղիդ կամ ազգիդ պատկանող կամ լեզուդ խօսող անհատներուն ընկերակցիս։ Եթէ ա՛յո, ջանա՛ ուրիշներու հետ ալ ժամանակ անցընել։ Կրնաս ուրիշ ենթահողերու պատկանող անձերու հետ ծառայութեան ելլել, կամ ալ զանոնք տունդ հրաւիրել ճաշելու կամ ժամանակ անցընելու համար (Գործք 16։14, 15)։ Այսպիսով, սրտիդ մէջ այնքա՛ն սէր պիտի լեցնես, որ նախապաշարումին տեղ պիտի չմնայ։ դ18.08 9 ¶3, 6. 10 ¶7

Ուրբաթ, փետրուար 21

Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք (Ա. Կոր. 10։32)։

Վկաներէն ոմանք աշխարհային վարմունքը հաստատօրէն չեմ մերժած։ Անոնք հաւաքոյթներուն կը պարեն եւ կը վարուին այնպիսի կերպով մը, որ քրիստոնեաներուն համար ընդունելի չէ։ Իսկ ընկերային ցանցերու մէջ կը դնեն այնպիսի նկարներ կամ կը գրեն այնպիսի խօսքեր, որոնք հոգեւոր անձերուն չեն վայլեր։ Հետեւաբար, անոնք կրնան գէշ ազդեցութիւն ունենալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն վրայ, որոնք շատ ջանք կը թափեն որ աշխարհէն տարբեր ըլլան (Ա. Պետ. 2։11, 12)։ Աշխարհին մէջ ամէն բան կը ձգէ որ կեդրոնանանք ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան’ վրայ (Ա. Յովհ. 2։16)։ Բայց քանի որ Եհովային կը պատկանինք, կը մերժենք «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները» եւ կ’ապրինք «զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով» (Տիտ. 2։12)։ Մեր խօսքերը, մեր ուտելն ու խմելը, մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը, մեր գործը եւ ամէն բան որ կ’ընենք, պէտք է բոլորին յստակ ընեն, որ Եհովային ամբողջովին նուիրուած ենք։ դ18.07 25 ¶13-14

Շաբաթ, փետրուար 22

Մեր աչքերը Տէրոջը՝ մեր Աստուծոյն՝ պիտի նային, մինչեւ մեզի ողորմի (Սաղ. 123։2)։

Եթէ մեր աչքերը կեդրոնացած են Եհովային վրայ, չենք ձգեր որ ուրիշներուն ըրածները մեզ բարկացնեն կամ Եհովային հետ մեր ունեցած բարեկամութեան վնասեն։ Ասիկա կարեւոր է մանաւանդ եթէ Մովսէսին պէս որոշ պատասխանատուութիւն ունինք Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ։ Ճիշդ է որ պէտք է ‘ահով ու դողով մեր անձին փրկութիւնը գործենք’, բայց միեւնոյն ատեն պատասխանատուութիւն ունեցողները պէտք չէ մոռնան, որ Եհովան խիստ չէ եւ ճկուն է երբ մեզ կը դատէ (Փլպ. 2։12)։ Որքա՛ն աւելի պատասխանատուութիւն ունենանք, այնքան աւելի հաշիւ պիտի տանք Եհովային (Ղուկ. 12։48)։ Եթէ իրապէս կը սիրենք Եհովան, բան մը չկայ որ կրնայ մեզ գայթակղեցնել կամ մեզ զատել իր սէրէն (Սաղ. 119։165. Հռով. 8։37-39)։ Թող որ այս դժուար օրերուն մէջ շարունակենք նայիլ Եհովային՝ «երկնքի մէջ Բնակող»ին, որպէսզի իր կամքը գիտնանք (Սաղ. 123։1)։ Բնա՛ւ պէտք չէ ձգենք որ ուրիշներուն ըրածները վնասեն Եհովային հետ մեր ունեցած բարեկամութեան։ դ18.07 16 ¶19-20

Կիրակի, փետրուար 23

Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ. . . փառաւորեն ձեր Հայրը (Մատ. 5։16)։

Որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ կը լսենք, թէ Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՛ս կը ձգեն որ իրենց լոյսը փայլի։ 2017–ին, աւելի քան 10,000,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցինք։ Նաեւ միլիոնաւոր հետաքրքրուած անհատներ Յիշատակատօնին ներկայ եղան եւ սորվեցան Եհովային սիրալիրօրէն տուած նուէրին մասին՝ փրկանքը (Ա. Յովհ. 4։9)։ Աշխարհին շուրջ, Եհովայի ժողովուրդը բազմաթիւ լեզուներ կը խօսի։ Բայց ասիկա արգելք չ’ըլլար որ միութեամբ փառաբանենք մեր Հայրը՝ Եհովան (Յայտ. 7։9)։ Չնայած թէ ի՛նչ լեզու կը խօսինք կամ ո՛ւր կ’ապրինք, կրնանք ‘լուսաւորներու պէս փայլիլ աշխարհի մէջ’ (Փլպ. 2։15)։ Մեր ծառայութիւնը, մեր քրիստոնէական միութիւնը եւ մեր արթուն կեցուածքը, Եհովային փառք կը բերեն։ դ18.06 21 ¶1-3

Երկուշաբթի, փետրուար 24

Ռաբբի՛, հաց կեր (Յովհ. 4։31)։

Յիսուսի պատասխանը ցոյց տուաւ, թէ կերակուրը իրեն համար երկրորդական էր։ Իր Հօր կամքն էր որ քարոզէ, նոյնիսկ սամարացի կնոջ, եւ ասիկա կերակուրի պէս էր իրեն համար (Յովհ. 4։32-34)։ Յակոբոս եւ Յովհաննէս չըմբռնեցին այս կարեւոր դասը։ Երբ աշակերտները Յիսուսին հետ Սամարիայէն կ’անցնէին, իրիկունը պառկելու տեղ փնտռեցին սամարական գիւղի մը մէջ։ Բայց սամարացիները մերժեցին։ Յակոբոս եւ Յովհաննէս այնքա՛ն ջղայնացան, որ առաջարկեցին երկինքէն կրակ իջեցնել եւ ամբողջ գիւղը կործանել։ Յիսուս խստութեամբ յանդիմանեց զանոնք (Ղուկ. 9։51-56)։ Անոնք այսքան պիտի ջղայնանայի՞ն, եթէ այս դէպքը պատահէր իրենց ապրած տեղը՝ Գալիլիա։ Հաւանաբար նախապաշարումը կատղեցուց զիրենք։ Կրնայ ըլլալ որ Յովհաննէս ամօթ զգաց իր այս հակազդեցութենէն, երբ յետագային սամարացիներուն քարոզեց եւ անոնցմէ շատեր մտիկ ըրին իրեն (Գործք 8։14, 25)։ դ18.06 10-11 ¶12-13

Երեքշաբթի, փետրուար 25

Ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով (Եփ. 6։14)։

Որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները մեզի համար կարեւոր են, կը հնազանդինք Սուրբ Գիրքին ըսածներուն եւ միշտ ճշմարտութիւնը կը խօսինք։ Ստախօսութիւնը Սատանային ամէնէն յաջող զէնքերէն մէկն է։ Սուտը կը վնասէ թէ՛ սուտ խօսողին եւ թէ ատոր հաւատացողին (Յովհ. 8։44)։ Մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ բնա՛ւ սուտ չխօսինք, հակառակ որ անկատար ենք (Եփ. 4։25)։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ 18 տարեկան Էպիկէյլ կ’ըսէ. «Ատեններ կը զգաս որ չ’արժեր ճշմարտութիւնը խօսիլ, մանաւանդ եթէ սուտ խօսելով կրնաս ազատիլ դժուար կացութենէ մը»։ Բայց ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը խօսիլ։ 23 տարեկան Վիքթորիան կ’ըսէ. «Երբ ճիշդը խօսիս եւ հաւատալիքներուդ համաձայն ապրիս, թերեւս մարդիկ քեզի նեղութիւն տան, բայց միշտ հոյակապ օգուտներ կը քաղես. ինքնավստահութիւնդ կ’աւելնայ, Եհովային աւելի մօտիկ կը զգաս եւ քեզ սիրող անհատներուն յարգանքը կը շահիս»։ Ուրեմն, կարեւոր է որ միշտ ‘մէջքերնիս ճշմարտութեամբ ամրացնենք’։ դ18.05 28 ¶3, 5

Չորեքշաբթի, փետրուար 26

Արթուն կեցէք (Մատ. 24։42)։

Պէտք է որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն ըլլանք, քանի որ աշխարհին վիճակները երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլան։ Եհովան ճիշդ ժամանակին պիտի բերէ վերջը (Մատ. 24։42-44)։ Մինչ այդ, պէտք է համբերենք եւ արթուն մնանք։ Ուրեմն, ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդա՛ եւ միշտ Եհովային աղօթէ (Ա. Պետ. 4։7)։ Օրինակ առ այն եղբայրներէն ու քոյրերէն, որոնք երկար տարիներ ուրախութեամբ Եհովային ծառայած են։ Եհովայի ծառայութեամբ լեցուր կեանքդ։ Ուրիշներուն օգտակար բաներ ըրէ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ժամանակ անցուր։ Ասոնք մեծ ուրախութիւն պիտի տան քեզի, ինչպէս նաեւ պիտի զգաս որ ժամանակը շուտ կ’անցնի (Եփ. 5։16)։ Հակառակ որ անկատար ենք, Եհովան կը ձգէ որ իրեն ծառայենք։ Ան ժողովքին երէցները որպէս պարգեւ տուած է, որպէսզի մեզի օգնեն (Եփ. 4։8, 11, 12)։ Ուրեմն, երբ երէցները այցելեն քեզի, առիթը օգտագործէ որ անոնց իմաստութենէն եւ խրատներէն օգտուիս։ դ18.06 24-25 ¶15-18

Հինգշաբթի, փետրուար 27

Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք (Յովհ. 15։10)։

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ ‘իր սիրոյն մէջ հաստատ կենան’, քանի որ գիտէր թէ տոկալու պէտք պիտի ունենային, որպէսզի կարենային ապրիլ որպէս իսկական քրիստոնեաներ։ Իրականութեան մէջ, Յովհաննէս 15։4-10–ին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս բազմաթիւ անգամներ գործածեց «կենալ» բառը, որպէսզի իր աշակերտներուն օգնէր հասկնալու, թէ տոկալու պէտք պիտի ունենային։ Յիսուսին հնազանդելով՝ կը ցուցնենք որ կ’ուզենք իր սիրոյն մէջ հաստատ կենալ եւ իր հաճութիւնը ունենալ։ Յիսուսին խնդրածը բան մըն է, որ ինք անձամբ ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ Ան մեզի օրինակ ձգեց (Յովհ. 13։15)։ Յիսուսին պատուէրները իր Հօրմէն կու գան։ Ուրեմն, երբ Յիսուսին պատուէրին հնազանդելով կը քարոզենք, նաեւ կը ցուցնենք որ Եհովան կը սիրենք (Մատ. 17։5. Յովհ. 8։28)։ Իսկ երբ Եհովային եւ Յիսուսին ցուցնենք, որ զիրենք կը սիրենք, իրենք ալ մեզ իրենց սիրոյն մէջ կը պահեն։ դ18.05 18 ¶5-7

Ուրբաթ, փետրուար 28

Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն (Առ. 21։5)։

Որպէս պատանի, որոշումներ պէտք է առնես՝ ուսումի, գործի եւ շատ մը ուրիշ բաներու նկատմամբ։ Եթէ գիտես թէ նպատակակէտերդ ի՛նչ են, դիւրին պիտի ըլլայ իմաստուն որոշումներ առնելը։ Որքա՛ն կանուխ ծրագիրներ ընես՝ լաւ նպատակակէտեր դնելով, այնքան կանուխ պիտի հասնիս յաջողութեան։ Աշխարհի չորս կողմը գտնուող հազարաւոր պատանիներ ջերմ գովասանքի արժանի են։ Անոնք կեդրոնացած են Եհովային հետ իրենց բարեկամութեան եւ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ։ Այս պատանիները ի՛րապէս հաճոյք կ’առնեն կեանքէն, եւ միեւնոյն ատեն կը սորվին Եհովային ուղղութեան հետեւիլ ամէն ինչի մէջ, մէջը ըլլալով՝ ընտանեկան կեանքը։ Սողոմոն գրեց. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ. . . Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։5, 6)։ Ո՛վ պատանի, Եհովան քեզ շատ կը սիրէ։ Դուն արժէքաւոր ես իր աչքին, եւ ինք քեզ պիտի պաշտպանէ, առաջնորդէ եւ օրհնէ։ դ18.04 26 ¶7. 27 ¶9

Շաբաթ, փետրուար 29

Սիրեցէ՛ք զիրար. ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, դո՛ւք ալ սիրեցէք զիրար (Յովհ. 13։34, ԱԾ)։

Յովհաննէս առաքեալ քրիստոնէական ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէր։ Ան Յիսուսին ծառայութեան մասին հետաքրքրական Աւետարան մը գրեց, որ դարերու ընթացքին քաջալերած է քրիստոնեաները, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեզ քաջալերել։ Օրինակ, միայն իր գրած Աւետարանին մէջ նշուած է Յիսուսին խօսքը, թէ սէրն է որ կը ցուցնէ թէ որո՛նք են իր ճշմարիտ աշակերտները (Յովհ. 13։35)։ Յովհաննէսին երեք նամակներուն մէջ ալ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ կան։ Երբ մեր սխալները մեզ յուսահատեցնեն, չե՞նք հանգչիր երբ կը կարդանք, թէ «Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7)։ Եւ եթէ շարունակենք յանցաւոր զգալ, չե՞նք ազդուիր երբ կը կարդանք, թէ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է» (Ա. Յովհ. 3։20)։ Յովհաննէս միակն է, որ գրեց թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8, 16)։ Իսկ իր երկրորդ եւ երրորդ նամակները կը գովեն այն քրիստոնեաները, որոնք կը շարունակեն ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’ (Բ. Յովհ. 4. Գ. Յովհ. 3, 4)։ դ18.04 18 ¶14-15

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել