Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք20 էջ 27-37
  • Մարտ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարտ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, մարտ 1
  • Երկուշաբթի, մարտ 2
  • Երեքշաբթի, մարտ 3
  • Չորեքշաբթի, մարտ 4
  • Հինգշաբթի, մարտ 5
  • Ուրբաթ, մարտ 6
  • Շաբաթ, մարտ 7
  • Կիրակի, մարտ 8
  • Երկուշաբթի, մարտ 9
  • Երեքշաբթի, մարտ 10
  • Չորեքշաբթի, մարտ 11
  • Հինգշաբթի, մարտ 12
  • Ուրբաթ, մարտ 13
  • Շաբաթ, մարտ 14
  • Կիրակի, մարտ 15
  • Երկուշաբթի, մարտ 16
  • Երեքշաբթի, մարտ 17
  • Չորեքշաբթի, մարտ 18
  • Հինգշաբթի, մարտ 19
  • Ուրբաթ, մարտ 20
  • Շաբաթ, մարտ 21
  • Կիրակի, մարտ 22
  • Երկուշաբթի, մարտ 23
  • Երեքշաբթի, մարտ 24
  • Չորեքշաբթի, մարտ 25
  • Հինգշաբթի, մարտ 26
  • Ուրբաթ, մարտ 27
  • Շաբաթ, մարտ 28
  • Կիրակի, մարտ 29
  • Երկուշաբթի, մարտ 30
  • Երեքշաբթի, մարտ 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
աք20 էջ 27-37

Մարտ

Կիրակի, մարտ 1

Ամենուն իշխանը դուն ես (Ա. Մն. 29։12)։

Երբ կարդանք Ծննդոց գիրքը գլուխ 1 եւ 2, կը տեսնենք որ Ադամն ու Եւան ունէին այն ազատութիւնը, որ մարդիկ հիմա կ’երազեն որ ունենան։ Անոնք պէտք եղած ամէն բան ունէին, ո՛չ մէկ վախ ունէին եւ ո՛չ մէկը անարդարութեամբ կը վարուէր իրենց հետ։ Անոնք չէին մտահոգուեր թէ ի՛նչ պիտի ուտեն կամ աշխատին, ոչ ալ հոգ կ’ընէին որ պիտի հիւանդանան կամ մեռնին (Ծն. 1։27-29. 2։8, 9, 15)։ Սակայն, կարեւոր է որ մտքերնիս պահենք, թէ միայն Եհովա՛ն է որ բացարձակ եւ անսահման ազատութիւն ունի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինքը ստեղծեց բոլոր բաները եւ ի՛նքն է տիեզերքի Գերիշխանը (Ա. Տիմ. 1։17. Յայտ. 4։10բ)։ Անդին, երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ բոլոր արարածներուն ազատութիւնը յարաբերական է, այսինքն՝ սահմաններ ունի։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ ըմբռնենք թէ միայն ի՛նք ունի իրաւունքը որոշելու, թէ որո՛նք կը սեպուին արդար, տեղին եւ տրամաբանական սահմաններ։ Ան սկիզբէն սահմաններ դրաւ մարդ արարածին համար։ դ18.04 4 ¶4, 6

Երկուշաբթի, մարտ 2

Ի՜նչ գեղեցիկ են. . . անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ (Եսա. 52։7)։

Մենք ներկայ աշխարհին մէջ կը տոկանք միայն Եհովայի՛ օգնութեամբ (Բ. Կոր. 4։7, 8)։ Պահ մը մտածէ անոնց մասին, որոնք Եհովայի հետ մտերիմ բարեկամութիւն չունին։ Անոնց համար ներկայ կեանքը որքա՜ն դժուար ըլլալու է։ Յիսուսին պէս, անոնց կը խղճանք, եւ կ’ուզենք «բարութեան աւետիս» տալ։ Ուստի, համբերէ անոնց՝ որոնց կը սորվեցնես։ Յիշէ որ անոնք թերեւս բնա՛ւ չեն մտածած Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններէն ոմանց մասին, որոնք մենք անձամբ շատ լաւ գիտենք։ Ասկէ զատ, ոմանք շա՜տ կը սիրեն իրենց հաւատալիքները։ Անոնք թերեւս զգան որ իրենց կրօնքը զիրենք կը միացնէ իրենց ընտանիքին, մշակոյթին եւ շրջանակին։ Եթէ կ’ուզենք որ մարդիկ իրենց շա՜տ սիրած «հին» հաւատալիքները լքեն, նա՛խ պէտք է իրենց օգնենք որ «նոր» ճշմարտութիւնները ճանչնան եւ սիրեն։ Միայն այն ատեն անոնք պիտի կարենան իրենց նախկին հաւատալիքները լքել։ Ժամանակի կը կարօտի մարդոց օգնելը, որ այս տեսակ փոփոխութիւններ ընեն (Հռով. 12։2)։ դ19.03 22-23 ¶10, 12. 24 ¶13

Երեքշաբթի, մարտ 3

Որդիս, որուն հաւներ եմ (Մար. 1։11)։

Սէր եւ գնահատանք յայտնելու Եհովայի օրինակը տեսնելով, կը մղուինք առիթներ փնտռելու որ ուրիշները քաջալերենք (Յովհ. 5։20)։ Երբ մեր սիրած անհատներէն մէկը մեզի հանդէպ իր սէրը կ’արտայայտէ եւ մեր ըրած լաւ բաներուն համար մեզ կը գովէ, թեւեր կ’առնենք։ Նոյնպէս, ժողովքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր ընտանիքի անդամները պէտք ունին մեր սիրոյն ու քաջալերանքին։ Ուրիշները գովելով՝ իրենց հաւատքը կը զօրացնենք եւ կ’օգնենք որ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեն։ Մասնաւորաբար ծնողները պէտք է իրենց զաւակները քաջալերեն։ Երբ ծնողներ անկեղծօրէն իրենց զաւակները գովեն եւ սէր ցոյց տան, անոնց կ’օգնեն որ ծաղկին։ «Որուն հաւներ եմ» խօսքը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան վստահ էր որ Յիսուս հաւատարմօրէն Իր կամքը պիտի կատարէր։ Որովհետեւ ան այսպիսի վստահութիւն ունի իր Որդիին հանդէպ, մենք ալ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Յիսուս հաւատարմօրէն պիտի իրագործէ Եհովայի բոլոր խոստումները (Բ. Կոր. 1։20)։ Երբ Յիսուսի օրինակին մասին մտածենք, ա՛լ աւելի կը վճռենք իրմէ սորվիլ եւ իր քայլերուն հետեւիլ (Ա. Պետ. 2։21)։ դ19.03 8 ¶3. 9 ¶5-6

Չորեքշաբթի, մարտ 4

Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն (Հռով. 8։2)։

Երբ արժէքաւոր նուէր մը ստանանք, շատ շնորհակալ կ’ըլլանք տուողէն։ Բայց իսրայէլացիները Եհովային տուած ազատութիւնը չգնահատեցին։ Միայն քանի մը ամիս եղած էր, որ Եգիպտոսէն ազատած էին, երբ սկսան փնտռել այն ուտելիքները որ հոն կ’ուտէին։ Անոնք գանգատեցան մանանային մասին, որ Եհովան կ’ապահովէր իրենց համար։ Նո՛յնիսկ ուզեցին Եգիպտոս վերադառնալ։ Երեւակայէ թէ անոնց համար աւելի կարեւոր էին «ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները», քան՝ Եհովան պաշտելու իրենց ազատութիւնը (Թւ. 11։5, 6, 10. 14։3, 4)։ Ի՜նչ կարեւոր դաս մը մեզի համար։ Պօղոս առաքեալ բոլոր քրիստոնեաներուն զգուշացում տուաւ, որ թեթեւի չառնեն այն ազատութիւնը, որ Եհովան իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ մեզի տուած է (Բ. Կոր. 6։1)։ դ18.04 9 ¶6-7

Հինգշաբթի, մարտ 5

Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիրը լեցուն է (Սաղ. 33։5)։

Բոլորս կ’ուզենք սիրուած ըլլալ։ Եւ բոլորս կ’ուզենք որ մեզի հետ արդարօրէն վարուին։ Եթէ մեզի հանդէպ յաճախ սէր եւ արդարադատութիւն ցոյց չտրուին, թերեւս անարժէք եւ անյոյս զգանք։ Եհովան գիտէ որ սիրոյ տենչ ունինք եւ կ’ուզենք որ արդարադատութիւն ըլլայ (Սաղ. 33։5)։ Վստահ ենք որ ան մեզ շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ մարդիկ մեզի հետ արդարօրէն վարուին։ Ասիկա յստակ կը դառնայ, երբ մօտէն նկատի կ’առնենք այն Օրէնքը, որ Եհովան իսրայէլ ազգին տուաւ Մովսէսին միջոցաւ։ Երբ Մովսիսական օրէնքը սերտենք, մեր սիրալիր Աստուծոյ՝ Եհովայի ջերմ զգացումներուն մասին կը գիտնանք (Հռով. 13։8-10)։ Կրնանք նկատել որ Մովսիսական օրէնքը սիրոյ վրայ հիմնուած էր, քանի որ Եհովան ամէն ինչ որ կ’ընէ, սէրէ մղուած կ’ընէ (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան Մովսիսական օրէնքին մաս կազմող բոլոր օրէնքները հիմնեց երկու գլխաւոր պատուիրաններու վրայ. Աստուած սիրել եւ ընկերը սիրել (Ղեւ. 19։18. Բ. Օր. 6։5. Մատ. 22։36-40)։ Օրէնքին մաս կազմող աւելի քան 600 պատուիրաններէն ամէն մէկը մեզի բան մը կը սորվեցնէ Եհովայի սիրոյն մասին։ դ19.02 20-21 ¶1-4

Ուրբաթ, մարտ 6

Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ (Մատ. 6։21)։

Յոբ ուշադիր էր թէ կիներուն հետ ինչպէ՛ս պէտք է վարուի (Յոբ 31։1)։ Ան գիտէր թէ պատշաճ չէ որ ռոմանթիկ գետնի վրայ ուշադրութիւն դարձնէ իր կնոջմէն զատ ուրիշ ոեւէ կնոջ։ Այսօր կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ շարունակ մեզ կը փորձէ սեռային գետնի վրայ։ Յոբին պէս պիտի մերժե՞նք անպատշաճ ուշադրութիւն դարձնել մէկու մը, որուն հետ չենք ամուսնացած։ Ասկէ զատ, պիտի մերժե՞նք լկտի կամ պոռնկագրական նկարներ դիտել, ո՛ւր որ ալ գտնուին (Մատ. 5։28)։ Եթէ ամէն օր այս մարզին մէջ ինքնազսպում ունենանք, մենք մեզ պիտի զօրացնենք որ ուղղամիտ մնանք։ Յոբ նաեւ հնազանդութիւն ցոյց տուաւ՝ նիւթական բաներու շուրջ Եհովայի տեսակէտը ունենալով։ Ան հասկցաւ որ եթէ իր վստահութիւնը դնէր իր ստացուածքին վրայ, շատ լուրջ մեղք մը գործած պիտի ըլլար եւ պատիժի պիտի արժանանար (Յոբ 31։24, 25, 28)։ Ներկայ աշխարհը շա՜տ նիւթապաշտ է։ Եթէ դրամի եւ ստացուածքներու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մշակենք, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ընենք, աւելի վճռական պիտի դառնանք ուղղամիտ մնալու (Առ. 30։8, 9. Մատ. 6։19, 20)։ դ19.02 6 ¶13-14

Շաբաթ, մարտ 7

Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի (Յովհ. 15։9)։

Յիսուս ամէն բանի մէջ կատարեալ կերպով արտացոլեց իր Հօր խոր սէրը մեզի հանդէպ (Ա. Յովհ. 4։8-10)։ Ամէնէն կարեւորը, Յիսուս սրտանց մղուեցաւ իր կեանքը մեզի համար տալու։ Ըլլա՛նք օծեալներէն կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, կ’օգտուինք այն սէրէն, որ Եհովան եւ Յիսուսը այդ զոհին միջոցաւ ցոյց տուին (Յովհ. 10։16. Ա. Յովհ. 2։2)։ Նաեւ մտածէ՛ Տէրունական ընթրիքին պարզութեան մասին, ինչ որ ցոյց կու տայ Յիսուսին սէրն ու նկատառութիւնը իր աշակերտներուն հանդէպ։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս հոգիէն–ծնած իր հետեւորդներուն հանդէպ սէր ցոյց տուաւ, հաստատելով ոչ թէ բարդ ծէս մը, հապա պարզ ընթրիք մը։ Ժամանակի ընթացքին, այդ օծեալ աշակերտները պէտք էր Յիշատակատօնը տօնէին ամէն տարի եւ զանազան պարագաներու ներքեւ, մէջը ըլլալով բանտարկութիւն (Յայտ. 2։10)։ Արդեօք անոնք կրցա՞ն Յիսուսին հնազանդիլ։ Այո՛։ Առաջին դարէն մինչեւ այսօր, ճշմարիտ քրիստոնեաները ջանք թափած են որ Յիսուսի մահը յիշատակեն։ դ19.01 24 ¶13-15

Կիրակի, մարտ 8

Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ (Յովհ. 8։32)։

Եհովային շնորհիւ մենք ազատ ենք սուտ կրօնքէն, տգիտութենէն եւ նախապաշարումներէն։ Ասկէ աւելի, ապագային «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» պիտի ունենանք (Հռով. 8։21)։ Այդ ազատութեան համը հիմակուընէ առ, ‘կենալով Յիսուսի խօսքին մէջ’, այսինքն՝ իր ուսուցումներուն մէջ (Յովհ. 8։31)։ Այսպիսով, ‘ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաս’ ոչ միայն ատոր մասին սորվելով, հապա նաեւ զայն գործադրելով։ Այս աշխարհին մէջ, նոյնիսկ եթէ մէկը «լաւագոյն կեանքը» ունենայ, ատիկա երկար չի տեւեր։ Չենք գիտեր վաղը մեզի ի՛նչ պիտի ըլլայ (Յակ. 4։13-15)։ Ասոր համար, լաւագոյն բանը որ կրնաս ընել՝ այնպիսի որոշումներ առնելն է, որոնք պիտի օգնեն որ «յաւիտենական կեանքը» ձեռք ձգես (Ա. Տիմ. 6։19)։ Եհովան մեզ չի ստիպեր որ իրեն ծառայենք։ Մեզի՛ կ’իյնայ որոշումը։ Ուստի, Եհովան «բաժին»դ ըրէ (Սաղ. 16։5)։ Ամէն օր ջանք թափէ որ իրեն մօտենաս, եւ արժեւորէ բոլոր «բարիքները» որ քեզի տուած է (Սաղ. 103։5, ՆԹ)։ Հաւատք ունեցիր որ Եհովան կրնայ քեզի ընդմիշտ լեցուն ուրախութիւն եւ երջանկութիւն տալ (Սաղ. 16։11)։ դ18.12 28 ¶19, 21

Երկուշաբթի, մարտ 9

Այրը իր կինը թող չձգէ (Ա. Կոր. 7։11)։

Բոլոր քրիստոնեաները պէտք է ամուսնութիւնը պատուեն, Եհովային եւ Յիսուսին պէս։ Բայց ատեններ ոմանք զայն չեն պատուեր, քանի որ մարդ արարածը անկատար է (Հռով. 7։18-23)։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ առաջին դարուն կարգ մը քրիստոնեաներ լուրջ խնդիրներ ունէին իրենց ամուսնութեան մէջ։ Պօղոս գրեց որ «կինը այրէն չզատուի»։ Բայց կարգ մը պարագաներու, այս մէկը պատահեցաւ (Ա. Կոր. 7։10)։ Պօղոս չբացատրեց թէ զոյգերը ի՛նչ պատճառներով կը բաժնուէին, բայց գրեց որ այն կինը որ իր ամուսինէն բաժնուած է, պէտք է «առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի»։ Ուրեմն, յստակ է թէ խնդիրը ինչ չէ՛ր կրնար ըլլալ։ Օրինակի համար, ամուսինը չէր կրնար անբարոյութիւն գործած ըլլալ, թէ ոչ կինը պատճառ կ’ունենար ամուսնալուծուելու եւ վերամուսնանալու։ Աստուծոյ աչքին, անոնք տակաւին միացած էին։ Պօղոս ըսաւ որ ի՛նչ ալ ըլլան զոյգի մը խնդիրները, եթէ սեռային անբարոյութիւն չկայ հարցին մէջ, անոնց նպատակը պէտք է ըլլայ՝ իրենց խնդիրները լուծել եւ միասին մնալ։ Անոնք կրնան երէցներէն օգնութիւն խնդրել։ դ18.12 13 ¶14-15

Երեքշաբթի, մարտ 10

Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը (Մատ. 6։33)։

Ներկայիս, Աստուած կ’ուզէ որ մենք իր բարեկամները ըլլանք եւ մեր լաւագոյնը ընենք բարի լուրը քարոզելու մէջ (Մատ. 28։19, 20. Յակ. 4։8)։ Բայց ոմանք թերեւս լաւ միտումով փորձեն մեր կեդրոնացումը շեղեցնել։ Օրինակ, թերեւս գործատէրդ քեզի առաջարկէ աւելի դրամ շահիլ, բայց դուն գիտես որ ատոր համար պէտք է աւելի ժամեր աշխատիս, եւ թէ աւելի քիչ ժամանակ պիտի ունենաս ժողովներուն կամ քարոզչութեան համար։ Կամ եթէ դպրոց կ’երթաս, ենթադրէ որ ուսուցիչները քեզի առիթ կու տան որ ուրիշ տեղ մը փոխադրուիս, որպէսզի յաւելեալ ուսում ստանաս։ Այդ վայրկեանին պիտի գիտնա՞ս թէ ի՛նչ պէտք է ընես։ Մի՛ սպասեր որ այդպիսի բան մը պատահի, որպէսզի աղօթես, պրպտում ընես եւ ուրիշներու հետ խօսիս ատոր մասին։ Այդ բաները հիմա ըրէ, որպէսզի գիտնաս թէ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի այդպիսի բաներու, եւ իր մտածումները որդեգրէ։ Այսպիսով, եթէ օր մը օրանց այդպիսի առաջարկ մը ստանաս, քեզ պիտի չհրապուրէ։ Միայն քեզի պիտի մնայ որ գործադրես նախապէս առած որոշումդ, թէ կեդրոնացած պիտի մնաս Եհովայի ծառայութեան վրայ։ դ18.11 27 ¶18

Չորեքշաբթի, մարտ 11

Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ (Առ. 4։23)։

Սողոմոն Իսրայէլին թագաւորը եղաւ իր երիտասարդ տարիքին։ Իր իշխանութեան սկիզբը, Եհովան երազի մը մէջ իրեն երեւցաւ եւ ըսաւ. «Բան մը խնդրէ որ քեզի տամ»։ Սողոմոն պատասխանեց. «Ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլելն ու մտնելը չեմ գիտեր։ . . .Ուստի քու ծառայիդ իմաստուն [կամ հնազանդ] սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ» (Գ. Թագ. 3։5-10)։ ‘Հնազանդ սիրտ’. ի՜նչ համեստ խնդրանք։ Զարմանալի չէ որ Եհովան Սողոմոնը սիրեց (Բ. Թագ. 12։24)։ Աստուած այնքա՛ն հաւնեցաւ երիտասարդ թագաւորին պատասխանը, որ իրեն «իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ» տուաւ (Գ. Թագ. 3։12)։ Այնքան ատեն որ Սողոմոն հաւատարիմ էր, շա՜տ օրհնութիւններ վայելեց։ Ան պատիւը ունեցաւ «Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը» համար տաճար մը շինելու (Գ. Թագ. 8։20)։ Ան ճանչցուեցաւ իր աստուածատուր իմաստութեամբ։ Իսկ այն ինչ որ Աստուծմէ ներշնչուելով ըսաւ, արձանագրուած է Աստուածաշունչի երեք գիրքերու մէջ, որոնցմէ մէկը Առակաց գիրքն է։ դ19.01 14 ¶1-2

Հինգշաբթի, մարտ 12

Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը (Հռով. 12։2)։

Ոմանք չեն ուզեր որ ոեւէ մէկը իրենց մտածումին ազդէ։ Անոնք կ’ըսեն. «Խելքս գլուխս է»։ Հաւանաբար ըսել կ’ուզեն, որ իրենք անձամբ իրենց որոշումները կ’առնեն եւ թէ ասոր իրաւունքը ունին։ Անոնք չեն ուզեր որ մէկը զիրենք ղեկավարէ կամ ճնշէ որ ուրիշներու պէս ըլլան։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովայի մտածումը ունենալը չի նշանակեր, թէ անձնական կարծիք չենք կրնար ունենալ։ Բ. Կորնթացիս 3։17–ն կ’ըսէ. «Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ Եհովան մեզի ազատութիւն կու տայ, որ մեր յատուկ անձնաւորութիւնը ունենանք։ Կրնանք մեր նախընտրութիւնները եւ հետաքրքրութիւնները ունենալ։ Եհովան այսպէ՛ս ստեղծած է մեզ։ Բայց չենք կրնար անսահման ազատութիւն ունենալ (Ա. Պետ. 2։16)։ Երբ ճիշդի եւ սխալի հարց ըլլայ, Եհովան կ’ուզէ որ իր Խօսքը գործածենք, որպէսզի իր մտածումը մեզ առաջնորդէ։ դ18.11 19 ¶5-6

Ուրբաթ, մարտ 13

Դեմասը զիս թողուց ու աշխարհը սիրեց (Բ. Տիմ. 4։10)։

Երբ ճշմարտութիւնը ճանչցանք, հոգեւոր բաները առաջին տեղը դրինք, իսկ նիւթական բաները՝ երկրորդ տեղը, եւ ուրախութեամբ նիւթական զոհողութիւններ ըրինք ճշմարտութեան համար։ Բայց թերեւս երբ տեսնենք որ ուրիշներ վերջին նորոյթ ապրանքներ կը գնեն կամ ուրիշ նիւթական բաներ կը վայելեն, սկսինք զրկուած զգալ։ Չգոհանալով մեր ունեցածով, կը սկսինք աւելի կեդրոնանալ նիւթական բաներ դիզելու վրայ, քան՝ հոգեւոր գործունէութիւններու վրայ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Դեմասին պարագան։ Ան այնքա՛ն սիրեց «աշխարհը», որ վազ անցաւ Պօղոս առաքեալին հետ ծառայելէն։ Ան ինչո՞ւ ձգեց Պօղոսը։ Թերեւս նիւթական բաները աւելի սիրեց քան՝ Աստուծոյ ծառայելը։ Կամ թերեւս այլեւս չէր ուզեր զոհողութիւններ ընել՝ Պօղոսին հետ ծառայելու համար։ Դասը ի՞նչ է։ Չենք ուզեր մեր մէջ ետ արթնցնել նիւթական բաներու հանդէպ սէրը, եւ թոյլ տալ որ ճշմարտութեան հանդէպ մեր սիրոյն տեղը առնէ։ դ18.11 10 ¶9

Շաբաթ, մարտ 14

Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք (Ծն. 3։4)։

Սատանային սուտը չարամիտ էր, քանի որ ան շատ լաւ գիտէր որ եթէ Եւան իրեն հաւատալով պտուղը ուտէր, պիտի մեռնէր։ Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ Եւան եւ ետքը Ադամ չհնազանդեցան Եհովայի պատուէրին եւ ի վերջոյ մահացան (Ծն. 3։6. 5։5)։ Ասկէ աւելին, Ադամի մեղքին պատճառով «մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը»։ «Մահը. . . թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ» (Հռով. 5։12, 14)։ Այս պատճառով է որ մենք կատարեալ չենք եւ յաւիտեան չենք ապրիր Աստուծոյ նպատակին պէս։ Հապա՝ կ’ապրինք միայն շուրջ ‘եօթանասուն տարի’, եւ եթէ մէկը շատ ոյժ ունի՝ ‘ութսուն տարի’, եւ մեր կեանքը լեցուն է «ցաւ»ով (Սաղ. 90։10)։ Այս բոլորը Սատանայի սուտին արդիւնքն են։ Յիսուս Սատանային մասին ըսաւ. «Ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ» (Յովհ. 8։44)։ Սատանան չէ փոխուած։ Ան տակաւին իր սուտերով ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’ (Յայտ. 12։9)։ Եւ չենք ուզեր որ ան մեզ մոլորեցնէ։ դ18.10 6-7 ¶1-4

Կիրակի, մարտ 15

Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին (Մատ. 5։9)։

Անոնք որոնք նախաքայլը կ’առնեն ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ընելու, կրնան երջանիկ ըլլալ։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն» (Յակ. 3։18)։ Երբ մէկու մը հետ անհամաձայնութիւն ունենանք մեր ժողովքին կամ ընտանիքին մէջ, կրնանք Աստուծմէ խնդրել որ մեզի օգնէ խաղաղութիւն ընելու։ Ետքը, Եհովան մեզի պիտի տայ իր սուրբ հոգին, որ մեզի պիտի օգնէ լաւ յատկութիւններ ցուցաբերելու, եւ երջանիկ պիտի ըլլանք։ Յիսուս շեշտեց խաղաղութիւն ընելու նախաքայլը առնելու կարեւորութիւնը, երբ ըսաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես» (Մատ. 5։23, 24)։ դ18.09 21 ¶17

Երկուշաբթի, մարտ 16

Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք (Յովհ. 13։34)։

Իր աշակերտներուն հետ իր վերջին գիշերը, Յիսուս շուրջ 30 անգամ ակնարկեց սիրոյ։ Ան ըսաւ որ իր աշակերտները պէտք է ‘մէկզմէկ սիրեն’ (Յովհ. 15։12, 17)։ Անոնց սէրը այնքա՛ն աչքի պիտի զարնէր, որ ուրիշներ պիտի գիտնային, թէ անոնք Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներն էին (Յովհ. 13։35)։ Այս սէրը պարզ զգացում մը չէ, հապա՝ անձնազոհութիւն ցուցաբերող եւ զօրաւոր յատկութիւն մըն է։ Յիսուս ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (Յովհ. 15։13, 14)։ Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը ճանչցուած է իր անկեղծ ու անձնազոհ սիրով եւ զօրաւոր միութեամբ (Ա. Յովհ. 3։10, 11)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ իսկական սէր կայ Եհովայի ծառաներուն միջեւ, չնայած թէ ի՛նչ ազգի, ցեղի կամ ենթահողի կը պատկանին, կամ ի՛նչ լեզու կը խօսին։ դ18.09 12 ¶1-2

Երեքշաբթի, մարտ 17

Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է (Ա. Տիմ. 5։8)։

Եհովան կ’ակնկալէ որ մեր ընտանիքին հոգ տանինք։ Օրինակ, թերեւս պէտք է աշխատիս, որպէսզի ընտանիքիդ պէտքերը ապահովես։ Շատ մը մայրեր ստիպուած են տունը մնալու, որպէսզի իրենց մանուկներուն հոգ տանին։ Եւ թերեւս մեզմէ ոմանք պէտք է իրենց անկարող ծնողներուն հոգ տանին։ Ասոնք անհրաժեշտ բաներ են։ Եթէ այսպիսի պատասխանատուութիւններ ունիս, շատ հաւանաբար կը զգաս որ չես կրնար Եհովային տալ որքա՛ն որ կ’ուզես տալ։ Բայց մի՛ յուսահատիր։ Եհովան կը հաճի երբ ընտանիքիդ հոգ կը տանիս (Ա. Կոր. 10։31)։ Եթէ ընտանեկան ծանր պատասխանատուութիւններ չունիս, կրնա՞ս օգնել այն եղբայրներուն կամ քոյրերուն, որոնք հիւանդ կամ տարեց են, կամ ալ ուրիշ պէտքեր ունին։ Անոնց հոգ տանողներուն կրնա՞ս օգնել։ Նայէ թէ ժողովքիդ մէջ ո՛վ օգնութեան պէտք ունի։ Այսպէս ընելով, թերեւս Եհովային հետ աշխատած կ’ըլլաս, որ մէկու մը աղօթքին պատասխանէ (Ա. Կոր. 10։24)։ դ18.08 24 ¶3, 5

Չորեքշաբթի, մարտ 18

Աստուած անոր հետ էր ու փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն (Գործք 7։9, 10)։

Յովսէփ Յակոբին նախասիրած տղան էր, եւ այս պատճառով իր եղբայրները իրեն կը նախանձէին։ Երբ շուրջ 17 տարեկան էր, զինք որպէս ստրուկ ծախեցին (Ծն. 37։2-4, 23-28)։ Ան Եգիպտոսի մէջ շուրջ 13 տարի տառապեցաւ, սկիզբը որպէս ստրուկ եւ ետքը որպէս բանտարկեալ։ Ան իր սիրելի հօրմէն շատ հեռու էր։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ չյուսահատի եւ բարկութեամբ չլեցուի։ Մինչ բանտին մէջ էր, Յովսէփ կեդրոնացած ըլլալու էր այն բանին վրայ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէր իրեն (Ծն. 39։21. Սաղ. 105։17-19)։ Թերեւս ան նաեւ մտածեց այն մարգարէական երազներուն մասին, որոնք տեսած էր երբ աւելի պզտիկ էր, եւ ատոնք զինք վստահեցուցին որ Եհովան իրեն հետ էր (Ծն. 37։5-11)։ Ան հաւանաբար քանի՜ անգամներ Եհովային աղօթեց եւ իր սիրտը բացաւ իրեն (Սաղ. 145։18)։ Եհովան պատասխանեց իր աղօթքներուն, զինք վստահեցնելով որ իրեն հետ պիտի ըլլար իր բոլոր նեղութիւններուն մէջ։ դ18.10 28 ¶3-4

Հինգշաբթի, մարտ 19

Աղքատը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է, բայց հարուստին բարեկամները շատ են (Առ. 14։20)։

Թերեւս ուրիշներու մասին կարծիք կազմենք՝ անոնց նիւթական վիճակին հիման վրայ։ Մէկու մը դրամական վիճակը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր տեսակէտին։ Սուրբ հոգին Սողոմոնը մղեց որ անկատար մարդոց առնչութեամբ ցաւալի իրողութիւն մը գրէ, ինչպէս որ նշուած է այս օրուան համարին մէջ։ Այս առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնայ ըլլալ որ փափաքինք բարեկամանալ հարուստ եղբայրներուն հետ, եւ ոչ թէ աղքատ եղբայրներուն հետ։ Ինչո՞ւ շատ վտանգաւոր է ուրիշներուն արժէք տալ՝ անոնց ունեցածներուն կամ չունեցածներուն հիման վրայ։ Քանի որ այդպէս ընելը, ժողովքին մէջ բաժանումներ կը յառաջացնէ։ Ասիկա առաջին դարու կարգ մը ժողովքներու մէջ պատահեցաւ, եւ Յակոբոս աշակերտ այդ քրիստոնեաները զգուշացուց ատկէ (Յակ. 2։1-4)։ Պէտք չէ ձգենք որ մեր ժողովքին մէջ բաժանումներ ըլլան եւ պէտք է ջանանք եղբայրներուն մասին կարծիք չկազմել՝ անոնց նիւթական վիճակին հիման վրայ։ դ18.08 10 ¶8-10

Ուրբաթ, մարտ 20

Իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք (Ա. Պետ. 4։8)։

Եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ մեր վարուելու կերպը կը ցուցնէ, որ Եհովային բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք կամ ոչ։ Անոնք ալ մեզի պէս Եհովային կը պատկանին։ Եթէ ասիկա մեր միտքը պահենք, անոնց հետ միշտ ազնուութեամբ եւ սիրով պիտի վարուինք (Ա. Թես. 5։15)։ Յիսուս ասոր կարեւորութիւնը ցուցուց, երբ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Հետաքրքրական է որ Եհովան ‘մտիկ կ’ընէ եւ կը լսէ’, թէ իր ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը վարուին իրարու հետ (Մաղ. 3։16)։ Եհովան իրապէս «կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» (Բ. Տիմ. 2։19)։ Ան շատ լաւ գիտէ ամէն բան որ կ’ըսենք եւ կ’ընենք (Եբ. 4։13)։ Ան կը նկատէ երբ ազնուութեամբ չենք վարուիր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ նաեւ կը նկատէ, երբ հիւրասիրութեամբ, առատաձեռնութեամբ, ներողամտութեամբ եւ քաղցրութեամբ վարուինք իրարու հետ (Եբ. 13։16)։ դ18.07 25-26 ¶15, 17

Շաբաթ, մարտ 21

[Եհովային] պէտք է. . . յարիս (Բ. Օր. 10։20)։

Եհովային մօտիկ մնալը իմաստութիւն է։ Իրմէ աւելի զօրաւոր, իմաստուն կամ սիրալիր մէկը չկայ։ Մեզմէ ո՞վ չ’ուզեր իր կողմը ըլլալ (Սաղ. 96։4-6)։ Բայց Եհովան պաշտողներէն ոմանք եղած են պարագաներու մէջ, ուր իրեն հաւատարիմ չեն գտնուած։ Նկատի առ Կայէնը։ Ան Եհովայէն զատ ուրիշ աստուած չէր պաշտեր, բայց Եհովան չընդունեց իր պաշտամունքը։ Ան տեսաւ որ գէշ հակումներ կան Կայէնին սրտին մէջ (Ա. Յովհ. 3։12)։ Եհովան զգուշացուց զինք, ըսելով. «Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չ’ը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես [«պիտի իշխե՞ս», ՆԱ]» (Ծն. 4։6, 7)։ Ուրիշ խօսքով, Եհովան կարծես թէ Կայէնին կ’ըսէր. «Եթէ զղջաս եւ հաստատօրէն իմ կողմս կենաս, ես ալ քու կողմդ պիտի ըլլամ»։ Բայց Կայէն խրատը մտիկ չըրաւ։ դ18.07 17 ¶1, 3. 18 ¶4

Կիրակի, մարտ 22

Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ (Մատ. 5։16)։

Քարոզելն ու աշակերտելը կարեւոր է, որպէսզի ձգենք որ մեր լոյսը փայլի (Մատ. 28։19, 20)։ Ասկէ զատ, մեր վարքն ալ Եհովային փառք կը բերէ։ Մենք աչքի կը զարնենք երբ կը քարոզենք։ Երբ տանտէրերուն եւ անցորդներուն ժպտանք եւ ջերմութեամբ բարեւ տանք, անոնք կրնան լաւ տպաւորուիլ մեզմով եւ մեր պաշտած Աստուծմով։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր» (Մատ. 10։12)։ Այն շրջանը, ուր Յիսուս շատ անգամ կը քարոզէր, մարդիկ սովորութիւն ունէին օտարները իրենց տունը մտցնելու։ Ներկայիս, շատ մը շրջաններու մէջ այս սովորութիւնը չկայ։ Յաճախ մարդիկ կը նեղանան կամ իրենց ջիղերուն վրայ կ’ըլլան, երբ օտար մը զարնէ իրենց դուռը։ Բայց երբ ընկերային եւ ազնիւ ըլլանք, անոնք աւելի հանգիստ կը զգան։ Ընդհանրապէս, անուշ ժպիտը լաւագոյն բացումն է։ Երբ հրատարակութիւններու սայլակ գործածելով հանրային վկայութեան կը մասնակցիս, նկատա՞ծ ես որ երբ ժպտաս եւ ընկերային կերպով բարեւ տաս, մարդիկ աւելի հանգիստ կը զգան։ դ18.06 22 ¶4-5

Երկուշաբթի, մարտ 23

Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ (Գործք 10։34)։

Պետրոս սովորաբար կ’ընկերակցէր միայն հրեաներուն։ Բայց երբ Աստուած յստակ դարձուց որ քրիստոնեաները աչառութիւն պէտք չէ ընեն, ան քարոզեց Կոռնելիոսին, որ հռոմայեցի զինուոր մըն էր (Գործք 10։28, 35)։ Ատկէ ետք, Պետրոս ժամանակ անցուց ու կերաւ հրեայ չեղող քրիստոնեաներուն հետ։ Բայց տարիներ ետք՝ Անտիոքի մէջ, ան չուզեց ուտել հրեայ չեղող քրիստոնեաներուն հետ (Գաղ. 2։11-14)։ Պօղոս խրատեց Պետրոսը եւ ան ընդունեց խրատը։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Երբ Պետրոս իր առաջին նամակը գրեց Փոքր Ասիոյ քրիստոնեաներուն, թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ, արտայայտուեցաւ թէ որքա՜ն կարեւոր է որ «ամբողջ» եղբայրութիւնը սիրենք (Ա. Պետ. 1։1. 2։17, ՆԱ)։ Յստակ է որ առաքեալները Յիսուսի օրինակէն սորվեցան, որ սիրեն «ամէն տեսակ մարդիկ» (Յովհ. 12։32, ՆԱ. Ա. Տիմ. 4։10, ՆԱ)։ Անոնք իրենց մտածելակերպը փոխեցին, հակառակ որ ժամանակ առաւ։ Առաջին քրիստոնեաները նոր անձնաւորութիւնը հագնելով՝ սորվեցան հաւասար աչքով նայիլ բոլորին, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կը նայի (Կող. 3։10, 11)։ դ18.06 11 ¶15-16

Երեքշաբթի, մարտ 24

Ձեր տեղը կայնեցէք. . . արդարութեան զրահը հագնելով (Եփ. 6։14)։

Առաջին դարուն, հռոմայեցի զինուորները քանի մը տեսակ զրահ ունէին։ Ատոնցմէ մէկը կազմուած կ’ըլլար հորիզոնական երկաթէ կտորներէ, եւ զինուորը պէտք էր միշտ վստահ ըլլար որ կտորները իրենց տեղերը ամրացուած էին, որպէսզի պաշտպանէր իր սիրտը եւ ուրիշ կարեւոր անդամներ։ Ի՜նչ աղուոր նկարագրութիւն մը, թէ Եհովային արդար չափանիշները ինչպէ՛ս կը պաշտպանեն մեր այլաբանական սիրտը (Առ. 4։23)։ Զինուոր մը երկաթէ զրահին տեղ բնա՛ւ չէր գործածեր ցածորակ մետաղով շինուած զրահ մը։ Նմանապէս, մենք ալ Եհովային չափանիշներուն տեղ բնա՛ւ չենք ապաւինիր մեր գաղափարներուն, որոշելու համար թէ ի՛նչն է ճիշդը։ Մենք բաւարար իմաստութիւն չունինք որ մեր սիրտը պաշտպանենք (Առ. 3։5, 6)։ Այս պատճառով, պէտք է միշտ վստահ ըլլանք, որ Եհովային մեզի տուած ‘երկաթէ կտորները’ իրենց տեղն են եւ մեր սիրտը կը պաշտպանեն։ Իսկ որքան աւելի սիրենք աստուածային ճշմարտութիւնները, այնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ մեր «զրահը» կրելը, այսինքն՝ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլը (Սաղ. 111։7, 8. Ա. Յովհ. 5։3)։ դ18.05 28 ¶3-4, 6-7

Չորեքշաբթի, մարտ 25

Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցան (Թւ. 20։3)։

Հակառակ անոր որ Մովսէս այսքան երկար ժամանակ ժողովուրդը անձնուիրաբար առաջնորդած էր, անոնք գանգատեցան ոչ միայն ջուր չըլլալուն համար, հապա նաեւ՝ Մովսէսին դէմ,– կարծես թէ իրենց ծարաւ ըլլալը ի՛ր յանցանքն էր (Թւ. 20։1-5, 9-11)։ Բարկութեան մէջ, Մովսէս իր հեզ կեցուածքը կորսնցուց։ Փոխանակ հաւատքով ժայռին խօսելու, ինչպէս որ Եհովան պատուիրած էր, դառնօրէն ժողովուրդին հետ խօսեցաւ, եւ ըսաւ որ հրաշք մը պիտի գործէր։ Ետքը, ժայռին երկու անգամ զարկաւ եւ առատօրէն ջուր ելաւ։ Հպարտութիւնն ու բարկութիւնը պատճառ դարձան որ լուրջ սխալ մը գործէ (Սաղ. 106։32, 33)։ Ժամանակաւորապէս հեզութիւն չունենալով, անոր թոյլ չտրուեցաւ, որ Աւետեաց երկիրը մտնէ (Թւ. 20։12)։ Այս դէպքէն շատ կարեւոր դասեր կը սորվինք։ Առաջին, պէտք է մի՛շտ աշխատինք մեր հեզ կեցուածքը պահպանելու համար։ Եթէ ատեն մը չջանանք հեզ ըլլալ, հպարտութիւնը ետ ի յայտ պիտի գայ եւ ձգէ որ անմտօրէն խօսինք ու վարուինք։ Երկրորդ, ճնշուածութիւնը կրնայ մեզ տկարացնել, անոր համար պէտք է լրջօրէն ջանանք հեզ ըլլալ, նոյնիսկ երբ ճնշումի տակ ենք։ դ19.02 12-13 ¶19-21

Հինգշաբթի, մարտ 26

Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի (Մատ. 24։14)։

Քարոզելը մեզի համար բե՞ռ է։ Անշուշտ ո՛չ։ Որթատունկին առակը պատմելէ ետք, Յիսուս ըսաւ որ երբ քարոզենք, իր ուրախութիւնը պիտի ունենանք (Յովհ. 15։11)։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս ինքզինք նմանցուց որթատունկի, իսկ իր աշակերտները՝ ճիւղերու (Յովհ. 15։5)։ Այնքան ատեն որ ճիւղերը կապուած են որթատունկին, իրենց պէտք եղած սնունդն ու ջուրը կը ստանան։ Նոյն կերպով, այնքան ատեն որ Յիսուսին հետ միութեան մէջ ենք եւ ուշադրութեամբ կը հետեւինք իր քայլերուն, պիտի ունենանք իր ուրախութիւնը, որ կու գայ Աստուծոյ կամքը կատարելէն (Յովհ. 4։34. 17։13. Ա. Պետ. 2։21)։ Հաննէ, որ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր ռահվիրայ քոյր մըն է, կ’ըսէ. «Այն ուրախութիւնը որ միշտ կը զգամ ծառայութենէն ետք, ոյժ կու տայ ինծի որ շարունակեմ Եհովային ծառայել»։ Ուրախութիւնը մեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ շարունակենք քարոզել նոյնիսկ ամէնէն դժուար թաղամասերուն մէջ (Մատ. 5։10-12)։ դ18.05 17 ¶2. 20 ¶14

Ուրբաթ, մարտ 27

Քարոզիչ եւ առաքեալ կարգուեցայ, քրիստոնէական հաւատքը եւ ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար բոլոր հեթանոսներուն (Ա. Տիմ. 2։7, ՆԹ)։

Առաջին դարուն, թերեւս ուրիշները ամէնէն շատ քաջալերողը Պօղոս առաքեալն էր։ Սուրբ հոգին զինք ղրկեց քարոզելու յոյներուն, հռոմայեցիներուն եւ ուրիշներու, որոնք շատ աստուածներ կը պաշտէին (Գաղ. 2։7-9)։ Ան ճամբորդեց այն շրջանները, որոնք հիմա Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ գնաց Յունաստան եւ Իտալիա։ Հոն, հրեայ չեղողներուն քարոզեց եւ ժողովքներ հաստատեց։ Այդ նոր քրիստոնեաները ‘չարչարանքներ կրեցին իրենց համազգիներէն’, եւ քաջալերութեան պէտք ունէին (Ա. Թես. 2։14)։ Շուրջ Ք.Ե. 50–ին, Պօղոս քաջալերական նամակ մը գրեց Թեսաղոնիկէի նոր հաստատուած ժողովքին։ Ան ըսաւ. «Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ. անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ. . . համբերութիւնը» (Ա. Թես. 1։2, 3)։ Ան նաեւ անոնցմէ խնդրեց, որ իրար զօրացնեն, ըսելով. «Յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար» (Ա. Թես. 5։11, ԱԾ)։ դ18.04 18-19 ¶16-17

Շաբաթ, մարտ 28

Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն (Մար. 13։10)։

Որպէս պատանի, երբ կեդրոնանաս Եհովան հաճեցնելու վրայ, պիտի ուզես իրեն մասին խօսիլ ուրիշներուն։ Որովհետեւ քարոզչութեան գործը անյետաձգելի է, պէտք է ամէնէն կարեւոր բաներէն ըլլայ մեզի համար։ Կրնա՞ս նպատակակէտ դնել, որ աւելի քարոզես։ Կրնա՞ս ռահվիրայութիւն ընել։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ շատ հաճոյք չես առներ քարոզելէն։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ բացատրել հաւատալիքներդ։ Երկու բաներ պիտի օգնեն քեզի. լաւ պատրաստուէ եւ գիտցածներդ ուրիշներուն ըսելէ վազ մի՛ անցնիր։ Ասոնք ընելով թերեւս զարմանաս որ որքա՜ն հաճոյք կ’առնես քարոզելէն։ Կրնաս դասընկերներուդ հարցուցած հարցումներուն պատասխանները պատրաստել, ինչպէս՝ «Ինչո՞ւ կը հաւատաս որ Աստուած գոյութիւն ունի»։ Մեր www.pr418.com/hyw կայքին մէջ պիտի գտնես «Տարեկիցներդ ի՛նչ կ’ըսեն. Աստուծոյ հաւատալ» անունով վիտէոն, որ կրնայ քեզի օգնել։ դ18.04 27 ¶10-11

Կիրակի, մարտ 29

Աճեցէք ու շատցէք (Ծն. 1։28)։

Թէեւ Ադամն ու Եւան շատ ազատութիւն ունէին, բայց իրենց ազատութիւնը սահմաններ ունէր։ Անոնք նոյնիսկ բնականօրէն կը հետեւէին ատոնցմէ ոմանց։ Օրինակ, անոնք գիտէին որ ողջ մնալու համար պէտք էր շունչ առնէին, ուտէին եւ քնանային։ Անոնք կը զգայի՞ն որ ազատութիւն չունէին, քանի որ ստիպուած էին այս բաները ընելու։ Ո՛չ, քանի որ Եհովան այնպէս մը ըրած էր, որ այս բաները ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն տային իրենց (Սաղ. 104։14, 15. Ժող. 3։12, 13)։ Ան Ադամին ու Եւային մասնայատուկ պատուէր մը տուաւ. զաւակներ ունենան, երկիրը լեցնեն եւ ատոր հոգ տանին։ Այս պատուէրը իրենց ազատութիւնը առա՞ւ իրենց ձեռքէն։ Անշուշտ ո՛չ։ Ատիկա առիթ տուաւ, որ երկիրը դրախտի վերածեն եւ յաւիտեան հոն ապրին իրենց կատարեալ զաւակներուն հետ։ Ասիկա Աստուծոյ նպատակն էր (Սաղ. 127։3. Եսա. 45։18)։ Եթէ Ադամն ու Եւան Եհովային հնազանդէին, կրնային յաւիտեան հաճոյք առնել իրենց ամուսնութենէն եւ ընտանիքէն։ դ18.04 4-5 ¶7-8

Երկուշաբթի, մարտ 30

Որոնք որ յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած էին, հաւատացին (Գործք 13։48, ՆԱ)։

Եթէ ծառայութեան մէջ մարդոց հանդէպ համբերատար ենք, չենք ակնկալեր որ սուրբգրային ճշմարտութիւնը առաջին վայրկեանէն իսկ հասկնան կամ ընդունին։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մէկու մը օգնել հասկնալու դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Ոմանք կը հաւատան, որ մահը ամէն բանի վերջ կը դնէ։ Ուրիշներ կը հաւատան, որ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։ Եղբայր մը հետեւեալ կերպով մարդոց կ’օգնէ, որ հասկնան դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Նա՛խ կը կարդայ Ծննդոց 1։28–ը։ Ետքը, տանտիրոջ կը հարցնէ, թէ Աստուած ուզեց որ մարդիկ ո՛ւր ապրին եւ ի՛նչ տեսակ պարագաներու ներքեւ։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կը պատասխանէ. «Երկրի վրայ, լաւ պայմաններու ներքեւ»։ Ետքը, եղբայրը կը կարդայ Եսայի 55։11–ը եւ կը հարցնէ, թէ արդեօք Աստուծոյ նպատակը փոխուա՞ծ է։ Յաճախ տանտէրը «ո՛չ» կ’ըսէ։ Ետքը, եղբայրը կը կարդայ Սաղմոս 37։10, 11–ը եւ կը հարցնէ, որ մարդկութեան ապագան ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը այս կերպով գործածելով, ան քանի մը անհատներու օգնած է, որ հասկնան թէ Աստուած դեռ կ’ուզէ որ բարի մարդիկը յաւիտեան ապրին Դրախտի մէջ երկրի վրայ։ դ19.03 24 ¶14-15. 25 ¶19

Երեքշաբթի, մարտ 31

Ատոր մտիկ ըրէք (Մատ. 17։5)։

Եհովան յստակ դարձուց թէ կ’ուզէ որ մտիկ ընենք իր Որդիին խօսքերը եւ անոնց հնազանդինք։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սիրալիրօրէն սորվեցուց բարի լուրը ինչպէ՛ս քարոզել, եւ կրկին անգամ նշեց որ արթուն կենան (Մատ. 24։42. 28։19, 20)։ Նաեւ զիրենք յորդորեց, որ ջանք ընեն որ նեղ դռնէն մտնեն, եւ քաջալերեց որ չյանձնուին (Ղուկ. 13։24)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն շեշտեց կարեւորութիւնը իրար սիրելու, միացած մնալու եւ իր պատուէրները պահելու (Յովհ. 15։10, 12, 13)։ Այս խրատները ներկայիս նո՛յնքան գործնական են որքան առաջին դարուն էին։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ» (Յովհ. 18։37)։ Ցոյց կու տանք որ Յիսուսի ձայնը մտիկ կ’ընենք, երբ կը շարունակենք ‘իրարու համբերել եւ իրարու ներել’ (Կող. 3։13. Ղուկ. 17։3, 4)։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ Յիսուսի ձայնը մտիկ կ’ընենք, բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզելով «ատենին ու ատենէ դուրս» (Բ. Տիմ. 4։2)։ դ19.03 10 ¶9-10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել