Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք20 էջ 37-47
  • Ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 1
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 2
  • Ուրբաթ, ապրիլ 3
  • Շաբաթ, ապրիլ 4
  • Կիրակի, ապրիլ 5
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 6
  • Յիշատակատօնին թուականը
    Արեւամուտէն ետք
    Երեքշաբթի, ապրիլ 7
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 8
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 9
  • Ուրբաթ, ապրիլ 10
  • Շաբաթ, ապրիլ 11
  • Կիրակի, ապրիլ 12
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 13
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 14
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 15
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 16
  • Ուրբաթ, ապրիլ 17
  • Շաբաթ, ապրիլ 18
  • Կիրակի, ապրիլ 19
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 20
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 21
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 22
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 23
  • Ուրբաթ, ապրիլ 24
  • Շաբաթ, ապրիլ 25
  • Կիրակի, ապրիլ 26
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 27
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 28
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 29
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
աք20 էջ 37-47

Ապրիլ

Չորեքշաբթի, ապրիլ 1

[Յիսուս] Պետրոսին ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ. . . վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատ. 16։23)։

Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Եհովայի՞ն պէս կը մտածենք, թէ՞ այս աշխարհի մարդոց պէս։ Որպէս քրիստոնեաներ, կը ջանանք Եհովայի հաճած բաները ընել։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մտածումին մասին։ Կը ջանա՞նք Եհովային պէս մտածել, այսինքն՝ իր աչքով նայիլ հարցերուն։ Ասիկա ընելու համար շատ ջանք պէտք է թափենք։ Անդին, ջանք չ’ուզեր աշխարհի մարդոց պէս մտածելը, քանի որ աշխարհի հոգին մեր չորս կողմն է (Եփ. 2։2)։ Ասկէ զատ, աշխարհի մտածումը կրնայ գրաւիչ ըլլալ, քանի որ յաճախ մեր հաշւոյն կու գայ։ Ինչպէս կը տեսնենք, դժուար է Եհովային պէս մտածելը, բայց շատ դիւրին է աշխարհին պէս մտածելը։ Եթէ ձգենք որ աշխարհը մեր մտածումին ազդէ, շատ հաւանաբար անձնասէր դառնանք եւ ուզենք անձամբ որոշել, թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ (Մար. 7։21, 22)։ Ասոր համար, կարեւոր է որ Աստուծոյ մտածումը ունենանք, եւ ոչ թէ մարդոց մտածումը։ դ18.11 18 ¶1. 19 ¶3-4

Հինգշաբթի, ապրիլ 2

Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ (Մատ. 3։17)։

Երեք առիթներով, Եհովան ուղղակի երկինքէն խօսելով ըսաւ, որ իր Որդին կը սիրէր։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր Յիսուսը։ Նախ, հազիւ որ ան մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ, Եհովան վերոնշեալ խօսքը ըսաւ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուսէն զատ միայն Յովհաննէս Մկրտիչը լսեց այս խօսքը։ Ետքը, Յիսուսին մահէն շուրջ մէկ տարի առաջ, իր առաքեալներէն երեքը լսեցին, որ Եհովան Յիսուսին մասին ըսաւ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (Մատ. 17։5)։ Իսկ երրորդ անգամը, Յիսուսի մահէն միայն քանի մը օր առաջ, Եհովան դարձեալ երկինքէն խօսեցաւ իր Որդիին (Յովհ. 12։28)։ Թէեւ Յիսուս գիտէր որ մարդիկ զինք Աստուծոյ հայհոյիչ պիտի կոչէին եւ թէ արհամարհական մահով մը պիտի մեռնէր, բայց տակաւին աղօթեց որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ եւ ոչ թէ իր կամքը (Մատ. 26։39, 42)։ Ան «խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց», քանի որ միայն իր Հօր հաճութիւնը կ’ուզէր, եւ ոչ թէ աշխարհին հաճութիւնը (Եբ. 12։2)։ դ18.07 10-11 ¶15-16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մարկոս 14։3-9

Ուրբաթ, ապրիլ 3

Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինձմէ անցուր (Ղուկ. 22։42)։

Տէրունական ընթրիքը հաստատելէ անմիջապէս ետք, Յիսուս շատ մեծ քաջութիւն ցոյց տուաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան ընդունեց իր Հօր կամքը իրեն համար, հակառակ անոր որ գիտէր թէ ատիկա ընելը կը նշանակէր, թէ մահապատիժի պիտի ենթարկուէր հայհոյութիւն ընելու ամօթալի ոճիրով (Մատ. 26։65, 66)։ Յիսուս լիովին ուղղամիտ մնաց, որպէսզի Եհովայի անունը պատուէ, Իր գերիշխանութիւնը ջատագովէ եւ զղջացող մարդոց առջեւ բանայ անվերջ կեանք մը ունենալու ճամբան։ Միեւնոյն ատեն, ան իր հետեւորդները պատրաստեց իրենց դիմագրաւելիք բաներուն համար, եւ կեդրոնացաւ առաքեալներուն պէտքերուն վրայ։ Այդ պարզ ընթրիքը,– որ Յուդան արձակելէ ետք հաստատեց,– ապագայ օծեալ հետեւորդներուն պիտի յիշեցնէր, թէ նոր ուխտին մէկ մասը կը կազմէին եւ թէ իր թափուած արեան շնորհիւ ի՛նչ օգուտներ կը վայելէին (Ա. Կոր. 10։16, 17)։ դ19.01 22 ¶7-8

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մարկոս 11։1-11

Շաբաթ, ապրիլ 4

Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ (Յովհ. 12։28)։

Եհովան պատասխանեց. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։ Յիսուս խռոված էր, քանի որ մեծ պատասխանատուութիւն ունէր. Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Ան գիտէր թէ դաժանօրէն պիտի մտրակուէր եւ անգթօրէն իր կեանքին վերջ պիտի դրուէր (Մատ. 26։38)։ Բայց Յիսուսին համար ամենակարեւոր բանն էր՝ իր Հօր անունը փառաւորել։ Ան ամբաստանուեցաւ Աստուծոյ հայհոյութիւն ընելու յանցանքով եւ մտահոգ էր, թէ իր մահը Աստուծոյ անարգանք պիտի բերէր։ Մենք ալ թերեւս Յիսուսին պէս անարդար վերաբերմունքի զոհ երթանք։ Կամ թերեւս նեղանանք լսելով այն սուտ պատմութիւնները, որ հակառակորդները մեր մասին կը տարածեն, անարգանք բերելով Եհովայի անուան։ Սակայն Եհովայի խօսքերը մեզ շատ կը մխիթարեն։ Ան մի՛շտ իր անունը պիտի փառաւորէ (Սաղ. 94։22, 23. Եսա. 65։17)։ դ19.03 11-12 ¶14-16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 10–ի դէպքերը) Մարկոս 11։12-19

Կիրակի, ապրիլ 5

Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցուց թէ՝ պէտք է որ ինք. . . շատ չարչարանքներ կրէ. . . եւ սպաննուի (Մատ. 16։21)։

Յիսուսի աշակերտները իրենց ականջներուն չհաւատացին։ Ան ըսաւ որ մօտ ատենէն պիտի տառապէր ու մեռնէր, մինչ իրենք կը կարծէին թէ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պիտի վերահաստատէր։ Պետրոս առաջինն էր որ խօսեցաւ. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատ. 16։22, 23. Գործք 1։6)։ Յիսուս յստակ դարձուց որ Եհովայի մտածումը տարբեր է այս աշխարհի մտածումէն (Ա. Յովհ. 5։19)։ Պետրոս զինք քաջալերեց որ ունենայ այն անձնասէր կեցուածքը, որ աշխարհին մէջ շատեր ունին։ Յիսուսի պատասխանը յստակօրէն ցուցուց, որ աշխարհի մտածումը մերժեց եւ Եհովայի մտածումը ընդունեց։ դ18.11 18 ¶1-2

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 11–ի դէպքերը) Մարկոս 11։20–12։27, 41-44

Երկուշաբթի, ապրիլ 6

Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ (Ա. Կոր. 11։26)։

Երեւակայէ թէ Եհովան ի՛նչ կը տեսնէ, երբ աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր մարդիկ կը հաւաքուին Տէրունական ընթրիքը յիշատակելու համար։ Ան հոն գտնուող իւրաքանչիւր անհատ կը նկատէ։ Օրինակ, կը նկատէ անոնք, որոնք ամէն տարի հաւատարմօրէն կու գան։ Անոնց մէջ թերեւս կան անհատներ, որոնք խիստ հալածանք կը դիմագրաւեն։ Ուրիշներ միւս ժողովներուն կանոնաւորաբար չեն երթար, բայց Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը պարտականութիւն կը սեպեն։ Ան նաեւ կը նկատէ անոնք, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կ’ըլլան, թերեւս առ ի հետաքրքրութիւն։ Անկասկած Եհովան կ’ուրախանայ տեսնելով որ շատ մարդիկ Յիշատակատօնին կու գան (Ղուկ. 22։19)։ Սակայն ան աւելի հետաքրքրուած է թէ անոնք ինչո՛ւ կու գան։ Ան մարդոց շարժառիթին շատ կարեւորութիւն կու տայ։ Մենք սրտանց կ’ուզե՞նք սորվիլ Եհովայէն եւ իր կազմակերպութենէն (Եսա. 48։17, 18. Յովհ. 6։45)։ դ19.01 26 ¶1-3

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Մարկոս 14։1, 2, 10, 11. Մատթէոս 26։1-5, 14-16

Յիշատակատօնին թուականը
Արեւամուտէն ետք
Երեքշաբթի, ապրիլ 7

Քրիստոս մեզի համար մեռաւ (Հռով. 5։8, 9)։

Յիսուս յօժար էր ոչ միայն իր աշակերտներուն համար մեռնելու, հապա նաեւ ամէն օր ապրելու այնպիսի կերպով, որ իրենց շահերը իր շահերէն առաջ դնէ։ Օրինակ, ան իր հետեւորդներուն հետ ժամանակ անցուց նոյնիսկ երբ յոգնած էր կամ զգացականօրէն ճնշուած էր (Ղուկ. 22։39-46)։ Եւ կեդրոնացաւ ուրիշներուն տալու վրայ (Մատ. 20։28)։ Մենք կը պատկանինք միակ ճշմարիտ քրիստոնէական եղբայրութեան, եւ նորեկները կը հրաւիրենք որ մեզի միանան։ Սակայն, մասնաւորաբար կ’ուզենք օգնել «հաւատքի ընտանիներուն», որոնք անգործունեայ դարձած են (Գաղ. 6։10)։ Իրենց հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, զիրենք քաջալերելով որ ժողովներուն,– մանաւանդ Յիշատակատօնին,– ներկայ գտնուին։ Եհովային եւ Յիսուսին պէս, շա՜տ կ’ուրախանանք, երբ անգործունեայ անհատ մը Եհովային կը վերադառնայ (Մատ. 18։14)։ դ19.01 29 ¶12, 14. 30 ¶15

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Մարկոս 14։12-16. Մատթէոս 26։17-19 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մարկոս 14։17-72

Չորեքշաբթի, ապրիլ 8

Այս է իմ մարմինս։ . . .Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի (Մատ. 26։26-28)։

Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց՝ Պասեքի ընթրիքէն մնացած անխմոր հացը եւ գինին գործածելով։ Իր առաքեալներուն ըսաւ, որ այդ երկու հիմնական բաները կը խորհրդանշէին իր կատարեալ մարմինն ու արիւնը, որոնք իրենց համար պիտի զոհէր։ Անոնք թերեւս չզարմացան երբ տեսան, թէ այս կարեւոր նոր ընթրիքը որքա՛ն պարզ էր։ Ինչո՞ւ։ Ամիսներ առաջ, երբ Յիսուս այցելեց Ղազարոսին, Մարթային ու Մարիամին, սկսաւ սորվեցնել։ Մարթան զբաղած էր ճոխ ճաշ մը պատրաստելով։ Ասիկա տեսնելով, Յիսուս ազնուութեամբ Մարթան սրբագրեց (Ղուկ. 10։40-42)։ Իսկ իր մահէն միայն քանի մը ժամ առաջ, Յիսուս անձամբ գործադրեց իր տուած խրատը, Տէրունական ընթրիքը պարզ պահելով։ դ19.01 20-21 ¶3-4

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մարկոս 15։1-47

Հինգշաբթի, ապրիլ 9

Ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի (Յովհ. 17։5)։

Եհովան չակնկալուած կերպով պատուեց Յիսուսը։ Երբ իրեն յարութիւն տուաւ, իրեն անմահ հոգեղէն կեանք տուաւ, ինչ որ ո՛չ մէկը ստացած էր մինչեւ այդ ատեն (Փլպ. 2։9. Ա. Տիմ. 6։16)։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ այս աշխարհին հաճութիւնը չփնտռենք։ Պէտք է մեր միտքը պահենք, որ Եհովան միշտ կը հաճի իր հաւատարիմ ծառաներուն, եւ թէ յաճախ չակնկալուած կերպերով կը վարձատրէ զանոնք։ Ո՞վ գիտէ թէ ապագային ի՜նչ խելքէ–միտքէ վեր եղող օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի։ Բայց հիմակուհիմա, մինչ փորձութիւններու դէմ կը պայքարինք, չմոռնանք որ ‘այս աշխարհը կ’անցնի’ (Ա. Յովհ. 2։17)։ Եւ մեր սիրալիր Հայրը ‘անիրաւ չէ, որ մեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար կը ցուցնենք’ (Եբ. 6։10)։ դ18.07 11 ¶17-18

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մարկոս 16։1

Ուրբաթ, ապրիլ 10

Անոնց համար կ’աղաչեմ, որ ամէնքն ալ մէկ ըլլան (Յովհ. 17։20, 21)։

Առաքեալներուն հետ իր վերջին ընթրիքին, Յիսուս կարեւորութիւն տուաւ միութեան նիւթին։ Անոնց միութիւնը յստակօրէն պիտի փաստէր որ Եհովան ղրկած էր Յիսուսը։ Սէրը պիտի ըլլար այն նշանը, թէ Յիսուսին իսկական աշակերտները որոնք են, եւ այդ սէրը զանոնք աւելի պիտի միացնէր իրարու (Յովհ. 13։34, 35)։ Հասկնալի է թէ այդ գիշեր Յիսուս ինչո՛ւ խօսեցաւ միութեան մասին։ Ան նկատած էր թէ իր առաքեալները շատ միացած չէին։ Օրինակ, անոնք վիճեցան թէ «իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի», ինչպէս որ ատկէ առաջ ալ վիճած էին (Ղուկ. 22։24-27. Մար. 9։32, 33)։ Ուրիշ առիթով, Յակոբոս եւ Յովհաննէս Յիսուսէն խնդրած էին որ իր Թագաւորութեան մէջ իրենց կարեւոր տեղեր տայ (Մար. 10։35-40)։ դ18.06 8 ¶1-2

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մարկոս 16։2-8

Շաբաթ, ապրիլ 11

Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան (Ծն. 2։24)։

Եհովան կ’ուզէ որ կողակիցները իրար այնքա՛ն սիրեն, որ իրենց սէրը գոյատեւէ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին (Մատ. 19։3-6)։ Տասը պատուիրաններուն եօթներորդը շնութիւնը արգիլեց (Բ. Օր. 5։18)։ Շնութիւնը «Աստուծոյ դէմ» եղած մեղք մըն է եւ կողակիցին դէմ գործուած անգութ բան մըն է (Ծն. 39։7-9)։ Շնացողին կողակիցը թերեւս դաւաճանութեան ցաւը տասնեակ տարիներ զգայ։ Եհովան նաեւ երեխաներու բարօրութեամբ մեծապէս հետաքրքրուած է։ Ան ծնողներուն պատուիրեց, որ ոչ միայն իրենց զաւակներուն ֆիզիքական պէտքերը հոգան, հապա նաեւ անոնց հոգեւոր պէտքերը։ Ծնողները պէտք էր ամէն առիթ օգտագործէին, որ իրենց զաւակներուն օգնէին Եհովան սիրելու եւ անոր Օրէնքը հասկնալու եւ գնահատելու (Բ. Օր. 6։6-9. 7։13)։ Ծնողները պէտք չէր զաւակները նկատէին ստացուածք մը, որ կրնային անտեսել կամ անոր հետ գէշ կերպով վարուիլ, հապա՝ Եհովային կողմէ ժառանգ մը կամ նուէր մը, որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ (Սաղ. 127։3)։ դ19.02 21 ¶5, 7

Կիրակի, ապրիլ 12

Աստուած իմ պարկեշտութիւնս պիտի գիտնայ (Յոբ 31։6, ԱԾ)։

Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահեց, կեդրոնանալով այն յոյսին վրայ, թէ Աստուած զինք պիտի վարձատրէր։ Ան կը հաւատար որ Աստուած իր ուղղամտութեամբ իրապէս հետաքրքրուած է։ Հակառակ իր փորձութիւններուն, Յոբ վստահ էր որ Եհովան ի վերջոյ զինք պիտի վարձատրէր։ Անկասկած այդ վստահութիւնը իրեն օգնեց, որ իր ուղղամտութիւնը ամուր բռնէ։ Եհովան այնքա՛ն ուրախացաւ Յոբի ուղղամտութիւնը տեսնելով, որ զինք առատապէս վարձատրեց երբ դեռ անկատար էր (Յոբ 42։12-17. Յակ. 5։11)։ Ապագային, ան աւելի մեծ վարձատրութիւններ պիտի ստանայ։ Աստուած չէ փոխուած (Մաղ. 3։6)։ Երբ յիշենք որ ան մեր ուղղամտութիւնը կ’արժեւորէ, կրնանք գեղեցիկ ապագայ մը ունենալու մեր յոյսը վառ պահել մեր սրտին մէջ (Ա. Թես. 5։8, 9)։ Երբեմն թերեւս զգաս որ միայն դուն ուղղամտութիւնդ կը պահես. բայց բնա՛ւ առանձին պիտի չըլլաս։ Պիտի ըլլաս միլիոնաւոր ուղղամիտներէն, որոնք աշխարհի չորս կողմը կը գտնուին։ Նաեւ պիտի միանաս այն հաւատքի տէր տղամարդոց եւ կիներուն, որոնք անցեալին ուղղամիտ մնացին, նոյնիսկ երբ սպաննուելու սպառնալիքին առջեւ գտնուեցան (Եբ. 11։36-38. 12։1)։ դ19.02 7 ¶15-16

Երկուշաբթի, ապրիլ 13

Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ (Ա. Պետ. 3։8)։

Յիշատակատօնի առթիւ, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումները հարցնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ աւելի լաւ կերպով Յիսուսը ընդօրինակել սէր ցոյց տալու մէջ։ Արդեօք կը մտածե՞մ հաւատակիցներուս պէտքերուն մասին՝ իմ պէտքերէս աւելի։ Եղբայրներէս ու քոյրերէս աւելի՞ն կ’ակնկալեմ քան ինչ որ կրնան ընել, թէ՞ իրենց սահմանափակումներուն գիտակից եմ’։ Թող մի՛շտ Յիսուսը ընդօրինակենք եւ «կարեկից» ըլլանք։ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը շատ երկար ժամանակ պիտի չտօնենք։ Երբ Յիսուս «գայ» մեծ նեղութեան ընթացքին, իր «ընտրեալներ»ուն մնացորդը երկինք պիտի առնէ, եւ Յիշատակատօնը այլեւս պիտի չտօնուի (Ա. Կոր. 11։26. Մատ. 24։31)։ Նոյնիսկ երբ Եհովայի ժողովուրդը Յիշատակատօնը տօնելէ դադրի, անկասկած ջերմութեամբ պիտի յիշեն այս պարզ ընթրիքը, որ կը յայտնէ այն մեծ խոնարհութիւնը, քաջութիւնը եւ սէրը, որ մարդ մը ցարդ ցուցաբերած է։ դ19.01 25 ¶17-19

Երեքշաբթի, ապրիլ 14

Ահա՛ դուն ճշմարտութենէ կ’ախորժիս ներքին մարդուն մէջ, եւ ծածուկ տեղը իմաստութիւնը պիտի հասկցնես ինծի (Սաղ. 51։6, ԱԾ)։

Մեր ֆիզիքական առողջութեան օրինակը գործածելով բացատրենք մեր ներքին անձին կարեւորութիւնը։ Առաջին, մեր ներքին անդամները լաւ վիճակի մէջ պահելու համար, պէտք է որ առողջապահական սնունդ առնենք եւ կանոնաւորաբար մարզանք ընենք։ Նոյնպէս, լաւ հոգեւոր վիճակի մէջ մնալու համար, պէտք է որ հոգեւոր առողջապահական սնունդ առնենք եւ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը կանոնաւորաբար ի գործ դնենք, այսինքն՝ մեր սորվածը գործադրենք եւ մեր հաւատքին մասին խօսինք (Հռով. 10։8-10. Յակ. 2։26)։ Երկրորդ, դուրսի երեւոյթին նայելով, թերեւս մտածենք որ առողջ ենք, հակառակ անոր որ ներսէն հիւանդ ենք։ Նոյնպէս, մեր հոգեւոր գործունէութիւններուն նայելով, թերեւս մտածենք որ մեր հաւատքը զօրաւոր է, բայց կրնայ ըլլալ որ սխալ ցանկութիւններ կը զարգանան մեր մէջ (Ա. Կոր. 10։12. Յակ. 1։14, 15)։ Յիշե՛նք որ Սատանան կ’ուզէ մեզ իր մտածելակերպով վարակել։ դ19.01 15 ¶4-5

Չորեքշաբթի, ապրիլ 15

Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ (Ղուկ. 10։37)։

Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Նոյն կերպով կը վարուի՞մ։ Կարեկից սամարացիին պէս կը վարուի՞մ’ (Ղուկ. 10։30-35)։ ‘Երբ մարդիկ կը տառապին, կրնա՞մ կերպով մը օգնել անոնց։ Օրինակ, կրնա՞մ գործնական կերպերով օգնել ժողովքի տարեցներուն, որբեւայրիներուն, կամ այն պզտիկներուն, որոնց ծնողքը Եհովային չեն ծառայեր։ Կրնա՞մ վատասիրտները մխիթարել’ (Ա. Թես. 5։14. Յակ. 1։27)։ Երբ ուրիշներուն ողորմութիւն ցոյց տանք, տալու ուրախութիւնը կը վայելենք. նաեւ, Եհովան կը հաճեցնենք (Գործք 20։35. Եբ. 13։16)։ Դաւիթ թագաւոր ողորմութիւն ցուցնող անհատին մասին ըսաւ. «Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա, երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ» (Սաղ. 41։1, 2)։ Նաեւ, երբ ուրիշներուն հետ ողորմութեամբ ու կարեկցութեամբ վարուինք, Եհովան ալ մեզի հետ ողորմութեամբ պիտի վարուի, ինչ որ թոյլ պիտի տայ որ յաւիտեան երջանիկ ըլլանք (Յակ. 2։13)։ դ18.09 19 ¶11-12

Հինգշաբթի, ապրիլ 16

Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ (Եսա. 41։10)։

Եօշիքօ անունով հաւատարիմ քոյր մը, գէշ լուր մը առաւ։ Իր բժշկուհին ըսաւ, որ միայն քանի մը ամսուան կեանք ունի։ Եօշիքոն ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան յիշեց իր նախասիրած համարներէն մէկը՝ այս օրուան համարը։ Ետքը, հանդարտօրէն բժշկուհիին ըսաւ, որ ինք վախ չունի, քանի որ Եհովան իր ձեռքը բռնած է։ Այդ մխիթարիչ համարը մեր սիրելի քրոջ օգնեց, որ Եհովային լիովին վստահի։ Նոյն համարը կրնայ մեզի ալ օգնել, որ հանդարտ մնանք երբ խիստ փորձութիւններու առջեւ գտնուինք։ Սկիզբը Եհովան զայն գրել տուաւ, մխիթարելու համար այն հրեաները, որոնք յետագային Բաբելոն պիտի աքսորուէին։ Բայց այդ պատգամէն նաեւ պիտի օգտուէին իր բոլոր ծառաները դարերու ընթացքին եւ մինչեւ օրս (Եսա. 40։8. Հռով. 15։4)։ Մենք կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, եւ որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունինք Եսայի գրքին տուած քաջալերութեան (Բ. Տիմ. 3։1)։ դ19.01 2 ¶1-2

Ուրբաթ, ապրիլ 17

Եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի (Ա. Կոր. 7։15)։

Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ զոյգը բաժնուի, երկուքը տակաւին կողակիցներ են, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրը դժուարութիւններ պիտի ունենայ։ Պօղոս առաքեալ զոյգը միասին մնալու այս պատճառը տուաւ. «Անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են» (Ա. Կոր. 7։14)։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք իրենց կողակիցին հետ մնացին հակառակ որ վիճակը շատ դժուար էր, մասնաւորաբար ուրախ էին որ այդ զոհողութիւնը ըրին, երբ յետագային իրենց կողակիցը Եհովայի վկայ եղաւ (Ա. Կոր. 7։16. Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Ներկայիս, աշխարհի տարածքին՝ քրիստոնէական ժողովքին մէջ բազմաթիւ յաջող ամուսնութիւններ կան։ Շատ հաւանաբար, կրնաս ուրախ զոյգեր տեսնել ժողովքիդ մէջ, ուր հաւատարիմ ամուսինը իր կինը կը սիրէ եւ սիրալիր կինը իր ամուսինը կը յարգէ։ Բոլորը կը ցուցնեն որ կարելի՛ է ամուսնութիւնը պատուել (Եբ. 13։4)։ դ18.12 14 ¶18-19

Շաբաթ, ապրիլ 18

Տէր Աստուած. . . Եդեմի մէջ պարտէզ տնկեց ու իր շինած մարդը հոն դրաւ (Ծն. 2։8)։

Եդեմ կը նշանակէ՝ «Հաճոյք», եւ իրապէս ալ հաճելի վայր մըն էր։ Շատ գեղեցիկ էր, լեփլեցուն ուտելիք կար եւ մարդոց ու անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն կը տիրէր (Ծն. 1։29-31)։ Երբ եբրայերէն բնագիրը թարգմանուեցաւ յունարէնի, «պարտէզ» բառը թարգմանուեցաւ փարատէյսոս, որ կը նշանակէ «դրախտ»։ Մգլինթոքի ու Սթրոնկի Cyclopaedia համայնագիտարանը կ’ըսէ, թէ երբ յոյն մը փա·րատէյ·սոս բառը լսէր, իր մտքին մէջ կ’երեւակայէր գեղեցիկ եւ ընդարձակ պարտէզ մը, բոլոր վնասակար բաներէն պաշտպանուած, զանազան տպաւորիչ պտղատու ծառերով, մաքուր գետակներով, որոնց խոտաւէտ գետափներուն վրայ կ’արածին եղջերուներ եւ ոչխարներ։ Այս նկարագրութիւնը մեզի կ’օգնէ տեսնելու, թէ Եդեմի պարտէզը իրապէս դրախտ էր (համեմատէ՛ Ծննդոց 2։15, 16)։ Աստուած Ադամն ու Եւան դրաւ այդպիսի պարտէզի մը մէջ։ Բայց քանի որ անոնք իրեն անհնազանդ գտնուեցան, Դրախտին մէջ ապրելու առանձնաշնորհումը կորսնցուցին թէ՛ իրենց համար եւ թէ իրենց սերունդին համար (Ծն. 3։23, 24)։ Այնպէս կ’երեւի թէ այդ անբնակ պարտէզը մնաց մինչեւ Նոյի օրուան Ջրհեղեղը։ դ18.12 3-4 ¶3-5

Կիրակի, ապրիլ 19

Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ (Եսա. 48։17)։

Ծնողները կը ջանան իրենց զաւակներուն արժանիքներ սորվեցնել։ Եթէ զաւակները ընտրեն իրենց ծնողքին սորվեցուցած արժանիքներուն համաձայն ապրիլ, շատ հաւանաբար առնեն այնպիսի որոշումներ, որոնց համար յետագային պիտի չզղջան։ Այսպիսով, շատ մը խնդիրներէ եւ մտահոգութիւններէ հեռու պիտի մնան։ Եհովան լաւ ծնողի մը նման կ’ուզէ, որ իր զաւակները գոհացուցիչ կեանք մը ունենան (Եսա. 48։18)։ Ասոր համար, մեզի կը սորվեցնէ հիմնական սկզբունքներ՝ բարոյական վարքի եւ մարդոց հետ ինչպէ՛ս վարուելու նկատմամբ։ Ան մեզի կը պատուիրէ, որ իր մտածելակերպը ունենանք եւ իր արժանիքներուն համաձայն ապրինք։ Ասիկա կաշկանդիչ չէ, հապա՝ մեզ աւելի իմաստուն կ’ընէ եւ կ’օգնէ որ աւելի լաւ որոշումներ առնենք (Սաղ. 92։5. Առ. 2։1-5. Եսա. 55։9)։ Այսպէս, տակաւին պիտի ունենանք մեր նախընտրութիւնները, բայց պիտի առնենք այնպիսի որոշումներ, որոնք մեզի ուրախութիւն պիտի տան (Սաղ. 1։2, 3)։ Եհովայի մտածումը ունենալով շա՜տ կ’օգտուինք։ դ18.11 19-20 ¶7-8

Երկուշաբթի, ապրիլ 20

Հայհոյութիւն կ’ընեն (Ա. Պետ. 4։4)։

Որպէսզի շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել, պէտք չէ ձգենք որ Եհովան չպաշտողները ազդեն մեզի։ Երբ ճշմարտութեան մէջ սկսանք քալել, Վկայ չեղող բարեկամներուն եւ ազգականներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնները փոխուեցան։ Թերեւս ոմանք մեր նոր հաւատալիքները յարգեցին, իսկ ուրիշներ՝ հակառակեցան։ Մեր ընտանիքին անդամները, գործակիցները եւ դասընկերները թերեւս փորձեն մեզ մասնակից դարձնել իրենց տօնակատարութիւններուն, ինչպէս՝ ծննդեան տարեդարձներուն կամ տօներուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք դէմ դնել անոնց ճնշումին եւ չմասնակցիլ այն սովորութիւններուն եւ տօներուն, որոնք Եհովան չեն պատուեր։ Պէտք է մեր միտքին մէջ յստակ պահենք, թէ Եհովան ինչո՛ւ չի հաճիր այդ տօներուն։ Կրնանք մեր հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ընել եւ մենք մեզի յիշեցնել որ որոշ տօներ ինչպէ՛ս սկսան։ Երբ խոկանք թէ ի՛նչ սուրբգրային պատճառներով այդ տօները չենք տօներ, կը համոզուինք որ «Տէրոջը հաճելի» եղող ճամբուն մէջ կը քալենք (Եփ. 5։10)։ Եթէ Եհովային եւ իր Խօսքին վստահինք, մարդոցմէ պիտի չվախնանք (Առ. 29։25)։ դ18.11 11 ¶10, 12

Երեքշաբթի, ապրիլ 21

Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր (Ծն. 39։23)։

Երբ մեր կեանքի պայմանները յանկարծ փոխուին, դիւրութեամբ կրնանք թոյլ տալ որ ապագային նկատմամբ մտահոգութիւնները մեր ձեռքերը–ոտքերը կապեն։ Ասիկա կրնար Յակոբի որդիին՝ Յովսէփին պատահիլ, բայց ան որոշեց իր լաւագոյնը ընել իր վիճակին մէջ, եւ այսպիսով Եհովա Աստուծոյ առիթ տուաւ որ զինք օրհնէ։ Հակառակ որ բանտին մէջ էր, Յովսէփ շատ ջանք թափեց որ բանտապետին տուած բոլոր գործերը ընէ, ճիշդ ինչպէս որ կ’ընէր Պետափրէսին քով (Ծն. 39։21, 22)։ Մենք ալ Յովսէփին պէս կրնանք ունենալ պարագայ մը, որ չենք կրնար փոխել։ Եթէ համբերենք եւ մեր լաւագոյնը ընենք, Եհովա Աստուծոյ առիթ կու տանք որ մեզ օրհնէ (Սաղ. 37։5)։ Ճիշդ է որ ատեններ թերեւս ‘տագնապինք’, բայց բնա՛ւ «յուսահատ» վիճակի մէջ պիտի չձգուինք (Բ. Կոր. 4։8)։ Եհովան մեզի հետ պիտի ըլլայ, մանաւանդ եթէ ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնանք։ դ18.10 29 ¶11, 13

Չորեքշաբթի, ապրիլ 22

Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք (Եբ. 6։10)։

Ի՞նչ կը զգաս եթէ մէկը, որ կը ճանչնաս եւ կը յարգես, անունդ մոռնայ կամ նոյնիսկ ով ըլլալդ չգիտնայ։ Շատ հաւանաբար գէշ կը զգաս ու կը նեղանաս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամէն մէկուս բնական փափաքն է, որ ուրիշներ զինք ընդունին։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք որ ուրիշներ գիտնան թէ ինչպիսի՛ անձ ենք եւ գնահատեն մեր ըրածները (Թւ. 11։16. Յոբ 31։6)։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, գնահատուած ըլլալու մեր ցանկութիւնը կրնայ իր սահմանէն դուրս ելլել։ Թերեւս ուզենք որ ուրիշները մեծարեն մեզ։ Բանսարկու Սատանայի այս չար աշխարհը կրնայ մեր մէջ աճեցնել այն փափաքը, որ հռչակաւոր, համբաւաւոր կամ երեւելի ըլլանք։ Բայց ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ մեր երկնաւոր սիրառատ Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ, չտանք այն պատիւը եւ պաշտամունքը, որոնց արժանի է (Յայտ. 4։10բ)։ դ18.07 7 ¶1-2

Հինգշաբթի, ապրիլ 23

Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է (Ա. Յովհ. 5։19)։

Գիտենք որ Բանսարկու Սատանային ձեռքերուն մէջն է ամբողջ աշխարհը, մէջը ըլլալով՝ սուտ կրօնքը, փտած կառավարութիւնները եւ ագահ վաճառականութիւնը։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ Սատանան ու իր դեւերը կ’ազդեն հեղինակաւոր մարդոց եւ զանոնք կը մղեն որ սուտեր խօսին (Ա. Տիմ. 4։1, 2)։ Նամանաւանդ սուտ խօսող կրօնական առաջնորդները յանցաւոր են, քանի որ եթէ մէկը իրենց սուտերուն հաւատալով Աստուծոյ ատած բաները ընէ, կրնայ յաւիտեան ապրելու առիթը կորսնցնել (Ով. 4։9)։ Յիսուս Քրիստոս գիտէր որ իր օրուան կրօնական առաջնորդները մարդիկը կը խաբէին։ Ան անոնց երեսին ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ ծով ու ցամաք կը պտըտիք մէկը նորահաւատ ընելու ու երբ ըլլայ, զանիկա ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ’ընէք», այսինքն՝ յաւիտենական կործանումի արժանի (Մատ. 23։15)։ Յիսուս Քրիստոս խիստ կերպով դատապարտեց այդ սուտ կրօնքի առաջնորդները։ Անոնք իրապէս ‘իրենց հօրմէն Սատանայէն էին, որ մարդասպան է’ (Յովհ. 8։44)։ դ18.10 7 ¶5-6

Ուրբաթ, ապրիլ 24

Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն. . . ինծի համար (Մատ. 5։11)։

Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան աւելցուց. «Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները» (Մատ. 5։12)։ Երբ առաքեալները ծեծ կերան եւ իրենց ըսուեցաւ որ անգամ մըն ալ չքարոզեն, անոնք «ատեանէն գացին, ուրախանալով»։ Անշուշտ, ծեծ ուտելը հաճելի չէր, բայց անոնք ուրախացան, քանի որ «[Յիսուսին] անուանը համար արժանի եղան անարգուելու» (Գործք 5։41)։ Մեր օրերուն, Եհովայի ծառաներն ալ ուրախութեամբ կը տոկան, երբ կը հալածուին Յիսուսին անուան համար (Յակ. 1։2-4)։ Առաքեալներուն պէս, մենք ալ հաճոյք չենք առներ չարչարուելէն կամ հալածուելէն։ Բայց եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք փորձութեան ատեն, ան մեզի քաջութիւն պիտի տայ որ տոկանք։ Երբ «երանելի Աստուծոյ» հաճութիւնը ունինք, կրնանք երջանիկ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ կը հալածուինք, մեր ընտանիքը կը հակառակի մեզի, հիւանդ ենք կամ մեր տարիքը առած ենք (Ա. Տիմ. 1։11)։ դ18.09 21 ¶18-20

Շաբաթ, ապրիլ 25

Անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է (Սաղ. 90։10)։

Որովհետեւ ներկայ «չար ժամանակներ»ուն մէջ կեանքը «ցաւ»երով լեցուն է, շատեր զգացական ճնշումներէ կ’անցնին եւ չեն ուզեր ապրիլ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Ամէն տարի, աւելի քան 800,000 հոգի անձնասպան կ’ըլլան, այսինքն՝ ամէն 40 երկվայրկեան մէկ հոգի։ Ցաւօք սրտի, նոյնիսկ մեր հաւատակիցներէն ոմանք այսպիսի զգացումներ ունեցած են եւ անձնասպան եղած են։ Թէեւ պայման չէ որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգան, թէ կ’ուզեն իրենց կեանքին վերջ դնել, բայց անոնցմէ շատեր ճնշիչ պարագաներէ կ’անցնին եւ մեր սիրոյն պէտք ունին։ Ոմանք կը հալածուին կամ ծաղր կ’ըլլան։ Ուրիշներ քննադատութեան կամ բամբասանքի կ’ենթարկուին իրենց գործատեղը։ Կամ ալ թերեւս վերջին ծայր յոգնած են երկար ժամեր աշխատելով կամ սթրես պատճառող գործեր աշխատելով։ Իսկ ոմանք ընտանեկան լուրջ խնդիրներ ունին, թերեւս քանի որ կը քննադատուին իրենց կողակիցին կողմէ, որ Եհովան չի պաշտեր։ Այսպիսի ճնշումներու պատճառով, ժողովքին մէջ շատեր կը զգան որ այլեւս ոյժ չունին, եւ անարժէք են։ դ18.09 13 ¶3, 5

Կիրակի, ապրիլ 26

Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն (Գ. Յովհ. 4)։

Ծնողները կրնան Եհովային հետ աշխատիլ, իրենց զաւակներուն օգնելով որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն։ Շատեր ասիկա ըրած են եւ յետագային իրենց տղաներն ու աղջիկները որոշած են Եհովային լիաժամ ծառայել, նոյնիսկ հեռու շրջաններու մէջ։ Անոնցմէ ոմանք միսիոնարներ են, ուրիշներ ռահվիրայութիւն կ’ընեն ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, իսկ ոմանք ալ Բեթէլին մէջ կը ծառայեն։ Անշուշտ, երբ զաւակները հեռու տեղ ըլլան, ասիկա կը նշանակէ որ ծնողները չեն կրնար իրենց ուզածին չափ ժամանակ անցընել անոնց հետ։ Բայց անձնազոհ ծնողները իրենց զաւակները կը քաջալերեն, որ իրենց նշանակումին մէջ մնան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ ուրախ են, որ իրենց զաւակները առաջին տեղը կը դնեն Թագաւորութեան շահերը։ Այս ծնողներէն շատեր Աննային պէս կը զգան, որ ըսաւ թէ իր տղան՝ Սամուէլը ‘փոխ տուաւ’ Եհովային։ Անոնց համար, այս կերպով Եհովային հետ աշխատիլը մեծ առանձնաշնորհում մըն է (Ա. Թագ. 1։28)։ դ18.08 24 ¶4

Երկուշաբթի, ապրիլ 27

Հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը (Մատ. 19։23)։

Յիսուս չըսաւ որ հարուստին մտնելը անկարելի է։ Ան նաեւ ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը» (Ղուկ. 6։20)։ Բայց ասիկա չնշանակեց որ բոլոր աղքատները Յիսուսին մտիկ պիտի ընէին եւ յատուկ օրհնութիւններ ստանային։ Բազմաթիւ աղքատներ Յիսուսին չհետեւեցան։ Կէտը այն է, որ չենք կրնար դատել թէ մէկը ինչպիսի՛ փոխյարաբերութիւն ունի Եհովային հետ, հիմնուելով իր ունեցած նիւթական բաներուն վրայ։ Ունինք թէ՛ հարուստ եղբայրներ եւ թէ աղքատ եղբայրներ, որոնք բոլորն ալ Եհովան կը սիրեն ու լման սրտով իրեն կը ծառայեն։ Սուրբ Գիրքը հարուստներուն կ’ըսէ, որ «անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ» (Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Միեւնոյն ատեն, Աստուծոյ Խօսքը բոլոր քրիստոնեաները կը զգուշացնէ, որ դրամը չսիրեն,– ըլլա՛ն հարուստ կամ աղքատ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Եթէ Եհովային աչքով նայինք մեր եղբայրներուն, զանոնք պիտի չդատենք իրենց ունեցածներուն կամ չունեցածներուն հիման վրայ։ դ18.08 10-11 ¶11-12

Երեքշաբթի, ապրիլ 28

Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ (Յակ. 4։7)։

Վստահաբար կ’ուզենք մեր գնահատութիւնը ցուցնել Եհովային, քանի որ իր ժողովուրդը ըլլալու պատիւը ունինք։ Մեր կեանքը սրտանց իրեն նուիրելը իմաստութիւն է։ Վճռած ենք Եհովային ատած բաները չընել։ Ինչպէս նաեւ կը սիրենք եւ կը յարգենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, քանի որ անոնք ալ Եհովային կը պատկանին (Հռով. 12։10)։ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ» (Սաղ. 94։14)։ Եհովային խօսքը խօսք է, ինչ որ ալ պատահի մեզի։ Նոյնիսկ եթէ մեռնինք, Եհովան պիտի չմոռնայ մեզ (Հռով. 8։38, 39)։ «Թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք» (Հռով. 14։8)։ Անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովան ետ կեանքի պիտի բերէ բոլոր իր հաւատարիմ բարեկամները, որոնք մահացած են (Մատ. 22։32)։ Նոյնիսկ հիմա շատ մը օրհնութիւններ կը վայելենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց» (Սաղ. 33։12)։ դ18.07 26 ¶18-19

Չորեքշաբթի, ապրիլ 29

Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ (Ա. Կոր. 10։23)։

Ոմանք կը կարծեն թէ քանի որ կարգ մը ընտրութիւններ,– ինչպէս՝ ուսումի եւ գործի վերաբերեալ,– անձնական հարցեր են, ազատ են իրենց ուզած որոշումը առնելու՝ այնքան ատեն որ իրենց խիղճը կը ներէ։ Թերեւս անոնց մտքին մէջ կայ Պօղոսին ըսածը. «Ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդուի ուրիշին խղճմտանքին համար» (Ա. Կոր. 10։29)։ Ճիշդ է որ ազատութիւն ունինք այսպիսի անձնական որոշում առնելու, բայց պէտք չէ մոռնանք որ մեր ազատութիւնը սահմաններ ունի եւ թէ մեր բոլոր որոշումները հետեւանքներ ունին։ Այս պատճառով, Պօղոս ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը։ Ուրեմն, թէեւ ազատութիւն ունինք անձնական հարցերու մէջ որոշումներ առնելու, բայց մեր նախընտրութիւնները ամէնէն կարեւոր բանը չեն։ դ18.04 10 ¶10

Հինգշաբթի, ապրիլ 30

Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ (Մաղ. 3։7)։

Ներկայիս կան անհատներ, որոնք Եհովան կը պաշտեն, բայց Իր ատած բաները կ’ընեն (Յդ. 11)։ Օրինակի համար, թերեւս մէկը կանոնաւորաբար ծառայութեան կ’ելլէ եւ ժողովներու ներկայ կ’ըլլայ, բայց միեւնոյն ատեն անբարոյ բաներ կ’երեւակայէ, ագահ է կամ հաւատակիցի մը հանդէպ ատելութիւն ունի (Ա. Յովհ. 2։15-17. 3։15)։ Այս մտածելակերպը մեղքի կ’առաջնորդէ։ Թերեւս ուրիշներ չեն նկատեր թէ ինչ կը մտածենք կամ կ’ընենք, բայց Եհովան կը նկատէ։ Ան գիտէ թէ սրտա՛նց իր կողմն ենք կամ ոչ (Եր. 17։9, 10)։ Թէեւ սխալներ կ’ընենք, բայց Եհովան շուտով իր յոյսը չի կտրեր մեզմէ։ Երբ մէկը Եհովայէն կը հեռանայ, Եհովան իրեն կ’ըսէ. ‘Ինծի դարձիր’։ Ան կ’ուզէ որ գէշ բաներուն հակառակ կենանք, մանաւանդ երբ մեր տկարութիւններուն դէմ կը պայքարինք (Եսա. 55։7)։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովան ալ մեր կողմը պիտի ըլլայ եւ մեզի պիտի տայ պէտք եղած օգնութիւնը, ըլլա՛յ հոգեւոր, զգացական կամ ֆիզիքական, որպէսզի մեր սխալ ցանկութիւններուն ‘իշխենք’ (Ծն. 4։7)։ դ18.07 18 ¶5-6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել