Մայիս
Ուրբաթ, մայիս 1
Պանդուխտը սիրեցէք (Բ. Օր. 10։19)։
Վերջերս, շատեր ստիպուած եղած են իրենց տունը–տեղը ձգելու եւ որպէս գաղթական ապրելու ուրիշ երկիրներու մէջ։ Կրնաս սորվիլ անոնց լեզուով բարեւ տալ, ինչպէս նաեւ սորվիլ կարգ մը արտայայտութիւններ, որոնք կրնան անոնց ուշադրութիւնը գրաւել։ Ետքը, կրնաս անոնց լեզուով վիտէօներ եւ հրատարակութիւններ ցուցնել jw.org կայքին մէջ։ Եհովան ճիշդ պէտք եղածը կու տայ մեզի, որպէսզի ազդու կերպով քարոզենք։ Օրինակ, ինչ որ կը սորվինք «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին ընթացքին կ’օգնէ մեզի, որ աւելի ինքնավստահութեամբ կատարենք մեր վերայցելութիւնները եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր պզտիկներուն սորվեցուցէք իրենց բառերով պատասխանել։ Եղած են պարագաներ, որ պզտիկներուն պարզ եւ անկեղծ պատասխանները ձգած են, որ նորեկները տպաւորուին եւ ճշմարտութիւնով հետաքրքրուին (Ա. Կոր. 14։25)։ դ18.06 22-23 ¶7-9
Շաբաթ, մայիս 2
Մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց (Հռով. 15։7)։
Լաւ կ’ըլլայ որ մտքերնիս բերենք, որ բոլորս ժամանակին «օտարացած» էինք, այսինքն՝ Աստուծմէ հեռու էինք (Եփ. 2։12)։ Բայց Աստուած «սիրոյ կապերով» մեզ քաշեց իրեն (Ով. 11։4. Յովհ. 6։44)։ Քրիստոս ալ մեզ ընդունեց. կարծես թէ դուռը բացաւ որ Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը ըլլանք։ Ուրեմն, քանի որ Յիսուս քաղցրօրէն մեզ ընդունած է մեր անկատար վիճակին մէջ, պէտք չէ մեր միտքէն անցնի ոեւէ մէկը մերժել։ Մինչ այս աշխարհին վերջին կը մօտենանք, բաժանումները, նախապաշարումը եւ ատելութիւնը պիտի շատնան (Գաղ. 5։19-21. Բ. Տիմ. 3։13)։ Բայց մենք որ Եհովային ծառաներն ենք, «վերին իմաստութիւնը» կը փնտռենք, որ մեզի կ’օգնէ անկողմնակալ եւ խաղաղարար ըլլալու (Յակ. 3։17, 18)։ Կ’ուրախանանք երբ ուրիշ երկիրներէ եղող անձերու հետ բարեկամութիւններ կը հաստատենք, անոնց մշակոյթը կ’ընդունինք եւ թերեւս նոյնիսկ անոնց լեզուն կը սորվինք։ Երբ այսպէս կը վարուինք, կը վայելենք «գետի պէս» եղող խաղաղութիւն եւ «ծովուն ալիքներուն պէս» եղող արդարութիւն (Եսա. 48։17, 18)։ դ18.06 12 ¶18-19
Կիրակի, մայիս 3
Ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը (Եփ. 6։15)։
Իր կօշիկը չհագնող հռոմայեցի զինուորը պատերազմի երթալու պատրաստ չէր ըլլար։ Անոր կօշիկը կը նմանէր սանտալի եւ կաշիէ երեք խաւերէ շինուած կ’ըլլար։ Այսպիսով, ատիկա շատ զօրաւոր, տոկուն եւ հանգստաւէտ կ’ըլլար։ Ճիշդ ինչպէս որ հռոմայեցի զինուորները կօշիկ հագուելով պատրաստ կ’ըլլային պատերազմելու, մեր այլաբանական կօշիկներն ալ մեզի կ’օգնեն խաղաղութեան բարի լուրը քարոզելու (Եսա. 52։7. Հռով. 10։15)։ Բայց ատեններ շատ քաջութեան պէտք կ’ունենանք, որպէսզի քարոզենք երբ առիթ բացուի։ 20 տարեկան Պոն կ’ըսէ. «Կը վախնայի դասընկերներուս քարոզելու, թերեւս քանի որ կ’ամչնայի։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ կ’ամչնայի։ Բայց հիմա ուրախ եմ որ տարեկիցներուս կը քարոզեմ»։ Շատ մը երիտասարդներ անդրադարձած են, որ երբ լաւ պատրաստուած ըլլան, աւելի հանգիստ կը զգան բարի լուրը քարոզելու։ դ18.05 29 ¶9-11
Երկուշաբթի, մայիս 4
Շատ պտուղ բերէք (Յովհ. 15։8)։
Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» (Յովհ. 14։27)։ Երբ կը շարունակենք քարոզել, խաղաղ կը զգանք, քանի որ գիտենք որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ուրախացնենք (Սաղ. 149։4. Հռով. 5։3, 4. Կող. 3։15)։ Երբ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, որ կ’ուզէր իրենց ուրախութիւնը «լման ըլլայ», անոնց բացատրեց որ ինչո՛ւ կարեւոր է որ անձնազոհ սէր ցուցնեն (Յովհ. 15։11-13)։ Ետքը, ան ըսաւ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի»։ Յիսուսին բարեկամը ըլլալը ի՜նչ արժէքաւոր նուէր մըն է։ Բայց առաքեալները ի՞նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի իր բարեկամը մնային։ Անոնք պէտք էր ‘երթային’ եւ շարունակէին ‘պտուղ բերել’ (Յովհ. 15։14-16)։ Ուրիշ խօսքով, անոնք պէտք էր շարունակէին քարոզել։ Շուրջ երկու տարի առաջ, Յիսուս իր առաքեալներուն ըսած էր. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’» (Մատ. 10։7)։ Ուստի, իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս զանոնք քաջալերեց որ տոկան քարոզչութեան գործին մէջ (Մատ. 24։13. Մար. 3։14)։ դ18.05 20-21 ¶15-16
Երեքշաբթի, մայիս 5
Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ (Գաղ. 6։7, 8)։
Ո՛վ պատանի, որոշէ՛ կեդրոնանալ Եհովային ծառայելու եւ հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու վրայ։ Բազմաթիւ պատանիներ կեդրոնացած են լաւ ժամանակ անցընելու վրայ, եւ թերեւս քեզի ալ առաջարկեն որ նոյնը ընես։ Ուշ կամ կանուխ, պէտք պիտի ըլլայ որ ուրիշներուն ցուցնես, թէ քեզի համար որքա՜ն կարեւոր է որ նպատակակէտերուդ հասնիս։ Մի՛ ձգեր որ ուրիշները կեդրոնացումդ խանգարեն։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որ զօրաւոր մնաս եւ տեղի չտաս ուրիշներուն ճնշումին։ Հեռո՛ւ մնացիր այն պարագաներէն, որոնք կրնան փորձութեան մէջ ձգել քեզ (Առ. 22։3)։ Մտածէ թէ ի՛նչ ցաւալի հետեւանքներ կը կրես, եթէ ուրիշներուն պէս սխալ բաներ ընես։ Եւ խոնարհօրէն ընդունէ որ լաւ խրատի պէտք ունիս։ Մտիկ ըրէ ծնողքիդ եւ ժողովքին մէջ հասուն եղբայրներուն ու քոյրերուն ըսածները (Ա. Պետ. 5։5, 6)։ Արդեօք բաւարար խոնա՞րհ ես, որ տրուած լաւ խրատը ընդունիս։ դ18.04 28-29 ¶14-16
Չորեքշաբթի, մայիս 6
Զայն որ ունիք՝ պահեցէք մինչեւ ես գամ։ Եւ ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ (Յայտ. 2։25, 26)։
Փոքր Ասիոյ կարգ մը ժողովքներու ուղղած իր պատգամներուն մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըրածներուն համար գնահատանք արտայայտեց։ Օրինակ, ան Թիւատիրի ժողովքին ուղղած իր պատգամը սկսաւ այս խօսքերով. «Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են» (Յայտ. 2։19)։ Յիսուս ոչ միայն նշեց անոնց գործունէութեան աճումը, հապա նաեւ զիրենք գովեց իրենց բարի գործերուն ետին գտնուող լաւ յատկութիւններուն համար։ Ճիշդ է որ Յիսուս անհրաժեշտ տեսաւ Թիւատիրի ժողովքին մէջ ոմանց խրատ տալու, բայց ասով հանդերձ իր պատգամը սկսաւ եւ աւարտեց քաջալերական խօսքերով (Յայտ. 2։27, 28)։ Մտածէ թէ Յիսուս՝ որպէս բոլոր ժողովքներուն գլուխը, որքա՜ն մեծ հեղինակութիւն ունի։ Ան ստիպուած չէ մեզի շնորհակալութիւն յայտնել այն գործին համար, որ իրեն համար կ’ընենք։ Հակառակ ասոր, ան կ’ուզէ՛ գնահատանք արտայայտել։ Երէցներուն ի՜նչ բացառիկ օրինակ է։ դ19.02 16 ¶10
Հինգշաբթի, մայիս 7
Յուդա ու Շիղա. . . շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին (Գործք 15։32)։
Առաջին դարուն, Եհովան կառավարիչ մարմինը գործածեց քաջալերելու բոլոր քրիստոնեաները, մէջը ըլլալով ժողովքներուն մէջ առաջնորդութիւն առնողները։ Անոնք իրենց անդամներէն երկուքը՝ Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, ղրկեցին որպէսզի աղօթեն, որ նոր քրիստոնեաները սուրբ հոգին ստանան (Գործք 8։5, 14-17)։ Կառավարիչ մարմինին այս օգնութիւնը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր Փիլիպպոսը եւ այդ նոր քրիստոնեաները։ Ներկայիս, Եհովայի վկաներուն Կառավարիչ մարմինը քաջալերութիւն կու տայ բեթէլականներուն, դաշտին մէջ եղող յատուկ լիաժամ ծառաներուն եւ մեր բոլորին։ Առաջին դարու եղբայրներուն պէս, մենք ալ կ’ուրախանանք տրուած քաջալերութեան համար։ Ասկէ զատ, 2015–ին, Կառավարիչ մարմինը հրատարակեց Եհովային վերադարձիր գրքոյկը, որպէսզի ճշմարտութիւնը ձգած անհատները քաջալերէ ժողովքին վերադառնալու։ դ18.04 19 ¶18-20
Ուրբաթ, մայիս 8
Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ (Յովհ. 8։32)։
Կարգ մը մարդիկ կը կարծեն որ անսահման ազատութիւն ունենալը լաւագոյնն է։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Կրնա՞ս երեւակայել որ աշխարհը ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլար, եթէ անսահման ազատութիւն ըլլար։ Հանրագիտարան մը կ’ըսէ, թէ իւրաքանչիւր կազմակերպուած ժողովուրդ ունի օրէնքներ որոնք խրթին են, քանի որ այդ օրէնքները պէտք է միեւնոյն ատեն թէ՛ պաշտպանեն մարդոց ազատութիւնը եւ թէ սահմանափակեն զայն (The World Book Encyclopedia)։ Այս հաւասարակշռութիւնը պահելը միշտ դիւրին չէ։ Այս պատճառով է որ շատ օրէնքներ կան, եւ բազմաթիւ փաստաբաններ ու դատաւորներ պէտք են, որպէսզի այդ օրէնքները բացատրեն ու գործադրեն։ Իսկական ազատութիւն ունենալու համար պէտք է երկու բան ընենք. առաջին, պէտք է ընդունինք Յիսուսին սորվեցուցած ճշմարտութիւնը, եւ երկրորդ՝ պէտք է իր աշակերտը դառնանք։ Այս երկուքը ընելը իսկական ազատութիւն պիտի տայ մեզի։ Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ ինչէ՛ն պիտի ազատինք. «Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է։ Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յովհ. 8։34, 36)։ դ18.04 6-7 ¶13-14
Շաբաթ, մայիս 9
Ամէնքդ. . . եղէք կարեկից (Ա. Պետ. 3։8)։
Հաճոյք կը զգանք շրջապատուելով մարդոցմով, որոնք մեր զգացումներով եւ բարօրութեամբ հետաքրքրուած են։ Անոնք կը փորձեն ինքզինքնին մեր տեղը դնել, որպէսզի գիտնան թէ ի՛նչ կը մտածենք եւ կը զգանք։ Կը փորձեն հասկնալ թէ ի՛նչ բաներու պէտք ունինք եւ ըստ այնմ ձեռք կու տան. երբեմն նոյնիսկ իրենցմէ օգնութիւն խնդրելէ առաջ։ Մենք կ’արժեւորենք այն անհատները, որոնք մեզի հանդէպ «կարեկից» են։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, բոլորս կ’ուզենք կարեկից ըլլալ եւ ուրիշներուն զգացումները հաշուի առնել։ Բայց խօսքին բացը, հարկ կայ որ այդ յատկութեան վրայ աշխատինք։ Ինչո՞ւ։ Նախ, քանի որ անկատար ենք (Հռով. 3։23)։ Հակում ունինք որ գլխաւորաբար մտածենք մեր անձին մասին։ Ուստի պէտք է ջանք թափենք, որ ուրիշներուն մասին մտածենք։ Ասկէ զատ, մեզմէ ոմանք թերեւս կարեկից ըլլալու դժուարութիւն ունին, իրենց դաստիարակութեան կամ կեանքի որոշ պարագաներու պատճառով։ Նաեւ, մեր շուրջի մարդոց կեցուածքները կրնան մեզի ազդել։ Այս «վերջին օրերուն» մէջ, շատեր ուրիշներուն զգացումները հաշուի չեն առներ, հապա «անձնասէր» են (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Սակայն, Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով, կրնանք ա՛լ աւելի կարեկից ըլլալ։ դ19.03 14 ¶1-3
Կիրակի, մայիս 10
Քու սիրտդ պահէ (Առ. 4։23)։
Տասը պատուիրաններուն վերջինը արգիլեց ցանկալը, կամ ուրիշին ունեցածին վրայ աչք տնկելը (Բ. Օր. 5։21. Հռով. 7։7)։ Եհովան այս օրէնքը տուաւ արժէքաւոր դաս մը սորվեցնելու համար. իր ծառաները պէտք է պահպանեն իրենց սիրտը, այսինքն՝ իրենց մտածումներն ու զգացումները։ Ան գիտէ թէ չար արարքները կը սկսին չար մտածումներով եւ զգացումներով։ Օրինակ, Դաւիթ թագաւոր այդ ծուղակին մէջ ինկաւ։ Ընդհանուր առմամբ, ան լաւ մարդ էր։ Բայց առիթով մը, ուրիշ մարդու մը կնոջ ցանկաց, եւ այդ ցանկութեան պատճառով մեղք գործեց (Յակ. 1։14, 15)։ Ան շնութիւն գործեց, փորձեց կնոջ ամուսինը խաբել եւ յետոյ կարգադրեց անոր սպանութիւնը (Բ. Թագ. 11։2-4. 12։7-11)։ Եհովան միայն անհատի մը դրսերեւոյթին չի նայիր։ Ան կը տեսնէ ինչ որ ենք՝ մեր ներսը, մեր սրտին մէջ (Ա. Թագ. 16։7)։ Ո՛չ մէկ մտածում, զգացում եւ արարք կրնանք իրմէ պահել։ Ան մեր մէջի լաւ յատկութիւնները կը փնտռէ եւ կ’ուզէ որ զանոնք զարգացնենք։ Բայց նաեւ կ’ուզէ որ մեր սխալ մտածումները բնորոշենք եւ զսպենք, սխալ արարքներու վերածուելէ առաջ (Բ. Մն. 16։9. Մատ. 5։27-30)։ դ19.02 22 ¶9, 11
Երկուշաբթի, մայիս 11
Տէ՛րը փնտռեցէք, ո՛վ երկրի բոլոր հեզերը. . . հեզութի՛ւն փնտռեցէք (Սոփ. 2։3, ԱԾ)։
Աստուածաշունչը Մովսէսին համար կ’ըսէ, որ «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի» (Թւ. 12։3)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ տկար անձնաւորութիւն ունէր, անվճռական էր, եւ կը վախնար հաստատ մնալու, երբ ուրիշներ իրեն հակառակէին։ Կարգ մը մարդիկ հեզ անձը այսպէս կը նկարագրեն. բայց ասիկա բնա՛ւ ճիշդ չէ։ Մովսէս զօրաւոր, վճռական եւ քաջ ծառայ մըն էր Աստուծոյ։ Եհովայի օգնութեամբ, ան Եգիպտոսի հզօր կառավարիչին կրկին անգամ ներկայացաւ, մօտ 3,000,000 մարդիկ անապատին մէջ առաջնորդեց եւ իսրայէլ ազգին օգնեց թշնամիներուն յաղթելու։ Մենք Մովսէսին ունեցած նոյն դժուարութիւնները չունինք, բայց ամէն օր կը հանդիպինք մարդոց կամ կը դիմագրաւենք պարագաներ, որոնք հեզ ըլլալը կը դժուարացնեն։ Սակայն հեզութիւն մշակելու զօրաւոր շարժառիթ մը ունինք։ Եհովան կը խոստանայ, որ «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը» (Սաղ. 37։11)։ Արդեօք դուն քեզ կը նկարագրե՞ս որպէս հեզ անձ մը։ Այս ուղղութեամբ ուրիշները ի՞նչ կ’ըսեն քու մասիդ։ դ19.02 8 ¶1-2
Երեքշաբթի, մայիս 12
Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն (Եսա. 5։20)։
Եհովան մարդ արարածին տուած է յատուկ բան մը. խիղճը։ Երբ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ օրէնքը կտրեցին, պահուըտեցան, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ խղճի խայթ զգացին։ Մեր խիղճը ճիշդի եւ սխալի ներքին զգացում մըն է, որ կրնայ մեզ ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդել։ Լաւ մարզուած խիղճ չունեցողները կը նմանին աւրուած կողմնացոյց ունեցող նաւու։ Հովը եւ հոսանքը կրնան դիւրութեամբ սխալ ուղղութեամբ տանիլ այդ նաւը։ Բայց լաւ աշխատող կողմնացոյցը նաւապետին կ’օգնէ, որ նաւը ճիշդ ճամբուն վրայ պահէ։ Նմանապէս, եթէ մեր խիղճը ճիշդ կերպով մարզենք, կրնայ մեզ ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդել։ Եթէ մէկու մը խիղճը ճիշդ կերպով չմարզուի, զինք պիտի չզգուշացնէ սխալ բաներ ընելէ (Ա. Տիմ. 4։1, 2)։ Այսպիսի խիղճ մը կրնայ նոյնիսկ անձը համոզել որ ‘չարը բարի է’։ դ18.06 16 ¶1-3
Չորեքշաբթի, մայիս 13
Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը (Հռով. 12։2)։
Պէտք է նկատենք եւ մերժենք աշխարհային այն գաղափարները, որոնց անուղղակիօրէն կ’ենթարկուինք։ Օրինակ, հեռատեսիլէն լուր մը կրնայ այնպէս մը ներկայացուիլ, որ քաղաքական որոշ գաղափարի մը թիկունք կը կանգնի։ Իսկ հաղորդուած կարգ մը պատմութիւններ կը քաջալերեն այնպիսի նպատակներ եւ իրագործումներ, որոնք աշխարհը կը սիրէ։ Կարգ մը ֆիլմեր եւ գիրքեր յառաջ կը մղեն այն գաղափարները, թէ մէկու մը անձը կամ ընտանիքը ամէն բանէ աւելի կարեւոր է, եւ այնպէս մը կը ձեւացնեն որ ատոնք տրամաբանական, գրաւիչ եւ ճիշդ են։ Բայց այդպիսի գաղափարներ կ’անտեսեն Սուրբ Գիրքը, որ կ’ըսէ թէ մենք եւ մեր ընտանիքը իրապէս ուրախ կ’ըլլանք, միայն եթէ Եհովան ամէն բանէ աւելի սիրենք (Մատ. 22։36-39)։ Ասիկա ըսել չէ որ շինիչ ժամանց ունենալը սխալ է։ Բայց պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Աշխարհային գաղափարները կը զատորոշե՞մ, նոյնիսկ եթէ ինծի անուղղակիօրէն հրամցուին։ Պզտիկներս եւ իմ անձս կը պաշտպանե՞մ որոշ կարդացուելիք նիւթերէ կամ հեռատեսիլի յայտագիրներէ։ Պզտիկներուս կ’օգնե՞մ որ Եհովայի տեսակէտը գիտնան, որպէսզի չազդուին իրենց տեսած կամ լսած աշխարհային գաղափարներէն’։ դ18.11 22 ¶18-19
Հինգշաբթի, մայիս 14
Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ (Եսա. 41։10)։
Եհովան ցոյց կու տայ որ մեզի հետ է՝ իր լման ուշադրութիւնը մեզի դարձնելով եւ մեզի հանդէպ իր գուրգուրանքը յայտնելով։ Նկատէ թէ մեզի հանդէպ իր ջերմ եւ խոր զգացումները ինչպէ՛ս կ’արտայայտէ. «Իմ առջեւս պատուական եղար, պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի» (Եսա. 43։4)։ Տիեզերքին մէջ ո՛չ մէկ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ Եհովան իր ծառաները սիրելէ դադրի. մեզի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը անխախտ է (Եսա. 54։10)։ Ճիշդ է որ Եհովան չի խոստանար որ կեանքի դժուարութիւնները մէջտեղէն պիտի վերցնէ, բայց պիտի չձգէ որ խնդիրներու «գետեր»ը մեզ խեղդեն կամ փորձութիւններու «բոցը» մնայուն կերպով մեզի վնասէ։ Ան կը վստահեցնէ որ մեզի հետ ըլլալով պիտի օգնէ որ այդ դժուարութիւններէն ապահովաբար ‘անցնինք’։ Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ։ Ան մեր վախերը պիտի հանդարտեցնէ, որպէսզի իրեն հանդէպ ուղղամիտ մնանք, նոյնիսկ երբ մահուան դիմաց գտնուինք (Եսա. 41։13. 43։2)։ Երբ վստահինք Եհովայի խոստումին՝ «Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ», քաջ ու զօրաւոր պիտի ըլլանք, մինչ փորձութիւններու կը տոկանք։ դ19.01 3 ¶4-6
Ուրբաթ, մայիս 15
Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան, բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ (Առ. 19։21)։
Եթէ պատանի մըն ես, հաւանաբար ուսուցիչներ, խրատատուներ կամ ուրիշներ քեզ քաջալերած են, որ բարձրագոյն ուսում ստանաս եւ շահաբեր գործ մը աշխատիս։ Բայց Եհովան տարբեր խրատ մը կու տայ։ Անշուշտ, ան կ’ուզէ որ դպրոցը ծանր աշխատիս, որպէսզի կարենաս ապրուստդ ճարել աւարտելէդ ետք (Կող. 3։23)։ Սակայն, երբ պիտի որոշես թէ կեանքիդ մէջ առաջնահերթութիւններդ ի՛նչ են, ան քեզ կը քաջալերէ որ իր սկզբունքներուն հետեւիս, որոնք քեզ կ’առաջնորդեն եւ կ’օգնեն որ կեանքդ իր հաճած կերպով ապրիս այս վերջին օրերուն մէջ (Մատ. 24։14)։ Եհովան գիտէ թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի եւ վերջը ո՛րչափ մօտ է (Եսա. 46։10. Մատ. 24։3, 36)։ Ան նաեւ քեզ կը ճանչնայ. ի՛նչը իսկապէս կ’ուրախացնէ քեզ եւ ի՛նչը կը տխրեցնէ։ Մարդոց տուած խրատները կրնան լաւ թուիլ, բայց եթէ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած չեն, բնա՛ւ իմաստուն չեն ըլլար։ դ18.12 19 ¶1-2
Շաբաթ, մայիս 16
Ամբարիշտը պիտի չքանայ (Սաղ. 37։10)։
Միւս կողմէ, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Դաւիթ նաեւ ըսաւ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։11, 29. Բ. Թագ. 23։2)։ Քու կարծիքովդ, այս խոստումները ինչպէ՞ս ազդեցին այն անհատներուն, որոնք կ’ուզէին Աստուծոյ կամքը ընել։ Անոնք կրնային ակնկալել, որ օր մը միայն արդար մարդիկը պիտի ապրին երկրի վրայ, եւ թէ երկիրը դարձեալ դրախտի պիտի վերածուի՝ Եդեմի պարտէզին պէս։ Ժամանակի ընթացքին, իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը, որ կը դաւանէր Եհովային ծառայել, իրենց կռնակը դարձուցին իրեն եւ ճշմարիտ պաշտամունքին։ Այս պատճառով, Աստուած ձգեց որ բաբելոնացիները իր ժողովուրդին յաղթեն, անոնց երկիրը քանդեն եւ շատեր գերութեան տանին (Բ. Մն. 36։15-21. Եր. 4։22-27)։ Բայց Աստուծոյ մարգարէները մարգարէացան, որ 70 տարի ետք իր ժողովուրդը իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնային։ Այդ մարգարէութիւնները իրապէս ալ կատարուեցան։ Սակայն ատոնք մեզի համար ալ նշանակութիւն մը ունին, ցոյց տալով թէ ապագային երկրի վրայ դրախտ պիտի ըլլայ։ դ18.12 4 ¶9-10
Կիրակի, մայիս 17
Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն (Եսա. 55։9)։
Մեծաւ մասամբ աշխարհային խրատները Սուրբ Գիրքին հակառակ են։ Բայց արդեօք անոնցմէ ոմանք մեր ժամանակներուն աւելի՞ գործնական են քան՝ Սուրբ Գիրքի խրատները։ Յիսուս ըսաւ. «Իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով» (Մատ. 11։19, ՆԱ)։ Թէեւ աշխարհը բաւական յառաջացած է արուեստագիտութեան մէջ, բայց չէ կրցած լուծել այն մեծ խնդիրները, որոնք մեր երջանկութեան արգելք կ’ըլլան, ինչպէս՝ պատերազմը, ցեղապաշտութիւնը եւ ոճիրը։ Ասկէ զատ, աշխարհը սեռային անբարոյութիւնը ընդունելի կը նկատէ։ Բայց շատեր կը համաձայնին, որ ատիկա ընտանիքներ կը քանդէ, հիւանդութիւններ կը պատճառէ եւ ուրիշ հետեւանքներ ունի։ Անդին, այն քրիստոնեաները՝ որոնք Եհովայի մտածումը ընդունած են, աւելի ուրախ ընտանիքներ ունին, աւելի առողջ են եւ աշխարհի չորս կողմը իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւններ ունին (Եսա. 2։4. Գործք 10։34, 35. Ա. Կոր. 6։9-11)։ Ասիկա չի՞ ցուցներ որ Եհովայի մտածումը աշխարհի մտածումէն գերադաս է։ դ18.11 20 ¶8-10
Երկուշաբթի, մայիս 18
Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն (Ա. Կոր. 15։33)։
Թէեւ կը ջանանք լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալ եւ ազնուութեամբ վարուիլ ընտանիքի անդամներուն հետ, բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք որ Եհովային չափանիշները չանտեսենք՝ զիրենք հաճեցնելու համար։ Մեր մտերիմ բարեկամները պէտք է ըլլան անհատներ, որոնք Եհովան կը սիրեն։ Բոլոր անոնք, որոնք ճշմարտութեան մէջ կը քալեն, պէտք է ըլլան սուրբ, կամ մաքուր (Եսա. 35։8. Ա. Պետ. 1։14-16)։ Երբ սկսանք ճշմարտութիւնը ճանչնալ, մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ըրինք, որպէսզի Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն հետեւինք։ Ոմանք շատ մեծ փոփոխութիւններ ըրին։ Բայց տակաւին պէտք է ուշադիր ըլլանք որ բնա՛ւ մեր մաքուր կեանքը չփոխարինենք անբարոյ կեանքով։ Ինչպէ՞ս կրնանք անբարոյ ընթացք մը չբռնել։ Մտածէ այն սուղ գինին մասին որ Եհովան վճարեց, որպէսզի սուրբ ըլլանք։ Ան իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին թանկագին կեանքը տուաւ (Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Որպէսզի Եհովայի աչքին մաքուր մնանք, միշտ պէտք է մտքերնիս պահենք, թէ Յիսուսին զոհը որքա՜ն արժէքաւոր է։ դ18.11 11 ¶10-11
Երեքշաբթի, մայիս 19
Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ, իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ (Միք. 7։7)։
Բազմաթիւ լիաժամ ծառայողներ կ’ըսեն, որ ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնալը օգնած է որ հաւասարակշռուած մնան, հակառակ փոփոխութիւններուն։ Ինչպէս անոնց օրինակը ցոյց կու տայ, եթէ մեր լաւագոյնը ընենք եւ վստահութեամբ Եհովային սպասենք, մեր ներքին խաղաղութիւնը պիտի պահպանենք։ Թերեւս նոյնիսկ ժամանակի ընթացքին անդրադառնանք, որ փոփոխութեան համակերպիլը՝ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացուց։ Այս դրութեան մէջ մեր կեանքը կրնայ յանկարծ փոխուիլ։ Թերեւս Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր նշանակումը փոխուի, առողջապահական խնդիրներ ունենանք կամ նոր ընտանեկան պատասխանատուութիւններ շալկենք։ Բայց ի՛նչ ալ պատահի, վստահ եղիր որ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած է եւ յարմար ժամանակին քեզի պիտի օգնէ (Եբ. 4։16. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Մինչ այդ, լաւագոյնդ ըրէ ունեցած պարագայիդ մէջ։ Երկնաւոր Հօրդ՝ Եհովային աղօթէ եւ դուն քեզ իր ձեռքերուն մէջ ձգէ։ Այսպիսով, դուն ալ պիտի կարենաս ներքին խաղաղութիւնդ պահպանել, երբ պարագաներդ անակնկալօրէն փոխուին։ դ18.10 30 ¶17. 31 ¶19, 22
Չորեքշաբթի, մայիս 20
[Եհովան] գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք (Սաղ. 103։14)։
Սուրբ Գիրքին մէջ շատ մը օրինակներ կան, թէ Եհովան որքա՜ն նկատառու է իր ծառաներուն հանդէպ։ Օրինակ՝ նկատէ թէ ան ինչպէ՛ս փափկանկատութեամբ պատանի Սամուէլին օգնեց, որ Հեղի քահանայապետին դատաստանական պատգամ մը տայ, ինչպէս որ արձանագրուած է Ա. Թագաւորաց 3։1-18–ի մէջ։ Մովսիսական օրէնքը կը պատուիրէր որ պզտիկները յարգեն տարեցները, մանաւանդ հեղինակաւորները (Ել. 22։28. Ղեւ. 19։32)։ Ուրեմն դժուար է երեւակայել որ Սամուէլին պէս պզտիկ տղայ մը, առտուն կանուխ արթննալով Հեղիին կ’երթայ եւ համարձակօրէն կ’ըսէ Աստուծոյ դատաստանական ծանր պատգամը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Սամուէլ «վախցաւ այն տեսիլքը Հեղիին պատմելէ»։ Սակայն Աստուած Հեղիին յստակ դարձուց որ Սամուէլը կը կանչէր։ Այս պատճառով, Հեղին Սամուէլը կանչելով ըսաւ, որ մէկ խօսք իրմէ չպահէ։ Սամուէլ հնազանդելով «բոլոր խօսքերը անոր պատմեց», եւ իր ըսածը ներդաշնակ էր նախապէս տրուած պատգամի մը հետ (Ա. Թագ. 2։27-36)։ Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Եհովան որքա՜ն նկատառու եւ իմաստուն է։ դ18.09 23 ¶2. 24 ¶4-5
Հինգշաբթի, մայիս 21
Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ. . . Ան որ. . . ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն (Սաղ. 15։1, 2)։
Ներկայիս, միայն հեղինակաւոր անհատները չեն որ սուտ կը խօսին։ Ե. Պոդդըչարճի հեղինակին գրած «Ինչո՞ւ սուտ կը խօսինք» խորագրով յօդուածը կ’ըսէ, թէ «ստախօսութիւնը խորապէս արմատացած մարդկային բնաւորութիւն մը դարձած է»։ Ուրիշ խօսքով, մարդիկ կը կարծեն որ սուտ խօսիլը բնական է։ Անոնք ընդհանրապէս սուտ կը խօսին, որպէսզի ինքզինքնին պաշտպանեն կամ ինքզինքնին յառաջ տանին։ Անոնք կը ստեն, որպէսզի իրենց սխալները ծածկեն կամ դրամ շահին կամ ուրիշ անձնական օգուտներ քաղեն։ Յօդուածը նաեւ կ’ըսէ թէ կան մարդիկ, որոնք «դիւրութեամբ սուտ կը խօսին, ըլլա՛ն մեծ կամ պզտիկ սուտեր, թէ՛ օտարներուն, թէ գործակիցներուն, թէ բարեկամներուն եւ թէ սիրելիներուն»։ Բոլոր այս սուտերուն արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Մարդիկ իրարու չեն վստահիր եւ իրենց փոխյարաբերութիւնները կը վնասուին։ Դաւիթ Եհովային աղօթեց. «Դուն ճշմարտութենէ կ’ախորժիս ներքին մարդուն մէջ» (Սաղ. 51։6, ԱԾ)։ Դաւիթ գիտէր որ կարեւոր է որ ներքի՛ն անձը ճշմարտախօս ըլլայ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները մի՛շտ ‘ճշմարտութիւնը կը խօսին’ իրարու հետ (Զաք. 8։16)։ դ18.10 7 ¶4. 8 ¶9-10. 10 ¶19
Ուրբաթ, մայիս 22
Ապահովութեամբ առաջնորդեց, այնպէս որ չվախցան (Սաղ. 78։53)։
Երբ Ք.Ա. 1513–ին իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգեցին, անոնց թիւը հաւանաբար երեք միլիոնէն աւելի էր։ Անոնց մէջ կային պզտիկներ ու տարեցներ եւ հաւանաբար հիւանդներ կամ անկարողներ։ Անկասկած, այսպիսի մեծ խումբ մը Եգիպտոսէն հանելու համար պէտք կար հոգածու եւ հասկացող Առաջնորդի մը։ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ փաստեց որ այդպիսի Առաջնորդ էր։ Այս պատճառով, իսրայէլացիները ապահով զգացին, երբ իրենց գիտցած միակ տեղը ձգելով գացին (Սաղ. 78։52)։ Եհովան ինչպէ՞ս ապահով զգացուց իր ժողովուրդը։ Նախ, իսրայէլ ազգը «գունդ գունդ» կազմակերպեց (Ել. 13։18)։ Այս կազմակերպուածութիւնը անոնց ցուցուց, որ հարցը իրենց Աստուծոյն հակակշռին տակ է։ Եհովան նաեւ «ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով», որպէսզի անոնց յիշեցնէ թէ իրենց հետ է (Սաղ. 78։14)։ Եհովան կարծես թէ կ’ըսէր. «Մի՛ վախնաք։ Ես ձեզի հետ եմ, որպէսզի ձեզ առաջնորդեմ ու պաշտպանեմ»։ դ18.09 26 ¶11-12
Շաբաթ, մայիս 23
Երանի՜ թէ. . . գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր (Յոբ 14։13)։
Սուրբգրական ժամանակներուն, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք իրենց խնդիրներով այնքա՛ն ճնշուած էին, որ ուզեցին մեռնիլ։ Օրինակ, Յոբ շատ ցաւերու մէջ ըլլալով ըսաւ. «Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ» (Յոբ 7։16)։ Յովնան այնքա՜ն յուսախաբ էր, որ ըսաւ՝ «Հիմա ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինձմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է» (Յովն. 4։3)։ Նաեւ Եղիա մարգարէն այնքա՛ն յուսահատ զգաց, որ ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս» (Գ. Թագ. 19։4)։ Բայց Եհովան կը սիրէր այդ հաւատարիմ ծառաները եւ կ’ուզէր որ ապրէին։ Փոխանակ զանոնք մեղադրելու, անոնց օգնեց որ այդ զգացումներուն հետ գլուխ ելլեն եւ ուզեն ապրիլ, որպէսզի շարունակեն հաւատարմօրէն իրեն ծառայել։ դ18.09 13 ¶4
Կիրակի, մայիս 24
Մենք Աստուծոյ գործակից ենք (Ա. Կոր. 3։9)։
Աստուծոյ գործակիցները ճանչցուած են իրենց հիւրասիրութեամբ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «հիւրասիրութիւն» թարգմանուած բառը կը նշանակէ՝ «օտարներու հանդէպ ազնուութիւն» (Եբ. 13։2)։ Սուրբ Գրքին մէջ կան օրինակներ, թէ ինչպէ՛ս այս ազնուութիւնը կրնանք ցոյց տալ (Ծն. 18։1-5)։ Պէտք է առիթներ փնտռենք որ ուրիշներուն օգնենք, մեր հաւատակիցները ըլլա՛ն կամ ոչ (Գաղ. 6։10)։ Կրնա՞ս Եհովային հետ աշխատիլ, հիւրասիրելով այցելու լիաժամ ծառաները (Գ. Յովհ. 5, 8)։ Ասիկա առիթ մըն է որ փոխադարձ քաջալերութիւն ստանաք (Հռով. 1։11, 12)։ Աստուծոյ Խօսքը կը քաջալերէ ժողովքի տղամարդիկը, որ Եհովային հետ աշխատին, ուրիշներուն ծառայելով որպէս օգնական ծառաներ եւ երէցներ (Ա. Տիմ. 3։1, 8, 9. Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Ասիկա ընողները կ’ուզեն ուրիշներուն օգնել գործնական կերպերով, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հարցերու մէջ (Գործք 6։1-4)։ Եւ անոնք որոնք ժողովքային անհրաժեշտ պարտականութիւններ ունին, կ’ըսեն որ շատ հաճոյք կ’առնեն ատոնցմէ։ դ18.08 24 ¶6. 25 ¶7, 10
Երկուշաբթի, մայիս 25
Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ, հապա հօր մը պէս յորդորէ զանիկա (Ա. Տիմ. 5։1)։
Թէեւ Տիմոթէոս որոշ չափով հեղինակութիւն ունէր տարիքոտ եղբայրներուն վրայ, բայց պէտք էր անոնց հետ կարեկցութեամբ եւ յարգանքով վարուէր։ Բայց ի՞նչ ընել, եթէ տարիքով մեծ մէկը դիտմամբ մեղք կը գործէ կամ Եհովային հաճելի չեղող բան մը կը քաջալերէ։ Եհովան աչք չի գոցեր դիտմամբ մեղք գործողին, նոյնիսկ եթէ տարիքով մեծ է ու յարգուած է։ Նկատէ Եսայի 65։20–ի մէջ եղող սկզբունքը. «Հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի»։ Նման սկզբունք մը կը գտնենք Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ (Եզեկ. 9։5-7)։ Ասոր համար, ամէնէն կարեւորը այն է, որ յարգենք «Հինաւուրց»ը՝ Եհովան (Դան. 7։9, 10, 13, 14)։ Այսպիսով, պիտի չքաշուինք պէտք եղած սրբագրութիւնը տալու անհատին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր տարիքը (Գաղ. 6։1)։ դ18.08 11 ¶13-14
Երեքշաբթի, մայիս 26
Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ (Առ. 14։15)։
Բոլորս պէտք է զարգացնենք այն կարողութիւնը, որ մեր ստացած տեղեկութիւնները քննենք ու զննենք եւ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնինք (Առ. 3։21-23. 8։4, 5)։ Այլապէս, Սատանան եւ իր աշխարհը դիւրութեամբ պիտի կարենան մեր մտածումները պղտորել (Եփ. 5։6. Կող. 2։8)։ Անշուշտ, ճիշդ եզրակացութիւններու կը հասնինք միայն եթէ բոլոր իրողութիւնները գիտենք։ Ներկայիս, լեփլեցուն տեղեկութիւններ կը հասնին մեզի ամէն տեղէ, ըլլա՛յ համացանցէն, հեռատեսիլէն կամ ուրիշ լրատուամիջոցներէ։ Նաեւ թերեւս բազմաթիւ տեղեկագրութիւններ ստանանք մեր բարեկամներէն։ Թերեւս մեր բարեկամները լաւ նպատակ ունին, բայց կան ուրիշներ, որոնք դիտմա՛մբ սխալ տեղեկութիւններ կը տարածեն կամ իրողութիւնները կը պղտորեն։ Ուրեմն, պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ քննենք մեր լսածները։ դ18.08 3 ¶1, 3
Չորեքշաբթի, մայիս 27
Աստուծմէ շնորհք գտար (Ղուկ. 1։30)։
Երբ ժամանակը եկաւ որ Յիսուս որպէս մարդ ծնի, Եհովան խոնարհ կոյս մը՝ Մարիամը զատեց որ այս յատուկ մանուկին մայրը ըլլայ։ Մարիամ կ’ապրէր Նազարէթին մէջ, որ աննշան քաղաք մըն էր եւ հեռու էր Երուսաղէմէն ու անոր փառաւոր տաճարէն (Ղուկ. 1։26-33)։ Մարիամին խոր հոգեւորութիւնը յայտնի կ’ըլլայ իր խօսքերէն, որոնք ըսաւ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին (Ղուկ. 1։46-55)։ Եհովան կը դիտէր Մարիամը, եւ քանի որ ան հաւատարիմ էր, այս չակնկալուած առանձնաշնորհումը տուաւ իրեն։ Երբ Յիսուս ծնաւ, Եհովան որո՞նց պատիւ տուաւ, տեղեկացնելով Յիսուսի ծնունդին մասին։ Ոչ թէ Երուսաղէմի եւ Բեթլեհէմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կամ իշխաններուն, հապա՝ խոնարհ հովիւներու, որոնք ոչխարներ կ’արածէին Բեթլեհէմէն դուրս գտնուող դաշտերու մէջ։ Եհովան հրեշտակներ ղրկեց անոնց (Ղուկ. 2։8-14)։ Ետքը, հովիւները գացին նորածինը տեսնելու (Ղուկ. 2։15-17)։ Մարիամը եւ Յովսէփը որքա՜ն զարմացած եւ ուրախացած ըլլալու էին, երբ տեսան որ այսպիսի կերպով պատիւ տրուեցաւ Յիսուսին։ դ18.07 9 ¶11-12
Հինգշաբթի, մայիս 28
Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ (Գ. Թագ. 11։9)։
Ինչո՞ւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ։ Եւ պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէն չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց»։ Այս պատճառով, Սողոմոն կորսնցուց Աստուծոյ հաճութիւնը։ Եհովան չարտօնեց որ Սողոմոնին սերունդը ամբո՛ղջ Իսրայէլին վրայ իշխէ, եւ անոնք հարիւրաւոր տարիներ մեծ խնդիրներ ունեցան (Գ. Թագ. 11։9-13)։ Եթէ Սողոմոնին պէս բարեկամանանք անհատներու, որոնք Եհովային չափանիշները չեն գիտեր կամ չեն յարգեր, մեր հոգեւորութիւնը կրնայ վտանգուիլ։ Անոնցմէ ոմանք թերեւս ժողովքէն ըլլան, բայց հոգեւորապէս տկար են։ Ուրիշներ թերեւս ազգականներ, դրացիներ, գործակիցներ կամ դասընկերներ ըլլան, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Եթէ անոնք՝ որոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք, Եհովային չափանիշներուն համաձայն չեն ապրիր, կրնան ժամանակի ընթացքին մեզի ազդել այն աստիճան, որ թերեւս կորսնցնենք Եհովային հետ մեր լաւ փոխյարաբերութիւնը։ դ18.07 19 ¶9-10
Ուրբաթ, մայիս 29
Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է (Ա. Յովհ. 5։19)։
Սատանան ֆիլմերը եւ հեռատեսիլի յայտագիրները կը գործածէ, որպէսզի իր մտածելակերպը տարածէ։ Ան կը հասկնայ, որ մենք կը սիրենք պատմութիւններ լսել մարդոց մասին եւ թէ այդ պատմութիւնները ոչ միայն մեզ կը զուարճացնեն, հապա կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս մտածել, զգալ եւ գործել։ Գիտենք որ Յիսուս պատմութիւններով սորվեցնելու մեթոտը գործածեց։ Օրինակ, նկատի առ բարի սամարացիին եւ անառակ որդիին առակները (Մատ. 13։34. Ղուկ. 10։29-37. 15։11-32)։ Սակայն, անոնք՝ որոնք Սատանային մտածելակերպէն ազդուած են, պատմութիւններ կը գործածեն մեզ ապականելու համար։ Պէտք է որ հաւասարակշռուած ըլլանք։ Ֆիլմերն ու հեռատեսիլի յայտագիրները կրնան մեզ զուարճացնել եւ զարգացնել՝ առանց մեր միտքը ապականելու։ Բայց պէտք է որ զգոյշ ըլլանք։ Ժամանց ընտրելու ատեն, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Այս ֆիլմը կամ հեռատեսիլի յայտագիրը ինծի կը սորվեցնէ՞ որ հոգ չէ եթէ մարմնաւոր ցանկութիւններուս տեղի տամ’ (Գաղ. 5։19-21. Եփ. 2։1-3)։ Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ տեսնես որ յայտագիր մը Սատանային մտածելակերպը կը քաջալերէ։ Անկէ հեռու կեցիր, ինչպէ՛ս որ վարակիչ հիւանդութենէ մը հեռու կը կենաս։ դ19.01 15-16 ¶6-7
Շաբաթ, մայիս 30
Փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք (Եփ. 6։17)։
Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը կը պաշտպանէ զինուորին ուղեղը, մեր «փրկութեան յոյսը» կը պաշտպանէ մեր միտքը (Ա. Թես. 5։8. Առ. 3։21)։ Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ խաբել մեզ որ սաղաւարտը հանենք մեր գլուխէն։ Նկատէ թէ ան ինչպէս փորձեց խաբել Յիսուսը։ Ան անկասկած գիտէր որ Յիսուսին առջեւ կար այն յոյսը, որ ի վերջոյ մարդկութեան վրայ իշխէ։ Բայց Յիսուս նախ պէտք էր չարչարուէր ու մեռնէր, եւ ետքը սպասէր մինչեւ որ Եհովային որոշած ժամանակը գար որ Թագաւոր ըլլար։ Իսկ Սատանան իրեն առջեւ առիթ բացաւ, որ աւելի շուտ սկսի իշխել։ Ան խոստացաւ որ եթէ Յիսուս իրեն երկրպագութիւն ընէր, անմիջապէս պիտի իշխէր ամբողջ աշխարհին վրայ (Ղուկ. 4։5-7)։ Նմանապէս, Սատանան գիտէ որ Եհովան նիւթական օրհնութիւններ պիտի տայ մեզի նոր աշխարհին մէջ։ Բայց մենք պէտք է սպասենք ասոր, եւ մինչ այդ թերեւս դժուարութիւններ ալ ունենանք։ Սատանան մեր առջեւ առիթներ կը բանայ, որ այդ կեանքը հի՛մա վայելենք։ Ան կ’ուզէ որ նիւթական բաները եւ մեր հանգիստը առաջին տեղը դնենք, իսկ Թագաւորութիւնը՝ երկրորդ տեղը (Մատ. 6։31-33)։ դ18.05 30-31 ¶15-17
Կիրակի, մայիս 31
Երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ (Ժող. 11։9)։
Եհովան կ’ուզէ որ պատանի տարիքիդ ուրախ ըլլաս։ Իսկ ուրախ ըլլալու կերպերէն մէկն է՝ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ կեդրոնացած մնալ եւ Եհովային խրատին հետեւիլ ամէն անգամ որ որոշում պիտի առնես։ Որքա՛ն կանուխ սկսիս ասիկա ընել, այնքան կանուխ պիտի զգաս Եհովային առաջնորդութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Մտածէ այն բոլոր լաւ խրատներուն մասին, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնես, եւ գործադրէ այս խրատը. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ» (Ժող. 12։1)։ Դուք, ո՛վ պատանիներ, որ կեդրոնացած էք Եհովային ծառայութեան վրայ, իրապէս գովասանքի արժանի էք։ Դուք հոգեւոր նպատակակէտեր կը դնէք եւ քարոզչութիւնը ամէնէն կարեւոր բաներէն կը սեպէք։ Ասկէ զատ, առիթ չէք տար որ այս աշխարհը ձեր կեդրոնացումը խանգարէ։ Վստահ եղէք, որ ձեր թափած ջանքերը պարապի չեն։ Ունիք քոյրեր ու եղբայրներ, որոնք ձեզ կը սիրեն եւ կ’օգնեն։ Ուրեմն, ‘ձեր գործերը Տէրոջը յանձնեցէք եւ ձեր խորհուրդները պիտի հաստատուին’։ դ18.04 29 ¶17, 19