Յունիս
Երկուշաբթի, յունիս 1
Իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի [պիտի] տայ (Յովհ. 15։16)։
Այս խոստումը որքա՜ն զօրացուցած ըլլալու էր առաքեալները։ Անոնք տակաւին լման չէին ըմբռնած, որ Յիսուս մօտ ատենէն պիտի մեռնէր։ Բայց իր մահէն ետք, անոնք երեսէ ձգուած պիտի չըլլային։ Եհովան պատրաստ էր անոնց աղօթքներուն պատասխանելու եւ անոնց օգնելու քարոզչութեան գործին մէջ։ Այդպէս ալ ըրաւ։ Յիսուսին մահուան վրայ շատ չանցած, առաքեալները քաջութիւն խնդրեցին Եհովայէն, եւ ան պատասխանեց իրենց աղօթքներուն (Գործք 4։29, 31)։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Մինչ կը շարունակենք պտուղ տալ, Յիսուսին բարեկամութիւնը կը վայելենք։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան պատրաստ է մեր աղօթքներուն պատասխանելու եւ մեզի օգնելու, երբ քարոզչութեան գործին մէջ դժուարութիւններ կ’ունենանք (Փլպ. 4։13)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ եւ թէ Յիսուս մեր բարեկամն է։ Եհովային տուած այս նուէրները մեզ կը զօրացնեն, որ շարունակենք պտուղ տալ (Յակ. 1։17)։ դ18.05 21 ¶17-18
Երեքշաբթի, յունիս 2
Մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք (Եբ. 10։24, 25)։
Հինգ տարի չանցած, Երուսաղէմի մէջ ապրող հրեայ քրիստոնեաները պիտի տեսնէին, որ ‘Տէրոջ օրը’ մօտ է եւ պիտի անդրադառնային, որ պէտք է այդ քաղաքէն փախչին, ինչպէս որ Յիսուս ըսած էր (Գործք 2։19, 20. Ղուկ. 21։20-22)։ Այդ օրը եկաւ Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմայեցիները կործանեցին Երուսաղէմը։ Ներկայիս, նման պարագայի մէջ ենք։ Եհովայի ‘խիստ մեծ ու խիստ ահեղ օրը’ մօտ է (Յվլ. 2։11)։ Սոփոնիա մարգարէին խօսքն ալ մեր օրերուն կը կիրարկուի. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ» (Սոփ. 1։14)։ Այս պատճառով, պէտք է «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով» (Եբ. 10։24)։ Ուրեմն, պէտք է շատ հետաքրքրուած ըլլանք մեր եղբայրներով, որպէսզի զանոնք քաջալերենք երբ պէտք ըլլայ։ դ18.04 20 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յունիս 3
Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս (Յես. 1։9)։
Այսպէս Եհովան Յեսուն քաջալերեց, քանի որ ընելիք մեծ պարտականութիւն մը ունէր. Իր ժողովուրդը մտցնել Աւետեաց երկիրը։ Եհովան նաեւ որպէս խումբ քաջալերեց իր ժողովուրդը։ Օրինակ, ան մարգարէութիւն մը տուաւ, որ ապագային պիտի քաջալերէր Բաբելոնի մէջ գերի եղող հրեաները։ Ան ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Եսա. 41։10)։ Յետագային, Եհովան առաջին քրիստոնեաները քաջալերեց, եւ մեզ ալ նոյն կերպով կը քաջալերէ այսօր (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Ան իր Որդին ալ քաջալերեց։ Յիսուս իր մկրտութենէն ետք երկինքէն ձայն մը լսեց, որ ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17)։ Այս խօսքը որքա՜ն զօրացուցած ըլլալու էր Յիսուսը երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին։ դ18.04 16 ¶3-5
Հինգշաբթի, յունիս 4
Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր (Ծն. 2։17)։
Ոմանք թերեւս մտածեն որ Եհովան Ադամին չտուաւ այն ազատութիւնը որ իր ուզածը ընէ։ Սակայն անոնք չեն ըմբռներ որ Ադամն ու Եւան իրաւունք ունէին որոշելու թէ ի՛նչ ընեն, բայց իրաւունք չունէին որոշելու թէ ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար։ Ադամն ու Եւան ազատ կամք ունէին, այսինքն՝ ազատութիւն ունէին որոշելու թէ Աստուծոյ պիտի հնազանդին կամ ոչ։ Բայց միայն Եհովան ունի այն իրաւունքը որ որոշէ թէ ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար։ Եդեմի պարտէզին «բարին ու չարը գիտնալու ծառը» ասոր փաստն էր (Ծն. 2։9)։ Պատուէր տալով որ ծառէն չուտեն, Եհովան Ադամին ու Եւային հասկցուց որ պէտք է իրեն հնազանդին, որպէսզի իսկական ազատութիւն ունենան։ Ցաւօք սրտի, անոնք որոշեցին Եհովային չհնազանդիլ։ Այս ընտրութիւնը ընելով աւելի ազատութիւն շահեցա՞ն, ինչպէս որ Սատանան ըսած էր։ Ո՛չ։ Անոնք ուզեցին որոշել թէ իրենց համար ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար, բայց աւելի ազատութիւն չշահեցան. ընդհակառակը, կորսնցուցին իրենց ունեցած իսկական ազատութիւնը։ դ18.04 5-6 ¶9-12
Ուրբաթ, յունիս 5
Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց (Եսա. 63։9)։
Եհովան ոչ միայն իր տառապող ծառաներուն հանդէպ կարեկցութիւն կը զգայ, հապա նաեւ գործի կը լծուի անոնց օգնելու համար։ Օրինակ, երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ իբրեւ ստրուկներ կը չարչարուէին, Եհովան հասկցաւ անոնց ցաւը եւ մղուեցաւ զիրենք հանգստացնելու։ Մովսէսին ըսաւ. «Արդարեւ. . . ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ. . . անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու. . . եկայ» (Ել. 3։7, 8)։ Որովհետեւ Եհովան իր ժողովուրդին կը կարեկցէր, զիրենք ստրկութենէ ազատեց։ Դարեր ետք, Աւետեաց երկրին մէջ, իսրայէլացիներուն թշնամիները իրենց վրայ յարձակումներ ըրին։ Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց։ «Անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը խղճար»։ Անգամ մը եւս, կարեկցութենէ մղուած՝ Եհովան իր ժողովուրդին օգնեց, դատաւորներ ղրկելով որ զիրենք թշնամիներէն փրկեն (Դատ. 2։16, 18)։ դ19.03 15 ¶4-5
Շաբաթ, յունիս 6
Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ (Եսա. 49։15)։
Տասը պատուիրաններուն առաջին երկուքը իսրայէլացիներէն պահանջեցին, որ միայն Եհովան պաշտեն, եւ զգուշացուցին կռապաշտութենէ (Ել. 20։3-6)։ Եհովան իր օգտին համար չէր որ այդ պատուիրանները տուաւ, հապա իր ժողովուրդին օգտին համար։ Երբ անոնք ուրիշ ազգերու աստուածները պաշտեցին, շատ վնաս կրեցին։ Միւս կողմէ, Եհովան իր ժողովուրդը օրհնեց, երբ իրեն հաւատարիմ էին եւ իրարու հետ արդարօրէն կը վարուէին (Գ. Թագ. 10։4-9)։ Եհովան մեղադրելի չէ, երբ իրեն ծառայել դաւանողները իր չափանիշները կ’անտեսեն եւ իր երկրպագուներուն վնաս կը հասցնեն։ Սակայն, ան մեզ կը սիրէ եւ կը տեսնէ երբ անարդարութենէ տառապինք։ Ան մեր ցաւը շատ աւելի կը զգայ քան՝ մայր մը իր մանուկին չարչարուիլը։ Ճիշդ է որ թերեւս անմիջապէս չմիջամտէ, բայց յարմար ժամանակին՝ անզեղջ յանցագործներէն հաշիւ պիտի պահանջէ, քանի որ գէշ կերպով վարուեցան։ դ19.02 22-23 ¶13-15
Կիրակի, յունիս 7
Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ (Ղուկ. 22։42)։
Յիշատակատօնին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին, մեր ժողովները յաճախ կը կեդրոնանան Յիսուսի օրինակին վրայ եւ իր խոնարհութեան վրայ, որ ցոյց տուաւ իր կեանքը որպէս փրկանք տալով։ Կը մղուինք իր խոնարհ կեցուածքը ընդօրինակելու եւ Եհովային կամքը կատարելու, նոյնիսկ երբ մեզի համար դժուար ըլլայ։ Կը մտածենք այն քաջութեան մասին, որ ցոյց տուաւ իր մահուան նախորդող օրերուն մէջ։ Ան շատ լաւ գիտէր, որ իր թշնամիները զինք ծաղր պիտի ընէին, ծեծէին ու մեռցնէին (Մատ. 20։17-19)։ Բայց եւ այնպէս, ան պատրաստ էր մեռնելու։ Երբ ժամանակը հասաւ, Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ» (Մատ. 26։36, 46)։ Եւ երբ զինեալ մարդիկ եկան զինք ձերբակալելու, ան առջեւ անցաւ, ինքզինք ներկայացուց եւ զինուորներուն ըսաւ, որ թոյլ տան իր առաքեալներուն որ երթան (Յովհ. 18։3-8)։ Ի՜նչ բացառիկ քաջութիւն։ Այսօր օծեալ քրիստոնեաները եւ ուրիշ ոչխարները կը ջանան Յիսուսի քաջութիւնը ընդօրինակել։ դ19.01 27-28 ¶7-8
Երկուշաբթի, յունիս 8
Հեզութի՛ւն փնտռեցէք (Սոփ. 2։3, ԱԾ)։
Ճիշդ ինչպէս որ գեղանկարիչը նկար մը պատրաստելու համար, շարք մը գեղեցիկ գոյներու խառնուրդ կը գործածէ, նոյնպէս մենք հեզ ըլլալու համար, պէտք է կարգ մը գեղեցիկ յատկութիւններ միեւնոյն ատեն դրսեւորենք։ Այս յատկութիւններէն են՝ խոնարհութիւն, հնազանդութիւն եւ ներքին զօրութիւն։ Միայն խոնարհ մարդիկը Աստուծոյ կամքին կը հնազանդին եւ հեզ կ’ըլլան (Մատ. 5։5. Գաղ. 5։23)։ Երբ Աստուծոյ կամքը կ’ընենք, Սատանան կը կատղեցնենք։ Ուստի, թէեւ խոնարհ ենք, շատեր, որոնք Սատանայի աշխարհին կը պատկանին, մեզ կ’ատեն (Յովհ. 15։18, 19)։ Հետեւաբար պէտք է ներքին զօրութիւն ունենանք, որպէսզի Սատանային դէմ դնենք։ Հեզ անձին հակառակն է այն անձը, որ հպարտ է, իր բարկութիւնը չի զսպեր եւ Եհովային չի հնազանդիր։ Սատանան ճիշդ ա՛յս նկարագիրը ունի։ Անոր համար զարմանալի չէ որ հեզ մարդիկը կ’ատէ. անոնք իրենց լաւ յատկութիւններով իր չար ըլլալը մէջտեղ կը հանեն եւ կը փաստեն որ ստախօս է,– բան մը որ բնա՛ւ Սատանային հաշւոյն չի գար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ի՛նչ ալ ըսէ կամ ընէ, չի կրնար հեզ մարդիկը արգիլել որ Եհովային ծառայեն (Յոբ 2։3-5)։ դ19.02 8-9 ¶3-5
Երեքշաբթի, յունիս 9
Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ (Եսա. 41։10)։
Եհովան գիտէր որ Բաբելոնի բնակիչները պիտի վախնային։ Մարա–Պարսկաստանի հզօր բանակը պիտի յարձակէր Բաբելոնի վրայ։ Եհովան զայն պիտի գործածէր, որ իր ժողովուրդը գերութենէն ազատէր (Եսա. 41։2-4)։ Երբ բաբելոնացիները եւ ուրիշ ազգերէ մարդիկ գիտցան որ իրենց թշնամին կը մօտենայ, փորձեցին քաջ մնալ, իրարու ըսելով. «Զօրացի՛ր»։ Անոնք նաեւ աւելի չաստուածներ շինեցին, յուսալով որ զիրենք պաշտպանեն (Եսա. 41։5-7)։ Մինչ այդ, Եսայի գրքին մէջ արձանագրուած Եհովայի խօսքերը հրեայ աքսորեալներուն սիրտը հանդարտեցուցին. «Ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ. . . [միւսներուն հակառակը] դուն իմ ծառաս ես. . . մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ» (Եսա. 41։8-10)։ Նկատէ թէ Եհովան ըսաւ. «Ես քու Աստուածդ եմ»։ Այս խօսքերով, իր հաւատարիմ երկրպագուները հաւաստիացուց, որ զիրենք չէր մոռցած եւ թէ անոնք դեռ իր ժողովուրդն էին։ Ան անոնց ըսաւ. «Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ»։ Հրեայ աքսորեալները անկասկած քաջալերուեցան այդ սրտապնդիչ խօսքերով (Եսա. 46։3, 4)։ դ19.01 4 ¶8
Չորեքշաբթի, յունիս 10
Ձայն մը եկաւ երկնքէն, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մար. 1։11)։
Եհովան երկինքէն երեք առիթներով խօսեցաւ։ Մարկոս 1։9-11–ին մէջ արձանագրուած է առաջին առիթը։ Եհովան ըսաւ. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Յիսուս որքա՜ն զգացուած ըլլալու էր լսելով իր Հօր ձայնը, որ սէր ու վստահութիւն կ’արտայայտէր իրեն հանդէպ։ Եհովայի խօսքերը երեք կարեւոր իրողութիւններ հաստատեցին Յիսուսին մասին։ Առաջին, Յիսուս իր Որդին է։ Երկրորդ, կը սիրէ իր Որդին։ Եւ երրորդ, իր Որդիին հաճած է։ Ըսելով՝ «Դուն ես իմ. . . Որդիս», Եհովան ցոյց տուաւ թէ իր սիրելի Որդին՝ Յիսուսը, իրեն հետ նոր յարաբերութեան մէջ մտած էր։ Երկինքին մէջ, Յիսուս Աստուծոյ հոգեղէն մէկ որդին էր։ Սակայն մկրտութեան ատեն, ան սուրբ հոգիով օծուեցաւ եւ եղաւ Աստուծոյ օծեալ Որդին։ Այսպէս Եհովան յայտնեց, որ Յիսուս այժմ յոյս ունէր երկինք վերադառնալու եւ Իր նշանակած Թագաւորն ու Քահանայապետը ըլլալու (Ղուկ. 1։31-33. Եբ. 1։8, 9. 2։17)։ Ուրեմն, Յիսուսին մկրտութեան ժամանակ, իր Հայրը տեղին ըլլալով ըսաւ. «Դուն ես իմ. . . Որդիս» (Ղուկ. 3։22)։ դ19.03 8 ¶3-4
Հինգշաբթի, յունիս 11
Իմաստութիւն. . . մը չկայ որ Տէրոջը դէմ կենայ (Առ. 21։30)։
Միշտ եղած են անհատներ, որոնք լաւ խրատ չեն տուած։ Սատանան առաջինն էր որ լաւ խրատ չտուաւ մարդ արարածին։ Ան Եւային ըսաւ որ ինք եւ Ադամ աւելի ուրախ պիտի ըլլան, եթէ անձամբ որոշեն ինչպէ՛ս ապրիլ (Ծն. 3։1-6)։ Բայց Սատանային ըրածը անձնասիրութիւն էր։ Ան կ’ուզէր որ Ադամն ու Եւան,– եւ իրենց ապագայ սերունդը,– իրեն հնազանդէին ու պաշտէին, եւ ոչ թէ Եհովային։ Բայց Եհովա՛ն էր որ ամէն բան տուած էր անոնց. կեանքի ընկեր, դրախտային տուն մը եւ կատարեալ մարմին, որ կրնար յաւիտեան գոյատեւել։ Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան եւ այսպիսով ինքզինքնին հեռացուցին իրմէ։ Ինչպէս որ գիտես, արդիւնքը ցաւալի եղաւ։ Անոնք բոյսէ մը կտրուած ծաղիկի պէս կամաց–կամաց թոռմեցան ու մեռան։ Անոնց զաւակներն ալ մեղքին հետեւանքէն տառապեցան (Հռով. 5։12)։ Հակառակ ասոր, մարդոց մեծամասնութիւնը տակաւին Աստուծոյ ըսածը կ’անտեսեն եւ իրե՛նց ուզածը կ’ընեն (Եփ. 2։1-3)։ Արդիւնքը կը ցուցնէ թէ որեւէ խրատ որ Եհովային դէմ է, իմաստուն չէ եւ անարժէք է։ դ18.12 20 ¶3-4
Ուրբաթ, յունիս 12
Կը խօսինք ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա Հոգիին սորվեցուցածներովը եւ հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ կը յարմարցնենք (Ա. Կոր. 2։13)։
Պօղոս առաքեալ խելացի եւ ուսեալ անձ մըն էր, եւ առնուազն երկու լեզու գիտէր՝ եբրայերէն եւ յունարէն (Գործք 5։34. 21։37, 39. 22։2, 3)։ Բայց աշխարհային իմաստութիւնը մերժեց եւ Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ որոշումներ առաւ (Գործք 17։2. Ա. Կոր. 2։6, 7)։ Այս պատճառով, ան շատ յաջող ծառայութիւն մը ունեցաւ, եւ կը սպասէր վարձատրութեան մը, որ յաւիտեան պիտի տեւէր (Բ. Տիմ. 4։8)։ Եհովայի մտածումը անկասկած աշխարհի մտածումէն գերադաս է։ Եթէ Իր չափանիշներուն հետեւինք, իսկապէս ուրախ եւ յաջող պիտի ըլլանք։ Բայց Եհովան մեզ չի ստիպեր որ իրեն պէս մտածենք, ոչ ալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կամ երէցները կը ստիպեն որ այդպէս ընենք (Մատ. 24։45. Բ. Կոր. 1։23)։ Իւրաքանչիւրս պատասխանատուութիւն ունինք, որ մեր մտածումը Եհովայի մտածումին յարմարցնենք։ դ18.11 20-21 ¶12-13
Շաբաթ, յունիս 13
Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան (Եսա. 35։10)։
Աստուած Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ, որ Իր ժողովուրդը իրենց հայրենիքը վերադառնալէ ետք, խաղաղութեան մէջ պիտի ապրէին։ Ո՛չ մէկը պիտի վախնար որ անասուններու կամ մարդոց կողմէ յարձակումի ենթարկուէր։ Թէ՛ երեխաները եւ թէ ծերերը ապահով պիտի ըլլային (Եսա. 11։6-9. 35։5-10. 51։3)։ Եսային նաեւ նշեց որ երկիրը,– այսինքն՝ ամբողջ երկիրը, ոչ միայն Իսրայէլը,– «Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Նկատէ թէ Եսային նաեւ շեշտեց, որ Բաբելոնէն վերադարձողները անասուններու եւ մարդոց կողմէ յարձակումի պիտի չենթարկուէին։ Անոնց երկիրը առատ ուտելիք պիտի տար, քանի որ առատ ջուր պիտի ըլլար, ճիշդ Եդեմի պարտէզին պէս (Ծն. 2։10-14. Եր. 31։12)։ Այս մարգարէութիւնը միայն ա՞յդ կատարումը պիտի ունենար։ Նկատէ թէ մարգարէութիւնը նաեւ ըսաւ որ կոյրերը, կաղերը եւ խուլերը պիտի բժշկուէին։ Բայց ասիկա չպատահեցաւ վերադարձող իսրայէլացիներուն։ Ուրեմն, Աստուած կը ցուցնէր որ ապագային բառացի բուժում պիտի ըլլայ։ դ18.12 5 ¶11-12
Կիրակի, յունիս 14
Ճշմարտութեամբ կը քալես (Գ. Յովհ. 3)։
Կը յուսանք որ շարունակենք յաւիտեան քալել ճշմարտութեան մէջ։ Ի՞նչը կրնայ օգնել որ աւելի վճռենք շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել։ Շարունակէ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ կարդացածներուդ վրայ խոկալ։ Կանոնաւորաբար ատոր ժամանակ տրամադրէ։ Որքա՛ն աւելի սերտես, այնքան աւելի պիտի սիրես ճշմարտութիւնը եւ պիտի վճռես բնա՛ւ զայն չձգել։ Բայց ճշմարտութիւնը գիտնալը ինքնին բաւարար չէ. պէտք է զայն գործադրենք մեր կեանքին մէջ։ Առակաց 23։23–ը կ’ըսէ որ ճշմարտութիւնը ծախու առնելէն զատ, նաեւ պէտք է «իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը» ծախու առնենք։ «Հանճարը» կը ձգէ որ մեր սորվածները կապենք այն բաներուն հետ, որ արդէն գիտենք։ Իսկ «իմաստութիւնը» մեզ կը մղէ որ մեր գիտցածին հիման վրայ գործենք։ Ատեններ, ճշմարտութիւնը մեզ ‘կը խրատէ’ կամ կը կրթէ, մեզի ցուցնելով որ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք։ Թող որ շուտով ընդառաջենք այսպիսի կրթութեան, որ արծաթէն շատ աւելի արժէքաւոր է (Առ. 8։10)։ դ18.11 9 ¶3. 11 ¶13-14
Երկուշաբթի, յունիս 15
Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր (Առ. 23։23)։
Քեզի համար ամէնէն արժէքաւոր բանը ի՞նչ է։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, մեզի համար ամէնէն արժէքաւոր բանը՝ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնն է, եւ զայն բնա՛ւ ուրիշ բանով չենք փոխարիներ։ Նաեւ կ’արժեւորենք Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը, քանի որ կարելի կը դարձնէ որ Եհովային բարեկամները ըլլանք (Կող. 1։9, 10)։ Եհովան մեր Մեծ Ուսուցիչն է եւ մեզի բազմաթիւ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ կը սորվեցնէ իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Մեզի կը սորվեցնէ իր անուան կարեւորութեան մասին եւ իր հիանալի յատկութիւններուն մասին։ Կը տեղեկացնէ թէ մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ իր Որդին զոհեց մեզի համար։ Նաեւ մեզի կը սորվեցնէ մեսիական Թագաւորութեան եւ երկրային Դրախտին յոյսին մասին։ Մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրինք։ Մենք կ’արժեւորենք այս ճշմարտութիւնները, քանի որ մեզի կ’օգնեն որ Ստեղծիչին մօտենանք եւ իմաստալից կեանք մը ունենանք։ դ18.11 3 ¶1-2
Երեքշաբթի, յունիս 16
Իրարու սուտ մի՛ խօսիք (Կող. 3։9)։
Խորամանկ անհատները կրնա՛ն մարդիկը խաբել, բայց չե՛ն կրնար Եհովան խաբել, քանի որ «ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ» (Եբ. 4։13)։ Օրինակ՝ Անանիան եւ Սափիրան փորձեցին առաքեալները խաբել։ Անոնք ստացուածք մը ծախեցին, բայց դրամին միայն մէկ մասը բերին առաքեալներուն։ Անոնք ուզեցին լաւ երեւիլ ժողովքին մէջ, եւ այս պատճառով առաքեալներուն ըսին որ լման դրամը տուած էին։ Բայց Եհովան գիտէր որ սուտ կը խօսէին եւ զանոնք պատժեց (Գործք 5։1-10)։ Եհովային կարծիքը ի՞նչ է ստախօսներուն մասին։ Բոլոր չարամիտ ստախօսները, որոնք չեն զղջար, պիտի երթան ‘կրակի լիճը’ Սատանային պէս (Յայտ. 20։9, 10. 21։8. Սաղ. 5։6)։ Գիտենք որ Եհովան «մարդ չէ, որ սուտ խօսի» եւ թէ «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Թւ. 23։19. Եբ. 6։18)։ Եհովան կ’ատէ «ստախօս լեզու»ն (Առ. 6։16, 17)։ Զինք հաճեցնելու համար պէտք է ճշմարտութիւնը խօսինք։ դ18.10 8 ¶10-13
Չորեքշաբթի, յունիս 17
Ատոնց վրայ խորհէ (Ա. Տիմ. 4։15)։
Ի՞նչ կ’ընես եթէ գործատէրդ քեզմէ խնդրէ, որ նուիրատուութիւն ընես տօնակատարութեան մը, որ սուտ կրօնքին հետ կապ ունի։ Փոխանակ սպասելու որ այդպիսի պարագայ մը ծագի, լաւ կ’ըլլայ որ հիմակուընէ խոկաս թէ Եհովան այսպիսի հարցերու ի՛նչ աչքով կը նայի։ Յետագային, եթէ այդպիսի պարագայի մը մէջ գտնուիս, քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ ճիշդ բանը ըսես ու ընես։ Եհովայի մտածումին վրայ խոկալը նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ իրեն հաւատարիմ մնանք, եթէ առողջապահական ստիպողական պարագայ մը ունենանք։ Ճիշդ է որ լիովին վճռած ենք, որ մերժենք ամբողջական արեան կամ ատոր չորս գլխաւոր բաղկացուցիչներէն մէկուն փոխներարկումը, բայց կան արեան հետ կապ ունեցող գործընթացներ, որոնք կը պահանջեն որ քրիստոնեան անձնական որոշում առնէ, հիմնուելով Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն վրայ (Գործք 15։28, 29)։ Ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը, որ որոշենք թէ ի՛նչ պիտի ընենք։ Հիւանդանոցի՞ն մէջ, ուր թերեւս ցաւերու մէջ ըլլանք եւ մեր վրայ ճնշում ըլլայ որ արագ որոշում առնենք։ Վստահաբար ո՛չ։ Հի՛մա է ժամանակը որ պրպտում ընենք, օրինական առողջապահական փաստաթուղթ մը լեցնենք, որ յստակօրէն մեր ուզածը կը յայտնէ, եւ մեր բժիշկին հետ խօսինք։ դ18.11 24 ¶5. 26 ¶15-16
Հինգշաբթի, յունիս 18
Ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի (Առ. 1։33)։
Եհովան սիրալիր հովիւի մը պէս իր ժողովուրդը ապահով կը պահէ եւ թշնամիներէն կը պաշտպանէ։ Ասիկա մեզ շատ կը մխիթարէ, մինչ կը մօտենանք այս աշխարհի վերջին։ Եհովան պիտի շարունակէ իր ծառաներուն հոգ տանիլ մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին (Յայտ. 7։9, 10)։ Ուրեմն, մեծ նեղութեան ատեն, Աստուծոյ ծառաները պիտի չվախնան, ոչ ալ իրար պիտի անցնին, ըլլա՛ն երիտասարդ կամ տարեց, առողջ կամ անկարող։ Ընդհակառակը, անոնք պիտի յիշեն Յիսուսին այս խօսքը. «Ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկ. 21։28)։ Անոնք այս վստահութիւնը պիտի ունենան նոյնիսկ երբ իրենց վրայ յարձակի Գոգը, որ զօրաւոր ազգերու միասնութիւն մըն է (Եզեկ. 38։2, 14-16)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտեն որ Եհովան չի փոխուիր եւ միշտ հոգատարութեամբ ու նկատառութեամբ պիտի վարուի իր ծառաներուն հետ (Եսա. 26։20)։ դ18.09 26 ¶15-16
Ուրբաթ, յունիս 19
Իմ առջեւս պատուական եղար. . . եւ ես քեզ սիրեցի (Եսա. 43։4)։
Երեւակայէ թէ հաւատարիմ իսրայէլացիները ի՛նչ զգացին, երբ Եհովան վերոնշեալ խօսքը իրենց ըսաւ։ Որպէս Եհովային մէկ ծառան, դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզ շատ կը սիրէ։ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ» (Սոփ. 3։16, 17)։ Եհովան կը խոստանայ իր ժողովուրդը զօրացնել եւ մխիթարել, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց խնդիրները։ Ան ըսաւ. «Կաթով պիտի սնանիք եւ ձեզ գրկի վրայ պիտի կրեն ու ծունկերու վրայ պիտի գգուեն ձեզ։ Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ» (Եսա. 66։12, 13)։ Երեւակայէ թէ մանուկ մը որքա՜ն ապահով կը զգայ երբ մայրը զինք իր գիրկը առնէ կամ ծունկերուն վրայ խաղցնէ։ Եհովան այս նկարագրութեամբ կը ցուցնէ, թէ շատ կը գուրգուրայ վրադ եւ կ’ուզէ որ ապահով զգաս։ Բնաւ մի՛ կասկածիր որ Եհովայի աչքին շատ արժէքաւոր ես (Եր. 31։3)։ դ18.09 13-14 ¶6-7
Շաբաթ, յունիս 20
Ձեզմէ ո՞վ կամաւոր կերպով Տէրոջը ընծայ կու տայ (Ա. Մն. 29։5)։
Անցեալին, իսրայէլացիները շատ մը առիթներ ունէին, որ կամաւոր կերպով օգնութիւն տային (Ել. 36։2. Նէ. 11։2)։ Այսօր ալ բազմաթիւ առիթներ ունիս, որ ժամանակդ, նիւթականդ եւ կարողութիւններդ տրամադրես, օգնելու համար եղբայրներուդ ու քոյրերուդ։ Այսպիսով, շատ ուրախ պիտի ըլլաս եւ ճոխ օրհնութիւններ պիտի ստանաս։ Անոնք որոնք կամաւորաբար կը մասնակցին աստուածպետական ծրագիրներու, յաճախ նոր բարեկամութիւններ կը հաստատեն։ Նկատի առ Մարճի անունով քրոջ մը օրինակը, որ 18 տարի աշխատած է Թագաւորութեան սրահներ շինելու ծրագիրներու մէջ։ Տարիներու ընթացքին, ան շատ մը երիտասարդ քոյրեր մարզած է։ Ան կ’ըսէ որ այս ծրագիրները շատ հիանալի կերպ մըն են, որ մասնակցողները հոգեւորապէս իրար քաջալերեն (Հռով. 1։12)։ Երբ Մարճին իր կեանքին մէջ դժուարութիւններէ կ’անցնէր, քաջալերութիւն կը ստանար այն բարեկամներէն, որոնց ծանօթացած էր շինարարական ծրագիրներու ընթացքին։ Դուն ալ մասնակցա՞ծ ես շինարարական ծրագիրի մը։ դ18.08 25 ¶9. 26 ¶11
Կիրակի, յունիս 21
Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ (Ա. Տիմ. 4։12)։
Երբ Պօղոս այս խօսքը գրեց, Տիմոթէոս հաւանաբար իր 30–ական տարիքին սկիզբն էր, բայց Պօղոս իրեն ծանր պատասխանատուութիւններ տուած էր։ Դասը ի՞նչ է։ Պէտք չէ երիտասարդները դատենք իրենց տարիքին հիման վրայ։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ նոյնիսկ Յիսուս իր 30–ական տարիքին սկիզբն էր, երբ իր ամբողջ ծառայութիւնը կատարեց։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, մարդիկ ցած աչքով կը նային երիտասարդներուն։ Այս պատճառով, թերեւս կարգ մը երէցներ չյանձնարարեն որակեալ երիտասարդ եղբայրները, որ ծառայեն որպէս օգնական ծառայ կամ երէց։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ բոլոր երէցները յիշեն, թէ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր, թէ մէկը պէտք է որոշ տարիքի մը հասած ըլլայ, որպէսզի նշանակուի օգնական ծառայ կամ երէց (Ա. Տիմ. 3։1-10, 12, 13. Տիտ. 1։5-9)։ դ18.08 11-12 ¶15-16
Երկուշաբթի, յունիս 22
[Փախիր] սուտանուն գիտութենէն (Ա. Տիմ. 6։20)։
Լաւ որոշումներ առնելու համար պէտք ունինք վստահելի իրողութիւններու։ Ուրեմն պէտք է շատ ուշադրութեամբ ընտրենք մեր կարդալիքները (Փլպ. 4։8, 9)։ Պէտք չէ մեր ժամանակը վատնենք՝ լուրերու անվստահելի կայքեր աչքէ անցընելով կամ տարաձայնութիւններ տարածող ե–նամակներ կարդալով։ Մասնաւորաբար կարեւոր է որ հաւատուրացներուն կայքերէն հեռու մնանք, քանի որ անոնց միակ նպատակն է՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը տկարացնել եւ ճշմարտութիւնը պղտորել։ Վստահելի չեղող տեղեկութիւնները կը ձգեն որ տկար որոշումներ առնենք։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ, որ սխալ տեղեկութիւնները կրնան զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ մտքիդ եւ սրտիդ վրայ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մովսէսին ժամանակ, երբ Աւետեաց երկիր ղրկուող 12 լրտեսներէն 10–ն ժխտական տեղեկութիւններ տուին (Թւ. 13։26-34)։ Անոնք իրենց տեսածները մեծցուցին եւ Եհովայի ժողովուրդին սիրտը թուլցուցին (Թւ. 14։1-4, 6-10)։ Անոնք նախընտրեցին ժխտական տեղեկութիւնները մտիկ ընել, փոխանակ իրողութիւնները հասկնալու եւ Եհովային վստահելու։ դ18.08 4 ¶4-5
Երեքշաբթի, յունիս 23
Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն (Ա. Կոր. 15։33)։
Մարդոց մեծամասնութիւնը լաւ յատկութիւններ ունի, եւ Եհովան չպաշտողներէն ոմանք մեծ սխալներ չեն ըներ։ Թերեւս այսպիսի անձեր գիտես, բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ անոնք լաւ ընկերակիցներ են։ Դուն քեզի հարցուր, որ անոնք ինչպէ՛ս պիտի ազդեն Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ։ Քեզի պիտի օգնե՞ն որ Աստուծոյ աւելի մօտենաս։ Անոնց սրտին մէջ ի՞նչ բաներ կան, որոնց շատ կարեւորութիւն կու տան։ Օրինակ, անոնց խօսակցութիւնները գրեթէ միշտ նորոյթին, դրամին, ելեկտրոնային սարքերու, ժամանցի եւ նման բաներու մասի՞ն են։ Անոնք յաճախ կը քննադատե՞ն ուրիշները։ Կը սիրե՞ն աղտոտ կատակներ ընել։ Յիսուս ուշադրութեան յանձնեց. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Եթէ անդրադառնաս որ ընկերներդ կը վնասեն Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ, շուտով գործի անցիր։ Կա՛մ աւելի քիչ ընկերակցէ անոնց, կամ ալ լման վերջ դիր բարեկամութեան (Առ. 13։20)։ դ18.07 19 ¶11
Չորեքշաբթի, յունիս 24
Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր (Թւ. 12։3)։
Երբ Մովսէս 80 տարեկան էր, Եհովան զինք նշանակեց, որ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս հանէ (Ել. 3։10)։ Մովսէս կրկին անգամ պատրուակներ տուաւ։ Բայց Եհովան համբերեց իրեն եւ նոյնիսկ ոյժ տուաւ որ հրաշքներ ընէ (Ել. 4։2-9, 21)։ Ան կրնար Մովսէսը վախցնելով մղել որ անմիջապէս իրեն հնազանդի։ Բայց այսպէս չվարուեցաւ։ Ան համբերեց ու ազնիւ գտնուեցաւ, եւ իր համեստ ու խոնարհ ծառան վստահեցուց, որ իրեն հետ պիտի ըլլար։ Այս կերպը յաջողեցա՞ւ։ Անշո՛ւշտ։ Մովսէս հիանալի առաջնորդ մը եղաւ եւ ջանաց ուրիշներուն հետ մեղմութեամբ եւ նկատառութեամբ վարուիլ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան իրեն հետ վարուեցաւ։ Եթէ որոշ չափով հեղինակութիւն ունիս, շատ կարեւոր է որ Եհովան ընդօրինակելով նկատառու, ազնիւ եւ համբերող ըլլաս կնոջդ, զաւակներուդ եւ ժողովքի անդամներուն հետ (Կող. 3։19-21. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Երբ ընդօրինակես Եհովան եւ Յիսուս Քրիստոսը՝ Մեծագոյն Մովսէսը, ուրիշներուն համար թարմացուցիչ պիտի ըլլաս, եւ դիւրին պիտի ըլլայ որ քեզի մօտենան (Մատ. 11։28, 29)։ դ18.09 24-25 ¶7-10
Հինգշաբթի, յունիս 25
Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին (Սաղ. 133։1)։
Կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ անուշութեամբ եւ ազնուութեամբ վարուելով թարմացնել զիրենք։ Ասիկա աւելի կը միացնէ ժողովքը։ Եթէ արդէն ասիկա կ’ընես, գովելի ես։ Կրնա՞ս ‘լայն բանալ սիրտդ’, այսինքն՝ մօտէն ծանօթանալ ժողովքիդ եղբայրներուն (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Լոյսդ կրնայ ամէն տեղ փայլիլ։ Ազնիւ խօսքերդ եւ գործերդ կրնան ճշմարտութեան քաշել դրացիդ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ տպաւորութիւն ձգած եմ դրացիներուս վրայ։ Տունս մաքուր ու կոկի՞կ է։ Շրջապատս մաքուր կը պահե՞մ։ Դրացիներուս օգտակար կը դառնա՞մ’։ Ուրիշ Վկաներու հարցուր որ ինչպէ՛ս իրենց ազնուութիւնը եւ լաւ վարքը ազդած են իրենց ազգականներուն, դրացիներուն, գործակիցներուն կամ դասընկերներուն։ Շատ հաւանաբար աղուոր փորձառութիւններ պիտի լսես (Եփ. 5։9)։ դ18.06 24 ¶13-14
Ուրբաթ, յունիս 26
Ժամանակ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ (Յովհ. 16։2)։
Ստեփանոս աշակերտը մեռցնողները այդպէս մտածեցին (Գործք 6։8, 12. 7։54-59)։ Պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ կրօնական մոլեռանդներ գէշ ոճիրներ գործած են, ինչպէս՝ մարդասպանութիւն, եւ ըսած են որ Աստուծոյ համար ըրած են։ Բայց իրականութեան մէջ, անոնց ըրածը Աստուծոյ օրէնքներուն դէմ է (Ել. 20։13)։ Յստակօրէն, անոնց խիղճը ճիշդ կերպով չէ առաջնորդած զիրենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր խիղճը ճիշդ կերպով կ’աշխատի։ Սուրբ Գիրքին օրէնքները եւ սկզբունքները «օգտակար [են] սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքը սերտելով, մեր կարդացածին վրայ խոկալով եւ զայն մեր կեանքին մէջ գործադրելով կը մարզենք մեր խիղճը եւ երթալէն աւելի Եհովային մտածելակերպը կ’ունենանք։ Այսպիսով, մեր խիղճը վստահելի առաջնորդ մը կ’ըլլայ։ դ18.06 16-17 ¶3-4
Շաբաթ, յունիս 27
Առէ՛ք. . . Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է (Եփ. 6։17)։
Հռոմայեցի զինուորները կը գործածէին սուրեր, որոնք 50 սմ. երկարութիւն ունէին եւ կը գործածուէին դէմ–դիմաց կռուելու համար։ Այդ զինուորները շատ վարպետ էին սուր գործածելուն մէջ, քանի որ ամէն օր փորձ կ’ընէին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ Աստուծոյ Խօսքը կը նմանի սուրի, որ Աստուծմէ ստացած ենք։ Բայց պէտք է սորվինք զայն վարպետութեամբ գործածել, որպէսզի մեր հաւատքը պաշտպանենք կամ մեր մտածելակերպը փոխենք (Բ. Կոր. 10։4, 5. Բ. Տիմ. 2։15)։ Պէտք չունինք Սատանայէն եւ դեւերէն վախնալու։ Ճիշդ է որ անոնք զօրաւոր են, բայց Եհովայէն աւելի զօրաւոր չեն, եւ յաւիտեան պիտի չապրին։ Մօտ ատենէն՝ Քրիստոսին հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, անոնք պիտի բանտարկուին ու պիտի չկրնան մէկու մը վնասել, եւ ետքը պիտի կործանին (Յայտ. 20։1-3, 7-10)։ Մենք գիտենք մեր թշնամիին ո՛վ ըլլալը, իր գործածած մեթոտները եւ իր նպատակները։ Կրնա՛նք Եհովային օգնութեամբ իրեն դէմ դնել։ դ18.05 30 ¶15. 31 ¶19-21
Կիրակի, յունիս 28
Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք» (Ծն. 3։4)։
Ադամ անկասկած գիտէր որ օձերը չեն խօսիր։ Ուրեմն, ան գիտցած ըլլալու էր որ օձին միջոցաւ Եւային հետ խօսողը հոգեղէն արարած մըն էր (Ծն. 3։1-6)։ Ադամն ու Եւան գրեթէ բան մը չէին գիտեր այս հոգեղէն արարածին մասին։ Հակառակ ասոր, Ադամ որոշեց այս օտարին միանալով իր կռնակը դարձնել իր սիրալիր երկնաւոր Հօր (Ա. Տիմ. 2։14)։ Եհովան անմիջապէս սկսաւ տեղեկութիւններ տալ այս թշնամիին մասին, եւ խոստացաւ որ ան ի վերջոյ պիտի բնաջնջուէր։ Բայց Եհովան նաեւ զգուշացում տուաւ որ մինչ այդ, այս հոգեղէն արարածը պիտի հակառակէր բոլոր անոնց, որոնք Աստուած կը սիրեն (Ծն. 3։15)։ Եհովան մեզի բնա՛ւ չէ ըսած, թէ իրեն դէմ ըմբոստացող հրեշտակին անձնական անունը ի՛նչ է։ Եւ նոյնիսկ այդ թշնամիին նկարագրական անունը չյայտնեց, մինչեւ որ 2500 տարի անցաւ այդ ըմբոստութեան վրայ (Յոբ 1։6)։ դ18.05 22 ¶1-2
Երկուշաբթի, յունիս 29
Համբերութիւնով պտուղ կու տան (Ղուկ. 8։15)։
Երբեք յուսահատ զգացա՞ծ ես, քանի որ թաղամասիդ մարդիկը չեն ուզեր Թագաւորութեան բարի լուրը լսել։ Եթէ ա՛յո, ուրեմն պիտի հասկնաս Պօղոս առաքեալին զգացումները։ Ան 30 տարուան չափ ծառայեց եւ բազմաթիւ անհատներու օգնեց, որ քրիստոնեայ դառնան (Գործք 14։20. Բ. Կոր. 3։2, 3)։ Բայց ան չկրցաւ շատ հրեաներ քրիստոնեայ դարձնել։ Ընդհակառակը, անոնց մեծամասնութիւնը չուզեց իրեն մտիկ ընել, եւ ոմանք նոյնիսկ հալածեցին զինք (Գործք 14։18. 17։1, 4, 5, 13)։ Այս գէշ հակազդեցութիւնը ինչպէ՞ս Պօղոսին ազդեց։ Ան խոստովանեցաւ. «Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով. . . որ մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է» (Հռով. 9։1-3)։ Ան ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Քանի որ իրապէս կը սիրէր քարոզչութիւնը եւ մարդիկը։ Ան շատ հետաքրքրուած էր հրեաներով եւ նեղուեցաւ երբ Աստուծոյ ողորմութիւնը մերժեցին։ Պօղոսին նման, մենք ալ մարդոց կը քարոզենք, քանի որ անոնցմով սրտանց հետաքրքրուած ենք (Մատ. 22։39. Ա. Կոր. 11։1)։ դ18.05 13 ¶4-5
Երեքշաբթի, յունիս 30
Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա (Առ. 12։25)։
Պօղոս ցուցուց որ նոյնիսկ անոնք, որոնք պատասխանատուութիւն ունին որ ուրիշները քաջալերեն, քաջալերութեան պէտք ունին։ Ան Հռոմի քրիստոնեաներուն գրեց. «Շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես» (Հռով. 1։11, 12, ՆԹ)։ Ուրեմն նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ ատեններ քաջալերութեան պէտք ունէր (Հռով. 15։30-32)։ Կրնանք լիաժամ ծառաները գովել, ինչպէս նաեւ քաջալերել այն բազմաթիւ եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ամուրի կը մնան, քանի որ կ’ուզեն հնազանդիլ Եհովային եւ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալ (Ա. Կոր. 7։39)։ Նաեւ, անոնք որոնք հաւատարիմ կը մնան հալածանքի կամ առողջապահական խնդիրներու դիմաց, պէտք ունին քաջալերական խօսքեր լսելու (Բ. Թես. 1։3-5)։ դ18.04 21 ¶3-5