Յուլիս
Չորեքշաբթի, յուլիս 1
Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը (Եփ. 5։17)։
Կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ եւ կեանքը երթալէն աւելի դժուար պիտի ըլլայ, մինչեւ որ Եհովան այս չար աշխարհը կործանէ եւ իսկական խաղաղութիւն բերէ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այս պատճառով, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Որո՞ւն կը դիմեմ օգնութիւն եւ ուղղութիւն ստանալու համար’։ Դարեր առաջ, Աստուածաշունչի գրող մը բացատրեց թէ որքա՜ն կարեւոր է, որ Եհովային նայինք երբ օգնութեան պէտք ունենանք (Սաղ. 123։1-4)։ Ան ըսաւ որ երբ Եհովային կը նայինք, կը նմանինք այն ծառային որ իր տիրոջ կը նայի։ Ինչպէ՞ս։ Ծառան ոչ միայն իր տիրոջմէ կը սպասէ որ զինք կերակրէ եւ պաշտպանէ, հապա նաեւ պէտք է միշտ իր տիրոջ նայի, որպէսզի գիտնայ թէ ան ինչ կ’ուզէ որ ինք ընէ, եւ ետքը ընէ զայն։ Մենք ալ պէտք է ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը լաւ սերտենք, որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչ է Եհովային կամքը, եւ ետքը հետեւինք իր ուղղութեան։ Այսպիսով կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան մեզի պիտի օգնէ երբ պէտք ունենանք։ դ18.07 12 ¶1-2
Հինգշաբթի, յուլիս 2
Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք (Յովհ. 8։36)։
Յիսուս կը խօսէր «մեղքի ծառայ» ըլլալէ ազատելուն մասին, որ ամէնէն գէշ գերութիւնն է, որ մարդ արարածը տեսած է (Յովհ. 8։34)։ Ի՞նչ կերպով «մեղքի ծառայ» ենք։ Մեղքը ոչ միայն կը ձգէ որ գէշ բաներ ընենք, հապա նաեւ չի ձգեր որ ճիշդը ընենք կամ մեր լաւագոյնը ընենք։ Ասոր արդիւնքը կ’ըլլայ՝ յուսախաբութիւն, ցաւ, չարչարանք եւ ի վերջոյ մահ (Հռով. 6։23)։ Միայն երբ մեղքը լման վերցուի, պիտի ունենանք այն իսկական ազատութիւնը, որ Ադամն ու Եւան ունէին։ Յիսուսին խօսքը՝ «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք», կը ցուցնէ որ եթէ կ’ուզենք որ Յիսուս մեզ ազատ ընէ, պէտք է որոշ բաներ ընենք (Յովհ. 8։31)։ Ինչպիսի՞ բաներ։ Մեր անձը ուրանալով եւ ընդունելով այն սահմանները, որ Յիսուս իր աշակերտներուն նկատմամբ դրած է, Եհովային կը նուիրուինք (Մատ. 16։24)։ «Ճշմարտապէս ազատ» պիտի ըլլանք, երբ Յիսուսի զոհին օգուտները լման ստանանք, ճիշդ ինչպէս որ ինք խոստացաւ։ դ18.04 7 ¶14-16
Ուրբաթ, յուլիս 3
Մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս (Բ. Մն. 6։30)։
Եհովան իր ծառաներուն զգացումները հաշուի կ’առնէ, նոյնիսկ երբ անոնց մտածածը ճիշդ չէ։ Նկատի առ Յովնանի պարագան։ Աստուած զինք ղրկեց, որ նինուէցիներուն դատաստանական պատգամ տայ։ Երբ զղջացին, Աստուած որոշեց զիրենք չբնաջնջել։ Սակայն Յովնան այդ որոշումով չուրախացաւ։ Ան «խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ», քանի որ իր տուած մարգարէութիւնը չկատարուեցաւ։ Բայց Եհովան համբերութեամբ իրեն օգնեց որ իր կեցուածքը ճշդէ (Յովն. 3։10–4։11)։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովան նոյնիսկ զինք գործածեց որ այս փորձառութիւնը գրէ մեր օգտին համար (Հռով. 15։4)։ Իր ժողովուրդին հետ Եհովայի գործառնութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, որ իր ծառաներուն կը կարեկցի։ Ան մեր իւրաքանչիւրին ցաւն ու տառապանքը կը տեսնէ։ Ան կը հասկնայ մեր մտածումները, խոր զգացումները եւ սահմանափակումները։ Եւ իր Խօսքը կը նշէ. «Ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք» (Ա. Կոր. 10։13)։ Ի՜նչ մխիթարիչ խոստում մը։ դ19.03 16 ¶6-7
Շաբաթ, յուլիս 4
Ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը (Եբ. 4։13)։
Մովսիսական օրէնքին ներքեւ, նշանակուած ծերերը պատասխանատու էին նկատի առնելու ոչ միայն հոգեւոր հարցերը, հապա նաեւ վէճերն ու ոճիրները։ Օրինակ, եթէ իսրայէլացի մը մէկը մեռցնէր, ինքնաբերաբար մահապատիժի չէր ենթարկուեր։ Իր քաղաքին ծերերը պարագաները կը քննէին, նախքան որոշելը թէ մահուան պատիժին արժանի է կամ ոչ (Բ. Օր. 19։2-7, 11-13)։ Ծերերը նաեւ կը դատէին առօրեայ կեանքին զանազան երեսակները, ինչպէս՝ ստացուածքի վերաբերեալ անհամաձայնութիւններ եւ ամուսնական վէճեր (Ել. 21։35. Բ. Օր. 22։13-19)։ Երբ ծերերը արդարօրէն կը վարուէին եւ իսրայէլացիները Օրէնքին կը հնազանդէին, ամէն մարդ կ’օգտուէր, եւ ազգը Եհովային պատիւ կը բերէր (Ղեւ. 20։7, 8. Եսա. 48։17, 18)։ Ասկէ կը հետեւցնենք, թէ մեր կեանքին ամէն մէկ երեսակը Եհովային համար կարեւոր է։ Ան կ’ուզէ որ ուրիշներուն հետ արդարօրէն եւ սիրով վարուինք։ Եւ նկատի կ’առնէ, թէ ի՛նչ կ’ըսենք եւ կ’ընենք, նոյնիսկ երբ մեր տան մէջն ենք։ դ19.02 23 ¶16-18
Կիրակի, յուլիս 5
Չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ (Եսա. 53։7)։
Երբ ճնշումի տակ ենք, հեզ ըլլալը դժուար է։ Մեր խօսքերը կրնան վիրաւորական դառնալ, իսկ մեր ձայնին թոնը՝ չոր։ Եթէ այսպիսի վիճակ ունեցած ես, Յիսուսի օրինակը նկատի առ։ Իր երկրային կեանքին վերջին ամիսներուն ընթացքին, ան խիստ ճնշումի տակ էր։ Ան գիտէր թէ շատ պիտի չարչարուէր եւ թէ մահապատիժի պիտի ենթարկուէր (Յովհ. 3։14, 15. Գաղ. 3։13)։ Մեռնելէ քանի մը ամիս առաջ, ան ըսաւ որ տագնապի մէջ է (Ղուկ. 12։50)։ Իսկ իր մահէն միայն քանի մը օր առաջ ըսաւ՝ ‘խռոված եմ’։ Կը տեսնենք անոր խոնարհութիւնն ու հնազանդութիւնը, մինչ աղօթքով իր զգացումները արտայայտեց (Յովհ. 12։27, 28)։ Եւ երբ ժամանակը հասաւ, ան քաջաբար ինքզինք Աստուծոյ թշնամիներուն յանձնեց, որոնք զինք մահապատիժի ենթարկեցին չափազանց ցաւալի եւ նուաստացուցիչ կերպով։ Հակառակ իր դիմագրաւած ճնշումին եւ չարչարանքին, ան հեզութեամբ Աստուծոյ կամքը ըրաւ։ Վստահութեամբ կրնանք ըսել, թէ Յիսուս՝ ճնշումի տակ հեզ մնալու ամէնէն ուշագրաւ օրինակն է (Եսա. 53։10)։ դ19.02 11 ¶14-15
Երկուշաբթի, յուլիս 6
Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով (Եբ. 10։24)։
Ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ քաջութիւն ցուցաբերենք դժուար պարագաներու ներքեւ։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ժողովներու կ’երթան, թէեւ սուգի մէջ են, վհատած են կամ առողջապահական խնդիրներ ունին։ Ուրիշներ քաջութեամբ ժողովներու կ’երթան, թէեւ ընտանիքի անդամներու կամ իշխանութիւններու կողմէ խիստ հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Պահ մը մտածէ թէ մեր օրինակը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր եղբայրներուն, որոնք իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են (Եբ. 13։3)։ Երբ անոնք լսեն որ մենք կը շարունակենք Եհովային ծառայել հակառակ մեր դժուարութիւններուն, զօրութիւն կը հաւաքեն որ պահպանեն իրենց հաւատքը, քաջութիւնը եւ ուղղամտութիւնը։ Երբ Պօղոս Հռոմի մէջ տնային կալանքի ենթարկուած էր, կ’ուրախանար երբոր լսէր, թէ եղբայրները հաւատարմութեամբ Աստուծոյ կը ծառայէին (Փլպ. 1։3-5, 12-14)։ Ան ազատ արձակուելէ քիչ առաջ կամ անմիջապէս ետք, եբրայեցիներուն գրեց իր նամակը։ Այդ նամակին մէջ, հաւատարիմ քրիստոնեաները յորդորեց, որ մէկտեղ հաւաքուելէ բնա՛ւ չդադրին (Եբ. 10։25)։ դ19.01 28 ¶9
Երեքշաբթի, յուլիս 7
Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է (Ա. Յովհ. 5։19)։
Սատանան ըմբոստ մըն է, որ Եհովայի չափանիշները կ’անտեսէ ու անձնասէր մղումներ ունի,– եւ կ’ուզէ որ մենք իրեն պէս դառնանք։ Ան մեզ կը շրջապատէ մարդոցմով, որոնք արդէն իր կողմէ ապականուած են, եւ կը յուսայ որ անոնք «ապականեն» մեր մտածելակերպն ու վարուելակերպը (Ա. Կոր. 15։33)։ Ան նաեւ կը ջանայ մեր սիրտը ապականել, մեզ մղելով որ մարդկային իմաստութեան վստահինք փոխանակ՝ Եհովայի մտածումին (Կող. 2։8)։ Նկատի առ գաղափար մը, որ Սատանան յառաջ կը մղէ. հարստանալը պէտք է մէկու մը կեանքին գլխաւոր նպատակը ըլլայ։ Այս մտածելակերպը ունեցողները թերեւս հարստանան, թերեւս ալ ոչ։ Բայց ամէն պարագայի, անոնք վտանգի մէջ են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այնքա՛ն կը կեդրոնանան դրամ շահելու վրայ, որ պարզապէս իրենց նպատակին հասնելու համար կը զոհեն իրենց առողջութիւնը, ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հետ իրենց բարեկամութիւնը (Ա. Տիմ. 6։10)։ Երախտապարտ ենք որ մեր իմաստուն երկնաւոր Հայրը մեզի կ’օգնէ, որ դրամի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք (Ժող. 7։12. Ղուկ. 12։15)։ դ19.01 15 ¶6. 17 ¶9
Չորեքշաբթի, յուլիս 8
Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ (Մատ. 25։21)։
Նոյնիսկ Յիսուս երկիր գալէ առաջ, Եհովային հաւատարիմ ծառաները գիտէին որ պէտք էր ուրիշները քաջալերէին։ Մտածէ Եզեկիային մասին։ Երբ ասորեստանցիները Երուսաղէմին վրայ պիտի յարձակէին, Եզեկիան զօրապետները եւ ժողովուրդը հաւաքեց, որպէսզի զանոնք քաջալերէ։ Եւ «ժողովուրդը [իր] խօսքերէն սիրտ առաւ» (Բ. Մն. 32։6-8)։ Կրնանք Յոբէն ալ սորվիլ ուրիշները քաջալերել։ Թէեւ անձամբ քաջալերութեան պէտք ունէր, բայց ուրիշներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս քաջալերել։ Ան զինք մխիթարելու եկած անհատներուն ըսաւ, որ եթէ իրենց տեղը ըլլար, պիտի ըսէր բաներ, որոնք զիրենք պիտի զօրացնէին ու հանգստացնէին ու չվիրաւորէին (Յոբ 16։1-5)։ Ի վերջոյ, Յոբ քաջալերութիւն ստացաւ Եղիուսէն ու Եհովայէն (Յոբ 33։24, 25. 36։1, 11. 42։7, 10)։ դ18.04 16 ¶6. 17 ¶8-9
Հինգշաբթի, յուլիս 9
Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ (Եսա. 41։10)։
Եսային արդէն նկարագրած էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը պիտի զօրացնէր, ըսելով. «Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ» (Եսա. 40։10)։ Աստուածաշունչը «բազուկ» բառը յաճախ այլաբանօրէն կը գործածէ զօրութեան ակնարկելու։ Ուստի Եհովային «բազուկը. . . պիտի իշխէ» արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան զօրաւոր Թագաւոր է։ Ան անցեալին իր հզօր ուժը գործածեց, որ իր ծառաներուն թիկունք կանգնի եւ զանոնք պաշտպանէ, ու կը շարունակէ զօրացնել եւ պաշտպանել այն անհատները, որոնք այսօր իրեն կը վստահին (Բ. Օր. 1։30, 31. Եսա. 43։10)։ Մանաւանդ երբ թշնամիները մեզ հալածեն, Եհովան իր խոստումը կը պահէ. «Քեզ պիտի զօրացնեմ»։ Այսօր աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, մեր թշնամիները ամէն ջանք կ’ընեն, որ մեր քարոզչութիւնը կեցնեն կամ մեր կազմակերպութեան գործունէութիւնը արգիլեն։ Բայց եւ այնպէս, այս յարձակումներէն չենք վախնար։ Եհովան մեզի տուած է երաշխիք մը, որ մեզ կը զօրացնէ եւ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ։ Ան մեզի կը խոստանայ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17)։ դ19.01 5-6 ¶12-13
Ուրբաթ, յուլիս 10
Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն (Մատ. 5։3, ՆԱ)։
Անասունները հոգեւոր կարիքներ չունին, այսինքն՝ չեն զգար որ պէտք ունին Ստեղծիչը ճանչնալու։ Բայց դուն հոգեւոր կարիքներ ունիս (Մատ. 4։4)։ Երբ Աստուծոյ մտիկ ընես՝ խորատեսութիւն, իմաստութիւն եւ ուրախութիւն կը ստանաս։ Աստուած հոգեւոր կարիքներդ կը գոհացնէ իր Խօսքին միջոցաւ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած հոգեւոր սնունդին միջոցաւ (Մատ. 24։45)։ Այդ սնունդը որքա՜ն այլազան եւ ճոխ է (Եսա. 65։13, 14)։ Հոգեւոր սնունդը քեզի իմաստութիւն կու տայ եւ մտածելու կարողութիւնդ կը զօրացնէ, որոնք շատ մը կերպերով քեզ կը պաշտպանեն (Առ. 2։10-14)։ Օրինակ, այս յատկութիւնները աչքերդ կը բանան որ սուտ ուսուցումները նկատես, ինչպէս՝ այն սուտը թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն չունի, կամ այն սուտը թէ դրամը եւ նիւթական բաները երջանկութեան բանալին են։ Անոնք նաեւ քեզի կ’օգնեն, որ մերժես սխալ ցանկութիւններն ու վնասակար սովորութիւնները։ Ուրեմն, ամէն կարելիդ ըրէ որ իմաստուն ըլլաս եւ մտածելու կարողութիւնդ զօրացնես։ դ18.12 20 ¶6-7
Շաբաթ, յուլիս 11
Իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան (Եսա. 65։22)։
Նկատէ թէ մեր օրերը «ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան»։ Կարգ մը ծառեր հազարաւոր տարիներ կ’ապրին։ Ա՛յդքան երկար ապրելու համար, մարդիկ պէտք է շատ առողջ ըլլան։ Եւ եթէ անոնք ապրին այն խաղաղ եւ գեղեցիկ վիճակին մէջ, որ Եսային մարգարէացաւ, դրախտը ի՛րապէս եկած կ’ըլլայ։ Մտածէ թէ խոստումները ինչպէ՛ս կը ցուցնեն, որ ապագային դրախտ պիտի ըլլայ։ Ամբողջ երկրին մէջ մարդիկ Աստուծոյ օրհնութիւնները պիտի վայելեն։ Ո՛չ մէկը պիտի վախնայ որ անասուններու կամ վայրագ մարդոց կողմէ յարձակումի ենթարկուի։ Կոյրերը, խուլերը եւ կաղերը պիտի բուժուին։ Մարդիկ իրենց տուները պիտի շինեն եւ ցանել–հնձելէն հաճոյք պիտի առնեն։ Ծառերէն երկար պիտի ապրին։ Սուրբ Գիրքը ի՛րապէս կը ցուցնէ որ մեր առջեւ այսպիսի ապագայ մը կայ։ Բայց ոմանք թերեւս ըսեն որ այս մարգարէութիւնները չեն ցուցներ, թէ երկրի վրայ իսկապէս դրախտ պիտի ըլլայ։ Ի՞նչ վաւերական պատճառ ունիս որ հաւատաս, թէ իրական դրախտ պիտի ըլլայ երկրի վրայ։ Պատմութեան մէջ մեծագոյն մարդը՝ Յիսուս, մեզի վաւերական պատճառ մը տուաւ (Ղուկ. 23։43)։ դ18.12 5 ¶13-15
Կիրակի, յուլիս 12
Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք (Հռով. 12։2)։
Միտքը ճկուն է եւ կրնայ շարունակել փոխուիլ, մեծաւ մասամբ այն բաներուն համաձայն, որոնց մասին կը մտածենք ու կը խոկանք։ Եթէ Եհովայի մտածումին վրայ խոկանք, պիտի կարենանք ըմբռնել, որ իր տեսակէտները միշտ ճիշդ են։ Այսպիսով, պիտի ուզե՛նք իր աչքով նայիլ հարցերուն։ Սակայն, մեր միտքը նորոգելու եւ Եհովային պէս մտածելու համար, պէտք է այլեւս ‘չկերպարանինք այս աշխարհին կերպարանքովը’։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է այլեւս չդիտենք, չկարդանք եւ մտիկ չընենք որեւէ բան, որ Եհովայի մտածումին հակառակ է։ Ասոր կարեւորութիւնը տեսնելու համար, նկատի առ ուտելիքին օրինակը։ Մէկը որ կ’ուզէ աւելի առողջ ըլլալ, թերեւս որոշէ աւելի լաւ ուտելիքներ ուտել։ Բայց ասիկա ի՞նչ օգուտ ունի, եթէ միեւնոյն ատեն հոտած ուտելիքներ ալ ուտէ։ Նմանապէս, Եհովայի մտածումը սորվելու մեր ջանքերը պարապի կ’երթան, եթէ մեր միտքը կ’ապականենք աշխարհային գաղափարներով։ դ18.11 21 ¶14-15
Երկուշաբթի, յուլիս 13
Ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով (Եփ. 6։14)։
Վճռէ ճշմարտութիւնը գործադրել ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ։ Սուրբ Գիրքը ճշմարտութիւնը կը նմանցնէ զինուորին գօտիին։ Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, զինուորին գօտին զինք կը պաշտպանէր պատերազմի ընթացքին, այնքան ատեն որ ամուր կապուած էր։ Եթէ թոյլ ըլլար, օգուտ մը չունէր։ Ճշմարտութիւնը մեզ ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ գօտիի պէս։ Եթէ ճշմարտութիւնը միշտ մեզի մօտիկ պահենք, մեզ պիտի պաշտպանէ սխալ մտածելակերպէն եւ պիտի օգնէ որ լաւ որոշումներ առնենք։ Երբ փորձութեան առջեւ ըլլանք կամ լուրջ խնդիր մը ունենանք, Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը մեր վճռականութիւնը պիտի զօրացնէ որ ճիշդը ընենք։ Ճիշդ ինչպէս որ զինուորը առանց գօտիի պատերազմի չէր երթար, մենք ալ պէտք է ճշմարտութիւնը բնա՛ւ չձգենք։ Ամէն մարզի մէջ պէտք է ճշմարտութիւնը գործադրենք։ դ18.11 12 ¶15
Երեքշաբթի, յուլիս 14
Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր (Առ. 23։23)։
Ջանք կը պահանջէ որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորվինք։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ զոհողութիւն ընելու ատոր համար։ Եւ ‘ճշմարտութիւնը ծախու առնելէ’ ետք,– այսինքն ձեռք ձգելէ ետք,– պէտք է զգոյշ ըլլանք որ զայն ‘չծախենք’, այսինքն չձգենք։ Եթէ բան մը ձրի է, ասիկա չի նշանակեր որ ո՛չ մէկ բան պիտի տանք ատոր փոխարէն։ Առակաց 23։23–ին մէջ «ծախու առնել» թարգմանուած եբրայերէն բառը նաեւ կրնայ նշանակել՝ «ձեռք ձգել»։ Այս երկու արտայայտութիւններն ալ կը ցուցնեն, որ անհատը պէտք է ջանք թափէ կամ բան մը տայ, որպէսզի փոխարէնը արժէքաւոր բան մը առնէ։ Ճշմարտութիւնը ծախու առնելու գաղափարը յստակացնելու համար նկատի առնենք օրինակ մը։ Ենթադրենք որ խանութ մը կը ծանուցանէ թէ պանանները ձրի են։ Կրնա՞նք ակնկալել որ պանանները մեր սեղանին վրայ ըլլան, եթէ մենք չերթանք չբերենք զանոնք։ Ո՛չ։ Ճիշդ է որ ատոնք ձրի են, բայց պէտք է ջանք թափենք եւ ժամանակ տրամադրենք որ այդ խանութը երթանք։ Նմանապէս, ճշմարտութիւնը ծախու առնելու համար պէտք չունինք դրամ տալու, բայց պէտք է ջա՛նք թափենք որ զայն ձեռք ձգենք։ դ18.11 4 ¶4-5
Չորեքշաբթի, յուլիս 15
Իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս (Մատ. 17։2)։
Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս, Յիսուսին հետ բարձր լեռ մը ելած էին, երբ արտասովոր տեսիլք մը տեսան։ Յիսուսին երեսը փայլեցաւ եւ իր հանդերձները ճերմկցան։ Երկու կերպարանքներ, որոնք Մովսէսը եւ Եղիան կը ներկայացնէին, սկսան Յիսուսին հետ խօսիլ իր մահուան եւ յարութեան մասին (Ղուկ. 9։29-32)։ Ետքը, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ եւ ամպէն ձայն մը լսեցին. Աստուծո՛յ ձայնը։ Այս տեսիլքը յայտնեց Յիսուսի ապագայ փառքը եւ հեղինակութիւնը որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Անկասկած Քրիստոս քաջալերուեցաւ եւ զօրացաւ գալիք չարչարանքներուն եւ տանջալից մահուան տոկալու համար։ Այլակերպութեան տեսիլքը նաեւ աշակերտներուն հաւատքը զօրացուց։ Այսպէս անոնք պատրաստուեցան դիմագրաւելիք փորձութիւններուն եւ այն ծանր աշխատանքին համար, որ պիտի ընէին։ Մօտ 30 տարի ետք, Պետրոս առաքեալ այլակերպութեան տեսիլքին ակնարկեց, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ տեսիլքը իր մտքին մէջ վառ մնացած էր (Բ. Պետ. 1։16-18)։ դ19.03 10 ¶7-8
Հինգշաբթի, յուլիս 16
Մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս. . . ճշմարտութեան խօսքով (Բ. Կոր. 6։4, 7)։
Ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով մը կը տարբերին սուտ կրօնքի անդամներէն։ Մենք ‘ճշմարտութիւնը կը խօսինք’ (Զաք. 8։16, 17)։ Ճշմարտութիւնը պիտի խօսինք, ըլլա՛յ մեծ կամ պզտիկ բաներու մէջ, թէ՛ օտարներուն, թէ գործակիցներուն, թէ բարեկամներուն եւ թէ սիրելիներուն։ Եթէ պատանի ես, թերեւս կ’ուզես որ տարեկիցներդ քեզ ընդունին։ Սակայն բնա՛ւ կրկնակի կեանք մի՛ վարեր, ընտանիքիդ եւ ժողովքին առջեւ ձեւացնելով բարոյապէս մաքուր ըլլալ, մինչ լման տարբեր ես աշխարհային պատանիներուն առջեւ եւ ընկերային ցանցերու մէջ։ Այսպէս դերասանութիւն կ’ընես ծնողքիդ, հաւատակիցներուդ եւ Աստուծոյ առջեւ (Սաղ. 26։4, 5)։ Սակայն Եհովան գիտէ թէ մենք ե՛րբ ‘միայն շրթունքներով զինք կը պատուենք, բայց մեր սիրտը հեռացած, զատուած է իրմէ’ (Մար. 7։6)։ Որքա՜ն աւելի լաւ է ընենք այս առակին ըսածը. «Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր» (Առ. 23։17)։ դ18.10 9 ¶14-15
Ուրբաթ, յուլիս 17
Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ (Ա. Յովհ. 4։16)։
Աստուծոյ ծառաները հոգեւոր ընտանիք մըն են, որ իրար կը սիրեն (Ա. Յովհ. 4։21)։ Ընդհանրապէս, այդ սէրը յայտնի կ’ըլլայ ոչ թէ իրարու համար մեծ զոհողութիւններ ընելով, հապա՝ բազմաթիւ պզտիկ բաներով, ինչպէս՝ ազնիւ բաներ ըսելով կամ ընելով։ Նկատառու ըլլալով՝ ‘Աստուծոյ նմանող կ’ըլլանք սիրելի զաւակներու պէս’ (Եփ. 5։1)։ Յիսուս կատարեալ կերպով ընդօրինակեց իր Հայրը։ Ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ. . . եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ» (Մատ. 11։28, 29)։ Երբ Քրիստոսը ընդօրինակելով ‘հոգ տանինք աղքատին [կամ՝ խեղճին]’, թէ՛ Եհովան պիտի ուրախացնենք եւ թէ մենք պիտի ուրախանանք (Սաղ. 41։1)։ Ուստի մեր սէրը ցուցաբերենք՝ շարունակելով նկատառու ըլլալ մեր ընտանիքին, եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ թաղամասի մարդոց հանդէպ։ դ18.09 28 ¶1-2
Շաբաթ, յուլիս 18
Մենք Աստուծոյ գործակից ենք (Ա. Կոր. 3։9)։
Կրնանք Եհովային հետ աշխատիլ, մեր եղբայրներուն օգնելով աղէտներէ ետք։ Օրինակ, կրնանք նիւթական օգնութիւն տալ (Յովհ. 13։34, 35. Գործք 11։27-30)։ Նաեւ կրնանք մաքրութեան կամ շինարարութեան մէջ բաժին բերել։ Լեհաստանի մէջ Կապրիէլա անունով քրոջ մը տունը գրեթէ քանդուեցաւ հեղեղի պատճառով։ Ան շատ ուրախացաւ երբ մօտակայ ժողովքներէն եղբայրներ եկան իրեն օգնելու։ Ան կը պատմէ. «Պիտի չխօսիմ կորսնցուցածներուս մասին. ատոնք պարզապէս նիւթական բաներ են։ Հապա կ’ուզեմ խօսիլ շահածներուս մասին։ Այս փորձառութիւնը զիս համոզեց, որ քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը ըլլալը յատուկ առանձնաշնորհում մըն է եւ ուրախութեան աղբիւր է»։ Աղէտէ մը ետք օգնութիւն ստացողներէն շատեր այսպէս կը զգան։ Իսկ անոնք որոնք Եհովային հետ կ’աշխատին այդ հաւատակիցներուն օգնելու համար, շատ գոհունակ կը զգան (Գործք 20։35. Բ. Կոր. 9։6, 7)։ դ18.08 26 ¶12
Կիրակի, յուլիս 19
Քու սիրտդ պահէ (Առ. 4։23)։
Եթէ կ’ուզենք մեր սիրտը պահպանել, պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ վտանգներ կան եւ արագօրէն գործի անցնինք, որ մենք մեզ պաշտպանենք։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ դէտին գործը։ Սողոմոն թագաւորին օրերուն, դէտերը կը կենային քաղաքի մը պարիսպներուն վրայ եւ անմիջապէս լուր կու տային, երբ վտանգ մը տեսնէին։ Այս օրինակը կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի չձգենք որ Սատանան մեր միտքը ապականէ։ Անցեալին, դէտերը կը համագործակցէին քաղաքին դռնապաններուն հետ (Բ. Թագ. 18։24-26)։ Անոնք միասնաբար կը ջանային քաղաքը ապահով պահել, դռները գոցելով, երբ գիտնային որ թշնամի մը քաղաքին կը մօտենար (Նէ. 7։1-3)։ Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզուած մեր խիղճը կրնայ մեր դէտը ըլլալ եւ մեզ զգուշացնել, երբ Սատանան փորձէ մեր սրտին վրայ յարձակիլ. ուրիշ խօսքով, երբ փորձէ ազդել մեր մտածումներուն, զգացումներուն, շարժառիթներուն կամ փափաքներուն։ Երբ մեր խիղճը մեզ զգուշացնէ վտանգէ մը, պէտք է որ մտիկ ընենք եւ դռները գոցենք, այսինքն՝ ամէն բան ընենք որ վտանգէն հեռու մնանք։ դ19.01 17 ¶10-11
Երկուշաբթի, յուլիս 20
Եթէ անմեղադրելի գտնուին, թող սարկաւագութեան պաշտօնը կատարեն (Ա. Տիմ. 3։10)։
Երէցները պէտք չէ երիտասարդ եղբայրները դատեն՝ իրենց անձնական կարծիքներուն կամ տեղական սովորութիւններուն հիման վրայ, հապա՝ Աստուծոյ Խօսքին չափանիշներուն հիման վրայ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Այլապէս, ասիկա կրնայ արգելք ըլլալ որ որակեալ եղբայրները նշանակուին որպէս օգնական ծառայ կամ երէց։ Երկրի մը մէջ, օգնական ծառայ մը ծանր պատասխանատուութիւններ շալկած էր։ Թէեւ երէցները համաձայն էին, որ ան երէց ըլլալու սուրբգրային որակումները ունէր, բայց չյանձնարարեցին զինք։ Տարիքոտ երէցներ ըսին որ ան երիտասարդ ըլլալով՝ երէցի երեւոյթ չունէր։ Ցաւօք սրտի, այդ եղբայրը երէց չնշանակուեցաւ, պարզապէս իր երեւոյթին պատճառով։ Այնպէս կը թուի թէ աշխարհի շատ մը շրջաններուն մէջ, այս մտայնութիւնը տիրական է։ Որքա՜ն կարեւոր է որ հետեւինք Սուրբ Գիրքին, փոխանակ՝ մեր անձնական կարծիքներուն։ Միայն այն ատեն է որ Յիսուսին հնազանդած կ’ըլլանք եւ երեւոյթէն դատած չենք ըլլար (Յովհ. 7։24)։ դ18.08 12 ¶16-17
Երեքշաբթի, յուլիս 21
Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն (Առ. 18։13)։
Առանց մտածելու ե–նամակներ եւ կարճ հաղորդագրութիւններ ղրկելը վտանգաւոր է։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր գործը սահմանափակուած է կամ արգելքի տակ է։ Այսպիսի երկիրներու մէջ, մեր հակառակորդները դիտմամբ այնպիսի պատմութիւններ կը տարածեն, որ վախնանք կամ իրարու չվստահինք։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ։ Գաղտնի ոստիկանութիւնը, որ կը կոչուէր՝ Քը.Կէ.Պէ., տարաձայնութիւններ տարածեց, թէ կարգ մը պատասխանատու եղբայրներ դաւաճանած էին Եհովայի ժողովուրդին։ Ցաւօք սրտի, շատեր այդ սուտ պատմութիւններուն հաւատացին եւ Եհովային կազմակերպութիւնը ձգեցին։ Յետագային, անոնցմէ շատեր վերադարձան, բայց ուրիշներ՝ ո՛չ։ Անոնք ձգեցին որ այդ սուտ պատմութիւնները կործանեն իրենց հաւատքը (Ա. Տիմ. 1։19)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի այսպիսի ցաւալի բան մը մեզի չպատահի։ Ժխտական կամ չփաստուած պատմութիւններ մի՛ տարածեր։ Միամիտ մի՛ ըլլար։ Փաստէ որ լսածներդ իրողութիւններ են։ դ18.08 4 ¶8
Չորեքշաբթի, յուլիս 22
Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս (Ղուկ. 23։43)։
Աստուածաշունչի ամէնէն հին յունարէն ձեռագիրներուն մէջ, կէտադրութիւն շատ չէ գործածուած։ Թերեւս հարցնենք. Յիսուսին ըսածը ի՞նչ էր. «Քեզի կը խոստանամ որ այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս», կամ՝ «Այսօր քեզի կը խոստանամ, որ ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ Յիշէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսած էր իր հետեւորդներուն. «Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր» (Մատ. 12։40. 16։21. 17։21, 22. Մար. 10։34. Գործք 10։39, 40)։ Ուրեմն, Յիսուս Դրախտ չգնաց այն նոյն օրը, որ ինք ու այդ չարագործը մահացան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Յիսուս «գերեզման»ին մէջ մնաց, մինչեւ որ Աստուած իրեն յարութիւն տուաւ (Գործք 2։31, 32)։ Երբ Յիսուս չարագործին խօսեցաւ Դրախտին մասին, ըսել չուզեց երկնային դրախտ մը։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Նախ, չարագործը չէր գիտեր որ Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ ուխտ մը ըրած էր, որ իրեն հետ իշխեն երկինքին մէջ (Ղուկ. 22։29)։ Ասկէ զատ, չարագործը նոյնիսկ չէր մկրտուած (Յովհ. 3։3-6, 12)։ Ուրեմն, երբ Յիսուս այդ խոստումը չարագործին տուաւ, վստահաբար կը խօսէր ապագայ երկրային դրախտի մասին։ դ18.12 6 ¶17-18, 20-21
Հինգշաբթի, յուլիս 23
Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը. . . չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ (Ել. 32։1)։
Իսրայէլացիները շուտով սկսան ոսկի հորթ մը պաշտել։ Թէեւ Եհովա Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդ գտնուած էին, բայց տակաւին կը կարծէին որ Եհովային կողմն էին։ Ահարոն նոյնիսկ այդ հորթի պաշտամունքը կոչեց ‘Տէրոջը տօն’։ Իսկ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան դաւաճանուած զգաց եւ Մովսէսին ըսաւ, որ ժողովուրդը «ապականեցաւ» եւ ‘խոտորեցաւ այն ճամբայէն, որ իրեն պատուիրեց’։ Եհովան այնքան բարկացաւ որ նոյնիսկ մտածեց ամբողջ իսրայէլ ազգը կորսնցնել (Ել. 32։5-10)։ Սակայն այս մէկը չըրաւ (Ել. 32։14)։ Թէեւ Ահարոն ինք ոսկի հորթը շինեց, բայց զղջաց եւ Եհովա Աստուծոյ կողմը դիրք բռնեց միւս ղեւտացիներուն հետ։ Հազարաւորներ մեռան իրենց կռապաշտութեան համար, իսկ Եհովային կողմը եղողները ապրեցան, եւ Աստուած խոստացաւ որ զիրենք պիտի օրհնէր (Ել. 32։26-29)։ դ18.07 20 ¶13-16
Ուրբաթ, յուլիս 24
Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք. . . շուկաներուն մէջ բարեւներ կը սիրեն. . . եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները (Ղուկ. 20։46)։
Որո՞ւն կողմէ ճանչցուիլը մեծագոյն պատիւն է։ Ոմանք բարձրագոյն ուսում կ’առնեն, գործի մէջ կը յառաջդիմեն կամ արուեստագէտներ կը դառնան, որպէսզի մարդոց կողմէ ճանչցուին։ Բայց Պօղոս առաքեալ բացատրեց, թէ որո՛ւն կողմէ ճանչցուիլը մեծագոյն պատիւն է, երբ ըսաւ. «Հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել» (Գաղ. 4։9)։ Ի՜նչ մեծ պատիւ է, որ ‘ճանչցուած’ ըլլանք Եհովա Աստուծոյ կողմէ, որ տիեզերքին Գերիշխանն է։ Եհովա Աստուած գիտէ մեր ո՛վ ըլլալը, մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իր բարեկամները ըլլանք, ինչ որ մեր գոյութեան նպատակն է (Ժող. 12։13, 14)։ դ18.07 7-8 ¶3-4
Շաբաթ, յուլիս 25
Քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են (Սաղ. 119։99)։
Որպէսզի Եհովա Աստուծոյ օրէնքներէն օգտուինք, պէտք է զանոնք սիրենք եւ յարգենք (Ամս. 5։15)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Պէտք է սորվինք Եհովայի՛ն աչքով նայիլ հարցերուն։ Օրինակ մը տանք։ Հաշուէ թէ քնանալու դժուարութիւն կ’ունենաս։ Բժիշկդ քեզմէ կը խնդրէ, որ աւելի առողջապահական ճաշեր ուտես, աւելի մարզանք ընես եւ ապրելակերպիդ մէջ որոշ փոփոխութիւններ մտցնես։ Բժիշկին խրատը մտիկ կ’ընես եւ կը յաջողիս։ Հաւանաբար շատ կը գնահատես բժիշկդ, քանի որ կրցաւ կեանքդ բարելաւել։ Նմանապէս, մեր Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած, մեզի տուած է օրէնքներ, որոնք կրնան մեղքին գէշ հետեւանքներէն մեզ պաշտպանել, եւ այսպիսով մեր կեանքը բարելաւել։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ պէտք չէ սուտ խօսինք, խարդախենք, գողնանք, անբարոյութիւն գործենք, վայրագութեամբ վարուինք կամ ոգեհարցութեան հետ որեւէ կապ ունենանք (Առ. 6։16-19. Յայտ. 21։8)։ Երբ Եհովա Աստուծոյ հնազանդելուն լաւ օգուտները կը քաղենք, աւելի կը սիրենք ու կը գնահատենք զինք եւ իր օրէնքները։ դ18.06 17 ¶5-6
Կիրակի, յուլիս 26
Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը (Յովհ. 18։33)։
Պիղատոս թերեւս կը վախնար որ Յիսուս ժողովուրդը մղէր ըմբոստանալու հռոմայեցիներուն դէմ։ Բայց Յիսուս պատասխանեց. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհ. 18։36)։ Ան քաղաքականութեան չխառնուեցաւ, քանի որ իր Թագաւորութիւնը երկինքը պիտի ըլլար։ Ան Պիղատոսին ըսաւ որ երկրի վրայ իր գործն էր ‘ճշմարտութեան համար վկայել’ (Յովհ. 18։37)։ Յիսուս ըմբռնած էր թէ իր նշանակումը ի՛նչ էր։ Երբ մենք ալ ըմբռնենք թէ մեր նշանակումը ի՛նչ է, թիկունք պիտի չկանգնինք որեւէ քաղաքական խումբի, նոյնիսկ մեր սրտին մէջ։ Ասիկա միշտ դիւրին չէ։ Շրջագայող տեսուչ մը կ’ըսէ թէ իր շրջանին մէջ մարդիկ երթալէն աւելի ծայրայեղ կը դառնան։ Անոնք իրենց ազգով շատ հպարտ են եւ կը հաւատան որ իրենց կեանքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ քաղաքական անկախութիւն առնեն։ Ան կ’աւելցնէ. «Ուրախ ենք որ եղբայրները իրենց քրիստոնէական միութիւնը պահպանած են, կեդրոնանալով Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելուն վրայ։ Անոնք իրենց յոյսը Աստուծո՛յ վրայ դրեր են, որ անարդարութիւնը եւ մեր միւս խնդիրները լուծէ»։ դ18.06 4-5 ¶6-7
Երկուշաբթի, յուլիս 27
Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի (Յակ. 4։7)։
Եբրայերէն Գրութիւններուն բնագիրին մէջ միայն երեք գիրքեր՝ Ա. Մնացորդաց, Յոբ եւ Զաքարիա, կը նշեն Սատանայ տիտղոսը, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»։ Ինչո՞ւ համար մեր թշնամիին մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ տրուեցան Մեսիային գալէն առաջ։ Եհովան շատ մանրամասնութիւններ չտուաւ Սատանային եւ իր ըրածներուն մասին, հաւանաբար որպէսզի անոր անտեղի կարեւորութիւն չտայ։ Ի վերջոյ, Եբրայերէն Գրութիւններուն նպատակն էր՝ մարդոց օգնել որ գիտնան թէ Մեսիան ո՛վ է եւ անոր հետեւին (Ղուկ. 24։44. Գաղ. 3։24)։ Երբ Մեսիան եկաւ, Եհովան զինք եւ իր աշակերտները գործածեց, որ շատ աւելի տեղեկութիւններ յայտնէ Սատանային եւ անոր միացող հրեշտակներուն մասին։ Ասիկա տեղին է, քանի որ Եհովան Յիսուսը եւ օծեալները պիտի գործածէ, որպէսզի Սատանան եւ անոր հետեւորդները կործանէ (Հռով. 16։20. Յայտ. 17։14. 20։9, 10)։ Մի՛ մոռնար թէ Սատանայի զօրութիւնը սահման ունի։ Մենք Եհովային, Յիսուսին եւ հաւատարիմ հրեշտակներուն պաշտպանութիւնը ունինք։ Իրենց օգնութեամբ կրնանք մեր թշնամիին դէմ դնել։ դ18.05 22-23 ¶2-4
Երեքշաբթի, յուլիս 28
Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա (Յովհ. 15։2)։
Կրնանք Եհովային ծառան ըլլալ միայն եթէ պտուղ բերենք (Մատ. 13։23. 21։43)։ Ուրեմն, Յովհաննէս 15։1-5–ի մէջ արձանագրուած առակին մէջ, պտուղ բերելը չի կրնար նշանակել՝ նոր աշակերտներ ընել (Մատ. 28։19)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ այդպէս ըլլար, այն հաւատարիմ Վկաները, որոնք չեն յաջողիր նոր աշակերտ ընել, պիտի նմանէին պտուղ չունեցող ճիւղերուն։ Բայց ասիկա չի կրնար ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք կրնար մարդիկը ստիպել, որ Քրիստոսին աշակերտը ըլլան։ Եհովան սիրալիր է. մեզմէ բնա՛ւ չի խնդրեր բան մը, որ մեր ձեռքը չէ։ Ան մեզմէ կը խնդրէ բաներ, որ կրնա՛նք ընել (Բ. Օր. 30։11-14)։ Ուստի ի՞նչ կը նշանակէ պտուղ տալ։ Ատիկա պէտք է ըլլայ բան մը, որ բոլո՛րս կրնանք ընել։ Եհովան ի՞նչ գործ տուած է իր բոլոր ծառաներուն։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել (Մատ. 24։14)։ դ18.05 14 ¶8-9
Չորեքշաբթի, յուլիս 29
Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք. . . անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը (Յովհ. 8։44)։
Մեր օրերուն կան բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ։ Անոնք թերեւս կը կոչուին՝ վարդապետ, հովիւ, քահանայ, ռաբբի կամ կը կրեն ուրիշ տիտղոս մը։ Փարիսեցիներուն պէս, անոնք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը չեն սորվեցներ եւ ‘Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխած են’ (Հռով. 1։18, 25)։ Անոնց սուտերէն են՝ դժոխքը, մարդկային հոգիին անմահութիւնը, հոգեփոխութիւնը եւ այն գաղափարը, թէ Աստուած կ’ընդունի միասեռականութիւնը եւ նոյն սեռի պատկանող անհատներուն ամուսնութիւնը։ Քաղաքագէտներն ալ սուտերու միջոցաւ մարդիկը կը մոլորեցնեն։ Անոնց ամէնէն մեծ սուտերէն մէկը մօտ ատենէն պիտի ըսուի, երբ յայտարարեն թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Բայց «կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի»։ Ուստի չհաւատանք այս քաղաքական առաջնորդներուն, որոնք կ’ըսեն թէ վիճակները կը բարելաւուին։ Ճշմարտութիւնը այն է, ինչպէս աղէկ գիտենք, թէ «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. Թես. 5։1-4)։ դ18.10 7-8 ¶6-8
Հինգշաբթի, յուլիս 30
Պէտք է տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։
Դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք եւ դիւրութեամբ կրնանք տխրիլ եւ յուսահատիլ։ Յիսուս Քրիստոս մեզ քաջալերելու համար կը գործածէ «իշխաններ», որոնք իր օծեալ եղբայրներէն եւ ուրիշ ոչխարներէն եղող երէցներ են։ Անոնք մեր հաւատքին վրայ ‘չեն տիրապետեր’, հապա՝ մեզի հետ կը գործակցին, որպէսզի ուրախ ըլլանք (Եսա. 32։1, 2. Բ. Կոր. 1։23)։ Երէցները կրնան Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել, որ միշտ կը փորձէր եղբայրները քաջալերել։ Ան Թեսաղոնիկէի մէջ հալածուող քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք» (Ա. Թես. 2։8)։ Երէցները կրնան իրենց խօսքերով քաջալերել, բայց ասիկա ատեններ բաւարար չ’ըլլար։ Ատոր համար Պօղոս Եփեսոսի երէցներուն ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը։ դ18.04 21 ¶6-8
Ուրբաթ, յուլիս 31
Տէրը Հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ (Բ. Կոր. 3։17)։
Եթէ կ’ուզենք այդ ազատութիւնը ունենալ, պէտք է ‘Տէրոջը դառնանք’, այսինքն՝ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք (Բ. Կոր. 3։16)։ Անապատին մէջ, իսրայէլացիները հոգեւոր աչքով չնայեցան հարցերուն։ Անոնք կարծես թէ քօղ մը ունէին իրենց միտքին եւ սրտին վրայ, եւ կ’ուզէին իրենց նոր ստացած ազատութիւնը գործածել իրենց ցանկութիւնները գոհացնելու համար (Եբ. 3։8-10)։ Այն ազատութիւնը որ Եհովային հոգին կու տայ, միայն ֆիզիքական ստրկութենէ ազատիլ չէ։ Հոգին կրնայ ազատել մեղքի ու մահուան ստրկութենէն եւ սուտ կրօնքի եւ ատոր սովորութիւններուն ստրկութենէն։ Ո՛չ մէկ մարդ արարած կրնայ ասիկա ընել (Հռով. 6։23. 8։2)։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ ազատութիւն մըն է։ Նոյնիսկ այն անձը, որ ստրուկ է կամ բանտին մէջ է, կրնայ այս ազատութիւնը ունենալ (Ծն. 39։20-23)։ դ18.04 9 ¶3-5