Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք20 էջ 78-88
  • Օգոստոս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգոստոս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Շաբաթ, օգոստոս 1
  • Կիրակի, օգոստոս 2
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 3
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 4
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 5
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 6
  • Ուրբաթ, օգոստոս 7
  • Շաբաթ, օգոստոս 8
  • Կիրակի, օգոստոս 9
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 10
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 11
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 12
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 13
  • Ուրբաթ, օգոստոս 14
  • Շաբաթ, օգոստոս 15
  • Կիրակի, օգոստոս 16
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 17
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 18
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 19
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 20
  • Ուրբաթ, օգոստոս 21
  • Շաբաթ, օգոստոս 22
  • Կիրակի, օգոստոս 23
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 24
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 25
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 26
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 27
  • Ուրբաթ, օգոստոս 28
  • Շաբաթ, օգոստոս 29
  • Կիրակի, օգոստոս 30
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
աք20 էջ 78-88

Օգոստոս

Շաբաթ, օգոստոս 1

Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ (Հռով. 5։8, 9)։

Ժողովներուն մէջ յաճախ մեզի յիշեցում կը տրուի, թէ Եհովան եւ Յիսուսը մեզի համար ի՛նչ ըրած են։ Երախտագիտութեամբ լեցուած, կը ջանանք ամէն օր Յիսուսը ընդօրինակել մեր ապրելակերպով (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Ասկէ զատ, մեր սիրտը մեզ կը մղէ, որ Եհովան փառաբանենք փրկանքը հայթայթելուն համար։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ ժողովներուն ընթացքին սրտաբուխ պատասխաններ տալ։ Կրնանք Եհովայի եւ Յիսուսի հանդէպ մեր խոր սէրը ցոյց տալ, պատրաստ ըլլալով իրենց համար որեւէ զոհողութիւն ընելու։ Ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար, յաճախ պէտք է զոհողութիւններ ընենք։ Բազմաթիւ ժողովքներ շաբթուան երկու ժողովներէն մէկը կ’ընեն աշխատանքային օրուան մը վերջաւորութեան, երբ շատ հաւանաբար յոգնած կ’ըլլանք։ Իսկ միւս ժողովը տեղի կ’ունենայ շաբաթավերջին, երբ ուրիշներ կը հանգստանան։ Եհովան կը նկատէ՞ որ ժողովներու կ’երթանք, թէեւ յոգնած ենք։ Անշո՛ւշտ։ Եհովան կը գնահատէ ամէն ջանք որ սէրէ մղուած կը թափենք ժողովներուն ներկայ ըլլալու համար (Մար. 12։41-44)։ դ19.01 29 ¶12-13

Կիրակի, օգոստոս 2

Տէրը զանիկա տեսնելով՝ խղճաց անոր վրայ (Ղուկ. 7։13)։

Յիսուս անձամբ ունեցաւ կարգ մը դժուարութիւններ, որոնք իր շուրջի մարդիկը ունէին։ Օրինակ, այնպէս կ’երեւի որ ան աղքատ ընտանիքի մէջ մեծցաւ։ Իր հայրագիրին՝ Յովսէփին, հետ աշխատելով սորվեցաւ ծանր գործ ընել (Մատ. 13։55. Մար. 6։3)։ Ասկէ զատ, այնպէս կ’երեւի որ Յովսէփ մեռաւ Յիսուսի ծառայութիւնը սկսելէն ժամանակ մը առաջ։ Ուստի Յիսուս վստահաբար զգաց սիրելի մը կորսնցնելու ցաւը։ Նաեւ, ան գիտէր թէ ի՛նչ ըսել է ապրիլ ընտանիքի մը մէջ, որուն անդամները իրարմէ տարբեր հաւատալիքներ ունին (Յովհ. 7։5)։ Այսպիսի պարագաներ Յիսուսին օգնած ըլլալու էին, որ սովորական մարդոց խնդիրներն ու զգացումները հասկնար։ Հրաշքներ ընելու ատեն յայտնի էր, որ Յիսուս իրապէս մարդոցմով հետաքրքրուած էր։ Ան հրաշքներ չըրաւ պարզապէս առ ի պարտականութիւն։ Ան ‘խղճաց’ անոնց վրայ, որոնք կը չարչարուէին (Մատ. 20։29-34. Մար. 1։40-42)։ Ան անհատներուն հետ զգաց եւ ուզե՛ց անոնց օգնել (Մար. 7։32-35. Ղուկ. 7։12-15)։ դ19.03 16 ¶10-11

Երկուշաբթի, օգոստոս 3

Իրարու համբերեցէք (Կող. 3։13)։

Երեւակայէ թէ Յիսուս որքա՜ն ճնշուած կը զգար իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը։ Արդեօք մինչեւ մահ լիովին հաւատարիմ պիտի մնա՞ր։ Միլիառաւոր մարդոց կեանքը իրմէ կախեալ էր (Հռով. 5։18, 19)։ Եւ աւելի կարեւորը, իր արարքները պիտի ազդէին իր Հօր համբաւին (Յոբ 2։4)։ Եւ հիմա, վերջին ընթրիքին ընթացքին, առաքեալներուն մէջ ‘վէճ մը եղաւ’՝ «թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի»։ Ուշադրութեան արժանի է, որ Յիսուս չբարկացաւ, հապա հանդարտ մնաց։ Ան ազնուօրէն բայց հաստատ կերպով դարձեալ բացատրեց, թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է ունենան։ Ետքը, զիրենք գովեց, քանի որ իրեն հաւատարմօրէն կառչած էին (Ղուկ. 22։24-28. Յովհ. 13։1-5, 12-15)։ Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել եւ հանդարտ մնալ, նոյնիսկ երբ ճնշումի տակ ենք, եթէ յիշենք թէ բոլո՛րս կ’ըսենք եւ կ’ընենք բաներ, որոնք ուրիշները կը ջղայնացնեն (Առ. 12։18. Յակ. 3։2, 5)։ Եւ ջանանք ուրիշները գովել իրենց լաւ յատկութիւններուն համար (Եփ. 4։29)։ դ19.02 11-12 ¶16-17

Երեքշաբթի, օգոստոս 4

[Եհովան] իր աթոռը պատրաստեց դատաստանի համար (Սաղ. 9։7)։

Մովսիսական օրէնքը պակսեցուց այն հաւանականութիւնը, որ անմեղ անձ մը ամբաստանուի թէ ոճիր մը գործած է։ Ամբաստանեալը իրաւունք ունէր գիտնալու, թէ ո՛վ զինք ամբաստանած էր (Բ. Օր. 19։16-19. 25։1)։ Եւ ան որպէս յանցաւոր դատուելէ առաջ, առնուազն երկու վկաներ պէտք էր փաստեր ներկայացնէին (Բ. Օր. 17։6. 19։15)։ Իսկ ի՞նչ կ’ըլլար եթէ իսրայէլացի մը գործած էր ոճիր մը, որուն միայն մէկ հոգի ականատես եղած էր։ Ան բնա՛ւ պէտք չէր մտածէր որ իր յանցագործութեան համար պիտի չպատժուէր. Եհովան տեսած էր իր ըրածը։ Արդարեւ, Եհովան կատարեալ օրինակն է. ան միշտ արդարօրէն կը վարուի։ Ան կը վարձատրէ անոնք՝ որոնք հաւատարմօրէն իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին, բայց կը պատժէ անոնք՝ որոնք իրենց հեղինակութիւնը սխալ կերպով կը գործածեն (Բ. Թագ. 22։21-23. Եզեկ. 9։9, 10)։ Թերեւս ոմանք չարութեամբ վարուին եւ այնպէս երեւի որ չեն պատժուիր, բայց Եհովան յարմար ժամանակին զիրենք դատի կը քաշէ (Առ. 28։13)։ Եւ եթէ չզղջան, շուտով կը գիտնան, թէ «սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը» (Եբ. 10։30, 31)։ դ19.02 23-24 ¶20-21

Չորեքշաբթի, օգոստոս 5

Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ ուրիշ մարգարէ մը չելաւ Մովսէսին պէս, որը Տէրը երես առ երես ճանչցաւ (Բ. Օր. 34։10)։

Մովսէս վստահաբար Եհովային կը նայէր ուղղութիւն ստանալու համար։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ, որ ան «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (Եբ. 11։24-27)։ Իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգելէ ետք երկու ամիս չանցած,– եւ նոյնիսկ Սինա լեռը չհասած,– լուրջ խնդիր մը ծագեցաւ։ Ժողովուրդը սկսաւ գանգատիլ որ ջուր չկար։ Անոնք սկսան տրտնջալ Մովսէսին դէմ, եւ հարցը այնքա՛ն լուրջ դարձաւ, որ Մովսէս Եհովային աղաղակեց. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու» (Ել. 17։4)։ Եհովան Մովսէսին յստակ ուղղութիւններ տուաւ։ Իրեն ըսաւ որ իր գաւազանը առնէ եւ Քորեբի մէջ ժայռին զարնէ, եւ այսպիսով անկէ ջուր պիտի ելլէր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ»։ Իսրայէլացիները կշտանալու չափ խմեցին եւ խնդիրը լուծուեցաւ (Ել. 17։5, 6)։ դ18.07 13 ¶4-5

Հինգշաբթի, օգոստոս 6

Սէրը շինութիւն կ’ընէ (Ա. Կոր. 8։1)։

Եհովան ժողովքը կը գործածէ, որ մեզ կերտէ իր սիրոյն միջոցաւ։ Կրնանք իրեն ցուցնել որ մենք ալ զինք կը սիրենք, երբ եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք եւ կերտենք ոչ միայն հոգեւորապէս, հապա նաեւ զգացական գետնի վրայ, անոնց օգնելով որ գիտնան, թէ արժէքաւոր են եւ թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ (Ա. Յովհ. 4։19-21)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար» (Ա. Թես. 5։11, ԱԾ)։ Ուրեմն, ժողովքին մէջ բոլորը,– ոչ միայն երէցները,– կրնան Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակելով մխիթարել եղբայրներն ու քոյրերը (Հռով. 15։1, 2)։ Ժողովքին մէջ, մտահոգութենէ կամ ընկճուածութենէ տառապողները թերեւս պէտք ունենան մասնագէտ բժիշկներու օգնութեան եւ դեղերու (Ղուկ. 5։31)։ Երէցները եւ ժողովքի միւս անդամները կը գիտակցին, որ թէեւ վկայեալ բժիշկներ չեն, իրենց տուած օգնութիւնը եւ մխիթարութիւնը շատ կարեւոր են։ Ժողովքին մէջ բոլո՛րը պէտք է ‘վատասիրտները մխիթարեն, տկարներուն ձեռնտու ըլլան, ամենուն երկայնամիտ ըլլան’ (Ա. Թես. 5։14)։ դ18.09 14-15 ¶10-11

Ուրբաթ, օգոստոս 7

Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ (Եսա. 41։10)։

Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրացնենք, զինք լաւ ճանչնալով։ Եւ Աստուած լաւ ճանչնալու միակ կերպն է՝ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ կարդալ եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալ։ Աստուածաշունչի արձանագրութեան ընդմէջէն կը տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս անցեալին իր ժողովուրդը պաշտպանեց։ Այդ պատմութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, որ Եհովան ներկայիս մեզ պիտի հոգայ։ Նկատէ այն գեղեցիկ պատկերաւոր խօսքը որ Եսային կը գործածէ, նկարագրելու համար թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզ կը պաշտպանէ։ Ան Եհովային կ’ակնարկէ որպէս հովիւ եւ Իր ծառաներուն՝ որպէս գառնուկներ, եւ կ’ըսէ. «Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ» (Եսա. 40։11)։ Երբ կը կարդանք որ Եհովան ինչպէս իր զօրաւոր բազուկովը մեզ կը կրէ, չե՞նք զգար որ պաշտպանուած ենք եւ չե՞նք հանդարտիր։ Որպէսզի հանդարտ մնաս հակառակ ունեցած խնդիրներուդ, խոկա՛ այս օրուան համարին սրտապնդիչ խօսքին վրայ։ Ատիկա քեզ պիտի զօրացնէ, որ գալիք դժուարութիւնները յաջողութեամբ դիմագրաւես։ դ19.01 7 ¶17-18

Շաբաթ, օգոստոս 8

Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ (Սաղ. 40։8)։

Որեւէ հոգեւոր նպատակակէտ ունի՞ս, որուն կ’ուզես հասնիլ։ Թերեւս կը ջանաս ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալ կամ աւելի լաւ պատասխաններ կամ բաժիններ տալ ժողովին ընթացքին։ Կամ թերեւս կը ջանաս Սուրբ Գիրքը աւելի ազդու կերպով գործածել ծառայութեան մէջ։ Ի՞նչ կը զգաս երբ անդրադառնաս որ կը յառաջդիմես, կամ երբ ուրիշներ յառաջդիմութիւնդ գովեն։ Անկասկած շատ կ’ուրախանաս։ Ի՛րապէս ալ պէտք է ուրախանաս, քանի որ Եհովային կամքը առաջին տեղը կը դնես Յիսուսին պէս (Առ. 27։11)։ Նաեւ, երբ Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնանաս, կ’ընես գործ մը որ քեզ իրապէս պիտի ուրախացնէ եւ կեանքդ իմաստալից պիտի դարձնէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով» (Ա. Կոր. 15։58)։ Բայց երբ մարդիկ կեդրոնանան աշխարհային նպատակակէտերու վրայ, իսկական ուրախութիւն չեն ունենար, նոյնիսկ եթէ թուի թէ կը յաջողին (Ղուկ. 9։25)։ դ18.12 22 ¶12-13

Կիրակի, օգոստոս 9

Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը (Սաղ. 37։29)։

Դաւիթ կ’ակնարկէր ժամանակի մը, երբ երկրի վրայ բոլոր մարդիկը Աստուծոյ արդար սկզբունքներով պիտի ապրին (Բ. Պետ. 3։13)։ Եսայի 65։22–ի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան»։ Ասիկա կը նշանակէ որ մարդիկ հազարաւոր տարիներ պիտի ապրին։ Ըստ Յայտնութիւն 21։1-4–ին, Աստուած մարդկութիւնը պիտի օրհնէ, եւ այդ օրհնութիւններէն մէկն է՝ «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու առանձնաշնորհումը, բայց երկիրը դարձեալ դրախտ պիտի ըլլայ։ Աստուած երկրի վրայ եղող մարդիկը պիտի օրհնէ, ինչպէս որ խոստացած է։ Դաւիթ ըսաւ որ հեզերը եւ արդարները երկիրը պիտի ժառանգեն ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին (Սաղ. 37։11)։ Եսայիին մարգարէութիւնները պէտք է մեր ախորժակը բանան այն ժամանակուան հանդէպ, երբ ուրախ–զուարթ պիտի ապրինք գեղեցիկ երկրային Դրախտին մէջ (Եսա. 11։6-9. 35։5-10. 65։21-23)։ Ասիկա ե՞րբ պիտի պատահի։ Երբ չարագործին տուած Յիսուսին խոստումը կատարուի (Ղուկ. 23։43)։ Կրնա՛ս այդ Դրախտին մէջ ըլլալ։ դ18.12 7 ¶22-23

Երկուշաբթի, օգոստոս 10

Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ (Առ. 4։23)։

Կրնա՞նք աշխարհի մտածումէն լիովին հեռու մնալ։ Ո՛չ։ Որոշ չափով պիտի ենթարկուինք կարգ մը աշխարհային գաղափարներու, քանի որ չենք կրնար բառացիօրէն աշխարհէն ելլել (Ա. Կոր. 5։9, 10)։ Նոյնիսկ քարոզելու ատեն, սխալ գաղափարներ եւ հաւատալիքներ պիտի լսենք։ Ճիշդ է որ չենք կրնար սխալ գաղափարներէ լիովին հեռու մնալ, բայց պէտք չունինք ատոնց մասին մտածելու կամ զանոնք ընդունելու։ Պէտք է Յիսուսին պէս անմիջապէս մերժենք այն կարծիքները, որոնք Սատանայի նպատակին կը ծառայեն։ Նաեւ կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, աշխարհի մտածումին անտեղիօրէն չենթարկուելով։ Օրինակ, երբ մտերիմ բարեկամներ կը զատենք, պէտք է ուշադիր ըլլանք։ Սուրբ Գիրքը զգուշացում կու տայ, որ եթէ մտերմանանք անհատներու հետ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր, անոնց մտածելակերպը պիտի որդեգրենք (Առ. 13։20. Ա. Կոր. 15։12, 32, 33)։ Նաեւ, երբ մերժենք այն ժամանցները, որոնք կը քաջալերեն բարեշրջութեան տեսութիւնը, բռնութիւնը կամ անբարոյութիւնը, մեր միտքը չի թունաւորուիր այն գաղափարներով, որոնք «Աստուծոյ գիտութեանը դէմ» են (Բ. Կոր. 10։5)։ դ18.11 21 ¶16-17

Երեքշաբթի, օգոստոս 11

Քու ճշմարտութեանդ մէջ [պիտի] քալեմ (Սաղ. 86։11)։

Որպէսզի շարունակես ճշմարտութեան մէջ քալել, կրցածիդ չափ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը սորվեցուր ուրիշներուն։ Սուրբ Գիրքը նմանցուած է սուրի։ Ճիշդ ինչպէս որ զինուորը ամուր կը բռնէր իր սուրը, պէտք է ամուր բռնենք մեր հոգեւոր սուրը՝ Աստուծոյ Խօսքը (Եփ. 6։17)։ Բոլորս կրնանք աւելի ատակ ուսուցիչներ դառնալ, «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով» (Բ. Տիմ. 2։15)։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը գործածենք ուրիշներուն սորվեցնելու համար, ճշմարտութիւնը ա՛լ աւելի կը ճանչնանք ու կը սիրենք։ Այսպիսով, աւելի կը վճռենք շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել։ Ճշմարտութիւնը արժէքաւոր նուէր մըն է Եհովային կողմէ։ Ատիկա կարելի կը դարձնէ որ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք մեր երկնաւոր Հօր հետ, ինչ որ մեր կեանքին ամէնէն արժէքաւոր բանն է։ Աստուած արդէն շատ բաներ սորվեցուցած է մեզի, բայց կը խոստանայ շարունակել սորվեցնել յաւիտեան։ Ուրեմն, թանկագին մարգարիտի մը նման արժեւորէ ճշմարտութիւնը։ Շարունակէ ‘ճշմարտութիւնը ծախու առնել ու զանիկա բնաւ մի՛ ծախեր’ (Առ. 23։23)։ դ18.11 8 ¶2. 12 ¶15-17

Չորեքշաբթի, օգոստոս 12

Նոյ. . . արդարութեան քարոզիչ [էր] (Բ. Պետ. 2։5)։

Ըստ երեւոյթին, Նոյ Ջրհեղեղէն առաջ մարդոց քարոզած ատեն, զանոնք կը զգուշացնէր գալիք կործանումէն։ Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ. «Ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան [«ուշադրութիւն չդարձուցին», ՆԱ]՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։38, 39)։ Թէեւ մարդիկ մտիկ չըրին Նոյին, բայց ան հաւատարմօրէն քարոզելով զգուշացում տուաւ անոնց, ինչպէս որ Եհովան ըսած էր։ Ներկայիս, Թագաւորութեան պատգամը կը քարոզենք մարդոց, որպէսզի անոնց առիթ տանք որ գիտնան, թէ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է։ Իրապէս կը փափաքինք որ մարդիկ պատգամը մտիկ ընեն ու ‘ապրին’, ինչպէս որ Եհովան կը փափաքի (Եզեկ. 18։23)։ Երբ տունէ տուն եւ հանրային տեղեր կը քարոզենք, մեր կրցածին չափ շատ մարդոց զգուշացում կու տանք, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի գայ եւ այս չար աշխարհը կործանէ (Եզեկ. 3։18, 19. Դան. 2։44. Յայտ. 14։6, 7)։ դ18.05 19 ¶8-9

Հինգշաբթի, օգոստոս 13

Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ (Առ. 12։17)։

Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ մեր գործը արգիլումի տակ դրուի ապրած տեղդ եւ իշխանութիւնները քեզ հարցաքննեն եղբայրներուն մասին։ Պէ՞տք է ամէն գիտցածդ ըսես։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ հռոմայեցի կառավարիչը զինք հարցաքննեց։ Յիսուս գործադրելով Սուրբ Գիրքին այն սկզբունքը, թէ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ, ատեններ ոչինչ ըսաւ (Ժող. 3։1, 7. Մատ. 27։11-14)։ Այսպիսի պարագայի մը մէջ պէտք է լաւ դատողութիւն ունենանք եւ ուշադիր ըլլանք, որպէսզի եղբայրները վտանգի տակ չդնենք (Առ. 10։19. 11։12)։ Իսկ ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ մտերիմ բարեկամդ կամ ազգականդ լուրջ մեղք մը գործած է եւ դուն որոշ գաղափար մը ունիս պատահածին մասին։ ‘Ճշմարտութիւնը խօսէ’։ Պատասխանատուութիւնը ունիս որ ամբողջ ճշմարտութիւնը երէցներուն ըսես։ Անոնք իրաւունք ունին բոլոր իրողութիւնները գիտնալու, որպէսզի կարենան որոշել թէ ի՛նչ է լաւագոյն կերպը անհատին օգնելու, որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը շտկէ (Յակ. 5։14, 15)։ դ18.10 10 ¶17-18

Ուրբաթ, օգոստոս 14

Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք (Ա. Թես. 5։11)։

Կրնաս ուրիշները սիրոյ մէջ կերտել՝ լաւ մտիկ ընող ըլլալով (Յակ. 1։19)։ Երբ կարեկցութեամբ մտիկ ընես, սէր ցուցուցած կ’ըլլաս։ Կրնաս փափկանկատ հարցումներ հարցնել, որպէսզի վհատած անհատին զգացումները աւելի լաւ հասկնաս եւ իրեն հետ զգաս։ Նոյնիսկ դէմքի արտայայտութիւններովդ ցուցուր որ անկեղծօրէն իրմով հետաքրքրուած ես։ Եթէ ան մանրամասն բացատրութիւններ կու տայ, համբերութեամբ մտիկ ըրէ եւ մի՛ միջամտեր։ Այսպիսով աւելի լաւ պիտի հասկնաս իր զգացումները, եւ ասիկա իրեն պիտի օգնէ որ քեզի վստահի եւ մտիկ ընէ, երբ ջանաս իրեն օգտակար դառնալ։ Երբ ուրիշներով իրապէս հետաքրքրուած ես, կրնաս զանոնք մեծապէս մխիթարել։ դ18.09 14 ¶10. 15 ¶13

Շաբաթ, օգոստոս 15

Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ (Առ. 23։23)։

Ամէն անհատ, որ ճշմարտութիւնը ծախու կ’առնէ, պէտք է ժամանակը որպէս գին վճարէ։ Ժամանակ կը պահանջէ որ Թագաւորութեան պատգամը մտիկ ընենք, Սուրբ Գիրքը եւ սուրբգրային հրատարակութիւնները կարդանք, Աստուածաշունչը սերտենք Եհովայի վկաներուն հետ եւ ժողովներուն նիւթերը պատրաստենք ու ժողովներուն ներկայ ըլլանք։ Պէտք է այս ժամանակը ‘ծախու առնենք’ աւելի քիչ կարեւորութիւն ունեցող բաներէն (Եփ. 5։15, 16)։ Որքա՞ն ժամանակ պիտի առնէ որ Սուրբ Գիրքին հիմնական ճշմարտութիւնները սորվինք։ Ասիկա մեր պայմաններէն կախեալ է։ Եհովային իմաստութեան, ճամբաներուն եւ գործերուն մասին գիտութիւնը սահման չունի (Հռով. 11։33)։ Դիտարան–ին առաջին թիւը ճշմարտութիւնը նմանցուց «համեստ պզտիկ ծաղիկ»ի եւ ըսաւ. «Ճշմարտութեան միայն մէկ ծաղիկով մի՛ բաւարարուիք։ Եթէ մէկ հատը բաւարար ըլլար, այսքան այլազանութիւն ստեղծուած չէր ըլլար։ Միշտ քաղելու նայեցէք, շարունակեցէ՛ք աւելին փնտռել»։ Նոյնիսկ եթէ յաւիտեան ապրինք, միշտ պիտի ըլլան աւելի բաներ, որ կրնանք Եհովային մասին սորվիլ։ Ներկայիս, կարեւորը այն է որ մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք, որպէսզի ճշմարտութիւններ ծախու առնենք մեր պայմաններուն ներած չափով։ դ18.11 4 ¶7

Կիրակի, օգոստոս 16

Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները (Եփ. 5։25)։

Սուրբ Գիրքը ամուսինը կը քաջալերէ, որ իր կնոջ հետ «խոհեմութիւնով» ապրի, այսինքն՝ նկատառութեամբ եւ հասկացողութեամբ (Ա. Պետ. 3։7)։ Հասկացող ամուսինը գիտէ, որ թէեւ շատ մը կերպերով իր կնոջմէն տարբեր է, բայց անկէ գերադաս չէ (Ծն. 2։18)։ Ան իր կնոջ զգացումներուն հանդէպ նկատառու կ’ըլլայ եւ զինք կը պատուէ։ Ան բնա՛ւ անտեղի ջերմ խօսքեր չ’ըսեր ուրիշ կիներու, ոչ ալ անպատշաճ հետաքրքրութիւն կը ցուցնէ անոնց, ըլլա՛յ երես–երեսի, ընկերային ցանցերու վրայ կամ համացանցին վրայ (Յոբ 31։1)։ Ան ընկերային ցանցը չի գործածեր ասոր–անոր սիրային խօսքեր ըսելու, ոչ ալ անպատշաճ կայքեր կ’այցելէ։ Ան հաւատարիմ կը մնայ իր կնոջ, քանի որ թէ՛ զինք կը սիրէ եւ թէ Աստուած կը սիրէ ու չարը կ’ատէ (Սաղ. 19։14. 97։10)։ դ18.09 29 ¶3-4

Երկուշաբթի, օգոստոս 17

Ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ (Ղուկ. 9։48)։

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածները գործադրելը դիւրին չէ։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ ճիշդը ընելու համար խոնարհութեան պէտք ունինք, եւ խոնարհ մնալը դժուար է այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, քանի որ մեր շուրջինները «անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ. . . անժուժկալ» են (Բ. Տիմ. 3։1-3)։ Որպէս Աստուծոյ ծառաներ, գիտե՛նք որ այս վարքը սխալ է, բայց ատեններ թերեւս նախանձինք՝ տեսնելով այսպիսի մարդոց յաջողութիւնը (Սաղ. 37։1. 73։3)։ Թերեւս նոյնիսկ մտածենք. ‘Իրապէս կ’արժէ՞ որ նախ ուրիշին շահը փնտռեմ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մարդոց յարգանքը կորսնցնեմ եթէ խոնարհութեամբ վարուիմ’։ Եթէ ձգենք որ այս աշխարհի անձնասէր հոգին մեզի ազդէ, կրնանք վնասել այն լաւ փոխյարաբերութիւններուն, որ եղբայրներուն հետ ունինք, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն համար դժուար կ’ըլլայ, որ զատորոշեն թէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք։ Սակայն, երբ Աստուծոյ խոնարհ ծառաներուն մասին սերտենք եւ զանոնք ընդօրինակենք, օգուտներ պիտի քաղենք։ դ18.09 3 ¶1

Երեքշաբթի, օգոստոս 18

Երանելի է տալը (Գործք 20։35)։

Ժամանակ մը կար որ Եհովան լման առանձին էր։ Ետքը, ան որոշեց կեանքի պարգեւը տալ մտացի արարածներու, թէ՛ երկինքին մէջ եւ թէ երկրի վրայ։ Մեր ուրախ Աստուածը՝ Եհովան, կը սիրէ լաւ բաներ տալ ուրիշներուն (Ա. Տիմ. 1։11. Յակ. 1։17)։ Եւ քանի որ կ’ուզէ որ մենք ալ ուրախ ըլլանք, մեզի կը սորվեցնէ առատաձեռն ըլլալ (Հռով. 1։20)։ Ան մարդ արարածը իր պատկերով ստեղծեց (Ծն. 1։27)։ Այսինքն՝ մեզ իր յատկութիւններով ստեղծեց։ Իրապէս ուրախ ըլլալու եւ Եհովայի օրհնութիւնը ունենալու համար, պէտք է իր օրինակին հետեւինք։ Պէտք է հետաքրքրուինք ուրիշներով եւ առատաձեռն գտնուինք անոնց հանդէպ (Փլպ. 2։3, 4. Յակ. 1։5)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք այդպէս ստեղծուած ենք։ Թէեւ անկատար ենք, բայց կրնա՛նք Եհովային առատաձեռնութիւնը ընդօրինակել։ Ան կ’ուզէ որ զինք ընդօրինակենք, եւ այս պատճառով կ’ուրախանայ երբ առատաձեռն գտնուինք (Եփ. 5։1)։ դ18.08 18 ¶1-2. 19 ¶4

Չորեքշաբթի, օգոստոս 19

Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն (Յովհ. 10։27)։

Քրիստոսի հետեւորդները ցոյց կու տան որ իր ձայնը մտիկ կ’ընեն, ոչ միայն իր խօսքերուն ուշադրութիւն դարձնելով, հապա նաեւ զանոնք գործադրելով։ Անոնք «այս կեանքին հոգերով» չեն տարուիր (Ղուկ. 21։34, ԱԾ)։ Եւ իրենց համար շատ կարեւոր է Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդիլ, նոյնիսկ երբ դժուար է։ Անոնք Եհովային հաւատարիմ կը մնան, որքա՛ն ալ չարչարուին։ Յիսուսին մտիկ ընելու ուրիշ կերպ մըն է՝ համագործակցիլ անոնց հետ, որոնք իր կողմէ նշանակուած են մեր մէջ առաջնորդութիւն առնելու (Եբ. 13։7, 17)։ Վերջին տարիներուն, Աստուծոյ կազմակերպութիւնը շատ մը փոփոխութիւններ ըրած է, մէջը ըլլալով՝ ծառայութեան մէջ նոր գործիքներ եւ մեթոտներ գործածել, միջշաբաթային ժողովը տարբեր ձեւով վարել եւ բարելաւուած կերպով Թագաւորութեան սրահներ շինել ու նորոգել։ Որքա՜ն կ’արժեւորենք այս սիրալիր առաջնորդութիւնը, որ մեր օգտին համար է։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան պիտի օրհնէ կազմակերպութեան ժամանակայարմար ուղղութիւններուն հետեւելու մեր ջանքերը։ դ19.03 10-11 ¶11-12

Հինգշաբթի, օգոստոս 20

Ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք. . . ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը (Եփ. 4։14)։

Այն պատմութիւնը, որուն միայն 10 առ հարիւրը ճիշդ է, 100 առ հարիւր անվստահելի է։ Նկատի առ թէ Յեսուի օրերուն ի՛նչ պատահեցաւ Յորդանան գետին արեւմտեան կողմը ապրող իսրայէլացիներուն (Յես. 22։9-34)։ Անոնք լսեցին որ արեւելեան կողմը ապրող իսրայէլացիները մեծ զոհասեղան մը շինած էին։ Պատմութեան այս մասը ճիշդ էր, բայց պատմութիւնը միայն ասիկա չէր։ Այս տեղեկութիւնը ձգեց որ արեւմտեան կողմը ապրող իսրայէլացիները կարծեն, որ իրենց եղբայրները ըմբոստացած էին Եհովային դէմ (Յես. 22։9-12)։ Բայց յարձակելէ առաջ, անոնք վստահելի մարդիկ ղրկեցին, որպէսզի բոլոր իրողութիւնները գիտնան։ Ի՞նչ գիտցան։ Զոհասեղանը չէր շինուած չաստուածներու զոհ մատուցանելու համար, հապա իբրեւ յիշատակ, որպէսզի ապագային բոլորը գիտնային, որ իրենք ալ Եհովային հաւատարիմ ծառաներն էին։ Արեւմտեան կողմը գտնուող իսրայէլացիները ուրախացած ըլլալու էին, որ չջարդեցին իրենց եղբայրները, հապա ժամանակ տրամադրեցին որ բոլոր իրողութիւնները գիտնային։ դ18.08 5 ¶9-10

Ուրբաթ, օգոստոս 21

Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ (Ա. Կոր. 10։12)։

Ինչպէս Պօղոս յստակ դարձուց, նոյնիսկ Եհովան պաշտողնե՛րը կրնան սխալ բաներ ընելու ծուղակին մէջ իյնալ։ Անոնք թերեւս մտածեն որ Եհովան տակաւին կը հաճի իրենց։ Բայց եթէ մէկը պարզապէս կ’ուզէ Եհովային բարեկամը ըլլալ կամ կը կարծէ որ իրեն հաւատարիմ է, ասիկա չի նշանակեր որ Եհովան իրապէ՛ս կը հաճի իրեն (Ա. Կոր. 10։1-5)։ Ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները իրար անցան, երբ Մովսէս ուշացաւ Սինա լեռնէն իջնելու, թերեւս մենք ալ իրար անցնինք, երբ զգանք որ նոր աշխարհը ուշացաւ գալու։ Թերեւս սկսինք մտածել, որ Եհովային խոստումները երկա՜ր տարիներ ետք պիտի կատարուին, կամ ալ չեն կրնար կատարուիլ։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք սկսիլ կեդրոնանալ մե՛ր ուզածներուն վրայ եւ ոչ թէ Եհովային ուզածներուն վրայ։ Ժամանակի ընթացքին, կրնանք Եհովայէն հեռանալ եւ ընել բաներ, որ բնա՛ւ չէինք երեւակայեր որ օր մը օրանց կ’ընենք։ դ18.07 21 ¶17-18

Շաբաթ, օգոստոս 22

Այս բանն ալ պիտի ընեմ, որ դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ (Ել. 33։17)։

Կրնանք հոյակապ օրհնութիւններ վայելել, եթէ Եհովան անձամբ մեզ ճանչնայ։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովային բարեկամը ըլլանք։ Պէտք է զինք սիրենք եւ մեր կեանքը իրեն նուիրենք (Ա. Կոր. 8։3)։ Սակայն պէտք է պահպանե՛նք երկնաւոր Հօր հետ մեր ունեցած թանկագին փոխյարաբերութիւնը։ Պէտք չէ գերի դառնանք այս աշխարհի «տկար ու չքաւոր [«խեղճ», ՆԹ] սկզբունքներուն», մէջը ըլլալով ատոր հրամցուցած յաջողութիւնն ու համբաւը (Գաղ. 4։9)։ Առաջին դարու Գաղատիայի քրիստոնեաներուն պարագան այս էր։ Անոնք յառաջդիմած էին այն աստիճան, որ Աստուծոյ հաճութիւնը շահած էին։ Բայց Պօղոս ըսաւ որ նոյն այդ քրիստոնեաները ‘նորէն կը դառնային’ պարապ բաներու։ Ուրիշ խօսքով, Պօղոս կարծես թէ կ’ըսէր. «Այսքան յառաջդիմութենէ ետք, ինչո՞ւ կը վերադառնաք այն անիմաստ, անարժէք բաներուն, որ ձեր ետեւը ձգած էք»։ դ18.07 8 ¶5-6

Կիրակի, օգոստոս 23

Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ (Առ. 1։5)։

Պէտք չունինք Աստուծոյ օրէնքները կտրելուն գէշ հետեւանքները կրելու, որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ։ Կրնանք սորվիլ ուրիշներուն սխալներէն, որոնց մասին գրուած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Մենք Աստուծմէ լաւագոյն ուղղութիւնը կը ստանանք։ Օրինակ, մտածէ թէ Դաւիթ ինչերէ՜ անցաւ, երբ Եհովային անհնազանդ գտնուեցաւ եւ Բերսաբէին հետ անբարոյութիւն գործեց (Բ. Թագ. 12։7-14)։ Երբ այս պատմութիւնը կը կարդաս եւ ատոր վրայ կը խոկաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Դաւիթ ինչպէ՞ս կրնար հեռու մնալ այդ խնդիրներէն։ Եթէ ես նման պարագայի մէջ ըլլամ, ի՞նչ պիտի ընեմ։ Եթէ անբարոյութիւն ընելու փորձութեան առջեւ գտնուիմ, Դաւիթի՞ն պէս պիտի վարուիմ, թէ ոչ Յովսէփին պէս’ (Ծն. 39։11-15)։ Եթէ լաւ մտածենք մեղքին ցաւալի հետեւանքներուն մասին, երթալէն աւելի ‘պիտի ատենք չարութիւնը’ (Ամս. 5։15)։ դ18.06 17 ¶5, 7

Երկուշաբթի, օգոստոս 24

Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք (Մատ. 22։21)։

Յաճախ անարդարութիւնը կը ձգէ որ մարդիկ ուզեն քաղաքականութեան խառնուիլ։ Յիսուս Քրիստոսի օրերուն, տուրք վճարելու հարցը պատճառ եղաւ, որ շատեր քաղաքականութեան մէջ կողմ բռնեն։ Վճարուելիք շատ տուրքեր կային, ինչպէս՝ ունեցուածքներուն, կալուածներուն եւ տուներուն վրայ տուրքեր։ Իսկ մաքսաւորներուն փտածութեան պատճառով, ժողովուրդը կը զգար որ ծանր բեռ կայ իր վրայ։ Ատեններ, մաքսաւորները կառավարական պաշտօնեաներէն որոշ դիրք մը դրամով կը գնէին, եւ ետքը այդ դիրքը կը գործածէին որ շատ դրամ շահէին։ Զաքէոս, որ Երիքովի մաքսապետն էր, ժողովուրդէն դրամ շորթելով հարստացած էր (Ղուկ. 19։2, 8)։ Իրեն պէս շատեր կային։ Յիսուսին թշնամիները փորձեցին զինք մղել որ տուրք վճարելու հարցին խառնուի։ Իրեն հարցուցին գլխահարկին մասին, որ մէկ դահեկան էր եւ բոլոր հրեաները ստիպուած էին վճարելու (Մատ. 22։16-18)։ Հրեաները շատ կ’ատէին այս տուրքը, քանի որ կը յիշեցնէր որ Հռոմը կը կառավարէր զիրենք։ դ18.06 5-6 ¶8-10

Երեքշաբթի, օգոստոս 25

Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ (Գաղ. 6։7, 8)։

Սատանային կողմը ըլլալուն օգուտները իսկական չեն, եւ վնասները միշտ շատ աւելի են (Յոբ 21։7-17. Գաղ. 6։8)։ Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք գիտնալով թէ Սատանան ո՛ր աստիճան ազդեցութիւն ունի։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ ճիշդ աչքով նայինք կառավարութիւններուն եւ մեզ կը մղէ որ քարոզենք։ Գիտենք թէ Եհովան կ’ուզէ որ կառավարութիւնները յարգենք (Ա. Պետ. 2։17)։ Ան նաեւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ ատոնց օրէնքներուն հնազանդինք, այնքան ատեն որ իր չափանիշներուն հակառակ չեն (Հռով. 13։1-4)։ Բայց նաեւ գիտենք որ պէտք է չէզոք մնանք եւ թիկունք չկանգնինք որեւէ կուսակցութեան կամ մարդկային կառավարիչի (Յովհ. 17։15, 16. 18։36)։ Իսկ քանի որ կը տեսնենք թէ Սատանան կը ջանայ Եհովային անունը մոռցնել տալ եւ Իր մասին սուտեր տարածել, մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ մեր Աստուծոյն մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնենք ուրիշներուն։ Հպարտ ենք որ իր անունը կը կրենք եւ կը գործածենք, գիտնալով որ զինք սիրելը աւելի արժէքաւոր է քան՝ դրամ կամ ստացուածքներ սիրելը (Եսա. 43։10. Ա. Տիմ. 6։6-10)։ դ18.05 24 ¶8-9

Չորեքշաբթի, օգոստոս 26

Կինը այրէն չզատուի (Ա. Կոր. 7։10)։

Եթէ կողակիցները խնդիրներ ունենան, ընդունելի՞ է որ իրարմէ բաժնուին։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ զոյգ մը ի՛նչ պատճառներով կրնայ բաժնուիլ։ Պօղոս գրեց. «Եթէ կին մը անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա» (Ա. Կոր. 7։12, 13)։ Ասիկա մեր օրերուն ալ կը կիրարկուի։ Սակայն եղած են պարագաներ, ուր «անհաւատ այր»ը ցուցուցած է որ իրեն համար ‘հաճելի չէ իր կնոջ հետ բնակիլ’։ Օրինակ՝ թերեւս ան այնքան վայրագ է, որ իր կնոջ առողջութիւնը կամ կեանքը վտանգի կ’ենթարկէ, կամ կը մերժէ նիւթական գետնի վրայ հոգ տանիլ իր կնոջ եւ ընտանիքին, կամ ալ անկարելի կը դարձնէ որ իր կինը Աստուծոյ ծառայէ։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, քրիստոնեան թերեւս անձնապէս որոշէ, թէ իր կողակիցին ‘հաճելի չէ իրեն հետ բնակիլ’,– նոյնիսկ եթէ կ’ըսէ որ կ’ուզէ իրեն հետ մնալ,– եւ թէ բաժնուիլը անհրաժեշտ է։ Բայց նման պարագաներու մէջ, ուրիշ քրիստոնեաներ իրենց կողակիցին հետ մնացած են։ Անոնք տոկացած են եւ ջանացած են իրենց ամուսնութիւնը բարելաւել։ դ18.12 13 ¶14. 14 ¶16-17

Հինգշաբթի, օգոստոս 27

Համբերութիւնով պտուղ կու տան (Ղուկ. 8։15)։

Ղուկաս 8։5-8, 11-15–ի մէջ արձանագրուած սերմնացանին առակին մէջ, սերմը «Աստուծոյ խօսքն է», կամ Թագաւորութեան պատգամը։ Հողը կը ներկայացնէ անհատին այլաբանական սիրտը։ Աղէկ հողի մէջ ինկող սերմը արմատ կապեց, բուսաւ եւ «հարիւրապատիկ պտուղ» տուաւ։ Երբ Թագաւորութեան պատգամը ընդունեցինք, այս սերմը արմատ կապեց եւ աճելով դարձաւ ցորենի հասկ մը, որ պատրաստ էր պտուղ տալու։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ ցորենի հասկին պտուղը չ’ըլլար նոր հասկեր, հապա՝ նոր սերմեր, մեր պտուղն ալ չ’ըլլար նոր աշակերտներ, հապա՝ Թագաւորութեան նոր սերմեր։ Ինչպէ՞ս Թագաւորութեան նոր սերմեր մէջտեղ կը բերենք։ Ամէն անգամ որ ուրիշներուն կը խօսինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, կարծես թէ մեր սրտին մէջ ցանուած սերմը կը շատցնենք եւ կը ցրուենք (Ղուկ. 6։45. 8։1)։ Այս առակը մեզի կը սորվեցնէ, որ այնքան ատեն որ կը շարունակենք Թագաւորութեան պատգամը քարոզել, ‘համբերութիւնով պտուղ կու տանք’։ դ18.05 14 ¶10-11

Ուրբաթ, օգոստոս 28

Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ (Յայտ. 3։19)։

Պօղոս պատրաստ էր իր եղբայրներուն համար ‘ծախք ընելու ու ծախք ըլլալու’, այսինքն՝ իրենց համար իր լաւագոյնը ընելու (Բ. Կոր. 12։15)։ Նմանապէս, երէցները ուրիշները կը քաջալերեն ոչ միայն խօսքով, հապա նաեւ գործով՝ անկեղծօրէն հետաքրքրուելով անոնցմով (Ա. Կոր. 14։3)։ Երբեմն պէտք կ’ըլլայ որ երէցները խրատ տան, որպէսզի եղբայրները զօրացնեն։ Անոնք Սուրբ Գիրքէն կը սորվին, որ ինչպէ՛ս կրնան ասիկա քաջալերական կերպով ընել։ Յիսուս ասոր մէջ շատ աղուոր օրինակ ձգեց իր մահէն եւ յարութենէն ետք, երբ խրատներ տուաւ Փոքր Ասիոյ կարգ մը ժողովքներուն։ Ան Եփեսոսի, Պերգամոնի եւ Թիւատիրի ժողովքներուն զօրաւոր խրատ տալէ առաջ, զանոնք գովեց իրենց ըրած բոլոր լաւ բաներուն համար (Յայտ. 2։1-5, 12, 13, 18, 19)։ Մեր երէցները կը ջանան Քրիստոսը ընդօրինակել, երբ խրատ պիտի տան։ դ18.04 21-22 ¶8-9

Շաբաթ, օգոստոս 29

Հայրե՛ր, ձեր որդիները. . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը (Եփ. 6։4)։

Ծնողնե՛ր, ինչպէս որ ամէն բան կ’ընէք որ ձեր զաւակները հիւանդութիւններէ պաշտպանէք,– ձեր տունը մաքուր կը պահէք, եւ կը թափէք ինչ որ ձեզ կամ ձեր զաւակները կրնայ հիւանդացնել,– նոյնպէս, պէտք է որ ձեր զաւակները պաշտպանէք ֆիլմերէ, հեռատեսիլի յայտագիրներէ, ելեկտրոնային խաղերէ եւ կայքերէ, որոնք կրնան զանոնք վարակել Սատանային մտածելակերպով։ Եհովան ձեզի հեղինակութիւն տուած է, որ ձեր զաւակներուն հոգեւոր առողջութեան հոգ տանիք (Առ. 1։8)։ Ուստի մի՛ վախնաք ձեր ընտանիքին համար կանոններ դնելու, որոնք Աստուածաշունչի չափանիշներուն վրայ հիմնուած են։ Ձեր երեխաներուն ըսէք, թէ ի՛նչ կրնան դիտել եւ ի՛նչ չեն կրնար դիտել, եւ անոնց օգնեցէք որ հասկնան ձեր որոշումին պատճառները (Մատ. 5։37)։ Մինչ ձեր զաւակները կը մեծնան, զանոնք մարզեցէք, որ իրե՛նք կարենան Եհովայի չափանիշներուն համաձայն զատորոշել ճիշդը սխալէն (Եբ. 5։14)։ Եւ մի՛ մոռնաք որ ձեր զաւակները շատ աւելի պիտի սորվին ձե՛ր ըրածներէն (Բ. Օր. 6։6, 7. Հռով. 2։21)։ դ19.01 16 ¶8

Կիրակի, օգոստոս 30

Ծերեր ու տղաքներ։ Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն (Սաղ. 148։12, 13)։

Եթէ պատանի ես, կրնաս տարեցներով հետաքրքրուիլ։ Անոնց հարցուր որ ի՛նչը իրենց օգնած է, որ շարունակեն երկա՜ր տարիներ Եհովային ծառայել։ Անոնք կրնան շատ արժէքաւոր դասեր սորվեցնել քեզի։ Թէ՛ դուն պիտի քաջալերուիս եւ թէ իրենք։ Ըլլաս տարիքով մեծ կամ պզտիկ, կրնաս ժպտուն երեսով բարեւել Թագաւորութեան սրահը եկող նորեկները։ Եթէ նշանակուած ես որ դաշտի ծառայութեան ժողով մը վարես, կրնաս տարեցներուն օգնել որ ծառայութեան մասնակցին։ Վստահ եղիր որ տարեցները յարմար թաղամաս ունին։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ երիտասարդներ նշանակես իրենց հետ ծառայութեան ելլելու, որպէսզի ֆիզիքապէս օգնեն իրենց։ Յաճախ տարեց եղբայրներն ու քոյրերը եւ լաւ առողջութիւն չունեցողները կը յուսահատին, որ չեն կրնար առաջուան չափ ծառայել։ Բայց անոնք շատ աւելի լաւ կը զգան, երբ իրենցմով հետաքրքրուիս եւ իրենց վիճակը հասկնաս։ Քու ազնիւ վարմունքդ կրնայ օգնել թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ տարեցներուն, թէ՛ փորձառուներուն եւ թէ անփորձներուն, որ նախանձախնդրութեամբ բարի լուրը քարոզեն (Ղեւ. 19։32)։ դ18.06 23 ¶10-12

Երկուշաբթի, օգոստոս 31

Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս (Ա. Պետ. 2։16)։

Պէտք չէ թեթեւի առնենք որ Եհովան մեզ ազատած է մեղքի ու մահուան ստրկութենէն։ Փրկանքին միջոցաւ կրնանք մաքուր խղճով Աստուծոյ ծառայել, եւ ասիկա իրապէս կ’ուրախացնէ մեզ (Սաղ. 112։1)։ Չի բաւեր որ ըսենք թէ կը գնահատենք մեր թանկագին ազատութիւնը. նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլանք որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով չգործածենք։ Օրինակ, Պետրոս առաքեալ զգուշացում տուաւ, որ մեր ազատութիւնը չօգտագործենք որպէս սխալ բաներ ընելու ծածկոց։ Այս զգուշացումը մեզի կը յիշեցնէ ինչ որ իսրայէլացիներուն պատահեցաւ անապատին մէջ։ Այսօր մենք ալ այս զգուշացումին պէտք ունինք, եւ թերեւս ա՛լ աւելի պէտք ունինք։ Սատանան եւ իր աշխարհը շատ գրաւիչ բաներ մեզի կը հրամցնեն՝ հագուելիքի, ուտելիքի, խմելիքի, ժամանցի եւ ուրիշ բաներու վերաբերեալ։ Ծանուցումներու մէջ գրաւիչ անհատներ կը գործածուին, որպէսզի ձգեն որ կարծենք թէ պէտք է գնենք բաներ, որոնց իրականութեան մէջ պէտք չունինք։ Աշխարհը շատ դիւրութեամբ կրնայ այս խորամանկ թեքնիքներով խաբել մեզ, որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով գործածենք։ դ18.04 9-10 ¶7-8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել