Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք20 էջ 88-98
  • Սեպտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սեպտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 1
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 2
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 3
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 4
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 5
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 6
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 7
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 8
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 9
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 10
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 11
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 12
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 13
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 14
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 15
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 16
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 17
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 18
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 19
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 20
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 21
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 22
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 23
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 24
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 25
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 26
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 27
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 28
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 29
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
աք20 էջ 88-98

Սեպտեմբեր

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 1

Դուք կը սիրէք զայն՝ չտեսած (Ա. Պետ. 1։8, ԱԾ)։

Յիսուս Մարթային ու Մարիամին կարեկցեցաւ։ Տեսնելով անոնց վիշտը իրենց եղբօր մահուան համար, «Յիսուս լացաւ» (Յովհ. 11։32-35)։ Ան չլացաւ պարզապէս քանի որ այլեւս պիտի չկարենար իր մտերիմ բարեկամին ընկերակցութիւնը վայելել։ Ի վերջոյ, ան գիտէր թէ Ղազարոսին յարութիւն պիտի տար։ Յիսուս լացաւ, քանի որ իր մտերիմ բարեկամներուն վիշտը հասկցաւ եւ յուզուեցաւ։ Շատ կը քաջալերուինք գիտնալով որ Յիսուս մարդոց կը կարեկցէր։ Անշուշտ մենք իրեն պէս կատարեալ չենք։ Սակայն, զինք կը սիրենք, քանի որ ուրիշներուն հետ կարեկցութեամբ վարուեցաւ։ Կը քաջալերուինք գիտնալով, թէ ան այժմ կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Մօտ ատենէն, ան ամէն տառապանք պիտի վերացնէ։ Ան լաւագոյն կերպով կրնայ մարդկութեան օգնել, որ Սատանայի իշխանութեան յառաջ բերած վէրքերէն ապաքինի, քանի որ ինք իբրեւ մարդ ամէն տեսակ չարչարանքի տոկաց։ Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն է ունենալ Կառավարիչ մը, որ կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ» (Եբ. 2։17, 18. 4։15, 16)։ դ19.03 17 ¶12-13

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 2

Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ (Յովհ. 6։44)։

Մենք կրնանք դեր խաղալ ուրիշներուն օգնելու մէջ, որ Աստուծոյ մասին սորվին, բայց ամենակարեւոր դերը չենք խաղար (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Եհովան ի՛նք մարդիկը իրեն կը քաշէ։ Ի վերջոյ, անհատի մը սրտի վիճակը կ’որոշէ եթէ բարի լուրը պիտի ընդունի կամ ոչ (Մատ. 13։4-8)։ Յիշէ որ մարդոց մեծամասնութիւնը Յիսուսի պատգամը չընդունեց, հակառակ անոր որ մեծագոյն Ուսուցիչն էր։ Ուրեմն, պէտք չէ վհատինք, եթէ շատեր մեր պատգամը մտիկ չընեն։ Ծառայութեան մէջ կարեկից ըլլալով լաւ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգենք։ Քարոզչութենէն աւելի՛ հաճոյք պիտի առնենք։ Տալով աւելի ուրախութիւն պիտի գտնենք։ Եւ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անհատներուն պիտի դիւրացնենք բարի լուրը ընդունիլը (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Ուրեմն, «քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն» (Գաղ. 6։10)։ Այսպէս, մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ փառք բերելով շա՜տ ուրախ պիտի ըլլանք (Մատ. 5։16)։ դ19.03 25 ¶18-19

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 3

Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ (Սաղ. 22։22)։

Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը» (Սաղ. 145։3)։ Ան Եհովան կը սիրէր, ինչ որ զինք մղեց Եհովան գովելու ժողովքին մէջ (Ա. Մն. 29։10-13. Սաղ. 40։5)։ Ներկայիս, կերպերէն մէկը՝ որով Եհովան կը գովենք, ժողովներուն ընթացքին պատասխան տալն է։ Բոլորս կը սիրենք ժողովներուն մէջ տեսակաւոր պատասխաններ լսել։ Կ’ուրախանանք երբ երեխայ մը անկեղծօրէն եւ պարզ բառերով կ’արտայայտուի։ Կը քաջալերուինք երբ անհատ մը խանդավառօրէն կը խօսի ճշմարտութեան մը մասին, որ վերջերս սորվեցաւ։ Եւ կը հիանանք անոնց վրայ, որոնք «համարձակութիւն» կը հաւաքեն պատասխան տալու, հակառակ անոր որ ամչկոտ են կամ մեր լեզուն նոր կը սորվին (Ա. Թես. 2։2)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ անոնց ջանքերը կը գնահատենք։ Կրնանք ժողովէն ետք իրենց ըսել, որ շնորհակալ ենք իրենց քաջալերական պատասխաններուն համար։ Իսկ ուրիշ կերպ մը այն է, որ մենք ալ պատասխանենք։ Այսպէս, ժողովներուն մէջ ոչ միայն ուրիշները մեզ կը քաջալերեն, հապա մենք ալ զիրենք կը քաջալերենք (Հռով. 1։11, 12)։ դ19.01 8 ¶1-2. 9 ¶6

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 4

Շնորհակա՛լ եղէք (Կող. 3։15, ԱԾ)։

Տասը մարդիկ ահռելի պարագայ ունէին։ Անոնք բորոտ էին եւ յոյս չունէին որ պիտի առողջանային։ Բայց օր մը հեռուէն տեսան Յիսուսը՝ Մեծ Ուսուցիչը։ Լսած էին որ ան ամէն տեսակ հիւանդութիւն կը բուժէր։ Ուստի բարձրաձայն ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ Տասն ալ լիովին բժշկուեցան։ Անկասկած բոլորն ալ երախտապարտ էին Յիսուսի ազնուութեան համար։ Սակայն անոնցմէ մէկը ոչ միայն երախտապարտ զգաց, հապա իր գնահատանքը Յիսուսին յայտնեց։ Այս սամարացի մարդը մղուեցաւ «մեծ ձայնով» Աստուած փառաւորելու (Ղուկ. 17։12-19)։ Սամարացիին պէս, կ’ուզենք մեր գնահատանքը յայտնել անոնց, որոնք ազնիւ կը գտնուին։ Եհովան գնահատանք արտայայտելու մէջ մեզի օրինակ է։ Ան ինչպէ՞ս իր գնահատանքը կը յայտնէ։ Կերպերէն մէկը այն է, թէ զինք հաճեցնողները կ’օրհնէ (Բ. Թագ. 22։21. Սաղ. 13։6. Մատ. 10։40, 41)։ Եւ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլանք սիրելի զաւակներու պէս’ (Եփ. 5։1)։ Ուստի գնահատութիւն ցոյց տալու կարեւոր մէկ պատճառը այն է, որ կ’ուզենք Եհովային օրինակին հետեւիլ։ դ19.02 14 ¶1-2. 15 ¶4

Շաբաթ, սեպտեմբեր 5

Իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ (Յոբ 27։5)։

Պատանի քոյր մը դպրոցին մէջ յարգալից կերպով կը մերժէ մասնակցիլ տօնի մը, որ Աստուծոյ կողմէ ընդունելի չէ։ Ամչկոտ պատանի մը, երբ տունէ տուն կը քարոզէ, իր դասընկերներէն մէկուն դուռը կը զարնէ, որ նախապէս ծաղրած է Եհովայի վկաները։ Եղբայր մը, որ իր ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար ծանր կ’աշխատի, իրմէ կը պահանջուի որ անպարկեշտ կամ անօրէն բան մը ընէ։ Գիտնալով հանդերձ որ կրնայ իր գործը կորսնցնել, ան գործատիրոջ կը բացատրէ թէ պէտք է պարկեշտ ըլլայ եւ օրէնքին հնազանդի, քանի որ Աստուած իր ծառաներէն ասիկա կը պահանջէ (Հռով. 13։1-4. Եբ. 13։18)։ Այս երեք անհատներուն մէջ ի՞նչ յատկութիւն կը տեսնես։ Թերեւս մէկէ աւելի, ինչպէս՝ քաջութիւն եւ պարկեշտութիւն։ Բայց շատ ուշագրաւ յատկութիւն մը կայ, որ արժէքաւոր է. ուղղամտութիւնը։ Երեք անհատներն ալ Եհովային հաւատարիմ են։ Իւրաքանչիւրը կը մերժէ Աստուծոյ չափանիշները բեկանել։ Ուղղամտութի՛ւնը զիրենք կը մղէ որ այդ կերպով վարուին։ Եհովան վստահաբար իրենցմով հպարտ կը զգայ, քանի որ այդ յատկութիւնը կը ցուցաբերեն։ Մենք ալ կ’ուզենք որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզմով հպարտ զգայ։ դ19.02 2 ¶1-2

Կիրակի, սեպտեմբեր 6

Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է (Եբ. 10։1)։

Օրէնքը մասնաւորաբար պաշտպանեց անոնք, որոնք չէին կրնար ինքզինքնին պաշտպանել, ինչպէս՝ որբերը, այրիները եւ օտարականները։ Իսրայէլի դատաւորներուն ըսուեցաւ. «Օտարականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր ու որբեւայրիին հանդերձը գրաւ մի՛ առներ» (Բ. Օր. 24։17)։ Եհովան անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ համայնքին ամէնէն խոցելի անհատներուն հանդէպ։ Եւ անոնց հետ գէշ կերպով վարուողներէն հաշիւ պահանջեց (Ել. 22։22-24)։ Եհովան կ’ուզէ որ այն անհատները, որոնց պատասխանատու դիրքեր կու տայ, սիրալիրօրէն հետաքրքրուին անոնցմով, որոնք իրենց վերակացութեան տակ են։ Ան սեռային ոճիրները կ’ատէ եւ կ’ուզէ որ ամէն մարդ,– մանաւանդ խոցելի անհատները,– պաշտպանուի եւ անարդարութեան զոհ չերթայ (Ղեւ. 18։6-30)։ Երբ համոզուինք որ Եհովան մեզի հետ արդարօրէն կը վարուի, զինք աւելի կը սիրենք։ Եւ երբ զինք եւ իր արդար չափանիշները սիրենք, կը մղուինք ուրիշները սիրելու եւ անոնց հետ արդարօրէն վարուելու։ դ19.02 24-25 ¶22-26

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 7

Ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք (Տիտ. 2։12)։

Օրինակով մը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, որ Սատանային մտածելակերպէն չազդուինք։ Եհովան մեզի սորվեցուցած է, որ «պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան. . . անունը անգամ պէտք չէ յիշուի [մեր] մէջ» (Եփ. 5։3)։ Բայց ի՞նչ պիտի ընենք եթէ մեր գործընկերները կամ դասընկերները սկսին սեռային անբարոյ նիւթերու մասին խօսիլ։ Դէտը՝ մեր խիղճը, թերեւս մեզ զգուշացնէ այս վտանգէն (Հռով. 2։15)։ Արդեօք անոր մտիկ պիտի ընե՞նք։ Թերեւս փորձուինք մեր տարեկիցներուն մտիկ ընել կամ անոնց ցոյց տուած նկարները դիտել։ Բայց հիմա՛ է ժամանակը որ այլաբանօրէն քաղաքին դռները գոցենք, խօսակցութեան նիւթը փոխելով կամ վայրէն հեռանալով։ Քաջութիւն կը պահանջէ որ դէմ դնենք մեր տարեկիցներուն ճնշումին, որ սխալ բաներու մասին մտածենք կամ սխալ բաներ ընենք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը տեսնէ մեր թափած ջանքերը եւ մեզի պէտք եղած զօրութիւնն ու իմաստութիւնը պիտի տայ, որ սատանայական մտածումին դէմ դնենք (Բ. Մն. 16։9. Եսա. 40։29. Յակ. 1։5)։ դ19.01 17-18 ¶12-13

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 8

Ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն. . . նայեցայ եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն էին. . . ու ոեւէ օգուտ չկար (Ժող. 2։11)։

Սողոմոն, որ մեծահարուստ ու հեղինակաւոր էր, փորձ մը ըրաւ։ Ուզեց հաճոյքը փորձել եւ տեսնել թէ ի՛նչ բարիք պիտի վայելէ (Ժող. 2։1-10)։ Ան շքեղ տուներ, պարտէզներ ու մրգաստաններ շինեց եւ իր ամէն ուզածը ըրաւ։ Այս բոլորը ընելէ ետք ի՞նչ զգաց։ Գոհ եւ ուրա՞խ։ Պէտք չունինք մտածելու։ Սողոմոն ի՛նք ըսաւ այս օրուան համարին խօսքերը։ Ի՜նչ զօրաւոր դաս մը։ Զայն ականջի օղ պիտի ընե՞ս։ Ոմանք կեանքի դասեր կը սորվին միայն եթէ սխալներ ընեն եւ ատոնց հետեւանքները քաշեն։ Եհովան չ’ուզեր որ ասիկա քեզի պատահի։ Ան կ’ուզէ որ իրեն մտիկ ընես եւ հնազանդիս։ Ասիկա ընելու համար հաւատքի պէտք ունիս։ Բնա՛ւ պիտի չզղջաս հաւատքով առած որոշումներուդ համար։ Եւ Եհովան բնա՛ւ պիտի չմոռնայ ‘այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիր’ (Եբ. 6։10)։ Ուրեմն, շատ ջանք թափէ որ զօրաւոր հաւատք ունենաս։ Այսպիսով, կեանքիդ մէջ լաւ ընտրութիւններ պիտի ընես, եւ անձամբ պիտի տեսնես որ երկնաւոր Հայրդ լաւագոյնը կ’ուզէ քեզի համար (Սաղ. 32։8)։ դ18.12 22 ¶14-15

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 9

Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ (Հռով. 5։8, 9)։

Հոգեւոր անձը Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունի եւ Աստուծոյ աչքով կը նայի հարցերուն։ Ան թոյլ կու տայ որ Եհովան զինք առաջնորդէ, եւ վճռած է իրեն հնազանդիլ (Ա. Կոր. 2։12, 13)։ Դաւիթ լաւ օրինակ է ասոր մէջ։ Ան ըսաւ. «Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը» (Սաղ. 16։5)։ Այդ «բաժինը» կը պարփակէր՝ իր ունեցած մօտիկ փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, որուն կ’ապաւինէր (Սաղ. 16։1)։ Արդիւնքը ի՞նչ էր։ Ան գրեց. «Սիրտս ուրախ եղաւ»։ Չկար բան մը որ Դաւիթը աւելի կ’ուրախացնէր քան՝ Եհովային հետ իր մտերիմ բարեկամութիւնը (Սաղ. 16։9, 11)։ Անոնք որոնք կը կեդրոնանան դրամին ու հաճոյքին վրայ, չեն կրնար Դաւիթին ունեցած ուրախութիւնը ունենալ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Եթէ Եհովային հանդէպ հաւատք զարգացնես եւ իրեն ծառայես, իրապէս իմաստալից եւ գոհացուցիչ կեանք մը պիտի ունենաս։ Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ զօրացնել։ Պէտք է Եհովային հետ ժամանակ անցընես՝ իր Խօսքը կարդալով, իր ստեղծագործութիւնը դիտելով եւ իր յատկութիւններուն մասին մտածելով, մէջը ըլլալով՝ քեզի հանդէպ իր սէրը (Հռով. 1։20)։ դ18.12 25 ¶7-8

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 10

Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է (Եբ. 13։4)։

Պօղոս պարզապէս իրողութիւն մը չէր ըսեր, հապա՝ ուղղութիւն կու տար որ քրիստոնեաները պատուեն ամուսնութիւնը, այսինքն՝ զայն արժէքաւոր նկատեն։ Իսկ դուն արժէքաւոր կը նկատե՞ս ամուսնութիւնը, մանաւանդ ամուսնութի՛ւնդ եթէ ամուսնացած ես։ Եթէ ամուսնութիւնը պատուական կը նկատես, կը հետեւիս շատ լաւ օրինակի մը՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ պատուեց ամուսնութիւնը։ Երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին ամուսնալուծման մասին, մէջբերեց ի՛նչ որ Աստուած ըսած էր առաջին ամուսնութեան նկատմամբ. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Յիսուս աւելցուց. «Զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ» (Մար. 10։2-12. Ծն. 2։24)։ Այսպիսով, Յիսուս համաձայնեցաւ որ Աստուած էր ամուսնութիւնը Հիմնողը եւ թէ ատիկա պէտք է մնայուն ըլլայ։ Աստուած Ադամին ու Եւային չըսաւ որ կրնան ամուսնալուծուիլ։ Ընդհակառակը, ան չափանիշ դրաւ, որ «երկուքը» յաւիտեան միացած պիտի մնան։ դ18.12 10-11 ¶2-4

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 11

Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք (Հռով. 12։2)։

Երբ սկսանք ճշմարտութիւնը ճանչնալ, տեսանք որ կարեւոր է որ Եհովայի հիմնական պատուէրներուն հնազանդինք։ Բայց մինչ կը շարունակենք յառաջդիմել, աւելի կը սորվինք Եհովայի մտածումին մասին,– ի՛նչ կը սիրէ, ի՛նչ չի սիրեր եւ ի՛նչ աչքով կը նայի հարցերուն,– եւ ասիկա կ’ազդէ մեր ընտրութիւններուն եւ գործերուն։ Թէեւ հաճոյք կ’առնենք Եհովայի մտածումը սորվելէն, բայց ատեններ դիւրին չ’ըլլար որ իրեն պէս մտածենք, քանի որ անկատար ենք։ Օրինակ, թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ հասկնալ Եհովայի տեսակէտը որոշ բաներու նկատմամբ, ինչպէս՝ բարոյական մաքրութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, քարոզչութիւնը եւ արեան սխալ գործածութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Եհովայի մտածումները որդեգրել։ Հարկ է որ մեր միտքը նորոգենք. պէտք է Աստուծոյ Խօսքը սերտենք, իր մտածումները հասկնանք, ատոնց վրայ խոկանք եւ ջանք թափենք որ իր մտածումը ունենանք։ դ18.11 23-24 ¶2-4

Շաբաթ, սեպտեմբեր 12

Մինչեւ ե՞րբ. . . զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես (Ամբ. 1։2)։

Ամբակում ապրեցաւ շատ դժուար ժամանակի մը մէջ։ Ան շատ տխուր էր, քանի որ իր շուրջի մարդիկը չար եւ վայրագ էին։ Ան ո՛ւր որ նայէր՝ կը տեսնէր որ իսրայէլացիները իրարու հետ անգթութեամբ եւ անարդարութեամբ կը վարուէին։ Ան կը մտածէր. ‘Այս չարութիւնը ե՞րբ պիտի վերջանայ։ Եհովան ինչո՞ւ այսքան երկար կը սպասէ որ ատոր նկատմամբ բան մը ընէ’։ Ան յուսալքուած զգաց եւ Եհովային աղաչեց որ բան մը ընէ։ Թերեւս Ամբակում սկսած էր մտածել որ Եհովան այլեւս չէր հետաքրքրուած իր ժողովուրդով կամ գործի պիտի չլծուէր։ Օր մը օրանց այդպէս զգացա՞ծ ես։ Արդեօք Ամբակում կորսնցուցա՞ծ էր Եհովային եւ իր խոստումներուն հանդէպ իր վստահութիւնը։ Անշուշտ ո՛չ։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ան Եհովայէ՛ն խնդրեց եւ ոչ թէ մարդոցմէ, որ իրեն օգնէ իր խնդիրներուն եւ մտահոգութիւններուն մէջ, ինչ որ կը ցուցնէ թէ ան իր յոյսը չէր կտրած եւ տակաւին Եհովային կը վստահէր։ Յստակ է թէ ան իրար անցած էր, քանի որ չէր հասկնար թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ուշանար գործի անցնելու եւ թէ ինչո՛ւ կը ձգէր որ ա՛յսքան տառապի։ դ18.11 14 ¶4-5

Կիրակի, սեպտեմբեր 13

Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք (Մատ. 6։19)։

Պետրոս եւ Անդրէաս ձկնորս էին, բայց երբ Յիսուս զիրենք հրաւիրեց որ իր աշակերտները ըլլան, իրենց ձկնորսութեան գործը ձգեցին (Մատ. 4։18-20)։ Ասիկա չի նշանակեր որ երբ ճշմարտութիւնը ճանչնաս, պէտք է գործդ ձգես–երթաս։ Մէկը պէտք է աշխատի եւ իր ընտանիքին հոգ տանի (Ա. Տիմ. 5։8)։ Բայց յաճախ երբ մէկը ճշմարտութիւնը ճանչնայ, պէտք կ’ըլլայ որ նիւթական բաներու նկատմամբ իր կեցուածքը փոխէ, եւ ըմբռնէ թէ կեանքին մէջ իրապէս ի՛նչը կարեւոր է։ Մարիա անունով կին մը ասիկա ըրաւ։ Ան շատ կը սիրէր կոլֆ խաղալ, եւ իր կեանքին նպատակն էր՝ վարպետ խաղցող մը ըլլալ եւ լեցուն դրամ շահիլ։ Ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրել եւ իր սորվածները գործադրել։ Ան անդրադարձաւ որ իրեն համար դժուար պիտի ըլլար կեդրոնանալ թէ՛ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան վրայ եւ թէ նիւթական շահերու վրայ (Մատ. 6։24)։ Ուստի որոշեց վազ անցնիլ վարպետ խաղցող մը ըլլալու իր նպատակէն։ Ան այժմ ռահվիրայութիւն կ’ընէ, եւ կ’ըսէ որ «ամէնէն ուրախ եւ իմաստալից կեանքը ունի»։ դ18.11 5 ¶9-10

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 14

Ասիկա հիւսնը չէ՞ Մարիամին որդին (Մար. 6։3)։

Յիսուս երբ 30 տարեկան եղաւ, մէկ կողմ դրաւ իր ատաղձագործութեան գործիքները եւ սկսաւ ծառայել, քանի որ գիտէր թէ ասիկա ամէնէն կարեւոր գործն է։ Ան ըսաւ որ պատճառներէն մէկը, որ Աստուած զինք երկիր ղրկեց, այն է որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզէ (Մատ. 20։28. Ղուկ. 3։23. 4։44)։ Յիսուս ծառայութիւնը իր կեանքին առանցքը դարձուց եւ ուզեց որ ուրիշներն ալ նոյնը ընեն (Մատ. 9։35-38)։ Մեր մեծամասնութիւնը ատաղձագործ չէ, բայց բոլորս կը քարոզենք եւ բարի լուրը կը սորվեցնենք։ Այս գործը այնքան կարեւոր է որ Աստուած ալ պարփակուած է, եւ կը կոչուինք ‘Աստուծոյ գործակիցներ’ (Ա. Կոր. 3։9. Բ. Կոր. 6։4)։ Կը համաձայնինք որ ‘Աստուծոյ խօսքին սկիզբը ճշմարտութիւն է’ (Սաղ. 119։159, 160)։ Այս պատճառով, կ’ուզենք վստահ ըլլալ որ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ կը բացատրենք’ (Բ. Տիմ. 2։15)։ Շարունակ կը ջանանք աւելի ատակ ըլլալ Սուրբ Գիրքը գործածելուն մէջ, որ գլխաւոր գործիքն է, որով կը սորվեցնենք Եհովային, Յիսուսին եւ Թագաւորութեան մասին։ դ18.10 11 ¶1-2

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 15

Պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը (Գործք 20։35)։

Երբ ամուսինը կ’ընդօրինակէ իր գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսին սիրալիր օրինակը, կնոջ աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ զինք խորապէս յարգէ (Եփ. 5։22-25, 33)։ Եւ այս յարգանքը պիտի մղէ կինը որ իր ամուսինին հանդէպ նկատառու ըլլայ։ Երբ ծնողքը իրարու հանդէպ նկատառու ըլլան, լաւ օրինակ կը դառնան իրենց զաւակներուն։ Անշուշտ, անոնք պէտք է զաւակներուն սորվեցնեն ինչպէ՛ս նկատառու ըլլալ։ Օրինակ, կրնան անոնց սորվեցնել որ Թագաւորութեան սրահին մէջ չվազվզեն։ Կամ եթէ հաւաքոյթի մը ներկայ են, կրնան անոնց ըսել որ մեծերուն ճամբայ տան, որ իրենցմէ առաջ ուտելիք լեցնեն։ Նաեւ, պէտք է պզտիկը գովենք երբ փափկանկատութեամբ կը վարուի, ինչպէս՝ երբ դուռը կը բանայ մեզի համար։ Ասիկա կրնայ լաւ ազդեցութիւն ձգել պզտիկին վրայ եւ իրեն սորվեցնել, որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ դ18.09 29 ¶5-6

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 16

Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է (Մատ. 23։10, ՆԹ)։

Մեր Թագաւորին՝ Յիսուսի տուած ուղղութիւնները մեզի պիտի օգնեն ոչ միայն հիմա, հապա նաեւ ապագային։ Ուրեմն, ջանա՛ կեդրոնանալ այն օգուտներուն վրայ, որ քաղեցիր երբ համակերպեցար վերջերս եղած փոփոխութիւններուն։ Ընտանեկան պաշտամունքիդ ընթացքին կրնաս քննարկել, թէ ժողովներուն մէջ կամ ծառայութեան մէջ մտցուած փոփոխութիւնները ինչպէ՛ս օգնած են ընտանիքիդ։ Եթէ ըմբռնենք որ կազմակերպութեան տուած ցուցմունքներուն հետեւիլը օգուտներ ունի մեզի համար, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ ուրախութեամբ ատոնց հետեւինք։ Օրինակ, ուրախ ենք որ աւելի քիչ թիւով հրատարակութիւններ տպելը դրամ կը խնայէ, իսկ նոր արհեստագիտութիւններ գործածելը կազմակերպութեան թոյլ կու տայ, որ բարի լուրը աւելի մարդոց հասցնէ։ Կրնա՞նք անձնապէս աւելի գործածել ելեկտրոնային հրատարակութիւնները եւ վիտէօներն ու ձայնագրութիւնները։ Այսպիսով, թիկունք կանգնած կ’ըլլանք Քրիստոսին, որ կ’ուզէ որ իմաստութեամբ գործածենք կազմակերպութեան նիւթական միջոցները։ Երբ Քրիստոսին ուղղութեան սրտանց թիկունք կանգնինք, եղբայրներուն կ’օգնենք որ աւելի զօրաւոր հաւատք ունենան եւ աւելի միացած ըլլան։ դ18.10 25-26 ¶17-19

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 17

Ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ (Ա. Թես. 2։8)։

Երբ Եհովայի գթասրտութիւնը ընդօրինակենք, թերեւս վհատած անձին տանք այն մխիթարութիւնը, որուն համար կ’աղօթէ (Բ. Կոր. 1։3-6)։ Կատարելութիւն մի՛ ակնկալեր եղբայրներէն։ Հաւասարակշռուած եւ իրատես եղիր։ Եղբայրներէն կատարելութիւն ակնկալելը տրամաբանական չէ եւ քեզ յուսախաբ պիտի ընէ (Ժող. 7։21, 22)։ Յիշէ թէ Եհովան մեզմէ տրամաբանական բաներ կ’ակնկալէ։ Ասոր համար պէտք է իրարու համբերենք (Եփ. 4։2, 32)։ Փոխանակ անհատը զգացնելու որ ըրածը բաւարար չէ եւ զինք ուրիշներու հետ բաղդատելու, ջանա՛ զինք գովել իր ըրածներուն համար։ Անկեղծ գովասանքը կրնայ զինք քաջալերել եւ օգնել, որ ուրախութեան պատճառ գտնէ իր ծառայութեան մէջ (Գաղ. 6։4)։ դ18.09 16 ¶16-17

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 18

Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ (Յովհ. 4։34)։

Յիսուսին համար հոգեւոր սնունդը կը պարփակէր՝ Աստուծոյ կամքը ընել։ Ասիկա ի՞նչ առումով կերակուրի պէս է։ Սննդարար կերակուրը կը սնուցանէ մեր մարմինը եւ գոհունակութիւն կու տայ մեզի։ Աստուծոյ կամքը ընելն ալ մեզ լաւ կը զգացնէ եւ կը սնուցանէ մեր հաւատքը։ Իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք, երբ կ’ընե՛նք ինչ որ Եհովան մեզմէ կը խնդրէ (Սաղ. 107։43)։ Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել իմաստութիւն ունենալու համար։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ. «Քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ. . . Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան» (Առ. 3։13-18)։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհ. 13։17)։ Յիսուսին աշակերտները ուրախ պիտի մնային այնքա՛ն ատեն որ կը շարունակէին իր պատուիրածները ընել։ Յիսուսի սորվեցուցածներուն եւ օրինակին հետեւիլը իրենց ապրելակերպը դարձաւ։ դ18.09 4 ¶4-5

Շաբաթ, սեպտեմբեր 19

Աստուած իր պատկերովը ստեղծեց մարդը (Ծն. 1։27)։

Կարեւոր էր որ Ադամն ու Եւան ուրիշներուն շահը փնտռէին, հակառակ որ առանձին էին Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան իրենց դեր մը տուած էր, ըսելով որ երկիրը իրենց սերունդով լեցնեն եւ զայն դրախտի վերածեն (Ծն. 1։28)։ Ադամն ու Եւան պէտք էր ուզէին, որ իրենց ապագայ զաւակները ուրախ ըլլային, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կ’ուզէր որ ամէնքն ալ ուրախ ըլլային։ Անոնք միասին պիտի աշխատէին, որ ամբողջ երկիրը դրախտի վերածէին։ Ասիկա մեծ աշխատանք մը պիտի ըլլար։ Կատարեալ մարդիկը նաեւ պէտք պիտի ունենային որ Եհովային հետ համագործակցէին, որպէսզի երկիրը դրախտի վերածէին եւ իր կամքը կատարէին։ Այսպիսով, անոնք իր հանգիստը պիտի մտնէին (Եբ. 4։11)։ Երեւակայէ թէ այդ գործը որքա՜ն գոհացուցիչ եւ հաճելի պիտի ըլլար։ Անձնասէր չըլլալը եւ ուրիշներուն շահը փնտռելը՝ Եհովային օրհնութիւնները պիտի բերէր իրենց։ դ18.08 18 ¶2. 19-20 ¶8-9

Կիրակի, սեպտեմբեր 20

Անիկա զիս՝ քու ծառադ՝ իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ բամբասեց (Բ. Թագ. 19։27)։

Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ մէկը քու մասիդ սուտեր տարածէ։ Ասիկա պատահեցաւ թէ՛ Յիսուսին եւ թէ Յովհաննէս Մկրտիչին (Մատ. 11։18, 19)։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Իր ամբողջ ժամանակն ու կորովը չվատնեց ինքզինք պաշտպանելով, հապա՝ մարդիկը քաջալերեց որ իրողութիւններուն նային, թէ ինք ի՛նչ կ’ընէր եւ ի՛նչ կը սորվեցնէր։ Յիսուս ըսաւ. «Իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով» (Մատ. 11։19, ՆԱ)։ Արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք Յիսուսէն։ Ատեններ, թերեւս մարդիկ անարդար կամ քննադատական բաներ ըսեն մեր մասին։ Հաւանաբար ուզենք բան մը ընել, որ մեր անունին հասած վնասը վերցնենք։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Եթէ մէկը սուտ մը խօսի մեր մասին, կրնանք այնպէս մը ապրիլ, որ բոլորը տեսնեն թէ ըսուածը սուտ է։ Ինչպէս որ Յիսուսին օրինակէն կը սորվինք, մեր քրիստոնէական վարքը կրնայ ջնջել սխալ տեղեկութիւնները եւ սուտերը։ դ18.08 6 ¶11-13

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 21

Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս (Բ. Օր. 10։20)։

Կայէնը, Սողոմոնը եւ իսրայէլացիները առիթ ունէին, որ զղջային եւ դարձի գային (Գործք 3։19)։ Յստակ է թէ Եհովան շուտով իր յոյսը չի կտրեր անհատներէ, պարզապէս քանի որ սխալ քայլ մը առին։ Օրինակ՝ ան Ահարոնին ներեց։ Ներկայիս, Եհովան սիրալիր կերպով մեզի զգուշացումներ կու տայ, որպէսզի սխալ չընենք։ Ան կը գործածէ Սուրբ Գիրքը, մեր հրատարակութիւնները եւ նոյնիսկ մեր հաւատակիցները։ Երբ զգուշացումներուն ականջ տանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեզի պիտի ողորմի։ Եհովան նպատակով մը «շնորհք» կը ցուցնէ մեզի հանդէպ (Բ. Կոր. 6։1)։ Ան այսպիսով առիթ կու տայ որ «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք» (Տիտ. 2։11-14)։ Այնքան ատեն որ «այս աշխարհին մէջ» կ’ապրինք, միշտ պիտի ըլլան պարագաներ, որոնք Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը պիտի փորձեն։ Թող որ միշտ պատրաստ ըլլանք որ ամբողջովին Եհովային կողմը մնանք։ դ18.07 21 ¶20-21

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 22

Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են (Բ. Տիմ. 2։19)։

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր փափաքը զօրացնել Եհովայի՛ն հաճութիւնը ունենալու, եւ ոչ թէ՝ այս աշխարհին հաճութիւնը։ Պէտք է երկու կարեւոր կէտեր յիշենք։ Առաջին, Եհովան մի՛շտ կը հաճի իրեն հաւատարմօրէն ծառայողներուն (Եբ. 6։10. 11։6)։ Ան կը գնահատէ իր ամէն մէկ ծառան եւ կը սեպէ, որ եթէ իրեն հաւատարիմ եղողները անտեսէ, ասիկա իր կողմէ ‘անիրաւութիւն’ է։ Եւ «կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան» ու գիտէ զանոնք փորձութենէ ազատել (Սաղ. 1։6. Բ. Պետ. 2։9)։ Երկրորդ, Եհովան կրնայ մեր չակնկալած կերպով ցուցնէ իր հաճութիւնը։ Անոնք որոնք մարդոց երեւնալու համար լաւ բաներ կ’ընեն, Եհովայէն վարձք պիտի չստանան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ ուրիշներ պատուեն զիրենք, իրենց ամբո՛ղջ վարձքը առած կ’ըլլան (Մատ. 6։1-5)։ Անդին, Եհովան, որ «գաղտուկը կը տեսնէ», կը նայի անոնց որոնք իրենց ըրած լաւութիւններուն համար պատիւ չեն ստանար։ Ան կը նկատէ անոնց ըրածները, եւ ատոնց համեմատ կ’օրհնէ զանոնք։ դ18.07 9 ¶8, 10

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 23

Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր (Գործք 10։15)։

Պետրոս չհասկցաւ թէ ձայնը ի՛նչ կ’ուզէր ըսել։ Ճիշդ այդ պահուն, Կոռնելիոսին ղրկած մարդիկը հասան։ Սուրբ հոգին Պետրոսը մղեց որ անոնց հետ Կոռնելիոսին տունը երթայ։ Եթէ Պետրոս երեւոյթին համեմատ դատէր, բնա՛ւ պիտի չմտնէր Կոռնելիոսին տունը։ Հրեաները երբե՛ք չէին մտներ հրեայ չեղողներուն տունը։ Պետրոս ինչո՞ւ մտաւ։ Հակառակ որ նախապաշարուած էր, ան շատ ազդուեցաւ տեսիլքէն եւ սուրբ հոգիին տուած ուղղութենէն։ Կոռնելիոսին մտիկ ընելէ ետք, ան ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Այս նոր հասկացողութիւնը Պետրոսին համար հետաքրքրական էր, եւ բոլոր քրիստոնեաներուն պիտի ազդէր։ դ18.08 9 ¶3-4

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 24

Չարութիւնը ատեցէ՛ք (Ամս. 5։15)։

Մենք Աստուծոյ ատած բաներէն հեռու կը մնանք, բայց կան պարագաներ, որոնց նկատմամբ մասնայատուկ օրէնք մը չկայ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք որ ի՛նչը ընդունելի է Աստուծոյ աչքին։ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ մեր մարզուած խիղճը մեզի պիտի օգնէ իմաստուն որոշումներ առնելու։ Եհովան սիրալիրօրէն մեզի տուած է սկզբունքներ, որոնք կրնան մեր խիղճը առաջնորդել։ Ան կը բացատրէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (Եսա. 48։17, 18)։ Երբ կը տրամաբանենք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ եւ թոյլ կու տանք որ մեր սրտին դպչին, կը ճշդենք եւ կ’ուղղենք մեր խիղճը։ Ասիկա բնականաբար մեզի կ’օգնէ, որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Սկզբունքը հիմնական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեր մտածելակերպը կ’առաջնորդէ եւ կ’օգնէ որ որոշումներ առնենք։ Եհովային սկզբունքները գիտնալը մեզի կ’օգնէ հասկնալու իր մտածելակերպը եւ թէ ինչո՛ւ որոշ օրէնքներ կու տայ։ դ18.06 17 ¶5. 18 ¶8-10

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 25

Պէ՞տք է Կայսրին տուրք տալ թէ ոչ (Մատ. 22։17)։

Հերովդէսի կողմնակիցները այդ հարցումը ուղղելով յուսացին, որ եթէ Յիսուս ըսէ թէ պէտք չէ տուրքը վճարեն, կրնան զինք ամբաստանել որ Հռոմէական կայսրութեան թշնամի է։ Իսկ եթէ Յիսուս ըսէր որ պէ՛տք է վճարեն տուրքը, թերեւս իր հետեւորդները ձգէին զինք։ Յիսուս զգոյշ էր որ չէզոք մնար այս հարցին մէջ։ Ան գիտէր որ մաքսաւորները անարդարութիւն կ’ընէին, բայց ատոր վրայ չկեդրոնացաւ։ Փոխարէն, կեդրոնացաւ մարդոց խնդիրներուն իսկական լուծումին վրայ, որ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ան օրինակ ձգեց, որ քաղաքական հարցերու մէջ կողմ չբռնենք, նոյնիսկ եթէ թուի թէ մէկ կողմը ճիշդ եւ արդար է, իսկ միւս կողմը՝ սխալ եւ անարդար։ Քրիստոնեաները կը կեդրոնանան Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր արդարութեան վրայ։ Ուստի խիստ կարծիքներ չենք կազմեր որոշ անարդարութիւններու նկատմամբ, ոչ ալ ատոնց դէմ կը խօսինք (Մատ. 6։33)։ Բազմաթիւ Վկաներ յաջողած են մէկ կողմ դնել նախապէս իրենց ունեցած խիստ քաղաքական կարծիքները։ դ18.06 6 ¶9-11

Շաբաթ, սեպտեմբեր 26

Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսան (Ծն. 6։2)։

Թերեւս Սատանան ոչ միայն անբարոյութիւնը գործածեց, որպէսզի հրեշտակները ծուղակը ձգէ, այլեւ անոնց խոստացաւ որ մարդոց վրայ պիտի իշխեն։ Կրնայ ըլլալ որ իր նպատակն էր արգելք ըլլալ ‘կնոջ սերունդին’ գալուն (Ծն. 3։15)։ Բայց Եհովան թոյլ չտուաւ որ Սատանան յաջողի։ Ան Ջրհեղեղը բերելով ջուրը ձգեց անոր եւ դեւերուն ծրագիրները։ Ուստի, բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ անբարոյութեան եւ հպարտութեան վտանգը։ Այդ հրեշտակները շա՜տ երկար տարիներ անցուցած էին Աստուծոյ հետ։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ շատեր թոյլ տուին որ սխալ ցանկութիւններ արմատ կապեն իրենց սրտին մէջ։ Պէտք է միշտ յիշենք թէ նոյնիսկ հոգեւորապէս մաքուր միջավայրին մէջ, անմաքուր ցանկութիւնները կրնան արմատ կապել, առանց նկատի առնելու թէ քանի տարի է որ Եհովային կը ծառայենք (Ա. Կոր. 10։12)։ Ուստի, պէտք է շարունակ քննենք մեր սիրտը եւ մերժենք անբարոյ մտածումներն ու անպատշաճ հպարտութիւնը (Գաղ. 5։26. Կող. 3։5)։ դ18.05 25 ¶11-12

Կիրակի, սեպտեմբեր 27

Մեծ տրտմութիւն ունիմ, եւ սիրտիս մէջ՝ յարատեւ ցաւ (Հռով. 9։2, ԱԾ)։

Պօղոս վհատեցաւ, քանի որ հրեաները Թագաւորութեան պատգամը մերժեցին։ Բայց իր ձեռքերը չլուաց անոնցմէ։ Ան բացատրեց թէ այդ հրեաներուն հանդէպ ինչ կը զգար, ըսելով. «Սրտանց կը մաղթեմ եւ կ’աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները, որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել՝ թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ» (Հռով. 10։1, 2, ՆԹ)։ Պօղոս ըսաւ որ իր սրտագին մաղթանքը զինք կը մղէր որ հրեաներուն քարոզէր։ Ան սրտանց կը փափաքէր որ անոնք փրկուին (Հռով. 11։13, 14)։ Ան աղօթեց որ Աստուած իւրաքանչիւր հրեայի օգնէ, որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունի։ Պօղոս այդ հրեաներուն համար ըսաւ, որ «Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են»։ Ան դրական աչքով նայեցաւ մարդոց, եւ հաւանականութիւնը տեսաւ որ օր մը Եհովային ծառայեն։ Ան գիտէր որ այդ նախանձախնդիր հրեաները կրնան օր մը Քրիստոսի նախանձախնդիր աշակերտներ դառնալ, ճիշդ իրեն պէս։ դ18.05 13 ¶4. 15-16 ¶13-14

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 28

[Խօսեցէք] ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ (Եփ. 4։29)։

Ամէն մէկս պէտք է մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնայ պէտք եղած օգնութիւնը տալ ուրիշներուն։ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրեց. «Թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ խոտորի, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի» (Եբ. 12։12, 13)։ Բոլո՛րս, մէջը ըլլալով պզտիկները, կրնանք իրար զօրացնել եւ քաջալերել։ Պօղոս այս խրատը տուաւ. «Եթէ Քրիստոսով մխիթարութիւն մը կայ, եթէ սիրոյ սփոփանք մը, եթէ Հոգիի հաղորդութիւն մը, եթէ գթութիւն ու ողորմութիւն մը, իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, մէ՛կ մտածում։ Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։1-4)։ դ18.04 22 ¶10. 23 ¶12

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 29

Ազատ մարդոց պէս եղէք, բայց՝ իբրեւ Աստուծոյ ծառաներ (Ա. Պետ. 2։16, ՆԹ)։

Եհովան Յիսուսին միջոցաւ մեզ ազատած է մեղքին ու մահուան ստրկութենէն, որպէսզի մեր ամբողջ կեանքը գործածենք իրեն ծառայելու համար։ Մեր ազատութիւնը լաւագոյն կերպով կը գործածենք, երբ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք Եհովային լիովին ծառայելու։ Ասիկա պիտի օգնէ որ նորէն գերի չդառնանք աշխարհային նպատակակէտերուն եւ մեր ցանկութիւններուն (Գաղ. 5։16)։ Նկատի առ Նոյը եւ իր ընտանիքը։ Անոնք ապրեցան վայրագ ու անբարոյ աշխարհի մը մէջ, բայց իրենց շուրջիններուն ցանկութիւններով եւ ըրածներով չտարուեցան։ Փոխարէն, որոշեցին զբաղած մնալ Եհովայի տուած գործին մէջ։ Անոնք տապանը շինեցին, ուտելիք հաւաքեցին իրենց եւ անասուններուն համար եւ ուրիշները զգուշացուցին Ջրհեղեղէն։ «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծն. 6։22)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Նոյ եւ իր ընտանիքը այդ աշխարհի վերջէն վերապրեցան (Եբ. 11։7)։ դ18.04 10 ¶8. 11 ¶11-12

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 30

Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա (Ղուկ. 4։6)։

Սատանան եւ դեւերը սուտ կրօնքն ու առեւտրական աշխարհը կը գործածեն, որպէսզի ‘բոլոր աշխարհ մոլորեցնեն’ (Յայտ. 12։9)։ Սատանան սուտ կրօնքին միջոցաւ Եհովայի մասին սուտեր կը տարածէ, եւ նոյնիսկ ջանացած է Իր անունը մոռցնել տալ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց (Եր. 23։26, 27)։ Ասոր արդիւնքը եղած է, որ անկեղծ անհատներ կը պաշտեն դեւերը, կարծելով որ Աստուած կը պաշտեն (Ա. Կոր. 10։20. Բ. Կոր. 11։13-15)։ Սատանան նաեւ առեւտրական աշխարհը գործածելով սուտեր կը տարածէ, ինչպէս այն սուտը, թէ դրամը եւ ստացուածքները ուրախութիւն կու տան (Առ. 18։11)։ Անոնք որոնք այս սուտին կը հաւատան, իրենց կեանքը կ’անցընեն «մամոնային» ծառայելով, փոխանակ Աստուծոյ ծառայելու (Մատ. 6։24)։ Ի վերջոյ, նիւթական բաներու հանդէպ սէրը կրնայ խեղդել Աստուծոյ հանդէպ անոնց ունեցած սէրը (Մատ. 13։22. Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ դ18.05 23-24 ¶6-7

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել