Հոկտեմբեր
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 1
Լացողներուն հետ լացէ՛ք (Հռով. 12։15)։
Ճիշդ է որ չենք կրնար սրտերը կարդալ, բայց կրնանք ջանք թափել ուրիշներուն զգացումները եւ պէտքերը հասկնալու (Բ. Կոր. 11։29)։ Աշխարհի անձնասէր մարդոց հակառակը, կը ջանանք այս յորդորը գործադրել. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։4)։ Մասնաւորաբար երէցները պէտք է կարեկցութիւն ցոյց տան։ Անոնք գիտեն թէ իրենց հոգատարութեան վստահուած ոչխարներուն համար հաշիւ պիտի տան (Եբ. 13։17)։ Հաւատակիցներուն օգնելու համար, երէցները պէտք է հասկացող ըլլան։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան կարեկցութիւն դրսեւորել։ Կարեկից երէցը ժամանակ կ’անցընէ հաւատակիցներուն հետ։ Հարցումներ կը հարցնէ եւ յետոյ ուշադրութեամբ ու համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ։ Ասիկա յատկապէս կարեւոր է, երբ անգին ոչխարներէն մէկը կ’ուզէ իր սիրտը պարպել, բայց դժուարութիւն կը գտնէ ինքզինք արտայայտելու (Առ. 20։5)։ Կամաւ իր ժամանակէն տալով, երէցը իր եղբայրներուն հետ վստահութեան, բարեկամութեան եւ սիրոյ ամուր կապ կը հաստատէ (Գործք 20։37)։ դ19.03 17 ¶14-17
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 2
Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի (Առ. 25։11)։
Գնահատութիւնը կը նմանի համեղ ճաշի, որմէ աւելի հաճոյք կ’առնենք երբ ուրիշներուն հետ ուտենք։ Երբ գնահատուած զգանք, ուրախ կ’ըլլանք։ Իսկ երբ մեր գնահատութիւնը արտայայտենք, ուրիշները կ’ուրախացնենք։ Մեր գնահատած անհատը կը գիտնայ, թէ իրապէս կրցած է մեզի օգնել կամ տալ այն ինչ որ պէտք ունէինք։ Առ ի արդիւնք, մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ։ Մեր գնահատանքի արտայայտութիւնները արժէքաւոր են, ինչպէս որ կը նշէ այս օրուան համարը։ Երեւակայէ թէ ոսկիէ շինուած խնձոր մը, որ փորագրուած արծաթէ ամանի մէջ դրուած է, որքա՜ն գեղեցիկ տեսք կրնայ ունենալ եւ արժէքաւոր ըլլալ։ Ի՞նչ պիտի զգայիր, եթէ այդ տեսակ նուէր մը ստանայիր։ Իրականութեան մէջ, ուրիշներուն ըսած գնահատական խօսքերդ նոյնքան արժէքաւոր կրնան ըլլալ։ Եւ ոսկիէ շինուած խնձոր մը շատ երկար ժամանակ կը դիմանայ։ Նոյնպէս, այն անհատը, որուն գնահատանքի խօսքեր կ’ըսես, թերեւս մինչեւ իր կեանքին վերջը ըսածդ յիշէ եւ մեծապէս արժեւորէ։ դ19.02 15 ¶5-6
Շաբաթ, հոկտեմբեր 3
Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով (Ծն. 3։22)։
Երբ Ադամն ու Եւան բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն կերան, շատ յստակ կեցուածք ցոյց տուին. Եհովային ու իր չափանիշներուն չէին վստահեր։ Որոշեցին բարիի ու չարի վերաբերեալ չափանիշները իրենք դնել։ Բայց մտածէ թէ ինչ կորսնցուցին։ Անոնք կորսնցուցին Եհովայի հետ իրենց բարեկամութիւնը եւ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը։ Անոնք մեղքն ու մահը փոխանցեցին իրենց զաւակներուն (Հռով. 5։12)։ Ադամին ու Եւային վարուելակերպը համեմատէ եթովպիացի ներքինիին հակազդեցութեան հետ, երբ Փիլիպպոս իրեն քարոզեց։ Ներքինին այնքա՛ն արժեւորեց Եհովային եւ Յիսուսին ըրածը իրեն համար, որ անմիջապէս մկրտուեցաւ (Գործք 8։34-38)։ Երբ մեր անձը Աստուծոյ նուիրենք եւ, այդ ներքինիին պէս, մկրտուինք, յստակօրէն ցոյց կու տանք որ մեծապէս կ’արժեւորենք մեզի ի նպաստ Եհովային ու Յիսուսին ըրածը։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ Եհովային կը վստահինք եւ կ’ընդունինք որ միայն ինք իրաւունք ունի որոշելու թէ ի՛նչը բարի է ու ի՛նչը չար։ դ19.03 2 ¶1-2
Կիրակի, հոկտեմբեր 4
Իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ (Յոբ 27։5)։
Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս ուղղամտութիւն ցոյց կու տան։ Եհովան ամբողջ սրտով սիրելով եւ, առ ի արդիւնք, միշտ ընելով ինչ որ զինք կը հաճեցնէ։ «Ուղղամտութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը կը նշանակէ՝ լիակատար, ամբողջական, անթերի կամ անարատ։ Օրինակ, Եհովային մատուցուած անասնական զոհերը պէտք էր անարատ ըլլային (Ղեւ. 22։21, 22)։ Աստուծոյ ժողովուրդին չէր արտօնուած մատուցանել անասուն մը, որուն մէկ ոտքը, ականջը կամ աչքը պակաս էր, կամ ալ հիւանդ էր։ Եհովային համար կարեւոր էր որ անասունը ամբողջական, անթերի կամ անարատ ըլլար (Մաղ. 1։6-9)։ Կրնա՛նք հասկնալ թէ Եհովան ինչու անարատութիւն կը փնտռէ։ Օրինակ, երբ պիտի գնենք պտուղ, գիրք կամ գործիք, չենք ուզեր գնել պտուղ մը, որուն մէկ մասը զարնուած է, կամ գիրք մը, որ պատռուած էջեր ունի, կամ ալ գործիք մը, որ պակաս կտորներ ունի։ Կ’ուզենք մեր գնածը ըլլայ ամբողջական կամ անթերի։ Եհովան նոյն բանը կը զգայ, իրեն հանդէպ մեր սիրոյն ու հաւատարմութեան առնչութեամբ։ Մեր սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է լիակատար ըլլան։ դ19.02 3 ¶3
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 5
Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս (Սաղ. 119։97)։
Մեր սիրտը պահպանելու համար, պէտք չէ միայն զայն գոցենք գէշ ազդեցութիւններու առջեւ, հապա պէտք է նաեւ զայն բանանք լաւ ազդեցութիւններու առջեւ։ Վաղեմի պարսպապատ քաղաքին մէջ, դռնապանը քաղաքին դռները կը գոցէր, որպէսզի թշնամին ներս չխուժէր, բայց ուրիշ ատեններ ան դռները կը բանար, ուտելիք եւ ուրիշ պաշարներ մտցնելու համար։ Եթէ դռները բնա՛ւ չբացուէին, բնակիչները սովամահ կ’ըլլային։ Նոյնպէս, պէտք է մեր սիրտը բանանք, որ Աստուծոյ մտածումը միշտ մեզի ազդէ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ Եհովայի մտածելակերպը, ուստի ամէն անգամ որ զայն կարդանք, թոյլ կու տանք որ Եհովայի մտածումները ազդեն մեր մտածելակերպին, զգացումներուն եւ արարքներուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն մեծապէս օգտուիլ։ Աղօթքը շա՜տ կարեւոր է, որպէսզի կարենանք Եհովայի Խօսքին մէջ ‘սքանչելիքներ տեսնել’ (Սաղ. 119։18, ԱԾ)։ Նաեւ պէտք է մեր կարդացածին վրայ խոկանք։ Երբ աղօթենք, կարդանք եւ խոկանք, Աստուծոյ Խօսքը ‘մեր սրտին’ կը հասնի եւ կը սկսինք Եհովային մտածելակերպը սիրել (Առ. 4։20-22)։ դ19.01 18 ¶14-15
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 6
Ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք (Եբ. 13։15)։
Եհովան գիտէ թէ ամէն մէկս ունինք տարբեր կարողութիւններ ու պարագաներ, եւ խորապէս կ’արժեւորէ այն զոհերը որ կրնանք իրեն մատուցանել։ Մտածէ այն զոհերուն մասին, որոնք Եհովան իսրայէլացիներէն ընդունեց։ Կարգ մը իսրայէլացիներ կրնային ոչխար կամ այծ ընծայել։ Բայց աղքատ իսրայէլացին կրնար ընծայել «երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ»։ Իսկ եթէ իսրայէլացի մը չէր կրնար նոյնիսկ այդ երկու թռչունները ընծայել, Եհովան կ’ընդունէր քիչ մը «բարձրորակ ալիւր» (Ղեւ. 5։7, 11, ՆԱ)։ Հակառակ անոր որ ալիւրը աւելի աժան էր, Եհովան դեռ կ’արժեւորէր այդ զոհը, այնքան ատեն որ «բարձրորակ ալիւր» էր։ Մեր ազնիւ Աստուածը այսօր նոյն կերպով կը զգայ։ Երբ պատասխաններ տանք, ան չ’ակնկալեր որ Ապօղոսին չափ ճարտասան կամ Պօղոսին չափ համոզիչ ըլլանք (Գործք 18։24. 26։28)։ Ան պարզապէս կ’ուզէ որ ըստ մեր կարողութեան՝ լաւագոյն կերպով պատասխանենք։ Յիշէ՛ այն որբեւայրին, որ երկու լումայ ընծայեց։ Ան Եհովայի աչքին թանկագին էր, քանի որ ի՛ր լաւագոյնը տուաւ (Ղուկ. 21։1-4)։ դ19.01 8-9 ¶3-5
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 7
Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք (Մատ. 10։22)։
Քրիստոսին հետեւորդները ըլլալով, կ’ակնկալե՛նք որ ատուինք։ Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն իր աշակերտները խիստ կերպով պիտի հալածուէին (Մատ. 24։9. Յովհ. 15։20)։ Նաեւ, Եսայիի մարգարէութիւնը մեզ կը զգուշացնէ, որ մեր թշնամիները մեզ ատելէ աւելին պիտի ընեն. անոնք մեզի դէմ զանազան գործիքներ կամ զէնքեր պիտի գործածեն։ Ատոնք պարփակած են՝ խորամանկ խաբէութիւն, սուտեր եւ խիստ հալածանք (Մատ. 5։11)։ Եհովան արգելք պիտի չըլլայ, որ մեր թշնամիները այդ գործիքները գործածեն՝ մեզի դէմ պատերազմելու (Եփ. 6։12. Յայտ. 12։17)։ Բայց հարկ չկայ որ վախնանք։ Եհովան ըսաւ որ «ոեւէ գործիք» որ մեզի դէմ կը գործածուի, «ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17)։ Ճիշդ ինչպէս որ պատը մեզ կը պաշտպանէ կործանարար փոթորիկէ, նոյնպէս Եհովան մեզ կը պաշտպանէ ‘անօրէն մարդոց կատաղութենէն’ (Եսա. 25։4, 5)։ Մեր թշնամիները բնա՛ւ պիտի չկարենան մեզի մնայուն կերպով վնաս հասցնել (Եսա. 65։17)։ Անոնք ի վերջոյ «չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին» (Եսա. 41։11, 12)։ դ19.01 6-7 ¶13-16
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 8
Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ (Բ. Կոր. 3։17)։
Ո՛վ պատանի, Եհովան ազատութիւնը կը սիրէ եւ քեզ ալ այնպէս մը ստեղծեց, որ ազատութիւնը սիրես։ Բայց ան միեւնոյն ատեն կ’ուզէ, որ ազատութիւնդ իմաստութեամբ գործածես, որպէսզի պաշտպանուիս։ Թերեւս գիտես ուրիշներ, որոնք պոռնկագրութիւն կը դիտեն, սեռային անբարոյութիւն կը գործեն, շատ վտանգաւոր մարզանքներու կը մասնակցին, թմրեցուցիչ կը գործածեն կամ չափազանց կը խմեն։ Սկիզբը, այնպէս կը թուի թէ այս բաները հաճելի եւ հետաքրքրական են, բայց ետքը սուղի կը նային։ Հետեւանքը կրնայ ըլլալ հիւանդութիւն, մոլութիւն կամ նոյնիսկ մահ (Գաղ. 6։7, 8)։ Յստակ է թէ անոնց «ազատութիւնը» խաբուսիկ է (Տիտ. 3։3)։ Անդին, գիտե՞ս անհատներ որոնք հիւանդացան, քանի որ Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն հետեւեցան։ Յստակ է թէ Եհովային հնազանդիլը թէ՛ մեր առողջութեան լաւ է եւ թէ մեզ իսկապէս ազատ կ’ընէ (Սաղ. 19։7-11)։ Ասկէ զատ, երբ ազատութիւնդ իմաստութեամբ գործածես,– այսինքն՝ Աստուծոյ կատարեալ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հնազանդիս,– թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ ծնողքիդ կը ցուցնես որ արժանի ես աւելի ազատութիւն ստանալու (Հռով. 8։21)։ դ18.12 22-23 ¶16-17
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 9
Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան (Ծն. 2։24)։
Երբ Ադամ մեղք գործեց, շատ մը բաներ փոխուեցան։ Օրինակ՝ մարդիկ սկսան մեռնիլ, ինչ որ ամուսնութեան ազդեց։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ մահը ամուսնութեան վերջ կը դնէ, եւ թէ ողջ կողակիցը կրնայ վերամուսնանալ (Հռով. 7։1-3)։ Այն Օրէնքը, որ Աստուած իսրայէլ ազգին տուաւ, ամուսնութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ կը բովանդակէր։ Օրինակ՝ իսրայէլացի տղամարդ մը կրնար մէկէ աւելի կին առնել։ Այս սովորութիւնը կար նոյնիսկ Օրէնքը տրուելէն առաջ։ Բայց Օրէնքը կարգի դրաւ այս սովորութիւնը, արգիլելով կիներուն եւ զաւակներուն հետ գէշ վարուիլը։ Օրինակ՝ եթէ իսրայէլացի տղամարդ մը ստրկուհիի մը հետ ամուսնանար եւ ետքը երկրորդ կին մը առնէր, չէր կրնար իր առաջին կնոջ պէտքերը անտեսել, ինչպէս՝ ուտելիքը, հագուելիքը եւ ամուսնական պարտքը։ Աստուած պահանջեց որ ան շարունակէ իր կինը պաշտպանել եւ հոգալ (Ել. 21։9, 10)։ Մենք Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, բայց ատոր միջոցաւ կրնանք տեսնել, որ Եհովային աչքին ամուսնութիւնը շատ արժէքաւոր է։ Ասիկա անկասկած մեզի կ’օգնէ որ ամուսնութիւնը պատուենք։ դ18.12 10 ¶3. 11 ¶5-6
Շաբաթ, հոկտեմբեր 10
Եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք (Ամբ. 1։5)։
Իր հոգերը Եհովային պատմելէ ետք, թերեւս Ամբակում մտածեց որ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէր։ Ան զինք չյանդիմանեց անկեղծօրէն գանգատելուն համար։ Ան գիտէր որ Ամբակում յուսախաբ էր եւ կ’աղաչէր որ իրեն օգնէ։ Եհովան ըսաւ որ մօտ ատենէն ի՛նչ պիտի ընէր անհաւատարիմ հրեաներուն։ Թերեւս Ամբակում առաջին անձն էր, որուն Եհովան այս մէկը յայտնեց։ Ան Ամբակումին ցուցուց որ պատրաստ էր գործի անցնելու։ Ան Յուդայի վայրագ եւ չար մարդիկը պիտի պատժէր։ Ըսելով որ ասիկա «ձեր օրերուն մէջ» պիտի կատարուէր, Եհովան ցուցուց որ այդ դատաստանը անկասկած պիտի գործադրուէր, մինչ մարգարէն կամ ժամանակակից իսրայէլացիները ողջ էին։ Եհովային պատասխանը բնա՛ւ Ամբակումին ակնկալածին պէս չէր։ Ասիկա պիտի աւելցնէր ամբողջ Յուդային տառապանքը։ դ18.11 15 ¶7-8
Կիրակի, հոկտեմբեր 11
Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան (Ա. Տիմ. 2։4)։
Ի՞նչ աչքով կը նայիս բոլոր այն մարդոց, որոնք տակաւին ճշմարտութիւնը չեն գիտեր։ Ճիշդ է որ Պօղոս առաքեալ քարոզեց հրեաներուն, որոնք արդէն որոշ գիտութիւն ունէին Աստուծոյ մասին, բայց նաեւ քարոզեց չաստուածներ պաշտողներուն։ Պօղոսին առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, լիկայոնացիները զինք ու Բառնաբասը հերոսներու տեղ դրին, եւ զանոնք կոչեցին իրենց չաստուածներուն անուններով՝ Դիոս եւ Հերմէս։ Պօղոս եւ Բառնաբաս հպարտութեամբ ուռեցա՞ն։ Անոնք սեպեցի՞ն որ ասիկա առիթ մըն է, որ քիչ մը դադար առնեն այն հալածանքէն, որ կրեցին վերջին երկու քաղաքներուն մէջ։ Անոնք մտածեցի՞ն որ այս պատահածը կրնար դուռ բանալ, որ ա՛լ աւելի մարդիկ լսեն բարի լուրը։ Անշուշտ ո՛չ։ Անոնք շատ նեղացան եւ շուտով իրենց հանդերձները պատռելով պոռացին. «Ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող մարդիկ ենք» (Գործք 14։7-14)։ դ18.09 4-5 ¶8-9
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 12
Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն. . . եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք. . . արդարացաք (Ա. Կոր. 6։9, 11)։
Երբ ճշմարտութիւնը ընդունինք եւ սկսինք Սուրբ Գիրքին բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրիլ, պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր մտածելակերպը եւ վարքը փոխելու։ Պետրոս գրեց. «Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, հապա. . . սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ» (Ա. Պետ. 1։14, 15)։ Անցեալին, անբարոյ Կորնթոս քաղաքին մարդոց համար ճշմարտութինը ծախու առնել կը նշանակէր՝ իրենց ապրելակերպին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցնել։ Ներկայիս ալ շատեր այդպիսի փոփոխութիւններ կ’ընեն, որպէսզի ճշմարտութիւնը ծախու առնեն։ Պետրոս այս բանը նկարագրեց, երբ գրեց. «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք» (Ա. Պետ. 4։3)։ դ18.11 6 ¶13
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 13
Որոնք որ յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած էին, հաւատացին (Գործք 13։48, ՆԱ)։
Ինչպէ՞ս կրնանք գտնել «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անհատները։ Ինչպէս որ էր պարագան առաջին դարուն, քարոզելը միակ ձեւն է որ զանոնք գտնենք։ Ուրեմն պէտք է Յիսուսին ըսածը ընենք. փնտռենք թէ ո՛վ է արժանաւորը (Մատ. 10։11)։ Անշուշտ, եթէ մարդիկ անկեղծ չեն, հպարտ են կամ հոգեւոր բաներով չեն հետաքրքրուած, չենք ակնկալեր որ բարի լուրին ընդառաջեն։ Մենք կը փնտռենք անկեղծ եւ խոնարհ անհատները, որոնք ճշմարտութեան ծարաւ ունին։ Այս փնտռտուքը կը նմանի Յիսուսի ըրածին երբ ատաղձագործ էր։ Նախ պէտք էր յարմար փայտը փնտռէր՝ կահկարասի, դուռ, լուծ կամ ուրիշ բաներ շինելու համար։ Ետքը, իր գործիքներու տուփը կը բերէր եւ իր ձիրքերը գործածելով կը շինէր առարկան։ Ներկայիս, մենք ալ նախ պէտք է անկեղծ անհատները փնտռենք, եւ ետքը մեր գործիքներն ու ձիրքերը գործածելով օգնենք անոնց, որ Յիսուսին աշակերտը դառնան (Մատ. 28։19, 20)։ դ18.10 12 ¶3-4
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 14
Փիլիպպոս Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց (Գործք 8։5)։
Աւետարանիչ Փիլիպպոսը ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնաց, հակառակ որ իր պարագաները փոխուեցան։ Ատեն մը, ան նոր նշանակում մը կը կատարէր Երուսաղէմի մէջ (Գործք 6։1-6)։ Ետքը, ամէն բան փոխուեցաւ։ Ստեփանոսին սպաննուելէն ետք, քրիստոնեաներուն դէմ ծանր հալածանք սկսաւ։ Երբ քրիստոնեաները Երուսաղէմէն փախան, Փիլիպպոս չուզեց ձեռքերը ծալած նստիլ։ Ան գնաց քարոզելու Սամարիա քաղաքին մէջ, ուր մարդիկ բարի լուրը լսելու պէտք ունէին (Մատ. 10։5. Գործք 8։1)։ Փիլիպպոս պատրաստ էր երթալու ո՛ւր որ Աստուծոյ սուրբ հոգին ուղղէր զինք։ Այսպիսով, Եհովան զինք գործածեց որ նոր թաղամասեր բանայ։ Ան նախապաշարուած չէր եւ իր այս կեցուածքը թարմացուցիչ էր սամարացիներուն համար, որոնք վարժուած էին որ հրեաները ցած աչքով նային իրենց։ Զարմանալի չէ որ ժողովուրդը «միաբան» մտիկ ըրաւ իրեն (Գործք 8։6-9ա)։ Փիլիպպոս կեդրոնացած մնաց իր ծառայութեան վրայ, եւ Եհովան շարունակեց օրհնել զինք եւ իր ընտանիքը (Գործք 21։8, 9)։ դ18.10 30 ¶14-16
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 15
Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով (Եբ. 10։24)։
Անգամ մը, երբ Յիսուս Դեկապոլիսի մէջ էր, մարդիկ ‘խուլ ու դժուարախօս մէկը բերին անոր առջեւ’ (Մար. 7։31-35)։ Յիսուս զինք բժշկեց, բայց ո՛չ ամէնուն առջեւ։ Ինչո՞ւ։ Մարդը իր անկարողութիւններուն պատճառով թերեւս հանգիստ չէր զգար մեծ թիւով մարդոց մէջ։ Յիսուս անոր զգացումները հասկցաւ եւ ‘զանիկա մէկդի առնելով’ բժշկեց։ Մենք հրաշքներ չենք կրնար ընել, բայց կրնա՛նք մտածել մեր եղբայրներուն պէտքերուն եւ զգացումներուն մասին եւ անոնց հետ ազնուութեամբ վարուիլ։ Յիսուս խուլին զգացումները հասկնալով ազնիւ գտնուեցաւ։ Նմանապէս, պէտք է նկատառու ըլլանք տարեցներուն եւ անկարողներուն հանդէպ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ճանչցուած են իրենց սիրով եւ ոչ թէ իրենց իրագործումներով (Յովհ. 13։34, 35)։ Այս սէրը մեզ կը մղէ որ զոհողութիւններ ընենք՝ տարեցներուն եւ անկարողներուն օգնելու, որ ժողովներուն ներկայ ըլլան եւ ծառայութեան ելլեն, նոյնիսկ եթէ շատ սահմանափակ է ինչ որ կրնան ընել (Մատ. 13։23)։ դ18.09 29-30 ¶7-8
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 16
Մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ (Հռով. 15։2)։
Եհովայի ամէն մէկ ոչխարը շատ արժէքաւոր է թէ՛ իրեն եւ թէ Յիսուսին համար (Գաղ. 2։20)։ Մենք շատ կը սիրենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, եւ կ’ուզենք անոնց հետ մեղմութեամբ եւ սիրալիրօրէն վարուիլ։ Ուրեմն, «իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք» (Հռով. 14։19)։ Բոլորս անհամբեր կը սպասենք գալիք Դրախտին, ուր ո՛չ մէկ պատճառ պիտի ըլլայ որ մէկը վհատի։ Այլեւս հիւանդութիւն, պատերազմ, ժառանգուած մահ, հալածանք, ընտանեկան խնդիրներ եւ յուսախաբութիւններ պիտի չըլլան։ Հազար տարուան վերջաւորութեան, մարդկութիւնը կատարելութեան հասած պիտի ըլլայ։ Անոնք որոնք վերջին փորձութեան ատեն հաւատարիմ պիտի մնան, պիտի որդեգրուին որպէս Եհովա Աստուծոյ երկրային որդիները եւ պիտի ունենան «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» (Հռով. 8։21)։ Թող որ բոլորս շարունակենք շինութիւն ընող սէրը ցուցաբերել եւ իրարու օգնել, որ մտնենք Աստուծոյ հիանալի նոր աշխարհը։ դ18.09 14 ¶10. 16 ¶18
Շաբաթ, հոկտեմբեր 17
Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս (Սաղ. 119։97)։
Աստուծոյ Խօսքը սերտելը հարեւանցի կարդալ չէ, ոչ ալ ուսումնասիրութեան հարցումներու պատասխաններուն տակ գիծ քաշել է։ Երբ կը սերտենք, կը մտածենք թէ մեր կարդացածը ինչպէ՛ս կը յայտնէ, թէ Եհովան ո՛վ է, ի՛նչ կ’ընէ եւ ինչպէ՛ս կը մտածէ։ Կը ջանանք հասկնալ, թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ըսէ որ որոշ բան մը ընենք կամ որոշ բան մը չընենք։ Նաեւ կը մտածենք թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք մեր կեանքին եւ մտածելակերպին մէջ։ Անշուշտ, չենք կրնար բոլո՛ր այս բաներուն վրայ խոկալ ամէն անգամ որ պիտի սերտենք։ Բայց կ’օգտուինք երբ ժամանակ կը տրամադրենք,– թերեւս իւրաքանչիւր սերտելու նիստին կէս ժամանակը,– որպէսզի մեր կարդացածին վրայ խոկանք (Ա. Տիմ. 4։15)։ Երբ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկանք, մենք մեզ կը համոզենք որ Եհովայի մտածումը կատարեալ է։ Կը սկսինք ի՛ր աչքով նայիլ հարցերուն եւ կը համաձայնինք իր տեսակէտին։ Այսպիսով, մեր միտքը կը նորոգուի եւ կը սկսինք նոր կերպով մտածել (Հռով. 12։2)։ Եւ աստիճանաբար Եհովայի մտածումները մեր մտածումները կ’ընենք։ դ18.11 24 ¶5-6
Կիրակի, հոկտեմբեր 18
Մենք Աստուծոյ գործակից ենք (Ա. Կոր. 3։9)։
Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ ինք եւ ուրիշ քրիստոնեաներ՝ «Աստուծոյ գործակից» էին, քանի որ կը քարոզէին եւ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէին մարդոց (Ա. Կոր. 3։6)։ Ներկայիս, մենք ալ կրնանք «Աստուծոյ գործակից»ները ըլլալ՝ մեր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական բաները առատաձեռնօրէն տրամադրելով քարոզչութեան գործին։ Ասիկա մե՜ծ առանձնաշնորհում մըն է։ Շատ ուրախութիւն կը ստանանք երբ մեր ժամանակն ու կորովը առատաձեռնօրէն կը տրամադրենք քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին։ Այս կարծիքը ունին բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք առանձնաշնորհումը ունեցած են Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու։ Շատ կ’ուրախանանք երբ կը տեսնենք որ մեր աշակերտները կը հրճուին, երբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը գիտնան, իրենց հաւատքը կը զօրանայ, փոփոխութիւններ կ’ընեն եւ կը սկսին ճշմարտութեան մասին խօսիլ ուրիշներուն։ Յիսուս ալ շատ ուրախացաւ, երբ իր ղրկած քարոզիչները «դարձան ուրախութեամբ», քանի որ աղուոր փորձառութիւններ ունեցած էին (Ղուկ. 10։17-21)։ դ18.08 20 ¶11-12
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 19
Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է (Առ. 28։26)։
Մեր իմաստութեան չափէ դուրս վստահիլը կրնայ թակարդ դառնալ։ Թերեւս սկսինք հաւատալ որ մէկ նայուածքով կրնանք պարագան հասկնալ, նոյնիսկ եթէ բոլոր իրողութիւնները չենք գիտեր։ Նաեւ, եթէ անհամաձայնութիւններ ունինք եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ, դժուար կ’ըլլայ որ հարցերը ճիշդ կերպով քննենք ու ճիշդ եզրակացութեան հասնինք։ Երբ միշտ կեդրոնանանք անհամաձայնութիւններուն վրայ, թերեւս սկսինք կասկած ունենալ անոր շարժառիթներուն վրայ։ Ետքը, եթէ ժխտական բան մը լսենք անոր մասին, շուտով պիտի ուզենք հաւատալ, հակառակ որ փաստ չկայ։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ թոյլ տանք որ ժխտական զգացումներ ունենանք մեր եղբայրներուն հանդէպ, ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ սխալ եզրակացութիւններու հասնինք, որոնք իրողութիւններու վրայ հիմնուած չեն (Ա. Տիմ. 6։4, 5)։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ գէշ զգացումները, ինչպէս՝ նախանձը, արմատ կապեն մեր սրտին մէջ։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ Եհովան կ’ուզէ, որ մեր եղբայրները սիրենք եւ անոնց սրտանց ներենք (Եփ. 4։2, 32)։ դ18.08 6 ¶15. 7 ¶18
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 20
Երկինքը, նաեւ երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը քու Տէր Աստուծոյդ կը վերաբերին (Բ. Օր. 10։14)։
Որովհետեւ Եհովա՛ն մարդը ստեղծեց, բոլոր մարդիկը իրեն կը պատկանին (Սաղ. 100։3. Յայտ. 4։10բ)։ Բայց մարդկային պատմութեան ընթացքին, Եհովան որոշ մարդիկ ընտրած է, որ յատուկ կերպով իրեն պատկանին։ Օրինակ, Սաղմոս 135–ը Իսրայէլի մէջ գտնուող Եհովայի հաւատարիմ ծառաները նկարագրեց որպէս իր «սեփական ժողովուրդ»ը (Սաղ. 135։4)։ Նաեւ Ովսէէ մարգարէացաւ որ կարգ մը ոչ–իսրայէլացիներ պիտի դառնային Եհովային ժողովուրդը (Ով. 2։23)։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, երբ Եհովան սկսաւ իսրայէլացի չեղողներ ընտրել, որպէսզի Քրիստոսին հետ իշխեն (Գործք 10։45. Հռով. 9։23-26)։ Այս «սուրբ ազգ»ը յատուկ կերպով մը Եհովային «սեփական ժողովուրդ»ն է, քանի որ ատոր անդամները սուրբ հոգիով օծուած են եւ երկինքին մէջ պիտի ապրին (Ա. Պետ. 2։9, 10)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել բոլոր այն հաւատարիմ քրիստոնեաներուն մասին, որոնք երկրային յոյս ունին։ Եհովան զանոնք ալ կը կոչէ՝ իր «ժողովուրդ»ը եւ իր «ընտրածներ»ը (Եսա. 65։22)։ դ18.07 22 ¶1-2
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 21
Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. . . ան իր անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով (Փլպ. 2։5, 7)։
Ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’ընդօրինակեն Յիսուսը, որ կատարեալ կերպով ցուցուց թէ մարդ արարածը ինչպէ՛ս կրնայ առատաձեռն ըլլալ (Մատ. 20։28)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Կրնա՞մ ա՛լ աւելի ընդօրինակել Յիսուսը’ (Ա. Պետ. 2։21)։ Եհովային հաճութիւնը կը վայելենք, երբ կը հետեւինք իր եւ Յիսուսին կատարեալ օրինակին, երբ ուրիշներով կը հետաքրքրուինք եւ երբ կերպեր կը գտնենք ուրիշներուն օգնելու։ Յիսուս ցուցուց թէ ասիկա որքա՛ն կարեւոր է, երբ բարի սամարացիին առակը պատմեց (Ղուկ. 10։29-37)։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ պէտք է ուրիշներուն օգնեն, չնայած թէ ո՛վ են կամ ուրկէ՛ են։ Կը յիշե՞ս թէ ինչո՛ւ պատմեց այդ առակը։ Քանի որ հրեայ մը իրեն հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Յիսուսին պատասխանը կը ցուցնէ, թէ եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ, պէտք է սամարացիին պէս առատաձեռն ըլլանք։ դ18.08 19 ¶5-6
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 22
Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է» (Ղուկ. 1։28)։
Եհովան շարունակե՞ց պատուել Մարիամը, քանի որ հաւատարմօրէն հոգ տարաւ եւ մեծցուց իր Որդին։ Ա՛յո։ Ան Մարիամին խօսքերը եւ գործերը գրել տուաւ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Մարիամ յարմարութիւն չունէր Յիսուսին հետ ճամբորդելու, անոր երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին։ Թերեւս ան պէտք էր Նազարէթ մնար, քանի որ որբեւայրի էր։ Թէեւ իր վրայէն գացին շատ մը գեղեցիկ առանձնաշնորհումներ, բայց Յիսուսին քովն էր երբ ան մահացաւ (Յովհ. 19։26)։ Յետագային, Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուելէն առաջ, Մարիամ Յիսուսի աշակերտներուն հետ էր Երուսաղէմին մէջ (Գործք 1։13, 14)։ Շատ հաւանաբար ան միւս աշակերտներուն հետ օծուեցաւ։ Ասիկա կը նշանակէ որ յաւիտեան երկինքին մէջ Յիսուսին հետ ըլլալու առիթը ունեցաւ։ Ան ի՜նչ գեղեցիկ կերպով վարձատրուեցաւ իր հաւատարիմ ծառայութեան համար։ դ18.07 9 ¶11. 10 ¶14
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 23
Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք (Ա. Կոր. 10։31)։
Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին սկզբունքներ գործածեց, որպէսզի իր աշակերտներուն սորվեցնէ, թէ մէկու մը կեցուածքը եւ արարքները ունին հետեւանքներ։ Օրինակ, ան սորվեցուց որ բարկութիւնը կրնայ բռնութեան առաջնորդել, եւ անբարոյ մտածումները՝ շնութեան (Մատ. 5։21, 22, 27, 28)։ Որպէսզի մեր խիղճը մարզուի, պէտք է թոյլ տանք որ Եհովային սկզբունքները մեզ առաջնորդեն, եւ այսպիսով փառք կը բերենք իրեն։ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ մարզուած խիղճ ունեցող երկու քրիստոնեաներ կրնան իրարմէ տարբեր եզրակացութիւններու հասնիլ որոշ հարցերու մէջ։ Նկատի առ ալքոլ խմելու հարցը։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ ալքոլ խմելը սխալ է, բայց մեզի զգուշացում կու տայ որ չափէ դուրս չխմենք կամ չգինովնանք (Առ. 20։1. Ա. Տիմ. 3։8)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ այնքան ատեն որ մէկը չափաւոր կերպով կը խմէ, պէտք չունի ուրիշ բաներ ալ նկատի առնելու, երբ խմելու որոշումը կ’առնէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյնիսկ եթէ իր խիղճը կը ներէ ալքոլ խմել, պէտք է ուրիշներուն խիղճն ալ նկատի առնէ։ դ18.06 18 ¶10-11
Շաբաթ, հոկտեմբեր 24
Զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն (Մար. 8։15)։
Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուց փարիսեցիներուն, սադուկեցիներուն եւ Հերովդէսի կողմնակիցներուն «խմորէն», կամ՝ սորվեցուցածներէն (Մատ. 16։6, 12)։ Հետաքրքրական է որ երբ այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ, շատ չէր անցած այն դէպքին վրայ, երբ ժողովուրդը ուզեց Յիսուսը թագաւոր ընել։ Երբ կրօնքը խառնուի քաղաքականութեան, դիւրաւ բռնութիւն կ’ըլլայ։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց չէզոք մնալ։ Ասիկա այն պատճառներէն է որ քահանայապետները եւ փարիսեցիները ուզեցին Յիսուսը մեռցնել։ Անոնք կը վախնային որ ժողովուրդը Յիսուսին մտիկ ընելով այլեւս իրենց չհետեւէին, եւ այսպիսով կորսնցնէին իրենց կրօնական եւ քաղաքական դիրքը։ Անոնք ըսին. «Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը» (Յովհ. 11։48)։ Հետեւաբար, Կայիափա քահանայապետը Յիսուսը սպաննելու ծրագիր մը դրաւ (Յովհ. 11։49-53. 18։14)։ դ18.06 6 ¶12-13
Կիրակի, հոկտեմբեր 25
Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ (Հռով. 12։9)։
Սատանան գերբնական ուժերուն հանդէպ անհատին հետաքրքրութիւնը որպէս ծուղակ կը գործածէ։ Ներկայիս, ան կը ջանայ սուտ կրօնքը եւ ժամանցը գործածելով մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնել դեւերուն հանդէպ։ Ֆիլմերը, ելեկտրոնային խաղերը եւ ուրիշ ժամանցներ հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնեն ոգեհարցութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս ծուղակին մէջ չիյնալ։ Չենք կրնար ակնկալել, որ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեզի ցանկ մը տայ, ըսելով որ ի՛նչ են լաւ եւ գէշ ժամանցները։ Ամէն մէկս պէտք է իր խիղճը մարզէ, որպէսզի Եհովային սկզբունքներուն համաձայն որոշումներ առնէ (Եբ. 5։14)։ Եւ եթէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը «առանց կեղծաւորութեան» է, իմաստուն որոշումներ պիտի առնենք։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Կը հետեւի՞մ այն սկզբունքներուն, որ ուրիշներուն կ’ըսեմ որ հետեւին։ Աստուածաշունչի աշակերտներս կամ անոնք՝ որոնց կը վերայցելեմ, ի՞նչ պիտի մտածեն, եթէ տեսնեն թէ ի՛նչ ժամանց կ’ընտրեմ’։ Որքան աւելի մեր խօսքերն ու գործերը իրարու համաձայն ըլլան, այնքան աւելի քիչ հաւանականութիւն կ’ըլլայ, որ Սատանային ծուղակներուն մէջ իյնանք (Ա. Յովհ. 3։18)։ դ18.05 25 ¶13
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 26
Սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ (Հռով. 10։1)։
Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին նմանիլ։ Առաջին, պէտք է իրապէս ուզենք գտնել այն անհատները, որոնք յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած են։ Երկրորդ, Եհովային կ’աղօթենք որ անկեղծ անհատներուն սիրտը բանայ (Գործք 13։48. 16։14)։ Սիլվանա անունով գրեթէ 30 տարիէ ի վեր ռահվիրայ եղող քոյր մը կ’ըսէ. «Թաղամասիս մէջ դուռ մը զարնելէ առաջ, Եհովային կ’աղօթեմ որ ինծի օգնէ դրական ըլլալու»։ Նաեւ Եհովային կ’աղօթենք որ հրեշտակները մեզ ուղղեն այն անհատներուն, որոնք պատրաստ են մտիկ ընելու (Մատ. 10։11-13. Յայտ. 14։6)։ Ռապըրթ անունով եղբայր մը, որ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր ռահվիրայ է, կ’ըսէ. «Հետաքրքրական է աշխատիլ հրեշտակներուն հետ, որոնք գիտեն թէ տանտէրերը ի՛նչ վիճակի մէջ են»։ Երրորդ, կը ջանանք դրական աչքով նայիլ մարդոց եւ հաւանականութիւնը տեսնել, որ օր մը Եհովային ծառայեն։ Քարլ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Անհատին վրայ կը փնտռեմ որեւէ պզտիկ նշան, որ կը ցուցնէ թէ անկեղծ է, ինչպէս՝ ժպիտ մը, ազնիւ նայուածք մը կամ լուրջ հարցում մը»։ Եթէ այս բաները ընենք, կրնանք Պօղոսին պէս համբերութիւնով պտուղ տալ։ դ18.05 15 ¶13. 16 ¶15
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 27
Իրարու հոգ տանինք. . . եւ մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք (Եբ. 10։24, 25)։
Կ’ուրախանանք երբ կը լսենք որ այն անհատները, որոնց օգնած ենք անցեալին, Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն» (Գ. Յովհ. 4)։ Բազմաթիւ ռահվիրաներու համար շատ քաջալերական է գիտնալ, որ այն անհատը՝ որուն տարինե՜ր առաջ օգնած են ճշմարտութիւնը սորվելու, տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայէ, եւ թերեւս նոյնիսկ ռահվիրայ է։ Ուրեմն, երբ ռահվիրաները յուսահատ զգան, կրնանք անոնց յիշեցնել բոլոր այն լաւ բաները, որ ըրած են ուրիշներուն օգնելու համար։ Շատ մը շրջանային տեսուչներ եւ անոնց կիները ըսած են, որ շատ քաջալերուեցան երբ որոշ ժողովքի մը այցելելէ ետք ստացան շնորհակալութեան քարտ մը։ Երէցները, միսիոնարները, ռահվիրաները եւ Բեթէլի ընտանիքի անդամներն ալ կը քաջալերուին, երբ գնահատանքի խօսք մը ըսենք իրենց։ դ18.04 23 ¶14-15
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 28
[Թագաւորը] իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի (Բ. Օր. 17։17)։
Սողոմոն այդ օրէնքին չհնազանդեցաւ, եւ իր կեանքին ընթացքին ունեցաւ 700 կին եւ 300 հարճ (Գ. Թագ. 11։3)։ Իր կիներէն շատեր իսրայէլացի չէին եւ չաստուածներ կը պաշտէին։ Այսպիսով, Սողոմոն նաեւ անհնազանդ գտնուեցաւ Եհովային այն օրէնքին, որ օտար կիներ չառնէ (Բ. Օր. 7։3, 4)։ Սողոմոն կամաց–կամաց կորսնցուց Եհովային օրէնքներուն հանդէպ իր սէրը եւ սկսաւ մեծ սխալներ ընել։ Ան Աստարովթ չաստուածուհիին եւ Քամովս չաստուածին զոհասեղաններ շինեց եւ սկսաւ զանոնք պաշտել իր կիներուն հետ։ Սողոմոն այդ զոհասեղանները շինեց Երուսաղէմին ճիշդ առջեւը եղող լերան վրայ, մինչ Երուսաղէմին մէջ շինած էր Եհովային տաճարը (Գ. Թագ. 11։5-8. Դ. Թագ. 23։13)։ Թերեւս ինքզինք խաբեց, մտածելով որ Եհովան իր անհնազանդութեան աչք պիտի գոցէր այնքան ատեն որ կը շարունակէր տաճարին մէջ զոհեր ընծայել։ Բայց Եհովան բնա՛ւ աչք չի գոցեր մեղքերուն։ դ18.07 18-19 ¶7-9
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 29
Հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել (Եփ. 6։16)։
Սատանան ի՞նչ «կրակոտ նետեր» կրնայ նետել վրադ։ Թերեւս Եհովային մասին սուտեր գործածէ։ Ան կ’ուզէ որ կարծես թէ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած չէ եւ քեզ չի կրնար սիրել։ 19 տարեկան Իտա կը պայքարի անարժէք ըլլալու զգացումին դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ անգամ զգացած եմ որ Եհովան ինծի մօտ չէ եւ չ’ուզեր Բարեկամս ըլլալ»։ Ան կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս ինքզինք կը պաշտպանէ այս յարձակումին դէմ. «Ժողովները հաւատքս շատ կը զօրացնեն։ Նախապէս, ժողովին ընթացքին միայն կը նստէի եւ պատասխան չէի տար, կարծելով որ ո՛չ մէկը հետաքրքրուած է ըսելիքովս։ Բայց այլեւս կը պատրաստեմ ժողովին նիւթերը եւ կը փորձեմ երկու–երեք անգամ պատասխանել»։ Զինուորի մը վահանը միշտ նոյն չափը կը մնայ։ Բայց ինչպէս որ Իտային փորձառութիւնը կը ցուցնէ, մեր հաւատքը այդպէս չէ. ատիկա կրնայ պակսիլ կամ աճիլ, եւ ասիկա մեզմէ կախեալ է (Մատ. 14։31. Բ. Թես. 1։3)։ Ուրեմն որքա՜ն կարեւոր է որ մեր հաւատքը զօրացնենք։ դ18.05 29-30 ¶12-14
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 30
Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ (Գործք 16։30)։
Նկատէ թէ երկրաշարժէն ետքն էր որ բանտապետին կեցուածքը փոխուեցաւ եւ օգնութիւն խնդրեց (Գործք 16։25-34)։ Նմանապէս այսօր, ոմանք որ Սուրբ Գիրքին պատգամը չեն ընդունիր, թերեւս իրենց կեցուածքը փոխեն եւ օգնութիւն փնտռեն, երբ ցաւալի դէպք մը պատահի իրենց կեանքին մէջ։ Օրինակ, երբ ոմանք յանկարծ իրենց գործը կորսնցնեն, լուրջ հիւանդութեան մը բռնուին կամ իրենց մէկ սիրելին մահանայ, կը սկսին մտածել կեանքի իմաստին մասին, ինչ որ առաջ չէին ըներ։ Թերեւս նոյնիսկ հարցնեն. ‘Ի՞նչ պէտք է ընեմ որ փրկուիմ’, եւ առաջին անգամ ըլլալով ականջ տան մեր յոյսի պատգամին։ Ուրեմն, եթէ հաւատարմօրէն շարունակենք քարոզել, պատրաստ պիտի ըլլանք մարդիկը մխիթարելու, երբ իրենք պատրաստ ըլլան մեր ըսածը ընդունելու (Եսա. 61։1)։ դ18.05 19-20 ¶10-12
Շաբաթ, հոկտեմբեր 31
Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց. . . աւետարան քարոզելու (Ղուկ. 4։18)։
Ներկայիս, Սատանան մարդոց մեծամասնութիւնը կուրցուցած է, եւ անոնք չեն անդրադառնար որ գերի են սուտ կրօնքին, նիւթական բաներու եւ քաղաքական դրութեան (Բ. Կոր. 4։4)։ Յիսուսին պէս, առանձնաշնորհում ունինք ուրիշներուն օգնելու, որ ճանչնան եւ պաշտեն Եհովան՝ ազատութեան Աստուածը (Մատ. 28։19, 20)։ Քարոզելը դիւրին չէ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ երթալէն աւելի անտարբեր եւ թշնամական կը դառնան։ Ամէն մէկս այս հարցումին մասին պէտք է մտածենք. ‘Կրնա՞մ ազատութիւնս գործածել, որպէսզի ա՛լ աւելի ծառայեմ Եհովային’։ Քաջալերական է, որ Եհովային ժողովուրդէն շատեր անդրադարձած են, որ այս աշխարհին վերջը շատ մօտ է, եւ որոշած են իրենց կեանքը պարզացնել եւ ռահվիրայութեան սկսիլ (Ա. Կոր. 9։19, 23)։ Անոնցմէ ոմանք իրենց տեղական թաղամասերուն մէջ կը ծառայեն, իսկ ուրիշներ կը փոխադրուին հոն, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կայ։ Ի՜նչ հիանալի է որ այս ձեւով բազմաթիւ անհատներ իրենց ազատութիւնը կը գործածեն, որ Եհովային ծառայեն (Սաղ. 110։3)։ դ18.04 11-12 ¶13-14