Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք20 էջ 108-118
  • Նոյեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նոյեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, նոյեմբեր 1
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 2
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 3
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 4
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 5
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 6
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 7
  • Կիրակի, նոյեմբեր 8
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 9
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 10
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 11
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 12
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 13
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 14
  • Կիրակի, նոյեմբեր 15
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 16
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 17
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 18
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 19
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 20
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 21
  • Կիրակի, նոյեմբեր 22
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 23
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 24
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 25
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 26
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 27
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 28
  • Կիրակի, նոյեմբեր 29
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2020
աք20 էջ 108-118

Նոյեմբեր

Կիրակի, նոյեմբեր 1

Ո՛վ որ այս հացը ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի (Յովհ. 6։59)։

Եհովային ծառայելով՝ յոյս ունինք որ ի վերջոյ ստանանք այն բոլոր բաները, որոնք Ադամն ու Եւան կորսնցուցին, մէջը ըլլալով յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը։ Ադամն ու Եւան ընտրեցին Եհովային չծառայել, քանի որ իրեն հանդէպ զօրաւոր սէր չէին մշակած։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան թոյլ տուաւ որ բաւարար երկար ապրին, որ զաւակներ ունենան եւ իրենք որոշեն, թէ իրենց զաւակները ինչպէ՛ս պիտի մեծցնեն։ Եհովայէն անկախ ըլլալու Ադամին ու Եւային որոշումը շատ գէշ հետեւանքներ ունեցաւ, ինչ որ յստակ դարձուց թէ որքա՜ն անմիտ գտնուած էին։ Անոնց անդրանիկ զաւակը իր անմեղ եղբայրը սպաննեց, եւ ժամանակի ընթացքին վայրագութիւնն ու անձնասիրութիւնը տիրեցին մարդկային ընտանիքին վրայ (Ծն. 4։8. 6։11-13)։ Սակայն Եհովան կերպ մը ունէր ազատելու Ադամին ու Եւային բոլոր այն զաւակները, որոնք կ’ուզեն իրեն ծառայել (Յովհ. 6։38-40, 58)։ Մինչ կը սորվիս, թէ Եհովան որքա՜ն համբերող ու սիրալիր է, զինք ա՛լ աւելի պիտի սիրես։ Պիտի ընտրես մերժել Ադամին ու Եւային ընթացքին հետեւիլ եւ անձդ Եհովային պիտի նուիրես։ դ19.03 2 ¶3. 4 ¶9

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 2

Ամէնքդ. . . եղէք կարեկից (Ա. Պետ. 3։8)։

Կարեկցութիւն մշակելու համար, փորձէ հասկնալ թէ ընտանիքիդ անդամները եւ հաւատակիցները ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Հետաքրքրուէ ժողովքի պատանիներով, հիւանդներով, տարեցներով եւ սգաւորներով։ Հարցուր թէ ինչպէ՛ս են։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ, մինչ կ’արտայայտուին։ Ցոյց տուր, թէ իրապէս կը հասկնաս իրենց կացութիւնը։ Առաջարկէ օգնել որեւէ կերպով որ կրնաս։ Երբ այսպէս ընենք, անկեղծ սէր ցոյց կու տանք (Ա. Յովհ. 3։18)։ Ուրիշներուն օգնելու ատեն, պէտք է դիւրաթեք ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ տարբեր կերպերով դժուարութեան կը հակազդեն։ Ոմանք կ’ուզե՛ն խօսիլ, մինչ ուրիշներ աւելի վերապահ են։ Ուստի, թէեւ կ’ուզենք օգտակար ըլլալ, բայց պէտք չէ չափազանց անձնական հարցումներ հարցնելով՝ դիմացինը նեղ կացութեան մատնենք (Ա. Թես. 4։11)։ Իսկ երբ ոմանք արտայայտուին, թերեւս իրենց բոլոր ըսածներուն չհամաձայնինք։ Բայց պէտք է գիտակցինք որ իրե՛նք այսպէս կը զգան։ Թող որ արագ ըլլանք լսելու մէջ եւ դանդաղ՝ խօսելու մէջ (Մատ. 7։1. Յակ. 1։19)։ դ19.03 19 ¶18-19

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 3

Ես խիստ շատ վախցայ (Նէ. 2։2)։

Երբ ճշմարտութեան մասին հանրապէս կը խօսիս, ջղագրգիռ կ’ըլլա՞ս։ Յիշէ՛ Նէեմիան։ Ան կը ծառայէր զօրաւոր թագաւորի մը պալատին մէջ։ Ան տրտմած էր, քանի որ լսած էր որ Երուսաղէմի պարիսպներն ու դռները աւերակ էին (Նէ. 1։1-4)։ Երեւակայէ ինչպէ՛ս իր ստամոքսը պրկուեցաւ, երբ թագաւորը հարցուց թէ ինչո՛ւ տրտմած էր։ Նէեմիան անմիջապէս աղօթեց եւ յետոյ իր խնդրանքը ներկայացուց։ Արդիւնքը այն էր, որ թագաւորը շատ օգտակար դարձաւ Աստուծոյ ժողովուրդին (Նէ. 2։1-8)։ Մտածէ՛ նաեւ Յովնանի մասին։ Երբ Եհովան իրմէ խնդրեց որ Նինուէի բնակիչներուն խօսի, Յովնան այնքա՛ն վախցաւ, որ հակառակ ուղղութեամբ փախաւ (Յովն. 1։1-3)։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ, Յովնան իր նշանակումը կատարեց։ Եւ իր ըսած խօսքերը շատ օգտակար դարձան նինուէցիներուն (Յովն. 3։5-10)։ Նէեմիայէն կը սորվինք, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ պատասխանելէ առաջ աղօթենք։ Իսկ Յովնանէն կը սորվինք, թէ Եհովան կրնայ մեզի օգնել որ իրեն ծառայենք, որքա՛ն ալ մեծ վախեր ունենանք։ դ19.01 11 ¶12

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 4

Մէկը չկայ որ թողուց տուն կամ [ընտանիք] ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա. . . եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը (Մար. 10։29, 30)։

Երբ սկսինք Սուրբ Գիրքէն մեր սորվածները գործադրել, մեր բարեկամներուն եւ ազգականներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնները կրնան փոխուիլ։ Ասոր պատճառը յայտնի կ’ըլլայ Յիսուսին աղօթքին մէջ. «Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)։ «Սրբէ՛ զանոնք» կրնայ նաեւ նշանակել՝ «զատէ զանոնք»։ Երբ ճշմարտութիւնը ընդունինք, աշխարհէն կը զատուինք, քանի որ մեր չափանիշները կը փոխուին։ Կը սկսինք Սուրբ Գիրքին չափանիշներով ապրիլ։ Թէեւ չենք ուզեր բաժանումներ պատճառել, բայց թերեւս կարգ մը բարեկամներ եւ ազգականներ ինքզինքնին հեռացնեն մեզմէ կամ նոյնիսկ հակառակին մեր նոր հաւատքին։ Ասիկա մեզ չի զարմացներ։ Յիսուս ըսաւ. «Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։36)։ Բայց Յիսուս նաեւ խոստացաւ, որ ի՛նչ գին ալ վճարենք ճշմարտութեան համար, մեր ստացած շահը շատ աւելի պիտի ըլլայ։ դ18.11 6 ¶11

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 5

Ոչ միայն ես շնորհակալ կ’ըլլամ, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ (Հռով. 16։4)։

Պօղոս առաքեալ իր եղբայրներն ու քոյրերը կը գնահատէր, եւ ասիկա ցոյց տուաւ իր ըսածներով իրենց մասին։ Ան աղօթքով միշտ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէր անոնց համար։ Ան նաեւ անոնց գրելով ցոյց տուաւ որ զիրենք կը գնահատէր։ Հռովմայեցիս 16։1-15–ի մէջ, Պօղոս նշեց 27 հաւատակիցներու անունները։ Ան յատկապէս յիշեց, թէ իր անձին համար Պրիսկէ եւ Ակիւղաս «իրենց պարանոցները տուին», այսինքն իրենց կեանքը վտանգեցին։ Ան Փիբէն նկարագրեց որպէս ‘շատերու խնամք տանող’, մէջը ըլլալով ինք։ Ան գովեց այդ սիրելի եւ աշխատասէր եղբայրներն ու քոյրերը։ Պօղոս գիտակից էր, որ եղբայրներն ու քոյրերը անկատար էին, բայց նախընտրեց կեդրոնանալ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Երեւակայէ թէ այդ եղբայրներն ու քոյրերը որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էին, երբ Պօղոսին գրածները բարձրաձայն կարդացուեցան ժողովքին։ Առ ի արդիւնք, Պօղոսին հետ իրենց բարեկամական կապը անկասկած աւելի զօրացաւ։ Արդեօք կանոնաւորաբար գնահատութիւն կը յայտնե՞ս ժողովքիդ անդամներուն ըսած լաւ խօսքերուն եւ ըրած լաւ բաներուն համար։ դ19.02 16 ¶8-9

Ուրբաթ, նոյեմբեր 6

Իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ (Յոբ 27։5)։

Արդեօք պէ՞տք է մտածենք որ ուղղամիտ ըլլալու համար, հարկ է որ կատարեալ ըլլանք։ Անշուշտ ոչ։ Ի վերջոյ, անկատար ենք եւ շատ սխալներ կ’ընենք։ Եհովան չի կեդրոնանար մեր թերութիւններուն վրայ։ Իր Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ» (Սաղ. 130։3)։ Ան գիտէ թէ անկատար ու մեղաւոր մարդիկ ենք, եւ մեզի առատապէս կը ներէ (Սաղ. 86։5)։ Նաեւ, Եհովան գիտէ մեր սահմանափակումները եւ մեզմէ չ’ակնկալեր ընել բան մը, որ մեր կարողութենէն վեր է (Սաղ. 103։12-14)։ Եհովայի ծառաներուն համար, ուղղամիտ ըլլալու գաղտնիքը սէրն է։ Մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր սէրն ու նուիրուածութիւնը պէտք է ամբողջական, անթերի կամ անարատ ըլլան։ Եթէ այդ տեսակ սէր պահպանենք, նոյնիսկ երբ փորձուինք, ուրեմն ուղղամիտ ենք (Ա. Մն. 28։9. Մատ. 22։37)։ Գիտենք թէ Եհովան արդար չափանիշներ ունի, եւ մեր միտքը կեդրոնացած է մեր երկնաւոր Հայրը հաճեցնող բաներ ընելու վրայ։ Որովհետեւ զինք կը սիրենք, որոշում մը առնելէ առաջ՝ մի՛շտ իր մասին կը մտածենք։ Այսպէս կը փաստենք որ ուղղամիտ ենք։ դ19.02 3 ¶4-5

Շաբաթ, նոյեմբեր 7

Քու սիրտդ պահէ (Առ. 4։23)։

Ամէն անգամ որ ճիշդը կ’ընենք եւ ատոր օգուտները կը տեսնենք, մեր հաւատքը կը զօրանայ (Յակ. 1։2, 3)։ Կ’ուրախանանք որ Եհովային առիթ կու տանք, որ մեզ իր զաւակները կոչելով պարծենայ, եւ ա՛լ աւելի փափաք կ’ունենանք զինք հաճեցնելու (Առ. 27։11)։ Ամէն մէկ փորձութիւն մեզի համար առիթ կ’ըլլայ, որ ցոյց տանք թէ կէս սրտով չենք ծառայեր մեր հոգատար Հօր (Սաղ. 119։113)։ Հապա կը փաստենք, որ Եհովան կը սիրենք կատարեալ սրտով,– սիրտ մը որ լիովին վճռած է Եհովային պատուէրները պահել եւ իր կամքը ընել (Գ. Թագ. 8։61)։ Մենք սխալներ պիտի ընե՞նք։ Այո՛, քանի որ անկատար ենք։ Եթէ սխալի մը մէջ իյնանք, յիշե՛նք Եզեկիա թագաւորին օրինակը։ Ան սխալներ գործեց, բայց զղջաց եւ շարունակեց «կատարեալ սրտով» Եհովային ծառայել (Եսա. 38։3-6. Բ. Մն. 29։1, 2. 32։25, 26)։ Ուրեմն, դէմ դնենք Սատանային ջանքերուն, որ մեզ իր մտածումներով վարակէ։ Աղօթքով օգնութիւն խնդրենք, որ հնազանդ սիրտ մշակենք ու Եհովային հաւատարիմ մնանք (Գ. Թագ. 3։9. Սաղ. 139։23, 24)։ դ19.01 18-19 ¶17-18

Կիրակի, նոյեմբեր 8

Ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին (Եբ. 13։15)։

Ժողովի ընթացքին մեր տուած պատասխաններով մե՛նք կ’օգտուինք (Եսա. 48։17)։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին, եթէ մեր միտքը դնենք որ պատասխան տանք, կը մղուինք ժողովին նիւթը լաւ պատրաստելու։ Եւ երբ նիւթը լաւ պատրաստենք, Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կը հասկնանք։ Իսկ ո՛րքան խոր հասկացողութիւն ունենանք, ա՛յնքան աւելի լաւ կրնանք գործադրել մեր սորվածը։ Երկրորդ, ժողովը աւելի հաճելի կը գտնենք, քանի որ քննարկութեան կը մասնակցինք։ Երրորդ, որովհետեւ ջանք կը թափենք որ պատասխան տանք, ընդհանրապէս ժողովը վերջանալէն երկար ժամանակ ետք դեռ կը յիշենք այն կէտերը, որոնց մասին խօսեցանք։ Նաեւ, մեր հաւատքին մասին խօսելով Եհովան կը հաճեցնենք։ Վստահ ենք, որ Եհովան մեզի մտիկ կ’ընէ եւ շատ կը գնահատէ մեր ջանքերը, որ ժողովներուն մէջ պատասխանենք (Մաղ. 3։16)։ Երբ կը ջանանք զինք հաճեցնել, ան իր գնահատանքը ցոյց կու տայ՝ մեզ օրհնելով (Մաղ. 3։10)։ Յստակ է որ ժողովի ընթացքին մեկնաբանելու լաւ պատճառներ ունինք։ դ19.01 8 ¶3. 9-10 ¶7-9

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 9

Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք (Հռով. 12։9, ՆԹ)։

Եհովան շատ իմաստուն կերպով կը վարուի մեզի հետ։ Փոխանակ մեզի բազմաթիւ օրէնքներ տալու, համբերութեամբ կը սորվեցնէ որ սիրոյ օրէնքին հետեւինք։ Կ’ուզէ որ իր սկզբունքներուն հիման վրայ ապրինք եւ չարութիւնը ատենք։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս մեզի օգնեց հասկնալու որ չարութեան բուն պատճառները ի՛նչ են (Մատ. 5։27, 28)։ Եւ նոր աշխարհին մէջ, Յիսուս որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի շարունակէ մեզի սորվեցնել, որ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ իր տեսակէտը ունենանք (Եբ. 1։9)։ Ան նաեւ ֆիզիքական եւ մտային կատարելութեան պիտի հասցնէ մեզ։ Երեւակայէ թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, երբ նոյնիսկ սխալ բան մը ընելու փորձութեան առջեւ պիտի չըլլաս եւ անկատարութեան հետեւանքները պիտի չկրես։ Վերջապէս պիտի վայելես այն «փառաւոր ազատութիւնը», որ Եհովան քեզի խոստացած է (Հռով. 8։21)։ Անշուշտ, մեր ազատութիւնը բնա՛ւ անսահման պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ սէրը զայն պիտի ղեկավարէ (Ա. Յովհ. 4։7, 8)։ դ18.12 23 ¶19-20

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 10

Անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ. . . եւ իր տունէն ճամբէ (Բ. Օր. 24։1)։

Իսրայէլացի տղամարդ մը կրնար իր կինը արձակել, եթէ ‘անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնէր’։ Օրէնքը չնկարագրեց թէ ‘անարգութեան բանը’ ի՛նչ էր։ Սակայն ատիկա ամօթալի վարք կամ անմաքուր բան մը պէտք էր ըլլար, եւ ոչ թէ աննշան բան մը (Բ. Օր. 23։14)։ Ցաւօք սրտի, Յիսուսի օրերուն, շատ մը հրեաներ «ամէն պատճառի համար» կ’ամուսնալուծուէին (Մատ. 19։3)։ Վստահաբար չենք ուզեր անոնց կեցուածքը ունենալ։ Մաղաքիա մարգարէին օրերուն, սովորական դարձած էր որ տղամարդ մը իր առաջին կինը արձակէ, թերեւս որպէսզի աւելի երիտասարդ հեթանոս աղջկայ մը հետ ամուսնանայ։ Բայց Աստուած շատ յստակօրէն ըսաւ, որ «ինք կ’ատէ կին արձակելը» (Մաղ. 2։14-16)։ Ասիկա համապատասխան էր այն բանին, որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ առաջին ամուսնութեան մասին. «[Այրը] իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն. 2։24)։ Եւ Յիսուս թիկունք կանգնեցաւ իր Հօր տեսակէտին, երբ ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։6)։ դ18.12 11 ¶7-8

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 11

Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ (Մատ. 9։37)։

Կարգ մը եղբայրներու եւ քոյրերու պայմանները կը ներեն որ փոխադրուին։ Անոնք Եսայի մարգարէին կեցուածքը ունին։ Երբ Եհովան հարցուց. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», ան պատասխանեց. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8)։ Կարողութիւնը եւ յօժարութիւնը ունի՞ս, որ Եհովայի կազմակերպութեան օգնես։ Յիսուս քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մասին ըսաւ. «Հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Մատ. 9։38)։ Կրնա՞ս որպէս ռահվիրայ ծառայել ուր որ աւելի պէտք կայ։ Կամ կրնա՞ս ուրիշի՛ն օգնել, որ այդ մէկը ընէ։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր կ’ըսեն որ հրատարակիչներու աւելի պէտք ունեցող շրջանները ռահվիրայութիւն ընելը՝ լաւագոյն կերպն է որ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցնեն։ Ծառայութիւնդ աւելցնելու ուրիշ ի՞նչ կերպեր միտքէդ կ’անցնին։ Եթէ ծառայութիւնդ աւելցնես, շատ ուրախ պիտի ըլլաս։ դ18.08 27 ¶14-15

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 12

Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ (Եբ. 13։5)։

Աւետարանները մեզի կը ցուցնեն, թէ Եհովան նիւթական բաները ինչպէ՛ս կը նկատէ։ Ան Յովսէփը եւ Մարիամը զատեց որ իր Որդին մեծցնեն, թէեւ անոնք շատ դրամ չունէին (Ղեւ. 12։8. Ղուկ. 2։24)։ Երբ Յիսուս ծնաւ, Մարիամ զինք «մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար» (Ղուկ. 2։7)։ Եթէ Եհովան ուզէր, կրնար կարգադրել որ Յիսուս շատ աւելի լաւ տեղ մը ծնէր։ Բայց իրեն համար ամէնէն կարեւոր բանը այն էր, որ Յիսուս հոգեւոր միջավայրի մը մէջ մեծնար։ Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի նիւթական բաներուն։ Կարգ մը ծնողներ կ’ուզեն որ իրենց զաւակները լաւագոյն նիւթական բաները ունենան, նոյնիսկ եթէ ասիկա անոնց հոգեւորութեան հաշւոյն պիտի ըլլայ։ Բայց յստակ է թէ Եհովան մեծագոյն կարեւորութիւնը կու տայ հոգեւոր բաներուն։ Այս մարզին մէջ Եհովային տեսակէտը ընդունա՞ծ ես։ Քու գործե՛րդ ի՞նչ կը յայտնեն։ դ18.11 24 ¶7-8

Ուրբաթ, նոյեմբեր 13

Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է (Սաղ. 144։15)։

Երջանկութեան Աղբիւրը ըլլալով, Եհովան մեզի շատ մը պատճառներ կու տայ որ երջանիկ ըլլանք (Բ. Օր. 12։7. Ժող. 3։12, 13)։ Բայց այս աշխարհին մէջ երջանիկ ըլլալը կրնայ դժուար ըլլալ, երբ ճնշիչ պարագաներու մէջ ըլլանք, ինչպէս՝ երբ սիրելի մը մահանայ կամ վտարուի, երբ ամուսնալուծուինք կամ մեր գործը կորսնցնենք։ Նաեւ թերեւս երջանիկ չզգանք երբ մեր տան մէջ խաղաղութիւն չըլլայ ու միշտ կռիւ ըլլայ, երբ մեր գործակիցները կամ դասընկերները մեզ ծաղր ընեն, կամ երբ հալածուինք կամ բանտը դրուինք, քանի որ Եհովային կը ծառայենք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ մեր առողջութիւնը ետեւ երթայ, երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունենանք կամ ընկճուածութենէ տառապինք։ Բայց յիշէ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ «Երանելին ու միմիայն Հզօրը», շատ կը սիրէր մարդոց բերել մխիթարութիւն եւ երջանկութիւն (Ա. Տիմ. 6։15. Մատ. 11։28-30)։ Լերան քարոզին մէջ, ան նշեց կարգ մը յատկութիւններ, որոնք կրնան մեզի երջանկութիւն տալ, նոյնիսկ երբ շատ խնդիրներ ունինք Սատանայի աշխարհին մէջ։ դ18.09 17-18 ¶1-3

Շաբաթ, նոյեմբեր 14

Մեռելի համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ պէտք չէ ընէք ու ձեր ճակատին մէջտեղի մազերը պէտք չէ փետտէք (Բ. Օր. 14։1)։

Ամէնէն դժուար փոփոխութիւններէն մէկը, որ պէտք է ընենք այն է, թէ պէտք է վազ անցնինք այն սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն, որոնք Եհովան չեն հաճեցներ (Առ. 23։23)։ Ոմանց համար տակաւին դժուար կ’ըլլայ ատոնցմէ վազ անցնիլը, նոյնիսկ գիտնալէ ետք թէ ատոնց նկատմամբ Եհովային տեսակէտը ի՛նչ է։ Անոնք հոգ կ’ընեն որ իրենց ընտանիքը, գործակիցները կամ բարեկամները ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն։ Վիճակը կրնայ աւելի լարուած ըլլալ մանաւանդ երբ սովորութիւնը կապ ունի՝ մեռած ազգականները պատուելու արարողութիւններուն հետ։ Ուրիշներուն քաջ կեցուածքը մեզի կրնայ օգնել, որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք։ Եփեսոսի մէջ կախարդութեամբ զբաղողները ի՞նչ ըրին երբ քրիստոնեայ դարձան։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ. «[Անոնք] գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան» (Գործք 19։19, 20)։ Այս զոհողութիւնը սուղի նայեցաւ այդ հաւատարիմ քրիստոնեաներուն, բայց Եհովան օրհնեց զանոնք։ դ18.11 7 ¶15-16

Կիրակի, նոյեմբեր 15

Երբ բոլոր ժողովուրդին թլփատուիլը լմնցաւ, բանակին մէջ իրենց տեղը նստան մինչեւ որ առողջացան (Յես. 5։8)։

Իսրայէլացիները Յորդանան գետը կտրելէ ետք, Յեսու հանդիպեցաւ մարդու մը, որ սուր ունէր իր ձեռքը։ Ան «Տէրոջը զօրավար»ն էր, եւ պատրաստ էր Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու (Յես. 5։13-15)։ Յեսուն արդէն իսկ յստակ ցուցմունքներ կը ստանար Երիքովը ինչպէ՛ս գրաւելուն մասին։ Սկիզբը, թերեւս այնպէս մը երեւցաւ որ ցուցմունքներէն ոմանք տրամաբանական չէին։ Օրինակ, Եհովան հրամայեց որ բոլոր տղամարդիկը թլփատուին։ Ասիկա նշանակեց որ անոնք քանի մը օր պիտի չկարենային կռուիլ (Ծն. 34։24, 25. Յես. 5։2)։ Հաւանաբար այդ իսրայէլացի զինուորները մտածեցին, որ ինչպէ՛ս պիտի կարենային իրենց ընտանիքները պաշտպանել, եթէ թշնամիները յարձակէին։ Բայց անակնկալ բան մը պատահեցաւ։ Երիքովի մարդիկը իսրայէլացիներէն վախցան եւ ‘Երիքով ամուր կերպով փակուեցաւ’ (Յես. 6։1)։ Այս լուրը աւելի զօրացուցած ըլլալու էր իսրայէլացիներուն վստահութիւնը Աստուծոյ առաջնորդութեան հանդէպ։ դ18.10 23 ¶5-7

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 16

Ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող մարդիկ ենք (Գործք 14։14)։

Պօղոսին պէս խոնարհութեամբ կը վարուինք, երբ չենք ակնկալեր կամ չենք ընդունիր որ մեզի փառք գայ այն բաներուն համար, որոնք Եհովայի՛ն ուժովը կ’ընենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ի՞նչ աչքով կը նայիմ այն մարդոց, որոնց կը քարոզեմ։ Նախապաշարուա՞ծ եմ որոշ մարդոց հանդէպ, ինչպէս որ միջավայրիս մէջ սովորական է’։ Աշխարհի չորս կողմը, Վկաները կը ջանան փնտռել անհատներ, որոնք բարի լուրը մտիկ պիտի ընեն։ Ոմանք կը սորվին այն մարդոց լեզուն եւ սովորութիւնները, որոնց ուրիշներ ցած աչքով կը նային։ Բայց այդ Վկաները բնա՛ւ չեն զգար որ անոնցմէ աւելի լաւ են. հապա՝ իւրաքանչիւր անհատ իւրայատուկ նկատելով, կը ջանան կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել Թագաւորութեան պատգամը ընդունելու։ դ18.09 5 ¶9, 11

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 17

Յուդա Գալիլիացին ելաւ. . . եւ շատ ժողովուրդ իր կողմը քաշեց (Գործք 5։37)։

Հռոմայեցիները Յուդան սպաննեցին։ Յուդայէն եւ ուրիշ ծայրայեղականներէ զատ, սովորական հրեաներն ալ կը սպասէին քաղաքական Մեսիայի մը։ Անոնք կը կարծէին որ ան զիրենք պիտի ազատէր հռոմայեցիներէն եւ Իսրայէլը պիտի վերադարձնէր իր առաջուան փառաւոր վիճակին (Ղուկ. 2։38. 3։15)։ Շատեր կը հաւատային որ Մեսիան երկրի վրայ թագաւորութիւն մը պիտի հիմնէր Իսրայէլին մէջ։ Երբ ասիկա պատահէր, տարբեր երկիրներու մէջ ցիրուցան եղած հրեաները պիտի վերադառնային իրենց հայրենիքը։ Նոյնիսկ Յովհաննէս Մկրտիչ անգամ մը հարցուց Յիսուսին. «Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք» (Մատ. 11։2, 3)։ Թերեւս Յովհաննէս ուզեց գիտնալ որ արդեօք ուրի՞շ մէկը պիտի ազատագրէր հրեաները։ Յետագային՝ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, իրեն հանդիպող երկու աշակերտները ըսին, որ յոյս ունէին որ Յիսուս պիտի ազատագրէր Իսրայէլը (Ղուկ. 24։21)։ Շատ չանցած, առաքեալները հարցուցին Յիսուսին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես» (Գործք 1։6)։ դ18.06 4 ¶3-4

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 18

Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ (Առ. 14։15)։

Մասնաւորաբար ուշադիր պէտք է ըլլանք, երբ Եհովայի ժողովուրդին մասին տեղեկութիւններ կը հասնին մեր ականջին։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ Սատանան չարախօսութիւն կ’ընէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն դէմ (Յայտ. 12։10)։ Յիսուս ըսաւ որ հակառակորդները «սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր» պիտի խօսէին մեր վրայ (Մատ. 5։11)։ Եթէ այս զգուշացումը լուրջի առնենք, պիտի չզարմանանք երբ Եհովայի ժողովուրդին մասին ցնցիչ պատմութիւններ լսենք։ Կը սիրե՞ս ե–նամակներ եւ կարճ հաղորդագրութիւններ ղրկել բարեկամներուդ։ Երբ հետաքրքրական լուր մը տեսնես հեռատեսիլին մէջ կամ յատուկ փորձառութիւն մը լսես, կը զգա՞ս որ լրագրող մըն ես, որ կ’ուզէ զայն շուտով ուրիշներուն պատմել։ Բայց ե–նամակ մը կամ կարճ հաղորդագրութիւն մը ղրկելէ առաջ, դուն քեզի հարցուր. ‘Վստա՞հ եմ որ այս պատմութիւնը ճիշդ է։ Իրողութիւնները գիտե՞մ’։ Եթէ վստահ չես, կրնաս պատճառ ըլլալ որ սուտեր տարածուին եղբայրներուն մէջ։ Ուրեմն, եթէ կասկած ունիս, «Ջնջել» կոճակը սեղմէ, եւ ոչ թէ՝ «Ղրկել» կոճակը։ դ18.08 3 ¶3. 4 ¶6-7

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 19

Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի (Ղուկ. 6։38)։

Յիսուս կ’ուզէ որ առատաձեռն ըլլանք, որովհետեւ ասիկա մեզ կ’ուրախացնէ։ Երբ առատաձեռն ըլլանք, շատեր ալ փոխադարձաբար առատաձեռն պիտի ըլլան։ Անշուշտ, երբ առատաձեռն ըլլաս, բոլորը չէ որ կը գնահատեն։ Բայց նոյնիսկ երբ ոմանք չգնահատեն, շարունակէ տալ ուրիշներուն։ Չես գիտեր թէ առատաձեռնութեամբ կատարուած միայն մէկ գործ որքա՛ն բարիք կ’ընէ։ Իսկապէս առատաձեռն եղող անհատները չեն տար որպէսզի փոխարէն բան մը ստանան։ Յիսուս այս կէտը ի մտի ունէր երբ ըսաւ. «Երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել» (Ղուկ. 14։13, 14)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Բարեացակամ աչք ունեցողը պիտի օրհնուի», եւ «Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի» (Առ. 22։9, ԱԾ. Սաղ. 41։1)։ Այո, պէ՛տք է տուող ըլլանք, քանի որ ուրախ կ’ըլլանք երբ ուրիշներուն կ’օգնենք։ դ18.08 21-22 ¶15-16

Ուրբաթ, նոյեմբեր 20

Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ (Առ. 3։5, 6)։

Ներկայիս, շատ դժուար է վստահելի իրողութիւններ գիտնալը եւ զանոնք ճիշդ կերպով քննելն ու ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ լեցուն տեղեկութիւններ կան, որոնք կէսկատար են կամ ատոնց մէկ մասը սխալ է, ե՛ւ մենք անկատար ենք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Պէտք է Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գիտնանք եւ գործադրենք։ Անոնցմէ մէկն է, որ իրողութիւնները չլսած պատասխան տալը յիմարութիւն ու նախատինք է (Առ. 18։13)։ Ուրիշ սկզբունք մը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր լսածին չհաւատանք, առանց փաստելու թէ ճիշդ է (Առ. 14։15)։ Իսկ ուրիշ սկզբունք մը կ’ըսէ թէ պէտք չէ մեր իմաստութեան վստահինք, որքա՛ն ալ փորձառութիւն ունենանք Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները մեզ պիտի պաշտպանեն, մեզի օգնելով որ մեր ստացած տեղեկութիւնները ճիշդ կերպով քննենք, ճիշդ եզրակացութիւններու հասնինք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք։ դ18.08 7 ¶19

Շաբաթ, նոյեմբեր 21

Պէտք չէ՞ հպատակինք մեր հոգեւոր կեանքի Հօրը (Եբ. 12։9, ՆԱ)։

Երբ կը նուիրուինք եւ կը մկրտուինք, բոլորը կը տեսնեն որ Եհովային կը պատկանինք եւ կ’ուզենք իրեն հնազանդիլ։ Յիսուս ալ իր մկրտութեամբ կարծես թէ Եհովային ըսաւ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ» (Սաղ. 40։7, 8)։ Եհովան ի՞նչ զգաց երբ Յիսուս մկրտուեցաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. ‘Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’» (Մատ. 3։16, 17)։ Թէեւ Յիսուս արդէն իսկ իր երկնաւոր Հօր կը պատկանէր, բայց Եհովան ուրախացաւ երբ տեսաւ որ Յիսուս պատրաստ էր միայն իրե՛ն ծառայելու։ Եհովան նմանապէս կ’ուրախանայ երբ իրեն նուիրուինք, եւ մեզ պիտի օրհնէ (Սաղ. 149։4)։ դ18.07 23 ¶4-5

Կիրակի, նոյեմբեր 22

Ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք (Թւ. 20։10)։

Մովսէս այդ խօսքով հաւանաբար հասկցուց, որ ինք եւ Ահարոն այդ հրաշքը պիտի ընէին ու ոչ թէ Եհովան, եւ այսպիսով յարգանքի պակաս ցուցուց Եհովային հանդէպ։ Այս հաւանականութիւնը ձեւով մը կը փաստուի սաղմոսերգուին խօսքէն. «Բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։ Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ, վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը» (Սաղ. 106։32, 33. Թւ. 27։14)։ Մովսէս Եհովային չտուաւ այն փառքը, որուն արժանի էր։ Եհովան Մովսէսին ու Ահարոնին ըսաւ, որ ‘իր հրամանին դէմ ապստամբութիւն ըրին’ (Թւ. 20։24)։ Ասիկա շատ լուրջ մեղք մըն էր։ Նախապէս, Եհովան իսրայէլացիներու լման սերունդ մը զրկած էր Աւետեաց երկիրը մտնելէ, որովհետեւ իրեն դէմ ըմբոստացած էին (Թւ. 14։26-30, 34)։ Ուրեմն թէ՛ յարմար էր եւ թէ արդար էր, որ Եհովան նոյն կերպով պատժէր Մովսէսը իր ըմբոստութեան համար։ Ան զրկուեցաւ Աւետեաց երկիրը մտնելէ։ դ18.07 14 ¶9, 12-13

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 23

Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ (Հռով. 14։21)։

Նոյնիսկ եթէ իրաւունք ունիս ալքոլ խմելու, պատրա՞ստ ես այդ իրաւունքէդ վազ անցնելու, որպէսզի չգայթակղեցնես եղբայր մը, որուն խիղճը քու խիղճէդ տարբեր է։ Անկասկած պատրաստ ես։ Ոմանք ճշմարտութեան գալէ առաջ ալքոլի մոլի էին, բայց որոշած են այլեւս բնա՛ւ ալքոլ չխմել։ Չենք ուզեր ընել բան մը, որ պիտի ձգէ որ եղբայր մը իր առաջուան սովորութիւններուն վերադառնայ եւ վնասուի (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Եթէ այդպիսի եղբայր մը հրաւիրած ենք մեր տունը, սիրալիրօրէն վարուած չենք ըլլար եթէ զինք ստիպենք որ ալքոլ խմէ, հակառակ որ ըսած է թէ չ’ուզեր խմել։ Երբ Տիմոթէոս իր պատանեկութեան վերջերն էր կամ 20–ական տարիքին սկիզբը, ընդունեց թլփատուիլ, հակառակ որ պիտի ցաւէր։ Ան գիտէր որ թլփատութիւնը կարեւոր էր այն հրեաներուն համար, որոնց պիտի քարոզէր։ Ան չէր ուզեր գայթակղեցնել ուրիշները, ինչպէս որ Պօղոս չէր ուզեր (Գործք 16։3. Ա. Կոր. 9։19-23)։ Տիմոթէոսին պէս պատրա՞ստ ես զոհողութիւններ ընելու ուրիշներուն շահին համար։ դ18.06 18 ¶12-13

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 24

Ժողովուրդներուն լեզուն մաքուր լեզուի մը պիտի դարձնեմ (Սոփ. 3։9, ՆԱ)։

Երբ առաջին անգամ հանդիպիս մէկու մը, որ ճշմարտութեան մէջ չէ, որքա՞ն տեղեկութիւն ունիս անոր մասին։ Գրեթէ բան մը չես գիտեր, անոր անունէն եւ երեւոյթէն զատ։ Պարագան տարբեր է, երբ առաջին անգամ հանդիպիս մէկու մը, որ Եհովան կը ճանչնայ եւ կը սիրէ։ Գիտես որ Եհովան անոր մէջ լաւ բան մը տեսաւ եւ թոյլ տուաւ, որ իր հոգեւոր ընտանիքին մէկ անդամը դառնայ (Յովհ. 6։44)։ Նոյնիսկ եթէ կը պատկանի տարբեր ենթահողի, երկրի, ազգի կամ մշակոյթի, դուն շատ բաներ գիտես իր մասին, եւ ինք շատ բաներ գիտէ քու մասիդ, ինչպէս նաեւ ամէնէն կարեւոր կէտերուն մէջ իրարու պէս էք։ Օրինակ, երկուքդ ալ ճշմարտութեան նոյն «մաքուր լեզու»ն կը խօսիք։ Երկուքդ ալ Աստուծոյ կը հաւատաք, բարոյական նոյն չափանիշներուն կը հետեւիք եւ ապագային նկատմամբ նոյն յոյսը ունիք։ Այս բաները ձեզի կ’օգնեն որ իրարու վստահիք եւ մնայուն բարեկամութիւն մը հաստատէք։ դ18.12 21 ¶9-10

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 25

Եթէ. . . չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ (Գործք 15։1)։

Կառավարիչ մարմինը յստակացուց թէ հրեայ չեղող քրիստոնեաները պէտք չունէին թլփատուելու (Գործք 15։19, 20)։ Բայց տարիներ ետք, հրեայ քրիստոնեաներ տակաւին կը թլփատէին իրենց որդիները։ Թերեւս մտածենք. ‘Յիսուս ինչո՞ւ ձգեց որ թլփատութեան հարցը այսքա՛ն երկարի, հակառակ որ իր մահը վերջ դրած էր Մովսիսական օրէնքին’ (Կող. 2։13, 14)։ Կարգ մը մարդոց հետ ժամանակ կ’առնէ որ հասկացողութեան մը փոփոխութեան վարժուին։ Հրեայ քրիստոնեաները ժամանակ կ’ուզէին, որ իրենց տեսակէտը փոխէին (Յովհ. 16։12)։ Ոմանց համար դժուար էր ընդունիլ, որ թլփատութիւնը այլեւս Աստուծոյ հետ յատուկ փոխյարաբերութեան նշան չէ (Ծն. 17։9-12)։ Ուրիշներ կը վախնային որ հալածուին, եթէ իրենց հրեայ շրջանակէն տարբեր ըլլային (Գաղ. 6։12)։ Ժամանակի ընթացքին, Քրիստոս Պօղոսի նամակներուն միջոցաւ յաւելեալ ուղղութիւններ տուաւ (Հռով. 2։28, 29. Գաղ. 3։23-25)։ դ18.10 24-25 ¶10-12

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 26

Կայիափան Հրէից խրատ տուաւ թէ՝ Աղէկ է որ մարդ մը կորսուի ժողովուրդին համար (Յովհ. 18։14)։

Կայիափան զինուորներ ղրկեց որ իրիկունով Յիսուսը ձերբակալեն։ Յիսուս գիտէր իրենց խորամանկ ծրագիրը որ զինք մեռցնեն, ուստի առաքեալներուն հետ իր վերջին ընթրիքին ընթացքին ըսաւ, որ իրենց հետ սուր առնեն։ Երկու սուրեր բաւարար պիտի ըլլային, որ անոնց կարեւոր դաս մը սորվեցնէր (Ղուկ. 22։36-38)։ Այդ գիշեր, երբ խումբը եկաւ Յիսուսը ձերբակալելու, Պետրոս բարկացաւ եղած անարդարութեան համար եւ սուր մը քաշելով յարձակեցաւ անոնցմէ մէկուն վրայ (Յովհ. 18։10)։ Բայց Յիսուս Պետրոսին ըսաւ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատ. 26։52, 53)։ Ան իր աշակերտներուն զօրաւոր դաս մը սորվեցուց, թէ աշխարհին մէկ մասը պէտք չէ ըլլան, ինչպէս որ քիչ առաջ աղօթած էր (Յովհ. 17։16)։ Անարդարութեան դէմ պայքարիլը Աստուծո՛յ կ’իյնայ։ Ուստի մենք մեր խաղաղութիւնն ու միութիւնը կը պահպանենք։ Երբ Եհովան կը նայի այս բաժնուած աշխարհին, վստահաբար կ’ուրախանայ երբ իր ժողովուրդին միութիւնը կը տեսնէ (Սոփ. 3։17)։ դ18.06 6 ¶13. 7 ¶14, 16

Ուրբաթ, նոյեմբեր 27

Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ (Յայտ. 12։17)։

Խայծեր գործածելէ զատ, Սատանան կը փորձէ մեզ վախցնել, որպէսզի Եհովային անհաւատարիմ ըլլանք։ Օրինակ, ան կրնայ կառավարութիւնները մղել, որ մեր քարոզչութիւնը արգիլեն։ Ան կրնայ մեր դասընկերները կամ գործակիցները մղել, որ մեզ ծաղր ընեն, քանի որ Սուրբ Գիրքին բարոյական չափանիշներուն կը հետեւինք (Ա. Պետ. 4։4)։ Ան նոյնիսկ կրնայ մեր ընտանիքին անդամները մղել, որ մեզի արգելք ըլլան որ ժողովի երթանք, հակառակ որ իրենց նպատակը գէշ չ’ըլլար (Մատ. 10։36)։ Այս պարագաներուն ի՞նչ կրնանք ընել։ Նախ, պէտք է այսպիսի ուղղակի յարձակումներ ակնկալենք, քանի որ Սատանան մեզի դէմ կը պատերազմի (Յայտ. 2։10)։ Ետքը, պէտք է յիշենք որ բուն հարցը ի՛նչ է. Սատանան կ’ըսէ որ մենք Եհովային կը ծառայենք միայն երբ դիւրին է, իսկ երբ պայմանները դժուարանան, մեր կռնակը կը դարձնենք Եհովային (Յոբ 1։9-11. 2։4, 5)։ Եւ պէտք է միշտ Եհովայէն զօրութիւն խնդրենք։ Միտքդ պահէ որ Եհովան բնա՛ւ մեզ երեսէ պիտի չձգէ (Եբ. 13։5)։ դ18.05 26 ¶14

Շաբաթ, նոյեմբեր 28

Չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ (Ժող. 11։6)։

Նոյնիսկ եթէ թուի որ Թագաւորութեան պատգամը մարդոց սրտին չի հասնիր, բնա՛ւ պէտք չէ թեթեւի առնենք քարոզչութեան ազդեցութիւնը։ Շատեր մեզի մտիկ չեն ըներ, բայց անոնց աչքը մեր վրայ կ’ըլլայ։ Անոնք նկատի կ’առնեն մեր կոկիկութիւնը, քաղաքավարութիւնը եւ անուշ ժպիտը։ Անոնք կրնան տպաւորուիլ, եւ թերեւս ժամանակի ընթացքին ոմանք փոխեն իրենց ժխտական կեցուածքը մեզի հանդէպ։ Սերժոն եւ Օլինտան, որոնք ռահվիրաներ են, կը պատմեն. «Ատեն մը չկրցանք հրապարակ երթալ, քանի որ հիւանդ էինք։ Երբ վերադարձանք, գացող–եկողները հարցուցին. ‘Ո՞ւր էք, կարօտցանք ձեզ’»։ Այնքան ատեն որ ‘մեր ձեռքը պարապ չենք թողուր’ եւ կը շարունակենք Թագաւորութեան մասին խօսիլ ուրիշներուն, կարեւոր դեր կը խաղանք «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» տալուն մէջ (Մատ. 24։14)։ Ամէնէն կարեւորը, խորապէս կ’ուրախանանք գիտնալով որ Եհովան կ’ուրախացնենք, քանի որ կը սիրէ բոլոր անոնք՝ որոնք «համբերութիւնով պտուղ կու տան» (Ղուկ. 8։15)։ դ18.05 16 ¶16-18

Կիրակի, նոյեմբեր 29

Օրհնեալ ըլլայ Աստուած. . . որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։

Եհովան քաջալերութիւն տուող Աստուած մըն է։ Ան ասիկա փաստած է՝ մարդկութիւնը մեղքի եւ անկատարութեան մէջ իյնալէն ի վեր։ Ադամին ու Եւային ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Աստուած մարգարէութիւն մը տուաւ, որ ապագայ սերունդներուն սիրտ պիտի տար։ Այդ մարգարէութիւնը կը գտնուի Ծննդոց 3։15–ին մէջ, եւ մարդկութեան յոյս կու տայ, որ ի վերջոյ Բանսարկու Սատանան եւ բոլոր իր չար գործերը պիտի կործանին (Յայտ. 12։9. Ա. Յովհ. 3։8)։ Նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս քաջալերեց իր ծառան՝ Նոյը։ Ան կ’ապրէր վայրագ եւ անբարոյ մարդոց մէջ, եւ միայն ինք ու իր ընտանիքը Եհովան կը պաշտէին։ Ան դիւրութեամբ կրնար յուսահատիլ (Ծն. 6։4, 5, 9, 11. Յդ. 6)։ Բայց Եհովան անոր ըսաւ որ այդ չար աշխարհը պիտի կործանէր, եւ բացատրեց որ Նոյ ի՛նչ պէտք էր ընէր, որպէսզի իր ընտանիքը ազատուէր (Ծն. 6։13-18)։ Նոյին համար, Եհովան քաջալերութիւն տուող Աստուած մըն էր։ դ18.04 15 ¶1-2

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 30

Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք (Ա. Թես. 5։11)։

Կը սխալինք եթէ կը կարծենք, որ չենք կրնար ուրիշը քաջալերել, պարզապէս քանի որ դիւրին չենք արտայայտուիր։ Ուրիշը քաջալերելը շատ դժուար չէ։ Ջանա՛ ժպտիլ, երբ մէկու մը բարեւ կու տաս։ Եթէ դիմացինը չժպտայ, ասիկա կրնայ նշանակել, որ ան խնդիր մը ունի եւ պէտք ունի որ իր սիրտը բանայ մէկու մը։ Կրնաս զինք մխիթարել պարզապէս իրեն մտիկ ընելով (Յակ. 1։19)։ Ամէն մէկս կրնա՛յ քաջալերել եղբայր մը կամ քոյր մը, որ մխիթարութեան պէտք ունի։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է։ Աչքերուն լոյսը [կամ՝ զուարթ նայուածքը] սիրտը կ’ուրախացնէ, բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ» (Առ. 15։23, 30)։ Իսկ Պօղոս ցուցուց, որ նոյնիսկ միասին Թագաւորութեան երգեր երգելը կրնայ ձգել որ աւելի լաւ զգանք (Գործք 16։25. Կող. 3։16)։ Մինչ Եհովայի օրուան կը մօտենանք, երթալէն աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ իրար քաջալերելը (Եբ. 10։25)։ դ18.04 23 ¶16. 24 ¶18-19

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել