Դեկտեմբեր
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 1
Յիսուս. . . խղճաց անոնց վրայ (Մար. 6։34)։
Սրտապնդիչ է գիտնալ, որ Յիսուս կարողութիւնը ունի անկատար մարդոց դժուարութիւնները հասկնալու։ Երբ ան երկրի վրայ էր, կրցաւ ‘խնդացողներուն հետ խնդալ եւ լացողներուն հետ լալ’ (Հռով. 12։15)։ Օրինակ, երբ իր 70 աշակերտները քարոզելու իրենց նշանակումը յաջողապէս կատարելով ուրախ վերադարձան, Յիսուս «Հոգիով ուրախացաւ» (Ղուկ. 10։17-21)։ Միւս կողմէ, երբ ան տեսաւ, թէ Ղազարոսին մահը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոր սիրելիներուն վրայ, «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ» (Յովհ. 11։33)։ Ի՞նչը Յիսուսին օգնեց, որ կատարեալ ըլլալով հանդերձ, անկատար մարդոց ողորմի եւ կարեկցի։ Գլխաւորաբար՝ իր սէրը մարդոց հանդէպ. ‘իր զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ էր’ (Առ. 8։31)։ Իր սէրը զինք մղեց, որ լաւ ճանչնայ մարդոց մտածելակերպը։ Յովհաննէս առաքեալ կը բացատրէ. «Ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին» (Յովհ. 2։25)։ դ19.03 20 ¶1-2
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 2
Անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ (Յոբ 1։11)։
Սատանան Յոբը զրկեց իր ամէն ունեցածէն,– հարստութիւնը, ծառաները եւ բարի համբաւը։ Ան յարձակեցաւ Յոբի ընտանիքին վրայ, եւ անոր տասը անգին զաւակները մեռցուց։ Ետքը, ան Յոբին առողջութիւնը խլեց, զինք գլուխէն մինչեւ ոտքին թաթը գէշ պալարներով զարնելով։ Յոբին կինը յուսահատ եւ շատ վշտացած ըլլալով՝ Յոբին ըսաւ որ յանձնուի, Աստուած անիծէ եւ մեռնի։ Յոբ ինք ալ ուզեց մեռնիլ, բայց շարունակեց իր ուղղամտութիւնը պահել։ Ետքը, Սատանան յարձակումի ուրիշ մեթոտ մը գործադրեց։ Ան Յոբին երեք բարեկամները գործածեց։ Անոնք օրերով Յոբին այցելութիւն տուին, բայց զինք չմխիթարեցին։ Փոխարէն, անգթօրէն ճառեր տուին եւ զինք յանդիմանեցին։ Ըսին թէ Աստուա՛ծ էր իր բոլոր նեղութիւններուն պատճառը եւ թէ իր ուղղամտութեամբ չէր հետաքրքրուած։ Անոնք նոյնիսկ հասկցուցին, որ Յոբ չար մարդ մը ըլլալով՝ արժանի էր որ այս բոլոր ցաւալի բաները գլխուն գային (Յոբ 1։13-22. 2։7-11. 15։4, 5. 22։3-6. 25։4-6)։ դ19.02 4 ¶7-8
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 3
Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է (Սաղ. 111։10)։
Եթէ Եհովային հանդէպ խոր յարգանք ունինք, պիտի չուզենք ընել բան մը, որ զինք կը տհաճեցնէ։ Եթէ Ադամն ու Եւան այդ տեսակ յարգանք զարգացնէին, Եհովային դէմ պիտի չըմբոստանային։ Ըմբոստանալէ ետք, անոնց աչքերը բացուեցան, այն իմաստով որ լիովին գիտակցեցան որ մեղաւորներ են։ Անոնք կրնային միայն մեղք ու մահ փոխանցել իրենց զաւակներուն։ Ըմբռնելով որ Աստուծոյ օրէնքին չէին հնազանդած, իրենց մերկութենէն ամչցան եւ ինքզինքնին ծածկեցին (Ծն. 3։7, 21)։ Հարկ չկայ չափազանց կերպով մահէն վախնալու։ Եհովան ճամբայ բացած է, որ յաւիտենական կեանք ունենանք։ Եթէ մեղք մը գործենք, բայց իրապէս զղջանք, ան մեր յանցանքները պիտի անտեսէ։ Ան մեզի պիտի ներէ, քանի որ իր Որդիին զոհին կը հաւատանք։ Հաւատք ցոյց տալու ամենակարեւոր կերպերէն մէկն է՝ մեր կեանքը Աստուծոյ նուիրել եւ մկրտուիլ (Ա. Պետ. 3։21)։ դ19.03 5-6 ¶12-13
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 4
Անոնցմէ մարդ մը չմնաց, բացի Յեբոնեան Քաղէբէն ու Նաւեան Յեսուէն (Թւ. 26։65)։
Իսրայէլացիները գնահատութիւն ցոյց տալու բազմաթիւ պատճառներ ունէին։ Անոնք ստրկութենէ ազատեցան, Եհովան Եգիպտոսի վրայ Տասը պատուհասները բերելէ ետք։ Ետքը, զիրենք փրկեց՝ ամբողջ եգիպտական բանակը Կարմիր ծովուն մէջ կործանելով։ Անոնք այնքա՛ն երախտապարտ էին, որ յաղթանակի երգ մը երգելով Եհովան փառաբանեցին։ Բայց արդեօք երախտապարտ մնացի՞ն։ Երբ անոնք նոր դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցան, շուտով մոռցան այն բոլոր լաւ բաները, որոնք Եհովան իրենց համար ըրած էր։ Այն ատեն յայտնի եղաւ որ գնահատանք չունին (Սաղ. 106։7)։ Ինչպէ՞ս։ «Իսրայէլի որդիները անապատին մէջ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին», իրականութեան մէջ՝ Եհովային դէմ (Ել. 16։2, 8)։ Ան յուսախաբ եղաւ տեսնելով իր ժողովուրդին ապերախտութիւնը։ Յետագային, ան ըսաւ որ իսրայէլացիներուն այդ ամբողջ սերունդը անապատին մէջ պիտի ոչնչանար, բացի Յեսուէն եւ Քաղէբէն (Թւ. 14։22-24)։ դ19.02 17 ¶12-13
Շաբաթ, դեկտեմբեր 5
Հեզ եմ ու սրտով խոնարհ (Մատ. 11։29)։
Յիսուս անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրեց իր վրայ, պահանջելով որ իր մահը փառաւոր կերպով յիշատակուի։ Հապա, իր աշակերտներուն ըսաւ որ ամէն տարի զինք յիշեն պարզ ընթրիքի մը միջոցաւ (Յովհ. 13։15. Ա. Կոր. 11։23-25)։ Պարզ բայց պատշաճ ընթրիքը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս հպարտ անձ մը չէր։ Ուրախ ենք գիտնալով որ խոնարհութիւնը մեր երկնաւոր Թագաւորին ամէնէն ուշագրաւ յատկութիւններէն մէկն է (Փլպ. 2։5-8)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսի խոնարհութիւնը։ Ուրիշներուն շահերը մեր շահերէն առաջ դնելով (Փլպ. 2։3, 4)։ Վերադառնանք Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին գիշերուան։ Ան գիտէր որ ցաւալի մահ պիտի դիմագրաւէր, բայց խորապէս մտահոգ էր իր հաւատարիմ առաքեալներուն նկատմամբ, որոնք քիչ ետք իրեն համար սուգ պիտի ընէին։ Ուստի, ան իր վերջին գիշերը անցուց անոնց սորվեցնելով, քաջալերելով եւ հաւաստիացնելով (Յովհ. 14։25-31)։ Յիսուս խոնարհաբար ուրիշներուն բարօրութեամբ աւելի հետաքրքրուած էր քան՝ իր բարօրութեամբ։ Ի՜նչ աղուոր օրինակ է մեզի։ դ19.01 21 ¶5-6
Կիրակի, դեկտեմբեր 6
Իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր (Սաղ. 119։108)։
Ստամոքսդ կը պրկուի՞ ամէն անգամ որ մտածես ձեռքդ բարձրացնել պատասխան մը տալու համար։ Եթէ պարագադ այդ է, մինակ չես։ Իրականութեան մէջ, մեր մեծամասնութիւնը պատասխանելու ատեն որոշ չափով ջղագրգիռ կ’ըլլայ։ Այսպիսի վախեր լաւ նշան են, քանի որ ցոյց կու տան որ խոնարհ ես եւ ուրիշները քեզմէ լաւ կը սեպես։ Եհովան այսպիսի խոնարհութիւն կը սիրէ (Սաղ. 138։6. Փլպ. 2։3)։ Բայց նաեւ կ’ուզէ որ ժողովներուն մէջ զինք գովես եւ եղբայրներդ ու քոյրերդ քաջալերես (Ա. Թես. 5։11)։ Ան քեզ կը սիրէ եւ քեզի պէտք եղած քաջութիւնը պիտի տայ։ Նկատի առ Աստուածաշունչէն կարգ մը յիշեցումներ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ բոլո՛րս սխալներ կ’ընենք մեր ըսածով եւ խօսելու կերպով (Յակ. 3։2)։ Եհովան մեզմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր, ոչ ալ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կ’ակնկալեն (Սաղ. 103։12-14)։ Անոնք մեր հոգեւոր ընտանիքն են ու մեզ կը սիրեն (Մար. 10։29, 30. Յովհ. 13։35)։ Անոնք կը հասկնան, որ երբեմն մեր պատասխանները շատ ճիշդ չեն ըլլար։ դ19.01 8 ¶3. 10-11 ¶10-11
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 7
Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ (Ժող. 12։1)։
Ներկայ աշխարհին մէջ ասիկա միշտ դիւրին չ’ըլլար, բայց անկարելի բան մը չէ։ Եհովային օգնութեամբ կրնաս յաջող կեանք մը ունենալ թէ՛ երբ պատանի ես եւ թէ երբ չափահաս դառնաս։ Այս կէտը յստակացնելու համար, նկատի առ թէ ի՛նչը իսրայէլացիներուն օգնեց, որ Աւետեաց երկիրը գրաւեն։ Երբ անոնք Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էին, Եհովան ի՞նչ ցուցմունքներ տուաւ։ Ըսա՞ւ որ մարզուին եւ աւելի լաւ պատերազմողներ ըլլան։ Ո՛չ (Բ. Օր. 28։1, 2)։ Անոնց ըսաւ որ իրեն հնազանդին եւ վստահին (Յես. 1։7-9)։ Այս խրատը կրնար անտրամաբանական թուիլ մարդոց, բայց լաւագոյն խրատն էր, քանի որ Եհովան իսրայէլացիներուն ետեւ–ետեւի յաղթանակ տուաւ քանանացիներուն դէմ (Յես. 24։11-13)։ Մէկը պէտք է հաւատք ունենայ, որպէսզի կարենայ Աստուծոյ հնազանդիլ, եւ այդ հաւատքը միշտ յաջողութիւն կը բերէ։ Այս իրողութիւնը չի փոխուիր։ դ18.12 25 ¶3-4
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 8
Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս (Յովհ. 6։69)։
Ոմանք մեր օրերուն գայթակղեցան, երբ համարի մը բացատրութիւնը ճշդուեցաւ։ Ուրիշներ հաւատուրացներուն եւ մեր մասին սուտ խօսողներուն սխալ ուսուցումներուն հետեւեցան։ Այսպիսով, իրենց կամքով ‘հեռացան’ (ԱԾ) Եհովայէն եւ ժողովքէն (Եբ. 3։12-14)։ Որքա՜ն աւելի լաւ կ’ըլլար, եթէ անոնք Յիսուսին վստահէին, ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ ըրաւ։ Միւս կողմէ, ոմանք աստիճանաբար ձգած են ճշմարտութիւնը, թերեւս նոյնիսկ առանց անդրադառնալու թէ ի՛նչ կը պատահէր։ Այն անձը որ աստիճանաբար կը ձգէ ճշմարտութիւնը, կը նմանի նաւակի մը որ կամաց–կամաց ծովեզերքէն հեռու կը քշուի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ուշադիր ըլլանք որ ‘բնա՛ւ չքշուինք’ (Եբ. 2։1, ՆԱ)։ Ճշմարտութենէն հեռու քշուողը դիտմամբ չէ որ կը հեռանայ։ Սակայն թոյլ կու տայ որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը տկարանայ, եւ ժամանակի ընթացքին կրնայ զայն կորսնցնել։ դ18.11 9 ¶5-6
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 9
Ժողովուրդդ. . . յօժարակամ պիտի ըլլայ (Սաղ. 110։3)։
Կը փափաքի՞ս աւելի մարզում առնել, որպէսզի աւելի լաւ կերպով Եհովային ծառայես։ Կրնաս Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին դիմել։ Այս դպրոցը լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող հասուն եղբայրներ ու քոյրեր կը մարզէ, որպէսզի Եհովայի կազմակերպութիւնը զիրենք ա՛լ աւելի գործածէ։ Անոնք որոնք այս դպրոցը կ’երթան, պէտք է յօժար ըլլան որեւէ նշանակում ընդունելու։ Կ’ուզե՞ս այս առիթը օգտագործել, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայես (Ա. Կոր. 9։23)։ Քանի որ Եհովայի ժողովուրդն ենք, կը մղուինք առատաձեռն, բարի, ազնիւ եւ սիրալիր ըլլալու։ Միշտ ուրիշներով կը հետաքրքրուինք։ Ասիկա ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն կը բերէ մեզի (Գաղ. 5։22, 23)։ Ի՛նչ ալ ըլլան կեանքի պայմաններդ, ուրախ պիտի ըլլաս այնքան ատեն որ կ’ընդօրինակես Եհովային առատաձեռնութիւնը եւ իր թանկագին գործակիցներէն մէկն ես (Առ. 3։9, 10)։ դ18.08 27 ¶16-18
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 10
Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ (Մատ. 19։6)։
Ոմանք թերեւս հարցնեն. ‘Կա՞յ պատճառ մը, որուն հիման վրայ քրիստոնեան կրնայ ամուսնալուծուիլ եւ վերամուսնանալ’։ Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ։ Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մար. 10։11, 12. Ղուկ. 16։18)։ Յստակ է թէ Յիսուս ամուսնութիւնը կը պատուէր եւ կ’ուզէր որ ուրիշներ ալ զայն պատուեն։ Եթէ այր մը իր հաւատարիմ կինը արձակէր եւ վերամուսնանար, շնութիւն ըրած կ’ըլլար։ Նոյնն էր պարագան եթէ կին մը արձակէր իր հաւատարիմ ամուսինը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամուսնալուծումը ինքնին վերջ չի դներ ամուսնութեան։ Աստուծոյ աչքին, երկուքը տակաւին «մէկ մարմին» են։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ եթէ այրը իր հաւատարիմ կինը արձակէ, կինը վտանգի մէջ կ’ըլլայ որ շնութիւն գործէ։ Ինչպէ՞ս։ Այդ ժամանակներուն, ամուսնալուծուած կին մը թերեւս մտածէր, որ պէտք է վերամուսնանայ նիւթական պատճառներու համար։ Այսպիսի ամուսնութիւն մը շնութեան համահաւասար կ’ըլլար։ դ18.12 11 ¶8-9
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 11
Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ (Ամբ. 2։1)։
Երբ Ամբակում Եհովային հետ խօսակցեցաւ, մտքի խաղաղութիւն ունեցաւ։ Ասիկա ձգեց որ ան վճռէ շարունակել Եհովային սպասել, որ գործի անցնի։ Ան նոյն կեցուածքը շարունակեց յայտնել, երբ ըսաւ. «Հանգստութեամբ պիտի սպասեմ տագնապի օրուան» (Ամբ. 3։16, ԱԾ)։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ամբակումի կեցուածքէն։ Առաջին, մեր աղօթքները բնա՛ւ պէտք չէ կեցնենք, ի՛նչ ալ ըլլան մեր խնդիրները։ Երկրորդ, պէտք է ականջ տանք այն բաներուն, որ Եհովան մեզի կ’ըսէ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ Երրորդ, պէտք է համբերութեամբ սպասենք որ Եհովան գործի անցնի, լման վստահ ըլլալով որ իր որոշած ժամանակին մեր խնդիրները պիտի լուծէ եւ մեր գէշ զգացումները պիտի փարատէ։ Եթէ Ամբակումը ընդօրինակենք, մտքի խաղաղութիւն պիտի ունենանք եւ պիտի կարենանք տոկալ։ Մեր յոյսը մեզի պիտի օգնէ, որ համբերենք եւ ուրախ ըլլանք, հակառակ մեր խնդիրներուն։ Մենք վստահ ենք որ մեր երկնաւոր Հայրը գործի պիտի անցնի (Հռով. 12։12)։ դ18.11 15-16 ¶11-12
Շաբաթ, դեկտեմբեր 12
Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն (Ա. Տիմ. 2։9)։
Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ գայթակղութիւն պատճառող անհատը։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր» (Մար. 9։41)։ Այս խօսքը շատ զօրաւոր է։ Եւ քանի որ Յիսուս ճիշդ իր Հօր պէս է, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան բնա՛ւ չի հաճիր, երբ անհատ մը գայթակղեցնէ Յիսուսի հետեւորդներէն մէկը (Յովհ. 14։9)։ Ուրիշները գայթակղեցնելու նկատմամբ Եհովայի եւ Յիսուսի տեսակէտը ունի՞նք։ Մեր գործերը ի՞նչ կը յայտնեն։ Օրինակ, թերեւս որոշ հագուածք մը կամ յարդարանք մը կը սիրենք։ Սակայն ի՞նչ պիտի ընենք եթէ գիտնանք, որ մեր ընտրութիւնը կրնայ ուրիշներուն նեղութիւն տալ կամ անբարոյ ցանկութիւն արթնցնել։ Հաւատակիցներուն հանդէպ մեր սէրը մեզ պիտի մղէ՞, որ հագուելակերպի մեր նախընտրութիւնները մէկ կողմ դնենք։ դ18.11 25 ¶9-10
Կիրակի, դեկտեմբեր 13
Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։ Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ» (Յոբ 1։9, 11)։
Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւրս ուղղամիտ ըլլանք։ Դուն ուղղամտութեան պէտք ունիս, քանի որ Սատանան Եհովային մարտահրաւէր ուղղած է եւ քեզի ալ մարտահրաւէր ուղղած է։ Այդ ըմբոստ հրեշտակը փորձեց Եհովայի համբաւին վնաս հասցնել, հասկցնելով թէ գէշ, անձնասէր եւ անպարկեշտ Իշխող մըն է։ Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան Սատանային կողմը դիրք բռնեցին եւ Եհովային դէմ ըմբոստացան (Ծն. 3։1-6)։ Եդեմի մէջ կեանքը անոնց շա՜տ առիթներ տուած էր, որ Եհովային հանդէպ իրենց սէրը զօրացնէին։ Բայց Սատանային փորձութեան ժամանակ, անոնց սէրը անթերի կամ ամբողջական չէր։ Յետագային, պատասխանուելիք հարցում մը ծագեցաւ. արդեօք մարդիկ սէրէ մղուած՝ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ կը մնա՞ն։ Ուրիշ խօսքով, մարդիկ կրնա՞ն ուղղամիտ ըլլալ։ Այս հարցումը մէջտեղ եկաւ Յոբի պարագային (Յոբ 1։8-11)։ Ան մեզի պէս անկատար էր եւ սխալներ կ’ընէր, բայց Եհովան զինք կը սիրէր իր ուղղամտութեան համար։ դ19.02 3-4 ¶6-7
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 14
Իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ (Մատ. 13։46)։
Յիսուս առակ մը պատմեց վաճառականի մը մասին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէր։ Երբ շատ արժէքաւոր մարգարիտ մը գտաւ, շուտով իր ամբողջ ունեցածը ծախեց եւ զայն գնեց։ Այդ մարգարիտը կը ներկայացնէր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը։ Յիսուս այս առակով ցուցուց, որ ճշմարտութիւնը որքա՜ն արժէքաւոր պիտի ըլլար զայն փնտռողներուն համար (Մատ. 13։45, 46)։ Նմանապէս, մեր գտած ճշմարտութիւնը,– Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը եւ Սուրբ Գիրքին մէջ գտնուող բոլոր միւս ճշմարտութիւնները,– մեզի համար այնքա՛ն արժէքաւոր էր որ պատրաստ էինք շուտով զոհողութիւններ ընելու, որպէսզի զայն ձեռք ձգէինք։ Այնքան ատեն որ ճշմարտութիւնը կ’արժեւորենք, զայն բնա՛ւ պիտի չծախենք (Առ. 23։23)։ Բայց ցաւօք սրտի, Աստուծոյ կարգ մը ծառաները զայն ծախած են։ Բնա՛ւ չենք ուզեր որ ասիկա մեզի պատահի։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք ‘ճշմարտութեամբ քալել’ (Գ. Յովհ. 2-4)։ Ճշմարտութեամբ քալել կը նշանակէ՝ ճշմարտութիւնը առաջին տեղը դնել եւ ասիկա մեր ապրելակերպով ցուցնել։ դ18.11 9 ¶3
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 15
Հաւատքով Երիքովի պարիսպները ինկան՝ եօթը օր անոնց բոլորտիքը պտըտելով (Եբ. 11։30)։
Յեսուին ըսուեցաւ որ իսրայէլացիները պէտք չէ յարձակին Երիքովին վրայ, հապա պէտք է քաղաքին շուրջ դառնան վեց օր՝ օրական մէկ անգամ, իսկ եօթներորդ օրը՝ եօթը անգամ։ Թերեւս զինուորներէն ոմանք մտածեցին. ‘Պարապի ժամանակ ու կորով պիտի վատնենք’։ Բայց իսրայէլի անտեսանելի Առաջնորդը՝ Եհովան, շատ լաւ գիտէր թէ ի՛նչ կ’ընէր։ Այս ցուցմունքը զօրացուց իսրայէլացիներուն հաւատքը, ինչպէս նաեւ՝ պէտք չեղաւ որ անոնք կռուին Երիքովի հզօր զինուորներուն դէմ (Յես. 6։2-5)։ Այս պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ատեններ կազմակերպութիւնը փոփոխութիւններ կ’ընէ որոշ բաներու մէջ, եւ թերեւս լման չենք հասկնար պատճառները։ Օրինակ, երբ սկսանք ելեկտրոնային սարքեր գործածել անձնական ուսումնասիրութեան, ծառայութեան եւ ժողովներուն մէջ, թերեւս սկիզբը զգացինք որ ատիկա լաւ գաղափար մը չէ։ Բայց հիմա կը տեսնենք որ ատիկա օգուտներ ունի։ Երբ այսպիսի փոփոխութիւններու դրական արդիւնքները կը տեսնենք, մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ աւելի միացած կ’ըլլանք եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ դ18.10 23 ¶8-9
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 16
Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես (Գործք 1։6)։
Մեսիային նկատմամբ Գալիլիայի ժողովուրդն ալ այսպիսի ակնկալութիւններ ունենալով ուզեց, որ Յիսուս իրենց թագաւորը ըլլայ։ Անոնք թերեւս մտածեցին, որ Յիսուս լաւագոյն առաջնորդը կրնայ ըլլալ. ան հոյակապ խօսող մըն էր, կրնար հիւանդները բժշկել եւ նոյնիսկ կրնար ուտելիք ապահովել անօթիներուն։ Երբ Յիսուս մօտ 5000 տղամարդ կերակրեց, ժողովուրդը հիացաւ։ Ան անդրադարձաւ թէ անոնք ի՛նչ կ’ուզէին ընել։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց» (Յովհ. 6։10-15)։ Յաջորդ օրը, երբ ժողովուրդը թերեւս քիչ մը հանդարտած էր, Յիսուս անոնց բացատրեց որ ինք չէր եկած իրենց նիւթական պէտքերը հոգալու, հապա՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելու։ Անոնց ըսաւ. «Գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յովհ. 6։25-27)։ դ18.06 4 ¶4-5
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 17
Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ (Եսա. 42։3)։
«Ջախջախուած եղէգ»ի պէս եւ «պլպլած պատրոյգ»ի պէս եղողներուն զգացումները հասկնալով, Յիսուս նկատառու, ազնիւ եւ համբերող էր (Մար. 10։14)։ Անշուշտ, Յիսուսին խորատեսութիւնը եւ սորվեցնելու կարողութիւնը չունինք։ Բայց կրնա՛նք նկատառութիւն ցուցնել թաղամասի մարդոց, երբ գիտնանք ինչպէ՛ս խօսիլ անոնց հետ, ե՛րբ խօսիլ եւ որքա՛ն երկար խօսիլ։ Ներկայիս, միլիոնաւորներ «յոգնած ու ցիրուցան եղած» են՝ անխիղճ վաճառականներու, քաղաքական մարդոց եւ կրօնական առաջնորդներու ձեռքին տակ (Մատ. 9։36)։ Այս պատճառով, շատեր ուրիշներու չեն վստահիր եւ անյոյս են։ Ուստի, շատ կարեւոր է որ մեր բառերը նկատառութեամբ զատենք եւ անոնց հետ ազնիւ թոնով խօսինք։ Շատեր մեր պատգամը մտիկ կ’ընեն ոչ միայն քանի որ Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն ունինք կամ լաւ կը տրամաբանենք, այլեւ քանի որ իրենցմով անկեղծօրէն կը հետաքրքրուինք եւ զիրենք կը յարգենք։ դ18.09 31 ¶13-14
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 18
Երանի՜ հոգիով աղքատներուն (Մատ. 5։3)։
Հոգիով աղքատ անձը կ’ըմբռնէ, թէ պէտք ունի Աստուած ճանչնալու եւ պէտք ունի Իր օգնութեան եւ ուղղութեան։ Յայտնի կ’ըլլայ որ մենք «հոգիով աղքատ» ենք, երբ Սուրբ Գիրքը սերտենք, Աստուծոյ հնազանդինք եւ երանելի Աստուծոյ պաշտամունքը առաջին տեղը դնենք։ Ասոնք ընելը աւելի պիտի երջանկացնէ մեզ եւ պիտի զօրացնէ մեր հաւատքը Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ (Տիտ. 2։13)։ Մնայուն երջանկութիւն ունենալու համար պէտք է Եհովային հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք» (Փլպ. 4։4)։ Եհովային մտերիմ բարեկամը ըլլալու համար պէտք է աստուածային իմաստութիւն ունենանք (Առ. 3։13, 18)։ Սակայն երջանիկ մնալու համար, շատ կարեւոր է որ ոչ միայն Աստուծոյ Խօսքը կարդանք, հապա նաեւ զայն գործադրենք։ Յիսուս ասոր կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհ. 13։17. Յակ. 1։25)։ Ասիկա բանալին է, որ մեր հոգեւոր պէտքերը գոհացնենք եւ երջանիկ մնանք։ դ18.09 18 ¶4-6
Շաբաթ, դեկտեմբեր 19
Եպափրաս. . . ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար կը ջանայ (Կող. 4։12)։
Եպափրաս լաւ գիտէր եղբայրները եւ խորապէս հետաքրքրուած էր անոնցմով։ Ճիշդ է որ ան Պօղոսին «գերութեան ընկեր»ն էր, այսինքն՝ անձնական խնդիրներ ունէր, բայց ուրիշներուն հոգեւոր պէտքերով ալ հետաքրքրուած էր (Փլմ. 23)։ Ան նաեւ բան մը ըրաւ, որպէսզի անոնց օգնէր. իր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար աղօթեց։ Մենք ալ նոյնը կրնանք ընել, նոյնիսկ անոնց անունը նշելով։ Այսպիսի աղօթքներ շատ ազդեցութիւն ունին (Բ. Կոր. 1։11. Յակ. 5։16)։ Մտածէ այն անհատներուն մասին, որոնց անունը նշելով կրնաս աղօթել։ Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր կ’աղօթեն իրենց ժողովքին պատկանող այն անհատներուն կամ ընտանիքներուն համար, որոնք ծանր պատասխանատուութիւններ շալկած են, կամ դժուար որոշումի կամ փորձութեան առջեւ են։ Նաեւ կրնաս աղօթել այն անհատներուն համար, որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են, որոնք վերջերս աղէտէ մը կամ պատերազմէ մը վերապրած են կամ որոնք դրամական նեղութիւն ունին։ Յստակ է թէ բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր կան, որոնք մեր աղօթքներուն պէտք ունին։ դ18.09 5-6 ¶12-13
Կիրակի, դեկտեմբեր 20
Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը (Գործք 20։35)։
Պօղոս միայն չէր խօսեր նիւթական բաներ տալու մասին, հապա նաեւ քաջալերութիւն, խրատ եւ գործնական օգնութիւն տալու մասին (Գործք 20։31-35)։ Պօղոս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով սորվեցուց մեզի, որ ուրիշներուն տանք մեր ժամանակը, կորովը, ուշադրութիւնը եւ սէրը։ Մարդոց վարքը սերտող գիտնականներն ալ նկատած են, որ տալը կ’ուրախացնէ մարդիկը։ Յօդուած մը կը նշէ, թէ «մարդիկ կ’ըսեն որ երբ լաւ բաներ կ’ընեն ուրիշներուն՝ շատ աւելի ուրախ կը զգան»։ Գիտնականները կ’ըսեն որ ուրիշներուն օգնելը կարեւոր է, որպէսզի զգանք թէ մեր կեանքը «նպատակ եւ իմաստ ունի», քանի որ ատիկա մեր «հիմնական պէտքերը կը գոցէ»։ Այս պատճառով, կարգ մը գիտնականներ կը թելադրեն, որ մարդիկ կամաւոր գործեր ընեն, որպէսզի աւելի առողջ եւ ուրախ ըլլան։ Անշուշտ, անոնց ըսածը մեզ չի զարմացներ, քանի որ մեր սիրալիր Ստեղծիչը՝ Եհովան, միշտ ըսած է որ տալը ուրախութիւն կը պատճառէ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ դ18.08 22 ¶17-18
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 21
Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք (Յովհ. 7։24)։
Յիսուս Քրիստոսին մասին Եսայիին տուած մարգարէութիւնը կը քաջալերէ եւ յոյս կու տայ մեզի։ Ան մարգարէացաւ թէ Յիսուս «իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ», եւ թէ «աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ» (Եսա. 11։3, 4)։ Ասիկա ինչո՞ւ քաջալերական է։ Քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ նախապաշարուած են եւ երեւոյթէն կը դատեն իրար։ Իրապէս պէտք ունինք կատարեալ Դատաւորին՝ Յիսուսին, որ բնա՛ւ մեր երեւոյթին համեմատ պիտի չդատէ մեզ։ Ամէն օր, մարդոց մասին կարծիքներ կը կազմենք, բայց չենք կրնար հարիւր առ հարիւր ճիշդ կարծիքներ կազմել, քանի որ Յիսուսին պէս կատարեալ չենք։ Մենք կ’ազդուինք մեր աչքերուն տեսածով։ Սակայն Յիսուս ըսաւ որ «աչքի երեւցածին պէս» չդատենք, հապա «արդար դատաստան» ընենք։ Յստակ է որ Յիսուս կ’ուզէ, որ իրեն նմանինք եւ երեւոյթէն չդատենք։ դ18.08 8 ¶1-2
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 22
Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք» (Եսա. 30։21)։
Ճիշդ է որ ներկայիս Եհովան երկինքէն չի խօսիր, սակայն տուած է իր գրաւոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, որուն մէջ մեզի ուղղութիւն կու տայ։ Ասկէ զատ, Եհովայի հոգին ‘հաւատարիմ տնտեսը’ կը մղէ, որ շարունակ Իր ծառաներուն հոգեւոր սնունդ տայ (Ղուկ. 12։42)։ Ի՜նչ առատ հոգեւոր սնունդ կը ստանանք՝ տպուած եւ առցանց հրատարակութիւններու, վիտէօներու եւ ձայնագրութիւններու միջոցաւ։ Եհովայի խօսքերը մեզ կը վստահեցնեն, որ ամէն բան իր հակակշռին տակ է եւ թէ պիտի ջնջէ որեւէ վնաս, որ Սատանան եւ չար աշխարհը մեր վրայ բերած են։ Վճռե՛նք ուշադրութեամբ մտիկ ընել Եհովայի ձայնը։ Այսպիսով պիտի կարենանք տոկալ բոլոր խնդիրներուն, որոնք ներկայիս կը դիմագրաւենք, եւ որեւէ դժուարութեան, որ ապագային պիտի ունենանք։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը յիշեցնէ. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք» (Եբ. 10։36)։ դ19.03 13 ¶17-18
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 23
Տէրը. . . Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը» (Յես. 1։1, 2)։
Որովհետեւ Մովսէս շատ երկար տարիներ առաջնորդեց իսրայէլ ազգը, Յեսուն մտածած ըլլալու էր որ արդեօք ժողովուրդը զինք պիտի ընդունէի՞ն (Բ. Օր. 34։8, 10-12)։ Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը Յեսու 1։1, 2–ին ակնարկելով կ’ըսէ, թէ ըլլա՛յ անցեալին կամ ներկայիս՝ պետութեան մը համար ամէնէն դժուար եւ վտանգաւոր ժամանակներէն մէկն է, երբ առաջնորդի մը կը յաջորդէ ուրիշ մը։ Բնական է որ Յեսուն վախեր ունենար, բայց Եհովա Աստուծոյ վստահեցաւ եւ շուտով հետեւեցաւ Իր ցուցմունքներուն (Յես. 1։9-11)։ Եւ քանի որ իրեն վստահեցաւ, Եհովա Աստուած զինք օրհնեց ու հրեշտակի մը միջոցաւ առաջնորդեց զինք եւ իսրայէլացիները։ Տրամաբանական է եզրակացնել որ այդ հրեշտակը Բանն էր՝ Աստուծոյ միածին Որդին (Ել. 23։20-23. Յովհ. 1։1)։ Եհովա Աստուած իսրայէլ ազգին օգնեց, որ համակերպի եղած փոփոխութիւններուն, երբ Յեսուն նոր առաջնորդը եղաւ։ դ18.10 22-23 ¶1-4
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 24
Իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար (Մաղ. 3։16)։
Եհովա Աստուած կը ճանչնայ իրեն սրտանց ծառայողները, եւ անոնց անունները կը գրէ իր «յիշատակի գիրք»ին մէջ։ Եթէ կ’ուզենք որ մեր անունը մնայ Եհովա Աստուծոյ «յիշատակի գիրք»ին մէջ, բան մը կայ որ պէտք է ընենք։ Մաղաքիա մարգարէն ըսաւ, որ պէտք է Եհովա Աստուծմէ վախնանք եւ իր անուան վրայ խոկանք։ Եթէ որեւէ ուրիշ բան կամ մէկը պաշտենք, մեր անունը պիտի ջնջուի Եհովա Աստուծոյ գիրքէն (Ել. 32։33. Սաղ. 69։28)։ Ուրեմն, չի բաւեր որ Եհովա Աստուծոյ խոստանանք, թէ իր կամքը պիտի կատարենք, եւ ետքը մկրտուինք։ Ասոնք բաներ են որ մէկ անգամ կ’ընենք, բայց Եհովան պաշտելը կեանքի ընթացք է։ Այնքան ատեն որ կ’ապրինք, պէտք է ամէն օր գործով փաստենք, որ Եհովա Աստուծոյ կը հնազանդինք (Ա. Պետ. 4։1, 2)։ դ18.07 23-24 ¶7-9
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 25
Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք (Եբ. 6։1)։
Եթէ տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, ինքնաբերաբար հասուն չենք դառնար։ Պէտք է ջանք թափենք եւ շարունակենք աւելցնել մեր գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը։ Այս պատճառով, պէտք է ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդանք (Սաղ. 1։1-3)։ Ասիկա նպատակակէտ դրա՞ծ ես։ Մինչ Սուրբ Գիրքը ամէն օր կը կարդաս, աւելի լաւ պիտի հասկնաս Եհովա Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները։ Քրիստոնեաներուն համար ամէնէն կարեւոր օրէնքը սիրոյ օրէնքն է։ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Յիսուսին խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս, սէրը կոչեց «արքայական օրէնքը» (Յակ. 2։8)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Օրէնքին լրումը սէրն է» (Հռով. 13։10)։ Չենք զարմանար որ սէրը այսքան կարեւոր է, քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ դ18.06 19 ¶14-15
Շաբաթ, դեկտեմբեր 26
Դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը (Սաղ. 106։33)։
Իսրայէլացիները Եհովա՛ն բարկացուցին, բայց Մովսէսն էր որ դառնացաւ։ Ան առանց ինքնազսպումի խօսեցաւ, հաշիւ չընելով հետեւանքները։ Մովսէս ձգեց որ ուրիշներուն ըրածները իր կեդրոնացումը շեղեն Եհովայէն։ Առաջին դէպքին որ իսրայէլացիները գանգատեցան, Մովսէս ճիշդը ըրաւ (Ել. 7։6)։ Բայց թերեւս ան տարիներու ընթացքին այնքա՛ն ձանձրացաւ եւ յոգնեցաւ իսրայէլացիներուն ըմբոստ ոգիէն, որ երկրորդ դէպքին սխալ ըրաւ։ Կրնայ ըլլալ որ ան իր զգացումներո՛ւն վրայ կեդրոնացած էր, եւ ոչ թէ՝ Եհովային փառք բերելու վրայ։ Եթէ Մովսէսին պէս հաւատարիմ մարգարէ մը իր կեդրոնացումը կորսնցուց, նոյն բանը դիւրութեամբ կրնայ պատահիլ մեզի։ Մովսէս Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էր, իսկ մենք նոր աշխարհը մտնելու վրայ ենք (Բ. Պետ. 3։13)։ Մեզմէ ո՛չ մէկը կ’ուզէ այս յատուկ առանձնաշնորհումը կորսնցնել։ Բայց նոր աշխարհը մտնելու համար, պէտք է մեր աչքը կեդրոնացած պահենք Եհովային վրայ եւ իրեն միշտ հնազանդինք (Ա. Յովհ. 2։17)։ դ18.07 15 ¶14-16
Կիրակի, դեկտեմբեր 27
Չարին յաղթեցիք (Ա. Յովհ. 2։14)։
Սատանան չի կրնար մարդիկը ստիպել, որ իրենց չուզած բանը ընեն (Յակ. 1։14)։ Շատեր նոյնիսկ չեն անդրադառնար որ Սատանային կողմն են։ Բայց ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, ամէն մէկը պէտք է որոշէ, թէ որո՛ւն կողմը պիտի ըլլայ. Եհովայի՞ն թէ ոչ Սատանային (Գործք 3։17. 17։30)։ Եթէ վճռած ենք Աստուծոյ հնազանդիլ, Սատանան չի կրնար մեզ անհաւատարիմ դարձնել (Յոբ 2։3. 27։5)։ Ուրիշ բաներ ալ կան, որ Սատանան եւ դեւերը չեն կրնար ընել։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ կ’ըսէ, թէ անոնք կրնան մեր միտքը կամ սիրտը կարդալ։ Միայն Եհովան եւ Յիսուսը կրնան ասիկա ընել (Ա. Թագ. 16։7. Մար. 2։8)։ Եթէ մեր լաւագոյնը ընենք, որ Եհովային կամքին համաձայն խօսինք եւ գործենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան թոյլ պիտի չտայ, որ Սատանան մնայուն կերպով մեզի վնասէ (Սաղ. 34։7)։ Պէ՛տք է մեր թշնամիին ո՛վ ըլլալը գիտնանք, բայց պէտք չունինք իրմէ վախնալու։ Նոյնիսկ մեր անկատար վիճակին մէջ կրնա՛նք Եհովային օգնութեամբ յաղթել Սատանային։ Եթէ իրեն հակառակ կենանք, պիտի փախչի մեզմէ (Յակ. 4։7. Ա. Պետ. 5։9)։ դ18.05 26 ¶15-17
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 28
Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին (Առ. 16։3)։
Հաշուէ թէ կը ծրագրես հեռու շրջան մը երթալ կարեւոր առիթի մը համար։ Հոն հասնելու համար պէտք է որ պաս առնես։ Երբ պասի կայանը կ’երթաս, հոն կը տեսնես որ բազմաթիւ պասեր կան։ Հարկ է որ ընտրես այն պասը, որ որոշած շրջանդ պիտի ուղղուի։ Եթէ որեւէ ուրիշ պաս ելլես, սխալ տեղ կ’երթաս։ Կեանքը ճամբորդութեան կը նմանի, եւ դուն՝ ո՛վ պատանի՝ ճամբորդ ես։ Ատեններ, գլուխդ կը դառնայ՝ այնքա՛ն որ ընտրութիւններ եւ որոշումներ կ’ըլլան առջեւդ։ Բայց աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ ճիշդ որոշումը առնես, եթէ գիտես թէ ճիշդ ո՛ւր կ’ուզես երթալ։ Արդեօք պիտի կեդրոնանա՞ս Եհովան հաճեցնելու վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ՝ իր խրատներուն հետեւիլ ամէն անգամ որ որոշում պիտի առնես, ըլլայ ուսում առնելու, ի՛նչ գործ աշխատելու, ամուսնանալու կամ զաւակ ունենալու շուրջ։ Նաեւ կը նշանակէ՝ ջանք թափել որ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնիս։ Եթէ կեդրոնացած մնաս Եհովային ծառայութեան վրայ, կրնաս վստահ ըլլալ, որ ան քեզ պիտի օրհնէ որ ծրագիրներդ յաջողին։ դ18.04 25 ¶1-3
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 29
Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր եւ դուն ինծի իմ նեղիչներէս մէկը եղար (Դատ. 11։35)։
Յեփթայէ իր խօսքին տէրը եղաւ եւ իր աղջիկը ղրկեց, որ խորանին մէջ ծառայէ մինչեւ կեանքին վերջը (Դատ. 11։30-35)։ Ճիշդ է որ ասիկա դժուար էր Յեփթայէին համար, բայց վստահաբար ա՛լ աւելի դժուար էր իր աղջկան համար։ Բայց ան յօժար էր իր հօր խոստումը կատարելու (Դատ. 11։36, 37)։ Ասիկա կը նշանակէր որ ան պիտի չամուսնանար, զաւակ պիտի չունենար եւ ընտանիքին անունն ու ժառանգութիւնը պիտի չկարենար փոխանցել սերունդէ սերունդ։ Ան մխիթարութեան եւ քաջալերութեան շատ պէտք ունէր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն ատեն Իսրայէլին աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէին աղջկանը համար տարին չորս օր լան [«գովեն զինք», ՆԱ]» (Դատ. 11։39, 40)։ Յեփթայէին աղջիկը մեզի կը յիշեցնէ այն անհատները, որոնք ներկայիս ամուրի կը մնան, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայեն։ Անոնք ալ արժանի են մեր գովասանքին եւ քաջալերութեան (Ա. Կոր. 7։32-35)։ դ18.04 17 ¶10-11
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 30
Հրեշտակներ. . . իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին (Յդ. 6)։
Բազմաթիւ հրեշտակներ Սատանային միանալով ըմբոստացան Աստուծոյ դէմ։ Օրինակ, Ջրհեղեղէն առաջ, Սատանան կարգ մը հրեշտակներ մղեց որ անբարոյ յարաբերութիւններ ունենան կիներու հետ։ Ասիկա Սուրբ Գիրքին մէջ այլաբանական կերպով նկարագրուած է, թէ վիշապը երկինքի աստղերուն մէկ երրորդ մասը իր կողմը քաշած է (Ծն. 6։1-4. Յայտ. 12։3, 4)։ Երբ այդ հրեշտակները ձգեցին Աստուծոյ ընտանիքը, ինքզինքնին Սատանային իշխանութեան տակ դրին։ Անոնք կազմակերպուած են։ Սատանան իր անտեսանելի կառավարութիւնը հիմնած է, ընդօրինակելով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ան ինքզինք թագաւոր ըրած է, իսկ դեւերուն հեղինակութիւն տուած է եւ զիրենք կառավարութիւններու բաժնած է, որպէսզի աշխարհին վրայ իշխեն (Եփ. 6։12)։ Ան իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ, որպէսզի բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն վրայ իշխէ։ դ18.05 23 ¶5-6
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 31
Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն (Սաղ. 16։7)։
Երբեմն Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը կը ցուցնէ՝ մեզ հօր մը պէս սրբագրելով։ Դաւիթ այս մէկը կ’արժեւորէր։ Ան Աստուծոյ մտածումներուն վրայ խոկաց, զանոնք որդեգրեց եւ թոյլ տուաւ որ իր մտածումին ազդեն։ Եթէ դո՛ւն ալ նոյնը ընես, Աստուծոյ հանդէպ սէրդ եւ իրեն ծառայելու փափաքդ պիտի զօրանան, ինչպէս նաեւ հոգեւորապէս աւելի հասուն պիտի ըլլաս։ Քրիսթին անունով քոյր մը ըսաւ. «Երբ պրպտում ընեմ եւ կարդացածիս վրայ խոկամ, կը զգամ որ Եհովան ատոնք ուղղակի ինծի համար գրել տուած է»։ Հոգեւոր մտածելակերպ ունենալը կը ձգէ, որ Աստուծոյ աչքով նայիս աշխարհին եւ ատոր ապագային։ Եհովան այս յատուկ գիտակցութիւնն ու խորատեսութիւնը կու տայ քեզի։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ուզէ որ գիտնաս թէ կեանքի մէջ ի՛նչն է կարեւորը, իմաստուն որոշումներ առնես եւ ապագային նկատմամբ վախ չունենաս։ Եսայի մարգարէն ըսաւ որ Եհովան պիտի պաշտպանէ բոլոր անոնք, որոնք Իրեն լիովին կ’ապաւինին, եւ անոնց մնայուն խաղաղութիւն պիտի տայ (Եսա. 26։3)։ դ18.12 26 ¶9-10