Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք21
  • Յունուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, յունուար 1
  • Շաբաթ, յունուար 2
  • Կիրակի, յունուար 3
  • Երկուշաբթի, յունուար 4
  • Երեքշաբթի, յունուար 5
  • Չորեքշաբթի, յունուար 6
  • Հինգշաբթի, յունուար 7
  • Ուրբաթ, յունուար 8
  • Շաբաթ, յունուար 9
  • Կիրակի, յունուար 10
  • Երկուշաբթի, յունուար 11
  • Երեքշաբթի, յունուար 12
  • Չորեքշաբթի, յունուար 13
  • Հինգշաբթի, յունուար 14
  • Ուրբաթ, յունուար 15
  • Շաբաթ, յունուար 16
  • Կիրակի, յունուար 17
  • Երկուշաբթի, յունուար 18
  • Երեքշաբթի, յունուար 19
  • Չորեքշաբթի, յունուար 20
  • Հինգշաբթի, յունուար 21
  • Ուրբաթ, յունուար 22
  • Շաբաթ, յունուար 23
  • Կիրակի, յունուար 24
  • Երկուշաբթի, յունուար 25
  • Երեքշաբթի, յունուար 26
  • Չորեքշաբթի, յունուար 27
  • Հինգշաբթի, յունուար 28
  • Ուրբաթ, յունուար 29
  • Շաբաթ, յունուար 30
  • Կիրակի, յունուար 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
աք21

Յունուար

Ուրբաթ, յունուար 1

Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք (Մատ. 28։19)։

Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաները կ’ուզեն գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնան ամբողջովին կատարել իրենց յանձնարարուած ծառայութիւնը (Բ. Տիմ. 4։5)։ Ի վերջոյ, այս գործը ամէնէն կարեւոր ու հրատապ գործն է։ Սակայն թերեւս դժուարութիւն ունինք՝ մեր ուզած չափով ծառայութեան ժամանակ տրամադրելու, քանի որ ուրիշ կարեւոր գործունէութիւններ ունինք, որոնք մեր ժամանակը եւ ուժը կը սպառեն։ Թերեւս օրական երկա՜ր ժամեր պէտք է աշխատինք, որպէսզի բաւարար դրամ շահելով կարենանք մեր պէտքերը հոգալ։ Թերեւս ընտանեկան ուրիշ պատասխանատուութիւններ ունինք, հիւանդ կամ ընկճուած ենք, կամ տարեց ըլլալով որոշ խնդիրներէ կը տառապինք։ Չվհատի՛նք եթէ մեր պարագաները պատճառ կը դառնան, որ քիչ ժամանակ տրամադրենք Եհովայի ծառայութեան։ Յիսուս գիտէ՛ր որ բոլորս պիտի չկարենանք նոյն չափով Թագաւորութեան պտուղ բերել, այսինքն՝ նոյնքան ժամանակ եւ ոյժ տրամադրել բարի լուրը քարոզելուն (Մատ. 13։23)։ Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ ամէն բան որ կ’ընենք իր ծառայութեան մէջ, այնքան ատեն որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք (Եբ. 6։10-12)։ դ19.04 2 ¶1-3

Շաբաթ, յունուար 2

Սատանան. . . ստախօս է եւ անոր հայրը (Յովհ. 8։44)։

Մեռելներուն մասին Սատանային սուտերը Եհովան կը զրպարտեն։ Ատոնց մէկ օրինակն է՝ թէ մեռելները կրակի մէջ կը տանջուին։ Այսպիսի ուսուցումներ կը ձգեն որ մարդիկ հաւատան, թէ սիրոյ Աստուածը Բանսարկուին դաժան անձնաւորութիւնը ունի (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ասիկա գիտնալով, ի՞նչ կը զգաս։ Այս մէկը վստահաբար Եհովան կը տխրեցնէ, քանի որ ամէն տեսակ անգթութիւն կ’ատէ (Եր. 19։5)։ Այդ սուտերը նաեւ Քրիստոսի փրկանքին հանդէպ հաւատքը կը տկարացնեն (Մատ. 20։28)։ Օրինակ, այն սուտը, թէ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին, եթէ ճիշդ ըլլար, ամէն մարդ յաւիտեան պիտի ապրէր։ Հարկ պիտի չըլլար որ Քրիստոս իր կեանքը որպէս փրկանք տար մեզի համար, յաւիտենական կեանք ունենալու համար։ Յիշէ որ Քրիստոսին զոհը մարդկային ընտանիքին հանդէպ դրսեւորուած սիրոյ մեծագոյն արտայայտութիւնն է (Յովհ. 3։16. 15։13)։ Երեւակայէ թէ Եհովան եւ իր Որդին ի՛նչ կը զգան այն ուսուցումներուն նկատմամբ, որոնք այս անգին պարգեւին արժէքէն կ’իջեցնեն։ դ19.04 14 ¶1. 16 ¶8-9

Կիրակի, յունուար 3

Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք (Ա. Կոր. 2։16)։

Չորս Աւետարանները կը նշեն շա՜տ մը բաներ, որոնք Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ, երբ երկրի վրայ էր։ Իսկ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մնացեալ մասը նաեւ մեզի կ’օգնէ հասկնալու Յիսուսին միտքը, քանի որ գրողները սուրբ հոգիէն ներշնչուեցան եւ «Քրիստոսին միտքը» ունէին։ Յիսուսի սորվեցուցածները կեանքի բոլոր մարզերուն համար օգտակար են։ Ուստի «Քրիստոսին օրէնքը» կ’ազդէ ամէն բանի որ կ’ընենք տունը, գործատեղը կամ դպրոցը, եւ ժողովքին մէջ (Գաղ. 6։2)։ Այս օրէնքը կը սորվինք՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կարդալով եւ անոնց վրայ խոկալով։ Իսկ այս օրէնքին կը հնազանդինք՝ անոր մէջի ուղղութիւններուն, պատուէրներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն ապրելով։ Երբ Քրիստոսի օրէնքին հնազանդինք, Եհովային կը հնազանդինք, քանի որ ինք Յիսուսի սորվեցուցած բոլոր բաներուն Աղբիւրն է (Յովհ. 8։28)։ դ19.05 3 ¶6-7

Երկուշաբթի, յունուար 4

Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան (Բ. Տիմ. 3։13)։

Ցաւալի է երբ մարդիկ Սատանային ուզածը կ’ընեն։ Սակայն, Եհովան միշտ տեղեակ է Սատանային մեթոտներէն։ Ան լիովին գիտէ թէ մենք որքա՜ն կը չարչարուինք, եւ մեզի պէտք եղած մխիթարութիւնը կրնայ տալ։ Մեզի համար օրհնութիւն է ծառայել ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք’ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Մօտիկ անհատներու կողմէ չարաշահուողները կամ անոնք, որոնց ծնողքը չէ ուզած զիրենք պաշտպանել չարաշահութենէ, յատկապէս մխիթարուելու պէտք ունին։ Սաղմոսերգու Դաւիթ գիտէր, որ Եհովան ամէնէն վստահելի մխիթարիչն է (Սաղ. 27։10)։ Դաւիթ կը հաւատար, որ Եհովան ընտանիքին կողմէ մերժուածներուն Հայրը կը դառնայ։ Ինչպէ՞ս։ Իր հաւատարիմ ծառաները գործածելով։ Մեր հաւատակիցները մեր հոգեւոր ընտանիքն են։ Օրինակ, Եհովան պաշտողներուն մասին Յիսուս ըսաւ, թէ անոնք իր եղբայրները, քոյրերը եւ մայրն են (Մատ. 12։48-50)։ դ19.05 15-16 ¶8-9

Երեքշաբթի, յունուար 5

Լաւ բաները ընտրեցէք (Փլպ. 1։10)։

Առաջին կարգին ի՞նչ բան պէտք է սերտենք։ Անշուշտ պէտք է ամէն օր ժամանակ տրամադրենք Աստուծոյ Խօսքը սերտելու։ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան յայտագիրը այժմ աւելի քիչ գլուխներ կը պարփակէ, որպէսզի մեզի աւելի ժամանակ տրուի մեր կարդացածին վրայ խոկալու եւ յաւելեալ փնտռտուք ընելու։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ ոչ թէ այդ շաբթուան նշանակուած համարները պարզապէս կարդալ, հապա ձգել որ Աստուածաշունչին պատգամը մեր սրտին հասնի, ինչ որ մեզ Եհովային պիտի մօտեցնէ (Սաղ. 19։14)։ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեամբ Աստուածաշունչը կը սերտենք։ Ուստի մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայէ համարներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք ժողովին ընթացքին պիտի կարդացուին։ Նկատի առ թէ համարներուն բանալի բառերը կամ արտայայտութիւնները ինչպէ՛ս թիկունք կը կանգնին պարբերութեան քննարկած կէտին։ Ասկէ զատ, ժամանակ տուր կարդացած համարներուդ վրայ խոկալու եւ տեսնելու թէ ինչպէ՛ս կրնաս զանոնք կեանքիդ մէջ գործադրել (Յես. 1։8)։ դ19.05 27 ¶5, 9

Չորեքշաբթի, յունուար 6

Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ (Յովհ. 4։34)։

Յիսուս շա՜տ աղուոր օրինակ հանդիսացաւ՝ ծառայութեան հանդէպ իր ունեցած կեցուածքով։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլը ամէնէն կարեւոր բանն էր իրեն համար։ Ան հարիւրաւոր քիլոմեթրներ քալեց, որպէսզի կարելի եղածին չափ շա՜տ մարդոց քարոզէ։ Ամէն առիթ օգտագործեց, որ մարդոց խօսի՝ իրենց տուներուն մէջ կամ որեւէ տեղ։ Իրապէս, Յիսուսին ամբողջ կեանքը ծառայութեան շուրջ կը դառնար։ Մենք կրնանք զինք ընդօրինակել՝ առիթներ ստեղծելով, որ բարի լուրին մասին մարդոց խօսինք ո՛ւր որ եւ ե՛րբ որ կարելի է։ Պատրաստ ենք մեր անձնական հանգիստը զոհելու, որպէսզի քարոզչութեան մասնակցինք (Մար. 6։31-34. Ա. Պետ. 2։21)։ Ժողովքին մէջ ոմանք մասնաւոր, կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրաներ կ’ըլլան։ Ուրիշներ սորված են օտար լեզու մը խօսիլ կամ փոխադրուած են շրջան մը, ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Սակայն, պարզ հրատարակիչներն են, որոնք քարոզչութեան մեծ մասը կը կատարեն՝ իրենց լաւագոյնը ընելով։ Պարագան ինչ որ ալ ըլլայ, Եհովան մեզմէ չի պահանջեր բան մը, որ մեր կարողութենէն վեր է։ դ19.04 4 ¶7-8

Հինգշաբթի, յունուար 7

Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը քու առջեւդ ընդունելի ըլլան, ո՛վ Տէր (Սաղ. 19։14)։

Դուն քեզի հարցուր. ‘Սրտիս մէջ նախանձի հետք կա՞յ’ (Ա. Պետ. 2։1)։ ‘Քիչ մը հպարտութիւն ունի՞մ ենթահողիս, ուսումիս կամ դրամական լաւ վիճակիս պատճառով’ (Առ. 16։5)։ ‘Ցած աչքով կը նայի՞մ անոնց, որոնք ընկերային տարբեր խաւի կամ տարբեր ցեղի կը պատկանին’ (Յակ. 2։2-4)։ ‘Կը հրապուրուի՞մ այն բաներով, որոնք Սատանայի աշխարհը կը հրամցնէ’ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ ‘Հաճոյք կ’առնե՞մ անբարոյ եւ վայրագ ժամանցներէ’ (Սաղ. 97։10. 101։3. Ամս. 5։15)։ Երբ այս հարցումներուն պատասխանես, թերեւս անդրադառնաս որ կարգ մը բաներու վրայ պէտք է աշխատիս։ Մենք մեծապէս կ’ազդուինք անոնցմէ, որոնց հետ կ’ընկերակցինք (Առ. 13։20)։ Գործատեղը կամ դպրոցին մէջ, հաւանաբար շրջապատուած ենք անձերով, որոնք մեզի պիտի չօգնեն, որ աստուածահաճոյ մտածելակերպ զարգացնենք։ Սակայն, կրնանք ամէնէն լաւ ընկերակցութիւնը գտնել քրիստոնէական ժողովներուն մէջ։ Հոն է որ կը մղուինք «սիրոյ եւ բարեգործութեան» (Եբ. 10։24, 25)։ դ19.06 12 ¶13-14

Ուրբաթ, յունուար 8

Յանցանքը ներելը անոր պարծանք է (Առ. 19։11)։

Եհովային նպատակը չէր որ մեզմէ ոեւէ մէկը ներկայ խնդիրները եւ ճնշումները դիմագրաւէ։ Ուրեմն հասկնալի է, եթէ Եհովայի հաւատարիմ մէկ ծառան մեծ ճնշումի տակ ըլլալով՝ առանց մտածելու խօսի (Յոբ 6։2, 3)։ Նոյնիսկ եթէ ան Եհովային կամ մեր անձին մասին սխալ բաներ ըսէ, պէտք չէ շուտով բարկանանք կամ զինք դատապարտենք։ Երբեմն, ճնշիչ խնդիր ունեցող անհատը նաեւ որոշ խրատի պէտք կ’ունենայ (Գաղ. 6։1)։ Երէցները ի՞նչ կրնան ընել։ Լաւ կ’ըլլայ որ Եղիուսը ընդօրինակեն, որ մեծ կարեկցութեամբ Յոբին մտիկ ըրաւ (Յոբ 33։6, 7)։ Եղիուս իր խրատը տուաւ, միայն Յոբին մտածումը հասկնալէ ետք։ Ուրեմն, երէցները պէտք է ուշադրութեամբ մտիկ ընեն եւ ջանան անհատին պարագան հասկնալ։ Ետքը, երբ խրատ տան, աւելի հաւանական է որ անհատին սրտին հասնին։ դ19.06 22-23 ¶10-11

Շաբաթ, յունուար 9

Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց (Գործք 5։29)։

Արգիլումի տակ, ինչպէ՞ս կրնաս շարունակել Եհովան պաշտել։ Մասնաճիւղը ժողովքիդ երէցներուն ուղղութիւններ եւ գործնական առաջարկներ պիտի տայ։ Եթէ մասնաճիւղը չի կրնար երէցներուն հետ կապ պահել, այն ատեն երէցները քեզի եւ ժողովքի բոլոր անդամներուն պիտի օգնեն որ շարունակէք Եհովան պաշտել։ Անոնք Սուրբ Գիրքին եւ մեր քրիստոնէական հրատարակութիւններուն համաձայն ուղղութիւններ պիտի տան (Մատ. 28։19, 20. Եբ. 10։24, 25)։ Եհովան խոստացած է որ իր ծառաները հոգեւորապէս լաւ պիտի կերակրուին (Եսա. 65։13, 14. Ղուկ. 12։42-44)։ Ուրեմն կրնաս վստահ ըլլալ, որ իր կազմակերպութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ քեզի պէտք եղած հոգեւոր քաջալերութիւնը տայ։ Իսկ դո՛ւն ի՞նչ կրնաս ընել։ Արգիլումի ընթացքին, գտիր լաւ տեղ մը, ուր կրնաս Սուրբ Գիրքդ եւ ուրիշ հոգեւոր սնունդ պահել։ Ուշադիր եղիր որ այսպիսի արժէքաւոր նիւթեր,– ըլլան տպուած կամ ելեկտրոնային,– չդնես տեղ մը, ուր դիւրաւ կրնան յայտնաբերուիլ։ Մեզմէ ամէն մէկը պէտք է գործնական քայլեր առնէ, որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ։ դ19.07 10 ¶10-11

Կիրակի, յունուար 10

Ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ (Ա. Կոր. 9։22)։

Հազարաւոր տարիներ, աշխարհի մարդոց մեծամասնութիւնը այս կամ այդ կրօնքին կը պատկանէին։ Բայց վերջին տասնամեակներուն, մեծ փոփոխութիւն մը եղած է։ Երթալով աւելի մարդիկ կրօնքի մը չեն հետեւիր։ Իրողութիւնը այն է, որ կարգ մը երկիրներու մէջ, բնակչութեան մեծ մասը կ’ըսէ թէ կրօնք չունի (Մատ. 24։12)։ Ինչո՞ւ։ Ոմանք թերեւս հաճոյքներու վրայ կեդրոնացած են կամ օրուան մտահոգութիւններով տարուած են (Ղուկ. 8։14)։ Ուրիշներ անաստուած դարձած են։ Իսկ ոմանք Աստուծոյ կը հաւատան, բայց իրենց կարծիքով կրօնքը հնադարեան ու անգործնական է եւ գիտութեան ու տրամաբանութեան հետ ներդաշնակ չէ։ Անոնք թերեւս իրենց ընկերներէն, ուսուցիչներէն կամ լրատուամիջոցներէն կը լսեն, որ կեանքը բարեշրջութեամբ յառաջ եկաւ, բայց յաճախ չեն լսեր Աստուծոյ հաւատալու վաւերական պատճառներ։ Շատեր ալ կրօնական առաջնորդներէն խրտչած են, քանի որ ագահօրէն դրամի եւ հեղինակութեան ետեւէ են։ Իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը կրօնական գործունէութիւնը պաշտօնապէս կը սահմանափակէ։ դ19.07 20 ¶1-2

Երկուշաբթի, յունուար 11

Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով (Ա. Կոր. 15։58)։

Դուն պէտք չունիս ֆիզիքապէս զօրաւոր ըլլալու, որպէսզի շարունակես հոգեւորապէս զօրանալ։ Իրականութեան մէջ, շատեր՝ որոնք ֆիզիքապէս տկարացած են, տակաւին վճռած են իրենց լաւագոյնը տալ Եհովային (Բ. Կոր. 4։16)։ Թերեւս Եհովային տարիներո՜վ ծառայած ես եւ հիմա վատառողջութեանդ պատճառով չես կրնար առաջուան պէս ծառայել։ Այս պարագային մի՛ վհատիր։ Վստահ եղիր որ Եհովան կ’արժեւորէ անցեալին ըրած հաւատարիմ ծառայութիւնդ (Եբ. 6։10)։ Իսկ ներկայ ժամանակին նկատմամբ, յիշէ որ Եհովային որքա՛ն ծառայելը չէ որ կը յայտնէ, թէ զինք որքա՛ն կը սիրենք։ Մենք ցոյց կու տանք թէ Եհովան շա՜տ կը սիրենք, երբ դրական կեցուածք կը պահպանենք եւ իրեն համար մեր ամէն կարելին կ’ընենք (Կող. 3։23)։ Ան մեր սահմանափակումները կը հասկնայ եւ մեր կարողութենէն աւելի բա՛ն մը չի պահանջեր (Մար. 12։43, 44)։ դ19.08 3 ¶6. 5 ¶11-12

Երեքշաբթի, յունուար 12

Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը (Մատ. 5։16)։

Եհովան մարդիկը իրեն կը քաշէ քրիստոնէական ժողովքին «բարի գործեր»ուն միջոցաւ (Մատ. 5։14, 15. Ա. Պետ. 2։12)։ Եթէ կողակիցդ Եհովայի վկայ չէ, արդեօք ժողովքիդ անդամներէն ոմանց ծանօթացա՞ծ է։ Կողակիցդ հրաւիրէ որ քեզի հետ ժողովներու ներկայ ըլլայ (Ա. Կոր. 14։24, 25)։ Կը յուսանք որ մեր ընտանիքի անդամներն ալ մեզի հետ Եհովային ծառայեն։ Սակայն, հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն, թերեւս ճշմարտութիւնը չընդունին։ Այդ պարագային, անոնց որոշումին համար պէտք չէ մենք մեզ մեղադրենք։ Մենք չենք կրնար ոեւէ մէկը ստիպել, որ մեր հաւատալիքները ընդունի։ Բայց եւ այնպէս, թեթեւի մի՛ առներ այն ազդեցութիւնը, որ կրնաս ունենալ տնեցիներուն վրայ, մինչ կը տեսնեն թէ Եհովայի ծառայելով որքա՜ն ուրախ ես։ Իրենց համար աղօթէ։ Իրենց հետ ազնուութեամբ խօսէ։ Եւ մի՛ յանձնուիր (Գործք 20։20)։ Վստահ եղիր որ Եհովան ջանքերդ պիտի օրհնէ։ Իսկ եթէ տնեցիները որոշեն քեզի մտիկ ընել, պիտի փրկուին։ դ19.08 18-19 ¶15-17

Չորեքշաբթի, յունուար 13

Մարմնին ճրագը աչքն է, ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ (Մատ. 6։22)։

Յիսուս ըսել ուզեց, որ պէտք է կեդրոնացած մնանք մէկ նպատակակէտի վրայ եւ անկէ չշեղինք։ Յիսուս ի՛նք մեզի օրինակ եղաւ՝ իր կեանքը կեդրոնացնելով ծառայութեան վրայ, եւ իր աշակերտներուն սորվեցուց որ կեդրոնացած մնան Եհովային ծառայելու վրայ եւ Թագաւորութեան վրայ։ Մենք զինք կ’ընդօրինակենք՝ ապրելով կեանք մը, որ կը կեդրոնանայ քրիստոնէական ծառայութեան վրայ, ‘առա՛ջ խնդրելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’ (Մատ. 6։33)։ Ծառայութեան վրայ կեդրոնանալու կերպերէն մէկն է՝ մեր կեանքը պարզացնել, որպէսզի կարենանք աւելի ժամանակ տրամադրել ուրիշներուն օգնելու, որ Եհովան ճանչնան եւ սիրեն։ Օրինակ, թերեւս կրնանք մեր աշխատանքի ժամերը փոփոխութեան ենթարկել, որպէսզի կարենանք շաբթուան ընթացքին աւելի ժամանակ տրամադրել քարոզչութեան։ Նաեւ, կրնանք կարգ մը ժամանցներ թեթեւցնել, որոնք շատ ժամանակ կը սպառեն։ դ19.04 5-6 ¶12-13

Հինգշաբթի, յունուար 14

Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ (Եսա. 57։15)։

Վերջերս, շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք տասնեակ տարիներ Եհովայի ծառայած են, ուրիշ նշանակումներ ստացան։ Անոնց համար դիւրին չէր այսպիսի փոփոխութիւններ ընելը։ Անշուշտ անոնք շատ կը սիրէին իրենց նախկին նշանակումները, որոնք տարիներով վայելած էին։ Ոմանք «սուգ»ի շրջանի մէջ մտան, մինչեւ որ իրենց նոր պարագաներուն վարժուին։ Անոնք ինչո՞ւ կրցան համակերպիլ։ Հիմնական բանը որ իրենց օգնեց՝ Եհովայի հանդէպ սէրն էր։ Անոնք գիտէին որ նուիրուած են Աստուծո՛յ, եւ ոչ թէ գործի մը կամ նշանակումի մը (Կող. 3։23)։ Այժմ ուրախ են Եհովային խոնարհաբար ծառայելով որեւէ նշանակումի մէջ։ Անոնք ‘իրենց ամէն հոգը անոր վրայ կը ձգեն’, վստահ ըլլալով որ զիրենք կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Խոնարհութիւն մշակելով կ’օգտենք թէ՛ մենք մեզի եւ թէ ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ կեանքի դժուարութիւններուն աւելի կը տոկանք։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, մեր երկնաւոր Հօր կը մօտենանք։ դ19.09 6-7 ¶15-17

Ուրբաթ, յունուար 15

Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն. . . ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է (Սաղ. 19։8, 11)։

Եհովան Դաւիթը նշանակեց որպէս գլուխ՝ ոչ միայն իր ընտանիքին, հապա նաեւ ամբողջ իսրայէլ ազգին։ Թագաւոր ըլլալով, Դաւիթ շատ մեծ հեղինակութիւն ունէր։ Երբեմն իր հեղինակութիւնը սխալ կերպով գործածեց եւ լուրջ սխալներ ըրաւ (Բ. Թագ. 11։14, 15)։ Բայց ան Եհովայի ենթարկուեցաւ, իրեն տրուած կրթութիւնը ընդունելով։ Աղօթքով իր սիրտը թափեց Եհովային առջեւ եւ ամէն ջանք ըրաւ որ իրեն հնազանդի (Սաղ. 51։1-4)։ Ասկէ զատ, ան այնքա՛ն խոնարհ էր, որ խրատ ընդունեց ոչ միայն տղամարդոցմէ, հապա նաեւ կիներէ (Ա. Թագ. 19։11, 12. 25։32, 33)։ Ան իր սխալներէն սորվեցաւ եւ Եհովայի ծառայելը իր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դարձուց։ Ան գիտէր թէ Եհովայի հնազանդելով ի՛նչ օգուտներ պիտի քաղէր։ Ներկայիս, Եհովայի հնազանդողներուն եւ իր սիրալիր խրատները մերժողներուն միջեւ տարբերութիւնը բացայայտ է։ Անոնք որ Եհովայի կը հնազանդին ու կ’ենթարկուին, ‘սրտի ուրախութեամբ կը ցնծան’ (Եսա. 65։13, 14)։ դ19.09 17 ¶15. 19 ¶21

Շաբաթ, յունուար 16

Տեսայ մեծ բազմութիւն մը. . . որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին (Յայտ. 7։9)։

1935–ին, Եհովայի վկաները անդրադարձան, որ մեծ բազմութիւնը պայման չէ որ բառացիօրէն երկինքի մէջ ըլլայ, որպէսզի ‘աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կենայ’։ Ատիկա այլաբանական իմաստ ունի։ Թէեւ անոնք երկրի վրայ կ’ապրին, կրնան ‘աթոռին առջեւ կենալ’՝ Եհովայի գերիշխանութիւնը ընդունելով եւ իրեն հնազանդելով (Եսա. 66։1)։ Եւ կրնան ‘Գառնուկին առջեւ կենալ’՝ Յիսուսի փրկանքին հաւատալով։ Նոյնպէս, Մատթէոս 25։31, 32–ի մէջ կ’ըսուի, որ Յիսուսի փառաց աթոռին առջեւ «պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը», մէջը ըլլալով չարերը։ Յստակ է որ այս բոլոր ազգերը երկինքի մէջ չեն, հապա երկրի վրայ են։ Այս ճշդուած հասկացողութիւնը տրամաբանական է, եւ կ’օգնէ տեսնելու թէ Աստուածաշունչը ինչո՛ւ չ’ըսեր որ մեծ բազմութիւնը երկինք պիտի առնուի։ Միայն մէկ խումբի խոստացուած է յաւիտենական կեանք երկինքի մէջ,– 144,000–ը, որոնք Յիսուսի հետ ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտ. 5։10)։ դ19.09 28 ¶9

Կիրակի, յունուար 17

Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր բարեպաշտները (Սաղ. 31։23, ԱԾ)։

Եհովան իր երկրպագուներէն կ’ակնկալէ որ Մեծ Բաբելոնէն անջատուին։ Սակայն բաւարար չէ սուտ կրօնքին հետ մեր կապը խզել, հապա պէտք է նաեւ վճռենք վեր բռնել ճշմարիտ կրօնքը,– Եհովայի մաքուր պաշտամունքը։ Նկատի առ ատիկա ընելու երկու կերպեր։ Առաջին, պէտք է Եհովայի բարոյական չափանիշներուն կողքին հաստատ դիրք բռնենք։ Մենք չենք կրնար աշխարհի արժանիքներն ու չափանիշները ընդունիլ։ Օրինակ, կը մերժենք որեւէ տեսակի սեռային անբարոյութիւն, մէջը ըլլալով՝ նոյն սեռին պատկանող անհատներու ամուսնութիւնը եւ ուրիշ միասեռական ապրելակերպեր (Մատ. 19։4, 5. Հռով. 1։26, 27)։ Երկրորդ, պէտք է շարունակենք մեր հաւատակիցներուն հետ պաշտել։ Ասիկա կ’ընենք ո՛ւր որ յարմար է, այսինքն՝ Թագաւորութեան սրահին մէջ կամ, երբ որ հարկ է, անձնական տուներու մէջ կամ նոյնիսկ գաղտնաբար։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, բնա՛ւ պիտի չդադրինք ժողովներու երթալէ։ Իրականութեան մէջ, մենք պէտք ունինք միասին հաւաքուելու «այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսն[ենք]» (Եբ. 10։24, 25)։ դ19.10 16 ¶6-7

Երկուշաբթի, յունուար 18

Եհովան բացարձակ նուիրուածութիւն պահանջող Աստուած է (Ել. 34։14, ՆԱ)։

Եհովան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք, եւ ժամանցը կ’օգնէ ատիկա ընելու։ Աստուծոյ Խօսքը ինքնին կ’ըսէ, որ «մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի» (Ժող. 2։24)։ Սակայն աշխարհի մատուցած ժամանցը մեծաւ մասամբ մեր վրայ գէշ ազդեցութիւն ունի։ Անիկա մարդոց բարոյական չափանիշները կը տկարացնէ, զիրենք քաջալերելով որ հանդուրժեն կամ նոյնիսկ սիրեն այն բաները, որոնք Աստուածաշունչը կը դատապարտէ։ Մենք կ’ուզենք Եհովան բացարձակապէս պաշտել, հետեւաբար չենք կրնար ուտել թէ՛ «Տէրոջը սեղանէն» եւ թէ «դեւերուն սեղանէն» (Ա. Կոր. 10։21, 22)։ Ընդհանրապէս, մէկու մը հետ ճաշ ուտելը բարեկամութեան նշան է։ Ուստի, եթէ ընտրենք ժամանց մը, որ կը քաջալերէ վայրագութիւն, ոգեհարցութիւն, անբարոյութիւն կամ ուրիշ մարմնաւոր ցանկութիւններ եւ կեցուածքներ, ուրեմն կը մասնակցինք ճաշի մը, որ Աստուծոյ թշնամիներուն կողմէ պատրաստուած է։ Առ ի արդիւնք, թէ՛ մենք մեզի կը վնասենք եւ թէ Եհովայի հետ մեր բարեկամութեան։ դ19.10 26 ¶2. 29 ¶11-12

Երեքշաբթի, յունուար 19

Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան (Բ. Պետ. 1։21)։

Հովէն օգտուելու համար, նաւաստին երկու բան պէտք է ընէ։ Առաջին, պէտք է նաւը հովին ուղղութեան համաձայն դնէ, քանի որ յառաջ պիտի չերթայ, եթէ նաւահանգիստը մնայ։ Երկրորդ, ան պէտք է նաւուն առագաստները ամբողջովին բանայ։ Բայց նաւը պիտի յառաջանայ, միայն եթէ առագաստները հովը բռնեն։ Նոյնպէս մենք Եհովայի ծառայութեան մէջ պիտի տոկանք, միայն եթէ սուրբ հոգիին օգնութիւնը ստանանք։ Անկէ օգտուելու համար, պէտք է երկու քայլեր առնենք։ Առաջին, պէտք է մենք մեզ Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ դնենք, մասնակցելով գործունէութիւններու, որոնք մեզ իր ազդեցութեան տակ կը բերեն։ Երկրորդ, պէտք է մեր առագաստները ամբողջովին բանանք, այդ գործունէութիւններուն մէջ մեր լաւագոյնը ընելով (Սաղ. 119։32)։ Երբ այս քայլերը առնենք, սուրբ հոգին մեզ յառաջ պիտի տանի հակառակութեան եւ փորձութեան ալիքներու ընդմէջէն եւ մեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ շարունակենք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել։ դ19.11 9 ¶8. 10 ¶11

Չորեքշաբթի, յունուար 20

Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի (Յովհ. 14։27)։

Երկրի վրայ որպէս մարդ իր վերջին օրը, Յիսուս խռոված էր։ Քիչ ետք, չար մարդիկ զինք պիտի չարչարէին ու մեռցնէին։ Բայց միայն իր մահը չէր որ զինք կը մտահոգէր։ Ան խորապէս կը սիրէր իր Հայրը եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել։ Գիտէր որ եթէ գալիք դժուար փորձութեան մէջ հաւատարիմ մնար, Եհովայի անուան սրբացման պիտի նպաստէր։ Ան նաեւ մարդիկը կը սիրէր, եւ գիտէր որ յաւիտեան ապրելու մեր յոյսը կախեալ էր մինչեւ մահ իր հաւատարիմ մնալէն։ Թէեւ ան մեծ ճնշումի տակ էր, բայց խաղաղութիւն ունէր։ Ան «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ունէր, այսինքն՝ այն հանդարտութիւնը, որ յառաջ կու գայ երբ անհատ մը Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունի։ Այդ խաղաղութիւնը Յիսուսին միտքն ու սիրտը հանգստացուց (Փլպ. 4։6, 7)։ Ճիշդ է որ մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ունենայ այն ճնշումը, որ Յիսուս դիմագրաւեց, բայց անոր բոլոր հետեւորդները նեղութիւններ պիտի ունենան (Մատ. 16։24, 25. Յովհ. 15։20)։ Եւ մենք, Յիսուսին պէս, երբեմն պիտի խռովինք։ դ19.04 8 ¶1-3

Հինգշաբթի, յունուար 21

Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք (Ա. Թես. 5։19)։

Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Երախտապա՞րտ եմ որ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին կ’ընկերակցիմ’։ Եհովան մեզի յստակ ապացոյց տուած է, թէ ներկայիս իր ժողովուրդը կ’օրհնէ։ Իրապէս շա՜տ պատճառներ ունինք երախտապարտ ըլլալու (Ա. Թես. 5։18)։ Ինչպէ՞ս կրնանք թիկունք կանգնիլ Եհովայի կազմակերպութեան։ Մեր հրատարակութիւններուն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն միջոցաւ մեզի տրուած աստուածաշնչական ուղղութիւնը գործադրելով, ինչպէս նաեւ՝ կարելի եղածին չափ լիովին մասնակցելով քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին (Ա. Կոր. 15։58)։ Կ’ուզենք Եհովայի հաճութիւնը ունենալ, որպէսզի մեր զոհերը ընդունուին։ Եհովայի կը ծառայենք, քանի որ իրեն երախտապարտ ենք։ Կը շարունակենք մեր լաւագոյնը Եհովային տալ, քանի որ զինք ամբողջ սրտով կը սիրենք։ Եւ սրտանց թիկունք կը կանգնինք այն կազմակերպութեան, որ ներկայիս կը գործածէ։ Ասոնք ընելով կրնանք Եհովային ցոյց տալ, թէ շատ կ’արժեւորենք որպէս իր Վկաները ծառայելու առանձնաշնորհումը։ դ19.11 25 ¶17-18

Ուրբաթ, յունուար 22

Ան որ ինծի կը հաւատայ. . . աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ (Յովհ. 14։12)։

Յիսուս ըսել չուզեց որ մենք իրեն պէս հրաշքներ պիտի ընէինք։ Փոխարէնը, իր հետեւորդները պիտի քարոզէին ու սորվեցնէին՝ աւելի շատ վայրերու մէջ, աւելի շատ մարդոց եւ աւելի երկար ժամանակ։ Եթէ աշխարհիկ գործ ունիս, դուն քեզի հարցուր. ‘Գործատեղիս ճանչցուա՞ծ եմ որպէս ծանր աշխատող։ Գործս կ’ամբողջացնե՞մ ճիշդ ժամանակին եւ լաւագոյնս տալով’։ Եթէ պատասխանդ այո՛ է, շատ հաւանաբար գործատիրոջդ վստահութիւնը պիտի շահիս։ Նաեւ աշխատակիցներդ աւելի յօժար պիտի ըլլան բարի լուրը մտիկ ընելու։ Իսկ քարոզելու եւ աշակերտելու գործին նկատմամբ, դուն քեզի հարցուր. ‘Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս ծանր աշխատող ծառայութեան մէջ։ Կանխաւ կը մտածե՞մ թէ առաջին հանդիպումին ի՛նչ պիտի ըսեմ։ Անմիջապէս կը վերայցելե՞մ հետաքրքրուած մարդոց։ Ծառայութեան զանազան երեսակներուն կանոնաւորաբար կը մասնակցի՞մ’։ Եթէ պատասխանդ այո՛ է, գործիդ մէջ ուրախութիւն պիտի գտնես։ դ19.12 5 ¶14-15

Շաբաթ, յունուար 23

Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի (Եփ. 5։33)։

Այն զոյգը, որ կ’որոշէ զաւակներ ունենալ, լաւ կ’ըլլայ որ քննարկէ երկու կարեւոր հարցումներ. առաջին, ե՞րբ կ’ուզեն զաւակ ունենալ։ Երկրորդ, քանի՞ զաւակ կ’ուզեն ունենալ։ Այդ նիւթը քննարկելու համար ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը, եւ ինչո՞ւ շատ կարեւոր հարց է։ Ընդհանրապէս, նախքան ամուսնանալը, զոյգը լաւ կ’ընէ եթէ զաւակներ ունենալու նիւթին մասին խօսի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ կարեւոր է որ զոյգը այս նիւթին շուրջ նոյն միտքը ունենան։ Նաեւ, պէտք է նկատի առնեն, թէ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու պատրա՛ստ են կամ ոչ։ Կարգ մը զոյգեր որոշած են ամուսնութենէն ետք առնուազն մէկ կամ երկու տարի սպասել նախքան ծնողք դառնալը, քանի որ ծնողք ըլլալը իրենց ժամանակէն ու կորովէն բաւական պիտի առնէ։ Անոնք կը խորհին, թէ քիչ մը սպասելով, իրենց ժամանակը պիտի առնեն՝ նոր կեանքին վարժուելու որպէս ամուսնացած զոյգ եւ իրարու մօտենալու։ դ19.12 23 ¶4-5

Կիրակի, յունուար 24

Իսկական բարեկամը. . . եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։

Աշխարհի տարածքին, Եհովայի ծառաներէն շատեր ճնշիչ եւ նոյնիսկ ցաւալի պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Կարգ մը քրիստոնեաներ լուրջ հիւանդութիւններէ կը տառապին կամ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Ուրիշներու սիրտը կոտրած է, քանի որ իրենց ընտանիքի մէկ անդամը կամ մտերիմ բարեկամը ճշմարտութիւնը լքած է։ Իսկ ոմանք ալ բնական աղէտներու պատճառած նեղութիւնները կը կրեն։ Բոլոր այս եղբայրներն ու քոյրերը մխիթարուելու պէտք ունին։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրենց օգնել։ Կրնանք հաւատարիմ բարեկամ ըլլալ։ Հաւատարիմ բարեկամները զոհողութիւններ կ’ընեն, իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար։ Օրինակ, Փիթըր անունով եղբայր մը մահացու հիւանդութիւն մը ունեցաւ։ Իր կինը՝ Քաթրեն, կ’ըսէ. «Մեր ժողովքէն զոյգ մը մեզ տարաւ ժամադրութեան, ուր գիտցանք Փիթըրին հիւանդութեան մասին։ Անոնք ա՛յդ պահուն որոշեցին, որ այս տանջալից հանգրուանին մեզ մինակ պիտի չձգեն, եւ անկէ ի վեր մեր կողքին եղած են, երբոր իրենց պէտք ունեցած ենք»։ Որքա՜ն մխիթարական է ունենալ իսկական բարեկամներ, որոնք մեզի կ’օգնեն նեղութիւններու տոկալու։ դ20.01 8 ¶1. 9 ¶5. 10 ¶6

Երկուշաբթի, յունուար 25

Ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ (Գործք 2։4)։

Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, եթէ վերնատան մէջ հաւաքուած աշակերտներէն մէկը ըլլայիր, մտքիդ մէջ որեւէ կասկած պիտի չունենայիր, որ սուրբ հոգիով օծուեցար (Գործք 2։5-12)։ Բայց արդեօք բոլոր անոնք, որոնք սուրբ հոգիով կ’օծուին, իրենց օծումը նո՞յն կերպով կը ստանան։ Ո՛չ։ Նկատի առնենք ժամանակաւորումի հարցը։ Շուրջ 120 քրիստոնեաները միակ անհատները չէին, որոնք այդ օրը սուրբ հոգիով օծուեցան։ Այդ օրուան ընթացքին, շուրջ 3000 հոգի նաեւ ստացան Յիսուսի խոստացած սուրբ հոգին։ Անոնք օծուեցան իրենց մկրտութեան ատեն (Գործք 2։37, 38, 41)։ Բայց յաջորդ տարիներուն, ոչ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները իրենց օծումը ստացան մկրտութեան ատեն։ Օրինակ, սամարացիները իրենց օծումը ստացան իրենց մկրտութենէն ժամանակ մը ետք (Գործք 8։14-17)։ Իսկ Կոռնելիոսը եւ իր ընտանիքը օծուեցան մկրտուելէ առաջ, ինչ որ վստահաբար բացառիկ դէպք մըն էր (Գործք 10։44-48)։ դ20.01 20-21 ¶2-4

Երեքշաբթի, յունուար 26

Քու անունդ անոնց ճանչցուցի (Յովհ. 17։26)։

Յիսուս միայն չորս Աւետարաններուն մէջ, շուրջ 165 անգամ «Հայր» բառը գործածեց՝ Եհովային ակնարկելով։ Ան ինչո՞ւ այսքան շատ խօսեցաւ Եհովայի մասին։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ մարդիկ համոզուին թէ Եհովան սիրառատ Հայր է (Յովհ. 17։25)։ Նկատէ թէ Եհովայի մասին ի՛նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով վարուեցաւ իր Որդիին հետ։ Ան միշտ լսեց Յիսուսին աղօթքները. եւ ոչ միայն լսեց, հապա նաեւ պատասխանեց (Յովհ. 11։41, 42)։ Յիսուս ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունեցաւ, իր Հօր սէրն ու օգնութիւնը շօշափեց (Ղուկ. 22։42, 43)։ Հոգածու Հայր մը ըլլալով, Եհովան ուզեց որ Յիսուս գիտնար, թէ իրեն թիկունք կը կանգնէր (Մատ. 26։53. Յովհ. 8։16)։ Ճիշդ է որ Եհովան Յիսուսը չպաշտպանեց ամէն վնասէ, բայց իրեն օգնեց որ նեղութիւններու տոկայ։ Յիսուս վստահ էր, որ որեւէ տառապանք ժամանակաւոր պիտի ըլլար (Եբ. 12։2)։ Եհովան ցոյց տուաւ որ Յիսուսը կը սիրէր՝ իրեն մտիկ ընելով, իր պէտքերը հոգալով, զինք մարզելով եւ իրեն թիկունք կանգնելով (Յովհ. 5։20. 8։28)։ դ20.02 3 ¶6-7, 9

Չորեքշաբթի, յունուար 27

Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք (Ա. Կոր. 10։31, 32)։

Որոշելու ատեն թէ որոշ սովորութեան մը պիտի մասնակցի՛նք կամ ոչ, պէտք է մտածենք թէ մեր առնելիք որոշումը ինչպէ՛ս պիտի ազդէ ուրիշներուն խղճմտանքին, մանաւանդ մեր հաւատակիցներուն խղճմտանքին։ Անշուշտ, բնա՛ւ չենք ուզեր մէկը գայթակղեցնել (Մար. 9։41)։ Նաեւ չենք ուզեր Վկայ չեղողները անտեղիօրէն վիրաւորել։ Սէրը մեզ պիտի մղէ որ անոնց հետ յարգալից կերպով խօսինք, ինչ որ Եհովային փառք կը բերէ։ Անշուշտ, մարդոց հետ չենք վիճիր կամ անոնց աւանդութիւնները ծաղր չենք ըներ։ Յիշենք որ սէրը զօրաւոր է։ Երբ զայն դրսեւորենք՝ նկատառու եւ յարգալից ըլլալով, հակառակողներուն սիրտը կրնանք փափկացնել։ Ասկէ զատ, շրջանակիդ մէջ մարդոց գիտցուր որ Եհովայի վկայ ես (Եսա. 43։10)։ Քեզի համար հաւանաբար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ազգականներդ նեղացնող պարագաներու հետ գլուխ ելլել, եթէ նախապէս իրենց ըսես որ Եհովա Աստուածը կը պաշտես։ Թող որ բնա՛ւ չամչնանք մահուան մասին ճշմարտութիւնը ամուր բռնելու (Հռով. 1։16)։ դ19.04 17-18 ¶14-16

Հինգշաբթի, յունուար 28

Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու (Ա. Կոր. 15։9)։

Պօղոս առաքեալ քրիստոնեայ դարձաւ Յիսուսի յարութենէն ետք, մինչդեռ 12 առաքեալները Յիսուսին հետեւեցան իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։ Թէեւ ի վերջոյ ան «հեթանոսներուն առաքեալ» նշանակուեցաւ, բայց բնաւ չեղաւ 12 առաքեալներէն մէկը (Հռով. 11։13. Գործք 1։21-26)։ Փոխանակ նախանձելու այդ 12 տղամարդոց եւ Յիսուսին հետ իրենց վայելած մօտիկ ընկերակցութեան, ան իր ունեցածով գոհունակ մնաց։ Եթէ գոհունակ եւ խոնարհ ենք, Պօղոսին պէս պիտի ըլլանք եւ պիտի յարգենք այն հեղինակութիւնը, որ Եհովան ուրիշներուն տուած է (Գործք 21։20-26)։ Եհովան կարգադրութիւն ըրած է, որ նշանակուած տղամարդիկ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ Հակառակ իրենց անկատարութիւններուն, ան զիրենք կը նկատէ՝ «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» (Եփ. 4։8, ՆԱ, 11)։ Երբ այս նշանակուած տղամարդիկը կը յարգենք եւ իրենց ուղղութեան խոնարհաբար կը հետեւինք, Եհովային մօտիկ կը մնանք եւ հաւատակիցներուն հետ խաղաղութիւն կը վայելենք։ դ20.02 17 ¶13-14

Ուրբաթ, յունուար 29

Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց (Ա. Յովհ. 4։19)։

Եհովայի վկաներուն հետ սերտելէ առաջ, թերեւս Աստուածաշունչին նկատմամբ խոր գնահատանք ունէիր եւ Յիսուսը կը սիրէիր։ Իսկ հիմա որ Եհովայի վկաները կը ճանչնաս, կը սիրես անոնց հետ ընկերակցիլ։ Բայց այս լաւ բաները սիրելը կրնայ քեզ չմղել որ ուզես կեանքդ Եհովային նուիրել ու մկրտուիլ։ Մկրտուելու դրդապատճառը պէտք է ըլլայ Եհովա Աստուծո՛յ հանդէպ սէրդ։ Երբ Եհովան ամէն բանէ աւելի սիրես, թոյլ պիտի չտաս որեւէ բանի կամ ոեւէ անձի, որ քեզ արգիլէ իրեն ծառայելէ։ Եհովայի հանդէպ սէրդ թէ՛ քեզ պիտի մղէ մկրտուելու եւ թէ պիտի օգնէ, որ մկրտութենէդ ետք իրեն հաւատարիմ մնաս։ Յիսուս ըսաւ որ պէտք է Եհովան սիրենք մեր ամբողջ սրտով, անձով, մտքով եւ զօրութիւնով (Մար. 12։30)։ Ինչպէ՞ս կրնաս սորվիլ այդքան խոր կերպով Եհովան սիրել ու յարգել։ Մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն վրայ խոկալը մեզ կը մղէ, որ մեր կարգին զինք սիրենք։ դ20.03 4 ¶4-5

Շաբաթ, յունուար 30

Ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարէ՛ (Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել։ Պարզ խօսքով, մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարելու համար, պէտք է մեր կրցածին չափ շատ քարոզենք եւ սորվեցնենք։ Բայց տրամադրուած ժամերէն զատ, Եհովային համար կարեւոր է թէ ի՛նչ մղումով կը քարոզենք։ Եհովային եւ մեր ընկերին հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ, որ մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը սրտանց կատարենք (Մար. 12։30, 31. Կող. 3։23)։ Սրտանց Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ՝ մեր զօրութիւնը եւ կորովը առաւելագոյն կերպով գործածել իր ծառայութեան մէջ։ Երբ այս առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք, կը ջանանք բարի լուրին մասին խօսիլ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։ Թերեւս չենք կրնար քարոզչութեան շատ ժամեր տրամադրել, բայց շա՜տ կը սիրենք քարոզել եւ կը ջանանք ա՛լ աւելի հմուտ դառնալ բարի լուրը մարդոց սրտին հասցնելու մէջ։ Այո, քարոզչութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք։ դ19.04 2 ¶3. 3 ¶4, 6

Կիրակի, յունուար 31

Անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ (Յովհ. 8։44)։

Սատանային սուտերը մարդկութեան վիշտն ու տառապանքը կ’աւելցնեն։ Երեխայ կորսնցուցած ծնողքի մը երբեմն կ’ըսուի, որ Աստուած երեխան իր քով առաւ՝ երկինքին մէջ հրեշտակ ըլլալու համար։ Այս սուտը անոնց ցաւը կը պակսեցնէ՞, թէ՞ կ’աւելցնէ։ Իսկ դժոխքի ուսուցումը գործածուած է մարդիկ չարչարելը արդարացնելու համար,– մէջը ըլլալով եկեղեցիին վարդապետութեան հակառակողները ցիցի վրայ այրելը։ Սպանական Հաւատաքննութեան մասին խօսող գիրք մը կ’ըսէ, որ այս վայրագութեան պատասխանատու եղողներէն ոմանք թերեւս կը հաւատային, որ հերետիկոսներուն պարզապէս կու տային «դժոխքի յարատեւ կրակին մէջ այրելու համը», որպէսզի նախքան մեռնիլը զղջային եւ այսպէս դժոխքէն փրկուէին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ կը մղուին իրենց մեռած նախահայրերը պաշտելու, պատուելու կամ անոնցմէ օրհնութիւն մը խնդրելու։ Ուրիշներ կ’ուզեն իրենց նախահայրերը հանդարտեցնել, որ զիրենք չպատժեն։ Այսպիսի հաւատալիքներ մարդիկը իսկապէս չեն մխիթարեր, հապա կը պատճառեն անտեղի մտահոգութիւն կամ նոյնիսկ վախ։ դ19.04 14 ¶1. 16 ¶10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել