Փետրուար
Երկուշաբթի, փետրուար 1
[Եհովան] իրաւունքը կը սիրէ (Սաղ. 33։5)։
Սուրբ Գիրքին մէջ «իրաւունք» կամ արդարադատութիւն բառը գլխաւորաբար կը նշանակէ՝ ընել ինչ որ Աստուած կ’ըսէ թէ ճիշդ է, եւ ատիկա ընել առանց մարդոց միջեւ խտրութիւն դնելու։ Մտածէ թէ Յիսուսի արարքները ինչպէ՛ս յայտնեցին իր արդարադատ ըլլալը։ Իր օրերուն, հրեայ կրօնական առաջնորդները հրեայ չեղողները կ’ատէին, սովորական հրեաները կ’արհամարհէին եւ կիները չէին յարգեր։ Սակայն, Յիսուս բոլորին հետ արդարօրէն եւ անաչառօրէն վարուեցաւ։ Ան իրեն հաւատացող ոչ–հրեաները ընդունեց (Մատ. 8։5-10, 13)։ Առանց կանխադատութեան քարոզեց բոլորին, թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն (Մատ. 11։5. Ղուկ. 19։2, 9)։ Եւ կիներուն հանդէպ ազնիւ ու յարգալից էր, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք մարդոց կողմէ կ’արհամարուէին (Ղուկ. 7։37-39, 44-50)։ Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել, ուրիշներուն հետ անաչառօրէն վարուելով եւ քարոզելով բոլոր անոնց՝ որոնք կ’ուզեն մտիկ ընել,– ինչ որ ալ ըլլայ անոնց ընկերային դիրքը կամ կրօնական ենթահողը։ Իսկ տղամարդիկը Յիսուսը կ’ընդօրինակեն՝ կիներուն հետ յարգալից կերպով վարուելով։ դ19.05 2 ¶1. 5 ¶15-17
Երեքշաբթի, փետրուար 2
Մենք համեստ եղանք ձեր մէջ, ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ (Ա. Թես. 2։7, 8)։
Երէցները կրնան մեղմ եւ ազնիւ խօսքեր գործածել, մինչ Աստուածաշունչով կը մխիթարեն օգնութեան կարիք ունեցողները։ Բայց միայն երէցները չեն, որ կրնան մխիթարել չարաշահութեան զոհ գացողները։ Բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք ‘մէկզմէկ մխիթարելու’ (Ա. Թես. 4։17)։ Հասուն քրիստոնեայ քոյրերը կրնան մասնաւորաբար քաջալերել զգացական ցաւէ տառապող քոյրերը։ Տեղին ըլլալով, Եհովա Աստուած ինքզինք նմանցուց մօր մը, որ իր զաւակը կը մխիթարէ (Եսա. 66։13)։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ կիներ, որոնք նեղութեան մէջ եղողները մխիթարեցին (Յոբ 42։11)։ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ թէ քրիստոնեայ կիներ կը մխիթարեն հաւատակից քոյրեր։ Կարգ մը պարագաներու, երէցները առանձնաբար կը հարցնեն հասուն քրոջ մը, թէ արդեօք կրնա՛յ օգտակար դառնալ տառապող քրոջ մը։ Անշուշտ ուշադիր կ’ըլլանք, որ չհարցնենք բաներ, որոնց մասին հաւատակիցը չ’ուզեր խօսիլ (Ա. Թես. 4։11)։ դ19.05 16-17 ¶10-12
Չորեքշաբթի, փետրուար 3
Երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան կը հաստատուի (Մատ. 18։16)։
Երէցները դատական յանձնախումբ կազմելէ առաջ, ինչո՞ւ առնուազն երկու վկաներ պահանջուած են։ Արդարադատութեան բարձր չափանիշ ունենալով, Աստուածաշունչը ասիկա կը պահանջէ։ Երբ ամբաստանեալը չի խոստովանիր, երկու վկաներ կը պահանջուին, որպէսզի ամբաստանութիւնը հաստատուի եւ երէցները կարենան դատական յանձնախումբ կազմել (Բ. Օր. 19։15. Ա. Տիմ. 5։19)։ Եթէ ամբաստանեալը ուրանայ թէ մեղք գործած է, երէցները ականատեսներու վկայութիւնը նկատի կ’առնեն։ Եթէ ամբաստանողը եւ առնուազն ուրիշ անձ մը ըսեն, թէ ամբաստանեալը տուեալ երեխան կամ ուրիշ երեխայ մը չարաշահած է, երէցները դատական յանձնախումբ կազմելու հիմ կ’ունենան։ Եթէ երկրորդ վկայ մը չկայ, ասիկա չի նշանակեր որ ամբաստանողը սուտ կը խօսի։ Նոյնիսկ եթէ յանցագործութիւնը հաստատելու համար երկու վկաներ չկան, երէցները կը գիտակցին թէ լուրջ մեղք մը թերեւս գործուած է։ Անոնք կը շարունակեն օգնել ու մխիթարել խնդրոյ առարկայ անհատները, եւ ուշադիր կ’ըլլան որ ժողովքը պաշտպանեն հաւանական վտանգէ (Գործք 20։28)։ դ19.05 11 ¶15-16
Հինգշաբթի, փետրուար 4
Ատոնց վրայ խորհէ. . . որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ (Ա. Տիմ. 4։15)։
Կարեւոր է որ երեխաները սորվին ինչպէ՛ս սերտել։ Օրինակ, անոնք պէտք է գիտնան ժողովին նիւթերը ինչպէ՛ս պատրաստել կամ դպրոցին մէջ ծագած հարցի մը մասին ինչպէ՛ս փնտռտուք ընել (Եբ. 5։14)։ Եթէ անոնք տան մէջ ժամանակ տրամադրեն որոշ նիւթեր սերտելու, աւելի պատրաստ պիտի ըլլան կեդրոնանալու ժողովներուն եւ համաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած նիւթերուն վրայ։ Անշուշտ ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր պահի տեւողութիւնը կախեալ է երեխաներուն տարիքէն եւ բնաւորութենէն։ Աստուածաշունչի աշակերտներն ալ պէտք ունին սորվելու թէ ինչպէ՛ս սերտեն։ Երբ նոր սկսին Աստուածաշունչը սերտել, կ’ուրախանանք երբ ուսումնասիրութեան կամ ժողովին նիւթը կը պատրաստեն՝ պարզապէս պատասխանները ընդգծելով։ Բայց անոնց պէտք է սորվեցնենք ինչպէ՛ս փնտռտուք ընել եւ խորապէս ուսումնասիրել։ Այսպիսով, երբ խնդիրներ ծագին, պիտի գիտնան ինչպէ՛ս անձամբ գործնական խրատներ գտնել՝ մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ընելով։ դ19.05 26 ¶2. 28 ¶10-11
Ուրբաթ, փետրուար 5
Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները (Բ. Կոր. 10։5)։
Սատանան վճռած է մեր մտածումը փոխել։ Ան գիտէ թէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը լաւ ազդեցութիւն ունի մեր մտածելակերպին վրայ։ Անոր համար ամէն տեսակ գաղափարներ կը գործածէ, որպէսզի մեր մտածելակերպին ազդէ եւ ձգէ որ կասկածներ ունենանք։ Ան կը շարունակէ հարցնել նոյն հարցումը, որ Եւային հարցուց Եդեմի պարտէզին մէջ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ. . . » (Ծն. 3։1)։ Անոր ձեռքին տակ եղող աշխարհին մէջ յաճախ այսպիսի հարցումներ կը լսենք. ‘Իրա՞ւ Աստուած նոյնասեռ ամուսնութեան չի հաճիր։ Իրա՞ւ Աստուած չ’ուզեր, որ Սուրբ Ծնունդը կամ ծննդեան տարեդարձը տօնես։ Իրա՞ւ Աստուածդ կ’ակնկալէ որ արեան փոխներարկումը մերժես։ Իրա՞ւ սիրալիր Աստուած մը կ’ուզէ որ չընկերակցիս վտարուած ազգականիդ կամ բարեկամիդ հետ’։ Պէտք է մեր հաւատալիքներով համոզուած ըլլանք։ Եթէ մեր մտքին մէջ եղող հարցումներուն պատասխանները չգտնենք, անոնք կրնան լուրջ կասկածներու վերածուիլ։ Իսկ այդ կասկածները ի վերջոյ կրնան մեր մտածումը պղտորել եւ մեր հաւատքը քանդել։ դ19.06 12-13 ¶15-17
Շաբաթ, փետրուար 6
Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ (Ա. Պետ. 3։8)։
Եհովան մեզ շա՜տ կը սիրէ (Յովհ. 3։16)։ Եւ մենք կ’ուզենք մեր սիրալիր Հայրը ընդօրինակել։ Անոր համար կը ջանանք «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» ըլլալ բոլորին հանդէպ, մանաւանդ «հաւատքի ընտանիներուն» հանդէպ (Գաղ. 6։10)։ Երբ մեր հոգեւոր ընտանիքէն անդամներ ճնշիչ պարագաներ դիմագրաւեն, կ’ուզենք իրենց օգնել։ Ինչպէ՞ս կրնանք կողակից կորսնցնող անհատը մխիթարել։ Առաջին կարեւոր քայլն է՝ իրեն հետ խօսիլ, նոյնիսկ եթէ կ’ամչնաս կամ չես գիտեր ի՛նչ ըսել։ Փոլան, որուն ամուսինը յանկարծամահ եղաւ, կ’ըսէ. «Կը հասկնամ որ մէկու մը մահը կը ձգէ որ մարդիկ անհանգիստ զգան։ Անոնք կը վախնան որ նեղացուցիչ խօսք մը ըսեն։ Բայց աւելի գէշ է, երբ մարդիկ ո՛չ մէկ բան կ’ըսեն»։ Սգացողը հաւանաբար չ’ակնկալեր որ իրեն իմաստուն խօսք մը ըսենք։ Փոլան կ’ըսէ. «Շատ կ’արժեւորէի երբ բարեկամներս ինծի պարզապէս կ’ըսէին. ‘Կը ցաւիմ քեզի համար’»։ դ19.06 20 ¶1. 23 ¶14
Կիրակի, փետրուար 7
Ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք (Գործք 4։29)։
Արգիլումի տակ, երէցները ժողովքային հանդիպումները պիտի կարգադրեն այնպէս մը, որ հակառակողները զանոնք չնկատեն։ Անոնք թերեւս կարգադրեն, որ պզտիկ խումբերով հաւաքուիք, եւ յաճախ փոխեն ժողովներու ժամերն ու վայրերը։ Գալով քարոզչութեան, պարագաները շրջանէ շրջան պիտի տարբերին։ Բայց մենք Եհովան կը սիրենք եւ մեզի համար հաճոյք է ուրիշներուն պատմել Թագաւորութեան մասին, ուստի կերպ մը պիտի գտնենք քարոզելու (Ղուկ. 8։1)։ Պատմաբանուհի Էմիլի Պ. Պէրըն նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ Եհովայի վկաներուն մասին ըսաւ. «Երբ պետութիւնը հաւատացեալներուն ըսաւ, որ չեն կրնար իրենց հաւատքը ուրիշներուն քարոզել, Վկաները սկսան խօսակցիլ իրենց դրացիներուն, գործընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ։ Երբ այս գործունէութեան պատճառով տաժանակրութեան ճամբարներ տարուեցան, հոն Վկաները բանտարկեալներուն քարոզեցին»։ Հակառակ արգիլումին, հոն եղող եղբայրները քարոզելէ չդադրեցան։ Դո՛ւն ալ անոնց նման վճռէ շարունակել քարոզել։ դ19.07 11 ¶12-13
Երկուշաբթի, փետրուար 8
Բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեցէք (Մատ. 28։19, ՆԱ)։
Ինչպէ՞ս կրնանք անկրօն մարդոց օգնել, որ սորվին Աստուած սիրել եւ դառնան Քրիստոսի աշակերտները։ Պէտք է գիտակցինք, որ անհատին ո՛ւր մեծցած ըլլալը կ’ազդէ, թէ ան ինչպէ՛ս պիտի հակազդէ մեր պատգամին։ Օրինակ, Եւրոպայէն եղող մարդիկը թերեւս չհակազդեն ինչպէս որ Ասիայէն եղող մարդիկը կը հակազդեն։ Ինչո՞ւ։ Եւրոպայի մէջ, շատեր Աստուածաշունչէն որոշ գիտելիքներ ունին եւ ծանօթ են այն գաղափարին, որ Աստուած ամէն բան ստեղծեց։ Բայց Ասիոյ մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչի մասին չնչին կամ ո՛չ մէկ տեղեկութիւն ունի եւ թերեւս չի հաւատար որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Սակայն, դրական եղիր։ Ամէն տարի, անկրօն մարդոցմէն ոմանք Եհովայի վկաներ կը դառնան։ Անոնցմէ շատեր արդէն բարոյական բարձր չափանիշներ ունէին եւ կրօնական կեղծաւորութենէն գանած էին։ Իսկ ուրիշներ բարոյական ցած չափանիշներ ունէին եւ գէշ սովորութիւններու բռնուած էին։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնանք վստահ ըլլալ որ պիտի գտնենք անոնք՝ որոնք «յաւիտենական կեանքի համար ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ19.07 20-21 ¶3-4
Երեքշաբթի, փետրուար 9
Չենք վհատիր (Բ. Կոր. 4։16)։
Մեր յոյսը ի՛նչ որ ալ ըլլայ,– երկինքի մէջ կամ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ,– պէտք է շարունակենք այդ նպատակակէտը հետապնդել։ Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք չէ ետեւի եղածներուն նայինք, ոչ ալ թոյլ տանք որ բան մը մեր յառաջդիմութիւնը դանդաղեցնէ (Փլպ. 3։16)։ Թերեւս երկար ատենէ ի վեր կը սպասենք որ Եհովայի խոստումները կատարուին, կամ թերեւս երթալով մեր ֆիզիքական զօրութիւնը կը կորսնցնենք։ Կամ ալ թերեւս տարիներով փորձութեան ու հալածանքի տոկացած ենք։ Պարագադ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, «բանի մը համար հոգ մի՛ ըն[եր]», հապա խնդրանքդ Աստուծոյ յայտնի թող ըլլայ եւ ան քեզի պիտի տայ խաղաղութիւն մը, որ երեւակայածէդ վեր է (Փլպ. 4։6, 7)։ Վազորդի մը պէս, որ ամէն ջանք կ’ընէ որ աւարտագիծին հասնի, թող որ լիովին կեդրոնացած մնանք կեանքի մրցավազքը ամբողջացնելու նպատակակէտին վրայ։ Մեր զօրութեան եւ պարագաներուն ներած չափով, թող որ ջանք ընենք եւ յառաջդիմենք դէպի մեր առջեւը եղող հոյակապ բաները։ դ19.08 7 ¶16-17
Չորեքշաբթի, փետրուար 10
Լացողներուն հետ լացէ՛ք (Հռով. 12։15)։
Թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ գիտնալ ի՛նչ ըսել մէկու մը, որ վշտացած է, բայց երբեմն մեր արցունքները ա՛լ աւելի կը խօսին։ Երբ Յիսուսի բարեկամը՝ Ղազարոսը՝ մեռաւ, Մարիամը, Մարթան եւ ուրիշներ իրենց եղբօր եւ բարեկամին համար լացին։ Չորս օր ետք, երբ Յիսուս հասաւ, ինքն ալ «լացաւ», թէեւ գիտէր որ քիչ ետք Ղազարոսին յարութիւն պիտի տար (Յովհ. 11։17, 33-35)։ Յիսուսին լալը յայտնեց Ղազարոսին մահուան շուրջ Եհովային զգացումները։ Անիկա նաեւ հաստատեց Յիսուսին սէրը Ղազարոսի ընտանիքին հանդէպ, ինչ որ վստահաբար Մարիամն ու Մարթան մխիթարեց։ Նոյնպէս, երբ մեր եղբայրները մեր սէրն ու հոգատարութիւնը զգան, կը գիտնան որ մինակ չեն, հապա շրջապատուած են հոգածու եւ աջակցող բարեկամներով։ Երբեմն պարզապէս պէտք է լաւ մտիկ ընող ըլլանք։ Թոյլ տուր որ անհատը իր սիրտը պարպէ եւ մի՛ վիրաւորուիր, եթէ անսանձ խօսքեր ըսէ (Յոբ 6։2, 3)։ Թերեւս յաւելեալ զգացական ճնշումի տակ է, քանի որ Վկայ չեղող ազգականները զինք կը ճնշեն։ Ուստի իրեն հետ աղօթէ։ Աղաչէ «աղօթքի լսող»էն, որ զինք զօրացնէ եւ միտքը պայծառ պահէ (Սաղ. 65։2)։ դ19.04 18-19 ¶18-19
Հինգշաբթի, փետրուար 11
Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք (Սաղ. 62։8)։
Երբ Բեթէլին մէջ կը ծառայենք կամ ուրիշ կերպով լիաժամ ծառայութեան կը մասնակցինք, շրջանակին եւ նոյնիսկ վայրին հանդէպ կապուածութիւն մը կը զարգացնենք։ Անոր համար, մեր սիրտը կտոր–կտոր կ’ըլլայ երբ կը ստիպուինք մեր նշանակումը ձգել։ Կը կարօտնանք եղբայրներն ու քոյրերը, եւ անոնց համար կը մտահոգուինք, եթէ հալածանքի պատճառաւ ստիպուեցանք փոխադրուիլ (Մատ. 10։23. Բ. Կոր. 11։28, 29)։ Ասկէ զատ, նոր նշանակում մը ստանալը կամ նոյնիսկ տուն վերադառնալը յաճախ կը պահանջէ նոր մշակոյթի վարժուիլ։ Ոմանց առջեւ յանկարծ նոր ծախսերու դուռ կը բացուի, երբ իրենց նշանակումը կը փոխուի։ Անոնք թերեւս շփոթին, անապահով զգան եւ վհատին։ Ի՞նչ բաներ կրնան օգնել։ Եհովային մօտի՛կ մնացիր (Յակ. 4։8)։ Ինչպէ՞ս։ Իրեն վստահելով որպէս «աղօթքի լսող» (Սաղ. 65։2)։ Եհովան կրնայ «աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք» (Եփ. 3։20)։ Ան մեր մասնայատուկ խնդրանքները պարզապէս տալէն աւելին կ’ընէ։ Ան կրնայ մեր խնդիրը լուծել այնպիսի կերպով մը, որ բնա՛ւ մեր մտքին ծայրէն չ’անցնիր։ դ19.08 21 ¶5-6
Ուրբաթ, փետրուար 12
Զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի (Յայտ. 16։16)։
Ոմանք կը հաւատան, որ կորիզային պատերազմ մը կամ բնական աղէտ մը աշխարհը պիտի բնաջնջէ։ Բայց Աստուածաշունչը այսպէս չի սորվեցներ։ Անիկա կ’ըսէ որ շուտով պատերազմ մը պիտի ըլլայ, որ շատ լաւ արդիւնքներ պիտի բերէ։ Այս պատերազմը Արմագեդոն կը կոչուի եւ անոր մասին Աստուածաշունչին ըսածը մեզ պէտք է ուրախացնէ (Յայտ. 1։3)։ Արմագեդոն պատերազմը ոչ թէ մարդկութիւնը բնաջինջ պիտի ընէ, հապա պիտի փրկէ։ Ինչպէ՞ս։ Մարդկային իշխանութեան վերջ դնելով, չարերը բնաջնջելով եւ արդարները պահելով։ Նաեւ մարդկութիւնը պիտի փրկէ՝ թոյլ չտալով որ մեր մոլորակը մարդու ձեռքով կործանի (Յայտ. 11։18)։ «Արմագեդոն» բառը միայն մէկ անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչին մէջ, եւ ծագում առած է եբրայերէն բառէ մը, որ կը նշանակէ «Մակեդդովի լեռ» (Յայտ. 16։16, ՆԹ, ստորանիշ)։ Մակեդդովը քաղաք մըն էր հին Իսրայէլի մէջ (Յես. 17։11)։ Բայց Արմագեդոնը երկրի վրայ որեւէ բառացի վայրի անունը չէ, հապա կ’ակնարկէ այն վիճակին, երբ «բոլոր աշխարհի թագաւորները» պիտի հաւաքուին Եհովայի դէմ ելլելու (Յայտ. 16։14)։ դ19.09 8 ¶1-3
Շաբաթ, փետրուար 13
Կին մը. . . ոչ մէկէն բժշկուելու ճար մը գտած էր (Ղուկ. 8։43)։
Կինը մեծապէս օգնութեան կը կարօտէր։ Շատ բժիշկներու դիմած էր, յուսալով որ բուժում մը գտնէր։ 12 տարիէ ի վեր կը չարչարուէր եւ դեռ չէր բուժուած։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, ան անմաքուր էր (Ղեւ. 15։25)։ Երբ լսեց որ Յիսուս կրնար հիւանդները բժշկել, գնաց զինք փնտռելու, եւ երբ գտաւ, Յիսուսի հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ անմիջապէս բուժուեցաւ։ Բայց Յիսուս աւելին ըրաւ. անոր արժանապատուութիւնը յարգեց։ Ան զգալ տուաւ որ զինք կը սիրէ, երբ իրեն հետ խօսած ատեն գործածեց ջերմ բայց յարգալից բառ մը՝ «աղջիկ»։ Կինը որքա՜ն թարմացած ըլլալու էր (Ղուկ. 8։44-48)։ Նկատէ թէ կինը նախաձեռնութիւնը առաւ Յիսուսի քով երթալու։ Նոյնն է մեր պարագան այսօր. պէտք է ջանք թափենք որ Յիսուսին ‘գանք’։ Ներկայիս, Յիսուս ‘իրեն եկողներուն’ հիւանդութիւնները չի բժշկեր։ Բայց տակաւին մեզ կը հրաւիրէ. «Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (Մատ. 11։28)։ դ19.09 20 ¶2-3
Կիրակի, փետրուար 14
Տեսայ մեծ բազմութիւն մը. . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն (Յայտ. 7։9)։
Զաքարիա մարգարէն նախապէս նոյնանման բան մը մարգարէացած էր՝ ըսելով. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’» (Զաք. 8։23)։ Եհովայի վկաները կը գիտակցին, թէ բոլոր լեզուներէն մարդիկ ժողվուելու համար, բարի լուրը պէտք է բազմաթիւ լեզուներով քարոզուի։ Մենք այժմ պատմութեան մէջ ամէնէն լայնածաւալ թարգմանչական գործը կը կատարենք՝ հարիւրաւոր լեզուներով։ Յստակ է որ Եհովան մեր օրերուն հրաշք մը կը գործէ. ան բոլոր ազգերէն մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքէ։ Հոգեւոր սնունդը հարիւրաւոր լեզուներով մատչելի ըլլալով, այս այլազան խումբը պաշտամունքի մէջ միացած է։ Եւ անոնք ճանչցուած են նախանձախնդրօրէն քարոզելով եւ եղբայրական սիրով։ Ասիկա որքա՜ն մեր հաւատքը կը զօրացնէ (Մատ. 24։14. Յովհ. 13։35)։ դ19.09 30 ¶16-17
Երկուշաբթի, փետրուար 15
Այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ (Մատ. 24։21)։
Մեծ նեղութեան ընթացքին, մարդիկ պիտի ապշին, տեսնելով որ աշխարհին մէջ ամէն բան, որ կը կարծէին անխախտ է, փուլ կու գայ։ Մարդկութեան պատմութեան ամէնէն աղէտալի ժամանակին, անոնք պիտի ‘տառապին’ եւ իրենց կեանքին վրայ պիտի վախնան (Սոփ. 1։14, 15)։ Այդ ատեն, կեանքը հաւանաբար աւելի դժուար պիտի ըլլայ նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդին համար։ Որովհետեւ աշխարհի մէկ մասը չենք, թերեւս կարգ մը դժուարութիւններէ անցնինք։ Թերեւս ստիպուինք որոշ անհրաժեշտութիւններ չունենալ։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզ կը պատրաստէ, որպէսզի մեծ նեղութեան ընթացքին հաւատարիմ մնանք (Մատ. 24։45)։ Օրինակ մըն են՝ 2016-2018–ի տարեկան համաժողովներու ժամանակայարմար յայտագիրները։ Ատոնց միջոցաւ, մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ զօրացնենք այն յատկութիւնները, որոնց պէտք ունինք, մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ։ դ19.10 14 ¶2. 16 ¶10. 17 ¶12
Երեքշաբթի, փետրուար 16
Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն (Ա. Կոր. 10։21)։
Մէյ մը որ պատառ մը կլլենք, անիկա ինքնաբերաբար մարսողական հանգրուաններէ կ’անցնի եւ ի վերջոյ անոր սննդանիւթերը մեր մարմինին մէկ մասը կը դառնան։ Սննդարար ուտելիքը մեզ առողջ կը դարձնէ, իսկ անօգուտ ուտելիքը մեզ վատառողջ կը դարձնէ։ Ուտելիքին ձգած ազդեցութիւնը մէկ օրէն միւսը յայտնի չ’ըլլար, բայց ժամանակի ընթացքին կ’երեւի։ Նոյնպէս, երբ ժամանց կ’ընտրենք, մե՛նք կ’որոշենք մեր մտքին մէջ ի՛նչ դնել։ Բայց ետքը, անիկա ինքնաբերաբար մեր մտքին ու սրտին պիտի ազդէ։ Լաւ ժամանցը կրնայ մեզ թարմացնել, իսկ վատ ժամանցը մեզի պիտի վնասէ (Յակ. 1։14, 15)։ Թերեւս սկիզբը անմիջապէս չնկատենք վատ ժամանցին ձգած ազդեցութիւնը մեր վրայ, բայց ի վերջոյ բացայայտ պիտի ըլլայ։ Անոր համար Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ» (Գաղ. 6։8)։ Ուրեմն, որքա՜ն կարեւոր է որ մերժենք բոլոր այն ժամանցները, որոնք Եհովայի ատած բաները կը քաջալերեն (Սաղ. 97։10)։ դ19.10 29-30 ¶12-14
Չորեքշաբթի, փետրուար 17
Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք (Եփ. 5։1, 2)։
Եհովան մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ՝ իր Որդին մեզի համար զոհելով (Յովհ. 3։16)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի սէրը ընդօրինակել։ Իւրաքանչիւր եղբայր ու քոյր թանկագին կը նկատենք, եւ ուրախութեամբ կ’ընդունինք «կորսուած ոչխար» մը, որ Եհովային կը վերադառնայ (Սաղ. 119։176. Ղուկ. 15։7, 10)։ Ցոյց կու տանք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք, երբ մեր ժամանակն ու ուժը կը տրամադրենք իրենց ձեռք տալու, մանաւանդ երբ մեր օգնութեան պէտք ունին (Ա. Յովհ. 3։17)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ անձնազոհ սէր դրսեւորեն (Յովհ. 13։34, 35)։ Յիսուսի պատուէրը նոր է, քանի որ կը պահանջէ ցոյց տալ այնպիսի սէր, որ Մովսիսական օրէնքը չէր պահանջեր. հաւատակիցներդ սիրել, ինչպէս որ Յիսուս քեզ սիրեց։ Պէտք է մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք նոյնիսկ մեր անձէն աւելի։ Զիրենք պէտք է սիրենք այն աստիճան, որ պատրաստ ըլլանք մեր կեանքը իրենց համար տալու, ինչպէս որ Յիսուս իր կեանքը մեզի համար տուաւ։ դ19.05 4 ¶11-13
Հինգշաբթի, փետրուար 18
Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի (Ղուկ. 11։9)։
Սուրբ հոգիին օգնութիւնը ստանալու համար, պէտք է զայն յարատեւօրէն խնդրենք (Ղուկ. 11։13)։ Ղուկաս 11։5-9–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի առակը մեզի կ’օգնէ տեսնելու, թէ Եհովան ինչո՛ւ մեզի սուրբ հոգին պիտի տայ։ Առակին մէջի մարդը ուզեց լաւ հիւրընկալ մը ըլլալ։ Ան ուզեց ուտելիք հրամցնել իր հիւրին, որ ուշ գիշերով եկած էր, բայց հրամցնելիք ոչինչ ունէր։ Յիսուս ըսաւ որ դրացին օգնեց, քանի որ ան յարատեւօրէն իրմէ հաց խնդրեց։ Յիսուս այս առակով ի՞նչ սորվեցուց։ Եթէ անկատար մարդ մը յօժար էր իր յամառ դրացիին օգնելու, որքա՜ն աւելի մեր երկնաւոր Հայրը պիտի օգնէ անոնց, որոնք յարատեւօրէն իրմէ սուրբ հոգին կը խնդրեն։ Ուստի կրնանք աղօթել, վստահ ըլլալով որ Եհովան պիտի ընդառաջէ մեր աղերսանքին որ սուրբ հոգին ստանանք (Սաղ. 10։17. 66։19)։ Թէեւ Սատանան անընդհատ մեր վրայ կը յարձակի, բայց կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ յաղթական դուրս պիտի գանք։ դ19.11 13 ¶17-19
Ուրբաթ, փետրուար 19
Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք (Մար. 6։31)։
Յիսուս գիտէր, որ ինքն ու իր աշակերտները երբեմն հանգիստի պէտք ունէին։ Սակայն շատերը,– այն ատեն եւ ներկայիս,– կարելի է նմանցնել Յիսուսի առակին մէջի հարուստ մարդուն։ Ան ինքզինք համոզեց. «Հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր» (Ղուկ. 12։19. Բ. Տիմ. 3։4)։ Ան խորհեցաւ, որ հանգիստն ու հաճոյքը կեանքի մէջ ամէնէն կարեւոր բաներն էին։ Անոր հակառակը, Յիսուս եւ իր առաքեալները իրենց կեանքը չկեդրոնացուցին ինքզինքնին հաճեցնելու վրայ։ Ներկայիս, կը ջանանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ գործէն դուրս մեր ժամանակը գործածելով ոչ միայն հանգստանալու, հապա նաեւ բարիք ընելու՝ ուրիշներուն վկայելով եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ Մեզի համար աշակերտելն ու ժողովներու ներկայ գտնուիլը այնքա՛ն կարեւոր են, որ ամէն ջանք կը թափենք այդ սուրբ գործունէութիւններուն կանոնաւորաբար մասնակցելու համար (Եբ. 10։24, 25)։ Նոյնիսկ երբ արձակուրդի մէջ ըլլանք, ժողովներու երթալու մեր հոգեւոր ռութինը կը պահենք ո՛ւր որ ալ ըլլանք եւ առիթներ կը փնտռենք, որ խօսակցութիւններ ունենանք անոնց հետ, որոնց կը հանդիպինք (Բ. Տիմ. 4։2)։ դ19.12 7 ¶16-17
Շաբաթ, փետրուար 20
Լաւ կ’ըլլայ որ ձեր սկսածը ամբողջացնէք (Բ. Կոր. 8։11, ՆԹ)։
Եհովան մեզի թոյլ կու տայ, որ մեր կեանքի ընթացքը որոշենք։ Ան մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս լաւ որոշումներ առնել, եւ երբ զինք հաճեցնող որոշումներ կ’առնենք, մեզի կ’օգնէ յաջողելու (Սաղ. 119։173)։ Աստուածաշունչին իմաստուն խրատները ո՛րքան աւելի գործադրենք, ա՛յնքան աւելի լաւ որոշումներ կ’առնենք (Եբ. 5։14)։ Սակայն, նոյնիսկ երբ լաւ որոշում առնենք, թերեւս դժուարութիւն ունենանք մեր սկսածը ամբողջացնելու։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ. երիտասարդ եղբայր մը կ’որոշէ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալ։ Քանի մը շաբաթ կը կարդայ, բայց ետքը որոշ պատճառով մը կը դադրի։ Քոյր մը կ’որոշէ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, բայց ռահվիրայութիւնը սկսելու թուականը կրկին անգամ կը յետաձգէ։ Երէցներու մարմին մը միաձայն որոշում կ’առնէ աւելի հովուական այցելութիւններ ընել, բայց ամիսներ կ’անցնին առանց բան մը ընելու։ Այս տարբեր պարագաներուն մէջ կը տեսնենք նոյնանման կէտ մը. անհատները որոշումներ առին, բայց չգործադրեցին։ դ19.11 26 ¶1-2
Կիրակի, փետրուար 21
Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն (Առ. 21։5)։
Յիսուս մեր օրերը համեմատեց «Նոյի օրեր»ուն հետ, եւ յստակ է որ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք (Մատ. 24։37. Բ. Տիմ. 3։1)։ Այդ իրողութիւնը հաշուի առնելով, կարգ մը զոյգեր որոշած են զաւակներ ունենալը յետաձգել, որպէսզի կարենան աւելի ժամանակ տրամադրել քրիստոնէական ծառայութեան։ Զաւակներ ունենալու հարցը քննարկելու ատեն, իմաստուն զոյգերը ‘ծախքը հաշիւ կ’ընեն’ (Ղուկ. 14։28, 29)։ Փորձառու ծնողները կը հաստատեն, թէ զաւակներ մեծցնելը շատ ծախսի կը նայի, ինչպէս նաեւ ժամանակ ու կորով կը սպառէ։ Ուստի կարեւոր է որ զոյգը նկատի առնէ այսպիսի հարցումներ. ‘Երկո՞ւքս պէտք է աշխատինք, որպէսզի կարենանք մեր ընտանիքին գլխաւոր պէտքերը հոգալ։ Համաձա՞յն ենք թէ մեր ընտանիքին «գլխաւոր պէտքերը» ի՛նչ են։ Եթէ երկուքս աշխատինք, զաւակներուն ո՞վ հոգ պիտի տանի։ Որո՞նք ազդեցութիւն պիտի ունենան անոնց մտածումին ու արարքներուն վրայ’։ Այն զոյգերը, որոնք հանդարտօրէն այս հարցերը կը քննարկեն, այս օրուան համարին խօսքը կը գործադրեն։ դ19.12 23 ¶6-7
Երկուշաբթի, փետրուար 22
Ասոնք միայն՝ ինծի գործակից եղան Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ եւ ինծի մխիթարութիւն (Կող. 4։11)։
Պօղոս առաքեալ ետեւ–ետեւի վտանգաւոր պարագաներէ անցաւ (Բ. Կոր. 11։23-28)։ Ան նաեւ պէտք էր որ «մարմնի խայթոց»ի մը տոկար, որ հաւանաբար առողջապահական խնդիր մըն էր (Բ. Կոր. 12։7)։ Ասկէ զատ, ան յուսախաբ եղաւ, երբ Դեմաս, որ ատեն մը իր գործակիցն էր, զինք լքեց, քանի որ «աշխարհը սիրեց» (Բ. Տիմ. 4։10)։ Պօղոս քաջ օծեալ քրիստոնեայ մըն էր, որ անձնուիրաբար ուրիշներուն կ’օգնէր, բայց երբեմն նոյնիսկ ինք կը վհատէր (Հռով. 9։1, 2)։ Ան ինչպէ՞ս պէտք եղած մխիթարութիւնն ու քաջալերութիւնը ստացաւ։ Եհովան վստահաբար սուրբ հոգին գործածեց զինք զօրացնելու համար (Բ. Կոր. 4։7. Փլպ. 4։13)։ Ան նաեւ հաւատակիցներու միջոցաւ զինք մխիթարեց։ Պօղոս անոնցմէ ոմանք նկարագրեց որպէս մեծ «մխիթարութեան» աղբիւր (Կող. 4։11)։ Անոնց մէջ կային՝ Արիստարքոսը, Տիւքիկոսը եւ Մարկոսը։ Անոնք Պօղոսը զօրացուցին, իրեն օգնելով որ տոկայ։ դ20.01 8 ¶2-3
Երեքշաբթի, փետրուար 23
Սրտերնուդ աչքերը լուսաւորած է (Եփ. 1։18)։
Յիսուս նշեց, որ անկարելի է օծեալ չեղողի մը բացատրել, թէ «նորէն ծնանիլը» կամ ‘հոգիէն ծնանիլը’ ճիշդ ինչպիսի՛ բան մըն է (Յովհ. 3։3-8)։ Երբ քրիստոնեաները կ’օծուին, անոնց մտածելակերպին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ։ Անոնք օծուելէ առաջ, կ’արժեւորէին երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Անոնք մեծ փափաքով կը սպասէին այն ժամանակին, երբ Եհովան ամէն չարութիւն մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Անոնք թերեւս երեւակայեցին, որ յարութիւն առած ընտանիքի անդամ մը կամ բարեկամ մը կը դիմաւորեն։ Բայց օծուելէ ետք, սկսան տարբեր կերպով մտածել։ Ինչո՞ւ։ Անոնք չսկսան մտածել, թէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը բաւարար լաւ չէ։ Իրենց միտքը չփոխեցին զգացական ճնշումի կամ տառապանքի պատճառով։ Յանկարծ չզգացին, որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլը ձանձրացուցիչ պիտի ըլլայ։ Փոխարէնը, Եհովան սուրբ հոգին գործածեց անոնց մտածելակերպը եւ արժեւորած յոյսը փոխելու։ դ20.01 22 ¶9-11
Չորեքշաբթի, փետրուար 24
Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի (Հռով. 13։1)։
Մովսիսական օրէնքին տակ, նշանակուած տղամարդիկը կը քննէին ոչ միայն հոգեւոր հարցերը, հապա նաեւ քաղաքային եւ ոճրային հարցերը։ Բայց «Քրիստոսին օրէնք»ին տակ, երէցներուն դերն է՝ յանցագործութեան միայն հոգեւոր երեսակը քննել (Գաղ. 6։2)։ Անոնք կը գիտակցին, որ Աստուած աշխարհիկ իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւն տուած է քաղաքային եւ ոճրային հարցերը նկատի առնելու։ Ատիկա կը պարփակէ հեղինակութիւն ունենալ պատիժ սահմանելու, ինչպէս՝ տուգանք եւ բանտարկութիւն (Հռով. 13։2-4)։ Երէցներուն պատասխանատուութիւնը ի՞նչ է, երբ ժողովքին մէջ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ։ Անոնք Աստուածաշունչը կը գործածեն, հարցերը վերլուծելու եւ որոշումներ առնելու համար։ Անոնք միշտ ի մտի ունին որ Քրիստոսի օրէնքին հիմը սէրն է։ Սէրը զիրենք կը մղէ որ նկատի առնեն հետեւեալը. ի՞նչ կրնան ընել օգնելու այն անհատին, որ յանցագործութեան զոհ գացած է։ Յանցագործը զղջացա՞ծ է։ Անոր կարելի՞ է օգնել որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատէ։ դ19.05 7 ¶23-24
Հինգշաբթի, փետրուար 25
Ես կենդանի եմ Հօրը ձեռքով (Յովհ. 6։58)։
Յիսուս ընդունեց որ իր Հօր շնորհի՛ւ գոյութիւն ունեցաւ եւ ողջ կը մնայ, երբ վերոնշեալ խօսքը ըսաւ։ Ան Եհովային լիովին վստահեցաւ, եւ Եհովան ոչ միայն անոր ֆիզիքական կարիքները հոգաց, հապա նաեւ հոգեւոր կարիքները (Մատ. 4։4)։ Եհովան նաեւ մեր հոգեւոր պէտքերը կը հոգայ։ Իր Խօսքին միջոցաւ յայտնած է իր մասին ճշմարտութիւնը, իր նպատակը, մեր ստեղծուելուն պատճառը եւ ինչ որ ապագան վերապահած է։ Ան մեզի անձնական ուշադրութիւն ընծայեց, գործածելով մեր ծնողքը կամ հրատարակիչ մը, որպէսզի ինքզինք ճանչցնէ մեզի։ Եւ ան շարունակ մեզի կ’օգնէ ժողովքի սիրալիր երէցներուն եւ ուրիշ հասուն եղբայրներու ու քոյրերու միջոցաւ, որպէսզի իր բարեկամները մնանք։ Ասկէ զատ, ան մեզի ուղղութիւններ կու տայ ժողովներուն միջոցաւ, ուր կը սորվինք մեր հոգեւոր ընտանիքին հետ։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, Եհովան ցոյց կու տայ իր հայրական հետաքրքրութիւնը մեզի հանդէպ (Սաղ. 32։8)։ դ20.02 3 ¶8. 5 ¶13
Ուրբաթ, փետրուար 26
Իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք (Հռով. 14։19)։
Եթէ նախանձը ծաղկի, խաղաղութիւնը չի կրնար գոյատեւել։ Պէտք է նախանձը մեր սրտէն արմատախիլ ընենք եւ ուրիշներու սրտին մէջ նախանձի սերմեր չցանենք։ Յատկապէս ի՞նչ կրնանք ընել ուրիշներուն օգնելու, որ նախանձին դէմ դնեն, եւ ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութիւնը յառաջ մղել։ Ուրիշներ կրնան մեր կեցուածքներէն ու արարքներէն մեծապէս ազդուիլ։ Աշխարհը կ’ուզէ որ մեր ունեցածը ‘ցուցադրաբար ներկայացնենք’ (Ա. Յովհ. 2։16, ՆԱ)։ Բայց այս կեցուածքը նախանձ կ’արթնցնէ։ Կրնանք ուրիշները նախանձոտ չդարձնել, եթէ շարունակ չխօսինք մեր ունեցածներուն մասին կամ այն բաներուն մասին, որոնք կը մտադրենք գնել։ Նախանձին առաջքը կ’առնենք նաեւ, երբ ժողովքին մէջ մեր ունեցած առանձնաշնորհումներուն նկատմամբ համեստ կ’ըլլանք։ Եթէ մեր առանձնաշնորհումներուն վրայ միշտ ուշադրութիւն հրաւիրենք, բարեբեր հող կը պատրաստենք, որուն մէջ նախանձը կրնայ աճիլ։ Փոխարէնը, եթէ ուրիշներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տանք եւ իրենց ըրած լաւ բաները նշենք, իրենց կ’օգնենք որ գոհունակ զգան եւ ժողովքին միութիւնն ու խաղաղութիւնը կը հաստատենք։ դ20.02 18 ¶15-16
Շաբաթ, փետրուար 27
Անոր անտեսանելի բաները. . . կը տեսնուին աշխարհի արարչութենէն ի վեր ու կը հասկցուին անոր ստեղծածներով (Հռով. 1։20, ԱԾ)։
Եհովայի մասին կրնաս սորվիլ իր ստեղծագործութեան ընդմէջէն (Յայտ. 4։10բ)։ Խոկա՛ թէ Եհովան ի՜նչ իմաստութեամբ ստեղծած է բոյսերն ու անասունները։ Գաղափար առ թէ մարմինդ ի՜նչ հիանալի կերպով ստեղծուած է (Սաղ. 139։14)։ Եւ մտածէ այն ուժին մասին, որ արեւուն մէջ դրուած է, ի մտի ունենալով որ արեւը միլիառաւոր աստղերէն միայն մէկն է (Եսա. 40։26)։ Այդպէս ընելով Եհովայի հանդէպ յարգանքդ պիտի խորանայ։ Թէեւ կարեւոր է գիտնալ, թէ Եհովան իմաստուն ու զօրաւոր է, բայց իրեն հանդէպ սէրդ զօրացնելու եւ իր մտերիմ բարեկամը դառնալու համար, պէտք է իր մասին աւելին գիտնաս։ Պէտք է համոզուիս որ Եհովան անձնապէս քեզ կը հոգայ։ Յիշէ որ «եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես» (Ա. Մն. 28։9)։ Իրականութեան մէջ, Եհովան ‘քեզ քաշած է’ (Եր. 31։3)։ Ո՛րքան աւելի գիտնաս քեզի ի նպաստ Եհովայի բոլոր ըրածները, ա՛յնքան աւելի զինք պիտի սիրես։ դ20.03 4 ¶6-7
Կիրակի, փետրուար 28
Չենք յոգնիր այս պաշտօնէն (Բ. Կոր. 4։1, ՆԹ)։
Պօղոս առաքեալ լաւ օրինակ հանդիսացաւ՝ ծառայութիւնը իր կեանքին ամէնէն կարեւոր գործունէութիւնը դարձնելով։ Իր միսիոնարական երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին, երբ Կորնթոսի մէջ էր, իր դրամը պակսեցաւ եւ ստիպուեցաւ որոշ ժամանակ վրաններ շինել։ Ան այս գործը ըրաւ, որպէսզի կարենար իր ծառայութիւնը շարունակել, առանց կորնթացիներուն ծախսի դուռ բանալու (Բ. Կոր. 11։7)։ Թէեւ ան ստիպուեցաւ աշխատիլ, բայց շարունակեց ծառայութիւնը առաջին տեղը դնել, եւ ամէն Շաբաթ կը քարոզէր։ Երբ իր պարագաները բարելաւուեցան, կրցաւ աւելի կեդրոնանալ քարոզչութեան վրայ։ Ան շատ զբաղած էր ‘վկայութիւնով Հրեաները համոզելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է’ (Գործք 18։3-5. Բ. Կոր. 11։9)։ Յետագային, երբ Հռոմի մէջ երկու տարի իր տան մէջ բանտարկուած էր, նամակներ գրեց եւ իրեն այցելող անհատներուն քարոզեց (Գործք 28։16, 30, 31)։ Ան վճռած էր թոյլ չտալ, որ որեւէ բան իր ծառայութեան արգելք ըլլայ։ դ19.04 4 ¶9