Մարտ
Երկուշաբթի, մարտ 1
«Զատուեցէ՛ք», կ’ըսէ Տէրը, «պիղծ բանի մի՛ դպչիք» (Բ. Կոր. 6։17)։
Աստուծոյ եւ իր Խօսքին հանդէպ մեր սէրը մեզ կը զօրացնէ որ Եհովային հնազանդինք, նոյնիսկ երբ բարի դիտումով մեր ազգականները կամ բարեկամները փորձեն մեզ ճնշել, որ մեռելներու վերաբերեալ ոչ–սուրբգրային սովորութիւններու մասնակցինք։ Անոնք թերեւս փորձեն մեզ ամօթով ձգել, ըսելով որ մենք մեռնողը չենք սիրեր կամ չենք յարգեր։ Նաեւ, թերեւս ըսեն որ մեր վարքը պիտի ձգէ որ մեռելը ձեւով մը վնաս հասցնէ ապրողներուն։ Քարայիպեան երկրի մը մէջ, շատեր կը հաւատան որ երբ մէկը մեռնի, իր «ոգին» կրնայ շրջանին մէջ մնալ եւ պատժել անոնք, որոնք իրեն հետ գէշ վարուած էին։ Աղբիւր մը կը նշէ, թէ «ոգին» կրնայ նոյնիսկ «խնդիրներ պատճառել շրջապատին»։ Ափրիկէի մէջ մարդիկ սովորութիւն ունին մեռնողին տան մէջ հայելիները ծածկել եւ իր պատկերները պատին կողմը դարձնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ոմանք կ’ըսեն որ մեռելը պէտք չէ իր անձը տեսնէ։ Եհովայի ծառաներ ըլլալով, մենք անկասկած չենք հաւատար որեւէ առասպելի կամ չենք մասնակցիր որեւէ սովորութեան, որ Սատանային սուտերուն թիկունք կը կանգնի (Ա. Կոր. 10։21, 22)։ դ19.04 16 ¶11-12
Երեքշաբթի, մարտ 2
Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք (Մատ. 7։12)։
Յիսուս սկզբունքներ տուաւ, որոնք իր հետեւորդներուն պիտի օգնէին ուրիշներուն հետ արդարութեամբ վարուելու։ Օրինակ, մտածէ Ոսկի կանոնին մասին։ Բոլորս կ’ուզենք որ մարդիկ մեզի հետ արդարութեամբ վարուին։ Ուրեմն, պէտք է անոնց հետ արդարութեամբ վարուինք։ Այսպէս, անոնք ալ կը մղուին մեզի հետ արդարօրէն վարուելու։ Իսկ անարդարութեան պարագային, Յիսուս ըսաւ որ վստահ ըլլանք թէ Եհովան ‘իրաւունք պիտի ընէ անոնց, որոնք ցերեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն’ (Ղուկ. 18։6, 7)։ Այդ խօսքերը խոստում մըն են. մեր արդարադատ Աստուածը տեղեակ է թէ ինչ նեղութիւններ կը դիմագրաւենք այս վերջին օրերուն, եւ իր յարմար ժամանակին պիտի ձգէ որ մեզի համար արդարութիւն ի գործ դրուի (Բ. Թես. 1։6)։ Երբ Յիսուսին սորվեցուցած սկզբունքներուն հետեւինք, ուրիշներուն հետ արդարութեամբ պիտի վարուինք։ Իսկ եթէ Սատանայի աշխարհին մէջ անարդարութեան զոհ գացած ենք, կը մխիթարուինք գիտնալով որ Եհովան իրաւունք պիտի ընէ մեզի համար։ դ19.05 5 ¶18-19
Չորեքշաբթի, մարտ 3
Միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն (Ա. Պետ. 3։15)։
Թերեւս դպրոցական ես եւ դասընկերներդ բարեշրջութեան կը հաւատան։ Կ’ուզես բացատրել, թէ ինչո՛ւ ստեղծագործութեան կը հաւատաս, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, բայց թերեւս կը զգաս որ չես կրնար։ Ուրեմն, պէ՛տք է ատոր մասին սերտես, որպէսզի՝ 1) համոզումդ զօրացնես թէ Աստուած բոլոր բաները ստեղծեց, եւ 2) ճշմարտութիւնը պաշտպանելու կարողութիւնդ բարելաւես (Հռով. 1։20)։ Կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Դասընկերներս ինչի՞ հիման վրայ բարեշրջութեան կը հաւատան’։ Ետքը, մեր հրատարակութիւնները գործածելով, մանրամասն փնտռտուք ըրէ։ Հաւատալիքներդ պաշտպանելը կարծածէդ աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ։ Շատեր բարեշրջութեան հաւատացած են պարզապէս քանի որ յարգելի անհատ մը իրենց ըսած է, թէ անիկա իրապէս տեղի ունեցած է։ Եթէ միայն մէկ կամ երկու փաստ գտնես, կրնաս պատասխանը անկեղծօրէն փնտռող անձի մը օգնել (Կող. 4։6)։ դ19.05 29 ¶13
Հինգշաբթի, մարտ 4
Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ (Եսա. 66։13)։
Երբ Եղիա մարգարէն կը փախչէր անոնցմէ, որոնք կ’ուզէին զինք մեռցնել, ա՛յնքան վհատեցաւ որ ուզեց մեռնիլ։ Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց, որ իրեն այցելէ։ Հրեշտակը շատ գործնական կերպով օգնեց։ Ան Եղիային տաք ճաշ տուաւ եւ ազնուօրէն ըսաւ որ զայն ուտէ (Գ. Թագ. 19։5-8)։ Այս դէպքէն կը սորվինք, որ երբեմն մեր կողմէ գործնական պարզ արարք մը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ։ Թերեւս ճաշ մը պատրաստենք, կամ պզտիկ նուէր մը տանք կամ քաջալերական երկտող մը ուղարկենք, ինչ որ պիտի ձգէ որ վհատած եղբայրը կամ քոյրը զգայ որ զինք կը սիրենք եւ իրմով հետաքրքրուած ենք։ Այսպիսի կերպերով կրնանք անհատին օգնել, եթէ մեզի համար դիւրին չէ անձնական կամ զգայուն նիւթի մը մասին ուրիշին հետ խօսիլ։ Եհովան հրաշալիօրէն Եղիային օգնեց, որ Քորեբ լեռը հասնի, ուր հեռու պիտի ըլլար այն մարդոցմէն, որոնք կ’ուզէին զինք մեռցնել։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Եթէ կ’ուզենք չարաշահուած անհատները մխիթարել, թերեւս նա՛խ պէտք է իրենց օգնենք որ ապահով զգան, ըլլայ իրենց տան հանդարտ մթնոլորտին մէջ կամ Թագաւորութեան սրահին մէջ։ դ19.05 16 ¶11. 17 ¶13-14
Ուրբաթ, մարտ 5
Երկիրը պիտի ողբայ. . . Նաթանին տանը ազգատոհմը առանձին (Զաք. 12։12)։
Սեպենք որ Զաքարիա գիրքին 12–րդ գլուխը կը կարդաս, որ Մեսիային մահուան մասին կը մարգարէանայ (Զաք. 12։10)։ Երբ 12–րդ համարին հասնիս, կը կարդաս թէ «Նաթանին տանը ազգատոհմը» դառնապէս պիտի ողբար Մեսիային մահուան համար։ Փոխանակ արագ մը այդ մանրամասնութեան վրայէն անցնելու, պահ մը կեցիր եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ կապ կայ Նաթանին տան ազգատոհմին եւ Մեսիային միջեւ’։ Եւ կը սկսիս աւելի փնտռտուք ընել։ ՆԱ–ին մէջ Զաքարիա 12։12–ի լուսանցքային յղումներէն մէկը քեզ կը տանի Բ. Թագաւորաց 5։13, 14–ին, ուր կը գիտնաս որ Նաթան Դաւիթ թագաւորին որդին էր։ Իսկ ուրիշ լուսանցքային յղում մը՝ Ղուկաս 3։23, 31–ը, կը յայտնէ թէ Նաթան Յիսուսի մօր նախահայրն էր։ Յանկարծ հետաքրքրութիւնդ ա՛լ աւելի կը շարժի։ Դուն գիտէիր որ մարգարէացուած էր, թէ Յիսուս Դաւիթի սերունդէն պիտի գար (Մատ. 22։42, 43)։ Բայց Դաւիթ աւելի քան 20 որդի ունէր։ Ուշագրաւ չէ՞ որ Զաքարիան մասնաւորաբար Նաթանի տան ազգատոհմին ակնարկեց, ըսելով որ պատճառ պիտի ունենային Յիսուսի մահուան համար ողբալու։ դ19.05 30 ¶17
Շաբաթ, մարտ 6
Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է (Հռով. 12։2)։
Ի՞նչ պէտք է ընենք։ Կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենալով կրնանք մենք մեզի փաստել այն ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուածաշունչէն սորվեցանք։ Եւ կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովայի չափանիշները ճիշդ են։ Այսպէս, զօրաւոր արմատներ ունեցող ծառի մը պէս, «հաւատքին մէջ հաստատուած» պիտի ըլլանք (Կող. 2։6, 7)։ Մի՛ մոռնար որ ուրիշ մէկը քու տեղդ չի կրնար հաւատքդ հաստատել։ Ուստի, շարունակէ տիրապետող մտածելակերպդ նորոգել։ Յարատեւօրէն աղօթէ ու խնդրէ սուրբ հոգիին օգնութիւնը։ Խորապէս խոկա՛ եւ շարունակ քննէ մտածումներդ ու մղումներդ։ Լաւ ընկերներ զատէ եւ դուն քեզ շրջապատէ անհատներով, որոնք քեզի պիտի օգնեն միտքդ նորոգելու։ Այս բոլորը ընելով, Սատանայի աշխարհին թունաւոր ազդեցութիւններէն պիտի ձերբազատուիս ու պաշտպանուիս, եւ յաջողութեամբ պիտի քանդես «տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան» (Բ. Կոր. 10։5, ԱԾ)։ դ19.06 13 ¶17-18
Կիրակի, մարտ 7
Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. որբերուն ու որբեւայրիներուն այցելել նեղութեան ատենը (Յակ. 1։27)։
Ինչպէս որ Հռութ այրի Նոեմիին հետ մնաց, նոյնպէս մենք պէտք է յարատեւօրէն թիկունք կանգնինք անոնց, որոնք սիրելի մը կը կորսնցնեն (Հթ. 1։16, 17)։ Փոլան կ’ըսէ. «Ամուսինս մեռնելէն անմիջապէս ետք, շատեր եկան օգնելու եւ մխիթարելու։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք իրենց բնականոն կեանքին վերադարձան։ Սակայն իմ կեանքս ամբողջովին փոխուած էր։ Մարդիկ կրնան մեծապէս օգնել, երբ անդրադառնան որ սգացողը աջակցութեան պէտք կ’ունենայ մահէն ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ ետք»։ Անշուշտ իւրաքանչիւր անձ յատուկ է։ Ոմանք իրենց նոր պայմաններուն շուտով կը յարմարին։ Ոմանք ալ ամէն անգամ որ կ’ընեն բան մը, որ իրենց կողակիցին հետ կ’ընէին, իրենց կորուստը կը յիշեն։ Սգալու կերպը անձէ անձ կը տարբերի։ Յիշենք որ Եհովան մեզի կու տայ կողակից կորսնցնողներուն հոգ տանելու առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնը։ դ19.06 24 ¶16
Երկուշաբթի, մարտ 8
Բերանս սանձով պահեմ՝ ամբարիշտին իմ առջեւս եղած ատենը (Սաղ. 39։1)։
Արգիլումին ընթացքին, պէտք է գիտնանք թէ ե՛րբ «լռելու ժամանակ»ն է (Ժող. 3։7)։ Պէտք է կարգ մը կարեւոր տեղեկութիւններ գաղտնի պահենք, ինչպէս՝ եղբայրներուն ու քոյրերուն անունները, ժողովքային հանդիպումներուն վայրերը, քարոզչութեան մեթոտները եւ հոգեւոր սնունդ ստանալու միջոցները։ Այս տեղեկութիւնները իշխանութիւններուն պիտի չյայտնենք, ոչ ալ զանոնք պիտի նշենք մեր բարեկամներուն կամ ազգականներուն, որոնք կ’ապրին նոյն երկրին մէջ կամ ուրիշ երկիրներու մէջ, ըլլա՛ն Վկաներ կամ ոչ։ Եթէ այս ծուղակին մէջ իյնանք, մեր եղբայրներուն ապահովութիւնը կը վտանգենք։ Նաեւ, մի՛ ձգեր որ պզտիկ խնդիրներ բաժանում պատճառեն։ Սատանան գիտէ թէ բաժնուած տունը չի կրնար կենալ (Մար. 3։24, 25)։ Ան տեւական պիտի ջանայ մեր մէջ բաժանումներ պատճառել։ Այսպիսով, ան կը յուսայ որ սկսինք իրարու դէմ կռուիլ փոխանակ իրեն դէմ կռուելու։ Նոյնիսկ հասուն քրիստոնեաները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ այս ծուղակին մէջ չիյնան։ Եթէ ծանր աշխատինք որ մեր եղբայրներուն հետ մեր խնդիրները լուծենք, որեւէ բանի թոյլ պիտի չտանք որ մեզ բաժնէ (Կող. 3։13, 14)։ դ19.07 11-12 ¶14-16
Երեքշաբթի, մարտ 9
Տէրոջը ծառան պէտք [է] հեզահոգի ըլլայ ամենուն [եւ] սորվեցնող (Բ. Տիմ. 2։24)։
Մարդիկ յաճախ մեր պատգամին ականջ կու տան ո՛չ թէ մեր ըսածին, հապա ըսելու կերպին պատճառաւ։ Կը գնահատեն մեր ազնուութիւնը, փափկանկատութիւնը եւ անկեղծ հետաքրքրութիւնը իրենցմով։ Փոխանակ ստիպելու որ մեր տեսակէտը մտիկ ընեն, կը ջանանք կրօնքին վերաբերեալ իրենց կեցուածքին պատճառը ըմբռնել եւ իրենց զգացումները հասկնալ։ Օրինակ, Պօղոս հրեաներուն հետ խօսելու ատեն, Սուրբ Գրութիւններէն պատճառաբանեց։ Սակայն, երբ Արիսպագոսի մէջ յոյն փիլիսոփաներու հետ կը խօսէր, չըսաւ թէ ինք Սուրբ Գրութիւններէն կը մէջբերէր (Գործք 17։2, 3, 22-31)։ Մենք ալ եթէ հանդիպինք անհատի մը, որ Սուրբ Գիրքը չ’ընդունիր, աւելի լաւ կ’ըլլայ որ իրեն հետ խօսելու ատեն, ուղղակիօրէն անկէ չմէջբերենք։ Իսկ եթէ նշմարենք որ անհատը չ’ուզեր որ ուրիշներ տեսնեն, որ մեզի հետ Աստուածաշունչը կը կարդայ, ջանանք համարները աննկատ կերպով ցուցնել, օրինակ՝ ելեկտրոնային սարքով։ դ19.07 21 ¶5-6
Չորեքշաբթի, մարտ 10
Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք (Բ. Օր. 11։16)։
Սատանան խելացութեամբ իսրայէլացիները կռապաշտութիւն գործելու փորձութեան մէջ ձգեց։ Ինչպէ՞ս։ Ան գիտէր թէ անոնք պէտք ունէին ուտելիքի, եւ ասիկա գործածեց որ իր ուզածը ընել տայ անոնց։ Երբ Աւետեաց երկիրը մտան, պէտք էր ուտելիք աճեցնելու նոր կերպեր սորվէին։ Եգիպտոսի մէջ անոնք դաշտերը կը ջրէին Նեղոս գետի ջուրը գործածելով։ Սակայն Աւետեաց երկրին մէջ մեծ գետ չկար, ուստի ուտելիք աճեցնելու համար պէտք ունէին անձրեւի եւ ցօղի (Բ. Օր. 11։10-15. Եսա. 18։4, 5)։ Հետեւաբար անոնք պէտք էր հողագործութեան նոր մեթոտներ սորվէին։ Բայց Եհովան ինչո՞ւ զգուշացուց օտար աստուածներ պաշտելէ, երբ կը խօսէր հողագործութեան մասին։ Ան գիտէր որ իսրայէլացիները պիտի փորձուէին հողագործութեան նոր մեթոտներ սորվիլ իրենց շուրջը գտնուող հեթանոսներէն եւ թէ քանանացի հողագործները Բահաղը կը պաշտէին ու իրենց մտածելակերպը ազդուած էր իրենց հաւատալիքներէն (Թւ. 25։3, 5. Դատ. 2։13. Գ. Թագ. 18։18)։ դ19.06 3 ¶4-6
Հինգշաբթի, մարտ 11
Կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ (Փլպ. 1։9)։
Երբ Պօղոս առաքեալ, Շիղա, Ղուկաս եւ Տիմոթէոս Փիլիպպէ հասան, որ հռոմէական գաղութ էր, գտան շա՜տ մարդիկ, որոնք Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած էին։ Այս չորս նախանձախնդիր եղբայրներուն օգնութեամբ ժողովք մը կազմուեցաւ եւ բոլոր աշակերտները սկսան իրարու հետ հաւաքուիլ, հաւանաբար Լիդիա անունով հիւրասէր հաւատացեալ կնոջ մը տան մէջ (Գործք 16։40)։ Շատ չանցած, նորակազմ ժողովքը դժուար պարագայէ մը անցաւ։ Սատանան ճշմարտութեան թշնամիները դրդեց որ այս հաւատարիմ քրիստոնեաներուն քարոզչութեան բրտօրէն հակառակին։ Պօղոսն ու Շիղան ձերբակալուեցան, գաւազանով ծեծուեցան եւ բանտարկուեցան։ Ազատ արձակուելէ ետք, անոնք նոր աշակերտներուն այցելեցին եւ քաջալերեցին։ Ետքը, Պօղոս, Շիղա եւ Տիմոթէոս քաղաքէն հեռացան, իսկ Ղուկաս, ըստ երեւոյթին, հոն մնաց։ Նոր եղբայրներն ու քոյրերը հիմա ի՞նչ պիտի ընէին։ Եհովան սուրբ հոգիով իրենց օգնեց որ շարունակեն նախանձախնդրաբար իրեն ծառայել (Փլպ. 2։12)։ Իրապէս, Պօղոս ամէն պատճառ ունէր իրենցմով հպարտ զգալու։ դ19.08 8 ¶1-2
Ուրբաթ, մարտ 12
Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ (Առ. 22։7)։
Վերջերս փոխադրուա՞ծ ես։ Տեղէ–տեղ փոխադրուիլը կրնայ շատ ծախսի նայիլ եւ դիւրին կ’ըլլայ պարտքեր դիզելը։ Կարելի եղածին չափ քիչ պարտք ընելու համար, ուշադիր եղիր որ վարկաքարտով չգնես բաներ, որոնց իրապէս պէտք չունիս (Առ. 22։3)։ Ի մտի ունեցիր որ երբ զգացական ճնշումի տակ ըլլանք, օրինակ՝ երբ հիւանդ սիրելիներու հոգ կը տանինք, դժուար կ’ըլլայ որոշել որքա՛ն գումար պարտքի առնել։ Այսպիսի պարագաներու, յիշէ որ ‘աղօթքն ու աղաչանքը’ կրնան օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնես։ Աղօթքներուդ առ ի պատասխան, Եհովան կու տայ այն խաղաղութիւնը, որ ‘սիրտդ ու միտքդ պիտի պահպանէ’, օգնելով որ հանդարտ մտքով խորապէս մտածես (Փլպ. 4։6, 7. Ա. Պետ. 5։7)։ Լաւ փոխյարաբերութիւններ հաստատէ։ Զգացումներդ ու դիմագրաւած դժուարութիւններդ պատմէ մտերիմ բարեկամներու, մանաւանդ անոնց՝ որոնք նոյնանման պարագաներէ անցած են։ Այդպէս ընելով, զգացական գետնի վրայ աւելի լաւ պիտի զգաս (Ժող. 4։9, 10)։ Մի՛ մոռնար որ փոխադրուելէ առաջ ունեցած բարեկամներդ տակաւին բարեկամներդ են։ դ19.08 22 ¶9-10
Շաբաթ, մարտ 13
Զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի (Յայտ. 16։16)։
Եհովան ինչո՞ւ վերջին մեծ պատերազմը կապեց Մակեդդովի հետ։ Աստուածաշունչի օրերուն շատ պատերազմներ տեղի ունեցան Մակեդդովի եւ մօտակայ Յեզրայէլի հովիտին մէջ, եւ երբեմն Եհովան իր ժողովուրդին օգնեց որ յաղթեն։ Օրինակ, «Մակեդդովի ջուրին քով», Աստուած դատաւոր Բարակին օգնեց, որ յաղթէ քանանացի զօրքին, որուն առաջնորդը Սիսարան էր։ Բարակ եւ Դեբօրա մարգարէուհին Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հրաշալի յաղթանակին համար։ Անոնք երգեցին. «Աստղերը. . . Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին։ . . .Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ այսպէս թող կորսուին. իսկ քեզ սիրողները՝ իր զօրութեամբ ելլող արեւին պէս ըլլան» (Դատ. 5։19-21, 31, ԱԾ)։ Արմագեդոնին, Աստուծոյ թշնամիները նոյնպէս պիտի բնաջնջուին, իսկ զինք սիրողները պիտի փրկուին։ Բայց երկու պատերազմներուն միջեւ յատկանշական տարբերութիւն մը կայ։ Արմագեդոնին Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի չպատերազմի։ Անոնք նոյնիսկ զէնք պիտի չունենան։ Անոնց զօրութիւնը պիտի ըլլայ «հանդարտ» մնալով եւ Եհովային ու անոր երկնային զօրքերուն հանդէպ «վստահութիւն» ունենալով (Եսա. 30։15. Յայտ. 19։11-15)։ դ19.09 9 ¶4-5
Կիրակի, մարտ 14
Եկէ՛ք ինծի (Մատ. 11։28)։
Յիսուսին ‘գալու’ կերպերէն մէկն է՝ կարելի եղածին չափ շատ բան սորվիլ իր ըսածներուն ու ըրածներուն մասին (Ղուկ. 1։1-4)։ Ուրիշ մէկը մեր տեղը չի կրնար ասիկա ընել. մե՛ր պատասխանատուութիւնն է։ Նաեւ Յիսուսին ‘կու գանք’, երբ որոշում կ’առնենք մկրտուելու եւ Քրիստոսի աշակերտը ըլլալու։ Յիսուսին ‘գալու’ ուրիշ կերպ մըն է՝ ժողովքի երէցներուն դիմել, երբ օգնութեան պէտք ունինք։ Յիսուս իր ոչխարներուն հոգ տանելու համար կը գործածէ ‘որպէս պարգեւներ եղող տղամարդիկ’ (Եփ. 4։7, 8, ՆԱ, 11. Յովհ. 21։16. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Պէտք է նախաձեռնութիւնը առնենք իրենցմէ օգնութիւն խնդրելու։ Չենք կրնար ակնկալել, որ երէցները մեր միտքը կարդան եւ գիտնան ինչի՛ պէտք ունինք։ Ճուլիըն անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Երէցներու օգնութիւնը խնդրեցի. . . եւ իրենց հովուական այցելութիւնը մինչեւ հիմա ստացած լաւագոյն նուէրներէս մէկն է»։ Հաւատարիմ երէցները կրնան մեզի օգնել որ «Քրիստոսին միտքը» ճանչնանք, այսինքն՝ իր մտածումներն ու կեցուածքը հասկնանք եւ ընդօրինակենք (Ա. Կոր. 2։16. Ա. Պետ. 2։21)։ Ատիկա իրապէս լաւագոյն նուէրներէն է, որ երէցները մեզի կրնան տալ։ դ19.09 21 ¶4-5
Երկուշաբթի, մարտ 15
Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն (Յովհ. 10։16)։
Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու մասին, որոնք սուրբ հոգիով առաջնորդուեցան, բայց եւ այնպէս՝ 144,000–էն չեն։ Օրինակ մըն է՝ Յովհաննէս Մկրտիչ (Մատ. 11։11)։ Ուրիշ օրինակ մըն է՝ Դաւիթ (Գործք 2։34)։ Անոնք եւ անհամար ուրիշներ յարութիւն պիտի առնեն դրախտային երկրի վրայ։ Բոլորը, մէջը ըլլալով մեծ բազմութիւնը, առիթը պիտի ունենան Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց տալու եւ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու։ Մարդկութեան պատմութեան մէջ բնա՛ւ չէ եղած, որ Աստուած բոլոր ազգերէն միլիոնաւոր մարդիկ միացուցած է։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ ապրիլ երկինքը կամ երկրի վրայ, պէտք է կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնենք, որ «ուրիշ ոչխարներ»ու մեծ բազմութեան մաս կազմեն։ Շուտով Եհովան մարգարէացուած մեծ նեղութիւնը պիտի բերէ, որ պիտի կործանէ կառավարութիւններն ու կրօնքները, որոնք մարդկութիւնը չարչարած են։ Մեծ բազմութեան բոլոր անդամները ի՜նչ հիանալի առանձնաշնորհում ունին. երկրի վրայ յաւիտեան Եհովայի ծառայել (Յայտ. 7։14)։ դ19.09 31 ¶18-19
Երեքշաբթի, մարտ 16
Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան (Բ. Պետ. 3։3)։
Մինչ Սատանայի դրութիւնը վերջ գտնելու վրայ է, կրնանք ակնկալել որ Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ա՛լ աւելի պիտի փորձուի։ Հաւանաբար պիտի շարունակենք մարդոց ծաղրանքին թիրախը ըլլալ, յատկապէս քանի որ չէզոք ենք։ Պէտք է հիմակուընէ մեր հաւատարմութիւնը զօրացնենք, որպէսզի մեծ նեղութեան ընթացքին հաւատարիմ մնանք։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, երկրի վրայ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն նկատմամբ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։ Որոշ մէկ հանգրուանին, երկրի վրայ եղող բոլոր օծեալները երկինք պիտի առնուին, որպէսզի Արմագեդոն պատերազմին մասնակցին (Մատ. 24։31. Յայտ. 2։26, 27)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Կառավարիչ մարմինը այլեւս մեզի հետ երկրի վրայ պիտի չըլլայ։ Սակայն, մեծ բազմութիւնը կազմակերպուած պիտի մնայ։ Ուրիշ ոչխարներէն եղող որակեալ եղբայրներ առաջնորդութիւնը պիտի առնեն։ Պէտք է մեր հաւատարմութիւնը ցոյց տանք՝ այս եղբայրներուն թիկունք կանգնելով եւ իրենց աստուածատուր ուղղութեան հետեւելով։ Մեր փրկութիւնը ատկէ կախեալ պիտի ըլլայ։ դ19.10 17 ¶13-14
Չորեքշաբթի, մարտ 17
Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ. . . ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ (Հթ. 1։16, 17)։
Նոեմին Եհովան սիրող հաւատարիմ կին մըն էր։ Բայց իր ամուսինին եւ երկու որդիներուն մահէն ետք, ուզեց կոչուիլ «Մարա», որ կը նշանակէ «դառն» (Հթ. 1։3, 5, 20, ստորանիշ, 21)։ Իր ամբողջ նեղութեան ատեն, իր հարսը՝ Հռութ, իրեն հետ մնաց։ Ան ոչ միայն գործնական կերպով օգնեց, հապա նաեւ Նոեմիին մխիթարական խօսքեր ըսաւ։ Ան պարզ, անկեղծ խօսքերով Նոեմիին արտայայտեց իր սէրն ու աջակցութիւնը։ Երբ մեր հոգեւոր ընտանիքէն անդամ մը իր կողակիցը կորսնցնէ, մեր աջակցութեան պէտք կ’ունենայ։ Ամուսնացած զոյգը կարելի է նմանցնել երկու ծառերու, որոնք իրարու քով աճած են։ Տարիներու ընթացքին, անոնց արմատները իրարու կը փաթթուին։ Երբ անոնցմէ մէկը արմատախիլ ըլլայ եւ մեռնի, միւսը մեծապէս կը վնասուի։ Նոյնպէս, երբ մէկու մը կողակիցը մեռնի, ան երկար ժամանակ խոր զգացումներ կ’ունենայ։ դ19.06 23 ¶12-13
Հինգշաբթի, մարտ 18
Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած (Յակ. 1։14)։
Պէտք է ուշադրութեամբ քննենք ոչ միայն թէ ի՛նչ տեսակ ժամանց կ’ընտրենք, այլեւ թէ ո՛րքան ժամանակ կը տրամադրենք ատոր։ Այլապէս, կրնանք աւելի ժամանակ տրամադրել ժամանցին, քան՝ Եհովայի ծառայութեան։ Առաջին քայլն է գիտնալ, թէ ճիշդ ո՛րքան ժամանակ կու տաս ժամանցին։ Կրնաս մէկ շաբաթ ժամանցդ գրի առնել։ Օրացոյցի մը վրայ գրէ թէ քանի՛ ժամ կ’անցընես հեռատեսիլը դիտելով, համացանցը գործածելով եւ դիւրակիր սարքովդ խաղեր խաղալով։ Եթէ տեսար որ ժամանցին համար շա՜տ ժամանակ կը վատնես, յայտագիր մը դիր։ Ծրագրէ նա՛խ աւելի կարեւոր բաները ընել, եւ ետքը ժամանակ տուր ժամանցին։ Ապա, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ յայտագրիդ կառչելու։ Այսպիսով պէտք եղած ժամանակն ու կորովը պիտի ունենաս՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան, ընտանեկան պաշտամունքին, ժողովներուն եւ դաշտի ծառայութեան համար։ Ասկէ զատ, հաւանաբար ժամանցէդ աւելի հաճոյք առնես, քանի որ Եհովան կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնես։ դ19.10 30 ¶14, 16. 31 ¶17
Ուրբաթ, մարտ 19
Կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար (Հռով. 7։18)։
Շուրջ Ք.Ե. 55–ին, կորնթացիները կարեւոր որոշում մը առին։ Անոնք տեղեկացան, թէ Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի մէջ գտնուող եղբայրները օգնութեան կարիք ունէին։ Ուստի որոշեցին նուիրատուութիւն ընել (Ա. Կոր. 16։1. Բ. Կոր. 8։6)։ Սակայն, քանի մը ամիս ետք, Պօղոս իմացաւ, թէ կորնթացիները իրենց որոշումը չէին գործադրած։ Առ ի արդիւնք, իրենց նուէրը հաւանաբար պատրաստ պիտի չըլլար Երուսաղէմ ղրկուելու միւս ժողովքներուն նուիրատուութիւններուն հետ (Բ. Կոր. 9։4, 5)։ Կորնթացիները լաւ որոշում առած էին, եւ Պօղոս զիրենք գովեց իրենց զօրաւոր հաւատքին եւ առատաձեռնութիւն ցոյց տալու անկեղծ փափաքին համար։ Բայց ան նաեւ ստիպուեցաւ զիրենք քաջալերել, որ իրենց սկսածը ամբողջացնեն (Բ. Կոր. 8։7, 10, 11)։ Անոնց փորձառութենէն կը տեսնենք, թէ նոյնիսկ հաւատարիմ քրիստոնեաներ կրնան դժուարութիւն ունենալ լաւ որոշում մը գործադրելու։ Ինչո՞ւ։ Անկատարութեան պատճառով թերեւս պարզապէս կը ձգձգենք։ Կամ, չակնկալուած դէպքեր թերեւս անկարելի դարձնեն, որ մեր որոշածը կատարենք (Ժող. 9։11)։ դ19.11 26-27 ¶3-5
Շաբաթ, մարտ 20
Հաւատքին վահանը առէ՛ք (Եփ. 6։16)։
Ինչպէս որ մեծ վահանը մարմնին մեծ մասը կը պաշտպանէ, նոյնպէս հաւատքդ քեզ կը պաշտպանէ այս ապականուած աշխարհին անբարոյ, վայրագ եւ անբարեպաշտ ազդեցութիւններէն։ Մենք՝ քրիստոնեաներս, հոգեւոր պատերազմ կը մղենք, իսկ մեր թշնամիները կը պարփակեն չար ոգիները (Եփ. 6։10-12)։ Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ պատրաստ ես հաւատքդ փորձուելու։ Առաջին, պէտք է աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրես։ Երկրորդ, պէտք է Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ դուն քեզ տեսնես ինչպէս որ Աստուած քեզ կը տեսնէ (Եբ. 4։12)։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (Առ. 3։5, 6)։ Ատիկա ի մտի ունենալով, լաւ կ’ըլլայ որ վերջերս առած որոշումներդ աչքէ անցընես։ Օրինակ, եթէ դրամական լուրջ խնդիր մը դիմագրաւեցիր, յիշեցի՞ր Եբրայեցիս 13։5–ին մէջ արձանագրուած Եհովայի խոստումը. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ Այդ խոստումը քեզ վստահեցո՞ւց որ Եհովան պիտի օգնէ։ Եթէ այո, ուրեմն հաւատքի վահանիդ լաւ հոգ կը տանիս։ դ19.11 14 ¶1, 4
Կիրակի, մարտ 21
Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են (Սաղ. 127։3)։
Զաւակը պէտք ունի եւ արժանի է, որ թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը բաւական ժամանակ ու կորով տրամադրեն իրեն։ Ուստի եթէ զոյգը ունի քանի մը պզտիկներ, որոնք տարիքով իրարու մօտ են, դժուար է որ իւրաքանչիւր զաւակի ընծայեն հարկ եղած ուշադրութիւնը։ Քանի մը մանուկներ ունեցող կարգ մը զոյգեր ըսած են, որ շատ բեռնաւորուած զգացած են։ Մայրը թերեւս միշտ ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն սպառած զգայ, ինչ որ թոյլ չի տար որ կանոնաւորաբար սերտէ, աղօթէ եւ ծառայութեան մասնակցի։ Նաեւ, կրնայ դժուար ըլլալ որ քրիստոնէական ժողովներուն ընթացքին կեդրոնանայ եւ յայտագիրէն օգտուի։ Անշուշտ, ամուսինը իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր կնոջ օգնելու, երբ զաւակները բանի մը պէտք ունենան՝ թէ՛ ժողովներուն ընթացքին եւ թէ տան մէջ։ Օրինակ, ամուսինը կրնայ օգնել տնային գործերուն մէջ։ Ան շատ ջանք պիտի թափէ, որ բոլորը կանոնաւոր ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրէն օգտուին։ Եւ իր ընտանիքին հետ կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան պիտի մասնակցի։ դ19.12 24 ¶8
Երկուշաբթի, մարտ 22
Յիսուներորդ տարին Յոբելեան տարի թող ըլլայ ձեզի (Ղեւ. 25։11)։
Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս օգտուեցան Յոբելեան տարիէն։ Բացատրենք. երբ իսրայէլացի տղամարդ մը պարտքի տակ մտնէր եւ առ ի արդիւնք ստիպուէր իր հողը ծախել՝ իր պարտքը գոցելու համար, Յոբելեան տարուան ընթացքին, իր հողը իրեն կը վերադարձուէր։ Ուստի, մարդը ‘իր ստացուածքին կը դառնար’, եւ յետագային իր զաւակները կրնային իր հողը ժառանգել։ Իսկ երբ տղամարդ մը այնքա՛ն պարտք դիզէր, որ զայն գոցելու համար ստիպուէր իր զաւակներէն մէկը կամ նոյնիսկ ինքզինք ծախել ստրկութեան, Յոբելեան տարուան ընթացքին ստրուկը ‘իր ազգատոհմին կը վերադառնար’ (Ղեւ. 25։10)։ Այդպիսով, մէ՛կը ստրկութեան պիտի չմատնուէր առանց յոյսի։ Ասկէ զատ, Եհովան ըսաւ. «Քու քովդ աղքատ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես» (Բ. Օր. 15։4)։ Ասիկա որքա՜ն տարբեր է աշխարհի իրավիճակէն այսօր, ուր հարուստը աւելի՛ կը հարստանայ եւ աղքատը աւելի՛ կ’աղքատանայ։ դ19.12 8-9 ¶3-4
Երեքշաբթի, մարտ 23
Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր (Առ. 27։11)։
Երբ Յիսուս դժուար պարագաներ դիմագրաւեց, «սաստիկ գոչումով ու արցունքով» աղօթեց (Եբ. 5։7)։ Իր ջերմեռանդ աղօթքները ցոյց տուին, թէ Եհովային հաւատարիմ էր, եւ օգնեցին որ աւելի՛ վճռէ հնազանդ մնալ։ Եհովայի համար, Յիսուսի աղօթքները անուշահոտ խունկի բոյրին կը նմանէին։ Յիսուսի ամբողջ կեանքի ընթացքը իր Հայրը խորապէս հաճեցուց եւ Հօր գերիշխանութիւնը ջատագովեց։ Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ մեր լաւագոյնը ընելով, որ Եհովայի հնազանդինք եւ հաւատարիմ մնանք։ Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, ջերմեռանդօրէն Եհովայի կ’աղօթենք որ մեզի օգնէ, քանի որ կ’ուզենք զինք հաճեցնել։ Կը գիտակցինք, որ Եհովան մեր աղօթքները պիտի չընդունի, եթէ իր ատած բաները ընենք։ Սակայն, եթէ իր չափանիշներուն համաձայն ապրինք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր ջերմեռանդ աղօթքները անուշահոտ խունկ պիտի նկատէ։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր ուղղամտութիւնը եւ հնազանդութիւնը զինք կը հաճեցնեն։ դ19.11 21-22 ¶7-8
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Ղուկաս 19։29-44
Չորեքշաբթի, մարտ 24
Ո՞վ է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան (Մատ. 24։45)։
1919–ին, Յիսուս օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբ մը նշանակեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Այդ ծառան քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ եւ Քրիստոսի հետեւորդներուն ‘ատենին կերակուր’ կու տայ։ Սատանան եւ իր աշխարհը ամէն բան ըրած են, որ հաւատարիմ ծառային գործը դժուարացնեն, նոյնիսկ անկարելի դարձնեն։ Հակառակ երկու համաշխարհային պատերազմներուն, անողորմ հալածանքին, աշխարհապարփակ տնտեսական տագնապներուն եւ անարդար վերաբերմունքին, հաւատարիմ ծառան շարունակած է հոգեւոր սնունդ հայթայթել։ Մտածէ թէ ներկայիս որքա՜ն առատ հոգեւոր սնունդ ունինք, որ մատչելի է ձրիաբար եւ աւելի քան 900 լեզուներով։ Ասիկա աստուածային աջակցութեան անուրանալի ապացոյց է։ Քարոզչութիւնն ալ Եհովայի օրհնութեան ապացոյց է։ Բարի լուրը իրապէս «բովանդակ աշխարհի մէջ» կը քարոզուի (Մատ. 24։14)։ դ19.11 24 ¶15-16
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 10–ի դէպքերը) Ղուկաս 19։45-48. Մատթէոս 21։18, 19. 21։12, 13
Հինգշաբթի, մարտ 25
[Քրիստոս] լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով (Եբ. 5։7)։
Ամէն տարի Քաւութեան օրը, քահանայապետը պէտք էր խունկը վառէր զոհերը մատուցանելէ առաջ։ Այդպիսով ան վստահ կ’ըլլար, որ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի ունենար, երբ զոհերը մատուցանէր։ Յիսուս իր կեանքը որպէս զոհ տալէ առաջ, պէտք էր կարեւոր բան մը ընէր,– աւելի՛ կարեւոր բան մը, քան մարդկութեան փրկութիւն տալ։ Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պէտք էր ուղղամիտ եւ հաւատարիմ ըլլար, որպէսզի Եհովան իր զոհը ընդունէր։ Այդպէս, Յիսուս պիտի փաստէր, թէ Եհովային կերպով գործելը ապրելու ճիշդ կերպն է։ Ան ցոյց պիտի տար թէ իր Հօր գերիշխանութիւնը իրաւացի է եւ իշխելու կերպը արդար է։ Յիսուս իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Եհովայի արդար չափանիշներուն կատարելապէս հնազանդեցաւ։ Ո՛չ մէկ փորձութիւն կրնար իր Հօր իշխելու կերպը պաշտպանելու իր փափաքը տկարացնել (Փլպ. 2։8)։ դ19.11 21 ¶6-7
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 11–ի դէպքերը) Ղուկաս 20։1-47
Ուրբաթ, մարտ 26
Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ (Ղուկ. 22։28)։
Յիսուսի ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, հաւատարիմ առաքեալները իրեն իսկական բարեկամներ եղան (Առ. 18։24)։ Յիսուս այս բարեկամները արժեւորեց։ Իր ծառայութեան ընթացքին, իր եղբայրներէն ո՛չ մէկը իրեն հաւատաց (Յովհ. 7։3-5)։ Առիթով մը իր ազգականները նոյնիսկ մտածեցին որ խենթացած է (Մար. 3։21)։ Բայց անոնց հակառակը, իր մեռնելէն մէկ գիշեր առաջ կրցաւ հաւատարիմ առաքեալներուն համար ըսել այս օրուան համարին խօսքերը։ Ճիշդ է որ առաքեալները ատեն–ատեն Յիսուսը յուսախաբ ըրին, բայց ան իրենց թերութիւններուն վրայ չկեդրոնացաւ, հապա տեսաւ թէ իրեն կը հաւատային (Մատ. 26։40. Մար. 10։13, 14. Յովհ. 6։67-70)։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, այս հաւատարիմ տղամարդոց ըսաւ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի» (Յովհ. 15։15)։ Անկասկած Յիսուսի բարեկամները զինք շատ քաջալերեցին։ դ19.04 11 ¶11-12
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Ղուկաս 22։1-6. Մարկոս 14։1, 2, 10, 11
Յիշատակատօնին թուականը
Արեւամուտէն ետք
Շաբաթ, մարտ 27
Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք (Հռով. 8։16)։
Անհատ մը ինչպէ՞ս կը գիտնայ, որ երկնային կոչումը ունի։ Պատասխանը յստակօրէն յայտնի է հռոմայեցիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խօսքերէն, որոնք ‘սուրբ ըլլալու կանչուած էին’։ Այս օրուան համարին խօսքերէն զատ, ան անոնց ըսաւ. «Դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր» (Հռով. 1։7. 8։15)։ Ուրեմն, Աստուած սուրբ հոգիին միջոցաւ օծեալներուն յստակ կը դարձնէ, որ երկնային կոչումը ունին (Ա. Թես. 2։12)։ Եհովան երկնային կոչում ստացողներուն մտքին ու սրտին մէջ որեւէ կասկած չի ձգեր (Ա. Յովհ. 2։20, 27)։ Օծեալ քրիստոնեաները պէտք չունին, որ մէկը հաստատէ թէ իրենք օծուած են։ դ20.01 22 ¶7-8
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Ղուկաս 22։7-13. Մարկոս 14։12-16 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Ղուկաս 22։14-65
Կիրակի, մարտ 28
Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ (Յովհ. 15։13)։
«Քրիստոսին օրէնքը» ամէնէն լաւ հիմը ունի. սէրը (Գաղ. 6։2)։ Յիսուս ամէն ինչ որ ըրաւ՝ սէրէ մղուած ըրաւ։ Խղճալը, կամ գթառատութիւնը, սիրոյ արտայայտութիւն է։ Որովհետեւ Յիսուս մարդոց խղճաց, մղուեցաւ բազմութիւններու սորվեցնելու, հիւանդներ բժշկելու, անօթիներ կերակրելու եւ մեռելներ յարուցանելու (Մատ. 14։14. 15։32-38. Մար. 6։34. Ղուկ. 7։11-15)։ Ան յօժարաբար ուրիշներուն պէտքերը իր պէտքերէն առաջ դրաւ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ան մեծ սէր ցոյց տուաւ իր կեանքը ուրիշներուն համար զոհելով։ Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ ուրիշներուն պէտքերը մեր պէտքերէն առաջ դնելով։ Նաեւ կրնանք զինք ընդօրինակել՝ մեր թաղամասի մարդոց հանդէպ գթառատութիւն մշակելով։ Երբ կարեկցութենէ մղուած՝ բարի լուրը քարոզենք եւ սորվեցնենք, Քրիստոսի օրէնքին կը հնազանդինք։ դ19.05 4 ¶8-10
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Ղուկաս 22։66-71
Երկուշաբթի, մարտ 29
[Եհովան] զիս ղրկեց. . . գերիներուն ազատութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու (Ղուկ. 4։18, 19)։
Յիսուս ճամբան բացաւ կրօնական առաջնորդներուն սխալ ուսուցումներէն ազատուելու։ Այն ատեն հրեաներէն շատեր գերի դարձած էին աւանդութիւններու եւ սուտ հաւատալիքներու (Մատ. 5։31-37. 15։1-11)։ Անոնք՝ որոնք կը դաւանէին հոգեւոր առաջնորդներ ըլլալ, առումով մը կոյր էին։ Մեսիան եւ անոր սորվեցուցած ճշմարտութիւնը մերժելով, անոնք խաւարի եւ մեղքի մէջ մնացին (Յովհ. 9։1, 14-16, 35-41)։ Յիսուս իր ճշմարիտ ուսուցումներով եւ լաւ օրինակով, խոնարհներուն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնային սուտ ուսուցումներէ ազատուիլ (Մար. 1։22. 2։23–3։5)։ Նաեւ, Յիսուս կարելի դարձուց որ մարդկութիւնը ժառանգուած մեղքի գերութենէն ազատի։ Յիսուսի զոհին հիման վրայ, Աստուած կրնայ ներել անոնց մեղքերը, որոնք փրկանքին հաւատք կ’ընծայեն եւ գործով ցոյց կու տան իրենց հաւատքը (Եբ. 10։12-18)։ դ19.12 10 ¶8. 11 ¶10-11
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66
Երեքշաբթի, մարտ 30
Խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք. որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է (Եփ. 1։13, 14)։
Եհովան սուրբ հոգին կը գործածէ՝ օծեալ քրիստոնեաներուն բացարձակապէս յստակ դարձնելու, որ զիրենք ընտրած է։ Այս կերպով, սուրբ հոգին «գրաւ» է, կամ՝ խոստում եւ երաշխիք, որ զիրենք կը վստահեցնէ, թէ ապագային յաւիտեան պիտի ապրին երկինքին մէջ (Բ. Կոր. 1։21, 22)։ Օծեալ քրիստոնեան երկնային վարձատրութիւնը ինքնաբերաբա՞ր պիտի ստանայ։ Ո՛չ։ Ան վստահ է որ ընտրուած է երկինք երթալու։ Սակայն, պէտք է յիշէ այս յորդորը. «Ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք» (Բ. Պետ. 1։10)։ Ուստի, թէեւ օծեալ քրիստոնեան կոչում ստացած է, որ երկինք երթայ, ան իր վարձատրութիւնը պիտի ստանայ, միայն եթէ հաւատարիմ մնայ (Փլպ. 3։12-14. Եբ. 3։1. Յայտ. 2։10)։ դ20.01 21-22 ¶5-6
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Ղուկաս 24։1-12
Չորեքշաբթի, մարտ 31
Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է (Առ. 12։18)։
Յոբի երեք բարեկամները չկրցան իրեն կարեկցիլ, քանի որ հարցին խորը չթափանցեցին։ Ուստի սխալ եզրակացութիւններ ըրին եւ Յոբը խստօրէն դատապարտեցին։ Ինչպէ՞ս կրնանք նման սխալ մը չընել։ Գիտակցէ թէ միայն Եհովան անհատի մը պարագային մասին բոլոր իրողութիւնները գիտէ։ Ուշի–ուշով անհատին մտիկ ըրէ եւ փորձէ իր ցաւը զգալ։ Այսպէս պիտի կարենաս իրապէս կարեկցիլ եղբօրդ կամ քրոջդ։ Կարեկցութիւնը մեզ ետ պիտի պահէ ուրիշներու խնդիրներուն մասին ասոր–ատոր բամբասելէ։ Բամբասողը ժողովքը չի շիներ, հապա կը քանդէ (Առ. 20։19. Հռով. 14։19)։ Անոր խօսքերը կրնան վիրաւորել այն անհատը, որ արդէն կը տառապի (Եփ. 4։31, 32)։ Որքա՜ն աւելի լաւ է, որ անհատին լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք եւ մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել իր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։ դ19.06 21-22 ¶8-9