Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք21
  • Ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 1
  • Ուրբաթ, ապրիլ 2
  • Շաբաթ, ապրիլ 3
  • Կիրակի, ապրիլ 4
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 5
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 6
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 7
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 8
  • Ուրբաթ, ապրիլ 9
  • Շաբաթ, ապրիլ 10
  • Կիրակի, ապրիլ 11
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 12
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 13
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 14
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 15
  • Ուրբաթ, ապրիլ 16
  • Շաբաթ, ապրիլ 17
  • Կիրակի, ապրիլ 18
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 19
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 20
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 21
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 22
  • Ուրբաթ, ապրիլ 23
  • Շաբաթ, ապրիլ 24
  • Կիրակի, ապրիլ 25
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 26
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 27
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 28
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 29
  • Ուրբաթ, ապրիլ 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
աք21

Ապրիլ

Հինգշաբթի, ապրիլ 1

Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ (Առ. 17։17)։

Արիստարքոսը,– մակեդոնացի քրիստոնեայ մը Թեսաղոնիկէէն,– Պօղոս առաքեալին հաւատարիմ բարեկամն էր։ Աստուածաշունչին մէջ Արիստարքոս առաջին անգամ կը նշուի, երբ Պօղոս Եփեսոսը այցելեց իր երրորդ միսիոնարական շրջապտոյտին ընթացքին։ Պօղոսին ընկերակցած ատեն, ամբոխ մը զինք բռնեց (Գործք 19։29)։ Երբ վերջապէս ազատ արձակուեցաւ, իր ապահովութիւնը չփնտռեց, հապա հաւատարմաբար Պօղոսի հետ մնաց։ Քանի մը ամիս ետք, Յունաստանի մէջ, Արիստարքոս տակաւին Պօղոսի կողքին էր, թէեւ հակառակորդները շարունակեցին Պօղոսի կեանքին սպառնալ (Գործք 20։2-4)։ Շուրջ Ք.Ե. 58–ին, երբ Պօղոս Հռոմ ղրկուեցաւ որպէս բանտարկեալ, Արիստարքոս այդ երկար ճամբորդութեան մէջ իրեն ընկերակցեցաւ, եւ միասնաբար նաւաբեկութեան հանդիպեցան (Գործք 27։1, 2, 41)։ Երբ Հռոմ էին, այնպէս կ’երեւի որ ան ատեն մը Պօղոսի հետ բանտարկուեցաւ (Կող. 4։10)։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս այս հաւատարիմ ընկերակիցէն քաջալերուեցաւ ու մխիթարուեցաւ։ Արիստարքոսի պէս, մենք ալ կրնանք հաւատարիմ բարեկամ ըլլալ՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կառչելով, ոչ միայն լաւ ժամանակներուն, հապա նաեւ «նեղութեան ատեն»։ դ20.01 9 ¶4-5

Ուրբաթ, ապրիլ 2

Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի (Յայտ. 20։6)։

Այն անհատը, որ կ’օծուի, թերեւս այս թանկարժէք առանձնաշնորհումին անարժան զգայ։ Բայց ան մէկ վայրկեան իսկ չի կասկածիր, որ Եհովան զինք ընտրած է։ Անոր սիրտը ուրախութեամբ եւ գնահատութեամբ կը լեցուի, երբ կը մտածէ իր երկնային յոյսին մասին (Ա. Պետ. 1։3, 4)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ օծեալները կ’ուզեն մեռնիլ։ Պօղոս առաքեալ այդ հարցումին կը պատասխանէ։ Ան իրենց մարդկային մարմինը վրանի նմանցուց եւ ըսաւ. «Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ» (Բ. Կոր. 5։4)։ Այս քրիստոնեաները ներկայ կեանքը ապրելու փափաքը չեն կորսնցուցած, այսինքն՝ չեն ուզեր որ շուտով վերջ գտնէ։ Ընդհակառակը, անոնք կեանքը կը վայելեն եւ կ’ուզեն իւրաքանչիւր օր գործածել Եհովային ծառայելու՝ իրենց ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ։ Սակայն, ի՛նչ ալ ընեն, անոնք միշտ կը յիշեն ապագային նկատմամբ իրենց փառաւոր յոյսը (Ա. Կոր. 15։53. Բ. Պետ. 1։4. Ա. Յովհ. 3։2, 3)։ դ20.01 23 ¶12-13

Շաբաթ, ապրիլ 3

Տէրը իր սիրածը կը խրատէ (Եբ. 12։6)։

Մեզ մարզելու համար, մեր հոգատար Հայրը մեզ կը խրատէ ու կը յանդիմանէ, երբ հարկ ըլլայ։ Ան այս մէկը կ’ընէ շատ մը կերպերով։ Օրինակ, թերեւս Սուրբ Գիրքէն բան մը կարդանք կամ ժողովի ընթացքին բան մը լսենք, եւ անդրադառնանք որ մեր մտածելակերպին մէջ կամ վարուելակերպին մէջ բան մը պէտք է փոխենք։ Կամ թերեւս երէցներէն ստանանք մեզի պէտք եղած օգնութիւնը։ Եհովան մեզ ի՛նչ կերպով ալ կրթէ կամ պատժէ, սէրէ մղուած կ’ընէ այդ մէկը (Եր. 30։11)։ Նաեւ, Եհովան նեղութիւններու ժամանակ մեզի թիկունք կը կանգնի։ Ճիշդ ինչպէս որ հոգածու հայր մը իր զաւակներուն կ’օգնէ, երբ պարագաները դժուար են, նոյնպէս մեր երկնաւոր Հայրը մեզի կ’օգնէ, երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք։ Ան սուրբ հոգին կը գործածէ, որպէսզի մեզ հոգեւոր վնասէ պաշտպանէ (Ղուկ. 11։13)։ Ան նաեւ զգացականօրէն մեզ կը պաշտպանէ։ Օրինակ, ապագայի նկատմամբ սքանչելի յոյս կու տայ, որ մեզի կ’օգնէ դժուարութիւններու տոկալու։ Հետեւեալը նկատի առ. ի՛նչ գէշ բան ալ պատահի մեզի, մեր սիրառատ Հայրը որեւէ վէրք ամբողջովին պիտի բուժէ։ Ամէն փորձութիւն որ կը դիմագրաւենք, ժամանակաւոր է, բայց Եհովայի տուած օրհնութիւնները յաւիտենական են (Բ. Կոր. 4։16-18)։ դ20.02 5 ¶14-15

Կիրակի, ապրիլ 4

Նախանձի կը փափաքի մեր մէջ բնակող հոգին (Յակ. 4։5)։

Նախանձին դէմ մղուած պատերազմէն կրնանք յաղթական դուրս գալ։ Նկատի առ Յովսէփի եղբայրներուն օրինակը։ Յովսէփին հետ գէշ կերպով վարուելէ տարիներ ետք, իրեն հանդիպեցան Եգիպտոսի մէջ։ Յովսէփ իր ինքնութիւնը յայտնելէ առաջ, զանոնք փորձեց, գիտնալու համար թէ փոխուա՛ծ են կամ ոչ։ Զանոնք ճաշի հրաւիրեց, որուն ընթացքին կրտսերագոյն եղբօր՝ Բենիամինին, առջեւ շատ աւելի ուտելիք դրաւ, քան իր միւս եղբայրներուն առջեւ (Ծն. 43։33, 34)։ Բայց իր եղբայրները Բենիամինին չնախանձեցան։ Փոխարէնը, անոնք անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին թէ՛ Բենիամինին եւ թէ իրենց հօր հանդէպ (Ծն. 44։30-34)։ Որովհետեւ այլեւս նախանձոտ չէին, կրցան իրենց ընտանիքին մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատել (Ծն. 45։4, 15)։ Նոյնպէս, եթէ նախանձի որեւէ զգացում արմատախիլ ընենք, պիտի օգնենք որ մեր ընտանիքին ու ժողովքին մէջ խաղաղութիւնը պահպանուի։ Եհովան կ’ուզէ, որ նախանձին դէմ դնենք եւ խաղաղութիւնը պահպանենք։ Եթէ խոնարհութիւն, գոհունակութիւն եւ գնահատանք մշակենք, նախանձին առջեւ մեր սրտին դուռը փակ պիտի պահենք։ դ20.02 19 ¶17-18

Երկուշաբթի, ապրիլ 5

Ես Տէրը կը սիրեմ, որովհետեւ իմ ձայնս եւ աղաչանքս լսեց (Սաղ. 116։1, ԱԾ)։

Եհովայի աղօթելը կերպ մըն է, որով կրնաս իր սիրոյն ընդառաջել։ Իրեն հանդէպ սէրդ պիտի աւելնայ, մինչ կ’արտայայտես մտահոգութիւններդ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնես այն բոլոր բաներուն համար, որ քեզի համար կ’ընէ։ Եւ իրեն հետ կապդ պիտի զօրանայ, մինչ կը տեսնես թէ աղօթքներուդ ինչպէ՛ս կը պատասխանէ։ Պիտի համոզուիս թէ ան քեզ կը հասկնայ։ Բայց Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու համար, պէտք է իր մտածելակերպը հասկնաս։ Եւ պէտք է գիտնաս, թէ քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Ատիկա գիտնալու միակ կերպն է՝ իր Խօսքը սերտել։ Ուստի սորվէ զայն գնահատել։ Միայն Աստուածաշունչը կը բովանդակէ ճշմարտութիւնը Եհովայի մասին եւ քեզի վերաբերեալ իր նպատակին մասին։ Ցոյց կու տաս, թէ Աստուածաշունչը կը գնահատես՝ զայն ամէն օր կարդալով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնդ նախապատրաստելով եւ սորվածդ գործադրելով (Սաղ. 119։97, 99. Յովհ. 17։17)։ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան յայտագիր ունի՞ս։ Այդ յայտագրին կը հետեւի՞ս, վստահ ըլլալով որ Աստուածաշունչը ամէն օր կը կարդաս։ դ20.03 4-5 ¶8-9

Երեքշաբթի, ապրիլ 6

Կը խօսէր. . . որոնց որ պատահէր (Գործք 17։17)։

Եթէ քալելու դժուարութիւն ունիս, կրնաս հանրային վայրի մը մէջ նստիլ եւ անցորդներուն քարոզել։ Կամ, կրնաս անպաշտօն կերպով վկայել, նամակներ գրել կամ հեռաձայնով վկայել։ Սահմանափակումներ ունեցող շատ մը հրատարակիչներ կ’ուրախանան եւ գոհունակ կը զգան, երբ այս կերպերով քարոզչութեան կը մասնակցին։ Հակառակ առողջապահական խնդիրներուդ, կրնա՛ս ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարել։ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13)։ Ան զօրանալու պէտք ունեցաւ, երբ հիւանդացաւ իր միսիոնարական ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին։ Ան գաղատացիներուն բացատրեց. «Առաջին անգամ մարմնիս տկարութիւնովը ձեզի աւետարանը քարոզեցի» (Գաղ. 4։13)։ Նմանապէս, առողջապահական խնդիրներդ կրնան քեզի առիթներ տալ, որ բարի լուրը քարոզես ուրիշներու, ինչպէս՝ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ անոնց, որոնք քեզի հոգ կը տանին։ Անոնցմէ շատեր գործի կ’ըլլան, երբ հրատարակիչները անոնց դուռը կը զարնեն։ դ19.04 4-5 ¶10-11

Չորեքշաբթի, ապրիլ 7

Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն (Բ. Տիմ. 3։12)։

2018–ին, աւելի քան 223,000 հրատարակիչներ կ’ապրէին երկիրներու մէջ, ուր մեր հոգեւոր գործունէութիւնները արգիլուած կամ խստօրէն սահմանափակուած էին։ Ասիկա զարմանալի չէ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’ակնկալեն որ հալածուին։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, կառավարութիւնները կրնան յանկարծ մեզ արգիլել որ մեր սիրալիր Աստուածը՝ Եհովան, պաշտենք։ Եթէ կառավարութիւնը մեր պաշտամունքը արգիլէ, կրնայ ըլլալ որ եզրակացնենք, թէ Աստուծոյ օրհնութիւնը չունինք։ Բայց յիշէ, որ հալածանք կրելը չի նշանակեր որ Եհովան մեզմով ուրախ չէ։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ վստահաբար Աստուծոյ հաճութիւնը ունէր։ Ան 14 ներշնչեալ նամակներ գրելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ, եւ հեթանոսներուն առաքեալ էր։ Այսուհանդերձ բիրտ հալածանք կրեց (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Անոր փորձառութենէն կը սորվինք, որ Եհովան թոյլ կու տայ որ իր հաւատարիմ ծառաները հալածուին։ դ19.07 8 ¶1, 3

Հինգշաբթի, ապրիլ 8

Մեր պատերազմը. . . երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ է (Եփ. 6։12)։

Ամէնէն սրտապնդիչ կերպերէն մէկը, որով Եհովան մեզի հանդէպ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ, այն է՝ որ կ’օգնէ մեր թշնամիներուն դէմ դնելու։ Մեր գլխաւոր թշնամիներն են՝ Սատանան եւ իր դեւերը։ Եհովան մեզ կը զգուշացնէ այս թշնամիներուն մասին եւ մեզի պէտք եղած օգնութիւնը կու տայ, որ անոնց դէմ դնենք (Եփ. 6։10-13)։ Երբ Եհովայի օգնութիւնը ընդունինք եւ իրեն լիովին վստահինք, կրնանք յաջողութեամբ Սատանային հակառակ կենալ։ Մենք կրնանք նոյն վստահութիւնը ունենալ, որ Պօղոս առաքեալ ունէր, որ գրեց. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռով. 8։31)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով, չափէ դուրս չենք հետաքրքրուած Սատանայով եւ դեւերով, հապա գլխաւորաբար կը կեդրոնանանք Եհովայի մասին սորվելու եւ իրեն ծառայելու վրայ (Սաղ. 25։5)։ Սակայն պէ՛տք է գիտնանք Սատանային ըրածներուն մասին։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի չկարենայ մեզ խաբել (Բ. Կոր. 2։11)։ դ19.04 20 ¶1-2

Ուրբաթ, ապրիլ 9

Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու մէջ (Յակ. 1։19)։

Երբ տառապեալի մը պիտի օգնենք, լաւ մտիկ ընո՞ղ ենք։ Ասիկա չի նշանակեր պարզապէս անհատին նայիլ առանց բառ մը ըսելու։ Կրնանք մտիկ ընելու ատեն կարեկցութիւն ցոյց տալ։ Ատեն–ատեն քանի մը փափկանկատ եւ ջերմ խօսքեր ըսելով կրնանք մեր զգացումները յայտնել։ Կրնաս ըսել. «Շա՜տ կը ցաւիմ որ ատանկ բան մը քեզի պատահած է»։ Թերեւս մէկ–երկու հարցում հարցնես, վստահ ըլլալու համար, թէ անոր ըսածները կը հասկնաս։ Հարցուր. «Կրնա՞ս ինծի օգնել որ հասկնամ, թէ ինչ ըսել կ’ուզես» կամ «Երբ այդպէս ըսիր, հասկցայ որ. . . ։ Արդեօք ճիշդ հասկցա՞յ»։ Երբ այսպիսի սիրալիր արտայայտութիւններ գործածես, անհատը վստահ կ’ըլլայ որ իրապէս իրեն մտիկ կ’ընես եւ կը ջանաս զինք հասկնալ (Ա. Կոր. 13։4, 7)։ Բայց ուշադիր եղիր, որ ‘խօսելու մէջ ծանր’ ըլլաս։ Մի՛ ընդհատեր՝ խրատ տալու կամ անհատին մտածելակերպը սրբագրելու համար։ Եւ համբերատար եղիր։ Այո, փոխանակ լուծումներ առաջարկելու, անհատին կարեկցութիւն ցոյց կու տանք (Ա. Պետ. 3։8)։ դ19.05 17-18 ¶15-17

Շաբաթ, ապրիլ 10

Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար (Եփ. 5։25)։

Ընտանիքին մէջ, ամուսինը պէտք է իր կինը սիրէ, «ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին» (Եփ. 5։28, 29)։ Ամուսինը Քրիստոսին պէս անձնազոհ սէր պէտք է ունենայ, իր կնոջ պէտքերն ու հետաքրքրութիւնները իրեններէն առաջ դնելով։ Կարգ մը տղամարդոց համար թերեւս դժուար ըլլայ այս տեսակ սէր դրսեւորել, քանի որ իրենց մշակոյթին մէջ ուրիշներուն հետ արդարութեամբ եւ սիրալիր կերպով վարուիլը արժէք մը չունի։ Իրենց համար կրնայ դժուար ըլլալ գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուիլ, բայց պէտք է այս փոփոխութիւնները ընեն, որպէսզի Քրիստոսի օրէնքին հետեւին։ Այն ամուսինը, որ իր կնոջ հանդէպ անձնազոհ սէր ունի, անոր յարգանքը կը շահի։ Ասկէ զատ, իր զաւակները իրապէս սիրող հայր մը բնա՛ւ անոնց վնաս չի հասցներ իր ըսածներով կամ ըրածներով (Եփ. 4։31)։ Ան իր զաւակներուն ցոյց կու տայ, որ զիրենք կը սիրէ եւ իրենցմով ուրախ է, ինչ որ կը ձգէ որ անոնք ապահով զգան։ Այսպիսի հայր մը իր զաւակներուն սէրն ու վստահութիւնը կը շահի։ դ19.05 6 ¶21

Կիրակի, ապրիլ 11

Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ (Ղուկ. 1։32, 33)։

Մարիամ այս խօսքին մասին արդեօք ի՞նչ մտածեց։ Ան մտածե՞ց թէ Գաբրիէլ ըսել կ’ուզէր, որ Յիսուս պիտի փոխարինէր Հերովդէս թագաւորը, կամ անոր յաջորդներէն մէկը, որպէս Իսրայէլի կառավարիչ։ Եթէ Յիսուս թագաւոր ըլլար, Մարիամ մայր թագուհի պիտի ըլլար եւ ընտանիքը պալատին մէջ պիտի ապրէր։ Բայց բնաւ չենք կարդար, թէ Մարիամ խնդրեց որ Թագաւորութեան մէջ յատուկ դիրք ունենայ։ Ան շա՜տ խոնարհ կին մըն էր։ Յիշենք որ Աստուծոյ Խօսքը եւ մեր հրատարակութիւնները սերտելու մեր բուն նպատակն է՝ Եհովային աւելի մօտենալ։ Նաեւ կ’ուզենք աւելի յստակ տեսնել թէ ‘ինչպիսի՛ մէկն ենք’ եւ Աստուած հաճեցնելու համար ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք (Յակ. 1։22-25. 4։8)։ Անոր համար, ամէն անգամ որ պիտի սերտենք, նա՛խ պէտք է Եհովայէն խնդրենք իր սուրբ հոգին։ Պէտք է իրեն աղաչենք, որ մեզի օգնէ նիւթէն լիովին օգտուելու եւ մեր անձը տեսնելու ինչպէս որ ինք մեզ կը տեսնէ։ դ19.05 30-31 ¶18-19

Երկուշաբթի, ապրիլ 12

Ես վշտացած սրտով. . . եմ (Ա. Թագ. 1։15)։

Երբեմն ստիպուած կ’ըլլանք միեւնոյն ատեն քանի մը ճնշիչ խնդիրներ դիմագրաւել։ Նկատի առ այս օրինակները։ Ճոն անունով Վկայ մը, որ բազմադիմի կարծրախտէ կը տառապի, վհատեցաւ երբ իր կինը զինք լքեց՝ 19 տարուան ամուսնութենէ ետք։ Ետքը, իր երկու աղջիկները Եհովային ծառայելէ դադրեցան։ Իսկ Պոպը եւ Լինտան տարբեր խնդիրներ ունեցան։ Երկուքն ալ իրենց գործը կորսնցուցին եւ չկարենալով իրենց տան վճարումները ընել՝ ստիպուեցան շատ պզտիկ տուն մը փոխադրուիլ։ Ասկէ զատ, բժիշկը Լինտային իմացուց, որ շատ լուրջ սրտի հիւանդութիւն մը ունէր, եւ ետքը ուրիշ հիւանդութիւն մը սկսաւ իր ախտազերծական դրութեան վնասել։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ երբ ճնշումի տակ ըլլանք, մեր Ստեղծիչն ու սիրալիր Հայրը Եհովան կը հասկնայ մեր զգացումները։ Ան կ’ուզէ օգնել որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք (Փլպ. 4։6, 7)։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կան շատ մը պատմութիւններ, որոնք կը նկարագրեն այն դժուարութիւնները, որոնցմէ իր ծառաները անցան։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց օգնեց, որ այդ ճնշիչ պարագաներուն տոկան։ դ19.06 14 ¶2-3

Երեքշաբթի, ապրիլ 13

Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։

Երբ ազնիւ բաներ ընենք անոնց, որոնք այլեւս կողակից չունին, կը վստահեցնենք որ զիրենք կը սիրենք։ Հիմա որ առանձին են, լաւ բարեկամներու պէտք ունին։ Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ որ իրենց բարեկամն ես։ Կրնաս զիրենք պարզ ճաշի մը հրաւիրել։ Եւ կրնաս առաջարկել որ իրարու հետ ժամանակ անցընէք կամ միասին դաշտի ծառայութեան ելլէք։ Կրնաս նաեւ ատեն–ատեն զիրենք հրաւիրել ընտանեկան պաշտամունքիդ։ Այդպէս ընելով Եհովան պիտի ուրախացնես, քանի որ ան «մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է» եւ «որբեւայրիներուն դատաւորն» է (Սաղ. 34։18. 68։5)։ Մօտ ատենէն, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իշխէ, բոլոր ‘առաջուան նեղութիւնները պիտի մոռցուին’։ Մենք անձկալից կը սպասենք այն ժամանակին, երբ «առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։16, 17)։ Մինչ այդ, թող որ իրարու աջակցինք եւ թէ՛ խօսքով ու թէ գործով ցոյց տանք, որ մեր հոգեւոր ընտանիքի բոլոր անդամները կը սիրենք (Ա. Պետ. 3։8)։ դ19.06 25 ¶18-19

Չորեքշաբթի, ապրիլ 14

Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ (Եբ. 13։6)։

Տարիներ առաջ, Դիտարան–ը նշեց. «Ան որ Աստուած շատ լաւ կը ճանչնայ, իրեն լիովին պիտի վստահի երբ հալածանք ըլլայ»։ Այդ խօսքը որքա՜ն ճիշդ է։ Հալածանքին տոկալու համար, պէտք է Եհովան սիրենք ու իրեն կատարելապէս վստահինք (Մատ. 22։36-38. Յակ. 5։11)։ Ուստի Աստուածաշունչը օրական կարդա՛, Եհովային մօտենալու նպատակով (Յակ. 4։8)։ Կարդալու ատեն, կեդրոնացիր Եհովայի յատկութիւններուն վրայ, ինչպէս՝ սէր, ողորմութիւն եւ ազնուութիւն։ Ջանա՛ քեզի հանդէպ իր սէրն ու գուրգուրանքը զգալ՝ իր ըսածներուն եւ ըրածներուն ընդմէջէն (Ել. 34։6)։ Ոմանք դժուարութիւն ունին հաւատալու որ Աստուած զիրենք կը սիրէ, քանի որ մէ՛կը իրենց սէր ցոյց չէ տուած։ Եթէ այդպէս կը զգաս, ամէն օր գրի առ թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով քեզի հանդէպ գթառատ եւ ազնիւ գտնուած է (Սաղ. 78։38, 39. Հռով. 8։32)։ Փորձառութիւններդ վերյիշելով եւ Աստուծոյ Խօսքէն կարդացածիդ վրայ խոկալով, շատ հաւանաբար պիտի կարենաս նոթագրել բազմաթիւ բաներ, որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է։ Ո՛րքան Եհովային ըրածները գնահատես, ա՛յնքան իրեն հետ զօրաւոր բարեկամութիւն պիտի մշակես (Սաղ. 116։1, 2)։ դ19.07 2-3 ¶4-5

Հինգշաբթի, ապրիլ 15

Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք (Բ. Կոր. 1։23)։

Եհովան մեզի հեղինակութիւն չէ տուած որ ուրիշներուն տեղ անձնական որոշումներ առնենք։ Մէկը՝ որ անհարկի կանոններ կը դնէ իր եղբայրներուն, կը փորձէ անոնց հաւատքին վրայ տիրապետել։ Եւ ասիկա զիրենք պաշտպանելու ճիշդ կերպը չէ։ Արդարեւ, Սատանան պիտի շարունակէ ջանալ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները հալածել (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 2։10)։ Ան եւ իր գործակալները պիտի ջանան Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքը արգիլել։ Սակայն, մենք վախի տեղի պիտի չտանք եւ Եհովայի ծառայելէ բնա՛ւ պիտի չդադրինք (Բ. Օր. 7։21)։ Եհովան մեզի հետ է, եւ պիտի շարունակէ մեզի աջակցիլ նոյնիսկ եթէ մեր գործունէութիւնը արգիլուի (Բ. Մն. 32։7, 8)։ Թող որ առաջին դարու մեր եղբայրներուն վճռականութիւնը ունենանք, որոնք իրենց օրուան հեղինակութիւններուն ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։19, 20)։ դ19.07 13 ¶18-20

Ուրբաթ, ապրիլ 16

Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ (Առ. 20։5)։

Քարոզելու ատեն, պէտք է ջանանք հասկնալ, թէ մեր հանդիպած անհատները ինչո՛ւ որոշ կերպով կը մտածեն։ Պօղոս առաքեալ հրէական շրջանակին մէջ մեծցաւ։ Ուստի, վստահաբար պէտք էր իր քարոզչութիւնը յարմարցնէր ոչ–հրեաներուն, որոնք շատ քիչ կամ ոչինչ գիտէին Եհովային եւ Սուրբ Գրութիւններուն մասին։ Մենք ալ թերեւս պէտք է փնտռտուք ընենք, որպէսզի գիտնանք ինչպէ՛ս թաղամասի մարդոց կարեկցիլ եւ զիրենք հասկնալ (Ա. Կոր. 9։20-23)։ Մեր նպատակն է «արժանաւոր»ները գտնել (Մատ. 10։11)։ Ազդու կերպ մըն է՝ անհատը մղել որ արտայայտուի եւ յետոյ ուշադրութեամբ իրեն մտիկ ընել։ Անգլիոյ մէջ, եղբայր մը կը խնդրէ անհատին կարծիքը երջանիկ ամուսնութեան, զաւակներ մեծցնելու կամ անարդարութեան տոկալու մասին։ Պատասխանը մտիկ ընելէ ետք, ան կ’ըսէ. «Ի՞նչ է կարծիքդ այս խրատին մասին, որ գրուեցաւ գրեթէ 2000 տարի առաջ»։ Ետքը, առանց «Աստուածաշունչ» բառը ըսելու, իր սմարթֆոնին միջոցաւ համապատասխան համարներ ցոյց կու տայ։ դ19.07 21-22 ¶7-8

Շաբաթ, ապրիլ 17

Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ (Հռով. 5։8, 9)։

Աստուած որքա՞ն պէտք է սիրենք։ Յիսուս փարիսեցիի մը ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատ. 22։36, 37)։ Մենք չենք ուզեր որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կիսասիրտ ըլլայ, հապա կ’ուզենք որ օրէ օր աւելի զօրանայ։ Աստուած սիրելու համար, պէտք է զինք ճանչնանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ա՛լ աւելի կը զօրանայ, մինչ «գիտութիւն ու իմաստութիւն» ձեռք կը ձգենք (Փլպ. 1։9)։ Երբ սկսանք Աստուածաշունչը սերտել, սկսանք Եհովան սիրել, հակառակ անոր որ իր յատկութիւններուն մասին սահմանափակ գիտութիւն ունէինք։ Ետքը, Եհովային մասին ո՛րքան աւելի սորվեցանք, ա՛յնքան աւելի զինք սիրեցինք։ Ատոր համար Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելը եւ անոր վրայ խոկալը մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բաներէն են (Փլպ. 2։16)։ դ19.08 9 ¶4-5

Կիրակի, ապրիլ 18

Երկուքը մէկէն աղէկ է (Ժող. 4։9)։

Եթէ նոր նշանակում ստացած ես, հարկ է որ նոր բարեկամներ ունենաս։ Ատոր համար, բարեկամական ու ազնիւ եղիր։ Եհովայի ծառայութեան մէջ ունեցած լաւ փորձառութիւններդ ուրախութեամբ պատմէ։ Եթէ ստիպուեցար նշանակումդ ձգել՝ կողակիցիդ վատառողջութեան պատճառաւ, զինք մի՛ մեղադրեր։ Միւս կողմէ, եթէ հիւանդը դուն էիր, յանցաւոր մի՛ զգար, մտածելով որ կողակիցդ յուսախաբ ըրիր։ Յիշէ որ դուք «մէկ մարմին» էք, եւ Եհովային առջեւ խոստացաք իրարու հոգ տանիլ ամէն պարագայի ներքեւ (Մատ. 19։5, 6)։ Եթէ նշանակումդ ձգեցիր չծրագրուած յղութեան պատճառաւ, պզտիկիդ միշտ գիտցուր որ ինք քեզի համար նախկին նշանակումէդ աւելի կարեւոր է։ Զինք բնաւ մի՛ մեղադրեր, ըսելով որ իր պատճառով ստիպուեցար նշանակումդ ձգել։ Փոխարէն, պզտիկիդ յաճախ ըսէ որ զինք Աստուծոյ կողմէ «պարգեւ» կը նկատես (Սաղ. 127։3-5)։ Միեւնոյն ատեն, իրեն պատմէ այն աղուոր փորձառութիւններուդ մասին, որոնք նշանակումիդ մէջ ունեցար։ Ասիկա կրնայ զաւակդ մղել, որ քեզի պէս Եհովային լիաժամ ծառայէ։ դ19.08 22 ¶10-11

Երկուշաբթի, ապրիլ 19

Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ մեծ պոռնիկին դատաստանը (Յայտ. 17։1)։

Մեծ Բաբելոնը,– այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքները,– Աստուծոյ անուան վրայ մեծ անարգանք բերած է։ Անիկա Աստուծոյ մասին սուտեր սորվեցուցած է, եւ հոգեւորապէս պոռնկութիւն գործած է, երկրի կառավարիչներուն թիկունք կանգնելով։ Իր հեղինակութիւնը եւ ազդեցութիւնը գործածելով, իր հետեւորդները հարստահարած ու շահագործած է։ Եւ շատ արիւն թափած է, մէջը ըլլալով Աստուծոյ ծառաներուն արիւնը (Յայտ. 18։24. 19։2)։ Եհովան «մեծ պոռնիկը» պիտի կործանէ՝ «կարմիր գազան»ին «տասը եղջիւր»ներուն միջոցաւ։ Այդ այլաբանական գազանը կը ներկայացնէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը։ Իսկ տասը եղջիւրները կը ներկայացնեն այն կառավարութիւնները, որոնք թիկունք կը կանգնին այդ կազմակերպութեան։ Աստուծոյ նշանակած ժամանակին, կառավարութիւնները «զանիկա պիտի ամայացնեն ու մերկացնեն», անոր հարստութիւնը կողոպտելով եւ իր չարութիւնը մէջտեղ հանելով (Յայտ. 17։3, 16)։ Այդ կործանումը ա՛յնքան արագ պիտի ըլլայ, որ պիտի թուի թէ «մէկ օրուան մէջ» պատահեցաւ։ Ուստի Մեծ Բաբելոնին թիկունք կանգնողները ապշահար պիտի մնան, մանաւանդ քանի որ հպարտութեամբ ըսած էր. «Բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ» (Յայտ. 18։7, 8)։ դ19.09 10 ¶10-11

Երեքշաբթի, ապրիլ 20

Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք (Մատ. 11։29)։

Այդ հրաւէրը բոլորին կը տրուի. Յիսուս բնա՛ւ պիտի չմերժէ ոեւէ մէկը, որ սրտանց կ’ուզէ Աստուծոյ ծառայել (Յովհ. 6։37, 38)։ Քրիստոսի բոլոր հետեւորդները առանձնաշնորհումը ունին մասնակցելու այն գործին, որ Եհովան Յիսուսին յանձնարարած է։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուս միշտ մեզի պիտի օգնէ այս գործունէութեան մէջ (Մատ. 28։18-20)։ Խոնարհները ինչո՞ւ մղուեցան Յիսուսի մօտենալու (Մատ. 19։13, 14. Ղուկ. 7։37, 38)։ Մտածէ թէ ի՛նչ տարբերութիւն կար Յիսուսին եւ փարիսեցիներուն միջեւ։ Անոնք պաղ ու հպարտ էին (Մատ. 12։9-14)։ Մինչդեռ Յիսուս ջերմ ու խոնարհ էր։ Անոնք փառասէր էին եւ ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած բարձր դիրքով իրենք զիրենք կը տեսնէին։ Մինչդեռ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ իրենք զիրենք ծառաներ նկատեն (Մատ. 23։2, 6-11)։ Փարիսեցիները ուրիշներուն կը տիրապետէին՝ զիրենք վախցնելով (Յովհ. 9։13, 22)։ Մինչդեռ Յիսուս ուրիշները թարմացուց իր սիրալիր արարքներով ու ազնիւ խօսքերով։ Յիսուսէն այս դասերը սորվա՞ծ ես։ դ19.09 20 ¶1. 21 ¶7-8. 23 ¶9

Չորեքշաբթի, ապրիլ 21

Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ (Յակ. 4։8)։

Ժողովները մեզի կ’օգնեն որ Եհովային մօտենանք։ Ժողովներու ներկայ գտնուելու հանդէպ մեր կեցուածքը ցոյց կու տայ, թէ ապագային ո՛րքան լաւ պիտի դիմանանք հալածանքին (Եբ. 10։24, 25)։ Ինչո՞ւ։ Եթէ հիմա թոյլ տանք որ պզտիկ խոչընդոտներու համար բացակայինք, ապագային ի՞նչ պիտի ընենք, երբ հարկ ըլլայ որ մեր կեանքը վտանգենք, որպէսզի հաւատակիցներու հետ ժողովի ներկայ ըլլանք։ Միւս կողմէ, եթէ հիմա վճռած ենք ժողով մը չփախցնել, վազ պիտի չանցնինք, երբ հակառակորդները ջանան արգելք ըլլալ որ միասին հաւաքուինք։ Հի՛մա է ժամանակը որ մեր ժողովները սիրենք։ Երբ սրտանց ուզենք ներկայ գտնուիլ, ո՛չ հակառակութիւնը, ոչ ալ կառավարական արգիլումը մեզ ետ պիտի պահեն Աստուծոյ հնազանդելէ (Գործք 5։29)։ Նաեւ, նախասիրած համարներդ գոց սորվէ (Մատ. 13։52)։ Եհովան կրնայ սուրբ հոգիին միջոցաւ այդ համարները միտքդ բերել (Յովհ. 14։26)։ Անոնք քեզի պիտի օգնեն, որ Եհովային մօտիկ մնաս եւ հաւատարմօրէն տոկաս։ դ19.07 3 ¶5. 4 ¶8-9

Հինգշաբթի, ապրիլ 22

Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան (Բ. Տիմ. 3։1)։

Եթէ 1914–էն ետք ծնած ես, ուրեմն ամբողջ կեանքդ ապրած ես այս դրութեան «վերջին օրերուն» ընթացքին։ Բոլորս լսած ենք այն դէպքերուն մասին, որ Յիսուս մարգարէացաւ թէ մեր օրերուն տեղի պիտի ունենային։ Ատոնք կը պարփակեն՝ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, մահտարաժամներ, անօրէնութեան շատնալը եւ Եհովայի ժողովուրդին հալածուիլը (Մատ. 24։3, 7-9, 12. Ղուկ. 21։10-12)։ Նաեւ տեսած ենք, որ մարդիկ կը վարուին Պօղոս առաքեալի նկարագրած կերպով։ Եհովայի երկրպագուները ըլլալով, համոզուած ենք որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Միք. 4։1)։ Որովհետեւ 1914–էն ետք շա՜տ ժամանակ անցած է, այժմ «վերջին օրերը» իրենց աւարտին հասնելու վրայ են։ Վերջը այսքան մօտ ըլլալով, պէտք է հետեւեալ կարեւոր հարցումներուն պատասխանները գիտնանք. Ի՞նչ դէպքեր պիտի պատահին «վերջին օրեր»ուն վերջաւորութեան։ Եւ Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ որ ընենք, մինչ այդ դէպքերուն կը սպասենք։ դ19.10 8 ¶1-2

Ուրբաթ, ապրիլ 23

Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի (Մատ. 24։13)։

Մեր տոկալը կախեալ չէ նպաստաւոր պայմաններէ։ Կրնանք մեր համբերատարութիւնը զօրացնել Եհովայի ապաւինելով (Հռով. 12։12)։ Այս օրուան համարին մէջ, Յիսուսի խոստումը կը նշանակէ, թէ պէտք է հաւատարիմ մնանք հակառակ մեր դիմագրաւած որեւէ փորձութեան։ Հիմա իւրաքանչիւր փորձութեան տոկալով, աւելի զօրաւոր կը դառնանք մեծ նեղութիւնը սկսելէ առաջ։ Ինչպէս է պարագան համբերատարութեան, պէտք է Եհովայի ապաւինինք իսկական քաջութիւն ունենալու համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ Աստուծոյ աւելի վստահիլ։ Ամէն օր իր Խօսքը կարդալով եւ խոկալով թէ անցեալին ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը ազատեց (Սաղ. 68։20. Բ. Պետ. 2։9)։ Երբ ազգերը մեր վրայ յարձակին մեծ նեղութեան ընթացքին, հարկ պիտի ըլլայ որ քաջ ըլլանք եւ որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի վստահինք (Սաղ. 112։7, 8. Եբ. 13։6)։ Եթէ հիմա Եհովայի ապաւինինք, պէտք եղած քաջութիւնը պիտի ունենանք Գոգի յարձակումը դիմագրաւելու։ Մենք համոզուած ենք, թէ Եհովայի սիրալիր պաշտպանութեան ներքեւ կրնանք միշտ ապահով մնալ (Ա. Կոր. 13։8)։ դ19.10 18 ¶15-16

Շաբաթ, ապրիլ 24

Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է (Ա. Յովհ. 5։19)։

Սատանան այս աշխարհին վրայ կ’իշխէ եւ զայն կը գործածէ, որպէսզի մարդուն ցանկացած բաները շատ կարեւոր թուին եւ դժուար դառնայ մարմնաւոր տկարութիւններուն դէմ դնելը (Եփ. 2։1-3)։ Ան կ’ուզէ որ Եհովայէն զատ ուրիշ բաներ ալ սիրենք, եւ այսպէս Եհովային հանդէպ բացարձակ նուիրուածութիւն չունենանք։ Սատանայի աշխարհի վերջին եւ գալիք նոր աշխարհին մասին գրելէ ետք, Պետրոս առաքեալ նշեց. «Սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով» (Բ. Պետ. 3։14)։ Այդ խրատին հնազանդելով եւ մեր ամէն կարելին ընելով, որ բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնանք, ցոյց կու տանք որ Եհովային բացարձակապէս նուիրուած ենք։ Սատանան եւ իր չար աշխարհը պիտի շարունակեն մեզ փորձել, որ մեր առաջնահերթութիւնները փոխենք (Ղուկ. 4։13)։ Բայց հակառակ մեր դիմագրաւած որեւէ դժուարութեան, թոյլ պիտի չտանք ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի, որ մեր սրտին մէջ Եհովային տեղը գրաւէ։ Մենք վճռած ենք միայն Եհովան պաշտել. միայն ի՛նք արժանի է մեր բացարձակ նուիրուածութեան։ դ19.10 27 ¶4. 31 ¶18-19

Կիրակի, ապրիլ 25

Մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ (Սաղ. 38։18)։

Կարգ մը բաներու համար մտահոգուիլը լաւ է։ Օրինակ, տեղին է որ մտահոգուինք թէ ինչպէ՛ս Եհովան եւ Յիսուսը հաճեցնենք (Ա. Կոր. 7։32)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, հոգ կ’ընենք որ շուտով Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը վերահաստատենք։ Նաեւ մեր կողակիցը հաճեցնելու հոգը ունինք եւ մեր ընտանիքի անդամներուն ու հաւատակիցներուն բարօրութեամբ շատ հետաքրքրուած ենք (Ա. Կոր. 7։33. Բ. Կոր. 11։28)։ Միւս կողմէ, կրնանք անտեղիօրէն շարունակ մտահոգուիլ բաւարար ուտելիք եւ հագուելիք ունենալու մասին (Մատ. 6։31, 32)։ Այդ մտահոգութիւնը թեթեւցնելու համար, թերեւս կեդրոնանանք նիւթական ստացուածքներ ձեռք ձգելու վրայ։ Եթէ թոյլ տանք որ ատիկա պատահի, Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը պիտի տկարանայ եւ հոգեւորապէս պիտի վնասուինք (Մար. 4։19. Ա. Տիմ. 6։10)։ Ուրիշ օրինակ մըն է՝ չափէ դուրս մտահոգ ըլլալ ուրիշներուն հաճութիւնը շահելով։ Ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ աւելի վախնանք որ մեզ ծաղրեն կամ հալածեն, քան՝ որ Եհովան նեղացնենք։ Այս վտանգէն պաշտպանուելու համար, պէտք է Եհովային աղաչենք որ մեր հաւատքը աւելցնէ եւ մեզի քաջութիւն տայ, որպէսզի մարդու հանդէպ վախ չունենանք (Առ. 29։25. Ղուկ. 17։5)։ դ19.11 15 ¶6-7

Երկուշաբթի, ապրիլ 26

Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ (Յակ. 1։5)։

Կարգ մը կարեւոր որոշումներ բնա՛ւ պիտի չփոխենք։ Օրինակ, Եհովայի ծառայելու մեր որոշումին կը կառչինք եւ վճռած ենք մեր կողակիցին հաւատարիմ մնալ (Մատ. 16։24. 19։6)։ Սակայն ուրիշ որոշումներ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պարագաները կը փոխուին։ Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել, որ լաւագոյն որոշումները առնենք։ Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ։ Բոլորս ալ ‘իմաստութեան պակաս ունինք’ այս կամ այն մարզին մէջ։ Ուստի, Եհովային ապաւինէ թէ՛ որոշում առնելու ատեն եւ թէ որոշումդ ետ աչքէ անցընելու ատեն։ Այդպիսով, Եհովան քեզի պիտի օգնէ իմաստուն որոշումներ առնելու։ Նաեւ, լաւ փնտռտուք ըրէ։ Աստուծոյ Խօսքին դիմէ, Եհովայի կազմակերպութեան հրատարակութիւնները կարդա՛ եւ խօսէ անհատներու հետ, որոնց կը վստահիս (Առ. 20։18)։ Այս բոլորը կարեւոր է ընել նախքան որոշելդ՝ որ գործդ փոխես, կամ ուրիշ շրջան փոխադրուիս եւ կամ ի՛նչ ուսում առնես, որպէսզի կարենաս ծախսերդ ծածկելով ծառայութիւնդ շարունակել։ դ19.11 27 ¶6-8

Երեքշաբթի, ապրիլ 27

Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն (Հռով. 7։24)։

Ուրախ ենք որ Աստուած կարգադրեց կերպ մը, որ մեզ ազատէ մեղքէն։ Այդ ազատութեան միջոցը Յիսուսն է։ Ք.Ա. 8–րդ դարուն, Եսայի մարգարէն մարգարէացաւ մեծ ազատութեան մը մասին, որ շա՜տ աւելի բան պիտի իրագործէր, քան ինչ որ իսրայէլացիներուն Յոբելեան տարին իրագործեց։ Ան գրեց. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, վասն զի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատութիւն. . . հրատարակելու» (Եսա. 61։1)։ Ազատութեան մասին այս մարգարէութիւնը սկսաւ կատարուիլ՝ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսելէն ետք։ Նազարէթին մէջ, ուր մեծցած էր, ան ժողովարանը մտնելով՝ Եսայիի այդ խօսքերը կարդաց հաւաքուած հրեաներուն եւ իր անձին կիրարկեց (Ղուկ. 4։16-19)։ դ19.12 9-10 ¶6-8

Չորեքշաբթի, ապրիլ 28

Համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ (Ա. Թես. 2։2)։

Հալածանքին տոկալու համար քաջութեան պէտք ունիս։ Եթէ կը զգաս որ քաջ չես, ի՞նչ կրնաս ընել։ Մի՛ մոռնար որ իսկական քաջութիւնը կախեալ չէ կազմուածքէդ, զօրութենէդ կամ կարողութենէդ։ Նկատի առ պատանի Դաւիթին օրինակը։ Հսկայ Գողիաթին հետ բաղդատած, Դաւիթ աւելի փոքր ու տկար էր եւ լաւ չէր զինուած. նոյնիսկ սուր չունէր։ Բայց եւ այնպէս, շատ քաջ էր։ Ան խիզախօրէն վազեց այդ մեծամիտ հսկային դէմ կռուելու։ Դաւիթ ինչո՞ւ այդքան քաջ էր։ Ան խորապէս համոզուած էր որ Եհովան իրեն հետ էր (Ա. Թագ. 17։37, 45-47)։ Ան չտեսաւ որ Գողիաթ իրմէ շա՜տ մեծ էր, հապա տեսաւ թէ Գողիաթ շա՜տ թզուկ էր՝ Եհովային հետ բաղդատած։ Այս պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Քաջութիւն պիտի ունենանք, եթէ վստահ ըլլանք որ Եհովան մեզի հետ է եւ թէ մեր հակառակորդները ոչինչ են՝ Ամենակալ Աստուծոյ հետ բաղդատած (Բ. Մն. 20։15. Սաղ. 16։8)։ դ19.07 5 ¶11-13

Հինգշաբթի, ապրիլ 29

Ինծի գործակից եղան. . . եւ ինծի մխիթարութիւն (Կող. 4։11)։

Տիւքիկոսը Պօղոս առաքեալի վստահելի ընկերակից մըն էր (Գործք 20։4)։ Շուրջ Ք.Ե. 55–ին, Պօղոս կարգադրեց նուիրատուութիւններ հաւաքել Հրէաստանի քրիստոնեաներուն համար, եւ թերեւս Տիւքիկոսին թոյլ տուաւ որ օգնէ այս կարեւոր նշանակումին մէջ (Բ. Կոր. 8։18-20)։ Յետագային, երբ Պօղոս առաջին անգամ Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ, Տիւքիկոս ծառայեց որպէս իր անձնական պատգամաբերը։ Ան Պօղոսի քաջալերական նամակներն ու պատգամները Ասիոյ ժողովքներուն փոխանցեց (Կող. 4։7-9)։ Ան Պօղոսի վստահելի բարեկամը մնաց (Տիտ. 3։12)։ Այդ օրերուն, բոլոր քրիստոնեաները Տիւքիկոսի պէս վստահելի չէին։ Շուրջ Ք.Ե. 65–ին, Պօղոս իր երկրորդ բանտարկութեան ընթացքին գրեց, թէ Ասիա նահանգին մէջ գտնուող շատ մը քրիստոնեայ տղամարդիկ չէին ուզեր իրեն ընկերակցիլ, հաւանաբար քանի որ հակառակորդներէն կը վախնային (Բ. Տիմ. 1։15)։ Միւս կողմէ, ան կրցաւ Տիւքիկոսի վստահիլ եւ իրեն տուաւ յաւելեալ նշանակում մը (Բ. Տիմ. 4։12)։ Պօղոս վստահաբար գնահատեց, որ Տիւքիկոսի պէս լաւ բարեկամ մը ունէր։ դ20.01 10 ¶7-8

Ուրբաթ, ապրիլ 30

Աստուած մեզի յայտնեց (Ա. Կոր. 2։10)։

Թերեւս հարց կու տաս, թէ սուրբ հոգիով օծուա՛ծ ես կամ ոչ։ Այդ պարագային, հետեւեալ հարցումներուն մասին մտածէ. զօրաւոր փափաք ունի՞ս Եհովային կամքը ընելու։ Կը զգա՞ս որ շատ նախանձախնդիր ես քարոզչութեան մէջ։ Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն կը սերտե՞ս եւ կը սիրե՞ս «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն մասին սորվիլ։ Կը զգա՞ս թէ Եհովան քարոզչութեան մէջ քեզի հոյակապ արդիւնքներ տուած է։ Պատասխանատուութեան խոր զգացում ունի՞ս ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու։ Ապացոյցներ տեսա՞ծ ես, թէ Եհովան շատ մը մասնայատուկ կերպերով կեանքիդ մէջ քեզի օգնած է։ Եթէ այս հարցումներուն վճռականօրէն «այո՛» պատասխանես, ասիկա կը փաստէ՞ որ երկնային կոչումը ունիս։ Ո՛չ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները այսպէս կրնան զգալ։ Իրականութեան մէջ, եթէ հարց կու տաս թէ սուրբ հոգիով օծուա՛ծ ես կամ ոչ, կասկածիլդ ինքնին կը նշանակէ որ չե՛ս օծուած։ Եհովայէն կոչում ստացողները հարց չեն տար, թէ օծուա՛ծ են կամ ոչ. անոնք գիտե՛ն թէ օծուած են։ դ20.01 23 ¶14

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել