Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք21
  • Մայիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մայիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Շաբաթ, մայիս 1
  • Կիրակի, մայիս 2
  • Երկուշաբթի, մայիս 3
  • Երեքշաբթի, մայիս 4
  • Չորեքշաբթի, մայիս 5
  • Հինգշաբթի, մայիս 6
  • Ուրբաթ, մայիս 7
  • Շաբաթ, մայիս 8
  • Կիրակի, մայիս 9
  • Երկուշաբթի, մայիս 10
  • Երեքշաբթի, մայիս 11
  • Չորեքշաբթի, մայիս 12
  • Հինգշաբթի, մայիս 13
  • Ուրբաթ, մայիս 14
  • Շաբաթ, մայիս 15
  • Կիրակի, մայիս 16
  • Երկուշաբթի, մայիս 17
  • Երեքշաբթի, մայիս 18
  • Չորեքշաբթի, մայիս 19
  • Հինգշաբթի, մայիս 20
  • Ուրբաթ, մայիս 21
  • Շաբաթ, մայիս 22
  • Կիրակի, մայիս 23
  • Երկուշաբթի, մայիս 24
  • Երեքշաբթի, մայիս 25
  • Չորեքշաբթի, մայիս 26
  • Հինգշաբթի, մայիս 27
  • Ուրբաթ, մայիս 28
  • Շաբաթ, մայիս 29
  • Կիրակի, մայիս 30
  • Երկուշաբթի, մայիս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
աք21

Մայիս

Շաբաթ, մայիս 1

Թող. . . մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք (Դատ. 13։8)։

Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու, որ Եհովան սիրեն։ Աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրեցէք, ինչպէս որ Մանուէ ըրաւ։ Նաեւ, ձեր օրինակով սորվեցուցէք։ Ձեր ըսածը կարեւոր է, բայց ձեր ըրածը հաւանաբար աւելի մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգէ զաւակներուն վրայ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յովսէփն ու Մարիամը ընտիր օրինակ էին իրենց զաւակներուն, մէջը ըլլալով՝ Յիսուս։ Յովսէփ իր ընտանիքը հոգալու համար ծանր աշխատեցաւ։ Ասկէ զատ, ան զիրենք քաջալերեց որ հոգեւոր բաները արժեւորեն (Բ. Օր. 4։9, 10)։ Ան «ամէն տարի» իր ընտանիքը իրեն հետ Երուսաղէմ կը տանէր՝ Պասեքը տօնելու համար (Ղուկ. 2։41, 42)։ Ժամանակակից հայրերէն ոմանք թերեւս մտածեցին, թէ ամբողջ ընտանիքը իրենց հետ տանիլը շատ դժուար է, ժամանակ կ’առնէ եւ մեծ ծախսի կը նայի։ Սակայն, յստակ է որ Յովսէփ հոգեւոր բաները կ’արժեւորէր եւ իր զաւակներուն կը սորվեցնէր նոյնը ընել։ Նաեւ, Մարիամ Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտէր։ Ան անկասկած իր խօսքերով ու գործերով իր զաւակներուն սորվեցուց Աստուծոյ Խօսքը սիրել։ դ19.12 24-25 ¶9-12

Կիրակի, մայիս 2

Ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած (Հռով. 7։14)։

Մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն մէկ ապացոյցը կը տեսնենք, երբ մտածենք թէ ի՛նչ ըրաւ, երբ իր երկրային ընտանիքին մէջ խնդիրներ ծագեցան։ Ադամ իր երկնաւոր Հօր անհնազանդ գտնուելով, թէ՛ ինք եւ թէ իր սերունդը Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը ըլլալէ դադրեցան (Հռով. 5։12)։ Սակայն Եհովան օգնութեան հասաւ։ Ան Ադամը պատժեց, բայց անոր չծնած սերունդը անյոյս չձգեց։ Ան անմիջապէս խոստացաւ, որ հնազանդ մարդիկը պիտի ընդունուէին իր ընտանիքին մէջ (Ծն. 3։15. Հռով. 8։20, 21)։ Եւ ասիկա կարգադրեց Յիսուսի փրկանքին հիման վրայ։ Իր սիրելի Որդին մեզի համար զոհելով փաստեց, թէ որքա՜ն մեզ կը սիրէ (Յովհ. 3։16)։ Ան լաւագոյն Հայրն է։ Մեր աղօթքները կը լսէ եւ մեր ֆիզիքական ու հոգեւոր պէտքերը կը հոգայ։ Մեզ կը մարզէ եւ մեզի թիկունք կը կանգնի։ Ան նաեւ հոյակապ օրհնութիւններ վերապահած է մեզի համար։ Մեր սիրտը կը տոգորուի, գիտնալով որ մեր Հայրը մեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ։ դ20.02 6 ¶16-17. 7 ¶20

Երկուշաբթի, մայիս 3

Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին (Սաղ. 94։19)։

Երբեք մտահոգութեան դառն համը առա՞ծ ես։ Թերեւս տակնուվրայ վիճակ ունիս, քանի որ մէկը քեզ խօսքով կամ արարքով վիրաւորած է։ Կամ թերեւս ըսած ես կամ ըրած ես բան մը, որուն համար մտահոգ ես։ Օրինակ, թերեւս մեղք մը գործած ես եւ կը խորհիս որ Եհովան բնա՛ւ քեզի պիտի չներէ։ Պարագան աւելի դժուարացնելով կ’եզրակացնես, թէ հաւատք չունիս եւ գէշ անձ մըն ես, քանի որ մտահոգութիւնը կրցած է քեզ ջախջախել։ Սակայն, նկատի առ սուրբգրային կարգ մը օրինակներ։ Աննան, Սամուէլ մարգարէին մայրը, մեծ հաւատք ունէր։ Սակայն հոգերը զինք պատեցին, երբ տնեցիներէն մէկը իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցաւ (Ա. Թագ. 1։7)։ Պօղոս առաքեալ զօրաւոր հաւատք ունէր, բայց ‘բոլոր եկեղեցիներուն հոգը իր վրայ դիզուեցաւ’ (Բ. Կոր. 11։28)։ Իսկ Դաւիթ թագաւոր այնքա՛ն զօրաւոր հաւատք ունէր, որ Եհովան զինք շատ սիրեց (Գործք 13։22)։ Այսուհանդերձ, ան սխալներ գործեց, որոնք պատճառ եղան որ մտատանջուի (Սաղ. 38։4)։ Սակայն, Եհովան իւրաքանչիւրը մխիթարեց ու սփոփեց։ դ20.02 20 ¶1-2

Երեքշաբթի, մայիս 4

Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ (Մատ. 16։24)։

Ինչպէ՞ս անձդ Աստուծոյ կը նուիրես։ Անկեղծ աղօթքով կ’ըսես, որ կեանքդ պիտի գործածես իրեն ծառայելու յաւիտեան։ Աստուծոյ նուիրուելով, դուն քեզ ‘կ’ուրանաս’։ Այժմ Եհովայի կը պատկանիս, ինչ որ մեծ առանձնաշնորհում մըն է (Հռով. 14։8)։ Այսպէս, իրեն կ’ըսես որ ասկէ ետք պիտի կեդրոնանաս իրե՛ն ծառայելու վրայ, եւ ոչ թէ դուն քեզ հաճեցնելու վրայ։ Նուիրումդ ուխտ մըն է, այսինքն՝ լուրջ խոստում մը, որ Եհովային կու տաս։ Ան մեզ չի ստիպեր որ այս ուխտը ընենք։ Բայց երբ ուխտենք, մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր ուխտը կատարենք (Սաղ. 116։12, 14)։ Նուիրումդ անձնական բան մըն է, քու եւ Եհովային միջեւ։ Իսկ մկրտութիւնը ուրիշներուն առջեւ կ’ըլլայ, ընդհանրապէս համաժողովի մը ատեն։ Մկրտուելով ուրիշներուն ցոյց կու տաս, որ արդէն անձդ նուիրած ես Եհովային։ Ուստի մկրտութիւնդ ուրիշներուն կը գիտցնէ, թէ Եհովա Աստուած կը սիրես քու ամբողջ սրտովդ, անձովդ, մտքովդ ու զօրութիւնովդ, եւ վճռած ես իրեն ծառայել յաւիտեան (Մար. 12։30)։ դ20.03 9 ¶4-5

Չորեքշաբթի, մայիս 5

Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ (Բ. Թես. 2։3)։

Սատանան մարդոց կը մոռցնէ Եհովան։ Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք, կարգ մը հաւատուրացներ սկսան սուտեր սորվեցնել (Գործք 20։29, 30)։ Անոնք սկսան ճշմարիտ Աստուծոյ ինքնութիւնը պղտորել։ Օրինակ, Աստուածաշունչը թարգմանելու եւ ընդօրինակելու ատեն, Աստուծոյ անունը գործածելէ դադրեցան եւ նախընտրեցին «Տէր» կամ ուրիշ տիտղոսներ գործածել։ Այսպէս, անոնք դժուարացուցին որ ընթերցողը Եհովան զանազանէ ուրիշ «տէրեր»է (Ա. Կոր. 8։5)։ Եւ «Տէր» բառը գործածեցին թէ՛ Եհովային եւ թէ Յիսուսին համար, ինչ որ դժուար դարձուց Եհովան եւ Յիսուսը տարբեր անձնաւորութիւններ նկատելը (Յովհ. 17։3)։ Այս շփոթութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Երրորդութեան վարդապետութիւնը զարգանայ, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ չէ նշուած։ Առ ի արդիւնք, շատեր կը խորհին որ անկարելի է Աստուած ճանչնալ։ Ի՜նչ ահռելի սուտ մը (Գործք 17։26, 27)։ դ19.06 5 ¶11

Հինգշաբթի, մայիս 6

Ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարէ՛ (Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ)։

Մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարելու մէկ կերպն է՝ քարոզելու մեր հմտութիւնները բարելաւել (Առ. 1։5. Ա. Տիմ. 4։13, 15)։ Մեզի համար մե՜ծ առանձնաշնորհում է, որ Եհովան թոյլ կու տայ որ իր «գործակից»ները ըլլանք (Ա. Կոր. 3։9)։ Երբ գիտնաս թէ աւելի կարեւոր բաները ի՛նչ են եւ կեդրոնանաս քրիստոնէական ծառայութեան վրայ, ուրախութեամբ Եհովային պիտի ծառայես (Փլպ. 1։10. Սաղ. 100։2)։ Աստուծոյ ծառաներէն մէկը ըլլալով, կրնաս վստահ ըլլալ թէ ան քեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարես, ի՛նչ դժուարութիւններ կամ սահմանափակումներ ալ ունենաս (Բ. Կոր. 4։1, 7. 6։4)։ Եթէ պարագաներդ կը ներեն որ քիչ կամ շատ քարոզես, կրնա՛ս ուրախանալու պատճառ ունենալ, երբ ծառայութեան սրտանց կը մասնակցիս (Գաղ. 6։4)։ Ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարելով՝ ցոյց կու տաս, որ կը սիրես Եհովան եւ ընկերդ։ «Այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. Տիմ. 4։16)։ դ19.04 6 ¶15. 7 ¶17

Ուրբաթ, մայիս 7

Սատանան. . . բոլոր աշխարհ մոլորեցուց (Յայտ. 12։9)։

Ոգեհարցութիւնը տարածուած կերպ մըն է, որով Սատանան եւ դեւերը կը փորձեն մարդիկը խաբել։ Ոգեհարցները կ’ըսեն թէ գիտեն կամ կրնան ընել բաներ, որոնք մարդիկ ընդհանրապէս չեն գիտեր կամ չեն կրնար ընել։ Օրինակ, ոմանք կ’ըսեն որ կարողութիւն ունին ապագան գիտնալու՝ գուշակութիւն կամ աստղաբաշխութիւն գործածելով։ Իսկ ուրիշներ կը ձգեն որ մարդիկ հաւատան թէ իրենք մեռելներուն հետ կը խօսին։ Ոմանք ալ վհուկութիւն կամ կախարդութիւն կ’ընեն, եւ թերեւս փորձեն անհատի մը դէմ թուղթ ընել։ Փորձագիտանք մը, որ եղաւ 18 երկիրներու մէջ՝ Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան երկիրներու մէջ, մէջտեղ հանեց որ ժողովուրդին մէկ երրորդը կը հաւատայ մոգութեան, վհուկութեան կամ կախարդութեան, ինչպէս նաեւ՝ թէ կարելի է ոգիներուն հետ կապի մէջ մտնել։ Ուրիշ փորձագիտանք մը կատարուեցաւ Ափրիկէի 18 երկիրներու մէջ։ Հոն, միջին հաշուով մարդոց աւելի քան կէսը վհուկութեան կը հաւատայ։ Անշուշտ, ո՛ւր որ ալ կ’ապրինք, ոգեհարցութենէն պէտք է զգուշանանք։ դ19.04 20-21 ¶3-4

Շաբաթ, մայիս 8

Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ (Եբ. 12։16)։

Եհովա Աստուած ամէն տեսակ անօրէնութիւն կ’ատէ (Սաղ. 5։4-6)։ Ուրեմն որքա՜ն կ’ատէ սեռային գետնի վրայ երեխաներու չարաշահութիւնը, որ վերջին ծայր գանելի եւ չար արարք մըն է։ Մենք Եհովան ընդօրինակելով կ’ատենք երեխաներու չարաշահութիւնը եւ զայն չենք հանդուրժեր քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Հռով. 12։9)։ Երեխաներու չարաշահութեան որեւէ արարք «Քրիստոսին օրէնք»ին դէմ է (Գաղ. 6։2)։ Ամէն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց թէ՛ խօսքով եւ թէ օրինակով, սիրոյ վրայ հիմնուած է եւ արդարադատութիւն յառաջ կը մղէ։ Այս օրէնքով առաջնորդուելով, ճշմարիտ քրիստոնեաները երեխաներուն հետ այնպէս կը վարուին, որ անոնք ապահով եւ անկեղծօրէն սիրուած զգան։ Բայց երեխաներու չարաշահութիւնը անձնասէր եւ անարդար արարք մըն է, որ կը ձգէ որ երեխան զգայ թէ անապահով է եւ սիրուած չէ։ Ցաւօք սրտի, ճշմարիտ քրիստոնեաները անկէ ազդուած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «չար ու խաբեբայ մարդիկ» շատցած են եւ անոնցմէ ոմանք կը փորձեն քրիստոնէական ժողովքէն ներս մտնել (Բ. Տիմ. 3։13)։ Ասկէ զատ, ժողովքէն ոմանք մարմնաւոր ցանկութիւններու տեղի տալով՝ սեռային գետնի վրայ երեխաներ չարաշահած են։ դ19.05 8 ¶1-3

Կիրակի, մայիս 9

Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի (Յակ. 5։16)։

Ընկճուած անհատը թերեւս զգայ որ արժանի չէ աղօթքով Եհովային մօտենալու։ Այսպիսի անհատ մը մխիթարելու համար, կրնանք իրեն հետ աղօթել, իր անունը նշելով։ Աղօթքին մէջ կրնանք Եհովային արտայայտել, թէ մենք եւ ժողովքը որքա՜ն կը սիրենք վհատած անհատը։ Կրնանք Եհովայէն խնդրել որ իր այս թանկագին ոչխարը հանգստացնէ եւ մխիթարէ։ Անհատը կրնայ շա՜տ մխիթարուիլ այսպիսի աղօթքներով։ Մտածէ խօսելէ առաջ։ Չմտածուած խօսքերը կրնան վիրաւորական ըլլալ, մինչդեռ ազնիւ խօսքերը բուժիչ են (Առ. 12։18)։ Անոր համար, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ որ ազնիւ, մխիթարական եւ հանգստացուցիչ խօսքեր գտնես։ Մի՛ մոռնար, որ ամէնէն զօրաւոր եւ օգտակար խօսքերը Եհովային արտայայտութիւններն են (Եբ. 4։12)։ Երբ ուրիշները մխիթարենք, իրենց կ’օգնենք որ յիշեն, թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ։ Եւ բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք, թէ Եհովան արդարութեան Աստուած է։ Ան չարաշահուած իւրաքանչիւր անհատ գիտէ, ինչպէս նաեւ չզղջացող չարագործները անպատիժ պիտի չձգէ (Թւ. 14։18)։ դ19.05 18 ¶18. 19 ¶19, 21

Երկուշաբթի, մայիս 10

Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է (Կող. 2։8)։

Սատանան կ’ուզէ որ Եհովան սիրելէ դադրինք, եւ այդ նպատակին հասնելու համար կը փորձէ մեր մտածելակերպը փոխել, կամ ուրիշ խօսքով՝ մեր միտքը գերի առնել եւ ձգել որ իր ուզած կերպով մտածենք։ Ան մեզ քաշող բաներ գործածելով կը փորձէ համոզել կամ խաբել մեզ, որ իրեն հետեւինք (Կող. 2։4)։ Իրապէ՞ս լուրջ վտանգի մէջ ենք, որ Սատանան մեզ մոլորեցնէ։ Այո՛։ Յիշէ որ Պօղոս առաքեալ Կողոսացիս 2։8–ի խօսքը ուղղեց ո՛չ թէ անհաւատներուն, հապա սուրբ հոգիով օծուած քրիստոնեաներուն (Կող. 1։2, 5)։ Այդ քրիստոնեաները մոլորելու վտանգին մէջ էին, իսկ մենք այսօր ա՛լ աւելի մեծ վտանգի մէջ ենք (Ա. Կոր. 10։12)։ Ինչո՞ւ։ Սատանան երկիր ձգուած է եւ ամէն ջանք կը թափէ, որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները մոլորեցնէ (Յայտ. 12։9, 12, 17)։ Ասկէ զատ, կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ չար ու խաբեբայ մարդիկ ‘չարութեան մէջ կը յառաջանան’ (Բ. Տիմ. 3։1, 13)։ դ19.06 2 ¶1-2

Երեքշաբթի, մայիս 11

Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս (Գ. Թագ. 19։4)։

Եղիան վախցաւ, երբ Յեզաբէլ թագուհին սպառնաց զինք մեռցնել։ Ուստի, Բերսաբէէի շրջանը փախաւ։ Ան ա՛յնքան վհատեցաւ, որ «մեռնիլ ուզեց»։ Ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Ան անկատար մարդ էր եւ «մեզի պէս զգացումներ ունէր» (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Թերեւս ճնշուածութեան եւ չափազանց յոգնութեան պատճառով ջախջախուած զգաց։ Կրնայ ըլլալ որ մտածեց, թէ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու իր ջանքերը ապարդիւն էին, թէ Իսրայէլի մէջ բա՛ն մը չէր բարելաւուած, եւ թէ միայն ինք տակաւին Եհովային կը ծառայէր (Գ. Թագ. 18։3, 4, 13. 19։10, 14)։ Եհովան անոր զգացումները հասկցաւ, եւ զինք չյանդիմանեց, հապա օգնեց որ իր ուժը նորոգէ (Գ. Թագ. 19։5-7)։ Ետքը, Եհովան ազնուութեամբ Եղիային մտածումը սրբագրեց, Իր ահարկու զօրութիւնը ցուցադրելով։ Նաեւ, իրեն ըսաւ որ Իսրայէլի մէջ դեռ 7000 ծառաներ ունէր, որոնք մերժած էին Բահաղը պաշտել (Գ. Թագ. 19։11-18)։ Այսպէս, Եհովան գործնական կերպերով Եղիային ցոյց տուաւ, որ զինք կը սիրէր։ դ19.06 15-16 ¶5-6

Չորեքշաբթի, մայիս 12

Հնազա՛նդ եղէք ծերերուն։ . . .Խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ (Ա. Պետ. 5։5)։

Միշտ ուղղութեան հետեւէ։ Եթէ վստահելի եւ պատասխանատու եղբայրներուն ուղղութեան հետեւինք, խնդիրներէ հեռու պիտի մնանք։ Օրինակ, երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, պատասխանատու եղբայրները հրատարակիչներուն ուղղութիւն տուին, որ ծառայութեան ատեն հրատարակութիւններ չբաշխեն։ Սակայն, ռահվիրայ եղբայր մը՝ սեպելով թէ ինք աւելի լաւ գիտէ, հրատարակութիւններ բաշխեց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Անպաշտօն վկայութիւնը վերջացնելէ քիչ ետք, ան եւ ուրիշ եղբայրներ ոստիկանութեան կողմէ հարցաքննուեցան։ Այնպէս կ’երեւի որ ոստիկանները զիրենք հետապնդած էին, եւ կրցած էին բաշխուած հրատարակութիւնները հաւաքել։ Այս փորձառութենէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Պէտք է ուղղութեան հետեւինք նոյնիսկ եթէ ատոր համամիտ չենք։ Եհովան միշտ մեզ կ’օրհնէ, երբ կը համագործակցինք այն եղբայրներուն հետ, որոնք նշանակուած են մեր մէջ առաջնորդութիւն առնելու (Եբ. 13։7, 17)։ դ19.07 12 ¶17

Հինգշաբթի, մայիս 13

Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն (Բ. Տիմ. 3։12)։

Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Տէր Յիսուս ըսաւ որ բոլոր անոնք՝ որոնք կ’որոշեն իր աշակերտները ըլլալ, պիտի ատուին (Յովհ. 17։14)։ Մինչեւ այսօր, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները հալածուած են անոնց կողմէ, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին կը հակառակին։ Եւ մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, կ’ակնկալենք որ մեր թշնամիները ա՛լ աւելի մեզ ատեն (Մատ. 24։9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք հալածանքին հիմակուընէ պատրաստուիլ։ Հարկ չկայ երեւակայելու ամէն ինչ որ կրնայ պատահիլ մեզի։ Եթէ երեւակայենք, վախն ու մտահոգութիւնը կրնան մեզ պատել։ Եւ ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ որ ա՛յնքան սարսափինք, որ Եհովային ծառայելէ դադրինք նոյնիսկ իսկական խնդիր մը չծագած (Առ. 12։25. 17։22)։ Այո, վախը զօրաւոր զէնք մըն է, որ մեր «հակառակորդը, Սատանան» մեզի դէմ կը գործածէ (Ա. Պետ. 5։8, 9)։ Ուստի շատ կարեւոր է, որ հիմակուընէ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնենք։ դ19.07 2 ¶1-3

Ուրբաթ, մայիս 14

Գացէ՛ք եւ բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեցէք (Մատ. 28։19, ՆԱ)։

Առաքեալները շատ խանդավառ ըլլալու էին, երբ լերան մը մէկ կողմը հաւաքուեցան։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք անոնց ըսած էր որ հոն երթան, որպէսզի իրեն հետ տեսնուին (Մատ. 28։16)։ Ատիկա թերեւս այն առիթն էր, երբ ան «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ» (Ա. Կոր. 15։6)։ Յիսուս ինչո՞ւ այս հանդիպումը կարգադրեց։ Որպէսզի իր աշակերտներուն հետաքրքրական յանձնարարութիւն մը տայ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը [«ազգերէն մարդիկ», ՆԱ] աշակերտեցէք» (Մատ. 28։18-20)։ Յիսուսի խօսքերը լսող աշակերտները առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմեցին։ Այդ ժողովքին գլխաւոր յանձնարարութիւնն էր՝ Քրիստոսի աշակերտներ պատրաստել։ Ներկայիս, աշխարհի տարածքին, տասնեակ հազարաւոր ժողովքներ կան, որոնք ունին այդ նոյն գլխաւոր յանձնարարութիւնը։ դ19.07 14 ¶1-2

Շաբաթ, մայիս 15

Երկիրը միշտ կը կենայ (Ժող. 1։4)։

Նորվեկիոյ մէջ, շրջագայող տեսուչ մը կ’ըսէ որ մարդիկ, որոնք չեն սիրեր Աստուծոյ մասին խօսիլ, յաճախ կ’ընդունին խօսիլ աշխարհի վիճակներուն մասին։ Անհատին բարեւ տալէ ետք, ան կը հարցնէ. «Կը կարծե՞ս որ աւելի լաւ ապագայ մը կրնանք ունենալ։ Արդեօք որո՞ւն պէտք է յուսանք. քաղաքագէտներո՞ւն, գիտնականներո՞ւն կամ ուրի՞շ մէկու»։ Ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետք, կը կարդայ կամ կը մէջբերէ համար մը, որ պայծառ ապագայի մը կ’ակնարկէ։ Ոմանց հետաքրքրութիւնը կը շարժէ Աստուածաշունչի խոստումը, որ երկրագունդը յաւիտեան պիտի մնայ եւ բարի մարդիկը անոր վրայ առյաւէտ պիտի ապրին (Սաղ. 37։29)։ Պէտք է զանազան մօտեցումներ գործածենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ նոյն նիւթը կրնայ մէկու մը համար հետաքրքրական ըլլալ, իսկ միւսին համար՝ նեղացուցիչ։ Ոմանք խնդիր չունին Աստուծոյ կամ Աստուածաշունչին մասին քննարկելու, մինչ ուրիշներ աւելի կ’ընդառաջեն, երբ նա՛խ ուրիշ նիւթերու մասին խօսինք։ Երկու պարագաներուն ալ, պէտք է առիթը օգտագործենք ամէն տեսակ մարդոց խօսելու (Հռով. 1։14-16)։ Եհովան ի՛նք ճշմարտութիւնը կ’աճեցնէ այն անհատներուն սրտին մէջ, որոնք արդարասէր են (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ դ19.07 22-23 ¶10-11

Կիրակի, մայիս 16

Եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել (Ա. Յովհ. 4։11)։

Մեզի հանդէպ Աստուծոյ խոր սէրը պիտի մղէ մեզ, որ մեր եղբայրները սիրենք (Ա. Յովհ. 4։20, 21)։ Թերեւս կարծենք, թէ դիւրին է որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք, քանի որ Եհովան կը պաշտենք ու կը ջանանք իր յատկութիւնները ընդօրինակել եւ կը հետեւինք Յիսուսի օրինակին, որ մեզ ա՛յնքան սիրեց որ իր կեանքը մեզի համար տուաւ։ Բայց եւ այնպէս, երբեմն դժուար կ’ըլլայ որ իրար սիրելու պատուէրին հնազանդինք։ Եւոդիա եւ Սիւնտիք նախանձախնդիր քոյրեր էին, որոնք Պօղոս առաքեալի հետ բարի լուրը քարոզեցին։ Սակայն, թերեւս իրարու միջեւ անհամաձայնութիւն մը ունէին եւ այլեւս բարեկամներ չէին։ Փիլիպպէի ժողովքին ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս այս երկու քոյրերուն անունները տալով՝ զիրենք ուղղակի խրատեց, որ «միեւնոյն խորհուրդը ունենան» (Փլպ. 4։2, 3)։ Ան նաեւ անհրաժեշտ սեպեց ամբողջ ժողովքին ըսել. «Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք» (Փլպ. 2։14)։ դ19.08 9 ¶6-7

Երկուշաբթի, մայիս 17

Իրարու նեղութիւնները կրեցէք (Գաղ. 6։2)։

Գովելի է որ շատ մը ժողովքներ եւ անհատներ, ամէն բան կ’ընեն լիաժամ ծառաներուն թիկունք կանգնելու, որպէսզի իրենց նշանակումին մէջ մնան։ Անոնք ասիկա կ’ընեն, զիրենք քաջալերելով որ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, դրամական կամ այլ նիւթական օգնութիւններ տալով, կամ իրենցմէ հեռու ապրող ծնողքին հոգ տանելով։ Եթէ լիաժամ ծառաներ նոր նշանակում ստանալով քու ժողովքիդ գան, մի՛ մտածեր որ անոնց նշանակումին փոփոխութիւնը ցոյց կու տայ, թէ լաւ չաշխատեցան կամ սխալ բան մը ըրին։ Անոնց ձեռք տուր, որ նոր կացութեան դիւրաւ վարժուին։ Ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթէ եւ զիրենք գովէ այն բոլոր բաներուն համար որ անցեալին ըրին, նոյնիսկ եթէ վատառողջութեան պատճառով ներկայիս չեն կրնար շատ բան ընել։ Զանոնք ճանչցիր։ Իրենց գիտութենէն, մարզումէն եւ փորձառութենէն օգտուէ։ Սկիզբը, նոր նշանակում ստացողները օգնութեանդ պէտք կ’ունենան, որպէսզի ապահովեն բնակարան, փոխադրամիջոց, գործ եւ այլ անհրաժեշտութիւններ։ դ19.08 23 ¶12-13

Երեքշաբթի, մայիս 18

Ես անոնց աչքերուն առջեւ քեզմով [պիտի] փառաւորուիմ, ո՛վ Գոգ (Եզեկ. 38։16)։

Գոգ պիտի վստահի իր «մարմնեղէն բազուկ»ին, այսինքն՝ իր զինուորական ուժին (Բ. Մն. 32։8)։ Իսկ մենք Եհովա Աստուծոյ պիտի վստահինք։ Ասիկա կառավարութիւնները յիմարութիւն պիտի սեպեն, քանի որ Մեծ Բաբելոնը շատ զօրեղ էր, բայց անոր աստուածները չկրցան զինք ազատել «գազան»էն եւ անոր «տասը եղջիւրներ»էն (Յայտ. 17։16)։ Ուստի, կառավարութիւնները պիտի կարծեն թէ կրնան դիւրաւ մեզ բնաջնջել։ Գոգը Եհովայի ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակի՝ ‘ամպի պէս, որ երկիրը կը ծածկէ’։ Բայց այն ատեն, պիտի անդրադառնայ որ ծուղակը ինկած է։ Պիտի գիտնայ որ Եհովայի դէմ կը պատերազմի,– ինչպէս որ փարաւոն գիտցաւ Կարմիր ծովուն քով (Ել. 14։1-4. Եզեկ. 38։3, 4, 18, 21-23)։ Քրիստոս եւ իր երկնային զօրքերը Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի պաշտպանեն՝ բնաջնջելով Գոգն ու անոր զօրքերը (Յայտ. 19։11, 14, 15)։ Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Եհովայի մեծագոյն թշնամիին՝ Սատանային, որ կառավարութիւնները խաբելով զանոնք մղեց Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակելու։ Յիսուս զինք ու իր դեւերը անդունդը պիտի նետէ, ուր հազար տարի պիտի բանտարկուին (Յայտ. 20։1-3)։ դ19.09 11-12 ¶14-15

Չորեքշաբթի, մայիս 19

Անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ (Ամբ. 2։3)։

Բնականաբար անձկագին կը սպասենք այն բարի բաներուն, որոնք Եհովան մեզի խոստացած է։ Սակայն, եթէ այնպէս թուի որ մեր սպասածին կատարումը կ’ուշանայ, թերեւս մեր նախանձախնդրութիւնը կորսնցնենք եւ նոյնիսկ վհատինք (Առ. 13։12)։ 20–րդ դարու սկիզբը, կարգ մը եղբայրներու ասիկա պատահեցաւ։ Այդ օրերուն, օծեալ քրիստոնեաներէն շատեր ակնկալեցին, որ երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանան 1914–ին։ Երբ իրենց ակնկալութիւնները չիրականացան, հաւատարիմ եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ ըրին։ Անոնք կեանքի մրցավազքին մէջ չյանձնուեցան, քանի որ իրենց գլխաւոր նպատակն էր Աստուծոյ կամքը հաւատարմաբար կատարել եւ ոչ թէ վարձատրութիւնը ստանալ։ Անոնք վճռած էին համբերատարութեամբ շարունակել մրցավազքը։ Անկասկած կ’ուզես որ գայ այն ժամանակը, երբ Եհովան իր անունը եւ գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ եւ իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ։ Վստահ եղիր որ Եհովային որոշած ժամանակին այս բաները պիտի ըլլան։ Մինչ այդ, թող որ իր ծառայութեան մէջ զբաղած մնանք, բնա՛ւ թոյլ չտալով որ դեռ չիրականացած ակնկալութիւնները մեզ վհատեցնեն։ դ19.08 4-5 ¶9-10

Հինգշաբթի, մայիս 20

Հեզ եմ ու սրտով խոնարհ (Մատ. 11։29)։

Դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշները զիս հեզ ու խոնարհ անձ կը նկատե՞ն։ Ուրիշներուն համար յօժարաբար աննշան գործեր կ’ընե՞մ։ Ուրիշներուն հետ ազնուութեամբ կը վարուի՞մ’։ Յիսուս խաղաղ մթնոլորտ կը ստեղծէր իր գործակիցներուն համար եւ զիրենք հաճոյքով կը մարզէր (Ղուկ. 10։1, 19-21)։ Ան իր աշակերտները քաջալերեց որ հարցումներ հարցնեն եւ ուզեց իրենց կարծիքը առնել (Մատ. 16։13-16)։ Ջերմանոցի պայմանները վայելող բոյսերու նման, աշակերտները Յիսուսի ստեղծած մթնոլորտին մէջ բարգաւաճեցան։ Յիսուսի սորվեցուցածները իւրացուցին եւ բարի գործերով լեցուեցան։ Եթէ ուրիշներու վրայ որոշ հեղինակութիւն ունիս, դուն քեզի հարցուր. ‘Գործատեղը կամ տան մէջ ի՞նչ տեսակ մթնոլորտ կը ստեղծեմ։ Խաղաղութիւն յառաջ կը մղե՞մ։ Ուրիշները ազատօրէն կրնա՞ն ինծի հարցումներ հարցնել։ Պատրա՞ստ եմ ուրիշներու կարծիքը մտիկ ընելու’։ Բնա՛ւ չենք ուզեր փարիսեցիներուն պէս ըլլալ, որոնք կը բարկանային երբ մարդիկ իրենց ըսածով չէին համոզուեր, ինչպէս նաեւ խստօրէն կը վարուէին երբ մէկը իրենց գաղափարէն տարբեր գաղափար մը տար (Մար. 3։1-6. Յովհ. 9։29-34)։ դ19.09 20 ¶1. 23 ¶9-11

Ուրբաթ, մայիս 21

Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի (Ա. Թես. 5։3)։

Աշխարհի առաջնորդները երբեմն նոյնանման արտայայտութիւններ կը գործածեն, երբ կը խօսին ազգերու միջեւ փոխյարաբերութիւնները բարելաւելու մասին։ Սակայն Սուրբ Գիրքին նկարագրած «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութիւնը տարբեր է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ ատիկա պատահի, շատեր պիտի կարծեն որ աշխարհի առաջնորդները յաջողեցան երկիրը աւելի ապահով տեղ մը դարձնելու։ Բայց իրականութեան մէջ, շուտով ‘յանկարծակի կորուստ’ տեղի պիտի ունենայ (Մատ. 24։21)։ Չենք գիտեր թէ ի՛նչ բան այդ յայտարարութեան պիտի առաջնորդէ եւ ինչպէ՛ս այդ յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ։ Նաեւ չենք գիտեր, որ անիկա մէ՛կ յայտարարութիւն է թէ շարք մը յայտարարութիւններ։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, ասիկա գիտենք. պէտք չէ խաբուինք մտածելով, թէ աշխարհի առաջնորդները կրնան համաշխարհային խաղաղութիւն բերել։ Ընդհակառակը, ատիկա ցոյց կու տայ թէ «Տէրոջը օրը» սկսելու վրայ է (Ա. Թես. 5։2)։ դ19.10 8-9 ¶3-4

Շաբաթ, մայիս 22

Այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի (Դան. 12։1)։

Արմագեդոն պատերազմով այս չար աշխարհը վերջ պիտի գտնէ։ Սակայն, հարկ չկայ որ բանէ մը վախնանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասիկա Աստուծո՛յ պատերազմն է (Առ. 1։33. Եզեկ. 38։18-20. Զաք. 14։3)։ Երբ Եհովան հրաման տայ, Յիսուս Քրիստոս երկնային զօրքը պատերազմի պիտի առաջնորդէ։ Իր կողքին պիտի ըլլան յարուցեալ օծեալները եւ բիւրաւոր հրեշտակներ։ Անոնք միասնաբար պիտի պատերազմին Սատանային, դեւերուն եւ անոնց երկրային բանակներուն դէմ (Յայտ. 6։2. 17։14)։ Եհովան կը վստահեցնէ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17)։ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներու «մեծ բազմութիւն մը» «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի։ Ետքը, անոնք պիտի շարունակեն իրեն սուրբ ծառայութիւն մատուցանել (Յայտ. 7։9, 13-17)։ Աստուածաշունչը որքա՜ն մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ ապագային պիտի փրկուինք։ Գիտենք թէ Եհովան «հաւատարիմները կը պաշտպանէ» (Սաղ. 31։23, ԱԾ)։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Եհովան կը սիրեն ու զինք կը փառաբանեն, ուրախութեամբ պիտի դիտեն, մինչ իր անունը կը սրբացնէ (Եզեկ. 38։23)։ դ19.10 18-19 ¶17-18

Կիրակի, մայիս 23

Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ (Առ. 17։17)։

Մինչ «վերջին օրեր»ը իրենց աւարտին հասնելու վրայ են, կրնանք խիստ նեղութիւններ ունենալ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Օրինակ, արեւմտեան Ափրիկէի մէկ երկրին մէջ, ընտրարշաւէ մը ետք խռովութիւն ու խուժանային բռնութիւն եղաւ։ Աւելի քան վեց ամիս, մեր եղբայրներն ու քոյրերը ազատօրէն չէին կրնար երթալ–գալ, քանի որ կռիւի գօտիին մէջ կ’ապրէին։ Ի՞նչը իրենց օգնեց որ այս դժուարութիւններուն դիմանան։ Ոմանք աւելի ապահով շրջանի մէջ եղբայրներու տունը մնացին։ Եղբայր մը ըսաւ. «Ասանկ ատեն, ուրախ էի որ բարեկամներով շրջապատուած էի։ Կրցանք իրար քաջալերել»։ Երբ «մեծ նեղութիւնը» սկսի, ուրախ պիտի ըլլանք որ մեզի հետ կան մեզ սիրող լաւ բարեկամներ (Յայտ. 7։14)։ Ուստի, անհրաժեշտ է որ հիմա բարեկամութեան զօրաւոր կապեր հաստատենք (Ա. Պետ. 4։7, 8)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր թշնամիները պիտի ջանան սուտերու եւ սխալ տեղեկութիւններու միջոցաւ մեզ իրարմէ բաժնել։ Անոնք պիտի փորձեն մեզ իրարու դէմ հանել։ Բայց իրենց ջանքերը ապարդիւն պիտի ըլլան։ Պիտի չյաջողին մեր սիրոյ կապը խզել։ դ19.11 2 ¶1-2. 7 ¶19

Երկուշաբթի, մայիս 24

Կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել (Եփ. 6։16)։

Սատանան՝ «սուտին հայրը», իր հակակշռին տակ եղողները կը գործածէ սուտեր տարածելու Եհովային եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին (Յովհ. 8։44, ԱԾ)։ Օրինակ, հաւատուրացները Եհովայի կազմակերպութեան մասին սուտեր եւ խեղաթիւրուած իրողութիւններ կը ներկայացնեն կայքէջերու վրայ, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլին ու այլ լրատուամիջոցներու միջոցաւ։ Այդ սուտերը Սատանային «կրակոտ նետեր»էն են։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մէկը մեզի այսպիսի սուտեր խօսի։ Զանոնք կը մերժե՛նք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովային կը հաւատանք եւ մեր եղբայրներուն կը վստահինք։ Մենք հաւատուրացներուն հետ ամէն կապ կը խզենք։ Թոյլ չենք տար ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի, նոյնիսկ հետաքրքրասիրութեան, որ մեր հաւատքը տկարացնէ կամ մեզ մղէ անոնց հետ վիճաբանելու։ Կրցա՞ծ ես մերժել հաւատուրացներուն մտիկ ընել եւ անոնց հետ վիճաբանիլ իրենց տարածած սուտերուն նկատմամբ։ Ասիկա գովելի է։ Բայց պէտք է արթուն մնանք, քանի որ Սատանան կը փորձէ ուրիշ զէնքեր ալ մեզի դէմ գործածել։ դ19.11 15 ¶8. 16 ¶11

Երեքշաբթի, մայիս 25

Եհովան շարժառիթները կը քննէ (Առ. 16։2, ՆԱ)։

Երբ որոշում մը պիտի առնես, շարժառիթներդ վերլուծէ։ Եհովան կ’ուզէ, որ ամէն բանի մէջ անկեղծ ըլլանք։ Ուստի երբ որոշումներ կ’առնենք, կ’ուզենք մեր շարժառիթներուն նկատմամբ անկեղծ ըլլալ մեր անձին ե՛ւ ուրիշներուն հետ։ Եթէ լիովին անկեղծ չըլլանք, հաւանական է որ դժուարութիւն ունենանք մեր որոշումին կառչելու։ Օրինակ, երիտասարդ եղբայր մը կ’որոշէ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Սակայն ժամանակ մը ետք, պահանջուած ժամերը դժուարութեամբ կ’ապահովէ եւ այլեւս ծառայութենէն հաճոյք չ’առներ։ Թերեւս ան խորհած էր, որ ռահվիրայ ըլլալու իր գլխաւոր շարժառիթն է՝ Եհովան հաճեցնել։ Սակայն, կրնա՞յ ըլլալ որ իր բուն շարժառիթն էր՝ իր ծնողները կամ ուրիշ անձ մը հաճեցնել։ Մտածէ Աստուածաշունչի աշակերտի մը մասին, որ կ’որոշէ ծխելը դադրեցնել։ Առաջին մէկ–երկու շաբաթը չծխելու իր պայքարին մէջ կը յաջողի, բայց ետքը տեղի կու տայ։ Սակայն ի վերջոյ կը յաջողի ծխելը դադրեցնել։ Եհովայի հանդէպ իր սէրը եւ զինք հաճեցնելու իր փափաքը օգնեցին սովորութիւնը յաղթահարելու (Կող. 1։10. 3։23)։ դ19.11 27 ¶9. 29 ¶10

Չորեքշաբթի, մայիս 26

Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք (Փլպ. 1։27)։

Պօղոս առաքեալ վստահ էր, որ մրցավազքը պիտի ամբողջացնէր եւ իր նպատակակէտին պիտի հասնէր։ Օծեալ քրիստոնեայ ըլլալով, ան կը յուսար «Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակ»ը ձեռք ձգել։ Սակայն, ան գիտակցեցաւ որ այդ նպատակակէտը պէտք էր ‘հետապնդէր’ (Փլպ. 3։14, ԱԾ)։ Ան հետաքրքրական օրինակ մը տուաւ, փիլիպպեցիներուն օգնելու որ իրենց նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած մնան։ Ան փիլիպպեցիներուն յիշեցուց իրենց երկնային «քաղաքացիութիւնը» (Փլպ. 3։20, ԱԾ)։ Ատիկա ինչո՞ւ պէտք էր յիշէին։ Այդ օրերուն, մարդիկ շատ կ’ուզէին հռոմէական քաղաքացիութիւնը ունենալ, քանի որ իրենց առաւելութիւններ կու տար։ Սակայն, օծեալ քրիստոնեաները ունէին շատ աւելի լաւ քաղաքացիութիւն մը, որ աներեւակայելի առաւելութիւններ պիտի բերէր իրենց։ Հռոմի քաղաքացի ըլլալը ատոր քով չնչին արժէք ունէր։ Ներկայիս օծեալ քրիստոնեաները մեզի լաւ օրինակ են, մինչ երկինքի մէջ յաւիտեան ապրելու իրենց նպատակակէտին հետամուտ կ’ըլլան։ դ19.08 6 ¶14-15

Հինգշաբթի, մայիս 27

Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք (Յովհ. 8։36)։

Այդ ազատութիւնը շա՜տ աւելի մեծ էր, քան՝ այն ազատութիւնը, որ իսրայէլացիները Յոբելեան տարուան ընթացքին կը վայելէին (Ղեւ. 25։8-12)։ Օրինակ, տղամարդ մը, որ Յոբելեանին ազատ կ’արձակուէր, կրնար նորէն ստրուկ դառնալ, եւ ամէն պարագայի, ի վերջոյ պիտի մեռնէր։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովան սուրբ հոգիով օծեց առաքեալները եւ ուրիշ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ։ Ան զիրենք որդեգրեց որպէս իր որդիները, որպէսզի յետագային յարութիւն առնելով՝ երկինքի մէջ Յիսուսին հետ իշխեն (Հռով. 8։2, 15-17)։ Անոնք առաջին անհատներն էին, որոնք օգտուեցան Նազարէթի ժողովարանին մէջ Յիսուսի յայտարարած ազատութենէն (Ղուկ. 4։16-19, 21)։ Անոնք այլեւս հրեայ կրօնական առաջնորդներուն սուտ ուսուցումներուն եւ անաստուածաշնչական սովորութիւններուն գերի չէին։ Ասկէ զատ, Աստուած զանոնք ազատուած նկատեց մահուան տանող մեղքէն։ Այլաբանական Յոբելեանը, որ սկսաւ Ք.Ե. 33–ին Քրիստոսի հետեւորդները օծուելով, վերջ պիտի գտնէ Յիսուսի հազարամեայ իշխանութեան աւարտին։ դ19.12 11 ¶11-12

Ուրբաթ, մայիս 28

Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն (Ա. Կոր. 15։33)։

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք, որ լաւ ընկերակցութիւն զատեն։ Թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը պէտք է գիտնան, որ իրենց զաւակները որո՛նց հետ կ’ընկերակցին եւ ի՛նչ կ’ընեն։ Պէտք է գիտնան, որ զաւակները ընկերային ցանցերուն եւ իրենց հեռաձայններուն միջոցաւ որո՛նց հետ կը հաղորդակցին։ Այդ ընկերակիցները կրնան զաւակներուն մտածելակերպին եւ վարուելակերպին ազդել։ Բազմաթիւ ծնողներ մեծ ջանք կը թափեն իրենց զաւակներուն համար առիթներ ստեղծելու, որպէսզի ընկերակցին անոնց հետ, որոնք օրինակելի են Աստուծոյ ծառայելու մէջ։ Օրինակ, Նտէյնի եւ Պոմին՝ Փղոսկրեայ Ափունքէն զոյգ մը, յաճախ շրջանային տեսուչը կը հրաւիրէին որ իրենց տունը մնար։ Նտէյնին կը պատմէ. «Ասիկա շատ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր տղուն վրայ։ Ան ռահվիրայութեան սկսաւ եւ այժմ կը ծառայէ որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող»։ Ծնողները ո՛րքան կանուխ սկսին զաւակները մարզել, ա՛յնքան լաւ կ’ըլլայ (Առ. 22։6)։ Նկատի առ Տիմոթէոսը։ Անոր մայրը՝ Եւնիկէն, եւ մեծ մայրը՝ Լաւոդիան, ‘իր մանկութենէն’ զինք մարզեցին (Բ. Տիմ. 1։5. 3։15)։ դ19.12 25 ¶14. 26 ¶16-17

Շաբաթ, մայիս 29

Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ (Առ. 18։24)։

Կրնանք վստահելի բարեկամ մը ըլլալ։ Օրինակ, ոչ միայն կը խոստանանք օգնել պէտք ունեցող եղբայրներուն ու քոյրերուն, հապա նաեւ իրենց համար գործնական բաներ կ’ընենք (Մատ. 5։37. Ղուկ. 16։10)։ Երբ օգնութեան կարիք ունեցողները գիտնան, թէ մեզի կրնան վստահիլ, իսկապէս կը մխիթարուին։ Քոյր մը պատճառը կը բացատրէ. «Աւելորդ հոգ չես ըներ, թէ արդեօք օգնութիւն առաջարկող անհատը իր խոստացածը պիտի կատարէ՛ կամ ոչ»։ Նեղութիւն դիմագրաւող կամ յուսախաբ եղող անհատները յաճախ կը մխիթարուին, իրենց սիրտը վստահելի բարեկամի մը բանալով։ Բայց վստահելի եւ գաղտնեկից բարեկամ ըլլալու համար, պէտք է համբերատար ըլլանք։ Երբ Ժաննայի ամուսինը զինք լքեց, ան մխիթարութիւն գտաւ՝ իր զգացումները յայտնելով մտերիմ բարեկամներուն։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք համբերութեամբ ինծի մտիկ ըրին, թէեւ հաւանաբար նոյն բաները կը կրկնէի»։ Դուն ալ կրնաս լաւ բարեկամ ըլլալ՝ լաւ մտիկ ընող ըլլալով։ դ20.01 10-11 ¶9-11

Կիրակի, մայիս 30

Իր մօրը որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի (Ղուկ. 1։15)։

Սուրբ Գիրքին մէջ կան հաւատքի տէր մարդոց բազմաթիւ օրինակներ, որոնք սուրբ հոգին ստացան, բայց երկինքին մէջ ապրելու յոյսը չունէին։ Դաւիթ սուրբ հոգիով առաջնորդուեցաւ (Ա. Թագ. 16։13)։ Սուրբ հոգին իրեն օգնեց, որ Եհովայի մասին խորունկ բաներ հասկնայ, եւ զինք առաջնորդեց որ Աստուածաշունչի կարգ մը մասերը գրէ (Մար. 12։36)։ Բայց եւ այնպէս, Պետրոս առաքեալ ըսաւ որ Դաւիթ «երկինք չելաւ» (Գործք 2։34)։ Յովհաննէս Մկրտիչ ‘սուրբ հոգիով լեցուեցաւ’ (Ղուկ. 1։13-16)։ Յիսուս ըսաւ որ Յովհաննէսէն աւելի մեծ մէկը չկայ, բայց աւելցուց որ երկնային Թագաւորութեան մաս պիտի չկազմէր (Մատ. 11։10, 11)։ Եհովան սուրբ հոգին գործածեց, որ անոնց ոյժ տայ հիանալի բաներ ընելու, բայց սուրբ հոգին չգործածեց զանոնք ընտրելու, որ երկինքի մէջ ապրին։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ նուազ հաւատարիմ էին։ Ո՛չ։ Պարզապէս կը նշանակէ, որ Եհովան զիրենք ետ կեանքի պիտի բերէ երկրային Դրախտին մէջ (Յովհ. 5։28, 29. Գործք 24։15)։ դ20.01 23 ¶15

Երկուշաբթի, մայիս 31

Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց (Ա. Յովհ. 4։19)։

Եհովան մեզ հրաւիրած է միանալու ընտանիքի մը, որ իր ծառաներէն կը բաղկանայ։ Այս ընտանիքին անդամները իրեն նուիրուած են եւ իր Որդւոյն զոհին հաւատք կ’ընծայեն։ Մենք երջանիկ ընտանիք ենք, հիմա իմաստալից կեանք կը վայելենք եւ ուրախ ենք անվերջ կեանքի յոյսը ունենալով՝ ըլլայ երկինքին մէջ կամ երկրային Դրախտին մէջ։ Սէրէ մղուած եւ մեծ գին վճարելով, Եհովան մեր առջեւ ճամբան բացաւ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլալու (Յովհ. 3։16)։ Մենք ‘գնով ծախու առնուեցանք’ (Ա. Կոր. 6։20)։ Փրկանքին միջոցաւ Եհովան կարելի դարձուց, որ իրեն հետ ջերմ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Մենք պատիւը ունինք տիեզերքի մեծագոյն Անձնաւորութիւնը մեր Հայրը կոչելու։ Եւ Եհովան լաւագոյն Հայրն է։ Սաղմոսերգուի մը նման, թերեւս հարց տանք. «Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն» (Սաղ. 116։12)։ Պատասխանը այն է, որ բնա՛ւ չենք կրնար մեր երկնաւոր Հօր հատուցանել իր բոլոր բարիքներուն փոխարէն։ Բայց կը մղուինք զինք սիրելու։ դ20.02 8 ¶1-3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել