Յունիս
Երեքշաբթի, յունիս 1
Անոր նախանձորդը՝ Փենանա՝ զանիկա կսկծեցնելու համար խիստ վշտացուց (Ա. Թագ. 1։6)։
Աննան դժուար հարցեր ունէր։ Տարիներ շարունակ չէր կրնար զաւակ ունենալ (Ա. Թագ. 1։2)։ Ան նուաստացած կը զգար, քանի որ իսրայէլացիներէն շատեր կը խորհէին, որ եթէ կին մը ամուլ է, ուրեմն Աստուծոյ օրհնութիւնը չունի (Ծն. 30։1, 2)։ Եւ ինչ որ անոր կեանքը աւելի դառն դարձուց, այն էր՝ որ ամուսինը ունէր ուրիշ կին մը՝ Փենանան, որ զաւակներ բերած էր եւ զինք խիստ կը վշտացնէր։ Աննան այս դժուար կացութեան հետ չկրցաւ գլուխ ելլել։ Ան այնքա՛ն տխուր էր, որ «կու լար եւ չէր ուտեր», իսկ սիրտը՝ «տրտմալից» եղաւ (Ա. Թագ. 1։7, 10)։ Ան ինչպէ՞ս մխիթարուեցաւ։ Աղօթքով իր զգացումները Եհովային արտայայտեց։ Աղօթելէ ետք, իր պարագան Հեղի քահանայապետին բացատրեց։ Հեղին ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ»։ Արդի՞ւնքը։ Աննան «իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» (Ա. Թագ. 1։17, 18)։ Աղօթելը անոր օգնեց, որ խաղաղութիւնը վերագտնէ ու հանդարտի։ դ20.02 21 ¶4-5
Չորեքշաբթի, յունիս 2
Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ (Կող. 4։6)։
Մօտ ատենէն, Եհովան այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Միայն անոնք՝ որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են, պիտի փրկուին (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Ուստի բնական է որ ուզենք, որ մեր ընտանիքի անդամներն ալ մեզի հետ Եհովային ծառայեն։ Մեր սիրալիր Հայրը «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Պէտք է ի մտի ունենանք, որ փրկութեան պատգամը տալու ճիշդ կերպ եւ սխալ կերպ կան։ Օրինակ, անծանօթի մը վկայելու ատեն կրնանք փափկանկատ ըլլալ, մինչդեռ ընտանիքի անդամին հետ խօսելու ատեն թերեւս կոշտ կամ կտրուկ ըլլանք։ Մեզմէ շատեր թերեւս գէշ կը զգան վերյիշելով տնեցիներուն վկայելու իրենց առաջին փորձերը, քանի որ կրնային աւելի լաւ կերպով վկայել։ Տնեցիներուն հետ խօսելու ատեն, լաւ է որ այս օրուան համարին նշած խրատը յիշենք։ Այլապէս, կրնանք զիրենք վիրաւորել եւ հեռացնել փոխանակ համոզելու։ դ19.08 14-15 ¶3-5
Հինգշաբթի, յունիս 3
Քրիստոս. . . ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք (Ա. Պետ. 2։21)։
Ինչպէ՞ս հակազդեցիր, երբ Որդիին մասին հետեւեալ ճշմարտութիւնները սորվեցար։ Յիսուս տիեզերքի մէջ ամենակարեւոր երկրորդ անձնաւորութիւնն է։ Ան մեր Փրկարարն է։ Իր կեանքը յօժարաբար տուաւ մեզի համար։ Երբ մեր արարքներով ցոյց կու տանք, թէ փրկանքին կը հաւատանք, մեր մեղքերը կրնան ներուիլ, Աստուծոյ հետ կրնանք բարեկամութիւն մշակել եւ կրնանք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել (Յովհ. 3։16)։ Յիսուս մեր Քահանայապետն է։ Ան կ’ուզէ մեզի օգնել, որ փրկանքէն օգտուինք եւ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենանք (Եբ. 4։15. 7։24, 25)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, իր միջոցաւ Եհովան Իր անունը պիտի սրբացնէ, չարութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ գալիք Դրախտին մէջ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ (Մատ. 6։9, 10. Յայտ. 11։15)։ Յիսուս մեր տիպարն է։ Ան մեզի օրինակ հանդիսացաւ, իր կեանքը տրամադրելով Աստուծոյ կամքը կատարելու (Յովհ. 4։34)։ Երբ Յիսուսի մասին Աստուածաշունչի սորվեցուցածները կ’ընդունիս, կը սկսիս Աստուծոյ անգին Որդին սիրել։ Եւ այդ սէրը քեզ կը մղէ, որ կեանքդ գործածես Աստուծոյ կամքը կատարելու, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ դ20.03 10 ¶12-13
Ուրբաթ, յունիս 4
Անդադար աղօթք ըրէ՛ք (Ա. Թես. 5։17)։
Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին օրը յաճախ աղօթեց։ Երբ իր աշակերտներուն ցոյց կու տար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յիշատակեն իր մահը, աղօթեց հացին եւ գինիին համար (Ա. Կոր. 11։23-25)։ Նախքան հեռանալը այն վայրէն, ուր Պասեքը տօնեցին, իր աշակերտներուն հետ աղօթեց (Յովհ. 17։1-26)։ Երբ Գեթսեմանիի պարտէզը հասան, ան կրկին անգամ աղօթեց (Մատ. 26։36-39, 42, 44)։ Իսկ մեռնելէ առաջ անոր ըսած վերջին խօսքերը աղօթք էին (Ղուկ. 23։46)։ Աղօթելով՝ Յիսուս Եհովան պարփակեց ամէն մէկ կարեւոր դէպքի մէջ, որ այդ օրը եղաւ։ Յիսուսի տոկալուն մէկ պատճառը այն է, թէ իր Հօր վստահեցաւ եւ ասիկա ցոյց տուաւ աղօթելով իրեն։ Միւս կողմէ, առաքեալները այդ գիշեր աղօթքի մէջ չյարատեւեցին եւ առ ի արդիւնք, չկրցան քաջ մնալ երբ փորձութեան առջեւ գտնուեցան (Մատ. 26։40, 41, 43, 45, 56)։ Երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք, հաւատարիմ պիտի մնանք միայն եթէ Յիսուսը ընդօրինակելով շարունակ ‘աղօթք ընենք’։ դ19.04 8-9 ¶4-5
Շաբաթ, յունիս 5
Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր (Մաղ. 3։6)։
Եհովան ոգեհարցութիւնը կ’ատէ։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ» (Բ. Օր. 18։10-12)։ Ճիշդ է որ մենք Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, սակայն գիտենք որ ոգեհարցութեան նկատմամբ Եհովային զգացումները չեն փոխուած։ Ան մեզ կը զգուշացնէ ոգեհարցութենէ, քանի որ գիտէ թէ Սատանան զայն կը գործածէ, որպէսզի մարդոց վնաս հասցնէ։ Ան ոգեհարցութեան միջոցաւ սուտեր յառաջ կը մղէ, մէջը ըլլալով այն սուտը, որ մեռելները ուրիշ ծիրի մը մէջ կ’ապրին (Ժող. 9։5)։ Ան նաեւ ոգեհարցութիւնը կը գործածէ, որ մարդիկը վախի մէջ պահէ եւ Եհովայէն հեռացնէ։ Իր նպատակն է որ մարդիկ, որոնք ոգեհարցութեան միջամուխ կ’ըլլան, չար ոգիներուն վստահին՝ փոխանակ Եհովային վստահելու։ դ19.04 21 ¶5-6
Կիրակի, յունիս 6
Եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր (Հռով. 13։4)։
Երեխաներու չարաշահութիւնը լուրջ մեղք է։ Չարաշահողը շատ քանդիչ կերպերով երեխային կը վնասէ։ Ան երեխային վստահութիւնը չարաչար գործածելով՝ անոր ապահովութեան զգացումը կը խլէ։ Պէտք է երեխաները պաշտպանել այսպիսի սարսափելի արարքէ, իսկ չարաշահութեան զոհ գացողները պէտք է մխիթարել եւ օգնել (Ա. Թես. 5։14)։ Երբ ժողովքէն անհատ մը երեխայ մը չարաշահէ, ժողովքին վրայ անարգանք կը բերէ (Մատ. 5։16. Ա. Պետ. 2։12)։ Մենք չենք հանդուրժեր մեր մէջ այնպիսի անհատներու, որոնք գարշելի արարքներ ընելով՝ ժողովքին լաւ համբաւը կ’աւրեն ու չեն զղջար։ Երբ ժողովքէն անհատ մը քրէական օրէնք մը բեկանէ, օրինակ՝ երեխայ մը չարաշահէ, աշխարհիկ իշխանութիւններու դէմ մեղք կը գործէ (համեմատէ՛ Գործք 25։8)։ Թէեւ երէցները երկրին օրէնքը գործադրելու իրաւասութիւնը չունին, բայց երեխայ չարաշահողը չեն պաշտպաներ կառավարութեան պատիժէն։ դ19.05 9 ¶4-7
Երկուշաբթի, յունիս 7
Այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է (Ա. Կոր. 3։19)։
Կրնանք որեւէ դժուարութիւն յաջողապէս դիմագրաւել, քանի որ Եհովան աննման Ուսուցիչ է (Յոբ 36։22)։ Իր Խօսքը մեզի պէտք եղածը կու տայ, որպէսզի «լիովին ատակ» ու «ամէն բարի գործերու ամբողջովին պատրաստուած» ըլլանք (Բ. Տիմ. 3։17, ՆԱ)։ Երբ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն համաձայն ապրինք, «աշխարհի իմաստութիւնը» յառաջ մղողներէն աւելի իմաստուն կը դառնանք (Սաղ. 119։97-100)։ Միւս կողմէ, աշխարհի իմաստութիւնը մեր մարմնաւոր ցանկութիւններուն հաշւոյն կու գայ։ Ուստի, թերեւս դժուարութիւն ունենանք աշխարհի մարդոց մտածելակերպն ու վարուելակերպը չորդեգրելու։ Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը որսայ ձեզ փիլիսոփայութեամբ եւ ունայն խաբէութեամբ, մարդոց աւանդութեան ու աշխարհի սկզբունքներուն համաձայն» (Կող. 2։8, ԱԾ)։ Աստուածաշունչը վերջին օրերուն նկատմամբ արդէն ըսած էր, որ մարդիկ «հեշտասէր» կամ հաճոյասէր պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։4)։ Սեռային յարաբերութեամբ փոխանցուող հիւանդութիւնները, ինչպէս՝ ԷՅՏՍ–ը, փաստ մըն են, թէ աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է (Բ. Պետ. 2։19)։ դ19.05 21 ¶1-2. 22 ¶4-5
Երեքշաբթի, յունիս 8
Սատանային հնարքներուն դէմ դրէք (Եփ. 6։11)։
Սատանան իսրայէլացիները խաբեց որ հաւատան, թէ առատ բերք ունենալու համար պէտք է իրենց շուրջը գտնուող հեթանոս մարդոց սովորութիւնները որդեգրեն։ Այդ հեթանոսները համոզուած էին, որ որոշ արարողութիւններ ընելով կրնային իրենց աստուածները մղել որ անձրեւ տեղացնեն։ Թերահաւատ իսրայէլացիները ասիկա նկատեցին երկար երաշտէ խուսափելու միակ կերպը, եւ Բահաղ աստուծոյ ի պատիւ հեթանոսական արարողութիւններ կատարեցին։ Սատանան նաեւ անբարոյ ցանկութիւնները օգտագործեց։ Հեթանոս ազգերը իրենց աստուածները կը պաշտէին գարշելի անբարոյ արարքներով։ Այսպիսի պաշտամունքի համար կային տղամարդիկ եւ կիներ, որոնք տրամադրուած էին տաճարին մէջ իրենց հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու։ Հեթանոսները ոչ միայն միասեռականութիւնը եւ սեռային անբարոյութեան ուրիշ կերպեր թոյլատրեցին, հապա նաեւ բնական նկատեցին (Բ. Օր. 23։17, 18. Գ. Թագ. 14։24)։ Անոնք կը հաւատային որ այս արարողութիւնները իրենց աստուածները կը մղէին արտը բարեբեր դարձնելու։ Շատ մը իսրայէլացիներ հրապուրուեցան հեթանոսներուն սեռային արարողութիւններով, եւ առ ի արդիւնք նախընտրեցին չաստուածներու ծառայել։ դ19.06 2 ¶3. 4 ¶7-8
Չորեքշաբթի, յունիս 9
Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք (Եբ. 6։10)։
Բազմաթիւ բեթէլականներ եւ ուրիշներ նոր նշանակումներ ստացած են։ Այս հաւատարիմ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար դիւրին չէ իրենց շա՜տ սիրած նշանակումը ձգել։ Եթէ անոնցմէ մէկն ես, ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ այս փոփոխութեան վարժուիս։ Եհովա Աստուծոյ մօտի՛կ մնացիր, Սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով։ Նաեւ, նոր ժողովքիդ մէջ, լիովին մասնակցէ բարի լուրի քարոզչութեան։ Եհովան կը յիշէ անոնք, որոնք կը շարունակեն հաւատարմօրէն իրեն ծառայել, նոյնիսկ եթէ առաջուան պէս չեն կրնար ծառայել։ Կեանքդ պարզ պահէ։ Թոյլ մի՛ տար որ Սատանայի աշխարհին մտահոգութիւնները հոգեւոր գործունէութիւնդ «խեղդեն» (Մատ. 13։22)։ Մտիկ մի՛ ըներ աշխարհասէր մարդոց, բարեկամներու կամ ազգականներու, որոնք կը քաջալերեն Սատանայի դրութեան մէջ նիւթական ապահովութիւն փնտռել (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Եհովային վստահէ, որ կը խոստանայ մեր հոգեւոր, զգացական եւ նիւթական բոլոր պէտքերը գոհացնել «պէտք եղած ատեն» (Եբ. 4։16. 13։5, 6)։ դ19.08 20 ¶4. 21 ¶7-8
Հինգշաբթի, յունիս 10
Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ (Սաղ. 55։22)։
Ճնշիչ պարագայէ մը կ’անցնի՞ս։ Որքա՜ն կը մխիթարուինք, գիտնալով որ Եհովան մեր ապրումները կը հասկնայ։ Ան գիտէ մեր սահմանափակումները, եւ նոյնիսկ՝ մեր մտածումներն ու զգացումները (Սաղ. 103։14. 139։3, 4)։ Երբ Եհովային ապաւինինք, ան մեզի պիտի օգնէ որ գլուխ ելլենք այն խնդիրներուն հետ, որոնք մեզի ճնշուածութիւն կը պատճառեն։ Ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ որ մտածես, թէ պարագադ բնա՛ւ պիտի չփոխուի, եւ վհատութեան մէջ ընկղմիս։ Եթէ այդպիսի ժխտական մտածումներ ունենաս, յիշէ որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլելու։ Ինչպէ՞ս։ Ան կ’ուզէ որ մտահոգութիւններդ իրեն պատմես, եւ աղաչանքներուդ պիտի պատասխանէ (Սաղ. 5։3. Ա. Պետ. 5։7)։ Ուստի, Եհովային յաճախ աղօթէ խնդիրներուդ մասին։ Ան Աստուածաշունչին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ քեզի պիտի խօսի։ Աստուածաշունչի պատմութիւնները կարդալով պիտի մխիթարուիս եւ յոյս ունենաս։ Իսկ եղբայրներդ ու քոյրերդ ալ կրնան քեզ քաջալերել (Հռով. 15։4. Եբ. 10։24, 25)։ դ19.06 16 ¶7-8
Ուրբաթ, յունիս 11
Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք (Մատ. 24։9)։
Հալածանքի ատեն, Եհովայի աղօթէ, «սիրտդ ջուրի պէս թափէ» եւ սիրալիր Հօրդ խօսէ բոլոր վախերուդ ու մտահոգութիւններուդ մասին (Ող. 2։19)։ Ո՛րքան աւելի այսպէս աղօթես, ա՛յնքան աւելի Եհովային մօտիկ պիտի զգաս (Հռով. 8։38, 39)։ Համոզուէ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները պիտի իրականանան (Թւ. 23։19)։ Եթէ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ հաւատքդ տկար է, Սատանային եւ անոր գործակալներուն համար դիւրին պիտի ըլլայ քեզ վախցնել (Առ. 24։10. Եբ. 2։15)։ Ծրագրէ սերտել Թագաւորութեան նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն մասին եւ քննել թէ ինչո՛ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ ատոնք պիտի կատարուին։ Այդպէս ընելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։ Նկատի առ Սթէնլի Ճոնզի օրինակը, որ իր հաւատքին համար եօթը տարի բանտարկուեցաւ։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ հաւատարմօրէն տոկայ։ Ան ըսաւ. «Հաւատքս զօրաւոր էր, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր ընելիք բաներուն մասին գիտէի, եւ անոր նկատմամբ վայրկեան մը իսկ կասկած չունէի։ Ատոր համար մէ՛կը չէր կրնար զիս մղել որ Եհովան լքեմ»։ Եթէ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենաս, վախին պատճառաւ տեղի պիտի չտաս (Առ. 3։25, 26)։ դ19.07 2 ¶1. 3 ¶6-7
Շաբաթ, յունիս 12
Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը ու անոր քով կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք (Մատ. 10։11)։
Աշակերտելու գործը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Քանի որ միայն Քրիստոսի աշակերտները կրնան Աստուծոյ բարեկամները դառնալ։ Ասկէ զատ, անոնք որոնք Քրիստոսի կը հետեւին, հի՛մա իրենց կեանքը կը բարելաւեն եւ յոյս կ’ունենան որ ապագային յաւիտեան ապրին (Յովհ. 14։6. 17։3)։ Անկասկած, Յիսուս մեզի կարեւոր պատասխանատուութիւն մը տուած է, բայց այս գործը առանձին չենք ըներ։ Պօղոս առաքեալ իր եւ որոշ ընկերակիցներու մասին գրեց. «Մենք Աստուծոյ գործակից ենք» (Ա. Կոր. 3։9)։ Եհովան եւ Քրիստոսը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում տուած են անկատար մարդոց։ Նաեւ, աշակերտելու գործը կրնայ մեզ շա՜տ ուրախացնել։ Աշակերտելու առաջին քայլը կ’առնենք, երբ կը փնտռենք անհատներ, որոնք յօժար են Աստուծոյ մասին սորվելու։ Երբ կը ջանանք թաղամասին մէջ բոլորին վկայել եւ քարոզելու պատուէրին հնազանդիլ, կը փաստենք որ իրապէս Եհովայի վկաներ եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք։ դ19.07 15 ¶3-5
Կիրակի, յունիս 13
Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ (Ժող. 7։12)։
Շատեր սկիզբը կը հրապուրուին Աստուածաշունչի բովանդակած գործնական իմաստութեամբ։ Նիւ Եորքի մէջ քոյր մը, որ չինարէն–մանտարին խօսող մարդոց կ’այցելէ, կ’ըսէ. «Կը ջանամ անհատներով հետաքրքրուիլ եւ իրենց մտիկ ընել։ Եթէ գիտնամ որ նոր փոխադրուած են, կը հարցնեմ. ‘Բաւական հաստատուեցա՞ր։ Գործ գտա՞ր։ Տեղացիները քեզի հետ լաւ կերպով կը վարուի՞ն’»։ Երբեմն այս խօսակցութիւնը քրոջ կ’օգնէ, որ Աստուածաշունչին մէկ ուսուցումին մասին խօսի։ Երբ յարմար է, ան կ’աւելցնէ. «Քու կարծիքովդ, մարդոց հետ լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալու գաղտնիքը ի՞նչ է։ Կրնա՞մ Սուրբ Գիրքէն առակ մը ցոյց տալ։ Կ’ըսէ. ‘Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ’։ Կը կարծե՞ս որ այս խրատը մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներուն հետ համերաշխ ըլլանք» (Առ. 17։14)։ Այս տեսակ խօսակցութիւններ կրնան օգնել որ գիտնանք, թէ որո՛նք կ’ուզեն յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ։ դ19.07 23 ¶13
Երկուշաբթի, յունիս 14
Վա՜յ ինկող մէկուն՝ որ զինք վերցնող մը չունի (Ժող. 4։10)։
Անոնք՝ որոնք նոր նշանակումի մը համար փոխադրուած են, պէտք կ’ունենան որ իրենց պարագաները հասկնանք։ Թերեւս անոնք կամ իրենց ընտանիքի մէկ անդամը առողջապահական խնդիրներ ունին։ Թերեւս սիրելիի մը մահուան համար կը սգան։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ եթէ չարտայայտուին, թերեւս տխուր են, քանի որ կորսնցուցին նախկին հոգեւոր ընտանիքին ընկերակցութիւնը։ Ժամանակ կ’առնէ որ այսպիսի խառնաշփոթ զգացումներու հետ գլուխ ելլեն։ Մինչ այդ, եթէ իրենց հետ քարոզես եւ օրինակովդ զիրենք քաջալերես, կրնաս օգնել որ նոր պայմաններուն վարժուին։ Քոյր մը, որ տարիներով օտար երկրի մէջ կը ծառայէր, կ’ըսէ. «Նախկին նշանակումիս մէջ, ամէն օր Աստուածաշունչի դասեր կը վարէի։ Իսկ նոր նշանակումիս մէջ, ծառայութեան ընթացքին դժուարաւ առիթ կը բացուէր Սուրբ Գիրքէն համար մը կարդալու կամ վիտէօ մը ցոյց տալու։ Բայց հրատարակիչները զիս տարին իրենց վերայցելութիւններուն եւ դասերուն։ Ասիկա մղեց զիս թաղամասին աւելի դրական աչքով նայելու։ Սորվեցայ ինչպէ՛ս նոր թաղամասին մէջ խօսակցութիւններ սկսիլ։ Այս բոլորը ինծի օգնեցին որ ուրախութիւնս վերագտնեմ»։ դ19.08 22 ¶10. 23-24 ¶13-14
Երեքշաբթի, յունիս 15
Եւոդիային կ’աղաչեմ ու Սիւնտիքին կ’աղաչեմ, որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով (Փլպ. 4։2)։
Եւոդիային եւ Սիւնտիքին պէս, երբեմն դժուար կ’ըլլայ եղբայրները սիրել, քանի որ կը կեդրոնանանք անկատարութիւններու վրայ։ Բոլորս ամէն օր սխալներ կ’ընենք։ Եթէ ուրիշներու սխալներուն վրայ կեդրոնանանք, իրենց հանդէպ մեր սէրը պիտի պաղի։ Օրինակ, եթէ եղբայր մը մոռնայ մեզի օգնելու, որ Թագաւորութեան սրահը մաքրենք, թերեւս ջղայնանանք։ Եթէ այն ատեն սկսինք մեր մտքին մէջ հաշուել անոր բոլոր միւս սխալները, ա՛լ աւելի պիտի ջղայնանանք եւ իրեն հանդէպ մեր սէրը պիտի նուազի։ Եթէ ժողովքիդ մէկ անդամին հետ այսպիսի խնդիր մը ունիս, այս իրողութեան մասին մտածէ. Եհովան կը տեսնէ թէ՛ սխալներդ եւ թէ եղբօրդ սխալները։ Ասով հանդերձ, ան կը շարունակէ քեզ եւ եղբայրդ սիրել։ Ատոր համար, պէտք է Եհովային սէրը ընդօրինակենք եւ մեր եղբայրներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք։ Երբ շատ ջանք կը թափենք մեր եղբայրները սիրելու, իրենց հետ մեր միութեան կապը կը զօրացնենք (Փլպ. 2։1, 2)։ դ19.08 9 ¶7-8
Չորեքշաբթի, յունիս 16
Տէրը. . . խոնարհը կը տեսնէ (Սաղ. 138։6)։
Եհովան խոնարհ անձերը կը սիրէ։ Միայն անոնք՝ որոնք իրապէս խոնարհ են, կրնան իրեն հետ ջերմ եւ մտերիմ փոխյարաբերութիւն վայելել։ Միւս կողմէ, ան «բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ»։ Բոլորս կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել եւ իր ջերմ սէրը զգալ, ուստի լաւ պատճառներ ունինք խոնարհութիւն մշակելու։ Խոնարհ անձը չի մտածեր, որ ուրիշներէն աւելի կարեւոր է, եւ չի գոռոզանար ու մեծութիւն չի ծախեր։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ խոնարհ անձը կ’ըմբռնէ որ Եհովան իրմէ շա՜տ աւելի վեհ է, ինչպէս նաեւ կը գիտակցի որ ամէն անձ կերպով մը իրմէ աւելի լաւ է (Փլպ. 2։3, 4)։ Ոմանք խոնարհ կ’երեւին, բայց իրենց խոնարհութիւնը կեղծ է։ Անոնք կրնան ամչկոտ անձնաւորութիւն ունենալ։ Կամ թերեւս իրենց մշակոյթին եւ կրթութեան շնորհիւ յարգալից կամ քաղաքավար են։ Բայց իրականութեան մէջ, ներսէն կրնան շա՜տ հպարտ ըլլալ։ Ուշ կամ կանուխ, իրենց իսկական ինքնութիւնը մէջտեղ կ’ելլէ (Ղուկ. 6։45)։ դ19.09 2 ¶1, 3-4
Հինգշաբթի, յունիս 17
Վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ. . . մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր (Բ. Թես. 1։8)։
«Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարան»ը կը պարփակէ Յիսուսի սորվեցուցած բոլոր ճշմարտութիւնները։ Աւետարանին կամ բարի լուրին կը հնազանդինք, երբ ատոր համաձայն ապրինք։ Այդ հնազանդութիւնը կը պարփակէ՝ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել, Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլ եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանել (Մատ. 6։33. 24։14)։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն թիկունք կանգնիլ, մինչ իրենց ծանր պատասխանատուութիւններուն հոգ կը տանին (Մատ. 25։31-40)։ Անոնք մօտ ատենէն «ուրիշ ոչխարներ»ը պիտի վարձատրեն՝ անոնց մատուցած ամբողջ օգնութեան համար (Յովհ. 10։16)։ Ինչպէ՞ս։ Նախքան Արմագեդոն պատերազմին սկսիլը, ամբողջ 144,000–ը երկինքը պիտի ըլլան որպէս անմահ հոգեղէն արարածներ։ Անոնք մաս պիտի կազմեն երկնային զօրքերուն, որոնք Գոգը պիտի ջախջախեն եւ ոչխարանման «մեծ բազմութիւն մը» պաշտպանեն (Յայտ. 2։26, 27. 7։9, 10)։ Իրապէս, մեծ բազմութիւնը շատ ուրախ պիտի ըլլայ, քանի որ Եհովայի օծեալ ծառաներուն թիկունք կանգնեցաւ, մինչ անոնք դեռ երկրի վրայ էին։ դ19.09 12-13 ¶16-18
Ուրբաթ, յունիս 18
Ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք (Մատ. 11։29)։
Ինչո՞ւ կը թարմանանք երբ Յիսուսի նշանակած գործը կատարենք։ Քանի որ լաւագոյն տեսուչները ունինք։ Եհովան՝ մեր Գերագոյն Տեսուչը, անգութ եւ անշնորհակալ տէր մը չէ։ Ան կ’արժեւորէ մեր ըրած գործը (Եբ. 6։10)։ Եւ մեզի պէտք եղած ուժը կու տայ, որ մեր պատասխանատուութեան «բեռը» կրենք (Բ. Կոր. 4։7. Գաղ. 6։5)։ Նաեւ Յիսուս՝ մեր Թագաւորը, իր հեղինակութիւնը օրինակելի կերպով ի գործ կը դնէ (Յովհ. 13։15)։ Եւ երէցները, որոնք մեզ կը հովուեն, կը ջանան ընդօրինակել Յիսուսը՝ «մեծ Հովիւ»ը (Եբ. 13։20. Ա. Պետ. 5։2)։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ ազնիւ, քաջալերող եւ քաջ ըլլան, մինչ մեզ հոգեւորապէս կը կերակրեն ու կը պաշտպանեն։ Ասկէ զատ, լաւագոյն ընկերակիցները ունինք։ Մեզի պէս մէկը չկայ որ սիրալիր բարեկամներ եւ իմաստալից գործ ունի։ Մենք առանձնաշնորհումը ունինք աշխատելու անհատներու հետ, որոնք բարոյական բարձրագոյն չափանիշները ունին, բայց միեւնոյն ատեն ինքնարդար չեն։ Անոնք ուրիշները իրենցմէ գերադաս կը նկատեն։ Անոնք մեզ ոչ միայն գործակիցներ կը սեպեն, այլեւ՝ բարեկամներ։ Եւ մեզի հանդէպ իրենց սէրը այնքա՛ն ամուր է, որ պատրաստ են նոյնիսկ մեզի համար իրենց կեանքը տալու։ դ19.09 20 ¶1. 23 ¶12-14
Շաբաթ, յունիս 19
Խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի (Ա. Թես. 5։4)։
Պօղոս իր յորդորին մէջ կը նշէ Եհովայի օրը (Ա. Թես. 5։1-6)։ Այս հատուածին մէջ, անիկա կ’ակնարկէ այն ժամանակամիջոցին, որ կը սկսի «Մեծ Բաբելոն»ի վրայ եղած յարձակումով եւ վերջ կը գտնէ Արմագեդոնով (Յայտ. 16։14, 16. 17։5)։ Պօղոս նաեւ մեզի կ’ըսէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովայի օրուան համար պատրաստ ենք։ Պէտք չէ ‘քնանանք ինչպէս ուրիշները’, հապա «արթուն» պէտք է մնանք եւ ուշադիր ըլլանք, որ չէզոք մնանք եւ բնա՛ւ քաղաքական հարցերու միջամուխ չըլլանք։ Եթէ միջամուխ ըլլանք, աշխարհի մէկ մասը կ’ըլլանք (Յովհ. 15։19)։ Մենք գիտենք որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ համաշխարհային խաղաղութիւն բերել։ Նաեւ կ’ուզենք ուրիշներուն օգնել որ արթննան, գիտնալով թէ ի՛նչ պիտի պատահի երկրի վրայ, ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութեան։ Մէյ մը որ մեծ նեղութիւնը սկսի, մարդոց համար շա՜տ ուշ պիտի ըլլայ սկսիլ Եհովան պաշտել։ Անոր համար է որ մեր քարոզչութիւնը շատ հրատապ է։ դ19.10 8 ¶3. 9 ¶5-6
Կիրակի, յունիս 20
Քեզի գրքի տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հետ խօսեցայ. . . Իսրայէլի վրայով ու Յուդայի վրայով (Եր. 36։2)։
Երբ ժամանակը եկաւ որ գալարին բովանդակութիւնը յայտարարուի, Երեմիան իր բարեկամին՝ Բարուքին ապաւինեցաւ, որ պատգամը ժողովուրդին հաղորդէ (Եր. 36։5, 6)։ Բարուք այս վտանգաւոր նշանակումը քաջաբար կատարեց։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ Երեմիան որքա՜ն գոհ ըլլալու էր, երբ Բարուք տաճարին գաւիթը գնաց եւ իրմէ խնդրուածը կատարեց (Եր. 36։8-10)։ Յուդայի իշխանները Բարուքին ըրածին մասին լսեցին, եւ զինք կանչեցին որպէսզի գալարը իրենց ալ կարդայ (Եր. 36։14, 15)։ Անոնք որոշեցին Երեմիայի խօսքերը Յովակիմ թագաւորին իմացնել։ Թագաւորը Երեմիայի գրած խօսքերը լսելով այնքա՛ն բարկացաւ, որ գալարը այրեց եւ հրամայեց, որ Երեմիան ու Բարուքը ձերբակալեն։ Սակայն Երեմիան Բարուքին ուրիշ գալար մը տուաւ ու դարձեալ իրեն ըսաւ Եհովայի պատգամը։ Այսպէս, Բարուք «Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց» (Եր. 36։26-28, 32)։ դ19.11 3-4 ¶4-6
Երկուշաբթի, յունիս 21
Աստուած է որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։
Եհովան կ’ըլլայ ամէն ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Օրինակ, ան եղած է՝ Ուսուցիչ, Մխիթարիչ եւ Աւետարանիչ (Եսա. 48։17. Բ. Կոր. 7։6. Գաղ. 3։8)։ Սակայն, ան յաճախ մարդիկը կը գործածէ իր նպատակները իրագործելու համար (Մատ. 24։14. 28։19, 20. Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Ան կրնայ նաեւ մեզմէ ոեւէ մէկուն տալ պէտք եղած իմաստութիւնն ու զօրութիւնը, որպէսզի անհատը ըլլայ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ Իր կամքը կատարելու համար։ Ասիկա Եհովայի անուան իմաստին մէկ մասն է, ինչպէս որ կարգ մը ուսումնականներ բացատրած են։ Բոլորս կ’ուզենք որ Եհովան մեզ գործածէ, որպէսզի իր կամքը կատարէ։ Բայց ոմանք կը կասկածին որ Եհովան զիրենք կը գործածէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կը զգան թէ շատ բան չեն կրնար ընել՝ իրենց տարիքին, պարագաներուն կամ կարողութիւններուն ի տես։ Միւս կողմէ, ուրիշներ կը բաւարարուին իրենց ըրածով եւ կարիքը չեն տեսներ աւելին ընելու։ դ19.10 20 ¶1-2
Երեքշաբթի, յունիս 22
Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է (Ա. Տիմ. 6։10)։
Նիւթապաշտութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ որ մեր հաւատքի վահանը անտեսենք եւ Եհովային համար քիչ բան ընենք։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ» (Բ. Տիմ. 2։4)։ Իրականութեան մէջ, հռոմայեցի զինուորներուն չէր արտօնուած ասպարէզի մը հետամուտ ըլլալ։ Լաւ զինուորներուն պէս, մենք չենք շեղիր մեր հիմնական նպատակակէտէն. մեր Հրամանատարներուն՝ Եհովայի ու Քրիստոսի, հաճութիւնը ունենալ։ Մեզի համար ատիկա շա՜տ աւելի արժէքաւոր է՝ քան Սատանայի աշխարհին մատուցած որեւէ բան։ Վստահ կ’ըլլանք, որ պէտք եղած ժամանակը եւ ուժը ունինք Եհովային ծառայելու եւ մեր հաւատքի վահանը ու հոգեւոր սպառազինութեան մնացեալ մասերը լաւ վիճակի մէջ պահելու։ Պէտք է միշտ արթուն ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Պօղոս առաքեալ զգուշացուց, թէ «անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն», ‘հաւատքէն պիտի մոլորին’ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ դ19.11 17 ¶12, 14-15
Չորեքշաբթի, յունիս 23
Այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի (Ա. Թես. 5։3)։
«Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարելը պիտի ըլլայ Եհովայի օրէն առաջ (Ա. Թես. 5։1-6)։ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2–ին մէջ (ՆԱ), «Եհովայի օրը» կ’ակնարկէ ‘մեծ նեղութեան’ (Յայտ. 7։14)։ Ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք թէ մեծ նեղութիւնը սկսելու վրայ է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ շատ անսովոր յայտարարութիւն մը պիտի ըլլայ, ինչ որ պիտի ծառայէ որպէս նշան, թէ մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի։ Ատիկա նախագուշակուած «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութիւնն է։ Կրօնական առաջնորդները այս յայտարարութեան պիտի մասնակցի՞ն։ Հաւանաբար։ Բայց եւ այնպէս, գիտենք թէ այս յայտարարութիւնը պարզապէս դիւային սուտ մը պիտի ըլլայ։ Եւ այս սուտը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ, քանի որ պատճառ պիտի դառնայ որ մարդիկ կարծեն թէ ապահով վիճակի մէջ են, մինչդեռ մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ նեղութիւնը սկսելու վրայ է։ Իրապէս, կործանումը «յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս»։ Իսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Անոնք թերեւս անակնկալի գան, երբ Եհովայի օրը յանկարծ սկսի, բայց անոր նախապատրաստուած պիտի ըլլան։ դ19.09 9 ¶7-8
Հինգշաբթի, յունիս 24
Ամէն բանի ատենը կայ. . . փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ (Ժող. 3։1, 6)։
Երբ որոշում մը պիտի առնես, մասնայատուկ նպատակակէտեր ունեցիր։ Եթէ նպատակակէտերդ մասնայատուկ են, աւելի հաւանական է որ սկսածդ ամբողջացնես։ Օրինակ, թերեւս որոշած ես Աստուածաշունչը աւելի յաճախ կարդալ։ Բայց եթէ մասնաւոր յայտագիր մը չդնես, պիտի չկարենաս որոշումդ գործադրել։ Ուրիշ օրինակ մը. ժողովքի մը երէցները կ’որոշեն աւելի յաճախ հովուական այցելութիւններ ընել, բայց ժամանակը կ’անցնի եւ անոնց որոշումը թուղթի վրայ մելան կը մնայ։ Յաջողելու համար, այսպիսի հարցումներ կրնային հարցնել. «Ցանկ մը պատրաստա՞ծ ենք թէ ո՛ր եղբայրներն ու քոյրերը աւելի պէտք ունին մեր այցելութեան։ Որոշա՞ծ ենք իւրաքանչիւրին ե՛րբ պիտի այցելենք»։ Նաեւ, իրապաշտ եղիր։ Մեզմէ ոեւէ մէկը իր ուզած բոլոր բաները ընելու ժամանակը, միջոցները կամ ուժը չունի։ Անոր համար իրապաշտ եւ տրամաբանական եղիր։ Առած որոշումդ փոփոխութեան ենթարկէ, երբ կ’անդրադառնաս որ չես կրնար զայն իրագործել։ դ19.11 29 ¶11-12
Ուրբաթ, յունիս 25
Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին (Յայտ. 7։14)։
Եսայի 65։21-23–ի մէջ մարգարէացուած է, թէ երկրի վրայ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Այն ատեն ծոյլ–ծոյլ պիտի չնստինք, հապա օգտակար ու գոհացուցիչ գործ պիտի ունենանք։ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, կրնանք վստահ ըլլալ, որ «ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։21)։ Ինչպէս որ Եհովան վստահ եղաւ որ իսրայէլացիները ժամանակ ունենային թէ՛ աշխատելու եւ թէ հանգիստ ընելու, ան նոյնը պիտի ընէ իր ծառաներուն, Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Վստահաբար ժամանակ պիտի ըլլայ հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ Նոյնիսկ նոր աշխարհին մէջ, Աստուած պաշտելը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ երջանիկ ըլլալու համար։ Այո, բոլոր հաւատարիմ մարդիկը ուրախ պիտի ըլլան Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, քանի որ բոլորս գոհացուցիչ գործ պիտի ունենանք եւ Աստուծոյ պիտի ծառայենք։ դ19.12 12 ¶15. 13 ¶17-18
Շաբաթ, յունիս 26
Այս խօսքերը. . . քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր (Բ. Օր. 6։6, 7)։
Զաւակներուն կրկին անգամ սորվեցնելու համար, ծնողները պէտք է կանոնաւորաբար ժամանակ անցընեն անոնց հետ։ Թերեւս երբեմն վհատեցուցիչ թուի խրատները կրկնելը։ Բայց ծնողները կրնան ջանալ զայն առիթ նկատել զաւակներուն օգնելու, որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնան եւ գործադրեն։ Ուստի խորատես եղէք։ Սաղմոս 127–ն զաւակները կը համեմատէ նետերու հետ (Սաղ. 127։4)։ Ինչպէս որ նետերը կրնան տարբեր նիւթերով շինուիլ եւ տարբեր չափեր ունենալ, նոյնպէս զաւակները իրարմէ կը տարբերին։ Ուստի ծնողները պէտք է որոշեն իւրաքանչիւր զաւակ ինչպէ՛ս կրթել։ Արդի Իսրայէլի մէջ զոյգ մը, որոնք կրցան իրենց երկու զաւակներուն օգնել որ Եհովային ծառայեն, կ’ըսեն թէ ի՛նչը իրենց օգնեց. «Իւրաքանչիւր պզտիկի հետ Աստուածաշունչը առանձին սերտեցինք»։ Անշուշտ, ամէն ընտանիքի գլուխ ի՛նք պիտի որոշէ թէ զաւակներուն հետ այդ կերպով սերտելը անհրաժեշտ եւ կարելի՛ է կամ ոչ։ դ19.12 26 ¶18-20
Կիրակի, յունիս 27
Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք (Մատ. 7։12)։
Երբ դժուար պահերէ կ’անցնինք, որքա՜ն կ’արժեւորենք անոնք՝ որոնք գործնական կերպերով կ’օգնեն։ Ռայըն, որուն հայրը արկածի մը պատճառաւ մահացաւ, կ’ըսէ. «Երբ կը տառապիս, շատ մը առօրեայ բաներ ընելը անկարելի կը թուի։ Գործնական օգնութիւնը,– նոյնիսկ եթէ չնչին ըլլայ,– մեծապէս կը մխիթարէ»։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ այն մխիթարութիւնը, որ կրնաս ուրիշներուն տալ նոյնիսկ պարզ բայց գործնական բաներ ընելով։ Առաջին դարուն, Մարկոս զբաղած քրիստոնեայ մըն էր։ Բայց եւ այնպէս, ան ժամանակ տրամադրեց Պօղոս առաքեալը մխիթարելու, եւ Պօղոս ազատ զգաց Մարկոսէն խնդրելու որ իրեն օգնէ։ Էնճըլան, որ վայրագ ոճիրի մը պատճառով իր ընտանիքին մէկ անդամը կորսնցուց, գնահատեց զինք մխիթարողներուն ցուցաբերած յօժարակամութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Երբ հաւատակիցները անկեղծօրէն կ’ուզեն օգնել, իրենք զիրենք մատչելի կը դարձնեն։ Անոնք չեն տնտնար ու չեն տատամսիր»։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս մէկը, որ պատրաստ է իր հաւատակիցները գործնական կերպով մխիթարելու’։ դ20.01 11-12 ¶14-16
Երկուշաբթի, յունիս 28
Ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ (Ա. Կոր. 11։27)։
Օծեալ մը ինչպէ՞ս «անարժանաբար» Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցի։ Եթէ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն չապրելով հանդերձ, հացէն ուտէ ու գինիէն խմէ (Եբ. 6։4-6. 10։26-29)։ Օծեալները կը գիտակցին, որ պէտք է հաւատարիմ մնան, եթէ կ’ուզեն «Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակ»ը ստանալ (Փլպ. 3։13-16)։ Եհովայի սուրբ հոգին իր ծառաներուն կ’օգնէ, որ խոնարհ ըլլան եւ ոչ թէ հպարտ (Եփ. 4։1-3. Կող. 3։10, 12)։ Ուստի օծեալները չեն խորհիր, որ ուրիշներէն աւելի լաւ են։ Գիտեն որ պայման չէ որ Եհովան իրենց աւելի սուրբ հոգի տայ, քան՝ իր միւս ծառաներուն։ Եւ չեն խորհիր, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները աւելի լաւ կը հասկնան, քան՝ ուրիշ ոեւէ մէկը։ Եւ բնա՛ւ մէկու մը չեն ըսեր, որ ան ալ օծուած է եւ պէտք է սկսի Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցիլ։ Փոխարէնը, անոնք խոնարհաբար կը գիտակցին, որ միայն Եհովան մարդիկը կը հրաւիրէ որ երկինք երթան։ դ20.01 27-28 ¶4-5
Երեքշաբթի, յունիս 29
Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ (Յակ. 4։8)։
Եհովան կ’ուզէ որ իրեն մօտենանք եւ իրեն հետ հաղորդակցինք։ Ան մեզ կը յորդորէ որ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’, եւ միշտ պատրաստ է մեզի մտիկ ընելու (Հռով. 12։12)։ Ան բնա՛ւ այնքան զբաղած չէ որ մեզի մտիկ չընէ, ոչ ալ կը յոգնի։ Իսկ մենք իրեն մտիկ կ’ընենք կարդալով իր Խօսքը եւ այն հրատարակութիւնները, որոնք մեզի կ’օգնեն զայն հասկնալու։ Նաեւ իրեն մտիկ կ’ընենք՝ քրիստոնէական ժողովներուն ատեն ուշադիր ըլլալով։ Եհովայի հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցիլը մեզի կ’օգնէ որ իրեն մօտիկ մնանք։ Եհովան կ’ուզէ որ աղօթքով իրեն արտայայտենք մեր մտածումներն ու զգացումները (Սաղ. 62։8)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումը հարցնենք. ‘Աղօթքներս մակերեսային եւ նոյնանման մէսըճներու պէ՞ս են, թէ՞ սրտաբուխ ձեռագիր նամակներու պէս’։ Անկասկած Եհովան խորապէս կը սիրես, եւ կ’ուզես իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրաւոր պահել։ Ուստի, պէտք է իրեն հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցիս։ Իրեն յայտնէ ծածուկ զգացումներդ։ Իրեն հետ բաժնէ ուրախութիւններդ ու մտահոգութիւններդ։ Եւ վստահ եղիր, որ օգնութեան համար կրնա՛ս իրեն դիմել։ դ20.02 9 ¶4-5
Չորեքշաբթի, յունիս 30
Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով (Ա. Պետ. 5։2)։
Եհովան երէցներուն վստահած է իր ժողովուրդը հովուելու կարեւոր պատասխանատուութիւնը։ Անոնք շատ բան կրնան սորվիլ, քննելով թէ Նէեմիան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Եհովայի ժողովուրդին հետ։ Յուդայի կառավարիչը ըլլալով, Նէեմիան մեծ հեղինակութիւն ունէր (Նէ. 1։11. 2։7, 8. 5։14)։ Երեւակայէ անոր դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները։ Ան տեղեկացաւ որ ժողովուրդը տաճարը պղծած էր եւ ղեւտացիներուն նիւթապէս թիկունք չէր կանգներ, ինչպէս որ Օրէնքը կը պահանջէր։ Անոնք Շաբաթի օրէնքը կը բեկանէին եւ կարգ մը տղամարդիկ ամուսնացած էին օտարազգի կիներու հետ։ Նէեմիան այս դժուար կացութեան հետ գլուխ պէտք էր ելլէր (Նէ. 13։4-30)։ Ան իր հեղինակութիւնը չարաչար չգործածեց ժողովուրդը ստիպելով, որ իր գաղափարներուն հետեւի, հապա սրտագին աղօթքով Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրեց եւ Օրէնքը ժողովուրդին սորվեցուց (Նէ. 1։4-10. 13։1-3)։ Ան նաեւ խոնարհաբար ժողովուրդին հետ աշխատեցաւ, նոյնիսկ իրենց օգնելով որ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինեն (Նէ. 4։15)։ դ19.09 15-16 ¶9-10