Յուլիս
Հինգշաբթի, յուլիս 1
Գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ (Փլպ. 4։6, ԱԾ)։
Երբ ուրիշներ մեզի հետ կոշտօրէն խօսին կամ անազնուաբար վարուին, կը խռովինք, մանաւանդ եթէ վիրաւորողը մտերիմ բարեկամ կամ ազգական է։ Շատ բան կրնանք սորվիլ Աննայէն, որ իր ամուսինին երկրորդ կնոջ կողմէ կը նախատուէր (Ա. Թագ. 1։12)։ Աննայի նման, կրնանք երկար աղօթել, խօսելով մեր մտահոգութիւններուն եւ վախերուն մասին։ Պայման չէ որ շքեղ լեզուով արտայայտուինք։ Երբեմն թերեւս արցունք թափենք, մինչ Եհովային կը նկարագրենք մեր նեղութիւնը։ Բայց ան մեզի մտիկ ընելէ բնաւ պիտի չձանձրանայ։ Նաեւ, պէտք է յիշենք Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի խրատը։ Պօղոս առաքեալ յատկապէս նշեց, որ աղօթքով պէտք է յայտնենք «գոհութիւն», կամ շնորհակալութիւն։ Մենք Եհովայէն շնորհակալ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք, ինչպէս՝ կեանքի պարգեւը, իր գեղեցիկ ստեղծագործութիւնները, իր հաւատարիմ սէրը եւ մեզի տուած հոյակապ յոյսը։ դ20.02 21 ¶3, 6
Ուրբաթ, յուլիս 2
Խօսելու ժամանակ կայ (Ժող. 3։1, 7)։
Խօսելու կարողութիւնը Եհովայի կողմէ պարգեւ է (Ել. 4։10, 11. Յայտ. 4։10բ)։ Ան իր Խօսքով մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ այս պարգեւը ինչպէ՛ս կրնանք տեղին գործածել։ Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք Եհովայի ու Թագաւորութեան մասին խօսելու (Մատ. 24։14. Հռով. 10։14)։ Այդպէս ընելով՝ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք։ Անոր երկիր գալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր՝ իր Հօր մասին ճշմարտութիւնը գիտցնել ուրիշներուն (Յովհ. 18։37)։ Բայց խօսելու կերպն ալ կարեւոր է։ Ուստի Եհովայի մասին պէտք է «մեղմութեամբ ու խոր յարգանքով» խօսինք ուրիշներուն, եւ պէտք է անոնց զգացումներն ու հաւատալիքները յարգենք (Ա. Պետ. 3։15)։ Երբ այդպէս ընենք, ոչ միայն պիտի խօսինք, հապա պիտի սորվեցնենք եւ թերեւս անհատին սրտին հասնինք։ Երբ երէցները նկատեն թէ եղբայր մը կամ քոյր մը խրատի պէտք ունի, պէտք չէ քաշուին խօսելու։ Անշուշտ, անոնք խօսելու յարմար ժամանակը պիտի ընտրեն, որպէսզի անհատը նեղ կացութեան չմատնեն։ դ20.03 18-19 ¶2-4
Շաբաթ, յուլիս 3
Աղօթք ըրէք (Մատ. 26։41)։
Ինչի՞ մասին կրնանք աղօթել։ Կրնանք Եհովային աղօթել, որ ‘մեր հաւատքը աւելցնէ’ (Ղուկ. 17։5. Յովհ. 14։1)։ Զօրաւոր հաւատքի պէտք ունինք, քանի որ Սատանան բոլորս պիտի փորձէ (Ղուկ. 22։31)։ Փորձութեան հետ գլուխ ելլելու համար մեր ձեռքէն եկածը ընելէ ետք, հաւատքը մեզ պիտի մղէ հարցը Եհովային յանձնելու։ Որովհետեւ վստահ ենք, թէ ան մեզմէ շատ աւելի լաւ կերպով կրնայ հարցը լուծել, մտքի ու սրտի խաղաղութիւն կը վայելենք (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Աղօթքը կ’օգնէ որ ներքին խաղաղութիւնը պահպանենք ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենանք։ 80–ական տարիքի մէջ եղող հաւատարիմ երէց մը կ’ըսէ. «Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի խրատը ինծի օգնած է, որ շատ մը դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլեմ։ Ունեցած եմ դրամական խնդիրներ։ Եւ ժամանակ մը, երէց ըլլալու առանձնաշնորհումս կորսնցուցի»։ Ի՞նչը անոր օգնած է, որ իր ներքին խաղաղութիւնը չկորսնցնէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբոր սկսիմ մտահոգուիլ, անմիջապէս կ’աղօթեմ։ Որքա՛ն աւելի յաճախ եւ ջերմեռանդօրէն աղօթեմ, այնքա՛ն աւելի խաղաղ կը զգամ»։ դ19.04 9-10 ¶5-7
Կիրակի, յուլիս 4
Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի (Սաղ. 51։4)։
Երեխաներու չարաշահութիւնը Աստուծոյ դէմ մեղք է։ Երբ անձ մը ուրիշ անձի մը դէմ մեղք գործէ, նաեւ Եհովային դէմ մեղք գործած կ’ըլլայ։ Օրինակ, Մովսիսական օրէնքը կ’ըսէր թէ տղամարդ մը, որ իր դրացին կը կողոպտէր կամ կը խաբէր, ‘Տէրոջը դէմ յանցանք կը գործէր’ (Ղեւ. 6։2-4)։ Ուրեմն, վստահաբար երբ ժողովքէն անհատ մը երեխայ մը չարաշահէ, Աստուծոյ դէմ կը մեղանչէ։ Երեխան իրեն վստահեցաւ, բայց ինք ասիկա օգտագործելով զինք խաբեց, եւ հիմա երեխան այլեւս ապահով չի զգար։ Չարաշահողը մեծ անարգանք կը բերէ Եհովայի անուան վրայ։ Այդ պատճառով, չարաշահութիւնը պէտք է դատապարտել որպէս Աստուծոյ դէմ գործուած ծանր մեղք։ Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի մէջ յօդուածներ քննարկած են, թէ չարաշահուողները զգացական սպիներուն նկատմամբ ի՛նչ կրնան ընել, ուրիշներ ինչպէ՛ս կրնան անոնց օգնել, եւ ծնողները ինչպէ՛ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել։ Ասկէ զատ, երէցները սուրբգրային մանրամասն մարզում ստացած են, որ գիտնան ի՛նչ ընել երբ երեխաներու չարաշահութեան մեղքը գործուի։ Եւ կազմակերպութիւնը իր տուած ուղղութիւնները այժմէական կը պահէ։ դ19.05 9-10 ¶8-9
Երկուշաբթի, յուլիս 5
Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ (Եսա. 8։19)։
Աստուծոյ Խօսքը շատ սրած թուրի պէս է, որ կրնայ Սատանային յառաջ մղած սուտերը քանդել (Եփ. 6։17)։ Օրինակ, կը հերքէ այն գաղափարը, թէ մեռելները կրնան ապրողներուն հետ կապի մէջ մտնել (Սաղ. 146։4)։ Նաեւ կը նշէ, որ միայն Եհովան կրնայ ճշգրտօրէն ապագան գիտնալ (Եսա. 45։21. 46։10)։ Եթէ կանոնաւորաբար զայն կարդանք եւ անոր վրայ խոկանք, պատրաստ պիտի ըլլանք մերժելու եւ ատելու այն սուտերը, որոնց չար ոգիները կ’ուզեն որ հաւատանք։ Մենք բնա՛ւ որեւէ տեսակի ոգեհարցութեան չենք մասնակցիր։ Օրինակ, ոգեմիջնորդներու չենք դիմեր կամ ուրիշ կերպով չենք փորձեր մեռելներուն հետ հաղորդակցիլ։ Չենք մասնակցիր թաղման սովորութիւններու, որոնք հիմնուած են այն հաւատալիքին վրայ, որ մեռելները տակաւին տեղ մը կ’ապրին։ Եւ աստղաբաշխութեան կամ բախտագուշակութեան չենք դիմեր ապագան գիտնալու համար։ Գիտենք որ այսպիսի սովորութիւններ շա՛տ վտանգաւոր են եւ կրնան մեզ ուղղակի կապի մէջ մտցնել Սատանային եւ դեւերուն հետ։ դ19.04 21-22 ¶8-9
Երեքշաբթի, յուլիս 6
Աստուած պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը (Հռով. 1։24)։
Այս աշխարհի իմաստութիւնը որդեգրողները Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն վրայ կը ծիծաղին, ըսելով որ ատոնք տրամաբանական չեն։ Անոնք թերեւս հարցնեն. ‘Աստուած ինչո՞ւ մեզ պիտի ստեղծէր սեռային ցանկութիւններով, եթէ կ’ուզէր որ անոնց գոհացում չտանք’։ Այս հարցումը կը հարցնեն, քանի որ համոզուած են, թէ մարդ արարածը եթէ ցանկայ բան մը ընել, պէ՛տք է ընէ։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ստիպուած չենք ամէն փափաք գոհացնել, հապա կարողութիւնը ունինք սխալ ցանկութիւններու դէմ պայքարելու (Կող. 3։5)։ Ասկէ զատ, Եհովան ամուսնութեան պարգեւը տուած է, կարգադրութիւն մը՝ որուն մէջ պատշաճ սեռային ցանկութիւնները կը գոհացուին (Ա. Կոր. 7։8, 9)։ Այս աշխարհի իմաստութեան հակառակը, Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ սեռի նկատմամբ ճիշդ տեսակէտը։ Ան կ’ընդունի որ սեռը հաճոյքի աղբիւր է (Առ. 5։18, 19)։ Սակայն կ’ըսէ. «Ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով» (Ա. Թես. 4։4, 5)։ դ19.05 22-23 ¶7-9
Չորեքշաբթի, յուլիս 7
Մրրիկի պէս. . . պիտի ըլլաք, դուն եւ քու բոլոր գունդերդ ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ (Եզեկ. 38։9)։
Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ ազգերը իր ժողովուրդը բնաջնջեն։ Իր ծառաները պարծանքով իր անունը կը կրեն եւ Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլելու իր պատուէրին հնազանդած են (Գործք 15։16, 17. Յայտ. 18։4)։ Անոնք նաեւ շատ ջանք թափած են ուրիշներուն օգնելու, որ անկէ դուրս ելլեն։ Ուստի, Եհովայի ծառաները ‘ատոր հարուածներէն բաժին պիտի չառնեն’։ Բայց անոնց հաւատքը պիտի փորձուի (Եզեկ. 38։2, 8)։ Երբ Եհովան բոլոր սուտ կրօնքները կործանէ, աշխարհի մէջ միայն մէկ կրօնք պիտի մնայ՝ իր ծառաները։ Անշուշտ Սատանան պիտի զայրանայ։ Ան իր զայրոյթը ցոյց պիտի տայ, գործածելով դիւային փրոփականտ՝ «պիղծ ներշնչեալ խօսքեր», որպէսզի մղէ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը Եհովայի ծառաներուն վրայ յարձակելու (Յայտ. 16։13, 14, ՆԱ)։ Այդ միութիւնը կը կոչուի՝ ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’։ Երբ կառավարութիւնները իրենց յարձակումը սկսին, Արմագեդոն կոչուած այլաբանական վայրը հասած պիտի ըլլան (Յայտ. 16։16)։ դ19.09 11 ¶12-13
Հինգշաբթի, յուլիս 8
Իմաստուններուն խորհուրդները. . . ունայն են (Ա. Կոր. 3։20)։
Անցեալին, Սատանան սուտ կրօնքը գործածեց իսրայէլ ազգին մէջ անբարոյութիւնը յառաջ մղելու։ Ներկայիս ան նոյնը կ’ընէ։ Սուտ կրօնքը անբարոյ վարքը կը հանդուրժէ եւ նոյնիսկ կը քաջալերէ։ Հետեւաբար շատեր, որոնք կ’ըսեն թէ Աստուծոյ կը ծառայեն, իր բարոյական յստակ չափանիշները լքած են։ Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիս նամակին մէջ կը նկարագրէ, թէ արդիւնքը ի՛նչ եղած է (Հռով. 1։28-31)։ «Անվայել բաներ»ուն մէջ կան սեռային անբարոյութեան բոլոր տեսակները, մէջը ըլլալով միասեռականութիւնը (Հռով. 1։24-27, 32. Յայտ. 2։20)։ Որքա՜ն կարեւոր է որ Աստուածաշունչի յստակ ուսուցումներուն հնազանդինք։ Մարդկային փիլիսոփայութիւնը կամ իմաստութիւնը Եհովայի չափանիշները կ’անտեսէ եւ նոյնիսկ անոնց կը հակասէ։ Անիկա սուրբ հոգիին պտուղին արգելք կ’ըլլայ, իսկ «մարմնին գործերը» կը հրահրէ (Գաղ. 5։19-23)։ Մարդոց մէջ հպարտութիւն եւ մեծամտութիւն կը զարգացնէ, ձգելով որ մարդիկ «անձնասէր» դառնան (Բ. Տիմ. 3։2-4)։ Այս կեցուածքը հակառակն է այն խոնարհ կեցուածքին, որ Աստուած կ’ուզէ որ իր ծառաները ունենան (Բ. Թագ. 22։28)։ դ19.06 5-6 ¶12-14
Ուրբաթ, յուլիս 9
Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։
Եղիան Եհովային ծառայեց դժուար ժամանակի մը մէջ եւ լուրջ խնդիրներ ունեցաւ։ Եհովան անոր ըսաւ, որ իր պատասխանատուութիւններէն մաս մը Եղիսէին տայ։ Այսպիսով Եղիան ունեցաւ լաւ ընկեր մը, որ կրնար իրեն օգնել, երբ վհատած զգար։ Նոյնպէս, երբ վստահելի ընկերոջ մը պատմենք մեր զգացումները, ան կրնայ մեզի օգնել անոնց հետ գլուխ ելլելու (Դ. Թագ. 2։2)։ Եթէ կը զգաս որ չունիս մէկը, որուն հետ կրնաս խօսիլ խնդիրներուդ ու զգացումներուդ մասին, աղօթքով Եհովայէն խնդրէ, որ քեզի օգնէ հասուն քրիստոնեայ մը գտնելու, որ կրնայ զգացական գետնի վրայ քեզ քաջալերել։ Եհովան Եղիային օգնեց, որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլէ եւ տարիներով հաւատարմօրէն իրեն ծառայէ։ Եղիային փորձառութիւնը մեզի յոյս կու տայ։ Ատեններ ա՛յնքան շատ ճնշումներ կ’ունենանք, որ ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն կը սպառինք։ Բայց եւ այնպէս, եթէ Եհովային ապաւինինք, ան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի շարունակենք իրեն ծառայել (Եսա. 40։28, 29)։ դ19.06 15 ¶4. 16 ¶9-10
Շաբաթ, յուլիս 10
Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ (Առ. 29։25)։
Կրնանք հիմակուընէ մեր քաջութիւնը աւելցնել՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քարոզելով կը սորվինք Եհովային վստահիլ եւ յաղթահարել մարդոց հանդէպ վախը։ Ինչպէս որ մարզանք ընելով մեր մկանները կը զօրանան, նոյնպէս աւելի քաջ կը դառնանք, երբ կը քարոզենք տունէ տուն, անպաշտօն կերպով, հանրային վայրերու մէջ եւ առեւտրական թաղամասերու մէջ։ Եթէ հի՛մա քաջութիւն հաւաքենք քարոզելու, պիտի կարենանք շարունակել քարոզել, նոյնիսկ եթէ մեր գործունէութիւնը արգիլուի (Ա. Թես. 2։1, 2)։ Շատ բան կը սորվինք հաւատարիմ քրոջմէ մը, որ շա՜տ քաջ էր։ Նենսի Եուընի հասակը միայն 1,5 մեթր էր, բայց բա՛ն մը զինք չէր կրնար վախցնել։ Ան մերժեց Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելէ դադրիլ։ Առ ի արդիւնք, աւելի քան 20 տարի բանտարկուեցաւ Չինաստանի մէջ։ Զինք հարցաքննողները ըսին, թէ ան «ամէնէն յամառ անձն» էր իրենց երկրին մէջ։ դ19.07 5 ¶13-14
Կիրակի, յուլիս 11
Գացէ՛ք եւ բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեցէք (Մատ. 28։19, ՆԱ)։
Ոմանք կը տենչան սուրբգրային ճշմարտութիւնները սորվիլ, բայց շատեր սկիզբը անտարբեր կը թուին։ Հարկ կ’ըլլայ որ իրենց հետաքրքրութիւնը արթնցնենք։ Ծառայութեան մէջ յաջողելու համար, պէտք է լաւ նախապատրաստուինք։ Ընտրէ մասնայատուկ նիւթեր, որոնցմով հաւանաբար մարդիկ պիտի հետաքրքրուին։ Ետքը, ծրագրէ թէ իւրաքանչիւր նիւթ ինչպէ՛ս պիտի ներկայացնես։ Օրինակ, կրնաս տանտիրոջ հարցնել. «Կրնա՞մ բանի մը շուրջ ձեր կարծիքը առնել։ Շատեր կը վհատին, քանի որ կը ստիպուին օրական երկար ժամեր աշխատիլ, որպէսզի դրամ շահին իրենց ընտանիքին հոգ տանելու համար։ Կը կարծէ՞ք որ պիտի գայ ժամանակ մը, երբ բոլոր մարդիկ երջանիկ կեանք պիտի ունենան»։ Ետքը կրնաս քննարկել Եսայի 65։21, 22։ Կամ, կրնաս մէկու մը հարցնել. «Ձեր կարծիքով ի՞նչն է լաւագոյն կերպը լաւ վարք ունեցող պզտիկներ մեծցնելու»։ Ետքը, քննարկէ Բ. Օրինաց 6։6, 7։ Վստահաբար, մեծապէս կ’ուրախանանք, երբ մարդոց կ’օգնենք որ Քրիստոսի աշակերտները դառնան։ դ19.07 15 ¶4, 6-7
Երկուշաբթի, յուլիս 12
Միթէ մարդ իրեն աստուածներ կրնա՞յ շինել, ու անոնք աստուածներ չեն (Եր. 16։20)։
Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, անկրօն մարդոց քարոզելու շատ փորձառութիւն ունեցող եղբայր մը կը բացատրէ. «Հոս երբ մէկը ըսէ. ‘Աստուծոյ չեմ հաւատար’, ըսել կ’ուզէ որ չի հաւատար շրջանի մարդոց աւանդական աստուածներուն։ Անոր համար սովորաբար կը համաձայնիմ, որ աստուածներուն մեծ մասը մարդոց կողմէ շինուած է։ Յաճախ կը կարդամ Երեմիա 16։20–ը։ Ետքը, կը հարցնեմ. ‘Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր աստուածը իրական է եւ ո՛ր աստուածը մարդու կողմէ հնարուած է’։ Ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեմ, եւ յետոյ կը կարդամ Եսայի 41։23–ը. ‘Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք, որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք’։ Ապա օրինակ մը կու տամ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ապագային մասին մարգարէացած է»։ Ուրիշ եղբայր մը կ’ըսէ. «Անոնց ցոյց կու տամ Աստուածաշունչի իմաստութեան ու կատարուած մարգարէութիւններու օրինակներ եւ կ’ակնարկեմ բնութեան օրէնքներու։ Ետքը ցոյց կու տամ թէ ինչպէ՛ս այս ամէնը կը նշանակէ, որ ապրող եւ իմաստուն Ստեղծիչ մը կայ։ Երբ անհատը սկսի մտածել, թէ կրնայ ըլլալ որ Աստուած գոյութիւն ունի, կը սկսիմ բացատրել, որ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Եհովային մասին»։ դ19.07 23-24 ¶14-15
Երեքշաբթի, յուլիս 13
Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։
Այս կարեւոր բաներուն մէջ կան՝ Եհովայի անուան սրբացումը, իր նպատակներուն իրագործումը եւ ժողովքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը (Մատ. 6։9, 10. Յովհ. 13։35)։ Երբ մեր կեանքը այս կարեւոր բաներուն շուրջ կը դառնայ, ցոյց կու տանք թէ Եհովան կը սիրենք։ Պօղոս առաքեալ նաեւ ըսաւ որ պէտք է «անթերի» (ՆԱ) ըլլանք։ Ասիկա չի նշանակեր որ պէտք է կատարեալ ըլլանք։ Եհովան մեզ անթերի պիտի նկատէ, եթէ մեր լաւագոյնը ընենք մեր սէրը խորացնելու եւ աւելի կարեւոր բաները ընտրելու։ Իսկ մեր սէրը ցոյց տալու կերպ մըն է՝ մեր ամէն կարելին ընել, որ ուրիշները չգայթակղեցնենք։ Ուրիշները չգայթակղեցնելու խրատը լուրջ զգուշացում մըն է։ Կրնանք գայթակղութիւն պատճառել՝ թերեւս ժամանցի ընտրութեամբ, մեր հագուելակերպով կամ նոյնիսկ գործի ընտրութեամբ։ Մեր ըրածը թերեւս ինքնին սխալ չըլլայ։ Բայց լուրջ հարց է, եթէ մեր ընտրութիւնները ուրիշի մը խիղճին վնասեն եւ ան գայթակղի (Մատ. 18։6)։ դ19.08 10 ¶9-11
Չորեքշաբթի, յուլիս 14
Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին (Յայտ. 7։14)։
1935–էն ի վեր, Եհովայի վկաները հասկցած են, որ Յովհաննէսի տեսիլքին մէջի մեծ բազմութիւնը կը բաղկանայ խումբ մը հաւատարիմ քրիստոնեաներէ, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին (Յայտ. 7։9, 10)։ Մեծ նեղութենէն վերապրելու համար, մեծ բազմութիւնը պէտք է Եհովայի ճամբաները սորվի Հազարամեայ իշխանութիւնը սկսելէն առաջ։ Անոնք պէտք է զօրաւոր հաւատք ցուցաբերեն, որպէսզի ‘այս բոլոր նեղութիւններէն ազատին’, Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը սկսելէն առաջ (Ղուկ. 21։34-36)։ Մեծ բազմութենէն եղողները իրենց յոյսով կ’ուրախանան։ Անոնք կ’ըմբռնեն որ Եհովա՛ն կ’որոշէ, թէ իր ծառաները ո՛ւր իրեն պիտի ծառայեն,– երկինքին մէջ թէ երկրի վրայ։ Թէ՛ օծեալները եւ թէ մեծ բազմութիւնը կը գիտակցին, որ իրենց վարձատրութիւնը կարելի է միայն Եհովայի շնորհքին շնորհիւ, որ ցոյց տուաւ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքը կարգադրելով (Հռով. 3։24)։ դ19.09 28 ¶10. 29 ¶12-13
Հինգշաբթի, յուլիս 15
Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է (Նէ. 8։10)։
Եթէ նոր նշանակում մը ունիս, կրնա՛ս անոր մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել։ Նշանակումի փոփոխութիւնը մի՛ սեպեր քու կողմէդ ձախողութիւն կամ ետքայլ։ Մտածէ թէ Եհովան ներկայիս ի՛նչ կերպերով քեզի կ’օգնէ, եւ շարունակէ քարոզել։ Առաջին դարու հաւատարիմ քրիստոնեաներուն օրինակին հետեւէ։ Անոնք ո՛ւր որ ալ ըլլային, «խօսքը կը քարոզէին» (Գործք 8։1, 4)։ Երբ յարատեւօրէն քարոզես, լաւ արդիւնքներ մէջտեղ կու գան։ Օրինակ, երկրէ մը վռնտուած ռահվիրաներ փոխադրուեցան մօտակայ երկիր մը, ուր եւս իրենց լեզուով քարոզելու մեծ կարիք կար։ Միայն քանի մը ամսուան մէջ, նոր խումբեր կազմուեցան։ Մենք պէտք է ուրախանանք գլխաւորաբար Եհովայով։ Ուստի, շարունակէ Եհովային հետ քալել եւ իրեն դիմել իմաստութեան, առաջնորդութեան եւ աջակցութեան համար։ Յիշէ որ նախկին նշանակումդ սիրեցիր, քանի որ լաւագոյնդ ըրիր մարդոց օգնելու։ Նոր նշանակումիդ մէջ ալ լաւագոյնդ ըրէ եւ պիտի տեսնես թէ ինչպէ՛ս Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ զայն ալ սիրես (Ժող. 7։10)։ դ19.08 24-25 ¶15-16
Ուրբաթ, յուլիս 16
Շա՛տ աւելի պիտի չհպատակի՞նք. . . Հօր (Եբ. 12։9, ԱԾ)։
Մենք պէտք է Եհովայի հնազանդինք ու ենթարկուինք, քանի որ մեր Ստեղծիչն է։ Եւ Ստեղծիչը ըլլալով, ան իրաւունքը ունի մեզի ըսելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք (Յայտ. 4։10բ)։ Իսկ իրեն հնազանդելու ուրիշ լաւ պատճառ մը այն է, որ իր իշխելու կերպը լաւագոյն կերպն է։ Պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ մարդկային կառավարիչներ ուրիշներու վրայ իշխած են։ Բայց երբ անոնց իշխելու կերպը համեմատենք Եհովայի իշխելու կերպին հետ, կը տեսնենք որ Եհովան ամէնէն իմաստուն, սիրալիր, ողորմած եւ գթասիրտ Կառավարիչն է (Ել. 34։6. Հռով. 16։27. Ա. Յովհ. 4։8)։ Մենք Եհովային կ’ենթարկուինք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ ամէն բանի մէջ իրեն հնազանդինք, եւ երբ մեր հասկացողութեան վստահելու հակումին դէմ կը դնենք (Առ. 3։5)։ Մեզի համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ Եհովային հնազանդիլ, երբ իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին աւելին գիտնանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր բոլոր գործերուն ետին այդ յատկութիւնները կան (Սաղ. 145։9)։ Եհովայի մասին ո՛րքան աւելի գիտնանք, ա՛յնքան աւելի զինք պիտի սիրենք։ Եւ երբ զինք սիրենք, պէտք չենք ունենար շարք մը կանոններու, գիտնալու համար թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք։ դ19.09 14 ¶1, 3
Շաբաթ, յուլիս 17
Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ (Մատ. 11։30)։
Սատանան մարդիկը կը ճնշէ այնպիսի սուտերով, որոնք զիրենք յուսահատ կը դարձնեն։ Օրինակ, ան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ Եհովան մեր գործած մեղքերուն համար մեզի պիտի չներէ եւ թէ ան մեզ չի սիրեր։ Ի՜նչ ջախջախիչ բեռ մը եւ ի՜նչ ահռելի սուտ մը (Յովհ. 8։44)։ Երբ Քրիստոսին ‘կու գանք’, մեր մեղքերը կը ներուի՛ն (Մատ. 11։28)։ Իսկ Եհովան բոլորս շա՜տ կը սիրէ (Հռով. 8։32, 38, 39)։ Այն բեռը, որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ կրենք, տարբեր է միւս բեռներէն, որոնք ստիպուած ենք կրել։ Օրինակ, ամբողջ օրը աշխարհիկ գործ մը աշխատելէ ետք, շատեր ոչ միայն յոգնած կ’ըլլան, հապա նաեւ գոհունակութիւն չեն զգար։ Մինչդեռ մենք, երբ Եհովայի եւ Քրիստոսի ծառայութեամբ ժամանակ կ’անցընենք, խոր գոհունակութիւն կը զգանք։ Թերեւս ուժասպառ ըլլանք եւ ստիպուինք մենք մեզ քաշքշել, որ այդ օրուան ժողովին ներկայ գտնուինք։ Բայց յաճախ ժողովէն տուն կը վերադառնանք թարմացած եւ աշխուժացած։ Նոյնպէս կը զգանք, երբ ջանք կ’ընենք որ քարոզենք եւ Աստուածաշունչը սերտենք։ դ19.09 20 ¶1. 23-24 ¶15-16
Կիրակի, յուլիս 18
Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի (Ա. Թես. 5։2)։
Իր «օրը» սկսելէն առաջ՝ այս կարճ ժամանակուան մէջ, Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ քարոզչութեամբ զբաղած մնանք։ Պէտք է վստահ ըլլանք որ ‘Տէրոջը գործին մէջ կ’աւելնանք’ (Ա. Կոր. 15։58)։ Երբ Յիսուս կը խօսէր այն բոլոր կարեւոր դէպքերուն մասին, որոնք վերջին օրերուն պիտի պատահէին, աւելցուց. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն» (Մար. 13։4, 8, 10. Մատ. 24։14)։ Մտածէ. ամէն անգամ որ ծառայութեան երթաս, բաժին կը բերես այդ մարգարէութեան կատարման մէջ։ Տարուէ տարի աւելի շատ մարդիկ Թագաւորութեան բարի լուրը կը լսեն։ Օրինակ, մտածէ թէ վերջին օրերուն ընթացքին աշխարհի տարածքին հրատարակիչներու թիւը որքա՛ն աւելցած է։ 1914–ին, 5155 հրատարակիչներ կային՝ 43 երկիրներու մէջ։ Իսկ ներկայիս, մօտ 8,5 միլիոն հրատարակիչներ կան՝ 240 երկիրներու մէջ։ Բայց եւ այնպէս, մեր գործը տակաւին վերջ չէ գտած։ Պէտք է շարունակենք ծանուցանել, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն միակ լուծումն է (Սաղ. 145։11-13)։ դ19.10 8 ¶3. 9-10 ¶7-8
Երկուշաբթի, յուլիս 19
Ամէն բանի մէջ հարստացած էք ամէն տեսակ առատաձեռնութեամբ, ինչ որ մեր միջոցով շնորհակալութիւն կը գոյացնէ Աստուծոյ հանդէպ (Բ. Կոր. 9։11, ԱԾ)։
Եհովան Բերզելին գործածեց, Դաւիթ թագաւորին օգնելու համար։ Դաւիթ ու ժողովուրդը ‘անօթի, յոգնած ու ծարաւցած էին’, մինչ Աբիսողոմէն կը փախչէին։ Բերզելին, որ տարիքոտ էր, ուրիշներու հետ իր կեանքը վտանգեց, որպէսզի Դաւիթին եւ անոր հետ եղողներուն պէտքերը հոգայ։ Բերզելին չխորհեցաւ որ տարեց ըլլալուն պատճառաւ, այլեւս Եհովային համար պիտանի չէր։ Ան իր ունեցածը առատաձեռնօրէն գործածեց Աստուծոյ ծառաներուն օգնելու (Բ. Թագ. 17։27-29)։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Մեր տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Եհովան մեզ կրնայ գործածել, որպէսզի մեր հաւատակիցներուն հիմնական կարիքները հոգանք, ըլլա՛ն անոնք մեր ապրած երկրին մէջ կամ ուրիշ երկրի մը մէջ (Առ. 3։27, 28. 19։17)։ Եթէ անոնց պէտքերը անձամբ չենք կրնար հոգալ, կրնանք համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւն ընել, որպէսզի հաւաքուած գումարները օգնեն հաւատակիցներուն, ո՛ւր որ ալ գտնուին (Բ. Կոր. 8։14, 15)։ դ19.10 21 ¶6
Երեքշաբթի, յուլիս 20
Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ (Առ. 18։24)։
Թերեւս դժուարութիւն ունենանք ուրիշներուն մեր սիրտը բանալու, քանի որ անցեալին մէկը մեզ վիրաւորած է (Առ. 18։19)։ Կամ, թերեւս կը զգանք որ մտերիմ բարեկամութիւններ մշակելու համար ժամանակ ու կորով չունինք։ Սակայն պէտք չէ յանձնուինք։ Եթէ կ’ուզենք որ մեր եղբայրները գալիք դժուար ժամանակներուն մեզի թիկունք կանգնին, պէտք է սորվինք հիմա իրենց ազատօրէն հաղորդել մեր մտածումներն ու զգացումները (Ա. Պետ. 1։22)։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ իր բարեկամներուն կը վստահէր, անոնց հետ բացէ ի բաց խօսելով (Յովհ. 15։15)։ Կրնանք զինք ընդօրինակել՝ մեր բարեկամներուն պատմելով մեր ուրախութիւնները, մտահոգութիւնները եւ յուսախաբութիւնները։ Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ, երբ մէկը քեզի հետ կը խօսի, եւ թերեւս անդրադառնաս որ նոյնանման մտածումներ, զգացումներ եւ նպատակակէտեր ունիք։ Եթէ նախաձեռնութիւնը առնես ուրիշներու հետ ջերմ ու անկեղծ զրոյց ունենալու, բարեկամութիւններդ պիտի զօրանան (Առ. 27։9)։ դ19.11 4 ¶8-9
Չորեքշաբթի, յուլիս 21
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ (Եզեկ. 2։4)։
Մեծ նեղութեան ընթացքին, մեր քարոզած պատգամը հաւանաբար պիտի փոխուի։ Ներկայիս, Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք եւ կը ջանանք աշակերտել։ Բայց այն ատեն, թերեւս հաղորդենք խիստ պատգամ մը, որ խոշոր կարկուտի նմանցուած է (Յայտ. 16։21)։ Թերեւս ծանուցանենք Սատանայի աշխարհին մօտալուտ կործանումը։ Ժամանակի ընթացքին, պիտի գիտնանք թէ այդ պատգամը ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ ինչպէ՛ս զայն պիտի հաղորդենք։ Արդեօք պիտի գործածենք նո՞յն մեթոտները, թէ՞ ուրիշ մեթոտներ։ Սպասենք ու տեսնենք։ Ամէն պարագայի, այնպէս կ’երեւի որ առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք համարձակօրէն ծանուցանելու Եհովայի դատաստանական պատգամը (Եզեկ. 2։3-5)։ Շատ հաւանաբար, մեր քարոզած պատգամը պիտի գրգռէ ազգերուն բարկութիւնը եւ անոնք պիտի ջանան մեզ լռեցնել մէկ անգամ ընդմիշտ։ Ինչպէս որ ներկայիս ծառայելու համար Եհովայի օգնութեան կ’ապաւինինք, նոյնպէս այն ատեն հարկ պիտի ըլլայ որ իրեն ապաւինինք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր Աստուածը մեզ զօրութեամբ պիտի լեցնէ, որպէսզի իր կամքը կատարենք (Միք. 3։8)։ դ19.10 16 ¶8-9
Հինգշաբթի, յուլիս 22
Մէկ քանիները. . . հաւատքէն մոլորեցան (Ա. Տիմ. 6։10)։
«Մոլորիլ» բառը ցոյց կու տայ, թէ կրնանք աստիճանաբար աւելի կեդրոնանալ ստացուածքներ ձեռք ձգելու վրայ, որոնց պէտք չունինք։ Այսպէս, կը սկսինք «շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններ» զարգացնել (Ա. Տիմ. 6։9)։ Փոխանակ թոյլ տալու որ այդպիսի ցանկութիւններ մեր սրտին մէջ արմատ կապեն, պէտք է յիշենք, թէ Սատանան զանոնք կը գործածէ որպէս զէնքեր մեր հաւատքը տկարացնելու համար։ Սեպենք թէ մեր նիւթական վիճակը կը ներէ որ շատ բաներ գնենք։ Արդեօք սխալ կ’ընե՞նք, եթէ գնենք բաներ, որոնք կ’ուզե՛նք ունենալ բայց անոնց պէտք չունինք։ Պայման չէ։ Բայց մտածէ այս հարցումներուն մասին. նոյնիսկ եթէ կրնանք բան մը գնել, բաւարար ժամանակ ու կորով ունի՞նք զայն գործածելու եւ անոր հոգ տանելու։ Ասկէ զատ, կարելի՞ է որ սկսինք մեր ստացուածքներուն չափէ դուրս կապուիլ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ստացուածքներ սիրելը պատճառ դառնայ որ վարուինք այն երիտասարդին պէս, որ մերժեց Յիսուսին հրաւէրը Աստուծոյ աւելի ծառայելու (Մար. 10։17-22)։ Որքա՜ն աւելի լաւ է որ պարզ կեանք վարենք եւ մեր թանկագին ժամանակն ու կորովը տրամադրենք Աստուծոյ կամքը կատարելու։ դ19.11 17-18 ¶15-16
Ուրբաթ, յուլիս 23
Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն (Առ. 21։5)։
Աստուած կրնայ իր սուրբ հոգիով քեզի պէտք եղած ուժը տալ, որպէսզի գործի լծուիս ու առած որոշումդ կատարես (Փլպ. 2։13)։ Ուստի, աղօթքով ոյժ խնդրէ, որպէսզի գործի լծուիս։ Շարունակէ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել, նոյնիսկ եթէ թուի թէ աղօթքդ անպատասխան կը մնայ։ Յիսուս ըսաւ. «[Սուրբ հոգին] խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկ. 11։9, 13)։ Նաեւ, ծրագիր մը պատրաստէ։ Որեւէ ձեռնարկ ծրագիր կը պահանջէ։ Նոյնպէս, երբ որոշում մը կ’առնես, նշէ թէ ի՛նչ մասնայատուկ քայլերու պիտի դիմես, զայն ի գործ դնելու համար։ Երբ բարդ նպատակակէտի մը կ’ուզես հասնիլ, զայն վերածէ պարզ գործերու, ինչ որ կ’օգնէ որ ճնշուած ու ծանրաբեռնուած չզգաս։ Եւ իւրաքանչիւր պարզ գործ կատարելով պիտի գնահատես յառաջդիմութիւնդ։ Պօղոս առաքեալ կորնթացիները քաջալերեց, որ դրամ մէկ կողմ դնեն «ամէն մէկշաբթի», փոխանակ մինչեւ իր գալը սպասելու եւ անկէ ետք ջանալու նուիրատուութիւններ հաւաքել (Ա. Կոր. 16։2)։ դ19.11 29 ¶13-14
Շաբաթ, յուլիս 24
Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան. վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր (Սաղ. 9։10)։
Կրնանք ըսել որ անհատ մը Եհովային ծանօթացած է, եթէ գիտէ իր անունը, կարգ մը ըսածներն ու ըրածները։ Բայց Եհովան լաւ ճանչնալը աւելի՛ն կը պարփակէ։ Պէտք է ժամանակ տրամադրենք իրեն եւ իր սքանչելի յատկութիւններուն մասին սորվելու։ Միայն այն ատեն կը սկսինք հասկնալ թէ ի՛նչ բան զինք կը մղէ խօսելու եւ գործելու։ Ատիկա մեզի պիտի օգնէ գիտնալու, թէ մեր գաղափարներուն, որոշումներուն եւ արարքներուն կը հաճի՛ կամ ոչ։ Մէյ մը որ գիտնանք թէ ի՛նչ է Եհովայի կամքը մեզի համար, հարկ է որ անոր համաձայն գործենք։ Ոմանք թերեւս մեզ ծաղրեն, քանի որ կ’ուզենք Եհովային ծառայել, եւ թերեւս նոյնիսկ ա՛լ աւելի մեզի հակառակին, երբ սկսինք Եհովայի ժողովուրդին ընկերակցիլ։ Բայց եթէ Եհովային վստահինք, ան բնա՛ւ մեզ երեսէ պիտի չձգէ։ Իրեն հետ բարեկամութիւն մը պիտի մշակենք, որ յաւիտեան պիտի տեւէ։ Իրապէս կրնա՞նք Եհովան ա՛յդքան լաւ ճանչնալ։ Այո՛։ դ19.12 16-17 ¶3-4
Կիրակի, յուլիս 25
Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են (Սաղ. 127։3)։
Ծնողները երբեմն թերեւս զգան, որ շատ դժուար է իրենց զաւակներուն սորվեցնելը, բայց զաւակները Եհովայի կողմէ պարգեւ են։ Եւ ան միշտ պատրաստ է ձեռք տալու։ Ան ծնողներուն աղօթքները մտիկ կ’ընէ եւ կը պատասխանէ՝ Աստուածաշունչին, սուրբգրային հրատարակութիւններուն եւ ժողովքին մէջ հասուն ծնողներու օրինակին ու խրատներուն միջոցաւ։ Կ’ըսուի որ զաւակ մեծցնելը 20 տարուան յայտագիր է, բայց ծնողները բնա՛ւ չեն դադրիր ծնող ըլլալէ։ Սէրը, ժամանակն ու աստուածաշնչական կրթութիւնը լաւագոյն բաներէն են, որոնք ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն տալ։ Իւրաքանչիւր զաւակ տարբեր կերպով պիտի ընդառաջէ իրեն տրուած մարզումին։ Սակայն անոնցմէ շատեր, որոնք մեծցած են Եհովան սիրող ծնողներու կողմէ, կը զգան Ասիոյ մէջ ապրող Ճոաննա Մէյ անունով քրոջ պէս, որ ըսաւ. «Շատ երախտապարտ կը զգամ, որ ծնողներս զիս կրթեցին եւ սորվեցուցին Եհովան սիրել։ Անոնք ոչ թէ պարզապէս ինծի կեանք տուին, հապա՝ իմաստալից կեանք» (Առ. 23։24, 25)։ Միլիոնաւոր քրիստոնեաներ նոյն կերպով կ’արտայայտուին։ դ19.12 27 ¶21-22
Երկուշաբթի, յուլիս 26
Մխիթարենք զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք (Բ. Կոր. 1։4)։
Դիւրին է գտնել եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք մխիթարութեան պէտք ունին։ Սակայն պէտք է նախաքայլը առնենք ուրիշներուն օգնելու, նոյնիսկ եթէ կը վախնանք։ Օրինակ, թերեւս վախնանք որ չգիտնանք ի՛նչ ըսել կամ ի՛նչ ընել անհատի մը, որ նեղացուցիչ պարագայի մէջ է։ Կրնանք ազդու մխիթարողներ ըլլալ, եթէ ցոյց տանք, որ տառապեալ անհատները կը հոգանք։ Մինչ այս աշխարհի վերջին աւելի կը մօտենանք, վիճակները պիտի վատթարանան եւ կեանքը ա՛լ աւելի պիտի դժուարանայ (Բ. Տիմ. 3։13)։ Ասկէ զատ, քանի որ ժառանգուած մեղքին եւ մեր անկատարութեան պատճառաւ խնդիրներ կը դիմագրաւենք, միշտ մխիթարութեան պէտք պիտի ունենանք։ Պօղոս առաքեալ կրցաւ մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարմօրէն տոկալ։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ իր հաւատակիցներէն մխիթարութիւն ստացաւ։ Անոնց օրինակին հետեւելով, մենք ալ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ հաւատքի մէջ հաստատ մնան (Ա. Թես. 3։2, 3)։ դ20.01 12-13 ¶17-19
Երեքշաբթի, յուլիս 27
Փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են (Յայտ. 2։2)։
Օծեալները ուրիշներէն չեն ակնկալեր, որ իրենց հետ յատուկ կերպով վարուին (Փլպ. 2։2, 3)։ Երբ Եհովան անհատ մը կ’օծէ, ատոր մասին բոլորին չի գիտցներ. հետեւաբար օծեալը չի զարմանար, եթէ ոմանք անմիջապէս չհաւատան որ ինք օծուած է։ Ան կը գիտակցի, որ Աստուածաշունչը կը խրատէ շուտով չհաւատալ մէկու մը, որ կ’ըսէ թէ Աստուած իրեն յատուկ պատասխանատուութիւն մը տուած է։ Չուզելով իր անձին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, օծեալը մարդոց հետ ծանօթանալու ատեն չ’ըսեր թէ ինք օծեալ է։ Եւ վստահաբար ուրիշներուն առջեւ ատով պիտի չպարծենայ (Ա. Կոր. 4։7, 8)։ Օծեալները ուրիշ օծեալներ չեն փնտռեր, անոնց հետ օծումի նիւթը քննարկելու համար կամ անոնց հետ առանձնաբար Աստուածաշունչը սերտելու համար (Գաղ. 1։15-17)։ Եթէ այդպէս ընեն, ժողովքը միացած պիտի չըլլայ։ Անոնք սուրբ հոգիին դէմ գործած պիտի ըլլան, որ Աստուծոյ ժողովուրդին կ’օգնէ խաղաղութիւն եւ միութիւն ունենալու (Հռով. 16։17, 18)։ դ20.01 28 ¶6-7
Չորեքշաբթի, յուլիս 28
Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է (Ղուկ. 21։28)։
Մեծ նեղութեան որոշ մէկ հանգրուանին, մարդիկ՝ որոնց կրօնքները կործանեցան, թերեւս զայրանան, քանի որ Եհովայի վկաներուն կրօնքը տակաւին գոյութիւն ունի։ Անոնք վստահաբար իրենց զայրոյթը ուրիշներուն պիտի արտայայտեն, ի միջի այլոց՝ համացանցը գործածելով։ Ազգերը եւ անոնց իշխանը՝ Սատանան, մեզ պիտի ատեն, քանի որ կը պատկանինք միակ կրօնքին, որ մէջտեղէն չէ վերցուած։ Անոնք բոլոր կրօնքները արմատախիլ ընելու իրենց նպատակին հասած չըլլալով, իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը մեր վրայ պիտի կեդրոնացնեն։ Այս հանգրուանին, ազգերը Մագոգի երկիրը եղող Գոգին դերը պիտի առնեն։ Իրարու պիտի միանան եւ իրենց ամբողջ ուժով Եհովայի ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակին (Եզեկ. 38։2, 14-16)։ Թերեւս սկսինք մտահոգուիլ, թէ մեծ նեղութեան ընթացքին ի՛նչ պիտի պատահի, մանաւանդ՝ քանի որ չենք գիտեր մանրամասնութիւնները։ Սակայն, մէկ բանէ վստահ ենք. հարկ չկայ որ մեծ նեղութենէն վախնանք։ Եհովան մեզի պիտի տայ կենսապահ ուղղութիւններ (Սաղ. 34։19)։ դ19.10 16 ¶10-11
Հինգշաբթի, յուլիս 29
Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել (Սաղ. 40։5)։
Մենք գնահատանք զգալէն աւելին կ’ընենք. մեր գնահատութիւնը Եհովայի կը յայտնենք մեր խօսքերով ու գործերով։ Ասիկա կը ձգէ որ ներկայիս շատերէ տարբեր ըլլանք, քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ չեն գնահատեր ամէն ինչ որ Աստուած իրենց համար կ’ընէ։ Իրականութեան մէջ, փաստերէն մէկը, որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, այն է՝ որ մարդիկ ապերախտ են (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Բնա՛ւ այդ կեցուածքը չորդեգրենք։ Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր զաւակները իրարու հետ համերաշխ ըլլան։ Իրարու հանդէպ մեր սէրը մեզ կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ (Յովհ. 13։35)։ Եւ կը համաձայնինք սաղմոսերգուին, որ գրեց. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1)։ Եղբայրներն ու քոյրերը սիրելով՝ Եհովային ցոյց կու տանք, որ զինք կը սիրենք (Ա. Յովհ. 4։20)։ Ի՜նչ հիանալի է մաս կազմել ընտանիքի մը, որուն անդամները՝ եղբայրներն ու քոյրերը, ‘իրարու հետ քաղցր ու գթած’ են (Եփ. 4։32)։ դ20.02 9 ¶6-7
Ուրբաթ, յուլիս 30
Տէրը այցելութիւն ըրաւ Աննային (Ա. Թագ. 2։21)։
Աննայի հոգերուն պատճառները անմիջապէս չանհետացան։ Ան տակաւին ստիպուած էր Փենանայի հետ նոյն տան մէջ ապրիլ։ Եւ Աստուածաշունչը չի նշեր, որ Փենանայի կեցուածքը փոխուեցաւ։ Ուստի Աննան շատ հաւանաբար պէտք էր շարունակէր անոր կծու խօսքերուն դիմանալ։ Բայց այլեւս տակնուվրայ չէր ըլլար։ Հարցը Եհովայի յանձնելէ ետք, ան հանդարտեցաւ։ Եհովային թոյլ տուաւ, որ զինք մխիթարէ եւ սփոփէ։ Իսկ ժամանակ մը ետք, ան օրհնուեցաւ զաւակներ ունենալով (Ա. Թագ. 1։2, 6, 7, 17-20)։ Կրնա՛նք մեր խաղաղութիւնը վերագտնել, նոյնիսկ եթէ մեր մտահոգութեան պատճառը մնայ։ Ջերմեռանդօրէն աղօթելով եւ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելով հանդերձ, կարգ մը խնդիրներ թերեւս մնան։ Բայց Աննայի օրինակէն կը սորվինք, որ ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ, որ Եհովան մեր վշտահար սիրտը հանգստացնէ։ Ան բնա՛ւ մեզ պիտի չմոռնայ, եւ ուշ կամ կանուխ մեր հաւատարմութեան համար մեզ պիտի վարձատրէ (Եբ. 11։6)։ դ20.02 22 ¶9-10
Շաբաթ, յուլիս 31
Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ (Առ. 9։9)։
Երէցները աստուածաշնչական սկզբունքներ կը նշեն, որոնք կրնան անհատներուն օգնել իմաստութեամբ վարուելու։ Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ, երբ հարկ ըլլայ, խօսելու քաջութիւն ունենան։ Նկատի առ Հեղի քահանայապետին պարագան։ Ան ունէր երկու որդիներ, որոնք շատ կը սիրէր։ Սակայն որդիները Եհովայի հանդէպ յարգանք չունէին։ Անոնք կարեւոր պատասխանատուութիւն ունէին. խորանին մէջ որպէս քահանայ ծառայել։ Բայց իրենց հեղինակութիւնը չարաչար գործածեցին, Եհովայի մատուցուած զոհերը մեծապէս անարգեցին եւ անամօթաբար սեռային անբարոյութիւն գործեցին (Ա. Թագ. 2։12-17, 22)։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, անոնք մահուան արժանի էին, բայց Հեղին զիրենք մեղմօրէն յանդիմանեց եւ թոյլ տուաւ որ շարունակեն խորանին մէջ ծառայել (Բ. Օր. 21։18-21)։ Եհովան Հեղիի ըրածը ինչպէ՞ս նկատեց։ Անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ. . . քու որդիներդ ինձմէ աւելի կը փառաւորես»։ Ասկէ զատ, Եհովան վճռեց այդ երկու չար տղամարդիկը մեռցնել (Ա. Թագ. 2։29, 34)։ դ20.03 19 ¶4-5