Օգոստոս
Կիրակի, օգոստոս 1
Զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց (Յովհ. 8։29)։
Յիսուս ներքին խաղաղութիւն ունէր, նոյնիսկ երբ կը հալածուէր, քանի որ գիտէր թէ իր Հայրը կ’ուրախացնէր։ Ան հնազանդ մնաց, նոյնիսկ երբ իրեն համար այս մէկը դժուար էր։ Ասկէ զատ, ան իր Հայրը կը սիրէր եւ իր ամբողջ կեանքը անոր ծառայելուն շուրջ կը դառնար։ Օրինակ, երկիր գալէ առաջ, ան Աստուծոյ «ճարտարապետ»ն էր (Առ. 8։30)։ Իսկ երկրի վրայ եղած ատեն, նախանձախնդրաբար ուրիշներուն սորվեցուց իր Հօր մասին (Մատ. 6։9. Յովհ. 5։17)։ Այդպէս ընելով Յիսուս մեծապէս ուրախացաւ (Յովհ. 4։34-36)։ Մենք կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ Եհովային հնազանդելով եւ ‘ամէն ատեն աւելնալով Տէրոջը գործին մէջ’ (Ա. Կոր. 15։58)։ Երբ ‘ամբողջ հոգիով ճիգ թափենք’ քարոզչութեան մէջ, կրնանք մեր խնդիրները աւելի դրական աչքով դիտել (Գործք 18։5, ՆԹ)։ Օրինակ, այն մարդիկը, որոնց կը հանդիպինք ծառայութեան մէջ, մեզմէ շատ աւելի գէշ խնդիրներ ունին։ Բայց երբ կը սկսին Եհովան սիրել եւ անոր խրատները գործադրել, անոնց կեանքը կը բարելաւուի եւ աւելի երջանիկ կը դառնան։ Իսկ մենք ամէն անգամ որ այդ փոփոխութիւնը տեսնենք, մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ, որ Եհովան մեզ պիտի հոգայ։ դ19.04 10-11 ¶8-9
Երկուշաբթի, օգոստոս 2
Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին (Գործք 19։19)։
Այս մարդիկը իրենց ամէն ջանքը ըրին, որ չար ոգիներուն դէմ դնեն։ Կախարդութեան վերաբերեալ իրենց գիրքերը սուղ էին։ Բայց փոխանակ այդ գիրքերը ուրիշներուն տալու կամ ծախելու, զանոնք բնաջնջեցին։ Անոնք աւելի՛ հետաքրքրուած էին Եհովան հաճեցնելով, քան այդ գիրքերուն արժէքով։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ քրիստոնեաները ընդօրինակել։ Իմաստութիւն է ձերբազատուիլ որեւէ բանէ, որ գերբնական ուժերու հետ կապ ունի։ Ատիկա կը պարփակէ հմայեակներ կամ ուրիշ իրեր, որոնք մարդիկ կը կրեն կամ ունին, փորձելով իրենք զիրենք պաշտպանել չար ոգիներէն (Ա. Կոր. 10։21)։ Ասկէ զատ, ժամանցդ ուշադրութեամբ քննէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ընտրած ժամանցիս մէջ ոգեհարցական բան մը կա՞յ’։ Վճռէ՛ ընտրել բաներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ հեռու մնաս որեւէ բանէ, որ Եհովան կ’ատէ։ Կ’ուզենք մեր լաւագոյնը ընել ‘մաքուր խղճմտանք ունենալու’ Աստուծոյ առջեւ (Գործք 24։16)։ դ19.04 22-23 ¶10-12
Երեքշաբթի, օգոստոս 3
Երէցները թող կանչէ (Յակ. 5։14)։
Երբ երէցները կը տեղեկանան, թէ լուրջ յանցագործութիւն մը եղած է, կարգ մը բաներու մասին խորապէս կը մտածեն։ Անոնք գլխաւորաբար հետաքրքրուած են Աստուծոյ անուան սրբացումով (Ղեւ. 22։31, 32. Մատ. 6։9)։ Անոնք նաեւ մեծ կարեւորութիւն կու տան եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր բարօրութեան եւ կ’ուզեն յանցագործութեան զոհ գացողներուն օգնել։ Ասկէ զատ, եթէ յանցագործը ժողովքէն անհատ մըն է, երէցները կը ջանան օգնել որ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատէ, եթէ կարելի է (Յակ. 5։14, 15)։ Այն քրիստոնեան, որ սխալ ցանկութեան տեղի կու տայ եւ լուրջ մեղք մը կը գործէ, հոգեւորապէս հիւանդ է։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ան այլեւս Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն չունի։ Երէցները կարելի է բժիշկներու նմանցնել, քանի որ կը ջանան ‘փրկել հիւանդը’, այս պարագային՝ յանցագործը։ Անոնց սուրբգրային խրատները կրնան յանցագործին օգնել, որ Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատէ, բայց ասիկա կարելի է միայն եթէ անկեղծօրէն զղջայ (Գործք 3։19. Բ. Կոր. 2։5-10)։ դ19.05 10 ¶10-11
Չորեքշաբթի, օգոստոս 4
Աստուած է որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։
Եհովան կրնայ գործելու փափաքը տալ մեզի։ Թերեւս իմանանք որ ժողովքին մէջ կամ որոշ շրջանի մը մէջ օգնութեան կարիք կայ։ Մենք մեզի կը հարցնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար դառնալ’։ Կամ ալ մեզի առիթ կը տրուի որ դժուար նշանակում մը ընդունինք, բայց վստահ չենք թէ կրնանք զայն յաջողութեամբ կատարել։ Կամ, Սուրբ Գիրքէն հատուած մը կարդալէ ետք, թերեւս հարց տանք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ այս համարները գործածել ուրիշներուն օգնելու’։ Երբ Եհովան կը տեսնէ որ կը մտածենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, մեզի կ’օգնէ որ փափաքինք ընել մեր մտածածը։ Եհովան նաեւ կրնայ գործելու ուժը տալ մեզի (Եսա. 40։29)։ Ան կրնայ իր սուրբ հոգիով մեր բնական կարողութիւնները բարելաւել (Ել. 35։30-35)։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան կրնայ մեզի սորվեցնել ինչպէ՛ս կարգ մը գործեր կատարել։ Եթէ վստահ չես թէ որոշ նշանակում մը ինչպէ՛ս պիտի կատարես, օգնութիւն խնդրէ։ Նաեւ, մեր առատաձեռն երկնաւոր Հօրմէն որեւէ ժամանակ կրնաս խնդրել, որ քեզի տայ «անսահման զօրութիւնը» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԹ. Ղուկ. 11։13)։ դ19.10 21 ¶3-4
Հինգշաբթի, օգոստոս 5
Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր (Բ. Տիմ. 3։2)։
Աշխարհը կը քաջալերէ, որ մարդիկ իրենց անձին վրայ կեդրոնանան։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, որ 1970–ականներուն, «ինքնօգնութեան գիրքերը վխտացին. . . [եւ ատոնցմէ ոմանք] ընթերցողները քաջալերեցին, որ իրենք զիրենք ճանչնան ու ընդունին իրենց անձը ինչպէս որ է եւ անով հպարտանան»։ Օրինակ, նկատի առ այդպիսի գիրքի մը մէկ խօսքը. «Սիրահարուէ ամէնէն գեղեցիկ, հետաքրքրական եւ արժէքաւոր անհատին, որ է քու անձդ»։ Գիրքը կ’ըսէ որ մէկը պէտք է անձամբ որոշէ ինչպէս վարուիլ եւ պէտք է ընէ ինչ որ ի՛նք կը խորհի թէ ճիշդ է եւ յարմար է։ Այդ գաղափարը քեզի ծանօ՞թ է։ Սատանան Եւան քաջալերեց որ նման բան մը ընէ։ Ան ըսաւ որ Եւան կրնար ‘Աստուծոյ պէս ըլլալ՝ բարին ու չարը գիտնալով’ (Ծն. 3։5, ՆԱ)։ Ներկայիս շատեր այնքա՛ն ինքնահաւան են, որ կ’ըսեն թէ ո՛չ մէկը, նոյնիսկ Աստուած, կրնայ իրենց ըսել թէ ինչը ճիշդ է եւ ինչը սխալ։ Օրինակ, այդ կեցուածքը յստակ է ամուսնութեան նկատմամբ մարդոց տեսակէտին մէջ։ դ19.05 23 ¶10-11
Ուրբաթ, օգոստոս 6
Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ. ամէն օր տրտում կը պտըտիմ (Սաղ. 38։6)։
Երբեմն, ճնշուածութիւնը կը պատէր Դաւիթ թագաւորը։ Մտածէ անոր ունեցած դժուարութիւններուն մասին։ Ան մեծ խղճահարութիւն կը զգար իր գործած շատ մը սխալներուն համար (Սաղ. 40։12)։ Իր սիրելի զաւակը՝ Աբիսողոմ, իրեն դէմ ըմբոստացաւ, եւ յետագային սպաննուեցաւ (Բ. Թագ. 15։13, 14. 18։33)։ Իսկ ամենամտերիմ ընկերներէն մէկը իրեն դաւաճանեց (Բ. Թագ. 16։23–17։2. Սաղ. 55։12-14)։ Դաւիթի գրած սաղմոսներէն շատերը իր վհատութեան զգացումները կը հաղորդեն, ինչպէս նաեւ՝ Եհովայի հանդէպ իր անխախտ վստահութիւնը (Սաղ. 38։5-10. 94։17-19)։ Ուրիշ սաղմոսերգու մը սկսաւ չար մարդոց ապրելակերպին նախանձիլ։ Ան թերեւս ղեւտացի Ասափին սերունդէն էր, եւ «Աստուծոյ սրբարան»ին մէջ ծառայեց։ Այս սաղմոսերգուն զգացական ճնշումէ տառապելով՝ տխուր եւ դժգոհ դարձաւ։ Ան նոյնիսկ սկսաւ մտածել, թէ Աստուծոյ ծառայելը բաւարար օրհնութիւններ չի բերեր (Սաղ. 73։2-5, 7, 12-14, 16, 17, 21)։ դ19.06 17 ¶12-13
Շաբաթ, օգոստոս 7
[Սատանային] խորհուրդները գիտենք (Բ. Կոր. 2։11)։
Սատանան բնական ցանկութիւնները կ’օգտագործէ։ Մենք բնական փափաք ունինք հմտութիւններ ձեռք ձգելու, որ կարենանք մեր եւ մեր ընտանիքին պէտքերը հոգալ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ընդհանրապէս այդ հմտութիւնները ձեռք կը ձգենք դպրոց յաճախելով եւ աշխատասէր աշակերտներ ըլլալով։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, քանի որ շատ մը երկիրներու մէջ աշակերտները ոչ միայն հմտութիւններ կը սորվին, այլեւ մարդկային փիլիսոփայութիւններ։ Օրինակ, դպրոցները կը քաջալերեն որ աշակերտները Աստուծոյ գոյութեան վրայ կասկածին եւ Աստուածաշունչը անտեսեն։ Աշակերտներուն կ’ըսուի որ բոլոր ուշիմ մարդիկը բարեշրջութեան կը հաւատան (Հռով. 1։21-23)։ Այսպիսի ուսուցումներ ‘աստուածային իմաստութեան’ դէմ են (Ա. Կոր. 1։19-21. 3։18-20)։ Վճռէ բնաւ գերի չբռնուիլ Սատանայի աշխարհին «փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով» (Կող. 2։8)։ Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ Սատանան իր հնարքներով քեզ խաբէ (Ա. Կոր. 3։18)։ Բնաւ մի՛ ձգեր որ Սատանան քեզի մոռցնել տայ Եհովան։ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրէ։ Եւ մի՛ ձգեր որ Սատանան քեզ խաբէ որ Եհովայի խրատները անտեսես։ դ19.06 5 ¶13. 7 ¶17
Կիրակի, օգոստոս 8
Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի (Մատ. 28։20)։
Ի՛նչ նիւթ ալ որոշես քննարկել, մտածէ այն մարդոց մասին, որոնք քեզի մտիկ պիտի ընեն։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն պիտի օգտուին գիտնալով Աստուածաշունչին սորվեցուցածները։ Անոնց հետ խօսած ատեն, կարեւոր է որ իրենց մտիկ ընես եւ իրենց տեսակէտը յարգես։ Այդպիսով պիտի կարենաս զիրենք աւելի լաւ հասկնալ եւ աւելի հաւանական պիտի ըլլայ որ ըսածներդ մտիկ ընեն։ Անհատը սերտել որոշելէ առաջ, թերեւս հարկ ըլլայ որ ջանաս վերայցելութիւններ ընել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ թերեւս միշտ տունը չըլլան։ Ասկէ զատ, թերեւս հարկ ըլլայ որ քանի մը անգամ տանտիրոջ վերայցելես, մինչեւ որ քեզի հետ հանգիստ զգայ եւ ընդունի Աստուածաշունչը սերտել։ Բոյսը աւելի հաւանական է որ աճի, երբ կանոնաւորաբար ջրուի։ Նոյնպէս, Եհովայի եւ Քրիստոսի հանդէպ հետաքրքրուած անհատի մը սէրը աւելի հաւանական է որ աճի, երբ կանոնաւորաբար իրեն հետ Աստուծոյ Խօսքը քննարկենք։ դ19.07 14 ¶1. 15-16 ¶7-8
Երկուշաբթի, օգոստոս 9
Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով (Ղուկ. 6։22)։
Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ քրիստոնեաները ատուելէ պիտի ախորժէին, հապա նշեց թէ անոնց ի՛նչ պիտի պատահէր։ Մենք աշխարհին մաս չենք կազմեր։ Կ’ապրինք Յիսուսին սորվեցուցածներուն համաձայն եւ կը քարոզենք այն նոյն պատգամը, որ ինք քարոզեց։ Առ ի արդիւնք, աշխարհը մեզ կ’ատէ (Յովհ. 15։18-21)։ Եւ եթէ մարդիկ մեզ կ’ատեն, քանի որ մեր Հայրը կը սիրենք, ատիկա իրենց խնդիրն է։ Պէտք չէ մտածենք որ անարժէք ենք, եթէ մարդիկ մեզ չեն սիրեր։ Չենք գիտեր ե՛րբ հալածանք պիտի դիմագրաւենք կամ ե՛րբ կառավարութիւն մը պիտի արգիլէ մեր գործունէութիւնը։ Սակայն, գիտենք որ կրնանք հիմակուընէ պատրաստուիլ՝ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնելով, մեր քաջութիւնը աւելցնելով եւ սորվելով չազդուիլ մարդոց ատելութենէն։ Հիմակուընէ պատրաստուիլը մեզի պիտի օգնէ, որ շարունակենք Եհովային ծառայել ապագային։ դ19.07 6 ¶17-18. 7 ¶21
Երեքշաբթի, օգոստոս 10
Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ (Եբ. 11։6)։
Երբ ուսումնասիրութիւններ կը վարենք անկրօն մարդոց հետ, պէտք է Աստուծոյ գոյութեան նկատմամբ իրենց հաւատքը յարատեւօրէն կերտենք։ Եւ պէտք է իրենց օգնենք որ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք կերտեն։ Ասիկա կրնայ պահանջել որ կարգ մը կէտեր կրկին անգամ բացատրենք։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ընթացքին, թերեւս հարկ ըլլայ որ քննարկենք ապացոյցներ, թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է։ Կրնանք նշել անոր կատարուած մարգարէութիւնները, իմաստութիւնը կամ գիտական եւ պատմական գետնի վրայ ճշգրիտ ըլլալը։ Ասկէ զատ, մարդոց կ’օգնենք որ Քրիստոսի աշակերտները դառնան, երբ իրենց հանդէպ սէր ցուցաբերենք, կրօնասէր ըլլա՛ն կամ ոչ (Ա. Կոր. 13։1)։ Մինչ իրենց կը սորվեցնենք, մեր նպատակն է ցոյց տալ, թէ Աստուած զիրենք կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իրենք ալ զինք սիրեն։ Ամէն տարի հազարաւորներ, որոնք նախապէս կրօնքով չէին հետաքրքրուած, կը մկրտուին, քանի որ կը սորվին Աստուած սիրել։ Ուրեմն դրական եղիր, եւ ամէն տեսակ մարդոցմով սիրալիրօրէն հետաքրքրուէ։ Անոնց մտիկ ըրէ։ Ջանա՛ զիրենք հասկնալ։ Քու ապրելակերպովդ իրենց սորվեցուր որ Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։ դ19.07 24 ¶16-17
Չորեքշաբթի, օգոստոս 11
Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի (Եբ. 13։16)։
Սեղղումի աղջիկները Եհովայի կողմէ գործածուեցան Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու (Նէ. 2։20. 3։12)։ Իշխանի զաւակներ ըլլալով հանդերձ, յօժար էին այդ դժուար ու վտանգաւոր գործը ընելու (Նէ. 4։15-18)։ Ներկայիս յօժարակամ քոյրեր կ’ուրախանան սուրբ ծառայութեան մէկ ձեւին մասնակցելով,– Եհովայի պաշտամունքին յատկացուած շէնքեր կառուցանել եւ նորոգել։ Այս գործը յաջողապէս ընթանալու համար, մենք պէտք ունինք այս հմուտ, ժրաջան եւ հաւատարիմ քոյրերուն։ Այլ օրինակ մը. Եհովան Տաբիթան մղեց, որ «բարի գործերով ու ողորմութիւններով» լեցուի, մանաւանդ այրիներուն ի նպաստ (Գործք 9։36)։ Որովհետեւ ան շա՜տ առատաձեռն ու ազնիւ էր, շատեր ողբացին երբ մեռաւ։ Բայց ետքը ցնծացին, երբ Պետրոս առաքեալ անոր յարութիւն տուաւ (Գործք 9։39-41)։ Տաբիթայէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ըլլա՛նք երիտասարդ թէ տարեց, բոլորս կրնանք գործնական բաներ ընել՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար։ դ19.10 23 ¶11-12
Հինգշաբթի, օգոստոս 12
Լաւ բաները ընտրեցէք, որպէս զի. . . անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք (Փլպ. 1։10)։
Ի՞նչ կերպով կրնանք ուրիշը գայթակղեցնել։ Երեւակայէ հետեւեալ պարագան։ Աստուածաշունչի աշակերտ մը վերջապէս կը յաջողի ալքոլամոլութիւնը յաղթահարել։ Ան կը գիտակցի թէ այլեւս բնա՛ւ պէտք չէ ալքոլ խմէ։ Ան կը յառաջդիմէ ու կը մկրտուի։ Ետքը, եղբայր մը, որ հաւաքոյթ մը կազմակերպած է, նոր եղբօր խմիչք կը հրամցնէ եւ կ’ըսէ. «Ինքնազսպում գործադրելով, պէտք է կարենաս չափաւոր կերպով խմել»։ Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ, եթէ նոր եղբայրը այս սխալ խրատը մտիկ ընէ եւ ալքոլամոլութեան վերադառնայ։ Քրիստոնէական ժողովները մեզի կ’օգնեն, որ այս օրուան համարի խրատը գործադրենք։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ Եհովան ի՛նչ բաներ աւելի կարեւոր կը նկատէ, եւ կը գիտնանք մեր սորվածը ինչպէ՛ս գործադրել, որպէսզի անթերի ըլլանք։ Ժողովները նաեւ մեզ կը քաջալերեն, որ սիրենք Եհովան ու մեր հաւատակիցները։ Երբ մեր սիրտը այսպիսի սիրով լեցուի, ամէն ջանք պիտի ընենք որ մեր եղբայրները չգայթակղեցնենք։ դ19.08 10 ¶9, 13. 11 ¶14
Ուրբաթ, օգոստոս 13
Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի (Ա. Կոր. 15։9)։
Մարդիկ, որոնք ինքնավստահ կամ համարձակ կ’երեւին, պայման չէ որ հպարտ ըլլան (Յովհ. 1։46, 47)։ Սակայն համարձակ ըլլա՛նք կամ ոչ, բոլորս պէտք է շատ ջանք թափենք որ խոնարհ սիրտ մշակենք։ Պօղոս առաքեալին օրինակը նկատի առ։ Եհովան զինք մեծապէս գործածեց՝ քաղաքէ քաղաք նոր ժողովքներ հաստատելու համար։ Ան թերեւս Յիսուս Քրիստոսի միւս առաքեալներէն աւելի բաներ իրագործեց իր ծառայութեան մէջ։ Սակայն ինքզինք իր եղբայրներէն աւելի կարեւոր չսեպեց։ Ան տեղին ըլլալով ըսաւ, որ Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր, միայն Եհովային շնորհքին պատճառաւ, եւ ոչ թէ իր յատկութիւններուն կամ գործերուն պատճառաւ (Ա. Կոր. 15։10)։ Ան խոնարհութեան ի՜նչ լաւ դաս մը սորվեցուց կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ,– մանաւանդ երբ յիշենք թէ Կորնթոսի ժողովքին մէջ ոմանք կը ջանային իրենք զիրենք Պօղոսէն գերադաս սեպել (Բ. Կոր. 10։10)։ դ19.09 2-3 ¶5-6
Շաբաթ, օգոստոս 14
Շա՛տ աւելի պիտի չհպատակի՞նք. . . Հօր (Եբ. 12։9, ԱԾ)։
Պատճառ մը թէ ինչո՛ւ թերեւս դժուար ըլլայ Եհովայի հնազանդիլ, այն է՝ որ բոլորս մեղքը ժառանգած ենք եւ անկատար ենք։ Անոր համար, ըմբոստանալու հակումը ունինք։ Երբ Ադամն ու Եւան արգիլուած պտուղէն ուտելով Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, իրենք դրին իրենց չափանիշները (Ծն. 3։22)։ Ներկայիս մարդոց մեծ մասը Ադամին ու Եւային պէս Եհովան կ’անտեսէ. անոնք կ’ուզեն իրե՛նք որոշել թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ։ Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք Աստուած կը ճանչնան ու կը սիրեն, թերեւս դժուարութիւն ունենան իրեն լիովին ենթարկուելու։ Պօղոս առաքեալ այս դժուարութիւնը ունեցաւ (Հռով. 7։21-23)։ Պօղոսին պէս, մենք ալ կ’ուզենք Եհովայի աչքին ճիշդ եղածը ընել։ Բայց սխալ բաներ ընելու հակումին դէմ միշտ պէտք է պայքարինք։ Ուրիշ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ Եհովայի ենթարկուիլը կրնայ դժուար ըլլալ, այն է՝ որ մենք կ’ազդուինք այն մշակոյթէն, որուն մէջ մեծցած ենք։ Շատեր մեզի պիտի ըսեն բաներ, որոնք տարբեր են Եհովայի ուզածէն։ Ուստի պէտք է շարունակենք ջանք թափել, որ այդ մարդոց պէս չմտածենք։ դ19.09 15 ¶4-6
Կիրակի, օգոստոս 15
Գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն. . . ու եկուր իմ ետեւէս (Մար. 10։21)։
Պէտք է գիտակցինք որ իւրաքանչիւրս միայն սահմանափակ ոյժ ունինք։ Ուստի պէտք է ուշադիր ըլլանք, թէ մեր ուժը ինչպէ՛ս կը գործածենք։ Օրինակ, կրնանք մեր ուժը վատնել ջանալով նիւթական ստացուածքներ դիզել։ Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ հարուստ երիտասարդի մը, որ իրեն հարցուց. «Ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Երիտասարդը լաւ անձ մը ըլլալու էր, քանի որ Յիսուս «սիրեց զանիկա», ըստ Մարկոս Աւետարանին։ Յիսուս անոր տուաւ վերոնշեալ հրաւէրը։ Երիտասարդը շատ տրտմեցաւ. ան կ’ուզէր Յիսուսին հետեւիլ, բայց այնպէս կ’երեւի որ չէր կրնար իր «շատ ստացուածքը» ձգել (Մար. 10։17-22)։ Առ ի արդիւնք, ան մերժեց Յիսուսին առաջարկած լուծը եւ շարունակեց «մամոնային» ծառայել (Մատ. 6։24)։ Դուն ի՞նչ ընտրութիւն պիտի ընէիր։ Ատեն–ատեն լաւ կ’ըլլայ որ մեր առաջնահերթութիւնները քննենք։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի վստահ ըլլանք որ մեր ուժը իմաստութեամբ կը գործածենք։ դ19.09 24 ¶17-18
Երկուշաբթի, օգոստոս 16
Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն (Մար. 13։10)։
Թագաւորութեան քարոզչութիւնը վերջ պիտի չգտնէ, մինչեւ որ Եհովան ըսէ, թէ իր աւարտին հասած է։ Որքա՞ն ժամանակ մնացած է, որպէսզի մարդիկ ճանչնան Եհովան ու Յիսուս Քրիստոսը (Յովհ. 17։3)։ Չենք գիտեր։ Բայց գիտենք որ մինչեւ մեծ նեղութեան սկսիլը, բոլոր անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են, տակաւին կրնան բարի լուրը ընդունիլ եւ որոշել Եհովային ծառայել (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել, շատ ուշ չեղած։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան մեզի պէտք եղած ամէն բան կու տայ, որ ճշմարտութիւնը սորվեցնենք մարդոց։ Օրինակ, ամէն շաբաթ մարզում կը ստանանք միջշաբաթային ժողովին ընթացքին։ Այս ժողովը մեզի կ’օգնէ, որ գիտնանք ի՛նչ ըսել առաջին հանդիպումին եւ վերայցելութեան ընթացքին։ Նաեւ, եթէ հետաքրքրուած անհատի մը հետ խօսակցելէ ետք, իրեն թերթիկ մը կամ պարբերաթերթ մը տանք, ան պիտի կարենայ զայն կարդալ, մինչեւ որ իրեն հետ նորէն կապ պահենք։ Մեր անձնական պատասխանատուութիւնն է՝ ամէն ամիս Թագաւորութեան քարոզչութեամբ զբաղած մնալ։ դ19.10 9 ¶7. 10 ¶9-10
Երեքշաբթի, օգոստոս 17
Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի (Եբ. 13։16)։
Եհովան Երուսաղէմի մէջ հաւատարիմ տարեցի մը՝ Սիմէոնին խոստացաւ, որ չմեռած՝ Մեսիան պիտի տեսնէր։ Սիմէոն այդ խոստումով մեծապէս քաջալերուած ըլլալու էր, քանի որ տարիներէ ի վեր Մեսիային կը սպասէր։ Անոր հաւատքն ու համբերատարութիւնը վարձատրուեցան։ Օր մը, ‘հոգիէն առաջնորդուելով’, Սիմէոն տաճար եկաւ։ Հոն տեսաւ մանուկ Յիսուսը, եւ Եհովան իրեն միջոցաւ Յիսուսին մասին մարգարէութիւն մը տուաւ (Ղուկ. 2։25-35)։ Թէեւ Սիմէոն հաւանաբար ականատես չեղաւ Յիսուսի երկրային ծառայութեան, բայց երախտապարտ էր իր ունեցած առանձնաշնորհումին համար, իսկ ապագային շա՜տ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։ Նոր աշխարհին մէջ, ան պիտի տեսնէ թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի իշխանութեամբ աշխարհի բոլոր ընտանիքները պիտի օրհնուին (Ծն. 22։18)։ Մենք ալ կրնանք երախտապարտ ըլլալ որեւէ առանձնաշնորհումի համար, որ Եհովան մեզի կու տայ իր ծառայութեան մէջ։ դ19.10 22 ¶7. 23 ¶12
Չորեքշաբթի, օգոստոս 18
Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ (Առ. 4։23)։
Ըլլա՛նք ունեւորներ կամ ոչ, պէտք է որ մեր սիրտը պահպանենք։ Ինչպէ՞ս։ Դրամասիրութիւն մի՛ զարգացներ։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ աշխարհիկ գործդ Եհովայի ծառայութենէն աւելի կարեւոր դառնայ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Աշխարհիկ գործիս մասին յաճախ կը մտածե՞մ ժողովներու կամ ծառայութեան ընթացքին։ Շարունակ կը մտահոգուի՞մ թէ գալիք օրերուն բաւարար դրամ պիտի ունենամ կամ ոչ։ Դրամն ու ստացուածքները պատճառ կ’ըլլա՞ն որ կողակիցիս հետ խնդիրներ ունենամ։ Պատրա՞ստ եմ աննշան գործ մը աշխատելու, եթէ ատիկա թոյլ պիտի տայ որ Եհովայի ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրեմ’ (Ա. Տիմ. 6։9-12)։ Մինչ այս հարցումներուն մասին կը մտածենք, յիշե՛նք որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ իրեն նուիրուած անհատներուն կը խոստանայ. «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»։ Անոր համար է որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ» (Եբ. 13։5, 6, ՆԹ)։ դ19.10 29 ¶10
Հինգշաբթի, օգոստոս 19
Երկաթը երկաթով կը սրուի ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ (Առ. 27։17)։
Երբ հաւատակիցներու հետ կ’աշխատինք եւ իրենց լաւ յատկութիւնները կը նկատենք, իրենցմէ կը սորվինք եւ իրենց աւելի կը մօտենանք։ Օրինակ, ի՞նչ կը զգաս, երբ ծառայութեան մէջ տեսնես որ բարեկամդ իր հաւատքը համարձակօրէն կը պաշտպանէ կամ Եհովային ու անոր նպատակներուն մասին խոր համոզումով կը խօսի։ Շատ հաւանաբար կը զգաս որ իրեն հետ կապդ աւելի զօրացաւ։ Էտըլինան, որ 23 տարեկան քոյր մըն է, իր ընկերուհիէն՝ Քանտիսէն խնդրեց, որ միասին քարոզեն հազուադէպ–աշխատցուած թաղամասի մը մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ուզեցինք մեր նախանձախնդրութիւնը աւելցնել ծառայութեան մէջ եւ անկէ ա՛լ աւելի հաճոյք առնել։ Երկուքս ալ պէտք ունէինք քաջալերութեան, որպէսզի շարունակէինք Եհովային մեր լաւագոյնը տալ»։ Իրարու հետ աշխատելով ինչպէ՞ս օգտուեցան։ Էտըլինան կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան կը քննարկէինք, թէ մեր խօսակցութիւններէն ի՛նչ բան մեր սրտին դպաւ, եւ ինչպէ՛ս Եհովային առաջնորդութիւնը զգացինք մեր ծառայութեան մէջ։ Երկուքս ալ հաճոյք կ’առնէինք այս խոր զրոյցներէն եւ ատոնց շնորհիւ կրցանք աւելի լաւ ճանչնալ իրար»։ դ19.11 5 ¶10-11
Ուրբաթ, օգոստոս 20
Հաւատքին վահանը առէ՛ք (Եփ. 6։16)։
Անցեալին ամօթալի բան մըն էր, եթէ զինուորը պատերազմէն վերադառնար առանց իր վահանին։ Հռոմայեցի պատմաբան Տակիտոս գրեց. «Եթէ զինուոր մը իր վահանը լքէր, ատիկա մեծ անարգանք էր իրեն համար»։ Ասիկա պատճառներէն մէկն էր, թէ ինչո՛ւ զինուորները իրենց վահանները ամուր կը բռնէին։ Մեր հաւատքի վահանը ամուր կը բռնենք, կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուելով եւ Եհովայի անուան եւ իր Թագաւորութեան մասին խօսելով ուրիշներուն (Եբ. 10։23-25)։ Ասկէ զատ, ամէն օր աղօթքով Աստուծոյ դիմելէ ետք, իր Խօսքը կը կարդանք, ինչպէս նաեւ անոր խրատները կը գործադրենք ամէն բանի մէջ որ կ’ընենք (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Այն ատեն, մեզի դէմ Սատանայի գործածած որեւէ գործիք մնայուն կերպով մեզի պիտի չվնասէ (Եսա. 54։17)։ Մեր «հաւատքին վահանը» մեզ պիտի պաշտպանէ։ Մենք ուս–ուսի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ քաջաբար պիտի գործենք։ Մենք ոչ միայն մեր ամէնօրեայ պատերազմը պիտի շահինք, հապա նաեւ պատիւը պիտի ունենանք Յիսուսի կողքին ըլլալու, երբ Սատանային ու անոր հետեւորդներուն դէմ մղուած պատերազմը շահի (Յայտ. 17։14. 20։9, 10)։ դ19.11 19 ¶18-19
Շաբաթ, օգոստոս 21
Ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով (Ա. Կոր. 9։26)։
Եթէ ծրագիրդ գրի առնես, աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ զայն կատարես (Ա. Կոր. 14։40)։ Օրինակ, երէցներու մարմինին ուղղութիւն տրուած է՝ նշանակել երէց մը, որպէսզի արձանագրէ երէցներուն առած բոլոր որոշումները, որո՛նք զանոնք պիտի կատարեն եւ ե՛րբ պիտի ամբողջացնեն։ Այս ուղղութեան հետեւող երէցները աւելի հաւանական է որ իրենց որոշումները գործադրեն։ Դուն ալ կրնաս նոյնը ընել ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ։ Օրինակ, կրնաս իւրաքանչիւր օր ընելիքներու ցանկ մը պատրաստել եւ զանոնք կարեւորութեան համեմատ դասաւորել։ Ասիկա կ’օգնէ որ ոչ միայն սկսածդ ամբողջացնես, հապա նաեւ քիչ ժամանակուան մէջ շատ բան ընես։ Բայց պէտք է ջանադիր ըլլաս։ Ծրագրիդ համաձայն վարուելու եւ սկսածդ ամբողջացնելու համար ջանք պէտք է թափես (Հռով. 12։11)։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ըսաւ, որ ‘միտք դնէ’ աւելի լաւ ուսուցիչ դառնալու եւ ‘միշտ ատոր մէջ կենայ’ (կամ յարատեւէ)։ Այս խրատը կրնանք ուրիշ հոգեւոր նպատակակէտերու ալ կիրարկել (Ա. Տիմ. 4։13, 16)։ դ19.11 29-30 ¶15-16
Կիրակի, օգոստոս 22
Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի (Ել. 33։11)։
Երբ Մովսէսէն խնդրուեցաւ, որ իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դուրս հանէ, ան ինքնավստահութիւն չունէր եւ կրկին անգամ Եհովային արտայայտեց որ անատակ կը զգայ։ Եհովան իսկական կարեկցութիւն ցոյց տուաւ, Մովսէսին օգնելով (Ել. 4։10-16)։ Առ ի արդիւնք, Մովսէս կրցաւ դատաստանական զօրաւոր պատգամներ փարաւոնին հաղորդել։ Նաեւ, ան տեսաւ թէ Եհովան ինչպէս իր զօրութիւնը գործածեց, երբ իսրայէլացիները ազատեց, իսկ փարաւոնը եւ անոր զօրքերը բնաջնջեց Կարմիր ծովուն մէջ (Ել. 14։26-31. Սաղ. 136։15)։ Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ ետք, իսրայէլացիները շարունակ գանգատեցան։ Մովսէս տեսաւ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեծ համբերութեամբ իր ժողովուրդին հետ վարուեցաւ (Սաղ. 78։40-43)։ Ան նաեւ շօշափեց Եհովայի ուշագրաւ խոնարհութիւնը, երբ իր խնդրանքին համաձայն Իր միտքը փոխեց (Ել. 32։9-14)։ Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ ետք, Մովսէս Եհովայի հետ այնքա՛ն մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունեցաւ, որ կարծես իր երկնաւոր Հայրը կը տեսնէր (Եբ. 11։27)։ դ19.12 17 ¶7-9
Երկուշաբթի, օգոստոս 23
Ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա (Մատ. 28։7)։
Յիսուսի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը գալիլիացի էր։ Ուստի մեծ բազմութիւն մը հաւաքելու տրամաբանական վայրը պիտի ըլլար Գալիլիոյ մէջ լեռ մը եւ ոչ թէ Երուսաղէմի մէջ անձնական տուն մը։ Ասկէ զատ, յարուցեալ Յիսուս արդէն Երուսաղէմի մէջ իր 11 առաքեալներուն հանդիպած էր անձնական տան մը մէջ։ Եթէ ան կ’ուզէր միայն իր առաքեալներուն պատուիրել որ քարոզեն ու աշակերտեն, ատիկա կրնար ընել Երուսաղէմի՛ մէջ, փոխանակ իրենցմէ, կիներէն եւ ուրիշներէն խնդրելու որ Գալիլիոյ մէջ իրեն հանդիպին (Ղուկ. 24։33, 36)։ Աշակերտելու Յիսուսի պատուէրը միայն առաջին դարու քրիստոնեաներուն չէր ուղղուած։ Ուրկէ՞ գիտենք։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ուղղած իր խօսքերը եզրափակեց ըսելով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ Ներկայիս շատե՜ր կ’աշակերտեն։ Մտածէ՛. ամէն տարի գրեթէ 300,000 անհատներ կը մկրտուին որպէս Եհովայի վկաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները կը դառնան։ դ20.01 2 ¶1. 3 ¶5-6
Երեքշաբթի, օգոստոս 24
Մեր նուաստութեան մէջ մեզ յիշեց (Սաղ. 136։23, ԱԾ)։
Երիտասարդ ես, բայց ահռելի հիւանդութիւն մը ունիս։ Կամ աշխատասէր ես, բայց գործ չես գտներ։ Կամ ալ տարեց ես եւ չես կրնար ընել ինչ որ անցեալին Եհովայի ծառայութեան մէջ կ’ընէիր։ Եթէ այս պարագաներէն մէկը կը դիմագրաւես, թերեւս զգաս որ այլեւս բանի՛ մը չես ծառայեր։ Այդ պարագաները կրնան ուրախութիւնդ խլել, ինքնայարգանքդ քանդել եւ ուրիշներու հետ փոխյարաբերութեանդ մէջ խնդիրներ պատճառել։ Այս աշխարհը մարդկային կեանքի նկատմամբ Սատանայի տեսակէտը ունի։ Սատանան միշտ մարդոց հետ վարուած է այնպիսի կերպով մը, որ կարծես արժէք կամ կարեւորութիւն չունին։ Գիտնալով թէ հետեւանքը մահ է, ան անգթօրէն Եւային ըսաւ, որ Աստուծոյ չհնազանդելով ազատ պիտի ըլլայ։ Սատանան այս աշխարհը միշտ իր հակակշռին տակ պահած է։ Ուստի զարմանալի չէ, որ ատոր առաջնորդներէն շատեր նոյնպէս չեն յարգեր մարդկային կեանքն ու արժանապատուութիւնը։ Միւս կողմէ, Եհովան կ’ուզէ որ գիտակցինք թէ մենք արժէքաւոր ենք, եւ մեզի կ’օգնէ երբ կ’անցնինք պարագաներէ, որոնք կրնան մեզի անարժէք զգացնել (Հռով. 12։3)։ դ20.01 14-15 ¶1-4
Չորեքշաբթի, օգոստոս 25
Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն մի՛ ըներ, որպէս զի մեր ձեռքերովը չմեռնիս (Եր. 11։21)։
Առնուազն 40 տարի, Երեմիան անհաւատարիմ մարդոց մէջ ապրեցաւ։ Անոնց մէջ կային իր ծննդավայրէն՝ Անաթովթէն եղող դրացիներ եւ հաւանաբար ազգականներ (Եր. 12։6)։ Սակայն ան չմեկուսացաւ։ Իր զգացումները արտայայտեց իր հաւատարիմ քարտուղարին՝ Բարուքին, եւ Բարուք զանոնք արձանագրեց, ատոր համար այսօր գիտենք Երեմիայի զգացումները (Եր. 8։21. 9։1. 20։14-18. 45։1)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Կրնանք երեւակայել, թէ մինչ Բարուք կը գրէր Երեմիայի պատմութիւնը, որ իրադարձութիւններով լեցուն էր, երկուքը իրարու հանդէպ խոր սէր ու յարգանք զարգացուցին (Եր. 20։1, 2. 26։7-11)։ Երկար տարիներ Երեմիան համարձակօրէն իսրայէլացիները զգուշացուց Երուսաղէմի վրայ գալիք բաներէն (Եր. 25։3)։ Եհովան անգամ մը եւս փորձելով որ ժողովուրդը զղջումի մղէ, Երեմիային ըսաւ որ Իր ազդարարութիւնները գալարի մը վրայ արձանագրէ (Եր. 36։1-4)։ Մինչ Երեմիան եւ Բարուքը միասին աշխատեցան իրենց աստուածատուր նշանակումը կատարելու համար,– հաւանաբար քանի մը ամիս,– անկասկած հաւատք զօրացնող խօսակցութիւններ ունեցան։ դ19.11 2-3 ¶3-4
Հինգշաբթի, օգոստոս 26
Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ (Մատ. 23։12)։
Օծեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ ի՞նչ վերաբերմունք պէտք է ունենանք։ Սխալ պիտի ըլլայ անհատի մը վրայ չափէ դուրս սքանչանալ, նոյնիսկ եթէ ան Քրիստոսի օծեալ եղբայրներէն մէկն է (Մատ. 23։8-11)։ Երբ Աստուածաշունչը կը խօսի երէցներուն մասին, մեզ կը քաջալերէ որ ‘իրենց հաւատքին հետեւինք’, բայց մեզի չ’ըսեր, որ կրնանք ոեւէ մարդ մեր առաջնորդը ընել (Եբ. 13։7, ԱԾ)։ Ճիշդ է որ ըստ Սուրբ Գիրքին, ոմանք «կրկին պատիւի արժանի» են, բայց այդ է պարագան, քանի որ անոնք ‘աղէկ վերակացութիւն կ’ընեն’ եւ ծանր «կ’աշխատին խօսքը քարոզելով եւ սորվեցնելով», եւ ոչ թէ քանի որ օծեալ են (Ա. Տիմ. 5։17)։ Եթէ օծեալներուն չափէ աւելի գովասանքի խօսքեր ըսենք եւ ուշադրութիւն ընծայենք, կրնանք զիրենք նեղ կացութեան մատնել։ Կամ աւելի գէշը, կրնանք պատճառ ըլլալ որ անոնք հպարտանան (Հռով. 12։3)։ Մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ուզէ ընել բան մը, որ կրնայ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներէն մէկը մղել, որ այսպիսի լուրջ սխալ մը գործէ (Ղուկ. 17։2)։ դ20.01 28 ¶8
Ուրբաթ, օգոստոս 27
Մոռնանք արտաքին նեղութիւնները. . . բոլոր եկեղեցիներուն հոգը վրաս կը դիզուէր (Բ. Կոր. 11։28)։
Պօղոս առաքեալ մտահոգուելու շատ պատճառներ ունէր։ Իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն խնդիրներուն հոգը իր վրայ կ’առնէր (Բ. Կոր. 2։4)։ Հակառակորդները զինք ծեծեցին ու բանտարկեցին։ Ան նաեւ ստիպուեցաւ մտահոգութիւն պատճառող դժուարութիւններու տոկալ, ինչպէս՝ «չքաւորութիւն» (Փլպ. 4։12)։ Եւ ի մտի ունենալով, որ ան իր կեանքի այդ հանգրուանին առնուազն երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցաւ, կրնանք երեւակայել թէ ինչպէ՛ս հոգ կ’ընէր ամէն անգամ որ նաւով պիտի ճամբորդէր (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Ան մտահոգութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելաւ։ Ան չջանաց անձամբ հաւատակիցներուն խնդիրները լուծել։ Համեստ ըլլալով՝ կարգադրեց որ ուրիշներ ժողովքներուն հոգ տանելու օգնեն։ Օրինակ, ան Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի նման վստահելի տղամարդոց պատասխանատուութիւններ յանձնեց։ Իսկ անոնց կատարած գործը անկասկած Պօղոսի հոգերը մեղմացուց (Փլպ. 2։19, 20. Տիտ. 1։1, 4, 5)։ դ20.02 22-23 ¶11-12
Շաբաթ, օգոստոս 28
Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք (Եփ. 6։1)։
Եհովան նոյնպէս կ’ակնկալէ որ իրեն հնազանդինք։ Ան արժանի է մեր հնազանդութեան, քանի որ մեր Ստեղծիչն է, մեր կեանքի Հայթայթիչն է եւ բոլոր ծնողներէն աւելի իմաստուն է։ Սակայն, Եհովայի հնազանդելու մեր գլխաւոր պատճառն է՝ մեր սէրը իրեն հանդէպ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Թէեւ Եհովայի հնազանդելու շա՜տ պատճառներ կան, բայց ան մեզ չի ստիպեր որ իրեն հնազանդինք։ Ան մեզի ազատ կամք տուած է, ուստի կ’ուրախանայ, երբ կ’որոշենք իրեն հնազանդիլ՝ քանի որ զինք կը սիրենք։ Ծնողները կ’ուզեն որ իրենց զաւակները ապահով ըլլան։ Անոր համար վարքի չափանիշներ կը դնեն։ Երբ զաւակները այդ ուղղութիւններուն կը հնազանդին, ցոյց կու տան որ իրենց ծնողներուն կը վստահին եւ զիրենք կը յարգեն։ Ուրեմն, որքա՜ն աւելի կարեւոր է որ մեր երկնաւոր Հօր չափանիշները գիտնանք եւ անոնց համաձայն ապրինք։ Այդպէս ընելով, Եհովային ցոյց կու տանք, որ զինք կը սիրենք ու կը յարգենք, ինչպէս նաեւ մենք մեզի կ’օգտենք (Եսա. 48։17, 18)։ Իսկ անոնք որոնք Եհովան եւ անոր չափանիշները կը մերժեն, վերջաւորութեան իրենց անձին վնաս կը հասցնեն (Գաղ. 6։7, 8)։ դ20.02 9-10 ¶8-9
Կիրակի, օգոստոս 29
Հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ (Ա. Թագ. 25։24)։
Աբիգիայի նման, պէտք է քաջութիւն ունենանք խօսելու, երբ տեսնենք որ մէկը վտանգաւոր ուղի մը կը բռնէ (Սաղ. 141։5)։ Պէտք է յարգալից ըլլանք, բայց միեւնոյն ատեն՝ համարձակ։ Երբ սիրալիրօրէն մէկու մը կու տանք պէտք եղած խրատը, կը փաստենք թէ իսկական բարեկամ ենք (Առ. 27։17)։ Մասնաւորաբար երէցները պէտք է քաջութիւնը ունենան խօսելու անոնց, որոնք սխալ քայլ կ’առնեն (Գաղ. 6։1)։ Երէցները խոնարհաբար կը գիտակցին, որ իրենք ալ անկատար են եւ օր մը կրնան խրատի պէտք ունենալ։ Բայց թոյլ չեն տար որ այդ գաղափարը զիրենք ետ պահէ հարկ եղած յանդիմանութիւնը տալէ (Բ. Տիմ. 4։2. Տիտ. 1։9)։ Երբ մէկը կը խրատեն, կը ջանան խօսելու իրենց պարգեւը գործածել՝ հմտութեամբ ու համբերութեամբ անոր սորվեցնելու։ Անոնք իրենց եղբայրը կը սիրեն, եւ այս սէրն է որ զիրենք կը մղէ օգնութեան հասնելու (Առ. 13։24)։ Բայց անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ Եհովան պատուել, իր չափանիշները վեր բռնելով եւ ժողովքը վնասէ պաշտպանելով (Գործք 20։28)։ դ20.03 20 ¶8-9
Երկուշաբթի, օգոստոս 30
Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց (Փլպ. 4։13)։
Եհովան պատճառեց որ Մովսէս ըլլայ իսրայէլացիներուն ազատարարը։ Բայց Եհովան զինք ե՞րբ գործածեց։ Արդեօք ա՞յն ժամանակ, երբ Մովսէս զգաց որ որակեալ է, ‘եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուելէն’ ետք (Գործք 7։22-25)։ Ո՛չ. միայն զինք խոնարհ ու հեզ անձ դարձնելէ ետք (Գործք 7։30, 34-36)։ Ան Մովսէսին քաջութիւն տուաւ, որպէսզի Եգիպտոսի հզօր կառավարիչին առջեւ ներկայանայ (Ել. 9։13-19)։ Ուրեմն, Եհովան կը գործածէ անոնք, որոնք աստուածային յատկութիւններ կը դրսեւորեն եւ զօրութեան համար իրեն կ’ապաւինին։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովան պատճառած է որ իր ծառաները այլազան դերեր կատարեն։ Ան պիտի պատճառէ որ ի՞նչ ըլլաս։ Շատ բան կախեալ է թէ որքա՛ն յօժար ես ծանր աշխատելու (Կող. 1։29)։ Եթէ պատրաստ ես որ իր կողմէ գործածուիս, ան կրնայ պատճառել որ ըլլաս՝ նախանձախնդիր քարոզիչ, ազդու ուսուցիչ, ատակ մխիթարիչ, հմուտ աշխատող, աջակցող բարեկամ կամ որեւէ ուրիշ բան, որուն կարիք կայ իր կամքը կատարելու համար։ դ19.10 21 ¶5. 25 ¶14
Երեքշաբթի, օգոստոս 31
Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի (Յովհ. 15։15)։
Լաւ բարեկամները մեզի պիտի օգնեն որ Եհովային հաւատարիմ մնանք։ Իսկ լաւ բարեկամներ ունենալու լաւագոյն կերպն է՝ լաւ բարեկամ ըլլալ (Մատ. 7։12)։ Օրինակ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք ուրիշներուն օգնելու, մանաւանդ «կարօտ եղողին» (Եփ. 4։28)։ Այսպիսով ա՛լ աւելի ուրախ կ’ըլլանք (Գործք 20։35)։ Մեր բարեկամները մեզի թիկունք պիտի կանգնին, երբ խնդիրներ ունենանք եւ պիտի օգնեն որ մեր ներքին խաղաղութիւնը չկորսնցնենք։ Եղիուսին պէս, մեր բարեկամները մեզի կ’օգնեն՝ համբերութեամբ մտիկ ընելով, մինչ մեր հոգերը կ’արտայայտենք (Յոբ 32։4)։ Պէտք չէ անոնցմէ ակնկալենք, որ մեր տեղը որոշումներ առնեն, բայց իմաստութիւն է որ ականջ տանք անոնց սուրբգրային խրատներուն (Առ. 15։22)։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Դաւիթ ընդունեց իր բարեկամներուն օգնութիւնը, նոյնպէս մենք պէտք չէ թոյլ տանք հպարտութեան որ պատճառ ըլլայ, որ մերժենք մեր բարեկամներուն առաջարկած օգնութիւնը, երբ կը տեսնեն թէ որոշ կարիք մը ունինք (Բ. Թագ. 17։27-29)։ Իրապէս, այս տեսակ բարեկամներ Եհովային կողմէ պարգեւ են (Յակ. 1։17)։ դ19.04 11 ¶12. 12 ¶14-15