Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք21
  • Սեպտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սեպտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 1
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 2
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 3
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 4
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 5
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 6
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 7
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 8
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 9
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 10
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 11
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 12
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 13
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 14
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 15
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 16
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 17
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 18
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 19
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 20
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 21
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 22
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 23
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 24
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 25
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 26
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 27
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 28
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 29
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
աք21

Սեպտեմբեր

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 1

Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ (Յովհ. 5։17)։

Նկատի առնելով Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակները որպէս ծանր աշխատողներ, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ անհրաժեշտ չէ որ հանգստանանք։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ երկինքն ու երկիրը ստեղծելէ ետք, Եհովան «դադարեցաւ ու հանգստացաւ» (Ել. 31։17)։ Քանի որ Եհովան բնա՛ւ չի յոգնիր եւ հետեւաբար հանգստանալու պէտք չունի, այս խօսքերը ըստ երեւոյթին կը նշանակեն, որ ան ստեղծելէ կանգ առաւ եւ իր ստեղծած բաներէն հաճոյք առաւ։ Իսկ Յիսուս թէեւ երկրի վրայ եղած ատեն ծանր աշխատեցաւ, բայց ժամանակ տրամադրեց հանգստանալու եւ իր բարեկամներուն հետ ճաշելու (Մատ. 14։13. Ղուկ. 7։34)։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ծառաները կը քաջալերէ, որ աշխատին։ Անոնք պէտք է աշխատասէր ըլլան, եւ ոչ թէ ծոյլ (Առ. 15։19)։ Թերեւս աշխարհիկ գործ կ’ընես ընտանիքիդ հոգ տանելու համար։ Եւ Քրիստոսի աշակերտները ըլլալով, բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցելու։ Բայց, հանգիստի ալ պէտք ունիս։ դ19.12 2 ¶2. 3 ¶4-5

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 2

Քրիստոս ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք (Ա. Պետ. 2։21)։

Դեւերուն մասին պատմութիւններ մի՛ պատմեր։ Այս առնչութեամբ, կ’ուզենք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Երկիր գալէ առաջ, ան երկնքի մէջ ըլլալով շա՜տ բան գիտէր Սատանայի եւ դեւերուն մասին։ Բայց մարդոց պատմութիւններ չպատմեց անոնց ըրածներուն մասին։ Ան ուզեց սորվեցնել Եհովայի՛ մասին եւ ոչ թէ Սատանայի մասին։ Մենք կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել, չտարածելով պատմութիւններ դեւերուն ըրածներուն մասին։ Փոխարէնը, մեր խօսքերով ցոյց կու տանք, որ մեր սիրտը ճշմարտութիւնով բորբոքած է (Սաղ. 45։1)։ Ասկէ զատ, չար ոգիներէն մի՛ սարսափիր։ Այս անկատար աշխարհին մէջ, գէշ բաներ կրնա՛ն պատահիլ մեզի։ Կրնանք անակնկալօրէն արկածի հանդիպիլ, հիւանդանալ կամ նոյնիսկ մէկը կորսնցնել։ Պէտք չէ մտածենք որ ոգիներն են պատճառը։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ «ժամանակ ու դիպուած» կրնայ պատահիլ ոեւէ մէկու (Ժող. 9։11)։ Իսկ գալով դեւերուն, Եհովան ցոյց տուած է, որ անոնցմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ դ19.04 24 ¶13-14

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 3

Իշխանութիւնները Աստուծոյ կողմէ դրուած են իրենց յարաբերական դիրքերուն վրայ (Հռով. 13։1, ՆԱ)։

Երէցները կը գործե՞ն աշխարհիկ օրէնքներուն համաձայն, իշխանութիւններուն տեղեկացնելով, երբ կ’ըսուի թէ երեխայ մը շահագործուած է։ Այո՛։ Այն երկիրները, ուր այսպիսի օրէնքներ կան, երէցները անոնց համաձայն գործելով կը տեղեկացնեն իշխանութիւններուն, թէ երեխայ մը թերեւս շահագործուած է։ Այսպիսի օրէնքներ չեն հակասեր Աստուծոյ օրէնքին (Գործք 5։28, 29)։ Ուստի, երբ երէցներուն ըսուի թէ երեխայ մը թերեւս շահագործուած է, անոնք անմիջապէս մասնաճիւղէն ուղղութիւն կը խնդրեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան զայն տեղեկացնելու վերաբերեալ օրէնքին հնազանդիլ։ Երէցները չարաշահութեան զոհ գացողներուն, անոնց ծնողներուն եւ հարցէն տեղեակ եղող ոեւէ անհատի ազնուօրէն կ’ըսեն, թէ իրաւունք ունին իշխանութիւններուն լուր տալու։ Եթէ չարաշահողը ժողովքէն անհատ մըն է եւ հարցը հանրածանօթ դառնայ, տեղեկագրող քրիստոնեան պէ՞տք է զգայ, որ Աստուծոյ անուան վրայ անարգանք բերաւ։ Ո՛չ։ Չարաշահողն է անարգանք բերողը։ դ19.05 10-11 ¶13-14

Շաբաթ, սեպտեմբեր 4

Այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է (Ա. Կոր. 3։19)։

Աստուածաշունչը ամուսինին ու կնոջ կը սորվեցնէ իրար պատուել եւ ամուսնական ուխտը կատարել։ Զիրենք կը քաջալերէ, որ վճռեն միասին մնալ, ըսելով. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն. 2։24)։ Մինչդեռ աշխարհի իմաստութենէն ազդուողները տարբեր տեսակէտ յառաջ կը մղեն, ըսելով որ ամէն մէկ կողակից պէտք է կեդրոնանայ ի՛ր կարիքներուն վրայ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ երբ զոյգը կ’ամուսնանայ, բոլորին առջեւ կը խոստանայ, որ իրարու հետ ամուսնացած պիտի մնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը։ Ամուսնալուծման մասին գիրք մը կը նշէ, թէ շատեր այդ խոստումը փոխած են, ըսելով որ զոյգը ամուսնացած պիտի մնայ այնքան ատեն որ իրար կը սիրեն։ Ամուսնութիւնը այսքան թեթեւի առնելը պատճառ դարձած է, որ անհամար ընտանիքներ քայքայուին եւ շատեր զգացականօրէն խորապէս վնասուին։ Ուրեմն, յստակ է որ ամուսնութեան նկատմամբ աշխարհի անյարգալից տեսակէտը յիմարութիւն է։ դ19.05 23 ¶12

Կիրակի, սեպտեմբեր 5

Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը (Հռով. 12։2)։

Պօղոս մտահոգ էր, քանի որ այնպէս կ’երեւի որ կարգ մը քրիստոնեաներ կ’ազդուէին Սատանայի աշխարհին յառաջ մղած վնասակար գաղափարներէն (Եփ. 4։17-19)։ Մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ այդ կերպով ազդուիլ։ Սատանան՝ այս աշխարհի աստուածը, որ ամէն ջանք կ’ընէ որ մեզ Եհովայէն հեռացնէ, բազմաթիւ հնարքներ կը գործածէ։ Անոնցմէ մէկն է՝ օգտագործել կարեւոր կամ նշանաւոր դառնալու մեր փափաքը, որ թերեւս ունինք։ Ան նաեւ թերեւս փորձէ գործածել մեր անցեալի փորձառութիւնը, մշակոյթը կամ ուսումը, ջանալով մեզ իր մտածելակերպով կաղապարել։ Կարելի՞ է որ արմատախիլ ընենք բաներ, որոնք «ամրոցներ» են մեր մտքին մէջ (Բ. Կոր. 10։4)։ Նկատէ՛ Պօղոսի պատասխանը. «Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում» (Բ. Կոր. 10։5, ԱԾ)։ Այո, Եհովայի օգնութեամբ կրնանք սխալ կեցուածքներէն ձերբազատուիլ։ դ19.06 8 ¶1-3

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 6

Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ (Սաղ. 73։28)։

Եհովայի երեք ծառաներ,– Աննա, Դաւիթ եւ սաղմոսերգու մը,– իր օգնութեան դիմեցին, երբ մեծապէս ճնշուած էին։ Անոնք ջերմեռանդ աղօթքով իրենց մտահոգութիւնները բացատրեցին։ Ազատօրէն արտայայտուեցան, թէ ինչո՛ւ այդքան ճնշուած էին։ Եւ շարունակեցին Եհովայի պաշտամունքի վայրը երթալ (Ա. Թագ. 1։9, 10. Սաղ. 55։22. 73։17. 122։1)։ Եհովան ամէն մէկուն կարեկցաբար օգնեց։ Աննան մտքի խաղաղութիւն ունեցաւ (Ա. Թագ. 1։18)։ Դաւիթ գրեց. «Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա» (Սաղ. 34։19)։ Իսկ սաղմոսերգուն զգաց, որ Եհովան ‘իր աջ ձեռքը բռնած էր’ եւ սիրալիր խրատներով զինք կ’առաջնորդէր (Սաղ. 73։23, 24)։ Այս օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ժամանակ առ ժամանակ, շատ լուրջ խնդիրներ պիտի ունենանք, որոնք մեզի ճնշուածութիւն պիտի պատճառեն։ Բայց կրնանք անոնց հետ գլուխ ելլել, եթէ խոկանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս ուրիշներուն օգնած է, աղօթքով իրեն ապաւինինք եւ իր խնդրածները ընելով իրեն հնազանդինք (Սաղ. 143։1, 4-8)։ դ19.06 17 ¶14-15

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 7

Եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք (Ա. Պետ. 3։14)։

Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ մարդոց ըսածը կամ ըրածը պատճառ դառնայ, որ ամչնաս որ Եհովայի վկայ ես (Միք. 4։5)։ Նկատի առ թէ առաքեալները ի՛նչ ըրին Երուսաղէմի մէջ, Յիսուսի մահէն անմիջապէս ետք։ Անոնք գիտէին թէ հրեայ կրօնական առաջնորդները զիրենք կ’ատէին (Գործք 5։17, 18, 27, 28)։ Բայց եւ այնպէս, շարունակեցին ամէն օր տաճար երթալ եւ հանրութեան ցուցնել թէ իրենք Յիսուսին աշակերտներն են (Գործք 5։42)։ Անոնք թոյլ չտուին որ վախը զիրենք անդամալոյծ դարձնէ։ Մենք ալ կրնանք մարդոց հանդէպ վախը յաղթահարել, կանոնաւորաբար եւ հանրապէս գիտցնելով թէ Եհովայի վկաներ ենք, ըլլայ գործատեղը, դպրոցը կամ մեր միջավայրին մէջ (Գործք 4։29. Հռով. 1։16)։ Առաքեալները ինչո՞ւ ուրախ էին։ Անոնք գիտէին, թէ ինչո՛ւ ատուած էին, եւ պատիւ սեպեցին անարգուիլ Եհովայի կամքը կատարելուն համար (Ղուկ. 6։23. Գործք 5։41. Ա. Պետ. 2։19-21)։ Երբ հասկնանք թէ ճիշդը ընելուն համար է որ կ’ատուինք, բնա՛ւ պիտի չձգենք որ մարդոց ատելութիւնը մեզ կեցնէ Եհովային ծառայելէ։ դ19.07 7 ¶19-20

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 8

Շաբաթ օրը բարի գործել արժան է (Մատ. 12։12)։

Յիսուս եւ իր հրեայ հետեւորդները Շաբաթը պահեցին, քանի որ Օրէնքին ներքեւ էին։ Բայց Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով ցոյց տուաւ, որ Շաբաթ օրով ուրիշներուն համար օգտակար բաներ ընելը սխալ չէ (Մատ. 12։9-11)։ Ան Շաբաթ օրով ազնիւ արարքներ կատարելը օրինազանցութիւն չնկատեց։ Յիսուսին ըրածները ցոյց տուին, թէ կը հասկնար Շաբաթի կարգադրութեան կարեւոր մէկ պատճառը։ Որովհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդը այդ օրը իրենց առօրեայ գործերէն հանգիստ կ’ընէին, կրնային հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալ։ Յիսուս մեծցաւ ընտանիքի մը մէջ, որ Շաբաթը կ’օգտագործէր Աստուծոյ մօտենալու համար։ Ասիկա գիտենք այն համարէն որ կ’ըսէ, թէ Յիսուս Նազարէթի մէջ «իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ» (Ղուկ. 4։15-19)։ Նաեւ, Յիսուսի աշակերտները մեծապէս կը յարգէին Շաբաթը, այնպէս որ անոր թաղման համար յաւելեալ պատրաստութիւններ տեսնելէ կանգ առին, մինչեւ որ Շաբաթ օրը անցաւ (Ղուկ. 23։55, 56)։ դ19.12 4 ¶10

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 9

Յոյս մըն ալ չունէիք (Եփ. 2։12)։

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ բաժին ունի անկեղծ մարդոց օգնելու մէջ։ Այս գործը կրնանք նմանցնել կորսուած պզտիկ մը փնտռելուն։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ իրական դէպք մը որ պատահեցաւ երեք տարեկան տղու մը։ Երբ ան կորսուեցաւ, շուրջ 500 մարդիկ զինք փնտռելու ելան։ Պզտիկը կորսուելէն մօտաւորապէս 20 ժամ ետք, փնտռողներէն մէկը զինք գտաւ դաշտի մը մէջ։ Ան մերժեց պզտիկը գտնելուն վարկը իրեն տալ, ըսելով. «Հարիւրաւոր մարդիկ բաժին բերին պզտիկը գտնելուն մէջ»։ Շատեր այդ տղեկին պէս են. անոնք կորսուած կը զգան։ Յոյս չունին, բայց օգնութեան պէտք ունին։ Աւելի քան ութ միլիոն Վկաներ կը ջանան այդ արժանաւորները գտնել։ Թերեւս անձամբ չգտնես մէկը, որ քեզի հետ Աստուածաշունչը սերտէ։ Սակայն, նոյն թաղամասին մէջ ծառայող ուրիշ հրատարակիչներ թերեւս գտնեն մէկը, որ կ’ուզէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Երբ եղբայր մը կամ քոյր մը հանդիպի մէկու մը, որ յետագային Քրիստոսի աշակերտ կ’ըլլայ, բոլո՛ր անոնք՝ որոնք փնտռեցին, կրնան ուրախանալ։ դ19.07 16 ¶9-10

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 10

Նպատակը դիտելով. . . կը վազեմ (Փլպ. 3։14)։

Պօղոս առաքեալ Փիլիպպէի քրիստոնեաներուն յիշեցուց, որ պէտք է շարունակե՛ն համբերատարութեամբ վազել։ Ժողովքը սկիզբէն իսկ հակառակութիւն դիմագրաւեց։ Ինչպէ՞ս։ Մակեդոնիա երթալու աստուածային պատուէրը ստանալէ ետք, Պօղոս ու Շիղա Փիլիպպէ հասան շուրջ Ք.Ե. 50–ին (Գործք 16։9)։ Անոնք ծանօթացան Լիդիա անունով կնոջ մը, «որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ» (Գործք 16։14)։ Շատ չանցած, ան ու իր տնեցիները մկրտուեցան։ Սակայն, Սատանան անմիջապէս սկսաւ խնդիրներ հանել։ Քաղաքէն տղամարդիկ Պօղոսն ու Շիղան բռնեցին ու տարին քաղաքին մեծաւորներուն քով եւ սուտ ամբաստանութիւն ըրին, թէ անոնք խռովութիւն կը պատճառէին։ Առ ի արդիւնք, Պօղոս ու Շիղա ծեծուեցան, բանտարկուեցան եւ ետքը իրենցմէ խնդրուեցաւ որ քաղաքէն հեռանան (Գործք 16։16-40)։ Արդեօք վհատեցա՞ն։ Բնաւ երբեք։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Փիլիպպէի նորակազմ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին։ Իրե՛նք ալ տոկացին։ Անկասկած Պօղոսի ու Շիղայի լաւ օրինակը զիրենք շատ քաջալերեց։ դ19.08 2 ¶1-2

Շաբաթ, սեպտեմբեր 11

Արդարութեան պտուղներով լեցուեցէք (Փլպ. 1։11)։

Անկասկած «արդարութեան պտուղ»ը կը պարփակէ՝ Եհովայի ու իր ծառաներուն հանդէպ սէր եւ ուրիշներուն խօսիլ Յիսուսի հանդէպ մեր հաւատքին մասին ու մեր հոյակապ յոյսին մասին։ Մենք «արդարութեան պտուղ» կու տանք, երբ աշակերտելու շատ կարեւոր գործին լիովին կը մասնակցինք (Մատ. 28։18-20)։ Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, կրնանք լուսաւորներու պէս փայլիլ։ Երբեմն, այն բանը որ կը թուի արգելք ըլլալ քարոզչութեան, կրնայ պատեհութիւն տալ որ քարոզենք։ Օրինակ, Հռոմի մէջ Պօղոս առաքեալ տան մը մէջ բանտարկուած էր, երբ փիլիպպեցիներուն նամակ գրեց։ Բայց շղթաները արգելք չեղան որ պահակներուն եւ այցելուներուն քարոզէ։ Ան այս պարագաներուն ներքեւ նախանձախնդրաբար քարոզեց, ինչ որ եղբայրներուն վստահութիւն տուաւ եւ անոնք սիրտ առին «Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի» (Փլպ. 1։12-14. 4։23)։ դ19.08 12 ¶15-16

Կիրակի, սեպտեմբեր 12

Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ (Ա. Պետ. 5։6)։

Կը ջանանք խոնարհ ըլլալ, գլխաւորաբար քանի որ ատիկա Եհովան կը հաճեցնէ, ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ այս օրուան համարին խօսքերով յստակ դարձուց։ Պետրոսի խօսքերը մեկնաբանելով, «Եկուր իմ ետեւէս» գիրքը (գլ. 3, պարբ. 23, արաբ.) կ’ըսէ. «Հպարտութիւնը թոյնի պէս է. շատ վտանգաւոր ազդեցութիւն կը ձգէ։ Հպարտ անձը, նոյնիսկ եթէ շատ տաղանդաւոր է, Աստուծոյ համար պիտանի չէ։ Միւս կողմէ, Եհովան խոնարհ անձը կը գործածէ, նոյնիսկ եթէ աչքառու կարողութիւններ չունի։ . . .Ան պիտի ուրախանայ քեզ վարձատրելով խոնարհութեանդ համար»։ Իրապէս ալ, լաւագոյն բանը որ կ’ընենք՝ Եհովային սիրտը ուրախացնելն է (Առ. 23։15)։ Եհովան հաճեցնելէ զատ, շատ օգուտներ կը ստանանք երբ խոնարհութիւն մշակենք։ Մեր խոնարհութիւնը մարդիկը կը մղէ, որ ուզեն մեզի մօտենալ։ Պատճառը հասկնալու համար, ինքզինքդ ուրիշներու տեղը դիր, մտածելով թէ ի՛նչ տեսակի մարդիկ ընդհանրապէս քեզ կը քաշեն (Մատ. 7։12)։ դ19.09 4 ¶8-9

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 13

Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են (Առ. 16։5)։

Երէցները շատ ջանք կը թափեն՝ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու։ Եւ իրենց հեղինակութեան պատճառաւ չեն հպարտանար, հապա ժողովքին հետ քնքշութեամբ կը վարուին (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Խոնարհութիւն եւ անկեղծ սէր ունենալով, անոնք ուրիշներու հետ ազնուօրէն կը խօսին։ Էնտրու, որ տարիներէ ի վեր երէց է, կ’ըսէ. «Նկատած եմ որ երբ երէց մը ազնիւ ու բարեկամական է, եղբայրներն ու քոյրերը ընդհանրապէս լաւ կ’ընդառաջեն եւ կը մղուին երէցներուն հետ համագործակցելու»։ Թոնին, որ եւս տարիներէ ի վեր երէց է, կ’ըսէ. «Կը ջանամ Փիլիպպեցիս 2։3–ի խրատը գործադրել եւ միշտ ուրիշները ինձմէ գերազանց նկատել։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ բռնապետի պէս չվարուելու»։ Եհովային պէս, երէցները պէտք է խոնարհ ըլլան։ Տիեզերքի Գերիշխանը ըլլալով հանդերձ, Եհովան ‘կը խոնարհի, աղքատը փոշիէն վեր վերցնելու համար’ (Սաղ. 18։35. 113։6, 7)։ Եւ ան հպարտները կ’ատէ։ դ19.09 16-17 ¶11-12

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 14

Իմ լուծս ձեր վրայ առէք (Մատ. 11։29)։

Յիսուսի լուծին տակ թարմանալու համար, պէտք է ճիշդ տեսակէտը պահպանենք։ Մենք Եհովայի գործը կ’ընենք, ուրեմն պէտք է զայն Եհովայի կերպով ընենք։ Մենք գործաւորներն ենք, իսկ Եհովան՝ Տէրը (Ղուկ. 17։10)։ Եթէ փորձենք իր գործը մե՛ր ուզած կերպով ընել, պիտի դժուարացնենք լուծը կրելը։ Միւս կողմէ, եթէ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւինք, պիտի ընենք բաներ՝ որոնք չէինք երեւակայեր որ կրնայինք ընել, եւ որեւէ դժուարութիւն պիտի յաղթահարենք։ Յիշենք թէ մէ՛կը չի կրնար արգելք կենալ որ Եհովայի կամքը կատարուի (Հռով. 8։31. Ա. Յովհ. 4։4)։ Մեր նպատակակէտն է՝ փառք բերել մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովային։ Առաջին դարուն, անոնք՝ որոնց շարժառիթն էր ագահութիւն կամ անձնական շահերը փնտռել, շուտով իրենց ուրախութիւնը կորսնցուցին եւ Յիսուսի լուծը լքեցին (Յովհ. 6։25-27, 51, 52, 61, 67. Փլպ. 3։18, 19)։ Ասոր հակառակը, անոնք՝ որոնք Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ անձնուրաց սէրէ մղուած լուծը կրեցին, ասիկա իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ուրախութեամբ ըրին, Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ ծառայելու հեռանկարը ունենալով։ Իրենց պէս, մենք ալ ուրախ պիտի մնանք, եթէ Յիսուսի լուծը ճիշդ շարժառիթով կրենք։ դ19.09 20 ¶1. 24-25 ¶19-20

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 15

Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ (Յովհ. 8։32)։

Մտածէ այն օրհնութիւններուն մասին, որոնք ունիս՝ քանի որ սուտ ուսուցումներէ ազատուած ես։ Որքա՜ն ուրախ ենք, որ այսպիսի ազատութիւն կը վայելենք։ Գալիք աւելի մեծ ազատութիւն մը կրնաս ակնկալել։ Մօտ ատենէն, Յիսուս սուտ կրօնքը եւ մարդկային ապականուած իշխանութիւնը պիտի բնաջնջէ։ Աստուած իրեն ծառայող «մեծ բազմութեան» թոյլ պիտի տայ, որ դրախտային երկրի վրայ օրհնութիւններ վայելեն (Յայտ. 7։9, 14)։ Բազմաթիւ անհատներ յարութիւն պիտի առնեն եւ առիթը պիտի ունենան ադամական մեղքին բոլոր հետեւանքներէն ազատուելու (Գործք 24։15)։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս եւ իր իշխանակիցները մարդկութիւնը ֆիզիքական եւ հոգեւոր կատարեալ առողջութեան պիտի հասցնեն։ Այդ վերահաստատման ու ազատութեան ժամանակամիջոցը, Իսրայէլի Յոբելեանին պէս պիտի ըլլայ։ Ի վերջոյ, բոլոր անոնք, որոնք Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն, կատարեալ եւ մեղքէ զերծ պիտի ըլլան։ դ19.12 12-13 ¶14-16

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 16

Բառնաբաս զանիկա առնելով՝ առաքեալներուն տարաւ (Գործք 9։27)։

Առաջին դարուն, Յովսէս անունով առատաձեռն տղամարդ մը թոյլ տուաւ, որ Եհովան զինք գործածէ (Գործք 4։36, 37)։ Առաքեալները զինք կոչեցին Բառնաբաս։ Սօղոս հաւատացեալ դառնալէ ետք, եղբայրներէն շատեր վախցան իրեն մօտենալու, քանի որ ճանչցուած էր որպէս հալածող։ Սակայն, գթասիրտ Բառնաբաս Սօղոսին օգնութեան հասաւ (Գործք 9։21, 26-28)։ Յետագային, Երուսաղէմի երէցները հարկ տեսան, որ Սուրիոյ Անտիոքի եղբայրները քաջալերեն։ Ո՞վ ղրկեցին։ Բառնաբա՛սը։ Իրենց ընտրութիւնը տեղին էր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ Բառնաբաս «կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան» (Գործք 11։22-24)։ Նոյնպէս այսօր, Եհովան կրնայ մեզի օգնել որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար «մխիթարութեան որդի» ըլլանք։ Օրինակ, ան կրնայ մեզ գործածել որ մխիթարենք սիրելիներ կորսնցնողները։ Կամ կրնայ մեզ մղել, որ այցելենք կամ հեռաձայնենք մէկու մը, որ հիւանդ կամ ընկճուած է, եւ անոր ազնիւ խօսքեր ըսենք։ Թոյլ պիտի տա՞ս որ Եհովան քեզ գործածէ, ինչպէս որ Բառնաբասը գործածեց (Ա. Թես. 5։14)։ դ19.10 22 ¶8

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 17

Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ (Առ. 17։9)։

Երբեմն, երբ բարեկամներու հետ մօտէն կ’աշխատինք, կը տեսնենք ոչ միայն իրենց զօրաւոր կողմերը, հապա նաեւ տկարութիւնները։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ անոնց մօտիկ մնանք, թէեւ մեզի հանդէպ սխալին։ Իրականութիւնը այն է, որ չենք կրնար մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն կատարելութիւն ակնկալել։ Ուստի, մէյ մը որ մտերիմ բարեկամութիւններ զարգացնենք, պէտք է շատ ջանք թափենք, որ բարեկամական նոր կապերը պահպանենք։ Եթէ մեր բարեկամները սխալ մը ընեն, թերեւս հարկ ըլլայ որ իրենց ազնուօրէն բայց անկեղծօրէն խրատ տանք՝ Աստուածաշունչին հիման վրայ (Սաղ. 141։5)։ Իսկ եթէ մեզ վիրաւորեն, հարկ է որ իրենց ներենք։ Մէյ մը որ իրենց ներենք, պէտք է ջանանք իրենց ըրածին նիւթը յետագային չբանալ։ Որքա՜ն կարեւոր է որ այս դժուար ժամանակներուն կեդրոնանանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն զօրաւոր կողմերուն վրայ եւ ոչ թէ տկարութիւններուն վրայ։ Այդպէս ընելով, իրենց հետ մեր կապը կը զօրանայ։ Յիշենք որ մեծ նեղութեան ընթացքին պէտք պիտի ունենանք մտերիմ բարեկամներու։ դ19.11 6 ¶13, 16

Շաբաթ, սեպտեմբեր 18

Աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի (Մատ. 28։19, 20)։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով, պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ ‘աշակերտենք, սորվեցնելով անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ Յիսուս պատուիրեց’։ Պէտք է մարդոց օգնենք որ ըմբռնեն, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ Եհովայի եւ իր Թագաւորութեան կողքին դիրք բռնեն։ Ասիկա կը նշանակէ մարդիկը մղել, որ ճշմարտութիւնը իրենցը դարձնեն՝ իրենց սորվածը գործադրելով, իրենց կեանքը Եհովային նուիրելով եւ մկրտուելով։ Միայն այդ պարագային, անոնք Եհովայի օրէն պիտի վերապրին (Ա. Պետ. 3։21)։ Շատ քիչ ժամանակ մնացած է մինչեւ այս չար աշխարհին վերջը։ Անոր համար, ժամանակ չունինք որ շարունակենք Աստուածաշունչը սերտել անոնց հետ, որոնք յայտնի է որ միտք չունին Քրիստոսի աշակերտները դառնալու (Ա. Կոր. 9։26)։ Մեր գործը հրատապ է։ Տակաւին շատ մարդիկ կան, որոնք պէտք է Թագաւորութեան պատգամը լսեն, շատ ուշ չեղած։ դ19.10 11-12 ¶14-15

Կիրակի, սեպտեմբեր 19

Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջը առջեւ (Ղեւ. 16։13)։

Ամէն տարի Քաւութեան օրը, իսրայէլ ազգը կը հաւաքուէր եւ քահանայապետը անասնական զոհեր կը մատուցանէր։ Այդ զոհերը իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէին, որ մեղքերէ մաքրուելու կարիք ունէին։ Բայց նախ պէտք էր քահանայապետը անուշահոտ խունկը թափէր կրակի կայծերուն վրայ եւ սենեակը լեցուէր անուշ հոտով։ Ատկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներուն ընդունելի աղօթքները խունկի կը նմանին (Սաղ. 141։2. Յայտ. 5։8)։ Քահանայապետը մեծ յարգանքով խունկը կը բերէր Եհովայի ներկայութեան։ Նոյնպէս, երբ աղօթքով Եհովայի կը մօտենանք, ասիկա խոր յարգանքով կ’ընենք։ Մենք շատ շնորհակալ ենք, որ մեր Ստեղծիչը թոյլ կու տայ որ իրեն մօտենանք, ինչպէս զաւակ մը իր հօր կը մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Ան մեզ կ’ընդունի իբրեւ իր բարեկամները (Սաղ. 25։14)։ Մենք այս առանձնաշնորհումը այնքան կ’արժեւորենք, որ բնա՛ւ չենք ուզեր զինք յուսախաբ ընել։ դ19.11 20-21 ¶3-5

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 20

Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ (Սաղ. 104։24)։

Ապրած շրջանիդ մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս գործը կը նկատէ։ Շատ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ երթալով աւելի կ’աշխատին։ Անոնք յաճախ չեն կրնար հանգիստ ընել, իրենց ընտանիքներուն հետ ժամանակ անցընել կամ իրենց հոգեւոր պէտքին գոհացում տալ (Ժող. 2։23)։ Միւս կողմէ, ոմանք բնա՛ւ չեն սիրեր աշխատիլ եւ պատճառաբանութիւններ կ’ընեն, որպէսզի չաշխատին (Առ. 26։13, 14)։ Կը տեսնենք թէ աշխարհի մէջ բազմաթիւ մարդիկ կա՛մ շատ կ’աշխատին, կամ ալ չեն սիրեր աշխատիլ։ Բայց մտածէ թէ Եհովան եւ Յիսուսը գործի նկատմամբ ի՛նչ տեսակէտ ունին։ Մենք գիտենք թէ Եհովան կը սիրէ աշխատիլ։ Յիսուս ատիկա յստակ դարձուց՝ ըսելով. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յովհ. 5։17)։ Մտածէ այն ամբողջ աշխատանքին մասին, որ Աստուած տարաւ, երբ անհամար հոգեղէն արարածներ եւ հսկայ տիեզերքը ստեղծեց։ Նաեւ կը տեսնենք այն բոլոր գեղեցիկ բաները, որոնք Աստուած երկրի վրայ ստեղծեց։ դ19.12 2 ¶1-2

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 21

Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ (Գործք 13։22)։

Դաւիթ ինչպէ՞ս Եհովային այսքան մօտիկ եղաւ։ Ան ստեղծագործութենէն սորվեցաւ Եհովայի մասին։ Երբ պատանի էր, տունէն դուրս ժամեր կ’անցընէր՝ իր հօր ոչխարներուն հոգ տանելով։ Թերեւս այն ատեն է որ սկսաւ Եհովայի ստեղծած բաներուն վրայ խոկալ։ Օրինակ, գիշերը աստղազարդ երկինքին նայելով, աստղերը Ստեղծողին յատկութիւնները կ’ըմբռնէր (Սաղ. 19։1, 2)։ Իսկ խոկալով թէ մարդ արարածը ի՜նչ հոյակապ կերպով ստեղծուած է, ան կը տեսնէր Եհովայի խոր իմաստութիւնը (Սաղ. 139։14)։ Եհովայի գործերուն մասին խոկալը զինք խոնարհեցուց (Սաղ. 139։6)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Առօրեայ կեանքիդ մէջ, խոկա՛ թէ շուրջդ գտնուող ստեղծագործութիւնը,– բոյսերը, անասունները եւ մարդիկը,– քեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։ Այդպէս ընելով, իւրաքանչիւր օր լեցուն բաներ պիտի սորվիս սիրելի Հօրդ մասին (Հռով. 1։20)։ Եւ օրէ օր պիտի նկատես թէ իրեն հանդէպ ա՛լ աւելի խոր սէր կը զարգացնես։ դ19.12 19-20 ¶15-17

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 22

Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ (Եբ. 11։24)։

Մովսէս իր գիտցածին հիման վրայ գործեց։ Երբ ան շուրջ 40 տարեկան էր, ընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդին՝ եբրայեցիներուն ընկերակցիլ, փոխանակ ճանչցուելու որպէս «Փարաւոնին աղջկան որդին»։ Ան երեւելի դիրքէ մը հրաժարեցաւ։ Երբ ստրկացած եբրայեցիներուն կողմը դիրք բռնեց, գիտէր թէ փարաւոնը պիտի բարկանար։ Հաւատքի ի՜նչ հոյակապ արարք, քանի որ փարաւոնը շատ զօրաւոր կառավարիչ մըն էր եւ եգիպտացիները զինք աստուած կը նկատէին։ Մովսէս Եհովային վստահեցաւ, եւ այսպիսի վստահութիւն մնայուն բարեկամութեան հիմնաքարն է (Առ. 3։5)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Մովսէսին պէս, բոլորս պէտք է որոշում մը առնենք. պիտի ընտրե՞նք Աստուծոյ ծառայել եւ իր ժողովուրդին ընկերակցիլ։ Թերեւս Աստուծոյ ծառայելու համար ստիպուինք զոհողութիւններ ընել, եւ թերեւս հակառակութիւն դիմագրաւենք անոնց կողմէ՝ որոնք Եհովան չեն ճանչնար։ Բայց եթէ մեր երկնաւոր Հօր վստահինք, ան մեզի թիկունք պիտի կանգնի։ դ19.12 17 ¶5-6

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 23

Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց (Ծն. 2։7)։

Թէեւ երկրի հողէն շինուած ենք, բայց ափ մը հողէ շա՜տ աւելի արժէքաւոր ենք։ Նկատի առ միայն քանի մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ Եհովային համար արժէքաւոր ենք։ Ան մարդը ստեղծեց իր յատկութիւնները ընդօրինակելու կարողութեամբ (Ծն. 1։27)։ Այդպէս ընելով, ան մեզ երկրի վրայ եղող բոլոր ստեղծագործութիւններէն աւելի բարձրացուց, եւ հեղինակութիւն տուաւ որ երկրին եւ անասուններուն հոգ տանինք (Սաղ. 8։4-8)։ Նոյնիսկ Ադամ մեղք գործելէն ետք, Եհովան շարունակեց մարդիկը արժեւորել։ Ան մեզ այնքա՛ն կ’արժեւորէ, որ իր սիրելի Որդին՝ Յիսուսը, որպէս փրկանք տուաւ մեր մեղքերուն համար (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Եւ փրկանքին օգուտները կիրարկելով, Եհովան յարութիւն պիտի տայ Ադամի մեղքին պատճառով մեռնողներուն՝ «թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Իր Խօսքը ցոյց կու տայ, թէ մենք իրեն համար արժէքաւոր ենք՝ ի՛նչ ալ ըլլայ մեր առողջութիւնը, նիւթական վիճակը կամ տարիքը (Գործք 10։34, 35)։ դ20.01 15 ¶5-6

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 24

Ամէն մէկդ իր գործը գործէ (Ա. Թես. 4։11)։

Մէկը երկնային յոյսը չի ժառանգեր իր ընտանիքէն, հապա Աստուծմէ կը ստանայ (Ա. Թես. 2։12)։ Ուստի պէտք չէ հարցնենք այնպիսի հարցումներ, որոնք կրնան ուրիշները վիրաւորել։ Օրինակ, օծեալ եղբօր մը կնոջ չենք հարցներ, թէ ի՛նչ կը զգայ, քանի որ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրի առանց իր ամուսինին։ Ի վերջոյ, կրնանք ամբողջովին վստահ ըլլալ, որ նոր աշխարհին մէջ, Եհովան ‘ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղ. 145։16)։ Օծեալները ուրիշներէն աւելի կարեւոր չսեպելով, մենք մեզ ալ կը պաշտպանենք։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, որ կարգ մը օծեալներ թերեւս հաւատարիմ չմնան (Մատ. 25։10-12. Բ. Պետ. 2։20, 21)։ Եթէ «երեսպաշտութիւն» չընենք, կամ՝ անձնաւորութիւններու վրայ չսքանչանանք, բնա՛ւ ուրիշներուն պիտի չհետեւինք, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք օծեալ են կամ համբաւաւոր են կամ տարիներէ ի վեր Եհովայի կը ծառայեն (Յդ. 16)։ Այսպէս, եթէ անհաւատարիմ ըլլան կամ ժողովքը լքեն, Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը պիտի չկորսնցնենք կամ իրեն ծառայելէ պիտի չդադրինք։ դ20.01 29 ¶9-10

Շաբաթ, սեպտեմբեր 25

Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս (Եփ. 5։1)։

Եհովայի «սիրելի զաւակներ»ը ըլլալով, մեր լաւագոյնը կ’ընենք զինք ընդօրինակելու։ Իր յատկութիւնները կ’ընդօրինակենք՝ ուրիշներու հանդէպ սիրալիր, ազնիւ եւ ներողամիտ ըլլալով։ Երբ անոնք՝ որոնք Աստուած չեն ճանչնար, կը տեսնեն մեր բարի վարքը, թերեւս մղուին իր մասին աւելին սորվելու (Ա. Պետ. 2։12)։ Քրիստոնեայ ծնողները պէտք է ջանան իրենց զաւակներուն հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս Եհովան մեզի հետ կը վարուի։ Երբ այդպէս ընեն, զաւակները հաւանաբար ուզեն Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Մենք մեր երկնաւոր Հօրմով հպարտ ենք, եւ կ’ուզենք որ ուրիշներ ալ զինք ճանչնան։ Մեր սրտին մէջ Դաւիթին պէս կը զգանք, որ գրեց. «Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի» (Սաղ. 34։2)։ Բայց եթէ ամչկոտ ենք, ինչպէ՞ս կրնանք համարձակ ըլլալ։ Համարձակութիւն կը հաւաքենք, երբ կը կեդրոնանանք այն բանին վրայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան ուրախացնել եւ թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս պիտի օգտուին Եհովայի մասին սորվելով։ Եհովան մեզի պէտք եղած քաջութիւնը պիտի տայ։ Ան առաջին դարու քրիստոնեաներուն օգնեց որ համարձակ ու խիզախ ըլլան, եւ մեզի ալ պիտի օգնէ (Ա. Թես. 2։2)։ դ20.02 11 ¶12. 13 ¶13

Կիրակի, սեպտեմբեր 26

Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք (Մատ. 28։19)։

Աստուածաշունչը սերտողներէն շատեր կը յառաջդիմեն ու կը մկրտուին։ Սակայն, ոմանք կը վախնան Քրիստոսի աշակերտները դառնալու։ Անոնք սերտողութիւններէն հաճոյք կ’առնեն, բայց չեն յառաջդիմեր դէպի մկրտութիւն։ Եթէ ուսումասիրութիւն մը կը վարես, վստահ ենք որ կ’ուզես աշակերտիդ օգնել, որ իր սորվածը գործադրէ եւ Քրիստոսի աշակերտը դառնայ։ Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն ծառայեն, քանի որ զինք կը սիրեն։ Ուստի մեր նպատակն է՝ մեր աշակերտներուն օգնել հասկնալու, թէ Եհովան իրենցմով խորապէս հետաքրքրուած է եւ զիրենք շատ կը սիրէ։ Կ’ուզենք իրենց օգնել, որ Եհովան նկատեն որպէս «որբերուն հայրը ու որբեւայրիներուն դատաւորը» (Սաղ. 68։5)։ Երբ աշակերտդ գիտակցի, թէ Աստուած զինք որքա՜ն կը սիրէ, ինք ալ պիտի սկսի զինք սիրել։ Հետեւաբար, աշակերտիդ օգնէ հասկնալու, թէ Աստուած կ’ուզէ որ ինք յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգէ, եւ պատրաստ է իրեն օգնելու որ այդ նպատակակէտին հասնի։ դ20.01 3 ¶7-8

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 27

Շատ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունեցայ քու սիրոյդ համար (Փլմ. 7)։

Պօղոս խոնարհ ըլլալով՝ գիտակցեցաւ որ իր բարեկամներուն քաջալերութեան պէտք ունէր։ Ան չմտահոգուեցաւ, թէ ուրիշներ պիտի կարծէին որ ինք տկար անձ է, քանի որ իր բարեկամները նեղութեան ժամանակ զինք մխիթարեցին (Կող. 4։7-11)։ Երբ խոնարհաբար կ’ընդունինք որ քաջալերուելու պէտք ունինք, հաւատակիցները սիրայօժար թիկունք պիտի կանգնին մեզի։ Նաեւ, Պօղոս գիտէր որ Սուրբ Գրութիւնները կրնային զինք մխիթարել (Հռով. 15։4)։ Անոնք նաեւ իրեն իմաստութիւն պիտի տային, որպէսզի որեւէ փորձութիւն յաջողապէս դիմագրաւէր (Բ. Տիմ. 3։15, 16)։ Երբ ան երկրորդ անգամ ըլլալով Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ, զգաց որ իր օրերը համրուած են։ Ան Տիմոթէոսէն խնդրեց, որ շուտով իրեն գայ եւ «մագաղաթները» բերէ (Բ. Տիմ. 4։6, 7, 9, 13)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ մագաղաթները հաւանաբար Եբրայերէն Գրութիւններէն հատուածներ էին, որոնք Պօղոս կրնար գործածել իր անձնական սերտողութեան մէջ։ Երբ Պօղոսը կ’ընդօրինակենք՝ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար սերտելով, Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ մեզ պիտի սփոփէ՝ ի՛նչ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները։ դ20.02 23 ¶14-15

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 28

Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք (Մատ. 7։1)։

Եղիփազ, Բաղդատ եւ Սոփար չմտածեցին ինչպէ՛ս Յոբին օգնել, հապա՝ թէ ինչպէ՛ս կրնան փաստել որ սխալ բան մը ըրած էր։ Անոնք կարգ մը ճիշդ բաներ ըսի՛ն, բայց Յոբի եւ Եհովայի մասին իրենց խօսածներուն մեծ մասը կա՛մ անազնիւ էր, կա՛մ սխալ էր։ Անոնք անգթօրէն Յոբը դատեցին (Յոբ 32։1-3)։ Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոնց դէմ։ Զիրենք անմիտ կոչեց եւ պահանջեց որ Յոբէն խնդրեն որ իրենց համար աղօթէ (Յոբ 42։7-9)։ Եղիփազի, Բաղդատի եւ Սոփարի վատ օրինակներէն երեք դասեր կը սորվինք։ Առաջին, մեր եղբայրները պէտք չէ դատենք (Մատ. 7։2-5)։ Փոխարէնը, նախքան խօսիլը պէտք է անոնց ուշի–ուշով մտիկ ընենք։ Միայն այն ատեն պիտի կարենանք անոնց պարագան հասկնալ (Ա. Պետ. 3։8)։ Երկրորդ, երբ խօսինք, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր ըսածը փափկանկատ է եւ ճշգրիտ է (Եփ. 4։25)։ Եւ երրորդ, Եհովան հետաքրքրուած է, թէ ուրիշներուն ի՛նչ կ’ըսենք։ դ20.03 22-23 ¶15-16

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 29

Ամէն ատեն աղօթք ըրէք (Եփ. 6։18)։

Երբ Եհովայի մասին ուրիշներուն կը սորվեցնենք, յաճախ անձամբ զինք աւելի լաւ կը ճանչնանք։ Օրինակ, Եհովայի կարեկցութիւնը կը տեսնենք, երբ մեզ կ’առաջնորդէ որ գտնենք բարեացակամ անհատները (Յովհ. 6։44)։ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը կը տեսնենք, մինչ մեզի հետ Աստուածաշունչը սերտողները գէշ սովորութիւններէ կը ձերբազատուին եւ նոր անձնաւորութիւնը կը սկսին հագնիլ (Կող. 3։9, 10)։ Եւ կը տեսնենք Աստուծոյ համբերութիւնը, մինչ մեր թաղամասին մէջ շատերուն կրկին անգամ առիթ կու տայ, որ իր մասին սորվին եւ փրկուին (Հռով. 10։13-15)։ Սակայն, որքա՛ն ալ երկար ծառայած ըլլանք Եհովային, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պէտք է բնա՛ւ թեթեւի չառնենք։ Աղօթելը զօրաւոր ապացոյց է, թէ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք։ Զօրաւոր բարեկամութիւն կերտելու գաղտնիքն է՝ լաւ հաղորդակցութիւն ունենալ։ Ուստի Աստուծոյ մօտեցիր յաճախ աղօթելով, եւ բնաւ մի՛ վախնար ամենաներքին զգացումներդ իրեն արտայայտելու։ դ19.12 19 ¶11, 13-14

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 30

Ձեր մեղքերը թողուած են (Ա. Յովհ. 2։12)։

Երբ վերոնշեալ կէտին մասին մտածենք, իրապէս կը հանգստանանք։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս վերջ պիտի դնէ որեւէ չարչարանքի, որ կը կրենք Սատանային եւ անոր դրութեան պատճառաւ (Եսա. 65։17. Ա. Յովհ. 3։8. Յայտ. 21։3, 4)։ Ատիկա ի՜նչ հոյակապ յոյս կու տայ մեզի։ Եւ ճիշդ է որ Յիսուս մեզի դժուար գործ մը տուած է, բայց ան մեզի հետ է, եւ այս վերջին օրերուն ընթացքին մեզի կ’աջակցի (Մատ. 28։19, 20)։ Ատիկա ի՜նչ մեծ քաջութիւն կը ներշնչէ։ Հանգստութիւն, յոյս եւ քաջութիւն. ասոնք այն հիմնական բաներէն են, որոնց պէտք ունինք, որպէսզի մտքի խաղաղութիւն ունենանք։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնաս մտքով խաղաղ մնալ, երբ խիստ նեղութիւններով ջախջախուած ես։ Յիսուսին ըրածները ընդօրինակելով։ Առաջին, աղօթէ եւ աղօթքի մէջ յարատեւէ։ Երկրորդ, Եհովային հնազանդէ եւ նախանձախնդրօրէն քարոզէ, նոյնիսկ երբ քեզի համար այդ մէկը դժուար ըլլայ։ Եւ երրորդ, բարեկամներուդ դիմէ որ քեզի օգնեն խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլելու։ Այսպէս, Աստուծոյ խաղաղութիւնը միտքդ ու սիրտդ պիտի պահպանէ (Փլպ. 4։6, 7)։ Եւ Յիսուսին պէս, որեւէ փորձութիւն պիտի յաղթահարես (Յովհ. 16։33)։ դ19.04 13 ¶16-17

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել