Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք21
  • Հոկտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոկտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 1
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 2
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 3
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 4
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 5
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 6
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 7
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 8
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 9
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 10
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 11
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 12
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 13
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 14
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 15
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 16
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 17
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 18
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 19
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 20
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 21
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 22
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 23
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 24
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 25
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 26
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 27
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 28
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 29
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 30
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2021
աք21

Հոկտեմբեր

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 1

Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ (Բ. Մն. 16։9)։

Բաւական ապացոյց ունինք որ Եհովան ներկայիս իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ։ Մտածէ այս կէտին մասին. մենք ճշմարտութիւնը կը քարոզենք եւ կը սորվեցնենք աշխարհի չորս կողմը (Մատ. 28։19, 20)։ Առ ի արդիւնք, Սատանային չար գործերը կը քօղազերծենք։ Վստահաբար, եթէ ան կարող ըլլար մեր գործունէութիւնը կեցնել, պիտի կեցնէր։ Ուստի պէտք չունինք չար ոգիներէն սարսափելու։ Եթէ Եհովային հաւատարիմ ենք, դեւերը չեն կրնար մեզի մնայուն կերպով վնաս հասցնել։ Սակայն, բոլորս պէտք է չար ոգիներուն դէմ դնենք եւ Եհովային վստահինք։ Եթէ այդպէս ընենք, պիտի օրհնուինք եւ Սատանայի սուտերէն պիտի չխաբուինք։ Նաեւ դեւերէն պիտի չսարսափինք։ Ամէնէն կարեւորը, Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը պիտի զօրացնենք։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։ Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։7, 8)։ դ19.04 24 ¶15. 25 ¶18

Շաբաթ, հոկտեմբեր 2

Որովայնի պտուղը [Տէրոջ] պարգեւն է (Սաղ. 127։3)։

Զաւակներդ Աստուծոյ կողմէ պարգեւ են, «Տէրոջը ժառանգութիւնն են»։ Պատասխանատուութիւնդ է այդ պարգեւը պահպանել։ Ի՞նչ կրնաս ընել երեխադ չարաշահութենէ պաշտպանելու համար։ Առաջին, չարաշահութեան մասին գիտելիքներ ունեցիր։ Գիտցիր թէ ինչպիսի՛ անհատներ երեխաները կը չարաշահեն եւ ի՛նչ կերպերով կը փորձեն զիրենք խաբել։ Հաւանական վտանգներուն նկատմամբ արթուն եղիր (Առ. 22։3. 24։3)։ Յիշէ թէ ընդհանրապէս չարաշահողը մէկն է, որ երեխան արդէն կը ճանչնայ եւ իրեն կը վստահի։ Երկրորդ, զաւակներուդ հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունեցիր (Բ. Օր. 6։6, 7. Յակ. 1։19)։ Յիշէ թէ երեխաները յաճախ կը քաշուին չարաշահութեան մասին պատմելու։ Թերեւս կը վախնան որ իրենց պիտի չհաւատան, կամ թերեւս չարաշահողը զիրենք վախցնելով ըսած է, որ չարաշահութիւնը գաղտնի պահեն։ Եթէ զգաս որ սխալ բան մը կայ, զաւակիդ ազնուօրէն հարցումներ հարցուր եւ յետոյ համբերութեամբ անոր պատասխանները մտիկ ըրէ։ Երրորդ, զաւակներուդ սորվեցուր թէ ի՛նչ պէտք է ըսեն ու ընեն, եթէ մէկը փորձէ իրենց դպնալ անպատշաճ կերպով։ դ19.05 13 ¶19-22

Կիրակի, հոկտեմբեր 3

Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են (Առ. 16։5)։

Եհովան ինչո՞ւ հպարտ մարդիկը գարշելի կը նկատէ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ անձնասէր մարդիկը Սատանային պէս հպարտ են։ Երեւակայէ որ Սատանան խորհեցաւ որ Յիսուս, որ Աստուծոյ կողմէ գործածուած էր բոլո՛ր բաները ստեղծելու, իրեն երկրպագութիւն պիտի ընէր (Մատ. 4։8, 9. Կող. 1։15, 16)։ Մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք այսքան կարեւոր կը նկատեն, փաստ մըն են թէ իրապէս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է (Ա. Կոր. 3։19)։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ, որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Ան կ’ընդունի թէ որոշ չափով մենք մեզ սիրելը տեղին է։ Յիսուս ըսաւ. «Ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ», ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք մեր կարիքներուն (Մատ. 19։19)։ Սակայն, Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, որ պէտք է մենք մեզ ուրիշներէն աւելի բարձր սեպենք։ Հապա, կը նշէ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3. Հռով. 12։3)։ դ19.05 24 ¶13-14

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 4

Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք (Հռով. 12։2)։

Պահ մը ետ միտքդ բեր այն բոլոր փոփոխութիւնները որ ըրիր, երբ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը ընդունեցիր եւ որոշեցիր Եհովային ծառայել։ Մեզմէ շատեր Եհովային ծառայելու համար, պէտք էր կարգ մը սխալ բաներ ընելէ դադրէին (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովային, որ մեզի օգնեց այսպիսի գէշ սովորութիւններ յաղթահարելու։ Սակայն բնա՛ւ պէտք չէ զգանք, որ այլեւս փոփոխութիւններ ընելու հարկ չկայ։ Ճիշդ է որ մկրտութենէն առաջ մեր ըրած լուրջ մեղքերը այլեւս չենք ըներ, բայց պէտք է շարունակենք մեր ամէն ջանքը ընել խուսափելու որեւէ բանէ, որ կրնայ մեզ մղել նախկին մեղքերուն դառնալու։ Երկու բաներ պէտք է ընենք։ Առաջին, աշխարհին կերպարանքովը պէտք չէ ‘կերպարանինք’։ Երկրորդ, պէտք է ‘նորոգուինք մեր մտքին նորոգութիւնովը’։ Այս նորոգուիլը պարզապէս մեր դրսերեւոյթը փոխել չէ։ Անիկա մեր ամբողջ էութեան կ’ազդէ։ Պէտք է որ նորոգենք մեր միտքը, այսինքն՝ մեր ամէնէն ներքին կեցուածքները, զգացումները եւ հակումները։ դ19.06 9 ¶4-6

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 5

Դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր (Սաղ. 86։17)։

Երբ ճնշուած ըլլանք, ժողովներու ներկայ գտնուելով մեր ուժը կը նորոգենք։ Ժողովներուն մէջ Եհովային յաւելեալ առիթ կու տանք, որ ‘մեզի օգնէ ու մխիթարէ’։ Հոն, ան մեզ կը զօրացնէ իր սուրբ հոգիին, Խօսքին եւ ծառաներուն միջոցաւ։ Եւ առիթ կ’ունենանք ‘իրար քաջալերելու’ (Հռով. 1։11, 12, ՆԹ)։ Սոֆիա անունով քոյր մը ըսաւ. «Եհովան եւ եղբայրութիւնը ինծի օգնեցին որ տոկամ։ Ինծի համար, ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ամենակարեւոր բանն էր։ Անդրադարձայ թէ ո՛րքան աւելի զբաղած մնամ դաշտի ծառայութեամբ եւ ժողովքի գործունէութիւններով, ա՛յնքան աւելի լաւ կրնամ ճնշուածութեան եւ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել»։ Երբ վհատած զգանք, յիշենք որ Եհովան ոչ միայն կը խոստանայ, որ ապագային ճնշուածութիւնը ամբողջովին պիտի վերցնէ, հապա նաեւ մեզի կ’օգնէ որ հիմա ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլենք։ Ան մեր մէջ «կը ներգործէ կամենալը ու ընելը», որպէսզի վհատութեան եւ յուսահատութեան զգացումները յաղթահարենք (Փլպ. 2։13)։ դ19.06 19 ¶17-18

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 6

Գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն (Մատ. 28։10)։

Յիսուս իր աշակերտներուն տալիք շա՛տ կարեւոր ուղղութիւններ ունենալու է, քանի որ այս ժողովը առաջին բանն է, որ կը կարգադրէ իր յարութենէն ետք։ Հանդիպումին ընթացքին, ան նշեց այն կարեւոր գործը, որ իր աշակերտները առաջին դարուն պիտի կատարէին,– նոյն գործը, որ ներկայիս մենք կ’ընենք։ Յիսուս ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը [«ազգերէն մարդիկ», ՆԱ] աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատ. 28։19, 20)։ Ան կ’ուզէ որ իր բոլոր հետեւորդները քարոզեն։ Այս պատուէրը միայն իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն չտուաւ։ Ինչպէ՞ս վստահ ենք։ Երբ Գալիլիոյ մէջ լերան վրայ այդ պատուէրը տրուեցաւ, միայն առաքեալնե՞րը ներկայ էին։ Յիշէ որ հրեշտակը կիներուն ըսաւ. «[Գալիլիոյ մէջ] պիտի տեսնէք զանիկա» (Մատ. 28։7)։ Ուրեմն, հաւատարիմ կիներ ալ այդ առիթին ներկայ ըլլալու էին։ դ20.01 2 ¶1-4

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 7

Որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ (Յովհ. 15։19)։

Յիսուս բացատրեց, թէ ինչո՛ւ հակառակութիւն կը դիմագրաւենք։ Ան ըսաւ որ պիտի ատուինք, քանի որ աշխարհին մէկ մասը չենք։ Հալածանքը նշան մը չէ որ Եհովային օրհնութիւնը չունինք, հապա կը յայտնէ որ ճիշդը կ’ընենք։ Մարդ արարածը չի կրնար լիովին դադրեցնել Ամենակալ Աստուծոյ՝ Եհովային պաշտամունքը։ Շատեր փորձած են եւ չեն յաջողած։ Նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին։ Այդ ատեն, բազմաթիւ կառավարութիւններ Աստուծոյ ժողովուրդը խստօրէն հալածեցին։ Եհովայի վկաներու գործունէութիւնը արգիլուեցաւ ոչ միայն նացի կուսակցութեան կողմէ Գերմանիոյ մէջ, հապա նաեւ Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ ուրիշ երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ։ Արդի՞ւնքը։ 1939–ին, երբ պատերազմը սկսաւ, աշխարհի տարածքին 72,475 հրատարակիչներ կային։ Իսկ 1945–ին, երբ պատերազմը վերջացաւ, տեղեկագրութիւնները ցոյց տուին թէ Եհովայի օրհնութեամբ 156,299 հրատարակիչներ կային։ Հրատարակիչներուն թիւը կրկնապատկուա՛ծ էր։ դ19.07 9 ¶4-5

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 8

Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք (Յովհ. 13։35)։

Նոյնիսկ եթէ ներկայիս դաս չես վարեր, կրնաս ուրիշ կերպերով օգնել աշակերտներ պատրաստելու։ Օրինակ, կրնաս նորեկներուն բարի գալուստ մաղթել եւ իրենց հետ բարեկամանալ, երբ Թագաւորութեան սրահ գան։ Այդպիսով, անոնք պիտի համոզուին որ ճշմարիտ քրիստոնեաները սիրով կը բնորոշուին։ Ժողովներու ընթացքին տուած պատասխաններդ, թէեւ կարճ ըլլան, կրնան նորեկներուն սորվեցնել որ իրենց հաւատքը արտայայտեն անկեղծ եւ յարգալից կերպով։ Կրնաս նաեւ նոր հրատարակիչի մը հետ ծառայութեան ելլել եւ իրեն օգնել, որ Սուրբ Գիրքը գործածէ մարդոց սորվեցնելու համար։ Այդպէս ընելով, իրեն պիտի սորվեցնես որ Քրիստոսը ընդօրինակէ (Ղուկ. 10։25-28)։ Քրիստոնեաներէն շատեր ծանրաբեռնուած են կարեւոր պատասխանատուութիւններով։ Բայց եւ այնպէս, անոնք ժամանակ կը գտնեն Աստուածաշունչի դասեր վարելու, եւ ասիկա զիրենք շատ կ’ուրախացնէ։ դ19.07 17 ¶11, 13

Շաբաթ, հոկտեմբեր 9

Ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով. . . կը վազեմ (Փլպ. 3։13, 14)։

Պօղոս առաքեալ թոյլ չտուաւ որ իր անցեալի իրագործումները կամ անցեալի սխալները զինք մտացիր ընեն։ Ան ըսաւ որ ‘ետեւի եղածները մոռնալը’ շատ կարեւոր էր ‘առջեւի եղածներուն դիմելու’, այսինքն՝ յաջողութեամբ մրցավազքը ամբողջացնելու համար։ Ի՞նչ են կարգ մը բաներ, որոնք կրնային Պօղոսը մտացիր ընել։ Առաջին, իր իրագործումները հրէութեան մէջ։ Սակայն Պօղոս այդ բոլորը «աղտեղութիւն» նկատեց (Փլպ. 3։3-8)։ Երկրորդ, յանցաւորութեան զգացումները, քրիստոնեաները հալածելու պատճառաւ։ Սակայն թոյլ չտուաւ որ ատոնց պատճառով Եհովային ծառայելէ դադրի։ Եւ երրորդ, սեպելը թէ ի՛նչ որ արդէն ըրած է Եհովային համար, բաւարար է։ Սակայն Պօղոս շարունակեց իր արդիւնաւէտ ծառայութիւնը, թէեւ բանտարկուեցաւ, ծեծուեցաւ, քարկոծուեցաւ, նաւաբեկութեան հանդիպեցաւ, ուտելիքի եւ հագուելիքի պակաս ունեցաւ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Ան գիտէր որ Եհովայի ծառայութեան մէջ պէտք է յառաջդիմէ։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։ դ19.08 3 ¶5

Կիրակի, հոկտեմբեր 10

Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ (Մատ. 10։16)։

Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր կ’ապրին երկիրներու մէջ, ուր չեն կրնար քարոզել բացէ ի բաց կամ դռնէ դուռ, ուստի բարի լուրը քարոզելու ուրիշ կերպեր կը փնտռեն (Մատ. 10։17-20)։ Այսպիսի երկրի մը մէջ, շրջանային տեսուչ մը թելադրեց որ իւրաքանչիւր հրատարակիչ ի՛ր «թաղամասը» ծածկէ. այսինքն՝ վկայէ իր ազգականներուն, դրացիներուն, դպրոցակիցներուն, գործակիցներուն եւ ճանչուորներուն։ Երկու տարուան ընթացքին, այդ շրջանին մէջ ժողովքներու թիւը ուշագրաւ կերպով աւելցաւ։ Թերեւս մեր ապրած երկրին մէջ քարոզելու ազատութիւն ունինք։ Սակայն, հնարամիտ եղբայրներէն ու քոյրերէն արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք. միշտ կերպեր փնտռէ ծառայութեան լիովին մասնակցելու, վստահ ըլլալով որ Եհովան քեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի որեւէ դժուարութիւն յաղթահարես (Փլպ. 2։13)։ Այս ծանրակշիռ ժամանակին մէջ, թող որ աւելի կարեւոր բաները ընտրենք, անթերի ըլլանք, ուրիշները չգայթակղեցնենք եւ արդարութեան պտուղ տանք։ Այսպէս, մեր սէրը պիտի աւելնայ եւ Եհովային փառք պիտի բերենք։ դ19.08 12-13 ¶17-18

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 11

Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին (Ժող. 10։7)։

Սովորաբար, չենք ախորժիր անձի մը ընկերակցութենէն, որ միշտ կը պնդէ որ ի՛ր ուզածը ըլլայ եւ ուրիշներէն թելադրութիւններ չ’ընդունիր։ Անդին, կը թարմանանք մեր եղբայրներով ու քոյրերով, որոնք «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» են (Ա. Պետ. 3։8)։ Եթէ այսպիսի անհատներու մօտիկ կը զգանք, հաւանաբար իրենք ալ մեզի մօտիկ պիտի զգան, այնքան ատեն որ խոնարհ ենք։ Խոնարհութիւնը նաեւ մեր կեանքը կը դիւրացնէ։ Երբեմն պիտի տեսնենք բաներ, որոնք մեր կարծիքով սխալ են կամ անարդար են։ Երբեմն մարդիկ՝ որոնք տաղանդաւոր են, պատիւ չեն ստանար, իսկ անոնք՝ որոնք կարողութիւններ չունին, շատ գովասանքի կ’արժանանան։ Ասով հանդերձ, Սողոմոն գիտակցեցաւ, որ պէտք է կեանքը ընդունինք ինչպէս որ է եւ չտարուինք ժխտական պարագաներով (Ժող. 6։9)։ Եթէ խոնարհ ենք, մեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ կեանքը ընդունիլ ինչպէս որ է, այսինքն ընդունիլ այն բաները, որոնք մեզի ախորժելի չեն կամ չենք կրնար փոխել։ դ19.09 4 ¶9-10

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 12

Հայրե՛ր, ձեր որդիները. . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը (Եփ. 6։4)։

Որոշ հեղինակութիւն ունեցողները, ինչպէս՝ հայրերը, պատեհութիւնը ունին ուրիշներուն օգտելու։ Եհովան հայրը նշանակած է որպէս ընտանիքի գլուխ եւ կ’ակնկալէ որ զաւակները մարզէ ու կրթէ (Ա. Կոր. 11։3)։ Բայց հօր հեղինակութիւնը սահմանափակ է. ան պատասխանատու է Եհովային առջեւ, որմէ ամէն ընտանիք անուն կ’առնէ (Եփ. 3։14, 15)։ Հայրերը ցոյց կու տան որ Եհովային կը հնազանդին, իրենց հեղինակութիւնը աստուածահաճոյ կերպով գործածելով։ Ո՛վ ծնող, Եհովայի կողմէ քեզի տրուած հեղինակութիւնը չարաչար մի՛ գործածեր։ Սխալներդ ընդունէ, եւ քեզի տրուած աստուածաշնչական խրատին ականջ տուր։ Եթէ այդպէս ընես, ընտանիքդ քեզ պիտի յարգէ խոնարհութեանդ համար։ Երբ կ’աղօթես ընտանիքիդ հետ, սիրտդ թափէ Եհովային առջեւ, եւ այսպէս ընտանիքդ պիտի տեսնէ, թէ որքա՜ն իր օգնութիւնն ու առաջնորդութիւնը կը փնտռես։ Իսկ ամենակարեւորը, Եհովայի ծառայելը կեանքիդ առանցքը դարձուր (Բ. Օր. 6։6-9)։ Քու լաւ օրինակդ ամէնէն արժէքաւոր նուէրներէն մէկն է, որ կրնաս ընտանիքիդ տալ։ դ19.09 15 ¶8. 17 ¶14. 18 ¶16

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 13

Եթէ [Մարկոսը] ձեզի գալու ըլլայ, ընդունեցէ՛ք զանիկա (Կող. 4։10)։

Մարկոս ուրիշներուն ծառայելով ուրախ էր։ Մինչ Պօղոս առաքեալ եւ Պետրոս առաքեալ իրենց պատասխանատուութիւնները կը կատարէին, ան իրենց կողքին ծառայեց, հաւանաբար իրենց ֆիզիքական պէտքերը հոգալով (Գործք 13։2-5. Ա. Պետ. 5։13)։ Պօղոս Մարկոսը նկարագրեց որպէս ‘Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ իրեն գործակից’ ու «զօրավիգ» (Կող. 4։11, ՆԱ, ստորանիշ)։ Մարկոս Պօղոսի մտերիմ բարեկամներէն մէկը դարձաւ։ Օրինակ, երբ Պօղոս վերջին անգամ Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, շուրջ Ք.Ե. 65–ին, ան Տիմոթէոսին գրեց իր երկրորդ նամակը։ Անոր մէջ Տիմոթէոսէն խնդրեց, որ Հռոմ գայ եւ Մարկոսը իրեն հետ բերէ (Բ. Տիմ. 4։11)։ Անկասկած Պօղոս կ’արժեւորէր Մարկոսի հաւատարիմ ծառայութիւնը, անոր համար խնդրեց որ այդ լուրջ ժամանակին Մարկոս իրեն հետ ըլլայ։ Ան գործնական կերպերով Պօղոսին օգնեց, թերեւս ուտելիք մատակարարելով կամ գրելու համար պիտոյքներ ապահովելով։ Պօղոսի ստացած օգնութիւնն ու քաջալերութիւնը հաւանաբար օգնեց, որ մինչեւ մահապատիժի ենթարկուիլը տոկայ։ դ20.01 11 ¶12-13

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 14

Եկէ՛ք ինծի (Մատ. 11։28)։

Մենք ընտրած ենք կեանք մը, որ անձնազոհութիւն եւ ջանասիրութիւն կը պահանջէ։ Յիսուս մեզ զգուշացուց որ պիտի հալածուինք։ Բայց կրնանք ակնկալել որ Եհովան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որ որեւէ դժուարութեան տոկանք։ Ո՛րքան աւելի տոկանք, ա՛յնքան աւելի պիտի զօրանանք (Յակ. 1։2-4)։ Նաեւ կրնանք ակնկալել որ Եհովան մեր կարիքները պիտի գոհացնէ, Յիսուս մեզ պիտի հովուէ եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ պիտի քաջալերեն (Մատ. 6։31-33. Յովհ. 10։14. Ա. Թես. 5։11)։ Արիւնի տեռատեսութեան մէջ եղող կինը թարմացաւ այն նոյն օրը որ Յիսուս զինք բժշկեց (Ղուկ. 8։43-48)։ Բայց ան մնայուն թարմութիւն պիտի գտնէր, միայն եթէ Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտը դառնար։ Արդեօք ի՞նչ ըրաւ։ Եթէ Յիսուսի լուծը իր վրայ առաւ, երեւակայէ վարձատրութիւնը. Յիսուսի հետ ծառայել երկինքի մէջ։ Որեւէ զոհողութիւն, որ ըրած էր Քրիստոսի հետեւորդը դառնալու համար, ոչինչ էր՝ բաղդատած այդ օրհնութեան։ Մեր յոյսը ի՛նչ ալ ըլլայ,– յաւիտեան ապրիլ երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ,– կրնանք շատ ուրախ ըլլալ, որ ընդունեցինք Յիսուսի հրաւէրը՝ «Եկէ՛ք ինծի»։ դ19.09 25 ¶21-22

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 15

Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի (Առ. 24։3)։

Օգնութեան պէտք ունենալով, Դաւիթի մարդիկը Նաբաղ անունով հարուստ իսրայէլացիէ մը ուտելիք խնդրեցին։ Այս խնդրանքը ընելու ազատ զգացին, քանի որ անապատին մէջ անոր հօտերը պաշտպանած էին։ Բայց անձնասէր Նաբաղ չուզեց անոնց որեւէ բան տալ։ Դաւիթ այնքա՛ն զայրացաւ, որ մտադրեց Նաբաղը եւ անոր տան բոլոր տղամարդիկը սպաննել (Ա. Թագ. 25։3-13, 22)։ Սակայն, Նաբաղի գեղեցիկ կինը՝ Աբիգիա շատ խորատես էր։ Ան մեծ քաջութիւն ցոյց տալով, Դաւիթի ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց որ արիւնապարտ չըլլայ՝ վրէժ առնելով։ Ան փափկանկատութեամբ Դաւիթին թելադրեց, որ հարցը Եհովային յանձնէ։ Աբիգիայի խոնարհ խօսքերն ու խոհեմ արարքները Դաւիթի սրտին դպան, եւ ան անդրադարձաւ որ Եհովան էր Աբիգիան ղրկողը (Ա. Թագ. 25։23-28, 32-34)։ Աբիգիան մշակած էր այնպիսի յատկութիւններ, որոնք թոյլ տուին որ Եհովան զինք գործածէ։ Նոյնպէս, քրիստոնեայ քոյրերը, որոնք փափկանկատութիւն եւ խոհեմութիւն կը զարգացնեն, կրնան Եհովայի կողմէ գործածուիլ իրենց ընտանիքները եւ ժողովքին մէջ ուրիշներ կերտելու (Տիտ. 2։3-5)։ դ19.10 22 ¶10

Շաբաթ, հոկտեմբեր 16

Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք (Յայտ. 18։4)։

Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք է վստահ ըլլան, որ որեւէ կերպով Մեծ Բաբելոնին հետ կապ չունին։ Ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ, Աստուածաշունչի աշակերտ մը թերեւս սուտ կրօնքի մը կը պատկանէր։ Ան թերեւս անոր կրօնական արարողութիւններուն ներկայ կ’ըլլար եւ անոր գործունէութիւններուն կը մասնակցէր։ Կամ ալ այսպիսի կազմակերպութեան մը դրամ կը նուիրէր։ Որպէսզի Աստուածաշունչի աշակերտ մը չմկրտուած հրատարակիչ ըլլայ, պէտք է սուտ կրօնքին հետ ամէն կապ խզէ։ Իր եկեղեցիին կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան, որ Մեծ Բաբելոնին առնչուած է, պէտք է հրաժարական նամակով կամ ուրիշ կերպով նշէ, որ այլեւս անոր մէկ անդամը չէ։ Ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է վստահ ըլլայ, որ իր աշխարհիկ գործը որեւէ կապ չունի Մեծ Բաբելոնին հետ (Բ. Կոր. 6։14-17)։ Ինչո՞ւ այսքան հաստատ կեցուածք կը բռնենք։ Քանի որ չենք ուզեր բաժին բերել Աստուծոյ աչքին անմաքուր եղող կրօնական կազմակերպութիւններուն գործերուն եւ մեղքերուն մէջ (Եսա. 52։11)։ դ19.10 12 ¶16-17

Կիրակի, հոկտեմբեր 17

Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը. . . անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր (Սաղ. 103։8, 9)։

Երեմիան իր անունը կրող գիրքը գրեց, եւ հաւանաբար գրեց նաեւ Գ. եւ Դ. Թագաւորաց գիրքերը։ Անկասկած այդ նշանակումին շնորհիւ, ան մասնաւորաբար նկատեց անկատար մարդոց հանդէպ Եհովայի ողորմութիւնը։ Օրինակ, ան գիտէր թէ երբ Աքաաբ թագաւորը իր սխալ արարքներուն համար զղջաց, Եհովան զինք խնայեց իր կեանքի ընթացքին իր ամբողջ ընտանիքին բնաջնջուիլը տեսնելէ (Գ. Թագ. 21։27-29)։ Նոյնպէս, Երեմիան գիտէր որ Մանասէն Աքաաբի ըրածներէն աւելի գէշ բաներ ըրաւ, Եհովային սիրտը նեղացնելով։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Մանասէին ներեց, քանի որ ան զղջաց (Դ. Թագ. 21։16, 17. Բ. Մն. 33։10-13)։ Այդ պատմութիւնները հաւանաբար Երեմիային օգնեցին, որ Աստուծոյ համբերութիւնն ու ողորմութիւնը ընդօրինակէ։ Նկատէ թէ Երեմիան Բարուքին հետ ինչպէ՛ս վարուեցաւ, երբ ան ժամանակ մը իր նշանակումէն շեղեցաւ։ Փոխանակ շուտով իր բարեկամէն վազ անցնելու, Երեմիան անոր օգնեց՝ Աստուծոյ ազնիւ բայց անկեղծ պատգամը հաղորդելով իրեն (Եր. 45։1-5)։ դ19.11 6 ¶14-15

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 18

Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք (Եբ. 6։10)։

Ղեւտացւոց գիրքը կը նշէ, թէ իսրայէլացի մը կրնար խաղաղութեան զոհ մատուցանել «շնորհակալութեան համար» (Ղեւ. 7։11-13, 16-18)։ Ան այս զոհը կը մատուցանէր ոչ թէ ստիպմամբ, հապա իր կամքովը։ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը կը նմանի խաղաղութեան զոհերուն, քանի որ այդպիսով ցոյց կու տանք իրեն հանդէպ մեր զգացումները։ Մեր լաւագոյնը կու տանք Եհովային, քանի որ ամբողջ սրտով զինք կը սիրենք։ Ան որքա՜ն կը հաճի, տեսնելով թէ միլիոնաւոր յօժարակամ երկրպագուներ իրեն կը ծառայեն, զինք ու իր ճամբաները խորապէս սիրելով։ Ան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ ոչ միայն մեր արարքները, հապա նաեւ մեր մղումները։ Օրինակ, եթէ տարեց ես եւ այլեւս չես կրնար Եհովայի ծառայութեան մէջ շատ բան ընել, վստահ եղիր որ ան կը հասկնայ սահմանափակումներդ։ Թերեւս զգաս որ իրեն մատուցանելիք քիչ բան ունիս, բայց ան կը տեսնէ խոր սէրդ, որ քեզ կը մղէ ընելու ի՛նչ որ կրնաս։ Ան հաճոյքով կ’ընդունի ձեռքէդ եկածը, որ է լաւագոյնդ։ դ19.11 22 ¶9. 23 ¶11-12

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 19

Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք (Մար. 6։31)։

Կարեւոր է որ գործի նկատմամբ հաւասարակշռուած ըլլանք։ Սողոմոն թագաւոր ներշնչման ներքեւ գրեց. ‘Ամէն գործի ժամանակը կայ’։ Ան նշեց տնկելը, շինելը, լալը, ծիծաղիլը եւ այլ գործունէութիւններ (Ժող. 3։1-8)։ Յստակ է որ կեանքի երկու հիմնական մարզերն են՝ գործն ու հանգիստը։ Յիսուս անոնց նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։ Առիթով մը, առաքեալները քարոզչական շրջագայութենէ մը վերադարձան։ Անոնք այնքան զբաղած էին, որ «հաց ուտելու ալ ժամանակ» չունէին։ Յիսուս անոնց ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը (Մար. 6։30-34)։ Թէեւ Յիսուս եւ իր աշակերտները միշտ չկրցան իրենց ուզած հանգիստը վայելել, բայց Յիսուս գիտէր որ բոլորն ալ հանգիստի պէտք ունէին։ Երբեմն, իրապէս պէտք ունինք հանգիստի կամ մեր առօրեայ ռութինէն դուրս ելլելու։ Այս մէկը կը տեսնենք կարգադրութենէ մը, որ Աստուած անցեալին իր ժողովուրդին համար ըրաւ. շաբաթական Շաբաթը։ Թէեւ Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, բայց կրնանք օգտուիլ, քննարկելով Շաբաթի կարգադրութիւնը։ դ19.12 3 ¶6-7

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 20

Հոգ մի՛ ընէք (Մատ. 6։31)։

Եհովան խօսք տուած է, որ իր հաւատարիմ ծառաներուն հոգ պիտի տանի, եւ իր այդ խոստումը կատարելու պարտաւոր կը զգայ (Սաղ. 31։1-3)։ Ասկէ զատ, ան գիտէ որ մենք, որ իր ընտանիքին մէկ մասն ենք, յուսախաբ պիտի ըլլանք եւ յուսահատինք, եթէ մեզի հոգ չտանի։ Ան կը խոստանայ պէտք եղածը մեզի տալ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեւորապէս, եւ բա՛ն մը արգելք պիտի չըլլայ որ իր խոստումը կատարէ (Մատ. 6։30-33. 24։45)։ Երբ յիշենք թէ Եհովան ինչո՛ւ իր խոստումները կը պահէ, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեզի պիտի օգնէ, երբ դժուար ըլլայ ապրուստ ճարելը։ Նկատի առ առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակը։ Երբ մեծ հալածանք սկսաւ Երուսաղէմի ժողովքին դէմ, «առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան» (Գործք 8։1)։ Մտածէ թէ ատիկա ի՛նչ նշանակեց։ Նիւթական նեղութիւն։ Քրիստոնեաները հաւանաբար իրենց տուներն ու գործերը կորսնցուցին։ Սակայն Եհովան զիրենք չլքեց, ոչ ալ իրենք իրենց ուրախութիւնը կորսնցուցին (Գործք 8։4. Եբ. 13։5, 6. Յակ. 1։2, 3)։ Ան այդ հաւատարիմ քրիստոնեաներուն օգնեց, եւ մեզի ալ պիտի օգնէ (Սաղ. 37։18, 19)։ դ20.01 17-18 ¶14-15

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 21

Տէրը. . . խոնարհը կը տեսնէ (Սաղ. 138։6)։

Երբ Դաւիթ իր հօր ոչխարները առիւծէ մը եւ արջէ մը պաշտպանեց, ընդունեց թէ Եհովայի օգնութեամբ էր որ այդ վայրի անասունները մեռցուց։ Եւ երբ հսկայ Գողիաթին յաղթեց, յստակօրէն տեսաւ որ Եհովան էր զինք առաջնորդողը (Ա. Թագ. 17։37)։ Իսկ երբ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորէն փախաւ, գիտակցեցաւ որ Եհովան էր զինք ազատողը (Սաղ. 18, մակագրութիւն)։ Հպարտ անհատ մը այս իրագործումները իր անձին պիտի վերագրէր։ Բայց Դաւիթ խոնարհ ըլլալով՝ անդրադարձաւ որ Եհովայի ձեռքը կար իր կեանքին մէջ։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Եհովայէն օգնութիւն խնդրելէն զատ, պէտք է ուշադրութիւն ընենք թէ ան ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ։ Եթէ խոնարհաբար ընդունինք մեր սահմանափակումները, յստակօրէն պիտի տեսնենք թէ Եհովան կ’օգնէ որ ընենք ինչ որ առանց իրեն՝ չենք կրնար ընել։ Եւ ամէն անգամ որ Եհովայի օգնութիւնը շօշափենք, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը աւելի պիտի զօրանայ։ դ19.12 20 ¶18-19

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 22

Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ (Առ. 3։12)։

Բազմաթիւ պատճառներ ունինք հաւատալու, թէ Եհովան մեզ կ’արժեւորէ։ Օրինակ, ան մեզ իրեն քաշած է եւ նկատած է, թէ ինչպէ՛ս բարի լուրին ընդառաջեցինք (Յովհ. 6։44)։ Երբ սկսանք Եհովային մօտենալ, ան մեզի մօտեցաւ (Յակ. 4։8)։ Եհովան նաեւ ջանք ու ժամանակ կը տրամադրէ մեզի սորվեցնելու, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ մենք իր աչքին արժէքաւոր ենք։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ տեսակ անձեր ենք հիմա եւ ինչպիսի՛ մէկը կրնանք ըլլալ։ Եւ մեզ կը խրատէ ու կը յանդիմանէ, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Ի՜նչ զօրաւոր ապացոյցներ, թէ Եհովան մեզ կ’արժեւորէ։ Ոմանք Դաւիթ թագաւորը անարժէք նկատեցին, բայց ան գիտէր թէ Եհովան զինք կը սիրէր եւ իրեն թիկունք կը կանգնէր։ Այդ միտքը Դաւիթին օգնեց, որ ճիշդ կեցուածքով իր պարագային տոկայ (Բ. Թագ. 16։5-7)։ Երբ վհատած կ’ըլլանք կամ խնդիրներ կ’ունենանք, Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ հարցերը տարբեր տեսանկիւնէ դիտենք, եւ կրնայ մեզի օգնել որ որեւէ խոչընդոտ յաղթահարենք (Սաղ. 18։27-29)։ Երբ Եհովայի աջակցութիւնը ունինք, ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք ըլլալ, որ ուրախութեամբ իրեն ծառայենք (Հռով. 8։31)։ դ20.01 15 ¶7-8

Շաբաթ, հոկտեմբեր 23

Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի (Մատ. 28։20)։

Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարես, աղօթքով նիստը սկսէ։ Ընդհանուր առմամբ, լաւագոյն բանն է՝ կարելի եղածին չափ շուտ դասը սկսիլ եւ փակել աղօթքով. ընդհանրապէս առաջին քանի մը շաբթուան ընթացքին։ Պէտք է աշակերտին օգնենք գիտակցելու, թէ Աստուծոյ Խօսքը կարելի է հասկնալ միայն սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Կարգ մը Վկաներ աղօթքի նիւթը կը բանան՝ կարդալով Յակոբոս 1։5–ը, որ կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ»։ Ետքը, կը հարցնեն. «Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրել»։ Աշակերտը հաւանաբար պիտի ըսէ, որ Աստուծոյ պէտք է աղօթենք։ Աշակերտիդ սորվեցուր ինչպէ՛ս աղօթել։ Զինք վստահեցուր որ Եհովան իր սրտագին աղօթքներուն ականջ կու տայ։ Բացատրէ որ մեր անձնական աղօթքներուն մէջ, կրնանք իրապէս մեր սիրտը բանալ Եհովային՝ արտայայտելով զգացումներ, որոնք ուրիշներու կը վարանինք ըսելու։ Ի վերջոյ, Եհովան արդէն գիտէ մեր ամենաներքին մտածումները (Սաղ. 139։2-4)։ դ20.01 2 ¶3. 5 ¶11-12

Կիրակի, հոկտեմբեր 24

Մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ (Հռով. 9։16)։

Եհովան կ’որոշէ թէ ե՛րբ օծեալներ պիտի ընտրէ (Հռով. 8։28-30)։ Ան Յիսուսի յարութենէն ետք սկսաւ օծեալներ ընտրել։ Այնպէս կ’երեւի որ առաջին դարուն, բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները օծեալ էին։ Յաջորդող դարերուն, քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն մեծամասնութիւնը Քրիստոսին իրապէս չհետեւեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, այդ տարիներուն ընթացքին, Եհովան օծեց քիչեր, որոնք ճշմարիտ քրիստոնեաներ էին։ Անոնք այն ցորենին պէս էին, որուն մասին Յիսուս ըսաւ, որ որոմներու մէջ պիտի աճէր (Մատ. 13։24-30)։ Վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովան շարունակած է ընտրել մարդիկ, որոնք 144,000–ին մաս պիտի կազմեն։ Ուստի, եթէ Աստուած որոշէ վերջէն քիչ առաջ ընտրել ոմանք, վստահաբար իր իմաստութիւնը հարցականի տակ պէտք չէ առնենք (Հռով. 9։11)։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չվարուինք այն գործաւորներուն պէս, որոնք Յիսուս նկարագրեց իր առակներէն մէկուն մէջ։ Անոնք դժգոհեցան տեսնելով, թէ իրենց տէրը ինչպէ՛ս վարուեցաւ վերջին ժամուն աշխատողներուն հետ (Մատ. 20։8-15)։ դ20.01 30 ¶14

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 25

Ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան (Եսա. 65։14)։

Եհովան կ’ուզէ որ իր ընտանիքը ուրախ ըլլայ։ Շա՜տ պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ կրնանք հիմա ուրախ ըլլալ, թէեւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք։ Օրինակ, վստահ ենք որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ խորապէս կը սիրէ։ Աստուածաշունչին նկատմամբ ճշգրիտ գիտութիւն ունինք (Եր. 15։16)։ Եւ մաս կը կազմենք յատուկ ընտանիքի մը, որուն անդամները Եհովան կը սիրեն, անոր բարոյական բարձր չափանիշները կը սիրեն եւ իրար կը սիրեն (Սաղ. 106։4, 5)։ Կրնանք ուրախ մնալ, քանի որ հաստատ յոյս ունինք, որ ապագային կեանքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Գիտենք թէ շուտով Եհովան ամէն չարութիւն մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ թէ իր Թագաւորութեան ներքեւ, երկիրը Դրախտի պիտի վերածուի։ Նաեւ ունինք այն հոյակապ յոյսը, որ մեռելները ետ կեանքի պիտի բերուին եւ իրենց սիրելիներուն պիտի միանան (Յովհ. 5։28, 29)։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պիտի տիրէ։ Եւ ամենակարեւորը, վստահ ենք որ մօտ ատենէն երկինքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն անձ մեր սիրառատ Հօր պիտի տայ այն պատիւը, փառքն ու նուիրուածութիւնը, որուն արժանի է։ դ20.02 13 ¶15-16

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 26

Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի (Սաղ. 51։4)։

Եթէ լուրջ մեղք մը գործես, զայն գաղտնի մի՛ պահեր, հապա զայն Եհովային խոստովանէ։ Այն ատեն պիտի սկսիս հանգստանալ խիղճիդ պատճառած մտատանջութենէն։ Բայց եթէ կ’ուզես Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերահաստատել, հարկ է որ աղօթելէ զատ բան մը ընես. խրատն ու յանդիմանութիւնը ընդունիլ։ Երբ Եհովան Նաթան մարգարէն ղրկեց, որպէսզի Դաւիթին մեղքը քօղազերծէ, Դաւիթ ո՛չ ինքզինք արդարացուց, ոչ ալ իր մեղքին լրջութիւնը մեղմացուց։ Ան տեղւոյն վրայ ընդունեց, որ մեղք գործած էր Բերսաբէի ամուսինին դէմ եւ, ամենակարեւորը, Եհովայի դէմ։ Ան Եհովայի կողմէ տրուած պատիժը ընդունեց, եւ Եհովան իրեն ներեց (Բ. Թագ. 12։10-14)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք, հարկ է որ խօսինք անոնց, որոնք Եհովան նշանակած է մեզ հովուելու (Յակ. 5։14, 15)։ Եւ պէտք չէ մենք մեզ արդարացնենք։ Ո՛րքան շուտ ընդունինք եւ գործադրենք տրուած խրատն ու յանդիմանութիւնը, ա՛յնքան շուտ մեր խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը պիտի վերագտնենք։ դ20.02 24 ¶17-18

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 27

Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ. . . Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է» (Զաք. 8։23)։

«Տասը մարդ»ը կը ներկայացնեն անոնք, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Անոնք գիտեն, որ Եհովան օրհնած է օծեալները, որոնք «Հրեայ եղող մարդ»ով ներկայացուած են, եւ պատիւ կը սեպեն անոնց հետ զինք պաշտել։ Թէեւ ներկայիս անկարելի է երկրի վրայ իւրաքանչիւր օծեալի անունը գիտնալ, բայց անոնք՝ որոնք կը յուսան երկրի վրայ ապրիլ, կրնա՛ն օծեալներուն ‘հետ երթալ’։ Ինչպէ՞ս։ Այս օրուան համարը կը պատասխանէ։ Նկատէ թէ համարը մէկ հրեայ կը նշէ։ Բայց տասը մարդը կ’ըսեն՝ «ձեզի»։ Ասիկա կը նշանակէ, որ այս հրեան մէկ անձ չէ, հապա օծեալներու ամբողջ խումբը կը ներկայացնէ։ Օծեալ չեղողները օծեալներուն հետ Եհովային կը ծառայեն։ Սակայն, անոնք օծեալները իրենց առաջնորդները չեն նկատեր, գիտակցելով որ Յիսո՛ւս իրենց «Առաջնորդ»ն է (Մատ. 23։10, ՆԹ)։ դ20.01 26 ¶1-2

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 28

Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք (Յովհ. 13։35)։

Յիսուս ըսաւ որ իր ճշմարիտ աշակերտները յստակօրէն պիտի ճանչցուէին, եթէ իր ցուցաբերած սիրոյ նման սէր ցուցաբերէին։ Այս խօսքը ներկայիս ալ կը կիրարկուի։ Որքա՜ն կարեւոր է, որ որեւէ արգելք յաղթահարենք եւ իրար սիրենք։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ կրնամ սորվիլ եղբայրներէն ու քոյրերէն, որոնք հակառակ արգելքներուն շարունակած են սէր ցոյց տալ’։ Մարդկային անկատարութիւնը դժուար կը դարձնէ, որ սրտանց ու ջերմօրէն իրար սիրենք։ Այսուհանդերձ, պէտք է ջանանք Քրիստոսը ընդօրինակել։ Ան սորվեցուց, թէ որքա՜ն կարեւոր է մեզմէ նեղուած եղբօր մը հետ հաշտուիլ (Մատ. 5։23, 24)։ Եւ շեշտեց որ Աստուած հաճեցնելու համար, պէտք է ուրիշներու հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանենք։ Եհովան ուրախ կ’ըլլայ, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենալու համար։ Ան մեր պաշտամունքը պիտի չընդունի, եթէ շարունակ նեղուած մնանք եւ նոյնիսկ չուզենք հաշտուելու փորձեր ընել (Ա. Յովհ. 4։20)։ դ20.03 24 ¶1-4

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 29

Կը զանազանենք ճշմարտութեան հոգին եւ խաբէութեան հոգին (Ա. Յովհ. 4։6, ՆԹ)։

Սատանան՝ ‘ստութեան հայրը’, մարդիկը խաբած է Ադամի ու Եւայի օրերէն ի վեր (Յովհ. 8։44)։ Ան մահուան եւ յետմահու կեանքի մասին սուտ ուսուցումներ յառաջ բերած է, որոնց վրայ հիմնուած են շատ մը հանրածանօթ սովորութիւններ եւ նախապաշարումներ։ Ինչո՞ւ այսքան շատ մարդիկ կը խաբուին։ Սատանան գիտէ թէ մենք մեռնելու նկատմամբ ի՛նչ կը զգանք, եւ այս տեղեկութիւնը կը գործածէ մեզի դէմ։ Յաւիտեան ապրելու համար ստեղծուած ըլլալով, մենք չենք ուզեր մեռնիլ (Ժող. 3։11)։ Մահը թշնամի կը նկատենք (Ա. Կոր. 15։26)։ Հակառակ Սատանային ջանքերուն, մահուան մասին ճշմարտութիւնը մութի մէջ չէ մնացած։ Իրականութեան մէջ, հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի բազմաթիւ մարդիկ գիտեն եւ ուրիշներուն կը յայտնեն ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ մեռելներուն վիճակին մասին եւ յարութեան յոյսին մասին (Ժող. 9։5, 10. Գործք 24։15)։ Այս ճշմարտութիւնները մեզ կը մխիթարեն եւ կ’օգնեն որ չվախնանք եւ կասկածներ չունենանք, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մէկը մեռնի։ դ19.04 14 ¶1. 15 ¶5-6

Շաբաթ, հոկտեմբեր 30

Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք (Գաղ. 6։2)։

Եհովա Աստուած իր ծառաները կը սիրէ. միշտ սիրած է եւ միշտ պիտի սիրէ։ Ան նաեւ իրաւունքը կամ արդարադատութիւնը կը սիրէ (Սաղ. 33։5)։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ երկու բանէ. 1) Եհովան կը ցաւի երբ իր ծառաներուն հետ անարդարօրէն կը վարուին։ 2) Ան արդարութիւնը ի գործ պիտի դնէ։ Օրէնքը, որ Աստուած Մովսէսին միջոցաւ իսրայէլ ազգին տուաւ, սիրոյ վրայ հիմնուած էր։ Անիկա քաջալերեց արդարադատ ըլլալ բոլորին հանդէպ, մանաւանդ անոնց հանդէպ, որոնք խոցելի կամ անպաշտպան էին (Բ. Օր. 10։18)։ Այդ Օրէնքը կը յայտնէ, թէ Եհովան որքա՜ն իր երկրպագուներուն համար կը հոգայ։ Անիկա վերջ գտաւ Ք.Ե. 33–ին, երբ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ։ Ասիկա նշանակե՞ց որ քրիստոնեաները պիտի չունենային օրէնք մը, որ սիրոյ վրայ հիմնուած է եւ արդարադատութիւնը յառաջ կը մղէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Քրիստոնեաները նոր օրէնքի տակ եկան. «Քրիստոսին օրէնք»ը։ Յիսուս իր հետեւորդներուն համար շարք մը օրէնքներ չգրեց, հապա անոնց տուաւ ուղղութիւններ, պատուէրներ եւ սկզբունքներ, որպէսզի ատոնց համաձայն ապրին։ «Քրիստոսին օրէնքը» կը պարփակէ Յիսուսին բոլոր սորվեցուցածները։ դ19.05 2 ¶1-3

Կիրակի, հոկտեմբեր 31

Ամէն մխիթարութեան Աստուածը. . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։

Մարդ արարածը մխիթարուելու բնական կարիք եւ մխիթարելու հրաշալի կարողութիւն ունի։ Օրինակ, երբ երեխայ մը խաղցած ատեն իյնայ եւ ծունկը վիրաւորէ, լալով կը վազէ իր մօր կամ հօր քով։ Ճիշդ է որ ծնողքը չեն կրնար վէրքը բուժել, բայց կրնան զաւակը մխիթարել։ Թերեւս իրեն հարցնեն թէ ի՛նչ եղաւ, արցունքները սրբեն, մեղմ խօսքերով ու փաթթուկով մը զինք հանդարտեցնեն, դեղ դնեն կամ վէրքը գոցեն։ Քիչ ետք, երեխան լալէ կը դադրի եւ նոյնիսկ կը շարունակէ խաղալ։ Իսկ ժամանակի ընթացքին, ծունկին վէրքը կը բուժուի։ Բայց երբեմն երեխաները շա՜տ աւելի գէշ կերպերով կը վնասուին։ Ոմանք սեռային գետնի վրայ կը չարաշահուին՝ կա՛մ մէկ անգամ, կամ ալ տարիներով։ Երկու պարագային ալ, չարաշահութիւնը զգացական խոր սպիներ կը ձգէ։ Կարգ մը պարագաներու, չարաշահողը կը բռնուի ու կը պատժուի, իսկ երբեմն ալ բնա՛ւ պատիժ չի ստանար։ Բայց նոյնիսկ եթէ ան անմիջապէս պատժուի, չարաշահուած երեխային տառապանքը կը շարունակուի մինչեւ չափահասութիւն։ դ19.05 14 ¶1-2

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել