Նոյեմբեր
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 1
Մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Ներկայիս շատեր, որոնք իմաստուն կը նկատուին, կ’ըսեն թէ այս առնչութեամբ Աստուածաշունչին ըսածը յիմարութիւն է։ Կ’ըսեն թէ եթէ մտածես որ ուրիշները քեզմէ աւելի կարեւոր են, անոնք քեզ պիտի շահագործեն։ Բայց Սատանայի աշխարհին քաջալերած կեցուածքին արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Անձնասէր մարդիկը ուրա՞խ են։ Երջանիկ ընտանիք ու անկեղծ բարեկամներ ունի՞ն։ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելե՞ն։ Ըստ փորձառութեանդ, ո՞ր մէկը լաւագոյն արդիւնքը կու տայ. աշխարհի իմաստութեա՞ն հետեւիլը, թէ ոչ՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող իմաստութեան (Ա. Կոր. 3։19)։ Անոնք՝ որոնք «իմաստուններ»ուն խրատին կը հետեւին, կը նմանին ճամբորդի մը, որ ուրիշ ճամբորդէ ուղղութիւններ կը խնդրէ, մինչ երկուքն ալ կորսուած են։ Իր օրերուն իմաստուն նկատուող մարդոց համար Յիսուս ըսաւ. «Իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (Մատ. 15։14)։ Իրապէս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է։ դ19.05 24-25 ¶14-16
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 2
Պիտի ժողվեն իր ընտրեալները (Մատ. 24։31)։
Վերջերս, Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներուն թիւը աւելցած է։ Պէ՞տք է ատոր մասին մտահոգուինք։ Ո՛չ։ «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» (Բ. Տիմ. 2։19)։ Եհովային հակառակը, այն եղբայրները, որոնք մասնակցողներուն թիւը կը հաշուեն, չեն գիտեր թէ իրապէս որո՛նք օծեալ են։ Ուստի, այդ թիւը կը պարփակէ անոնք, որոնք կը կարծեն օծեալ են, բայց օծեալ չեն։ Օրինակ, մասնակցողներէն ոմանք յետագային մասնակցելէ դադրեցան։ Ուրիշներ թերեւս մտային կամ զգացական խնդիրներ ունին, որոնց պատճառաւ կը հաւատան որ Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն։ Յստակ է որ ճշգրտօրէն չենք գիտեր, թէ երկրի վրայ քանի՛ օծեալ մնացած է։ Երկրագունդին չորս կողմը օծեալներ պիտի ըլլան, երբ Յիսուս գայ՝ զիրենք երկինք տանելու։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, որ վերջին օրերուն ընթացքին, երկրի վրայ քիչ թիւով օծեալներ պիտի ըլլան (Յայտ. 12։17)։ Բայց չի յայտներ, թէ օծեալներուն թիւը որքա՛ն է, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։ դ20.01 29-30 ¶11-13
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 3
Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ (Յովհ. 3։16)։
Յիսուս անառակ որդիին առակը պատմելով ցոյց տուաւ Եհովայի խոր սէրը իր զաւակներուն հանդէպ (Ղուկ. 15։11-32)։ Այդ առակին մէջ, հայրը միշտ յուսաց որ իր որդին պիտի վերադառնայ։ Երբ որդին տուն վերադարձաւ, հայրը ջերմօրէն զինք դիմաւորեց։ Եթէ Եհովայէն հեռացած ենք բայց զղջացած ենք, կրնա՛նք վստահ ըլլալ, որ մեր գթասիրտ Հայրը պատրաստ ու յօժար է մեզ ետ ընդունելու։ Մեր Հայրը Ադամի պատճառած բոլոր վնասները պիտի ջնջէ։ Ադամի ըմբոստութենէն ետք, Եհովան որոշեց մարդկութեան մէջէն որդեգրել 144,000 անհատներ, որոնք երկինքի մէջ իր Որդիին հետ որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ պիտի ծառայեն։ Նոր աշխարհին մէջ, Յիսուս եւ իր իշխանակիցները հնազանդ մարդոց պիտի օգնեն, որ կատարելութեան հասնին։ Հնազանդութեան վերջին փորձէն անցնելէ ետք, Եհովան իրենց պիտի շնորհէ յաւիտենական կեանքը։ Այն ատեն մեր Հայրը պիտի ուրախանայ, տեսնելով որ երկրագունդը լեցուած է իր կատարեալ որդիներով եւ աղջիկներով։ Ատիկա ի՜նչ փառաւոր ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ դ20.02 6-7 ¶17-19
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 4
Պէտք է շարունակէք ձեր տիրապետող մտածելակերպը նորոգել (Եփ. 4։23, ՆԱ)։
Բոլորս պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Քրիստոսը ընդօրինակելու համար միայն հարեւանցի՞ փոփոխութիւններ կ’ընեմ, թէ՞ իսկապէս սիրտս ու միտքս կը փոխեմ’։ Յիսուս Մատթէոս 12։43-45–ին մէջ նշեց, թէ ինչ պէտք է ընել։ Այդ խօսքերը մեզի կարեւոր դաս մը կը սորվեցնեն. բաւարար չէ սխալ մտածումներէ ձերբազատուիլ, հապա պէտք է զանոնք փոխարինենք Աստուած հաճեցնող մտածումներով։ Կարելի՞ է որ փոխենք մեր հիմնական հակումները կամ մեր ներքին իսկական ինքնութիւնը։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «[Պէտք է] նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է» (Եփ. 4։24)։ Ուրեմն կարելի է որ մեր ներքին անձը փոխենք, բայց դիւրին չէ։ Չի բաւեր պարզապէս սխալ ցանկութիւններու դէմ դնել եւ սխալ բաներ ընելը դադրեցնել։ Պէտք է մեր «տիրապետող մտածելակերպը» փոխենք։ Ասիկա կը պարփակէ փոխել մեր ցանկութիւնները, հակումները եւ մղումները, ինչ որ կը պահանջէ որ յարատեւօրէն ջանք թափենք։ դ19.06 9-10 ¶6-7
Ուրբաթ, նոյեմբեր 5
Մենք այս տեղը պիտի կորսնցնենք (Ծն. 19։13)։
Եհովան Ղովտին հետ կարեկցութեամբ վարուեցաւ՝ հրեշտակներ ղրկելով, որ զինք ու իր ընտանիքը ազատեն։ Սակայն Ղովտ ‘տնտնաց’։ Հրեշտակները ստիպուեցան իր ձեռքէն բռնելով՝ իրեն ու իր ընտանիքին օգնել, որ քաղաքէն փախչին (Ծն. 19։15, 16)։ Ետքը, հրեշտակները իրեն ըսին, որ լեռնային շրջանը փախչի։ Բայց փոխանակ Եհովային հնազանդելու, Ղովտ խնդրեց որ մօտակայ քաղաք մը երթայ (Ծն. 19։17-20)։ Եհովան համբերութեամբ մտիկ ըրաւ եւ թոյլ տուաւ որ այդ քաղաքը երթայ։ Յետագային, Ղովտ վախցաւ հոն ապրելու եւ փոխադրուեցաւ այն նոյն լեռնային շրջանը, որ Եհովան սկիզբէն իրեն ըսած էր որ հոն երթար (Ծն. 19։30)։ Եհովան ի՜նչ մեծ համբերութիւն ցոյց տուաւ։ Ղովտին պէս, մեր հոգեւոր ընտանիքին մէկ անդամը թերեւս տկար որոշում մը առնէ եւ լուրջ խնդիրներու մէջ իյնայ։ Այդ պարագային ի՞նչ պիտի ընենք։ Թերեւս ուզենք իրեն ըսել, որ հիմա՝ իր ցանածը կը հնձէ, ինչ որ կրնայ ճիշդ ըլլալ (Գաղ. 6։7, 8)։ Սակայն աւելի լաւ կերպով կրնանք վարուիլ, իրեն օգնելով այնպէս, ինչպէս Եհովան Ղովտին օգնեց։ դ19.06 20-21 ¶3-5
Շաբաթ, նոյեմբեր 6
Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ (Եբ. 13։6)։
Երբ մեր թշնամիները մեր պաշտամունքը կ’արգիլեն, անոնք կ’ուզեն որ վախնանք Եհովային ծառայելու։ Արգիլումէն զատ, կրնայ ըլլալ որ սուտ պատմութիւններ տարածեն, պաշտօնեաներ ղրկեն որ մեր տուները խուզարկեն, մեզ դատարան քաշեն կամ նոյնիսկ մեզմէ ոմանք բանտարկեն։ Անոնք կը յուսան որ սարսափինք, քանի որ կրցան մեզմէ ոմանք բանտը նետել։ Եթէ ձգենք որ մեր սրտին մէջ վախ արթնցնեն, թերեւս մե՛նք սկսինք մեր պաշտամունքը «արգիլել», այսինքն՝ մեր հոգեւոր գործունէութիւնները թեթեւցնել կամ նոյնիսկ դադրեցնել։ Մենք պիտի չուզենք այն վիճակը ունենալ, որ նկարագրուած է Ղեւտացւոց 26։36, 37–ին մէջ։ Վախին թոյլ պիտի չտանք, որ մեր ձեռքը–ոտքը կապէ։ Մենք լիովին Եհովային կը վստահինք եւ կը մերժենք խուճապի մատնուիլ (Սաղ. 27։1)։ Աղօթքով Եհովայէն կը խնդրենք որ մեզ առաջնորդէ։ Գիտենք որ իր օգնութեամբ, նոյնիսկ ամէնէն զօրաւոր կառավարութիւնը պիտի չկարենայ արգելք ըլլալ, որ հաւատարմօրէն մեր Աստուածը պաշտենք։ Հալածանքը՝ մեզ վախցնելու փոխարէն, կրնայ մղել որ ա՛լ աւելի Եհովայի ծառայենք։ դ19.07 9-10 ¶6-7
Կիրակի, նոյեմբեր 7
Խօսքը քարոզէ՛ (Բ. Տիմ. 4։2)։
Նոյնիսկ եթէ այնպէս կ’երեւի որ ծառայութիւնդ արդիւնաբեր չէ, շարունակէ փնտռել անհատներ, որոնք պիտի ուզեն աշակերտներ դառնալ։ Յիշէ՛ որ Յիսուս աշակերտելու գործը նմանցուց ձկնորսութեան։ Ձկնորսները թերեւս ժամերով սպասեն, մինչեւ որ ձուկ մը բռնեն։ Անոնք յաճախ գիշերուան ուշ կամ առտուան կանուխ ժամերուն ձկնորսութիւն կ’ընեն, եւ երբեմն կը ստիպուին իրենց նաւով աւելի հեռու տեղեր երթալ (Ղուկ. 5։5)։ Նոյնպէս, կարգ մը քարոզիչներ համբերութեամբ ժամերով «ձկնորսութիւն» կ’ընեն տարբեր ժամերու եւ տարբեր վայրերու մէջ։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի աւելի՛ մարդոց հանդիպին։ Անոնք որոնք յաւելեալ ջանք կը թափեն, յաճախ կը վարձատրուին, հետաքրքրուած անհատներու ծանօթանալով։ Կրնա՞ս ջանալ քարոզել օրուան այն պահուն, երբ աւելի հաւանական է որ մարդոց հանդիպիս, կամ երթալ վայր մը, ուր աւելի հաւանական է որ զիրենք գտնես։ Իսկ դասեր վարելու նկատմամբ, պէտք է համբերող ըլլանք, քանի որ ոչ միայն աշակերտին պէտք է օգնենք, որ Աստուածաշունչին ուսուցումները գիտնայ եւ սիրէ, հապա նաեւ պէտք է օգնենք, որ Եհովա՛ն ճանչնայ եւ սիրէ։ դ19.07 18-19 ¶14-15
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 8
Ետեւի եղածները մոռցած եմ (Փլպ. 3։13)։
Մեզմէ ոմանք պէտք ունին անցեալին իրենց գործած մեղքերուն պատճառով յանցաւորութեան զգացումները յաղթահարելու։ Այդ պարագային, լաւ կ’ըլլայ անձնական սերտողութեան յայտագիր մը սկսիլ Քրիստոսի փրկանքին մասին։ Եթէ այս քաջալերական նիւթին մասին սերտենք, խոկանք եւ աղօթենք, կրնանք յանցաւորութեան անտեղի զգացումը թեթեւցնել։ Կրնանք նոյնիսկ դադրիլ մենք մեզ պատժելէ այն մեղքերուն համար, որոնք Եհովան արդէն ներած է։ Նկատի առ ուրիշ դաս մը, որ Պօղոսէն կը սորվինք։ Ոմանք թերեւս շահաբեր գործ մը կրնային ունենալ, բայց անոր հետամուտ չեղան, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը հետապնդեն։ Այս պարագային, լաւ կ’ըլլայ որ ետեւի եղածները մոռնանք՝ մերժելով ցանկալ այն նիւթական բաները որ կրնայինք ունենալ (Թւ. 11։4-6. Ժող. 7։10)։ «Ետեւի եղածները» կրնան նաեւ պարփակել մեր հոգեւոր իրագործումները կամ անցեալի փորձութիւնները, որոնց յաջողապէս տոկացինք։ Անշուշտ, ետեւ նայելով յիշելը թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզ օրհնած է, կրնայ մեզ իրեն ա՛լ աւելի մօտեցնել։ Սակայն, բնա՛ւ չենք ուզեր ինքնագոհ ըլլալ, մտածելով թէ Եհովային համար բաւարար բան ըրած ենք (Ա. Կոր. 15։58)։ դ19.08 3 ¶5-6
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 9
Անդադար աղօթք ըրէ՛ք (Ա. Թես. 5։17)։
Կրնանք յարգանքով մեր Աստուծոյն մօտենալ որեւէ ժամանակ, ո՛ւր որ ալ ըլլանք։ Ան որքա՛ն ալ զբաղած ըլլայ, մեզի մտիկ կ’ընէ։ Ան միշտ մատչելի է եւ մեր աղօթքներուն ուշադրութեամբ ականջ կու տայ։ Երբ կը գնահատենք Եհովայի այս կեցուածքը, իրեն աւելի կը մօտենանք։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ես Տէրը կը սիրեմ, որովհետեւ իմ ձայնս եւ աղաչանքս լսեց» (Սաղ. 116։1, ԱԾ)։ Մեր Հայրը ոչ միայն մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ, հապա նաեւ անոնց կը պատասխանէ։ Յովհաննէս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք [Աստուծոյ] կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Անշուշտ, թերեւս Եհովան մեր ակնկալածին պէս չպատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ան գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է. հետեւաբար, երբեմն իր պատասխանը «ոչ» կ’ըլլայ կամ կ’ուզէ որ սպասենք (Բ. Կոր. 12։7-9)։ Նաեւ, Եհովան մեր պէտքերը կը հոգայ։ Ան կ’ընէ ինչ որ կը պահանջէ բոլոր հայրերէն (Ա. Տիմ. 5։8)։ Իր զաւակներուն նիւթական պէտքերը կը հոգայ։ Չ’ուզեր որ մեր ուտելիքով, հագուելիքով կամ բնակարանով մտահոգուինք (Մատ. 6։32, 33. 7։11)։ Սիրառատ Հայր մը ըլլալով, ան նոյնիսկ կարգադրած է գոհացնել մեր բոլոր ապագայ կարիքները։ դ20.02 5 ¶10-12
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 10
Պիտի ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ (Յովհ. 10։16)։
Ո՛չ բոլոր անոնք՝ որոնք երկնային յոյսը ունին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մաս կը կազմեն (Մատ. 24։45-47)։ Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս այսօր Եհովան եւ Յիսուսը քանի մը եղբայրներ կը գործածեն՝ շատեր կերակրելու կամ անոնց սորվեցնելու։ Առաջին դարուն, միայն քանի մը օծեալ քրիստոնեաներ գործածուեցան Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրելու։ Ներկայիս, միայն քանի մը օծեալ քրիստոնեաներ պատասխանատուութիւնը ունին Աստուծոյ ժողովուրդին ‘ատենին կերակուր’ տալու։ Եհովան որոշած է երկրի վրայ յաւիտենական կեանք տալ իր ժողովուրդին մեծամասնութեան, իսկ երկնային կեանք տալ քիչերու, որոնք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն։ Եհովան կը վարձատրէ իր բոլոր ծառաները,– ‘հրեան’ եւ «տասը մարդ»ը,– եւ անոնցմէ կը պահանջէ, որ նոյն օրէնքներուն հնազանդին եւ հաւատարիմ մնան (Զաք. 8։23)։ Բոլորը պէտք է խոնարհ մնան։ Բոլորը պէտք է միասնաբար իրեն ծառայեն եւ միացած ըլլան։ Եւ բոլորը պէտք է ջանան ժողովքին խաղաղութիւնը պահպանել։ Մինչ վերջին կը մօտենանք, բոլորս շարունակենք Եհովայի ծառայել եւ Քրիստոսի հետեւիլ որպէս «մէկ հօտ»։ դ20.01 31 ¶15-16
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 11
Եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը (Ա. Պետ. 3։1, 2)։
Չենք կրնար մեր ընտանիքի անդամները ստիպել, որ բարի լուրը ընդունին, բայց կրնանք քաջալերել, որ իրենց միտքն ու սիրտը բանան Աստուածաշունչի պատգամին (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Վարքովդ օրինակ եղիր, քանի որ յաճախ մեր ըրածը աւելի մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ տնեցիներուն վրայ, քան մեր խօսածը։ Եւ շարունակէ ընտանիքիդ անդամներուն օգնել։ Եհովան ասոր մէջ մեզի օրինակ է։ Ան «ամէն օր» մարդոց առիթ կու տայ, որ բարի լուրին ընդառաջեն եւ կեանքը ձեռք ձգեն (Եր. 7։25)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ըսաւ որ յարատեւօրէն ուրիշներուն օգնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդպէս ընելով ինքզինք եւ իրեն մտիկ ընողները պիտի ազատէր (Ա. Տիմ. 4։16)։ Մենք մեր ընտանիքի անդամները կը սիրենք, հետեւաբար կ’ուզենք որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները գիտնան։ դ19.08 14 ¶2. 16 ¶8-9
Ուրբաթ, նոյեմբեր 12
Յայտնի յանդիմանութիւնը ծածուկ սէրէն աղէկ է (Առ. 27։5)։
Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ եթէ մէկը ժամանակ տրամադրէ, որպէսզի մեզ սրբագրէ, ասիկա ցոյց կու տայ թէ մեր ըրած սխալը մեր կարծածէն աւելի լուրջ է։ Մեր առաջին հակազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ՝ խրատը մերժել։ Թերեւս քննադատենք խրատ տուողը կամ իր խօսելու կերպը։ Բայց եթէ խոնարհ ենք, ջանք պիտի ընենք որ ճիշդ կեցուածքը դրսեւորենք։ Խոնարհ անձը խրատը կը գնահատէ։ Օրինակ, երեւակայէ որ քրիստոնէական ժողովի մը ներկայ ես։ Քանի մը հաւատակիցներու հետ խօսելէ ետք, անոնցմէ մէկը քեզ մէկ կողմ կը քաշէ ու կ’ըսէ, որ ակռայիդ վրայ ուտելիք կայ։ Անկասկած քիչ մը գէշ կը զգաս։ Բայց միեւնոյն ատեն չե՞ս գնահատեր որ ան քեզի իմացուց։ Թերեւս նոյնիսկ մտածես, որ երանի աւելի կանուխ մէկը ըսէր։ Նոյնպէս, պէտք է խոնարհաբար գնահատենք այն հաւատակիցը, որ քաջութիւն հաւաքելով մեզի խրատ կու տայ պէտք եղած ատենը։ Զինք կը նկատենք մեր բարեկամը եւ ոչ թէ մեր թշնամին (Առ. 27։6. Գաղ. 4։16)։ դ19.09 5 ¶11-12
Շաբաթ, նոյեմբեր 13
Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր (Առ. 6։20)։
Զաւակներուն նկատմամբ, Եհովան մայրերուն կարեւոր դեր եւ որոշ հեղինակութիւն տուած է։ Մօր մը ըսածներն ու ըրածները կրնան զաւակներուն վրայ մնայուն ազդեցութիւն ձգել (Առ. 22։6)։ Նկատէ թէ մայրերը ի՛նչ կրնան սորվիլ Մարիամէն՝ Յիսուսի մօրմէն։ Մարիամ Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէր։ Ան Եհովայի հանդէպ խոր յարգանք եւ իրեն հետ սերտ բարեկամութիւն ունէր։ Ան պատրաստ էր Եհովային խնդրածը ընելու, թէեւ ասիկա նշանակեց որ իր կենցաղը բոլորովին պիտի փոխուէր (Ղուկ. 1։35-38, 46-55)։ Ո՛վ մայրեր, դուք կրնաք Մարիամը ընդօրինակել զանազան կերպերով։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին, պէտք է Եհովային հետ ձեր բարեկամութիւնը զօրաւոր պահէք՝ Աստուածաշունչի անձնական սերտողութիւն ունենալով եւ կանոնաւորաբար աղօթելով։ Երկրորդ, պէտք է պատրաստ ըլլաք ձեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու՝ Եհովան հաճեցնելու համար։ դ19.09 18 ¶17-19
Կիրակի, նոյեմբեր 14
Ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար (Յայտ. 7։9, ԱԾ)։
Յովհաննէս առաքեալ ապշեցուցիչ մարգարէական տեսիլք մը տեսաւ։ Անոր մէջ հրեշտակներու կ’ըսուի, որ մեծ նեղութեան կործանարար հովերը բռնեն, մինչեւ որ որոշ ծառաներու վերջնական կնքումը տեղի ունենայ (Յայտ. 7։1-3)։ Այդ ծառաներու խումբը որպէս ամբողջութիւն 144,000 է եւ անոնք Յիսուսի հետ երկնքի մէջ պիտի իշխեն (Ղուկ. 12։32. Յայտ. 7։4)։ Ետքը, Յովհաննէս կը նշէ ուրիշ խումբ մը, որ ա՛յնքան մեծ է որ ան կը բացագանչէ. «Ահա՛»,– արտայայտութիւն մը, որ թերեւս ցոյց կու տայ իր զարմանքը, երբ անակնկալ բան մը տեսաւ։ Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։ «Մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին» (Յայտ. 7։9-14)։ Երեւակայէ թէ Յովհաննէս որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր, գիտնալով որ ապագային բիւրաւո՛ր մարդիկ ճշմարիտ պաշտամունքին պիտի հետեւէին։ Անկասկած Յովհաննէսի հաւատքը զօրացաւ այդ տեսիլքով։ Որքա՜ն աւելի մեր հաւատքը պէտք է զօրանայ, քանի որ այդ տեսիլքին կատարման ժամանակամիջոցին մէջ կ’ապրինք։ Մեր օրերուն միլիոնաւորներ Եհովան կը պաշտեն եւ կը յուսան մեծ նեղութենէն վերապրիլ ու երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։ դ19.09 26 ¶2-3
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 15
Կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի. . . ու պիտի չազատին (Ա. Թես. 5։3)։
Երեւակայէ որ ազգերը ըրին այն յայտարարութիւնը, որ երկար ատենէ ի վեր կը սպասէինք. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Անոնք թերեւս պարծենան, որ աշխարհը շատ ապահով վիճակի մէջ է։ Անոնք պիտի ուզեն որ խորհինք, թէ իրենք կարող են աշխարհի բոլոր խնդիրները լուծել։ Բայց որեւէ կերպով պիտի չկարենան արգելք կենալ յաջորդ դէպքին։ «Մեծ Բաբելոն»ը պիտի կործանի (Յայտ. 17։5, 15-18)։ «Աստուած անոնց սրտին մէջ [պիտի դնէ], որ իր կամքը կատարեն»։ Ի՞նչ է իր կամքը։ Բոլոր սուտ կրօնքները կործանել, մէջը ըլլալով քրիստոնէական աշխարհը։ Աստուած իր խորհուրդը «կարմիր գազանին» «տասը եղջիւրներ»ուն սրտին մէջ պիտի դնէ։ Տասը եղջիւրները կը ներկայացնեն բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք թիկունք կը կանգնին «գազան»ին՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (Յայտ. 17։3, 11-13. 18։8)։ Այդ քաղաքական ուժերը սուտ կրօնքին վրայ յարձակելով, մեծ նեղութիւնը կը սկսի, որ իսկապէս համաշխարհային աղէտալի դէպք մը պիտի ըլլայ։ դ19.10 14 ¶1, 3
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 16
Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չ’ընդունիր (Գ. Յովհ. 9)։
Առաջին դարուն, Դիոտրեփէս նախանձեցաւ անոնց, որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէին։ Ան ժողովքին մէջ ‘առաջին ըլլալ ուզելով’, չարամիտ խօսքեր տարածեց Յովհաննէս առաքեալին եւ ուրիշ պատասխանատու եղբայրներու մասին, անոնց հանդէպ յարգանքը պակսեցնելու համար (Գ. Յովհ. 10)։ Թէեւ Դիոտրեփէսի ըրածը բնա՛ւ պիտի չընենք, բայց կրնանք սկսիլ նախանձիլ հաւատակիցի մը, որ կը ստանայ այն նշանակումը, որ մենք կը փափաքէինք ունենալ,– մանաւանդ եթէ կը զգանք, որ իրեն չափ որակեալ ենք այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու։ Նախանձը թունաւոր որոմի կը նմանի։ Մէյ մը որ նախանձի սերմը մեր սրտին մէջ արմատ կապէ, զայն արմատախիլ ընելը դժուար կ’ըլլայ։ Նախանձը աւելի կ’աճի, երբ ուրիշ ժխտական զգացումներ ալ կան, ինչպէս՝ հպարտութիւնն ու անձնասիրութիւնը։ Ծաղիկին աճումը խեղդող որոմին պէս, նախանձը թոյլ չի տար որ լաւ յատկութիւններ զարգացնենք, ինչպէս՝ սէր, կարեկցութիւն եւ քաղցրութիւն։ Հազիւ նկատենք, թէ նախանձը սկսաւ ծլիլ, պէտք է զայն մեր սրտէն արմատախիլ ընենք։ դ20.02 15 ¶6-7
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 17
Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ (Բ. Կոր. 12։7)։
Պօղոս առաքեալ ըսել ուզեց, որ անձնական տանջալից նեղութիւն մը ունէր։ Եւ զայն կոչեց «Սատանայի հրեշտակ մը», որ շարունակ զինք ‘կը նեղէր’։ Թերեւս Սատանան կամ իր դեւերը ուղղակիօրէն չպատճառեցին Պօղոսի խնդիրը, կարծես փուշ մը անոր մորթին մէջ մտցնելով։ Սակայն երբ այդ չար ոգիները նկատեցին «խայթոցը» կամ փուշը, թերեւս ուզեցին զայն աւելի խորը մտցնել, Պօղոսի ցաւը աւելցնելով։ Պօղոս ի՞նչ ըրաւ։ Սկիզբը Պօղոս ուզեց «խայթոց»էն ձերբազատուիլ։ Ան խոստովանեցաւ. «Երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը [Եհովային], որ մէկդի ընէ ինձմէ»։ Թէեւ ան աղօթեց, բայց մարմնի խայթոցը մնաց։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Եհովան Պօղոսի աղօթքներուն չպատասխանեց։ Բնաւ երբեք։ Ան պատասխանեց։ Եհովան խնդիրը չվերցուց, բայց Պօղոսին զօրութիւն տուաւ որ տոկայ։ Եհովան ըսաւ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի» (Բ. Կոր. 12։8, 9)։ Պօղոս Եհովայի օգնութեամբ կրցաւ իր ուրախութիւնն ու ներքին խաղաղութիւնը պահպանել (Փլպ. 4։4-7)։ դ19.11 9 ¶4-5
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 18
Եհովան բացարձակ նուիրուածութիւն պահանջող Աստուած է (Նաւ. 1։2, ՆԱ)։
Եհովան արժանի է մեր բացարձակ նուիրուածութեան, քանի որ մեր Ստեղծիչն է (Յայտ. 4։10բ)։ Սակայն մեր առջեւ վտանգ մը կայ։ Թէեւ Եհովան կը սիրենք ու կը յարգենք, բայց կարելի է որ ուրիշ բաներ մեր կեանքին մէջ այնքա՛ն կարեւոր դառնան, որ իրեն հանդէպ բացարձակ նուիրուածութիւն չունենանք։ Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուծոյ նուիրուիլը կը պարփակէ զինք խորապէս սիրել։ Եթէ միայն Եհովան կը պաշտենք, թոյլ պիտի չտանք ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի, որ մեր սրտին մէջ Իր տեղը գրաւէ (Ել. 34։14)։ Իրեն նուիրուած ենք ո՛չ թէ կուրօրէն, հապա գիտելիքներու հիման վրայ։ Մենք իր հիանալի յատկութիւնները շատ կը սիրենք։ Գիտենք թէ ի՛նչ կը սիրէ ու ի՛նչ կ’ատէ, եւ իրեն պէս կը զգանք։ Կը հասկնանք թէ մարդկութեան համար ի՛նչ է իր նպատակը եւ ատոր թիկունք կը կանգնինք։ Պատիւ կը զգանք որ ան մեզի առիթ տուած է որ իր բարեկամները ըլլանք (Սաղ. 25։14)։ Մեր Ստեղծիչին մասին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն որ կը գիտնանք, մեզ իրեն աւելի կը մօտեցնէ (Յակ. 4։8)։ դ19.10 26 ¶1-3
Ուրբաթ, նոյեմբեր 19
Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։
Ներկայիս մեր եղբայրներն ու քոյրերը զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Օրինակ, շատեր բնական կամ մարդակերտ աղէտներէ կը տառապին։ Երբ այսպիսի բան պատահի, մեզմէ ոմանք կրնան իրենց տուները ընդունիլ այս եղբայրները։ Ուրիշներ թերեւս կարելիութիւնը ունին դրամական օգնութիւն մատուցանելու։ Բայց բոլորս կրնանք Եհովայէն խնդրել որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնէ։ Եթէ իմանանք որ հաւատակից մը ընկճուած է, թերեւս չգիտնանք ի՛նչ ըսել կամ ընել։ Բայց բոլորս կրնանք օգնել։ Օրինակ, կրնանք ժամանակ տրամադրել որ անոր հետ ըլլանք։ Կրնանք իր խօսած ատեն կարեկցութեամբ մտիկ ընել։ Եւ կրնանք մեր նախասիրած մխիթարական համարը իրեն հետ բաժնել (Եսա. 50։4)։ Ամենակարեւոր բանը այն է, որ բարեկամներուդ հետ ըլլաս երբ քեզի պէտք ունենան։ Պէտք է վճռենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւններ կերտել ու պահպանել։ Այդ բարեկամութիւնները պիտի գոյատեւեն ոչ միայն մինչեւ այս աշխարհին վերջը, հապա յաւիտեա՛ն։ դ19.11 7 ¶18-19
Շաբաթ, նոյեմբեր 20
Տէրոջը մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է (Ղեւ. 7։11)։
Ատիկա անհատին կողմէ կամաւոր ընծայ էր, ինչ որ Եհովայի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տար։ Ան, իր ընտանիքը եւ քահանաները զոհուած անասունին միսը կ’ուտէին։ Բայց զոհէն որոշ մասեր միայն Եհովային կը մատուցանուէին։ Ո՞ր մասերը։ Եհովան ճարպը անասունին ամենալաւ մասը կը նկատէր։ Ասկէ զատ, ան ըսաւ որ անասունին երիկամունքներն ու լեարդը յատուկ արժէք ունէին (Ղեւ. 3։6, 12, 14-16)։ Ուստի ան մասնաւորաբար կը հաճէր, երբ իսրայէլացի մը այդ մասերը եւ ճարպը կամաւորաբար կը մատուցանէր իրեն։ Այսպիսի ընծայ բերող իսրայէլացին ցոյց կու տար, թէ կ’ուզէր լաւագոյնը տալ Աստուծոյ։ Նոյնպէս, Յիսուս կամաւ իր լաւագոյնը տուաւ Եհովային՝ սէրէ մղուած եւ սրտանց իրեն ծառայելով (Յովհ. 14։31)։ Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարելով հաճոյք կը զգար (Սաղ. 40։8)։ Եհովան որքա՜ն հաճած ըլլալու էր, տեսնելով Յիսուսի յօժարակամ ծառայութիւնը իրեն։ դ19.11 22-23 ¶9-10
Կիրակի, նոյեմբեր 21
Եօթներորդ օրը, հանգստութեան շաբաթը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը (Ել. 31։15)։
Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ Եհովան վեց «օր» ստեղծելէ ետք, երկրի վրայ ստեղծագործութիւն ընելէ կանգ առաւ (Ծն. 2։2)։ Սակայն ան աշխատիլը կը սիրէ, եւ «մինչեւ հիմա կը գործէ» ուրիշ կերպերով (Յովհ. 5։17)։ Ան վեց «օր» աշխատեցաւ եւ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ, եւ իսրայէլացիներուն ալ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր եօթներորդ օր հանգչին։ Ան ըսաւ որ Շաբաթը նշան էր իր եւ իսրայէլ ազգին միջեւ (Ել. 31։12-14)։ Այդ օրը, չէր արտօնուած որ մէ՛կը աշխատէր, մէջը ըլլալով՝ պզտիկները, ստրուկները եւ նոյնիսկ ընտանի անասունները (Ել. 20։10)։ Շաբաթը առիթ տուաւ որ մարդիկ աւելի ուշադրութիւն ընծայեն հոգեւոր բաներու։ Յիսուսի ժամանակ կրօնական առաջնորդներէն շատեր Շաբաթի նկատմամբ ծայրայեղ եւ խիստ տեսակէտ որդեգրած էին։ Անոնք ըսին, թէ Շաբաթ օրը օրինազանցութիւն է նոյնիսկ քիչ մը ցորեն փրցնելը կամ հիւանդ մը բժշկելը (Մար. 2։23-27. 3։2-5)։ Բայց Աստուած այդպէս չէր մտածեր, եւ Յիսուս ասիկա յստակ դարձուց իրեն մտիկ ընողներուն։ դ19.12 3-4 ¶8-9
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 22
Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս (Եփ. 5։1)։
Ո՛րքան աւելի Եհովայի յատկութիւններուն մասին սորվինք, ա՛յնքան աւելի պիտի կարենանք զինք ընդօրինակել։ Դաւիթ իր երկնաւոր Հայրը լաւ ճանչցաւ, ուստի կրցաւ զինք ընդօրինակել՝ ուրիշներուն հետ իր վարուելու կերպին մէջ։ Որովհետեւ ան Եհովայի հետ այսքան լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր, Իսրայէլի ամէնէն սիրուած թագաւորներէն մէկը դարձաւ եւ Եհովան զինք որպէս օրինակ գործածեց Իսրայէլի միւս թագաւորներուն համար (Գ. Թագ. 15։11. Դ. Թագ. 14։1-3)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Պէտք է «Աստուծոյ նմանող» ըլլանք։ Երբ մեր անձնաւորութիւնը կը կաղապարենք իր անձնաւորութեան համեմատ, ցոյց կու տանք որ իր զաւակներն ենք (Եփ. 4։24)։ Եհովայի մասին սորվելէ բնա՛ւ պիտի չդադրինք (Ժող. 3։11)։ Սակայն կարեւորը ոչ թէ այն է, թէ իր մասին ո՛րքան գիտենք, հապա թէ մեր գիտցածով ի՛նչ կ’ընենք։ Եթէ մեր սորվածը գործադրենք եւ ջանանք մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը ընդօրինակել, ան պիտի շարունակէ մեզի մօտենալ (Յակ. 4։8)։ Իր Խօսքին միջոցաւ, ան մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ զինք փնտռողները բնա՛ւ երեսէ պիտի չձգէ։ դ19.12 20 ¶20. 21 ¶21, 23
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 23
Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ (Եր. 17։9)։
Յակոբ իր բոլոր զաւակները կը սիրէր, բայց յատուկ գուրգուրանք ունէր 17 տարեկան Յովսէփին հանդէպ։ Յովսէփին եղբայրները ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Իրեն նախանձեցան, ինչ որ պատճառ եղաւ որ զինք ատեն։ Ուստի զինք իբրեւ ստրուկ ծախեցին եւ իրենց հօր սուտ խօսեցան, ըսելով որ գազան մը իր նախասիրած որդին սպաննած էր։ Նախանձը պատճառ դարձաւ որ անոնք ընտանիքին խաղաղութիւնը խանգարեն եւ իրենց հօր սիրտը կտոր–կտոր ընեն (Ծն. 37։3, 4, 27-34)։ Նախանձը կը նշուի «մարմնին գործեր»ուն մէջ, որոնք թոյլ չեն տար, որ անհատ մը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ժառանգէ (Գաղ. 5։19-21)։ Երբ նախանձը արմատ կապէ, յաճախ թունաւոր պտուղ կու տայ, ինչպէս՝ ատելութիւն, կռիւ եւ բարկութեան պոռթկումներ։ Յովսէփի եղբայրներուն օրինակը ցոյց կու տայ, որ նախանձը կրնայ փոխյարաբերութիւններու վնաս հասցնել եւ ընտանիքին խաղաղութիւնը խանգարել։ Թէեւ բնաւ պիտի չընենք ինչ որ Յովսէփի եղբայրները ըրին, բայց բոլորս ալ անկատար ու խաբեբայ սիրտ ունինք։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ երբեմն նախանձի զգացումներ ունենանք։ դ20.02 14 ¶1-3
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 24
Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Առիթով մը, Եհովան Մովսէսէն առաւ սուրբ հոգիէն մաս մը եւ տուաւ ծերերու, որոնք վկայութեան խորանին մօտ կայնած էին։ Անկէ քիչ ետք, Մովսէս իմացաւ թէ երկու ծերեր, որոնք վկայութեան խորանը չէին եկած, նմանապէս սուրբ հոգին ստացած էին եւ սկսած էին մարգարէանալ։ Ան ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ Յեսուն իրմէ խնդրեց որ երկու ծերերը արգիլէ։ Մովսէս չնախանձեցաւ որ Եհովան երկու ծերերուն ուշադրութիւն կը դարձնէր։ Փոխարէնը, խոնարհաբար անոնց հետ ուրախացաւ իրենց առանձնաշնորհումին համար (Թւ. 11։24-29)։ Մովսէսէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Եթէ երէց մըն ես, երբեք քեզմէ խնդրուա՞ծ է, որ ուրիշը մարզես ժողովքին մէջ ստանձնելու առանձնաշնորհում մը, որ ունիս ու շատ կը սիրես։ Եթէ Մովսէսին պէս խոնարհ ես, պիտի չխորհիս որ նուազ կարեւոր պիտի դառնաս, եթէ քեզմէ խնդրուի մարզել եղբայր մը, որպէսզի ժամանակի ընթացքին այդ առանձնաշնորհումը ստանայ։ Փոխարէնը, ուրախ պիտի ըլլաս եղբօր օգնելով։ դ20.02 17 ¶9-11
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 25
Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա (Առ. 12։25)։
Հիւանդութիւնը կրնայ զգացականօրէն մեզ սպառել։ Թերեւս նեղ կացութեան մատնուինք, երբ մարդիկ նշմարեն մեր սահմանափակումները կամ երբ ուրիշներու մատուցած օգնութենէն կախեալ ըլլանք։ Նոյնիսկ երբ ուրիշներ մեր հիւանդութենէն տեղեակ չեն, թերեւս ամօթ զգանք, քանի որ չենք կրնար ընել բաներ, որոնք սովորաբար կ’ընէինք։ Այսպիսի ճնշիչ ատեններ, Եհովան մեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչին մէջ Եհովան լաւ խօսքեր պահած է, որոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ մենք իրեն համար թանկագին ենք, թէեւ հիւանդ ենք (Սաղ. 31։19. 41։3)։ Այդ ներշնչեալ խօսքերուն միջոցաւ, Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ հիւանդութեան պատճառած ժխտական զգացումներուն հետ գլուխ ելլենք։ Վստահ եղիր որ Եհովան գիտէ թէ ինչերէ կ’անցնիս։ Աղաչէ որ քեզի օգնէ վիճակիդ նկատմամբ ճիշդ տեսակէտ ունենալու։ Ապա Սուրբ Գիրքին մէջ գտիր այն աղէկ խօսքերը, որոնք Եհովան քեզի համար պահած է։ Կեդրոնացիր այն համարներուն վրայ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Եհովան իր ծառաները շա՜տ կ’արժեւորէ։ Մինչ այդպէս կ’ընես, պիտի տեսնես որ Եհովան քաղցր է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք հաւատարմօրէն իրեն կը ծառայեն (Սաղ. 84։11)։ դ20.01 15-16 ¶9-10. 17 ¶12
Ուրբաթ, նոյեմբեր 26
Չարին նմանող մի՛ ըլլար, հապա՝ բարիին (Գ. Յովհ. 11)։
Իսահակ հարուստ էր, եւ փղշտացիները իր բարգաւաճ վիճակին նախանձեցան (Ծն. 26։12-14)։ Անոնք նոյնիսկ գոցեցին այն ջրհորները, որոնց Իսահակ կ’ապաւինէր իր անասուններուն ջուր տալու համար (Ծն. 26։15, 16, 27)։ Փղշտացիներուն պէս, ներկայիս կարգ մը մարդիկ կը նախանձին անոնց, որոնք իրենցմէ աւելի նիւթական ստացուածք ունին։ Իրենք ոչ միայն կ’ուզեն անոնց ունեցածը ունենալ, հապա նաեւ կ’ուզեն որ անոնք իրենց ունեցածէն զրկուին։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները Յիսուսին նախանձեցան, քանի որ ժողովուրդին կողմէ շատ սիրուած էր (Մատ. 7։28, 29)։ Յիսուս Աստուծոյ ներկայացուցիչն էր, եւ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէր։ Հակառակ ատոր, կրօնական առաջնորդները նենգ սուտեր ու զրպարտութիւններ տարածեցին, որպէսզի Յիսուսի լաւ համբաւին վնասեն (Մար. 15։10. Յովհ. 11։47, 48. 12։12, 13, 19)։ Այս արձանագրութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Պէտք է ջանանք չնախանձիլ անոնց, որոնք ժողովքին կողմէ սիրուած են իրենց լաւ յատկութիւններուն համար։ Փոխարէնը, կ’ուզենք իրենց գովելի վարուելակերպը ընդօրինակել (Ա. Կոր. 11։1)։ դ20.02 15 ¶4-5
Շաբաթ, նոյեմբեր 27
Զանիկա մեռցնելու համար օրէնք մը կայ (Եսթ. 4։11)։
Երեւակայէ թէ շուրջ 2500 տարի առաջ կ’ապրիս Պարսկաստանի մէջ եւ կ’ուզես թագաւորին հետ խօսիլ։ Միտքէդ իսկ չես անցըներ թագաւորին երթալ, առանց իր արտօնութիւնը ստանալու։ Այլապէս, կրնաս կեանքդ կորսնցնել։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ Եհովան պարսիկներու թագաւորին պէս չէ։ Որեւէ ժամանակ կրնանք իրեն խօսիլ։ Ան կ’ուզէ որ ազատ զգանք իրեն մօտենալու։ Օրինակ, թէեւ ան վեհ տիտղոսներ ունի, ինչպէս՝ Մեծ Ստեղծիչ, Ամենակալ եւ Գերիշխան Տէր, բայց մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն խօսինք գործածելով «Հայր» բառը (Մատ. 6։9)։ Մեր սիրտը որքա՜ն կը տոգորուի գիտնալով, թէ կ’ուզէ որ իրեն այսքան մօտիկ զգանք։ Տեղին է, որ Եհովան «Հայր» կոչենք, քանի որ ան մեր կեանքի Աղբիւրն է (Սաղ. 36։9)։ Եւ մեր Հայրը ըլլալով, պատասխանատուութիւն ունինք որ իրեն հնազանդինք։ Եթէ ընենք ինչ որ մեզմէ կը խնդրէ, հոյակապ օրհնութիւններ պիտի վայելենք (Եբ. 12։9)։ Այդ օրհնութիւններէն մէկն է՝ յաւիտենական կեանք, ըլլա՛յ երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ։ դ20.02 2 ¶1-3
Կիրակի, նոյեմբեր 28
Աշակերտեցէք (Մատ. 28։19)։
Մեր նպատակն է Աստուածաշունչի աշակերտին օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ (Եփ. 4։13)։ Երբ մէկը ընդունի Աստուածաշունչը սերտել, թերեւս գլխաւորաբար հետաքրքրուած ըլլայ թէ ինչպէ՛ս անձնապէս պիտի օգտուի։ Սակայն, մինչ կը սկսի աւելի՛ Եհովան սիրել, հաւանաբար պիտի սկսի մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ուրիշներուն օգնել, մէջը ըլլալով անոնք, որոնք արդէն ժողովքին մաս կը կազմեն (Մատ. 22։37-39)։ Յարմար ժամանակին, խօսէ Թագաւորութեան գործին նիւթապէս թիկունք կանգնելու առանձնաշնորհումին մասին։ Աշակերտիդ սորվեցուր ի՛նչ ընել, երբ խնդիրներ ծագին։ Օրինակ, սեպէ որ աշակերտդ, որ չմկրտուած հրատարակիչ է, քեզի կ’ըսէ որ ժողովքին մէջ մէկէ մը վիրաւորուած է։ Փոխանակ կողմ բռնելու, իրեն բացատրէ թէ Աստուածաշունչին համաձայն ի՛նչ պէտք է ընէ։ Կրնայ կա՛մ եղբօր ներել, կա՛մ՝ եթէ չի կրնար հարցը մոռնալ՝ անձին ազնուօրէն եւ սիրալիրօրէն խօսիլ, ‘զինք շահելու’ նպատակով (համեմատէ՛ Մատթէոս 18։15)։ Աշակերտին օգնէ, որ պատրաստէ իր ըսելիքը։ դ20.01 5-6 ¶14-15
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 29
Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի. . .ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը (Սաղ. 32։5)։
Ցոյց կու տանք, թէ Եհովայի ներումը կ’արժեւորենք, երբ անոր համար կ’աղօթենք, խրատն ու յանդիմանութիւնը կ’ընդունինք եւ կը ջանանք նոյն մեղքերը չկրկնել։ Այս քայլերը առնելով, մեր ներքին խաղաղութիւնը կը վերագտնենք։ Որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ, որ Եհովան «մօտ է անոնց՝ որոնց սիրտը կոտրած է, ու հոգիով ճմլուածները կը փրկէ» (Սաղ. 34։18, ԱԾ)։ Մինչ վերջին օրերը իրենց աւարտին հասնելու վրայ են, մտահոգութեան պատճառները պիտի աւելնան։ Երբ մտահոգութիւն ունենաս, անմիջապէս Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն սերտէ։ Աննայէն, Պօղոս առաքեալէն ու Դաւիթ թագաւորէն օրինակ առ։ Երկնաւոր Հօրմէդ խնդրէ, որ քեզի օգնէ մտահոգութեանդ պատճառը գիտնալու (Սաղ. 139։23)։ Թոյլ տուր որ ինք բեռներդ կրէ, մանաւանդ այն բեռները, որոնց համար բա՛ն մը չես կրնար ընել։ Այսպէս, կրնաս սաղմոսերգուին պէս ըլլալ, որ Եհովային երգեց. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղ. 94։19)։ դ20.02 24 ¶17. 25 ¶20-21
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 30
Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է (Բ. Տիմ. 3։16)։
Աստուած իր սուրբ հոգին գործածեց, որպէսզի իր մտածումները դնէ գրողներուն մտքին մէջ։ Երբ Աստուածաշունչը կարդանք եւ մեր կարդացածին վրայ խոկանք, Աստուծոյ ուղղութիւնները կը մտնեն մեր մտքին ու սրտին մէջ։ Այդ ներշնչեալ միտքերը մեզ կը մղեն, որ մեր կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակենք (Եբ. 4։12)։ Բայց սուրբ հոգիէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է որ ժամանակ տրամադրենք Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելու եւ մեր կարդացածին վրայ լրջօրէն մտածելու։ Այսպէս, Աստուծոյ Խօսքը պիտի ազդէ մեր ամէն ըսածին ու ըրածին։ Նաեւ, պէտք է հաւատակիցներուն հետ Աստուած պաշտենք (Սաղ. 22։22)։ Եհովայի հոգին ժողովներուն ներկայ է (Յայտ. 2։29)։ Երբ հաւատակիցներուն հետ պաշտամունքի համար կը հաւաքուինք, աղօթքով սուրբ հոգին կը խնդրենք, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած Թագաւորութեան երգեր կ’երգենք, եւ մտիկ կ’ընենք սուրբ հոգիէն նշանակուած եղբայրներուն ներկայացուցած աստուածաշնչական խրատները։ Սակայն, սուրբ հոգիէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է ժողովի նիւթերը պատրաստենք եւ պատասխաններ տալով ժողովին մասնակցինք։ դ19.11 11 ¶13-14