Դեկտեմբեր
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 1
Լռելու ժամանակ կայ (Ժող. 3։1, 7)։
Եթէ մեր լեզուն չզսպենք, կրնայ մեծ վնաս պատճառել։ Օրինակ, եթէ ծանօթանաս Վկայի մը, որ կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, փափաք կ’ունենա՞ս որ խնդրես մանրամասնութիւններ, թէ հոն մեր գործը ինչպէ՛ս կ’ընթանայ։ Վստահաբար լաւ միտումով կը հարցնես, քանի որ մեր եղբայրները կը սիրենք եւ իրենցմով հետաքրքրուած ենք ու կ’ուզենք մասնայատուկ կերպով իրենց մասին աղօթել։ Սակայն, այս պարագային, ժամանակն է որ մեր լեզուն սանձենք եւ չխօսինք։ Եթէ գաղտնի տեղեկութիւն ունեցող անհատ մը ճնշենք, սիրոյ պակաս ցոյց կու տանք թէ՛ անհատին հանդէպ եւ թէ անոնց հանդէպ, որոնք անոր գաղտնապահութեան կը վստահին։ Անկասկած, մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ուզէ դժուարացնել այն եղբայրներուն ու քոյրերուն կեանքը, որոնք կ’ապրին ուր որ մեր գործը արգիլուած է։ Նոյնպէս, այսպիսի երկրի մը մէջ ապրող ո՛չ մէկ եղբայր կամ քոյր պէտք է մանրամասնութիւններ յայտնէ, թէ իրենք ինչպէ՛ս կը քարոզեն կամ ինչպէ՛ս քրիստոնէական միւս գործունէութիւնները կը կատարեն։ դ20.03 21-22 ¶11-12
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 2
Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք (Ծն. 3։4)։
Աստուծոյ մտքին մէջ չկար որ մարդիկ մեռնին։ Սակայն յաւիտեան ապրելու համար, Ադամն ու Եւան պէտք էր հնազանդէին Եհովային, որ իրենց տուաւ այս պարզ պատուէրը. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն. 2։16, 17)։ Բայց Սատանան օձի մը միջոցաւ Եւային ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը։ Ցաւօք սրտի, Եւան այս սուտին հաւատաց եւ պտուղէն կերաւ։ Ետքը, իր ամուսինն ալ պտուղէն կերաւ (Ծն. 3։6)։ Այսպիսով, մեղքն ու մահը մտան մարդկային ընտանիքին մէջ (Հռով. 5։12)։ Ադամն ու Եւան մեռան, ճիշդ ինչպէս որ Աստուած ըսած էր։ Բայց Սատանան մահուան մասին սուտ խօսելէ չդադրեցաւ, հապա սկսաւ ուրիշ սուտեր ալ աւելցնել։ Անոնցմէ մէկն է այն ուսուցումը, որ մարմինը կը մեռնի, բայց անմահ հոգի մը կը շարունակէ ապրիլ հոգեղէն ծիրին մէջ։ Մինչեւ օրս բազմաթիւ մարդիկ այդ տեսակ սուտերով կը խաբուին (Ա. Տիմ. 4։1)։ դ19.04 14-15 ¶3-4
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 3
Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի (Ա. Կոր. 13։11)։
Երեխաները տակաւին լիովին չեն սորված ինչպէ՛ս մտածել, վերլուծել եւ տեսնել վտանգը ու անկէ խուսափիլ։ Անոր համար շատ դիւրին է, որ մէկը զանոնք խաբէ եւ յետոյ չարաշահէ։ Չարաշահողը երեխային վտանգաւոր սուտեր կը սորվեցնէ։ Օրինակ, ան կ’ըսէ թէ երեխա՛ն մեղադրելի է, չարաշահութիւնը պէտք է գաղտնի պահուի, մէկու մը հոգը պիտի չըլլայ եթէ երեխան եղածին մասին պատմէ, կամ ալ թէ այս սեռային արարքները անկեղծ սիրոյ բնական արտայայտութիւններ են։ Երեխան միայն տարինե՜ր ետք կ’անդրադառնայ, թէ այս բոլորը սուտ էին։ Ան ինքզինք սիրոյ կամ մխիթարութեան անարժան կը նկատէ։ Ուրեմն զարմանալի չէ, որ սեռային չարաշահութիւնը կրնայ մնայուն վնասներ պատճառել։ Մենք կ’ապրինք վերջին օրերուն մէջ, երբ շատեր «անգութ» են եւ երբ «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան» (Բ. Տիմ. 3։1-5, 13)։ դ19.05 15 ¶7-8
Շաբաթ, դեկտեմբեր 4
Այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք (Գաղ. 6։2)։
Յիսուս ի՞նչ կերպերով սորվեցուց։ Նա՛խ, խօսքով։ Իր ըսածները զօրութիւն ունէին, քանի որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցուց, կեանքին իսկական նպատակը յայտնեց եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ակնարկեց որպէս մարդոց տառապանքին միակ լուծումը (Ղուկ. 24։19)։ Յիսուս նաեւ սորվեցուց իր օրինակով։ Իր ապրելակերպով՝ իր հետեւորդներուն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրին (Յովհ. 13։15)։ Յիսուս ե՞րբ սորվեցուց։ Երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին (Մատ. 4։23)։ Նաեւ իր աշակերտներուն սորվեցուց, յարութիւն առնելէ քիչ ետք։ Օրինակ, խումբ մը աշակերտներու երեւցաւ,– թերեւս աւելի քան 500 անհատներու,– եւ պատուիրեց որ ‘աշակերտեն’ (Մատ. 28։19, 20. Ա. Կոր. 15։6)։ Երկինք վերադառնալէ ետք, Յիսուս ժողովքին գլուխը ըլլալով՝ շարունակեց իր աշակերտներուն ուղղութիւններ տալ։ Օրինակ, շուրջ Ք.Ե. 96–ին, Քրիստոս Յովհաննէս առաքեալին ուղղութիւն տուաւ, որ օծեալ քրիստոնեաները քաջալերէ եւ խրատէ (Կող. 1։18. Յայտ. 1։1)։ դ19.05 3 ¶4-5
Կիրակի, դեկտեմբեր 5
Լաւ բաները ընտրեցէք (Փլպ. 1։10)։
Ապրուստ ճարելը ներկայիս շատ ջանքի կը կարօտի։ Մեր եղբայրներէն շատեր երկար ժամեր կ’աշխատին, կեանքին անհրաժեշտ բաները իրենց ընտանիքին հայթայթելու համար։ Իսկ անհամար ուրիշներ ամէն օր ժամեր կը վատնեն գործատեղ հասնելու եւ անկէ վերադառնալու համար։ Շատեր ֆիզիքական ծանր գործեր կ’ընեն։ Օրուան վերջաւորութեան, այս աշխատասէր եղբայրներն ու քոյրերը ուժասպառ կը զգան։ Վերջին բանը որ իրենց մտքէն կ’անցնի՝ սերտելն է։ Սակայն իրողութիւնը այն է, որ պէտք է ժամանակ գտնենք Աստուծոյ Խօսքը եւ մեր հրատարակութիւնները սերտելու,– լրջօրէն սերտելու,– եթէ կ’ուզենք Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ եւ յաւիտեան ապրիլ (Ա. Տիմ. 4։15, 16)։ Ոմանք ամէն օր կանուխ կ’արթննան եւ կ’ուսումնասիրեն, երբ տունը հանդարտ է եւ իրենց միտքը թարմ է գիշերուան քունէն ետք։ Իսկ ուրիշներ օրուան վերջաւորութեան քանի մը խաղաղ վայրկեաններ կը գտնեն, հոգեւոր սնունդ առնելու եւ անոր վրայ խոկալու համար։ դ19.05 26 ¶1-2
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 6
Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք (Հռով. 12։2)։
Այսպիսի փոփոխութիւններ մէկ օրուան մէջ չեն ըլլար, ոչ ալ ինքնաբերաբար կ’ըլլան։ Պէտք է տարիներ շարունակ ‘բոլոր ջանքերնիս’ ընենք (Բ. Պետ. 1։5)։ Պէտք է ամէն ջանք թափենք որ մեր ներքին անձը փոխենք։ Եւ աղօթքը առաջին կարեւոր քայլն է։ Պէտք է աղօթենք սաղմոսերգուին պէս, որ ըսաւ. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սաղ. 51։10)։ Պէտք է ընդունինք, թէ հարկ է որ մեր տիրապետող մտածելակերպը փոխենք, եւ Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք։ Իսկ խոկալը երկրորդ կարեւոր քայլն է։ Մինչ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր ուշադրութեամբ կը կարդանք, պէտք է ժամանակ տրամադրենք խոկալու, որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչ մտածումներ եւ զգացումներ պէտք է փոխենք (Սաղ. 119։59. Եբ. 4։12. Յակ. 1։25)։ Պէտք է բնորոշենք որեւէ մտածում կամ զգացում, որ աշխարհային գաղափարներէն ազդուած է։ Հարկ է որ անկեղծօրէն ընդունինք մեր տկարութիւնները եւ ետքը ծանր աշխատինք, որ ատոնցմէ ձերբազատուինք։ դ19.06 8 ¶1. 10 ¶10-11. 12 ¶12
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 7
Ժամանակը ծախու առէք (Եփ. 5։16)։
Երբ որոշում մը կ’առնես, պէտք է նշես այն ժամանակը, երբ որոշումդ պիտի գործադրես, եւ անոր կառչէ։ Մի՛ սպասեր ամէնէն նպաստաւոր ժամանակին. անիկա հաւանաբար պիտի չգայ (Ժող. 11։4)։ Զգոյշ եղիր, որ թոյլ չտաս նուազ կարեւոր բաներուն որ խլեն այն ժամանակն ու ուժը, որոնց պէտք ունիս աւելի կարեւոր բաները ընելու համար (Փլպ. 1։10)։ Եթէ կարելի է, ընտրէ պահ մը, երբ ուրիշներ հաւանաբար քեզ պիտի չխանգարեն։ Ուրիշներուն ըսէ, որ կեդրոնանալու պէտք ունիս։ Հեռաձայնդ մարէ եւ ե–նամակներդ կամ ընկերային ցանցերը ուրիշ ատեն ստուգէ։ Որոշումիդ արդիւնքը կը նմանի ճամբորդութեան մը նպատակատեղին։ Եթէ իրապէս կ’ուզես որոշեալ վայրը հասնիլ, պիտի շարունակես երթալ, նոյնիսկ եթէ ճամբայ մը փակ է եւ պէտք է ուրիշ ճամբայ բռնես։ Նոյնպէս, եթէ մեր որոշումին արդիւնքին վրայ կեդրոնանանք, դիւրութեամբ պիտի չյանձնուինք, երբ արգելքներու հանդիպինք (Գաղ. 6։9)։ դ19.11 30 ¶17-18
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 8
Աստուծոյ խօսքը. . . կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները (Եբ. 4։12)։
Ինչի՞ հիման վրայ պէտք է որոշես մկրտուիլ։ Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութեան միջոցաւ, շա՜տ բան սորվեցար Եհովայի մասին, ինչպէս՝ իր անձնաւորութիւնը եւ վարուելակերպը։ Սորվածներդ սրտիդ դպան եւ քեզ մղեցին որ զինք շա՜տ սիրես։ Եհովայի հանդէպ սէրդ պէտք է մկրտուելու որոշումիդ ամէնէն կարեւոր պատճառը ըլլայ։ Մկրտուելու որոշումիդ ուրիշ մէկ պատճառը այն է, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորված ես եւ անոնց կը հաւատաս։ Նկատէ թէ Յիսուս աշակերտելու պատուէրը տալու ատեն ի՛նչ ըսաւ (Մատ. 28։19, 20)։ Ըստ Յիսուսի, մկրտուողները պէտք է Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին անունով մկրտուին։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Պէտք է ամբողջ սրտով հաւատաս ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ Եհովայի, իր Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին։ Այս ճշմարտութիւնները շատ զօրաւոր են եւ կրնան խորապէս քեզի ազդել։ դ20.03 9 ¶8-9
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 9
Անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք. . . տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք (Ա. Թես. 5։14)։
Եհովան հրեշտակներ ղրկեց ոչ միայն Ղովտը զգուշացնելու, հապա նաեւ իրեն օգնելու որ Սոդոմին վրայ գալիք աղէտէն փախչի (Ծն. 19։12-14, 17)։ Մենք ալ թերեւս ստիպուինք եղբայր մը զգուշացնել, եթէ տեսնենք որ կ’ընէ բան մը, որ իրեն խնդիրներու դուռ պիտի բանայ։ Նոյնիսկ եթէ անմիջապէս չի գործադրեր Աստուածաշունչին խրատը, պէտք է համբերող ըլլանք եւ երկու հրեշտակներուն պէս վարուինք։ Փոխանակ մեր յոյսը իրմէ կտրելու եւ հեռանալու, պէտք է իրեն օգնելու գործնական կերպեր փնտռենք (Ա. Յովհ. 3։18)։ Թերեւս առաջարկենք որ այլաբանօրէն իր ձեռքէն բռնելով՝ իրեն օգնենք որ տրուած խրատը գործադրէ։ Եհովան կրնար Ղովտին անկատարութիւններուն վրայ կեդրոնանալ, բայց այդպէս չըրաւ։ Ան Պետրոսը ներշնչեց, որ Ղովտին ակնարկէ որպէս արդար տղամարդ (Սաղ. 130։3)։ Կրնա՞նք ընդօրինակել այն կերպը, որով Եհովան Ղովտը նկատեց։ Եթէ հաւատակիցներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք, պիտի կարենանք աւելի համբերող ըլլալ իրենց հանդէպ։ Ասիկա կրնայ դիւրացնել որ անոնք մեր առաջարկած օգնութիւնը ընդունին։ դ19.06 21 ¶6-7
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 10
Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ (Գաղ. 6։5)։
Եթէ ապրած երկրիդ կառավարութիւնը մեր պաշտամունքը արգիլէ, թերեւս մտածես թէ արդեօք պէ՞տք է փոխադրուիս երկիր մը, ուր կրնաս ազատօրէն Եհովայի ծառայել։ Ասիկա անձնական որոշում մըն է, որ մէ՛կը չի կրնար քու տեղդ առնել։ Որոշելէ առաջ, կրնաս սերտել թէ առաջին դարու քրիստոնեաները ի՛նչ ըրին, երբ հալածանք կրեցին։ Երուսաղէմի մէջ գտնուող աշակերտները ցրուեցան Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ ու գացին նոյնիսկ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք (Մատ. 10։23. Գործք 8։1. 11։19)։ Սակայն, հալածանքի ուրիշ ալիքէ մը ետք, Պօղոս որոշեց չհեռանալ այն շրջաններէն, ուր քարոզչութեան դէմ հակառակութիւն կար (Գործք 14։18-22)։ Ուրեմն, իւրաքանչիւր ընտանիքի գլուխ փոխադրուելու մասին պէտք է անձնական որոշում կայացնէ։ Որոշելէ առաջ, ան պէտք է աղօթէ եւ լրջօրէն մտածէ իր ընտանիքին պարագաներուն մասին եւ թէ փոխադրուիլը ի՛նչ դրական ու ի՛նչ ժխտական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ իրենց վրայ։ Եւ պէտք չէ դատենք ուրիշները իրենց առած որոշումներուն համար։ դ19.07 10 ¶8-9
Շաբաթ, դեկտեմբեր 11
Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր (Յովհ. 17։3)։
Յիսուս մեզի պատուիրած է որ ‘երթանք եւ բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտենք’ (Մատ. 28։19, ՆԱ)։ Եւ ոչ միայն աշակերտին պէտք է սորվեցնենք, թէ Յիսուս իր աշակերտներէն ի՛նչ կը պահանջէ, հապա նաեւ պէտք է օգնենք, որ գիտնայ թէ ինչպէ՛ս պէտք է իր սորվածները գործադրէ։ Պէտք է համբերութեամբ օգնենք, մինչ կը ջանայ Աստուածաշունչին սկզբունքները գործադրել։ Ոմանք կրնան իրենց մտածումները եւ սովորութիւնները փոխել միայն քանի մը ամսուան մէջ, մինչդեռ ուրիշներու հետ ասիկա ընելը աւելի երկար ժամանակ կ’առնէ։ Փերուի մէջ միսիոնար մը ունեցաւ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ համբերող ըլլալուն օգուտները։ Ան ըսաւ. «Ռաուլ անունով աշակերտի մը հետ երկու գիրք սերտեցի, բայց ան դեռ դժուարութիւն կը գտնէր իր սորվածը գործադրելու։ Անյաջող ամուսնական կեանք ունէր, կը հայհոյէր, եւ իր պզտիկներուն համար դժուար էր զինք յարգել։ Ան կանոնաւորաբար ժողովներու կ’երթար, անոր համար շարունակեցի իրեն այցելել՝ իրեն եւ իր ընտանիքին օգնելու համար։ Իրեն ծանօթանալէս աւելի քան երեք տարի ետք, որակեալ դարձաւ մկրտուելու»։ դ19.07 15 ¶3. 19 ¶15-17
Կիրակի, դեկտեմբեր 12
Ջանք ըրէք (Ղուկ. 13։24)։
Նկատէ թէ Պօղոս ինչե՜ր կ’ընէր այն հանգրուանին, երբ Փիլիպպեցիս նամակը գրեց։ Հռոմի մէջ, ան տան մը մէջ բանտարկուած էր, եւ չէր կրնար դուրս ելլելով քարոզել։ Բայց ան զբաղած մնաց՝ այցելուներուն վկայելով եւ հեռաւոր ժողովքներու նամակներ գրելով։ Ան գիտէր թէ, Քրիստոսին պէս, պէտք էր մինչեւ իր կեանքին վերջը ջանք ընէր։ Ատոր համար, քրիստոնէական կեանքը համեմատեց մրցավազքի հետ (Ա. Կոր. 9։24-27)։ Մրցավազքին մէջ, վազորդը կեդրոնացած կը մնայ աւարտագիծին վրայ եւ ուրիշ բաներու ուշադրութիւն չ’ընծայեր։ Օրինակ, քաղաքային մրցավազքի մասնակցողները կը վազեն ուղիով մը, որ կ’անցնի խանութներու եւ շեղեցնող շատ մը բաներու առջեւէն։ Կը կարծե՞ս որ վազորդ մը խանութի մը առջեւ պիտի կենայ եւ նայի անոր ցուցադրած ապրանքներուն։ Եթէ ան կ’ուզէ յաղթել, այդպէս պիտի չընէ։ Կեանքի մրցավազքին մէջ, մենք ալ մեզ մտացիր ընող բաներէն պէտք է խուսափինք։ Եթէ մեր նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած մնանք եւ Պօղոսին պէս ամէն ջանք թափենք, մրցանակը պիտի շահի՛նք։ դ19.08 3 ¶4. 4 ¶7
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 13
Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ. . . քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն (Ա. Տիմ. 4։16)։
Երբ կը սկսինք մեր կեանքը Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն վարել, տնեցիներուն համար թերեւս դժուար ըլլայ մեր նոր հաւատալիքներուն ու ապրելակերպին վարժուիլ։ Յաճախ առաջին բանը որ կը նկատեն այն է, որ այլեւս իրենց հետ կրօնական տօներ չենք տօներ եւ քաղաքական գործունէութիւններու չենք մասնակցիր։ Ընտանիքէն ոմանք սկիզբը թերեւս մեզմէ ջղայնանան (Մատ. 10։35, 36)։ Սակայն մեր յոյսը պէտք չէ կտրենք իրենցմէ։ Եթէ չշարունակենք իրենց օգնել որ մեր հաւատալիքները հասկնան, իրականութեան մէջ, կարծես դատած կ’ըլլանք որ արժանի չեն յաւիտենական կեանքը ստանալու։ Բայց Եհովան դատելու գործը մեզի չէ տուած, հապա՝ Յիսուսին (Յովհ. 5։22)։ Եթէ համբերենք, տնեցիները ի վերջոյ թերեւս ուզեն մեր պատգամը մտիկ ընել։ Պէտք է հաստատ բայց ազնիւ ըլլանք, նոյնիսկ եթէ նեղութեան պէտք է տոկանք (Ա. Կոր. 4։12բ)։ Թերեւս ժամանակ առնէ մինչեւ որ տնեցիները լիովին ըմբռնեն, թէ Եհովային ծառայելը մեզի համար շատ լուրջ բան մըն է։ դ19.08 17 ¶10, 13. 18 ¶14
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 14
Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց (Փլպ. 4։13)։
«Երբ մտածեմ այն փորձութեան մասին, որմէ անցայ, կ’անդրադառնամ որ մինակս պիտի չկարենայի անոր դէմ դնել»։ Երբեք այդպիսի բան մը ըսա՞ծ ես։ Մեզմէ շատեր ըսած են։ Թերեւս այդպէս արտայայտուեցար, երբ տեսար ինչպէ՛ս կրցար լուրջ հիւանդութեան մը կամ սիրելիի մը մահուան դիմանալ։ Զգացիր որ կրցար օրը օրին տոկալ միայն քանի որ Եհովայի սուրբ հոգին քեզի տուաւ «սովորականը գերազանցող ուժը» (ՆԱ) (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Մենք նաեւ սուրբ հոգիին կ’ապաւինինք, որպէսզի այս չար աշխարհի ազդեցութեան դէմ դնենք (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ասկէ զատ, պէտք է «չար ոգիներուն» դէմ պայքարինք (Եփ. 6։12)։ Եհովայի սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ ոյժ տալով, որպէսզի կարենանք մեր պատասխանատուութիւնները կատարել, հակառակ փորձութիւններուն։ Պօղոս առաքեալ զգաց, որ հակառակ իր դիմագրաւած փորձութիւններուն, Եհովայի ծառայութեան մէջ յարատեւելու եւ իր ծառայութիւնը կատարելու կարողութիւնը ունէր, քանի որ «Քրիստոսին զօրութեան» կ’ապաւինէր (Բ. Կոր. 12։9)։ դ19.11 8 ¶1-3
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 15
Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ (Յովհ. 14։9)։
Աստուածաշունչը միակ ճշգրիտ արձանագրութիւնն է որ կը բացատրէ, թէ Յիսուս քեզի համար ի՛նչ ըրած է։ Յիսուսը սիրելով՝ Եհովայի հանդէպ սէրդ պիտի աւելնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս կատարելապէս իր Հօր յատկութիւնները կ’արտացոլէ։ Ուստի Յիսուսի մասին ո՛րքան աւելի սորվիս, ա՛յնքան աւելի լաւ պիտի հասկնաս Եհովան եւ զինք աւելի պիտի գնահատես։ Մտածէ թէ Յիսուս որքա՜ն կարեկից էր անոնց հանդէպ, որոնք ուրիշներու կողմէ կ’արհամարհուէին, քանի որ աղքատ, հիւանդ կամ տկար էին։ Մտածէ նաեւ գործնական խրատներուն մասին, որոնք քեզի կու տայ, եւ թէ կեանքդ ինչպէ՛ս կը բարելաւուի, երբ իրեն մտիկ կ’ընես (Մատ. 5։1-11. 7։24-27)։ Հաւանաբար Յիսուսը աւելի՛ պիտի սիրես, մինչ կը խոկաս այն զոհին մասին, որ ըրաւ, որպէսզի մեր մեղքերը կարենան ներուիլ (Մատ. 20։28)։ Երբ հասկնաս թէ Յիսուս կամաւ քեզի համար մեռաւ, թերեւս մղուիս զղջալու եւ Եհովայէն ներում խնդրելու (Գործք 3։19, 20. Ա. Յովհ. 1։9)։ Եւ մինչ կը սկսիս Եհովան եւ Յիսուսը սիրել, բնականաբար մօտիկ պիտի զգաս անոնց, որոնք նոյնպէս զիրենք կը սիրեն։ դ20.03 5-6 ¶10-12
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 16
Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ (Սաղ. 138։6)։
Եղբայր մը կրնայ սկսիլ մտածել, թէ ինք ուրիշներէ աւելի որակեալ է որոշ նշանակում մը ստանալու։ Կամ քրիստոնեայ կին մը կրնայ մտածել. ‘Ամուսինս շա՜տ աւելի որակեալ է քան՝ այսինչ եղբայրը’։ Սակայն, եթէ իրապէս խոնարհ ենք, այսպիսի հպարտ ոգիէ պիտի խուսափինք։ Կրնանք սորվիլ Մովսէսի հակազդեցութենէն, երբ ուրիշներ առանձնաշնորհումներ ստացան։ Ան իսրայէլ ազգը առաջնորդելու իր նշանակումը մեծապէս կ’արժեւորէր։ Բայց երբ Եհովան ուրիշներուն թոյլատրեց, որ Մովսէսի գործին մէկ մասը ստանձնեն, ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Չնախանձեցաւ (Թւ. 11։24-29)։ Իսկ ժողովուրդը դատելու հարցին նկատմամբ, ան խոնարհութեամբ թոյլ տուաւ որ ուրիշներ իրեն օգնեն (Ել. 18։13-24)։ Այսպիսով, աւելի տղամարդիկ եղան, որոնց իսրայէլացիները կրնային դիմել իրենց դատական խնդիրները լուծելու համար։ Ասկէ կը տեսնենք որ Մովսէսի համար աւելի կարեւոր էր ուրիշներու բարօրութիւնը, քան իր առանձնաշնորհումը։ Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը մեզի։ Չմոռնանք որ եթէ կ’ուզենք Եհովային համար պիտանի ըլլալ, աւելի կարեւոր է խոնարհ ըլլալ քան՝ տաղանդաւոր։ դ19.09 5-6 ¶13-14
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 17
Տէրը հաւատարիմները կը պաշտպանէ (Սաղ. 31։23, ԱԾ)։
Չենք գիտեր թէ ազգերը ի՛նչ պատճառներ պիտի տան, Մեծ Բաբելոնի վրայ իրենց յարձակումը արդարացնելու համար։ Անոնք թերեւս ըսեն, թէ աշխարհի կրօնքները խաղաղութեան արգելք կ’ըլլան եւ թէ միշտ քաղաքականութեան միջամուխ կ’ըլլան։ Կամ ալ թերեւս ըսեն, որ այդ կրօնական կազմակերպութիւնները շատ մեծ հարստութիւն ու ստացուածքներ դիզած են (Յայտ. 18։3, 7)։ Երբ անոնք սուտ կրօնքին վրայ յարձակին, հաւանաբար պիտի չբնաջնջեն կրօնքներուն բոլոր անդամները, հապա պիտի ձերբազատուին կրօնական կազմակերպութիւններէն։ Մէյ մը որ այդ կազմակերպութիւնները մէջտեղէն վերցուին, անոնց նախկին անդամները պիտի անդրադառնան, որ իրենց կրօնական առաջնորդները զիրենք յուսախաբ ըրին, եւ հաւանաբար պիտի ըսեն որ իրենք այդ կրօնքներուն հետ կապ չունին։ Մեծ Բաբելոնի կործանումը երկար պիտի չտեւէ (Յայտ. 18։10, 21)։ Եհովան խոստացած է, որ մեծ նեղութեան ‘օրերը պիտի կարճեցնէ’, որպէսզի իր «ընտրեալներ»ը վերապրին եւ ճշմարիտ կրօնքը գոյատեւէ (Մար. 13։19, 20)։ դ19.10 15 ¶4-5
Շաբաթ, դեկտեմբեր 18
Խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի. . . զաւակնին սիրեն (Տիտ. 2։4)։
Ո՛վ մայր, թերեւս մեծցար ծնողներու կողմէ, որոնք շատ շուտ կը բարկանային եւ քեզի հետ կոշտ կերպով կը խօսէին։ Ուստի թերեւս այն մտածելակերպը ունեցար, թէ զաւակներու հետ այս կերպով վարուիլը բնական է։ Նոյնիսկ հիմա որ գիտցար թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ պզտիկներուդ հետ վարուիս, թերեւս տակաւին դժուարութիւն կ’ունենաս հանդարտ եւ համբերատար մնալու, մանաւանդ երբ յոգնած ատենդ քեզի չեն հնազանդիր (Եփ. 4։31)։ Այս պարագային, շատ կարեւոր է որ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրես (Սաղ. 37։5)։ Կարգ մը մայրերու համար դժուար կ’ըլլայ զաւակներուն հանդէպ իրենց ունեցած սէրը արտայայտել։ Անոնք թերեւս մեծցած են ընտանիքի մը մէջ, ուր ծնողները զաւակներուն հետ ջերմ յարաբերութիւն չեն ունեցած։ Եթէ այս է պարագադ, ծնողքիդ սխալները մի՛ կրկներ։ Այն մայրը, որ Եհովայի կամքին կ’ենթարկուի, թերեւս ստիպուի սորվիլ թէ ինչպէ՛ս իր զաւակներուն հանդէպ սէր արտայայտէ։ Թերեւս իրեն համար դժուար ըլլայ այս մէկը ընելը, բայց կրնա՛յ ընել։ Եւ իր ըրած փոփոխութիւնները պիտի օգտեն թէ՛ իրեն եւ թէ իր ընտանիքին։ դ19.09 18-19 ¶19-20
Կիրակի, դեկտեմբեր 19
Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել (Մատ. 6։24)։
Այն անձը, որ Եհովան կը պաշտէ, բայց միեւնոյն ատեն չափազանց ժամանակ ու կորով կը վատնէ հարստանալու համար, կարծես երկու տիրոջ կը ծառայէ։ Ան պիտի չկարենայ Եհովայի հանդէպ բացարձակ նուիրուածութիւն ունենալ։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, Լաւոդիկէի ժողովքին անդամները հպարտացան՝ ըսելով. «Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ»։ Բայց Եհովայի եւ Յիսուսի աչքին, անոնք «խեղճ ու թշուառական. . . եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ» էին։ Յիսուս զիրենք խրատեց, ո՛չ թէ քանի որ հարուստ էին, հապա քանի որ իրենց դրամասիրութիւնը կը վնասէր Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութեան (Յայտ. 3։14-17)։ Ուստի, եթէ նկատենք որ հարստանալու փափաքը կը զարգանայ մեր սրտին մէջ, պէտք է մեր մտածումը արագօրէն սրբագրենք (Ա. Տիմ. 6։7, 8)։ Այլապէս, մեր սիրտը պիտի բաժնուի եւ Եհովան մեր պաշտամունքը պիտի չընդունի, քանի որ կ’ուզէ որ զինք ‘մեր ամբողջ սրտով’ սիրենք (Մար. 12։30)։ դ19.10 27 ¶5-6
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 20
Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան (Բ. Պետ. 1։21)։
«Շարժուած» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «տարուած»։ Գործք Առաքելոց գիրքի գրողը՝ Ղուկաս, այդ յունարէն բառին նոյնանման ձեւը գործածեց, նկարագրելու համար նաւ մը, որ հովէն կը ‘քշուի’ (Գործք 27։15, ԱԾ)։ Ըստ ուսումնականի մը, երբ Պետրոս առաքեալ գրեց որ Աստուածաշունչի գրողները հոգիէն ‘շարժուեցան’, ան արտայայտութիւն մը գործածեց, որ մարդոց միտքը պիտի բերէր նաւարկումի գաղափարը։ Պետրոս ըսել կ’ուզէր, թէ ճիշդ ինչպէս որ հովը նաւը կը տանի դէպի իր որոշեալ վայրը, Աստուածաշունչի մարգարէներն ու գրողներն ալ սուրբ հոգիով առաջնորդուեցան իրենց նշանակումը կատարելու համար։ Նոյն ուսումնականը ըսաւ. «Մարգարէները կարծես իրենց առագաստները բացած էին»։ Ուրեմն, Եհովան իր դերը կը կատարէր, տալով «հովը» կամ սուրբ հոգին։ Իսկ Աստուածաշունչի գրողները, իրենց կարգին, սուրբ հոգիին ուղղութեան համաձայն կը գործէին։ Եւ ներկայիս, փոթորկոտ ծովու վրայ նպաստաւոր հովի պէս, սուրբ հոգին փոթորկոտ փորձութիւններու մէջ մեզ յառաջ կը մղէ դէպի Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը։ դ19.11 9 ¶7-9
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 21
Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է (Առ. 24։10)։
Երբեմն խնդիրներու պատճառաւ կրնանք վհատիլ։ Բայց պէտք չէ անոնց մասին օրն ի բուն մտածենք։ Այլապէս, կրնանք մոռնալ բոլոր այն լաւ բաները, որոնք Եհովան մեզի խոստացած է (Յայտ. 21։3, 4)։ Եւ վհատութեան զգացումը կրնայ մեր ուժը խլել ու պատճառ դառնալ որ յանձնուինք։ Նկատի առ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ քոյր մը ինչպէ՛ս իր հաւատքը կը պահպանէ, մինչ հոգ կը տանի իր ամուսինին, որ լուրջ հիւանդութիւն ունի։ Ան գրեց. «Երբեմն մեր վիճակին պատճառաւ կը ճնշուինք ու կը վհատինք, բայց մեր յոյսը զօրաւոր է։ Շա՜տ շնորհակալ եմ ամէն բանի համար, որ Եհովան մեզի կու տայ, մեր հաւատքը զօրացնելու եւ մեզ քաջալերելու համար։ Մենք այդ խրատներուն ու քաջալերանքին իրապէս պէտք ունինք։ Ատոնց շնորհիւ կը շարունակենք Եհովային ծառայել եւ տոկալ»։ Քրոջ խօսքերը կը յայտնեն, թէ կրնա՛նք վհատութիւնը յաղթահարել։ Ինչպէ՞ս։ Խնդիրդ սեպէ առիթ մը Սատանային դէմ դնելու։ Գիտակցէ թէ Եհովան մխիթարութեան Աղբիւրն է։ Եւ գնահատէ իր տուած հոգեւոր սնունդը։ դ19.11 16 ¶9-10
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 22
Հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ (Առ. 11։13)։
Յատկապէս երէցները պէտք է վերոնշեալ սկզբունքը գործադրեն։ Երէցը կը գիտակցի, թէ պէտք չէ ժողովքին մէջ եղող անհատներուն «գաղտնիքը» յայտնէ։ Եթէ յայտնէ, անհատներու վստահութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ իր համբաւը պիտի աւրէ։ Ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ունեցողները չեն կրնար «երկլեզու» ըլլալ. անոնք պէտք չէ խաբեբայ կամ շատախօս ըլլան (Ա. Տիմ. 3։8)։ Եթէ երէցը իր կինը կը սիրէ, զինք պիտի չբեռնաւորէ տեղեկութիւններով, որոնք պէտք չունի գիտնալու։ Կին մը կրնայ իր ամուսինին օգնել, որ իր լաւ համբաւը պահէ, զինք չճնշելով որ խօսի նիւթերու շուրջ, որոնք գաղտնի պէտք է մնան։ Երբ կինը այս խրատը գործադրէ, ոչ միայն իր ամուսինին թիկունք կը կանգնի, հապա նաեւ անոր վստահողները պատուած կ’ըլլայ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ան Եհովան կ’ուրախացնէ, քանի որ ժողովքի խաղաղութեան ու միութեան կը նպաստէ (Հռով. 14։19)։ դ20.03 22 ¶13-14
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 23
Տէրը ձեզի պիտի երեւնայ (Ղեւ. 9։4)։
Ք.Ա. 1512–ին, երբ խորանը Սինա լերան լանջին կանգնուեցաւ, Մովսէս արարողութիւն մը կատարեց, որով Ահարոն ու իր որդիները քահանաներ նշանակուեցան (Ել. 40։17. Ղեւ. 9։1-5)։ Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ նոր նշանակուած քահանայութեան կը հաճէր։ Մինչ Ահարոն ու Մովսէս ժողովուրդը կ’օրհնէին, Եհովան կրակ ղրկեց, որպէսզի զոհասեղանին վրայ զոհին մնացեալ մասը ամբողջութեամբ սպառէ (Ղեւ. 9։23, 24)։ Այդ վախազդու տեսարանը ի՞նչ իրագործեց։ Ատով Եհովան յայտնեց, թէ ահարոնական քահանայութեան լիովին թիկունք կը կանգնէր։ Երբ իսրայէլացիները տեսան Եհովայի աջակցութեան այս յստակ ապացոյցը, հասկցան թէ իրե՛նք ալ պէտք է քահանաներուն լիովին թիկունք կանգնին։ Ասիկա մեզի հետ կապ ունի՞։ Այո՛, քանի որ ահարոնական քահանայութիւնը կը ներկայացնէր շա՜տ աւելի կարեւոր քահանայութիւն մը. Քրիստոս եւ 144,000–ը, որոնք երկինքին մէջ պիտի ծառայեն (Եբ. 4։14. 8։3-5. 10։1)։ Կասկած չի վերցներ, որ ներկայիս Եհովան իր կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէ եւ առատապէս կ’օրհնէ։ դ19.11 23 ¶13. 24 ¶14, 16
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 24
Ջանքով եւ աշխատանքով գիշեր ու ցորեկ կը գործէինք՝ ձեզմէ մէկո՛ւն նեղութիւն չտալու համար (Բ. Թես. 3։8)։
Կորնթոսի մէջ, Պօղոս առաքեալ Ակիւղասի ու Պրիսկիղայի քով մնաց եւ անոնց հետ «կը գործէր, վասնզի արհեստով վրանագործ էին»։ Պօղոսի «գիշեր ու ցորեկ» աշխատիլը չի նշանակեր, թէ անդադար աշխատեցաւ։ Վրանագործութենէն դադար կ’առնէր, օրինակ՝ Շաբաթ օրը։ Այդ օրը իրեն առիթ կու տար, որ վկայէ հրեաներուն, որոնք նաեւ Շաբաթ օրով չէին աշխատեր (Գործք 13։14-16, 42-44. 16։13. 18։1-4)։ Պօղոս աշխարհիկ գործ ունէր, բայց միեւնոյն ատեն վստահ եղաւ, որ ‘Աստուծոյ աւետարանը մատակարարէ’ (Հռով. 15։16. Բ. Կոր. 11։23)։ Ուրիշներն ալ քաջալերեց, որ կանոնաւորաբար քարոզեն։ Այսպէս, Ակիւղասն ու Պրիսկիղան ‘Քրիստոս Յիսուսով իր գործակիցներն’ էին (Հռով. 12։11. 16։3)։ Պօղոս կորնթացիները յորդորեց, որ ‘Տէրոջը գործին մէջ աւելնան’ (Ա. Կոր. 15։58. Բ. Կոր. 9։8)։ Եհովան նոյնիսկ զինք ներշնչեց, որ գրէ. «Ան որ չ’ուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ» (Բ. Թես. 3։10)։ դ19.12 5 ¶12-13
Շաբաթ, դեկտեմբեր 25
Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են (Սաղ. 127։3)։
Եհովան առաջին զոյգին մէջ դրաւ զաւակներ ունենալու փափաքը։ Բայց ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ամուսնացած զոյգ մը զաւակներ պիտի ունենա՛ն եւ ե՛րբ պիտի ունենան։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, նոր ամուսնացած զոյգէն կ’ակնկալուի անմիջապէս զաւակներ բերել։ Թերեւս նոյնիսկ ընտանիքը եւ ուրիշներ զիրենք ճնշեն այդ սովորութեան հետեւելու։ Ճեթրոն՝ Ասիոյ մէջ եղբայր մը, կ’ըսէ. «Ժողովքին մէջ, պզտիկ ունեցողներէն ոմանք ճնշում կը բանեցնեն չունեցողներուն վրայ որ զաւակ բերեն»։ Ճէֆրին՝ Ասիոյ մէջ ուրիշ եղբայր մը, նկատած է. «Ոմանք պզտիկ չունեցող զոյգերուն կ’ըսեն, թէ երբ մեծնան մէկը պիտի չունենան որ իրենց հոգ տանի»։ Սակայն, իւրաքանչիւր զոյգ անձամբ պէտք է որոշէ պզտիկ ունենալ կամ ոչ։ Ատիկա իրենց որոշումն ու պատասխանատուութիւնն է (Գաղ. 6։5)։ Հասկնալի է որ բարեկամներն ու ընտանիքը զոյգին լաւութիւնը կ’ուզեն։ Բայց բոլորը պէտք է յիշեն, որ պզտիկ բերելու որոշումը զոյգի՛ն կ’իյնայ (Ա. Թես. 4։11)։ դ19.12 22 ¶1-3
Կիրակի, դեկտեմբեր 26
Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր» (Մատ. 6։9)։
Քեզի համար դժուա՞ր է Աստուծոյ մասին մտածել որպէս քու Հայրդ։ Ոմանք թերեւս խորհին որ Եհովան այնքա՛ն վսեմ է, որ մենք իր աչքին անկարեւոր ենք։ Անոնք կը կասկածին, որ Ամենակալ Աստուածը իրենցմով անհատապէս հետաքրքրուած է։ Բայց մեր սիրառատ Հայրը չ’ուզեր որ այդպէս զգանք։ Ան մեզի կեանք տուաւ եւ կ’ուզէ որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Աթէնքի մէջ Պօղոս առաքեալ այդ ճշմարտութիւնը նշելէ ետք, իր ունկնդիրներուն բացատրեց, թէ Եհովան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։24-29)։ Աստուած կ’ուզէ որ իւրաքանչիւրս իրեն դիմենք, ճիշդ ինչպէս որ պզտիկ մը իր գթասիրտ եւ հոգածու ծնողին կը դիմէ։ Ուրիշներու համար դժուար է Եհովան նկատել իրենց Հայրը, քանի որ իրենց հօրմէ սէր եւ գուրգուրանք չեն տեսած։ Քոյր մը ըսաւ. «Հայրս միշտ վիրաւորական խօսքեր կ’ըսէր։ Երբ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել, ինծի համար դժուար էր երկնաւոր Հօր մը մօտիկ զգալ»։ Նոյնանման զգացումներ ունի՞ս։ Եթէ այո, մի՛ վհատիր։ Ժամանակի ընթացքին, դուն ալ կրնաս Եհովան նկատել որպէս լաւագոյն Հայրը։ դ20.02 3 ¶4-5
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 27
Ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր (Սաղ. 71։9)։
Յիսուս սորվեցուց, որ մինչ կը ծերանանք, որքա՛ն ալ սահմանափակ կարողութիւններ ունենանք կամ մեր ջանքերը որքա՛ն ալ չնչին երեւին մեր աչքին, Եհովան կ’արժեւորէ ի՛նչ որ կ’ընենք իր ծառայութեան մէջ (Սաղ. 92։12-15. Ղուկ. 21։2-4)։ Ուստի կեդրոնացիր այն բանին վրայ, որ կրնա՛ս ընել։ Օրինակ, կրնաս Եհովային մասին խօսիլ, եղբայրներուդ ու քոյրերուդ համար աղօթել եւ ուրիշները քաջալերել որ հաւատարիմ մնան։ Եհովան քեզ իր գործակիցը կը նկատէ, ոչ թէ իրագործած բաներուդ պատճառաւ, հապա քանի որ յօժարաբար իրեն կը հնազանդիս (Ա. Կոր. 3։5-9)։ Որքա՜ն ուրախ ենք պաշտելով Եհովան, որ իրապէս կ’արժեւորէ իրեն ծառայողները։ Ան մեզ ստեղծեց իր կամքը կատարելու համար, եւ ճշմարիտ պաշտամունքն է, որ մեր կեանքը իմաստալից կը դարձնէ (Յայտ. 4։10բ)։ Թէեւ աշխարհը կրնայ մեզ անարժէք նկատել, սակայն Եհովան այդպէս չ’ըներ (Եբ. 11։16, 38)։ Երբ հիւանդութեան, նիւթական նեղութեան կամ ծերութեան պատճառաւ ջախջախուած զգանք, յիշե՛նք որ բա՛ն մը չի կրնար մեզ զատել մեր երկնաւոր Հօր սէրէն (Հռով. 8։38, 39)։ դ20.01 18 ¶16. 19 ¶18-19
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 28
Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ (Սաղ. 51։10)։
Կրնանք նախանձին դէմ դնել, խոնարհութիւն եւ գոհունակութիւն մշակելով։ Երբ մեր սիրտը այս լաւ յատկութիւններով լեցուի, նախանձը ոտք դնելու տեղ պիտի չգտնէ։ Խոնարհութիւնը պիտի օգնէ, որ մեծամիտ չըլլանք։ Խոնարհ անձը չի խորհիր, որ որոշ բանի մը համար ինք ուրիշներէ աւելի արժանի է (Գաղ. 6։3, 4)։ Իսկ գոհունակ անձը իր ունեցածով կը բաւարարուի եւ ինքզինք ուրիշներու հետ չի բաղդատեր (Ա. Տիմ. 6։7, 8)։ Երբ խոնարհ ու գոհունակ անձը տեսնէ թէ ուրիշը լաւ բան մը ստացաւ, իրեն համար կ’ուրախանայ։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեան պէտք ունինք, եթէ կ’ուզենք նախանձին դէմ դնել եւ խոնարհութիւն ու գոհունակութիւն մշակել (Գաղ. 5։16. Փլպ. 2։3, 4)։ Սուրբ հոգին կրնայ օգնել, որ մեր ամենաներքին մտածումներն ու շարժառիթները քննենք։ Եւ Աստուծոյ օգնութեամբ, վնասակար մտածումներն ու զգացումները կրնանք փոխարինել շինիչ մտածումներով ու զգացումներով (Սաղ. 26։2)։ դ20.02 15 ¶8. 17 ¶9
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 29
Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ (Ա. Տիմ. 4։16)։
Նուիրումը ուխտ է, եւ Եհովան կ’ակնկալէ որ զայն պահես։ Ուստի ժողովքիդ մօտիկ մնացի՛ր։ Եղբայրներն ու քոյրերը հոգեւոր ընտանիքդ են։ Եւ ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, իրենց հետ կապդ պիտի զօրացնես։ Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդա՛ եւ անոր վրայ խոկա՛ (Սաղ. 1։1, 2)։ Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալէ ետք, ժամանակ տրամադրէ կարդացածիդ մասին խորապէս մտածելու։ Այդպիսով Աստուածաշունչին խօսքերը սրտիդ պիտի հասնին։ ‘Շարունակ աղօթք ըրէ’ (Մատ. 26։41, ՆԱ)։ Անկեղծ աղօթքներդ քեզ Եհովայի պիտի մօտեցնեն։ Ասկէ զատ, շարունակէ ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը’ (Մատ. 6։33)։ Ատիկա կրնաս ընել, քարոզչութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնելով։ Ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցելով, հաւատքդ զօրաւոր պիտի պահես։ Ի՛նչ դժուարութիւն որ այս աշխարհին մէջ պիտի դիմագրաւես, «վայրկենական» եւ «թեթեւ» է (Բ. Կոր. 4։17)։ Միւս կողմէ, նուիրումդ եւ մկրտութիւնդ ճամբան պիտի հարթեն, որ հի՛մա աւելի գոհունակ կեանք ունենաս, իսկ ապագային՝ «ճշմարիտ կեանքը»։ Կ’արժէ՞ պարփակուած ծախքը ընել։ Անշո՛ւշտ (Ա. Տիմ. 6։19, ստորանիշ)։ դ20.03 13 ¶19-21
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 30
Ժամանակը կարճցած է (Ա. Կոր. 7։29)։
Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտդ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ չի մտցներ, պէտք է դուն քեզի հարցնես. ‘Ժամանա՞կն է, որ դասը կեցնեմ’։ Պարագան վերլուծելու ատեն, դուն քեզի հարցուր. ‘Աշակերտս իր կարողութեան համեմատ տրամաբանական արագութեամբ կը յառաջդիմէ՞’։ ‘Սկսա՞ծ է իր սորվածները պահել կամ գործադրել’ (Մատ. 28։20)։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը աշակերտներ կը նմանին Եզեկիէլի օրուան իսրայէլացիներուն։ Անոնց մասին Եհովան Եզեկիէլի ըսաւ. «Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես, որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր» (Եզեկ. 33։32)։ Թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ մէկու մը ըսել, որ պիտի դադրինք իրեն հետ սերտելէ։ Սակայն, մնացած «ժամանակը կարճցած է»։ Փոխանակ աւելի ժամանակ վատնելու ոչ–արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար, պէտք է ջանանք գտնել ուրիշ մէկը, որ կ’ապացուցանէ որ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» է (Գործք 13։48, ՆԱ)։ դ20.01 6 ¶17. 7 ¶20
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 31
Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ (Մատ. 6։10)։
Քրիստոնէական աշխարհը չի սորվեցներ այն աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը, թէ ապագային հնազանդ մարդիկը երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին (Բ. Կոր. 4։3, 4)։ Ներկայիս, քրիստոնէական աշխարհի կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ, թէ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան, երբ կը մեռնին։ Բայց տարբեր գաղափար ունէին Աստուածաշունչի Աշակերտները, որոնք 1879–էն ի վեր կը հրատարակէին Դիտարան պարբերաթերթը։ Անոնք ըմբռնեցին թէ Աստուած երկիրը նորէն Դրախտի պիտի վերածէ եւ թէ միլիոնաւոր հնազանդ մարդիկ պիտի ապրին երկրի վրայ, եւ ոչ թէ երկինքը։ Սակայն, ժամանակ առաւ որ յստակօրէն բնորոշեն, թէ որո՛նք պիտի ըլլային այդ հնազանդ մարդիկը։ Անշուշտ Աստուածաշունչի Աշակերտները Սուրբ Գրութիւններէն նաեւ զատորոշեցին, թէ ոմանք ‘երկրէն պիտի գնուէին’ Յիսուսի հետ երկինքի մէջ իշխելու համար (Յայտ. 14։3)։ Այդ խումբը պիտի կազմուէր 144,000 նախանձախնդիր ու նուիրուած քրիստոնեաներէ, որոնք երկրի վրայ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայած էին։ դ19.09 27 ¶4-5