Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք22 էջ 7-17
  • Յունուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Շաբաթ, յունուար 1
  • Կիրակի, յունուար 2
  • Երկուշաբթի, յունուար 3
  • Երեքշաբթի, յունուար 4
  • Չորեքշաբթի, յունուար 5
  • Հինգշաբթի, յունուար 6
  • Ուրբաթ, յունուար 7
  • Շաբաթ, յունուար 8
  • Կիրակի, յունուար 9
  • Երկուշաբթի, յունուար 10
  • Երեքշաբթի, յունուար 11
  • Չորեքշաբթի, յունուար 12
  • Հինգշաբթի, յունուար 13
  • Ուրբաթ, յունուար 14
  • Շաբաթ, յունուար 15
  • Կիրակի, յունուար 16
  • Երկուշաբթի, յունուար 17
  • Երեքշաբթի, յունուար 18
  • Չորեքշաբթի, յունուար 19
  • Հինգշաբթի, յունուար 20
  • Ուրբաթ, յունուար 21
  • Շաբաթ, յունուար 22
  • Կիրակի, յունուար 23
  • Երկուշաբթի, յունուար 24
  • Երեքշաբթի, յունուար 25
  • Չորեքշաբթի, յունուար 26
  • Հինգշաբթի, յունուար 27
  • Ուրբաթ, յունուար 28
  • Շաբաթ, յունուար 29
  • Կիրակի, յունուար 30
  • Երկուշաբթի, յունուար 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
աք22 էջ 7-17

Յունուար

Շաբաթ, յունուար 1

Քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը (Բ. Տիմ. 3։15)։

Տիմոթէոս իր հաւատքը կերտեց իրողութիւններու վրայ, որոնք զինք Եհովային մօտեցուցին։ Դուն ալ պէտք է Աստուածաշունչը սերտես ու խոկաս, թէ կարդացածդ ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։ Պէտք է առնուազն երեք հիմնական ճշմարտութիւններ դուն քեզի փաստես։ Առաջին, թէ Եհովա Աստուած ամէն բանի Ստեղծիչն է (Ել. 3։14, 15. Եբ. 3։4. Յայտ. 4։10բ)։ Երկրորդ, թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ ներշնչեալ պատգամն է մարդկութեան (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Եւ երրորդ, թէ Եհովան կազմակերպուած ժողովուրդ մը ունի, որոնք Քրիստոսի գլխաւորութեամբ զինք կը պաշտեն, եւ թէ անոնք Եհովայի վկաներն են (Եսա. 43։10-12. Յովհ. 14։6. Գործք 15։14)։ Ասիկա չի նշանակեր, թէ պէտք է աստուածաշնչական գիտելիքներու քալող համայնագիտարան դառնաս։ Նպատակդ պէտք է ըլլայ՝ տրամաբանելու կարողութիւնդ գործածել, որպէսզի զօրացնես համոզումդ թէ ճշմարտութիւնը ունիս (Հռով. 12։1)։ դ20.07 10 ¶8-9

Կիրակի, յունուար 2

[Մարախներուն] հրաման տրուեցաւ, որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս (Յայտ. 9։5)։

Այս մարգարէութիւնը կը նկարագրէ մարախներու գունդ մը, որոնք մարդոց երեսներ եւ իրենց գլուխներուն վրայ «ոսկեղէն պսակներու պէս» բաներ ունին (Յայտ. 9։7)։ Անոնք կը չարչարեն ‘ա՛յն մարդիկը [Աստուծոյ թշնամիները], որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին’, եւ այս չարչարանքը հինգ ամիս կը տեւէ, ինչ որ մարախի մը կեանքին միջին տեւողութիւնն է (Յայտ. 9։4)։ Այնպէս կ’երեւի թէ ասիկա կը նկարագրէ Եհովայի օծեալ ծառաները, որոնք համարձակօրէն կը ծանուցանեն Աստուծոյ դատաստանները այս չար աշխարհին դէմ, եւ առ ի արդիւնք՝ անոր թիկունք կանգնողները կ’անհանգստացնեն։ Արդեօք ըսել կ’ուզենք որ Յովէլ 2։7-9–ի նշած մարախները եւ Յայտնութիւն գրքին նշած մարախները նոյնը չե՞ն։ Այո՛։ Աստուածաշունչին մէջ, երբեմն նոյն խորհրդանիշը տարբեր հատուածներու մէջ տարբեր իմաստներ կ’ունենայ։ Օրինակ, Յայտնութիւն 5։5–ին մէջ Յիսուս կը կոչուի՝ «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը», մինչդեռ Ա. Պետրոս 5։8–ին մէջ Սատանան կը նկարագրուի որպէս «մռնչող առիւծ»։ դ20.04 3 ¶8. 5 ¶10

Երկուշաբթի, յունուար 3

Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն (Առ. 15։3)։

Հագարը՝ Սարայի աղախինը, Աբրամի որպէս կին տրուելէն ետք անմտութեամբ վարուեցաւ։ Երբ ան յղի մնաց, սկսաւ ցած աչքով նայիլ Սարային, որ պզտիկներ չունէր։ Կացութիւնը այնքա՛ն գէշ եղաւ, որ Սարան սկսաւ Հագարը նեղել այնպէս որ ան փախաւ (Ծն. 16։4-6)։ Որովհետեւ անկատար ենք, թերեւս մտածենք թէ Հագար գոռոզ կին մըն էր, որ նուաստացումի արժանի էր, բայց Եհովան Հագարը այդպէս չնկատեց։ Ան իր հրեշտակը ղրկեց անոր։ Եւ երբ հրեշտակը զինք գտաւ, իրեն օգնեց որ իր կեցուածքը փոխէ եւ զինք օրհնեց։ Հագար զգաց որ Եհովան զինք կը դիտէր եւ իր պարագայէն լաւապէս տեղեակ էր։ Ուստի մղուեցաւ զինք կոչելու «ամէն ինչ տեսնող Աստուած. . . որ զիս կը տեսնէ» (ՆԱ) (Ծն. 16։7-13)։ Եհովան Հագարին մէջ ի՞նչ տեսաւ։ Ան գիտէր անոր ենթահողը եւ ամէն բան, որուն տոկացած էր։ Մինչ Եհովան Սարայի հանդէպ Հագարի անյարգալից վերաբերմունքը չարդարացուց, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան Հագարի ենթահողն ու պարագան հաշուի առաւ։ դ20.04 16 ¶8-9

Երեքշաբթի, յունուար 4

Մրցավազքը աւարտեցի (Բ. Տիմ. 4։7, ՆԱ)։

Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները մրցավազքի մէջ են (Եբ. 12։1)։ Եւ բոլորս, ըլլա՛նք երիտասարդ կամ տարեց, եռանդուն կամ յոգնած, պէտք է մինչեւ վերջ տոկանք եթէ կ’ուզենք Եհովայի որոշած մրցանակը ստանալ (Մատ. 24։13)։ Պօղոս խօսքի համարձակութիւն ունէր, քանի որ յաջողապէս ‘մրցավազքը աւարտեց’ (Բ. Տիմ. 4։7, 8)։ Բայց յատկապէս ի՞նչ է այն մրցավազքը, որուն մասին խօսեցաւ։ Ան երբեմն գործածեց Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղերէն երեսակներ, կարեւոր դասեր սորվեցնելու համար (Ա. Կոր. 9։25-27. Բ. Տիմ. 2։5)։ Եւ կարգ մը առիթներով, ան մրցավազքը գործածեց քրիստոնեային կեանքի ընթացքը բացատրելու համար (Ա. Կոր. 9։24. Գաղ. 2։2. 5։7)։ Անհատ մը այս «մրցավազք»ին մէջ կը մտնէ, երբ իր կեանքը Եհովայի կը նուիրէ ու կը մկրտուի (Ա. Պետ. 3։21)։ Իսկ աւարտագիծը կը կտրէ, երբ Եհովան յաւիտենական կեանքի մրցանակը տայ իրեն (Մատ. 25։31-34, 46. Բ. Տիմ. 4։8)։ դ20.04 26 ¶1-3

Չորեքշաբթի, յունուար 5

Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը (Եփ. 6։13)։

«Տէրը հաւատարիմ է եւ ձեզ պիտի հաստատէ ու չարէն պահէ» (Բ. Թես. 3։3)։ Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ։ Ան մեզի տուած է սպառազինութիւն մը, որ կրնայ մեզ Սատանային յարձակումներէն պաշտպանել (Եփ. 6։13-17)։ Այս հոգեւոր սպառազինութիւնը զօրաւոր է եւ լաւ կը պաշտպանէ։ Բայց մեզ պիտի պաշտպանէ, միայն եթէ անոր ամէն մէկ մասը մեր վրայ առնենք ու հագած մնանք։ Օրինակ, ճշմարտութեան գօտին կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին բովանդակած ճշմարտութիւնները։ Ինչո՞ւ այս գօտին պէտք է հագնինք։ Քանի որ Սատանան ‘ստութեան հայրն’ է (Յովհ. 8։44)։ Ան հազարաւոր տարիներու ընթացքին իր սուտերը զարգացուցած է, եւ կրցած է «բոլոր աշխարհ»ը մոլորեցնել (Յայտ. 12։9)։ Բայց Աստուածաշունչին բովանդակած ճշմարտութիւնները մեզ կը պաշտպանեն խաբուելէ։ Այս այլաբանական գօտին ինչպէ՞ս կը հագնինք։ Եհովային մասին ճշմարտութիւնը սորվելով, «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» զինք պաշտելով եւ ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ վարուելով (Յովհ. 4։24. Եփ. 4։25. Եբ. 13։18)։ դ21.03 26-27 ¶3-5

Հինգշաբթի, յունուար 6

Փառաւոր երկիրը պիտի մտնէ (Դան. 11։41)։

Այդ երկիրը արժէքաւոր դարձնող բանը այն էր, որ հոն Եհովան կը պաշտուէր։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, «փառաւոր երկիրը» մէկ աշխարհագրական վայր չէ, եւ ոչ ալ կրնայ ըլլալ, քանի որ Եհովայի ժողովուրդը համայն աշխարհի մէջ կը գտնուի։ Այսօր, «փառաւոր երկիրը» Եհովայի ժողովուրդին գործունէութեան ծիրն է, որ կը պարփակէ կարգ մը բաներ, ինչպէս՝ ժողովներու եւ քարոզչութեան միջոցաւ Եհովան պաշտել։ «Վերջին օրեր»ուն ընթացքին, հիւսիսի թագաւորը շատ անգամ «փառաւոր երկիրը» մտած է։ Օրինակ, երբ նացի Գերմանիան հիւսիսի թագաւորը եղաւ, ան մասնաւորաբար Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին մտաւ «փառաւոր երկիրը», Աստուծոյ ծառաները հալածելով եւ սպաննելով։ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ Խորհրդային Միութիւնը հիւսիսի թագաւորը եղաւ, «փառաւոր երկիրը» մտաւ՝ Աստուծոյ ծառաները հալածելով եւ աքսորելով։ դ20.05 13 ¶7-8

Ուրբաթ, յունուար 7

Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է ու իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ (Սաղ. 25։14)։

Նկատի առ Քրիստոսէ առաջ ապրած կարգ մը տղամարդիկ, որոնք Աստուծոյ բարեկամները դարձան։ Աբրահամը շատ զօրաւոր հաւատք ունէր։ Անոր մահէն աւելի քան 1000 տարի ետք, Եհովան զինք կոչեց՝ «բարեկամս» (Եսա. 41։8, ՆԱ)։ Ուստի, նոյնիսկ մահը չի կրնար Եհովան բաժնել իր մտերիմ բարեկամներէն։ Աբրահամ Եհովայի յիշողութեան մէջ ողջ է (Ղուկ. 20։37, 38)։ Ուրիշ օրինակ մըն է Յոբը։ Երբ հրեշտակները երկինքին մէջ հաւաքուած էին, Եհովան վստահութեամբ խօսեցաւ Յոբի մասին։ Ան զինք կոչեց՝ «կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող» (Յոբ 1։6-8)։ Իսկ Եհովան ի՞նչ զգաց Դանիէլի հանդէպ, որ շուրջ 80 տարի իրեն հաւատարմօրէն ծառայեց հեթանոս երկրի մը մէջ։ Հրեշտակները երեք անգամ այդ տարեց մարդը վստահեցուցին, թէ Աստուծոյ համար «սիրելի» կամ թանկագին էր (Դան. 9։23. 10։11, 19)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան անձկագին կը սպասէ այն օրուան, երբ իր մահացած սիրելի բարեկամներուն յարութիւն պիտի տայ (Յոբ 14։15)։ դ20.05 26-27 ¶3-4

Շաբաթ, յունուար 8

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ (Սաղ. 119։68)։

Լաւ աշակերտ մը կրնայ Աստուծոյ օրէնքները սորվիլ, եւ նոյնիսկ հիանալ անոնց վրայ. բայց արդեօք Եհովայի պիտի հնազանդի՞, զինք սիրելով որպէս Անձ։ Յիշէ որ Եւան Աստուծոյ օրէնքը գիտէր, բայց իսկապէս չսիրեց Օրէնսդիրը. նոյնը կրնանք ըսել Ադամի մասին (Ծն. 3։1-6)։ Ուրեմն Աստուծոյ արդար պահանջներուն ու չափանիշներուն մասին սորվեցնելէն աւելին պէտք է ընենք։ Եհովայի պահանջներն ու չափանիշները միշտ օգտակար են մեզի (Սաղ. 119։97, 111, 112)։ Բայց մեր աշակերտները այդպէս պիտի չնկատեն, եթէ օրէնքներուն ետին չտեսնեն Եհովայի սէրը։ Ուստի կրնանք մեր աշակերտներուն հարցնել. «Քու կարծիքովդ, Աստուած ինչո՞ւ իր ծառաներէն կը խնդրէ, որ այսինչ բանը ընեն (կամ չընեն)։ Ասիկա մեզի ի՞նչ կը յայտնէ իր մասին որպէս Անձ»։ Եթէ մեր աշակերտներուն օգնենք, որ Եհովայի մասին մտածեն ու իր փառաւոր անունը իրապէս սիրեն, աւելի հաւանական է որ իրենց սրտին հասնինք։ Անոնք պիտի սկսին սիրել ոչ միայն օրէնքները, այլեւ Օրէնսդիրը։ Անոնց հաւատքը պիտի զօրանայ եւ պիտի կարենան գալիք դժուար փորձութիւններուն տոկալ (Ա. Կոր. 3։12-15)։ դ20.06 10 ¶10-11

Կիրակի, յունուար 9

Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու մէջ (Յակ. 1։19)։

Պէտք է համբերող ըլլանք, քանի որ ժամանակ կ’առնէ, որպէսզի անհատը հոգեւորապէս բուժուի։ Նախապէս անգործունեայ եղողներէն ոմանք կ’ըսեն, թէ ընդառաջեցին միայն երբ երէցներ եւ ուրիշներ իրենց կրկին անգամ այցելեցին։ Հարաւարեւելեան Ասիայէն Նենսի անունով քոյր մը կը գրէ. «Ժողովքին մէջ մտերիմ բարեկամուհի մը ինծի շա՜տ օգնեց։ Ան զիս սիրեց որպէս իր մեծ քոյրը։ Ինծի յիշեցուց այն լաւ ժամանակները, որ անցեալին միասնաբար անցուցինք։ Համբերութեամբ մտիկ կ’ընէր, երբ զգացումներս կ’արտայայտէի, եւ չէր վարաներ խրատ տալու։ Ան իսկական բարեկամուհի էր, պատրաստ՝ որեւէ ատեն օգնելու»։ Կարեկցութիւնը կը նմանի զօրաւոր դեղի մը, որ կրնայ վիրաւորուած զգացումները բուժել։ Անգործունեայ անհատներէն ոմանք զիրենք նեղացուցած եղբօր կամ քրոջ հանդէպ տակաւին դառն զգացումներ ունին, հակառակ անոր որ տարիներ անցած են։ Այս զգացումները Եհովային վերադառնալու փափաքը խեղդած են։ Անոնք թերեւս կը խորհին, որ անարդարութեան զոհ գացած են։ Պէտք ունին մէկու մը, որ իրենց մտիկ պիտի ընէ եւ իրենց զգացումները պիտի հասկնայ։ դ20.06 26 ¶10-11

Երկուշաբթի, յունուար 10

Չարին յաղթեցիք (Ա. Յովհ. 2։14)։

Ամէն անգամ որ փորձութեան դէմ դնես, ճիշդը ընելը քեզի համար աւելի դիւրին պիտի դառնայ։ Նաեւ յիշէ թէ սեռին նկատմամբ աշխարհի խեղաթիւրուած տեսակէտը Սատանայէն ծագում կ’առնէ։ Ուստի երբ կը մերժես տեղի տալ, ‘չարին կը յաղթես’։ Մենք կ’ընդունինք որ Եհովան իրաւունքը ունի՝ մեղաւոր վարքը սահմանելու։ Եւ մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ մեղք չգործենք։ Բայց եթէ մեղք գործենք, զայն աղօթքով Եհովային կը խոստովանինք (Ա. Յովհ. 1։9)։ Իսկ եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, օգնութիւն կը խնդրենք երէցներէն, որոնք Եհովան նշանակած է մեզի հոգ տանելու համար (Յակ. 5։14-16)։ Սակայն պէտք չէ անցեալի մեղքերուն համար շարունակ յանցաւոր զգանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր սիրառատ Հայրը իր Որդիին փրկանքը հայթայթեց, որպէսզի կարելի ըլլայ որ մեր մեղքերը ներուին։ Եհովան պարապ տեղ չ’ըսեր, որ զղջացող մեղաւորներուն պիտի ներէ։ Ուստի բան մը չկայ, որ կրնայ մեզ կեցնել մաքուր խղճով Եհովայի ծառայելէ (Ա. Յովհ. 2։1, 2, 12. 3։19, 20)։ դ20.07 22-23 ¶9-10

Երեքշաբթի, յունուար 11

Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է (Սաղ. 36։9)։

Ժամանակ մը կար, երբ Եհովան առանձին էր։ Բայց միայնակ չէր զգար, քանի որ ամէն կերպով կատարեալ է։ Բայց եւ այնպէս, ան ուզեց որ ուրիշներ ալ կեանքը վայելեն։ Ուստի, սէրէ մղուած՝ սկսաւ ստեղծել (Ա. Յովհ. 4։19)։ Նա՛խ, Եհովան ստեղծեց իր Որդին՝ Յիսուսը։ Ետքը, անոր միջոցաւ «ամէն բան ստեղծուեցաւ», ներառեալ՝ միլիոնաւոր հրեշտակները (Կող. 1։16)։ Յիսուս իր Հօր հետ աշխատելով շա՜տ ուրախ էր (Առ. 8։30)։ Հրեշտակներն ալ ուրախանալու պատճառ ունէին։ Անոնք տեսան թէ ինչպէ՛ս Եհովան եւ իր Ճարտարապետը՝ Յիսուս, երկինքն ու երկիրը մէջտեղ բերին։ Հրեշտակները ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Անոնք սկսան ‘ցնծութեամբ աղաղակել’, երբ երկիրը շինուեցաւ, եւ անկասկած շարունակեցին աղաղակել ամէն անգամ որ Եհովան բան մը ստեղծեց, մէջը ըլլալով իր վերջին գլուխ–գործոցը՝ մարդ արարածը (Յոբ 38։7. Առ. 8։31)։ Իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն յայտնեց Եհովայի սէրն ու իմաստութիւնը (Սաղ. 104։24. Հռով. 1։20)։ դ20.08 14 ¶1-2

Չորեքշաբթի, յունուար 12

Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք (Մատ. 24։9)։

Եհովան մեզ ստեղծած է այնպէս մը, որ ուրիշները սիրենք եւ անոնց կողմէ սիրուած ըլլանք։ Ուստի երբ մէկը մեզ ատէ, շատ գէշ կը զգանք եւ թերեւս նոյնիսկ վախնանք։ Եղբայր մը կը գրէ. «Երբ զինուորները քանի որ Եհովայի վկայ մըն եմ, զիս ծեծեցին, նախատեցին եւ սպառնացին, վախցայ եւ նուաստացած զգացի»։ Երբ այդպէս մեզ ատեն, շատ գէշ կը զգանք, բայց չենք զարմանար։ Յիսուս առաջուընէ ըսաւ, որ ատուած պիտի ըլլայինք։ Ինչո՞ւ աշխարհը Յիսուսին հետեւորդները կ’ատէ։ Քանի որ Յիսուսին պէս, ‘աշխարհէն չենք’ (Յովհ. 15։17-19)։ Անոր համար, մինչ մարդկային կառավարութիւնները կը յարգենք, քաղաքականութեան մէջ կողմ չենք բռներ, դրօշակին չենք բարեւեր կամ ազգային քայլերգ չենք երգեր։ Եհովային կու տանք մեր բացարձակ նուիրուածութիւնը։ Եւ թիկունք կը կանգնինք մարդկութեան վրայ իշխելու Աստուծոյ իրաւունքին, բայց Սատանան ու իր «սերունդ»ը կ’ուրանան, որ Աստուած այդ իրաւունքը ունի (Ծն. 3։1-5, 15)։ Կը քարոզենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ յոյսն է եւ շուտով պիտի բնաջնջէ իրեն դէմ դնողները (Դան. 2։44. Յայտ. 19։19-21)։ Այդ պատգամը ուրախ լուր մըն է հեզերուն համար, բայց տխուր լուր՝ չարերուն համար։ դ21.03 20 ¶1-2

Հինգշաբթի, յունուար 13

Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք (Ա. Յովհ. 5։19)։

Եհովան քրիստոնեայ քոյրերը կը պատուէ, իրենց կարեւոր գործ մը տալով ժողովքին մէջ։ Անոնք իմաստութեան, հաւատքի, նախանձախնդրութեան, քաջութեան, առատաձեռնութեան եւ բարի գործերու ընտիր օրինակներ են (Ղուկ. 8։2, 3. Գործք 16։14, 15. Հռով. 16։3, 6. Փլպ. 4։3. Եբ. 11։11, 31, 35)։ Նաեւ օրհնուած ենք մեր մէջ ունենալով բազմաթիւ տարեցներ։ Անոնք ծերութեան պատճառաւ առողջապահական խնդիրներ ունին։ Բայց եւ այնպէս, քարոզչութեան մէջ կ’ընե՛ն ինչ որ կրնան, եւ իրենց ամէն կորովը կը գործածեն ուրիշները քաջալերելու եւ մարզելու համար։ Եւ մենք անոնց փորձառութենէն կ’օգտուինք։ Անոնք թէ՛ Եհովայի համար եւ թէ մեզի համար թանկարժէք են (Առ. 16։31)։ Նաեւ մտածէ պատանիներուն մասին։ Անոնք բազմաթիւ խնդիրներ կ’ունենան, մինչ կը մեծնան Սատանայի աշխարհին մէջ, որ իր չար փիլիսոփայութիւններէն ազդուած է։ Մենք բոլորս կը քաջալերուինք, երբ անոնք ժողովներուն մէջ պատասխաններ կու տան, քարոզչութեան կը մասնակցին եւ իրենց հաւատալիքները քաջաբար կը պաշտպանեն։ Այո, ո՛վ պատանիներ, Եհովայի ժողովքին մէջ կարեւոր տեղ ունիք (Սաղ. 8։2)։ դ20.08 21-22 ¶9-11

Ուրբաթ, յունուար 14

Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ (Մատ. 10։16)։

Երբ կը սկսինք քարոզել եւ մենք մեզ ներկայացնել որպէս Եհովայի վկաներ, թերեւս «փոթորիկներու» հանդիպինք, ինչպէս՝ ընտանիքին կողմէ հալածանք, շրջանակին կողմէ ծաղրանք եւ մեր պատգամին դէմ հակառակութիւն։ Ինչպէ՞ս կրնաս քաջասիրտ ըլլալ։ Նա՛խ, համոզուէ թէ Յիսուս երկինքէն կը շարունակէ այս գործը ուղղել (Յովհ. 16։33. Յայտ. 14։14-16)։ Ետքը, զօրացուր հաւատքդ Եհովայի այն խոստումին հանդէպ, թէ քեզ պիտի հոգայ (Մատ. 6։32-34)։ Հաւատքդ ո՛րքան աւելի զօրանայ, ա՛յնքան աւելի քաջ պիտի ըլլաս։ Դուն մեծ հաւատք ցոյց տուիր, երբ ծանօթներուդ ու ընտանիքիդ յայտնեցիր, որ սկսած ես Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ անոնց ժողովներուն յաճախել։ Անկասկած, մեծ փոփոխութիւններ ըրած ես վարքիդ եւ ապրելակերպիդ մէջ, որպէսզի Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիս։ Ատիկա ալ հաւատք ու քաջութիւն պահանջեց։ Մինչ կը շարունակես քաջութիւնդ աւելցնել, կրնաս վստահ ըլլալ որ «քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես. 1։7-9)։ դ20.09 5 ¶11-12

Շաբաթ, յունուար 15

Տէրը անոր հանգստութիւն տուաւ (Բ. Մն. 14։6)։

Ասա թագաւորը հոյակապ օրինակ մըն է որպէս մէկը, որ իմաստութեամբ վարուեցաւ՝ Աստուծոյ ամբողջովին ապաւինելով։ Ան Եհովայի ծառայեց ոչ միայն դժուար ժամանակներուն, հապա նաեւ խաղաղ ժամանակներուն։ Իր կանուխ տարիքէն, ‘Ասային սիրտը Տէրոջը հետ կատարեալ էր’ (Գ. Թագ. 15։14)։ Ան ասիկա փաստեց, երբ Յուդային մէջ սուտ պաշտամունքին վերջ դրաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ան «օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ» (Բ. Մն. 14։3, 5)։ Ան նոյնիսկ Մաաքան՝ իր մեծ մայրը, մայր–թագուհութենէ պաշտօնազրկեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Մաաքան յառաջ կը մղէր կուռքի մը պաշտամունքը (Գ. Թագ. 15։11-13)։ Բայց ան սուտ պաշտամունքը վերցնելէն աւելին ըրաւ. մաքուր պաշտամունքը յառաջ մղեց, Յուդայի թագաւորութեան օգնելով որ Եհովային վերադառնայ։ Եհովան Ասան ու իսրայէլացիները օրհնեց, անոնց տալով խաղաղութեան ժամանակ մը,– «երկիրը տասը տարի հանգստութիւն գտաւ» (Բ. Մն. 14։1, 4, 6)։ դ20.09 14-15 ¶2-3

Կիրակի, յունուար 16

Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ (Ա. Տիմ. 6։20)։

Յաճախ մեր արժէքաւոր բաները ուրիշներու հոգատարութեան կը յանձնենք։ Օրինակ, երբ մեր դրամը պանքայի մէջ դնենք, կ’ակնկալենք որ ապահով ըլլայ եւ չկորսուի կամ չգողցուի։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին յիշեցուց, որ թանկագին բան մը ստացած էր՝ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւնը։ Տիմոթէոսին նաեւ վստահուած էր ‘խօսքը քարոզելու’ եւ ‘աւետարանիչի գործ գործելու’ առանձնաշնորհումը (Բ. Տիմ. 4։2, 5)։ Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց, որ իրեն տրուած աւանդը պահէ։ Տիմոթէոսին պէս, մեզի արժէքաւոր բաներ վստահուած են։ Սուրբ Գիրքի թանկագին ճշմարտութիւններուն մասին, Եհովան մեզի ճշգրիտ գիտութիւն շնորհած է։ Այս ճշմարտութիւնները թանկարժէք են, քանի որ կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ, եւ թէ ի՛նչը կեանքի մէջ իսկական երջանկութիւն կը բերէ։ Երբ զանոնք ընդունինք եւ ատոնցմով առաջնորդուինք, սուտ ուսուցումներու եւ անբարոյ սովորութիւններու ստրկութենէն կ’ազատինք (Ա. Կոր. 6։9-11)։ դ20.09 26 ¶1-3

Երկուշաբթի, յունուար 17

Գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար (Ա. Թես. 1։5)։

Աշակերտը պէտք է տեսնէ խանդավառութիւնդ ու համոզումդ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն նկատմամբ։ Այն ատեն աւելի հաւանական պիտի ըլլայ, որ իր սորվածին հանդէպ խանդավառ ըլլայ։ Եթէ յարմար է, իրեն պատմէ թէ ինչպէ՛ս օգտուած ես Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն ապրելով։ Այսպէս, ան պիտի անդրադառնայ, որ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ գործնական առաջնորդութիւն, որ իրեն ալ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ուսումնասիրութեան ատեն, աշակերտիդ պատմէ անոնց փորձառութիւնները, որոնք իրեն պէս դժուարութիւններ դիմագրաւած են եւ կրցած են զանոնք յաղթահարել։ Կրնաս հետդ ժողովքէն հրատարակիչ մը տանիլ ուսումնասիրութեան, որուն օրինակը աշակերտիդ կրնայ օգտել։ Աշակերտիդ օգնէ, որ տեսնէ թէ որքա՜ն իմաստութիւն է իր կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել։ Եթէ աշակերտդ ամուսնացած է, իր կողակիցը կը սերտէ՞։ Եթէ ոչ, կողակիցը հրաւիրէ որ ինքն ալ ուսումնասիրութեան մասնակցի։ Աշակերտդ քաջալերէ, որ իր սորվածներուն մասին իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն պատմէ (Յովհ. 1։40-45)։ դ20.10 16 ¶7-9

Երեքշաբթի, յունուար 18

Զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր (Բ. Օր. 6։7)։

Յովսէփ եւ Մարիամ կրցան Յիսուսին օգնել որ դառնայ այնպիսի մէկը, որ ունի Աստուծոյ հաւանութիւնը, քանի որ հետեւեցան ծնողներու համար Եհովայի տուած առաջնորդութեան (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Յովսէփ եւ Մարիամ Եհովայի հանդէպ խոր սէր ունէին եւ անոնց առաջնահերթութիւնն էր՝ իրենց զաւակները քաջալերել, որ նոյնանման սէր զարգացնեն։ Յովսէփ եւ Մարիամ ընտրեցին հոգեւոր լաւ ռութին ունենալ որպէս ընտանիք։ Անկասկած, անոնք ներկայ կը գտնուէին Նազարէթի ժողովարանին մէջ տեղի ունեցող շաբաթական ժողովներուն եւ Երուսաղէմի մէջ՝ տարեկան Պասեքին (Ղուկ. 2։41. 4։16)։ Թերեւս անոնք դէպի Երուսաղէմ կատարուած ընտանեկան ճամբորդութիւնները օգտագործեցին, որ Յիսուսին եւ միւս զաւակներուն սորվեցնեն Եհովայի ժողովուրդին պատմութիւնը՝ հաւանաբար ճամբուն վրայ այցելելով Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած վայրեր։ Երբ ընտանիքը մեծցաւ, Յովսէփին եւ Մարիամին համար թերեւս դիւրին չէր հոգեւոր լաւ ռութին պահպանել։ Բայց ի՜նչ օգուտներ վայելեցին. որովհետեւ Եհովայի պաշտամունքը առաջին տեղը դրին, իրենց ընտանիքը շարունակեց Եհովային մօտիկ մնալ։ դ20.10 28 ¶8-9

Չորեքշաբթի, յունուար 19

Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ. . . ու կանոնները սորվեցնէ (Եզր. 7։10)։

Եթէ հրաւիրուած ես դասի մը ներկայ գտնուելու, լաւ կ’ըլլայ որ քննարկուելիք նիւթը առաջուընէ պատրաստես։ Տօրին անունով մասնաւոր ռահվիրայ մը կ’ըսէ. «Կը գնահատեմ, երբ հետս եղողը դասը նախապատրաստէ։ Այսպէս ան կրնայ իմաստալից կերպով բաժին բերել»։ Եւ աշակերտը հաւանաբար պիտի նկատէ որ երկուքդ ալ լաւ պատրաստուած էք, ինչ որ իրեն համար լաւ օրինակ պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ եթէ չես կրնար նիւթը մանրամասնօրէն նախապատրաստել, ջանա՛ առնուազն գլխաւոր կէտերը հասկնալ։ Եւ քանի որ աղօթքը ուսումնասիրութեան կարեւոր մէկ մասն է, նախապէս մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես, եթէ քեզմէ խնդրուի որ աղօթես։ Այն ատեն, աղօթքդ աւելի իմաստալից պիտի դառնայ (Սաղ. 141։2)։ Ճափոնի մէջ ապրող Հանէյ կը յիշէ իր դասերուն ներկայ եղող քրոջ մը աղօթքները։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի թէ որքա՜ն մտերիմ բարեկամութիւն ունի Եհովայի հետ եւ ուզեցի իրեն պէս ըլլալ։ Նաեւ զգացի թէ սիրուած եմ, երբ անունս իր աղօթքներուն մէջ կը նշէր»։ դ21.03 9-10 ¶7-8

Հինգշաբթի, յունուար 20

Քաջասի՛րտ եղիր. . . պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես (Գործք 23։11)։

Յիսուս Պօղոսը վստահեցուց, որ Հռոմ պիտի հասնէր։ Սակայն Երուսաղէմի մէջ կարգ մը հրեաներ իրենց միտքը դրած էին՝ Պօղոսին վրայ յարձակիլ եւ զինք սպաննել։ Երբ հռոմայեցի հրամանատար Կղօդիոս Լիւսիաս իմացաւ անոնց ծրագրին մասին, Պօղոսի օգնութեան հասաւ։ Արագօրէն Կղօդիոս Պօղոսը շատ մը զինուորներով պաշտպանուած ղրկեց Կեսարիա, ուր կուսակալ Ֆելիքս կարգադրեց, որ «զանիկա Հերովդէսին պալատին մէջ պահեն»։ Պօղոս այժմ ապահով էր՝ իր մահը ծրագրողներէն հեռու (Գործք 23։12-35)։ Կուսակալ Ֆելիքսին յաջորդեց Փեստոս։ Ան՝ «ուզելով որ Հրեաներուն շնորհք ընէ», Պօղոսին հարցուց. «Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ ելլել եւ հոն դատուիլ»։ Պօղոս գիտէր, որ Երուսաղէմի մէջ հաւանաբար պիտի սպաննուէր. ուստի պատասխանեց. «Կայսրին կը բողոքեմ»։ Փեստոս ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս»։ Ժամանակի ընթացքին, Պօղոս պիտի հասնէր Հռոմ, զինք սպաննել ուզող հրեաներէն շա՜տ հեռու (Գործք 25։6-12)։ դ20.11 13 ¶4. 14 ¶8-10

Ուրբաթ, յունուար 21

Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն (Ա. Յովհ. 3։20)։

Ամէնքս ատեններ յանցաւոր կը զգանք։ Օրինակ, ոմանք յանցաւոր կը զգան այն արարքներուն համար, որ ճշմարտութիւնը սորվելէն առաջ ըրած են։ Ուրիշներ յանցաւոր կը զգան մկրտուելէ ետք ըրած սխալներուն համար (Հռով. 3։23)։ Անշուշտ, կ’ուզենք ճիշդը ընել, բայց «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակ. 3։2. Հռով. 7։21-23)։ Թէեւ յանցաւոր զգալը հաճելի չէ, բայց ատիկա օգուտ մը ունի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ յանցաւոր զգալը կրնայ մեզ մղել, որ մեր ընթացքը սրբագրենք եւ վճռենք չկրկնել մեր սխալները (Եբ. 12։12, 13)։ Միւս կողմէ, կարելի է որ մէկը չափազանց յանցաւոր զգայ, այսինքն՝ շարունակէ յանցաւոր զգալ, նոյնիսկ զղջալէ եւ Եհովայի ներումը ստանալէ ետք։ Յանցաւոր ըլլալու այդ տեսակ զգացումները կրնան վնասակար ըլլալ (Սաղ. 31։10. 38։3, 4)։ Շատ կարեւոր է, որ չափազանց յանցաւոր զգալու ծուղակէն զգուշանանք։ Ի վերջոյ, մտածէ թէ Սատանան որչա՜փ պիտի ուրախանայ, եթէ մենք մեր յոյսը կտրենք մեր անձէն, թէեւ Եհովան մեզի ներած է (համեմատէ՛ Բ. Կորնթացիս 2։5-7, 11)։ դ20.11 27 ¶12-13

Շաբաթ, յունուար 22

Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի (Սաղ. 73։13)։

Ղեւտացի սաղմոսերգուն սկսաւ նախանձիլ հպարտներուն ու անօրէններուն, ոչ թէ քանի որ ուզեց անոնց պէս չարութիւն ընել, հապա քանի որ այնպէս կը թուէր որ իրմէ աւելի լաւ կեանք ունէին (Սաղ. 73։2-9, 11-14)։ Ան պէտք էր որ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտէր։ Այսպէս ընելով, իր խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը վերագտաւ։ Ան ըսաւ. «Երկրի վրայ [Եհովայէն] զատ մէկը չեմ ուզեր» (Սաղ. 73։25)։ Նմանապէս, թող որ բնա՛ւ չնախանձինք չար մարդոց, որոնք այնպէս կ’երեւի որ յառաջ կ’երթան։ Անոնց ուրախութիւնը մակերեսային ու ժամանակաւոր է (Ժող. 8։12, 13)։ Եթէ իրենց նախանձինք, պիտի վհատինք եւ կրնանք նոյնիսկ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը կորսնցնել։ Ուստի, եթէ որեւէ ատեն սկսիս չարերու յաջողութեան նախանձիլ, ղեւտացիին ըրածը ըրէ։ Եհովայի սիրալիր խրատին հետեւէ ու ընկերակցէ անոնց հետ, որոնք իր կամքը կ’ընեն։ Երբ Եհովան ամէն բանէ աւելի սիրես, իսկական ուրախութիւն պիտի գտնես։ Եւ «յաւիտենական կեանք»ի տանող ճամբուն մէջ պիտի մնաս (Ա. Տիմ. 6։19)։ դ20.12 19 ¶14-15. 20 ¶16

Կիրակի, յունուար 23

Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով (Հռով. 8։26)։

Երբ աղօթքով հոգերդ Եհովային կը յայտնես, անպայման շնորհակալական խօսքեր ալ ըսէ։ Լաւ է որ մեր ունեցած օրհնութիւնները նկատի առնենք, նոյնիսկ երբ շատ դժուար պարագաներու մէջ ենք։ Եթէ երբեմն տագնապալից զգացումներդ չես կրնար բառերով արտայայտել, յիշէ որ Եհովան աղօթքիդ պիտի պատասխանէ, նոյնիսկ եթէ միայն ըսես. ‘Հաճիս օգնէ’ (Բ. Մն. 18։31)։ Եհովայի իմաստութեան ապաւինէ։ Ք.Ա. ութերորդ դարուն, Յուդայի ժողովուրդը վախցաւ որ ասորեստանցիները իրենց վրայ յարձակին։ Անոնք չուզելով որ ասորեստանցիները իրենց վրայ իշխեն, հեթանոս եգիպտացիներուն դիմեցին օգնութեան համար (Եսա. 30։1, 2)։ Եհովան զիրենք զգուշացուց, որ եգիպտացիներուն ապաւինիլը աղէտի պիտի առաջնորդէր (Եսա. 30։7, 12, 13)։ Եսայիի միջոցաւ, Եհովան ժողովուրդին ըսաւ, որ ինչպէ՛ս կրնային իսկական ապահովութիւն ունենալ։ Ան ըսաւ. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ» (Եսա. 30։15բ)։ դ21.01 3-4 ¶8-9

Երկուշաբթի, յունուար 24

Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար (Յայտ. 7։4)։

Որպէս վարձատրութիւն իրենց հաւատարմութեան համար, Քրիստոսի օծեալ եղբայրները երկինքի մէջ իրեն հետ թագաւորներ եւ քահանաներ կ’ըլլան (Յայտ. 20։6)։ Եհովան, Յիսուսը եւ հրեշտակները շա՜տ պիտի ուրախանան, երբ տեսնեն թէ 144,000 օծեալները իրենց երկնային վարձատրութիւնը կը ստանան։ Այս 144,000 թագաւորներուն ու քահանաներուն մասին խօսելէ ետք, Յովհաննէս առաքեալ շատ ոգեւորիչ բան մը կը տեսնէ. «մեծ բազմութիւն մը» Արմագեդոնէն կը վերապրի։ Առաջին խումբին հակառակը, այս երկրորդ խումբը շա՜տ աւելի մեծ է եւ անոր մաս կազմողներուն թիւը յայտնի չէ (Յայտ. 7։9, 10)։ Անոնք «ճերմակ հանդերձներ հագած» են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք ինքզինքնին «անարատ» պահած են Սատանայի աշխարհէն, եւ թէ Աստուծոյ ու Քրիստոսի հաւատարիմ մնացած են (Յակ. 1։27)։ Անոնք կը բացագանչեն, ըսելով թէ փրկուած են Եհովայի եւ Յիսուսի՝ Աստուծոյ Գառնուկին, ըրածին շնորհիւ։ Նաեւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած են, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ուրախութեամբ Յիսուսը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը (համեմատէ՛ Յովհաննէս 12։12, 13)։ դ21.01 16 ¶6-7

Երեքշաբթի, յունուար 25

Քու խոնարհութիւնդ զիս մեծցուց (Բ. Թագ. 22։36, ՆԱ)։

Տղամարդ մը կրնայ սորվիլ ընտանիքի լաւ գլուխ ըլլալ, ընդօրինակելով այն կերպը, որով Եհովան եւ Յիսուսը իրենց հեղինակութիւնը կը գործածեն։ Օրինակ, նկատի առ խոնարհութեան յատկութիւնը։ Եհովան ամէնէն իմաստուն Անձն է. բայց եւ այնպէս, իր ծառաներուն կարծիքին ականջ կու տայ (Ծն. 18։23, 24, 32)։ Ան կատարեալ է, բայց ներկայիս մեզմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր։ Փոխարէնը, իրեն ծառայող անկատար մարդոց կ’օգնէ որ յաջողին (Սաղ. 113։6, 7)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ զինք կը նկարագրէ որպէս «օգնական» (Սաղ. 27։9. Եբ. 13։6)։ Դաւիթ թագաւոր ընդունեց, որ իրեն տրուած մեծ գործը կրցաւ ընել, միայն Եհովայի «խոնարհութեան» շնորհիւ։ Նկատի առ Յիսուսին օրինակը։ Իր աշակերտներուն Տէրն ու Ուսուցիչը ըլլալով հանդերձ, իրենց ոտքերը լուաց։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք» (Յովհ. 13։12-17)։ Թէեւ ան մեծ հեղինակութիւն ունէր, բայց չակնկալեց որ իրեն ծառայեն։ Փոխարէնը, ինք ծառայեց ուրիշներուն (Մատ. 20։28)։ դ21.02 3-4 ¶8-10

Չորեքշաբթի, յունուար 26

Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է (Առ. 20։29)։

Պատանի՛ եղբայրներ, ժողովքին համար շա՜տ օգտակար կրնաք ըլլալ։ Ձեզմէ շատեր ոյժ ունին եւ աշխոյժ են։ Դուք ձեր ժողովքին համար գանձ էք։ Թերեւս կը փափաքիք օգնական ծառայ ըլլալ, սակայն կը զգաք թէ ուրիշներ կը մտածեն, որ շատ պզտիկ էք կամ դեռ պատրաստ չէք, որ ձեզի կարեւոր գործ տրուի։ Ճիշդ է որ պատանի էք, բայց կան բաներ որ կրնաք ընել հիմա, որպէսզի ժողովքին վստահութիւնն ու յարգանքը շահիք։ Արդեօք հմտութիւն մը ունի՞ք, որով կրնաք ուրիշներուն օգտակար ըլլալ։ Ձեզմէ շատեր ունին։ Օրինակ, նկատա՞ծ էք որ կարգ մը տարեցներ շատ կը գնահատեն, երբ մէկը իրենց օգնէ որ իրենց թապլեթները եւ ուրիշ ելեկտրոնային սարքեր կարենան գործածել սերտողութեան համար եւ ժողովներուն մէջ։ Շա՜տ օգտակար կրնաք դառնալ տարեցներուն, քանի որ թեքնոլոճիէն կը հասկնաք։ Ի՛նչ որ կ’ընէք՝ այնպէս ըրէք, որ ձեր երկնաւոր Հայրը ձեզմով պարծենայ։ դ21.03 2 ¶1, 3. 7 ¶18

Հինգշաբթի, յունուար 27

Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ (Գաղ. 6։5)։

Նոյնիսկ եթէ կինը իր ամուսինէն աւելի գիտելիքներ ունի, ամուսինին պատասխանատուութիւնն է, որ ընտանեկան պաշտամունքին եւ աստուածպետական ուրիշ գործունէութիւններու մէջ առաջնորդութիւն առնէ (Եփ. 6։4)։ Կինը պէտք է իր ամուսինին հպատակի, բայց տակաւին ի՛նք պատասխանատու է իր հոգեւոր առողջութեան համար։ Անոր համար, պէտք է ժամանակ տրամադրէ անձնական սերտողութեան եւ խոկալուն։ Ատիկա իրեն պիտի օգնէ, որ Եհովային հանդէպ իր սէրն ու յարգանքը պահպանէ եւ ուրախութեամբ իր ամուսինին ենթարկուի։ Այն կիները, որոնք շարունակ իրենց ամուսիններուն կ’ենթարկուին՝ քանի որ Եհովան կը սիրեն, աւելի ուրախ եւ գոհունակ պիտի ըլլան, քան անոնք՝ որոնք Եհովայի հաստատած գլխաւորութեան կարգադրութիւնը կը մերժեն։ Անոնք լաւ օրինակ են երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն համար։ Եւ ջերմ մթնոլորտ կը ստեղծեն ոչ միայն ընտանիքին մէջ, հապա նաեւ ժողովքին մէջ (Տիտ. 2։3-5)։ Ներկայիս, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն մեծ մասը կիներ են (Սաղ. 68։11, ՆԱ)։ դ21.02 13 ¶21-23

Ուրբաթ, յունուար 28

Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ (Յակ. 4։8)։

Պօղոս առաքեալ քաջութեան եւ տոկունութեան մէջ հոյակապ օրինակ էր։ Թէեւ ատեններ տկար զգաց, բայց կրցաւ տոկալ, քանի որ Եհովային ապաւինեցաւ որ իրեն պէտք եղած զօրութիւնը տայ (Բ. Կոր. 12։8-10. Փլպ. 4։13)։ Մենք ալ կրնանք այդպիսի զօրութիւն եւ քաջութիւն ունենալ, եթէ խոնարհաբար ընդունինք որ Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք (Յակ. 4։10)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր դիմագրաւած փորձութիւնները Եհովայի կողմէ պատիժ չեն։ Յակոբոս աշակերտ մեզ կը վստահեցնէ. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ» (Յակ. 1։13)։ Երբ այս բանէն վստահ ըլլանք, մեր երկնաւոր Հօր կը մօտենանք։ Եհովան չի փոխուիր (Յակ. 1։17)։ Ան առաջին դարու քրիստոնեաներուն օգնեց իրենց փորձութիւններուն մէջ, եւ մեզի ալ պիտի օգնէ այսօր։ Անկեղծօրէն Եհովայէն խնդրէ որ քեզի իմաստութիւն, հաւատք եւ քաջութիւն տայ։ Եւ ան աղօթքներուդ պիտի պատասխանէ։ դ21.02 31 ¶19-21

Շաբաթ, յունուար 29

Երկաթը երկաթով կը սրուի ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ (Առ. 27։17)։

Ժողովներու եկող Աստուածաշունչի աշակերտը կրնաս քաջալերել, իրմով հետաքրքրուելով (Փլպ. 2։4)։ Փորձէ զինք աւելի լաւ ճանչնալ։ Կրնաս զինք գովել իր յառաջդիմութեան համար եւ հարցնել իր ուսումնասիրութեան, ընտանիքին եւ գործին մասին։ Բայց ուշադիր եղիր, որ շատ–անձնական հարցումներ չհարցնես եւ զինք նեղի չմատնես։ Այսպիսի խօսակցութիւններ կրնան ձեզ իրարու մօտեցնել։ Աշակերտին բարեկամը դառնալով՝ կրնաս իրեն օգնել որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։ Մինչ աշակերտը կը շարունակէ յառաջդիմել, օգնէ որ զգայ թէ ժողովքին մէկ մասն է։ Կրնաս ասիկա ընել հիւրասէր ըլլալով (Եբ. 13։2)։ Մէյ մը որ աշակերտը հրատարակիչ ըլլայ, կրնաս նաեւ իրմէ ծառայութեան ժամադրութիւն առնել։ Պրազիլէն եղող Ճիէկօ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Շատ մը եղբայրներ զիս հրաւիրեցին, որ իրենց հետ ծառայութեան ելլեմ։ Ասիկա զիրենք ճանչնալու լաւագոյն կերպն էր։ Այդպէս ընելով շատ բան սորվեցայ եւ Եհովային ու Յիսուսին աւելի մօտիկ զգացի»։ դ21.03 12 ¶15-16

Կիրակի, յունուար 30

Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք (Հռով. 12։17)։

Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ իրենց թշնամիները սիրեն (Մատ. 5։44, 45)։ Ատիկա ընելը դիւրի՞ն է։ Անշուշտ ո՛չ։ Բայց կարելի է, Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Հոգիին պտուղը կը պարփակէ սէր, ինչպէս նաեւ՝ երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։ Այս յատկութիւնները կ’օգնեն ատելութեան տոկալու։ Շատ մը հակառակողներ իրենց կեցուածքը փոխած են, քանի որ իրենց Վկայ եղող ամուսինը, կինը, զաւակը կամ դրացին այդ աստուածային յատկութիւնները ցոյց տուած է։ Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ մեր թանկագին եղբայրներն ու քոյրերը դարձած են։ Ուստի եթէ դժուար կը նկատես սիրել մէկը, որ քեզ կ’ատէ պարզապէս Եհովային ծառայելուդ համար, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ (Ղուկ. 11։13)։ Եւ լիովին համոզուած եղիր, որ Աստուծոյ կերպը միշտ լաւագոյնն է (Առ. 3։5-7)։ Ճիշդ է որ ատելութիւնը կրնայ զօրաւոր եւ վնասակար ըլլալ, բայց սէրը ատկէ աւելի զօրաւոր է։ Անով կարելի է սրտեր շահիլ։ Եւ երբ շարունակ սէր ցոյց կու տանք, Եհովան կ’ուրախացնենք։ Բայց եթէ նոյնիսկ հակառակորդները շարունակեն մեզ ատել, տակաւին կրնանք ուրախ ըլլալ։ դ21.03 23 ¶13. 24 ¶15, 17

Երկուշաբթի, յունուար 31

Իմ երկրիս վրայ զօրաւոր ու անթիւ ազգ մը ելաւ (Յվլ. 1։6)։

Յովէլ զինուորական յարձակումի մը մասին կը մարգարէանար (Յվլ. 2։1, 8, 11)։ Եհովան ըսաւ որ իր «մեծ բանակ»ը (բաբելոնացի զինուորները) պիտի գործածէր անհնազանդ իսրայէլացիները պատժելու համար (Յվլ. 2։25)։ Տեղին է որ յարձակող զօրքը «հիւսիսային զօրք» կոչուէր, քանի որ բաբելոնացիները Իսրայէլին վրայ հիւսիսէն պիտի յարձակէին (Յվլ. 2։20)։ Այդ զօրքը նմանցուած է լաւ կազմակերպուած մարախներու գունդի։ Անոնց մասին Յովէլ կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւրը [իւրաքանչիւր զինուոր] իր ճամբան պիտի քալէ. . . Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին. . . Տուներուն վրայ պիտի ելլեն, գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն» (Յվլ. 2։8, 9)։ Կրնա՞ս տեսարանը երեւակայել։ Ամէն տեղ զինուորներ կան եւ պահուըտելու տեղ չկայ։ Մէ՛կը չի կրնար բաբելոնացիներու սուրէն փախչիլ։ Բաբելոնացիները (կամ քաղդէացիները) մարախներու նման յարձակելով, Երուսաղէմը գրաւեցին Ք.Ա. 607–ին։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Քաղդէացիներուն թագաւորը. . . երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց» (Բ. Մն. 36։17)։ դ20.04 5 ¶11-12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել