Փետրուար
Երեքշաբթի, փետրուար 1
Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Ջանա՛ եղբայրներդ ու քոյրերդ աւելի լաւ ճանչնալ։ Ժողովներէն առաջ եւ ետք անոնց հետ խօսակցէ, անոնց հետ ծառայութեան մասնակցէ եւ եթէ կարելիութիւնը ունիս՝ զանոնք ճաշի հրաւիրէ։ Երբ այդպէս ընես, թերեւս անդրադառնաս որ ոչ–մարդամօտ երեւցող քոյր մը, իրականութեան մէջ ամչկոտ է, նիւթապաշտ թուող եղբայր մը հիւրասէր է, կամ ժողովներուն յաճախ ուշ հասնող ընտանիք մը հակառակութիւն կը դիմագրաւէ։ Անշուշտ պէտք չէ ուրիշներու գործերուն խառնուող ըլլանք (Ա. Տիմ. 5։13)։ Սակայն, լաւ կ’ըլլայ որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին տեղեկութիւններ ունենանք եւ գիտնանք թէ ի՛նչ պարագաներ իրենց անձնաւորութիւնը կաղապարած են։ Երբ քեզ ջղագրգռող հաւատակիցի մը պարագաները գիտնաս, շատ հաւանաբար իրեն կարեկցիս։ Անշուշտ եղբայրներդ աւելի լաւ ճանչնալու համար ջանք պէտք է թափես։ Բայց երբ Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով սիրտդ լայն բանաս, Եհովան կ’ընդօրինակես՝ որ «ամէն տեսակ մարդիկ» կը սիրէ (Ա. Տիմ. 2։3, 4, ՆԱ. Բ. Կոր. 6։11-13)։ դ20.04 17 ¶10-12
Չորեքշաբթի, փետրուար 2
Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ (Յովհ. 15։13)։
Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն յիշեցուց որ իրար սիրեն։ Ան գիտէր որ անձնազոհ սէրը անոնց պիտի օգնէր, որ միացած մնային եւ աշխարհի ատելութեան դիմանային։ Նկատի առ Թեսաղոնիկէի ժողովքին օրինակը։ Ժողովքը հաստատուելէն ի վեր, անոր անդամները կը հալածուէին։ Բայց եւ այնպէս, եղբայրներն ու քոյրերը ուղղամտութեան ու սիրոյ օրինակ դարձան (Ա. Թես. 1։3, 6, 7)։ Պօղոս զիրենք քաջալերեց որ սիրոյ մէջ «ա՛լ աւելի առատանան» (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Սէրը զիրենք պիտի մղէր ընկճուածները մխիթարելու եւ տկարներուն ձեռնտու ըլլալու (Ա. Թես. 5։14)։ Անոնք Պօղոսին թելադրութիւններուն հետեւեցան։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, որ շուրջ մէկ տարի ետք գրեց, Պօղոս անոնց ըսաւ. «Ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ» (Բ. Թես. 1։3-5)։ Իրենց սէրը օգնեց, որ դժուարութիւններու եւ հալածանքի տոկան։ դ21.03 22 ¶11
Հինգշաբթի, փետրուար 3
Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը (Եբ. 12։1)։
Եթէ կ’ուզենք յաւիտենական կեանքի մրցանակը ստանալ, պէտք է քրիստոնէական ընթացքին հետեւինք (Գործք 20։24. Ա. Պետ. 2։21)։ Սակայն, Սատանան եւ զինք ընդօրինակողները կ’ուզեն, որ տարբեր ընտրութիւն ընենք. շարունակենք ‘իրենց հետ վազել’ (Ա. Պետ. 4։4)։ Անոնք մեր հետեւած ընթացքը ծաղր կ’ընեն եւ կ’ըսեն, որ իրենց ապրելակերպը աւելի լաւ է ու ազատութեան կ’առաջնորդէ։ Բայց իրենց ըսածը ճիշդ չէ (Բ. Պետ. 2։19)։ Որքա՜ն կարեւոր է որ հետեւելիք ճիշդ ճամբան ընտրենք։ Սատանան կ’ուզէ որ բոլորս դադրինք վազելէ նեղ ճամբուն մէջ, որ «դէպի կեանք կը տանի», եւ բռնենք այն ընդարձակ ճամբան, որուն կը հետեւի մարդկութեան մեծամասնութիւնը։ Այդ ճամբան ժողովրդական եւ դիւրին է, բայց «դէպի կորուստ կը տանի» (Մատ. 7։13, 14)։ Ճիշդ ճամբուն մէջ մնալու եւ անկէ չշեղելու համար, պէտք է Եհովային վստահինք եւ իրեն մտիկ ընենք։ դ20.04 26 ¶1. 27 ¶5, 7
Ուրբաթ, փետրուար 4
Կ’աղաչեմ աղօթք ընել, խնդրել, աղաչել. . . որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութիւնով (Ա. Տիմ. 2։1, 2)։
Վերջին տարիներուն, Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները «փառաւոր երկիրը» մտած են (Դան. 11։41)։ Ինչպէ՞ս։ 2017–ին, հիւսիսի այս թագաւորը Եհովայի ժողովուրդին գործունէութիւնը արգիլեց եւ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր բանտարկեց։ Անիկա նաեւ արգիլեց մեր հրատարակութիւնները, մէջը ըլլալով Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը։ Ասկէ զատ, Ռուսիոյ մէջ իր ձեռքը դրաւ մեր մասնաճիւղին, Թագաւորութեան սրահներու եւ համաժողովի սրահներու վրայ։ Այս դէպքերէն ետք, 2018–ին Կառավարիչ մարմինը Ռուսիան եւ անոր դաշնակիցները բնորոշեց որպէս հիւսիսի թագաւորը։ Սակայն Եհովայի ժողովուրդը պիտի չփորձէ կառավարութեան դէմ ելլել կամ զայն փոխել, նոյնիսկ եթէ զիրենք բրտօրէն կը հալածէ։ Փոխարէնը, անոնք Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով՝ կ’աղօթեն «իշխաններուն համար», մանաւանդ երբ անոնք պիտի առնեն որոշումներ, որոնք պաշտամունքի ազատութեան կրնան ազդել։ դ20.05 14 ¶9
Շաբաթ, փետրուար 5
Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ (Ա. Տիմ. 4։16)։
Ծնողնե՛ր, որպէսզի ձեր զաւակները համոզուին թէ ճշմարտութիւնը ունին, պէտք է Աստուծոյ հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենան եւ համոզուած ըլլան, թէ ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ՝ ճշմարիտ է։ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար, պէտք է Սուրբ Գիրքը ժրաջանօրէն սերտելու մէջ լաւ օրինակ ըլլաք։ Պէտք է ժամանակ տրամադրէք ձեր սորվածին վրայ խոկալու։ Այն ատեն պիտի կարենաք ձեր զաւակներուն սորվեցնել, որ նոյնը ընեն։ Եւ պէտք է անոնց սորվեցնէք Սուրբ Գիրքը սերտելու մեր գործիքները գործածել, ինչպէս որ ձեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն կը սորվեցնէք։ Այդպէս ընելով, զաւակներուն պիտի օգնէք, որ գնահատեն Եհովան եւ «իմաստուն ծառան», որուն միջոցաւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ (Մատ. 24։45-47)։ Մի՛ բաւարարուիք զաւակներուն հիմնական ճշմարտութիւնները սորվեցնելով։ Անոնց օգնեցէք որ զօրաւոր հաւատք մշակեն, «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն մասին սորվեցնելով՝ իրենց տարիքին եւ կարողութեան ներած չափով (Ա. Կոր. 2։10)։ դ20.07 11 ¶10, 12-13
Կիրակի, փետրուար 6
Ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է (Առ. 3։32)։
Ներկայիս միլիոնաւորնե՛ր Եհովայի հետ մտերիմ բարեկամութիւն կը վայելեն։ Այս բարեկամութիւնը կարելի է, քանի որ անոնք Յիսուսի զոհին հաւատք կ’ընծայեն։ Ատոր հիման վրայ, Եհովան ազնուօրէն թոյլ կու տայ, որ մեր անձը իրեն նուիրենք ու մկրտուինք։ Այս կարեւոր քայլերը առնելով՝ կը միանանք միլիոնաւոր մկրտուած քրիստոնեաներուն, որոնք մտերիմ բարեկամութիւն կը վայելեն տիեզերքի մեծագոյն Անձին հետ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք։ Աբրահամին եւ Յոբին պէս, որոնք աւելի քան 100 տարի Աստուծոյ հաւատարիմ մնացին, պէտք է հաւատարիմ մնանք, որքա՛ն ալ երկար ծառայած ենք իրեն։ Իսկ Դանիէլին պէս, պէտք է աւելի թանկագին սեպենք Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը, քան մեր կեանքը (Դան. 6։7, 10, 16, 22)։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնանք որեւէ փորձութեան տոկալ, եւ այսպէս իրեն հետ մեր սերտ կապը պահպանել (Փլպ. 4։13)։ դ20.05 27 ¶5-6
Երկուշաբթի, փետրուար 7
Միացուր իմ սիրտս (Սաղ. 86։11)։
Առիթով մը, Դաւիթ թագաւոր պալատին տանիքն էր ու տեսաւ ամուսնացած կին մը, որ կը լուացուէր։ Ան գիտէր Եհովայի չափանիշը. «Քու դրացիիդ կնոջը. . . մի՛ ցանկար» (Ել. 20։17)։ Բայց եւ այնպէս, ան շարունակեց նայիլ։ Անոր սիրտը բաժնուեցաւ. մէկ կողմէ, կնոջ՝ Բերսաբէին՝ կը ցանկար, իսկ միւս կողմէ, կ’ուզէր Եհովան հաճեցնել։ Թէեւ Դաւիթ երկար ժամանակէ ի վեր Եհովան կը սիրէր ու անկէ կը վախնար, բայց իր անձնասէր ցանկութեան տեղի տուաւ։ Այդ պահուն, Դաւիթ շատ գէշ ընթացք բռնեց։ Ան Եհովայի անուան նախատինք բերաւ, ինչպէս նաեւ՝ ահռելի վնաս հասցուց անմեղ անհատներու, մէջը ըլլալով՝ իր ընտանիքը (Բ. Թագ. 11։1-5, 14-17. 12։7-12)։ Եհովան Դաւիթը պատժեց, եւ ան Եհովայի հետ իր լաւ փոխյարաբերութիւնը վերականգնեց (Բ. Թագ. 12։13. Սաղ. 51։2-4, 17)։ Դաւիթ յիշեց այն խնդիրները եւ ցաւալի վիճակը որ ունեցաւ, երբ թոյլ տուաւ որ իր սիրտը բաժնուի։ Սաղմոս 86։11–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «Ինծի չբաժնուած սիրտ տուր»։ Արդեօք Եհովան Դաւիթին օգնե՞ց, որ իր սիրտը միացած պահէ։ Այո՛, քանի որ Եհովայի Խօսքը յետագային Դաւիթի մասին կ’ըսէ, թէ ‘անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ կատարեալ էր’ (Գ. Թագ. 11։4. 15։3)։ դ20.06 11 ¶12-13
Երեքշաբթի, փետրուար 8
Զանոնք սիրոյ կապերով քաշեցի (Ով. 11։4, ԱԾ)։
Աստուածաշունչը Եհովայի սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ կը նմանցնէ կապի, կամ պարանի։ Ի՞նչ առումով։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակը. երեւակայէ որ ալեկոծ ծովու մէջ կը խեղդուիս, եւ մէկը փրկարար բաճկոնակ մը կը նետէ քեզի։ Վստահաբար այդ օգնութիւնը պիտի արժեւորես, քանի որ ջուրի երեսը մնալու պայքարդ կրնայ դիւրացնել։ Սակայն փրկարար բաճկոնակը կրնայ բաւարար չըլլալ որ ողջ մնաս։ Ջուրը պաղ ըլլալով պիտի չկարենաս վերապրիլ, եթէ փրկանաւին չհասնիս։ Մէկու մը պէտք ունիս, որ պարան մը նետէ ու քեզ դէպի փրկանաւ քաշէ։ Ըստ այս օրուան համարին, Եհովան մոլորած իսրայէլացիները սիրալիրօրէն իրեն քաշեց։ Ան ներկայիս նոյնը կը զգայ անոնց նկատմամբ, որոնք իրեն ծառայելէ դադրած են եւ կ’ընկղմին իրենց խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն մէջ։ Ան կ’ուզէ որ գիտնան, թէ զիրենք կը սիրէ եւ կ’ուզէ զիրենք քաշել դէպի իրեն։ Եւ կրնայ քեզ գործածել անոնց հանդէպ իր սէրը արտայայտելու համար։ Կարեւոր է անգործունեայ անհատները վստահեցնել, թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ, եւ մենք ալ զիրենք կը սիրենք։ դ20.06 27 ¶12-13
Չորեքշաբթի, փետրուար 9
Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ (Յակ. 1։12)։
Երբ Ստեփանոս աշակերտը սպաննուեցաւ, քրիստոնեաներէն շատեր Երուսաղէմէն փախան եւ ‘ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ’, նոյնիսկ հասնելով Կիպրոս եւ Անտիոք (Գործք 7։57–8։1. 11։19)։ Աշակերտները շատ մը դժուարութիւններու պէտք էր տոկային։ Հակառակ ատոր, ո՛ւր որ գացին՝ բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզեցին, եւ ժողովքներ հաստատուեցան Հռոմէական կայսրութեան տարածքին (Ա. Պետ. 1։1)։ Բայց դեռ աւելի դժուար ժամանակներ կը սպասէին անոնց։ Օրինակ, շուրջ Ք.Ե. 50–ին, Կղօդիոս կայսրը հրամայեց որ բոլոր հրեաները Հռոմէն հեռանան։ Ուստի հրեայ քրիստոնեաները ստիպուեցան իրենց տուները լքել եւ ուրիշ տեղ փոխադրուիլ (Գործք 18։1-3)։ Շուրջ Ք.Ե. 61–ին, Պօղոս առաքեալ գրեց որ իր հաւատակիցները հանրապէս նախատուած էին, բանտարկուած էին եւ կողոպտուած էին (Եբ. 10։32-34)։ Եւ ուրիշ մարդոց պէս, կարգ մը քրիստոնեաներ աղքատ եւ հիւանդ էին (Հռով. 15։26. Փլպ. 2։25-27)։ դ21.02 26-27 ¶2-4
Հինգշաբթի, փետրուար 10
Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ (Յայտ. 12։12)։
Սատանայի կամ իրմէ ազդուողներուն ըրածներէն ո՛չ մէկը կրնայ անհաստատ դարձնել այն քրիստոնեան, որ իր հաւատքը զօրացուցած է (Բ. Յովհ. 8, 9)։ Պէտք է ակնկալենք որ աշխարհէն ատուինք (Ա. Յովհ. 3։13)։ Յովհաննէս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ, որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհ. 5։19)։ Մինչ այս դրութիւնը վերջ գտնելու վրայ է, Սատանայի բարկութիւնը ա՛լ աւելի բռնկած է։ Ան կը գործածէ ոչ միայն անուղղակի յարձակումներ, ինչպէս՝ անբարոյութիւնը եւ հաւատուրացներուն սուտերը, հապա նաեւ՝ ուղղակի յարձակումներ, ինչպէս՝ անողորմ հալածանքը։ Սատանան գիտէ թէ կարճ ժամանակ ունի, որ փորձէ մեր քարոզչութիւնը կեցնել կամ մեր հաւատքը խախտել։ Ուստի զարմանալի չէ, որ կարգ մը երկիրներու մէջ մեր քարոզչութիւնը սահմանափակուած է կամ արգիլուած է։ Բայց եւ այնպէս, հոն գտնուող եղբայրներն ու քոյրերը կը տոկան։ Անոնք կը փաստեն թէ Սատանան մեզի ի՛նչ որ ալ ընէ, կրնանք հաւատարիմ մնալ։ դ20.07 24 ¶12-13
Ուրբաթ, փետրուար 11
Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք է մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով (Հռով. 6։23)։
Եհովան ուզեց որ մարդիկը յաւիտենական կեանքը վայելեն իր ստեղծած գեղեցիկ երկրագունդին վրայ։ Բայց երբ Ադամն ու Եւան իրենց սիրալիր Հօր դէմ ըմբոստացան, մեղքն ու մահը աշխարհ մտան (Հռով. 5։12)։ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Անմիջապէս նշեց, թէ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը պիտի ազատէր (Ծն. 3։15)։ Ան որոշեց փրկանքը հայթայթել, որպէսզի կարելի ըլլայ Ադամի սերունդը մեղքէն ու մահէն ձերբազատել, եւ ետքը յաւիտենական կեանք տալ իւրաքանչիւր անհատի, որ կ’ընտրէ իրեն ծառայել (Յովհ. 3։16. Ա. Կոր. 15։21, 22)։ Երբ Եհովան իր Որդիին միջոցաւ անհամար միլիոնաւորներ յարուցանէ, կրնանք ենթադրել որ բոլորը միեւնոյն ժամանակ պիտի չյարուցանուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երկրի բնակչութեան թիւը յանկարծ այսպէս աւելնալը կրնայ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծել։ Եւ Եհովան բնաւ անկարգ կերպով բա՛ն մը չ’ըներ։ Ան գիտէ թէ կարգապահութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի մարդիկ խաղաղութեամբ ապրին (Ա. Կոր. 14։33)։ դ20.08 14 ¶3. 15 ¶5
Շաբաթ, փետրուար 12
Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ (Ա. Տիմ. 4։16)։
Աշակերտը պէտք է հասկնայ, որ ուսումնասիրութեան նպատակն է՝ իրեն օգնել, որ սկսի Եհովայի ծառայել որպէս իր Վկաներէն մէկը։ Անկեղծ աշակերտ մը քայլ առ քայլ կրնայ մկրտութեան նպատակակէտին հասնիլ։ Նախ, աշակերտը կը սկսի Եհովան ճանչնալ ու սիրել եւ հաւատք ընծայել անոր (Յովհ. 3։16. 17։3)։ Ետքը, ան Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւն կը զարգացնէ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը բարեկամանայ (Եբ. 10։24, 25. Յակ. 4։8)։ Ժամանակի ընթացքին, աշակերտը կը մերժէ գէշ գործերը եւ իր մեղքերուն համար կը զղջայ (Գործք 3։19)։ Մինչ այդ, անոր հաւատքը զինք կը մղէ, որ ճշմարտութեան մասին ուրիշներուն պատմէ (Բ. Կոր. 4։13)։ Ետքը, ան իր անձը Եհովային կը նուիրէ եւ իր նուիրումը կը խորհրդանշէ ջուրի մկրտութիւնով (Ա. Պետ. 3։21. 4։2)։ Եւ ի՜նչ ուրախ օր է ատիկա բոլորին համար։ Մինչ աշակերտը քայլ առ քայլ իր նպատակակէտին կը մօտենայ, զինք միշտ գովէ եւ քաջալերէ, որ շարունակէ ճիշդ ուղղութեամբ յառաջդիմել։ դ20.10 18 ¶12-13
Կիրակի, փետրուար 13
Եթէ ոտքը ըսէ՝ «Որովհետեւ ես ձեռք չեմ՝ մարմինէն չեմ», ատիկա պատճառ մը չէ, որ ալ մարմինէն չըլլայ (Ա. Կոր. 12։15)։
Եթէ ժողովքին մէջ դուն քեզ բաղդատես ուրիշներու հետ, թերեւս սկսիս քու արժէքդ չտեսնել։ Ժողովքին մէջ կրնայ ըլլալ որ ոմանք տաղանդաւոր սորվեցնողներ, լաւ կազմակերպողներ կամ հմուտ հովիւներ են, եւ կը զգաս թէ չես կրնար անոնց պէս ըլլալ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ խոնարհ ու համեստ ես (Փլպ. 2։3)։ Բայց զգոյշ եղիր. եթէ շարունակ դուն քեզ բաղդատես ուրիշներու հետ, որոնք բացառիկ կարողութիւններ ունին, դուն քու աչքէդ պիտի իյնաս։ Կրնաս նոյնիսկ խորհիլ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ նշեց, թէ ժողովքին մէջ բնա՛ւ տեղ չունիս։ Եհովան առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներուն տուաւ սուրբ հոգիին հրաշալի պարգեւները, սակայն բոլորը չստացան նոյն պարգեւները (Ա. Կոր. 12։4-11)։ Բայց եւ այնպէս, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ արժէքաւոր էր։ Ներկայիս, սուրբ հոգիին հրաշալի պարգեւները չունինք։ Սակայն տակաւին նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի. թէեւ բոլորս նոյն տաղանդները չունինք, բայց բոլո՛րս Եհովայի համար արժէքաւոր ենք։ դ20.08 23 ¶13-15
Երկուշաբթի, փետրուար 14
Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար (Սաղ. 118։6)։
Երբ աղօթքով քաջութիւն ու համարձակութիւն խնդրես, Եհովան պիտի պատասխանէ աղօթքներուդ եւ քեզ բնա՛ւ երեսէ պիտի չձգէ (Գործք 4։29, 31)։ Ան միշտ պատրաստ է քեզի աջակցելու։ Մտածէ թէ ինչպէ՛ս քեզի օգնած է, որ դժուարութիւններ յաղթահարես եւ ապրելակերպիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես։ Վստահաբար Ան, որ իր ժողովուրդը Կարմիր ծովէն անցուց, կրնայ քեզի օգնել որ Քրիստոսի աշակերտը ըլլաս (Ել. 14։13)։ Ունեցիր այն նոյն համոզումը, որ այս օրուան համարը գրող սաղմոսերգուն ունէր։ Եհովան նաեւ նոր հրատարակիչներուն կրնայ օգնել, որ քաջ ըլլան։ Օրինակ, երբ Թոմոյօ անունով քոյր մը սկսաւ տունէ տուն ծառայել, առաջին դուռին առջեւ տանտիրուհին պոռաց. «Չե՛մ ուզեր խօսիլ Եհովայի վկաներուն հետ», եւ դուռը ուժգին գոցեց։ Թոմոյոն իրեն հետ եղող քրոջ քաջաբար ըսաւ. «Լսեցի՞ր կնոջ ըսածը։ Բերանս չբացած՝ գիտցաւ որ Եհովայի վկայ եմ։ Շա՜տ ուրախ եմ»։ Ան այժմ կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ դ20.09 6 ¶13-14
Երեքշաբթի, փետրուար 15
Ասա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի եւ ուղիղ եղածը ըրաւ (Բ. Մն. 14։2)։
Ասան ժողովուրդին ըսաւ, որ Եհովան էր որ «ամէն կողմէ [իրենց] հանգստութիւն տուաւ» (Բ. Մն. 14։6, 7)։ Ասան չխորհեցաւ, թէ խաղաղութեան այդ ժամանակաշրջանը հանգչելու համար էր։ Ընդհակառակը, ան սկսաւ քաղաքներ, պարիսպներ, աշտարակներ եւ դռներ շինել։ Ան Յուդայի բնակիչներուն ըսաւ. «Այս երկիրը. . . մեր իշխանութեան տակն է»։ Ըսել ուզեց, թէ քանի որ երկրին մէջ չկային թշնամիներ, որ իրենց հակառակէին, իրենք պիտի կարենային ազատօրէն շրջիլ ու կառուցանել։ Ուստի ան ժողովուրդը յորդորեց, որ խաղաղութեան այս ժամանակը օգտագործեն։ Ան նաեւ իր բանակը զօրացուց (Բ. Մն. 14։8)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Եհովային չէր ապաւիներ։ Ո՛չ։ Ասան գիտէր թէ որպէս թագաւոր իր պարտականութիւնն էր, որ ժողովուրդը պատրաստէր նեղութիւններու, որոնք կրնային ապագային պատահիլ։ Ան գիտէր որ Յուդայի վայելած խաղաղ ժամանակաշրջանը ժամանակաւոր պիտի ըլլար, եւ այդպէս ալ եղաւ։ դ20.09 15 ¶4-5
Չորեքշաբթի, փետրուար 16
Գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ (Ա. Կոր. 4։6)։
Լաւ միտումով, երէց մը թերեւս կանոններ դնէ, որոնք իր կարծիքով Աստուծոյ ոչխարները պիտի պաշտպանեն։ Սակայն կան կարեւոր տարբերութիւններ երէցին դերին եւ ընտանիքի գլուխին դերին միջեւ։ Օրինակ, Եհովան երէցները նշանակած է որպէս դատաւորներ եւ անոնց պատասխանատուութիւն տուած է, որ անզեղջ մեղաւորները ժողովքէն վերցնեն (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Միւս կողմէ, Եհովան ընտանիքներու գլուխներուն որոշ հեղինակութիւն տուած է, որ երէցներուն չէ տուած։ Ան ընտանիքի գլուխին հեղինակութիւն տուած է իր ընտանիքին համար կանոններ դնելու եւ զանոնք պարտադրելու (Հռով. 7։2)։ Օրինակ, ընտանիքի գլուխը իրաւունք ունի որոշելու թէ իր զաւակները երեկոյեան ո՛ր ժամուն պէտք է տունը ըլլան (Եփ. 6։1)։ Ան նաեւ հեղինակութիւն ունի իր զաւակները պատժելու, եթէ այդ կանոնին չհնազանդին։ Անշուշտ, ընտանիքի սիրալիր գլուխը իր կնոջ հետ հարցը կը քննարկէ, տունին նկատմամբ կանոններ հաստատելէ առաջ. ի վերջոյ, երկուքը «մէկ մարմին» են (Մատ. 19։6)։ դ21.02 16-18 ¶10-13
Հինգշաբթի, փետրուար 17
[Իմաստութիւնը] գոհարներէն պատուական է եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ (Առ. 3։15)։
Պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները թանկարժէք են, այն է՝ որ Եհովան զանոնք կը յայտնէ միայն խոնարհներուն, որոնք «ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այդպիսի անհատներ կ’ընդունին, որ Եհովան ներկայիս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան կը գործածէ, որ այդ ճշմարտութիւնները մեզի փոխանցէ (Մատ. 11։25. 24։45)։ Առանց օգնութեան չենք կրնար Աստուածաշունչը հասկնալ, եւ այդ հասկացողութենէն աւելի արժէքաւոր բան չկայ (Առ. 3։13)։ Եհովան նաեւ մեզի վստահած է՝ իր եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելու առանձնաշնորհումը (Մատ. 24։14)։ Մեր քարոզած պատգամը անգին է, քանի որ մարդոց կ’օգնէ, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը դառնան եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու պատեհութիւնը ունենան (Ա. Տիմ. 4։16)։ Ծառայութեան մէջ մեր բերած բաժինը ըլլա՛յ մեծ թէ պզտիկ, մենք թիկունք կը կանգնինք այս ժամանակներուն կատարուող ամենակարեւոր գործին (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ի՜նչ պատիւ է՝ Աստուծոյ գործակիցները ըլլալ (Ա. Կոր. 3։9)։ դ20.09 27 ¶4-5
Ուրբաթ, փետրուար 18
Եղբայրներ գտանք, որոնք աղաչեցին որ. . . իրենց քով մնանք (Գործք 28։14)։
Դէպի Հռոմ իր ճամբորդութեան ընթացքին, Պօղոս առաքեալ կրկին անգամ Եհովայէն օգնութիւն ստացաւ իր հաւատակիցներուն ձեռքով։ Օրինակ, Պօղոսի երկու հաւատարիմ ընկերակիցները՝ Արիստարքոս ու Ղուկաս, որոշեցին իրեն հետ Հռոմ ճամբորդել։ Անոնք յօժարաբար իրենց կեանքերը վտանգեցին Պօղոսին հետ ըլլալու համար, թէեւ այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուս անոնցմէ ո՛չ մէկը անձամբ վստահեցուց, թէ ապահովաբար Հռոմ պիտի հասնէր։ Միայն աւելի ուշ, այդ դժուար ճամբորդութեան ընթացքին իմացան, որ իրենց կեանքը պիտի պահպանուէր։ Երբ Սիդոնի նաւահանգիստը հասան, Յուլիոս Պօղոսին թոյլ տուաւ, որ «բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի» (Գործք 27։1-3)։ Իսկ ետքը, Պատիողոս քաղաքին մէջ, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները «եղբայրներ գտան, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր իրենց քով մնան»։ Մինչ այդ վայրերուն մէջ գտնուող քրիստոնեաները Պօղոսի եւ իր ընկերակիցներուն պէտքերը կը հոգային, Պօղոս անկասկած հիւրընկալներուն մեծ ուրախութիւն բերաւ, պատմելով շինիչ փորձառութիւններ (համեմատէ՛ Գործք 15։2, 3)։ դ20.11 15-16 ¶15-17
Շաբաթ, փետրուար 19
Աստուածպաշտութիւնը. . . թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի (Ա. Տիմ. 4։8)։
Որպէս ծնող, թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով զաւակներուդ ցոյց տուր, որ Եհովան խորապէս կը սիրես։ Գիտակցէ թէ ամէնէն մեծ նուէրը, որ անոնց կրնաս տալ, անոնց օգնելն է՝ որ Եհովան սիրեն։ Եւ ամէնէն կարեւոր դասերէն մէկը, որ կրնաս անոնց սորվեցնել, այն է՝ թէ ինչպէ՛ս սերտողութեան, աղօթքի, ժողովներու եւ ծառայութեան հոգեւոր լաւ ռութին պահեն (Ա. Տիմ. 6։6)։ Խօսք չ’ուզեր որ զաւակներուդ պէտք է տաս անհրաժեշտ նիւթական բաները (Ա. Տիմ. 5։8)։ Բայց յիշէ թէ Եհովայի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւնն է,– եւ ոչ թէ նիւթական բաները,– որ անոնց պիտի օգնէ, որ չար աշխարհի կործանումէն վերապրին եւ մտնեն Աստուծոյ նոր աշխարհը (Եզեկ. 7։19)։ Մեր սիրտը կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնենք այսքան շատ քրիստոնեայ ծնողներ, որոնք լաւ հոգեւոր ընտրութիւններ կ’ընեն իրենց ընտանիքին համար։ Այդպիսի ընտանիքներու մէջ մեծցած երեխաները յաճախ կը պահպանեն այդ լաւ սովորութիւնները եւ բնաւ չեն զղջար (Առ. 10։22)։ դ20.10 28-29 ¶10-11
Կիրակի, փետրուար 20
Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ (Մատ. 16։22)։
Պետրոս առաքեալ ատեններ առանց հաշիւի կը խօսէր, անոր համար ետքը կը զղջար իր ըսածին կամ ըրածին համար։ Օրինակ, երբ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, որ պիտի չարչարուէր ու մեռնէր, Պետրոս զինք յանդիմանեց՝ ըսելով վերոնշեալ խօսքը (Մատ. 16։21-23)։ Այն ատեն, Յիսուս Պետրոսը սրբագրեց։ Երբ ամբոխ մը եկաւ Յիսուսը ձերբակալելու, Պետրոս առանց մտածելու յառաջ անցաւ եւ քահանայապետին մէկ ծառային ականջը կտրեց (Յովհ. 18։10, 11)։ Յիսուս նորէն Պետրոսը սրբագրեց։ Ասկէ զատ, Պետրոս պարծենալով ըսած էր, որ նոյնիսկ եթէ միւս առաքեալները Քրիստոսի վրայով գայթակղէին, ինք բնաւ պիտի չգայթակղէր (Մատ. 26։33)։ Բայց ան իր կարծածին չափ զօրաւոր չէր. մարդու վախին տեղի տալով իր Տէրը երեք անգամ ուրացաւ։ Ան խիստ վհատած՝ «դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ» (Մատ. 26։69-75)։ Թերեւս հարց տուաւ, որ Յիսուս արդեօք օրին մէկը իրեն պիտի ներէ՞ր։ Բայց Պետրոս թոյլ չտուաւ, որ յուսալքումը կամ վհատութիւնը զինք ջախջախէ։ Գայթակղելէն ետք, ան շարունակեց Եհովային ծառայել միւս առաքեալներուն հետ (Յովհ. 21։1-3. Գործք 1։15, 16)։ դ20.12 20 ¶17-18
Երկուշաբթի, փետրուար 21
Ամուսիննե՛ր, գիտակցելո՛վ բնակեցէք անոնց հետ, պատուելով կիները իբր աւելի տկար անօթներ (Ա. Պետ. 3։7, ԱԾ)։
Ընտանիքի գլուխը շատ մը կերպերով կրնայ խոնարհութիւն ցոյց տալ։ Օրինակ, իր կնոջմէն ու զաւակներէն կատարելութիւն չ’ակնկալեր։ Ան ընտանիքի անդամներուն կարծիքին ականջ կու տայ, նոյնիսկ եթէ տարբեր կարծիքներ ունին։ Առաւել, խոնարհ ամուսինը պատրաստ է տնային գործեր ընելու, նոյնիսկ եթէ իր շրջանակին մէջ ատոնք կնոջ գործ կը սեպուին։ Այդ մէկը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Ռէյչըլ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ծննդավայրիս մէջ, եթէ ամուսին մը իր կնոջ օգնէ որ պնակները լուայ կամ տունը մաքրէ, դրացիները եւ ազգականները պիտի մտածեն, որ ‘իսկական էրիկմարդ’ չէ, եւ իր կնոջ վրայ իր խօսքը չի քալեր»։ Եթէ ապրած շրջանիդ մէջ այդ կեցուածքը սովորական է, յիշէ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, թէեւ ատիկա ստրուկի մը գործը կը նկատուէր։ Ընտանիքի լաւ գլուխ մը հետաքրքրուած է ոչ թէ այն բանով, որ ինք լաւ երեւնայ, հապա՝ որ իր կինն ու զաւակները լաւ զգան։ դ21.02 2 ¶3. 4 ¶11
Երեքշաբթի, փետրուար 22
Կ’ընեմ սա՛ մէկ բանը. մոռցած եմ ետեւի եղածները, եւ կը դիմեմ առջեւի եղածներուն։ Կը հետապնդեմ նպատակակէտը (Փլպ. 3։13, 14, ԱԾ)։
Լաւ յիշատակները օրհնութիւն են Եհովայէն, բայց որքա՛ն ալ լաւ կեանք ունեցած ըլլանք անցեալին, ապագայ կեանքը նոր աշխարհի մէջ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Ուրիշներ թերեւս ցաւցնեն մեզ, բայց երբ կ’ընտրենք իրենց ներել, կրնանք Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնանալ ու առջեւ նայիլ։ Չափազանց յանցաւոր ըլլալու զգացումները կրնան խանգարել, որ ուրախութեամբ Եհովայի ծառայենք։ Բայց Պօղոս առաքեալին պէս, պէտք է հաւատանք որ Եհովան մեզի ներած է (Ա. Տիմ. 1։12-15)։ Մենք յաւիտեան ապրելու յոյսը ունինք։ Եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, մեզ տխրեցնող որեւէ բան պիտի չյիշենք։ Այդ ժամանակուան մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առաջինները պիտի չյիշուին» (Եսա. 65։17)։ Պահ մը մտածէ. մեզմէ ոմանք Եհովայի ծառայեցին մինչեւ ծերութիւն, բայց նոր աշխարհին մէջ նորէն պիտի երիտասարդանանք (Յոբ 33։25)։ Ուրեմն վճռե՛նք չապրիլ անցեալին մէջ։ Փոխարէնը, նայի՛նք դէպի առջեւ եւ ապրի՛նք ապագային համար։ դ20.11 24 ¶4. 29 ¶18-19
Չորեքշաբթի, փետրուար 23
Տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ. . . մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է. . . ու Գառնուկին» (Յայտ. 7։9, 10)։
Մօտ օրէն, մեծ նեղութեան ընթացքին, Եհովան մեզ պիտի պաշտպանէ։ Նա՛խ, իր հաւատարիմ ծառաները պիտի պաշտպանէ այն ժամանակամիջոցին, երբ աշխարհի թագաւորները մղէ որ կործանեն Մեծ Բաբելոնը, այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքները (Յայտ. 17։16-18. 18։2, 4)։ Ետքը, իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ, երբ Արմագեդոնին Սատանայի աշխարհին մնացեալ մասերը կործանէ (Յայտ. 16։14, 16)։ Երբ Եհովային մօտիկ կը մնանք, Սատանան չի կրնար մեզի մնայուն վնաս հասցնել։ Ան յաւիտեան պիտի բնաջնջուի (Հռով. 16։20)։ Ուստի, վրադ առ Աստուծոյ լման սպառազինութիւնը ու զայն բնաւ մի՛ հաներ։ Մի՛ փորձեր առանձին պատերազմիլ։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ թիկունք կանգնէ։ Եւ Եհովայի ուղղութեան հետեւէ։ Այսպէս, կրնաս վստահ ըլլալ որ քու սիրալիր երկնաւոր Հայրդ քեզ պիտի զօրացնէ ու պաշտպանէ (Եսա. 41։10)։ դ21.03 30 ¶16-17
Հինգշաբթի, փետրուար 24
Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ (Եսա. 30։15)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Եհովային կը վստահինք։ Գործադրելով իր տուած ուղղութիւնը։ Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը պատմութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ որքա՜ն կարեւոր է, որ հանդարտ մնանք եւ Եհովային վստահինք։ Այս պատմութիւնները կարդացած ատեն, նկատէ թէ ի՛նչը Աստուծոյ ծառաներուն օգնեց, որ հանդարտ մնան խիստ հակառակութեան դիմաց։ Օրինակ, երբ հրէական գերագոյն ատեանը առաքեալներուն հրամայեց, որ քարոզելէ դադրին, անոնք չվախցան, հապա քաջաբար ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29)։ Նոյնիսկ ծեծուելէ ետք, անոնք խուճապի չմատնուեցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէին թէ Եհովան իրենց հետ էր եւ իրենց կը հաճէր։ Անոր համար, շարունակեցին բարի լուրը քարոզել (Գործք 5։40-42)։ Նոյնպէս, երբ Ստեփանոս աշակերտը սպաննուելու վրայ էր, ան այնքա՛ն խաղաղ մնաց, որ ‘անոր երեսը հրեշտակի երեսի պէս էր’ (Գործք 6։12-15)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ վստահ էր որ Եհովան իրեն կը հաճէր։ դ21.01 4 ¶10-11
Ուրբաթ, փետրուար 25
Ասոնք. . . իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին (Յայտ. 7։14)։
Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք Եհովային առջեւ մաքուր խիղճ եւ արդար կեցուածք ունին (Եսա. 1։18)։ Անոնք նուիրուած ու մկրտուած քրիստոնեաներ են, որոնք Յիսուսի զոհին հանդէպ զօրաւոր հաւատք եւ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւն ունին (Յովհ. 3։36. Ա. Պետ. 3։21)։ Անոր համար, Աստուած իրենց կը հաճի եւ կրնան իրեն ‘ծառայել ցերեկ ու գիշեր’ հոս՝ երկրի վրայ (Յայտ. 7։15)։ Անոնք քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մեծ մասը նախանձախնդրօրէն կը կատարեն, եւ այսպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը իրենց շահերէն առաջ կը դնեն (Մատ. 6։33. 24։14. 28։19, 20)։ Մեծ բազմութիւնը, որոնք մեծ նեղութենէն կը վերապրին, վստահ են որ Աստուած պիտի շարունակէ իրենց հոգ տանիլ, քանի որ «աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ» իրենց վրայ։ Այն խոստումը, որուն ուրիշ ոչխարները երկար ատենէ ի վեր սպասած են, վերջապէս պիտի կատարուի. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» (Յայտ. 21։3, 4)։ դ21.01 16 ¶9-10
Շաբաթ, փետրուար 26
Իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան (Գործք 2։17)։
Շա՜տ ուրախ ենք, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասն ենք, եւ իւրաքանչիւրս մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Եհովայի հաստատած գլխաւորութեան կարգադրութիւնը յարգենք։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Եհովան կիները նո՛յնչափ կ’արժեւորէ, ո՛րչափ տղամարդիկը։ Օրինակ, կը յայտնէ որ առաջին դարուն, Եհովան սուրբ հոգին տուաւ թէ՛ կիներուն եւ թէ տղամարդոց, ու անոնց տուաւ հրաշալի գործեր ընելու կարողութիւնը, ինչպէս՝ տարբեր լեզուներով խօսիլ (Գործք 2։1-4, 15-18)։ Երկու խումբերէն անհատներ սուրբ հոգիով օծուած են, Քրիստոսին հետ իշխելու հեռանկարով (Գաղ. 3։26-29)։ Թէ՛ կիներ եւ թէ տղամարդիկ պիտի վարձատրուին յաւիտենական կեանքով՝ երկրի վրայ (Յայտ. 7։9, 10, 13-15)։ Եւ երկու խումբերն ալ նշանակուած են բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու (Մատ. 28։19, 20)։ Գործք գիրքը կը խօսի Պրիսկիղա անունով քրոջ մը մասին, որ իր ամուսինին՝ Ակիւղասին հետ, ճշմարտութիւնը աւելի ճշգրիտ կերպով բացատրեց Ապօղոս անունով ուսեալ տղամարդու մը (Գործք 18։24-26)։ դ21.02 14 ¶1. 15 ¶4
Կիրակի, փետրուար 27
Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար. . . Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու (Գործք 20։28)։
Երէցնե՛ր, ծանր պատասխանատուութիւն ունիք հրատարակիչներուն օգնելու, որ ազդու ըլլան իրենց ծառայութեան մէջ, ներառեալ՝ դասեր վարելու մէջ։ Եթէ մէկը կը քաշուի ձեր ներկայութեան դասը վարել, առաջարկեցէք որ դուք դասը վարէք։ Երէցները կրնան շատ բան ընել՝ ուսուցիչները քաջալերելու եւ մղելու, որ չյանձնուին (Ա. Թես. 5։11)։ Նոյնիսկ եթէ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չենք վարեր, տակաւին կրնանք մէկու մը օգնել, որ հոգեւորապէս աճի։ Առանց շատ խօսելու, կրնանք դասին ընթացքին ուսուցիչին օգնել մեր լաւ պատրաստած կէտերով։ Կրնանք աշակերտներուն ընկերակցիլ, երբ Թագաւորութեան սրահ կու գան, եւ անոնց համար լաւ օրինակ ըլլալ։ Իսկ երէցները կրնան քաջալերել թէ՛ աշակերտները, իրենց ժամանակ յատկացնելով, եւ թէ ուսուցիչները, զիրենք մարզելով եւ գովելով։ Իրապէս, շա՜տ կ’ուրախանանք երբ կը գիտնանք որ նոյնիսկ պզտիկ կերպով մէկու մը օգնեցինք, որ մեր Հայրը՝ Եհովան, սիրէ եւ անոր ծառայէ։ դ21.03 13 ¶18-19
Երկուշաբթի, փետրուար 28
Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է (Սաղ. 25։14)։
Դաւիթ պատասխանատու եւ վստահելի էր։ Օրինակ, պատանի տարիքին ան ծանր աշխատեցաւ, որ իր հօր ոչխարներուն հոգ տանի։ Ատիկա վտանգաւոր գործ մըն էր, ինչպէս ան Սաւուղ թագաւորին պատմեց. «Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր ու երբ առիւծ կամ արջ գար եւ հօտերէն ոչխար տանէր, ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի ու անոր բերնէն կ’ազատէի» (Ա. Թագ. 17։34, 35)։ Դաւիթ ոչխարներուն հոգ տանիլը լուրջի առաւ։ Պատանի եղբայրները կրնան զինք ընդօրինակել՝ ծանր աշխատելով որ իրենց տրուած որեւէ նշանակում կատարեն։ Պատանի Դաւիթ Եհովայի հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն զարգացուց։ Այդ փոխյարաբերութիւնը շա՜տ աւելի կարեւոր էր, քան՝ Դաւիթի ունեցած քաջութիւնը կամ քնար նուագելու հմտութիւնը։ Եհովան ոչ միայն Դաւիթին Աստուածն էր, հապա նաեւ՝ մտերիմ Բարեկամը։ Պատանի՛ եղբայրներ, ձեր երկնաւոր Հօր հետ ձեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնելը, ամէնէն կարեւոր բանն է որ կրնաք ընել։ դ21.03 3 ¶4-5