Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք22 էջ 26-36
  • Մարտ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարտ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երեքշաբթի, մարտ 1
  • Չորեքշաբթի, մարտ 2
  • Հինգշաբթի, մարտ 3
  • Ուրբաթ, մարտ 4
  • Շաբաթ, մարտ 5
  • Կիրակի, մարտ 6
  • Երկուշաբթի, մարտ 7
  • Երեքշաբթի, մարտ 8
  • Չորեքշաբթի, մարտ 9
  • Հինգշաբթի, մարտ 10
  • Ուրբաթ, մարտ 11
  • Շաբաթ, մարտ 12
  • Կիրակի, մարտ 13
  • Երկուշաբթի, մարտ 14
  • Երեքշաբթի, մարտ 15
  • Չորեքշաբթի, մարտ 16
  • Հինգշաբթի, մարտ 17
  • Ուրբաթ, մարտ 18
  • Շաբաթ, մարտ 19
  • Կիրակի, մարտ 20
  • Երկուշաբթի, մարտ 21
  • Երեքշաբթի, մարտ 22
  • Չորեքշաբթի, մարտ 23
  • Հինգշաբթի, մարտ 24
  • Ուրբաթ, մարտ 25
  • Շաբաթ, մարտ 26
  • Կիրակի, մարտ 27
  • Երկուշաբթի, մարտ 28
  • Երեքշաբթի, մարտ 29
  • Չորեքշաբթի, մարտ 30
  • Հինգշաբթի, մարտ 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
աք22 էջ 26-36

Մարտ

Երեքշաբթի, մարտ 1

Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն (Ղուկ. 6։22)։

Մեր փափաքը չէ ատուիլ, ոչ ալ կը փորձենք նահատակ դառնալ։ Ուստի երբ կ’ատուինք, ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ։ Նկատի առ երեք պատճառներ։ Առաջին, երբ կը տոկանք, Աստուծոյ հաճութիւնը կ’ունենանք (Ա. Պետ. 4։13, 14)։ Երկրորդ, մեր հաւատքը կը զտուի եւ աւելի կը զօրանայ (Ա. Պետ. 1։7)։ Եւ երրորդ, պիտի ստանանք անգին վարձատրութիւն մը՝ յաւիտենական կեանքը (Հռով. 2։6, 7)։ Յիսուսի յարութենէն շատ չանցած, առաքեալները ունեցան այն ուրախութիւնը, որուն մասին ան խօսած էր։ Զանոնք ծեծեցին եւ պատուիրեցին չքարոզել, բայց անոնք դեռ ուրախ էին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «[Յիսուսի] անուանը համար արժանի եղան անարգուելու» (Գործք 5։40-42)։ Իրենց Տէրոջը հանդէպ սէրը աւելի զօրաւոր էր քան՝ իրենց թշնամիներուն ատելութեան հանդէպ վախը։ Եւ իրենց սէրը ցոյց տուին, ‘չդադրելով’ բարի լուրը հռչակելէ։ Ներկայիս ալ մեր եղբայրներէն շատեր կը շարունակեն հաւատարմօրէն ծառայել՝ հակառակ դժուարութիւններուն։ Անոնք գիտեն որ Եհովան պիտի չմոռնայ իրենց գործը եւ իր անուան հանդէպ ցոյց տրուած սէրը։ դ21.03 25 ¶18-19

Չորեքշաբթի, մարտ 2

Անիկա. . . մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ (Ժող. 3։11)։

Օծեալ քրիստոնեաները երկնային յոյսով չեն ծնիր, հապա Աստուած է որ այդ յոյսը իրենց սրտին մէջ կը դնէ։ Անոնք իրենց յոյսին մասին կը մտածեն, կ’աղօթեն եւ կը սպասեն որ այդ վարձատրութիւնը ստանան երկինքին մէջ։ Անոնք նոյնիսկ չեն կրնար երեւակայել, թէ երկինքին մէջ ի՛նչ տեսակ մարմին պիտի ունենան (Փլպ. 3։20, 21. Ա. Յովհ. 3։2)։ Բայց շա՜տ կը փափաքին ըլլալ երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Ուրիշ ոչխարները մեծապէս կ’արժեւորեն այն յոյսը, որ մարդ արարածին մէջ դրուած է. երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Անոնք կ’ուզեն, որ մէկ վայրկեան առաջ գայ այն օրը, երբ ամբողջ մոլորակը դրախտի պիտի վերածեն, իրենց տուները պիտի շինեն, իրենց պարտէզները պիտի տնկեն եւ իրենք ու իրենց զաւակները կատարեալ առողջութիւն պիտի վայելեն (Եսա. 65։21-23)։ Անհամբեր կը սպասեն, որ երկիրը շրջին՝ լեռները, անտառները եւ ծովերը տեսնեն, եւ Եհովային ամբողջ ստեղծագործութիւնը սերտեն։ Բայց ամէն բանէ աւելի, ուրախ են որ Եհովայի հետ իրենց կապը երթալով աւելի պիտի զօրանայ։ դ21.01 18-19 ¶17-18

Հինգշաբթի, մարտ 3

Աստուծոյ տունը այրեցին. . . ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին (Բ. Մն. 36։19)։

Այդ տեսարանը տեսնողը միայն պիտի ըսէր. «Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է» (Եր. 32։43)։ Յովէլի մարգարէութենէն շուրջ 200 տարի ետք, Եհովան Երեմիայի միջոցաւ այս յարձակումին մասին ուրիշ բան մը յայտնեց։ Ան ըսաւ որ յարձակողները ուշի–ուշով պիտի փնտռէին այն իսրայէլացիները, որոնք չար բաներ կ’ընէին, եւ զանոնք պիտի բռնէին։ «‘Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘որ զանոնք որսան։ Անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ, որ զանոնք ամէն լերան վրայէն եւ ամէն բլուրի վրայէն ու վէմերուն ծակերէն որսան. . . Անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ’»։ Ո՛չ ովկիանոսները, ոչ ալ անտառները պիտի կարենային անզեղջ իսրայէլացիներուն համար թաքստոց ըլլալ, բաբելոնացի զինուորներէն պահուըտելու համար (Եր. 16։16, 18)։ դ20.04 5 ¶12-13

Ուրբաթ, մարտ 4

[Ղովտ] կը տնտնար (Ծն. 19։16)։

Ղովտ իր կեանքին կարեւոր մէկ պահուն Եհովայի ուղղութիւններուն արագօրէն չհնազանդեցաւ։ Թերեւս Ղովտը դատենք որպէս անհոգ եւ նոյնիսկ անհնազանդ մէկը։ Սակայն, Եհովան իր յոյսը անկէ չկտրեց։ «Տէրոջը անոր ողորմելովը», հրեշտակները զինք ու իր ընտանիքը քաղաքէն դուրս տարին (Ծն. 19։15, 16)։ Եհովան անոր կարեկցեցաւ թերեւս զանազան պատճառներով։ Ղովտ կրնայ ըլլալ որ տունէն հեռանալու երկմտեցաւ, քանի որ քաղաքէն դուրս եղող մարդոցմէն կը վախնար։ Եւ ուրիշ վտանգներ ալ կային։ Օրինակ, Ղովտ հաւանաբար երկու թագաւորներուն մասին լսած էր, որոնք մօտակայ ձորի մը մէջ գտնուող նաւթի (կամ կուպրի) հորերուն մէջ ինկած էին (Ծն. 14։8-12)։ Ամուսին եւ հայր ըլլալով, ան իր ընտանիքով մտահոգուած ըլլալու էր։ Ասկէ զատ, ան հարուստ էր, ուստի Սոդոմի մէջ թերեւս շքեղ տուն մը ունէր (Ծն. 13։5, 6)։ Անշուշտ, այդ ազդակներէն ո՛չ մէկը կ’արդարացնէր Եհովային անմիջապէս չհնազանդիլը։ Սակայն, Եհովան Ղովտի սխալին վրայ չկեդրոնացաւ եւ զինք «արդար» նկատեց (Բ. Պետ. 2։7, 8)։ դ20.04 18 ¶13-14

Շաբաթ, մարտ 5

Քու երիտասարդներդ. . . ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի (Սաղ. 110։3)։

Պատանինե՛ր, կրնայ ժամանակ առնել, որ անոնք որոնք ձեզ ձեր պզտիկութենէն գիտեն, անդրադառնան որ մեծցաք։ Սակայն կրնաք վստահ ըլլալ, որ Եհովան միայն ձեր երեւոյթին չի նայիր։ Ան ձեզ լաւ կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ի՛նչ կարողութիւններ ունիք (Ա. Թագ. 16։7)։ Աստուծոյ հետ ձեր փոխյարաբերութիւնը զօրացուցէք։ Դաւիթ այս մէկը ըրաւ, մօտէն դիտելով Եհովայի ստեղծագործութիւնը։ Ան խորապէս մտածեց, թէ իր դիտած բաները ի՛նչ կը յայտնեն Ստեղծիչին մասին (Սաղ. 8։3, 4. 139։14. Հռով. 1։20)։ Ասկէ զատ, կրնաք Եհովայէն խնդրել, որ ձեզի պէտք եղած զօրութիւնը տայ։ Օրինակ, ձեր դասընկերներէն ոմանք ձեզ կը ծաղրե՞ն, քանի որ Եհովայի վկայ էք։ Այդ պարագային, Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցէք, որ խնդիրին հետ գլուխ ելլէք։ Նաեւ, Աստուածաշունչին եւ մեր հրատարակութիւններուն ու վիտէօներուն ներկայացուցած խրատները գործադրեցէք։ Ամէն անգամ որ տեսնէք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ձեզի կ’օգնէ որ դժուարութեան մը հետ գլուխ ելլէք, իրեն հանդէպ ձեր հաւատքը պիտի աւելնայ։ Եւ երբ ուրիշներ տեսնեն որ Եհովային կ’ապաւինիք, անոնց վստահութիւնը պիտի շահիք։ դ21.03 4 ¶7

Կիրակի, մարտ 6

Ուղիղներուն աղօթքը [Եհովայի] ընդունելի է (Առ. 15։8)։

Մտերիմ բարեկամները կը սիրեն իրարու յայտնել իրենց մտածումներն ու զգացումները։ Նոյնը կրնա՞նք ըսել Եհովայի հետ մեր բարեկամութեան մասին։ Այո՛։ Եհովան մեզի կը խօսի իր Խօսքին միջոցաւ, եւ անոր մէջ մեզի կը յայտնէ իր մտածումներն ու զգացումները։ Մենք իրեն կը խօսինք աղօթքի միջոցաւ, եւ կրնանք մեր ամենախորունկ մտածումներն ու ամենաներքին զգացումները իրեն արտայայտել։ Հոգատար Բարեկամ ըլլալով, ան ոչ միայն մտիկ կ’ընէ, հապա նաեւ կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Երբեմն արագ պատասխան կ’առնենք, երբեմն ալ հարցի մը շուրջ պէտք է շարունակենք աղօթել։ Ամէն պարագայի, կրնանք վստահ ըլլալ, որ պատասխանը պիտի առնենք յարմար ժամանակին եւ լաւագոյն կերպով։ Անշուշտ Աստուծոյ պատասխանը կրնայ մեր ակնկալածէն տարբեր ըլլալ։ Օրինակ, փոխանակ դժուարութիւնը վերցնելու, ան կրնայ մեզի իմաստութիւն եւ զօրութիւն տալ, որպէսզի ‘համբերենք’ (Ա. Կոր. 10։13)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ աղօթելու անգին պարգեւը կը գնահատենք։ Կերպերէն մէկը այն է, որ գործադրենք սա խրատը. «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք» (Ա. Թես. 5։17)։ դ20.05 27-28 ¶7-8

Երկուշաբթի, մարտ 7

Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի (Մատ. 24։13)։

Երկար մրցավազքի մէջ, մրցորդները շարունակ իրենց ճիշդ առջեւը կը նային, որպէսզի չիյնան։ Եթէ իյնան, նորէն ոտքի կ’ելլեն եւ կը շարունակեն վազել։ Անոնք գլխաւորաբար կը կեդրոնանան, ոչ թէ իյնալուն պատճառին վրայ, հապա աւարտագիծին եւ մրցանակին վրայ։ Մեր մրցավազքին մէջ, շատ անգամ կ’իյնանք, այն առումով որ սխալ բաներ կ’ըսենք կամ կ’ընենք։ Կամ ալ մեզի հետ վազողները սխալներ կ’ընեն ու մեզ կը վիրաւորեն։ Ասիկա պէտք չէ մեզ զարմացնէ։ Բոլորս անկատար ենք եւ նոյն նեղ ճամբուն մէջ կը վազենք, որ կեանքի կը տանի։ Ուստի, ատեններ իրարու պիտի «զարնուինք» ու «մէկը մէկուն դէմ տրտունջ» պիտի ունենայ (Կող. 3։13)։ Բայց փոխանակ կեդրոնանալու այն բանին վրայ, որ մեզ գայթակղեցուց, կեդրոնանանք մեր առջեւ դրուած մրցանակին վրայ եւ շարունակենք վազել։ Եթէ բարկանանք եւ չուզենք ոտքի ելլել, աւարտագիծը պիտի չանցնինք ու մրցանակը պիտի չստանանք։ Ասկէ զատ, հաւանաբար արգելք պիտի ըլլանք ուրիշներուն, որոնք կը ջանան կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ վազել։ դ20.04 26 ¶1. 28 ¶8-9

Երեքշաբթի, մարտ 8

Այս թագաւորութիւնը. . . բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ (Դան. 2։44)։

Դանիէլ մարգարէն կը նկարագրէ կարգ մը մարդկային կառավարութիւններ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին ազդած են։ Անոնք նկարագրուած են որպէս մետաղեայ մեծ արձանի մը զանազան մասերը։ Արձանին ոտքերը, որոնք երկաթէ ու կաւէ կը բաղկանան, վերջին աշխարհակալ ուժն են. անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Այս մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա գործօն վիճակի մէջ պիտի ըլլայ, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւնները մէջտեղէն վերցնէ։ Յովհաննէս առաքեալն ալ կը նշէ աշխարհակալ ուժեր, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին ազդած են։ Ան այս կառավարութիւնները կը նկարագրէ որպէս եօթը գլուխ ունեցող գազան։ Գազանին եօթներորդ գլուխը կը ներկայացնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Ասիկա յատկանշական է, քանի որ չ’ըսուիր թէ գազանը ուրիշ գլուխ մըն ալ պիտի ունենայ։ Եօթներորդ գլուխին իշխա՛ծ ատեն, Քրիստոս եւ իր երկնային զօրքերը զայն կը բնաջնջեն՝ գազանին միւս մասերուն հետ մէկտեղ (Յայտ. 13։1, 2. 17։13, 14)։ դ20.05 14 ¶11-12

Չորեքշաբթի, մարտ 9

Աստուած սէր է (Ա. Յովհ. 4։8)։

Այդ պարզ նախադասութիւնը մեզի կը յիշեցնէ հիմնական ճշմարտութիւն մը. Աստուած, որ կեանքի Աղբիւրն է, նաեւ սիրոյ Աղբիւրն է։ Եհովան մեզ կը սիրէ՛։ Անոր սէրը մեզի կու տայ ապահովութեան, ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացում։ Սիրելը քրիստոնեաներուն կամքին ձգուած հարց մը չէ։ Ատիկա պատուիրան է (Մատ. 22։37-40)։ Երբ Եհովան լաւ ճանչնանք, առաջին պատուիրանին հնազանդիլը մեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ։ Ի վերջոյ, Եհովան կատարեալ է. ան հոգատար է եւ մեզի հետ մեղմութեամբ կը վարուի։ Բայց թերեւս դժուար ըլլայ երկրորդ պատուիրանին հնազանդիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք մեզի ամէնէն մօտ եղող ընկերներն են, անկատար են։ Ատեններ, կրնան իրենց խօսքով կամ գործով հոգատարութիւն եւ սէր ցոյց չտալ։ Եհովան ասոր գիտակից է, անոր համար Աստուածաշունչի գրողներէն ոմանք ներշնչեց, որ գրի առնեն մասնայատուկ խրատներ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պէտք է իրար սիրենք։ Այդ գրողներէն մէկը Յովհաննէս առաքեալն էր (Ա. Յովհ. 3։11, 12)։ դ21.01 8 ¶1-2

Հինգշաբթի, մարտ 10

Չըլլայ թէ զրկանք մը կրենք Սատանայէն (Բ. Կոր. 2։11)։

Ըլլա՛նք Եհովայի ծառաներ վերջերս կամ տարիներէ ի վեր, պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Դէմ կը դնե՞մ Սատանայի ջանքերուն, որ սիրտս բաժնէ’։ Օրինակ, եթէ հեռատեսիլի կամ համացանցի միջոցաւ նկար մը տեսնես, որ մէջդ անբարոյ ցանկութիւններ կրնայ արթնցնել, ինչպէ՞ս կը հակազդես։ Թերեւս դիւրին է պատճառաբանել, թէ նկարը կամ ֆիլմը ինքնին պոռնկագրական չէ։ Բայց ատիկա կրնա՞յ ըլլալ բան մը, որ Սատանան կը գործածէ սիրտդ բաժնելու համար։ Այդ նկարը կրնայ սեպի մը նման ըլլալ, որ երկաթէ ձողիկ մըն է, որուն մէկ ծայրը բութ է, իսկ միւս ծայրը՝ սրցուած, եւ կը գործածուի փայտը ճեղքելու համար։ Նա՛խ սրցուած ծայրը կը դրուի փայտին վրայ։ Ապա շարունակական հարուածներով փայտը կը ճեղքուի ու երկու մասի կը բաժնուի։ Լրատուամիջոցներու մէջ ներկայացուած անբարոյ նկարները կրնա՞ն այդ սեպին սրցուած ծայրին պէս ըլլալ։ Ինչ որ աննշան ու երեւութապէս անվնաս սկիզբ կ’ունենայ, կրնայ արագօրէն անհատին սիրտը բաժնել ու զինք մղել, որ մեղք գործէ եւ իր ուղղամտութիւնը բեկանէ։ Ուստի որեւէ անպատշաճ բանի առջեւ սրտիդ դուռը թող փակ մնայ։ Սիրտդ միացած պահէ, որ Եհովայի անունէն վախնայ։ դ20.06 11-12 ¶14-15

Ուրբաթ, մարտ 11

Պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք (Հռով. 15։1)։

Անգործունեայ անհատները պէտք ունին, որ իրենց յարատեւ օգնենք։ Անառակ որդիին պէս, թերեւս անոնք զգացական սպիներ ունին (Ղուկ. 15։17-24)։ Եւ Սատանայի աշխարհին մէջ ըլլալով, շատ հաւանաբար հոգեւորապէս տկար են։ Ուստի հարկ կայ որ անոնց օգնենք Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատքը զօրացնելու։ Կորսուած ոչխարին առակին մէջ, Յիսուս նկարագրեց թէ ինչպէ՛ս հովիւը ոչխարը իր ուսերուն վրայ դրաւ եւ զինք վերադարձուց հօտին։ Հովիւը արդէն շատ ջանք թափած էր կորսուած ոչխարը գտնելու համար։ Բայց ան գիտակցեցաւ որ ոչխարը ոյժ չունէր դէպի փարախ քալելու, ուստի զինք իր ուսերուն վրայ կրեց (Ղուկ. 15։4, 5)։ Թերեւս հարկ ըլլայ որ ժամանակ յատկացնենք եւ ջանք թափենք՝ կարգ մը անգործունեայ եղողներուն օգնելու, որ իրենց տկարութիւնները յաղթահարեն։ Եհովայի հոգիին, իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան հայթայթած հրատարակութիւններուն միջոցաւ կրնանք անոնց օգնել, որ դարձեալ հոգեւորապէս զօրանան։ Ուստի, եթէ երէցները քեզմէ խնդրեն անգործունեայ եղողի մը հետ սերտել, այդ առանձնաշնորհումը ուրախութեամբ ընդունէ եթէ կրնաս։ դ20.06 28 ¶14-15

Շաբաթ, մարտ 12

Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք (Յովհ. 13։35)։

Իւրաքանչիւրս պէտք է սէր ցուցաբերենք, ինչ որ ճշմարիտ քրիստոնեաները կը բնորոշէ։ Սակայն, նաեւ պէտք է «ճշգրիտ գիտութիւն ու լիարժէք խորատեսութիւն» ունենանք (Փլպ. 1։9, ՆԱ)։ Այլապէս, կրնանք ազդուիլ «վարդապետութեան ամէն հովերէ. . . մարդոց խաբէութիւնովը», մէջը ըլլալով հաւատուրացները (Եփ. 4։14)։ Երբ Յիսուսի աշակերտներէն շատեր իրեն հետեւելէ դադրեցան, Պետրոս առաքեալ իր հաստատ համոզումը յայտնեց, թէ Յիսուս «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունէր (Յովհ. 6։68, 69)։ Թէեւ այդ ատեն Պետրոս այդ խօսքերուն բոլոր մանրամասնութիւնները չհասկցաւ, բայց հաւատարիմ մնաց, քանի որ Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը ըմբռնած էր։ Դուն ալ կրնաս համոզումդ աւելցնել Աստուածաշունչի սորվեցուցածին հանդէպ։ Եթէ այդպէս ընես, հաւատքդ զօրաւոր պիտի մնայ, ի՛նչ որ ալ պատահի, եւ ուրիշներուն հաւատքն ալ պիտի զօրացնես (Բ. Յովհ. 1, 2)։ դ20.07 8 ¶2. 13 ¶18

Կիրակի, մարտ 13

Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով (Ա. Յովհ. 3։18)։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար, որ ճշմարտութեան մէջ մնան, պէտք է իրենց կարեկցութիւն ցոյց տանք (Ա. Յովհ. 3։10, 11, 16, 17)։ Իրար պէտք է սիրենք ոչ միայն երբ ամէն բան լաւ կ’ընթանայ, հապա նաեւ երբ խնդիրներ ծագին։ Օրինակ, գիտե՞ս մէկը, որուն մէկ սիրելին մեռած է, եւ ան պէտք ունի մխիթարութեան կամ գործնական օգնութեան։ Կամ լսա՞ծ ես, որ հաւատակիցներդ բնական աղէտէ տուժած են եւ օգնութեան պէտք ունին, որ իրենց Թագաւորութեան սրահները կամ տուները վերաշինեն։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր խոր սէրն ու կարեկցութիւնը կրնանք ցոյց տալ ոչ միայն խօսքով, հապա նաեւ՝ գործով, ինչ որ աւելի կարեւոր է։ Մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը կ’ընդօրինակենք, երբ իրարու հանդէպ սէր կը դրսեւորենք (Ա. Յովհ. 4։7, 8)։ Իսկ իրարու ներելը սէր ցուցաբերելու կարեւոր կերպ մըն է։ Օրինակ, թերեւս մէկը մեզ վիրաւորէ, բայց ետքը ներողութիւն խնդրէ։ Սէր կը ցուցաբերենք, երբ իրեն կը ներենք եւ ըրածը մեր կռնակին ետեւ կը նետենք (Կող. 3։13)։ դ20.07 24 ¶14-15

Երկուշաբթի, մարտ 14

Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն (Գործք 24։15)։

Արդեօք իւրաքանչիւր անհատ, որ յարութիւն առած է, իր ուսուցի՞չը պիտի ունենայ, ինչպէս որ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները կը վարենք։ Այս նորեկները պիտի նշանակուի՞ն ժողովքներու եւ մարզուին սորվեցնելու անոնց, որոնք իրենցմէ ետք յարութիւն առին։ Հիմա պատասխանը չենք գիտեր, բայց գիտենք որ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի» (Եսա. 11։9)։ Ի՜նչ հաճոյալի մեծ գործ պիտի կատարենք այդ հազար տարուան ընթացքին։ Ասկէ զատ, Եհովայի բոլոր ծառաները պէտք է շարունակեն փոփոխութիւններ ընել, զինք հաճեցնելու համար։ Ուստի բոլորն ալ իսկապէս կարեկից պիտի ըլլան, մինչ յարութիւն առնողներուն կ’օգնեն, որ մեղաւոր հակումներուն դէմ դնեն եւ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրին (Ա. Պետ. 3։8)։ Յարութիւն առնողները պիտի ուզեն Եհովան պաշտել իր խոնարհ ծառաներուն հետ, որոնք կը շարունակեն ‘իրենց անձին փրկութիւնը գործել’ (Փլպ. 2։12)։ դ20.08 16 ¶6-7

Երեքշաբթի, մարտ 15

Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ. . . փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու (Գաղ. 6։4, ՆԹ)։

Եթէ Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խրատին հետեւինք ու մեր գործը կշռենք, թերեւս սկսինք տեսնել թէ յատուկ կարողութիւններ ունինք։ Օրինակ, երէց մը կրնայ հմուտ սորվեցնող չըլլալ, երբ ամպիոնին վրայ է, բայց շատ ազդու է աշակերտելու գործին մէջ։ Կամ, թերեւս իր ժողովքի միւս երէցներուն պէս լաւ կազմակերպող չէ, բայց ճանչցուած է որպէս սիրալիր հովիւ մը, որուն դիւրաւ հրատարակիչները կը մօտենան սուրբգրային խրատ ստանալու համար։ Կամ, թերեւս ան հիւրասէր ըլլալու համբաւը ունի (Եբ. 13։2, 16)։ Երբ յստակօրէն տեսնենք մեր կարողութիւններն ու զօրաւոր կողմերը, գոհ պիտի ըլլանք այն բանով, որ կրնանք ընել ժողովքին ի նպաստ։ Եւ նուազ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ նախանձինք այն հաւատակիցներուն, որոնց կարողութիւնները մեր կարողութիւններէն տարբեր են։ Ժողովքին մէջ մեր դերը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բոլորս պէտք է ջանանք ծառայութեան մէջ բարելաւուիլ ու մեր կարողութիւնները զարգացնել։ դ20.08 24 ¶16-18

Չորեքշաբթի, մարտ 16

Տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել (Յայտ. 7։9)։

Եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ «Մեծ բազմութիւնը» խորագրով պատմական դասախօսութիւնը տուաւ 1935–ին, համաժողովի մը ընթացքին, Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մէջ, ԱՄՆ։ Ան բացատրեց թէ որո՛նք կը կազմեն Յայտնութիւն 7։9–ի մէջ նշուած «մեծ բազմութիւն»ը։ Մինչեւ այն ատեն, Աստուածաշունչի Աշակերտները կը կարծէին թէ այս խումբը երկինքին մէջ պիտի ապրէր, բայց Յիսուսին հետ պիտի չթագաւորէր, քանի որ նուազ հաւատարիմ էր։ Եղբայր Ռատըրֆորտ Աստուածաշունչը գործածելով բացատրեց, թէ մեծ բազմութիւնը չէ ընտրուած երկինքի մէջ ապրելու համար, հապա թէ անոնք Քրիստոսի ուրիշ ոչխարներն են, որոնք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին եւ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին (Յայտ. 7։14)։ Յիսուս խոստացաւ. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» (Յովհ. 10։16)։ Այս ոչխարանման անհատները Եհովայի հաւատարիմ Վկաներն են, որոնք դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին (Մատ. 25։31-33, 46)։ դ21.01 14 ¶1-2

Հինգշաբթի, մարտ 17

Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի (Մատ. 10։22)։

Մենք պէտք է մեր անձը կրթենք, որպէսզի դիմանանք եւ քարոզչութիւնը ամբողջացնենք (Մատ. 28։19, 20)։ Մեր անձը կրթելու կարողութիւնը չենք ժառանգեր։ Ընդհակառակը, մեր բնական հակումը յաճախ կ’ըլլայ՝ ամենադիւրին լուծումին դիմել։ Մեր անձը կրթելու համար, ինքնազսպումը անհրաժեշտ է։ Ուստի օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի մենք մեզ մարզենք ընելու բաներ, որոնք մեզի համար դժուար են։ Եհովան սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի այդ օգնութիւնը կու տայ (Գաղ. 5։22, 23)։ Պօղոս առաքեալ իր անձը կը կրթէր։ Ան խոստովանեցաւ որ իր մարմինը ‘կը ճնշէր’, որպէսզի ընէր այն ինչ որ ճիշդ է (Ա. Կոր. 9։25-27)։ Ան ուրիշները յորդորեց, որ իրենց անձը կրթեն եւ ամէն բան ընեն «վայելչութեամբ եւ կարգաւ» (Ա. Կոր. 14։40)։ Մենք պէտք է մեր անձը կրթենք, որպէսզի հոգեւոր լաւ ռութին պահենք, մէջը ըլլալով՝ քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլ (Գործք 2։46)։ դ20.09 6 ¶15-17

Ուրբաթ, մարտ 18

Պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն (Մար. 13։10)։

Շատ մը երկիրներու մէջ, առանց հակառակութեան կը քարոզենք։ Այդ երկիրներէն մէկուն մէջ կ’ապրի՞ս։ Եթէ այո, դուն քեզի հարցուր. ‘Այս ազատութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածեմ’։ Եհովայի ժողովուրդին համար վերջին օրերը հետաքրքրական են, քանի որ պատմութեան մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու ամենամեծ արշաւին կը մասնակցին։ Այս գործին մէջ, շատ ընելիքներ կան։ Խաղաղութեան ժամանակը ինչպէ՞ս կրնաս օգտագործել (Բ. Տիմ. 4։2)։ Կրնա՞ս պարագաներդ քննել եւ տեսնել, թէ արդեօք դուն կամ ընտանիքիդ մէկ անդամը կրնա՞ք քարոզչութեան գործին աւելի մասնակցիլ, թերեւս նոյնիսկ ռահվիրայութիւն ընել։ Հիմա ժամանակը չէ հարստութիւն եւ նիւթական ստացուածքներ դիզելու. բաներ, որոնք մեզի հետ մեծ նեղութենէն պիտի չանցընենք (Առ. 11։4. Մատ. 6։31-33. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Բազմաթիւ հրատարակիչներ նոր լեզու սորված են, որպէսզի ուրիշներուն օգնեն Եհովայի մասին սորվելու։ Կազմակերպութիւնը աւելի քան 1000 լեզուներով հրատարակութիւններ կ’արտադրէ՝ անոնց օգնելու որ քարոզեն։ դ20.09 16 ¶9-11

Շաբաթ, մարտ 19

[Շարունակէ] պատերազմիլ բարի պատերազմը (Ա. Տիմ. 1։18)։

Լաւ զինուորը նուիրուած է։ Ան սրտանց պիտի պայքարի, որպէսզի իր մէկ սիրելին կամ արժէքաւոր բան մը պաշտպանէ։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը քաջալերեց որ մշակէ աստուածպաշտութիւն, այսինքն՝ Աստուծոյ հանդէպ խոր յարգանք ու նուիրուածութիւն (Ա. Տիմ. 4։7)։ Ո՛րքան աւելի մեծ սէր ու նուիրուածութիւն ունենանք Աստուծոյ հանդէպ, ա՛յնքան աւելի մեծ փափաք պիտի ունենանք ճշմարտութիւնը ամուր բռնելու (Ա. Տիմ. 4։8-10. 6։6)։ Լաւ զինուորը նաեւ պէտք է իր անձը կրթէ, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլայ պատերազմելու։ Տիմոթէոս հոգեւորապէս առողջ մնաց, քանի որ իր անձը կրթելով հետեւեցաւ Պօղոսի ներշնչեալ խրատին, որ էր՝ սխալ ցանկութիւններէ փախչիլ, բարեպաշտ յատկութիւններ զարգացնել եւ հաւատակիցներու հետ ընկերակցիլ (Բ. Տիմ. 2։22)։ Նոյնպէս մենք պէտք է մեր անձը կրթենք, որպէսզի մարմնային ցանկութիւններուն դէմ մեր մղած պատերազմը շահինք (Հռով. 7։21-25)։ Մեր անձը կրթելու պէտք ունինք նաեւ, որպէսզի մեր վրայէն հին անձնաւորութիւնը հանենք եւ նոր անձնաւորութիւնը հագնինք (Եփ. 4։22, 24)։ Եւ օրուան վերջաւորութեան՝ երբ յոգնած ենք, թերեւս մենք մեզ քաշքշենք, որպէսզի ժողովի երթանք (Եբ. 10։24, 25)։ դ20.09 28 ¶9-11

Կիրակի, մարտ 20

Քու կանոններդ [պիտի] կատարեմ յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը (Սաղ. 119։112)։

Պէտք է համբերող ըլլանք, մինչ մեր աշակերտին կ’օգնենք, որ նուիրումի եւ մկրտութեան հասնի։ Սակայն որոշ հանգրուանի մը, պէտք է գիտնաս, թէ ան Եհովա Աստուծոյ ծառայելու փափաքը ունի՛ կամ ոչ։ Արդեօք կը տեսնե՞ս բան մը, որ ցոյց կու տայ թէ կը ջանայ Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդիլ, թէ ոչ միայն կ’ուզէ Սուրբ Գիրքէն գիտելիքներ առնել։ Կանոնաւորաբար մտածէ աշակերտին յառաջդիմութեան մասին։ Օրինակ, Եհովայի հանդէպ իր զգացումներուն մասին կը խօսի՞։ Եհովային կ’աղօթէ՞ (Սաղ. 116։1, 2)։ Կը սիրէ՞ Սուրբ Գիրքը կարդալ (Սաղ. 119։97)։ Ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուի՞ (Սաղ. 22։22)։ Իր ապրելակերպին մէջ որեւէ անհրաժեշտ փոփոխութիւն ըրա՞ծ է։ Սկսա՞ւ իր սորվածները բաժնել իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ (Սաղ. 9։1)։ Ամենակարեւորը, կը փափաքի՞ Եհովայի վկայ մը դառնալ (Սաղ. 40։8)։ Եթէ աշակերտը այս մարզերէն որեւէ մէկուն մէջ չի յառաջդիմեր, փափկանկատօրէն պատճառը գիտցիր, եւ ետքը հարցը իրեն հետ քննարկէ ազնուութեամբ բայց անկեղծօրէն։ դ20.10 18 ¶14-15

Երկուշաբթի, մարտ 21

Զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ (Յովհ. 8։29)։

Յիսուսի երկնաւոր Հայրը միշտ լաւ ընտրութիւններ կ’ընէ եւ իր երկրային ծնողներն ալ իմաստուն որոշումներ առին։ Սակայն երբ Յիսուս մեծցաւ, պէտք էր իր անձնական ընտրութիւնները ընէր (Գաղ. 6։5)։ Բոլորիս պէս, ան ազատ կամքի պարգեւը ունէր։ Ան կրնար ընտրել նա՛խ իր անձնական շահերը փնտռել։ Փոխարէնը, ընտրեց Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանել։ Երբ Յիսուս գիտցաւ Եհովայի նպատակին մէջ իր դերին մասին, ընտրեց իր նշանակումը ընդունիլ (Յովհ. 6։38)։ Ան գիտէր, որ շատերու կողմէ ատուած պիտի ըլլար, եւ այդ գաղափարը անկասկած ախորժելի չէր իրեն համար։ Այսուհանդերձ, ընտրեց Եհովային ենթարկուիլ։ Երբ Ք.Ե. 29–ին մկրտուեցաւ, իր կեանքին գլխաւոր նպատակը դարձաւ՝ ընել այն ինչ որ Եհովան իրմէ կը պահանջէր (Եբ. 10։5-7)։ Նոյնիսկ երբ տանջանքի ցիցին վրայ կը մեռնէր, ան բնաւ չտատամսեցաւ իր Հօր կամքը ընելու (Յովհ. 19։30)։ դ20.10 29 ¶12. 30 ¶15

Երեքշաբթի, մարտ 22

Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ (Եբ. 13։5)։

Տեղեա՞կ ես ժողովքիդ եղբայրներուն կամ քոյրերուն մասին, որոնք ջախջախուած կը զգան, քանի որ հիւանդ են կամ ուրիշ դժուար պարագաներէ կ’անցնին։ Կամ թերեւս սիրելի մը կորսնցուցած են մահուան պատճառաւ։ Եթէ իմանանք մէկու մը մասին, որ օգնութեան պէտք ունի, կրնանք Եհովայէն խնդրել, որ մեզի օգնէ որ կարենանք անոր ազնիւ խօսք մը ըսել կամ սիրալիր բան մը ընել։ Մեր խօսքերն ու գործերը կրնան այդ եղբօր կամ քրոջ համար ըլլալ այն քաջալերութիւնը, որուն այդ պահուն շա՜տ պէտք ունի (Ա. Պետ. 4։10)։ Մենք սիրտ կ’առնենք գիտնալով, որ Եհովան մեզի հետ է։ Ան մեզի կ’օգնէ Յիսուսին եւ հրեշտակներուն միջոցաւ։ Նաեւ եթէ իր նպատակին համաձայն է, կրնայ մեզի օգնել հեղինակաւոր անհատներու միջոցաւ։ Եւ ինչպէս մեզմէ շատեր փորձառաբար գիտեն, Եհովան իր սուրբ հոգին կը գործածէ իր ծառաներուն սրտերը մղելու, որ հաւատակիցներուն օգնութեան հասնին։ Անոր համար Պօղոս առաքեալին պէս, կրնա՛նք վստահութեամբ ըսել. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ» (Եբ. 13։6)։ դ20.11 17 ¶19-20

Չորեքշաբթի, մարտ 23

Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ (Եսա. 30։15)։

Առաքեալները ուղղակի փաստ ունէին, որ Եհովան իրենց հետ էր։ Ան իրենց տուած էր հրաշքներ ընելու կարողութիւնը (Գործք 5։12-16. 6։8)։ Մեր պարագան նոյնը չէ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ սիրալիրօրէն մեզ կը վստահեցնէ, որ երբ արդարութեան համար հալածուինք, ան մեզի կը հաճի եւ իր հոգին մեզի հետ է (Ա. Պետ. 3։14. 4։14)։ Ուստի, փոխանակ մտահոգուելու թէ ապագային ի՛նչ պիտի ընենք երբ խստօրէն հալածուինք, պէտք է հիմա մեր ամէն կարելին ընենք, որ մեր վստահութիւնը աւելցնենք, թէ Եհովան կրնա՛յ մեզի թիկունք կանգնիլ ու մեզ ազատել։ Պէտք է վստահինք Յիսուսի խոստումին. «Ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները»։ Ան այս երաշխիքը տուաւ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք» (Ղուկ. 21։12-19)։ Եւ բնաւ մի՛ մոռնար, որ Եհովան իր յիշողութեան մէջ կը պահէ ամենափոքր մանրամասնութիւնները իր ծառաներուն մասին, որոնք հաւատարմաբար կը մեռնին։ Եւ այդ գիտութեան հիման վրայ, իրենց յարութիւն պիտի տայ։ դ21.01 4 ¶12

Հինգշաբթի, մարտ 24

Յոյս ունիմ առ Աստուած. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն (Գործք 24։15)։

Պօղոս առաքեալ առաջին անհատը չէր, որ յարութեան հանդէպ իր յոյսը արտայայտեց։ Նահապետ Յոբ ալ նոյն յոյսը ունէր։ Ան վստահ էր, որ Աստուած զինք պիտի յիշէր եւ նորէն կեանքի պիտի բերէր (Յոբ 14։7-10, 12-15)։ ‘Մեռելներուն յարութիւնը’ քրիստոնէական բոլոր ուսուցումներուն «հիմ»ին մէկ մասն է (Եբ. 6։1, 2)։ Պօղոս յարութեան մասին կը քննարկէ Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխին մէջ։ Իր գրածը քաջալերած ըլլալու էր առաջին դարու քրիստոնեաները։ Այդ գլուխը կրնայ մեզ ալ քաջալերել եւ երկար ատենէ ի վեր մեր ունեցած յոյսը ամրապնդել։ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեզ կը վստահեցնէ, որ մեր մահացած սիրելիները յարութիւն պիտի առնեն։ Անիկա մաս կը կազմէր այն բարի լուրին, որ Պօղոս կորնթացիներուն տուաւ (Ա. Կոր. 15։1, 2)։ Ան ըսաւ, որ եթէ քրիստոնեան այդ յարութեան չհաւատար, իր հաւատքը պարապ պիտի ըլլար (Ա. Կոր. 15։17)։ դ20.12 2 ¶2-4

Ուրբաթ, մարտ 25

Պետրոս միտքը բերաւ Յիսուսին խօսքը. . . ու դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ (Մատ. 26։75)։

Ի՞նչը Պետրոս առաքեալին օգնեց որ ետ ոտքի ելլէ։ Ան յիշեց որ Յիսուս նախապէս աղօթած էր, որ իր հաւատքը չպակսի։ Եհովան այդ սրտագին աղօթքին պատասխանեց։ Ետքը, Յիսուս անձամբ Պետրոսին երեւցաւ, անկասկած զինք քաջալերելու համար (Ղուկ. 22։32. 24։33, 34. Ա. Կոր. 15։5)։ Եւ առաքեալներուն երեւցաւ, երբ անոնք ամբողջ գիշերը ձկնորսութիւն ըրած էին, բայց ձո՛ւկ մը չէին բռնած։ Այդ ատեն, Յիսուս Պետրոսին առիթ տուաւ, որ վստահեցնէ թէ զինք շա՜տ կը սիրէ։ Յիսուս իր սիրելի բարեկամին ներած էր, եւ իրեն աւելի գործ յանձնեց (Յովհ. 21։15-17)։ Պետրոսի հետ Յիսուսի վարուած կերպը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս շատ գթած է՝ ճիշդ իր Հօր պէս։ Ուստի, երբ սխալներ ընենք, պէտք չէ մտածենք, որ Եհովան բնա՛ւ մեզի պիտի չներէ։ Պէտք է մեր միտքը պահենք, որ Սատանան կ’ուզէ՛ որ այդպէս մտածենք։ Փոխարէնը, պէտք է ամէն ջանք թափենք, որ մենք մեզ,– եւ մեզի դէմ սխալողները,– դիտենք այն աչքով, որ մեր կարեկից եւ սիրալիր երկնաւոր Հայրը կը դիտէ (Սաղ. 103։13, 14)։ դ20.12 20-21 ¶17-19

Շաբաթ, մարտ 26

Վստահութիւն պիտի ունենամ (Սաղ. 27։3, ԱԾ)։

Կրնանք սորվիլ այն անհատներուն փորձառութիւններէն, որոնք չկրցան հանդարտ մնալ ու Եհովային վստահիլ։ Այդ գէշ օրինակները սերտելը մեզի պիտի օգնէ, որ չկրկնենք անոնց ըրած սխալները։ Օրինակ, Ասա թագաւորը իր իշխանութեան սկիզբը Եհովային դիմեց, երբ խնդիրներու առջեւ գտնուեցաւ։ Բայց ետքը, օգնութեան համար Եհովայի չապաւինեցաւ, հապա նախընտրեց իր խնդիրները անձամբ լուծել (Բ. Մն. 16։1-3, 12)։ Ասորիներու օգնութեան դիմելու Ասայի ծրագիրը թերեւս շատ գործնական երեւցաւ։ Բայց կարճատեւ յաջողութիւն ունեցաւ։ Եհովան մարգարէի մը միջոցաւ իրեն ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ» (Բ. Մն. 16։7)։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ չմտածենք թէ մեր խնդիրները կրնանք անձամբ լուծել, առանց Եհովայի ուղղութիւնը խնդրելու Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Նոյնիսկ երբ արագօրէն որոշում պէտք է առնենք, պէտք է հանդարտօրէն Եհովայի ապաւինինք, եւ ան մեզի պիտի օգնէ ճիշդ որոշումը առնելու։ դ21.01 6 ¶13-15

Կիրակի, մարտ 27

Այսուհետեւ պիտի չանօթենան (Յայտ. 7։16)։

Ճիշդ հիմա, Եհովայի ժողովուրդէն ոմանք անօթի են, քանի որ դրամ չունին ուտելիք գնելու, կամ ալ քաղաքային խռովութեան եւ պատերազմի պատճառաւ։ Ուրիշներ իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են։ Բայց մեծ բազմութենէն եղողները շատ ուրախ են, որ այս աշխարհի կործանումէն վերապրելէ ետք, միշտ ֆիզիքական եւ հոգեւոր առատ սնունդ պիտի ունենան։ Երբ Եհովան Սատանայի չար աշխարհը կործանէ, մեծ բազմութիւնը պիտի պաշտպանուի այրող «տաքութեան» նմանող իր բարկութենէն, որ ազգերուն վրայ պիտի թափէ։ Մեծ նեղութիւնը վերջ գտնելէ ետք, Յիսուս երկրի վրայ ապրողները պիտի առաջնորդէ դէպի «կենդանի ջուրեր»ը, այսինքն իրենց պիտի օգնէ որ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն (Յայտ. 7։17)։ Պահ մը մտածէ. մեծ բազմութիւնը ի՜նչ հոյակապ յոյս ունի։ Երկրի վրայ ապրած միլիառաւոր մարդոց հետ բաղդատած, անոնք բնա՛ւ պիտի չմեռնին (Յովհ. 11։26)։ Ուրիշ ոչխարները հիանալի յոյս մը ունին, որուն համար շնորհակալ են Եհովայէն եւ Յիսուսէն։ դ21.01 17 ¶11-12

Երկուշաբթի, մարտ 28

Տէրը հաւատարիմ է. ան պիտի ամրացնէ ձեզ եւ պահէ (Բ. Թես. 3։3, ԱԾ)։

Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս կը մտածէր իր աշակերտներուն դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն մասին։ Իր բարեկամներուն հանդէպ իր սէրը զինք մղեց Եհովայէն խնդրելու, որ ‘զանոնք չարէն պահէ’ (Յովհ. 17։14, 15)։ Յիսուս գիտէր որ երկինք վերադառնալէն ետք, Բանսարկու Սատանան պիտի շարունակէր պատերազմիլ ոեւէ մէկուն դէմ, որ կ’ուզէր Եհովային ծառայել։ Յստակ է որ Եհովային ծառաները պաշտպանութեան պէտք պիտի ունենային։ Ներկայիս, որեւէ ժամանակէ աւելի, Եհովայի պաշտպանութեան պէտք ունինք։ Սատանան երկինքէն վռնտուած է եւ «շատ բարկացած է» (Յայտ. 12։12)։ Ան համոզած է ոմանք, որոնք մեզ կը հալածեն, որ իրենց ըրածով «Աստուծոյ պաշտամունք» կը մատուցանեն (Յովհ. 16։2)։ Ուրիշներ, որոնք Աստուծոյ չեն հաւատար, մեզ կը հալածեն, քանի որ այս աշխարհի կաղապարով չենք կաղապարուիր։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, մենք չենք վախնար։ Ինչո՞ւ։ Այս օրուան համարը կը պատասխանէ։ դ21.03 26 ¶1, 3

Երեքշաբթի, մարտ 29

[Ո՛չ մէկ բան] կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է (Հռով. 8։39)։

Եհովան ամէն բան սէրէ մղուած կ’ընէ։ Ան սիրայօժար կերպով մեր բոլոր պէտքերը կը հոգայ։ Եւ սէրէ մղուած՝ Եհովան փրկանքի կարգադրութիւնը ըրաւ մեզի համար։ Իսկ Յիսուս մեզ այնքա՜ն կը սիրէ, որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար (Յովհ. 3։16. 15։13)։ Բա՛ն մը չի կրնար արգիլել, որ Եհովան եւ Յիսուսը սիրեն իրենց հաւատարիմ եղողները (Յովհ. 13։1. Հռով. 8։35)։ Նմանապէս, ամէն ինչ որ ընտանիքի գլուխը կ’ընէ, սէրէ մղուած պէտք է ընէ։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Յովհաննէս առաքեալ կը պատասխանէ. «Ան որ իր եղբայրը [կամ ընտանիքը] չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։11, 20)։ Ուրեմն, տղամարդ մը, որ իր ընտանիքը կը սիրէ եւ կ’ուզէ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել, պէտք է հոգայ իր ընտանիքին հոգեւոր, զգացական եւ նիւթական պէտքերը (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ան իր պզտիկները պէտք է մարզէ եւ կրթէ։ Եւ ան շարունակ պէտք է սորվի այնպիսի որոշումներ առնել, որոնք Եհովան կը պատուեն եւ իր ընտանիքին օգտին համար են։ դ21.02 5 ¶12-13

Չորեքշաբթի, մարտ 30

Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ (Սաղ. 55։22)։

Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը գիտէ, թէ մեր անցեալի փորձառութիւնները եւ ժխտական մտածելակերպը ի՛նչ ազդեցութիւն ձգած են մեր վրայ։ Ան նաեւ մեր սիրտին մէջ կը տեսնէ լաւ յատկութիւններ, որոնք թերեւս մենք չտեսնենք (Ա. Յովհ. 3։19, 20)։ Մէկը, որ խորապէս արմատացած գէշ սովորութեան մը դէմ պայքար կը մղէ, կրնայ նոյն սխալը կրկնել եւ իր անձէն յուսախաբ ըլլալ։ Անշուշտ, բնական է որոշ չափով յանցաւոր զգալ, երբ մեղք կը գործենք (Բ. Կոր. 7։10)։ Սակայն պէտք չէ ծայրայեղութեան երթանք եւ մենք մեզ դատապարտենք, մտածելով. ‘Ամբողջովին ձախող մէկն եմ։ Եհովան բնա՛ւ ինծի պիտի չներէ’։ Այսպիսի ժխտական մտածում ճշմարտութեան դէմ է եւ կրնայ պատճառ դառնալ, որ չշարունակենք Եհովայի ծառայել։ Փոխարէնը, Եհովային աղօթէ եւ իր ներումը խնդրէ (Եսա. 1։18)։ Անկեղծ զղջումիդ հիման վրայ քեզի պիտի ներէ։ Ատկէ զատ, երէցներուն մօտեցիր։ Անոնք համբերութեամբ քեզի պիտի օգնեն, որ հոգեւորապէս կազդուրուիս (Յակ. 5։14, 15)։ դ20.12 23 ¶5-6

Հինգշաբթի, մարտ 31

[Յորդորէ] պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս (Ա. Տիմ. 5։2)։

Յիսուս կիները պատուեց։ Ան չհետեւեցաւ փարիսեցիներուն սովորութեան, որոնք կիները ցած աչքով կը դիտէին եւ նոյնիսկ հանրութեան մէջ անոնց հետ չէին խօսեր, ուր մնաց որ անոնց հետ Սուրբ Գրութիւնները քննարկէին։ Փոխարէնը, ան կիները պարփակեց իր աշակերտներուն հետ ունեցած խոր հոգեւոր քննարկութիւններուն մէջ (Ղուկ. 10։38, 39, 42)։ Ան նաեւ թոյլ տուաւ որ կիներ իրեն ընկերակցէին իր քարոզչական շրջագայութիւններուն ատեն (Ղուկ. 8։1-3)։ Եւ Յիսուս կիներուն տուաւ այն առանձնաշնորհումը, որ իր առաքեալներուն պատմեն թէ ինք յարութիւն առաւ (Յովհ. 20։16-18)։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ որ կիները կը յարգէր։ Օրինակ, ան Տիմոթէոսին յատկապէս յիշեցուց որ կիները պատուէ։ Ան ընդունեց որ սկիզբը Տիմոթէոսի մայրն ու մեծ մայրը իրեն Սուրբ Գրութիւնները սորվեցուցին (Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15)։ Պօղոս մասնաւորաբար բարեւներ ղրկեց քոյրերու, անոնց անունները նշելով հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ։ Ան ոչ միայն նկատեց քոյրերուն ըրած գործը, հապա՝ իրենց հանդէպ իր գնահատանքը արտայայտեց որպէս քրիստոնեայ ծառաներ (Հռով. 16։1-4, 6, 12. Փլպ. 4։3)։ դ21.02 15 ¶5-6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել