Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք22 էջ 37-46
  • Ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, ապրիլ 1
  • Շաբաթ, ապրիլ 2
  • Կիրակի, ապրիլ 3
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 4
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 5
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 6
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 7
  • Ուրբաթ, ապրիլ 8
  • Շաբաթ, ապրիլ 9
  • Կիրակի, ապրիլ 10
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 11
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 12
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 13
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 14
  • ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
    Արեւամուտէն ետք
    Ուրբաթ, ապրիլ 15
  • Շաբաթ, ապրիլ 16
  • Կիրակի, ապրիլ 17
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 18
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 19
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 20
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 21
  • Ուրբաթ, ապրիլ 22
  • Շաբաթ, ապրիլ 23
  • Կիրակի, ապրիլ 24
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 25
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 26
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 27
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 28
  • Ուրբաթ, ապրիլ 29
  • Շաբաթ, ապրիլ 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
աք22 էջ 37-46

Ապրիլ

Ուրբաթ, ապրիլ 1

Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք (Հռով. 15։4)։

Արդեօք դժուար պարագայէ մը կ’անցնի՞ս։ Թերեւս ժողովքին մէջ մէկը քեզ վիրաւորած է (Յակ. 3։2)։ Կամ թերեւս գործընկերներդ կամ դասընկերներդ քեզ կը ծաղրեն Եհովային ծառայելուդ համար (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Կամ թերեւս ընտանիքի անդամները կը փորձեն արգելք ըլլալ, որ ժողովներու երթաս կամ քարոզչութեան մասնակցիս (Մատ. 10։35, 36)։ Եթէ փորձութիւն մը շատ դժուար է, թերեւս մտածես յանձնուիլ։ Բայց կրնաս վստահ ըլլալ, որ ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենաս, Եհովան քեզի պիտի տայ իմաստութիւն՝ որ անոր հետ գլուխ ելլես, եւ զօրութիւն՝ որ անոր տոկաս։ Աստուածաշունչին մէջ, Եհովան պարփակած է մանրամասն նկարագրութիւններ, թէ ինչպէ՛ս անկատար անհատներ դժուար փորձութիւններու հետ գլուխ ելած են։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի անոնցմէ սորվինք, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ գրեց։ Այդ դէպքերը կարդալը կրնայ մեզ որոշ չափով մխիթարել եւ յոյս տալ։ Բայց որպէսզի օգտուինք, պէտք է պարզապէս կարդալէն աւելին ընենք։ Պէտք է թոյլ տանք որ Աստուածաշունչը մեր միտքը կաղապարէ եւ մեր սրտին դպչի։ դ21.03 14 ¶1-2

Շաբաթ, ապրիլ 2

Արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են (Յովհ. 4։35)։

Հնձուելու պատրաստ հատիկներ կը նկատե՞ս այն մարդիկը, որոնց կը քարոզես։ Եթէ այո, երեք արդիւնքներու պիտի հասնիս։ Առաջին, աւելի հրատապութեան զգացումով պիտի քարոզես, քանի որ հունձքի ժամանակը սահմանափակ է. ժամանակ չկայ վատնելու։ Երկրորդ, ամբողջ սրտով հունձքին մասնակցելով ուրախ պիտի ըլլաս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ‘հունձքի ատեն ուրախութիւն’ կ’ըլլայ (Եսա. 9։3)։ Եւ երրորդ, իւրաքանչիւր անձ հաւանական աշակերտ պիտի նկատես, եւ հետեւաբար մօտեցումդ պիտի յարմարցնես անոր հետաքրքրութիւններուն։ Յիսուս սամարացիներէն իր յոյսը չկտրեց, ինչ որ իր հետեւորդները թերեւս ըրին։ Փոխարէնը, զանոնք հաւանական աշակերտներ նկատեց։ Մենք ալ թաղամասի մարդիկը պէտք է Քրիստոսի հաւանական աշակերտներ նկատենք։ Ասոր մէջ, Պօղոս առաքեալ հոյակապ օրինակ եղաւ մեզի։ Ինչպէ՞ս։ Ան մարդոց հաւատալիքներուն մասին գաղափար ունէր, անոնց հետաքրքրութիւններուն ուշադիր եղաւ եւ զիրենք Յիսուսի հաւանական աշակերտներ նկատեց։ դ20.04 8-9 ¶3-4

Կիրակի, ապրիլ 3

Դժոխքն ու կորուստը Տէրոջը առջեւն են, ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սրտերը (Առ. 15։11)։

Փոխանակ ուրիշին ըրածները դատելու, ամէն ջանք ըրէ որ անոր զգացումները հասկնաս։ Միակ անձը, որ մեզ լիովին կը հասկնայ, Եհովան է։ Ուստի իրմէ խնդրէ, որ քեզի օգնէ ուրիշներուն մէջ տեսնելու այն ինչ որ ինք կը տեսնէ եւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կրնաս անոնց կարեկցիլ։ Չես կրնար ընտրել թէ ո՛ր եղբայրներն ու քոյրերը կարեկցութեանդ արժանի են։ Յովնանի, Եղիայի, Հագարի եւ Ղովտի նման, անոնք բոլորն ալ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Կարգ մը պարագաներու, ոմանք իրե՛նք իրենց վրայ խնդիրներ բերած են։ Սակայն իրականութիւնը այն է, որ բոլորս օրին մէկը այդպէս ըրած ենք։ Ուստի տրամաբանական է, որ Եհովան մեզմէ խնդրէ որ իրարու կարեկցինք (Ա. Պետ. 3։8)։ Երբ Եհովայի հնազանդինք, մեր յատուկ եւ այլազան համաշխարհային ընտանիքին միութիւնը կը զօրացնենք։ Ուստի, թող որ վճռենք մտիկ ընել, գիտնալ ու կարեկցիլ։ դ20.04 18-19 ¶15-17

Երկուշաբթի, ապրիլ 4

Քրիստոս ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք (Ա. Պետ. 2։21)։

Յիսուս Եհովային հնազանդելու մէջ կատարեալ օրինակ ձգեց։ Ուստի Եհովային հնազանդելու կարեւոր մէկ կերպն է՝ կարելի եղածին չափ սերտօրէն հետեւիլ Յիսուսի շաւիղներուն (Յովհ. 8։29)։ Որպէսզի շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել, պէտք է համոզուած ըլլանք որ Եհովան ճշմարտութեան Աստուած է, եւ հետեւաբար ի՛նչ որ Աստուածաշունչին մէջ կ’ըսէ՝ ճշմարիտ է։ Նաեւ պէտք է համոզուած ըլլանք, որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է։ Ներկայիս շատեր կը կասկածին, որ Յիսուս օծուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Յովհաննէս առաքեալ զգուշացուց, որ «շատ մոլորեցնողներ» կային, որոնք կրնային խաբել անոնք՝ որոնք չէին պատրաստուած Եհովայի եւ Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը պաշտպանելու (Բ. Յովհ. 7-11)։ Ան գրեց. «Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս՝ Քրիստոսն է» (Ա. Յովհ. 2։22)։ Չմոլորուելու միակ կերպը այն է, որ Աստուծոյ Խօսքը սերտենք։ Միայն այդպէս պիտի կարենանք Եհովան եւ Յիսուսը ճանչնալ (Յովհ. 17։3)։ Եւ միայն այն ատեն պիտի համոզուինք, որ ճշմարտութիւնը ունինք։ դ20.07 21 ¶4-5

Երեքշաբթի, ապրիլ 5

Որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր (Հռով. 14։13)։

Կերպ մը, որով կրնանք մեզի հետ վազողներուն «գայթակղութիւն» կամ խոչընդոտ չըլլալ, այն է՝ որ իրենց նախասիրութիւններուն տեղի տանք երբոր կարելի է, փոխանակ մեր իրաւունքները պնդելու (Հռով. 14։19-21. Ա. Կոր. 8։9, 13)։ Այս կարեւոր կերպով մենք տարբեր ենք բառացի վազորդներէն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ջանայ, որ միայն ինք մրցանակը շահի։ Անոնք գլխաւորաբար իրե՛նց շահերը կը փնտռեն։ Ուստի, թերեւս միւս վազորդները հրեն, որպէսզի իրենք առջեւ անցնին։ Անոնց հակառակը, մենք իրարու դէմ չենք մրցիր (Գաղ. 5։26. 6։4)։ Մեր նպատակն է՝ կարելի եղածին չափ շատերու օգնել, որ մեզի հետ աւարտագիծը կտրեն եւ կեանքի մրցանակը շահին։ Ուստի կը ջանանք ներշնչեալ խրատը գործադրել, որ ‘միայն մեր անձերուն շահը չփնտռենք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ’ (Փլպ. 2։4)։ Մեր մասնակցած մրցավազքին մէջ, Եհովան իր ծառաներուն ազնուօրէն կ’երաշխաւորէ վարձատրութիւն մը, որ է՝ յաւիտենական կեանք կա՛մ երկինքի մէջ եւ կամ դրախտային երկրի վրայ։ դ20.04 28 ¶10. 29 ¶12

Չորեքշաբթի, ապրիլ 6

Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները (Յայտ. 7։14)։

Միլիոնաւոր քրիստոնեայ տղամարդիկ եւ կիներ մեծ նեղութենէն պիտի վերապրին դէպի նոր աշխարհը։ Անոնք ականատես պիտի ըլլան մահուան վրայ տարուած ուրիշ յաղթանակի մը. միլիառաւոր մարդոց յարութիւնը։ Միայն պատկերացո՛ւր այն ուրախութիւնը, որ պիտի տիրէ երբ այդ սքանչելի դէպքը պատահի (Գործք 24։15)։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք ամբողջովին Եհովային հաւատարիմ գտնուին, նոյնիսկ ժառանգուած մահուան վրայ յաղթանակ պիտի տանին։ Անոնք պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ։ Հիմա ապրող իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է շնորհակալ ըլլայ յարութեան մասին այն ամրապնդիչ խօսքերուն համար, որ Պօղոս գրեց կորնթացիներուն։ Ամէն պատճառ ունինք ցոյց տալու, թէ կ’ընդունինք Պօղոսին յորդորը, որ հիմա լիովին զբաղած ըլլանք «Տէրոջը գործին մէջ» (Ա. Կոր. 15։58)։ Եթէ հաւատարմօրէն եւ ժրաջանօրէն այդ գործին կը մասնակցինք, ուրախ ապագայի հեռանկարը պիտի ունենանք։ Այդ ապագան մեր երեւակայածէն շա՜տ աւելի սքանչելի պիտի ըլլայ, փաստելով որ մեր ջանքերը «Տէրոջը գործին մէջ» պարապի չէին։ դ20.12 13 ¶16-17

Հինգշաբթի, ապրիլ 7

Տեսայ. . . անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ (Յայտ. 19։19)։

Այնպէս կ’երեւի թէ Եզեկիէլ 38։10-23, Դանիէլ 2։43-45, 11։44–12։1 եւ Յայտնութիւն 16։13-16, 21–ը նոյն դէպքերը կը նկարագրեն։ Եթէ ասիկա ճիշդ է, հետեւեալ զարգացումները կրնանք ակնկալել։ Մեծ նեղութիւնը սկսելէն ժամանակ մը ետք, «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը կառավարութիւններու միութիւն մը պիտի կազմեն (Յայտ. 16։13, 14)։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’ (Եզեկ. 38։2)։ Աշխարհի կառավարութիւններու այդ միութիւնը Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակի եւ փորձէ զանոնք բոլորովին բնաջնջել։ Այս ժամանակին մասին խօսելով, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ որ խոշոր կարկուտներ տեղացին Աստուծոյ թշնամիներուն վրայ։ Այդ այլաբանական կարկուտը կրնայ ներկայացնել խիստ դատաստանական պատգամ մը, որ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի տայ։ Կրնայ ըլլալ որ այդ պատգամը Մագոգի Գոգը մղէ, որ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակի, զանոնք երկրի երեսէն ջնջելու նպատակով (Յայտ. 16։21)։ դ20.05 15 ¶13-14

Ուրբաթ, ապրիլ 8

Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն (Ղուկ. 11։13)։

Աստուծոյ գործօն ուժը նուէր մըն է, որ պէտք է գանձ սեպենք։ Սուրբ հոգին աւելի՛ կը գնահատենք, երբ կը խոկանք թէ մեր օրերուն ի՛նչ կ’իրագործէ։ Յիսուս երկինք համբառնալէ առաջ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Սուրբ հոգիին աջակցութեամբ, աշխարհի չորս կողմէն աւելի քան 8,6 միլիոն Եհովայի երկրպագուներ հաւաքուած են։ Նաեւ, հոգեւոր դրախտի մէջ ենք, քանի որ սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ, որ գեղեցիկ յատկութիւններ մշակենք, ինչպէս՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Ի՜նչ թանկարժէք նուէր մըն է սուրբ հոգին։ դ20.05 28 ¶10. 29 ¶13

Շաբաթ, ապրիլ 9

Մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ (Ա. Կոր. 15։21)։

Կարգ մը պատճառներով կրնանք ենթադրել, թէ անոնք՝ որոնք յարութիւն առնողները կը դիմաւորեն, պիտի կարենան իրենց սիրելիները ճանչնալ։ Օրինակ, տեղի ունեցած յարութիւններուն հիման վրայ, կ’ակնկալենք որ Եհովան պիտի վերստեղծէ անհատը, այնպէս մը, որ անոր երեւոյթը, խօսելակերպն ու մտածելակերպը ըլլան ինչ որ էին երբ մահացաւ։ Յիշէ թէ Յիսուս մահը նմանցուց քունի, եւ յարութիւնը՝ քունէն արթննալուն (Մատ. 9։18, 24. Յովհ. 11։11-13)։ Երբ անհատ մը քունէն կ’արթննայ, ան ունի այն նոյն երեւոյթը, անձնաւորութիւնը եւ յիշողութիւնը, որ ունէր երբ քնացաւ։ Նկատի առ Ղազարոսին օրինակը։ Անոր մահուան վրայ չորս օր անցած էր, ինչ որ կը նշանակէ թէ իր մարմինը սկսած էր փտիլ։ Այսուհանդերձ, երբ Յիսուս զինք յարուցանեց, Մարիամն ու Մարթան անմիջապէս զինք ճանչցան, եւ բացայայտ է որ Ղազարոսն ալ զիրենք ճանչցաւ (Յովհ. 11։38-44. 12։1, 2)։ դ20.08 14 ¶3. 16 ¶8

Կիրակի, ապրիլ 10

Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին (Յայտ. 7։10)։

Օծեալները Աստուծոյ աչքին աւելի արժէքաւոր չեն՝ քան ուրիշ ոչխարները։ Ան երկու խումբերը նոյնչափ կը սիրէ։ Ի վերջոյ, ան օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները գնելու համար, նոյն գինը վճարեց. իր սիրելի Որդիին կեանքը։ Երկու խումբերուն միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ անոնք տարբեր յոյսեր ունին։ Երկուքն ալ պէտք է Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հաւատարիմ մնան (Սաղ. 31։23)։ Եւ յիշէ որ Եհովան իւրաքանչիւր անհատի,– ըլլայ օծեալ կամ ուրիշ ոչխար,– կու տայ ա՛յնքան սուրբ հոգի, ո՛րքան ան պէտք ունի։ Եհովան ապագային նկատմամբ հոյակապ յոյս մը տուած է իր իւրաքանչիւր նուիրուած ծառային (Եր. 29։11)։ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը յատուկ առիթ մըն է, որուն ընթացքին մեզմէ ամէն մէկը կրնայ փառաբանել Աստուած եւ Քրիստոս՝ իրենց ամէն ըրածին համար, որպէսզի մենք անվերջ կեանք մը վայելենք։ Յիշատակատօնը անկասկած ամէնէն կարեւոր առիթն է, որուն համար ճշմարիտ քրիստոնեաները կը հաւաքուին։ դ21.01 18 ¶16. 19 ¶19

Երկուշաբթի, ապրիլ 11

Ասիկա ըրէք (Ա. Կոր. 11։25)։

Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն մեծամասնութիւնը երկրի վրայ ապրելու յոյսը ունի։ Ուրեմն, ինչո՞ւ ներկայ կը գտնուին։ Այն նոյն պատճառով որ մարդիկ բարեկամի մը հարսանիքին ներկայ կը գտնուին. անոնք կ’ուզեն ամուսնացող զոյգին ցոյց տալ, որ զիրենք կը սիրեն եւ իրենց թիկունք կը կանգնին։ Նոյնպէս, ուրիշ ոչխարները Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան, որպէսզի ցոյց տան թէ Քրիստոսը եւ օծեալները կը սիրեն ու անոնց թիկունք կը կանգնին։ Ինչպէս նաեւ կ’ուզեն ցոյց տալ, թէ կը գնահատեն Յիսուսի զոհը, որ կարելի կը դարձնէ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլը։ Նաեւ, կ’ուզեն հնազանդիլ Յիսուսի պատուէրին։ Երբ Յիսուս այս յատուկ ընթրիքը հաստատեց, իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ա. Կոր. 11։23-26)։ Ուստի, կը շարունակեն Տէրունական ընթրիքին ներկայ գտնուիլ այնքան ատեն որ երկրի վրայ տակաւին օծեալ քրիստոնեաներ կան։ դ21.01 17-18 ¶13-14

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Յովհաննէս 12։12-19. Մարկոս 11։1-11

Երեքշաբթի, ապրիլ 12

Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք (Ա. Յովհ. 4։9)։

Սէրը իսկական կ’ըլլայ, երբ գործերով կը փաստուի (համեմատէ՛ Յակոբոս 2։17, 26)։ Օրինակ մը առնենք։ Եհովան մեզ կը սիրէ (Ա. Յովհ. 4։19)։ Եւ իր սէրը կ’արտայայտէ Աստուածաշունչին մէջ գրուած գեղեցիկ խօսքերով (Սաղ. 25։10. Հռով. 8։38, 39)։ Բայց նաեւ իր ըրածներուն շնորհիւ համոզուած ենք, որ մեզ կը սիրէ։ Եհովան թոյլ տուաւ, որ իր սիրելի Որդին չարչարուի եւ մեռնի մեզի համար (Յովհ. 3։16)։ Որեւէ կասկած կրնա՞յ ըլլալ, որ Եհովան մեզ իրապէս կը սիրէ։ Մենք կը փաստենք, որ Եհովան ու Յիսուսը կը սիրենք, երբ իրենց հնազանդինք (Յովհ. 14։15. Ա. Յովհ. 5։3)։ Եւ Յիսուս մասնաւորաբար պատուիրեց, որ իրար սիրենք (Յովհ. 13։34, 35)։ Պէտք է մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը արտայայտենք ոչ միայն խօսքերով, հապա նաեւ գործերով (Ա. Յովհ. 3։18)։ դ21.01 9 ¶6. 10 ¶8

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 10–ի դէպքերը) Յովհաննէս 12։20-50

Չորեքշաբթի, ապրիլ 13

Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի (Յովհ. 15։15)։

Օծեալները Յիսուսի հետ յաւիտեան ըլլալու յոյսը ունին, ծառայելով որպէս Թագաւորութեան ժառանգակիցներ։ Անոնք իրապէս Յիսուսի հետ պիտի ըլլան. զինք պիտի տեսնեն, իրեն հետ պիտի խօսին եւ իր ընկերակցութիւնը պիտի վայելեն (Յովհ. 14։2, 3)։ Երկրային յոյս ունեցողներն ալ Յիսուսի սէրն ու հոգատարութիւնը պիտի վայելեն։ Թէեւ Յիսուսը պիտի չտեսնեն, բայց անոր հետ իրենց կապը ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ, մինչ կը վայելեն այն կեանքը, որ Եհովան եւ Յիսուսը իրենց կարելի կը դարձնեն (Եսա. 9։6, 7)։ Երբ Յիսուսի բարեկամները ըլլալու հրաւէրը ընդունինք, բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելենք։ Օրինակ, հիմա իսկ իր սէրէն ու աջակցութենէն կ’օգտուինք։ Նաեւ, յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը կ’ունենանք։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ամենաթանկագին գանձը պիտի ստանանք, որ է՝ մտերիմ եւ անձնական փոխյարաբերութիւն Եհովայի հետ։ Իրապէս ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է Յիսուսի բարեկամները կոչուիլ։ դ20.04 25 ¶15-16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 11–ի դէպքերը) Ղուկաս 21։1-36

Հինգշաբթի, ապրիլ 14

Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան (Ա. Կոր. 15։22)։

Պօղոս առաքեալի նամակը ուղղուած էր Կորնթոսի մէջ ապրող օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք յարութիւն առնելով երկինք պիտի երթային։ Անոնք ‘Քրիստոս Յիսուսով սրբուած էին, սուրբեր ըլլալու կանչուած’։ Ան նաեւ նշեց «Քրիստոսով ննջողներ»ը (Ա. Կոր. 1։2. 15։18. Բ. Կոր. 5։17)։ Ուրիշ ներշնչեալ նամակի մը մէջ Պօղոս գրեց, թէ անոնք որոնք Յիսուսի հետ միացած են իր ‘մահուան նմանութիւնով’, իրեն հետ ալ միացած պիտի ըլլան ‘իր յարութեան նմանութիւնով’ (Հռով. 6։3-5)։ Յիսուս յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն արարած եւ երկինք գնաց։ Ուստի, Քրիստոսի օծեալ աշակերտներն ալ նոյն կերպով պիտի յարուցանուին։ Պօղոս գրեց, որ Քրիստոս յարութիւն առաւ որպէս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղը» (Ա. Կոր. 15։20)։ Յիսուս առաջինն էր, որ յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն արարած եւ յաւիտենական կեանք ստացաւ։ դ20.12 5-6 ¶15-16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։1-5, 14-16. Ղուկաս 22։1-6

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
Արեւամուտէն ետք
Ուրբաթ, ապրիլ 15

Յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք (Ա. Թես. 4։16)։

Օծեալ քրիստոնեաները, որոնք ներկայիս իրենց երկրային ընթացքը կ’աւարտեն, անմիջապէս երկնային յարութիւն կ’առնեն։ Ասիկա կը հաստատուի Պօղոս առաքեալին ըսածով, որ արձանագրուած է Ա. Կորնթացիս 15։51, 52–ի մէջ։ Յարութիւն առնելէ ետք, Քրիստոսի այս եղբայրները մեծապէս պիտի ուրախանան։ Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ օծեալները ի՛նչ պիտի ընեն երկինքին մէջ, երբ փոխուին «աչք գոցել բանալու մէջ», այսինքն՝ երբ անմիջապէս յարութիւն առնեն։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին. ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի» (Յայտ. 2։26-28)։ դ20.12 12 ¶14-15

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։17-19. Մարկոս 14։12-16. Ղուկաս 22։7-13 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Յովհաննէս 13։1-5. 14։1-3

Շաբաթ, ապրիլ 16

Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է (Ա. Կոր. 15։20)։

Յիսուսը «առաջին պտուղը» կոչելով, Պօղոս առաքեալ ըսել ուզեց, որ իրմէ ետք ուրիշներ ալ յարութիւն պիտի առնէին երկինքի մէջ ապրելու համար։ Որոշուած ժամանակին, առաքեալները եւ ուրիշ օծեալ աշակերտներ Յիսուսի յարութեան պէս յարութիւն պիտի ունենային։ Պօղոս Կորնթոսի քրիստոնեաներուն գրած ատեն, Քրիստոսի օծեալ աշակերտները տակաւին չէին սկսած երկնային յարութիւն առնել։ Պօղոս ապագայ ժամանակի մը ակնարկեց, ըսելով. «Ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը [«ներկայութեան ընթացքին», ՆԱ]» (Ա. Կոր. 15։23. Ա. Թես. 4։14, 15)։ Ներկայիս կ’ապրինք Քրիստոսի մարգարէացուած «ներկայութեան» ընթացքին։ Առաքեալները եւ ուրիշ օծեալ քրիստոնեաներ երբ մեռնէին, պէտք էր այդ ներկայութեան սպասէին, որպէսզի իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանային եւ ‘Յիսուսի հետ միանային իր յարութեան նմանութիւնով’ (Հռով. 6։5)։ դ20.12 5 ¶12. 6 ¶16-17

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Յովհաննէս 19։1-42

Կիրակի, ապրիլ 17

Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ (Ա. Կոր. 15։42)։

Պօղոս առաքեալ կ’ակնարկէր մէկու մը, որ յարութիւն կ’առնէ երկնային մարմինով, այսինքն՝ «հոգեւոր մարմին»ով (Ա. Կոր. 15։43, 44)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ֆիզիքական մարմին ունէր։ Բայց երբ յարութիւն առաւ, «կենդանարար հոգի» եղաւ եւ երկինք վերադարձաւ։ Նմանապէս, օծեալ քրիստոնեաները յարութիւն պիտի առնեն որպէս հոգեղէն արարածներ։ Պօղոս բացատրեց. «Ինչպէս հողեղէնին կերպարանքը հագեր ենք, երկնաւորին կերպարանքն ալ պիտի հագնինք» (Ա. Կոր. 15։45-49)։ Նկատէ որ Յիսուս մարդկային մարմինով յարութիւն չառաւ։ Պօղոս պատճառը բացատրեց. «Մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել» (Ա. Կոր. 15։50)։ Առաքեալները եւ ուրիշ օծեալներ երկնային յարութիւն պիտի չառնէին միսէ եւ արիւնէ բաղկացած մարմիններով, որոնք կրնան ապականիլ։ դ20.12 10-11 ¶10-12

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Յովհաննէս 20։1

Երկուշաբթի, ապրիլ 18

Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ (Ա. Կոր. 15։55)։

Առաջին դարուն, Աստուած Յիսուսի կարգ մը աշակերտները ներշնչեց, որ երկնային յոյսին մասին գրեն։ Յովհաննէս առաքեալ բացատրեց. «Հիմա մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ անիկա յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլանք» (Ա. Յովհ. 3։2)։ Ուստի օծեալ քրիստոնեաները չեն գիտեր, թէ երկինքին մէջ հոգեղէն մարմինով ապրիլը ի՛նչ տեսակ կեանք է։ Սակայն անոնք Եհովան պիտի տեսնեն, երբ իրենց վարձատրութիւնը առնեն։ Աստուածաշունչը երկնային յարութեան նկատմամբ կարգ մը տեղեկութիւններ կու տայ։ Օծեալները Քրիստոսին հետ պիտի ըլլան, երբ ան «խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն», մէջը ըլլալով ‘վերջին թշնամին՝ մահը’։ Ի վերջոյ, Յիսուս եւ իր իշխանակիցները Եհովային պիտի հնազանդին ու իրեն հնազանդեցնեն ամէն բան (Ա. Կոր. 15։24-28)։ Ատիկա հրաշալի՜ ժամանակ պիտի ըլլայ։ դ20.12 8 ¶2

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Յովհաննէս 20։2-18

Երեքշաբթի, ապրիլ 19

Յոյս ունիմ. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն (Գործք 24։15)։

Այն հաւատարիմ քրիստոնեաները, որոնք Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ ապրելու յոյսը չունին, յարութեան յոյսը ունին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Պօղոս առաքեալ եւ ուրիշներ, որոնք երկինք կ’երթան, «մեռելներուն [«կանուխ», ՆԱ] յարութեանը» կ’արժանանան (Փլպ. 3։11)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ուրիշ յարութիւն մըն ալ անոր պիտի յաջորդէ, ինչ որ ներդաշնակ է Յոբի ըսածին հետ իր ապագային մասին (Յոբ 14։15)։ «Քրիստոսինները՝ իր ներկայութեան ընթացքին» երկինքի մէջ իրեն հետ պիտի ըլլան, երբ ան խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ Նոյնիսկ ‘վերջին թշնամին՝ մահը’ պիտի խափանուի։ Անշուշտ, բոլոր երկնային յարութիւն առնողները բնա՛ւ պիտի չմեռնին (Ա. Կոր. 15։23-26)։ Երկնային յոյս չունեցողները կրնան յոյս առնել Պօղոսի խօսքէն, որ նշուած է այս օրուան համարին մէջ։ Յստակ է որ մեղաւոր մը չի կրնար երկինք մտնել, ուստի այդ խօսքը կ’ակնարկէ ապագայ յարութեան երկրի վրայ։ դ20.12 6-7 ¶18-19

Չորեքշաբթի, ապրիլ 20

Քրիստոս. . . զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց (Գաղ. 2։20)։

Թերեւս հարց տանք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ Եհովան ինծի ներած է’։ Կերպով մը, այս հարցումը հարցնելը կու տայ պատասխանը։ Տասնամեակներ առաջ, Դիտարան–ը նշեց. «Թերեւս, մեր նախկին ապրելակերպին մէջ մեր կարծածէն շատ աւելի խոր կերպով դրոշմուած գէշ սովորութեան մը մէջ շատ անգամ իյնանք եւ սայթաքինք։ . . .Մի՛ եզրակացնէք որ աններելի մեղքը գործած էք։ Սատանան կ’ուզէ որ դուք ճիշդ այդպէս խորհիք։ Քանի որ դուք ձեզի դէմ վշտացած ու նեղացած էք, ինքնին ապացոյց մըն է որ շատ հեռու չէք գացած։ Բնաւ մի՛ ձանձրանաք խոնարհութեամբ ու անկեղծօրէն Աստուծոյ դիմելէ, իրմէ խնդրելով որ ձեզի ներէ, մաքրէ եւ օգնէ»։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեայ դառնալէ առաջ, կարգ մը լուրջ մեղքեր գործեց։ Ան կը յիշէր թէ ի՛նչ ըրած էր (Ա. Տիմ. 1։12-15)։ Բայց ան փրկանքը անձամբ իրեն տրուած նուէր նկատեց։ Այդպիսով, Պօղոս չափազանց յանցաւոր զգալու ծուղակին մէջ չինկաւ եւ կեդրոնացաւ Եհովային իր լաւագոյնը տալու վրայ։ դ20.11 27 ¶14. 29 ¶17

Հինգշաբթի, ապրիլ 21

Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի (Յակ. 1։5)։

Սատանան բազմաթիւ բաներ կը գործածէ, որպէսզի մեզ մղէ մեղքեր գործելու։ Ինչպէ՞ս կը հակազդենք։ Դիւրին է մտածել, թէ ատոնք այդքան ալ գէշ չեն։ Օրինակ, թերեւս պատճառաբանենք. ‘Ասիկա ընելով ես չեմ վտարուիր. ուստի շատ լուրջ բան մը չէ’։ Այս մտածումը մեծապէս թերի է։ Աւելի լաւ է որ մենք մեզի հետեւեալ հարցումները հարցնենք. ‘Արդեօք Սատանան կը ջանայ այս փորձութիւնը գործածել, որպէսզի սի՞րտս բաժնէ։ Եթէ սխալ ցանկութիւններուն տեղի տամ, Եհովայի անուան նախատինք պիտի բերե՞մ։ Այս արարքը զիս Աստուծոյ պիտի մօտեցնէ՞, թէ՞ անկէ պիտի հեռացնէ’։ Այսպիսի հարցումներու վրայ խոկա՛։ Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ, որպէսզի անոնց անկեղծօրէն պատասխանես, առանց ինքնախաբութեան։ Ասիկա ընելով իրապէս կը պաշտպանուիս։ Կրնաս հաստատօրէն փորձութիւնը մերժել, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ, երբ ըսաւ. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ» (Մատ. 4։10)։ Մի՛ մոռնար թէ բաժնուած սիրտ ունենալը նպաստաւոր բան մը չէ։ դ20.06 12-13 ¶16-17

Ուրբաթ, ապրիլ 22

Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ (Հռով. 12։3)։

Մենք խոնարհաբար Եհովայի չափանիշներուն կը հնազանդինք, գիտակցելով որ ան միշտ գիտէ, թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է (Եփ. 4։22-24)։ Խոնարհութիւնը մեզ կը մղէ, որ Եհովայի կամքը մեր կամքէն առաջ դնենք եւ ուրիշները մեզմէ բարձր նկատենք։ Եւ ասիկա կ’օգնէ, որ Եհովայի ու հաւատակիցներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք (Փլպ. 2։3)։ Սակայն, եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք ազդուիլ Սատանայի աշխարհին մէջ եղող հպարտ ու անձնասէր մարդոցմէն։ Այնպէս կ’երեւի, որ առաջին դարուն ոմանք այսպիսի վտանգի մէջ էին, քանի որ Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներուն գրեց. «Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ»։ Պօղոս գիտակից էր, որ մեր մասին որոշ բան մը պէտք է մտածենք։ Սակայն խոնարհութիւնը պիտի օգնէ, որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշիռ տեսակէտ ունենանք եւ մեր մասին պէտք եղածէն աւելի չմտածենք։ դ20.07 2 ¶1-2

Շաբաթ, ապրիլ 23

Երկիրը հանգստութիւն կը վայելէր ու անոր հետ պատերազմ ընող չկար (Բ. Մն. 14։6)։

Ասա թագաւորին օրերուն, ի վերջոյ խաղաղութեան ժամանակը վերջ գտաւ։ Եթովպիայէն եկաւ հսկայ բանակ մը, որ մէկ միլիոն զինուոր ունէր։ Անոր հրամանատարը՝ Զարան, վստահ էր որ կրնար Յուդան պարտութեան մատնել։ Սակայն, Ասան վստահեցաւ ոչ թէ թիւերու, հապա Եհովա Աստուծոյ։ Ան աղօթեց. «Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք» (Բ. Մն. 14։11)։ Թէեւ եթովպական բանակը Ասայի բանակին կրկնապատիկն էր, բայց ան գիտէր որ Եհովան զօրաւոր է եւ կրնայ Իր ժողովուրդին օգնել։ Եւ Եհովան զինք յուսախաբ չըրաւ. եթովպական բանակը նուաստացուցիչ պարտութիւն կրեց (Բ. Մն. 14։8-13)։ Թէեւ չենք գիտեր թէ ապագային իւրաքանչիւրիս ի՛նչ պիտի պատահի, բայց գիտենք որ Աստուծոյ ժողովուրդին վայելած խաղաղութիւնը ժամանակաւոր է։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս առաջուընէ ըսաւ, թէ վերջին օրերուն, իր աշակերտները ‘բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլային’ (Մատ. 24։9)։ դ20.09 18 ¶14-16

Կիրակի, ապրիլ 24

Համաձայնած եմ. . . նախատինքներու (Բ. Կոր. 12։10)։

Մեզմէ մէ՛կը չի սիրեր նախատուիլ։ Սակայն եթէ մեր թշնամիները մեզ նախատեն եւ անոնց ըսածները մեզ շատ նեղացնեն, կրնանք վհատիլ (Առ. 24։10)։ Ուրեմն ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք հակառակորդներուն նախատինքները։ Պօղոս առաքեալին պէս, կրնանք ‘համաձայնիլ նախատինքներու’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ նախատինքը եւ հալածանքը ցոյց կու տան, որ մենք Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտներն ենք (Ա. Պետ. 4։14)։ Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի հալածուէին (Յովհ. 15։18-20)։ Այդպէս պատահեցաւ առաջին դարուն։ Յունական մշակոյթէն ազդուած մարդիկ քրիստոնեաները յիմար եւ տկար սեպեցին։ Իսկ հրէական շրջանակին մէջ, քրիստոնեաները նկատուեցան «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ», ինչպէս Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները (Գործք 4։13)։ Շատեր կը կարծէին որ քրիստոնեաները անզօր եւ անպաշտպան էին։ Անոնք քաղաքականութեան չէին խառնուեր, ուստի կառավարութեան վրայ ազդեցութիւն չունէին։ Եւ որովհետեւ կը մերժէին զինուոր ըլլալ, զինուորական ոյժ չունէին պատերազմ մղելու կամ ինքզինքնին պաշտպանելու։ Անոնք թոյլ տուի՞ն, որ իրենց հակառակորդներուն ժխտական տեսակէտները զիրենք կեցնեն։ Ո՛չ։ դ20.07 14-15 ¶3-4

Երկուշաբթի, ապրիլ 25

Մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած (Ա. Յովհ. 4։7)։

Յովհաննէս առաքեալ իր եղբայրները շատ սիրեց եւ ուզեց որ զօրաւոր հաւատք ունենան։ Իր երեք նամակներով անոնց տուած իր խրատները յստակօրէն կը յայտնեն իր սէրն ու հետաքրքրութիւնը։ Որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ, թէ այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք Յիսուսի հետ երկնքի մէջ պիտի իշխեն, Յովհաննէսին պէս սիրալիր ու հոգատար են (Ա. Յովհ. 2։27)։ Թող որ անոր տուած խրատները լուրջի առնենք։ Վճռէ ճշմարտութեան մէջ քալել, Եհովային հնազանդելով կեանքիդ բոլոր մարզերուն մէջ։ Իր Խօսքը սերտէ եւ ատոր վստահէ։ Յիսուսի հանդէպ զօրաւոր հաւատք կերտէ։ Մարդկային փիլիսոփայութիւնները եւ հաւատուրացներուն գաղափարները մերժէ։ Կրկնակի կեանք վարելու եւ մեղքին տեղի տալու ճնշումին դէմ դիր։ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրէ։ Ասկէ զատ, օգնենք մեր եղբայրներուն, որ զօրաւոր մնան՝ ներելով անոնց, որոնք մեզ կը վիրաւորեն, եւ ձեռք տալով անոնց, որոնք օգնութեան պէտք ունին։ Այսպէս, հակառակ մեր առջեւ եղող արգելքներուն, պիտի շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել։ դ20.07 24-25 ¶15-17

Երեքշաբթի, ապրիլ 26

Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց (Ա. Կոր. 12։18)։

Եհովան սիրով իր իւրաքանչիւր հաւատարիմ ծառային տեղ տուած է իր ժողովքին մէջ։ Թէեւ մեր դերերը տարբեր են, բայց բոլո՛րս արժէքաւոր ենք եւ իրարու պէտք ունինք։ Պօղոս առաքեալ շեշտեց, որ մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ Եհովայի ուրիշ ծառայի ըսել. «Դուն ինծի պէտք չես» (Ա. Կոր. 12։21)։ Եթէ կ’ուզենք որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, պէտք է իրար արժեւորենք եւ իրարու հետ համագործակցինք (Եփ. 4։16)։ Երբ միութեամբ իրարու հետ աշխատինք, ամէն անհատ սիրուած պիտի զգայ եւ ժողովքը զօրաւոր պիտի ըլլայ։ Ժողովքի բոլոր երէցները Եհովայի սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են։ Սակայն անոնցմէ ամէն մէկը տարբեր պարգեւներ ու կարողութիւններ ունի (Ա. Կոր. 12։17)։ Թերեւս ոմանք նոր նշանակուած են եւ շատ փորձառութիւն չունին։ Ուրիշներ թերեւս շատ բան չեն կրնար ընել՝ իրենց յառաջացած տարիքին եւ առողջապահական խնդիրներուն պատճառաւ։ Այսուհանդերձ, երէցներէն ո՛չ մէկը պէտք է միւսին ըսէ. «Դուն ինծի պէտք չես»։ Փոխարէնը, իւրաքանչիւր երէց պէտք է Հռովմայեցիս 12։10–ին մէջ գրուած Պօղոսի խրատին հետեւի։ դ20.08 26 ¶1-2. 27 ¶4

Չորեքշաբթի, ապրիլ 27

Այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի (Ա. Կոր. 7։31, ՆԱ)։

Եհովան կեանքի տանող ճամբուն մէջ մեզ կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութեան երկրային մասին միջոցաւ։ Անկասկած, յօժարաբար կը հետեւինք այն աստուածաշնչական ուղղութիւններուն, որ կը ստանանք վարդապետական կամ բարոյական հարցերու շուրջ։ Բայց ինչպէ՞ս կը հակազդենք, երբ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեր կեանքին ուրիշ երեսակներուն ազդող փոփոխութիւն մը կ’ընէ, ինչպէս՝ մեր գործածած Թագաւորութեան սրահը ծախել։ Ուրախ պիտի մնանք, եթէ յիշենք որ Եհովային համար կ’աշխատինք, եւ թէ ի՛նք կ’ուղղէ իր կազմակերպութիւնը (Կող. 3։23, 24)։ Դաւիթ թագաւոր լաւ օրինակ եղաւ, երբ տաճարի շինարարութեան համար դրամական նուիրատուութիւն ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Ո՞վ եմ ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք, քանզի ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք» (Ա. Մն. 29։14)։ Երբ նուիրատուութիւններ կ’ընենք, մենք ալ Եհովայի տուածներէն իրեն կու տանք։ Այսուհանդերձ, Եհովան շա՜տ կ’ուրախանայ, երբ մեր ժամանակով, կորովով եւ դրամով իր գործին թիկունք կը կանգնինք (Բ. Կոր. 9։7)։ դ20.11 22-23 ¶14-16

Հինգշաբթի, ապրիլ 28

Ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել (Ժող. 11։4)։

Քարոզչութեան մէջ մեր յաջողութիւնը չենք չափեր այն բանով, թէ քանի՛ հոգիի օգնած ենք որ Աստուծոյ կազմակերպութեան միանան (Ղուկ. 8։11-15)։ Այնքան ատեն որ կը շարունակենք բարի լուրը քարոզել եւ ուրիշներուն սորվեցնել, Եհովան մեզ յաջող կը նկատէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրեն եւ իր Որդիին հնազանդած կ’ըլլանք (Մար. 13։10. Գործք 5։28, 29)։ Մենք յաւելեալ մղում մը ունինք, որ հի՛մա քարոզենք. չար աշխարհին վերջը արագօրէն կը մօտենայ։ Այս փրկարար գործին մասնակցելու ժամանակը մեծապէս կարճցած է։ Մի՛ յետաձգեր, սպասելով կատարեալ պայմաններուն, որպէսզի այս կարեւոր գործունէութեան մասնակցիս։ Հի՛մա ջանա՛ քարոզելու փափաքդ զօրացնել, աստուածաշնչական գիտելիքներդ աւելցնել, քաջասիրտ ըլլալ եւ անձդ կրթել։ Միացիր աւելի քան ութ միլիոն անհատներու շարքին, որոնք մարդոց որսորդներ են, եւ պիտի շօշափես Եհովայի տուած ուրախութիւնը (Նէ. 8։10. Ղուկ. 5։10)։ Վճռէ այս գործին լիովին մասնակցիլ եւ անոր մէջ յարատեւել, մինչեւ որ Եհովան ըսէ թէ անիկա ամբողջացաւ։ դ20.09 7 ¶18-20

Ուրբաթ, ապրիլ 29

Քեզի տրուած աւանդը պահէ (Ա. Տիմ. 6։20)։

Պէտք չէ թոյլ տանք, որ աւելի նիւթական բաներ ունենալու փափաքը մեզ շեղեցնէ։ «Հարստութեան խաբէութիւնը» կրնայ խեղդել՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը, Աստուածաշունչին հանդէպ մեր գնահատանքը եւ զայն ուրիշներու հետ բաժնելու մեր փափաքը (Մատ. 13։22)։ Եթէ կ’ուզենք Եհովայի կողմէ մեզի վստահուած բաները պահպանել, պէտք է արագօրէն գործենք, երբ վտանգը տեսնենք։ Կրնանք նախապէս որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընենք, եթէ մեր առջեւ յանկարծ ելլեն՝ անբարոյ տեսարան մը, վայրագութիւն կամ հաւատուրացներու նիւթեր, մինչ կը գործածենք համացանցը կամ կը դիտենք ֆիլմ կամ հեռատեսիլի յայտագիր։ Եթէ պատահելիք բաներուն նախապատրաստուինք, կրնանք արագօրէն գործել, որ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանենք եւ անոր աչքին մաքուր մնանք (Սաղ. 101։3. Ա. Տիմ. 4։12)։ Պէտք է պահպանենք Եհովայի կողմէ մեզի տրուած արժէքաւոր բաները. աստուածաշնչական թանկագին ճշմարտութիւնները եւ զանոնք ուրիշներու սորվեցնելու առանձնաշնորհումը։ Այսպիսով, մաքուր խղճմտանք պիտի ունենանք, իմաստալից կեանք պիտի վարենք եւ Եհովան ուրիշներուն ճանչցնելու ուրախութիւնը պիտի վայելենք։ դ20.09 29-30 ¶16-19

Շաբաթ, ապրիլ 30

Քու աչքերդ Մեծ Ուսուցիչդ պիտի տեսնեն (Եսա. 30։20, ՆԱ)։

Մկրտուա՞ծ ես։ Եթէ այո, հանրապէս յայտարարած ես Եհովայի հանդէպ հաւատքդ եւ յօժար ըլլալդ, որ իր կազմակերպութեան հետ ծառայես։ Ներկայիս, Եհովան իր կազմակերպութիւնը այնպիսի կերպով կ’առաջնորդէ, որ կ’արտացոլէ իր անձնաւորութիւնը, նպատակը եւ չափանիշները։ Նկատէ Եհովայի անձնաւորութեան երեք երեսակներ, որոնք կ’երեւին իր կազմակերպութեան մէջ։ Առաջին, «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» (Գործք 10։34)։ Սէրը Եհովան մղեց, որ իր Որդին «ամենուն տեղ փրկանք» տայ (Ա. Տիմ. 2։6. Յովհ. 3։16)։ Ան իր ժողովուրդը կը գործածէ, որ բարի լուրը քարոզեն բոլոր մարդոց, այսպիսով կարելի եղածին չափ շատերու օգնելով, որ փրկանքէն օգտուին։ Երկրորդ, Եհովան կարգապահութեան եւ խաղաղութեան Աստուած է (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Ուրեմն, պէտք է ակնկալենք, որ զինք պաշտողները իրեն ծառայեն որպէս կարգապահ եւ խաղաղ ժողովուրդ։ Երրորդ, Եհովան «Մեծ Ուսուցիչ»ն է (Եսա. 30։21)։ Անոր համար, իր կազմակերպութիւնը կը կեդրոնանայ իր ներշնչեալ Խօսքը սորվեցնելու վրայ, թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ հանրային ծառայութեան մէջ։ դ20.10 20 ¶1-3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել