Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք22 էջ 47-57
  • Մայիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մայիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, մայիս 1
  • Երկուշաբթի, մայիս 2
  • Երեքշաբթի, մայիս 3
  • Չորեքշաբթի, մայիս 4
  • Հինգշաբթի, մայիս 5
  • Ուրբաթ, մայիս 6
  • Շաբաթ, մայիս 7
  • Կիրակի, մայիս 8
  • Երկուշաբթի, մայիս 9
  • Երեքշաբթի, մայիս 10
  • Չորեքշաբթի, մայիս 11
  • Հինգշաբթի, մայիս 12
  • Ուրբաթ, մայիս 13
  • Շաբաթ, մայիս 14
  • Կիրակի, մայիս 15
  • Երկուշաբթի, մայիս 16
  • Երեքշաբթի, մայիս 17
  • Չորեքշաբթի, մայիս 18
  • Հինգշաբթի, մայիս 19
  • Ուրբաթ, մայիս 20
  • Շաբաթ, մայիս 21
  • Կիրակի, մայիս 22
  • Երկուշաբթի, մայիս 23
  • Երեքշաբթի, մայիս 24
  • Չորեքշաբթի, մայիս 25
  • Հինգշաբթի, մայիս 26
  • Ուրբաթ, մայիս 27
  • Շաբաթ, մայիս 28
  • Կիրակի, մայիս 29
  • Երկուշաբթի, մայիս 30
  • Երեքշաբթի, մայիս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
աք22 էջ 47-57

Մայիս

Կիրակի, մայիս 1

Անոնց հնազանդ էր (Ղուկ. 2։51)։

Երբ Յիսուս տղեկ էր, ընտրեց իր ծնողներուն հնազանդիլ։ Ան բնաւ իր ծնողներուն առաջնորդութիւնը չմերժեց, խորհելով թէ իրենցմէ աւելի գիտէր։ Յիսուս վստահաբար լուրջի առած էր իր պատասխանատուութիւնը որպէս անդրանիկ որդի։ Անկասկած, ան ծանր աշխատեցաւ, որ իր հայրագիրէն արհեստ սորվի, որպէսզի կարենայ իր ընտանիքին նիւթապէս աջակցիլ։ Հաւանաբար Յիսուսի ծնողները իրեն պատմած էին, թէ հրաշքով ծնաւ եւ թէ Աստուծոյ պատգամաբերները ի՛նչ ըսած էին իր մասին (Ղուկ. 2։8-19, 25-38)։ Յիսուսի համար իր գիտցածը բաւարար չէր. ան անձամբ սերտեց Սուրբ Գրութիւնները։ Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Աստուծոյ Խօսքի լաւ աշակերտ էր։ Քանի որ երբ տակաւին տղեկ էր, Երուսաղէմի մէջ ուսուցիչները «կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։46, 47)։ Այո, 12 տարեկան Յիսուսը արդէն ինքն իրեն փաստած էր, որ Եհովան իր Հայրն է (Ղուկ. 2։42, 43, 49)։ դ20.10 29-30 ¶13-14

Երկուշաբթի, մայիս 2

Քրիստոս. . . մեռելներէն յարութիւն առած է (Ա. Կոր. 15։12)։

Եթէ կը հաւատանք, որ Յիսուս յարութիւն առաւ, ուրեմն կրնանք հաւատալ, որ ուրիշներ ալ յարութիւն պիտի առնեն։ Պօղոս առաքեալ իր քննարկութեան սկիզբը երեք իրողութիւններ նշեց. 1) «Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ»։ 2) Ան «թաղուեցաւ»։ 3) Ան «յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ» (Ա. Կոր. 15։3, 4)։ Յիսուսի մեռնիլը, թաղուիլը եւ յարութիւն առնելը մեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունին։ Եսայի մարգարէն ըսաւ, որ Մեսիան ‘կենդանիներուն երկրէն պիտի կտրուէր’ եւ թէ ‘անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ պիտի դրուէր’։ Բայց ուրիշ բան մըն ալ պիտի պատահէր։ Եսային աւելցուց, որ Մեսիան ‘շատերու մեղքը պիտի վերցնէր’։ Յիսուս ասիկա ըրաւ, երբ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ (Եսա. 53։8, 9, 12. Մատ. 20։28. Հռով. 5։8, 9)։ Ուստի, Յիսուսի մեռնիլը, թաղուիլը եւ յարութիւն առնելը լաւ պատճառներ կու տան յուսալու, թէ մենք մեղքէն ու մահէն կրնանք ազատիլ, եւ թէ մեր մահացած սիրելիներուն հետ նորէն կրնանք ապրիլ։ դ20.12 2-3 ¶4-6. 5 ¶11

Երեքշաբթի, մայիս 3

Ես ալ նոյն վստահութիւնը ունիմ մարմնի վրայ։ Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմնի վրայ, ա՛լ աւելի ես (Փլպ. 3։4)։

Պօղոս առաքեալ յաճախ հրէական ժողովարաններու մէջ քարոզեց։ Օրինակ, Թեսաղոնիկէի ժողովարանին մէջ, «երեք շաբաթ օր խօսեցաւ [հրեաներուն] հետ գրքերէն» (Գործք 17։1, 2)։ Ան հաւանաբար ժողովարանին մէջ խօսելով հանգիստ կը զգար, քանի որ հրեայ էր (Գործք 26։4, 5)։ Ան հրեաները կը հասկնար, ուստի կրցաւ ինքնավստահութեամբ անոնց քարոզել (Փլպ. 3։5)։ Երբ հակառակորդները Պօղոսը ստիպեցին որ նա՛խ Թեսաղոնիկէէն եւ ետքը Բերիայէն փախչի, ան Աթէնք եկաւ։ Հոն եւս «ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց» (Գործք 17։17)։ Սակայն, այն մարդիկը, որոնց կը քարոզէր հրապարակներուն մէջ, տարբեր էին։ Անոնց մէջ կային փիլիսոփաներ եւ ուրիշ հեթանոսներ, որոնց համար Պօղոսի պատգամը «նոր վարդապետութիւն» էր։ Անոր համար իրեն ըսին. «Մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես» (Գործք 17։18-20)։ դ20.04 9 ¶5-6

Չորեքշաբթի, մայիս 4

Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ (Հռով. 7։21)։

Դուն քեզ մի՛ դատապարտեր, եթէ տկարութեան մը դէմ պայքար կը մղես։ Մի՛ մոռնար այս կէտը. որովհետեւ մեղաւոր ենք, բոլո՛րս Եհովայի շնորհքին պէտք ունինք, որ մեզի կու տայ փրկանքին միջոցաւ (Եփ. 1։7. Ա. Յովհ. 4։10)։ Եւ քաջալերութեան համար, կրնանք դիմել եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ մեր հոգեւոր ընտանիքին։ Երբ կ’ուզենք մեր սիրտը բանալ, անոնք կրնան մտիկ ընել եւ ըսել քաջալերական խօսքեր, որոնք մեզ կը թարմացնեն (Առ. 12։25. Ա. Թես. 5։14)։ Նիկերիոյ մէջ Ճոյ անունով քոյր մը, որ վհատութեան դէմ պայքարեցաւ, կ’ըսէ. «Ո՞ւր պիտի ըլլայի առանց եղբայրութեան օգնութեան։ Եղբայրներս ու քոյրերս փաստ մըն են, որ Եհովան աղօթքներուս կը պատասխանէ։ Նոյնիսկ անոնցմէ սորվեցայ, թէ ինչպէ՛ս ես կրնամ անտրամադիր եղողները քաջալերել»։ Բայց պէտք է յիշենք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը միշտ չեն կրնար գիտնալ, որ ե՛րբ քաջալերութեան պէտք ունինք։ Ուստի կրնայ պէտք ըլլալ, որ մենք նախաքայլը առնենք ու մօտենանք հասուն հաւատակիցի մը, որպէսզի օգնութիւն խնդրենք։ դ20.12 24 ¶7-8

Հինգշաբթի, մայիս 5

Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի (Յովհ. 15։15)։

Ընդհանրապէս մտերիմ բարեկամութիւն մը կերտելու առաջին քայլն է՝ անհատին հետ ժամանակ անցընել։ Մինչ իրարու հետ կը խօսիք, եւ գաղափարներ ու փորձառութիւններ կը փոխանակէք, բարեկամներ կը դառնաք։ Սակայն Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւն կերտելու նկատմամբ դժուարութիւններ կ’ունենանք։ Անոնցմէ մէկը այն է, որ անձամբ Յիսուսի չենք հանդիպած։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ առաջին դարուն նոյն դժուարութիւնը ունեցան։ Հակառակ ասոր, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «[Յիսուսը] չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր» (Ա. Պետ. 1։8)։ Ուստի, կարելի՛ է որ Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենանք առանց իրեն անձնապէս հանդիպելու։ Ուրիշ մէկ դժուարութիւնը այն է, որ չենք կրնար Յիսուսի հետ խօսիլ։ Երբ կ’աղօթենք, մեր մտքերը Եհովայի՛ կ’ուղղենք։ Ճիշդ է որ Յիսուսի անունով կ’աղօթենք, բայց իրեն հետ ուղղակիօրէն չենք խօսիր։ Եւ Յիսուս ինք չ’ուզեր, որ իրեն աղօթենք, քանի որ աղօթքը պաշտամունքի ձեւ է, եւ միայն Եհովան պէտք է պաշտուի (Մատ. 4։10)։ Բայց կրնանք Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ։ դ20.04 20 ¶1-3

Ուրբաթ, մայիս 6

Աստուած. . . ձեզ թող հաստատէ՛ ու զօրացնէ՛ (Ա. Պետ. 5։10)։

Յունական խաղերուն մէջ վազորդները պէտք էր յաղթահարէին դժուարութիւններ, ինչպէս՝ յոգնութիւնը եւ ցաւը։ Բայց միայն կրնային վստահիլ իրենց ստացած մարզումին եւ սեփական ուժին։ Մենք այդ վազորդներուն պէս, մարզում կը ստանանք թէ ինչպէս վազենք մրցավազքին մէջ։ Բայց առաւելութիւն մը ունինք. անսահման ուժի աղբիւրի մը կրնանք դիմել։ Եթէ Եհովայի ապաւինինք, ան կը խոստանայ ոչ միայն մեզ մարզել, հապա նաեւ զօրացնել։ Պօղոս առաքեալ բազմաթիւ դժուարութիւններու հետ գլուխ պէտք էր ելլէր։ Նախատինք ու հալածանք կրելէ զատ, երբեմն տկար զգաց եւ «մարմնի խայթոց մը» ունէր (Բ. Կոր. 12։7)։ Բայց փոխանակ այդ դժուարութիւններուն պատճառաւ Եհովայի ծառայելէ դադրելու, զանոնք նկատեց Եհովայի ապաւինելու առիթներ (Բ. Կոր. 12։9, 10)։ Որովհետեւ Պօղոս այս կեցուածքը ունէր, Եհովան իրեն օգնեց իր բոլոր դժուարութիւններուն մէջ։ դ20.04 29 ¶13-14

Շաբաթ, մայիս 7

Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ. . . Հայրը զանիկա չքաշէ (Յովհ. 6։44)։

Մենք ունինք չերեւցած գանձ մը, որ է՝ Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան երկնային մասին հետ աշխատիլ (Բ. Կոր. 6։1)։ Այս մէկը կ’ընենք, երբոր աշակերտելու գործին կը մասնակցինք։ Պօղոս առաքեալ իր մասին եւ միւս քարոզիչներուն մասին ըսաւ. «Մենք Աստուծոյ գործակից ենք» (Ա. Կոր. 3։9)։ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ բաժին բերելով, նաեւ Յիսուսի գործակից ենք։ Յիշէ որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրելէ ետք, որ աշակերտեն, ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ» (Մատ. 28։19, 20)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հրեշտակներուն մասին։ Ի՜նչ օրհնութիւն է, որ հրեշտակները մեզ կ’առաջնորդեն, մինչ ‘յաւիտենական աւետիսը կը քարոզենք անոնց, որոնք երկրի վրայ կը բնակին’ (Յայտ. 14։6)։ Երկնային աջակցութիւնը ունենալով, ի՞նչ կ’իրագործենք։ Մինչ Թագաւորութեան պատգամին սերմը կը ցանենք, կարգ մը սերմեր կ’իյնան ընդառաջող սրտերու մէջ եւ կ’աճին (Մատ. 13։18, 23)։ Ո՞վ պատճառ կը դառնայ, որ ճշմարտութեան այդ սերմերը աճին եւ պտուղ տան։ Յիսուս պատասխանը կու տայ այս օրուան համարին մէջ։ դ20.05 30 ¶14-15

Կիրակի, մայիս 8

Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը (Հռով. 12։2)։

Ներկայիս միլիոնաւոր ընտանիքներ բաժնուած են ամուսնալուծումի պատճառաւ։ Եւ նոյնիսկ ընտանիքներ, որոնք մէկ տանիքի տակ կ’ապրին, կրնան իրարու հանդէպ օտարի պէս ըլլալ։ Ընտանեկան խրատատու մը կ’ըսէ. «Մաման, պապան ու պզտիկները կապ չունին իրարու հետ, հապա կապուած են համակարգիչի պաստառին, թապլեթին, սմարթֆոնին կամ վիտէօ խաղերու։ Թէեւ այս ընտանիքները նոյն տունին մէջ կ’ապրին, բայց իրար հազիւ կը ճանչնան»։ Մենք չենք ուզեր այս աշխարհի շատ մը մարդոց պէս դառնալ, որոնք սէր չունին։ Փոխարէնը, կ’ուզենք գորով կամ գուրգուրանք զարգացնել ոչ միայն մեր ընտանիքի անդամներուն հանդէպ, հապա նաեւ՝ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ (Հռով. 12։10)։ Ի՞նչ է գուրգուրանքը։ Այս բառը կը նկարագրէ մտերիմ ընտանիքի անդամներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ բարեկամութիւնը։ Այս տեսակ սէր պէտք է զարգացնենք մեր հոգեւոր ընտանիքին՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, հանդէպ։ Երբ գուրգուրանք ցոյց տանք, միութիւն կ’ըլլայ, որ ճշմարիտ պաշտամունքի կարեւոր մէկ մասն է (Միք. 2։12)։ դ21.01 20 ¶1-2

Երկուշաբթի, մայիս 9

Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ (Սաղ. 86։11)։

Մարզական խումբ մը որ միացած է, չմիացած խումբէն աւելի հաւանականութիւն ունի որ մրցում մը շահի։ Սիրտդ կրնայ այդ յաջող խումբին պէս ըլլալ, եթէ մտածումներդ, ցանկութիւններդ եւ զգացումներդ միացած են ու Եհովայի չափանիշներուն հետ ներդաշնակ են։ Մի՛ մոռնար որ Սատանայի սրտին փափաքն է, որ սիրտդ բաժնէ։ Ան կ’ուզէ որ պայքար մը ծագի մտածումներուդ, ցանկութիւններուդ եւ զգացումներուդ միջեւ, եւ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն չընթանան։ Սակայն, սիրտդ պէտք է լման ըլլայ, որպէսզի կարենաս Եհովային ծառայել (Մատ. 22։36-38)։ Բնա՛ւ թոյլ մի՛ տար որ Սատանան սիրտդ բաժնէ։ Դաւիթին նման, Եհովայի աղօթէ. «Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։ Ամէն կարելիդ ըրէ, որ այդ աղօթքին համաձայն ապրիս։ Իւրաքանչիւր օր, վճռէ որ որոշումներդ, պզտիկ թէ մեծ, ցոյց տան թէ Եհովայի սուրբ անունը խորապէս կը յարգես։ Այսպէս ընելով, որպէս Եհովայի վկայ, այդ անուան պատիւ պիտի բերես (Առ. 27։11)։ Եւ բոլորս պիտի կարենանք ըսել ինչ որ Միքիա մարգարէն ըսաւ. «Մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միք. 4։5)։ դ20.06 13 ¶17-18

Երեքշաբթի, մայիս 10

Մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէս զի շատերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ (Դան. 11։44)։

Երբ հիւսիսի թագաւորը եւ միւս կառավարութիւնները այս յարձակումը գործեն, Ամենակալ Աստուածը պիտի զայրանայ եւ Արմագեդոն պատերազմը պիտի սկսի (Յայտ. 16։14, 16)։ Այն ատեն, հիւսիսի թագաւորը,– Մագոգի Գոգին մաս կազմող միւս կառավարութիւններուն հետ մէկտեղ,– «իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ» (Դան. 11։45)։ Յաջորդ համարը՝ Դանիէլ 12։1–ը, յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ, թէ հիւսիսի թագաւորը եւ իր դաշնակիցները ինչպէ՛ս իրենց վախճանին պիտի հասնին, եւ թէ մենք ինչպէ՛ս պիտի ազատինք։ Միքայէլը ուրիշ մէկ անունն է մեր իշխող Թագաւորին՝ Քրիստոս Յիսուսի։ Ան Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ ‘կանգնած է’ 1914–էն ի վեր, երբ իր Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ երկինքի մէջ։ Մօտ ապագային, ան «պիտի ելլէ», կամ գործի պիտի լծուի, Արմագեդոն պատերազմին։ Այդ պատերազմը պիտի եզրափակէ Դանիէլի նշած մեծագոյն «նեղութեան ժամանակ»ը ամբողջ պատմութեան մէջ (Յայտ. 6։2. 7։14)։ դ20.05 15-16 ¶15-17

Չորեքշաբթի, մայիս 11

Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին (Ծն. 39։1)։

Յովսէփ ստրուկ եղած ատեն եւ ետքը բանտարկուած ատեն, բան մը չէր կրնար ընել, որ իր պարագաները փոխէր։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ դրական մնայ։ Փոխանակ կեդրոնանալու այն բաներուն վրայ, որոնք այլեւս չէր կրնար ընել, ան աշխատասիրութեամբ իր լաւագոյնը ըրաւ իրեն տրուած գործը կատարելու։ Եւ Յովսէփի կեանքին մէջ Եհովան ամենակարեւոր Անձը մնաց։ Ուստի, Եհովան Յովսէփի ամէն ըրածը օրհնեց (Ծն. 39։21-23)։ Յովսէփի պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ այս աշխարհը անգութ է եւ թէ մարդիկ մեզի հետ անարդարութեամբ պիտի վարուին։ Նոյնիսկ հաւատակից մը կրնայ մեզ վիրաւորել։ Բայց եթէ Եհովան կը նկատենք որպէս մեր Վէմը, կամ Ապաւէնը, չափէ դուրս պիտի չվհատինք կամ պիտի չդադրինք իրեն ծառայելէ (Սաղ. 62։6, 7. Ա. Պետ. 5։10)։ Նաեւ յիշէ, թէ Եհովան Յովսէփին երազներ տուաւ, երբ ան թերեւս շուրջ 17 տարեկան էր։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ Եհովան իր պատանի ծառաներուն կը վստահի։ Ներկայիս, շատ մը պատանիներ Յովսէփին կը նմանին. իրենք ալ Եհովային կը հաւատան։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ անարդարօրէն բանտարկուած են, քանի որ մերժած են Եհովայի հնազանդելէ դադրիլ (Սաղ. 110։3)։ դ20.12 16 ¶3. 17 ¶5, 7

Հինգշաբթի, մայիս 12

Առաքեալները կանչելով ծեծեցին եւ պատուիրեցին որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին (Գործք 5։40)։

Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները պատիւ սեպեցին հալածուիլ՝ Յիսուսի հետեւելու եւ անոր ուսուցումները ուրիշներու սորվեցնելու համար (Գործք 4։18-21. 5։27-29, 41, 42)։ Աշակերտները ամօթ զգալու պատճառ չունէին։ Ի վերջոյ, անոնք մարդկութեան աւելի օգտեցին քան իրենց հակառակորդները։ Օրինակ, այդ քրիստոնեաներէն ոմանց գրած ներշնչեալ գիրքերը կը շարունակեն միլիոնաւորներու օգնել եւ յոյս տալ։ Եւ անոնց քարոզած Թագաւորութիւնը ոչ միայն հիմա գոյութիւն ունի, այլեւ շուտով ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ (Մատ. 24։14)։ Միւս կողմէ, Հռոմի զօրաւոր պետութիւնը, որ քրիստոնեաները կը հալածէր, գոյութիւն ունի միայն պատմութեան գիրքերուն մէջ։ Ասկէ զատ, այդ հաւատարիմ աշակերտները այժմ թագաւորներ են երկինքի մէջ, մինչդեռ անոնց հակառակորդները մեռած են, եւ նոյնիսկ եթէ օրին մէկը յարութիւն առնեն, հպատակները պիտի ըլլան այն Թագաւորութեան, որուն մասին իրենց ատելի քրիստոնեաները քարոզեցին (Յայտ. 5։10)։ դ20.07 15 ¶4

Ուրբաթ, մայիս 13

[Աբրահամ] կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է (Եբ. 11։10)։

Աբրահամ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ այնքա՛ն զօրաւոր հաւատք ունէր, որ կարծես կրնար տեսնել Օծեալը՝ կամ Մեսիան, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի ըլլար։ Ասոր համար է, որ Յիսուս կրցաւ իր ժամանակակից հրեաներուն ըսել. «Ձեր հայրը՝ Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ» (Յովհ. 8։56)։ Յստակ է որ Աբրահամ գիտէր, թէ իր սերունդէն ոմանք մաս պիտի կազմէին Թագաւորութեան մը, որ Եհովայի կողմէ պիտի հաստատուէր, եւ ինք պատրաստ էր սպասելու, որ Եհովան այդ խոստումը կատարէր։ Աբրահամ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ կը սպասէր այն քաղաքին՝ կամ Թագաւորութեան, որուն ճարտարապետը Աստուած է։ Ան որեւէ երկրային թագաւորութեան չպատկանեցաւ։ Ան վրանի մէջ բնակեցաւ, որեւէ տեղ չհաստատուեցաւ եւ ոեւէ մարդկային թագաւորի թիկունք չկանգնեցաւ։ Ասկէ զատ, չփորձեց անձնական թագաւորութիւն մը ունենալ։ Փոխարէնը, ան շարունակեց Եհովայի հնազանդիլ եւ սպասեց որ Եհովան իր խոստումը կատարէ։ Այսպէս, Աբրահամ Եհովայի հանդէպ բացառիկ հաւատք ցուցաբերեց։ դ20.08 3 ¶4-5

Շաբաթ, մայիս 14

Երբ մէկը կը մեռնի՝ ա՛լ ազատած է մեղքէն (Հռով. 6։7, ՆԹ)։

Եհովան կը խոստանայ, թէ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ներքեւ, ո՛չ մէկը պիտի ըսէ. «Հիւանդ եմ» (Եսա. 33։24)։ Ուրեմն, յարութիւն առնողները առողջ մարմիններ պիտի ունենան, բայց ո՛չ կատարեալ։ Այլապէս, իրենց սիրելիներուն կրնան անծանօթ թուիլ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Քրիստոսի իշխանութեան ընթացքին, ամբողջ մարդկութիւնը աստիճանաբար կատարեալ պիտի դառնայ։ Յիսուս հազար տարուան վերջաւորութեան է որ իր Հօր պիտի յանձնէ Թագաւորութիւնը։ Այն ատեն Թագաւորութիւնը լիովին իր գործը ամբողջացուցած պիտի ըլլայ, ներառեալ՝ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնելը (Ա. Կոր. 15։24-28. Յայտ. 20։1-3)։ Երեւակայէ թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմաւորես յարութիւն առնող սիրելիներդ։ Ուրախութիւնդ քեզ պիտի մղէ խնդալո՞ւ, թէ՞ լալու։ Պիտի մղուի՞ս երգերով Եհովան փառաբանել։ Մէկ բան ստոյգ է. խոր սէր պիտի ունենաս հոգածու Հօրդ եւ իր անձնուրաց Որդիին հանդէպ, որոնք յարութիւնը կարելի դարձուցին։ դ20.08 16-17 ¶9-10

Կիրակի, մայիս 15

Ամէն մէկը իր պարգեւը ունի Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս ու միւսը՝ այնպէս (Ա. Կոր. 7։7)։

Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց որ մտածեն, թէ արդեօք կրնա՞ն Եհովայի ծառայել որպէս ամուրիներ (Ա. Կոր. 7։8, 9)։ Յստակ է որ Պօղոս ամուրի քրիստոնեաներուն ցած աչքով չնայեցաւ։ Իրականութեան մէջ, ան ընտրեց երիտասարդ Տիմոթէոսը՝ ամուրի եղբայր մը, որ կարեւոր նշանակումներու հոգ տանէր (Փլպ. 2։19-22)։ Ուրեմն, սխալ է խորհիլ թէ եղբայր մը աւելի կամ նուազ որակեալ է, հիմնուելով միայն անոր ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալուն վրայ (Ա. Կոր. 7։32-35, 38)։ Ո՛չ Յիսուս, ոչ ալ Պօղոս սորվեցուցին որ քրիստոնեաները պէտք է ամուսնանան կամ պէտք է ամուրի մնան։ Ուստի, ի՞նչ կրնանք ըսել ամուսնութեան եւ ամուրիութեան մասին։ Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2012 թիւը (արաբ.) լաւ կերպով կը բացատրէ. «Թէ՛ ամուսնութիւնը եւ թէ ամուրիութիւնը կրնան Աստուծոյ կողմէ պարգեւ նկատուիլ։ . . .Եհովան չի սեպեր թէ ամուրիութիւնը պատճառ մըն է, որ անհատը ամօթ զգայ կամ տխրի»։ Ասոր ի տես, պէտք է յարգենք ամուրի եղբայրներուն ու քոյրերուն տեղը ժողովքին մէջ։ դ20.08 28 ¶8-9

Երկուշաբթի, մայիս 16

Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր. . . հապա միայն իմ Հայրս (Մատ. 24։36)։

Կարգ մը երկիրներու մէջ, երբ մարդիկ բարի լուրը կը լսեն, կ’ուզեն աւելին գիտնալ. կարծես ճիշդ ատոր կը սպասէին։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, մարդիկ շատ չեն հետաքրքրուած Աստուծմով կամ Աստուածաշունչով։ Քու ապրած շրջանիդ մէջ, մարդիկ ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը հակազդեն բարի լուրին։ Անոնց հակազդեցութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ շարունակենք քարոզել, մինչեւ որ ինք ըսէ թէ գործը ամբողջացած է։ Եհովայի որոշած ժամանակին, քարոզչութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի եւ «վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14)։ Յիսուս մարգարէացաւ վերջին օրերուն պատահելիք դէպքերու եւ պարագաներու մասին։ Ան գիտէր թէ անոնք կրնային իր հետեւորդները շեղել քարոզչութիւնը կատարելէ։ Ատոր համար իր աշակերտներուն ըսաւ, որ ‘արթուն կենան’ (Մատ. 24։42)։ Ներկայիս, մեզ կրնան շեղել այն նոյն բաները, որոնք Նոյի օրուան մարդիկը շեղեցին իր զգուշացումին ուշադրութիւն դարձնելէ (Մատ. 24։37-39. Բ. Պետ. 2։5)։ Ուստի կ’ուզենք կեդրոնացած մնալ Եհովայի կողմէ մեզի տրուած գործին վրայ։ դ20.09 8 ¶1-2. 9 ¶4

Երեքշաբթի, մայիս 17

Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն (Բ. Տիմ. 3։12)։

Սատանան «շատ բարկացած է», եւ անկարելի է որ իր բարկութենէն կերպով մը չազդուինք (Յայտ. 12։12)։ Մօտ ատենէն, բոլորիս ուղղամտութիւնը պիտի փորձուի։ Շուտով «այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ» (Մատ. 24։21)։ Այն ատեն ընտանիքի անդամները կրնան մեզի դէմ ելլել, իսկ մեր գործունէութիւնը կրնայ արգիլուիլ (Մատ. 10։35, 36)։ Ասա թագաւորին պէս, իւրաքանչիւրս Եհովայի պիտի ապաւինի՞նք օգնութեան ու պաշտպանութեան համար (Բ. Մն. 14։11)։ Եհովան մեզ հոգեւորապէս կը պատրաստէ գալիք բաներուն համար։ Ան «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կ’առաջնորդէ, որ «ատենին» սննդարար հոգեւոր կերակուր տայ, որպէսզի կարենանք մեր պաշտամունքին մէջ հաստատ մնալ (Մատ. 24։45)։ Բայց մենք պէտք է մեզի ինկած բաժինը ընենք եւ Եհովայի հանդէպ անխախտ հաւատք կերտենք (Եբ. 10։38, 39)։ դ20.09 18-19 ¶16-18

Չորեքշաբթի, մայիս 18

Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ (Առ. 21։1)։

Երբ իր նպատակին համաձայն է, Եհովան կրնայ իր զօրաւոր սուրբ հոգին գործածել, որպէսզի հեղինակաւոր անհատները մղէ իր ուզածը ընելու։ Մարդիկ կրնան անցք մը բանալ, որպէսզի վտակ մը ուղղեն դէպի իրենց ուզած կողմը։ Նոյնպէս Եհովան կրնայ իր հոգին գործածել, որպէսզի կառավարիչներուն ազդէ, որ ընեն այնպիսի բաներ, որոնք իր նպատակին ի նպաստ են։ Երբ Եհովան այդպէս կ’ընէ, հեղինակաւոր անհատները մղուած կը զգան որոշումներ առնելու, որոնք իր ժողովուրդին կ’օգտեն (համեմատէ՛ Եզրաս 7։21, 25, 26)։ Մենք ի՞նչ կրնանք ընել։ Կրնանք «թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար» աղօթել, երբ անոնք որոշումներ պիտի առնեն, որոնք մեր քրիստոնէական կեանքին եւ ծառայութեան կրնան ազդել (Ա. Տիմ. 2։1, 2. Նէ. 1։11)։ Նաեւ, առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, ջերմեռանդօրէն կ’աղօթենք բանտարկեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար (Գործք 12։5. Եբ. 13։3)։ դ20.11 15 ¶13-14

Հինգշաբթի, մայիս 19

Աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք (Մատ. 28։19)։

Եթէ նոր աշակերտին հետ սերտողը դուն ես, որքա՜ն կը հրճուիս անոր մկրտութիւնը տեսնելով (Ա. Թես. 2։19, 20)։ Նոր մկրտուած աշակերտները յանձնարարութեան լաւ նամակներ են, ոչ միայն իրենց հետ սերտողներուն համար, հապա նաեւ ամբողջ ժողովքին համար (Բ. Կոր. 3։1-3)։ Ի՜նչ աղուոր է տեսնելը, թէ միայն չորս տարուան ընթացքին, աշխարհի տարածքին ամէն ամիս միջին հաշուով 10,000,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ տեղեկագրուած են։ Եւ այդ նոյն տարիներուն ընթացքին, իւրաքանչիւր տարի միջին հաշուով աւելի քան 280,000 անհատներ մկրտուեցան որպէս Եհովայի վկաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի նոր աշակերտներ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ միլիոնաւոր աշակերտներուն օգնել, որպէսզի աւելի անհատներ մկրտուին։ Այնքան ատեն որ Եհովան համբերութեամբ մարդոց ժամանակ եւ առիթ կու տայ, որ Քրիստոսի աշակերտները դառնան, կ’ուզենք մեր ամէն կարելին ընել անոնց օգնելու, որ կարելի եղածին չափ շուտ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Ժամանակը վերջանալու վրայ է (Ա. Կոր. 7։29ա. Ա. Պետ. 4։7)։ դ20.10 6 ¶1-2

Ուրբաթ, մայիս 20

Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ (Յակ. 4։6)։

Սաւուղ թագաւոր Եհովային չհնազանդեցաւ։ Եւ երբ Սամուէլ մարգարէն այս մէկը իր ուշադրութեան յանձնեց, Սաւուղ իր սխալը չընդունեց։ Փոխարէնը, ան փորձեց ինքզինք արդարացնել, իր անհնազանդութեան լրջութիւնը թեթեւցնելով եւ յանցանքը ուրիշներու վրայ նետելով (Ա. Թագ. 15։13-24)։ Անկէ առաջ, ան նոյնանման կեցուածք մը ցոյց տուած էր (Ա. Թագ. 13։10-14)։ Ցաւալիօրէն, ան իր սրտին թոյլ տուաւ որ հպարտանայ։ Սաւուղ իր մտածելակերպը չսրբագրեց, անոր համար Եհովան զինք յանդիմանեց եւ մերժեց։ Սաւուղի օրինակէն դաս մը քաղելու համար, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Երբ Սուրբ Գիրքէն խրատ մը կարդամ, պատճառաբանութիւններ կ’ընե՞մ որ գրուածը չգործադրեմ։ Անհնազանդութեանս լրջութիւնը կը թեթեւցնե՞մ։ Յանցանքս ուրիշներուն վրայ կը նետե՞մ’։ Եթէ այդ հարցումներէն որեւէ մէկուն «այո՛» պատասխանեցինք, պէտք է մեր մտածելակերպն ու կեցուածքը ճշդենք։ Այլապէս, մեր սիրտը այնքա՛ն պիտի հպարտանայ, որ Եհովան մեր բարեկամութիւնը պիտի մերժէ։ դ20.11 20 ¶4-5

Շաբաթ, մայիս 21

Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած ու այն տարիները չհասած, որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր» (Ժող. 12։1)։

Ո՛վ պատանի, որոշէ թէ որո՛ւն պիտի ծառայես։ Պէտք է դուն քեզի փաստես թէ ո՛վ է Եհովան, անոր նպատակին մէջ ի՛նչ պարփակուած է եւ թէ իր կամքը ինչպէ՛ս կ’ազդէ քու կեանքիդ (Հռով. 12։2)։ Այն ատեն պիտի կարենաս կեանքիդ ամէնէն կարեւոր որոշումը առնել՝ Եհովայի ծառայելու որոշումը (Յես. 24։15)։ Եթէ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ սերտողութեան կանոնաւոր յայտագիր ունենաս, Եհովայի հանդէպ սէրդ շարունակ պիտի աճի եւ հաւատքդ պիտի զօրանայ։ Ընտրէ Եհովայի կամքը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնել։ Սատանայի աշխարհը կը խոստանայ, որ եթէ ձիրքերդ քու անձնական շահերուդ համար գործածես, ուրախ պիտի ըլլաս։ Բայց իրականութեան մէջ, անոնք որոնք կը կեդրոնանան նիւթական նպատակակէտերու վրայ, ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով կը խոցեն’ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Միւս կողմէ, եթէ Եհովային մտիկ ընես եւ ընտրես իր կամքը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնել, յաջողութիւն պիտի գտնես եւ իմաստութեամբ պիտի քալես (Յես. 1։8)։ դ20.10 30-31 ¶17-18

Կիրակի, մայիս 22

Պէտք է ինծի որ. . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ (Ղուկ. 4։44)։

Առաջին դարուն, Յիսուսի քարոզած պատգամը ամբողջ մարդկութեան յոյս տուաւ։ Ան իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ շարունակեն իր սկսած գործը, եւ «մինչեւ երկրին ծայրերը» վկայեն (Գործք 1։8)։ Անշուշտ, այս գործը չէին կրնար ընել իրենց ուժովը։ Պէտք ունէին սուրբ հոգիին՝ «օգնական»ին, որ Յիսուս իրենց խոստացած էր (Յովհ. 14։26, ՆԱ. Զաք. 4։6)։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի հետեւորդները սուրբ հոգին ստացան։ Անոր օգնութեամբ, անոնք անմիջապէս սկսան քարոզել, եւ կարճ ժամանակուան մէջ հազարաւորներ բարի լուրը ընդունեցին (Գործք 2։41. 4։4)։ Երբ հակառակութիւնը ծագեցաւ, աշակերտները վախի տեղի չտուին, հապա Աստուծոյ դիմեցին օգնութեան համար։ Անոնք աղօթեցին. «Շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ Այն ատեն, անոնք սուրբ հոգիով լեցուեցան, եւ շարունակեցին ‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսիլ’ (Գործք 4։18-20, 29, 31)։ դ20.10 21 ¶4-5

Երկուշաբթի, մայիս 23

Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ. . . յարութիւն առաւ (Ա. Կոր. 15։3, 4)։

Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան Յիսուսը ետ կեանքի բերաւ։ Շատ մը ականատեսներ կային, որոնք վկայեցին թէ Յիսուս յարութիւն առած էր (Ա. Կոր. 15։5-7)։ Պօղոս առաքեալի նշած վկաներէն առաջինն էր՝ Պետրոս առաքեալ (Կեփաս)։ Խումբ մը աշակերտներ հաստատեցին, որ Պետրոս տեսաւ յարութիւն առած Յիսուսը (Ղուկ. 24։33, 34)։ Ասկէ զատ, առաքեալները տեսան Յիսուսը, անոր յարութիւն առնելէն ետք։ Ետքը, Քրիստոս «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ», թերեւս Մատթէոս 28։16-20–ի մէջ նշուած ուրախալի դէպքին ընթացքին, Գալիլիոյ մէջ։ Յիսուս նաեւ «երեւցաւ Յակոբոսին», որ հաւանաբար իր խորթ եղբայրն էր, որ նախապէս չէր հաւատացած թէ Յիսուս Մեսիան էր (Յովհ. 7։5)։ Յարութիւն առած Յիսուսը տեսնելէ ետք, Յակոբոս համոզուեցաւ։ Հետաքրքրական է որ շուրջ Ք.Ե. 55–ին, երբ Պօղոս այս նամակը գրեց, Յիսուսի յարութեան ականատես եղողներէն շատեր դեռ ողջ էին, ուստի ոեւէ անձ՝ որ կասկածներ ունէր, կրնար այդ վստահելի վկաներուն դիմել։ դ20.12 3 ¶5, 7-8

Երեքշաբթի, մայիս 24

Տէրը պիտի օգնէ անոր, հիւանդ պառկած ժամանակ (Սաղ. 41։3, ՆԹ)։

Երբ հանգիստ չենք եւ մանաւանդ երբ մնայուն հիւանդութիւն մը ունինք, կրնայ դժուար ըլլալ դրականօրէն մտածել։ Ուստի, աջակցութեան համար Եհովային դիմենք։ Թէեւ հիմա հրաշքով չի բուժեր, բայց կրնայ մխիթարել եւ պէտք եղած ուժը տալ, որ տոկանք (Սաղ. 94։19)։ Օրինակ, կրնայ հաւատակից մը մղել որ մեր օգնութեան հասնի, երբ ընելիք բաներ կան։ Նաեւ կրնայ մեր եղբայրները մղել, որ մեզի հետ աղօթեն։ Կամ կրնայ Սուրբ Գիրքէն մխիթարական մտքեր յիշեցնել, ինչպէս՝ մեր հիանալի յոյսը, որ գալիք նոր աշխարհին մէջ կատարեալ կեանք պիտի ունենանք առանց հիւանդութեան ու ցաւի (Հռով. 15։4)։ Սակայն, թերեւս չենք կրնար ծառայել ա՛յնքան, ո՛րքան որ կ’ուզենք։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Լորըլ անունով քոյր մը 37 տարի մեքենայի մը մէջ երկնցած մնաց, որպէսզի կարենար շնչել։ Ատկէ զատ, ան քաղցկեղէ բռնուեցաւ, ծանր վիրահատութիւններու ենթարկուեցաւ եւ մորթի մնայուն հիւանդութիւններ ունեցաւ։ Բայց այս դժուարութիւնները զինք չլռեցուցին։ Ան վկայութիւն տուաւ հիւանդապահներուն եւ տունին մէջ իրեն այցելողներուն, եւ առնուազն 17 անհատներու օգնեց, որ Եհովայի վկայ ըլլան։ դ20.12 24 ¶9. 25 ¶12

Չորեքշաբթի, մայիս 25

Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել (Սաղ. 118։6)։

Պօղոս առաքեալ փորձանքի մէջ էր։ Շուրջ Ք.Ե. 56–ին, Երուսաղէմի մէջ, ամբոխ մը զինք քաշելով տարաւ տաճարէն դուրս եւ փորձեց զինք սպաննել։ Յաջորդ օրը, երբ Պօղոսը բերին Սենետրիոնին առջեւ, քիչ մնաց որ թշնամիները զինք բզքտէին (Գործք 21։30-32. 22։30. 23։6-10)։ Այդ պահուն, Պօղոս թերեւս մտածեց. ‘Դեռ որչա՞փ պիտի կարենամ դիմանալ այս վերաբերմունքին’։ Ան ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ։ Անոր ձերբակալութեան յաջորդ գիշերը, «Տէրը»՝ Յիսուս, իր քով կենալով ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես» (Գործք 23։11)։ Այս քաջալերութիւնը ճի՛շդ ժամանակին էր։ Յիսուս Պօղոսը գովեց Երուսաղէմի մէջ իր տուած վկայութեան համար։ Եւ ան խոստացաւ, որ Պօղոս ապահովութեամբ պիտի հասնէր Հռոմ, ուր պիտի շարունակէր վկայութիւն տալ։ Այդ խոստումը ստանալէ ետք, Պօղոս զգացած ըլլալու էր, թէ իր հօր գրկին մէջ ապահովութեամբ նստած պզտիկ մըն էր։ դ20.11 12 ¶1. 13 ¶3-4

Հինգշաբթի, մայիս 26

Այդ յոյսը մեր խարիսխն է, ապահով եւ անշարժ (Եբ. 6։19, ՆԹ)։

Թագաւորութեան յոյսը ‘անշարժ խարիսխ մըն է մեր անձին’, որ մեզ հաստատ կը պահէ, երբ դժուար պարագաներ կամ մտահոգիչ մտածումներ ունենանք։ Խոկա՛ Եհովայի խոստումին մասին ապագայի մը նկատմամբ, երբ մարդիկ մտահոգուելիք բա՛ն մը պիտի չունենան (Եսա. 65։17)։ Դուն քեզ երեւակայէ խաղաղ նոր աշխարհին մէջ, ուր ճնշիչ պարագաներ գոյութիւն պիտի չունենան (Միք. 4։4)։ Կրնաս յոյսդ նաեւ զօրացնել, երբ ուրիշներուն կը պատմես նոր աշխարհին մասին։ Քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ ամէն կարելիդ ըրէ։ Այսպիսով, ‘յոյսդ մինչեւ վերջ հաստատուն պիտի մնայ’ (Եբ. 6։11, ՆԹ)։ Մինչ այս չար աշխարհին վերջը կը մօտենայ, աւելի խնդիրներ պիտի ունենանք, որոնք կրնան մտահոգութիւն պատճառել։ Պիտի կարենանք նեղութիւնները դիմագրաւել եւ հանդարտ մնալ՝ ոչ թէ մեր զօրութեամբ, հապա Եհովայի վստահելով։ Թող որ մեր ըրածներով ցոյց տանք, թէ կը հաւատանք Եհովայի խոստումին. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ» (Եսա. 30։15)։ դ21.01 7 ¶17-18

Ուրբաթ, մայիս 27

Տէրը բազմագութ է (Յակ. 5։11)։

Նկատէ թէ Յակոբոս 5։11–ին մէջ, Եհովայի բազմագութ ըլլալը կը կապուի անոր ուրիշ մէկ յատկութեան հետ, որ մեզ իրեն կը մօտեցնէ. ողորմութիւն (Ել. 34։6)։ Կերպ մը, որով Եհովան մեզի հանդէպ ողորմութիւն ցոյց կու տայ՝ մեզի ներելն է, երբ կը սխալինք (Սաղ. 51։1)։ Աստուածաշունչի մէջ նշուած «ողորմութիւն» բառը ներելէն աւելին կը պարփակէ։ Ողորմութիւնը զօրաւոր զգացում մըն է, որ անհատի մը սրտէն կը բխի, երբ դժուարութեան մէջ գտնուող մէկը կը տեսնէ եւ կը մղուի անոր օգնելու։ Եհովան կ’ըսէ, թէ մեզի օգնելու իր փափաքը աւելի զօրաւոր է՝ քան մայրական զգացումը (Եսա. 49։15)։ Երբ փորձանքի մը մէջ ենք, Եհովայի ողորմութիւնը զինք կը մղէ որ մեր օգնութեան հասնի (Սաղ. 37։39. Ա. Կոր. 10։13)։ Մենք ալ կրնանք ողորմութիւն ցոյց տալ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ներելով եւ ոխ չպահելով, երբ մեզ յուսախաբ կ’ընեն (Եփ. 4։32)։ Եւ ողորմութիւն ցոյց տալու ուրիշ կարեւոր կերպ մըն է՝ անոնց թիկունք կանգնիլ, երբ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Այսպէս, կ’ընդօրինակենք գուրգուրանքի ամէնէն մեծ օրինակը՝ Եհովան (Եփ. 5։1)։ դ21.01 21 ¶5

Շաբաթ, մայիս 28

Քրիստոս. . . ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք (Ա. Պետ. 2։21)։

Հարկ կայ որ ընտանիքի գլուխը հաւասարակշռուած ըլլայ։ Ան պէտք չէ աշխարհիկ գործին այնքա՛ն ժամանակ տայ, որ բաւարար կերպով չկարենայ հոգալ ընտանիքին հոգեւոր եւ զգացական պէտքերը ու զանոնք մարզել։ Եհովան մեզ կը մարզէ եւ կը կրթէ մեր օգտին համար (Եբ. 12։7-9)։ Յիսուս ալ, իր Հօր պէս, իր հեղինակութեան տակ եղողները սիրալիր կերպով կը մարզէ (Յովհ. 15։14, 15)։ Ան զօրաւոր խրատներ կու տայ, բայց նաեւ ազնիւ է (Մատ. 20։24-28)։ Ան կ’ըմբռնէ որ անկատար ենք եւ սխալելու հակումը ունինք (Մատ. 26։41)։ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակող ընտանիքի գլուխը չի մոռնար, որ իր ընտանիքի անդամները անկատար են։ Ան իր կնոջ կամ զաւակներուն հանդէպ ‘դառն չ’ըլլար’, խիստ բարկանալով (Կող. 3։19)։ Փոխարէնը, ան Գաղատացիս 6։1–ի սկզբունքը կը գործադրէ եւ կը ջանայ զանոնք «հեզութեան հոգիով» սրբագրել, յիշելով որ ինքն ալ անկատար է։ Յիսուսին պէս, կը գիտակցի որ սորվեցնելու լաւագոյն կերպն է՝ օրինակ հանդիսանալ։ դ21.02 6 ¶16-18

Կիրակի, մայիս 29

Ամէն շունչ ունեցող թող գովաբանէ Տէրը (Սաղ. 150։6)։

Փրկանքին միջոցաւ, Եհովան ժողովքին մէջ եղող ամէն մէկ անհատին կեանքը գնեց (Մար. 10։45. Գործք 20։28. Ա. Կոր. 15։21, 22)։ Ուստի տրամաբանական է որ որպէս ժողովքին գլուխը նշանակած է Յիսուսը, որ իր կեանքը տուաւ որպէս փրկանք։ Մեր գլուխը ըլլալով, Յիսուս հեղինակութիւն ունի որոշելու թէ իւրաքանչիւր անհատ, ընտանիքները եւ ամբողջ ժողովքը ինչպէ՛ս պէտք է վարուին։ Եւ ան իրաւունք ունի իր որոշած կանոնները պարտադրելու (Գաղ. 6։2)։ Բայց Յիսուս պարզապէս կանոններ չի դներ։ Ան իւրաքանչիւրս կը կերակրէ ու կը սիրէ (Եփ. 5։29)։ Քոյրերը ցոյց կու տան որ Քրիստոսը կը յարգեն, հետեւելով իրենց հոգ տանելու համար անոր նշանակած տղամարդոց տուած ուղղութեան։ Իսկ եղբայրները ցոյց կու տան որ կը հասկնան գլխաւորութեան կարգադրութիւնը, երբ քոյրերը կը յարգեն եւ կը պատուեն։ Երբ ժողովքին մէջ բոլորը կը հասկնան ու կը յարգեն գլխաւորութեան սկզբունքը, ժողովքին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, մեր սիրառատ երկնաւոր Հօր՝ Եհովային, փառք կը բերենք։ դ21.02 18-19 ¶14-17

Երկուշաբթի, մայիս 30

Դաւիթ Տէրոջը հարցուց (Ա. Թագ. 30։8)։

Երբ Դաւիթ փախստական էր, ինքն ու իր տղամարդիկը իրենց ընտանիքները ձգելով, պատերազմի գացին։ Անոնց բացակայութեան, թշնամիները իրենց տուները ներխուժեցին եւ իրենց ընտանիքները գերի տարին։ Դաւիթ կրնար եզրակացնել որ փորձառու պատերազմող մը ըլլալով, շատ դիւրութեամբ կրնար լաւ ծրագիր մը դնել գերիները ազատելու համար։ Փոխարէնը, ան առաջնորդութեան համար Եհովային դիմեց։ Ան հարցուց. «Այս գունդը հալածե՞մ»։ Եհովան ըսաւ որ հալածէ եւ վստահեցուց որ պիտի յաջողէր (Ա. Թագ. 30։7-10)։ Պատանինե՛ր, այս դէպքէն ի՞նչ դաս կրնաք սորվիլ։ Որոշումներ առնելէ առաջ, խրատ խնդրեցէք։ Ձեր ծնողներուն կարծիքը առէք։ Նաեւ կրնաք լաւ խրատ ստանալ փորձառու երէցներուն հետ խօսելով։ Եհովան այս նշանակուած տղամարդոց կը վստահի, եւ դուք ալ կրնաք վստահիլ։ Ան զանոնք կը նկատէ ժողովքին համար «պարգեւներ» կամ նուէրներ (Եփ. 4։8)։ Պիտի օգտուիք անոնց հաւատքը ընդօրինակելով եւ իրենց տուած իմաստուն առաջարկները մտիկ ընելով։ դ21.03 4-5 ¶10-11

Երեքշաբթի, մայիս 31

[Ոչինչ] կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն (Հռով. 8։38, 39)։

Յիսուս ըսաւ որ եթէ մեր սորվածը չգործադրենք, կը նմանինք մարդու մը, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ։ Ան ծանր կ’աշխատի, բայց իր ջանքերը պարապի են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ փոթորիկը եւ հեղեղը իր տունը հարուածեն, անիկա պիտի փլի (Մատ. 7։24-27)։ Նոյնպէս, եթէ մեր սորվածը չենք գործադրեր, մեր ջանքերը պարապի են։ Եւ երբ խնդիրներ ունենանք կամ հալածուինք, մեր հաւատքը բաւարար զօրաւոր պիտի չըլլայ։ Միւս կողմէ, երբ կը սերտենք եւ մեր սորվածը կը գործադրենք, աւելի լաւ որոշումներ կ’առնենք, աւելի խաղաղութիւն կ’ունենանք եւ մեր հաւատքը կը զօրանայ (Եսա. 48։17, 18)։ Փորձութեան մէջ հաւատարիմ մնալու համար, պէտք է աղօթքով Եհովային ապաւինինք եւ շարունակենք սերտողութեան լաւ ռութին ունենալ։ Եւ միշտ պէտք է յիշենք, որ ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկն է՝ Եհովային փառք բերել։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան բնա՛ւ մեզ պիտի չլքէ եւ թէ ոեւէ մէկը չի կրնար բան մը ընել, որ Եհովան այլեւս մեզ չսիրէ (Եբ. 13։5, 6)։ դ21.03 15 ¶6. 18 ¶20

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել