Յունիս
Չորեքշաբթի, յունիս 1
Կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ (Ա. Թես. 2։8)։
Ուսուցիչները պէտք է աշակերտներով անկեղծօրէն եւ անհատապէս հետաքրքրուին։ Զիրենք նկատէ ապագայ հոգեւոր եղբայրներդ կամ քոյրերդ։ Անոնց համար դիւրին չէ աշխարհին մէջ ունեցած իրենց բարեկամները ձգել եւ բոլոր անհրաժեշտ փոփոխութիւնները ընել Եհովայի ծառայելու համար։ Ազդու ուսուցիչները իրենց աշակերտները կը ծանօթացնեն ժողովքէն ուրիշ անհատներու, որոնք կրնան լաւ ազդեցութիւն ձգել անոնց վրայ։ Կ’ուզենք որ ամէն աշակերտ զգայ, որ ժողովքին կողմէ ընդունուած է եւ մեր հոգեւոր ընտանիքին մէկ մասն է։ Այն ատեն, աշակերտը կրնայ Աստուծոյ ծառաներուն ընկերակցութիւնը վայելել, որոնք իրեն կրնան աջակցիլ հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ։ Կ’ուզենք որ մեր ջերմ եւ սիրալիր եղբայրութիւնը զինք քաշէ։ Այսպէս, անոր համար դիւրին պիտի ըլլայ իր սերտ բարեկամութիւնները դադրեցնել այն մարդոց հետ, որոնք իրեն չեն օգներ որ Եհովան սիրէ (Առ. 13։20)։ Եթէ նախկին բարեկամները զինք մերժեն, ան պիտի գիտնայ, որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ իսկական բարեկամներ պիտի գտնէ (Մար. 10։29, 30. Ա. Պետ. 4։4)։ դ20.10 17 ¶10-11
Հինգշաբթի, յունիս 2
Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ (Մատ. 28։18)։
Պէտք է Յիսուսի բարեկամները ըլլանք, եթէ կ’ուզենք Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ միայն երկու պատճառ։ Առաջին, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հայրը կը սիրէ ձեզ, որովհետեւ դուք սիրեցիք զիս» (Յովհ. 16։27, ԱԾ)։ Ան նաեւ ըսաւ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհ. 14։6)։ Եթէ կը ջանանք Եհովայի բարեկամը ըլլալ, բայց Յիսուսի հետ մտերիմ կապ չենք կերտեր, կարծես կը ջանանք շէնք մը մտնել առանց դուռը բանալու։ Յիսուս նոյնանման օրինակ մը գործածեց, երբ ինքզինք նկարագրեց որպէս «ոչխարներուն դուռը» (Յովհ. 10։7)։ Երկրորդ, Յիսուս իր Հօր յատկութիւնները կատարելապէս արտացոլեց։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Ուստի, Եհովան ճանչնալու կարեւոր կերպ մըն է՝ Յիսուսի կեանքը սերտել։ Մինչ Յիսուսի մասին կը սորվինք, իրեն հանդէպ մեր գուրգուրանքը կ’աւելնայ։ Իսկ մինչ Յիսուսի հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ, իր Հօր հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ։ դ20.04 21-22 ¶5-6
Ուրբաթ, յունիս 3
Համաձայնած եմ տկարութիւններու. . . վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ (Բ. Կոր. 12։10)։
Եթէ անկողինի կը ծառայես, կամ հաշմանդամի կառք կը գործածես, կամ ծունկերդ չեն բռներ, կամ ալ տեսողութիւնդ տկար է, արդեօք կրնա՞ս երիտասարդ եւ առողջ անհատներուն հետ վազել։ Վստահաբար այո։ Բազմաթիւ տարեց ու անկարող անհատներ կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը վազեն։ Անոնք իրենց ուժովը չեն կրնար ասիկա ընել, հապա Եհովայի զօրութեան կ’ապաւինին՝ քրիստոնէական ժողովները մտիկ ընելով ելեկտրոնային սարքերու միջոցաւ։ Եւ աշակերտելու գործին կը մասնակցին՝ բժիշկներու, հիւանդապահներու եւ ազգականներու վկայելով։ Եթէ ֆիզիքական սահմանափակումներու պատճառաւ չես կրնար ընել ամէն ինչ որ Եհովային համար կ’ուզես ընել, մի՛ վհատիր ու մի՛ մտածեր, թէ չես կրնար տոկալ մինչեւ այս չար աշխարհին վերջը։ Եհովան քեզ կը սիրէ, քանի որ իրեն կը հաւատաս եւ երկար տարիներ հաւատարիմ եղած ես։ Հիմա ամէն ժամանակէ աւելի իր օգնութեան պէտք ունիս, եւ ան քեզ պիտի չլքէ (Սաղ. 9։10)։ Փոխարէնը, ա՛լ աւելի պիտի մօտենայ քեզի։ դ20.04 29 ¶16-17
Շաբաթ, յունիս 4
Այս բոլորը կ’ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ (Ա. Կոր. 9։23, ՆԹ)։
Կրօնասէր անհատի մը հետ ի՞նչ նիւթեր կրնաս քննարկել։ Ջանա՛ հասարակաց գետին գտնել։ Օրինակ, թերեւս ան միայն մէկ Աստուած կը պաշտէ, կամ Յիսուսը կ’ընդունի որպէս մարդկութեան Փրկիչը կամ կը հաւատայ, որ չար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք եւ շուտով վերջ պիտի գտնեն։ Հիմնուելով այն հաւատալիքներուն վրայ, որոնց երկուքդ ալ համամիտ էք, Աստուածաշունչի պատգամը ներկայացուր գրաւիչ կերպով։ Ի մտի ունեցիր, որ մարդիկ թերեւս իրենց կրօնքին բոլոր սորվեցուցածներուն չեն հաւատար։ Ուստի, նոյնիսկ գիտնալէ ետք, թէ անհատը ո՛ր կրօնքին կը պատկանի, ջանա՛ գիտնալ թէ անձնապէս ինչի՛ կը հաւատայ։ Միսիոնար եղբայր մը դիտել կու տայ, թէ ոմանք կ’ըսեն, որ Երրորդութեան կը հաւատան, բայց թերեւս այդքան ալ չեն հաւատար որ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին մէկ Աստուած են։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ասիկա գիտնամ, աւելի դիւրին կ’ըլլայ անհատին հետ հասարակաց գետին գտնելը»։ Ուստի, ջանա՛ գիտնալ թէ մարդիկ իրապէս ինչի՛ կը հաւատան։ Ետքը, Պօղոս առաքեալի նման, կրնաս ‘ամենուն հետ ամէն բան ըլլալ’ (Ա. Կոր. 9։19-22)։ դ20.04 10 ¶9-10
Կիրակի, յունիս 5
Այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի (Դան. 12։1)։
Թէ՛ Դանիէլ եւ թէ Յովհաննէս նշեցին, որ Եհովան ու Յիսուսը մեծ նեղութեան ընթացքին պիտի ազատեն անոնք, որոնք իրենց կը ծառայեն։ Ուստի կրնանք հանդարտ մնալ ի՛նչ որ ալ պատահի։ Դանիէլ կ’ըսէ որ վերապրողները անոնք են, որոնց անունները «գրքին մէջ գրուած» են։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր անունը այդ գրքին մէջ գրուի։ Պէտք է փաստենք որ Յիսուսին՝ Աստուծոյ Գառին, կը հաւատանք (Յովհ. 1։29)։ Պէտք է Աստուծոյ նուիրուինք ու մկրտուինք (Ա. Պետ. 3։21)։ Եւ պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութեան աջակցինք, ուրիշներուն օգնելով որ Եհովայի մասին սորվին։ Հիմա է ժամանակը, որ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելցնենք։ Հիմա է ժամանակը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնինք։ Եթէ այդպէս ընենք, պիտի ազատինք, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բնաջնջէ հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը։ դ20.05 16 ¶18-19
Երկուշաբթի, յունիս 6
Ո՛վ Տէր, քու անունդ մինչեւ յաւիտեան պիտի մնայ (Սաղ. 135։13)։
Ադամն ու Եւան գիտէին Աստուծոյ անունը, ինչպէս նաեւ անոր մասին կարեւոր ճշմարտութիւններ։ Անոնք զինք կը ճանչնային որպէս Արարիչ. Մէկը՝ որ իրենց տուաւ կեանք, գեղեցիկ դրախտային տուն եւ կատարեալ կողակից (Ծն. 1։26-28. 2։18)։ Սակայն, արդեօք անոնք իրենց կատարեալ միտքը պիտի շարունակէի՞ն գործածել խոկալու այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան իրենց համար ըրած էր։ Արդեօք անոնք պիտի շարունակէի՞ն սէր եւ գնահատանք կերտել այդ անունով ներկայացուած Անձին հանդէպ։ Պատասխանները յստակ դարձան, երբ Աստուծոյ թշնամին զիրենք փորձեց։ Սատանան օձի մը միջոցաւ Եւային հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’» (Ծն. 2։16, 17. 3։1)։ Անոր հարցումը Աստուծոյ մասին խորամանկ սուտ մը կը բովանդակէր, որուն պատճառաւ Եւան սկսաւ ժխտականօրէն մտածել Աստուծոյ մասին։ Բայց Աստուած իրականութեան մէջ ըսած էր, որ անոնք բոլոր ծառերէն կրնային ուտել, բացի մէկ ծառէ (Ծն. 2։9)։ Սատանան այն տպաւորութիւնը ձգեց, որ Աստուած առատաձեռն չէ։ Եւան թերեւս խորհեցաւ. ‘Արդեօք Աստուած ինձմէ լաւ բա՞ն մը կը պահէ’։ դ20.06 3-4 ¶8-9
Երեքշաբթի, յունիս 7
Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք (Կող. 3։13)։
Եհովայի ծառաներէն ոմանք վիրաւորուած են հաւատակիցի մը ըսածէն կամ ըրածէն։ Պօղոս առաքեալ նշեց, որ երբեմն կրնանք եղբօր մը կամ քրոջ մը դէմ տրտնջալու վաւերական պատճառ ունենալ։ Թերեւս նոյնիսկ անարդարութեան զոհ գացած ենք։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք դժգոհութեամբ լեցուիլ։ Դառնութիւնը ի վերջոյ կրնայ պատճառ դառնալ, որ անհատը Աստուծոյ ժողովուրդէն հեռանայ։ Փապլոն, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ կ’ապրի, ամբաստանուեցաւ որ սխալ մը գործած է։ Ան անմեղ էր, բայց երէցները ըսուած սուտին հաւատալով զինք զրկեցին իր առանձնաշնորհումէն։ Փապլօ ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան կ’ըսէ. «Բարկութեամբ եռացի եւ աստիճանաբար ժողովքէն հեռացայ»։ Կամ, եթէ անհատ մը անցեալին լուրջ մեղք մը գործած է, թերեւս երկար ժամանակ յանցաւոր զգայ։ Ան թերեւս խորհի որ կարելի չէ որ Աստուած զինք դարձեալ սիրէ։ Նոյնիսկ եթէ զղջացած է, թերեւս զգայ որ այլեւս արժանի չէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալու։ Ինչպէ՞ս կը զգաս այն եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, որոնք այսպիսի խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ դ20.06 19 ¶6-7
Չորեքշաբթի, յունիս 8
Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ (Առ. 22։3)։
Պէտք է կարենանք զատորոշել այն պարագաները, որոնք կրնան մեզի վնաս հասցնել, եւ քայլեր առնել վտանգէն հեռու մնալու համար (Եբ. 5։14)։ Օրինակ, հարկ է որ ժամանցն ու զբօսանքը իմաստութեամբ ընտրենք։ Հեռատեսիլի յայտագիրները եւ ֆիլմերը յաճախ անբարոյ վարք կը ցուցադրեն։ Այդպիսի վարք Աստուած կը վիրաւորէ եւ անպայման վնասակար է։ Հետեւաբար կը մերժենք այն ժամանցը, որ կրնայ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը աստիճանաբար տկարացնել (Եփ. 5։5, 6)։ Նաեւ պէտք է զատորոշենք հաւատուրացներու տարածած սուտ տեղեկութիւններուն վտանգը, մինչ կը ջանան մեր եղբայրներուն եւ Եհովայի կազմակերպութեան նկատմամբ կասկածներ ցանել (Ա. Տիմ. 4։1, 7. Բ. Տիմ. 2։16)։ Այդ տեղեկութիւնները կրնան մեր հաւատքը տկարացնել։ Պէտք է մերժենք հաւատալ այդ փրոփականտին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդպիսի պատմութիւններ կը տարածուին «մտքով ապականած ու ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց» կողմէ։ Անոնց նպատակակէտն է՝ «վէճեր»ու դուռ բանալ (Ա. Տիմ. 6։4, 5)։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զրպարտութիւններուն հաւատանք եւ մեր եղբայրներուն վստահելէ դադրինք։ դ20.09 29 ¶13, 15
Հինգշաբթի, յունիս 9
Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ (Ա. Կոր. 10։24)։
Կողակիցները պէտք է իրարու հետ սիրով ու յարգանքով վարուին (Եփ. 5։33)։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, որ կեդրոնանանք տալու վրայ (Գործք 20։35)։ Խոնարհութիւնը պիտի օգնէ զոյգին, որ սէր ու յարգանք ցուցաբերեն, եւ այսպէս ամուսնութեան մէջ աւելի երջանկութիւն պիտի գտնեն։ Օրինակ, Սթիվըն անունով ամուսին մը կ’ըսէ. «Դուն եւ կողակիցդ պէտք է միասին աշխատիք, մանաւանդ երբ խնդիրներ ծագին։ Փոխանակ մտածելու՝ ‘ինծի համար լաւագոյն բանը ի՞նչ է’, պիտի մտածես՝ ‘մեզի համար լաւագոյն բանը ի՞նչ է’»։ Անոր կինը՝ Սթեֆանի, նոյն կարծիքը ունի։ Ան կ’ըսէ. «Մէկը չ’ուզեր հակառակորդի մը հետ ապրիլ։ Երբ անհամաձայնութիւն մը ծագի, կը փորձենք գիտնալ բուն խնդիրը։ Ապա կ’աղօթենք, աստուածաշնչական հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք կ’ընենք, եւ կը խօսինք թէ ինչպէ՛ս խնդիրը լուծենք։ Մենք խնդիրին վրայ կը յարձակինք, եւ ոչ թէ իրարու վրայ»։ Կողակիցները իսկապէս կ’օգտուին, երբ իրենց մասին պէտք եղածէն աւելի չեն մտածեր։ դ20.07 3-4 ¶5-6
Ուրբաթ, յունիս 10
Իմ ազգիս մէջ եղած շատ հասակակիցներէս աւելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ (Գաղ. 1։14)։
Քու ուժիդ կամ կարողութիւններուդ մի՛ վստահիր, երբ Եհովայի կը ծառայես։ Պօղոս առաքեալ ուսեալ էր. ան ուսանեցաւ Գամաղիէլին ձեռքին տակ (Գործք 5։34. 22։3)։ Եւ ատեն մը հրեայ շրջանակին մէջ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մըն էր (Գործք 26։4)։ Այսուհանդերձ, ան յօժարաբար վազ անցաւ այն բաներէն, որոնք աշխարհի չափանիշներով զինք կարեւոր անձ կը դարձնէին (Փլպ. 3։8)։ Պօղոս շատ դժուարութիւններ ունեցաւ, քանի որ Քրիստոսի հետեւորդ դարձաւ։ Իր ազգին կողմէ ատուեցաւ (Գործք 23։12-14)։ Հռոմայեցիներուն կողմէ ծեծուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ (Գործք 16։19-24, 37)։ Ան նաեւ գիտակցեցաւ, որ անկատար ըլլալուն պատճառաւ շատ դժուար էր ճիշդը ընել (Հռով. 7։21-25)։ Սակայն փոխանակ թոյլ տալու, որ հակառակորդները կամ իր թերութիւնները զինք կեցնէին, ան ‘համաձայնեցաւ տկարութիւններու’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր տկարութեան պահերուն էր, երբ Աստուծոյ զօրութեան ազդեցութիւնը տեսաւ իր կեանքին մէջ (Բ. Կոր. 4։7. 12։10)։ դ20.07 16 ¶7-8
Շաբաթ, յունիս 11
Ան որ ինծի կը հաւատայ. . . աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ (Յովհ. 14։12)։
Ներկայիս, իրապէս հարկ կայ, որ ուշադրութիւն ընծայենք Թագաւորութեան քարոզչութեան։ Յիսուս մարգարէացաւ, որ այս գործը պիտի ընդարձակուէր եւ երկար ժամանակ պիտի շարունակուէր։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, իր աշակերտներէն ոմանց շեշտեց, թէ մարդոց որսորդ ըլլալու իրենց նշանակումը աւելի կարեւոր էր, քան որեւէ ուրիշ գործ (Յովհ. 21։15-17)։ Ան նաեւ իր աշակերտներուն տեղեկացուց, որ իր սկսած վկայութեան գործը Իսրայէլի սահմաններէն հեռու վայրեր պիտի հասնէր (Գործք 1։6-8)։ Տարիներ ետք, ան տեսիլք մը տուաւ Յովհաննէս առաքեալին, որպէսզի ցոյց տայ թէ «տէրունական օրը» ի՛նչ տեղի պիտի ունենար։ Տեսիլքին մէջ Յովհաննէս ապշեցուցիչ բան մը տեսաւ. հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ, «յաւիտենական աւետիսը» կը քարոզուէր «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» (Յայտ. 1։10, ստորանիշ. 14։6)։ Յստակ է որ ներկայիս Եհովայի կամքն է, որ մենք այս աշխարհածաւալ գործին մասնակցինք, մինչեւ որ վերջ գտնէ։ դ20.09 9 ¶5
Կիրակի, յունիս 12
Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց (Եբ. 11։17)։
Աբրահամի ընտանիքին մէջ լուրջ խնդիրներ կային։ Իր սիրելի կինը՝ Սառան, չէր կրնար զաւակ ունենալ։ Անոնք երկար տարիներ այդ յուսախաբութեան հետ ապրեցան։ Ի վերջոյ, Սառան իր աղախինը՝ Հագար, Աբրահամին տուաւ, որպէսզի անոր միջոցաւ զաւակներ ունենան։ Բայց երբ Հագար Իսմայէլով յղացաւ, սկսաւ անարգել Սառան։ Պարագան այնքա՛ն դժուար եղաւ, որ Սառան նեղեց Հագարը, ու ան տունէն փախաւ (Ծն. 16։1-6)։ Վերջապէս Սառա յղացաւ ու Իսահակին ծնունդ տուաւ։ Աբրահամ կը սիրէր իր երկու որդիներն ալ՝ Իսմայէլը եւ Իսահակը։ Բայց քանի որ Իսմայէլ գէշ կերպով վարուեցաւ Իսահակի հետ, Աբրահամ ստիպուեցաւ զինք ու Հագարը տունէն հեռացնել (Ծն. 21։9-14)։ Յետագային, Եհովան Աբրահամէն խնդրեց, որ Իսահակը որպէս զոհ մատուցանէ (Ծն. 22։1, 2. Եբ. 11։17-19)։ Երկու պարագաներուն ալ, Աբրահամ պէտք էր վստահէր, որ Եհովան ի վերջոյ իր երկու որդիներուն նկատմամբ Իր խոստումները պիտի կատարէր։ դ20.08 4 ¶9-10
Երկուշաբթի, յունիս 13
Նոր մարդը ձեր վրայ հագէք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է (Եփ. 4։24)։
Երեւակայէ յարութիւն առնողներուն ուրախութիւնը, մինչ իրենց հին անձնաւորութիւնը մէկդի կ’ընեն եւ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին։ Այսպիսի փոփոխութիւններ ընողներուն թոյլ պիտի տրուի որ յաւիտեան ապրին։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ դէմ ըմբոստացողներուն թոյլ պիտի չտրուի որ շարունակեն ապրիլ ու Դրախտին խաղաղութիւնը խանգարել (Եսա. 65։20. Յովհ. 5։28, 29)։ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, Աստուծոյ բոլոր ծառաները պիտի շօշափեն Առակաց 10։22–ի խօսքին ճշմարիտ ըլլալը. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, Աստուծոյ ծառաները հոգեւորապէս պիտի հարստանան, այսինքն՝ երթալով աւելի Քրիստոսին պիտի նմանին եւ աստիճանաբար կատարեալ պիտի դառնան (Յովհ. 13։15-17. Եփ. 4։23)։ Եւ իւրաքանչիւր օր ֆիզիքապէս աւելի առողջ պիտի ըլլան։ Ի՜նչ հաճոյալի կեանք (Յոբ 33։25)։ դ20.08 17 ¶11-12
Երեքշաբթի, յունիս 14
Ջանաք. . . միայն ձեր գործին նայիլ (Ա. Թես. 4։11, ՆԹ)։
Լաւ կ’ըլլայ որ մեր միտքը պահենք, թէ կարգ մը քրիստոնեաներ անձնապէս որոշած են չամուսնանալ։ Ուրիշներ կը փափաքին ամուսնանալ, բայց պարզապէս տակաւին յարմար անձը չեն գտած։ Իսկ ոմանք իրենց կողակիցը մահով կորսնցուցած են։ Ամէն պարագայի, յարմա՞ր է որ հաւատակիցները ամուրի քրիստոնեաներուն հարցնեն, թէ ինչո՛ւ տակաւին ամուսնացած չեն, կամ առաջարկեն օգնել կողակից գտնելու։ Եթէ նման խնդրանք մը չէ ներկայացուած, օգնութիւն առաջարկելը ի՞նչ կրնայ զգացնել անոնց (Ա. Տիմ. 5։13)։ Ամուրի եղբայրներն ու քոյրերը երախտապարտ պիտի ըլլան, եթէ զիրենք կ’արժեւորենք իրենց լաւ յատկութիւններուն հիման վրայ եւ ոչ թէ ամուսնացած ըլլալուն կամ չըլլալուն հիման վրայ։ Փոխանակ իրենց համար տխրելու, լաւ կ’ըլլայ որ գնահատենք իրենց հաւատարմութիւնը։ Այդպէս ընելով, ամուրիները բնա՛ւ պիտի չմտածեն թէ իրենց կ’ըսենք. «Դուք ինծի պէտք չէք» (Ա. Կոր. 12։21)։ Եւ պիտի գիտնան, որ զիրենք կը յարգենք եւ ուրախ ենք, որ ժողովքին մէջ են։ դ20.08 29 ¶10, 14
Չորեքշաբթի, յունիս 15
[Քրիստոս] հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ (Ա. Կոր. 15։6)։
Յետագային, Յիսուս Պօղոս առաքեալին ալ երեւցաւ (Ա. Կոր. 15։8)։ Պօղոս դէպի Դամասկոս կ’ուղղուէր, երբ յարութիւն առած Յիսուսի ձայնը լսեց եւ տեսիլքով զինք տեսաւ իր երկնային փառքին մէջ (Գործք 9։3-5)։ Պօղոսի վկայութիւնը յաւելեալ ապացոյց մըն էր, թէ Յիսուսի յարութիւնը առասպել մը չէր (Գործք 26։12-15)։ Ոմանք մասնաւորաբար պիտի հետաքրքրուէին Պօղոսի վկայութեամբ, քանի որ ան ատեն մը քրիստոնեաները հալածած էր։ Ան համոզուելէ ետք, որ Յիսուս յարութիւն առած էր, շատ ջանք թափեց որ ուրիշներ ալ համոզէ։ Ան տոկաց ծեծերու, բանտարկութեան եւ նաւաբեկութեան, մինչ կը տարածէր ճշմարտութիւնը, թէ Յիսուս մեռաւ բայց դարձեալ ողջ էր (Ա. Կոր. 15։9-11. Բ. Կոր. 11։23-27)։ Պօղոս այնքա՛ն վստահ էր, թէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած էր, որ նոյնիսկ պատրաստ էր մեռնելու ատոր մասին քարոզելով։ Առաջին դարու ականատեսներուն կողմէ այս վկայութիւնը քեզ չի՞ համոզեր, թէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած է։ Եւ ա՛լ աւելի չե՞ս համոզուիր, թէ յարութիւն պիտի ըլլայ։ դ20.12 3 ¶8-10
Հինգշաբթի, յունիս 16
Եթէ [Եհովան] փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք (Բ. Մն. 15։2)։
Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ կը գտնուի՞մ’։ Ժողովներուն միջոցաւ հոգեւորապէս կը թարմանանք եւ շինիչ ընկերակցութիւն կը վայելենք (Մատ. 11։28)։ Կրնանք նաեւ հարցնել. ‘Անձնական սերտողութեան լաւ սովորութիւններ ունի՞մ’։ Եթէ ընտանիքիդ հետ կ’ապրիս, ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունքին ժամանակ կը տրամադրե՞ս։ Իսկ եթէ առանձին կ’ապրիս, նոյն կերպով սերտողութեան ժամանակ կը յատկացնե՞ս։ Նաեւ, քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ, կարելի եղածին չափ լիովին կը մասնակցի՞ս։ Ինչո՞ւ այս հարցումները պէտք է հարցնենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովան մեր մտքերն ու սրտերը կը քննէ, ուստի մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք (Ա. Մն. 28։9)։ Եթէ տեսնենք որ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք մեր նպատակակէտերուն, կեցուածքին կամ մտածելակերպին մէջ, Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք, որ զանոնք ընենք։ Հիմա է ժամանակը որ գալիք փորձութիւններուն համար նախապատրաստուինք։ դ20.09 19 ¶19-20
Ուրբաթ, յունիս 17
Ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ (Ղուկ. 14։33)։
Յիսուս օրինակով մը բացատրեց իր աշակերտը ըլլալու ծախքը հաշուելուն կարեւորութիւնը։ Ան խօսեցաւ մարդու մը մասին, որ ուզեց աշտարակ մը շինել, եւ թագաւորի մը մասին, որ ուզեց պատերազմի երթալ։ Յիսուս ըսաւ, որ աշտարակը ամբողջացնելու համար, շինարարը պէտք է ‘առաջ նստի ու հաշիւ ընէ ծախքը’, եւ թէ թագաւորը պէտք է ‘առաջ նստի ու խորհի’, թէ իր բանակը ի՛նչ կրնայ ընել (Ղուկ. 14։27-32)։ Այսպէս, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ այն անհատը, որ կ’ուզէ իր աշակերտը դառնալ, պէտք է ուշադրութեամբ քննէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իրեն հետեւիլ։ Այդ պատճառով, պէտք է մեր Աստուածաշունչի աշակերտները քաջալերենք, որ մեզի հետ ամէն շաբաթ սերտեն։ Որպէս ուսուցիչ, պէտք է որ իւրաքանչիւր հանդիպումի համար լաւ նախապատրաստուիս։ Աշակերտդ ի մտի ունենալով, առաջուընէ մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս նիւթը պարզօրէն եւ յստակօրէն բացատրել, որպէսզի ան կարենայ զայն դիւրաւ հասկնալ եւ գործադրել (Նէ. 8։8. Առ. 15։28ա)։ դ20.10 7 ¶5. 8 ¶7
Շաբաթ, յունիս 18
Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի (Մատ. 28։19, 20)։
Յիսուսի տուած ուղղութիւնները յստակ են։ Պէտք է իր պատուիրած բաները մարդոց սորվեցնենք։ Բայց կարեւոր կէտ մը կայ, որ պէտք չէ անտեսենք։ Յիսուս չըսաւ. ‘Սորվեցուցէք անոնց այն բոլոր բաները, որ ես ձեզի պատուիրեցի’, հապա ըսաւ. «Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ Յիսուսի այս մասնաւոր ուղղութեան հետեւելու համար, պէտք է Աստուածաշունչի աշակերտին սորվեցնենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ եւ ինչպէ՛ս (Գործք 8։31)։ Պատուէր մը ‘պահել’ կը նշանակէ անոր հնազանդիլ։ Երբ ուրիշներուն հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, իրենց կը սորվեցնենք թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Բայց պէտք է աւելին ընենք. անոնց սորվեցնենք, որ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ գործադրեն իրենց սորվածները (Յովհ. 14։15. Ա. Յովհ. 2։3)։ Կրնանք մեր օրինակով աշակերտին ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Աստուածաշունչի հիմնական սկզբունքները գործադրել դպրոցին մէջ, գործատեղիին մէջ կամ ժամանցի ընթացքին։ Ասկէ զատ, աշակերտին ներկայութեան կրնանք Եհովային աղօթել, որ սուրբ հոգին զինք առաջնորդէ (Յովհ. 16։13)։ դ20.11 2-3 ¶3-5
Կիրակի, յունիս 19
«Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը (Զաք. 4։6)։
Յիսուսի աշակերտները դժուարութիւններ դիմագրաւեցին։ Օրինակ, Սուրբ Գրութիւններու օրինակները քիչ էին։ Աշակերտները չունէին հրատարակութիւններ, որոնք Սուրբ Գրութիւնները կը բացատրէին, ինչպէս որ այսօր մենք ունինք։ Եւ աշակերտները պէտք էր քարոզէին մարդոց, որոնք բազմաթիւ լեզուներ կը խօսէին։ Հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն, այդ նախանձախնդիր աշակերտները ըրին ինչ որ անկարելի կը թուէր. միայն քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, բարի լուրը քարոզեցին «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» (Կող. 1։6, 23)։ Մեր օրերուն, Եհովան կը շարունակէ իր ժողովուրդը առաջնորդել եւ զօրացնել։ Անշուշտ, ան գլխաւորաբար կ’առաջնորդէ իր ներշնչեալ Խօսքին միջոցաւ։ Հոն արձանագրուած է Յիսուսի ծառայութիւնը եւ իր պատուէրը, որ իր հետեւորդները շարունակեն իր սկսած գործը (Մատ. 28։19, 20)։ Եհովային քով աչառութիւն չկայ. ան առաջուընէ ըսաւ, որ բարի լուրը պիտի քարոզուէր «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» (Յայտ. 14։6, 7)։ Ան կ’ուզէ որ Թագաւորութեան պատգամը բոլորին մատչելի ըլլայ։ դ20.10 21 ¶6-8
Երկուշաբթի, յունիս 20
Վշտացած ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես (Բ. Թագ. 22։28)։
Դաւիթ թագաւոր «Աստուծոյ օրէնք»ը կը սիրէր (Սաղ. 1։1-3)։ Ան գիտէր որ Եհովան կը փրկէ խոնարհները, բայց դէմ կը կենայ հպարտներուն։ Ուստի, Դաւիթ թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ օրէնքը իր մտածելակերպը ճշդէ։ Ան գրեց. «Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն» (Սաղ. 16։7)։ Եթէ խոնարհ ենք, թոյլ պիտի տանք որ Սուրբ Գիրքը մեր սխալ մտածումը սրբագրէ, անոր համաձայն գործելէ առաջ։ Այդպիսով, կարծես Սուրբ Գիրքէն ձայն մը պիտի լսենք, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ Անիկա մեզ պիտի զգուշացնէ, երբ ճամբայէն շեղինք դէպի ձախ կամ դէպի աջ (Եսա. 30։21)։ Եհովային մտիկ ընելով, զանազան կերպերով պիտի օգտուինք (Եսա. 48։17)։ Օրինակ, նեղ կացութեան պիտի չմատնուինք, մէկէ մը սրբագրուելուն պատճառով։ Եւ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք, գիտակցելով որ մեզ կը հոգայ սիրալիր հօր մը պէս (Եբ. 12։7)։ դ20.11 20 ¶6-7
Երեքշաբթի, յունիս 21
Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին (Գործք 17։32)։
Այս տեսակէտը թերեւս ազդած էր ոմանց Կորնթոսի մէջ, նոյնիսկ՝ քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Ա. Կոր. 15։12)։ Իսկ ուրիշներ թերեւս կը հաւատային, թէ յարութիւնը այլաբանական է, այսինքն անհատը ատեն մը մեղքի մէջ «մեռած» էր, բայց «ետ կեանքի եկած» էր որպէս քրիստոնեայ։ Անոնց պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլար, յարութիւնը չընդունիլը կը նշանակէր, թէ անոնց հաւատքը պարապ էր։ Եթէ Աստուած Յիսուսին յարութիւն չտուաւ, ուրեմն փրկանքը չվճարուեցաւ եւ բոլորը մեղքի մէջ մնացին։ Ուստի յարութիւնը մերժողները իսկական յոյս մը չունէին (Ա. Կոր. 15։13-19. Եբ. 9։12, 14)։ Պօղոս առաքեալ անձամբ գիտցաւ, թէ «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է»։ Այդ յարութիւնը աւելի լաւ էր այն մարդոց յարութիւններէն, որոնք ետ կեանքի բերուեցան, բայց ետքը նորէն մեռան։ Պօղոս ըսաւ, որ Յիսուս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղ»ն էր։ Ի՞նչ առումով։ Ան առաջին անձն էր, որ յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն արարած, եւ մարդոցմէն առաջինն էր, որ երկինք գնաց (Ա. Կոր. 15։20. Գործք 26։23. Ա. Պետ. 3։18, 22)։ դ20.12 5 ¶11-12
Չորեքշաբթի, յունիս 22
Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն (Գործք 16։4)։
Առաջին դարուն, Երուսաղէմի մէջ կառավարիչ մարմինը միութեամբ աշխատեցաւ, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կարգապահութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանէ (Գործք 2։42)։ Օրինակ, երբ Ք.Ե. 49–ին, թլփատութեան հարցին շուրջ վէճերը տաքցան, կառավարիչ մարմինը սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ հարցը նկատի առաւ։ Եթէ ժողովքը այս հարցին շուրջ բաժնուած մնար, քարոզչութիւնը կրնար դանդաղիլ։ Թէեւ առաքեալները եւ երէցները հրեայ էին, բայց չազդուեցան հրէական աւանդութենէն կամ զայն մոլեռանդօրէն սորվեցնողներէն։ Փոխարէնը, առաջնորդութեան համար, Աստուծոյ Խօսքին եւ հոգիին դիմեցին (Գործք 15։1, 2, 5-20, 28)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովան իրենց որոշումը օրհնեց, խաղաղութիւն ու միութիւն տիրեց, եւ քարոզչութիւնը թափ առաւ (Գործք 15։30, 31. 16։5)։ Մեր օրերուն ալ Եհովայի կազմակերպութիւնը ջանք թափած է, որպէսզի Եհովայի ժողովուրդին մէջ կարգապահութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանէ։ դ20.10 22-23 ¶11-12
Հինգշաբթի, յունիս 23
Իմ որդիս Սողոմոնը. . . Աստուած [զինք] ընտրեց (Ա. Մն. 29։1)։
Տարիքի, առողջութեան կամ ուրիշ ազդակներու բերումով, թերեւս որակեալ չըլլանք աստուածպետական որոշ նշանակում մը ունենալու։ Եթէ մեր պարագան այդ է, կրնանք Դաւիթ թագաւորի օրինակէն սորվիլ։ Երբ իրեն ըսուեցաւ, որ ինք չէր ընտրուած Աստուծոյ տաճարը շինելու համար,– բան մը որ Դաւիթ սրտանց կ’ուզէր,– ամբողջովին թիկունք կանգնեցաւ անոր, որ Աստուած ընտրած էր այդ նշանակումին համար։ Դաւիթ նոյնիսկ շատ նուիրատուութիւն ըրաւ ծրագրին համար։ Ի՜նչ հոյակապ օրինակ (Բ. Թագ. 7։12, 13. Ա. Մն. 29։3-5)։ Ֆրանսայի մէջ, Ուէկ անունով եղբայր մը առողջապահական խնդիրներու պատճառաւ որպէս երէց ծառայելէ դադրեցաւ եւ նոյնիսկ տնային ամենապարզ գործերը չէր կրնար ընել։ Ան կը գրէ. «Սկիզբը անարժէք զգացի եւ շատ ընկճուեցայ։ Բայց ժամանակի ընթացքին, նկատեցի որ կարեւոր է որ սահմանափակումներս ընդունիմ, եւ այսպէս ուրախութիւն գտայ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Գեդէօնին եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր տղամարդոց պէս, որոնք բոլորն ալ ուժասպառ էին, պիտի շարունակեմ պայքարիլ» (Դատ. 8։4)։ դ20.12 25 ¶14-15
Ուրբաթ, յունիս 24
Մէկզմէկ սիրենք (Ա. Յովհ. 4։7)։
Իր Աւետարանին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ «սէր» եւ «սիրել» բառերը աւելի յաճախ գործածեց, քան միւս երեք աւետարանագիրները՝ միասին առնուած։ Իր ներշնչեալ արձանագրութիւնները կը յայտնեն, թէ սէրը պէտք է ազդէ ամէն բանի, որ քրիստոնեան կ’ընէ (Ա. Յովհ. 4։10, 11)։ Սակայն, ժամանակ առաւ, որ Յովհաննէս այդ դասը սորվի։ Յովհաննէս, երբ երիտասարդ էր, միշտ չէր որ սէր ցոյց կու տար։ Օրինակ, առիթով մը Յիսուս եւ իր աշակերտները կը ճամբորդէին դէպի Երուսաղէմ՝ Սամարիայէն անցնելով։ Սամարիայի մէկ գիւղին մարդիկը մերժեցին զիրենք հիւրասիրել։ Յովհաննէս առաջարկեց երկնքէն կրակ իջեցնել, գիւղին բոլոր բնակիչները բնաջնջելու համար (Ղուկ. 9։52-56)։ Իսկ ուրիշ առիթով մը, Յովհաննէս եւ Յակոբոս իրենց մայրը համոզեցին, որ Յիսուսէն խնդրէ, որ Թագաւորութեան մէջ իրենց երեւելի դիրք տայ։ Երբ միւս առաքեալները իմացան անոնց ըրածին մասին, շա՜տ բարկացան (Մատ. 20։20, 21, 24)։ Սակայն հակառակ Յովհաննէսի բոլոր թերութիւններուն, Յիսուս զինք կը սիրէր (Յովհ. 21։7)։ դ21.01 8-9 ¶3-4
Շաբաթ, յունիս 25
Քրիստոս իր անձին հաճոյ չեղաւ (Հռով. 15։3)։
Եհովայի առած որոշումները ուրիշներուն օգտին համար կ’ըլլան։ Օրինակ, ան որոշեց կեանքը ստեղծել, ոչ թէ իր օգտին համար, հապա քանի որ ուզեց որ մենք վայելենք ապրելու հաճոյքը։ Մէկը չէր կրնար զինք ստիպել, որ իր Որդին տայ մեր մեղքերը ծածկելու համար։ Ան յօժարաբար որոշեց այդ զոհողութիւնը ընել, որպէսզի մենք օգտուինք։ Յիսուս ալ այնպիսի որոշումներ առաւ, որոնք գլխաւորաբար ուրիշներուն օգտին համար էին։ Օրինակ, ան որոշեց հանգիստ ընելու իր պէտքէն վազ անցնիլ, որպէսզի ամբոխի մը սորվեցնէ (Մար. 6։31-34)։ Ընտանիքի լաւ գլուխ մը գիտէ որ ամենադժուար բաներէն մէկը, որ պէտք է ընէ, իր ընտանիքին համար իմաստուն որոշումներ առնելն է, եւ ինք այդ պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնէ։ Ան կը ջանայ չմտածուած կամ զգացումներուն վրայ հիմնուած որոշումներ չառնել։ Փոխարէնը, Եհովային թոյլ կու տայ որ զինք մարզէ (Առ. 2։6, 7)։ Այսպիսով, պիտի փնտռէ ուրիշներուն օգուտը, եւ ոչ թէ իր օգուտը (Փլպ. 2։4)։ Եթէ ամուսինը ջանայ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել, ընտանիքի լաւ գլուխ պիտի ըլլայ։ դ21.02 7 ¶19-21
Կիրակի, յունիս 26
Ասա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի եւ ուղիղ եղածը ըրաւ (Բ. Մն. 14։2)։
Ասա թագաւորը պատանի եղած ատեն խոնարհ ու քաջ էր։ Օրինակ, երբ իր հայրը՝ Աբիան մեռաւ, ան թագաւոր եղաւ եւ սկսաւ երկրէն կուռքերը վերցնել։ Ան նաեւ «Յուդային հրամայեց, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն» (Բ. Մն. 14։1-7)։ Եւ երբ եթովպիացի Զարան 1,000,000 զինուորներով Յուդային վրայ յարձակեցաւ, Ասան իմաստութեամբ վարուելով, Եհովայի օգնութեան դիմեց, ըսելով. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք»։ Այս գեղեցիկ խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Ասան մեծ վստահութիւն ունէր, որ Եհովան կրնա՛յ զինք եւ իր ժողովուրդը ազատել։ Ասան իր երկնաւոր Հօր վստահեցաւ եւ Եհովան «Եթովպիացիները. . . զարկաւ» (Բ. Մն. 14։8-12)։ Անշուշտ կը համաձայնիք որ 1,000,000 զինուորներու դէմ դնելը դիւրին բան մը չէր։ Բայց քանի որ Ասան Եհովային ապաւինեցաւ, յաջողեցաւ դէմ դնել։ դ21.03 5 ¶12-13
Երկուշաբթի, յունիս 27
Իրարու գորովալից եղէ՛ք (Հռով. 12։10)։
Աստուածաշունչը կը պատմէ անկատար մարդոց մասին, որոնք գուրգուրանք ցոյց տուին։ Նկատի առ Յովնաթանին եւ Դաւիթին օրինակը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա» (Ա. Թագ. 18։1)։ Դաւիթ օծուած էր, որ Սաւուղին յաջորդէր որպէս թագաւոր։ Ժամանակի ընթացքին, Սաւուղ Դաւիթին նախանձեցաւ եւ փորձեց զինք սպաննել։ Բայց Սաւուղին որդին՝ Յովնաթանը, իր հօր թիկունք չկանգնեցաւ այդ չարամիտ ծրագրին մէջ։ Յովնաթան ու Դաւիթ իրարու խօսք տուին, որ միշտ բարեկամներ մնան եւ իրարու աջակցին (Ա. Թագ. 20։42)։ Յովնաթանին ու Դաւիթին ջերմ կապուածութիւնը աւելի աչքառու է, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք կարգ մը իրողութիւններ, որոնք կրնային իրենց բարեկամութեան արգելք ըլլալ։ Օրինակ, Յովնաթան Դաւիթէն շուրջ 30 տարի մեծ էր։ Ան կրնար խորհիլ, թէ կարելի չէր բարեկամ դառնալ մէկու մը, որ իրմէ աւելի երիտասարդ էր եւ շատ փորձառութիւն չունէր։ Սակայն ան Դաւիթը ցած աչքով չդիտեց, հապա անոր հանդէպ խոր յարգանք ունէր։ դ21.01 22 ¶6-7
Երեքշաբթի, յունիս 28
Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք (Յակ. 1։2)։
Յիսուս խոստացաւ, որ իր հետեւորդները իրապէս ուրախ պիտի ըլլային։ Բայց նաեւ զգուշացուց որ փորձութիւններ պիտի դիմագրաւէին (Մատ. 10։22, 23. Ղուկ. 6։20-23)։ Մենք ուրախ ենք որ Քրիստոսին աշակերտներն ենք։ Բայց ի՞նչ կը զգանք երբ մտածենք, թէ կարելի է որ մեր ընտանիքը մեզի հակառակի, կառավարութիւնը մեզ հալածէ կամ մեր գործընկերները կամ դասընկերները մեզ ճնշեն որ սխալ բան մը ընենք։ Բնական է, որ ասոնք մեզի մտահոգութիւն պատճառեն։ Սովորաբար մարդիկ հալածանքը ուրախութեան պատճառ չեն նկատեր։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ճիշդ այդպէս նկատենք։ Օրինակ, Յակոբոս աշակերտ գրեց որ փոխանակ տակնուվրայ ըլլալու, պէտք է ուրախութիւն սեպենք երբ փորձութիւններէ կ’անցնինք (Յակ. 1։2, 12)։ Իսկ Յիսուս ըսաւ, որ պէտք է ուրախ ըլլանք նոյնիսկ երբ կը հալածուինք (Մատ. 5։11)։ Եհովան Յակոբոսը ներշնչեց որ քրիստոնեաներուն գրէ, նշելով գործնական խրատներ, որոնք իրենց պիտի օգնէին որ ուրախ մնային հակառակ նեղութիւններուն։ դ21.02 26 ¶1-2. 27 ¶5
Չորեքշաբթի, յունիս 29
[Փախի՛ր] պիղծ ունայնաբանութիւններէ (Ա. Տիմ. 6։20)։
Տիմոթէոսի ժամանակակիցներէն ոմանք Աստուծոյ գործակիցները ըլլալու իրենց առանձնաշնորհումը չգնահատեցին, ինչպէս՝ Դեմաս, Փիգեղոս, Հերմոգինէս, Հիմենոս, Աղեքսանդրոս եւ Փիղետոս (Ա. Տիմ. 1։19, 20. Բ. Տիմ. 1։15. 2։16-18. 4։10)։ Ակներեւաբար այս բոլոր անհատները ատեն մը հոգեւորապէս զօրաւոր էին, բայց դադրեցան իրենց տրուած աւանդը արժէքաւոր սեպելէ։ Սատանան ինչպէ՞ս կը ջանայ մեզ մղել, որ Եհովայի կողմէ մեզի վստահուած գանձերէն վազ անցնինք։ Նկատի առ անոր մեթոտներէն ոմանք։ Ան ժամանցը եւ հաղորդամիջոցները կը գործածէ որոշ արժանիքներ, մտածելակերպ եւ վարուելակերպ յառաջ մղելու, յուսալով որ անոնք պատճառ դառնան, որ ճշմարտութեան հանդէպ մեր սէրը պաղի։ Ան հալածանքը կամ հասակակիցներու ճնշումը գործածելով կը փորձէ մեզ վախցնել, որպէսզի քարոզելէ կենանք։ Նաեւ կը փորձէ հաւատուրացներու «սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններ»ուն միջոցաւ մեզ հրապուրել, որպէսզի ճշմարտութիւնը լքենք։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք ճշմարտութիւնը աստիճանաբար ձգել (Ա. Տիմ. 6։21)։ դ20.09 27 ¶6-8
Հինգշաբթի, յունիս 30
Տէրը իմ աղօթքս լսեց. Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի (Սաղ. 6։9)։
Արդեօք բարեկամ մը կամ ընտանիքի անդամ մը քեզ վիրաւորա՞ծ է։ Եթէ այո՛, պիտի օգտուիս նկատի առնելով Դաւիթ թագաւորին տղուն՝ Աբիսողոմին, պատմութիւնը (Բ. Թագ. 15։5-14, 31. 18։6-14)։ Այդ դէպքը ի մտի ունենալով, Եհովային պատմէ թէ ի՛նչ կը զգաս քեզի հանդէպ ցոյց տրուած գէշ վերաբերմունքին նկատմամբ (Սաղ. 6։6-8)։ Երեւակայէ թէ Դաւիթ ի՛նչ զգացած ըլլալու էր այս բոլոր դէպքերուն ընթացքին։ Ան Աբիսողոմը կը սիրէր եւ Աքիտոփէլին կը վստահէր։ Բայց երկուքն ալ իրեն դաւաճանեցին։ Անոնք իր սիրտը կտոր–կտոր ըրին եւ նոյնիսկ փորձեցին զինք մեռցնել։ Դաւիթ կրնար իր միւս բարեկամներուն հանդէպ իր վստահութիւնը կորսնցնել, կասկածելով որ անոնք ալ Աբիսողոմին հետ էին։ Կրնար միայն իր անձին մասին մտածել եւ մինակը երկրէն փախչիլ։ Կամ ալ կրնար յուսահատութեան յանձնուիլ։ Փոխարէնը, օգնութեան համար Եհովային դիմեց։ Ան նաեւ իր բարեկամներէն օգնութիւն խնդրեց։ Եւ արագօրէն գործի անցաւ, որ իր առած որոշումները կատարէ։ Ան շարունակեց Եհովային ապաւինիլ եւ իր բարեկամներուն վստահիլ։ դ21.03 15 ¶7-8. 17 ¶10-11