Յուլիս
Ուրբաթ, յուլիս 1
Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ (Մատ. 28։18)։
Պէտք է Յիսուսի հետ փոխյարաբերութիւն ունենանք, որպէսզի մեր աղօթքները պատասխանուին։ Ասիկա կը նշանակէ որ մեր աղօթքներուն վերջաւորութեան՝ «Յիսուսի անունով» ըսելէն աւելին պէտք է ընենք։ Պէտք է հասկնանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յիսուսը կը գործածէ մեր աղօթքներուն պատասխանելու համար։ Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա» (Յովհ. 14։13)։ Թէեւ Եհովան է որ մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ ու անոնց կը պատասխանէ, բայց ան Յիսուսի հեղինակութիւն տուած է որ Իր որոշումները գործադրէ։ Ուստի, Եհովան մեր աղօթքներուն պատասխանելէ առաջ կը նայի, թէ Յիսուսի տուած խրատը գործադրա՛ծ ենք կամ ոչ։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները» (Մատ. 6։14, 15)։ Ուրեմն որքա՜ն կարեւոր է որ ուրիշներուն հետ վարուինք այն ազնիւ կերպով, որով Եհովան ու Յիսուսը մեզի հետ կը վարուին։ դ20.04 22 ¶6
Շաբաթ, յուլիս 2
Կը քարոզենք ձեզի, որ այդ փուճ բաներէն կենդանի Աստուծոյ դառնաք (Գործք 14։14)։
Պօղոս առաքեալ ուզեց գիտնալ, թէ իր ունկնդիրները ի՛նչ հետաքրքրութիւններ ունէին, եւ ապա իր ներկայացումը ատոնց յարմարցուց։ Օրինակ, այն բազմութիւնը, որուն խօսեցաւ Լիւստրայի մէջ, Սուրբ Գրութիւններուն մասին չնչին գիտութիւն ունէր կամ ալ բնա՛ւ չէր գիտեր։ Ուստի, Պօղոս անոնց հետ խօսեցաւ նիւթեր, որոնք կրնային հասկնալ։ Օրինակ, ան խօսեցաւ առատ բերքի մասին եւ կեանքը վայելելու մարդուն կարողութեան մասին, գործածելով այնպիսի բառեր եւ օրինակներ, որոնք իրեն մտիկ ընողները կրնային ըմբռնել։ Խորատեսութիւն գործածելով գիտցիր, թէ թաղամասիդ մարդիկը ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած են եւ ներկայացումդ ատոնց յարմարցուր։ Երբ անհատի մը կամ իր տան կը մօտենաս, ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած է։ Ուշադիր եղիր։ Թերեւս ան իր պարտէզին հոգ կը տանի, գիրք կը կարդայ, ինքնաշարժ կը նորոգէ կամ ուրիշ գործ մը կ’ընէ։ Եթէ յարմար է, կրնաս իրեն հետ խօսակցութիւն մը սկսիլ, իր ըրածին մասին խօսելով (Յովհ. 4։7)։ Նոյնիսկ անհատին հագուածքը կրնայ բան մը ըսել իր մասին, օրինակ՝ իր ազգութեան, գործին կամ նախասիրած մարզական խումբին մասին։ դ20.04 11 ¶11-12
Կիրակի, յուլիս 3
Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։7)։
Մտատանջութենէ տառապելով, կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր ջղագրգիռ կ’ըլլան եւ կը զգան թէ լուսարձակի տակ են, երբ ուրիշ մարդոց հետ կ’ըլլան։ Իրենց համար դժուար է մեծ խումբերու մէջ ըլլալը, բայց կը շարունակեն ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Թէեւ անծանօթներու հետ խօսիլը մարտահրաւէր է, բայց դաշտի ծառայութեան մէջ լուռ չեն կենար։ Եթէ այդ է պարագադ, վստահ եղիր որ շատեր նոյն դժուարութիւնը ունին։ Յիշէ որ Եհովան սրտագին ջանքերուդ կը հաճի։ Այն իրողութիւնը, որ չես յանձնուած, փաստ է թէ ան քեզ կ’օրհնէ եւ պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ (Փլպ. 4։6, 7)։ Եթէ Եհովայի կը ծառայես, թէեւ ֆիզիքական կամ զգացական սահմանափակումներ ունիս, կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի կը հաճի։ Մեզմէ շատեր ֆիզիքական սահմանափակումներ ունին, սակայն կը տոկան (Բ. Կոր. 4։16)։ Եհովայի օգնութեամբ, բոլորս պիտի վազենք մինչեւ որ աւարտագիծը կտրենք։ դ20.04 31 ¶20-21
Երկուշաբթի, յուլիս 4
Ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները (Հռով. 1։20, ՆԹ)։
Աստուծոյ իմաստութիւնը յստակօրէն կը տեսնենք այն կերպին մէջ, որով պատրաստեց մեր տունը՝ երկիրը (Եբ. 3։4)։ Անիկա միակը չէ որ արեւուն շուրջ կը դառնայ, բայց յատուկ է, քանի որ մարդկային կեանքը գոյատեւելու բոլոր յարմար պայմանները ունի։ Կարգ մը երեսակներով, երկիրը կը նմանի ովկիանոսի մը մէջ ծփացող նաւու մը։ Բայց մեծ տարբերութիւններ կան մարդոցմով լեցուն նաւու մը եւ երկրին միջեւ։ Օրինակ, նաւու մէջի մարդիկը որքա՞ն ժամանակ ողջ պիտի մնան, եթէ իրե՛նք կ’ապահովեն իրենց թթուածինը, ուտելիքն ու ջուրը, եւ եթէ չեն կրնար աղբերը նաւէն դուրս թափել։ Անոնք չեն կրնար երկար ապրիլ։ Միւս կողմէ, երկիրը միլիառաւոր էակներ կ’ապրեցնէ։ Անիկա մեզի պէտք եղած թթուածինը, ուտելիքն ու ջուրը կ’արտադրէ, եւ անոնք բնա՛ւ վերջ չեն գտներ։ Թէեւ աղբերը անջրպետ չեն թափուիր, բայց երկիրը գեղեցիկ ու բնակելի կը մնայ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։ Եհովան երկիրը այնպէս մը ծրագրեց, որ կրնայ բնական աղբիւրները վերամշակել։ դ20.05 20 ¶3-4
Երեքշաբթի, յուլիս 5
Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք (Ծն. 3։4)։
Սատանան Եւային հասկցուց, որ Եհովան ստախօս է։ Այդպիսով Սատանան դարձաւ բանսարկու, կամ զրպարտիչ։ Եւան ամբողջովին խաբուեցաւ. ան հաւատաց Սատանային (Ա. Տիմ. 2։14)։ Անոր աւելի վստահեցաւ քան Եհովային, ինչ որ դիւրացուց ամենավատ որոշումը առնելը. Եհովային չհնազանդիլ։ Ան կերաւ արգիլուած պտուղէն, եւ ետքը Ադամին ալ տուաւ (Ծն. 3։6)։ Պահ մը մտածէ, թէ Եւան ի՛նչ պէտք էր ըսէր Սատանային։ Երեւակայէ որ այսպիսի բան մը ըսէր. «Ես քեզ չեմ ճանչնար, բայց Հայրս՝ Եհովան, կը ճանչնամ, եւ զինք կը սիրեմ ու իրեն կը վստահիմ։ Ամէն ինչ որ Ադամ ու ես ունինք, ա՛ն մեզի տուած է։ Ինչպէ՞ս կը համարձակիս գէշ բան մը ըսել անոր մասին։ Ետի՛ս գնա»։ Եհովան որչա՜փ պիտի ուրախանար, լսելով իր սիրալիր աղջիկին հաւատարիմ խօսքերը (Առ. 27։11)։ Բայց Եւան Եհովայի հանդէպ հաւատարիմ սէր չունէր, ոչ ալ Ադամ ունէր։ Իրենց Հօր հանդէպ այդպիսի սէր չունենալով, Ադամն ու Եւան չպաշտպանեցին անոր անունը զրպարտութեան դէմ։ դ20.06 4 ¶10-11
Չորեքշաբթի, յուլիս 6
Բարի լուրը պատմող կիները մեծ բանակ են (Սաղ. 68։11, ՆԱ)։
Մեր քոյրերը արժանի են գովասանքի՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց բոլոր ըրածներուն համար։ Այդ ծառայութիւնը կը պարփակէ՝ շէնքեր կառուցանել ու նորոգել, օտար լեզու գործածող խումբերու թիկունք կանգնիլ եւ Բեթէլի համալիրներուն մէջ կամաւորապէս ծառայել։ Անոնք աղէտէ տուժածներու կ’օգնեն, մեր հրատարակութիւնները թարգմանելու մէջ կ’օգնեն եւ կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ ու միսիոնարներ։ Ասկէ զատ, կիները իրենց ամուսիններուն կ’օգնեն, որ ժողովքին ու կազմակերպութեան մէջ իրենց ծանր բեռը կրեն։ Այս պատասխանատու եղբայրները, որոնք «պարգեւներ» են, պիտի չկարենային իրենց այդ դերը լիովին կատարել առանց իրենց կիներուն աջակցութեան (Եփ. 4։8)։ Իմաստուն երէցները կ’ըմբռնեն, թէ քոյրերը պատրաստակամ աշխատողներու «մեծ բանակ» են եւ թէ յաճախ անոնք բարի լուրի ամենահմուտ քարոզիչներէն են։ Ատկէ զատ, երէցները կը գիտակցին որ հաւատարիմ ու հասուն քոյրերը շատ լաւ կերպով կրնան երիտասարդ քոյրերուն օգնել՝ իրենց դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու (Տիտ. 2։3-5)։ Վստահաբար, մեր քոյրերը արժանի են մեր սիրոյն ու գնահատանքին։ դ20.09 23-24 ¶13-14
Հինգշաբթի, յուլիս 7
Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի (Մատ. 18։14)։
Եհովան չի մոռնար անոնք, որոնք անգամ մը իրեն կը ծառայէին, բայց այժմ իր ժողովուրդին չեն ընկերակցիր։ Ան նաեւ չի մոռնար անոնց մատուցած ծառայութիւնը իրեն (Եբ. 6։10)։ Եսայի մարգարէն գեղեցիկ կերպով նկարագրեց, թէ ինչպէս Եհովան իր ժողովուրդին հոգ կը տանի։ Ան գրեց. «Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ» (Եսա. 40։11)։ Մեծ Հովիւը ինչպէ՞ս կը զգայ, երբ իր ոչխարներէն մէկը հօտէն մոլորի։ Յիսուս Եհովայի զգացումները յայտնեց, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու երթար մոլորածը փնտռեր։ Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունիննին՝ որոնք մոլորած չէին» (Մատ. 18։12, 13)։ դ20.06 19-20 ¶8-9
Ուրբաթ, յուլիս 8
Եթէ մէկը կը ձգտի տեսուչ ըլլալ, աղէկ գործի կը ցանկայ (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ)։
Ամէն կարելի կերպով Եհովայի ծառայելը առանձնաշնորհում կը սեպենք (Սաղ. 27։4. 84։10)։ Եթէ եղբայր մը կրնայ ինքզինք մատչելի դարձնել ծառայութեան մասնաւոր առանձնաշնորհումի մը համար, ասիկա գովելի է։ Սակայն, երբ նշանակում մը ստանայ, իր մասին պէտք եղածէն աւելի պէտք չէ մտածէ (Ղուկ. 17։7-10)։ Անոր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ ուրիշներուն խոնարհաբար ծառայել (Բ. Կոր. 12։15)։ Աստուածաշունչը կը խօսի անհատներու մասին, որոնք իրենց անձին մասին բարձր կարծիք ունէին։ Դիոտրեփէսը անհամեստօրէն ուզեց ժողովքին մէջ «առաջին ըլլալ» (Գ. Յովհ. 9)։ Ոզիան հպարտօրէն փորձեց կատարել պարտականութիւն մը, որ Եհովան իրեն չէր նշանակած (Բ. Մն. 26։16-21)։ Աբիսողոմը խորամանկօրէն ջանաց ժողովուրդին աջակցութիւնը շահիլ, քանի որ ուզեց թագաւոր ըլլալ (Բ. Թագ. 15։2-6)։ Ինչպէս որ այդ արձանագրութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, Եհովան չի հաճիր անոնց, որոնք իրենց փառքը կը փնտռեն (Առ. 25։27)։ Ժամանակի ընթացքին, հպարտութիւնն ու փառասիրութիւնը միայն աղէտի կ’առաջնորդեն (Առ. 16։18)։ դ20.07 4 ¶7-8
Շաբաթ, յուլիս 9
Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ (Գաղ. 6։5)։
Կարգ մը քրիստոնեայ ընտանիքներ ուրիշ երկիր փոխադրուած են որպէս գաղթական կամ գործ գտնելու նպատակով։ Առ ի արդիւնք, անոնց զաւակները նոր երկրի գլխաւոր լեզուով ուսում կ’առնեն։ Ծնողները նոյնպէս թերեւս ստիպուին գլխաւոր լեզուն սորվիլ, որպէսզի կարենան ընտանիքին ապրուստը ճարել։ Արդեօք ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ շրջանին մէջ իրենց մայրենի լեզուն գործածող ժողովք կամ խումբ կայ։ Ընտանիքը ո՞ր ժողովքին պէտք է պատկանի. երկրի գլխաւոր լեզուն գործածող ժողովքի՞ն, թէ՞ ընտանիքին մայրենի լեզուն գործածող ժողովքին։ Ընտանիքին գլուխը պէտք է որոշէ, թէ ընտանիքը ո՛ր ժողովքին պիտի պատկանի։ Ասիկա անձնական հարց ըլլալով, ան պէտք է նկատի առնէ, թէ իր ընտանիքին համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ Իսկ մենք պէտք է ընտանիքի գլուխին որոշումը յարգենք եւ ընտանիքը ընդունինք որպէս մեր ժողովքին արժէքաւոր մէկ մասը (Հռով. 15։7)։ դ20.08 30 ¶17-18
Կիրակի, յուլիս 10
Աստուած. . . աշխարհիս տկարները ընտրեց (Ա. Կոր. 1։27)։
Եթէ կ’ուզենք Եհովայէն զօրութիւն ստանալ, պէտք չէ մտածենք թէ ֆիզիքական ուժը, ուսումը, մշակութային ենթահողը կամ նիւթական հարստութիւնը կ’որոշէ, թէ Եհովային որքա՛ն օգտակար կրնանք ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդէն քիչեր ‘մարմնի կողմանէ իմաստուններ, զօրաւորներ եւ ազնուականներ’ են (Ա. Կոր. 1։26)։ Ուստի, եթէ մեկնաբանութեան սկիզբը նշուած բաները չունիս, տակաւին կրնաս Եհովայի ծառայել։ Պարագադ առիթ սեպէ տեսնելու, թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզ կը զօրացնէ։ Օրինակ, եթէ կը վախնաս անոնցմէ, որոնք հաւատալիքներդ հարցականի տակ կ’առնեն, աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի համարձակութիւն տայ, որպէսզի հաւատքդ պաշտպանես (Եփ. 6։19, 20)։ Եւ եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունիս, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի պէտք եղած ուժը տայ, որպէսզի կարելի եղածին չափ զբաղած մնաս իր ծառայութեան մէջ։ Ամէն անգամ որ Եհովայի օգնութիւնը զգաս, հաւատքդ պիտի աւելնայ եւ աւելի պիտի զօրանաս։ դ20.07 16 ¶9
Երկուշաբթի, յուլիս 11
Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը (Մատ. 6։33)։
Եթէ կ’ուզենք Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, պէտք է Աբրահամին պէս ըլլանք, որ Աստուած հաճեցնելու համար յօժարաբար զոհողութիւններ ըրաւ (Մար. 10։28-30. Եբ. 11։8-10)։ Մի՛ ակնկալեր որ կեանքդ խնդիրներէ զերծ ըլլայ։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը Եհովայի ծառայելու նուիրած են, խնդիրներ կ’ունենան (Յակ. 1։2. Ա. Պետ. 5։9)։ Որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է կեդրոնանանք ապագային վրայ։ Ինչո՞ւ։ Ներկայ դէպքերը յստակօրէն ցոյց կու տան, որ «վերջին օրերուն» վերջին մասին մէջ ենք։ Օրհնութիւններէն մէկը, որ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ պիտի վայելենք, այն է՝ որ մեր սիրելիները յարութիւն պիտի առնեն։ Այդ ժամանակ, Եհովան Աբրահամը պիտի վարձատրէ իր հաւատքին ու համբերութեան համար, զինք եւ իր ընտանիքը ետ կեանքի բերելով։ Արդեօք հոն պիտի ըլլա՞ս զիրենք դիմաւորելու համար։ Կրնա՛ս ըլլալ, եթէ Աբրահամի պէս պատրաստ ես Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ ընելու, եթէ հաւատքդ պահպանես հակառակ խնդիրներուդ, եւ եթէ համբերութեամբ Եհովայի սպասես (Միք. 7։7)։ դ20.08 5-6 ¶13-14. 7 ¶17
Երեքշաբթի, յուլիս 12
Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ (Յայտ. 2։10)։
Գիտենք որ եթէ մեր թշնամիները մեզ սպաննեն, Եհովան մեզ ետ կեանքի պիտի բերէ։ Համոզուած ենք, որ անոնց ըրած ո՛չ մէկ բանը կրնայ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կտրել (Հռով. 8։35-39)։ Եհովան ի՜նչ ուշագրաւ իմաստութիւն ցոյց տուած է, մեզի տալով յարութեան յոյսը։ Այսպիսով, ան Սատանային ձեռքէն խլած է անոր ամէնէն ազդեցիկ զէնքերէն մէկը եւ միեւնոյն ժամանակ մեզ զինած է մեծ քաջութեամբ։ Եթէ Եհովան ատողները սպառնան քեզ մեռցնել, վստահութիւն պիտի ունենա՞ս որ Եհովան քեզի յարութիւն պիտի տայ։ Հիմակուընէ ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Պզտիկ որոշումները, որ իւրաքանչիւր օր կ’առնեմ, ցոյց կու տա՞ն թէ Եհովային կը վստահիմ’ (Ղուկ. 16։10)։ ‘Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ, թէ կը վստահիմ Եհովայի խոստումին, որ նիւթական կարիքներս պիտի հոգայ եթէ նա՛խ իր Թագաւորութիւնը խնդրեմ’ (Մատ. 6։31-33)։ Եթէ պատասխանդ «այո» է, ուրեմն նախապատրաստուած ես ապագայ որեւէ փորձութիւն դիմագրաւելու (Առ. 3։5, 6)։ դ20.08 18 ¶15-16
Չորեքշաբթի, յուլիս 13
Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով (Բ. Տիմ. 2։15)։
Պէտք է Աստուածաշունչը գործածելուն վերաբերեալ հմտութիւններ ձեռք ձգենք։ Այդ հմտութիւններէն ոմանք կրնանք սորվիլ մեր ժողովներուն մէջ։ Իսկ որպէսզի կարենանք ուրիշները համոզել, թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրապէս արժէքաւոր է, անհրաժեշտ է Աստուածաշունչի անձնական սերտողութեան կանոնաւոր յայտագիր ունենալ։ Աստուածաշունչը գործածելը կ’օգնէ, որ մեր հաւատքը զօրանայ։ Ատոր համար, պէտք է մեր կարդացածին վրայ խոկանք ու մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ընենք, որպէսզի զայն շիտակ կերպով հասկնանք ու բացատրենք (Ա. Տիմ. 4։13-15)։ Երբ համար մը կարդանք, կ’ուզենք մեզի մտիկ ընողներուն օգնել, որ զայն հասկնան ու տեսնեն թէ ինչպէ՛ս իրենց կը կիրարկուի։ Անձնական սերտողութեան կանոնաւոր յայտագրի մը կառչելով, կրնանք Աստուածաշունչը աւելի լաւ կերպով ուրիշներուն սորվեցնել (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ դ20.09 28 ¶12
Հինգշաբթի, յուլիս 14
Միտք բերէք [Յիսուսը]. . . որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք (Եբ. 12։3)։
Կրնանք քարոզչութեան վրայ կեդրոնացած մնալ, եթէ խոկանք այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան կ’ընէ մեզի օգնելու համար։ Օրինակ, ան առատ հոգեւոր սնունդ կու տայ՝ տպուած եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու, ձայնագրութիւններու, վիտէօներու եւ առցանց հեռարձակումի միջոցաւ։ Մտածէ. մեր պաշտօնական կայքին վրայ տեղեկութիւններ մատչելի են աւելի քան 1000 լեզուներով (Մատ. 24։45-47)։ Նաեւ կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Ան բանի մը թոյլ չտուաւ, որ զինք շեղէ ճշմարտութեան համար վկայելէ (Յովհ. 18։37)։ Ան չհրապուրուեցաւ, երբ Սատանան առաջարկեց «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը» իրեն տալ, ոչ ալ փորձութեան տեղի տուաւ, երբ ուրիշներ ուզեցին զինք թագաւոր ընել (Մատ. 4։8, 9. Յովհ. 6։15)։ Նիւթական հարստութիւն ձեռք ձգելու փափաք չունեցաւ, ոչ ալ խիստ հակառակութենէն վախցաւ (Ղուկ. 9։58. Յովհ. 8։59)։ Երբ մեր հաւատքը փորձուի, կրնանք կեդրոնացած մնալ, եթէ յիշենք Պօղոս առաքեալին տուած խրատը այս օրուան համարին մէջ։ դ20.09 10 ¶6-7
Ուրբաթ, յուլիս 15
Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին (Ա. Կոր. 11։1)։
Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ այսքան շատ քոյրեր ժրաջանօրէն կ’աշխատին ժողովքին մէջ։ Անոնք ժողովներուն մէջ բաժին կը բերեն եւ ծառայութեան կը մասնակցին։ Անոնք հաւատակիցներով կը հետաքրքրուին, եւ ոմանք կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահը նորոգելու։ Անշուշտ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Ոմանք իրենց տարեց ծնողքին հոգ կը տանին։ Ոմանց ընտանիքի անդամները իրենց կը հակառակին։ Իսկ ուրիշներ առանձին ծնող են եւ իրենց զաւակներուն ապրուստը ճարելու համար ծանր կ’աշխատին։ Ինչո՞ւ պէտք է կեդրոնանանք քոյրերուն թիկունք կանգնելու վրայ։ Քանի որ աշխարհը կիներուն միշտ չի տար այն պատիւը, որուն արժանի են։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ անոնց թիկունք կանգնինք։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Հռոմի ժողովքին ըսաւ, որ Փիբէն դիմաւորեն եւ ‘անոր խնամք տանին ի՛նչ բանի որ իրենց օգնութեանը կարօտի’ (Հռով. 16։1, 2)։ Պօղոս եկաւ մշակոյթէ մը, որ կիները ստորադաս կը նկատէր եւ անոնց հետ ըստ այնմ կը վարուէր։ Բայց ան քրիստոնեայ դառնալէ ետք, Յիսուսը ընդօրինակեց եւ սկսաւ կիներուն հետ յարգանքով ու ազնուութեամբ վարուիլ։ դ20.09 20 ¶1-2
Շաբաթ, յուլիս 16
Աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի (Մատ. 28։19, 20)։
Աստուածաշունչի աշակերտին օգնելու համար, որ բարի լուրը քարոզելու փափաքը ունենայ, կրնանք իրեն այսպիսի հարցումներ հարցնել. «Թագաւորութեան պատգամը ընդունելով կեանքդ ինչպէ՞ս բարեփոխուած է։ Կը կարծե՞ս որ ուրիշներ ալ պէտք ունին այս պատգամը լսելու։ Ինչպէ՞ս կրնաս անոնց օգնել» (Առ. 3։27. Մատ. 9։37, 38)։ Յիշէ որ Յիսուս մեզի ուղղութիւն տուաւ, որ ուրիշներուն սորվեցնենք ‘պահել այն բոլոր բաները, որ ինք պատուիրեց’։ Ատիկա վստահաբար կը պարփակէ մեծագոյն երկու պատուիրանները՝ Աստուած սիրել եւ ընկերը սիրել, որոնք սերտօրէն կապ ունին քարոզելու եւ աշակերտելու գործին հետ (Մատ. 22։37-39)։ Իրականութեան մէջ, սէրը քարոզչութեան մասնակցելու գլխաւոր մղումն է։ Հասկնալի է, որ կարգ մը աշակերտներու համար քարոզելու գաղափարն իսկ կրնայ վախ պատճառել։ Բայց կրնանք զիրենք վստահեցնել, որ Եհովայի օգնութեամբ պիտի կարենան կամաց–կամաց յաղթահարել մարդոց հանդէպ վախը (Սաղ. 18։1-3. Առ. 29։25, ՆԱ)։ դ20.11 3 ¶6-8
Կիրակի, յուլիս 17
Չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ (Կող. 1։9)։
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար նախապատրաստուելու ատեն, Եհովային աղօթէ աշակերտին եւ անոր կարիքներուն մասին։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ Աստուածաշունչէն սորվեցնես այնպիսի կերպով մը, որ աշակերտին սրտին հասնի։ Մի՛ մոռնար, թէ նպատակդ է իրեն օգնել, որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։ Աշակերտը պէտք է նաեւ Եհովային հետ հաղորդակցի։ Ինչպէ՞ս։ Եհովային մտիկ ընելով եւ իրեն խօսելով։ Կրնայ Եհովային մտիկ ընել, Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով (Յես. 1։8. Սաղ. 1։1-3)։ Ան կրնայ Եհովային խօսիլ, իրեն աղօթելով ամէն օր։ Ուստի, իւրաքանչիւր ուսումնասիրութենէ առաջ եւ ետք, սրտանց աղօթէ աշակերտիդ հետ եւ իրեն համար։ Մինչ աղօթքներդ մտիկ կ’ընէ, պիտի սորվի ինչպէ՛ս սրտանց աղօթել եւ իր աղօթքը Եհովային ուղղել Յիսուս Քրիստոսի անունով (Մատ. 6։9. Յովհ. 15։16)։ Երեւակայէ թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը (Եհովային մտիկ ընելը) եւ աղօթելը (Եհովային խօսիլը) աշակերտիդ պիտի օգնեն, որ Աստուծոյ ա՛լ աւելի մօտենայ (Յակ. 4։8)։ դ20.10 8 ¶8. 9 ¶10-11
Երկուշաբթի, յուլիս 18
Ջանացէք Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել (Եփ. 4։3)։
Ներկայիս Եհովայի կազմակերպութիւնը նոյնքան հետաքրքրուած է կարգապահութեամբ եւ խաղաղութեամբ որքան նախկին քրիստոնեաները (Գործք 16։4, 5)։ Օրինակ, եթէ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ներկայ պիտի ըլլաս ուրիշ ժողովքի կամ նոյնիսկ ուրիշ երկրի մը մէջ, արդէն գիտես, թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս պիտի վարուի եւ թէ ի՛նչ պիտի սերտուի։ Շատ արագ հանգիստ պիտի զգաս։ Միայն Աստուծոյ հոգին կրնայ կարելի դարձնել այսպիսի թանկագին միութիւն (Սոփ. 3։9)։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ժողովքին մէջ միութիւնը եւ խաղաղութիւնը յառաջ կը մղե՞մ։ Առաջնորդութիւն առնողներուն կը հնազանդի՞մ։ Վստահելի՞ անձ մըն եմ, մանաւանդ եթէ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ունիմ։ Ճշդապա՞հ եմ եւ պատրա՞ստ եմ ուրիշներուն օգնելու’ (Յակ. 3։17)։ Եթէ զգաս թէ որոշ մարզի մը մէջ բարելաւուելու պէտք ունիս, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Ո՛րքան աւելի թոյլ տաս որ անիկա ազդէ անձնաւորութեանդ եւ արարքներուդ, ա՛յնքան աւելի հաւատակիցներդ քեզ պիտի սիրեն եւ արժեւորեն։ դ20.10 23 ¶12-13
Երեքշաբթի, յուլիս 19
Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք (Յակ. 1։22)։
Աստուածաշունչը կրնայ մեզի համար հայելիի մը պէս ըլլալ (Յակ. 1։23-25)։ Մեր մեծամասնութիւնը ամէն առտու տունէն դուրս ելլելէ առաջ՝ հայելիին կը նայի։ Այդպէս կրնանք գիտնալ եթէ պէտք է բան մը փոխենք, ուրիշները մեզ տեսնելէ առաջ։ Նոյնպէս, երբ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք, պիտի նկատենք մեր մտածելակերպը եւ կեցուածքը ճշդելու կերպեր։ Շատեր օգտակար կը գտնեն ամէն առտու տունէն դուրս ելլելէ առաջ՝ օրուան համարը կարդալ։ Անոնք թոյլ կու տան, որ իրենց կարդացածը ազդէ իրենց մտածելակերպին։ Ետքը, օրուան ընթացքին կերպեր կը փնտռեն Աստուածաշունչին խրատը գործադրելու։ Ասկէ զատ, պէտք է սերտելու ռութին ունենանք, որ կը պարփակէ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալ եւ անոր վրայ խոկալ։ Ասիկա թերեւս պարզ բան մը սեպուի, բայց ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկն է, որ մեզի պիտի օգնէ կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ մնալու։ Աստուածաշունչը կարծես թէ Ք. ճառագայթի մեքենայ մըն է, որ կ’օգնէ տեսնելու ի՛նչ որ մեր ներսիդին կայ։ Բայց պէտք է խոնարհ ըլլանք, եթէ կ’ուզենք օգտուիլ այն խրատէն, որ կը ստանանք Աստուածաշունչէն կամ Աստուծոյ ներկայացուցիչներէն։ դ20.11 18 ¶3. 20 ¶8
Չորեքշաբթի, յուլիս 20
Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար (Գործք 16։5)։
Թէեւ առաջին դարու քրիստոնեաները յաճախ հալածուեցան, բայց խաղաղութեան ժամանակաշրջաններ ալ վայելեցին։ Անոնք այս առիթները ինչպէ՞ս գործածեցին։ Առանց տնտնալու բարի լուրը քարոզեցին։ Գործք Առաքելոց գրքի արձանագրութիւնը կ’ըսէ, որ անոնք ‘Տէրոջը երկիւղովը քալեցին’։ Անոնք շարունակեցին բարի լուրը քարոզել եւ առ ի արդիւնք, անոնց թիւը երթալով աւելցաւ։ Յստակ է, որ Եհովան օրհնեց անոնց նախանձախնդիր քարոզչութիւնը խաղաղ ժամանակներուն (Գործք 9։26-31)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները ամէն առիթ օգտագործեցին բարի լուրը տարածելու համար։ Օրինակ, երբ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի մէջ եղած ատեն անդրադարձաւ, թէ իրեն մեծ դուռ մը բացուած է, առիթը օգտագործեց այդ քաղաքին մէջ քարոզելու եւ աշակերտելու (Ա. Կոր. 16։8, 9)։ Աշակերտները մեծ ջանք թափեցին «Տէրոջը խօսքը» քարոզելու համար (Գործք 15։30-35)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Այս օրուան համարը կը պատասխանէ։ դ20.09 16 ¶6-8
Հինգշաբթի, յուլիս 21
Մարդով եղաւ մահը (Ա. Կոր. 15։21)։
Երբ Ադամ մեղք գործեց, մահը բերաւ իր վրայ եւ իր սերունդին վրայ։ Մինչեւ օրս իր անհնազանդութեան ահռելի հետեւանքները կը քաշենք։ Բայց քանի որ Աստուած իր Որդիին յարութիւն տուաւ, կրնանք լաւ ապագայ մը ունենալ։ «Մարդով ալ [Յիսուս] մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ»։ Պօղոս առաքեալ տրամաբանեց. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կոր. 15։22)։ Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ «Ադամով ամէնքը կը մեռնին»։ Ան ի մտի ունէր Ադամէն սերած բոլոր մարդիկը, որոնք մեղքն ու անկատարութիւնը ժառանգեցին Ադամէն, եւ հետեւաբար կը մեռնին (Հռով. 5։12)։ Ադամ անոնցմէ չէ, որոնք «կենդանի պիտի ըլլան»։ Ան Քրիստոսի փրկանքէն չ’օգտուիր, քանի որ կատարեալ մարդ մըն էր, որ կամաւ անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ։ Ադամ ստացաւ այն նոյն վճիռը, որ պիտի ստանան անոնք, որոնք «Որդին մարդոյ» պիտի դատէ որպէս «այծեր», այսինքն «յաւիտենական մահը» (Մատ. 25։31-33, 46, ՆԱ. Եբ. 5։9)։ դ20.12 5 ¶13-14
Ուրբաթ, յուլիս 22
Տէրը. . . խոնարհը կը տեսնէ (Սաղ. 138։6)։
Եթէ որոշ առանձնաշնորհում մը չստանաս, մտածէ հաւատարիմ հրեշտակներուն օրինակին մասին։ Աքաաբ թագաւորի իշխանութեան ատեն, Եհովան հրեշտակներուն առիթ տուաւ, որ այդ չար թագաւորը խաբելու կերպեր առաջարկեն։ Քանի մը հրեշտակներ գաղափարներ տուին։ Բայց Աստուած մէկ հրեշտակ ընտրեց եւ անոր ըսաւ, որ իր գաղափարը պիտի յաջողէր (Գ. Թագ. 22։19-22)։ Միւս հրեշտակները ընկճուեցա՞ն, խորհելով. ‘Ինչո՞ւ պարապ տեղ մտածեցի’։ Անոնք վստահաբար այդպէս չըրին, քանի որ իսկապէս խոնարհ են եւ կ’ուզեն, որ ամբողջ փառքը Եհովային երթայ (Դատ. 13։16-18. Յայտ. 19։10)։ Միտքդ պահէ Աստուծոյ անունը կրելու եւ իր Թագաւորութիւնը ծանուցանելու առանձնաշնորհումը։ Նշանակումները չեն որ մեզ արժէքաւոր կը դարձնեն Աստուծոյ աչքին։ Յիշէ որ եթէ համեստ ու խոնարհ ենք, Եհովայի եւ հաւատակիցներուն համար շատ սիրելի պիտի ըլլանք։ Ուրեմն աղաչէ՛ Եհովային, որ քեզի օգնէ համեստ ու խոնարհ մնալու։ Խոկա՛ Աստուածաշունչին մէջ նշուած բազմաթիւ համեստ ու խոնարհ անհատներու լաւ օրինակներուն վրայ։ Պատրաստ եղիր եղբայրներուդ ծառայելու որեւէ կերպով որ կրնաս (Ա. Պետ. 5։5)։ դ20.12 26 ¶16-17
Շաբաթ, յուլիս 23
Փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է (Եփ. 6։17)։
Փրկութեան սաղաւարտը այն յոյսն է, որ Եհովան մեզի կու տայ, որ մեզ պիտի ազատէ մահէն եւ պիտի վարձատրէ բոլոր անոնք, որոնք իր կամքը կը կատարեն (Ա. Թես. 5։8. Ա. Տիմ. 4։10. Տիտ. 1։1, 2)։ Փրկութեան յոյսը մեր խորհելու կարողութիւնը կը պաշտպանէ։ Ինչպէ՞ս։ Յոյսը մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնանանք Աստուծոյ խոստումներուն վրայ եւ չվհատինք մեր խնդիրներուն պատճառով։ Այս սաղաւարտը մեր գլխուն վրայ կը դնենք, մեր մտածումները ներդաշնակ պահելով Աստուծոյ մտածումներուն հետ։ Օրինակ, մեր յոյսը կը դնենք ոչ թէ անստոյգ հարստութեան վրայ, հապա Աստուծոյ վրայ (Սաղ. 26։2. 104։34. Ա. Տիմ. 6։17)։ Հոգիին սուրը Աստուծոյ Խօսքն է՝ Աստուածաշունչը։ Այդ սուրը կարողութիւնը ունի որեւէ սուտ մէջտեղ հանելու եւ այսպէս մարդիկը ազատագրելու սուտ վարդապետութիւններէ եւ վնասակար սովորութիւններէ (Բ. Կոր. 10։4, 5. Բ. Տիմ. 3։16, 17. Եբ. 4։12)։ Անձնական ուսումնասիրութեան եւ Աստուծոյ կազմակերպութեան տուած մարզումին միջոցաւ, կը սորվինք այդ սուրը պատշաճ կերպով գործածել (Բ. Տիմ. 2։15)։ դ21.03 27 ¶4. 29 ¶10-11
Կիրակի, յուլիս 24
Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար (Յայտ. 1։9)։
Նոյնիսկ երբ Յիսուսի մասին քարոզելուն համար բանտարկուած էր, Յովհաննէս առաքեալ ուրիշներուն մասին կը մտածէր։ Օրինակ, Յայտնութիւն գիրքը գրի առաւ եւ զայն ղրկեց ժողովքներուն, որպէսզի գիտնան «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յայտ. 1։1)։ Ետքը, հաւանաբար երբ Պատմոսէն ազատ արձակուեցաւ, գրեց իր Աւետարանը՝ Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան մասին։ Ան նաեւ երեք նամակներ գրեց, իր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելու եւ զօրացնելու համար։ Կրնաս կեանքիդ մէջ ըրած ընտրութիւններովդ Յովհաննէսի անձնազոհ կեանքին ընթացքը ընդօրինակել ու մարդոց հանդէպ սէրդ փաստել։ Սատանայի աշխարհը կ’ուզէ, որ ամբողջ ժամանակդ ու կորովդ քու անձիդ տրամադրես, ձգտելով դրամ շահիլ կամ անուն վաստկիլ։ Ատոր հակառակը, աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան անձնազոհ քարոզիչները կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ կու տան, որ բարի լուրը քարոզեն ու մարդոց օգնեն Եհովային մօտենալու։ դ21.01 10 ¶9-10
Երկուշաբթի, յուլիս 25
Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա (Ա. Թագ. 18։1)։
Յովնաթան կրնար Դաւիթին նախանձիլ։ Սաւուղ թագաւորին որդին ըլլալով, ան կրնար պնդել, թէ գահը ժառանգելու իրաւունքը ունէր (Ա. Թագ. 20։31)։ Բայց ան խոնարհ էր ու Եհովային հաւատարիմ էր։ Անոր համար, ամբողջովին թիկունք կանգնեցաւ Եհովայի այն որոշումին, որ Դաւիթ պիտի ըլլար յաջորդ թագաւորը։ Յովնաթան նաեւ Դաւիթին հաւատարիմ էր, նոյնիսկ երբ այս մէկը Սաւուղին բարկութիւնը գրգռեց (Ա. Թագ. 20։32-34)։ Որովհետեւ Յովնաթան Դաւիթին հանդէպ ջերմ կապուածութիւն ունէր, զինք մրցակից չնկատեց։ Ան հմուտ աղեղնաւոր ու քաջ զինուոր էր։ Ան եւ իր հայրը՝ Սաւուղ, ճանչցուած էին որպէս՝ «արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ» ու «առիւծներէն աւելի զօրաւոր» (Բ. Թագ. 1։22, 23)։ Ուստի Յովնաթան կրնար իր անձնական քաջագործութիւններով պարծենալ։ Սակայն ան ո՛չ մրցակցութեան հոգի ունէր, ոչ ալ նախանձոտ էր։ Ընդհակառակը, ան Դաւիթով կը զմայլէր իր քաջ ըլլալուն ու Եհովային ապաւինելուն համար. չէ՞ որ Գողիաթը մեռցնելէն ետքն էր, որ Յովնաթան զինք սիրեց իր անձին պէս։ դ21.01 22 ¶6, 8-9
Երեքշաբթի, յուլիս 26
Կնոջ գլուխը այր մարդն է (Ա. Կոր. 11։3)։
Բոլոր քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի կատարեալ գլխաւորութեան տակ են։ Սակայն, երբ քրիստոնեայ կին մը կ’ամուսնանայ, անկատար տղամարդու մը գլխաւորութեան տակ կու գայ։ Ատիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Ուստի, երբ կը մտածէ որոշ եղբօր հետ ամուսնանալ, լաւ կ’ըլլայ որ ինքն իրեն հարցնէ. ‘Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ այս եղբայրը ընտանիքի լաւ գլուխ պիտի ըլլայ։ Հոգեւոր գործունէութիւնները իր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւե՞ն։ Եթէ ո՛չ, ինչո՞ւ կը կարծեմ որ երբ ամուսնանանք, մեր ընտանիքին պիտի օգնէ որ Եհովային մօտիկ մնայ’։ Անշուշտ, քոյրը նաեւ ինքն իրեն պէտք է հարցնէ. ‘Ի՞նչ յատկութիւններ ունիմ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ամուսնութեան մէջ։ Համբերող եւ առատաձե՞ռն եմ։ Եհովային հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունի՞մ’ (Ժող. 4։9, 12)։ Եթէ կին մը ամուսնանալէ առաջ լաւ որոշումներ առնէ, ասիկա կրնայ օգնել որ ուրախ եւ յաջող ամուսնութիւն մը ունենայ։ Միլիոնաւոր քրիստոնեայ քոյրեր իրենց ամուսիններուն ենթարկուելու մէջ հոյակապ օրինակ են։ Անոնք գովասանքի արժանի են։ դ21.02 8 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յուլիս 27
Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի (Գործք 16։9)։
Վերջին տարիներուն, բազմաթիւ հրատարակիչներու նպատակակէտը եղած է օտար լեզու սորվիլ, որպէսզի կարենան իրենց ծառայութիւնը աւելցնել եւ ծառայել հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի կարիք կայ։ Անոնք այս անձնական որոշումը առած են, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղեն։ Թէեւ տարիներ կ’առնէ մինչեւ որ նոր լեզուն սահուն խօսին, բայց ժողովքին շատ մը կերպերով օգտակար կ’ըլլան։ Անոնց լաւ յատկութիւնները եւ փորձառութիւնը կը զօրացնեն ու կը կայունացնեն ժողովքը։ Մենք կ’արժեւորենք այս անձնազոհ եղբայրներն ու քոյրերը։ Երէցներու մարմինը պէտք չէ ետ կենայ եղբայր մը յանձնարարելէ, որ ծառայէ որպէս երէց կամ օգնական ծառայ, պարզապէս քանի որ ժողովքին գործածած լեզուն տակաւին սահուն չի խօսիր։ Երբ երէցները եղբօր մը որակումները աչքէ կ’անցընեն, պէտք է նկատի առնեն երէցներու եւ օգնական ծառաներու նկատմամբ Սուրբ Գիրքին նշած որակումները, եւ ոչ թէ՝ որքանով լաւ կը խօսի ժողովքին գործածած լեզուն (Ա. Տիմ. 3։1-10, 12, 13. Տիտ. 1։5-9)։ դ20.08 30 ¶15-16
Հինգշաբթի, յուլիս 28
Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք (Յակ. 1։2)։
Թերեւս մարդիկ կը խորհին թէ կրնան ուրախ ըլլալ միայն եթէ ունին լաւ առողջութիւն, շատ դրամ եւ ընտանեկան խաղաղ փոխյարաբերութիւններ։ Սակայն Յակոբոսին նկարագրած ուրախութիւնը, Աստուծոյ հոգիին պտուղին մէկ մասն է, եւ կախեալ չէ անհատին պարագաներէն (Գաղ. 5։22)։ Քրիստոնեան կրնայ իսկապէս ուրախ ըլլալ, գիտնալով որ Եհովան կը հաճեցնէ եւ Յիսուսի օրինակին կը հետեւի (Ղուկ. 6։22, 23. Կող. 1։10, 11)։ Մեր ուրախութիւնը կրնանք նմանցնել լապտերի մէջ եղող բոցին։ Հովէն կամ անձրեւէն պաշտպանուած ըլլալով, բոցը կը շարունակէ վառիլ։ Մենք ալ կրնանք շարունակ ուրախ մնալ ի՛նչ ալ պատահի մեր կեանքին մէջ։ Մեր ուրախութիւնը պիտի չկորսնցնենք, երբ հիւանդ ըլլանք կամ դրամական նեղութիւն ունենանք։ Եւ ուրախ պիտի մնանք նոյնիսկ երբ մարդիկ մեզ ծաղրեն, կամ մեր ընտանիքը կամ ուրիշներ մեզի հակառակին։ Մեր ուրախութիւնը կրնայ աւելնալ, ամէն անգամ որ հակառակորդները փորձեն զայն մարել։ Մեր հաւատքին պատճառաւ դիմագրաւած փորձութիւնները կը փաստեն, որ Քրիստոսին ճշմարիտ աշակերտներն ենք (Մատ. 10։22. 24։9. Յովհ. 15։20)։ Տեղին ըլլալով, Յակոբոս գրեց այս օրուան համարին խօսքերը։ դ21.02 27 ¶6
Ուրբաթ, յուլիս 29
Աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ [սիրտը] (Առ. 12։25)։
Երբ Աստուածաշունչին մէջ հանդիպիս համարներու, որոնք ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ հանդարտ մնանք եւ Եհովային վստահինք, փորձէ զանոնք գոց սորվիլ։ Որպէսզի կարենաս այդ մէկը ընել, թերեւս օգտակար ըլլայ եթէ համարները բարձրաձայն կարդաս կամ զանոնք գրի առնես եւ յաճախ վերաքաղ ընես։ Եհովան Յեսուին պատուիրեց, որ Օրէնքի գիրքը կանոնաւորաբար ցած ձայնով կարդայ, որպէսզի իմաստութեամբ վարուի։ Իր կարդացածը նաեւ պիտի օգնէր որ չվախնայ, հապա քաջութիւնը ունենայ Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդելու (Յես. 1։8, 9)։ Աստուածաշունչին մէջ շատ մը համարներ կրնան քեզի օգնել, որ հանդարտ մնաս այն պարագաներուն, երբ բնական է որ մտահոգուիս կամ վախնաս (Սաղ. 27։1-3. Առ. 3։25, 26)։ Ժողովներուն մէջ, կ’օգտուինք դասախօսութիւններէն, ներկաներուն պատասխաններէն, եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր ունեցած շինիչ խօսակցութիւններէն (Եբ. 10։24, 25)։ Նաեւ մեծապէս կը քաջալերուինք, երբ մեր մտահոգութիւնները կը պատմենք մեր մտերիմ բարեկամներուն։ դ21.01 6 ¶15-16
Շաբաթ, յուլիս 30
Դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն (Ա. Տիմ. 4։12)։
Երբ մկրտուեցար, ցոյց տուիր որ մեծ հաւատք ու վստահութիւն ունիս Եհովային հանդէպ։ Ան ուրախութեամբ քեզ ընդունեց իր ընտանիքին մէջ։ Հիմա կարեւոր բանը այն է, որ շարունակես Եհովային ապաւինիլ։ Այս մէկը կրնայ դիւրին թուիլ, երբ կարեւոր որոշումներ պէտք է առնես։ Բայց ուրիշ առիթներով ի՞նչ պիտի ընես։ Որքա՜ն կարեւոր է, որ Եհովային ապաւինիս երբ որոշումներ պիտի առնես, օրինակ՝ ժամանցի, գործի եւ նպատակակէտերու նկատմամբ։ Իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Փոխարէնը, փնտռէ աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք քու պարագայիդ կը կիրարկուին, եւ ետքը անոնց համաձայն վարուէ (Առ. 3։5, 6)։ Այդպէս ընելով, Եհովան պիտի ուրախացնես եւ ժողովքիդ եղբայրներուն ու քոյրերուն յարգանքը պիտի շահիս։ Անշուշտ, մեր բոլորին պէս, դուն ալ անկատար ես եւ ատեններ սխալներ պիտի ընես։ Սակայն ասիկա պէտք չէ պատճառ ըլլայ, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ամէն կարելիդ չընես։ դ21.03 6 ¶14-15
Կիրակի, յուլիս 31
Ես առիւծին բերնէն ազատեցայ (Բ. Տիմ. 4։17)։
Արդեօք ընտանիքդ քեզի կը հակառակի՞ քանի որ Եհովային կը ծառայես։ Կամ արդեօք կ’ապրի՞ս երկրի մը մէջ, ուր Եհովայի ժողովուրդին գործունէութիւնը խստօրէն սահմանափակուած է կամ նոյնիսկ արգիլուած է։ Եթէ այո, պիտի քաջալերուիս կարդալով Բ. Տիմոթէոս 1։12-16 եւ 4։6-11, 17-22։ Պօղոս առաքեալ այս համարները գրեց, երբ բանտարկուած էր։ Համարները կարդալէ առաջ, Եհովային պատմէ խնդիրիդ մասին, եւ թէ անիկա քեզի ինչպէ՛ս կ’ազդէ։ Մասնայատուկ բաներ նշէ։ Ետքը, Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, որ գտնես սկզբունքներ այն համարներուն մէջ, որոնք կը խօսին Պօղոսի փորձութիւններուն մասին, որպէսզի կարենաս գիտնալ ի՛նչ ընել։ Եհովան Պօղոսին առաջուընէ ըսած էր, որ քրիստոնեայ ըլլալուն համար պիտի հալածուէր (Գործք 21։11-13)։ Ան ինչպէ՞ս Պօղոսին օգնեց։ Անոր աղօթքներուն պատասխանեց եւ կրկին անգամ զինք զօրացուց։ Պօղոսին ըսուեցաւ որ պիտի ստանար այն մրցանակը, որուն համար ծանր աշխատած էր։ Եհովան նաեւ Պօղոսի հաւատարիմ բարեկամները մղեց, որ իրեն գործնական կերպերով օգնեն։ դ21.03 17-18 ¶14-15, 19