Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք22 էջ 77-87
  • Օգոստոս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգոստոս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 1
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 2
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 3
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 4
  • Ուրբաթ, օգոստոս 5
  • Շաբաթ, օգոստոս 6
  • Կիրակի, օգոստոս 7
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 8
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 9
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 10
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 11
  • Ուրբաթ, օգոստոս 12
  • Շաբաթ, օգոստոս 13
  • Կիրակի, օգոստոս 14
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 15
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 16
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 17
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 18
  • Ուրբաթ, օգոստոս 19
  • Շաբաթ, օգոստոս 20
  • Կիրակի, օգոստոս 21
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 22
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 23
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 24
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 25
  • Ուրբաթ, օգոստոս 26
  • Շաբաթ, օգոստոս 27
  • Կիրակի, օգոստոս 28
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 29
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 30
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
աք22 էջ 77-87

Օգոստոս

Երկուշաբթի, օգոստոս 1

Առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել (Յովհ. 15։5)։

Միայն անոնք՝ որոնք Յիսուսի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունին, պիտի օգտուին իր զոհէն։ Ան ըսաւ որ ‘իր կեանքը իր բարեկամներուն համար պիտի դնէր’ (Յովհ. 15։13)։ Նոյնիսկ հաւատարիմ մարդիկ, որոնք Յիսուսի երկիր գալէն առաջ ապրեցան, պէտք է իր մասին սորվին եւ զինք սիրեն։ Եհովայի արդար ծառաները յարութիւն պիտի առնեն, բայց յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու համար պէտք պիտի ունենան Յիսուսի հետ բարեկամութիւն կերտելու (Յովհ. 17։3. Գործք 24։15. Եբ. 11։8-12, 24-26, 31)։ Մենք ուրախ ենք որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու մէջ Յիսուսի հետ կ’աշխատինք։ Երբ ան երկրի վրայ էր, ուսուցիչ էր։ Եւ երկինք վերադառնալէ ետք, ժողովքին գլուխը ըլլալով, շարունակած է քարոզչութիւնը եւ ուսուցանելու գործը առաջնորդել։ Ան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ ամէն ջանք որ կը թափես, կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնելու, որ զինք ու իր Հայրը ճանչնան։ Իրականութեան մէջ, միայն Եհովայի եւ Յիսուսի օգնութեամբ է, որ կրնանք այս գործը կատարել (Յովհ. 15։4)։ դ20.04 22 ¶7-8

Երեքշաբթի, օգոստոս 2

Այս երկու թագաւորները. . . նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին (Դան. 11։27)։

«Հիւսիսի թագաւոր» եւ «հարաւի թագաւոր» տիտղոսները սկիզբը տրուեցան այն քաղաքական ուժերուն, որոնք բառացի Իսրայէլ երկրին հիւսիսը եւ հարաւը կը գտնուէին (Դան. 10։14)։ Իսրայէլ ազգը մինչեւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէն Աստուծոյ ժողովուրդն էր։ Սակայն անկէ սկսեալ, Եհովան յստակ դարձուց որ Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտները իր ժողովուրդն էին։ Հետեւաբար, Դանիէլ գրքին 11–րդ գլուխին մարգարէութեան մեծ մասը կը վերաբերի ոչ թէ իսրայէլ ազգին, հապա Քրիստոսի հետեւորդներուն (Գործք 2։1-4. Հռով. 9։6-8. Գաղ. 6։15, 16)։ Եւ հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին ինքնութիւնը ժամանակի ընթացքին փոխուեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, կարգ մը ազդակներ միշտ կային։ Առաջին, թագաւորները յատկանշական կերպով ազդեցին Աստուծոյ ժողովուրդին։ Երկրորդ, Աստուծոյ ծառաներուն հետ իրենց վարուելու կերպով ցոյց տուին, որ Եհովան կ’ատեն։ Եւ երրորդ, երկու թագաւորները իրարու հետ մրցակցեցան աւելի զօրութիւն ձեռք ձգելու համար։ դ20.05 3 ¶3-4

Չորեքշաբթի, օգոստոս 3

Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ (Ել. 3։14, ՆԱ)։

Եհովան կ’ըլլայ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Ան նաեւ կրնայ պատճառել, որ իր անկատար ծառաները ըլլան ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իրեն ծառայելու եւ իր նպատակը իրագործելու համար (Եսա. 64։8)։ Այս կերպերով Եհովան կը պատճառէ, որ իր կամքը կատարուի, եւ ո՛չ մէկ բան կրնայ իրեն արգելք հանդիսանալ (Եսա. 46։10, 11)։ Երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր գնահատանքը կրնանք աւելցնել, խոկալով իր ըրածներուն մասին եւ այն բաներուն մասին, որ մեզ կարող դարձուցած է որ ընենք։ Օրինակ, երբ կը խոկանք ստեղծագործութեան սքանչելիքներուն մասին, մեծապէս կը տպաւորուինք ամէն բանով, որ պատճառած է որ գոյութիւն ունենայ (Սաղ. 8։3, 4)։ Եւ երբ կը խոկանք, թէ ան ի՛նչ պատճառած է որ ըլլանք, որպէսզի իր կամքը կատարենք, իրեն հանդէպ խոր յարգանք կը զարգացնենք։ Եհովա անունը իրապէս ահաւոր է։ Անիկա կը պարփակէ մեր Հօր անձնաւորութեան բոլոր երեսակները, անոր բոլոր ըրածները եւ բոլոր ընելիքները (Սաղ. 89։7, 8)։ դ20.06 9 ¶6-7

Հինգշաբթի, օգոստոս 4

Աստուած. . . կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ (Գործք 17։24, 25)։

Թթուածինը կենսապահ կազ մըն է, որ մարդ արարածը եւ ուրիշ էակներ կը գործածեն։ Կ’ենթադրուի որ ամէն տարի ողջ էակները հարիւր միլիառ թոն թթուածին կը ներշնչեն։ Անոնք երկթթուածին բնածուխ կ’արտաշնչեն։ Բայց եւ այնպէս, անոնք բնա՛ւ ամբողջ թթուածինը չեն սպառեր, ոչ ալ օդը կը լեցուի «աղբ» կազով՝ երկթթուածին բնածուխով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան նաեւ ստեղծեց գոյացութիւններ,– մեծ ծառերէն մինչեւ փոքր լօռեր,– որոնք երկթթուածին բնածուխ կ’առնեն եւ թթուածին կու տան։ Նկատի առնելով թէ այս շրջանը կ’արտադրէ մեր շնչած օդը, կրնանք համաձայնիլ այս օրուան համարին խօսքերուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հիանալի մոլորակին եւ անոր մատակարարած բոլոր բաներուն հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնել (Սաղ. 115։16)։ Կերպերէն մէկն է՝ Եհովայի ըրած բաներուն մասին խոկալ։ Ատիկա մեզ պիտի մղէ՝ ամէն օր Եհովայէն շնորհակալ ըլլալու այն լաւ բաներուն համար, որ մեզի տուած է։ Եւ ցոյց կու տանք որ երկիրը կ’արժեւորենք, մեր ապրած վայրը կարելի եղածին չափ մաքուր պահելով։ դ20.05 22 ¶5, 7

Ուրբաթ, օգոստոս 5

Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ (Եզեկ. 36։23)։

Եհովան Սատանայի ուղղած մարտահրաւէրին հետ իմաստութեամբ, համբերութեամբ եւ արդարութեամբ վարուած է։ Ան նաեւ անհամար կերպերով ցոյց տուած է իր անսահման զօրութիւնը։ Եւ ամենակարեւորը, ան սէր դրսեւորած է իր բոլոր ըրածներուն մէջ (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան շարունակ աշխատած է իր անունը սրբացնելու համար։ Ներկայիս, Սատանան տակաւին Աստուծոյ անունը կը զրպարտէ։ Ան կը ջանայ մարդիկը մղել որ կասկածին թէ Աստուած զօրաւոր, արդար, իմաստուն եւ սիրալիր է։ Օրինակ, Սատանան կը ջանայ մարդիկը համոզել որ Եհովան Ստեղծիչը չէ։ Եւ եթէ մարդիկ կը հաւատան, որ Աստուած գոյութիւն ունի, Սատանան կը փորձէ անոնց հաւատալ տալ, որ Աստուած եւ իր չափանիշները կաշկանդիչ ու անարդար են։ Ան նոյնիսկ մարդոց կը սորվեցնէ, թէ Եհովան անգութ ու դաժան Աստուած է, որ մարդիկը դժոխքին մէջ կը տանջէ։ Երբ անոնք այսպիսի զրպարտութեան կը հաւատան, աւելի հաւանական է որ դիմեն յաջորդ քայլին՝ մերժել Եհովայի արդար իշխանութիւնը։ Մինչեւ որ Սատանան բնաջնջուի, պիտի փորձէ քեզ Աստուծմէ հեռացնել։ Պիտի յաջողի՞։ դ20.06 5 ¶13-15

Շաբաթ, օգոստոս 6

Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ (Կող. 3։11)։

Բազմաթիւ ժողովքներու մէջ կան եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք ջանք կը թափեն որ նոր լեզու սորվին։ Անոնց համար իրենց միտքերը արտայայտելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց եթէ ատոր վրայ չկեդրոնանանք, պիտի տեսնենք Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը եւ իրեն ծառայելու իրենց փափաքը։ Այդ գեղեցիկ յատկութիւնները տեսնելով, զիրենք խորապէս պիտի արժեւորենք ու յարգենք։ Պիտի չըսենք՝ «Դուք ինծի պէտք չէք», պարզապէս քանի որ մեր լեզուն սահուն չեն խօսիր (Ա. Կոր. 12։21)։ Եհովան մեզի տուած է իր ժողովքին մէջ տեղ ունենալու հրաշալի առանձնաշնորհումը։ Ըլլա՛նք տղամարդ թէ կին, ամուրի թէ ամուսնացած, պատանի թէ տարեց, կամ լեզու մը սահուն խօսողներ թէ նոր սորվողներ, Եհովայի համար եւ իրարու համար արժէքաւոր ենք (Հռով. 12։4, 5. Կող. 3։10)։ Թող որ միշտ Եհովայի ժողովքին մէջ մեր եւ ուրիշներուն տեղը արժեւորելու կերպեր գտնենք։ դ20.08 31 ¶20-22

Կիրակի, օգոստոս 7

Քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին (Գործք 17։34)։

Պօղոս առաքեալ աթենացիներէն իր յոյսը չկտրեց, թէեւ անոնց քաղաքը լեցուած էր կռապաշտութեամբ, սեռային անբարոյութեամբ եւ հեթանոսական փիլիսոփայութեամբ։ Ոչ ալ թոյլ տուաւ որ անոնց նախատինքները զինք վհատեցնեն։ Պօղոս ինք քրիստոնեայ դարձաւ, հակառակ անոր որ նախապէս ‘հայհոյիչ ու հալածող եւ թշնամանող’ էր (Ա. Տիմ. 1։13)։ Ինչպէս որ Յիսուս Պօղոսը հաւանական աշակերտ նկատեց, նոյնպէս Պօղոս աթենացիները հաւանական աշակերտներ նկատեց։ Եւ իր այդ մտածածը տեղին էր (Գործք 9։13-15)։ Առաջին դարուն, բոլոր ենթահողերէ մարդիկ Յիսուսի աշակերտները դարձան։ Երբ Պօղոս Կորնթոս քաղաքը ապրող քրիստոնեաներուն գրեց, ըսաւ որ ժողովքէն ոմանք ատեն մը ոճրագործներ էին կամ ահռելիօրէն անբարոյ ապրելակերպ ունէին։ Ապա աւելցուց. «Բայց լուացուեցաք» (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Դուն պիտի նախատեսէի՞ր, որ այդ մարդիկը կրնային փոխուիլ եւ աշակերտներ դառնալ։ դ20.04 12 ¶15-16

Երկուշաբթի, օգոստոս 8

Ալ հերի՛ք է. . . ա՛ռ իմ հոգիս (Գ. Թագ. 19։4)։

Երէցները պէտք չէ արագօրէն դատեն անոնք, որոնք կը սկսին հարցականի տակ առնել Եհովայի ծառայելուն օգուտները։ Զանոնք դատապարտելու տեղ, երէցները պէտք է ջանան հասկնալ, թէ անոնք ինչո՛ւ որոշ կերպով կը խօսին եւ կը վարուին։ Միայն այն ատեն երէցները կրնան անոնց ուշադրութեան յանձնել մասնայատուկ համարներ, զանոնք քաջալերելու համար։ Եղիա մարգարէն Յեզաբէլ թագուհիէն վախնալով փախաւ (Գ. Թագ. 19։1-3)։ Ան կարծեց որ իր ծառայութիւնը ապարդիւն էր եւ ուզեց մեռնիլ (Գ. Թագ. 19։10)։ Փոխանակ զինք դատապարտելու, Եհովան զինք վստահեցուց թէ առանձին չէր, թէ կրնար Իր զօրութեան ապաւինիլ եւ թէ տակաւին ընելիք շատ բաներ ունէր։ Եհովան Եղիայի մտահոգութիւնները ազնուօրէն լսեց եւ անոր տուաւ նոր նշանակումներ (Գ. Թագ. 19։11-16, 18)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Բոլորս, յատկապէս երէցները, պէտք է Եհովայի ոչխարներուն հետ ազնուօրէն վարուինք։ Երէցները կորսուած ոչխարին ականջ կու տան, մինչ իր սիրտը կը պարպէ, թերեւս ըսելով բարկութեան խօսքեր կամ թէ Եհովայի ողորմութեան արժանի չէ։ Ետքը, անոնք կը ջանան անհատը վստահեցնել, թէ Եհովան զինք կ’արժեւորէ։ դ20.06 21-22 ¶13-14

Երեքշաբթի, օգոստոս 9

Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ (Առ. 17։17)։

Եհովան կ’ուզէ որ ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ հաճելի ժամանակ անցընենք (Սաղ. 133։1)։ Յիսուս լաւ բարեկամներ ունէր (Յովհ. 15։15)։ Աստուածաշունչը կը նշէ իսկական բարեկամներ ունենալու օգուտները (Առ. 18։24)։ Եւ մեզի կ’ըսէ որ մեկուսանալը լաւ բան մը չէ (Առ. 18։1, ստորանիշ)։ Շատեր կը խորհին, որ ընկերային ցանցերու միջոցաւ կրնան բազմաթիւ բարեկամներ ունենալ ու մեկուսացած չզգալ։ Սակայն, հաղորդակցութեան այս միջոցը պէտք է զգուշութեամբ գործածենք։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ այն անհատները, որոնք շատ ժամանակ կ’անցընեն, ընկերային ցանցերու մէջ եղած մեկնաբանութիւնները կարդալով ու նկարները դիտելով, ի վերջոյ կրնան միայնակ ու ընկճուած զգալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ յաճախ կը դնեն իրենց կեանքի կարեւոր պահերու նկարները եւ իրենց այցելած հետաքրքրական վայրերուն լաւագոյն նկարները։ Մէկը, որ այդ նկարները կը դիտէ, կրնայ եզրակացնել, թէ անոնց հետ բաղդատած, իր կեանքը սովորական ու նոյնիսկ ձանձրացուցիչ է։ դ20.07 5-6 ¶12-13

Չորեքշաբթի, օգոստոս 10

Առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս մասին խորհելու (Գործք 15։6)։

Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1988 թիւը (արաբ.) նշեց. «Երէցները կ’ընդունին, որ սուրբ հոգիին միջոցաւ Քրիստոս կրնայ ոեւէ երէցի միտքը բերել այն աստուածաշնչական սկզբունքը, որ կրնայ օգնել որեւէ պարագայի հետ գլուխ ելլելու կամ որեւէ կարեւոր որոշում առնելու (Գործք 15։7-15)։ Սուրբ հոգին կ’օգնէ ժողովքի բոլոր երէցներուն, եւ ոչ թէ միայն մէկ երէցի»։ Երէց մը, որ միւս երէցները կը յարգէ, միշտ չի ջանար երէցներու ժողովին մէջ առաջին խօսողը ըլլալ։ Ան չի խորհիր թէ իր կարծիքը միշտ ճիշդ է, եւ խոնարհաբար իր տեսակէտը կը յայտնէ։ Ան ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ, եւ պատրաստ է սուրբգրային սկզբունքներ նշելու եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ի ուղղութեան ականջ տալու (Մատ. 24։45-47)։ Երբ երէցները քննարկութեան ընթացքին սէր ու յարգանք կը ցուցաբերեն, սուրբ հոգին ներկայ պիտի ըլլայ եւ զիրենք պիտի առաջնորդէ ճիշդ որոշումներ առնելու (Յակ. 3։17, 18)։ դ20.08 27 ¶5-6

Հինգշաբթի, օգոստոս 11

Բարիով յաղթէ՛ չարին (Հռով. 12։21)։

Պօղոս առաքեալի թշնամիները իրմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր էին։ Յաճախ զինք ծեծեցին ու բանտը նետեցին։ Նաեւ, Պօղոսի հետ գէշ կերպով վարուեցան մարդիկ, որոնք պէտք էր բարեկամներ ըլլային։ Նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքէն ոմանք իրեն հակառակեցան (Բ. Կոր. 12։11. Փլպ. 3։18)։ Բայց Պօղոս բոլոր իրեն դէմ եղողներուն յաղթեց։ Ինչպէ՞ս։ Ան շարունակեց քարոզել հակառակութեան դիմաց։ Ան իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատարիմ մնաց, նոյնիսկ երբ զինք յուսախաբ ըրին։ Եւ ամենակարեւորը, Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը (Բ. Տիմ. 4։8)։ Ան մեծ արգելքներ յաղթահարեց, ոչ թէ քանի որ ֆիզիքապէս ուժեղ էր, հապա քանի որ Եհովային ապաւինեցաւ։ Իսկ դուն վիրաւորանքներ կամ հալածանք կը դիմագրաւե՞ս։ Քու նպատակդ է՝ Աստուծոյ Խօսքը դրոշմել ընդառաջող միտքերու եւ սրտերու մէջ։ Այդ նպատակին կրնաս հասնիլ՝ մարդոց հարցումներուն պատասխանելու համար Աստուածաշունչին ապաւինելով, յարգալից եւ ազնիւ ըլլալով անոնց հանդէպ, որոնք հետդ գէշ կերպով կը վարուին, եւ բարիք ընելով բոլորին, նոյնիսկ թշնամիներուդ (Մատ. 5։44. Ա. Պետ. 3։15-17)։ դ20.07 17-18 ¶14-15

Ուրբաթ, օգոստոս 12

Քու խոնարհութիւնդ զիս մեծցուց (Բ. Թագ. 22։36, ՆԱ)։

Իրապէս կրնա՞նք ըսել որ Եհովան խոնարհ է։ Այո՛, ինչպէս որ Դաւիթ վերոնշեալը ըսաւ (Սաղ. 18։35, ՆԱ)։ Թերեւս Դաւիթ կը մտածէր այն օրուան մասին, երբ Սամուէլ մարգարէն իր հօր տունը եկաւ, Իսրայէլի ապագայ թագաւորը օծելու համար։ Հակառակ անոր որ Դաւիթ եօթը եղբայրներ ունէր եւ ինք ամէնէն պզտիկն էր, Եհովան զինք ընտրեց, որպէսզի փոխարինէր Սաւուղ թագաւորը (Ա. Թագ. 16։1, 10-13)։ Վստահաբար Դաւիթ պիտի համաձայնէր այն սաղմոսերգուին հետ, որ Եհովայի մասին ըսաւ. «[Եհովան] երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար կը խոնարհի, [եւ] աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ ու տնանկը. . . կը բարձրացնէ» (Սաղ. 113։6-8)։ Եհովան ցոյց կու տայ թէ խոնարհ է, անկատար մարդոց հետ իր վարուելու կերպով։ Ան ոչ միայն մեր պաշտամունքը կ’ընդունի, այլեւ մեզ իր բարեկամները կը նկատէ (Սաղ. 25։14)։ Իրեն հետ բարեկամութիւնը կարելի դարձնելու համար, Եհովան նախաքայլը առաւ, իր Որդին զոհելով մեր մեղքերուն համար։ Իր կողմէ ի՜նչ ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն։ դ20.08 8 ¶1-3

Շաբաթ, օգոստոս 13

Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն (Բ. Պետ. 3։9)։

Եհովան արդէն որոշած է ճիշդ ե՛րբ այս չար աշխարհը պիտի կործանէ (Մատ. 24։36)։ Ան իր համբերութիւնը պիտի չկորսնցնէ ու այդ ժամանակէն առաջ գործի լծուի։ Թէեւ մեծ փափաք ունի որ մեռելները ետ կեանքի բերէ, բայց համբերող է (Յոբ 14։14, 15)։ Ան կը սպասէ մինչեւ որ անոնց յարութիւն տալու որոշուած ժամանակը հասնի (Յովհ. 5։28)։ Լաւ պատճառներ ունինք երախտապարտ ըլլալու Եհովայի համբերութեան համար։ Պահ մը մտածէ. որովհետեւ Եհովան համբերող է, բազմաթիւ անհատներ,– մէջը ըլլալով մենք,– առիթը ունեցած են զղջում յայտնելու։ Ան կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ իր համբերութիւնը կը գնահատենք։ Ջանասիրութեամբ փնտռելով անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են, եւ անոնց օգնելով որ Եհովան սիրեն ու անոր ծառայեն (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այսպէս, անոնք ալ մեզի պէս Եհովայի համբերութենէն պիտի օգտուին։ դ20.08 18 ¶17

Կիրակի, օգոստոս 14

Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի (Սաղ. 25։4)։

Ինչ որ աշակերտը կը սորվի ուսումնասիրութեան ընթացքին, պէտք է ոչ միայն հասնի իր մտքին, հապա նաեւ դպչի իր սրտին։ Ինչո՞ւ։ Մեր սիրտը, որ կը պարփակէ մեր փափաքները եւ զգացումները, մեզ գործի կը մղէ։ Յիսուս տրամաբանող էր, ինչ որ ձգեց որ մարդիկ ուզեն իրմէ սորվիլ։ Բայց անոնք իրեն հետեւեցան, նաեւ քանի որ իրենց սրտին հասաւ (Ղուկ. 24։15, 27, 32)։ Աշակերտդ պէտք ունի Եհովան տեսնելու որպէս իրական Անձ, որուն հետ կրնայ անձնական փոխյարաբերութիւն զարգացնել, եւ պէտք ունի Եհովան նկատելու որպէս իր Հայրը, իր Աստուածը եւ իր Բարեկամը (Սաղ. 25։5)։ Աշակերտին ուշադրութեան յանձնէ մեր Աստուծոյն գեղեցիկ յատկութիւնները (Ել. 34։5, 6. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Կեդրոնացիր Եհովայի անձնաւորութեան վրայ։ Անհատին օգնէ, որ գնահատէ Եհովայի ուշագրաւ յատկութիւնները, ինչպէս՝ իր սէրը, քաղցրութիւնը եւ կարեկցութիւնը։ Յիսուս ըսաւ, որ «առաջին ու մեծ պատուիրանք»ն է՝ «Քու Տէր Աստուածդ սիրես» (Մատ. 22։37, 38)։ Ջանա՛ աշակերտիդ սրտին մէջ Եհովայի հանդէպ խոր սէր քանդակել։ դ20.10 10 ¶12

Երկուշաբթի, օգոստոս 15

Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը (Յովհ. 11։5)։

Յիսուս բոլոր կիներուն արժանապատուութիւնը յարգեց (Յովհ. 4։27)։ Ասկէ զատ, ան մասնաւոր համարում ունէր այն կիներուն հանդէպ, որոնք իր Հօր կամքը կը կատարէին։ Յատկանշական է, որ զանոնք իր քոյրերը նկատեց եւ տղամարդոց հետ մէկտեղ նշեց զանոնք որպէս իր հոգեւոր ընտանիքը (Մատ. 12։50)։ Յիսուս նաեւ անոնց իսկական բարեկամ էր։ Նկատի առ անոր բարեկամութիւնը Մարիամին եւ Մարթային հետ, որոնք երկուքն ալ, ըստ երեւոյթին, ամուրի էին (Ղուկ. 10։38-42)։ Յիսուսին խօսքերն ու արարքները թոյլ տուին, որ անոնք իր ներկայութեան հանգիստ զգային։ Մարիամ արգելք չտեսաւ անոր ոտքերուն քով նստելու՝ ինչպէս որ աշակերտ մը կ’ընէր։ Իսկ Մարթան,– նեղացած՝ որ Մարիամ իրեն չէր օգներ,– ազատ զգաց իր մտածածը Յիսուսին արտայայտելու։ Յիսուս կրցաւ երկու կիներուն հոգեւորապէս օգնել։ Եւ անոնց հանդէպ իր հոգատարութիւնը ցոյց տուաւ, ուրիշ առիթներով ալ իրենց այցելելով (Յովհ. 12։1-3)։ Ուստի զարմանալի չէ որ, երբ Ղազարոս լրջօրէն հիւանդացաւ, անոնք գիտէին որ օգնութեան համար կրնային Յիսուսին դիմել (Յովհ. 11։3)։ դ20.09 20 ¶3. 21 ¶6

Երեքշաբթի, օգոստոս 16

Կը կարծէին թէ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի (Ղուկ. 19։11)։

Յիսուսի աշակերտները յուսացին, որ Թագաւորութիւնը ‘շուտ մը պիտի յայտնուէր’ եւ հռոմայեցիներուն կեղեքումէն զիրենք ազատէր։ Իսկ մենք անձկալից կը սպասենք այն օրուան, երբ Թագաւորութիւնը չարութիւնը պիտի վերցնէ եւ արդար մարդոցմով լեցուն նոր աշխարհը պիտի հաստատէ (Բ. Պետ. 3։13)։ Սակայն պէտք է համբերող ըլլանք եւ Եհովայի նշանակած ժամանակին սպասենք։ Եհովան Նոյին բաւարար ժամանակ տուաւ, որ տապանը շինէ եւ «արդարութեան քարոզիչ» ըլլայ (Բ. Պետ. 2։5. Ա. Պետ. 3։20)։ Եհովան Աբրահամին մտիկ ըրաւ, մինչ ան կրկին անգամ հարցումներ ուղղեց Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները կործանելու Իր որոշումին վերաբերեալ (Ծն. 18։20-33)։ Եհովան դարեր շարունակ չափազանց համբերեց անհաւատարիմ իսրայէլ ազգին (Նէ. 9։30, 31)։ Ներկայիս, Եհովան բաւարար ժամանակ կու տայ բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը քաշէ, որպէսզի «ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9. Յովհ. 6։44. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Եհովայի օրինակը մեզի լաւ պատճառ կու տայ համբերելու, մինչ կը շարունակենք քարոզել ու սորվեցնել։ դ20.09 10 ¶8-9

Չորեքշաբթի, օգոստոս 17

Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ (Գործք 24։15)։

Երբ Եհովան անհատ մը յարուցանէ, անոր պիտի վերադարձնէ նոյն յիշողութիւնները եւ անձնաւորութեան գիծերը, որոնք մեռնելէ առաջ ունէր։ Մտածէ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Եհովան քեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ իր յիշողութեան մէջ կը պահէ ամէն ինչ որ կը մտածես, կը զգաս, կ’ըսես ու կ’ընես։ Ուստի, եթէ հարկ ըլլայ որ քեզի յարութիւն տայ, դիւրաւ պիտի կարենայ քեզի վերադարձնել յիշողութիւններդ, տեսակէտներդ եւ առանձնայատկութիւններդ։ Դաւիթ թագաւոր գիտակից էր, թէ Եհովան որքա՜ն իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է (Սաղ. 139։1-4)։ Այս գաղափարը ի՞նչ կերպով ներկայիս մեզի կ’ազդէ։ Պէտք չէ մտահոգուինք ու ժխտականօրէն ազդուինք, երբ կը խոկանք թէ Եհովան մեզ մօտէն կը ճանչնայ։ Ինչո՞ւ։ Յիշէ թէ Եհովան մեզմով խորապէս հետաքրքրուած է։ Ան կ’արժեւորէ մեր այն յատկութիւնները, որոնք մեզ յատուկ կը դարձնեն։ Եւ ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ կեանքի այն փորձառութիւնները, որոնք մեզի ազդած են։ Այս կէտերը որքա՜ն մխիթարական են։ Բնա՛ւ պէտք չէ զգանք թէ միայնակ ենք։ Իւրաքանչիւր օրուան իւրաքանչիւր վայրկեանը, Եհովան մեր կողքին է եւ մեզի օգնելու առիթներ կը փնտռէ (Բ. Մն. 16։9)։ դ20.08 17 ¶13-14

Հինգշաբթի, օգոստոս 18

Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի (Սաղ. 32։8)։

Եհովան իր ժողովուրդին սորվեցնելէ մեծ հաճոյք կ’առնէ։ Ան կ’ուզէ որ անոնք զինք ճանչնան, սիրեն եւ յաւիտեան ապրին որպէս իր սիրելի զաւակները։ Այս բոլորը անկարելի պիտի դառնային առանց իր տուած կրթութեան (Յովհ. 17։3)։ Եհովան առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը գործածեց իր ժողովուրդին սորվեցնելու համար (Կող. 1։9, 10)։ Սուրբ հոգին՝ Յիսուսի խոստացած «օգնական»ը, մեծ դեր խաղցաւ (Յովհ. 14։16, ՆԱ)։ Անիկա աշակերտներուն օգնեց, որ Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ հասկնային, եւ իրենց միտքը բերաւ այն բազմաթիւ բաները, որոնք Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ, ինչ որ յետագային գրուեցաւ Աւետարաններուն մէջ։ Այս գիտութիւնը զօրացուց նախկին քրիստոնեաներուն հաւատքը, ինչպէս նաեւ՝ իրենց սէրը Աստուծոյ, իր Որդիին եւ իրարու հանդէպ։ Եհովան մարգարէացաւ, որ «վերջին օրերը» բոլոր ազգերէն մարդիկ իր այլաբանական լեռը պիտի խուժէին, իր ճամբաներուն մասին սորվելու համար (Եսա. 2։2, 3)։ Մենք այդ մարգարէութեան կատարուիլը կը տեսնենք։ դ20.10 24 ¶14-15

Ուրբաթ, օգոստոս 19

Խելացի մարդը առաջնորդութիւն [կը] ստանայ (Առ. 1։5, ԱԾ)։

Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ մէկը իր հոգատար բարեկամէն լաւ խրատ մը մերժէ։ Հպարտութիւնը։ Հպարտ անձերը կը սիրեն իրենց ականջին «հաճելի բաներ լսել»։ Անոնք ‘ճշմարտութենէն ականջնին կը դարձնեն’ (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։ Անոնք իրենց անձին եւ կարծիքին մեծ համարում կու տան։ Բայց Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ» (Գաղ. 6։3)։ Սողոմոն թագաւոր այս կէտը բացատրեց հետեւեալ կերպով. «Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան, քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը, որ չի գիտեր խրատուիլ» (Ժող. 4։13)։ Նկատի առ Պետրոս առաքեալի լաւ օրինակը, երբ Պօղոս մարդոց առջեւ զինք սրբագրեց (Գաղ. 2։11-14)։ Պետրոս կրնար Պօղոսի ըսածէն ջղայնանալ, եթէ կեդրոնանար խրատը տալու կերպին վրայ եւ իր աչքին մեծնար, որ խրատը ուրիշներուն առջեւ տրուեցաւ։ Բայց Պետրոս իմաստուն էր։ Ան խրատը ընդունեց եւ Պօղոսին դէմ ոխ չպահեց։ Փոխարէնը, յետագային Պօղոսը «սիրելի եղբայր» կոչեց (Բ. Պետ. 3։15)։ դ20.11 21 ¶9, 11-12

Շաբաթ, օգոստոս 20

Աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց (Մատ. 28։19, 20)։

Ի՞նչ բան աշակերտներուն մեծապէս պիտի օգնէ, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիլը, քանի որ անոնց ընթացքին իրենց ստացած աստուածաշնչական ուղղութիւնը իրենց գիտութիւնը պիտի աւելցնէ, իրենց հաւատքը պիտի զօրացնէ եւ պիտի օգնէ որ Աստուած աւելի սիրեն (Գործք 15։30-32)։ Նաեւ, հրատարակիչ մը կրնայ աշակերտին ըսել, թէ ինչպէ՛ս Եհովան երթալով աւելի սիրելը զինք մղեց անոր պատուէրներուն հնազանդելու (Բ. Կոր. 7։1. Փլպ. 4։13)։ Եւ երբ Աստուածաշունչի աշակերտը կը սկսի ծանօթանալ հաւատարիմ հրատարակիչներու, անոնց օրինակէն կը սորվի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուած եւ ընկերը սիրելու Քրիստոսի պատուէրը պահել (Յովհ. 13։35. Ա. Տիմ. 4։12)։ Ան կրնայ սորվիլ այն հրատարակիչներէն, որոնք իր պարագաներուն նմանող պարագաներ ունին, թէ պիտի կարենա՛յ ընել այն փոփոխութիւնները, որոնք իրմէ պահանջուած են Քրիստոսի աշակերտը դառնալու համար (Բ. Օր. 30։11)։ Ժողովքին մէջ իւրաքանչիւր անհատ կրնայ կերպով մը օգնել, որ Աստուածաշունչի աշակերտը հոգեւորապէս յառաջդիմէ (Մատ. 5։16)։ դ20.11 5 ¶10-12

Կիրակի, օգոստոս 21

Եփեսոսի մէջ. . . գազաններու հետ մարտնչեցայ (Ա. Կոր. 15։32)։

Հաւանաբար, Պօղոս առաքեալ կ’ակնարկէր Եփեսոսի ամփիթատրոնին մէջ իսկական գազաններու հետ իր մարտնչելուն (Բ. Կոր. 1։8. 4։10. 11։23)։ Կամ կրնայ ըլլալ որ կ’ակնարկէր թշնամի հրեաներուն կամ ուրիշներու, որոնք «գազաններու» պէս էին (Գործք 19։26-34. Ա. Կոր. 16։9)։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, Պօղոս լուրջ վտանգներու մէջ էր։ Ատով հանդերձ, շարունակեց դրական աչքով նայիլ ապագային (Ա. Կոր. 15։30, 31. Բ. Կոր. 4։16-18)։ Մենք վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Մեր եղբայրներէն ոմանք ոճիրի զոհ գացած են։ Ուրիշներ շրջաններու մէջ կ’ապրին, ուր պատերազմ կայ եւ բնա՛ւ ապահովութիւն չունին։ Իսկ ոմանք Եհովայի կը ծառայեն երկիրներու մէջ, ուր քարոզչութիւնը սահմանափակուած է կամ նոյնիսկ արգիլուած է, իրենց կեանքը կամ ազատութիւնը վտանգի տակ դնելով։ Հակառակ ատոր, բոլոր այս եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն հաւատարմօրէն Եհովան պաշտել, մեզի օրինակ ըլլալով։ Անոնք ապահով կը զգան, գիտնալով որ նոյնիսկ եթէ իրենց կեանքը կորսնցնեն, Եհովան իրենց համար շա՜տ աւելի լաւ ապագայ պատրաստած է։ դ20.12 9 ¶3-4

Երկուշաբթի, օգոստոս 22

Մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք (Ա. Կոր. 3։9)։

Օրին մէկը վհատա՞ծ ես, քանի որ թաղամասդ անարդիւնաբեր կը թուի կամ մարդիկ հազուադէպ տունը կ’ըլլան։ Այս պարագային ի՞նչ կրնանք ընել, որ պահպանենք կամ աւելցնենք մեր ուրախութիւնը։ Կարեւոր է՝ ծառայութեան հանդէպ ճիշդ տեսակէտ ունենալ։ Ինչպէ՞ս։ Կեդրոնացած մնա՛ Աստուծոյ անունն ու իր Թագաւորութիւնը հռչակելուն վրայ։ Յիսուս յստակացուց, որ քիչեր կեանքի տանող ճամբան պիտի գտնէին (Մատ. 7։13, 14)։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, պատիւը ունինք աշխատելու Եհովայի, Յիսուսի եւ հրեշտակներուն հետ (Մատ. 28։19, 20. Յայտ. 14։6, 7)։ Եհովան արժանաւորները կը քաշէ (Յովհ. 6։44)։ Ուստի եթէ անհատ մը մեր պատգամին այս անգամ չընդառաջէ, թերեւս յաջորդ անգամ ընդառաջէ։ Տեպրա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Վհատութիւնը Սատանայի զօրաւոր մէկ զէնքն է»։ Բայց անոր զէնքերը Եհովայի զօրութեան հետ բաղդատած, բան մը չեն։ դ20.12 26 ¶18-19. 27 ¶21

Երեքշաբթի, օգոստոս 23

Մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է (Ա. Յովհ. 4։7)։

Շատ մը հաւատարիմ քրիստոնեաներ ամբողջ օրը կ’աշխատին, որ իրենց ընտանիքին պէտքերը հոգան։ Ասով հանդերձ, այս հաւատարիմ հրատարակիչները իրենց կրցածին չափ թիկունք կը կանգնին Աստուծոյ կազմակերպութեան։ Օրինակ, ոմանք աղէտէ տուժածներուն կ’օգնեն, ուրիշներ շինարարական ծրագիրներու կը մասնակցին, եւ բոլորը կրնան համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընել։ Անոնք այս բաները կ’ընեն, քանի որ Աստուած եւ իրենց ընկերը կը սիրեն։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը կը փաստենք ամէն շաբաթ մեր ժողովներուն ներկայ գտնուելով եւ անոնց մասնակցելով։ Ժողովներու կ’երթանք, հակառակ անոր որ կրնանք յոգնած ըլլալ։ Պատասխաններ կու տանք, թէեւ կրնանք ջղագրգիռ ըլլալ։ Եւ թէեւ բոլորս մեր անձնական խնդիրները ունինք, բայց ժողովէն առաջ կամ ետք ուրիշները կը քաջալերենք (Եբ. 10։24, 25)։ Որչա՜փ շնորհակալ ենք այն գործին համար, որ մեր հաւատակիցները կ’ընեն։ դ21.01 10 ¶11

Չորեքշաբթի, օգոստոս 24

Սնապարծ չըլլանք (Գաղ. 5։26)։

Հպարտ մարդիկը կը դժուարանան ուրիշները գովել, նախընտրելով որ իրե՛նք գովասանք ստանան։ Անոնք հակամէտ են իրենք զիրենք բաղդատելու ուրիշներու հետ եւ կը ջանան անոնցմէ աւելի լաւ ըլլալ։ Փոխանակ ուրիշները մարզելու եւ անոնց պատասխանատուութիւններ տալու, անոնք հաւանաբար մտածեն՝ «Եթէ բան մը կ’ուզես ընել, ձեռքո՛վդ պէտք է ընես»։ Հպարտը յաճախ փառասէր ու նախանձոտ է։ Եթէ նկատենք որ ձեւով մը հպարտ ենք, ջերմեռանդ աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրենք, որ ‘մեր միտքը նորոգենք’, որպէսզի այս գէշ յատկութիւնը մեր սրտին մէջ խոր արմատ չկապէ (Հռով. 12։2)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովայի օրինակին համար (Սաղ. 18։35, ՆԱ)։ Իր խոնարհութիւնը կը տեսնենք իր ծառաներուն հետ վարուելու կերպին մէջ եւ կ’ուզենք զինք ընդօրինակել։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք ընդօրինակել Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած համեստ անհատները, որոնք Աստուծոյ հետ քալեցին։ Թող միշտ Եհովային տանք այն փառքն ու պատիւը, որոնց արժանի է (Յայտ. 4։10բ)։ դ20.08 13 ¶19-20

Հինգշաբթի, օգոստոս 25

[Ամուսնացողները] մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան (Ա. Կոր. 7։28)։

Ամուսնութիւնը Աստուծոյ կողմէ կատարեալ նուէր է, բայց մարդ արարա՛ծը անկատար է (Ա. Յովհ. 1։8)։ Անոր համար, Աստուածաշունչը ամուսնացած զոյգերը կը զգուշացնէ, որ «մարմնի նեղութիւն» պիտի ունենան, այսինքն խնդիրներ պիտի դիմագրաւեն։ Եհովան քրիստոնեայ ամուսիններէն կ’ակնկալէ, որ իրենց ընտանիքին հոգեւոր, զգացական եւ նիւթական պէտքերը հոգան (Ա. Տիմ. 5։8)։ Սակայն ամուսնացած քոյրերը պէտք է ամէն օր իրենց խճողուած յայտագրին մէջ ժամանակ գտնեն Աստուածաշունչը կարդալու ու անոր վրայ խոկալու եւ Եհովային սրտանց աղօթելու համար։ Թէեւ անոնք շատ զբաղած են, բայց կարեւոր է որ ատոնց ժամանակ տան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան կ’ուզէ, որ իւրաքանչիւրս իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն զարգացնենք ու պահպանենք (Գործք 17։26, 27)։ Հասկնալի է, որ թերեւս պէտք ըլլայ որ կինը շատ ջանք թափէ իր անկատար ամուսինին ենթարկուելու համար։ Սակայն, իրեն համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Եհովայի կողմէ իրեն տրուած նշանակումը կատարել, եթէ հասկնայ եւ ընդունի աստուածաշնչական պատճառները, թէ ինչո՛ւ պէտք է ենթարկուող ըլլայ։ դ21.02 9 ¶3, 6-7

Ուրբաթ, օգոստոս 26

Ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ (Յակ. 1։3)։

Փորձութիւնները կարելի է նմանցնել այն կրակին, որ կը գործածուի պողպատէ սուր մը շինելու։ Երբ սուրը կը տաքցնեն ու յետոյ կը պաղեցնեն, պողպատը աւելի զօրաւոր կը դառնայ։ Նոյնպէս, երբ փորձութիւններու տոկանք, մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Անոր համար Յակոբոս գրեց. «Համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք» (Յակ. 1։4)։ Երբ կը տեսնենք որ մեր փորձութիւնները մեր հաւատքը կը զօրացնեն, կրնանք ուրախութեամբ անոնց տոկալ։ Յակոբոս իր նամակին մէջ, նաեւ ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը բաներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ, որ մեր ուրախութիւնը կորսնցնենք։ Դժուարութիւններէն մէկն է՝ չգիտնալ ի՛նչ ընել։ Երբ փորձութեան մէջ ենք, կը խնդրենք Եհովայի օգնութիւնը, որ առնենք այնպիսի որոշումներ՝ որոնք զինք կը հաճեցնեն, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգտեն եւ կ’օգնեն որ ուղղամիտ մնանք (Եր. 10։23)։ Իմաստութեան պէտք ունինք, որպէսզի գիտնանք ի՛նչ ընթացք բռնենք եւ հակառակորդներուն ինչ ըսենք։ Եթէ չենք գիտեր ի՛նչ ընել, դիւրաւ կրնանք յուսահատիլ եւ շուտով մեր ուրախութիւնը կորսնցնել։ դ21.02 28 ¶7-9

Շաբաթ, օգոստոս 27

Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք (Ա. Պետ. 1։22)։

Եհովան մեզի իր օրինակը ձգած է։ Անոր սէրը այնքա՜ն զօրաւոր է, որ եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք, բան մը չի կրնար այդ կապը կտրել (Հռով. 8։38, 39)։ «Պինդ» թարգմանուած յունարէն բառը այն գաղափարը կու տայ, որ մէկը մեծ ջանքեր կը թափէ, որ սէր ցոյց տայ։ Ատեններ դիւրին չ’ըլլար, որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տանք։ Երբ ուրիշներ մեզ կը նեղացնեն, պէտք է շարունակենք «սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալ, ջանալ Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։1-3)։ Պէտք է աչք խփենք եղբայրներուն թերութիւններուն եւ մեր ամէն կարելին ընենք, որ մեր եղբայրները նկատենք այնպէս, ինչպէս Եհովան կը նկատէ (Ա. Թագ. 16։7. Սաղ. 130։3)։ Միշտ դիւրին չէ գուրգուրանք ցոյց տալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, մանաւանդ երբ գիտակից ենք անոնց թերութիւններուն։ Այնպէս կ’երեւի, թէ այս էր պարագան առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներուն, ինչպէս՝ Եւոդիան եւ Սիւնտիքը։ Պօղոս առաքեալ զիրենք յորդորեց, որ «միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով» (Փլպ. 4։2, 3)։ դ21.01 22-23 ¶10-11

Կիրակի, օգոստոս 28

Գրեցի ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք ուժով էք եւ Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը բնակի ու չարին յաղթեցիք (Ա. Յովհ. 2։14)։

Պատանինե՛ր, ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը շատ կ’արժեւորեն ձեզ, որ իրենց հետ «ուս–ուսի» կը ծառայէք Եհովային (Սոփ. 3։9, ՆԱ)։ Անոնք կը սիրեն ձեր նախանձախնդրութիւնը եւ խանդավառութիւնը, երբ ձեզի տրուած գործը կ’ընէք։ Անոնք ձեզի կը հաճին։ Մի՛ մոռնաք որ Եհովան ձեզ կը սիրէ եւ ձեզի կը վստահի։ Ան մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն, պատանիներու մեծ խումբ մը յօժարակամ իրեն պիտի ծառայէին (Սաղ. 110։1-3)։ Ան գիտէ թէ զինք կը սիրէք եւ կ’ուզէք իրեն ծառայել կարելի եղած լաւագոյն կերպով։ Ուստի, ուրիշներուն եւ ձեր անձին հանդէպ համբերող եղէք։ Երբ կը սխալիք, ձեզի տրուած մարզումն ու կրթութիւնը ընդունեցէք՝ զայն սեպելով Եհովայէն եկած (Եբ. 12։6)։ Երբ ձեզի գործ մը տրուի, ծանր աշխատեցէք ատոր համար։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ի՛նչ որ կ’ընէք՝ այնպէս ըրէք, որ ձեր երկնաւոր Հայրը ձեզմով պարծենայ (Առ. 27։11)։ դ21.03 7 ¶17-18

Երկուշաբթի, օգոստոս 29

Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է (Առ. 24։10)։

Մեզ կրնան վհատեցնել կարգ մը ներքին եւ արտաքին ազդակներ։ Ատոնք կրնան ըլլալ՝ անկատարութիւններ, տկարութիւններ եւ վատառողջութիւն։ Նաեւ կրնան ըլլալ այն պարագաները, երբ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ուզած նշանակումը չենք ստանար կամ կը ծառայենք անարդիւնաբեր թուող թաղամասի մը մէջ։ Դիւրաւ կրնանք մեր անկատարութիւններուն ու տկարութիւններուն հանդէպ անհաւասարակշիռ տեսակէտ զարգացնել։ Արդիւնքը կրնայ ըլլալ, որ խորհինք թէ մեր սխալներուն պատճառաւ Եհովան թոյլ պիտի չտայ, որ անցնինք նոր աշխարհը։ Այսպիսի մտածելակերպ կրնայ վնասակար ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ Յիսուս Քրիստոսէ զատ, բոլոր մարդիկը «մեղք գործեցին» (Հռով. 3։23)։ Բայց Աստուածաշունչի Հեղինակը մեր մէջ ո՛չ սխալներ կը փնտռէ, ոչ ալ կատարելութիւն։ Ընդհակառակը, ան սիրալիր Հայր մըն է, որ կ’ուզէ մեզի օգնել։ Ան նաեւ համբերող է։ Կը տեսնէ, երբ կը պայքարինք մեր անկատարութիւններուն եւ մեր անձին նկատմամբ անհաւասարակշիռ տեսակէտին դէմ, եւ պատրաստ է օգնելու (Հռով. 7։18, 19)։ դ20.12 22 ¶1-3

Երեքշաբթի, օգոստոս 30

Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, շարունակեցէք ուրախ ըլլալ եւ ճշդումներ ընել (Բ. Կոր. 13։11, ՆԱ)։

Բոլորս ճամբորդութեան մէջ ենք։ Մեր նպատակակէտն է հասնիլ նոր աշխարհ, որ մեր սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովային իշխանութեան ներքեւ է։ Ամէն օր կը ջանանք կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալել։ Բայց ինչպէս Յիսուս ըսաւ, այդ ճամբան նեղ է եւ երբեմն դժուար է անոր մէջ քալել (Մատ. 7։13, 14)։ Մենք անկատար ենք եւ դիւրաւ կրնանք անկէ շեղիլ (Գաղ. 6։1)։ Եթէ կ’ուզենք կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ մնալ, պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր մտածելակերպը, կեցուածքը եւ արարքները ճշդելու։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ, որ ‘ճշդումներ ընենք’։ Երբ կը ջանանք մեր մտածումներն ու զգացումները քննել, դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուինք։ Մեր սիրտը խաբեբայ է, անոր համար կրնանք վստահ չըլլալ, թէ մեզ դէպի ո՛ւր կ’ուղղէ (Եր. 17։9)։ Մենք մեզ դիւրաւ կրնանք խաբել (Յակ. 1։22)։ Ուստի, պէտք է Աստուածաշունչը գործածենք մենք մեզ քննելու համար։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ ինչ որ ենք ներսէն՝ մեր սրտին ամենաներքին «խորհուրդները ու մտածումները» (Եբ. 4։12, 13)։ դ20.11 18 ¶1-3

Չորեքշաբթի, օգոստոս 31

Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք (Հռով. 12։10)։

Երբ խոնարհ ու համեստ ենք, աւելի հաւանական է որ ուրախ ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Մեր սահմանափակումներուն գիտակից ըլլալով, երախտապարտ եւ ուրախ կ’ըլլանք որեւէ օգնութեան համար, որ ուրիշներէ կը ստանանք։ Օրինակ, նկատի առ այն առիթը, երբ Յիսուս տասը բորոտներ բժշկեց։ Անոնցմէ միայն մէկը վերադարձաւ Յիսուսին շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ զինք բժշկեց իր ահռելի հիւանդութենէն. բան մը, որ ինք անձամբ բնա՛ւ չէր կրնար ընել։ Այս խոնարհ ու համեստ տղամարդը իր ստացած օգնութեան համար երախտապարտ էր, եւ ատոր համար Աստուած փառաւորեց (Ղուկ. 17։11-19)։ Խոնարհ ու համեստ անհատները դիւրաւ ուրիշներու հետ լեզու կը գտնեն եւ աւելի հաւանական է, որ մտերիմ բարեկամներ ունենան։ Ինչո՞ւ։ Անոնք պատրաստ են ընդունելու, թէ ուրիշներ լաւ յատկութիւններ ունին, եւ անոնց հանդէպ վստահութիւն ցոյց կու տան։ Խոնարհ ու համեստ անհատները կ’ուրախանան, երբ ուրիշներ իրենց նշանակումներուն մէջ յաջողութիւն կը գտնեն, եւ շուտով զիրենք կը գովեն ու կը պատուեն։ դ20.08 12 ¶17-18

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել