Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք22 էջ 88-97
  • Սեպտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սեպտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 1
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 2
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 3
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 4
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 5
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 6
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 7
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 8
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 9
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 10
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 11
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 12
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 13
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 14
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 15
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 16
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 17
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 18
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 19
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 20
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 21
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 22
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 23
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 24
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 25
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 26
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 27
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 28
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 29
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
աք22 էջ 88-97

Սեպտեմբեր

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 1

Ասկէ յետոյ իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ (Յվլ. 2։28)։

Պետրոս առաքեալ Յովէլի մարգարէութիւնը մէջբերեց պզտիկ փոփոխութիւն մը մտցնելով անոր մէջ (Գործք 2։16, 17)։ Փոխանակ մէջբերումը սկսելու «ասկէ յետոյ» արտայայտութեամբ, ան ըսաւ որ «վերջին օրերը», Աստուծոյ հոգին «ամէն մարմնի վրայ» պիտի թափուի։ Այս հատուածին մէջ «վերջին օրերը» կ’ակնարկէ հրէական դրութեան վերջին օրերուն։ Պետրոսի գործածած արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, որ վերահաստատման մասին Յովէլի մարգարէութեան կատարումը Յովէլէն բաւական ժամանակ ետք եղաւ։ Այս յատկանշական դէպքէն ետքն էր, որ քարոզչութիւնը սկսաւ մեծ տարողութեամբ յառաջ երթալ։ Շուրջ Ք.Ե. 61–ին, երբ Պօղոս առաքեալ կողոսացիներուն ուղղած իր նամակը գրեց, կրցաւ ըսել որ բարի լուրը քարոզուեցաւ «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» (Կող. 1։23)։ Պօղոսի օրերուն, «բոլոր ստեղծուածներ» արտայայտութիւնը կը նշանակէր՝ այդ ատենուան ճանչցուած աշխարհը։ Իսկ ներկայիս, Եհովայի զօրեղ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, քարոզչութիւնը շա՜տ աւելի ընդարձակուած է. անիկա հասած է «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 13։47)։ դ20.04 6-7 ¶15-16

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 2

Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ (Եզեկ. 34։11)։

Եհովան ամէն մէկս կը սիրէ, ներառեալ՝ ոեւէ ոչխար, որ իր հօտէն մոլորած է (Մատ. 18։12-14)։ Ան Եզեկիէլ մարգարէին միջոցաւ խոստացաւ, որ պիտի փնտռէր իր կորսուած ոչխարները եւ անոնց պիտի օգնէր, որ իրենց հոգեւոր առողջութիւնը վերագտնէին։ Եւ ան նշեց թէ ի՛նչ մասնայատուկ քայլերով զանոնք պիտի փրկէր. քայլեր, որոնք իսրայէլացի հովիւը կ’առնէր, եթէ ոչխար մը կորսուէր (Եզեկ. 34։12-16)։ Նախ, հովիւը կը փնտռէր ոչխարը, ինչ որ կը պահանջէր շատ ժամանակ ու ջանք։ Ոչխարը գտնելէ ետք, զայն հօտին կը վերադարձնէր։ Եթէ ոչխարը վիրաւորուած կամ անօթի ըլլար, հովիւը սիրով անոր կ’օգնէր, վէրքերը փաթթելով, զայն կրելով ու կերակրելով։ Երէցները՝ «Աստուծոյ հօտ»ին հովիւները, պէտք է այս նոյն քայլերը առնեն, օգնելու համար ոեւէ անհատի որ ժողովքէն հեռացած է (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Երէցները զանոնք կը փնտռեն, անոնց կ’օգնեն որ ժողովքին վերադառնան եւ անոնց հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն՝ հարկ եղած հոգեւոր օգնութիւնը մատուցանելով։ դ20.06 20 ¶10

Շաբաթ, սեպտեմբեր 3

Արտերը. . . ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են (Յովհ. 4։35)։

Արդեօք Յիսուս ակնկալե՞ց որ մարդոց մեծամասնութիւնը իրեն պիտի հետեւէր, եւ ատոր համար է որ ըսաւ, թէ արտերը հնձուելու պատրաստ են։ Բնաւ երբեք։ Սուրբ Գրութիւնները մարգարէացած էին, թէ քիչ թիւով անհատներ իրեն պիտի հաւատային (Յովհ. 12։37, 38)։ Ասկէ զատ, Յիսուս մարդոց սրտերը կարդալու հրաշալի կարողութիւն ունէր (Մատ. 9։4)։ Բայց եւ այնպէս, ան կեդրոնացաւ այն քիչերուն վրայ, որոնք իրեն պիտի հաւատային, եւ նախանձախնդրօրէն ամէնուն քարոզեց։ Հետեւաբար, որքա՛ն աւելի մենք պէտք է թաղամաս մը կամ անհատ մը դատելու հակումին դէմ դնենք, քանի որ չենք կրնար սրտերը կարդալ։ Փոխարէնը, մարդիկը հաւանական աշակերտներ նկատէ։ Յիշէ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՛նչ ըսաւ։ Արտերը ճերմկած են, այսինքն՝ հնձուելու պատրաստ են։ Մարդիկ կրնան փոխուիլ եւ Քրիստոսի աշակերտները դառնալ։ Եհովան այդ հաւանական աշակերտները «ցանկալի բաներ» կը նկատէ (Ան. 2։7)։ Եթէ մարդիկը Եհովային եւ Յիսուսին տեսանկիւնէն դիտենք, պիտի ջանանք հասկնալ թէ ո՛ր ենթահողերէն եկած են եւ ի՛նչ հետաքրքրութիւններ ունին։ Զիրենք ոչ թէ օտարներ պիտի նկատենք, հապա՝ հաւանական եղբայրներ ու քոյրեր։ դ20.04 13 ¶18-19

Կիրակի, սեպտեմբեր 4

Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի (Յովհ. 15։15)։

Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կը սորվեցնէ, որ Եհովան հաճեցնելու համար, Յիսուսի հանդէպ միշտ սէր պէտք է ունենանք։ Յիսուսի բարեկամը դառնալու համար, պէտք է զինք ճանչնանք։ Ասիկա կրնանք ընել՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս Աւետարանները կարդալով։ Մինչ Յիսուսի կեանքին վերաբերեալ Աստուածաշունչի արձանագրութիւններուն վրայ կը խոկանք, կը սկսինք Յիսուսը սիրել ու յարգել, քանի որ շա՜տ ազնիւ կերպով վարուեցաւ մարդոց հետ։ Օրինակ, աշակերտներուն Տէրը ըլլալով հանդերձ, ան զիրենք ստրուկներ չնկատեց, հապա իրենց յայտնեց իր ամենաներքին մտածումներն ու զգացումները։ Ան իր աշակերտներուն ցաւակից եղաւ ու իրենց հետ լացաւ (Յովհ. 11։32-36)։ Նոյնիսկ իր հակառակորդները ընդունեցին, որ բարեկամ էր անոնց՝ որոնք իր պատգամին ընդառաջեցին (Մատ. 11։19)։ Երբ ընդօրինակենք այն կերպը, որով Յիսուս իր աշակերտներուն հետ վարուեցաւ, ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը բարելաւուի, աւելի գոհունակ եւ ուրախ կը զգանք ու Քրիստոսի հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելնայ։ դ20.04 22 ¶9-10

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 5

Հարաւի թագաւորը խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմի պիտի ելլէ (Դան. 11։25)։

1870–ին, Բրիտանիան արդէն երկրագունդին վրայ ամենամեծ կայսրութիւնը դարձած էր եւ ամենազօրաւոր բանակը ունէր։ Այդ կայսրութիւնը ներկայացուած էր որպէս պզտիկ եղջիւր մը, որ յաղթեց ուրիշ երեք եղջիւրներու. Ֆրանսա, Սպանիա եւ Հոլանտա (Դան. 7։7, 8)։ Եւ ան հարաւի թագաւորը եղաւ մինչեւ 1917։ Միեւնոյն ատեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տնտեսական ամենամեծ ուժը դարձած էին եւ սկսած էին Բրիտանիոյ հետ համագործակցիլ։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան միասնաբար պատերազմեցան եւ շատ զօրաւոր դարձան։ Այդ ժամանակ, անոնք անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը եղան։ Ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէացած էր, այս թագաւորը «խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրք» հաւաքեց։ Վերջին օրերուն ընթացքին, հարաւի թագաւորը միշտ եղած է Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները միասնաբար։ դ20.05 4 ¶7-8

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 6

Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային, նորէն հո՛ն կ’երթան (Ժող. 1։7)։

Ջուրը որպէս հեղուկ գոյութիւն ունի երկրի վրայ, քանի որ մեր մոլորակը արեւէն ճիշդ հեռաւորութեամբ կը գտնուի։ Եթէ քիչ մը աւելի մօտ ըլլար, ամբողջ ջուրը պիտի շոգիանար եւ երկիրը պիտի դառնար տաք ու անկենդան։ Իսկ եթէ քիչ մը աւելի հեռու ըլլար, երկրի վրայ բոլոր ջուրերը պիտի սառէին։ Որովհետեւ Եհովան երկիրը յարմարագոյն հեռաւորութեամբ դրաւ, անոր ջուրի շրջանը կրնայ կեանքը պահպանել։ Արեւը ովկիանոսներու եւ երկրի մակերեսը գտնուող ջուրերը կը տաքցնէ ու կը շոգիացնէ, ամպեր կազմելու համար։ Ամէն տարի արեւը մօտաւորապէս 500,000 խորանարդ քիլոմեթր ջուր կը շոգիացնէ։ Այս ջուրը շուրջ 10 օր օդին մէջ կը մնայ, եւ ետքը կ’իջնէ որպէս անձրեւ կամ ձիւն։ Ջուրը ի վերջոյ կը վերադառնայ ովկիանոսներուն ու միւս ջրակոյտերուն, եւ շրջանը կը կրկնուի։ Եհովան այս շրջանը ծրագրեց, որպէսզի երկիրը միշտ ջուր ունենայ։ Ասիկա կը փաստէ, թէ ան իմաստուն ու զօրեղ է (Յոբ 36։27, 28)։ դ20.05 22 ¶6

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 7

Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք (Գործք 1։8)։

Յիսուս մեզ քաջալերեց, որ աղօթքով շարունակ սուրբ հոգին խնդրենք (Ղուկ. 11։9, 13)։ Անոր միջոցաւ Եհովան մեզի ոյժ կու տայ, նոյնիսկ «սովորականը գերազանցող ուժը» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԱ)։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք տոկալ որեւէ դժուարութեան, որ կը դիմագրաւենք։ Սուրբ հոգին կրնայ նաեւ մեզի օգնել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր նշանակումներուն հոգ տանելու եւ մեր տաղանդներն ու կարողութիւնները բարելաւելու։ Մենք կ’ընդունինք, որ միայն սուրբ հոգիին օգնութեան շնորհիւ է, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք։ Կերպ մը, որով ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին կ’արժեւորենք, այն է՝ որ աղօթքով խնդրենք որ մեզի օգնէ զատորոշելու որեւէ սխալ մտածում կամ ցանկութիւն մեր սրտին մէջ (Սաղ. 139։23, 24)։ Եթէ այս խնդրանքը ընենք, Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ կրնայ մեր ուշադրութեան յանձնել որեւէ սխալ մտածում կամ հակում։ Այս պարագային, պէտք է աղօթենք որ սուրբ հոգին մեզ զօրացնէ անոնց դէմ դնելու։ Այսպէս, կը յայտնենք թէ վճռած ենք չընել որեւէ բան, որ կրնայ պատճառ դառնալ որ Եհովան մերժէ մեզի օգնել իր սուրբ հոգիով (Եփ. 4։30)։ դ20.05 28-29 ¶10-12

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 8

Քու անունդ անոնց ճանչցուցի (Յովհ. 17։26)։

Երբ Եհովայի անունը կը պաշտպանենք, Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւած կ’ըլլանք։ Ան իր Հօր անունը ճանչցուց, ոչ միայն զայն գործածելով, այլ նաեւ պաշտպանելով Եհովայի համբաւը։ Օրինակ, փարիսեցիները Եհովայի մասին զանազան կերպերով այն գաղափարը տուին, թէ ան կոշտ, պահանջկոտ, անհասանելի եւ անողորմ է։ Բայց Յիսուս մարդոց օգնեց, որ Եհովան տեսնեն որպէս տրամաբանող, համբերող, սիրառատ եւ ներող։ Ան նաեւ մարդոց օգնեց Եհովան ճանչնալու, կատարելապէս ընդօրինակելով իր Հօր յատկութիւնները իր առօրեայ կեանքին մէջ (Յովհ. 14։9)։ Յիսուսին պէս, կրնանք մարդոց պատմել ու սորվեցնել, թէ Եհովան որքա՜ն քաղցր ու սիրառատ Աստուած է։ Այսպէս ընելով, Եհովայի մասին եղած սուտերն ու զրպարտիչ գաղափարները կը քանդենք։ Եհովայի անունը կը սրբացնենք, մարդոց օգնելով որ զայն սուրբ նկատեն։ Մեր խօսքերով ու գործերով մարդոց ցոյց կու տան, թէ Եհովան իրապէս ինչպիսի՛ Աստուած է։ Եհովա անունը կը ջատագովենք, մարդոց օգնելով որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։ դ20.06 6 ¶17-18

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 9

Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով (Գաղ. 5։26)։

Ընկերային ցանցերը կրնան գործածուիլ լաւ նպատակի համար, ինչպէս՝ ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ կապի մէջ մնալ։ Սակայն նկատա՞ծ ես, որ ոմանք ընկերային ցանցերու մէջ կը դնեն մեկնաբանութիւններ, նկարներ եւ վիտէօներ, այն նպատակով որ ուրիշները իրենց վրայ հիանան։ Անոնք կարծես կ’ըսեն՝ «Ինծի նայեցէք»։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց նկարներուն կամ ուրիշներու դրած նկարներուն մասին կոշտ ու անվայել խօսքեր կը գրեն։ Ասիկա ցոյց չի տար երկու յատկութիւններ, որոնք քրիստոնեան պէտք է մշակէ. խոնարհութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը (Ա. Պետ. 3։8)։ Եթէ ընկերային ցանցեր գործածող ես, դուն քեզի հարցուր. ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ մեկնաբանութիւններս, նկարներս կամ վիտէօներս այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ ես կը պարծենամ։ Կարելի՞ է որ ուրիշները կը մղեմ նախանձելու’։ Քրիստոնեաները կարեւոր երեւնալու փափաքը չունին, քանի որ կը հետեւին Աստուածաշունչի խրատին, որ այս օրուան համարին մէջ նշուած է։ Խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ աշխարհի ինքզինք–բարձրացնելու հոգին չորդեգրենք (Ա. Յովհ. 2։16)։ դ20.07 6 ¶14-15

Շաբաթ, սեպտեմբեր 10

Առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի. . . չգիտնալով ըրի (Ա. Տիմ. 1։13)։

Քրիստոնեայ դառնալէ առաջ, Պօղոս առաքեալ անյարգալից երիտասարդ մըն էր, որ Յիսուսի հետեւորդները կը հալածէր (Գործք 7։57)։ Յիսուս անձամբ զինք կեցուց քրիստոնէական ժողովքին վրայ յարձակելէն. երկինքէն իրեն հետ խօսեցաւ եւ զինք կուրութեամբ զարկաւ։ Իր տեսողութիւնը ետ ստանալու համար, Պօղոս ստիպուեցաւ օգնութիւն խնդրել այն նոյն մարդոցմէն, որոնք կը հալածէր։ Ան խոնարհաբար ընդունեց Անանիա անունով աշակերտի մը օգնութիւնը, որ իրեն ետ տեսողութիւն տուաւ (Գործք 9։3-9, 17, 18)։ Յետագային Պօղոս դարձաւ քրիստոնէական ժողովքի երեւելի անդամ մը, բայց բնաւ չմոռցաւ այն դասը, որ Յիսուս իրեն սորվեցուց Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան խոնարհ մնաց եւ յօժարաբար ընդունեց իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութիւնը։ Ան ըսաւ որ իրեն «մխիթարութիւն», կամ զօրավիգ, եղան (Կող. 4։10, 11)։ դ20.07 18-19 ¶16-17

Կիրակի, սեպտեմբեր 11

Ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ (Ղուկ. 12։32)։

Եհովան ամենակարող ըլլալով հանդերձ, ուրիշներու հեղինակութիւն կու տայ։ Օրինակ, ան Յիսուսը նշանակած է որպէս Թագաւորութեան Թագաւորը։ Նաեւ, որոշ հեղինակութիւն պիտի տայ 144,000 մարդոց, որոնք Յիսուսի իշխանակիցներ պիտի ըլլան։ Անշուշտ, Եհովան Յիսուսը մարզեց, որ Թագաւոր եւ Քահանայապետ ըլլայ (Եբ. 5։8, 9)։ Ան նաեւ կը մարզէ Յիսուսի իշխանակիցները, որ իրենց նշանակումը կատարեն, բայց չի փորձեր մանրակրկիտ կերպով վերահսկել անոնց ըրածը։ Փոխարէնը, կը վստահի որ անոնք իր կամքը պիտի կատարեն (Յայտ. 5։10)։ Եթէ մեր երկնաւոր Հայրը, որ ամենակարող է, ուրիշներուն հեղինակութիւն կու տայ, ալ ուր մնաց մենք։ Օրինակ, եթէ ընտանիքի գլուխ ես կամ երէց ես, Եհովայի օրինակին հետեւէ, ուրիշներուն յանձնելով պարտականութիւններ եւ ետքը անոնց գլխուն վրայ չկենալով։ Այսպիսով, ոչ միայն պիտի ձգես որ գործը կատարուի, այլ նաեւ ուրիշները պիտի մարզես ու իրենց ինքնավստահութիւնը աւելցնես (Եսա. 41։10)։ դ20.08 9-10 ¶5-6

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 12

Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ (Ղուկ. 19։10)։

Եհովան կ’ուզէ, որ ինչպէ՞ս նկատենք իր կորսուած ոչխարները։ Պատասխանը կ’առնենք Յիսուսի օրինակէն։ Ան գիտէր, որ բոլոր ոչխարներն ալ Աստուծոյ աչքին թանկագին են, ուստի իր ամէն կարելին ըրաւ, որպէսզի օգնէ «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն», որ Եհովային վերադառնան (Մատ. 15։24)։ «Բարի հովիւը» ըլլալով, Յիսուս ամէն ջանք թափեց, որպէսզի Եհովայի ոչխարներէն ո՛չ մէկը կորսուի (Յովհ. 6։39)։ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի ժողովքին երէցները քաջալերեց, որ Յիսուսի օրինակին հետեւին, ըսելով թէ պէտք է «տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’» (Գործք 20։17, 35)։ Յստակ է որ այսօր երէցները այս ուղղութեամբ մասնաւոր պատասխանատուութիւն ունին։ Սպանիոյ մէջ Սալվատոր անունով երէց մը կը բացատրէ. «Երբ կը մտածեմ որ Եհովան որքա՜ն հետաքրքրուած է իր կորսուած ոչխարներով, կը մղուիմ ամէն կարելիս ընելու, որ անոնց օգնեմ։ Համոզուած եմ որ Եհովան կ’ուզէ, որ անոնց հոգ տանիմ»։ դ20.06 23 ¶15-16

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 13

Առաջուան բաները անցան (Յայտ. 21։4)։

Եհովան համբերութեամբ պիտի սպասէ մինչեւ որ Հազարամեայ իշխանութիւնը վերջ գտնէ, եւ միայն անկէ ետք մեզմէ կատարելութիւն պիտի ակնկալէ։ Մինչ այդ, ան յօժար է մեր մեղքերը ներելու։ Ուստի, իր օրինակին հետեւելով, պէտք է կեդրոնանանք ուրիշներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ եւ համբերող ըլլանք։ Երեւակայէ թէ Յիսուս եւ հրեշտակները որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ տեսնեն որ երկրագունդը լեցուած է կատարեալ մարդոցմով, որոնք Եհովան կը սիրեն։ Երեւակայէ Քրիստոսի իշխանակիցներուն ուրախութիւնը, երբ տեսնեն թէ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը իրենց աշխատանքէն կ’օգտուի (Յայտ. 4։4, 9, 10. 5։9, 10)։ Եւ երեւակայէ կեանքդ, երբ հիւանդութիւնը, թշուառութիւնն ու մահը այլեւս գոյութիւն չունին։ Մինչեւ որ այդ ժամանակը գայ, վճռէ ընդօրինակել սիրառատ, իմաստուն եւ համբերող Հայրդ։ Այսպիսով ուրախ պիտի մնաս, ի՛նչ դժուարութիւն ալ դիմագրաւես (Յակ. 1։2-4)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովայի խոստումին համար, թէ «յարութիւն պիտի ըլլայ» (Գործք 24։15)։ դ20.08 19 ¶18-19

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 14

Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի (Մատ. 24։14)։

Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ սիրալիր նուէր մըն է։ Մեր երկնաւոր Հայրը մարդիկ ներշնչեց որ զայն գրեն, քանի որ մեզ շա՜տ կը սիրէ։ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ, Եհովան կը պատասխանէ մեր ամենակարեւոր հարցումներուն, ինչպէս՝ ուրկէ՞ եկանք. ի՞նչ է կեանքին նպատակը. եւ ապագան ի՞նչ վերապահած է։ Ան կ’ուզէ որ իր բոլոր երկրային զաւակները այդ հարցումներուն պատասխանները գիտնան, ուստի մարդիկ մղած է, որ Աստուածաշունչը թարգմանեն։ Ներկայիս, Աստուածաշունչը՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ, մատչելի է աւելի քան 3000 լեզուներով։ Անոր հանդէպ մեր գնահատանքը կը յայտնենք՝ ամէն օր զայն կարդալով, անոր ուսուցումներուն վրայ խոկալով եւ մեր ամէն կարելին ընելով, որ մեր սորվածը գործադրենք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք, մեր լաւագոյնը ընելով որ անոր պատգամը հաղորդենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց (Սաղ. 1։1-3. Մատ. 28։19, 20)։ դ20.05 24-25 ¶15-16

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 15

Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ (Եր. 20։8)։

Երեմիա մարգարէն նշանակուեցաւ ծառայելու վերջին ծայր դժուար թաղամասի մը մէջ։ Տեղ մը հասաւ, որ ան այնքա՛ն վհատեցաւ, որ ուզեց յանձնուիլ։ Բայց այդպէս չըրաւ։ Ինչո՞ւ։ «Տէրոջը խօսքը» Երեմիայի սրտին մէջ կրակի մը պէս բորբոքեցաւ, եւ ան այլեւս չէր կրնար զայն իր մէջը պահել (Եր. 20։9)։ Նոյն բանը մեզի ալ պիտի պատահի, եթէ մեր միտքն ու սիրտը Աստուծոյ Խօսքով լեցնենք։ Ատիկա յաւելեալ պատճառ մըն է, որ Աստուածաշունչը ամէն օր սերտենք եւ ատոր վրայ խոկանք։ Արդիւնքը կ’ըլլայ, որ մեր ուրախութիւնը կրնայ շարունակել աւելնալ եւ մեր ծառայութիւնը աւելի արդիւնաբեր կրնայ դառնալ (Եր. 15։16)։ Ուստի երբ վհատած կը զգաս, Եհովայի աջակցութիւնը խնդրէ։ Ան պիտի օգնէ, որ անկատարութիւններուդ, տկարութիւններուդ կամ հիւանդութեանդ հետ գլուխ ելլես։ Ան պիտի օգնէ, որ ծառայութեան նշանակումներուն նկատմամբ հաւասարակշիռ տեսակէտ ունենաս, ինչպէս նաեւ՝ ծառայութիւնդ դրական աչքով դիտես։ Մտահոգութիւններդ ալ պատմէ երկնաւոր Հօրդ։ Անոր օգնութեամբ, վհատութեան դէմ մղուած պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գաս։ դ20.12 27 ¶20-21

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 16

Յորդորէ. . . պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով (Ա. Տիմ. 5։1, 2)։

Կարգ մը քոյրերու համար, ժողովները գլխաւոր առիթն են հաւատակիցներուն հետ ըլլալու համար։ Անոր համար կ’ուզենք այս առիթները օգտագործել զանոնք ողջունելու, անոնց հետ խօսակցելու եւ գիտցնելու որ իրենցմով հետաքրքրուած ենք։ Յիսուսին պէս, կրնանք ժամանակ տրամադրել քոյրերու հետ ընկերակցելու (Ղուկ. 10։38-42)։ Կրնանք զիրենք հրաւիրել համեստ ճաշի մը կամ միասին զուարճալի ժամանակ անցընելու։ Եւ կ’ուզենք խօսակցութիւնը շինիչ պահել (Հռով. 1։11, 12)։ Երէցները պէտք է ունենան այն նոյն կեցուածքը, որ Յիսուս ունէր։ Ան գիտէր, որ ամուրիութիւնը ոմանց համար կրնար դժուար ըլլալ, բայց յստակ դարձուց, որ մնայուն երջանկութիւնը կախեալ չէ ամուսնութենէն կամ զաւակներ ունենալէն (Ղուկ. 11։27, 28)։ Փոխարէնը, մնայուն երջանկութիւն կ’ունենանք, երբ Եհովայի ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք (Մատ. 19։12)։ Մանաւանդ երէցները պէտք է քրիստոնեայ կիներուն հետ վարուին որպէս իրենց քոյրերը եւ մայրերը։ Լաւ կ’ըլլայ որ երէցները ժողովներէն առաջ կամ ետք քոյրերուն հետ խօսին։ դ20.09 21-22 ¶7-9

Շաբաթ, սեպտեմբեր 17

Երկրագործը կը սպասէ երկրին պատուական պտուղին. . . Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք (Յակ. 5։7, 8)։

Իսրայէլի մէջ, երկրագործը սերմերը կը ցանէր աշնան առաջին անձրեւներէն ետք եւ հունձքը կը հաւաքէր գարնան վերջին անձրեւներէն ետք (Մար. 4։28)։ Եթէ ան ուզէր, որ իր պարտէզը բերք տար, պէտք էր համբերատար ըլլար։ Պէտք էր շարունակ հողը հերկէր, ցանէր, խոտատէր ու ջրէր։ Աշակերտելու գործն ալ յարատեւ ջանք կը պահանջէ։ Օրինակ, եթէ քարոզելու ատեն համբերատար ենք, պիտի չվհատինք երբ ընդառաջում չըլլայ, հապա պիտի շարունակենք փնտռել անոնք՝ որոնք լսելու յօժար են։ Եւ նոյնիսկ երբ ընդառաջում ըլլայ, տակաւին պէտք է համբերող ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Չենք կրնար աշակերտը ստիպել, որ հաւատքի մէջ աճի։ Նոյնիսկ Յիսուսին աշակերտները ատեններ անմիջապէս չըմբռնեցին անոր սորվեցուցածին իմաստը (Յովհ. 14։9)։ Ժամանակ կ’առնէ, որ մեր աշակերտին սրտէն արմատախիլ ընենք նախապաշարումն ու անտարբերութիւնը։ Յիշենք որ մենք կը ցանենք ու կը ջրենք, բայց Աստուած է աճեցնողը (Ա. Կոր. 3։6)։ դ20.09 11 ¶10-11

Կիրակի, սեպտեմբեր 18

Ամբողջ սրտովս կ’ուզեմ քեզի գոհութիւն յայտնել, Տէ՜ր, ուղիղ վարքով ապրող մարդոց հետ, ժողովուրդիդ հետ համախումբ (Սաղ. 111։1, ՆԹ)։

Բոլորս կ’ուզենք, որ մեր աշակերտը յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։ Անոր օգնելու կարեւոր կերպ մըն է՝ քաջալերել որ ժողովներու ներկայ գտնուի։ Յաճախ, այն աշակերտը, որ անմիջապէս ժողովներու ներկայ կը գտնուի, արագօրէն կը յառաջդիմէ։ Կարգ մը ուսուցիչներ իրենց աշակերտին կը բացատրեն, թէ ժողովներուն մէջ պիտի սորվի բաներ, որոնք ուսումնասիրութեան ատեն պիտի չսորվի։ Աշակերտիդ հետ կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25–ը, եւ բացատրէ թէ ի՛նչ օգուտներ պիտի ստանայ, եթէ ժողովներու գայ։ Խանդավառութեամբ պատմէ բան մը, որ վերջերս ժողովէ մը սորվեցար։ Ասիկա աւելի ազդու է, քան պարզապէս զինք հրաւիրելը որ գայ։ Առաջին ժողովին մէջ, աշակերտդ պիտի զգայ, թէ ասանկ բան մը ո՛չ տեսած է, ոչ ալ լսած է ուրիշ որեւէ տեսակի կրօնական հանդիպումի մէջ (Ա. Կոր. 14։24, 25)։ Ան պիտի ծանօթանայ ուրիշներու, որոնց լաւ օրինակէն կրնայ սորվիլ, եւ որոնք իրեն պիտի օգնեն, որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։ դ20.10 10-11 ¶14-15

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 19

Ո՞վ կրնայ [Աստուծոյ] պէս սորվեցնել (Յոբ 36։22)։

Աստուծոյ հոգին քեզի պիտի օգնէ, որ իր Խօսքէն սորվածդ գործնական կերպով կիրարկես։ Սաղմոսերգուին պէս աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ» (Սաղ. 86։11)։ Ուրեմն, շարունակէ առնել հոգեւոր սնունդը, որ Եհովան կը հայթայթէ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ Անշուշտ, նպատակդ չէ միայն գիտելիքներ հաւաքել։ Կ’ուզես ճշմարտութիւնը սրտիդ մէջ քանդակել եւ կեանքիդ մէջ գործադրել։ Եհովայի հոգին կրնայ քեզի օգնել ատիկա ընելու։ Նաեւ կ’ուզես եղբայրներդ ու քոյրերդ քաջալերել (Եբ. 10։24, 25)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք հոգեւոր ընտանիքդ են։ Աղօթքով խնդրէ որ սուրբ հոգին քեզի օգնէ, որ ժողովին մէջ սրտագին պատասխաններ տաս, եւ եթէ բաժին ունիս, զայն լաւագոյն կերպով պատրաստես։ Այս կերպերով, Եհովային եւ իր Որդիին ցոյց կու տաս, թէ իրենց թանկագին «ոչխարներ»ը կը սիրես (Յովհ. 21։15-17)։ Ուստի, Մեծ Ուսուցիչիդ մտիկ ըրէ, լիովին օգտուելով իր հայթայթած ճոխ հոգեւոր սնունդէն։ դ20.10 24-25 ¶15-17

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 20

Բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան (Մար. 14։50)։

Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ, երբ անոնք ժամանակաւորապէս տկարացած էին։ Յարութիւն առնելէ քիչ ետք, ան կարգ մը կիներու ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք [որ յարութիւն առի]» (Մատ. 28։10ա)։ Ան առաքեալներէն իր յոյսը չկտրեց։ Թէեւ զինք լքած էին, բայց ան տակաւին զիրենք կոչեց «եղբայրներս»։ Եհովային պէս, Յիսուս ողորմած ու ներող է (Դ. Թագ. 13։23)։ Նոյնպէս մենք խորապէս հետաքրքրուած ենք անոնցմով, որոնք ծառայելէ դադրած են։ Անոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, եւ զիրենք շա՜տ կը սիրենք։ Մինչեւ հիմա կը յիշենք այն սիրոյ գործերը, որ անցեալին ըրին. անոնցմէ ոմանք տասնամեակներ շարունակ (Եբ. 6։10)։ Մենք զիրենք շա՜տ կարօտցած ենք (Ղուկ. 15։4-7)։ Ուստի, կրնանք անգործունեաները քաջալերել, որ ժողովներու գան։ Եւ երբ անգործունեայ եղբայր մը կամ քոյր մը Թագաւորութեան սրահ գայ, պէտք է նա՛խ մենք իրեն մօտենանք եւ սրտանց ողջունենք։ դ20.11 6 ¶14-17

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 21

Գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ (Ա. Կոր. 4։6)։

Յակոբոս, Յովհաննէս եւ իրենց մայրը Յիսուսէ խնդրեցին բան մը, որ իրեն չէր իյնար զայն տալ։ Ան առանց տատամսելու պատասխանեց, թէ միայն իր երկնաւոր Հայրը կրնար որոշել, թէ Թագաւորութեան մէջ ո՛վ պիտի նստէր իր աջ կողմը կամ ձախ կողմը (Մատ. 20։20-23)։ Ան իր սահմանափակումներուն համաձայն շարժեցաւ. համեստ էր։ Ան բնաւ չըրաւ բան մը, որ Եհովան իրեն իրաւասութիւն չէր տուած որ ընէր (Յովհ. 12։49)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի ընտիր օրինակը որդեգրել։ Յիսուսի համեստութիւնը կ’ընդօրինակենք, գործադրելով այս օրուան համարին խրատը։ Ուստի, երբ մեզմէ խրատ խնդրուի, բնաւ չենք փորձեր մեր անձնական կարծիքը յառաջ մղել, կամ պարզապէս ըսել առաջին բանը, որ մեր միտքը կու գայ։ Կ’ուզենք ուշադրութեան յանձնել այն խրատը, որ կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Այսպէս ցոյց կու տանք, թէ կը գիտակցինք որ ամէն բան չենք գիտեր։ Եւ համեստութեամբ կ’ընդունինք, թէ Եհովայի խրատները միշտ աւելի լաւ են, քան մեր խրատները (Յայտ. 15։3, 4)։ դ20.08 11-12 ¶14-15

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 22

Յոյժ շատ արդար մի՛ ըլլար, ու դուն քեզ չափազանց իմաստուն մի՛ կարծեր. ինչո՞ւ փճանաս (Ժող. 7։16, ԱԾ)։

Եթէ զգաս որ բարեկամի մը պէտք է խրատ տաս, ի՞նչ կէտեր պէտք է ի մտի ունենաս։ Իրեն հետ խօսելէ առաջ, դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք ես խիստ շատ արդա՞ր եմ’։ Խիստ շատ արդար անձը ուրիշները կը դատէ ոչ թէ Եհովայի չափանիշներով, հապա ի՛ր չափանիշներով, եւ հաւանաբար գթասիրտ չ’ըլլար։ Եթէ դուն քեզ քննելէ ետք տակաւին կը զգաս, որ պէտք է բարեկամիդ հետ խօսիս, խնդիրը յստակ կերպով նշէ եւ հարցումներ հարցնելով բարեկամիդ օգնէ, որ անդրադառնայ թէ սխալ գործած է։ Վստահ եղիր որ ըսածներդ Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած են, յիշելով որ բարեկամդ Եհովայի՛ն հաշիւ պիտի տայ, եւ ոչ թէ քեզի (Հռով. 14։10, ՆԱ)։ Սուրբ Գիրքի՛ն իմաստութեան ապաւինէ, եւ խրատ տալու ատեն Յիսուսի կարեկցութիւնը ընդօրինակէ (Առ. 3։5. Մատ. 12։20)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան մեզի հետ կը վարուի այնպէս, ինչպէս մենք ուրիշներուն հետ կը վարուինք (Յակ. 2։13)։ դ20.11 21 ¶13

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 23

Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք (Յովհ. 7։24)։

Պիտի ուզէի՞ր որ մարդիկ քեզ դատէին մորթիդ գոյնին, դիմագիծիդ կամ մարմնիդ չափին հիման վրայ։ Հաւանաբար ոչ։ Ուրեմն, որքա՜ն կը մխիթարուինք գիտնալով, որ Եհովան մեզ չի դատեր մարդկային աչքին տեսանելի եղող բաներուն հիման վրայ։ Օրինակ, երբ Սամուէլ Յեսսէի որդիներուն նայեցաւ, չտեսաւ ինչ որ Եհովան կը տեսնէր։ Եհովան Սամուէլին ըսած էր, որ անոնցմէ մէկը Իսրայէլի թագաւորը պիտի ըլլար։ Բայց ո՞ր մէկը։ Երբ Սամուէլ Յեսսէի անդրանիկ որդին՝ Եղիաբը տեսաւ, ըսաւ. «Իրաւ որ Տէրոջը օծեալը իր առջեւն է»։ Եղիաբի երեւոյթը այնքա՛ն տպաւորիչ էր, որ Սամուէլ խորհեցաւ որ ան ըլլալու է ապագայ թագաւորը։ «Բայց Տէրը Սամուէլին ըսաւ. ‘Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի’»։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Եհովան բացատրեց. «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի» (Ա. Թագ. 16։1, 6, 7)։ Լաւ կ’ընենք որ Եհովան ընդօրինակենք, երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը վարուինք։ դ20.04 14 ¶1. 15 ¶3

Շաբաթ, սեպտեմբեր 24

Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են (Յովհ. 4։35)։

Երբ Յիսուս դէպի Գալիլիա կ’ուղղուէր, հաւանաբար անցաւ գարիի արտերէ, որոնց գարին նոր սկսած էր աճիլ (Յովհ. 4։3-6)։ Բերքը հնձուելու պատրաստ պիտի ըլլար շուրջ չորս ամիս ետք, բայց Յիսուս տարօրինակ թուող բան մը ըսաւ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են» (Յովհ. 4։35, 36)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Այնպէս կ’երեւի, թէ Յիսուս կ’ակնարկէր մարդո՛ց այլաբանական հունձքին, եւ ոչ թէ գարիի հունձքին։ Նկատէ թէ անկէ քիչ առաջ ի՛նչ պատահած էր։ Թէեւ հրեաները ընդհանրապէս սամարացիներուն հետ չէին յարաբերեր, բայց Յիսուս սամարացի կնոջ մը քարոզած էր եւ ան մտի՛կ ըրած էր։ Իրականութեան մէջ, մինչ Յիսուս կը խօսէր «ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ» արտերու մասին, իրեն կը մօտենար սամարացիներու բազմութիւն մը, որոնք իր մասին այդ կնոջմէն լսած էին (Յովհ. 4։9, 39-42)։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը այս դէպքին մասին կը նշէ. «Յիսուսի քով անմիջապէս գալու եւ իրեն մտիկ ընելու մարդոց սրտագին փափաքը. . . ցոյց տուաւ որ հնձուելու պատրաստ հատիկի կը նմանէին»։ դ20.04 8 ¶1-2

Կիրակի, սեպտեմբեր 25

Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով (Եբ. 10։24)։

Ժողովները պատերազմելու մեր հմտութիւնները կը բարելաւեն, այլաբանօրէն խօսելով, մեզ ծառայութեան զինելով։ Օրինակ, կը սորվինք ինչպէ՛ս «Ուսուցանելու գործիքներու տուփ»ի հրատարակութիւնները ազդու կերպով գործածել։ Ուստի, ժողովներուն նիւթերը լաւ պատրաստէ։ Ժողովին ընթացքին ուշի–ուշով մտիկ ըրէ։ Ժողովէն ետք, ստացած մարզումդ գործադրէ։ Այս բաները ընելով, «Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուոր»ը պիտի դառնաս (Բ. Տիմ. 2։3)։ Նաեւ միլիոնաւոր հզօր հրեշտակներու աջակցութիւնը ունինք։ Մտածէ թէ միայն մէկ հրեշտակ ի՛նչ կրնայ ընել (Եսա. 37։36)։ Հիմա մտածէ թէ հրեշտակներու մեծ խումբ մը ի՛նչ կրնայ իրագործել։ Ո՛չ մէկ մարդ կամ դեւ կրնայ Եհովայի հզօր բանակին դէմ դնել։ Ըսուած է, որ մէկ հաւատարիմ Վկայ եւ Եհովան կը կազմեն մեծամասնութիւնը (Դատ. 6։16)։ Այս խօսքը որքա՜ն ճիշդ է։ Այս կէտերը յիշէ, երբ քեզ վախցնէ բան մը, որ գործակիցդ, դպրոցակիցդ, կամ Վկայ չեղող ազգականդ կ’ըսէ կամ կ’ընէ։ Մի՛ մոռնար. այս պատերազմին մէջ առանձին չես։ Եհովային ուղղութեան կը հետեւիս, ուստի իր աջակցութիւնը ունիս։ դ21.03 29 ¶13-14

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 26

Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք (Ա. Կոր. 15։32)։

Պօղոս առաքեալ թերեւս կը մէջբերէր Եսայի 22։13–ին խօսքը, որ կը վերաբերի իսրայէլացիներուն կեցուածքին։ Փոխանակ Աստուծոյ մօտենալու, անոնք հաճելի կեանքի ետեւէ էին։ Կարելի է ըսել, որ այդ իսրայէլացիներուն մտածելակերպն էր՝ «այսօր կանք, վաղը չկանք». տեսակէտ մը, որ մարդիկ ունին նոյնիսկ այսօր։ Յստակ է, որ այն իրողութիւնը թէ Եհովան մեռելներուն կրնայ յարութիւն տալ, պէտք է ազդէ բարեկամներու մեր ընտրութեան։ Կորնթոսի մէջ եղբայրները պէտք էր յարութիւնը մերժողներուն հետ ընկերակցելէ զգուշանային։ Մենք կրնանք ասկէ դաս մը սորվիլ. բարեկամութիւնը անոնց հետ, որոնք «հիմա՛ կեանքդ վայելէ» մտածելակերպը ունին, գէշ հետեւանքներ կ’ունենայ։ Այսպիսիներու հետ ընկերակցիլը կրնայ քանդել ճշմարիտ քրիստոնեային մտածելակերպն ու սովորութիւնները։ Անոնք կրնան նոյնիսկ քրիստոնեան մղել, որ Աստուծոյ ատած բաները ընէ։ Անոր համար Պօղոս զօրաւոր յորդոր մը տուաւ. «Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք» (Ա. Կոր. 15։33, 34)։ դ20.12 9 ¶3, 5-6

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 27

Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած (Ա. Կոր. 11։3)։

Այս համարը կը նկարագրէ այն կերպը, որով Եհովան իր տիեզերական ընտանիքը կազմակերպած է։ Գլխաւորութիւնը կը պարփակէ երկու հիմնական բաներ՝ հեղինակութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Եհովան «գլուխ»ն է, այսինքն՝ գերագոյն հեղինակութիւն ունեցողը, եւ իր բոլոր զաւակները՝ թէ՛ հրեշտակներ եւ թէ մարդիկ, պատասխանատու են իր առջեւ (Հռով. 14։12. Եփ. 3։14, 15)։ Ան Յիսուսին հեղինակութիւն տուած է ժողովքին վրայ, բայց Յիսուս պատասխանատու է իրեն, թէ ինչպէ՛ս կը վարուի մեզի հետ (Ա. Կոր. 15։27)։ Եհովան նաեւ ամուսինին հեղինակութիւն տուած է կնոջ եւ զաւակներուն վրայ։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ սորվիլ ընտանիքի լաւ գլուխ ըլլալ։ Նա՛խ պէտք է հասկնայ, թէ Եհովան իրմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Նաեւ պէտք է գիտնայ թէ Եհովան ինչո՛ւ հաստատած է գլխաւորութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել։ Տղամարդը ինչո՞ւ պէտք է այս ամէնը գիտնայ։ Քանի որ Եհովան ընտանիքի գլուխին հեղինակութիւն տուած է եւ կ’ակնկալէ որ ատիկա լաւ կերպով գործածէ (Ղուկ. 12։48բ)։ դ21.02 2 ¶1-3

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 28

Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ (Եսա. 48։17)։

Լաւ կ’ըլլայ որ Եհովան ընդօրինակենք եւ որոշենք կարգ մը բաներ մոռնալ։ Օրինակ, Եհովան կատարեալ յիշողութիւն ունի, բայց երբ զղջանք, կ’որոշէ մեր ըրած մեղքը ներել ու մոռնալ (Սաղ. 25։7. 130։3, 4)։ Եւ ան կ’ուզէ որ նոյնը ընենք ուրիշներուն, երբ կը զղջան որ մեզ վիրաւորեցին (Մատ. 6։14. Ղուկ. 17։3, 4)։ Կրնանք գնահատել սքանչելի նուէրը՝ ուղեղը, զայն գործածելով որ Ստեղծիչը պատուենք։ Ոմանք իրենց ուղեղը կը գործածեն անձնասէր նպատակներու համար, իրե՛նց չափանիշները դնելով թէ ի՛նչ բան ճիշդ է ու ի՛նչ բան սխալ։ Բայց քանի որ Եհովա՛ն մեզ ստեղծեց, տրամաբանական է ակնկալել որ իր չափանիշները շա՜տ աւելի լաւ են, քան որեւէ չափանիշ որ կը դնենք մեր անձին համար (Հռով. 12։1, 2)։ Երբ իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք, խաղաղութիւն կ’ունենանք (Եսա. 48։18)։ Եւ ապրելու յստակ նպատակ կ’ունենանք. մեր Ստեղծիչն ու Հայրը պատուել եւ իր սիրտը ուրախացնել (Առ. 27։11)։ դ20.05 23-24 ¶13-14

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 29

Իրարու գորովալից եղէ՛ք (Հռով. 12։10)։

Ինչպէ՞ս կրնանք ներկայիս մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ գուրգուրանք զարգացնել։ Երբ մեր հաւատակիցները աւելի լաւ կը ճանչնանք, աւելի դիւրին կ’ըլլայ զիրենք հասկնալ եւ իրենց հանդէպ գուրգուրանք զարգացնել։ Տարիքն ու ենթահողը պէտք չէ արգելք ըլլան։ Մի՛ մոռնար, որ Յովնաթան Դաւիթէն շուրջ 30 տարի մեծ էր, սակայն անոր հետ բարեկամութիւն մշակեց։ Կրնա՞ս հետաքրքրուիլ անհատով մը, որ քեզմէ աւելի մեծ է՝ կամ պզտիկ է։ Այդպէս ընելով ցոյց պիտի տաս, որ ամբո՛ղջ ‘եղբայրութիւնը կը սիրես’ (Ա. Պետ. 2։17)։ Մեր հաւատակիցներուն հանդէպ ջերմ կապուածութիւն զգալը կը նշանակէ՞, որ ժողովքին մէջ բոլորին հետ հաւասարապէս մտերիմ պիտի ըլլանք։ Ո՛չ. ատիկա կարելի բան մը չէ։ Բնական է ոմանց աւելի մօտիկ զգալ՝ քան ուրիշներու, քանի որ նոյն հետաքրքրութիւնները ունինք։ Յիսուս իր բոլոր առաքեալները «բարեկամ» անուանեց, բայց մասնայատուկ կապուածութիւն ունէր Յովհաննէսին հանդէպ (Յովհ. 13։23. 15։15. 20։2)։ Սակայն Յովհաննէսին հետ աւելի լաւ կերպով չվարուեցաւ, քան միւսներուն հետ (Մար. 10։35-40)։ դ21.01 23 ¶12-13

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 30

Ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ (Գործք 17։22)։

Պօղոս առաքեալ Աթէնքի հեթանոսներուն իր պատգամը չներկայացուց այն կերպով, որով ժողովարանի հրեաներուն ներկայացուց։ Ան իր շրջապատը ուշի–ուշով դիտեց, գաղափար կազմելով այդ տեղի մարդոց կրօնական սովորութիւններուն մասին (Գործք 17։23)։ Ապա, ջանաց նմանութիւններ գտնել անոնց պաշտամունքին եւ սուրբգրային ճշմարտութիւններուն միջեւ։ Ուստի Պօղոս պատրաստ էր իր մօտեցումը փոխելու։ Ան աթենացիներուն ըսաւ, թէ իր պատգամը ‘անծանօթ Աստուծմէն’ էր, որ կը ջանային պաշտել։ Թէեւ հեթանոսները Սուրբ Գրութիւններուն ծանօթ չէին, բայց Պօղոս իր յոյսը անոնցմէ չկտրեց, հապա զանոնք նկատեց որպէս հնձուելու պատրաստ հատիկներ եւ բարի լուրը ներկայացնելու իր կերպը փոփոխութեան ենթարկեց։ Պօղոսին պէս, ուշադիր եղիր։ Փնտռէ որեւէ նշան, որ թաղամասի մարդոց հաւատալիքները կը յայտնէ։ Օրինակ, տանտիրոջ տունը կամ ինքնաշարժը ի՞նչ զարդարանքներ ունի։ Իր անունը, հագուելակերպը, զարդարանքը կամ նոյնիսկ խօսելու ոճը կը յայտնէ՞ թէ ո՛ր կրօնքին կը պատկանի։ դ20.04 9-10 ¶7-8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել