Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք22 էջ 98-108
  • Հոկտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոկտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 1
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 2
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 3
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 4
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 5
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 6
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 7
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 8
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 9
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 10
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 11
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 12
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 13
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 14
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 15
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 16
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 17
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 18
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 19
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 20
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 21
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 22
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 23
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 24
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 25
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 26
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 27
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 28
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 29
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 30
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2022
աք22 էջ 98-108

Հոկտեմբեր

Շաբաթ, հոկտեմբեր 1

Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք (Ա. Կոր. 2։16)։

Երբ Յիսուսը ճանչնանք, իր մտածելակերպն ու վարուելակերպը պիտի ընդօրինակենք։ Եւ ո՛րքան աւելի լաւ ճանչնանք ու ընդօրինակենք իր մտածելակերպը, ա՛յնքան աւելի մտերիմ բարեկամներ պիտի դառնանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Միայն մէկ օրինակ նկատի առ։ Յիսուս աւելի մտածեց ուրիշներու օգնելու մասին, քան ինքզինք հաճեցնելու մասին (Մատ. 20։28. Հռով. 15։1-3)։ Որովհետեւ այս մտածելակերպը ունէր, անձնազոհ ու ներող էր։ Ան դիւրաւ չվիրաւորուեցաւ մարդոց խօսքերէն (Յովհ. 1։46, 47)։ Եւ ժխտական կերպով չէր մտածեր անհատի մը մասին, պարզապէս քանի որ ան հեռու անցեալին իրեն դէմ սխալ մը ըրած էր (Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Ուստի դուն քեզի հարցուր. ‘Յիսուսի օրինակին կը հետեւի՞մ ամէն բան ընելով, որ եղբայրներուս ու քոյրերուս հետ խաղաղութիւն պահպանեմ’։ դ20.04 24 ¶11

Կիրակի, հոկտեմբեր 2

Իմ անունս պիտի փառաւորեն (Եսա. 29։23)։

Հակառակ անոր որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ Եհովայի անունը զրպարտող եւ պղծող մարդոցմով լեցուն է, դուն պատեհութիւնը ունիս խօսելու ճշմարտութիւնը, թէ Եհովան սուրբ, արդար, բարի եւ սիրալիր է։ Կրնաս իր իշխանութեան թիկունք կանգնիլ։ Կրնաս մարդոց օգնել հասկնալու, որ միայն Եհովայի իշխանութիւնը բոլորովին արդար է եւ ամբողջ ստեղծագործութեան պիտի բերէ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն (Սաղ. 37։9, 37. 146։5, 6, 10)։ Երբ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ ուրիշներու կը սորվեցնենք, յաճախ կը շեշտենք Աստուծոյ գերիշխանութիւնը, այսինքն՝ թէ Եհովան իրաւունքը ունի տիեզերքին վրայ իշխելու։ Սակայն, թէեւ Աստուծոյ օրէնքներուն վրայ կեդրոնանալը կարեւոր է, բայց մեր գլխաւոր նպատակն է՝ մարդոց օգնել որ սկսին Եհովան սիրել եւ իրեն հաւատարիմ ըլլալ։ Ուստի, պէտք է Եհովայի գրաւիչ յատկութիւնները ցցուն ընենք, շեշտելով Եհովա անունով ներկայացուած Անձին ինչպիսի՛ մէկը ըլլալը (Եսա. 63։7)։ Այդ կերպով սորվեցնելով, ուրիշներուն պիտի օգնենք որ Եհովան սիրեն ու անոր հնազանդին, քանի որ կ’ուզե՛ն անոր հաւատարիմ ըլլալ։ դ20.06 6 ¶16. 7 ¶19

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 3

Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան. . . չէ՞ որ ես՝ Տէրս (Ել. 4։11)։

Մարդկային ուղեղը սքանչելի կերպով ծրագրուած է։ Երբ մօրդ արգանդին մէջն էիր, ուղեղդ կազմուեցաւ նախապէս դրուած ծրագիրի մը համաձայն, եւ իւրաքանչիւր վայրկեան անոր մէջ հազարաւո՛ր նոր բջիջներ շինուեցան։ Հետազօտիչներ կ’ենթադրեն որ չափահասի մը ուղեղը, որ շուրջ 1,5 քկ. կը կշռէ, մօտ 100 միլիառ ջղաբջիջներ կը պարունակէ, որոնք յարմար կերպով համախմբուած են։ Խօսիլը ուղեղին սքանչելի մէկ կարողութիւնն է։ Ամէն անգամ որ բառ մը կ’ըսես, ուղեղդ պէտք է համակարգէ շուրջ 100 մկաններու շարժումը՝ լեզուիդ, կոկորդիդ, շրթներուդ, կզակիդ եւ կուրծքիդ մէջ։ Բառերը հասկնալի ըլլալու համար, այդ բոլոր մկանները պէտք է ճշգրիտ ժամանակաւորումով շարժին։ 2019–ին հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, որ նորածինը կրնայ խօսուած նախադասութեան մէջ որոշ բառեր զատորոշել։ Այս ուսումնասիրութիւնը թիկունք կը կանգնի այն համոզումին, որ շատ մը հետազօտիչներ ունին, թէ մենք կը ծնինք լեզուներ սորվելու կարողութեամբ։ Վստահաբար, խօսելու մեր կարողութիւնը Աստուծոյ կողմէ նուէր է։ դ20.05 22-23 ¶8-9

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 4

[Աբրահամ] կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է (Եբ. 11։10)։

Աբրահամ յօժարաբար ձգեց Ուր քաղաքի մէջ իր վայելած հանգստաւէտ կեանքը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «հիմերով հաստատուած քաղաքին» կը սպասէր (Եբ. 11։8-10, 16)։ Աբրահամի սպասած քաղաքը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Յիսուս Քրիստոս եւ 144,000 օծեալ քրիստոնեաները կը կազմեն այդ Թագաւորութիւնը։ Պօղոս առաքեալ Թագաւորութեան ակնարկեց որպէս ‘կենդանի Աստուծոյ քաղաքը, երկնաւոր Երուսաղէմը’ (Եբ. 12։22. Յայտ. 5։8-10. 14։1)։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ այս նոյն Թագաւորութեան համար աղօթեն, խնդրելով որ գայ, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ (Մատ. 6։10)։ Աբրահամ գիտէ՞ր մանրամասնութիւններ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կազմուէր։ Ո՛չ։ Այդ տեղեկութիւնները երկար դարեր սրբազան «խորհուրդ» էին (Եփ. 1։8-10. Կող. 1։26, 27)։ Բայց Աբրահամ գիտէր, որ իր սերունդէն ոմանք թագաւորներ պիտի ըլլային, քանի որ Եհովան յատկապէս այդ մէկը իրեն խոստացաւ (Ծն. 17։1, 2, 6)։ դ20.08 2-3 ¶2-4

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 5

Ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած (Կող. 2։6, 7)։

Պէտք է մերժենք հաւատուրացներու ուսուցումները։ Քրիստոնէական ժողովքին հաստատուելէն ի վեր, Սատանան շատ մը խաբեբաներ գործածած է՝ կասկածներ ցանելու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն մտքին մէջ։ Անոր համար պէտք է գիտնանք ինչպէ՛ս իրողութիւնները սուտերէն զանազանել։ Մեր թշնամիները թերեւս համացանցը կամ ընկերային ցանցերը գործածեն, որպէսզի փորձեն տկարացնել Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը եւ եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը։ Յիշէ թէ այս սուտերը Սատանայէն են եւ զանոնք մերժէ (Ա. Յովհ. 4։1, 6. Յայտ. 12։9)։ Սատանային յարձակումներուն դէմ դնելու համար, պէտք է մեր վստահութիւնը աւելցնենք Յիսուսի հանդէպ եւ Աստուծոյ նպատակին մէջ իր ունեցած դերին հանդէպ։ Նաեւ պէտք է վստահինք այն միակ խողովակին, որ Եհովան ներկայիս կը գործածէ (Մատ. 24։45-47)։ Մեր վստահութիւնը կ’աւելցնենք Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար սերտելով։ Այն ատեն մեր հաւատքը պիտի նմանի ծառի մը, որ խորունկ արմատներ ունի։ Պօղոս առաքեալ նոյնանման կէտ մը նշեց, երբ այս օրուան համարին խօսքը գրեց։ դ20.07 23-24 ¶11-12

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 6

Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի (Ա. Թագ. 16։7)։

Որպէս անկատարներ, հակումը ունինք ուրիշները դատելու՝ հիմնուելով իրենց արտաքին երեւոյթին վրայ (Յովհ. 7։24)։ Բայց մեր աչքերուն տեսածով կրնանք քիչ բան գիտնալ անհատի մը մասին։ Օրինակ, բժիշկ մը, նոյնիսկ եթէ հմուտ ու փորձառու է, քիչ բան պիտի գիտնայ հիւանդի մը մասին, եթէ պարզապէս անոր նայի։ Եթէ կ’ուզէ գիտնալ, թէ հիւանդը առողջապահական ի՛նչ խնդիրներ ունեցած է, զգացական գետնի վրայ ի՛նչ տեսակ անձ է կամ ի՛նչ ախտանիշներ ունի, պէտք է իրեն ուշի–ուշով մտիկ ընէ։ Ան թերեւս նոյնիսկ Ք. ճառագայթ խնդրէ, որպէսզի հիւանդին մարմինէն ներս տեսնէ։ Այլապէս, կրնայ հիւանդին սխալ ախտաճանաչում ընել։ Նոյնպէս, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն արտաքին երեւոյթին նայելով, չենք կրնար զիրենք լիովին հասկնալ։ Պէտք է ջանանք մակերեսէն անդին նայիլ, այսինքն՝ ներքին անձը տեսնել։ Անշուշտ, սրտերը կարդալու կարողութիւնը չունինք։ Բայց կրնա՛նք մեր լաւագոյնը ընել, որ Եհովան ընդօրինակենք,– ան զինք պաշտողներուն մտիկ կ’ընէ, անոնց ենթահողն ու պարագաները հաշուի կ’առնէ, եւ անոնց կը կարեկցի։ դ20.04 14-15 ¶1-3

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 7

Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ. . . զգաստ կենալ մտածէ (Հռով. 12։3)։

Պէտք է խոնարհութիւն մշակենք, քանի որ հպարտները առողջ միտք չունին։ Հպարտները վիճասէր ու անձնագով են։ Անոնց մտածելակերպը եւ գործերը յաճախ պատճառ կ’ըլլան, որ իրենք իրենց եւ ուրիշներուն վնաս հասցնեն։ Եթէ իրենց մտածելակերպը չփոխեն, Սատանան իրենց միտքը պիտի կուրցնէ ու ապականէ (Բ. Կոր. 4։4. 11։3)։ Խոնարհ անհատը առողջ միտք ունի։ Ան իր անձին հանդէպ հաւասարակշիռ ու տրամաբանական տեսակէտ ունի, ընդունելով որ շատ մը կերպերով ուրիշները իրմէ լաւ են (Փլպ. 2։3)։ Ան գիտէ, որ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետ. 5։5)։ Առողջ միտք ունեցողները չեն ուզեր, որ Եհովան իրենց հակառակորդը ըլլայ։ Խոնարհ մնալու համար, պէտք է գործադրենք Աստուածաշունչի խրատը. «Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը»։ Պէտք է Յիսուսի օրինակը սերտենք ու ջանանք կարելի եղած չափով զինք ընդօրինակել (Կող. 3։9, 10. Ա. Պետ. 2։21)։ դ20.07 7 ¶16-17

Շաբաթ, հոկտեմբեր 8

Մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի (Ա. Կոր. 12։12)։

Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում ունինք, որ Եհովայի ժողովքին մաս կը կազմենք։ Մենք հոգեւոր դրախտի մէջ ենք, ուր շրջապատուած ենք խաղաղարար եւ ուրախ մարդոցմով։ Արդեօք ժողովքին մէջ ի՞նչ տեղ ունիս։ Պօղոս առաքեալ ժողովքը նմանցուց մարդկային մարմնին, իսկ անհատները՝ մարմնին անդամներուն (Հռով. 12։4-8. Ա. Կոր. 12։12-27. Եփ. 4։16)։ Պօղոսի տուած օրինակէն կը սորվինք, թէ իւրաքանչիւրս Եհովայի ընտանիքին մէջ կարեւոր տեղ ունինք։ Ան նախ ըսաւ. «Ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք» (Հռով. 12։4, 5)։ Ան ի՞նչ կէտ շեշտեց։ Ամէն մէկս ժողովքին մէջ տարբեր դեր մը ունինք, բայց ամէն մէկս ալ կարեւոր ենք։ դ20.08 20 ¶1-2. 21 ¶4

Կիրակի, հոկտեմբեր 9

Տէրը անոր ըսաւ. «Ի՞նչ միջոցով» (Գ. Թագ. 22։21, 22)։

Ծնողնե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք Եհովայի խոնարհութիւնը ընդօրինակել։ Երբ յարմար է, ձեր զաւակներուն գաղափարը առէք, թէ որոշ պարտականութիւն մը ինչպէ՛ս կարելի է ընել։ Եթէ անոնց առաջարկը տեղին է, զայն ի գործ դրէք։ Եհովան նաեւ ցոյց տուաւ, որ համբերող է, երբ իր ծառաները իր որոշումները հարցականի տակ առին։ Ան մտիկ ըրաւ, երբ Սոդոմն ու Գոմորը կործանելու իր որոշումին նկատմամբ Աբրահամ մտահոգութիւններ արտայայտեց (Ծն. 18։22-33)։ Նաեւ յիշէ թէ ինչպէ՛ս վարուեցաւ Աբրահամի կնոջ՝ Սառայի հետ։ Ան չվիրաւորուեցաւ կամ չբարկացաւ, երբ Սառա խնդաց՝ լսելով իր խոստումը թէ պիտի յղանար (Ծն. 18։10-14)։ Փոխարէնը, անոր արժանապատուութիւնը յարգեց։ Ո՛վ ծնողներ ու երէցներ, Եհովայի օրինակէն ի՞նչ կրնաք սորվիլ։ Ի՞նչ կ’ընէք, երբ ձեր զաւակները կամ կարգ մը հրատարակիչներ ձեր որոշումներուն հետ համաձայն չեն գտնուիր։ Անմիջապէս ձեր որոշումը կը պաշտպանէ՞ք, թէ՞ կը փորձէք անոնց տեսակէտը հասկնալ։ Ընտանիքը եւ ժողովքը վստահաբար կ’օգտուին, երբ հեղինակութիւն ունեցողները Եհովան կ’ընդօրինակեն։ դ20.08 10 ¶7-9

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 10

Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի (Բ. Կոր. 12։9)։

Երբ Եհովայի ժողովուրդին հետ սկսանք ընկերակցիլ, թերեւս սիրայօժար կերպով ուրիշներէն օգնութիւն ընդունեցինք, գիտակցելով թէ հոգեւորապէս մանուկ էինք (Ա. Կոր. 3։1, 2)։ Իսկ հիմա օգնութիւն կ’ընդունի՞նք։ Եթէ տարիներէ ի վեր Եհովայի կը ծառայենք, թերեւս նոյնչափ պատրաստ չըլլանք օգնութիւն ընդունելու, մանաւանդ եթէ զայն կ’առաջարկէ մէկը, որ մեզի չափ փորձառութիւն չունի։ Սակայն, յաճախ Եհովան մեր հաւատակիցները կը գործածէ մեզ զօրացնելու համար (Հռով. 1։11, 12)։ Ուստի Եհովայէն զօրութիւն ստանալու համար, պէտք է այդ իրողութիւնը ընդունինք։ Յաջողութիւնը կախեալ չէ անհատին ֆիզիքական ուժէն, ուսումէն, հարստութենէն կամ ընկերային ենթահողէն, հապա՝ անոր խոնարհութենէն եւ Եհովային ապաւինելէն։ Թող որ բոլորս յառաջդիմենք՝ 1) Եհովային ապաւինելով, 2) Աստուածաշունչի օրինակներէն սորվելով եւ 3) հաւատակիցներու օգնութիւնը ընդունելով։ Այն ատեն, որքա՛ն ալ տկար զգանք, Եհովան մեզ զօրաւոր պիտի դարձնէ։ դ20.07 14 ¶2. 19 ¶18-19

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 11

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ. . . որպէս զի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա՝ նմանիք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին (Եբ. 6։11, 12)։

Համբերելը կրնայ դժուար ըլլալ, երբ մեր ընտանիքի անդամներուն կը քարոզենք։ Մեզի կ’օգնէ Ժողովող 3։1, 7–ի սկզբունքը. «Ամէն բանի ատենը կայ. . . լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ»։ Կրնանք մեր լաւ վարքով լռելեայն վկայութիւն տալ, բայց միեւնոյն ատեն պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք ճշմարտութեան մասին խօսելու (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Մենք պէտք է նախանձախնդրութեամբ քարոզենք ու սորվեցնենք, բայց պէտք է համբերենք բոլորին,– մէջը ըլլալով մեր ընտանիքի անդամները։ Կրնանք համբերութիւն սորվիլ հաւատարիմ անհատներու օրինակէն։ Ամբակումին անձկագին փափաքն էր, որ չարութիւնը վերջ գտնէ, բայց ան վստահութեամբ ըսաւ. «Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ» (Ամբ. 2։1)։ Պօղոս առաքեալ սրտանց ցանկաց իր ծառայութիւնը ‘աւարտել’ եւ իր երկնային վարձատրութիւնը ստանալ։ Բայց ան համբերութեամբ շարունակեց ‘հիմնովին վկայութիւն տալ Աստուծոյ անզուգական բարութեան բարի լուրի մասին’ (Գործք 20։24, ՆԱ)։ դ20.09 12 ¶12-14

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 12

[Յիսուս] չմտածեց յափշտակութիւն ընելու մասին, այսինքն՝ Աստուծոյ հաւասար ըլլալու մասին (Փլպ. 2։6, ՆԱ)։

Եհովայէ ետք ամենամեծ հեղինակութիւնը ունենալով հանդերձ, Յիսուս իր մասին պէտք եղածէն աւելի չի մտածեր։ Զինք ընդօրինակելով, Եհովայի խոնարհ ծառաները կը նպաստեն, որ աւելի յայտնի ըլլայ այն սէրը, որ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կը բնորոշէ (Ղուկ. 9։48. Յովհ. 13։35)։ Իսկ ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կը թուի թէ ժողովքին մէջ խնդիրներ կան եւ կը զգաս թէ երէցները պէտք եղածին պէս անոնց հոգ չեն տանիր։ Փոխանակ տրտնջալու, կրնաս խոնարհութիւն ցուցաբերել, երէցներուն թիկունք կանգնելով (Եբ. 13։17)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Տեսած խնդիրներս իրապէս այնքա՞ն լուրջ են, որ պէտք է սրբագրուին։ Զանոնք սրբագրելու յարմար ժամանակը հիմա՞ է։ Զանոնք սրբագրելը ի՞մ պատասխանատուութիւնս է։ Իրապէս կը ջանամ ժողովքին միութեա՞ն նպաստել, թէ՞ կը ջանամ ինքզինքս երեւելի դարձնել’։ Եհովայի աչքին՝ խոնարհութիւնը աւելի կարեւոր է քան կարողութիւնը, եւ միութիւնը՝ քան արդիւնաբերութիւնը։ Ուստի, լաւագոյնդ ըրէ որ խոնարհութեամբ Եհովայի ծառայես։ Այսպիսով, ժողովքին միութիւնը կը զօրացնես (Եփ. 4։2, 3)։ դ20.07 4-5 ¶9-11

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 13

Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք» (Մատ. 28։10)։

Յիսուս արժեւորեց այն օգնութիւնը, որ ստացաւ աստուածավախ կիներէ, որոնք «իրենց ստացուածքովը» իրեն ծառայութիւն ըրին (Ղուկ. 8։1-3)։ Ան հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններ յայտնեց անոնց։ Օրինակ, զիրենք տեղեակ պահեց, որ պիտի մեռնի եւ յարութիւն առնէ (Ղուկ. 24։5-8)։ Ան այս կիները պատրաստեց իրենց դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն համար, ինչպէս որ առաքեալները պատրաստեց (Մար. 9։29-31. 10։32-34)։ Ուշագրաւ է, որ թէեւ առաքեալները փախան, երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, բայց իրեն աջակցող կիներէն ոմանք զինք չլքեցին, երբ տանջանքի ցիցին վրայ կը մեռնէր (Մատ. 26։56. Մար. 15։40, 41)։ Աստուածավախ կիներ անոր յարութեան առաջին ականատեսներն էին։ Ան այդ կիներուն յանձնարարեց, որ առաքեալներուն ըսեն թէ ինք մեռելներէն յարութիւն առած է (Մատ. 28։5, 9, 10)։ Եւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, թերեւս կիներ ալ ներկայ էին, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ ու հրաշալի կարողութիւնը ստացան օտար լեզուներ խօսելու եւ ուրիշներուն պատմելու «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» (Գործք 1։14. 2։2-4, 11)։ դ20.09 23 ¶11-12

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 14

Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ (Ա. Տիմ. 4։16)։

Աշակերտելու գործը կեանքեր փրկող գործ է։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ըստ Մատթէոս 28։19, 20–ի, Յիսուս պատուիրեց. «Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք»։ Իսկ մկրտութիւնը կարեւոր է, քանի որ պահանջուած է փրկուելու համար։ Անոնք՝ որոնք կ’ուզեն մկրտուիլ, պէտք է հաւատան որ փրկութիւնը կարելի է, միայն քանի որ Յիսուս իր կեանքը զոհեց եւ յարութիւն առաւ։ Ատոր համար Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Մկրտութիւնն ալ հիմա կը փրկէ. . . Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ» (Ա. Պետ. 3։21, ԱԾ)։ Ուրեմն, երբ նոր աշակերտ մը մկրտուի, փրկութեան ճամբան կը բռնէ։ Աշակերտելու համար, անհրաժեշտ է զարգացնել «սորվեցնելու արուեստ»ը (Բ. Տիմ. 4։1, 2, ՆԱ)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս մեզի պատուիրեց. ‘Գացէ՛ք աշակերտեցէք, սորվեցուցէք անոնց’։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ այդ գործին մէջ յարատեւենք, քանի որ «այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ դ20.10 14 ¶1-2

Շաբաթ, հոկտեմբեր 15

Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս (Ղուկ. 5։10)։

Պետրոս աշակերտը սորվեցաւ մարդոց որսորդ ըլլալը սիրել։ Եւ Եհովայի օգնութեամբ, ան այդ գործին մէջ վարպետ դարձաւ (Գործք 2։14, 41)։ Մենք կը քարոզենք, քանի որ Եհովան կը սիրենք. ասիկա մեր գլխաւոր մղումն է այս գործը ընելու։ Եհովայի հանդէպ սէրը կրնայ մեզի օգնել, որ անատակութեան որեւէ զգացում յաղթահարենք։ Երբ Յիսուս Պետրոսը հրաւիրեց մարդոց որսորդ ըլլալու, իրեն ըսաւ. «Մի՛ վախնար» (Ղուկ. 5։8-11)։ Պետրոս չվախցաւ աշակերտ ըլլալու, հապա ապշեցաւ երբ տեսաւ թէ Յիսուսի օգնութեամբ որչա՜փ ձուկ որսացին։ Այս հրաշքին ականատես ըլլալով, ան զգաց որ որակեալ չէ Յիսուսի հետ աշխատելու։ Անդին, թերեւս ճնշուած զգաս գիտակցելով, թէ որքա՜ն բան պարփակուած է Քրիստոսի աշակերտ ըլլալուն մէջ։ Այս պարագային, սէրդ զօրացուր Եհովայի, Յիսուսի եւ ընկերիդ հանդէպ, եւ պիտի մղուիս ընդունելու մարդոց որսորդ ըլլալու Յիսուսի հրաւէրը (Մատ. 22։37, 39. Յովհ. 14։15)։ դ20.09 3 ¶4-5

Կիրակի, հոկտեմբեր 16

Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց (Մատ. 28։19, 20)։

Ուրախութեամբ մեր ժամանակը, կորովը եւ դրամը կը տրամադրենք գտնելու անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այդպէս ընելով, Յիսուսի օրինակին հետեւած կ’ըլլանք։ Ան ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։34. 17։4)։ Մենք ալ սրտանց կը փափաքինք կատարել, կամ ամբողջացնել, այն գործը որ մեզի վստահուած է (Յովհ. 20։21)։ Եւ կը փափաքինք որ ուրիշներ, մէջը ըլլալով անգործունեաները, շարունակեն մեզի հետ այս գործը ընել (Մատ. 24։13)։ Ճիշդ է որ Յիսուսի պատուէրը կատարելը դժուար է, բայց մենք այս գործը առանձին չենք ըներ։ Յիսուս խոստացաւ որ մեզի հետ պիտի ըլլայ։ Մենք աշակերտելու նշանակումը կը կատարենք որպէս «Աստուծոյ գործակից»ներ (Ա. Կոր. 3։9)։ Անոր համար, կրնա՛նք զայն կատարել։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում եւ մեծ ուրախութիւն է այս նշանակումը կատարել եւ ուրիշներուն ալ օգնել որ նոյնը ընեն (Փլպ. 4։13)։ դ20.11 7 ¶19-20

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 17

Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով (Ղուկ. 2։52)։

Ծնողներուն ըրած ընտրութիւնները, յաճախ իրենց զաւակներուն վրայ երկար ատեն ազդեցութիւն կը ձգեն։ Եթէ ծնողները սխալ ընտրութիւններ ընեն, կրնան զաւակներուն խնդիրներ պատճառել։ Սակայն եթէ իմաստուն ընտրութիւններ ընեն, իրենց զաւակներուն ամենալաւ առիթը պիտի տան, որ ուրախ եւ գոհացուցիչ կեանք ունենան։ Անշուշտ, զաւակներն ալ պէտք է լաւ որոշումներ առնեն։ Լաւագոյն որոշումը, որ մէկը կրնայ առնել, մեր սիրառատ երկնաւոր Հօր՝ Եհովային, ծառայելն է (Սաղ. 73։28)։ Յիսուսի ծնողները վճռած էին իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովայի ծառայեն, եւ իրենց ըրած ընտրութիւնները փաստեցին, որ ատիկա իրենց կեանքին գլխաւոր նպատակն էր (Ղուկ. 2։40, 41, 52)։ Յիսուս ալ այնպիսի ընտրութիւններ ըրաւ, որոնք իրեն օգնեցին որ Եհովայի նպատակին մէջ իր դերը կատարէ (Մատ. 4։1-10)։ Ան եղաւ ազնիւ, հաւատարիմ ու քաջ տղամարդ. այսպիսի զաւակ ոեւէ աստուածավախ ծնողի պարծանքը եւ ուրախութիւնը պիտի ըլլար։ դ20.10 26 ¶1-2

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 18

Քու աչքերդ ուղիղ թող նային (Առ. 4։25)։

Երեւակայէ հետեւեալ պարագաները։ Տարիքոտ քոյր մը իր անցեալի աղէկ յիշատակներուն վրայ կը խոկայ։ Թէեւ իր կեանքը հիմա աւելի դժուար է, բայց կը շարունակէ իր ամէն կարելին ընել Եհովայի համար (Ա. Կոր. 15։58)։ Ամէն օր կ’երեւակայէ, թէ ինք եւ իր սիրելիները միասին կ’ապրին խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ։ Ուրիշ քոյր մը կը յիշէ, թէ հաւատակից մը զինք վիրաւորած է, բայց կ’ընտրէ շարունակ չմտածել ատոր մասին (Կող. 3։13)։ Իսկ եղբայր մը լաւ կը յիշէ իր անցեալի սխալները, բայց կը կեդրոնանայ հիմա՛ հաւատարիմ մնալու վրայ (Սաղ. 51։10)։ Այս երեք քրիստոնեաները ի՞նչ հասարակաց բան ունին։ Երեքն ալ կը յիշեն թէ անցեալին իրենց ի՛նչ պատահած է, բայց անցեալին մէջ չեն ապրիր։ Փոխարէնը, իրենց աչքերը «ուղիղ կը նային» դէպի ապագայ։ Ինչո՞ւ ասիկա կարեւոր է։ Ճիշդ ինչպէս որ մէկը չի կրնար ուղիղ քալել, եթէ շարունակ ետեւ կը դառնայ, այնպէս ալ մենք չենք կրնար Եհովայի ծառայութեան մէջ յառաջ ընթանալ, եթէ շարունակ անցեալին կը նայինք (Ղուկ. 9։62)։ դ20.11 24 ¶1-3

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 19

Զանիկա արհամարհեց (Ա. Թագ. 17։42)։

Ֆիզիքապէս զօրաւոր ռազմիկ Գողիաթը Դաւիթը տկար նկատեց։ Ինք հսկայ, լաւ զինուած եւ լաւ մարզուած զինուոր մըն էր։ Միւս կողմէ, Դաւիթ անփորձ տղայ մըն էր, եւ կը թուէր թէ պէտք եղածին պէս սպառազինուած չէր։ Բայց Դաւիթ Եհովային ապաւինեցաւ, եւ Եհովան տուաւ անհրաժեշտ զօրութիւնը, որ Գողիաթին յաղթէ (Ա. Թագ. 17։41-45, 50)։ Դաւիթ ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ դիմագրաւեց, որ թերեւս իրեն տկար զգացուց։ Ան հաւատարմաբար կը ծառայէր Սաւուղին, որ Եհովայի կողմէ նշանակուած էր որպէս Իսրայէլի թագաւոր։ Սկիզբը Սաւուղ զինք կը յարգէր։ Բայց ետքը հպարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Դաւիթի նախանձի։ Սաւուղ Դաւիթին հետ գէշ վարուեցաւ, եւ նոյնիսկ փորձեց զինք սպաննել (Ա. Թագ. 18։6-9, 29. 19։9-11)։ Հակառակ այն անարդար կերպին, որով Սաւուղ թագաւոր իրեն հետ վարուեցաւ, Դաւիթ շարունակեց Եհովայի նշանակած թագաւորին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ (Ա. Թագ. 24։7)։ Ան Եհովային ապաւինեցաւ, որ պէտք եղած զօրութիւնը տայ, այս դժուար փորձութեան դիմանալու համար (Սաղ. 18։1)։ դ20.07 17 ¶11-13

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 20

Վախճանին ատենը հարաւի թագաւորը [հիւսիսի թագաւորին] պիտի բախի (Դան. 11։40, ԱԾ)։

Հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին վերաբերեալ մարգարէութեան մեծ մասը արդէն կատարուած է, ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ մնացած մասն ալ պիտի կատարուի։ Դանիէլ գրքին 11–րդ գլուխին մարգարէութիւնը հասկնալու համար, պէտք է ի մտի ունենանք որ անիկա կը խօսի միայն այն կառավարիչներուն եւ կառավարութիւններուն մասին, որոնք ուղղակի ազդեցութիւն ունեցած են Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Հակառակ անոր որ Աստուծոյ ծառաները փոքրաթիւ են աշխարհի բնակչութեան հետ բաղդատած, այս կառավարութիւնները զիրենք կը հալածեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանայի եւ իր ամբողջ դրութեան գլխաւոր նպատակն է՝ մէջտեղէն վերցնել անոնք, որոնք Եհովայի եւ Յիսուսի կը ծառայեն (Ծն. 3։15. Յայտ. 11։7. 12։17)։ Դանիէլի այս մարգարէութիւնը նաեւ պէտք է ներդաշնակ ըլլայ Աստուածաշունչի միւս մարգարէութիւններուն հետ։ Իրականութեան մէջ, այս մարգարէութիւնը կրնանք ճիշդ կերպով հասկնալ, միայն եթէ զայն համեմատենք Աստուածաշունչի ուրիշ հատուածներու հետ։ դ20.05 2 ¶1-2

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 21

Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն, կամ ի՞նչ մարմնով կու գան (Ա. Կոր. 15։35)։

Որովհետեւ այսօր շատեր իրենց անձնական կարծիքը ունին յետմահու կեանքի մասին, լաւ կ’ըլլայ եթէ նկատի առնենք Պօղոս առաքեալին պատասխանը Աստուածաշունչին մէջ։ Երբ մէկը մեռնի, իր մարմինը կը փտի։ Բայց Ան, որ ոչինչէն տիեզերքը ստեղծեց, կրնայ անձը յարուցանել՝ անոր տալով յարմար մարմին մը (Ծն. 1։1. 2։7)։ Երկնային յարութեան մասին խօսելով, Պօղոս օրինակ մը գործածեց, ցոյց տալու համար որ Աստուած պէտք չունի նոյն մարմինը ետ բերելու։ Մտածէ հատիկին կամ բոյսի մը «սերմ»ին մասին։ Երբ հողին մէջ կը ցանուի, ծիլ կու տայ եւ նոր բոյս կը դառնայ։ Բոյսը բաւական տարբեր է ցանուած սերմէն։ Պօղոս այս բաղդատութիւնը գործածեց, որպէսզի ցոյց տայ թէ մեր Ստեղծիչը «մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ»։ Պօղոս նաեւ ըսաւ, որ «երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ» կան։ Ինչպէ՞ս։ Մենք հոս երկրի վրայ ֆիզիքական մարմին ունինք, իսկ երկնային արարածները՝ ինչպէս հրեշտակները, հոգեղէն մարմին ունին (Ա. Կոր. 15։36-41)։ դ20.12 9-10 ¶7-9

Շաբաթ, հոկտեմբեր 22

Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ, ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով (Սաղ. 13։2)։

Բոլորս կ’ուզենք հանդարտ եւ խաղաղ կեանք վարել։ Մեզմէ ո՛չ մէկը կը սիրէ մտահոգուիլ։ Սակայն, երբեմն շատ հոգեր կ’ունենանք եւ կը հարցնենք այն նոյն հարցումը, որ Դաւիթ թագաւոր հարցուց այս օրուան համարին մէջ։ Շատ բաներ կրնան մեզի մտահոգութիւն պատճառել, եւ մենք բան մը չենք կրնար ընել որ զանոնք արգիլենք։ Օրինակ, չենք կրնար արգիլել, որ ուտելիքի, հագուելիքի կամ տուներուն գինը բարձրանալէ դադրի. ոչ ալ կրնանք բան մը ընել, որ մեր գործակիցները կամ դասընկերները ետեւ–ետեւի մեզ չփորձեն, որ անպարկեշտ կամ անբարոյ արարք մը գործենք։ Եւ չենք կրնար մեր շրջանին մէջ ոճիրը կեցնել։ Այս խնդիրներէն կը տառապինք, քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչի սկզբունքներով չեն առաջնորդուիր։ Սատանան՝ այս աշխարհի աստուածը, գիտէ թէ «աշխարհի հոգեր»ուն պատճառաւ կարգ մը մարդիկ Եհովայի պիտի չծառայեն (Մատ. 13։22, ԱԾ. Ա. Յովհ. 5։19)։ Ուստի, չենք զարմանար որ աշխարհը ճնշիչ պարագաներով լեցուն է։ դ21.01 2 ¶1, 3

Կիրակի, հոկտեմբեր 23

Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի (Ա. Յովհ. 3։15)։

Յովհաննէս առաքեալ մեզ յորդորեց չատել մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Եթէ այդ խրատին չհետեւինք, Սատանային առիթ կու տանք որ մեզ կառավարէ (Ա. Յովհ. 2։11)։ Այսպէս պատահեցաւ ոմանց, Ք.Ե. առաջին դարուն վերջաւորութեան։ Սատանան ամէն ջանք կ’ընէր, որ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ատելութիւն տարածէր ու եղբայրները իրարմէ բաժնէր։ Երբ Յովհաննէս իր նամակները գրեց, Սատանայի հոգին ցուցաբերող կարգ մը մարդիկ արդէն ժողովքէն ներս սպրդած էին։ Օրինակ, Դիոտրեփէս ժողովքի մը մէջ լուրջ բաժանումներ կը պատճառէր (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Ան կառավարիչ մարմինի շրջագայող ներկայացուցիչներուն հանդէպ անյարգալից էր։ Ան նոյնիսկ փորձեց ժողովքէն վռնտել այն անհատները, որոնք կը հիւրասիրէին անոնք, որ ինք չէր հաւներ։ Ի՜նչ մեծամիտ կեցուածք։ Սատանան տակաւին կատաղաբար կը փորձէ Աստուծոյ ժողովուրդը բաժնել ու տկարացնել։ Բնա՛ւ թոյլ չտանք, որ ատելութիւնը մեզ իրարմէ հեռացնէ։ դ21.01 11 ¶14

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 24

Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն. . . գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք (Յայտ. 11։7)։

Համաշխարհային Ա. պատերազմին, թէ՛ Գերմանիոյ կառավարութիւնը եւ թէ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը հալածեցին Աստուծոյ ծառաները, որոնք մերժեցին զէնք կրել։ Եւ առ ի կատարում Յայտնութիւն 11։7-10–ի մարգարէութեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բանտարկեց անոնք, որոնք քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէին։ Ետքը, 1930–ականներուն եւ մանաւանդ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, հիւսիսի թագաւորը անգթօրէն յարձակեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Հիթլեր եւ իր հետեւորդները Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութիւնը արգիլեցին։ Հակառակորդները հարիւրաւոր Եհովայի վկաներ սպաննեցին եւ հազարաւորներ համակեդրոնացման ճամբարներ ղրկեցին։ Հիւսիսի թագաւորը խստօրէն սահմանափակեց Եհովայի անունը հրապարակաւ փառաբանելու Աստուծոյ ծառաներուն ազատութիւնը, եւ այսպէս կրցաւ ‘պղծել տաճարը եւ վերցնել մշտնջենապէս այրուող զոհը’ (Դան. 11։30բ, 31ա)։ Հակառակորդներուն առաջնորդը՝ Հիթլեր, նոյնիսկ խոստացաւ Գերմանիոյ մէջ ապրող Աստուծոյ բոլոր ծառաները սպաննել։ դ20.05 6 ¶12-13

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 25

Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք (Հռով. 12։10)։

Երբ իրարու գուրգուրանք ցոյց տանք, ժողովքը մրցակցութեան հոգիէն պաշտպանած պիտի ըլլանք։ Յիշէ որ Յովնաթան չփորձեց Դաւիթին հետ մրցակցիլ գահին համար (Ա. Թագ. 20։42)։ Բոլորս կրնանք Յովնաթանին օրինակին հետեւիլ։ Ժողովքին մէջ գործակիցներդ մրցակից մի՛ նկատեր անոնց կարողութիւններուն համար, հապա՝ «խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3)։ Միտքդ պահէ որ իւրաքանչիւր անհատ կրնայ բան մը ընել ժողովքին համար։ Խոնարհ մնալով, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մէջ լաւ բաներ պիտի նկատենք եւ անոնց հաւատարմութեան օրինակէն պիտի օգտուինք (Ա. Կոր. 12։21-25)։ Երբ իրարու ջերմ գուրգուրանք ցոյց կու տանք, Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը կը զօրացնենք։ Կը փաստենք, որ Յիսուսին աշակերտներն ենք, ինչ որ անկեղծ սիրտ ունեցող անհատները դէպի ճշմարիտ պաշտամունքը կը քաշէ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, փառք կը բերենք ‘գթութեան Հօր եւ ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ’՝ Եհովային (Բ. Կոր. 1։3)։ դ21.01 24 ¶14. 25 ¶16

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 26

Որովհետեւ աշխարհէն չէք. . . աշխարհ ձեզ կ’ատէ (Յովհ. 15։19)։

Ներկայիս, որպէս Եհովայի ժողովուրդ, ատեններ մեզի ցած աչքով կը նային եւ կը ծաղրեն, սեպելով թէ յիմար ու տկար ենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր շուրջիններուն կեցուածքներուն չենք համաձայնիր։ Մինչ կը ջանանք խոնարհ, հեզ եւ հնազանդ ըլլալ, աշխարհը կը հիանայ հպարտ, մեծամիտ եւ ըմբոստ մարդոց վրայ։ Ասկէ զատ, քաղաքականութեան չենք խառնուիր, եւ կը մերժենք որեւէ երկրի բանակին մէջ զինուոր ըլլալ։ Իսկ քանի որ կարելի չէ մեզ թխմել աշխարհի կաղապարին մէջ, մեզ ուրիշներէն ստորադաս կը նկատեն (Հռով. 12։2)։ Հակառակ անոր որ աշխարհը մեզ տկար կը սեպէ, Եհովան մեր միջոցաւ արտասովոր բաներ կ’իրագործէ։ Ան մարդկային պատմութեան մէջ ամենամեծ քարոզարշաւը կը կատարէ։ Իր ծառաները այսօր կ’արտադրեն ամենաշատ թարգմանուող եւ բաշխուող պարբերաթերթերը, եւ Աստուածաշունչը գործածելով միլիոնաւորներու կ’օգնեն, որ իրենց կեանքը բարելաւեն։ Այս աչքառու իրագործումներուն ամբողջ վարկը Եհովային կ’երթայ։ դ20.07 15 ¶5-6

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 27

Ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ (Յովհ. 14։31)։

Յիսուս Եհովային կ’ենթարկուի, բայց անշուշտ ոչ թէ քանի որ բաւարար չափով խելացի կամ հմուտ չէ։ Միայն շատ խելացի մէկը կրնար այսքան պարզ եւ յստակ կերպով սորվեցնել, ինչպէս Յիսուս սորվեցուց (Յովհ. 7։45, 46)։ Եհովան այնքա՛ն յարգեց Յիսուսի կարողութիւնը, որ թոյլ տուաւ որ իրեն հետ աշխատի, երբ տիեզերքը ստեղծեց (Առ. 8։30. Եբ. 1։2-4)։ Եւ Յիսուս յարութիւն առնելէն ի վեր, Եհովան իրեն ‘ամէն իշխանութիւն տուած է երկնքի մէջ ու երկրի վրայ’ (Մատ. 28։18)։ Թէեւ Յիսուս տաղանդաւոր է, բայց առաջնորդութեան համար Եհովային կը դիմէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր Հայրը կը սիրէ։ Ճիշդ է որ Եհովան կինը իր ամուսինին ենթակայ ըրաւ, բայց կիները տղամարդոցմէն նուազ արժէքաւոր չի նկատեր։ Ան ատիկա փաստած է, որպէս Յիսուսի իշխանակիցներ ընտրելով թէ՛ կիներ եւ թէ տղամարդիկ (Գաղ. 3։26-29)։ Եհովան իր Որդիին իշխանութիւն տալով, ցոյց տուած է որ իրեն կը վստահի։ Նոյնպէս, իմաստուն ամուսինը իր կնոջ որոշ չափով հեղինակութիւն պիտի վստահի։ դ21.02 11 ¶13-14

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 28

Համբերողներուն երանի՜ կու տանք (Յակ. 5։11)։

Աստուծոյ Խօսքը հայելիի կը նմանի։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք, թէ ի՛նչ բանի վրայ պէտք է աշխատինք եւ ինչպէ՛ս (Յակ. 1։23-25)։ Օրինակ, Աստուածաշունչը սերտելէ ետք, թերեւս անդրադառնանք, որ մեր ջղայնութիւնը պէտք է զսպենք։ Եհովայի օգնութեամբ, կը սորվինք ինչպէ՛ս մեղմ ըլլալ, երբ մարդիկ կամ խնդիրներ մեզ բարկացնեն։ Այսպէս, աւելի յստակ կերպով կը մտածենք ու աւելի լաւ որոշումներ կ’առնենք (Յակ. 3։13)։ Ուրեմն, որքա՜ն կարեւոր է որ Աստուածաշունչը լաւ գիտնանք։ Երբեմն միայն սխալ մը գործելէ ետք է որ կը գիտնանք ի՛նչ բանէ հեռու կենալ։ Իմաստութիւն ձեռք ձգելու աւելի լաւ կերպը այն է՝ որ ուրիշին քսակէն սորվինք։ Այս ուղղութեամբ, Յակոբոս մեզ կը քաջալերէ որ նկատի առնենք սուրբգրային անձնաւորութիւններուն օրինակները, ինչպէս՝ Աբրահամ, Ռախաբ, Յոբ եւ Եղիա (Յակ. 2։21-26. 5։10, 11, 17, 18)։ Եհովայի այս հաւատարիմ ծառաները կրցան տոկալ այնպիսի փորձութիւններու, որոնք կրնային իրենց ուրախութիւնը քանդել։ Անոնց օրինակը կը շեշտէ, թէ Եհովայի օգնութեամբ մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։ դ21.02 29-30 ¶12-13

Շաբաթ, հոկտեմբեր 29

Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի, ուստի իմաստութեամբ պատերազմ ըրէ (Առ. 20։18)։

Ուսումնասիրութեան ընթացքին, ուսուցիչը գլխաւորաբար պատասխանատու է, որ աշակերտին օգնէ Աստուածաշունչը հասկնալու։ Երբ ուսուցիչը քեզ հրաւիրէ որ իր դասին ներկայ գտնուիս, ինքզինքդ գործակից սեպէ։ Քու դերդ իրեն աջակցիլ է (Ժող. 4։9, 10)։ Մասնաւորաբար ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի օգնես որ ուսումնասիրութեան նիստը արդիւնաբեր կերպով անցնի։ Ուսումնասիրութեան նախապատրաստուէ։ Նա՛խ, ուսուցիչէն խնդրէ որ քեզի քիչ մը պատմէ աշակերտին մասին։ Կրնաս հարցնել. «Ի՞նչ կրնաս պատմել աշակերտիդ մասին։ Հետը ի՞նչ նիւթ պիտի սերտես։ Ի՞նչ կէտ կ’ուզես որ աշակերտդ սորվի այս դասէն։ Կա՞յ բան մը, որ պէտք չէ ըսեմ կամ ընեմ։ Իսկ կա՞յ բան մը, որ կ’ուզես ըսեմ կամ ընեմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ աշակերտը քաջալերել, որ յառաջդիմէ»։ Անշուշտ, ուսուցիչը գաղտնի տեղեկութիւն պիտի չյայտնէ, բայց այն ինչ որ ըսէ՝ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ճոյ անունով միսիոնար մը կ’ըսէ. «Այս խօսակցութիւնը ներկայ եղողին կ’օգնէ որ աշակերտով հետաքրքրուի եւ գիտնայ թէ ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար դառնալ»։ դ21.03 9 ¶5-6

Կիրակի, հոկտեմբեր 30

Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց (Յովհ. 15։18)։

Երբեմն կ’ատուինք քանի որ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք։ Այդ չափանիշները աշխարհի ցած չափանիշներուն ճիշդ հակառակն են։ Օրինակ, շատ մը մարդիկ բացէ ի բաց հաւանութիւն կու տան անբարոյ սեռային վարքին, որ կը նմանի այն վարքին, որուն համար Աստուած կործանեց Սոդոմը եւ Գոմորը (Յդ. 7)։ Որովհետեւ այդպիսի վարքի նկատմամբ Աստուածաշունչի չափանիշներուն կը հնազանդինք, շատեր մեզ կը ծաղրեն եւ անհանդուրժող կը կոչեն (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ դիմանանք երբ մարդիկ մեզ կ’ատեն եւ կը նախատեն։ Պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենանք, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։ Վահանի մը պէս, մեր հաւատքը կրնայ «չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել» (Եփ. 6։16)։ Բայց ոչ միայն հաւատքի պէտք ունինք, այլ նաեւ՝ սիրոյ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սէրը «բարկութեան չի գրգռուիր»։ Անիկա ամէն վնասակար բանի կը տոկայ եւ կը համբերէ (Ա. Կոր. 13։4-7, 13)։ Եհովայի հանդէպ, մեր հաւատակիցներուն հանդէպ եւ նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ սէրը պիտի օգնէ, որ աշխարհի ատելութեան դիմանանք։ դ21.03 21 ¶3-4

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 31

Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի (Ժող. 7։9)։

Ատեններ, կը փաստենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք՝ չընելով կարգ մը բաներ։ Օրինակ, դիւրին–դիւրին չենք վիրաւորուիր իրենց ըսածէն։ Նկատի առ դէպք մը, որ պատահեցաւ Յիսուսի երկրային կեանքի վերջաւորութեան։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ, որ կեանք ստանալու համար պէտք է իր մարմինը ուտեն եւ արիւնը խմեն (Յովհ. 6։54-58)։ Սա խօսքը աշակերտները այնքա՛ն ցնցեց, որ շատեր զինք լքեցին, բայց ո՛չ իր իսկական բարեկամները։ Անոնք հաւատարմօրէն իրեն հետ մնացին։ Թէեւ Յիսուսի ըսածը չհասկցան եւ հաւանաբար զարմացան, բայց չվիրաւորուեցան, խորհելով թէ իր ըսածը սխալ էր։ Փոխարէնը, իրեն վստահեցան՝ գիտնալով որ ճշմարտութիւնը ըսաւ (Յովհ. 6։61, 67-70)։ Որչա՜փ կարեւոր է, որ դիւրաւ չվիրաւորուինք մեր բարեկամներուն ըսածներէն։ Ատոր տեղը, իրենց առիթ տանք, որ սխալ հասկացողութիւնները յստակացնեն (Առ. 18։13)։ դ21.01 11 ¶13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել