Նոյեմբեր
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 1
Ո՛վ որ խօսքի մը կը պատասխանէ՝ լսելէ առաջ, ատիկա յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն (Առ. 18։13, ԱԾ)։
Մեր սահմանափակ տեսանկիւնէն դիտուած, կրնանք մտածել որ Յովնան վստահելի մէկը չէր եւ նոյնիսկ անհաւատարիմ էր։ Ան Եհովայէն ուղղակի պատուէր ստացաւ, որ Նինուէի դէմ դատաստան յայտարարէ, բայց հնազանդելու փոխարէն, նաւ մը առնելով հակառակ ուղղութեամբ ճամբորդեց՝ «Տէրոջը երեսէն հեռու» (Յովն. 1։1-3)։ Արդեօք դուն Յովնանին ուրիշ առիթ մը պիտի տայի՞ր։ Հաւանաբար ոչ։ Բայց Եհովան տեսաւ թէ պատճառներ կային, որ անոր դարձեալ առիթ մը տայ (Յովն. 3։1, 2)։ Յովնանի աղօթքը ի յայտ բերաւ, թէ ան իրականութեան մէջ ինչպիսի անձ մըն էր (Յովն. 2։1, 2, 9)։ Անկասկած ան շա՜տ անգամ Եհովային աղօթեց։ Այդ աղօթքներէն մէկը, որ ձուկին փորին մէջ ըրաւ, մեզի կ’օգնէ որ զինք չդիտենք միայն որպէս իր նշանակումէն փախչող անձ մը։ Իր խօսքերը ցոյց կու տան, որ խոնարհ ու շնորհակալ էր, եւ վճռած էր Եհովային հնազանդիլ։ Ուստի զարմանալի չէ որ Եհովան Յովնանի արարքներէն անդին տեսաւ, անոր աղօթքին պատասխանեց եւ շարունակեց զինք որպէս մարգարէ գործածել։ Որքա՜ն կարեւոր է որ իւրաքանչիւր երէց խրատ տալէ առաջ իրողութիւնները լսէ։ դ20.04 15 ¶4-6
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 2
[Պօղոս] խօսեցաւ անոնց հետ Գիրքերուն մասին, բացատրելով եւ փաստարկելով (Գործք 17։2, 3, ԱԾ)։
Առաջին դարու աշակերտները քրիստոնէական ուսուցումները ընդունեցին եւ սուրբ հոգիին օգնութեան ապաւինեցան, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը հասկնան։ Անոնք փնտռտուք ըրին վստահ ըլլալու համար, թէ ինչ որ կը սորվին՝ հիմնուած է Սուրբ Գրութիւններուն վրայ (Գործք 17։11, 12. Եբ. 5։14)։ Անոնք իրենց հաւատքը չկերտեցին միայն զգացումներու վրայ, եւ Եհովայի չծառայեցին պարզապէս քանի որ հաւատակիցներու հետ ընկերակցելէ հաճոյք կ’առնէին։ Փոխարէնը, իրենց հաւատքը կերտեցին «Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութեան» վրայ (Կող. 1։9, 10, ՆԱ)։ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները անփոփոխ կը մնան (Սաղ. 119։160)։ Օրինակ, անոնք չեն փոխուիր, եթէ հաւատակից մը մեզ վիրաւորէ կամ լուրջ մեղք մը գործէ, եւ երբ խնդիրներ դիմագրաւենք։ Ուստի հարկ կայ որ լա՛ւ գիտնանք Աստուածաշունչի ուսուցումները եւ համոզուած ըլլանք թէ անոնք ճշմարիտ են։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած մեր հաստատ հաւատքը փորձութեան ժամանակ մեզ կայուն պիտի պահէ, ճիշդ ինչպէս որ խարիսխը փոթորիկի ընթացքին նաւը կայուն կը պահէ։ դ20.07 9 ¶6-7
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 3
Ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք (Գործք 10։42)։
Յիսուս իր օծեալ եղբայրներուն համար մեր ըրածները կը սեպէ, թէ իրեն համար կ’ընենք (Մատ. 25։34-40)։ Օծեալներուն թիկունք կանգնելու գլխաւոր կերպն է՝ լիովին մասնակցիլ աշակերտելու գործին, որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ ընեն (Մատ. 28։19, 20)։ Միայն «ուրիշ ոչխարներ»ու օգնութեամբ է, որ Քրիստոսի եղբայրները կրնան այժմու համաշխարհային քարոզչութեան մեծ արշաւը կատարել (Յովհ. 10։16)։ Եթէ ուրիշ ոչխարներէն ես, ամէն անգամ որ այս գործունէութեան կը մասնակցիս, ցոյց կու տաս սէրդ ոչ միայն օծեալներուն հանդէպ, հապա նաեւ Յիսուսին հանդէպ։ Եհովայի եւ Յիսուսի բարեկամները կ’ըլլանք նաեւ, երբ մեր նիւթական միջոցներով թիկունք կը կանգնինք անոնց ուղղած գործին (Ղուկ. 16։9)։ Օրինակ, կրնանք համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւններ ընել։ Այսպէս, նիւթական օգնութիւն կը հայթայթուի անոնց, որոնք աղէտներէ կը տուժեն։ Նաեւ կրնանք մեր ժողովքին նիւթապէս թիկունք կանգնիլ եւ օգնել անոնց, որոնք անձամբ գիտենք թէ օգնութեան պէտք ունին (Առ. 19։17)։ դ20.04 24 ¶12-13
Ուրբաթ, նոյեմբեր 4
Ան իր հայրերուն աստուածներուն մասին պիտի չմտածէ. . . Ան բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ (Դան. 11։37, 38)։
Մարգարէութեան առ ի կատարում, հիւսիսի թագաւորը ‘իր հայրերուն աստուածներուն մասին չմտածեց’, կամ անոնց ուշադրութիւն չդարձուց։ Ինչպէ՞ս։ Խորհրդային Միութիւնը կրօնքը վերցնելու նպատակով՝ ջանաց աւանդական կրօնական կազմակերպութիւնները հեղինակութենէ զրկել։ Ատոր համար, կառավարութիւնը 1918–ին արդէն ուղղութիւն մը տուած էր, որ հիմ դրաւ դպրոցներուն մէջ անաստուածութիւնը սորվեցնելու։ Հիւսիսի այս թագաւորը ինչպէ՞ս ‘բերդերուն աստուածը պատուեց’։ Խորհրդային Միութիւնը մեծ գումարներ ծախսեց զօրաւոր բանակ կազմելու համար եւ հազարաւոր կորիզային զէնքեր արտադրեց, որպէսզի աւելի ուժովնայ։ Հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը ի վերջոյ ունեցան բաւարար կործանիչ զէնքեր, որոնցմով կրնան միլիառաւոր մարդիկ սպաննել։ Հիւսիսի թագաւորը կարեւոր ձեռնարկի մը մէջ հարաւի թագաւորին օգնած է. անոնք հաստատած են «աւերող պղծութիւնը», որ է՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (Դան. 11։31)։ դ20.05 6-7 ¶16-17
Շաբաթ, նոյեմբեր 5
Քու եղբայրդ. . . կորսուած էր ու գտնուեցաւ (Ղուկ. 15։32)։
Անգործունեայ եղողները փնտռելու մէջ որո՞նք կրնան բաժին բերել։ Զանոնք գտնելու համար, բոլորս կրնանք ձեռք տալ. երէցները, ռահվիրաները, ընտանիքի անդամները եւ ժողովքի հրատարակիչները։ Ունի՞ս բարեկամ մը կամ ազգական մը, որ անգործունեայ դարձած է։ Անգործունեայ անհատի մը հանդիպա՞ծ ես տունէ տուն ծառայութեան կամ հանրային վկայութեան ընթացքին։ Անհատին ըսէ, թէ եթէ կ’ուզէ այցելութիւն մը ստանալ, ուրախ պիտի ըլլաս իր հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը երէցներուն փոխանցելու։ Թոմաս անունով երէց մը կ’ըսէ. «Նախ, կը հարցնեմ զանազան եղբայրներու եւ քոյրերու, թէ արդեօք գիտե՞ն թէ մեր ժողովքի անգործունեայ անհատները հիմա ո՛ւր կ’ապրին։ Կամ, հրատարակիչներուն կը հարցնեմ եթէ կը յիշեն ոեւէ անհատ, որ այլեւս ժողովներու չի գար։ Ետքը, երբ կ’այցելեմ անգործունեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, կը հարցնեմ անոնց զաւակներուն եւ ազգականներուն մասին։ Անգործունեայ եղողներէն ոմանք սովորաբար իրենց զաւակները իրենց հետ ժողովներու կը բերէին, եւ այս զաւակները թերեւս անգամ մը հրատարակիչներ էին։ Ուստի, անոնց ալ կրնանք օգնել որ Եհովային վերադառնան»։ դ20.06 24 ¶1. 25 ¶6-7
Կիրակի, նոյեմբեր 6
Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ (Սաղ. 77։11)։
Երկրի վրայ եղող բոլոր արարածներուն մէջ, միայն մարդը կրնայ բարոյական դասեր սորվիլ՝ անցեալի դէպքերը յիշելով եւ վերլուծելով։ Առ ի արդիւնք, կրնանք աւելի լաւ արժանիքներ որդեգրել եւ մեր մտածելակերպն ու ապրելակերպը փոխել (Ա. Կոր. 6։9-11. Կող. 3։9, 10)։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛նք մեր խիղճը մարզել, որ ճիշդը սխալէն զանազանէ (Եբ. 5։14)։ Կրնա՛նք սորվիլ սէր, կարեկցութիւն եւ ողորմութիւն ցուցաբերել։ Եւ կրնա՛նք սորվիլ Եհովայի արդարութիւնը ընդօրինակել։ Յիշելու նուէրը գնահատելու մէկ կերպը այն է, որ ջանանք յիշել այն բոլոր պահերը, երբ Եհովան մեզի օգնեց ու մխիթարեց։ Ասիկա մեր վստահութիւնը պիտի աւելցնէ, որ ան ապագային ալ պիտի օգնէ մեզի (Սաղ. 77։12. 78։4, 7)։ Ուրիշ կերպ մը այն է, որ յիշենք այն լաւ բաները, որոնք ուրիշներ մեզի համար կ’ընեն, եւ իրենց ըրածը գնահատենք։ Հետազօտիչներ նկատած են, որ երախտագէտ անհատները աւելի հաւանական է որ երջանիկ ըլլան։ դ20.05 23 ¶12-13
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 7
[Եհովայի] պատուական ու ահաւոր անունէն վախնաս (Բ. Օր. 28։58)։
Մտածէ թէ Մովսէս ի՛նչ զգաց, երբ ժայռի մը խոռոչէն տեսաւ Եհովայի փառքը՝ ատոր անցնելէն ետք։ Ասիկա հաւանաբար ամէնէն հիանալի փորձառութիւնն էր, որ մարդ արարածը ունեցաւ Յիսուս Քրիստոսի գալէն առաջ։ Մովսէս հետեւեալ խօսքերը լսեց, հաւանաբար հրեշտակի մը կողմէ ըսուած. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» (Ել. 33։17-23. 34։5-7)։ Ան թերեւս այդ դէպքը յիշեց, երբ Եհովա անունը գործածեց՝ այս օրուան համարին մէջ։ Երբ Եհովա անուան մասին կը մտածենք, լաւ կ’ըլլայ որ խոկանք այդ անունը կրողին մասին։ Պէտք է յիշենք անոր յատկութիւնները, ինչպէս՝ անոր զօրութիւնը, իմաստութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը։ Այս եւ ուրիշ յատկութիւններու վրայ խոկալը կրնայ մեզ մղել, որ զինք ա՛լ աւելի յարգենք (Սաղ. 77։11-15)։ դ20.06 8-9 ¶3-4
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 8
Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր (Բ. Տիմ. 3։14)։
Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները պիտի բնորոշուէին իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սիրով (Յովհ. 13։34, 35)։ Բայց զօրաւոր հաւատք ունենալու համար, կարգ մը բաներ պէտք է ընենք։ Մեր հաւատքին հիմը պէտք չէ ըլլայ միայն այն սէրը, որ Աստուծոյ ծառաները իրարու հանդէպ կը ցուցաբերեն։ Ինչո՞ւ։ Կրնայ պատահիլ որ հաւատակից մը,– նոյնիսկ երէց կամ ռահվիրայ,– լուրջ մեղք մը գործէ, կամ կերպով մը քեզ վիրաւորէ, եւ կամ հաւատուրաց դառնայ՝ պնդելով որ ճշմարտութիւնը չունինք։ Այսպիսի պարագաներու, պիտի գայթակղիս ու Եհովային ծառայելէ պիտի դադրի՞ս։ Կէտը հետեւեալն է. եթէ հաւատքդ շինես միայն ուրիշին վարուելակերպին վրայ,– փոխանակ Եհովայի հետ փոխյարաբերութեանդ վրայ,– անիկա անխախտ պիտի չըլլայ։ Հաւատքիդ տունը շինելու մէջ, պէտք է գործածես ոչ միայն կակուղ նիւթեր, ինչպէս՝ զգացումները, հապա նաեւ կարծր իրողութիւններ եւ ամուր տրամաբանութիւն։ Հարկ կայ որ համոզուիս, թէ Աստուածաշունչը Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը կը բովանդակէ (Հռով. 12։2)։ դ20.07 8 ¶2-3
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 9
Պէտք է. . . տկարներուն օգնութիւն ընել (Գործք 20։35)։
Բազմաթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան, որ հրեշտակները մեզի հետ կ’աշխատին, որպէսզի գտնենք անգործունեայ եղողները, որոնք կը փափաքին Եհովային վերադառնալ (Յայտ. 14։6)։ Օրինակ, Էքուատորի մէջ Սիլվիոն ջերմեռանդ աղօթքով խնդրեց օգնութիւն, որպէսզի ժողովքին վերադառնայ։ Մինչ տակաւին կ’աղօթէր, տան զանգակը հնչեց։ Դուռին առջեւ երկու երէցներ կեցած էին։ Այդ այցելութեան ընթացքին, անոնք ուրախ էին որ սկսան իրեն պէտք եղած օգնութիւնը տալ։ Շատ պիտի ուրախանանք օգնելով հոգեւորապէս տկար եղողներուն, որ Եհովային վերադառնան։ Անգործունեայ եղողներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն դարձնող ռահվիրայ մը կ’ըսէ. «Երբեմն դժուար է, որ ուրախութեան արցունքներ չթափեմ։ Շա՜տ ուրախ եմ որ կրցած եմ Եհովային հետ աշխատիլ իր սիրելի ոչխարներէն մէկուն օգնելու, որ Սատանայի աշխարհէն ելլէ եւ ժողովքին վերադառնայ»։ Եթէ Եհովայի ժողովուրդին հետ ընկերակցելէ դադրած ես, կրնաս վստահ ըլլալ որ ան տակաւին քեզ կը սիրէ։ Եհովան կը սպասէ վերադառնալուդ եւ քեզ ուրախութեամբ պիտի ընդունի։ դ20.06 29 ¶16-18
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 10
Քու աչքերդ Մեծ Ուսուցիչդ պիտի տեսնեն (Եսա. 30։20, ՆԱ)։
Մեր «Մեծ Ուսուցիչը» ըլլալով, Եհովան իր Խօսքին մէջ օրինակներ հայթայթած է՝ մեզի սորվեցնելու համար (Եսա. 30։21)։ Դասեր կը քաղենք՝ խոկալով անհատներու մասին, որոնք աստուածահաճոյ յատկութիւններ ցուցաբերեցին։ Նաեւ կը սորվինք՝ նկատի առնելով թէ ի՛նչ պատահեցաւ անոնց, որոնք այսպիսի լաւ յատկութիւններ չդրսեւորեցին (Սաղ. 37։37. Ա. Կոր. 10։11)։ Մտածէ՛ թէ ինչ պատահեցաւ Սաւուղ թագաւորին։ Ան սկիզբը համեստ երիտասարդ մըն էր։ Ան իր սահմանափակումներուն քաջատեղեակ էր եւ նոյնիսկ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնելու վարանեցաւ (Ա. Թագ. 9։21. 10։20-22)։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, ան յաւակնոտ դարձաւ եւ ըրաւ բաներ, որոնք ընելու իրաւասութիւն չունէր։ Ան այս կերպով սկսաւ վարուիլ, թագաւոր ըլլալէ քիչ ետք։ Առիթով մը, անհամբեր դարձաւ մինչ Սամուէլ մարգարէին կը սպասէր, եւ ողջակէզ մատուցանեց՝ հակառակ անոր որ իրաւասութիւն չունէր։ Ասոր արդիւնքը եղաւ, որ Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր (Ա. Թագ. 13։8-14)։ Իմաստութիւն է որ այս ազդարարական օրինակէն դաս քաղենք եւ յաւակնոտութեամբ չվարուինք։ դ20.08 10 ¶10-11
Ուրբաթ, նոյեմբեր 11
Յարգեցէք ձեր. . . վերակացուները Տէրոջմով (Ա. Թես. 5։12)։
Արդարեւ, Եհովան Քրիստոսին միջոցաւ Իր ժողովքին տուած է «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» (Եփ. 4։8, ՆԱ)։ Անոնք կը պարփակեն՝ Կառավարիչ մարմինի անդամները, Կառավարիչ մարմինի օգնականները, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները, շրջանային տեսուչները, դաշտին մէջ դասաւանդողները, երէցներն ու օգնական ծառաները։ Բոլոր այս եղբայրները սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են, Եհովայի թանկագին ոչխարներուն հոգ տանելու եւ ժողովքը զօրացնելու համար (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Եղբայրները սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են զանազան պատասխանատուութիւններու հոգ տանելու համար։ Ճիշդ ինչպէս որ մարմնի զանազան անդամները, ինչպէս՝ ձեռքերն ու ոտքերը, ամբողջ մարմնին օգտին համար կը գործեն, նոյնպէս նշանակուած եղբայրները ամբողջ ժողովքին օգտելու համար ծանր կ’աշխատին։ Անոնք իրենց փառքը չեն փնտռեր, հապա կը ջանան եղբայրներն ու քոյրերը կերտել ու զօրացնել (Ա. Թես. 2։6-8)։ Եհովայէն շնորհակալ ենք այս անձնուրաց ու հոգեւորապէս որակեալ տղամարդոց համար։ դ20.08 21 ¶5-6
Շաբաթ, նոյեմբեր 12
Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք (Մատ. 28։19)։
Մենք քարոզելու կը մղուինք, քանի որ մարդիկ «յոգնած ու ցիրուցան» եղած են եւ շատ պէտք ունին Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու (Մատ. 9։36)։ Եհովան կ’ուզէ որ ամէն տեսակ մարդիկ ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենան եւ փրկուին (Ա. Տիմ. 2։4)։ Երբ մտածենք այն ազդեցութեան մասին, որ մեր քարոզչութիւնը կրնայ ունենալ, պիտի մղուինք այս փրկարար գործին մասնակցելու (Հռով. 10։13-15. Ա. Տիմ. 4։16)։ Մենք նաեւ պէտք է ճիշդ գործիքներ ունենանք մեր քարոզչութիւնը կատարելու համար։ Եւ պէտք է գիտնանք այդ գործիքները ինչպէ՛ս գործածել։ Յիսուս իր աշակերտներուն յստակ ուղղութիւններ տուաւ մարդիկը որսալու մասին։ Անոնց ըսաւ թէ իրենց հետ ի՛նչ ունենան, ո՛ւր քարոզեն եւ ի՛նչ խօսին (Մատ. 10։5-7. Ղուկ. 10։1-11)։ Ներկայիս, Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզի տուած է Ուսուցանելու գործիքներու տուփը, որ ազդու գործիքներ կը պարունակէ։ Եւ մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս զանոնք գործածել։ Այդ մարզումը կ’օգնէ, որ պէտք եղած ինքնավստահութիւնը եւ հմտութիւնը ունենանք, մեր գործը ազդու կերպով կատարելու համար (Բ. Տիմ. 2։15)։ դ20.09 4 ¶6-7, 10
Կիրակի, նոյեմբեր 13
Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն (Գ. Յովհ. 4)։
Կրնա՞ս երեւակայել Յովհաննէս առաքեալի ուրախութիւնը, երբ լսեց թէ անոնք, որոնց օգնած էր ճշմարտութիւնը գիտնալու, կը շարունակէին հաւատարմաբար Եհովային ծառայել։ Այդ հաւատարիմ քրիստոնեաները բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւէին եւ Յովհաննէս, որ զանոնք իր հոգեւոր որդիները կը նկատէր, ջանաց անոնց հաւատքը զօրացնել։ Մենք ալ կ’ուրախանանք, երբ մեր զաւակները,– բառացի կամ հոգեւոր,– իրենց անձը Եհովային կը նուիրեն եւ կը շարունակեն իրեն ծառայել (Գ. Յովհ. 3)։ Շուրջ Ք.Ե. 98–ին, Եհովայի սուրբ հոգին Յովհաննէսը մղեց երեք նամակներ գրելու։ Այդ նամակներուն նպատակն էր՝ հաւատարիմ քրիստոնեաները քաջալերել, որ Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքը պահպանեն եւ շարունակեն ճշմարտութեան մէջ քալել։ Յովհաննէս մտահոգ էր այն գէշ ազդեցութեան համար, որ սուտ ուսուցիչները կ’ունենային ժողովքներուն վրայ (Ա. Յովհ. 2։18, 19, 26)։ Այդ հաւատուրացները կը դաւանէին Եհովան ճանչնալ, բայց անոր պատուէրներուն չէին հնազանդեր։ դ20.07 20 ¶1-3
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 14
Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք (Յովհ. 14։1)։
Մենք մեր քարոզած պատգամին կը հաւատանք, ուստի կ’ուզենք զայն կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հաղորդել։ Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած խոստումներուն կը վստահինք (Սաղ. 119։42. Եսա. 40։8)։ Մեր օրերուն, աստուածաշնչական մարգարէութիւններու կատարումը տեսած ենք։ Ականատես եղած ենք, թէ ինչպէ՛ս մարդոց կեանքը կը բարելաւուի, երբ կը սկսին Աստուածաշունչի խրատները գործադրել։ Այս բոլորը մեր վստահութիւնը կ’աւելցնեն, թէ Թագաւորութեան բարի լուրը պատգամ մըն է, որ ամէն մարդ պէտք է լսէ։ Նաեւ, մենք կը հաւատանք Եհովային՝ մեր քարոզած պատգամին Աղբիւրին, եւ Յիսուսին, որ Եհովան Թագաւորութեան Թագաւորը ըրաւ։ Մեզի ի՛նչ ալ պատահի, Եհովան միշտ մեր ապաւէնն ու զօրութիւնը պիտի ըլլայ (Սաղ. 46։1-3)։ Ասկէ զատ, վստահ ենք որ Յիսուս երկինքէն քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ, գործածելով Եհովայի տուած հեղինակութիւնը եւ իշխանութիւնը (Մատ. 28։18-20)։ Հաւատքը մեզ աւելի վստահ կը դարձնէ, թէ Եհովան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։ դ20.09 12 ¶15-17
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 15
Ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի։ Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ (Մար. 14։6, 8)։
Ատեններ, քոյրերը կրնան պէտք ունենալ, որ մէկը իրենց ի նպաստ խօսի, երբ մասնայատուկ դժուարութեան մը առջեւ են (Եսա. 1։17)։ Օրինակ, այրի մը կամ ամուսնալուծուած քոյր մը թերեւս պէտք ունենայ, որ մէկը իրեն օգնէ ընելու այն գործերը, որոնք իր ամուսինը կ’ընէր։ Տարեց քոյր մը թերեւս օգնութեան պէտք ունենայ՝ բժիշկներու հետ խօսելու համար։ Կամ ռահվիրայ քոյր մը, որ աստուածպետական այլ ծրագիրներու վրայ կ’աշխատի, թերեւս կարիք ունենայ որ մէկը զինք պաշտպանէ, երբ ուրիշներ զինք քննադատեն՝ ըսելով որ միւս ռահվիրաներուն չափ յաճախ դաշտի ծառայութեան չի մասնակցիր։ Նկատի առնենք Յիսուսի օրինակը։ Ան արագօրէն իր հոգեւոր քոյրերը պաշտպանեց, երբ սխալ հասկցուեցան։ Օրինակ, ան Մարիամը պաշտպանեց, երբ Մարթան զայն քննադատեց (Ղուկ. 10։38-42)։ Եւ դարձեալ Մարիամը պաշտպանեց, երբ ուրիշներ զայն յանդիմանեցին, սեպելով որ սխալ որոշում մը առաւ (Մար. 14։3-9)։ Յիսուս Մարիամին շարժառիթը ըմբռնեց եւ զինք գովեց։ Ան նաեւ մարգարէացաւ, թէ «բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի», անոր ազնիւ արարքը պիտի պատմուի։ դ20.09 24 ¶15-16
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 16
Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ (Ա. Պետ. 5։2)։
Լաւ հովիւը կը գիտակցէր, որ ոչխարը կրնար կորսուիլ։ Ուստի մոլորած ոչխարին հետ կոշտօրէն չէր վարուեր։ Նկատի առ, թէ Աստուած ի՛նչ ըրաւ, երբ օգնեց իր կարգ մը ծառաներուն, որոնք ժամանակ մը իրմէ հեռացան։ Յովնան մարգարէն իր նշանակումէն փախուստ տուաւ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան արագօրէն իր ձեռքերը չլուաց անկէ։ Բարի հովիւի մը նման, Եհովան զինք փրկեց եւ օգնեց, որ իր նշանակումը կատարելու հարկ եղած զօրութիւնը ունենայ (Յովն. 2։7. 3։1, 2)։ Ետքը, Եհովան դդմենի մը գործածելով Յովնանին օգնեց, որ ըմբռնէ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին արժէքը (Յովն. 4։10, 11)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Երէցները պէտք չէ արագօրէն իրենց յոյսը կտրեն անոնցմէ, որոնք անգործունեայ կը դառնան։ Անոնք պէտք է ջանան գիտնալ, թէ ի՛նչ պատճառով ոչխարը հօտէն մոլորեցաւ։ Իսկ երբ այդ ոչխարը Եհովային վերադառնայ, երէցները կը շարունակեն սիրալիրօրէն անով հետաքրքրուիլ։ դ20.06 20-21 ¶10-12
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 17
Քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն (Դան. 11։33)։
1991–ին Խորհրդային Միութիւնը փուլ գալէ ետք, անոր իշխանութեան տակ եղող Աստուծոյ ծառաները «քիչ մը օգնութիւն» ստացան, այսինքն՝ որոշ ժամանակ ազատութիւն վայելեցին։ Առ ի արդիւնք, կրցան ազատօրէն քարոզել, եւ շատ չանցած, նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող երկիրներուն մէջ հրատարակիչներուն թիւը հարիւր հազարաւորներու հասաւ։ Բայց աստիճանաբար Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները եղան հիւսիսի թագաւորը։ Կառավարութիւն մը հիւսիսի թագաւոր կամ հարաւի թագաւոր ըլլալու համար, պէտք է երեք բաներ ընէ. 1) Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղակիօրէն ազդէ, 2) իր արարքներով ցոյց տայ, որ Եհովային եւ անոր ժողովուրդին թշնամի է, եւ 3) միւս թագաւորին հետ մրցակցի։ Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակած են՝ քարոզչութիւնը արգիլելով եւ հալածելով հարիւր հազարաւոր եղբայրներ ու քոյրեր։ Այդ արարքները ցոյց կու տան, որ անոնք Եհովան եւ իր ժողովուրդը կ’ատեն։ Եւ անոնք կը մրցակցին հարաւի թագաւորին՝ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին՝ հետ։ դ20.05 12-13 ¶3-4
Ուրբաթ, նոյեմբեր 18
Զգուշութիւն ըրէ. . . վարդապետութեանդ (Ա. Տիմ. 4։16)։
Որովհետեւ սորվեցնելը եւ աշակերտելը իրարու հետ կապ ունին, կ’ուզենք լաւագոյն կերպով սորվեցնել։ Կանոնաւորաբար միլիոնաւոր մարդոց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները կը սորվեցնենք։ Մենք կը սիրենք այն ինչ որ Սուրբ Գիրքէն կը սորվեցնենք։ Ատոր համար, թերեւս ուզենք շատ խօսիլ ատոր մասին։ Սակայն վարիչը պէտք չէ չափէ աւելի խօսի, երբ կը վարէ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը կամ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը։ Որպէսզի սորվեցնողը Աստուածաշունչը ըլլայ, ուսուցիչը պէտք է ինքզինք զսպէ, որ չբացատրէ ամէն բան որ գիտէ համարի մը կամ նիւթի մը շուրջ (Յովհ. 16։12)։ Բաղդատէ մկրտութեան ատեն ունեցած աստուածաշնչական գիտելիքներդ ներկայիս ունեցածիդ հետ։ Հաւանաբար, այն ատեն միայն նախնական ուսուցումները հասկցած էիր (Եբ. 6։1)։ Տարիներ առաւ, որ հիմակուան գիտելիքներդ ձեռք ձգես։ Ուրեմն, մի՛ փորձեր նոր աշակերտին ամէն բան մէկ անգամէն սորվեցնել։ դ20.10 14-15 ¶2-4
Շաբաթ, նոյեմբեր 19
Ասիկա հիւսնը չէ՞ Մարիամին որդին (Մար. 6։3)։
Եհովան հոյակապ ծնողներ ընտրեց Յիսուսի համար (Մատ. 1։18-23. Ղուկ. 1։26-38)։ Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած Մարիամին անկեղծ արտայայտութիւնները ցոյց կու տան, թէ Եհովայի եւ իր Խօսքին հանդէպ որքա՜ն խոր սէր ունէր (Ղուկ. 1։46-55)։ Եւ այն կերպը, որով Յովսէփ հակազդեց Եհովայի առաջնորդութեան, յայտնի ըրաւ որ ան Աստուծմէ կը վախնար եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել (Մատ. 1։24)։ Նկատէ թէ Եհովան Յիսուսին համար հարուստ ծնողներ չընտրեց։ Այն ընծան, որ Յիսուսի ծնունդէն ետք Յովսէփ եւ Մարիամ բերին, ցոյց կու տայ որ անոնք աղքատ էին (Ղուկ. 2։24)։ Անոնք պարզ կեանք վարած ըլլալու էին, մանաւանդ երբ ընտանիքը մեծցաւ՝ պարփակելով առնուազն եօթը զաւակներ (Մատ. 13։55, 56)։ Եհովան իր Որդին որոշ վտանգներէ ազատեց, սակայն զինք չպաշտպանեց բոլոր դժուարութիւններէն (Մատ. 2։13-15)։ Օրինակ, Յիսուս ազգականներ ունէր, որոնք սկիզբը չհաւատացին, որ ինք Մեսիան է (Մար. 3։21. Յովհ. 7։5)։ Նաեւ, Յովսէփ հաւանաբար մահացաւ, երբ Յիսուս տակաւին պատանի էր, եւ ասիկա վստահաբար ցաւալի փորձառութիւն եղաւ իրեն համար։ դ20.10 26-27 ¶4-6
Կիրակի, նոյեմբեր 20
Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ (Եբ. 13։5)։
Օրին մէկը առանձին զգացա՞ծ ես. զգացա՞ծ ես թէ մէկը չունիս, որ դժուարութեանդ մէջ քեզի ձեռք տայ։ Եհովայի շատ մը հաւատարիմ ծառաներ այդպէս զգացած են (Գ. Թագ. 19։14)։ Եթէ օր մը դուն ալ այդպէս զգաս, միտքդ բեր Եհովայի խոստումը. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ Ասոր համար կրնանք վստահութեամբ ըսել. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ» (Եբ. 13։5, 6)։ Պօղոս առաքեալ այդ խօսքերը գրեց Հրէաստանի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն, շուրջ Ք.Ե. 61–ին։ Իր խօսքերը մեր միտքը կը բերեն այն զգացումները, որոնք արտայայտուած են Սաղմոս 118։5-7–ին մէջ։ Սաղմոսերգուին պէս, Պօղոս իր անձնական փորձառութենէն գիտէր, որ Եհովան իր Օգնականն էր։ Օրինակ, եբրայեցիներուն ուղղած նամակը գրելէն աւելի քան երկու տարի առաջ, Պօղոս վտանգաւոր ճամբորդութեան մը ելած էր փոթորկալից ծովուն մէջ (Գործք 27։4, 15, 20)։ Այդ ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին եւ ատկէ առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն մէջ, Եհովան տարբեր կերպերով միշտ Պօղոսին Օգնականը եղած էր։ դ20.11 12 ¶1-2
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 21
Մի՛ ըսեր՝ «Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին» (Ժող. 7։10)։
Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ շարունակ մտածել, թէ մեր կեանքը անցեալին աւելի լաւ էր։ Հին օրերը կարօտնալը կրնայ պատճառ դառնալ, որ անցեալէն միայն լաւ բաները յիշենք։ Նկատի առ իսրայէլացիներուն օրինակը։ Եգիպտոսէն ելլելէ ետք, անոնք շուտով մոռցան, թէ որչա՜փ դժուար էր իրենց կեանքը հոն, եւ կեդրոնացան այն լաւ ուտելիքներուն վրայ, որ ունէին։ Անոնք ըսին. «Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները միտքերնիս կու գան» (Թւ. 11։5)։ Բայց իրապէս ‘ձրի՞ կերան’ այդ ուտելիքները։ Ո՛չ։ Իսրայէլացիները սուղ գին վճարեցին. հոն ստրկութեան ծանր լուծին տակ էին (Ել. 1։13, 14. 3։6-9)։ Սակայն այդ դժուարութիւնները անտեսեցին եւ անցեալը կարօտցան։ Անոնք ընտրեցին կեդրոնանալ հին օրերուն վրայ, փոխանակ կեդրոնանալու այն դրական բաներուն վրայ, որ Եհովան դեռ նոր ըրած էր իրենց համար։ Եհովան այդ կեցուածքով ուրախ չէր (Թւ. 11։10)։ դ20.11 25 ¶5-6
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 22
Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ (Սաղ. 34։18)։
Երբեմն թերեւս մտածենք այն իրողութեան մասին, որ կեանքը կարճ է եւ մեր օրերը «թշուառութիւնով լեցուն» են (Յոբ 14։1)։ Ուստի, հասկնալի է որ ատեն–ատեն յուսալքուած կամ վհատած զգանք։ Անցեալին, Եհովայի ծառաներէն շատեր այդպէս զգացին։ Ոմանք նոյնիսկ ուզեցին մեռնիլ (Գ. Թագ. 19։2-4. Յոբ 3։1-3, 11. 7։15, 16)։ Բայց Եհովան՝ այն Աստուածը որուն ապաւինեցան, կրկին անգամ զիրենք վստահեցուց եւ զօրացուց։ Անոնց փորձառութիւնները գրի առնուեցան, որպէսզի մխիթարուինք եւ անոնցմէ սորվինք (Հռով. 15։4)։ Նկատի առ Յակոբի որդին Յովսէփը։ Կարճ ժամանակուան մէջ, իր կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ. իր հօր կողմէ սիրուած Յովսէփը Եգիպտոսի մէջ հեթանոս պալատականի մը աննշան մէկ ծառան դարձաւ (Ծն. 37։3, 4, 21-28. 39։1)։ Ետքը, Պետափրէսի կինը սուտ ամբաստանութիւն ըրաւ, թէ Յովսէփ փորձած էր զինք բռնաբարել։ Առանց ամբաստանութիւնը քննելու, Պետափրէս Յովսէփը բանտ նետել տուաւ, ուր զինք երկաթէ կապանքներով կապեցին (Ծն. 39։14-20. Սաղ. 105։17, 18)։ Վստահաբար Յովսէփ պատճառ ունէ՛ր վհատելու։ դ20.12 16-17 ¶1-4
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 23
Քու անունդ սուրբ ըլլայ (Մատ. 6։9)։
Յիսուս ըսաւ որ ասիկա ամենակարեւոր մէկ բանն է, որուն մասին պէտք է աղօթել։ Բայց Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։ Բան մը սրբացնել կը նշանակէ՝ զայն սուրբ, անարատ կամ մաքուր դարձնել։ Ոմանք թերեւս մտածեն. ‘Եթէ Եհովայի անունը արդէն սուրբ, անարատ ու մաքուր է, ինչո՞ւ պէտք է սրբացուի’։ Ասոր պատասխանելու համար, նկատի առնենք թէ անուն մը ի՛նչ կը պարփակէ։ Անունը պարզապէս բառ մը չէ, որ թուղթի վրայ կը գրեն կամ կ’արտասանեն։ Նկատի առ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է» (Առ. 22։1. Ժող. 7։1)։ Ինչո՞ւ անունը այդքան արժէքաւոր է։ Քանի որ անիկա կը պարփակէ մէկու մը համբաւը, այսինքն՝ թէ ուրիշներ ի՛նչ կը մտածեն այդ անունը կրողին մասին։ Ուրեմն ամենակարեւոր բանը չէ, թէ անունը ինչպէ՛ս կը գրուի կամ նոյնիսկ ինչպէ՛ս կ’արտասանուի։ Ամենակարեւորն է՝ թէ մարդիկ ի՛նչ կը մտածեն, երբ այդ անունը կը տեսնեն կամ կը լսեն։ Երբ մարդիկ սուտեր կը խօսին Եհովայի մասին, անոնք իր համբաւը կ’աւրեն։ Այդպէս ընելով, կը փորձեն իր անուան վնասել։ դ20.06 3 ¶5-7
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 24
Հոգիս ծանր խռովքի մէջ է. մինչեւ ե՞րբ, Տէ՜ր (Սաղ. 6։3, ՆԹ)։
Կրնանք մեր խնդիրներով այնքա՛ն մտահոգուիլ, որ ուրիշ որեւէ բանի մասին չմտածենք։ Օրինակ, թերեւս մտահոգուինք, որ մեր շահած դրամը բաւարար չըլլայ մեր պէտքերը ապահովելու։ Կամ ալ թերեւս մտահոգուինք, որ պիտի հիւանդանանք եւ գործի պիտի չկարենանք երթալ, կամ թէ նոյնիսկ մեր գործը պիտի կորսնցնենք։ Նաեւ, թերեւս մեզ մտահոգէ այն գաղափարը, որ երբ փորձուինք Աստուծոյ օրէնքը կտրել, տեղի տանք։ Ասկէ զատ, Սատանան մօտ ատենէն իր ազդեցութեան տակ եղողները պիտի մղէ, որ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակին. անոր համար թերեւս մտահոգուինք, թէ այդ յարձակումին ինչպէ՛ս պիտի հակազդենք։ Թերեւս հարց տանք. ‘Սխա՞լ է որ այսպիսի բաներով մտահոգուիմ’։ Գիտենք որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք» (Մատ. 6։25)։ Ասիկա կը նշանակէ՞, թէ մեզմէ կ’ակնկալէ որ չմտահոգուինք ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Անշուշտ ոչ։ Միտքդ բեր, որ անցեալին Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք մտահոգուեցան, բայց Եհովայի հաճութիւնը չկորսնցուցին (Գ. Թագ. 19։4)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս մեզ կը մխիթարէր։ Ան չուզեց, որ կեանքի հոգերով այնքա՛ն տարուինք, որ Եհովայի ծառայելը մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանը չըլլայ։ դ21.01 3 ¶4-5
Ուրբաթ, նոյեմբեր 25
Կնոջ գլուխը այր մարդն է (Ա. Կոր. 11։3)։
Ամուսինը իր ընտանիքին հետ իր վարուած կերպին համար պատասխանատու է թէ՛ Եհովային եւ թէ Յիսուսին առջեւ (Ա. Պետ. 3։7)։ Որպէս իր տիեզերական ընտանիքին Գլուխը, Եհովան հեղինակութիւնը ունի կանոններ դնելու, թէ իր զաւակները ինչպէ՛ս պէտք է վարուին, եւ իրաւունք ունի սրբագրելու անոնք, որոնք այդ կանոններուն չեն հետեւիր (Եսա. 33։22)։ Իսկ Յիսուս, որպէս քրիստոնէական ժողովքին գլուխը, նաեւ իրաւունք ունի կանոններ դնելու եւ անոնց չհետեւողները սրբագրելու (Գաղ. 6։2. Կող. 1։18-20)։ Եհովային եւ Յիսուսին պէս, ընտանիքի գլուխը հեղինակութիւնը ունի իր ընտանիքին վերաբերեալ որոշումներ առնելու (Հռով. 7։2. Եփ. 6։4)։ Սակայն անոր հեղինակութիւնը սահմանափակ է։ Օրինակ, անոր դրած կանոնները պէտք է Աստուածաշունչին սկզբունքներուն համաձայն ըլլան (Առ. 3։5, 6)։ Եւ ան չի կրնար կանոններ դնել անոնց վերաբերեալ, որոնք իր ընտանիքին անդամները չեն (Հռով. 14։4)։ Նաեւ, երբ իր տղաները եւ աղջիկները կը մեծնան ու տունը կը ձգեն, կը շարունակեն զինք յարգել, բայց այլեւս իր գլխաւորութեան ներքեւ չեն (Մատ. 19։5)։ դ21.02 2-3 ¶3-5
Շաբաթ, նոյեմբեր 26
‘Ընտանիքիդ հոգ տար’ (Ա. Տիմ. 5։8)։
Կերպերէն մէկը, որով ընտանիքի գլուխը կը փաստէ, որ իր ընտանիքը կը սիրէ, անոնց նիւթական պէտքերը հոգալն է։ Սակայն պէտք է իր միտքը պահէ, որ նիւթական պէտքերը հոգեւոր պէտքերուն տեղը չեն առներ (Մատ. 5։3)։ Մինչ տանջանքի ցիցին վրայ կը մեռնէր, Յիսուս ուզեց վստահ ըլլալ, որ Մարիամի պէտքերը պիտի գոհացուէին։ Ան Յովհաննէս առաքեալէն խնդրեց, որ Մարիամին հոգ տանի (Յովհ. 19։26, 27)։ Եղբայր մը, որ ընտանիքի գլուխ է, կրնայ ծանր պատասխանատուութիւններ շալկել։ Ան իր աշխարհիկ գործին մէջ պէտք է աշխատասէր ըլլայ, որ իր վարքը Եհովայի անուան փառք բերէ (Եփ. 6։5, 6. Տիտ. 2։9, 10)։ Եւ իր ժողովքին մէջ կրնայ պատասխանատուութիւններ ունենալ, ինչպէս՝ հովուական գործը եւ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելը։ Միեւնոյն ատեն, կարեւոր է որ ան կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը սերտէ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ։ Անոնք խորապէս պիտի գնահատեն զիրենք ֆիզիքապէս, զգացականօրէն ու հոգեւորապէս առողջ պահելու իր ջանքերը (Եփ. 5։28, 29. 6։4)։ դ21.01 12 ¶15, 17
Կիրակի, նոյեմբեր 27
[Առաքինի կինը] իր տանը ճամբաները կը քննէ (Առ. 31։27)։
Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ առաքինի կին մը ի՛նչ բաներ կրնայ ընել։ Օրինակ, կրնայ տան գործերը վերահսկել, կալուած գնել ու ծախել եւ առեւտուր ընել (Առ. 31։15, 16, 18)։ Ան ստրուկ մը չէ, որ իր կարծիքը տալու իրաւունք չունի։ Փոխարէնը, իր ամուսինը իրեն կը վստահի եւ իր գաղափարներուն ականջ կու տայ (Առ. 31։11, 26)։ Երբ տղամարդ մը իր կինը այդպէս կը յարգէ, կնոջ համար հաճելի պիտի ըլլայ իրեն ենթարկուիլ։ Թէեւ Յիսուս շատ մեծ բաներ իրագործած է, բայց չի զգար որ Եհովայի գլխաւորութեան ենթարկուելով իր արժէքէն կ’իյնայ (Ա. Կոր. 15։28. Փլպ. 2։5, 6)։ Նոյնպէս առաքինի կին մը, որ Յիսուսի օրինակին կը հետեւի, չի զգար որ իր ամուսինին ենթարկուելով իր արժէքէն կ’իյնայ։ Ան իր ամուսինին թիկունք պիտի կանգնի, ոչ միայն քանի որ զինք կը սիրէ, հապա գլխաւորաբար քանի որ Եհովան կը սիրէ ու կը յարգէ։ Սակայն, իր ամուսինին ենթարկուող քրիստոնեայ կինը պիտի չընդունի, եթէ ան իրմէ խնդրէ որ աստուածաշնչական օրէնքներ կամ սկզբունքներ կտրէ։ դ21.02 11 ¶14-15. 12 ¶19
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 28
Նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ (Հռով. 5։3)։
Եհովային հանդէպ սէրը միշտ իր ծառաներուն օգնած է, որ հալածանքին դիմանան։ Օրինակ, երբ հրէական բարձրագոյն ատեանը առաքեալներուն հրամայեց որ այլեւս չքարոզեն, Աստուծոյ հանդէպ սէրը զիրենք մղեց որ ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդին, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29. Ա. Յովհ. 5։3)։ Այդ ամուր սէրը ներկայիս ալ կ’օգնէ դաժան ու զօրաւոր կառավարութիւններու կողմէ հալածուող մեր եղբայրներուն, որ հաւատարիմ մնան։ Փոխանակ վհատելու, առանձնաշնորհում կը սեպենք աշխարհի ատելութեան դիմանալը (Գործք 5։41. Հռով. 5։4, 5)։ Թերեւս մեր ամենամեծ փորձութիւններէն ոմանք մեր ընտանիքէն գան։ Երբ կը սկսինք ճշմարտութեամբ հետաքրքրուիլ, մեր ընտանիքէն ոմանք թերեւս մտածեն թէ մոլորեցանք կամ խելքերնիս թռցուցինք (համեմատէ՛ Մարկոս 3։21)։ Անոնք նոյնիսկ թերեւս մեզի վայրագօրէն հակառակին, բայց անոնց ժխտական հակազդեցութիւնը պէտք չէ մեզ զարմացնէ։ Յիսուս ըսաւ. «Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։36)։ դ21.03 21 ¶6-7
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 29
Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու մէջ (Յակ. 1։19)։
Երբ դասի մը ներկայ ես, ուշի–ուշով մտիկ ըրէ, մինչ ուսուցիչը կամ աշակերտը կը խօսի։ Միայն այն ատեն պիտի կարենաս ճիշդ ատենին օգնել։ Անշուշտ խօսելէ առաջ պէտք է մտածես։ Օրինակ, պէտք չէ շատախօսութիւն ընես, ուսուցիչը ընդհատես երբ կը փորձէ բան մը բացատրել կամ բանաս տարբեր նիւթ մը։ Բայց կրնաս բացատրուող կէտը յստակացնել՝ կարճ խօսք մը, օրինակ մը կամ հարցում մը ներկայացնելով։ Երբեմն թերեւս զգաս թէ դասին վրայ աւելցնելիք բան մը չունիս։ Բայց եթէ աշակերտը գովես եւ իրեն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տաս, իրեն մեծապէս պիտի օգնես որ յառաջդիմէ։ Եթէ յարմար է, կրնաս աշակերտին կարճ կերպով պատմել թէ ճշմարտութիւնը ինչպէ՛ս սորվեցար, ինչպէ՛ս խնդիր մը յաղթահարեցիր կամ ինչպէ՛ս Եհովայի ձեռքը տեսար կեանքիդ մէջ (Սաղ. 78։4, 7)։ Թերեւս աշակերտը ճիշդ այսպիսի փորձառութեան մը պէտք ունէր։ Ատիկա կրնայ իր հաւատքը զօրացնել կամ քաջալերել զինք, որ շարունակէ յառաջդիմել դէպի մկրտութիւն։ դ21.03 10 ¶9-10
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 30
Բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեցէք (Մատ. 28։19, ՆԱ)։
Իրապէս որո՞ւն շնորհիւ է, որ մեր ծառայութեան մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք։ Պօղոս առաքեալ այս հարցումին պատասխանը տուաւ, երբ Կորնթոսի ժողովքին նկատմամբ հետեւեալը գրեց. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց» (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Պօղոսին պէս, մեր ծառայութեան մէջ որեւէ լաւ արդիւնքի վարկը պէտք է միշտ Եհովային տանք։ Ցոյց կու տանք, թէ Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ հրեշտակներուն հետ աշխատելու առանձնաշնորհումը կը գնահատենք, նախանձախնդրօրէն առիթներ փնտռելով բարի լուրը ուրիշներուն հաղորդելու (Բ. Կոր. 6։1)։ Պէտք է ոչ միայն ճշմարտութեան սերմերը ցանենք, հապա նաեւ ջրենք։ Երբ անհատը հետաքրքրուի, կ’ուզենք մեր ամէն կարելին ընել, որ անոր հետ կրկին խօսինք ու ջանանք ուսումնասիրութիւն մը հաստատել։ Երբ աշակերտը կը յառաջդիմէ, կ’ուրախանանք տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս Եհովան անոր սրտին ու մտքին վրայ կ’աշխատի։ դ20.05 30 ¶14, 16-18