Դեկտեմբեր
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 1
Ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է (Յակ. 1։6)։
Ատեն–ատեն թերեւս չհասկնանք բան մը, որ Սուրբ Գիրքը կը նշէ։ Կամ թերեւս Եհովան մեր աղօթքներուն չպատասխանէ մեր ուզած կերպով։ Այսպիսի պարագաներ կասկածներ կրնան արթնցնել։ Եթէ անոնք անտեսենք, մեր հաւատքը պիտի տկարացնեն եւ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան պիտի վնասեն (Յակ. 1։7, 8)։ Եւ անոնք նոյնիսկ կրնան պատճառ դառնալ, որ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը կորսնցնենք։ Պօղոս առաքեալ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը խարիսխի նմանցուց (Եբ. 6։19)։ Խարիսխը նաւը իր տեղը կը պահէ փոթորիկի մը ընթացքին եւ թոյլ չի տար, որ քշուի դէպի ժայռերը։ Բայց խարիսխը օգտակար է միայն եթէ զինք նաւուն կապող շղթան չքակուի։ Ճիշդ ինչպէս որ ժանգը խարիսխին շղթան կը տկարացնէ, նոյնպէս ալ չլուծուած կասկածները մեր հաւատքը կը տկարացնեն։ Եւ ետքը, երբ խնդիրներ ունենանք, կրնանք մեր հաւատքը կորսնցնել, թէ Եհովան իր խոստումները պիտի կատարէ։ Իսկ մեր հաւատքը կորսնցնելով, մեր յոյսն ալ կը կորսնցնենք։ Այսպիսի վիճակ ունեցող անհատը հաւանաբար բնա՛ւ ուրախ պիտի չզգայ։ դ21.02 30 ¶14-15
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 2
Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց (Յակ. 2։23)։
Աբրահամ հաւանաբար աւելի քան 70 տարեկան էր, երբ իր ընտանիքին հետ Ուր քաղաքը ձգեց (Ծն. 11։31–12։4)։ Եւ շուրջ հարիւր տարի ապրեցաւ վրաններու տակ, Քանանի մէջ տեղէ տեղ փոխադրուելով։ Ան 175 տարեկանին մահացաւ (Ծն. 25։7)։ Բայց չտեսաւ Եհովայի այն խոստումին կատարումը, թէ իր սերունդին պիտի տար այն երկիրը, ուր թափառեցաւ։ Նաեւ իր կեանքին ընթացքին չտեսաւ քաղաքին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ հաստատուիլը։ Այսուհանդերձ, անոր մասին կը կարդանք, թէ մեռաւ՝ «ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած» (Ծն. 25։8, ԱԾ)։ Հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Աբրահամ զօրաւոր հաւատք պահպանեց ու յօժար էր Եհովային սպասելու։ Ան կրցաւ դիմանալ, քանի որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Եհովան զինք պաշտպանեց ու իրեն հետ վարուեցաւ որպէս բարեկամ (Ծն. 15։1. Եսա. 41։8. Յակ. 2։22)։ Աբրահամին պէս, մենք ալ հիմերով հաստատուած քաղաքին կը սպասենք (Եբ. 11։10)։ Սակայն չենք սպասեր որ շինուի։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն 1914–ին հաստատուեցաւ ու երկինքի մէջ լիովին կ’իշխէ (Յայտ. 12։7-10)։ Բայց կը սպասենք որ երկրի վրայ լիովին իշխէ։ դ20.08 4-5 ¶11-12
Շաբաթ, դեկտեմբեր 3
Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ (Առ. 20։5)։
Ուշի–ուշով ուրիշներուն մտիկ ընելու համար, պէտք է խոնարհ ու համբերող ըլլանք։ Կ’արժէ ասոր մէջ ջանք թափել առնուազն երեք պատճառներով։ Առաջին, աւելի քիչ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ մարդոց մասին արագօրէն սխալ կարծիք կազմենք։ Երկրորդ, պիտի կարենանք մեր եղբօր զգացումներն ու շարժառիթները գիտնալ, ինչ որ մեզի պիտի օգնէ որ իրեն աւելի կարեկցինք։ Եւ երրորդ, թերեւս անհատին օգնենք, որ ինքն իր անձին մասին բան մը գիտնայ, քանի որ երբեմն մենք իսկ մեր զգացումները չենք հասկնար մինչեւ որ զանոնք բառերով արտայայտենք։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք դժուարութիւն ունին իրենց զգացումները արտայայտելու՝ իրենց ենթահողին, մշակոյթին կամ անձնաւորութեան պատճառաւ։ Թերեւս անոնք ժամանակի կը կարօտին, որ իրենց սիրտը մեզի բանան, եւ միայն այն ատեն պիտի կարենանք իրենց իսկական զգացումները գիտնալ։ Եթէ Եհովան ընդօրինակելով համբերող ըլլանք, իրենց վստահութիւնը կրնանք շահիլ։ Իսկ երբ իրենց զգացումները պատմելու պատրաստ ըլլան, ուշի–ուշով պէտք է մտիկ ընենք։ դ20.04 15-16 ¶6-7
Կիրակի, դեկտեմբեր 4
Մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս (Ղուկ. 5։10)։
Ձուկերը սովորաբար կը գտնուին այնտեղ, ուր ջրային պայմանները իրենց կը յարմարին եւ ուր առատ ուտելիք կայ։ Իսկ ձուկ որսալու ժամանակը կարեւորութիւն ունի՞։ Նկատի առ թէ ի՛նչ ըսաւ Խաղաղական ովկիանոսի մէկ կղզիին մէջ ապրող եղբայր մը, երբ հրաւիրեց միսիոնար մը, որ միասին ձուկ որսան։ Երբ միսիոնարը ըսաւ. «Վաղը առտու ժամը իննին կը տեսնուինք», եղբայրը պատասխանեց. «Չե՞ս հասկնար։ Մենք կ’երթանք ձուկի՛ն յարմար ժամուն, եւ ոչ թէ՝ մեր»։ Նոյնպէս, առաջին դարուն, մարդոց որսորդները կ’երթային այնպիսի տեղեր, ուր «ձուկեր» պիտի ըլլային, եւ այն ժամուն, երբ հաւանական էր զանոնք գտնել։ Օրինակ, Յիսուսի հետեւորդները կը քարոզէին տաճարին մէջ, ժողովարաններուն մէջ, տունէ տուն եւ հրապարակներուն մէջ (Գործք 5։42. 17։17. 18։4)։ Մենք ալ պէտք է ծանօթ ըլլանք մեր թաղամասին մէջ ապրող մարդոց սովորութիւններուն։ Պէտք է ճկուն ըլլանք եւ ընտրենք քարոզելու թէ՛ յարմար վայրը եւ թէ յարմար ժամանակը (Ա. Կոր. 9։19-23)։ դ20.09 4 ¶8-9
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 5
Ճշմարտութիւնը խօսելով սիրոյ մէջ, ամէն բանի մէջ աճինք անո՛վ՝ որ գլուխն է, այսինքն՝ Քրիստոսով (Եփ. 4։15, ԱԾ)։
Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւն կերտելու մէկ կերպն է՝ քրիստոնէական ժողովքի կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնիլ։ Յիսուսի հետ մեր կապը կը զօրացնենք, երբ կը համագործակցինք նշանակուած եղբայրներուն հետ, որոնք սիրալիրօրէն մեզ կ’առաջնորդեն (Եփ. 4։16)։ Օրինակ, ներկայիս կը ջանանք բոլոր Թագաւորութեան սրահները լաւագոյն կերպով գործածել։ Այդ նպատակաւ, կարգ մը ժողովքներ ուրիշ ժողովքներու միացան։ Այս կարգադրութեամբ կազմակերպութիւնը մեծ գումարներ խնայեց։ Սակայն, կարգ մը հրատարակիչներ ստիպուեցան նոր պարագաներու յարմարիլ։ Անոնք թերեւս որոշ ժողովքի մը մէջ երկար տարիներ ծառայեցին եւ հաւատակիցներու հետ մտերմացան։ Բայց հիմա խնդրուեցաւ որ տարբեր ժողովքի մէջ ծառայեն։ Յիսուս որքա՜ն ուրախ ըլլալու է տեսնելով, թէ այս հաւատարիմ աշակերտները ինչպէ՛ս այս կարգադրութեան կը հնազանդին։ դ20.04 24 ¶14
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 6
Հարաւի թագաւորը իրեն պիտի բախի (Դան. 11։40, ԱԾ)։
Հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը կը շարունակեն մրցակցիլ, քանի որ կ’ուզեն աշխարհի ամենազօրաւոր կառավարութիւնը ըլլալ։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ Խորհրդային Միութիւնը եւ իր դաշնակիցները Եւրոպայի մեծ մասին տիրապետեցին։ Հիւսիսի թագաւորին ըրածները ստիպեցին հարաւի թագաւորը, որ միջազգային զինակցութիւն մը կազմէ, որ կը կոչուի ՆԱԹՕ կամ ՕԹԱՆ (Հիւսիս ատլանտեան դաշինքի կազմակերպութիւն)։ Երկու թագաւորները նաեւ մեծ գումարներ կը ծախսեն, ջանալով ամենազօրաւոր բանակը ունենալ։ Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Լատին Ամերիկայի մէջ մղուած պատերազմներուն ընթացքին, մէկը միւսին թշնամիին կողմը դիրք բռնելով, երկու թագաւորները իրարու դէմ կռուեցան։ Վերջին տարիներուն, Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները աշխարհի չորս կողմը իրենց ազդեցութիւնը տարածած են։ Անոնք նաեւ հարաւի թագաւորին դէմ համացանցային պատերազմ մղած են։ Մէկ թագաւորը միւսը ամբաստանած է, թէ իրեն դէմ կործանիչ համակարգչային ծրագիրներ կը գործածէ, փորձելով տնտեսական եւ քաղաքական վնասներ պատճառել։ Եւ ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէացաւ, հիւսիսի թագաւորը կը շարունակէ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակիլ (Դան. 11։41)։ դ20.05 13 ¶5-6
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 7
Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ (Եզեկ. 34։11)։
Եսայի մարգարէի օրերուն Եհովան հարցուց. «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ»։ Ապա իր ժողովուրդին ըսաւ. «Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ» (Եսա. 49։15)։ Եհովան սովորաբար ինքզինք չի բաղդատեր մօր մը հետ։ Սակայն այս պարագային, ան գործածեց մօր եւ անոր մանուկին միջեւ եղած կապը, որպէսզի յայտնէ թէ որքա՜ն իր ծառաներուն կապուած է։ Մայրերուն մեծամասնութիւնը Ժասմին անունով քրոջ պէս կը զգայ։ Ան ըսաւ թէ երբ նորածին մը ունենաս, «անոր հետ կը հաստատես շատ յատուկ կապ մը, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին կը մնայ»։ Եհովան կը նկատէ, երբ իր զաւակներէն մէկը կը դադրի ժողովքին հետ ընկերակցելէ ու քարոզելէ։ Անգործունեայ դարձած այդ թանկագին եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր ժողովքին կը վերադառնան, ինչ որ մեզ շա՜տ կ’ուրախացնէ։ Եհովան կ’ուզէ՛ որ վերադառնան, ինչպէս նաեւ՝ մենք (Ա. Պետ. 2։25)։ դ20.06 18 ¶1-3
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 8
Երեւցած բաներուն չնայինք. . . քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական (Բ. Կոր. 4։18)։
Գանձեր կան, որոնք չեն տեսնուիր։ Իրականութեան մէջ, մեծագոյն գանձերը անտեսանելի են։ Յիսուս Լերան քարոզին մէջ նշեց երկնային գանձեր, որոնք շա՜տ աւելի լաւ են քան նիւթական ստացուածքները։ Ապա աւելցուց այս ճշմարտութիւնը. «Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Մատ. 6։19-21)։ Մեր սիրտը մեզ պիտի մղէ, որ այն բաներուն ետեւէն ըլլանք, որոնք գանձ կը սեպենք։ ‘Երկինքը գանձեր կը դիզենք’՝ Աստուծոյ քով բարի անուն, կամ համբաւ, ձեռք ձգելով։ Յիսուս բացատրեց, որ այսպիսի գանձեր բնա՛ւ չեն կորսուիր կամ գողցուիր։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ, որ ‘չերեւցած բաներուն նայինք’ (Բ. Կոր. 4։17, 18)։ Այս չերեւցած բաները գանձեր են, որոնք կը պարփակեն այն օրհնութիւնները, որոնք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ պիտի վայելենք։ Ցոյց կու տա՞նք, թէ այս չերեւցած գանձերը կը գնահատենք։ դ20.05 26 ¶1-2
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 9
Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի (Բ. Օր. 32։2)։
Մովսէսի սորվեցուցածը իսրայէլացիները կազդուրեց ու թարմացուց, մեղմ անձրեւի նման՝ կանանչեղէնի վրայ։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր սորվեցնելու կերպն ալ այդպէս է։ Երբ տունէ տուն կը քարոզենք կամ հանրային վկայութեան կը մասնակցինք, կրնանք Աստուածաշունչէն մարդոց ցոյց տալ Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։ Կրնանք անոնց ներկայացնել Եհովան պատուող գեղեցիկ հրատարակութիւններ, ընտիր վիտէօներ եւ մեր կայքին մէջ նիւթեր։ Գործատեղը, դպրոցին մէջ կամ ճամբորդութեան ընթացքին, պատեհութիւններ օգտագործելով կրնանք խօսիլ մեր սիրելի Աստուծոյն ու անոր անձնաւորութեան մասին։ Երբ անոնց կը պատմենք այն սքանչելի բաները, որոնք Եհովան պիտի ընէ մեզի եւ երկրին համար, անոնք թերեւս առաջին անգամ ըլլալով անդրադառնան, թէ Եհովան որքա՜ն մարդկութիւնը կը սիրէ։ Մեր սիրառատ Հօր մասին ճշմարտութիւնը ըսելով, անոր անուան սրբացման մէջ բաժին կը բերենք։ Մարդոց կ’օգնենք հասկնալու, թէ Եհովայի մասին շատ սուտեր սորված են։ Անոնց կը ներկայացնենք մատչելի եղող լաւագոյն կազդուրիչ ու թարմացուցիչ ուսուցումները (Եսա. 65։13, 14)։ դ20.06 10 ¶8-9
Շաբաթ, դեկտեմբեր 10
Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ (Մաղ. 3։7)։
Ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ունենանք, որպէսզի կարենանք օգնել անոնց, որոնք կ’ուզեն Եհովային վերադառնալ։ Անառակ որդիին առակէն կրնանք կարգ մը կէտեր սորվիլ (Ղուկ. 15։17-24)։ Որդին ի վերջոյ ինքզինքին եկաւ եւ որոշեց տուն վերադառնալ։ Հայրը վազեց զինք դիմաւորելու եւ ջերմ փաթթուկ մը տուաւ, վստահեցնելով որ զինք կը սիրէ։ Որդիին խիղճը զինք անհանգիստ կ’ընէր, եւ ան կը զգար թէ արժանի չէ որդի կոչուելու։ Բայց հայրը կարեկցեցաւ իր որդիին, որ իր զգացումները արտայայտեց։ Ետքը հայրը գործնական քայլեր առաւ իր որդին վստահեցնելու, թէ ընդունուած է որպէս սիրուած զաւակ։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Խնճոյք մը սարքեց եւ անոր շքեղ հագուստներ տուաւ։ Եհովան կը նմանի առակին մէջի հօր։ Ան անգործունեայ եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իրեն վերադառնան։ Եհովան ընդօրինակելով, կրնանք անոնց օգնել վերադառնալու։ Ասիկա մեզմէ կը պահանջէ համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց տալ։ դ20.06 25-26 ¶8-9
Կիրակի, դեկտեմբեր 11
Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ (Յովհ. 8։31, 32)։
Յիսուս ըսաւ թէ ոմանք ճշմարտութիւնը «ուրախութեամբ» պիտի ընդունէին, բայց իրենց հաւատքը պիտի տկարանար, երբ խնդիրներ ունենային (Մատ. 13։3-6, 20, 21)։ Անոնք թերեւս չգիտակցեցան, թէ Յիսուսին հետեւիլը նեղութիւններ պիտի պարփակէր (Մատ. 16։24)։ Կամ թերեւս խորհեցան որ քրիստոնեայ ըլլալը պիտի նշանակէր խնդիրներէ զերծ կեանք մը վարել, միայն օրհնութիւններ վայելելով։ Բայց ներկայ աշխարհին մէջ դժուարութիւններ պիտի ըլլան եւ կեանքի պարագաները փոխուելով, կրնանք մեր ուրախութիւնը կորսնցնել (Սաղ. 6։6. Ժող. 9։11)։ Մեր եղբայրներուն մեծամասնութիւնը կը փաստէ, թէ համոզուած է որ ճշմարտութիւնը ունի։ Ինչպէ՞ս։ Անոնց համոզումը չի խախտիր, նոյնիսկ եթէ հաւատակից մը զիրենք վիրաւորէ կամ սխալ վարք ունենայ (Սաղ. 119։165)։ Իւրաքանչիւր փորձութիւն անոնց հաւատքը կը զօրացնէ, եւ ոչ թէ կը տկարացնէ (Յակ. 1։2-4)։ Մենք այդպիսի զօրաւոր հաւատք պէտք է կերտենք։ դ20.07 8 ¶1. 9 ¶4-5
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 12
Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ (Յակ. 1։5)։
Աստուածաշունչը կարդալէ առաջ, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնաս կարդացածէդ օգտուիլ։ Օրինակ, եթէ խնդիր մը լուծելու համար խրատ կը փնտռես, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ իր Խօսքէն գտնելու սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզ առաջնորդել (Փլպ. 4։6, 7)։ Եհովան մեզի տուած է երեւակայելու հրաշալի կարողութիւնը։ Ուստի, որպէսզի Աստուածաշունչէն պատմութիւն մը քեզի համար իրական դառնայ, փորձէ երեւակայել որ դուն հոն ես եւ այն անձն ես, որուն հետ դէպքը կը պատահի։ Ջանա՛ տեսնել այն բաները որ տեսաւ եւ զգալ իր զգացումները։ Ասկէ զատ, խոկա՛։ Խոկալ կը նշանակէ՝ ուշադրութեամբ կարդացածիդ վրայ մտածել եւ տեսնել, թէ տեղեկութիւնը ինչպէ՛ս քեզի կը կիրարկուի։ Անիկա քեզի կ’օգնէ որ գաղափարները իրարու կապես եւ նկատի առած նիւթդ աւելի խոր կերպով հասկնաս։ Առանց խոկալու Աստուածաշունչը կարդալը կը նմանի փազլի մը կտորներուն նայելուն, առանց զանոնք իրարու միացնելու։ Խոկալը կ’օգնէ որ լման պատկերը տեսնենք։ դ21.03 15 ¶3-5
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 13
Շնորհակալ եմ Աստուծոյ. . . միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ (Բ. Տիմ. 1։3)։
Պօղոս առաքեալ կրնար անցեալին վրայ կեդրոնանալ, խորհելով թէ եթէ տարբեր ընտրութիւններ ըրած ըլլար, պիտի չձերբակալուէր։ Ան կրնար բարկանալ Ասիայի մէջ եղողներուն դէմ, որոնք զինք լքեցին։ Եւ կրնար իր միւս բարեկամներուն հանդէպ իր վստահութիւնը կորսնցնել։ Բայց Պօղոս ատոնցմէ ո՛չ մէկը ըրաւ։ Նոյնիսկ երբ գիտցաւ, թէ շուտով պիտի մեռնէր, ան չմոռցաւ թէ շատ կարեւոր է որ Եհովային փառք բերէ։ Եւ շարունակեց մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ուրիշները քաջալերել։ Ան Եհովային ապաւինեցաւ, կանոնաւորաբար աղօթելով։ Փոխանակ կեդրոնանալու զինք լքող եղբայրներուն վրայ, Պօղոս իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր հաւատարիմ բարեկամներուն սիրալիր օգնութեան համար։ Ասկէ զատ, ան շարունակեց Աստուծոյ Խօսքը սերտել (Բ. Տիմ. 3։16, 17. 4։13)։ Ամէնէն կարեւորը, ան լիովին վստահ էր, թէ Եհովան եւ Յիսուսը զինք կը սիրէին։ դ21.03 18 ¶17-18
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 14
Ի՛նչպէս որ որոմը կը քաղուի ու կ’այրուի կրակի մէջ, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ այս աշխարհի վախճանին (Մատ. 13։40, ԱԾ)։
Ք.Ե. երկրորդ դարուն ընթացքին, սուտ քրիստոնեաներ աստիճանաբար խուժեցին քրիստոնէական ժողովքէն ներս։ Անոնք հեթանոսական գաղափարներ սորվեցուցին եւ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները մարդոցմէ պահեցին։ Այդ ժամանակէն մինչեւ 19–րդ դարու վերջերը, երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաներու կազմակերպուած խումբ մը չկար։ Սուտ քրիստոնեաները որոմներու պէս շատցան, եւ ատոր համար ճշմարիտ քրիստոնեաները բնորոշելը շատ դժուարացաւ (Մատ. 13։36-43)։ Ասիկա գիտնալը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Քանի որ ցոյց կու տայ, թէ Դանիէլ 11–րդ գլուխին մէջ, հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին մասին մեր կարդացածը չի կիրարկուիր այն կառավարիչներուն կամ թագաւորութիւններուն, որոնք Ք.Ե. 100–ի եւ 1870–ի միջեւ իշխեցին։ Աստուծոյ ծառաներու կազմակերպուած խումբ մը չկար, որուն վրայ կրնային յարձակիլ։ Սակայն 1870–էն քիչ ետք կարելի էր դարձեալ գտնել հիւսիսի թագաւոր մը եւ հարաւի թագաւոր մը։ դ20.05 3 ¶5
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 15
Իմ երկրիս վրայ. . . ազգ մը ելաւ (Յվլ. 1։6)։
Յովէլ կը մարգարէանայ մարախներու պատուհասի մը մասին, որ Իսրայէլը պիտի աւերէր, ամէ՛ն բան ուտելով (Յվլ. 1։4)։ Երկար տարիներ այն հասկացողութիւնը ունէինք, որ այս մարգարէութիւնը կը նշէր, թէ Եհովայի ժողովուրդը պիտի շարունակէ քարոզել, մարախներու նման, որոնք անկարելի է կեցնել։ Նաեւ, կը հասկնայինք թէ այս գործունէութիւնը ջախջախիչ ազդեցութիւն ունի «երկրին» վրայ, կամ կրօնական առաջնորդներուն ազդեցութեան տակ եղող մարդոց վրայ։ Սակայն, երբ մարգարէութիւնը քննենք անոր շուրջի համարները հաշուի առնելով, կը տեսնենք որ ատիկա տարբեր կերպով կը հասկնանք։ Նկատէ թէ մարախներու պատուհասին նկատմամբ Եհովան ի՛նչ կը խոստանայ. «Հիւսիսային զօրքը [մարախները] ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ» (Յվլ. 2։20)։ Եթէ մարախները կը ներկայացնեն Եհովայի վկաները, որոնք քարոզելու եւ աշակերտելու Յիսուսի պատուէրին կը հետեւին, Եհովան ինչո՞ւ պիտի խոստանայ զանոնք հեռացնել (Եզեկ. 33։7-9. Մատ. 28։19, 20)։ Յստակ է որ Եհովան կ’ուզէ հեռացնել ո՛չ թէ իր հաւատարիմ ծառաները, հապա բան մը կամ մէկը, որ իր ժողովուրդին հանդէպ թշնամական կեցուածք ունի։ դ20.04 3 ¶3-5
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 16
Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ (Յակ. 1։5)։
Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ զգանք որ Եհովան մեր աղօթքին անմիջապէս չի պատասխաներ։ Պէտք է շարունակենք խնդրել։ Եհովան բնա՛ւ չի ձանձրանար, երբ շարունակենք իրմէ իմաստութիւն խնդրել։ Ան մեզ պիտի չնախատէ, հապա առատապէս պիտի տայ իմաստութիւն, որպէսզի մեր փորձութիւններուն տոկանք (Սաղ. 25։12, 13)։ Ան կը տեսնէ թէ ինչերէ կ’անցնինք, մեզի հետ կը զգայ եւ կ’ուզէ օգնել։ Անշուշտ ասիկա մեզ շատ կ’ուրախացնէ։ Եհովան Աստուածաշունչին միջոցաւ մեզի իմաստութիւն կու տայ (Առ. 2։6)։ Այդ իմաստութիւնը ձեռք ձգելու համար, պէտք է սերտենք Աստուածաշունչը եւ սուրբգրային հրատարակութիւնները։ Բայց միայն տեղեկութիւններ առնելը չի բաւեր։ Պէտք է Աստուծոյ իմաստութեան համաձայն ապրինք, իր տուած խրատները գործադրելով։ Յակոբոս գրեց. «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք» (Յակ. 1։22)։ Երբ Աստուծոյ խրատները կը գործադրենք, աւելի խաղաղարար, տրամաբանող եւ գթասիրտ կ’ըլլանք (Յակ. 3։17)։ Այս յատկութիւնները մեզի կ’օգնեն որ որեւէ փորձութեան տոկանք, առանց մեր ուրախութիւնը կորսնցնելու։ դ21.02 29 ¶10-11
Շաբաթ, դեկտեմբեր 17
Ամէն մէկ մասը. . . մարմնին աճում կու տայ (Եփ. 4։16)։
Աւելի հաւանական է որ Աստուածաշունչի աշակերտ մը հաստատօրէն յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն, երբ ժողովքին մէջ ուրիշներէն օգնութիւն ստանայ։ Իւրաքանչիւր հրատարակիչ կրնայ օգնել նորեկներուն, որ ժողովքին մէկ մասը դառնան։ Ռահվիրայ մը կը նշէ. «Առակ մը կայ, որ կ’ըսէ թէ երեխան կը մեծնայ ամբողջ գիւղին ջանքերով։ Կը խորհիմ որ նոյնը կրնանք ըսել աշակերտներ պատրաստելուն մասին. սովորաբար մէկը ճշմարտութեան կու գայ ամբողջ ժողովքին ջանքերով»։ Ընտանիքի անդամները, բարեկամները եւ ուսուցիչները կրնան երեխային օգնել որ չափահաս դառնայ՝ զինք քաջալերելով եւ կարեւոր դասեր սորվեցնելով։ Նմանապէս, հրատարակիչները կրնան աշակերտները խրատել, քաջալերել եւ իրենց լաւ օրինակ ըլլալ, օգնելով որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն (Առ. 15։22)։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարողը պէտք է ուրիշ հրատարակիչներու օգնութիւնը ընդունի, քանի որ անոնք կրնա՛ն աշակերտին հոգեւոր յառաջդիմութեան նպաստել։ դ21.03 8 ¶1-3
Կիրակի, դեկտեմբեր 18
Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք (Ա. Յովհ. 1։8)։
Բոլոր քրիստոնեաները, ըլլա՛ն երիտասարդ կամ տարեց, պէտք է կրկնակի կեանք վարելու ճնշումին դէմ դնեն։ Յովհաննէս առաքեալ նշեց, թէ չենք կրնար ճշմարտութեան մէջ քալել եւ միեւնոյն ժամանակ անբարոյ կեանք վարել (Ա. Յովհ. 1։6)։ Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաւանութիւնը ունենալ հիմա եւ ապագային, պէտք է այնպէս մը վարուինք, կարծես մեր ըրածը լուսարձակի տակ է։ Առումով մը, գաղտնի մեղք ըսուած բան մը չկայ, քանի որ Եհովան կը տեսնէ ամէն ինչ որ կ’ընենք (Եբ. 4։13)։ Մեղքի նկատմամբ աշխարհի տեսակէտը պէտք է մերժենք։ Յովհաննէսի ժամանակակից հաւատուրացները կ’ըսէին, որ մէկը կրնայ դիտմամբ մեղաւոր ընթացք բռնել ե՛ւ շարունակել Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Ներկայիս կ’ապրինք մարդոց մէջ, որոնք նոյնանման տեսակէտ ունին։ Շատեր կ’ըսեն թէ Աստուծոյ կը հաւատան, բայց չեն համաձայնիր մեղքի նկատմամբ անոր տեսակէտին, մանաւանդ՝ սեռի շուրջ։ Ինչ որ Եհովան մեղաւոր վարք կը նկատէ, անոնք զայն կը կոչեն անձնական նախընտրութիւն, կամ՝ տարբեր ապրելակերպ։ դ20.07 22 ¶7-8
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 19
Սիրենք. . . գործով ու ճշմարտութիւնով (Ա. Յովհ. 3։18)։
Հոգեւոր քոյրերդ կը պաշտպանե՞ս, երբ հարկ ըլլայ։ Նկատի առ պարագայ մը։ Կարգ մը հրատարակիչներ կը տեսնեն որ քոյր մը, որուն ամուսինը Վկայ չէ, յաճախ ուշ կը հասնի ժողովներուն եւ աւարտին՝ անմիջապէս կը մեկնի։ Անոնք կը նկատեն, որ ան շատ քիչ անգամ իրեն հետ կը բերէ իր զաւակները։ Ուստի անոնք հարց կու տան, թէ ան ինչո՞ւ աւելի վճռական դիրք չ’առներ, եւ զինք կը քննադատեն։ Սակայն իրականութիւնը այն է, որ քոյրը իր լաւագոյնը կ’ընէ։ Իր յայտագիրը ամբողջովին իր ձեռքը չէ, իսկ պզտիկներուն նկատմամբ վերջին որոշումը իրեն չ’իյնար։ Եթէ քոյրը ուրիշներուն առջեւ գովես եւ բացատրես որ իր ձեռքէն եկածը կ’ընէ, կրնաս ըսի–ըսաւներուն վերջ դնել։ Երէցները գիտեն, թէ Եհովան կ’ուզէ որ քոյրերը լաւ վերաբերմունք ստանան (Յակ. 1։27)։ Ուստի անոնք Յիսուսը կ’ընդօրինակեն եւ տրամաբանող են՝ կանոններ չդնելով, երբ աւելի յարմար է բացառութիւն ընել եւ ազնիւ ու հասկացող ըլլալ (Մատ. 15։22-28)։ Երբ երէցները նախաքայլը կ’առնեն քոյրերուն օգնելու, անոնք կը զգան, թէ Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը զիրենք կը սիրեն։ դ20.09 24-25 ¶17-19
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 20
Աստուած. . . Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ պիտի ըլլայ (Դան. 2։28)։
Դանիէլ մարգարէն իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, խոնարհ մնաց եւ միշտ Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռեց։ Օրինակ, երբ Նաբուգոդոնոսորի երազը մեկնեց, ըսաւ թէ տրուած բացատրութիւնը Եհովայի՛ կողմէ էր։ Այսպէս, համեստութեամբ ամէն փառքը Եհովային տուաւ (Դան. 2։26-28)։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Եթէ եղբայրները մեր դասախօսութիւնները կը հաւնին, կամ եթէ ծառայութեան մէջ լաւ փորձառութիւններ կ’ունենանք, պէտք է ամէն փառքը Եհովային տանք։ Պէտք է համեստութեամբ ընդունինք, թէ առանց Եհովայի օգնութեան, այս բաները չէինք կրնար ընել (Փլպ. 4։13)։ Այս կեցուածքը ունենալով, նաեւ հետեւած կ’ըլլանք Յիսուսի ընտիր օրինակին։ Յիսուս Եհովային ապաւինեցաւ (Յովհ. 5։19, 30)։ Ան բնաւ չփորձեց իր երկնաւոր Հօրմէն հեղինակութիւն խլել։ Փիլիպպեցիս 2։6–ը (ՆԱ) մեզի կ’ըսէ, թէ Յիսուս «չմտածեց յափշտակութիւն ընելու մասին, այսինքն՝ Աստուծոյ հաւասար ըլլալու մասին»։ Որպէս ենթարկուող Որդի, իր սահմանափակումներուն գիտակից էր եւ իր Հօր հեղինակութիւնը յարգեց։ դ20.08 11 ¶12-13
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 21
Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք (Ա. Կոր. 9։24)։
Կեանքի տանող ճամբուն մէջ վազողներէն ոմանք ունին անձնական պարագաներ, որոնք ուրիշներու համար անտեսանելի եւ անըմբռնելի են։ Եթէ սահմանափակումներ ունիս եւ կը զգաս որ մարդիկ քեզ սխալ կը հասկնան, կրնաս Մեմփիբոսթէի օրինակով քաջալերուիլ (Բ. Թագ. 4։4)։ Ան անկարող էր եւ Դաւիթ թագաւոր իր մասին սխալ կարծիք կազմեց ու իրեն հետ անարդարութեամբ վարուեցաւ։ Սակայն, ժխտական չդարձաւ, հապա կեանքին մէջ իր ունեցած լաւ բաները արժեւորեց։ Ան երախտապարտ էր՝ անցեալին Դաւիթի ցուցաբերած ազնուութեան համար (Բ. Թագ. 9։6-10)։ Ուստի երբ Դաւիթ զինք սխալ դատեց, Մեմփիբոսթէ լման պատկերը տեսաւ։ Թոյլ չտուաւ որ Դաւիթի սխալը զինք դառնացնէ։ Եւ Դաւիթին ըրածին համար, ան Եհովան չմեղադրեց։ Ան կեդրոնացաւ այն բանին վրայ, որ կրնար ընել Եհովայի նշանակած թագաւորին աջակցելու համար (Բ. Թագ. 16։1-4. 19։24-30)։ Եհովան Մեմփիբոսթէի հոյակապ օրինակը արձանագրել տուաւ իր Խօսքին մէջ մեր օգտին համար (Հռով. 15։4)։ դ20.04 26 ¶3. 30 ¶18-19
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 22
Մենք Աստուծոյ գործակից ենք (Ա. Կոր. 3։9)։
Ժողովքին մէջ ոմանք կը նշանակուին ծառայելու որպէս միսիոնարներ, մասնաւոր ռահվիրաներ կամ կանոնաւոր ռահվիրաներ։ Անոնք քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը իրենց լիաժամ ասպարէզը դարձուցած են։ Թէեւ ընդհանրապէս նիւթական քիչ բաներ ունին, սակայն Եհովան զիրենք առատապէս օրհնած է (Մար. 10։29, 30)։ Մենք զանոնք կ’արժեւորենք ու երախտապարտ ենք, որ ժողովքին մաս կը կազմեն։ Արդեօք միա՞յն նշանակուած եղբայրները եւ լիաժամ ծառաները ժողովքին մէջ տեղ ունին։ Բնաւ երբեք։ Աստուծոյ ու ժողովքին համար, բարի լուրի իւրաքանչիւր հրատարակիչ կարեւոր է (Հռով. 10։15. Ա. Կոր. 3։6-8)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ժողովքին ամէնէն կարեւոր նպատակակէտերէն մէկն է՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աշակերտներ պատրաստել (Մատ. 28։19, 20. Ա. Տիմ. 2։4)։ Բոլոր քարոզիչները,– ըլլա՛ն մկրտուած թէ չմկրտուած,– կը ջանան այս գործունէութեան առաջնահերթութիւն տալ (Մատ. 24։14)։ դ20.08 21 ¶7-8
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 23
Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը (Մատ. 28։20)։
Ինչպէս այս օրուան համարին խօսքը ցոյց կու տայ, Յիսուս մեզի թիկունք պիտի կանգնի, երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք։ Անոր խօսքերը զօրութեան աղբիւր են մեզի համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կան օրեր, երբ դժուար է դիմանալ։ Օրինակ, երբ սիրելի մը մեռնի, պէտք է դիմանանք այդ ցաւին ոչ միայն քանի մը օր, հապա հաւանաբար տարիներով։ Ուրիշներ պէտք է դիմանան այն դժուարութիւններուն, որոնք ծերութեան հետ կու գան։ Իսկ ոմանք կ’ունենան այնպիսի օրեր, երբ ընկճուածութիւնը կը ջախջախէ զիրենք։ Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր պարագան, մեր պայքարը շարունակելու ուժը կը գտնենք, գիտնալով որ Յիսուս մեզի հետ է «ամէն օր», մէջը ըլլալով մեր կեանքի ամէնէն խաւար օրերը (Մատ. 11։28-30)։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան իր հրեշտակներուն միջոցաւ մեզի կ’օգնէ (Եբ. 1։7, 14)։ Օրինակ, հրեշտակները մեզի կ’աջակցին եւ կ’առաջնորդեն, մինչ ‘Արքայութեան աւետարանը’ կը քարոզենք «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն» (Մատ. 24։13, 14. Յայտ. 14։6)։ դ20.11 13-14 ¶6-7
Շաբաթ, դեկտեմբեր 24
Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ (Առ. 20։5)։
Կ’ուզենք որ մեր աշակերտը ըմբռնէ, թէ իր սորվածը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքէն է (Ա. Թես. 2։13)։ Այդ նպատակին ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ։ Աշակերտդ քաջալերէ, որ իր սորվածներուն մասին խօսի։ Փոխանակ աշակերտիդ միշտ համարներ բացատրելու, իրմէ խնդրէ որ անոնցմէ ոմանք ինք քեզի բացատրէ։ Անոր օգնէ տեսնելու, թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս իրեն անձամբ կը կիրարկուի։ Որպէսզի գիտնաս թէ իր կարդացած համարներուն նկատմամբ ի՛նչ կը մտածէ կամ ի՛նչ կը զգայ, փորձէ յարմար հարցումներով զինք մղել, որ իր տեսակէտը արտայայտէ (Ղուկ. 10։25-28)։ Օրինակ, իրեն հարցուր. «Այս համարը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ, որ Եհովայի որոշ մէկ յատկութիւնը տեսնես»։ «Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս աստուածաշնչական այս ճշմարտութիւնը գիտնալով»։ «Ի՞նչ կը զգաս սորվածիդ նկատմամբ»։ Ամենակարեւոր բանը այն չէ, թէ որչափ գիտելիքներ ունի աշակերտը, հապա որչա՛փ կը սիրէ եւ կը գործադրէ իր գիտցածը։ Թոյլ տուր որ Աստուածաշունչը ինք սորվեցնողը ըլլայ։ Պէտք է խոնարհ ըլլաս, որպէսզի ուսուցանելու հմտութիւններդ բարելաւես։ դ20.10 15 ¶5-6
Կիրակի, դեկտեմբեր 25
Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր (Ժող. 11։6)։
Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ճիշդ ժամանակին պիտի աւարտի։ Նկատի առ թէ Նոյի օրերուն ի՛նչ պատահեցաւ։ Եհովան փաստեց որ կատարեալ Ժամանակապահ է։ Ջրհեղեղէն մօտ 120 տարի առաջ, ան որոշեց անոր սկսելուն ժամանակը։ Տասնամեակներ ետք, Եհովան Նոյին ըսաւ որ տապանը շինէ։ Նոյ 40 կամ 50 տարի ծանր աշխատեցաւ։ Հակառակ անոր որ մարդիկ իրեն խուլ ականջ դարձուցին, ան շարունակեց ազդարարական պատգամը քարոզել մինչեւ որ Եհովան ըսաւ, թէ ժամանակը եկաւ որ տապանը մտնէ։ Ետքը, ճիշդ ժամանակին Եհովան «տապանը գոցեց» (Ծն. 6։3. 7։1, 2, 16)։ Մօտ ատենէն, Եհովան Թագաւորութեան քարոզչութեան գործը իր աւարտին պիտի հասցնէ։ Ետքը, ան Սատանայի չար աշխարհը պիտի կործանէ եւ արդար նոր աշխարհը հաստատէ։ Մինչեւ այն ատեն, թող որ ընդօրինակենք Նոյը եւ ուրիշներ, որոնք իրենց ձեռքը չհանգչեցուցին։ Թող որ կեդրոնացած մնանք, համբերող ըլլանք ու Եհովայի եւ իր խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատք պահպանենք։ դ20.09 13 ¶18-19
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 26
Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ (Ա. Կոր. 14։40)։
Եթէ յստակ չըլլար, թէ որո՛ւն հեղինակութիւն տրուած է, Եհովայի ընտանիքը կազմակերպուած եւ ուրախ պիտի չըլլար։ Օրինակ, մէկը պիտի չգիտնար թէ ո՛վ պիտի առնէր վերջնական որոշումները եւ թէ ո՛վ պիտի կատարէր զանոնք։ Եթէ գլխաւորութեան կարգադրութիւնը այդքա՛ն լաւ բան մըն է, ինչո՞ւ շատ կիներ կը տառապին իրենց ամուսիններուն ձեռքով։ Պատճառը այն է, որ բազմաթիւ տղամարդիկ ընտանիքին նկատմամբ Եհովային դրած չափանիշները կ’անտեսեն եւ կը հետեւին տեղական սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն։ Անոնք թերեւս իրենց կիներուն հետ գէշ կերպով կը վարուին, որպէսզի իրենք լաւ զգան։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ ամուսին մը իր կնոջ վրայ տիրապետէ, որպէսզի իր ինքնայարգանքը աւելցնէ կամ ուրիշներուն փաստէ թէ «էրիկմա՛րդ» է։ Թերեւս մտածէ, թէ չի կրնար իր կինը ստիպել որ զինք սիրէ, բայց կրնայ այնպէս մը վարուիլ որ իրմէ վախնայ, եւ վախը գործածել որպէս միջոց անոր վրայ իշխելու։ Այդպիսի մտածելակերպ ու վարք յստակօրէն կիները կը զրկեն այն պատիւէն ու յարգանքէն, որոնց արժանի են, եւ ուղղակիօրէն Եհովայի ուզածին հակառակն են (Եփ. 5։25, 28)։ դ21.02 3 ¶6-7
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 27
Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։7)։
Ճնշումի տակ եղող քրիստոնեաները կրնան հանգստանալ, երբ սրտագին աղօթքով Եհովայի կը դիմեն։ Եհովան աղօթքիդ կրնայ պատասխանել, քեզի տալով «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ Եհովան մեր անհանգստացնող մտածումները կը հանդարտեցնէ իր զօրաւոր սուրբ հոգիին միջոցաւ (Գաղ. 5։22)։ Երբ Եհովային կ’աղօթես, սիրտդ բաց իրեն։ Իրեն ըսէ թէ խնդիրը ի՛նչ է, եւ ատոր նկատմամբ զգացումներդ բացատրէ։ Եթէ կարելի է խնդիրը լուծել, իրմէ իմաստութիւն խնդրէ որ գիտնաս ի՛նչ ընել, եւ զօրութիւն՝ որ զայն ընես։ Իսկ եթէ խնդիրը լուծելու համար ձեռքէդ բան մը չի գար, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ որ մտահոգութեամբ չջախջախուիս։ Երբ մասնայատուկ կերպով կ’աղօթես, ժամանակի ընթացքին աւելի յստակ կը դառնայ Եհովայի պատասխանը։ Եթէ աղօթքիդ պատասխանը անմիջապէս չառնես, մի՛ յանձնուիր։ Եհովան կ’ուզէ որ թէ՛ մասնայատուկ կերպով աղօթես եւ թէ շարունակ աղօթես (Ղուկ. 11։8-10)։ դ21.01 3 ¶6-7
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 28
[Յիսուս] անոնց ըսաւ. «Ամենուն չի յարմարիր ատիկա, հապա անոնց՝ որոնց տրուած է» (Մատ. 19։11)։
Ներկայիս, քրիստոնէական ժողովքին մէջ կան ամուսնացած զոյգեր եւ ընտանիքներ։ Նաեւ կան բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք ամուսնացած չեն։ Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք ամուրիները։ Նկատի առ թէ Յիսուս ամուրիութեան ի՛նչ աչքով նայեցաւ։ Ան իր երկրային ծառայութեան ընթացքին չամուսնացաւ։ Ամուրի մնաց ու իր ժամանակը եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացուց իր նշանակումին վրայ։ Ան բնա՛ւ չսորվեցուց թէ քրիստոնեայէն պահանջուած է ամուսնանալ կամ ամուրի մնալ։ Սակայն, ան ըսաւ որ կարգ մը քրիստոնեաներ պիտի որոշէին չամուսնանալ։ Յիսուս յարգեց չամուսնացածները եւ չսեպեց որ անոնք ստորադաս էին կամ իրենց կեանքին մէջ բան մը պակաս էր։ Յիսուսին պէս, Պօղոս առաքեալ ալ իր ծառայութիւնը կատարեց որպէս ամուրի։ Ան բնա՛ւ չսորվեցուց թէ սխալ է որ քրիստոնեան ամուսնանայ, եւ գիտակից էր որ ասիկա անձնական որոշում է։ դ20.08 28 ¶7-8
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 29
Աստուած սէր է (Ա. Յովհ. 4։16)։
Յովհաննէս առաքեալ ճոխ փորձառութիւններով լեցուն ու երկար կեանք մը ունեցաւ։ Ան տարբեր տեսակի դժուարութիւններ դիմագրաւեց, որոնք կրնային իր հաւատքը տկարացնել։ Բայց ան միշտ իր լաւագոյնը ըրաւ, որ Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդի, որոնցմէ էր՝ իր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել։ Առ ի արդիւնք, Յովհաննէս վստահ էր, որ Եհովան ու Յիսուս զինք կը սիրէին եւ պէտք եղած ուժը պիտի տային, որպէսզի որեւէ դժուարութիւն յաղթահարէր (Յովհ. 14։15-17. 15։10)։ Սատանայի կամ իր աշխարհի ըրած ո՛չ մէկ բանը կրնար պատճառ դառնալ, որ Յովհաննէս սէր չզգար ու չարտայայտէր։ Յովհաննէսին պէս, կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որուն վրայ կ’իշխէ Սատանան, որ ատելութեամբ լեցուած է (Ա. Յովհ. 3։1, 10)։ Թէեւ ան կ’ուզէ, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելէ դադրինք, բայց պիտի չյաջողի, եթէ մենք իրեն թոյլ չտանք։ Թող որ վճռենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել, մեր սէրը խօսքերով արտայայտել եւ զայն գործերով փաստել։ Այն ատեն, ուրախ պիտի ըլլանք, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասն ենք եւ մեր կեանքը իրապէս արժէք պիտի ունենայ (Ա. Յովհ. 4։7)։ դ21.01 13 ¶18-19
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 30
Համբերութեան. . . Աստուածը ոյժ պիտի տայ (Հռով. 15։5)։
Կեանքը այս աշխարհին մէջ, որ Սատանային իշխանութեան տակ է, կրնայ դժուար ըլլալ եւ երբեմն նոյնիսկ չենք գիտնար ի՛նչ ընել (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց պէտք չունինք մտահոգուելու կամ վախնալու։ Երբ խնդիրներու մէջ իյնանք, Եհովան կը խոստանայ որ իր զօրաւոր աջ ձեռքով մեզ պիտի բռնէ (Եսա. 41։10, 13)։ Մենք վստահ ենք որ ան մեզի պիտի օգնէ եւ Աստուածաշունչը մեզի պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ, որ որեւէ խնդիրի տոկանք։ Մեր աստուածաշնչական ֆիլմերը եւ «Անոնց հաւատքը ընդօրինակել» յօդուածաշարքը կ’օգնեն, որ Աստուածաշունչի դէպքերը իրական դառնան մեզի համար։ Այս նիւթերը դիտելէ կամ կարդալէ առաջ, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ մասնայատուկ կէտեր գտնելու, որոնք քեզի օգտակար պիտի ըլլան։ Երեւակայէ որ գլխաւոր անձնաւորութիւնն ես։ Խոկա՛ թէ Եհովայի այս հաւատարիմ ծառաները ի՛նչ ըրին, եւ թէ Եհովան իրենց ինչպէ՛ս օգնեց, որ իրենց դժուարութիւնները յաղթահարեն։ Ետքը, քաղած դասերդ գործադրէ։ Եհովայէն շնորհակալ եղիր այն օգնութեան համար, որ արդէն քեզի կու տայ։ Եւ ցոյց տուր որ ստացած օգնութիւնդ կը գնահատես, առիթներ փնտռելով, որ ուրիշները քաջալերես եւ անոնց թիկունք կանգնիս։ դ21.03 19 ¶22-23
Շաբաթ, դեկտեմբեր 31
Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են (Սաղ. 127։3)։
Եթէ ամուսնացած զոյգ մըն էք եւ կ’ուզէք պզտիկ ունենալ, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Արդեօք մենք այնպիսի խոնարհ ու հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անհատնե՞ր ենք, որոնք Եհովան պիտի ընտրէր հոգ տանելու թանկարժէք նոր կեանքի մը’ (Սաղ. 127։4)։ Եթէ արդէն ծնող ես, դուն քեզի հարցուր. ‘Երեխաներուս կը սորվեցնե՞մ ծանր աշխատելուն արժէքը’ (Ժող. 3։12, 13)։ ‘Լաւագոյնս կ’ընե՞մ, որ զիրենք պաշտպանեմ ֆիզիքական եւ բարոյական վտանգներէն, որոնց կրնան հանդիպիլ’ (Առ. 22։3)։ Չէք կրնար ձեր զաւակները բոլոր վտանգներէն պաշտպանել։ Բայց կրնաք աստիճանաբար եւ սիրալիրօրէն զանոնք պատրաստել կեանքի խնդիրներուն համար, իրենց սորվեցնելով թէ խրատ առնելու համար ինչպէ՛ս կրնան Աստուածաշունչին դիմել (Առ. 2։1-6)։ Օրինակ, եթէ ազգական մը կը մերժէ ճշմարիտ պաշտամունքը, երեխաներուդ օգնէ որ Աստուածաշունչէն տեսնեն, թէ ինչո՛ւ Եհովային հաւատարիմ մնալը այդքան կարեւոր է (Սաղ. 31։23)։ Կամ, եթէ մահը սիրելիի մը կեանքը խլէ, երեխաներուդ ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչին օգնութեամբ կրնան սուգէն ելլել եւ խաղաղութիւն ունենալ (Բ. Կոր. 1։3, 4. Բ. Տիմ. 3։16)։ դ20.10 27 ¶7