Յունուար
Կիրակի, յունուար 1
Անոնք կոյրերու առաջնորդ են (Մատ. 15։14)։
Յիսուս քաջաբար դատապարտեց կեղծաւոր կրօնական առաջնորդներուն սովորութիւնները։ Օրինակ, ան ցոյց տուաւ թէ փարիսեցիները կեղծաւոր էին, քանի որ աւելի հետաքրքրուած էին թէ իրենց ձեռքերը ինչպէ՛ս պիտի լուային, քան՝ թէ իրենց ծնողներուն ինչպէ՛ս հոգ տանէին (Մատ. 15։1-11)։ Յիսուս թոյլ չտուաւ որ կրօնական առաջնորդներուն բարկանալը զինք ետ պահէ ճշմարտութիւնը խօսելէ։ Ան նաեւ ցոյց տուաւ, թէ կարգ մը կրօնական ուսուցումներ սխալ էին։ Ան չըսաւ որ բոլոր կրօնական հաւատալիքները Աստուծոյ ընդունելի են։ Ընդհակառակը, ըսաւ որ շատեր պիտի քալէին այն լայն ճամբայով, որ դէպի կորուստ կը տանի, մինչդեռ քիչեր պիտի քալէին նեղ ճամբայով, որ դէպի կեանք կը տանի (Մատ. 7։13, 14)։ Ան յստակացուց, որ կարգ մը մարդիկ պիտի ըսէին թէ Աստուծոյ կը ծառայէին, բայց իրականութեան մէջ չէին ծառայեր։ Ան զգուշացուց. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք» (Մատ. 7։15-20)։ դ21.05 9 ¶7-8
Երկուշաբթի, յունուար 2
Երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ (Ա. Թագ. 1։18)։
Աննան ամուսնացած էր Եղկանա անունով ղեւտացիի մը հետ, որ զինք շա՜տ կը սիրէր։ Բայց Եղկանան ուրիշ կին մըն ալ ունէր՝ Փենանան։ Ան Փենանայէն աւելի կը սիրէր Աննան. սակայն, «Փենանա զաւակներ ունէր, բայց Աննա զաւակ չունէր»։ Անոր համար Փենանան Աննան վիրաւորեց՝ «զանիկա կսկծեցնելու համար»։ Աննան շա՜տ նեղացաւ։ «Կու լար եւ չէր ուտեր»։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ տեղ մը չէ գրուած, որ ան փորձեց վրէժ առնել։ Փոխարէնը, իր սիրտը բացաւ Եհովային եւ անոր ապաւինեցաւ որ հարցերը շտկէ (Ա. Թագ. 1։2, 6, 7, 10)։ Ի՞նչ կը սորվինք Աննայի օրինակէն։ Եթէ մէկը ջանք կ’ընէ որ քեզմէ աւելի լաւ երեւնայ, պէտք չունիս փաստելու որ դուն իրմէ աւելի լաւ ես։ Փոխանակ չարին չարով փոխադարձելու, փորձէ անհատին հետ խաղաղութիւն ընել (Հռով. 12։17-21)։ Նոյնիսկ եթէ չընդառաջէ, դուն քու ներքին խաղաղութիւնդ պահպանած կ’ըլլաս։ դ21.07 17 ¶13-14
Երեքշաբթի, յունուար 3
Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ (Ղուկ. 12։15)։
Ագահութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Յուդա Իսկարիովտացին անամօթ դաւաճան ըլլայ (Ղուկ. 6։13, 16)։ Բայց սկիզբը գէշ անձ մը չէր։ Այնպէս կ’երեւի թէ ան կարող եւ վստահելի մէկն էր, քանի որ գանձանակին պատասխանատուն էր։ Բայց ժամանակ մը ետք, Յուդան սկսաւ գողնալ, հակառակ անոր որ Յիսուս կրկին անգամ զգուշացուցած էր ագահութենէն եւ ինք լսած էր (Մար. 7։22, 23. Ղուկ. 11։39)։ Յուդայի ագահութիւնը յայտնի եղաւ Յիսուսի մեռնելէն քանի մը օր առաջ պատահած դէպքի մը ընթացքին։ Յիսուս եւ իր աշակերտները, մէջը ըլլալով՝ Մարիամ եւ իր քոյրը՝ Մարթան, հրաւիրուած էին բորոտ Սիմոնին տունը։ Ընթրիքին ընթացքին, Մարիամ սուղ անուշահոտ իւղ առնելով սկսաւ զայն Յիսուսին գլխուն վրայ թափել։ Յուդան եւ միւս աշակերտները շատ նեղացան։ Աշակերտները թերեւս խորհեցան, թէ այդ դրամը կրնար աւելի լաւ կերպով գործածուիլ ծառայութեան մէջ։ Բայց Յուդան տարբեր շարժառիթ ունէր։ Ան «գող էր» եւ կ’ուզէր գանձանակէն դրամ գողնալ (Յովհ. 12։2-6. Մատ. 26։6-16. Ղուկ. 22։3-6)։ դ21.06 18 ¶12-13
Չորեքշաբթի, յունուար 4
Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս (Հռով. 7։24)։
Երբեմն կը զգա՞ս որ այնքա՛ն շատ պատասխանատուութիւններ ունիս, որ չես կրնար բոլորին պէտք եղածին պէս հոգ տանիլ։ Եթէ այո, Պօղոս առաքեալի վիճակը պիտի հասկնաս։ Ան հոգ կ’ընէր ոչ միայն մէկ ժողովքի համար, հապա բոլոր ժողովքներուն համար (Բ. Կոր. 11։23-28)։ Երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունի՞ս, որ ուրախութիւնդ կը տանի։ Պօղոս ունէր «մարմնի խայթոց մը», որ թերեւս առողջապահական խնդիր մըն էր, եւ կ’ուզէր ամէն գնով անկէ ձերբազատուիլ (Բ. Կոր. 12։7-10)։ Անկատարութիւններուդ պատճառաւ ընկճուա՞ծ ես։ Պօղոս ալ երբեմն ընկճուեցաւ։ Ան ինքզինք «խղճալի մարդ» կոչեց, քանի որ անդադար կը պայքարէր իր անկատարութիւններուն դէմ (Հռով. 7։21-24)։ Զանազան փորձութիւններ եւ նեղացուցիչ պարագաներ դիմագրաւելով հանդերձ, Պօղոս շարունակեց Եհովային ծառայել։ Ի՞նչ բան զինք զօրացուց։ Ան իր անկատարութիւնները շատ լաւ գիտէր, բայց եւ այնպէս՝ փրկանքին հանդէպ անխախտ հաւատք ունէր։ դ21.04 21-22 ¶7-8
Հինգշաբթի, յունուար 5
Որդին մարդոյ եկաւ. . . իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու (Մար. 10։45)։
Երբ կատարեալ Ադամ մեղք գործեց, յաւիտեան ապրելու առիթը կորսնցուց թէ՛ իրեն համար եւ թէ իր սերունդին համար։ Բա՛ն մը չ’արդարացներ անոր ըրածը։ Ան դիտմամբ մեղք գործեց։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել իր սերունդին մասին։ Անոնք դեռ ծնած չէին երբ Ադամ մեղանչեց (Հռով. 5։12, 14)։ Արդեօք Եհովան կրնա՞ր բան մը ընել, որ զիրենք ազատէր մահուան դատապարտութենէն, որուն Ադամ արժանացաւ։ Այո՛։ Եհովան աստիճանաբար յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս Ադամի սերունդէն եղող միլիոնաւորներ պիտի փրկէր մեղքին եւ մահուան անէծքէն (Ծն. 3։15)։ Փրկանքին շնորհիւ, Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն կրնանք ունենալ, թէեւ անկատար ենք։ Փրկանքին շնորհիւ, Սատանային գործերը ամբողջովին պիտի քանդուին (Ա. Յովհ. 3։8)։ Եւ փրկանքին շնորհիւ, երկրի նկատմամբ Եհովայի բուն նպատակը պիտի իրագործուի։ Ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։ դ21.04 14 ¶1. 19 ¶17
Ուրբաթ, յունուար 6
Ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի (Գործք 2։38)։
Տղամարդոց եւ կիներու մեծ խումբ մը հաւաքուած էր, որոնք շատ մը երկիրներէ եկած էին եւ տարբեր լեզուներ կը խօսէին։ Այդ օրը զարմանալի բան մը պատահեցաւ։ Յանկարծ, խումբ մը հրեաներ սկսան այդ այցելուներուն մայրենի լեզուները խօսիլ։ Ասիկա այցելուները շա՜տ զարմացուց, բայց այն ի՛նչ որ հրեաները իրենց ըսին եւ ի՛նչ որ Պետրոս առաքեալ բոլորին ըսաւ, ա՛լ աւելի աչքառու էր։ Այդ մեծ խումբը գիտցաւ որ կրնային փրկուիլ, եթէ Քրիստոսին հանդէպ հաւատք ցոյց տային։ Ատիկա իրենց այնքա՜ն ազդեց, որ հարցուցին. «Ի՞նչ ընենք»։ Պետրոս ըսաւ. «Ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի» (Գործք 2։37, 38)։ Ետքը, հիանալի բան մը եղաւ։ Այդ օրը, շուրջ 3000 անհատներ մկրտուեցան եւ Քրիստոսի աշակերտները դարձան։ Այսպէս, սկսաւ աշակերտելու մեծ գործը, որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրած էր, որ ընեն։ Եւ ներկայիս, իր հետեւորդները տակաւին այդ գործը կ’ընեն։ դ21.06 2 ¶1-2
Շաբաթ, յունուար 7
Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց (Ա. Կոր. 3։6, 7)։
Թերեւս կ’ապրինք թաղամասի մը մէջ, ուր դժուար է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Կարգ մը մարդիկ մեր տուած պատգամին հանդէպ անտարբեր են կամ նոյնիսկ անոր կը հակառակին։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ այս տեսակ թաղամասի մը մէջ դրական մնանք։ Յիշէ՛ որ այս փոթորկոտ աշխարհին մէջ, մարդոց պարագաները կրնան արագօրէն փոխուիլ, եւ անոնք՝ որոնք ատեն մը չէին հետաքրքրուած, կրնան իրենց հոգեւոր պէտքին գիտակից դառնալ (Մատ. 5։3)։ Ոմանք, որոնք միշտ կը մերժէին մեր հրատարակութիւնները առնել, ընդունեցին Աստուածաշունչը սերտել։ Նաեւ գիտենք, որ Եհովան հունձքին Տէրն է (Մատ. 9։38)։ Ան կ’ուզէ որ շարունակ ցանենք ու ջրենք, բայց աճումին պատասխանատուն Ինքն է։ Եւ որքա՛ն քաջալերական է յիշելը, թէ նոյնիսկ եթէ ներկայիս չենք կրնար դաս մը վարել, Եհովան մեզ կը վարձատրէ մեր ջանքերուն համար, եւ ոչ թէ արդիւնքներուն համար։ դ21.07 6 ¶14
Կիրակի, յունուար 8
Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են (Սաղ. 127։3)։
Եհովան մարդոց տուած է կարողութիւն, որ զաւակներ ունենան, եւ պատասխանատուութիւն՝ որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն զինք սիրել ու իրեն ծառայել։ Թէեւ հրեշտակները Եհովայի կողմէ մեծապէս օրհնուած են, բայց այս առանձնաշնորհումը չունին։ Ուստի, ծնողները պէտք է երախտապարտ ըլլան իրենց զաւակները մեծցնելու առանձնաշնորհումին համար։ Անոնց տրուած է կարեւոր պատասխանատուութիւն մը. իրենց զաւակները մեծցնել «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4. Բ. Օր. 6։5-7)։ Ծնողներուն օգնելու համար, Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կը հայթայթէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գործիքներ, օրինակ՝ հրատարակութիւններ, վիտէօներ, երաժշտութիւն եւ առցանց նիւթեր։ Յստակ է որ թէ՛ Եհովան եւ թէ իր Որդին երեխաները կը սիրեն (Ղուկ. 18։15-17)։ Երբ ծնողները Եհովային կ’ապաւինին եւ իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որ իրենց երեխաներուն հոգ տանին, Եհովան կ’ուրախանայ։ Եւ այսպիսի ծնողներ իրենց զաւակներուն առիթ կու տան, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը ըլլան յաւիտեա՛ն։ դ21.08 5 ¶9
Երկուշաբթի, յունուար 9
Հաւատքը. . . չերեւցած բաներուն ապացոյցն է (Եբ. 11։1)։
Կարգ մը մարդիկ կը խորհին, թէ հաւատք ունենալ կը նշանակէ՝ բանի մը հաւատալ, առանց փաստեր ունենալու։ Բայց Աստուածաշունչին համաձայն, ատիկա իսկական հաւատք չէ։ Անտեսանելի իրողութիւններուն,– օրինակ՝ Եհովայի, Յիսուսի եւ երկնային Թագաւորութեան,– հանդէպ հաւատքը հիմնուած է համոզիչ ապացոյցներու վրայ (Եբ. 11։3)։ Գիտնական մը, որ Վկայ եղաւ, այսպէս կ’ըսէ. «Եհովայի վկաներուն հաւատքը կոյր հաւատք չէ։ Անոնք չեն անտեսեր գիտական իրողութիւնները»։ Թերեւս հարց տանք. ‘Եթէ համոզիչ ապացոյց կայ, որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի, ինչո՞ւ այդքան շատ մարդիկ չեն հաւատար որ Աստուած կեանքի ծագումին մէջ դեր ունեցած է’։ Ոմանք պարզապէս բնաւ այդ ապացոյցը չեն քննած։ Ռապըրթ, որ հիմա Եհովայի վկայ մըն է, կ’ըսէ. «Որովհետեւ դպրոցին մէջ ստեղծագործութեան մասին բնաւ չէին խօսեր, կը խորհէի թէ ատիկա իրական չէ։ Միայն 22 տարեկանիս էր, որ գիտցայ այն տրամաբանական ու համոզիչ պատճառաբանութիւններուն մասին, որ Սուրբ Գիրքը կու տայ ստեղծագործութեան նկատմամբ»։ դ21.08 15 ¶4-5
Երեքշաբթի, յունուար 10
Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է (Սաղ. 34։8)։
Եհովայի բարութեան մասին կը սորվինք՝ Աստուածաշունչը կարդալով եւ ուրիշներէն լսելով, թէ Եհովան զիրենք ինչպէ՛ս օրհնած է։ Բայց իրապէս պիտի ըմբռնենք թէ Եհովան որչա՜փ բարի է, եթէ անձամբ իր բարութիւնը ‘ճաշակենք’։ Օրինակով մը բացատրենք. սեպենք թէ լիաժամ ծառայութեան մէկ տեսակին կ’ուզենք մասնակցիլ, բայց ատիկա ընելու համար, մեր կեանքը պէտք է պարզացնենք։ Գիտենք Յիսուսին այն խոստումը, որ եթէ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք՝ Եհովան մեզի պէտք եղած բաները պիտի տայ, բայց անձամբ բնա՛ւ չենք շօշափած այդ խոստումին կատարումը (Մատ. 6։33)։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի խոստումին հաւատալով, մեր ծախսերը կը պակսեցնենք, գործին ժամերը կը նուազեցնենք եւ կը կեդրոնանանք մեր ծառայութեան վրայ։ Այդպէս ընելով, փորձառաբար կը գիտնանք որ Եհովան իրապէս մեր պէտքերը կը հոգայ. անձամբ ‘ճաշակած’ կ’ըլլանք անոր բարութիւնը։ դ21.08 26 ¶2
Չորեքշաբթի, յունուար 11
Ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն (Բ. Տիմ. 4։3)։
Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Շատ մը կրօնական առաջնորդներ իրենց հօտին մէջ կ’ընդունին կարեւոր, հարուստ եւ իմաստուն նկատուած մարդիկ, թէեւ շատ անգամ անոնց բարոյականութիւնը եւ ապրելակերպը Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն չեն։ Եւ այդ նոյն կրօնական առաջնորդները ցած աչքով կը նային Եհովայի նախանձախնդիր եւ բարոյապէս մաքուր ծառաներուն, քանի որ կարեւոր չեն նկատուիր այս աշխարհի չափանիշներուն համաձայն։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ, Աստուած ընտրեց «անարգները» (Ա. Կոր. 1։26-29)։ Սակայն Եհովան իր բոլոր հաւատարիմ ծառաները արժէքաւոր կը նկատէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք չմոլորիլ աշխարհի մտածելակերպով (Մատ. 11։25, 26)։ Մի՛ ազդուիր Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ աշխարհի տեսակէտէն։ Գիտցի՛ր որ Եհովան միայն խոնարհ մարդիկը կ’ընտրէ, որ իր կամքը ընեն (Սաղ. 138։6)։ Եւ մտածէ թէ ան որքա՜ն շատ բաներ ըրած է, գործածելով անոնք որոնք աշխարհը իմաստուն կամ խելացի չի սեպեր։ դ21.05 8 ¶1. 9 ¶5-6
Հինգշաբթի, յունուար 12
Ինծի պէտք եղածը. . . ղրկեցիք (Փլպ. 4։16)։
Պօղոս առաքեալ շնորհակալ էր իրեն տրուած օգնութեան համար։ Ան հպարտ չգտնուելով՝ իր հաւատակիցներուն օգնութիւնը ընդունեց (Փլպ. 2։19-22)։ Ո՛վ տարեցներ, շատ մը կերպերով կրնաք ցոյց տալ, որ երիտասարդներուն համար շնորհակալ էք։ Եթէ անոնք կ’ուզեն ձեզի օգնել տեղէ տեղ երթալու, գնումներ ընելու կամ ուրիշ կարեւոր պէտքեր հոգալու մէջ, ուրախութեամբ անոնց օգնութիւնը ընդունեցէք։ Յիշեցէք որ ատիկա կերպ մըն է, որով Եհովան իր սէրը ցոյց կու տայ ձեզի։ Թերեւս զարմանաք տեսնելով թէ մտերիմ բարեկամութիւններ ունեցաք ձեզի օգնողներուն հետ։ Միշտ հետաքրքրուեցէ՛ք ձեր երիտասարդ բարեկամներուն հոգեւոր աճումով։ Եւ անոնց ըսէք, որ շատ կ’ուրախանաք տեսնելով երիտասարդներ, որոնք կ’ուզեն ժողովքին մէջ աւելի օգտակար ըլլալ։ Նաեւ պատրաստ եղէք ժամանակ տալու, որ ձեր կեանքի փորձառութիւնը պատմէք իրենց։ Այդպէս ընելով ցոյց պիտի տաք, որ Եհովայէն շնորհակալ էք, որ այդ երիտասարդները դէպի իր ժողովքը քաշած է (Կող. 3։15. Յովհ. 6։44. Ա. Թես. 5։18)։ դ21.09 12 ¶12-13
Ուրբաթ, յունուար 13
[Աստուծոյ ողորմութեամբ] Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ (Ղուկ. 1։78)։
Եհովան մեր եղբայրները եւ քոյրերը կը սիրէ, բայց մեզի համար միշտ դիւրին չէ սէր զգալ ու արտայայտել մեր հոգեւոր ընտանիքին անդամներուն հանդէպ։ Ի վերջոյ, տարբեր–տարբեր մշակոյթներէ եւ ենթահողերէ կու գանք։ Եւ բոլորս սխալներ կ’ընենք, որոնք կրնան ուրիշները նեղացնել եւ յուսախաբ ընել։ Բայց եւ այնպէս, բոլորս կրնանք ջանք ընել, որ մեր միջեւ սէրը զօրացնենք։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս սէր ցոյց կու տայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ եւ կրնանք զինք ընդօրինակել (Եփ. 5։1, 2. Ա. Յովհ. 4։19)։ Կարեկից անհատը կերպեր կը փնտռէ, որ մարդոց օգնէ եւ մխիթարէ։ Յիսուս մարդոց հետ իր վարուած կերպով արտայայտեց այն կարեկցութիւնը, որ Եհովան ունի մարդոց հանդէպ (Յովհ. 5։19)։ Անգամ մը, ամբոխ մը տեսնելով՝ Յիսուս «անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Յիսուս պարզապէս սէր զգալէն աւելին ըրաւ. ան բան մը ըրաւ, որ անոնց օգնէ։ Ան հիւանդները բժշկեց եւ «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ը թարմացուց (Մատ. 11։28-30. 14։14)։ դ21.09 22 ¶10-11
Շաբաթ, յունուար 14
[Աստուած] ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր ու չէր կորսնցներ զանոնք (Սաղ. 78։38)։
Եհովան կը սիրէ ողորմիլ։ Պօղոս առաքեալ ներշնչուելով գրեց, որ Աստուած հարուստ է ողորմութեամբ։ Իր գրած նամակին մէջ, Պօղոս կը բացատրէր թէ Աստուած կ’ողորմի, քանի որ երկնային կեանք ունենալու յոյսը կու տայ իր անկատար օծեալ ծառաներուն (Եփ. 2։4-7)։ Բայց Անոր ողորմութիւնը ատկէ աւելին կը նշանակէ։ Սաղմոս գրող Դաւիթը ըսաւ. «Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են» (Սաղ. 145։9)։ Որովհետեւ Եհովան մարդիկը կը սիրէ, կ’ողորմի ամէն անգամ որ ատիկա ընելու պատճառ մը կը գտնէ։ Յիսուս ոեւէ անձէ աւելի լաւ գիտէ, թէ Եհովան շատ կը սիրէ ողորմիլ։ Եհովան եւ Յիսուսը երկինքի մէջ իրարու հետ էին մարդկութեան պատմութեան հազարաւոր տարիներու ընթացքին (Առ. 8։30, 31)։ Յիսուս շատ անգամ տեսաւ, թէ իր Հայրը ինչպէ՛ս մեղաւոր մարդոց ողորմեցաւ (Սաղ. 78։37-42)։ Երբ Յիսուս կը սորվեցնէր, յաճախ կը շեշտէր իր Հօր այս գեղեցիկ յատկութիւնը։ դ21.10 8-9 ¶4-5
Կիրակի, յունուար 15
Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ (Յովհ. 12։28)։
Եհովան անձամբ պատասխանեց այդ աղօթքին՝ երկինքէն լսուող բարձր ձայնով մը, խոստանալով որ իր անունը պիտի փառաւորէր։ Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին իր Հօր անունը փառաւորեց (Յովհ. 17։26)։ Ուստի, տրամաբանական է ճշմարիտ քրիստոնեաներէն ակնկալել, որ հպարտ զգան Աստուծոյ անունը գործածելով եւ զայն ճանչցնելով ուրիշներուն։ Ք.Ե. առաջին դարուն, քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէն կարճ ժամանակ ետք, Եհովան «այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար» (Գործք 15։14)։ Այս քրիստոնեաները հպարտ էին Աստուծոյ անունը գործածելով եւ զայն ուրիշներուն ճանչցնելով։ Անոնք այդ անունը գործածեցին իրենց ծառայութեան մէջ եւ Աստուածաշունչի այն մասերուն մէջ, որոնք իրենք գրեցին։ Անոնք փաստեցին, որ Աստուծոյ անուանը համար ժողովուրդ են (Գործք 2։14, 21)։ Նմանապէս այսօր, Եհովայի վկաները Եհովայի անուան համար ժողովուրդ են։ դ21.10 20 ¶8-10
Երկուշաբթի, յունուար 16
Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ (Սաղ. 107։43)։
Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը յաւիտեան կը մնայ։ Այս կարեւոր գաղափարը Սաղմոս 136–ին մէջ 26 անգամ յիշուած է։ Առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. վասն զի անոր ողորմութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] յաւիտեան է» (Սաղ. 136։1)։ 2–էն 26–րդ համարներուն մէջ կը գտնենք «անոր հաւատարիմ սէրը յաւիտեան է» կրկներգը։ Մինչ կը կարդանք այս սաղմոսը, կը տպաւորուինք այն շատ մը կերպերով, որոնցմով Եհովան շարունակ իր հաւատարիմ սէրը ցոյց կու տայ։ Այս կրկներգը մեզ կը վստահեցնէ, որ Աստուծոյ սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ չի փոխուիր։ Շա՜տ քաջալերական է գիտնալ, որ Եհովան իր ծառաներէն շուտով իր ձեռքերը չի լուար։ Ընդհակառակը, երբ ան կը սկսի սիրել մէկը, որ իրեն կը ծառայէ, զինք չի ձգեր, մանաւանդ երբ ան նեղութեան մէջ է։ Գիտնալը, որ Եհովան մեր կողքին կը մնայ, մեզի կու տայ այն ուրախութիւնն ու ուժը, որոնց պէտք ունինք, որպէսզի մեր նեղութիւններուն հետ գլուխ ելլենք եւ շարունակենք կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալել (Սաղ. 31։7)։ դ21.11 4-5 ¶9-10
Երեքշաբթի, յունուար 17
Սրտերնիդ չխռովի. . . հաւատացէք (Յովհ. 14։1)։
Երբեմն կը մտահոգուի՞ս այն բաներուն նկատմամբ, որոնք մօտ օրէն պիտի պատահին, օրինակ՝ սուտ կրօնքի կործանումը, Մագոգի Գոգին յարձակումը եւ Արմագեդոն պատերազմը։ Արդեօք դուն քեզի կը հարցնե՞ս. ‘Պիտի կարենա՞մ հաւատարիմ մնալ, երբ այս վախազդու դէպքերը տեղի ունենան’։ Այս օրուան համարին խօսքը կրնայ քեզի օգնել։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սրտերնիդ չխռովի. . . հաւատացէք»։ Այո, զօրաւոր հաւատքը մեզի պիտի օգնէ որ տոկանք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ապագային։ Կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել, որպէսզի ապագայ փորձութիւններուն տոկանք, նկատի առնելով թէ այսօր ի՛նչ կ’ընենք, երբ հանդիպինք բաներու, որոնք մեր հաւատքը կը փորձեն։ Այսպէս ընելով, կրնանք տեսնել թէ ի՛նչ բանի մէջ մեր հաւատքը տկար է։ Ամէն անգամ որ փորձութեան մը տոկանք, մեր հաւատքը աւելի կը զօրանայ, ինչ որ կ’օգնէ ապագայ փորձութիւններու տոկալու։ դ21.11 20 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յունուար 18
Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ (Բ. Կոր. 12։10)։
Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը քաջալերեց, որ քարոզչութեան մէջ իր լաւագոյնը ընէ (Բ. Տիմ. 4։5)։ Մենք ալ Պօղոսի խրատին կը հետեւինք։ Բայց երբեմն դժուար կ’ըլլայ։ Օրինակ, մտածէ այն եղբայրներուն մասին, որոնք կ’ապրին երկիրներու մէջ, ուր մեր գործը սահմանափակուած է կամ նոյնիսկ արգիլուած է։ Եհովայի ծառաները շատ մը խնդիրներու կը հանդիպին, որոնք կրնան զիրենք ընկճել։ Օրինակ, շատեր պէտք է երկար ժամեր աշխատին, միայն ընտանիքին հիմնական պէտքերը ապահովելու համար։ Անոնք կ’ուզեն ծառայութեան մէջ աւելին ընել, բայց շաբթուան վերջաւորութեան շատ քիչ ոյժ կ’ունենան։ Ուրիշներ շատ քիչ բան կրնան ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, քանի որ երկարատեւ հիւանդութիւն ունին կամ տարեց են, եւ նոյնիսկ թերեւս տունէն դուրս չեն կրնար ելլել։ Իսկ ուրիշներ շարունակ կը չարչարուին անարժէքութեան զգացումներու պատճառով։ Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, Եհովան կրնայ մեզ զօրացնել որ մեր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք եւ կարելի եղած չափով իրեն ծառայենք։ դ21.05 20 ¶1-3
Հինգշաբթի, յունուար 19
Ձեր Աստուծոյն անունը մի՛ պղծէք (Ղեւ. 19։12)։
Ատեններ ոմանք թերեւս մեզ ճնշեն, որ մասնակցինք այնպիսի գործունէութիւններու, որոնք մեր պաշտամունքին համաձայն չեն։ Այդ պարագային, կարեւոր որոշում մը պէտք է առնենք։ Նկատի առ սկզբունք մը, որ յիշուած է Ղեւտացւոց 19։19–ին մէջ. «Երկու նիւթէ գործուած այլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր»։ Այդ օրէնքը օգնեց, որ իսրայէլ ազգը շրջակայ ազգերէն տարբեր երեւնայ։ Ներկայիս, սխալ չէ որ մենք հագնինք այնպիսի հագուստ մը, որ երկու նիւթէ գործուած է, ինչպէս՝ բուրդ եւ արուեստական մետաքս։ Բայց կը մերժենք ըլլալ անոնց պէս, որոնց հաւատալիքները եւ սովորութիւնները Աստուածաշունչին հակառակ են։ Անշուշտ, կը սիրենք մեր ազգականները եւ մեր ընկերը։ Սակայն կեանքի կարեւոր մարզերուն մէջ, պատրաստ ենք ուրիշներէն տարբեր ըլլալու որպէս Եհովայի ծառաներ։ Ատիկա շա՜տ կարեւոր է, քանի որ եթէ կ’ուզենք սուրբ ըլլալ, պէտք է Աստուծոյ համար զատուած ըլլանք (Բ. Կոր. 6։14-16. Ա. Պետ. 4։3, 4)։ դ21.12 5 ¶14. 6 ¶16
Ուրբաթ, յունուար 20
Նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի (Մատ. 7։14)։
Կեանքի տանող ճամբան կարելի է գտնել։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8։31, 32)։ Գովելի է որ դուն մեծամասնութեան հակառակը, փնտռեցիր ճշմարտութիւնը։ Սկսար Աստուծոյ Խօսքը խորապէս սերտել, գիտնալու համար թէ Ան մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, եւ Յիսուսի ուսուցումներուն ականջ տուիր։ Սորվածներէդ մէկն էր՝ որ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ մերժել սուտ կրօնքի ուսուցումները եւ չտօնել որեւէ տօն, որ հեթանոսական ծագում ունի։ Նաեւ գիտցար, որ Եհովան հաճեցնելու համար կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը կրնայ դիւրին չըլլալ (Մատ. 10։34-36)։ Բայց ջանք ըրիր որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընես եւ չյանձնուեցար, քանի որ երկնաւոր Հայրդ կը սիրես։ Ան քեզմով որքա՜ն ուրախ ըլլալու է (Առ. 27։11)։ դ21.12 22 ¶3. 23 ¶5
Շաբաթ, յունուար 21
Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ, ու իմ խօսքերս ընդունէ (Առ. 4։10)։
Մովսէս լաւ օրինակ եղաւ, լուրջ սխալ մը գործելէ ետք սրբագրումը ընդունելով։ Առիթով մը ան բարկացաւ եւ Եհովան չպատուեց, անոր համար Աւետեաց երկիրը մտնելու առանձնաշնորհումը կորսնցուց (Թւ. 20։1-13)։ Երբ Մովսէս Եհովայէն խնդրեց, որ այդ որոշումը ետ աչքէ անցընէ, Եհովան իրեն ըսաւ. «Անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես» (Բ. Օր. 3։23-27)։ Մովսէս չդառնացաւ, հապա Եհովայի որոշումը ընդունեց եւ Եհովան շարունակեց զինք գործածել որպէս իսրայէլի առաջնորդ (Բ. Օր. 4։1)։ Մովսէս խրատ ընդունելու մէջ լաւ օրինակ է մեզի համար։ Ան փաստեց, թէ Եհովայի խրատը ընդունած էր՝ հաւատարիմ մնալով նոյնիսկ երբ իրեն համար թանկագին եղող առանձնաշնորհումը կորսնցուց։ Մենք կ’օգտուինք ընդօրինակելով Մովսէսին պէս հաւատարիմ մարդոց օրինակը (Առ. 4։10-13)։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր այդպէս ըրած են։ դ22.02 11 ¶9-10
Կիրակի, յունուար 22
Յիսուս լացաւ (Յովհ. 11։35)։
Ք.Ե. 32–ի ձմրան, Յիսուսի մտերիմ բարեկամ Ղազարոսը հիւանդացաւ ու մեռաւ (Յովհ. 11։3, 14)։ Ան երկու քոյրեր ունէր՝ Մարիամն ու Մարթան, եւ Յիսուս այս ընտանիքը շատ կը սիրէր։ Երբ Մարթան լսեց որ Յիսուս կու գայ, վազեց որ զինք դիմաւորէ։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ զգացումներով ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ» (Յովհ. 11։21, 32, 33)։ Յիսուս վստահաբար ազդուեցաւ, երբ տեսաւ Մարիամի ու Մարթայի տակնուվրայ վիճակը։ Եթէ սիրելի մը մահով կորսնցուցած ես, Եհովան զգացումներդ կը հասկնայ։ Յիսուս իր Հօր «բուն պատկեր»ն է (Եբ. 1։3)։ Եւ երբ լացաւ, ցոյց տուաւ իր Հօր զգացումները (Յովհ. 14։9)։ Այո, կրնա՛ս վստահ ըլլալ, որ Եհովան թէ՛ կը նկատէ խոր վիշտդ եւ թէ կը ցաւի քեզի համար։ Ան կ’ուզէ կոտրած սիրտդ բուժել (Սաղ. 34։18. 147։3)։ դ22.01 15-16 ¶5-7
Երկուշաբթի, յունուար 23
Հաւա՛տքը լսելէն է (Հռով. 10։17)։
Եթէ ժամանակ տրամադրես որ Եհովային խօսիս, իրեն մտիկ ընես եւ իր մասին մտածես, շա՜տ պիտի օգտուիս։ Նա՛խ, աւելի լաւ որոշումներ պիտի առնես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ» (Առ. 13։20)։ Երկրորդ, աւելի լաւ ուսուցիչ պիտի ըլլաս։ Երբ Աստուածաշունչի դաս մը ունինք, մեր ամենակարեւոր նպատակակէտերէն մէկն է՝ աշակերտին օգնել որ Եհովային մօտենայ։ Որքա՛ն աւելի աղօթենք մեր երկնաւոր Հօր եւ իրմէ սորվինք, այնքա՛ն աւելի զինք պիտի սիրենք եւ կարող պիտի ըլլանք մեր աշակերտին սորվեցնել որ զինք սիրէ։ Նկատի առ Յիսուսի օրինակը։ Ան իր Հայրը նկարագրեց այնպիսի՛ ջերմ ու սիրալիր խօսքերով, որ իր հաւատարիմ հետեւորդները մղուեցան Եհովան սիրելու (Յովհ. 17։25, 26)։ Երրորդ, հաւատքդ պիտի զօրանայ։ Նկատէ թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ Աստուծմէ կը խնդրես, որ քեզ առաջնորդէ, մխիթարէ կամ թիկունք կանգնի։ Ամէն անգամ որ Եհովան աղօթքներուդ կը պատասխանէ, իրեն հանդէպ հաւատքդ կը զօրանայ (Ա. Յովհ. 5։15)։ դ22.01 30 ¶15-17
Երեքշաբթի, յունուար 24
Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք (Կող. 3։9)։
Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ սխալ մտածումներէ եւ գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուինք, քանի որ կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք (Եսա. 48։17, 18)։ Ան գիտէ թէ անոնք որոնք սխալ ցանկութիւններու տեղի կու տան, թէ՛ իրենք իրենց կը վնասեն, թէ ալ իրենց շուրջիններուն։ Ան կը ցաւի ասիկա տեսնելով։ Մեր ընտանիքէն եւ բարեկամներէն ոմանք թերեւս սկիզբը մեզ ծաղրեն, քանի որ կը փորձենք մեր անձնաւորութեան մէջ փոփոխութիւններ ընել (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Անոնք թերեւս ըսեն, որ իրաւունք ունինք մեր ուզածը ընելու եւ թէ պէտք չէ թոյլ տանք, որ մէկը մեզի ըսէ թէ ի՛նչ ընենք։ Բայց անոնք որոնք Եհովայի չափանիշները կը մերժեն, իրապէս անկախ չեն, հապա թոյլ կու տան Սատանայի աշխարհին, որ զիրենք կաղապարէ (Հռով. 12։1, 2)։ Բոլորս ընտրութիւն մը պէտք է ընենք. կա՛մ հին անձնաւորութիւնը պահենք, որ մեղքին եւ Սատանայի աշխարհին միջոցաւ կաղապարուած է, կամ ալ Եհովային թոյլ տանք, որ մեզ դարձնէ լաւագոյն անձը, որ կրնանք ըլլալ ներկայիս (Եսա. 64։8)։ դ22.03 3 ¶6-7
Չորեքշաբթի, յունուար 25
Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ. . . կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները (Եբ. 4։12)։
Մեր պարագաները Եհովայի աչքով պիտի կարենանք դիտել, եթէ իր Խօսքին վրայ խոկանք։ Տես թէ սգացող այրի մը ինչպէ՛ս օգտուեցաւ Սուրբ Գիրքէն։ Երէց մը իրեն առաջարկեց, որ փորձէ օգտակար դասեր սորվիլ Յոբ գիրքէն։ Երբ ան սկսաւ Յոբ գիրքը կարդալ, շուտով Յոբը քննադատեց իր սխալ մտածելակերպին համար։ Ան իր երեւակայութեան մէջ զինք յանդիմանեց. «Յո՛բ, ինչո՞ւ այսքա՛ն ժխտական ես»։ Բայց ետքը անդրադարձաւ որ ինքն ալ Յոբին պէս ժխտական էր։ Ասիկա իրեն օգնեց, որ չափէ աւելի չկեդրոնանայ իր խնդիրին վրայ, հապա կեդրոնանայ Եհովայի եւ իր տուած յոյսին վրայ, ինչ որ իրեն ոյժ տուաւ, որ իր ցաւին դիմանայ։ Եհովան նաեւ հաւատակիցներուն միջոցով քրիստոնեաները կը զօրացնէ։ Պօղոս գրեց թէ շա՜տ կը փափաքէր, որ ինք եւ իր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը ‘իրար քաջալերէին’ (Հռով. 1։11, 12, ՆԹ)։ դ21.05 22 ¶10-11. 24 ¶12
Հինգշաբթի, յունուար 26
Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ (Բ. Օր. 16։15)։
Իսրայէլացիներուն ըսուեցաւ. «Տարին երեք անգամ. . . քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ» (Բ. Օր. 16։16)։ Մէկը պիտի չմնար, որ իրենց տուները եւ դաշտերը պաշտպանէր։ Անոր համար, Եհովան իրենց խոստացաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ» (Ել. 34։24)։ Եհովայի հանդէպ լման հաւատք ունենալով, աստուածավախ իսրայէլացիները տարեկան տօներուն ներկայ եղան։ Այսպէս, անոնք կրցան ճոխ օրհնութիւններ քաղել. աւելի լաւ հասկցան Աստուծոյ Օրէնքը, Աստուծոյ բարութեան մասին խոկացին եւ միւս իսրայէլացիներուն քաջալերական ընկերակցութիւնը վայելեցին։ Մենք ալ նոյնանման օգուտներ կը քաղենք, երբ զոհողութիւններ կ’ընենք որ ժողովներուն ներկայ գտնուինք։ Եւ մտածէ թէ Եհովան որքա՜ն կը հաճի, երբ պատրաստուած կու գանք, որ կարճ ու իմաստալից պատասխաններ տանք։ դ22.03 22 ¶9
Ուրբաթ, յունուար 27
Ան կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ (Եբ. 2։18)։
Եհովան Յիսուսը կը մարզէր իր ապագայ դերին համար, որպէս մեր Քահանայապետը։ Յիսուս համտեսեց, թէ որքա՜ն դժուար է որ մէկը Աստուծոյ ծառայէ, երբ ծայրայեղ փորձութեան մէջ է։ Ան այնքա՛ն մեծ ճնշումի տակ էր, որ «արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց»։ Անցնելով այդպիսի ջախջախիչ ապրումներէ, Յիսուս վստահաբար կը հասկնայ մեր պէտքերը եւ կրնայ մեզի՝ փորձուողներուս, օգնական ըլլալ։ Շա՜տ երախտապարտ ենք Եհովային, որ մեր վրայ նշանակած է ողորմած Քահանայապետ մը, որ կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ» (Եբ. 2։17. 4։14-16. 5։7-10)։ Եհովան թոյլ տուաւ որ Յիսուս դաժանօրէն չարչարուի, որպէսզի ինք կարեւոր հարցումի մը պատասխանէ. Արդեօք մարդիկ կրնա՞ն Եհովային հաւատարիմ մնալ նոյնիսկ խիստ փորձութեան տակ։ Ըստ Սատանային՝ ո՛չ։ Ան կ’ըսէ, որ մարդիկ անձնասէր պատճառներով Աստուծոյ կը ծառայեն եւ Զինք չեն սիրեր (Յոբ 1։9-11. 2։4, 5)։ Յիսուս իր ուղղամտութիւնը պահեց, եւ փաստեց որ Սատանան ստախօս է։ դ21.04 16-17 ¶7-8
Շաբաթ, յունուար 28
Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի (Մատ. 28։19, 20)։
Մկրտուելէ առաջ, աշակերտը պէտք է Աստուածաշունչի սորվեցուցածները գործադրէ։ Երբ իր սորվածը կը գործադրէ, ան կը նմանի Յիսուսի առակին մէջի «խելացի մարդ»ուն, որ վէմի վրայ իր տունը շինեց (Մատ. 7։24, 25. Ղուկ. 6։47, 48)։ Աշակերտիդ օգնէ, որ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէ (Մար. 10։17-22)։ Յիսուս գիտէր, որ հարուստ մարդու մը համար դժուար պիտի ըլլար իր ամբողջ ունեցածը ծախել (Մար. 10։23)։ Հակառակ ատոր, Յիսուս անհատին ըսաւ որ այդ մեծ փոփոխութիւնը ընէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս զինք սիրեց։ Ատեններ, թերեւս քաշուիս աշակերտը քաջալերելու, որ իր սորվածը գործադրէ, քանի որ կը զգաս թէ տակաւին պատրաստ չէ պէտք եղած փոփոխութիւնը ընելու (Կող. 3։9, 10)։ Բայց ո՛րքան աւելի կանուխ այդ նիւթը բանաս, ա՛յդքան աւելի կանուխ աշակերտը կրնայ սկսիլ փոխուիլ։ Այդպէս ընելով, ցոյց տուած կ’ըլլաս որ իրեն համար կը հոգաս (Սաղ. 141։5. Առ. 27։17)։ դ21.06 2 ¶3. 3 ¶5
Կիրակի, յունուար 29
Քրիստոս. . . ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր հետքերուն սերտօրէն հետեւիք (Ա. Պետ. 2։21, ՆԱ)։
Պետրոս առաքեալ յատկապէս կը խօսի այն լաւ օրինակին մասին, որ Յիսուս ձգեց չարչարանքի տոկալուն նկատմամբ։ Բայց ուրիշ մարզերու մէջ ալ կրնանք զինք ընդօրինակել (Ա. Պետ. 2։18-25)։ Իսկապէս, Յիսուսի կեանքին ամբողջ ընթացքը,– ինչ որ ըսաւ եւ ըրաւ,– ընդօրինակուելու արժանի է։ Անկատար ըլլալով, իրապէս կրնա՞նք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Այո՛, կրնանք։ Յիշէ որ Պետրոս մեզ կը քաջալերէ, որ ‘Յիսուսի հետքերուն սերտօրէն հետեւինք’, եւ ոչ թէ՝ կատարելապէս։ Եթէ իր հետքերուն ուշադրութեամբ հետեւինք, այսինքն՝ անկատար ըլլալով հանդերձ, մեր ամէն կարելին ընենք, հետեւած պիտի ըլլանք Յովհաննէս առաքեալի խրատին, որ շարունակենք ‘քալել ինչպէս Յիսուս քալեց’ (Ա. Յովհ. 2։6)։ Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը մեզ Եհովային աւելի կը մօտեցնէ, քանի որ Յիսուսի աչքառու օրինակ ձգեց, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ապրիլ կերպով մը, որ Աստուած կը հաճեցնէ (Յովհ. 8։29)։ Ուստի, Յիսուսի հետքերուն հետեւելով, Եհովան պիտի հաճեցնենք։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր երկնաւոր Հայրը պիտի մօտենայ անոնց՝ որոնք շատ ջանք կը թափեն որ իր բարեկամները ըլլան (Յակ. 4։8)։ դ21.04 2-3 ¶4-6
Երկուշաբթի, յունուար 30
Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի (Սաղ. 149։4)։
Եհովան կը նկատէ մեր լաւ յատկութիւնները. կը տեսնէ թէ ինչպիսի՛ լաւ անձ կրնանք ըլլալ, եւ մեզ իրեն կը քաշէ։ Եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք, մեզի մօտիկ պիտի մնայ յաւիտեա՛ն (Յովհ. 6։44)։ Երբ վստահ ենք, որ Եհովան մեզ կը սիրէ, պիտի ուզենք ամբողջ սրտով իրեն ծառայել, նոյնիսկ երբ դժուար է։ Բայց եթէ ատոր նկատմամբ կասկածներ ունենանք, մեր ‘ուժը քիչ պիտի ըլլայ’ (Առ. 24։10)։ Եւ պիտի չկարենանք Սատանային յարձակումներուն դէմ դնել (Եփ. 6։16)։ Այժմու հաւատարիմ քրիստոնեաներէն ոմանք կասկածներ ունենալով հոգեւորապէս տկարացած են։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ սկսինք կասկածներ ունենալ Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ։ Պէտք է անմիջապէս զանոնք մերժենք։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ այդ «անհանգստացնող մտածումներ»ուն տեղ ունենաս ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ սիրտդ ու միտքդ պիտի պահպանէ’ (Սաղ. 139։23, ՆԱ. Փլպ. 4։6, 7)։ Եւ յիշէ որ մինակ չես։ դ21.04 20 ¶1, 4. 21 ¶5-6
Երեքշաբթի, յունուար 31
Աստուած. . . ձեզի կու տայ գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։
Ինչպէ՞ս Եհովայի վկայ դարձար։ Նա՛խ, բարի լուրը լսեցիր. թերեւս ծնողներէդ, գործընկերէդ, դասընկերէդ կամ դռնէ դուռ քարոզչութեան ատեն (Մար. 13։10)։ Ետքը, մէկը շատ ժամանակ տուաւ եւ ջանք թափեց՝ հետդ դաս վարելով։ Սերտելու ընթացքին, տեսար որ սկսար Եհովան սիրել եւ գիտցար որ ինք քեզ կը սիրէ։ Ան քեզ ճշմարտութեան քաշեց եւ հիմա Յիսուսին աշակերտը ըլլալով, յաւիտեան ապրելու յոյսը ունիս (Յովհ. 6։44)։ Անկասկած Եհովայէն շնորհակալ ես, որ մէկը մղեց քեզի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու, եւ որ Ան քեզ ընդունեց որպէս իր ծառաներէն մէկը։ Ճշմարտութիւնը գիտնալով, առանձնաշնորհումը ունինք ուրիշներուն օգնելու, որ մեզի հետ կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալեն։ Թերեւս հանգիստ կը զգանք դռնէ դուռ քարոզչութեան մասնակցելու, բայց մեզի համար թերեւս դժուար է դաս մը առաջարկել եւ վարել։ դ21.07 2 ¶1-2