Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք23 էջ 17-26
  • Փետրուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փետրուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 1
  • Հինգշաբթի, փետրուար 2
  • Ուրբաթ, փետրուար 3
  • Շաբաթ, փետրուար 4
  • Կիրակի, փետրուար 5
  • Երկուշաբթի, փետրուար 6
  • Երեքշաբթի, փետրուար 7
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 8
  • Հինգշաբթի, փետրուար 9
  • Ուրբաթ, փետրուար 10
  • Շաբաթ, փետրուար 11
  • Կիրակի, փետրուար 12
  • Երկուշաբթի, փետրուար 13
  • Երեքշաբթի, փետրուար 14
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 15
  • Հինգշաբթի, փետրուար 16
  • Ուրբաթ, փետրուար 17
  • Շաբաթ, փետրուար 18
  • Կիրակի, փետրուար 19
  • Երկուշաբթի, փետրուար 20
  • Երեքշաբթի, փետրուար 21
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 22
  • Հինգշաբթի, փետրուար 23
  • Ուրբաթ, փետրուար 24
  • Շաբաթ, փետրուար 25
  • Կիրակի, փետրուար 26
  • Երկուշաբթի, փետրուար 27
  • Երեքշաբթի, փետրուար 28
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
աք23 էջ 17-26

Փետրուար

Չորեքշաբթի, փետրուար 1

Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն (Սաղ. 145։18)։

Եհովան իր բոլոր ծառաներուն լաւութիւնը կ’ուզէ։ Ան ամէն մէկուս մօտ է, եւ կը նկատէ երբ տխուր կամ ընկճուած կը զգանք (Սաղ. 145։18, 19)։ Ան շա՜տ ուշադիր էր իր Եղիա մարգարէին հանդէպ։ Եղիան Իսրայէլի պատմութեան մէջ դժուար ժամանակներու ընթացքին կ’ապրէր։ Եհովան պաշտողները շատ խիստ հալածանք կը կրէին։ Աստուծոյ հակառակող զօրաւոր թշնամիները մասնաւոր նպատակ ունէին Եղիան մեռցնելու (Գ. Թագ. 19։1, 2)։ Թերեւս Եղիան կը նեղանար խորհելով, որ իրմէ զատ Եհովային ծառայող ուրիշ մարգարէ չէր մնացած (Գ. Թագ. 19։10)։ Եհովան շուտով բան մը ըրաւ, որ Եղիային օգնէ։ Հրեշտակ մը ղրկեց իր մարգարէն վստահեցնելու, թէ տակաւին կային շատ մը աստուածավախ իսրայէլացիներ (Գ. Թագ. 19։5, 18)։ Իսկ Յիսուս իր աշակերտները վստահեցուց, որ մեծ հոգեւոր ընտանիք մը պիտի ունենային (Մար. 10։29, 30)։ Եւ Եհովան, որ մեր հոգեւոր ընտանիքին Գլուխն է, կը խոստանայ որ պիտի օգնէ անոնց, որոնք իրեն կը ծառայեն (Սաղ. 9։10)։ դ21.06 8-9 ¶3-4

Հինգշաբթի, փետրուար 2

Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ (Յովհ. 8։47)։

Շատեր մեզ կը մերժեն, քանի որ Սուրբ Գիրքին օգնութեամբ ցոյց կու տանք, որ կարգ մը կրօնական գաղափարներ սխալ են։ Կրօնական առաջնորդները կը սորվեցնեն, որ Աստուած չարերը կը պատժէ, զիրենք դժոխք նետելով։ Անոնք այս սխալ ուսուցումը կը գործածեն, որպէսզի մարդիկը կառավարեն։ Բայց մենք, որ սիրոյ Աստուածը՝ Եհովան, կը պաշտենք, մարդոց կ’օգնենք որ հասկնան թէ այդ ուսուցումը սխալ է։ Կրօնական առաջնորդները նաեւ կը սորվեցնեն թէ հոգին անմահ է։ Բայց եթէ ատիկա ճիշդ ըլլար, ոեւէ մէկը յարութիւն առնելու պէտք պիտի չունենար։ Եւ մենք ցոյց կու տանք որ Սուրբ Գիրքը ատիկա չի սորվեցներ։ Ասկէ զատ, թէեւ շատ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ ճակատագիր կայ, մենք կը սորվեցնենք որ մարդը ազատ կամք ունի եւ կրնայ ընտրել, թէ Աստուծոյ պիտի ծառայէ՛ կամ ոչ։ Կրօնական առաջնորդները ի՞նչ կը զգան, երբ կը փաստենք որ սուտ բաներ կը սորվեցնեն։ Շատ անգամ, կը կատղին։ Եթէ ճշմարտութիւնը կը սիրենք, պէտք է Աստուծոյ ըսածներուն հաւատանք եւ հնազանդինք (Յովհ. 8։45, 46)։ Սատանային հակառակը, մենք ճշմարտութիւնը բնա՛ւ պիտի չմերժենք։ Բնա՛ւ չենք ըներ բան մը, որ մեր հաւատալիքներուն համաձայն չէ (Յովհ. 8։44)։ Աստուած կը պահանջէ, որ իր ծառաները ‘չարէն զզուին’ եւ ‘բարիին յարին’, ինչպէս Յիսուս ըրաւ (Հռով. 12։9. Եբ. 1։9)։ դ21.05 10-11 ¶10-11

Ուրբաթ, փետրուար 3

Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի (Յակ. 4։7)։

Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ նկատենք թէ հպարտ կամ ագահ դարձած ենք։ Կրնա՛նք փոխուիլ։ Պօղոս ըսաւ, որ Սատանայէն «բռնուած»ները կրնա՛ն ծուղակէն ազատիլ (Բ. Տիմ. 2։26)։ Եհովան Սատանայէն աւելի զօրաւոր է։ Եթէ Եհովայի օգնութիւնը ընդունինք, պիտի կարենանք Սատանայի լարած որեւէ ծուղակէ ազատիլ։ Անշուշտ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ բնա՛ւ հպարտ կամ ագահ չդառնանք։ Ատիկա միայն Աստուծոյ օգնութեամբ կրնանք ընել։ Ուստի Եհովայէն ամէն օր խնդրէ որ քեզի օգնէ գիտնալու, եթէ այդ տգեղ յատկութիւնները սկսած են մտածելակերպիդ եւ գործերուդ ազդել (Սաղ. 139։23, 24)։ Մի՛ ձգեր որ ատոնք սրտիդ մէջ արմատ նետեն։ Սատանան հազարաւոր տարիներէ ի վեր որսորդ է։ Բայց մօտ ատենէն, ան պիտի կապուի եւ ի վերջոյ՝ կործանուի (Յայտ. 20։1-3, 9, 10)։ Մինչ այդ, Սատանայի ծուղակներէն զգո՛յշ մնա։ Ջանք ըրէ որ հպարտ կամ ագահ չդառնաս։ Վճռէ՛ ‘Սատանային հակառակ կենալ եւ անիկա քեզմէ պիտի փախչի’։ դ21.06 19 ¶15-17

Շաբաթ, փետրուար 4

Հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին (Մատ. 9։38)։

Եհովան կ’ուրախանայ, երբ մէկը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կ’ընդունի եւ անոր մասին կը խօսի ուրիշներուն (Առ. 23։15, 16)։ Եհովան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է, տեսնելով այն ինչ որ ներկայիս կը պատահի։ Օրինակ, հակառակ 2020 ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցող համավարակին, 7,705,765 Աստուածաշունչի դասեր վարուեցան, ինչ որ 241,994 անհատներու օգնեց, որ իրենց կեանքը Եհովային նուիրեն եւ մկրտուին։ Այս նոր աշակերտները իրենց կարգին Աստուածաշունչի դասեր պիտի վարեն եւ աւելի աշակերտներ պիտի պատրաստեն (Ղուկ. 6։40)։ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնենք, երբ աշակերտելու գործին կը մասնակցինք։ Ճիշդ է որ այս գործը դժուար է, բայց Եհովայի օգնութեամբ կրնանք նորեկներուն սորվեցնել, որ Զինք սիրեն։ Կրնա՞նք նպատակակէտ դնել, որ գոնէ մէկ Աստուածաշունչի դաս սկսինք եւ վարենք։ Թերեւս զարմանանք, երբ տեսնենք թէ արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ, եթէ դաս առաջարկենք բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք։ դ21.07 6-7 ¶14-16

Կիրակի, փետրուար 5

Իմ Աստուծոյս տանը վրայ մեծ սէր ունենալուս համար. . . իմ յատուկ գանձիս մէջ եղած ոսկին ու արծաթն ալ իմ Աստուծոյս տանը համար տուի (Ա. Մն. 29։3)։

Դաւիթ իր անձնական ստացուածքէն մեծ նուիրատուութիւններ ըրաւ, տաճարի շինարարութեան աջակցելու համար (Ա. Մն. 22։11-16)։ Երբ այլեւս ֆիզիքապէս կարող չըլլանք մասնակցիլ աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու, կրնանք ատոնց թիկունք կանգնիլ մեր նուիրատուութիւններուն միջոցաւ՝ մեր պարագաներուն ներած չափով։ Եւ կրնանք մեր երիտասարդներուն օգնել, որ մեր ձեռք ձգած փորձառութենէն օգտուին։ Պօղոս առաքեալ առատաձեռնութեան մէջ օրինակ եղաւ։ Ան երիտասարդ Տիմոթէոսը հրաւիրեց, որ իրեն միանայ միսիոնարական ծառայութեան մէջ եւ անոր սորվեցուց քարոզելու եւ ուսուցանելու իր մեթոտները (Գործք 16։1-3)։ Պօղոսի տուած մարզումը օգնեց Տիմոթէոսին, որ բարի լուրը տարածելուն մէջ յաջողի (Ա. Կոր. 4։17)։ Տիմոթէոս ալ իր կարգին, Պօղոսի սորվեցուցած մեթոտները գործածեց ուրիշները մարզելու համար։ դ21.09 12 ¶14-15

Երկուշաբթի, փետրուար 6

Ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան (Ա. Կոր. 3։3)։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ապօղոս աշակերտին եւ Պօղոս առաքեալին օրինակներէն։ Երկուքն ալ Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէին։ Երկուքն ալ լաւ ճանչցուած էին եւ հոյակապ ուսուցիչներ էին։ Եւ երկուքն ալ շատ աշակերտներ պատրաստած էին։ Բայց իրար մրցակից չէին սեպեր (Գործք 18։24, 25)։ Իրականութեան մէջ, Ապօղոս Կորնթոսը ձգելէն ժամանակ մը ետք, Պօղոս խնդրեց որ ետ հոն վերադառնար (Ա. Կոր. 16։12)։ Ապօղոս իր պարգեւները լաւ կերպով գործածեց՝ բարի լուրը ծանուցանելու եւ իր եղբայրները զօրացնելու։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Ապօղոս խոնարհ մարդ մըն էր։ Օրինակ, տեղ մը չէ գրուած որ ան Ակիւղասէն եւ Պրիսկիղայէն նեղուեցաւ, երբ ‘աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան իրեն հասկցուցին’ (Գործք 18։24-28)։ Պօղոս առաքեալ գիտէր, որ Ապօղոս շատ լաւ գործ մը կը տանէր։ Բայց Պօղոս չէր մտահոգուեր, թէ մարդիկ պիտի մտածէին, թէ Ապօղոս իրմէ աւելի լաւ էր։ Երբ կը կարդանք Պօղոսի գրածը կորնթացիներուն, կրնանք տեսնել թէ ան խոնարհ, համեստ եւ տրամաբանող էր (Ա. Կոր. 3։4-6)։ դ21.07 18 ¶15-17

Երեքշաբթի, փետրուար 7

Շատեր արդար պիտի ըլլան (Հռով. 5։19)։

Ադամն ու Եւան ընտրեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ, անոր համար արժանի եղան, որ այլեւս Աստուծոյ ընտանիքէն չըլլան։ Բայց իրենց զաւակներուն ի՞նչ պիտի ըլլար։ Եհովան սիրալիրօրէն կարգադրութիւն ըրաւ, որպէսզի իրեն հնազանդողները կարենան իր ընտանիքին միանալ։ Ան ասիկա ըրաւ իր միածին Որդիին զոհին միջոցով (Յովհ. 3։16)։ Յիսուսի զոհին շնորհիւ, 144,000 ուղղամիտ մարդիկ կ’որդեգրուին որպէս Աստուծոյ որդիներ (Հռով. 8։15-17. Յայտ. 14։1)։ Ասկէ զատ, միլիոնաւոր հաւատարիմներ Աստուծոյ կամքը կ’ընեն։ Անոնք Հազարամեային վերջաւորութեան՝ վերջին փորձէն ետք, պիտի կարենան լման կերպով Աստուծոյ ընտանիքէն ըլլալ (Սաղ. 25։14. Հռով. 8։20, 21)։ Անոնք հիմակուընէ Եհովան՝ իրենց Ստեղծիչը, «Հայր» կը կոչեն (Մատ. 6։9)։ Նաեւ, յարութիւն առնողները առիթը պիտի ունենան գիտնալու, թէ Եհովան իրենցմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Անոնք՝ որոնք կ’ընտրեն իր ուղղութեան հնազանդիլ, ի վերջոյ իրե՛նք ալ իր ընտանիքէն պիտի ըլլան։ դ21.08 5 ¶10-11

Չորեքշաբթի, փետրուար 8

Լաւ բաները ընտրեցէք (Փլպ. 1։10)։

Պօղոս առաքեալ ծառայութեան նշանակում մը ունէր, եւ երկար տարիներ այդ ծառայութիւնը աւելի կարեւոր բաներէն մէկը սեպեց։ Ան հրապարակաւ եւ «տունէ տուն» քարոզեց (Գործք 20։20, ՆԱ)։ Ան ամէն առիթ օգտագործեց քարոզելու համար։ Օրինակ, երբ Աթէնքի մէջ իր ընկերակիցներուն կը սպասէր, խումբ մը յարգուած մարդոց քարոզեց եւ լաւ արդիւնք ունեցաւ (Գործք 17։16, 17, 34)։ Եւ նոյնիսկ երբ տունի մը մէջ բանտարկուած էր, իր շուրջիններուն քարոզեց (Փլպ. 1։13, 14. Գործք 28։16-24)։ Պօղոս իր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածեց։ Ան յաճախ ուրիշներուն ըսաւ, որ իրեն հետ ծառայեն։ Օրինակ, իր առաջին միսիոնարական շրջապտոյտին, իրեն հետ առաւ Յովհաննէս Մարկոսը, իսկ երկրորդ շրջապտոյտին՝ Տիմոթէոսը (Գործք 12։25. 16։1-4)։ Անկասկած, Պօղոս անոնց սորվեցուց թէ ինչպէ՛ս կրնան ժողովք մը կազմակերպել, ինչպէ՛ս հովուական գործը կատարել եւ ինչպէ՛ս լաւ ուսուցիչներ ըլլալ (Ա. Կոր. 4։17)։ դ22.03 27 ¶5-6

Հինգշաբթի, փետրուար 9

[Աստուած] մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ (Գործք 17։27)։

Ոմանք չեն հաւատար Ստեղծիչի մը, քանի որ կ’ըսեն թէ կը հաւատան միայն այն բաներուն, որոնք կրնան տեսնել։ Անշուշտ, անոնք բացառութիւններ կ’ընեն այն բաներուն նկատմամբ, որոնք կան բայց չեն տեսնուիր, ինչպէս՝ հովը։ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած հաւատքը նոյնպէս հիմնուած է «չերեւցած բաներ»ու ապացոյցին վրայ (Եբ. 11։1)։ Ապացոյցները սերտելը շատ ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ, իսկ բազմաթիւ մարդիկ չունին փափաք այդ մէկը ընելու։ Այն անձը, որ ապացոյցները չի սերտեր, կրնայ եզրակացնել թէ Աստուած չկայ։ Ապացոյցները սերտելէ ետք, կարգ մը գիտնականներ համոզուեցան, որ Աստուած տիեզերքը ստեղծեց։ Ոմանք սկիզբը թերեւս պարզապէս ենթադրեցին որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն չունի, քանի որ համալսարանը ստեղծագործութիւնը բնա՛ւ չի սորվեցներ։ Սակայն անոնք այժմ Եհովան ճանչցած են եւ սկսած են զինք սիրել։ Իրականութեան մէջ, բոլորս պէտք է Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը կերտենք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր ուսումին մակարդակը։ դ21.08 14 ¶1. 15-16 ¶6-7

Ուրբաթ, փետրուար 10

Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են (Սաղ. 145։9)։

Յիսուս անառակ որդիին առակը գործածեց սրտի դպչող կերպով նկարագրելու համար, թէ Եհովան որչա՜փ կը սիրէ ողորմիլ։ Տղան տունը ձգեց եւ «անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց» (Ղուկ. 15։13)։ Ետքը, ան իր անբարոյ ընթացքին համար զղջաց, ինքզինք խոնարհեցուց եւ տուն վերադարձաւ։ Իր հայրը ինչպէ՞ս հակազդեց։ Յիսուս ըսաւ. «Մինչդեռ [որդին] շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա»։ Հայրը իր տղան չխայտառակեց, հապա անոր անմիջապէս ողորմեցաւ ու ներեց եւ իր ընտանիքին մէջ ընդունեց։ Անառակ որդին լրջօրէն մեղանչած էր, բայց քանի որ զղջաց, իր հայրը իրեն ներեց։ Առակին մէջի ողորմող հայրը Եհովան կը ներկայացնէ։ Յիսուս այս յուզիչ կերպով ցոյց տուաւ, որ իր Հայրը պատրաստ է ներելու այն մեղաւորներուն, որոնք անկեղծօրէն կը զղջան (Ղուկ. 15։17-24)։ դ21.10 8 ¶4. 9 ¶6

Շաբաթ, փետրուար 11

Աստուած առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար (Գործք 15։14)։

Ներկայիս, շատ մը կրօնական առաջնորդներ ամէն ջանք թափած են, որ ծածուկ պահեն թէ Աստուած անձնական անուն ունի։ Անոնք զայն հանած են Աստուածաշունչի իրենց թարգմանութիւններէն եւ, կարգ մը պարագաներու, արգիլած են որ այդ անունը իրենց եկեղեցիներուն մէջ գործածուի։ Յստակ է որ Եհովայի վկաները միակ անձերն են, որոնք Աստուծոյ անուան կու տան այն յարգանքը, որուն արժանի է։ Մենք Աստուծոյ անձնական անունը որեւէ կրօնական կազմակերպութենէ աւելի կը ճանչցնենք։ Մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ ապրինք մեր անուան համաձայն, որ է՝ Եհովայի վկաներ (Եսա. 43։10-12)։ Արտադրած ենք աւելի քան 240 միլիոն օրինակներ՝ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութենէն, որ Եհովայի անունը կը գործածէ այնպիսի համարներու մէջ, ուր Աստուածաշունչի թարգմանիչներ հանած են այդ անունը։ Եւ աւելի քան 1000 լեզուներով կը հրատարակենք աստուածաշնչական հրատարակութիւններ, ուր Եհովայի անունը կը գործածուի։ դ21.10 20 ¶9-10

Կիրակի, փետրուար 12

Եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքդ մի՛ գոցեր (Բ. Օր. 15։7)։

Եհովան կը պաշտենք, երբ պէտք ունեցող հաւատակիցներուն կ’օգնենք։ Եհովան խոստացաւ վարձատրել այն իսրայէլացիները, որոնք աղքատներուն կ’օգնեն (Բ. Օր. 15։10)։ Այո, ամէն անգամ որ պէտք ունեցող հաւատակիցի մը կ’օգնենք, Եհովան կը սեպէ որ իրեն նուէր մը տուինք (Առ. 19։17)։ Օրինակ, երբ Փիլիպպէի մէջ եղող քրիստոնեաները բանտարկեալ Պօղոսին նուէր մը ղրկեցին, ան զայն կոչեց՝ «ընդունելի պատարագ, Աստուծոյ հաճելի» (Փլպ. 4։18)։ Ժողովքիդ մասին մտածէ եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Մէկը կա՞յ, որուն կրնամ օգնել’։ Եհովան կ’ուրախանայ երբ մեր ժամանակը, ուժը, հմտութիւնները եւ նիւթական բաները կը գործածենք, պէտք ունեցողներուն օգնելու համար։ Ատիկա մեր պաշտամունքին մէկ մասը կը սեպէ (Յակ. 1։27)։ Ճշմարիտ պաշտամունքը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ, բայց բեռ չէ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սէրէ մղուած՝ Եհովան կը պաշտենք։ դ22.03 24 ¶14-15

Երկուշաբթի, փետրուար 13

Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ (Մատ. 5։45)։

Որպէսզի կարենանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կարեկցիլ, պէտք է նա՛խ նկատի առնենք թէ ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Օրինակ, քոյր մը թերեւս առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունի։ Ան բնաւ իր խնդիրին մասին չի խօսիր, բայց հաւանաբար պիտի գնահատէ, եթէ մէկը իրեն գործնական կերպով օգնէ։ Կրնանք իրեն օգնել, ճաշը պատրաստելով կամ տունը մաքրելով։ Կամ թերեւս եղբայր մը իր գործը կորսնցուցած է։ Կրնանք իրեն դրամական պզտիկ նուէր մը տալ,– թերեւս առանց գիտցնելու որ մեզմէ է,– ինչ որ իրեն պիտի օգնէ մինչեւ որ գործ մը գտնէ։ Պէտք չէ սպասենք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզմէ օգնութիւն խնդրեն, որպէսզի իրենց կարեկցութիւն ցոյց տանք։ Եհովան ընդօրինակելով, կրնանք նախաքայլը առնել։ Ան օրական մեր վրայ արեւը կը ծագեցնէ, նոյնիսկ առանց մեր խնդրելուն։ Եւ արեւուն տաքութենէն ամէն մարդ կ’օգտուի եւ ոչ թէ միայն անոնք, որոնք շնորհակալ են։ Չե՞ս համաձայնիր որ մեր պէտքերը հոգալով Եհովան ցոյց կու տայ, որ մեզ կը սիրէ։ Զինք շա՜տ կը սիրենք, քանի որ մեծապէս ազնիւ ու առատաձեռն է։ դ21.09 22-23 ¶12-13

Երեքշաբթի, փետրուար 14

Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն (Սաղ. 86։5)։

Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը զինք կը մղէ, որ ներող ըլլայ։ Երբ Եհովան կը նկատէ որ մեղաւոր մը զղջացած է եւ իր մեղաւոր ընթացքը մերժած է, հաւատարիմ սէրը զինք կը մղէ որ ներող ըլլայ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ Եհովայի մասին ըսաւ. «Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի» (Սաղ. 103։8-11)։ Դաւիթ իր դառն փորձառութենէն գիտէր, թէ որքա՜ն ծանր է յանցաւոր խղճմտանքին բեռը։ Բայց ան նաեւ գիտցաւ, որ Եհովան «ներող» է։ Ի՞նչը Եհովան կը մղէ որ ներէ։ Պատասխանը գրուած է այս օրուան համարին մէջ։ Ինչպէս Դաւիթ ըսաւ իր աղօթքին մէջ, Եհովան կը ներէ, քանի որ առատ է հաւատարիմ սիրով անոնց հանդէպ, որոնք ներում կը խնդրեն։ Երբ մեղք կը գործենք, տեղին է եւ նոյնիսկ լա՛ւ է գէշ զգալ մեր ըրածին համար։ Ատիկա կրնայ մեզ մղել, որ զղջանք եւ քայլեր առնենք, որ մեր սխալները սրբագրենք։ դ21.11 5 ¶11-12

Չորեքշաբթի, փետրուար 15

Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ (Մատ. 6։9)։

Եհովան իր անունը կը սիրէ եւ կ’ուզէ, որ ամէն անհատ զայն յարգէ (Եսա. 42։8)։ Բայց շուրջ վեց հազար տարիէ ի վեր իր բարի անունը անարգուած է (Սաղ. 74։10, 18, 23)։ Այս մէկը սկսաւ, երբ Բանսարկուն (որ կը նշանակէ՝ «Զրպարտիչ») Աստուած ամբաստանեց՝ ըսելով որ Ադամն ու Եւան կը զրկէր բանէ մը, որուն պէտք ունէին (Ծն. 3։1-5)։ Անկէ ի վեր, Եհովան սուտ կերպով կ’ամբաստանուի, թէ մարդիկը կը զրկէ իրենց անհրաժեշտ եղող բաներէն։ Եւ Յիսուս կը նեղանար, որ իր Հօր անունը կ’անարգուէր։ Ասկէ զատ, միայն Եհովան իրաւունք ունի երկինքին ու երկրին վրայ իշխելու, եւ իր իշխելուն կերպը լաւագոյնն է (Յայտ. 4։10բ)։ Բայց Սատանան փորձած է հրեշտակներն ու մարդիկը խաբել, ձգելով որ մտածեն թէ Աստուած այդ իրաւունքը չունի։ Սակայն մօտ օրէն, այս հարցը մէկ անգամ ընդմիշտ պիտի լուծուի։ Եհովան պիտի ջատագովուի, երբ փաստուի որ միայն իր Թագաւորութիւնը կրնայ երկրի վրայ իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատել։ դ21.07 9 ¶5-6

Հինգշաբթի, փետրուար 16

Ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ (Ամբ. 3։18)։

Բնական է որ հայր մը ուզէ իր ընտանիքին ուտելիք, հագուելիք եւ բնակարան ապահովել։ Քեզի համար դժուար ժամանակ է, երբ դրամական նեղութիւն կը քաշես։ Բայց տակաւին կրնաս այդ ժամանակը գործածել, հաւատքդ զօրացնելու համար։ Եհովային աղօթելէ ետք, կարդա՛ Յիսուսին խօսքերը, որոնք արձանագրուած են Մատթէոս 6։25-34–ի մէջ, եւ անոնց վրայ խոկա՛։ Եւ նկատի առ փորձառութիւններ, որոնք կը փաստեն, թէ Եհովան նիւթական պէտքերը կը հայթայթէ անոնց՝ որոնք զբաղած կը մնան աստուածպետական գործունէութիւններով (Ա. Կոր. 15։58)։ Այսպէս ընելով, վստահութիւնդ պիտի աւելնայ, թէ երկնաւոր Հայրդ ինչպէս ուրիշներուն օգնեց նոյնանման պարագաներու մէջ, քեզի ալ պիտի օգնէ։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ են պէտքերդ եւ գիտէ ինչպէ՛ս զանոնք հայթայթէ։ Երբ Եհովայի օգնութիւնը շօշափես, հաւատքդ աւելի պիտի զօրանայ, եւ այսպէս պիտի կարենաս տոկալ աւելի մեծ փորձութիւններու ապագային։ դ21.11 20 ¶3. 21 ¶6

Ուրբաթ, փետրուար 17

Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս (Ա. Յովհ. 2։1)։

Փրկանքի ուսուցումը շատ մը քրիստոնեաներու հաւատքը զօրացուցած է։ Անոնք հակառակութեան դիմաց շարունակած են քարոզել եւ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին, ամէն տեսակ փորձութեան դիմացած են։ Նկատի առ Յովհաննէս առաքեալի օրինակը։ Ան հաւանաբար աւելի քան 60 տարի հաւատարմաբար քարոզեց ճշմարտութիւնը՝ Քրիստոսի եւ փրկանքին մասին։ Երբ գրեթէ 100 տարեկան էր, Հռոմէական կայսրութիւնը զինք այնքա՛ն վտանգաւոր նկատեց, որ Պատմոս կղզի աքսորեց։ Ի՞նչ էր իր ոճիրը։ Խօսիլ Աստուծոյ մասին եւ վկայել Յիսուսի մասին (Յայտ. 1։9)։ Յովհաննէս հաւատքի եւ տոկունութեան ի՜նչ լաւ օրինակ էր։ Ան իր ներշնչեալ գրութիւններուն մէջ կ’արտայայտէ իր խոր սէրը Յիսուսին հանդէպ եւ իր գնահատանքը փրկանքին հանդէպ։ Այդ գրութիւններուն մէջ, աւելի քան 100 անգամ յիշուած է փրկանքը կամ ատոր կարելի դարձուցած օգուտները (Ա. Յովհ. 2։2)։ Յստակ է որ Յովհաննէս խորապէս գնահատեց փրկանքը։ դ21.04 17 ¶9-10

Շաբաթ, փետրուար 18

Խուլին մի՛ հայհոյէք ու կոյրին առջեւ խոչընդոտ մի՛ դնէք (Ղեւ. 19։14)։

Եհովան իր ծառաներէն ակնկալեց, որ ազնիւ գտնուին անոնց հանդէպ, որոնք ֆիզիքապէս անկարող են։ Օրինակ, իսրայէլացիները պէտք չէր խուլին հայհոյէին կամ անիծէին՝ իրեն սպառնալով կամ իր մասին գէշ բան մը ըսելով։ Ասիկա ի՜նչ ահռելի բան մըն էր, քանի որ խուլը չլսելով ըսուածը՝ պիտի չկարենար ինքզինք պաշտպանել։ Ասկէ զատ, Ղեւտացւոց 19։14–ը իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Կոյրին առջեւ խոչընդոտ մի՛ դնէք»։ Գիրք մը կ’ըսէ որ անցեալին, Միջին Արեւելքի մէջ մարդիկ յաճախ անարդարօրէն եւ կոշտ կերպով կը վարուէին ֆիզիքապէս անկարողներուն հետ։ Թերեւս անգութ անհատ մը կոյրին առջեւ բան մը դնէր, անոր վնաս հասցնելու համար կամ անոր վրայ խնդալու համար։ Ի՜նչ անազնուութիւն։ Այս պատուէրը Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեց, որ տեսնեն թէ պէտք է անկարողներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց տան։ դ21.12 8-9 ¶3-4

Կիրակի, փետրուար 19

Յակոբ խիստ վախցաւ ու խռովեցաւ (Ծն. 32։7)։

Մտածելով թէ Եսաւ տակաւին իրեն դէմ ոխ պահած էր, Յակոբ մտահոգուեցաւ։ Ան հարցին շուրջ ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթեց։ Ետքը, Եսաւին բազմաթիւ նուէրներ ղրկեց (Ծն. 32։9-15)։ Իսկ երբ դէմ դիմաց եկան, Յակոբ նախաքայլը առաւ Եսաւը պատուելու։ Ան խոնարհութիւն ըրաւ՝ ոչ թէ մէկ կամ երկու անգամ, հապա եօթը անգամ։ Այսպիսի խոնարհութիւն եւ յարգանք ցոյց տալով, Յակոբ հաշտուեցաւ իր եղբօր հետ (Ծն. 33։3, 4)։ Մենք դաս մը կը քաղենք, տեսնելով թէ Յակոբ ինչպէ՛ս պատրաստուեցաւ իր եղբօր հանդիպելու եւ ի՛նչ կերպով անոր մօտեցաւ։ Ան խոնարհութեամբ Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց։ Ետքը, իր աղօթքին համաձայն վարուեցաւ, իր ամէն կարելին ընելով որ իր եղբօր հետ հաշտուի։ Եւ երբ իրարու հանդիպեցան, Յակոբ նիւթ չբացաւ, թէ ո՛վ իրաւունքով էր։ Իր նպատակն էր՝ իր եղբօր հետ խաղաղութիւն ընել։ Կրնա՞ս Յակոբի օրինակին հետեւիլ (Մատ. 5։23, 24)։ դ21.12 25 ¶11-12

Երկուշաբթի, փետրուար 20

Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ (Ա. Յովհ. 3։20)։

Երբ կը մտածես, թէ Յիսուս մեռաւ քու մեղքերդ ծածկելու համար, թերեւս ըսես. ‘Չեմ զգար որ արժանի եմ այդ արժէքաւոր նուէրին’։ Ինչո՞ւ թերեւս այդպէս զգաս։ Մեր անկատար սիրտը կրնայ մեզ խաբել, զգացնելով որ անարժէք ենք կամ սիրուած չենք (Ա. Յովհ. 3։19)։ Երբ սկսինք այսպէս մտածել, պէտք է յիշենք, որ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է»։ Եհովային սէրը կախեալ չէ մեր զգացումներէն. ան պիտի շարունակէ մեզ սիրել ու մեզի ներել, նոյնիսկ եթէ այդպէս չենք զգար։ Պէտք է մեր անձը համոզենք, որ Եհովան իսկապէս մեզ կը սիրէ։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է Սուրբ Գիրքը շարունակ սերտենք, յաճախ աղօթենք եւ կանոնաւորաբար ընկերակցինք Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն հետ։ Ասոնք ընելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Եհովային ջերմ անձնաւորութիւնը աւելի յստակ պիտի դառնայ քեզի։ Պիտի հասկնաս իր քնքոյշ զգացումները քեզի հանդէպ։ Ամէն օր Սուրբ Գիրքին վրայ խոկալը քեզի պիտի օգնէ, որ աւելի յստակօրէն մտածես եւ մտքիդ ու սրտիդ մէջ հարցերը շտկես (Բ. Տիմ. 3։16)։ դ21.04 23-24 ¶12-13

Երեքշաբթի, փետրուար 21

Իմ ձայնս Աստուծոյ է ու ան ինծի պիտի լսէ (Սաղ. 77։1)։

Զօրաւոր հաւատք մշակելու համար, չի բաւեր միայն գիտութիւն առնել։ Մեր սորվածին վրայ պէտք է խոկանք։ Նկատի առ 77–րդ սաղմոսը գրողին փորձառութիւնը։ Ան նեղացած էր խորհելով, թէ ինք եւ միւս իսրայէլացիները Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցած էին։ Իր մտահոգութիւնը զինք արթուն կը պահէր գիշերը (համար 2-8)։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Եհովային ըսաւ. «Բոլոր գործերուդ մասին պիտի խորհրդածեմ, եւ արարքներուդ վրայ պիտի խոկամ» (համար 12, ԱԾ)։ Թէեւ սաղմոս գրողը շատ լաւ գիտէր, թէ Եհովան անցեալին Իր ժողովուրդին համար ի՛նչ ըրած էր, բայց հարց տուաւ. «Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ, միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը» (համար 9)։ Սաղմոս գրողը խոկաց Եհովայի գործերուն վրայ եւ այն իրողութեան վրայ, թէ անցեալին ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն ցոյց տուած էր (համար 11)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան համոզուեցաւ, թէ Եհովան Իր ժողովուրդը պիտի չլքէր (համար 15)։ դ22.01 30-31 ¶17-18

Չորեքշաբթի, փետրուար 22

Ամէնքը անոր կենդանի են (Ղուկ. 20։38)։

Եհովան ի՞նչ կը զգայ հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներուն հանդէպ, որոնք մեռած են։ Ան շատ կը փափաքի զիրենք նորէն տեսնել (Յոբ 14։15)։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ Եհովան որչա՜փ կը կարօտնայ իր բարեկամը՝ Աբրահամը (Յակ. 2։23), կամ Մովսէսը, որուն հետ «դէմ առ դէմ» խօսեցաւ (Ել. 33։11)։ Եւ որքա՜ն կը սպասէ որ կրկին լսէ, թէ ինչպէ՛ս Դաւիթ եւ ուրիշ սաղմոսերգուներ իրենց գեղեցիկ փառաբանական երգերը կ’երգեն (Սաղ. 104։33)։ Թէեւ Աստուծոյ այս բարեկամները մահուան քունին մէջ են, բայց զիրենք չէ մոռցած (Եսա. 49։15)։ Ան կը յիշէ անոնց անձնաւորութեան ամէն մէկ մանրամասնութիւնը։ Ան օր մը զիրենք ետ կեանքի պիտի բերէ, եւ անգամ մը եւս իրենց անկեղծ աղօթքները պիտի լսէ եւ իրենց պաշտամունքը պիտի ընդունի։ Եթէ սիրելիներէդ մէկը մեռած է, թող այս մտքերը քեզ մխիթարեն։ Երբ Եդեմի մէջ ըմբոստութիւնը եղաւ, Եհովան գիտէր որ վիճակները բարելաւուելէ առաջ, աւելի գէշ պիտի ըլլային։ Եհովան կ’ատէ չարութիւնը, անարդարութիւնը եւ վայրագութիւնը, որ ներկայիս կան աշխարհին մէջ։ դ21.07 10 ¶11. 12 ¶12

Հինգշաբթի, փետրուար 23

Սիրենք. . . գործով ու ճշմարտութիւնով (Ա. Յովհ. 3։18)։

Երբ այդպիսի սէր ցուցաբերենք, ցոյց կու տանք որ փրկանքը կը գնահատենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս իր կեանքը տուաւ ոչ միայն մեզի համար, հապա նաեւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար։ Եթէ պատրաստ էր իրենց համար մեռնելու, ուրեմն իր աչքին շատ մեծ արժէք ունին (Ա. Յովհ. 3։16-18)։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, անոնց հետ մեր վարուելու կերպով (Եփ. 4։29, 31–5։2)։ Օրինակ, անոնց կ’օգնենք երբ հիւանդ են կամ երբ դժուար փորձութիւններէ կ’անցնին, ինչպէս՝ բնական աղէտներ։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ հաւատակից մը ըսէ կամ ընէ բան մը, որ մեզ կը վիրաւորէ։ Արդեօք երբեմն դժուար կ’ըլլա՞յ որ հաւատակիցի մը ներես (Ղեւ. 19։18)։ Եթէ այո, գործադրէ այս խրատը. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կող. 3։13, ՆԹ)։ Ամէն անգամ որ մեր եղբօր կամ քրոջ ներենք, մեր երկնաւոր Հօր կը փաստենք որ իրապէս կ’արժեւորենք փրկանքը։ դ21.04 18 ¶12-13

Ուրբաթ, փետրուար 24

[Ձեր պարգեւը] գործածեցէ՛ք՝ իրարու ծառայելով (Ա. Պետ. 4։10, ՆԱ)։

Թերեւս Եհովային համար ծանր կ’աշխատինք եւ թերեւս շատերու կ’օգնենք, որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Բայց կը գիտակցինք, որ որեւէ բանի մէջ կը յաջողինք, միայն քանի որ Եհովան մեր ջանքերը կ’օրհնէ։ Ապօղոսի եւ Պօղոս առաքեալի օրինակներէն կը սորվինք, թէ ո՛րքան աւելի կարեւոր պատասխանատուութիւններ ունենանք, ա՛յնքան աւելի առիթներ կ’ունենաք խաղաղութիւն հաստատելու։ Շատ շնորհակալ կ’ըլլանք, երբ երէցներն ու օգնական ծառաները խաղաղութիւն ու միութիւն կը հաստատեն՝ իրենց խրատը հիմնելով Աստուծոյ Խօսքին վրայ, եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով, ոչ թէ իրենց վրայ, հապա մեր տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսին վրայ (Ա. Կոր. 4։6, 7)։ Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծմէ տրուած ձիրք մը կամ կարողութիւն մը ունի։ Թերեւս զգանք, որ մեր դերը պզտիկ է։ Բայց միութեան նպաստող պզտիկ արարքները կը նմանին պզտիկ կարերու, որոնք հագուստի մը կտորները իրարու կը միացնեն։ Թող շատ ջանք թափենք, որ մեր մէջէն մրցակցութեան հոգին արմատախիլ ընենք։ Թող վճռենք մեր ամէն կարելին ընել, որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ու միութիւն հաստատենք (Եփ. 4։3)։ դ21.07 19 ¶18-19

Շաբաթ, փետրուար 25

Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ (Յովհ. 11։23)։

Կրնա՛ս վստահ ըլլալ, որ մեռած սիրելիներդ նորէն պիտի տեսնես։ Իր վշտացած բարեկամները մխիթարելու ատեն Յիսուսի լալը կը փաստէ, որ ինք սրտանց կ’ուզէ յարութիւն տալ (Յովհ. 11։35)։ Կրնանք սգաւորներուն օգնել։ Յիսուս ոչ միայն Մարիամին ու Մարթային հետ լացաւ, հապա նաեւ անոնց մտիկ ըրաւ եւ մխիթարական խօսքեր ըսաւ (Յովհ. 11։25-27)։ Մենք ալ կրնանք նոյն կերպով վարուիլ սգաւորներուն հետ։ Աւստրալիոյ մէջ ապրող Տան անունով երէց մը կ’ըսէ. «Կինս կորսնցնելէ ետք, օգնութեան պէտք ունէի։ Քանի մը զոյգեր գիշեր–ցերեկ պատրաստ էին քովս գալու միայն ինծի մտիկ ընելու համար։ Անոնք ձգեցին որ վիշտս արտայայտեմ եւ նեղ կացութեան չմատնուեցան երբ կու լայի։ Նաեւ գործնական կերպով օգնեցին։ Օրինակ, ինքնաշարժս լուացին, շուկայէն գնումներ ըրին եւ ճաշ եփեցին, երբ չէի կրնար այս պարտականութիւնները ընել։ Եւ յաճախ ինծի հետ աղօթեցին։ Անոնք ցոյց տուին, որ իսկական բարեկամներ եւ ‘նեղութեան ատենուան համար ծնած’ եղբայրներ են» (Առ. 17։17)։ դ22.01 16 ¶8-9

Կիրակի, փետրուար 26

Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի (Առ. 15։31)։

Եհովան մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ (Առ. 4։20-22)։ Երբ ան մեզ կը խրատէ իր Խօսքին, աստուածաշնչական հրատարակութեան մը կամ հասուն հաւատակիցի մը միջոցաւ, մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տայ (Եբ. 12։9, 10)։ Կեդրոնացիր խրատին վրայ, եւ ոչ թէ խրատը տալու կերպին վրայ։ Ատեններ թերեւս զգանք, որ խրատը լաւ կերպով չտրուեցաւ մեզի։ Անշուշտ, խրատ տուողն ալ պէտք է իր լաւագոյնը ընէ, որ խրատը ընդունիլը դիւրին ըլլայ (Գաղ. 6։1)։ Բայց եթէ մենք ենք խրատ ստացողը, լաւ կ’ըլլայ որ խրատին վրայ կեդրոնանանք, նոյնիսկ եթէ կը զգանք, որ անիկա կրնար աւելի լաւ կերպով տրուիլ։ Կրնանք հարց տալ. ‘Կրնա՞մ այդ խրատէն բան մը սորվիլ։ Կրնա՞մ խրատ տուողին անկատարութիւնները անտեսել եւ կեդրոնանալ խրատին բուն գաղափարին վրայ’։ Իմաստութեամբ վարուած պիտի ըլլանք, եթէ մեզի տրուած որեւէ խրատէ դաս մը քաղենք։ դ22.02 12 ¶13-14

Երկուշաբթի, փետրուար 27

Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ (Սաղ. 19։7)։

Եհովան գիտէ որ սխալ մտածելակերպէն եւ գէշ սովորութիւններէն ձերբազատուիլը, մեզմէ ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ (Սաղ. 103։13, 14)։ Սակայն, ան իր Խօսքին, իր հոգիին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի կու տայ պէտք եղած իմաստութիւնը, զօրութիւնը եւ օգնութիւնը, որպէսզի կարենանք փոխուիլ։ Աստուածաշունչը գործածէ դուն քեզ խորապէս քննելու համար։ Աստուծոյ Խօսքը հայելիի պէս է. կրնայ քեզի օգնել որ վերլուծես թէ ի՛նչ կերպով կը մտածես, կը խօսիս եւ կը վարուիս (Յակ. 1։22-25)։ Ասկէ զատ, Եհովան միշտ պատրաստ է քու օգնութեանդ հասնելու։ Ան կրնայ քեզի լաւագոյն կերպով օգնել, քանի որ գիտէ սրտիդ մէջինը (Առ. 14։10. 15։11)։ Ուրեմն, սովորութիւն դարձուր իրեն աղօթելը եւ ամէն օր իր Խօսքը սերտելը։ Համոզուէ որ Եհովային չափանիշներուն հետեւիլը լաւագոյն բանն է։ Կրնանք օգտուիլ ամէն բանէ, որ Եհովան կ’ըսէ որ ընենք։ Անոնք որոնք իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին, կ’ունենան՝ ինքնայարգանք, կեանքի մէջ նպատակ եւ իսկական ուրախութիւն (Սաղ. 19։8-11)։ դ22.03 4 ¶8-10

Երեքշաբթի, փետրուար 28

Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք անոր պարիսպները, անոր պալատները զննեցէ՛ք, որպէս զի գալու ազգին պատմէք (Սաղ. 48։13)։

Եհովան կը պաշտենք, երբ պաշտամունքի վայրեր կը շինենք ու կը նորոգենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ սրբարանը եւ անոր մէջի ապրանքները շինելը «սուրբ գործ» էր (Ել. 36։1, 4, ՆԱ)։ Այսօր ալ Եհովան սուրբ ծառայութիւն կը նկատէ Թագաւորութեան սրահներ եւ ուրիշ աստուածպետական շէնքեր շինելը։ Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր շատ ժամանակ կը տրամադրեն այս գործունէութիւններուն մասնակցելու համար։ Մենք կ’արժեւորենք անոնց բերած կարեւոր բաժինը Թագաւորութեան գործին մէջ։ Անշուշտ անոնք նաեւ քարոզչութեան կը մասնակցին։ Եւ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կ’ուզեն ռահվիրաներ ըլլալ։ Երէցները կրնան ցոյց տալ, որ շինարարական գործին թիկունք կը կանգնին՝ այս աշխատասէր եղբայրներուն ու քոյրերուն թոյլ տալով, որ ռահվիրայ ըլլան, երբ որակեալ են։ Շինարարական գործին մէջ ըլլանք հմուտ կամ ոչ, բոլորս կրնանք ջանալ որ շէնքերը մաքուր ու լաւ վիճակի մէջ մնան։ դ22.03 22 ¶11-12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել